Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԹ.

Յունիս . . .

Դժբաղդ պզտիկս, հէգ Խաչեր…

Բժիշկը եկաւ, քննեց ու եզրակացուց՝

Ծանր մէնէնժիթ մըն է Վարդապետ…

Բժիշկները հիւանդութենէն աւելի մահը կը ճանչնան՝ ըսի յուսաբեկ, յետոյ կրկնեցի, մէնէնժիթ՝ չէ՞ տոքթոր, ու բաւական մը յառեցայ բժիշկի իր սուր դէմքին՝ որուն վրայ սեւ ակնոցներ՝ կ’արգիլէին անոր ակնարկը որոշել։

Այո՛, մէնէնժիթ, դեղ չեմ կրնար տալ, միշտ պաղ ջուրով թրջեցէք գլուխը. իսկ դո՞ւք Վարդապետ…

Վիճակս գիտէք…

Նորէն քննեց զիս. զարկաւ ցուցամատովը կուրծքիս տախտակներուն, քունքը երկարօրէն փակցուց սրտիս՝ ու միշտ նոյն հեզ ու անտարբեր ձայնով յարեց՝

Գացէ՛ք ասկէ, կարելի եղածին չափ շուտ հեռացէք Վանքէն…

Ճերմակ թուղթի մը վրայ դեղերու անուններ շարելով երկարեց ինծի, մինչ ես կ’ըսէի՝

Բժիշկ, ես իմ հիւանդութիւնս շատ չեմ զգար, որովհետեւ աւելի ծանրն ու յոռեգոյնը կայ։

Չի խօսեցաւ։ Իրեն մինչեւ Վանքի մեծ դուռը ուղեկցելէ վերջ՝ վազեցի ելայ Խաչերին քով։

Փոխն ի փոխ հիւանդին քով կը հսկեն Անուշն ու պառաւը։ Երբեմն Շուշանն ալ կուգայ. Եղիազարը քիչ անգամ այս կողմ կ’անցնի իր սենեակէն՝ սակայն երկարօրէն կը նստի հիւանդին քով. միայն Վանահայրն է որ անտարբեր կը մնայ այս ամէնուն։

Վանքին կեանքը լռին է, սակայն լի տխուր գործունէութեամբ. ամայի բակէն որբերէն մին կը վազէ երբեմն ձեռքը շիշ մը, կամ անձեռոց մը բռնած. յաճախ կիներն են որ երազաքայլ կ’երթան հոս ու հոն։

Անշշուկ կ’անցնին ժամերը. չեն անցնիր՝ մենք կ’անցնինք։ Որբերը յանցաւորներու երեւոյթով կը պտտին. ալ չեն երգեր, թէեւ երգերու ու հաճոյքի եղանակն է աս. կուգան դրան անկիւնէն կը դիտեն Խաչերը ու կը փախին։

Հիւանդութեան տասներորդ օրն է աս. տղուն վիճակը աւելի ծանրացած կը տեսնեմ։ Արդէն նիհար, հիմա ափ մը դարձաւ, գիշեր թէ ցերեկ կը հեւայ կամ բարձրաձայն կ’աղաղակէ։ Աչքերը շիլ կը նային, յաճախ սարսափով մը զանոնք կը գոցէ միւսին դէմ. կը կծկուի վերմակին տակ ու երկար կը մնայ տաժանելի սարսուռով մը՝ խօսելով անհասկնալի, հատկտուն բաներ։

Գիշերները կը զառանցէ. ինծի համար դժնդակ է լսել իր զառանցանքը։ Երբեմն անանկ կը թուի թէ՝ ես եմ զառանցողը, որովհետեւ զօրաւոր ջերմով մը ես ալ իր հետ կը տառապիմ։

Երէկ գիշեր երկար ու աղեխարշ նըուիւններէ վերջ, քանի մը կտրատուած ձայն հանեց. յետոյ գլուխը ուժգնօրէն վեր բարձրացնելով՝ պրկեց շրթները, ճակատէն մինչեւ վիզը ջղային սարսուռ մը ինկաւ. այն ատեն կրկին թաւալեցաւ բարձին վրայ։

Այդ սենեակը պառկող տղաքը չեն քնանար, գիտեմ ես ատիկա. երբեմն իրենց թոյլ հառաչանքը կը լսեմ, կամ վախին ազդեցութեան տակ ամփոփուող անդամներու խոհեմ շարժումները կը տեսնեմ։

Խաչեր սկսած էր մենախօսել…

Կուգան մայր… կուգա՜ն… հայրս սպաննեցին ինչո՞ւ զարկին. ահա մարմինը մեր պարտէզի աւազանին քով. չի շարժիր… մեռա՞ծ է մայր, ինչո՞ւ մարդիկ կը մեռնին… կուլա՜ս մայր…

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

Մայր, մա՜յր… ահա ծուխ կ’ելլէ պարտէզներու մէջէն… կարմիր բոցերը կալերուն վրայ…

Ամբողջ Հայ ազգը որբ է կ’ըսէիր… ճի՞շտ է։ Ինչո՞ւ որբ կը մնան փոքրերը…։ Երբ հայրս ողջ էր, դուն լալով կը սիրէիր ժամուն դուռը կայնող որբերը… Հիմա Վանքն եմ… ե՞րբ պիտի գաս համբուրել զիս… այս որբանոցը… հոս չեմ կրնար ապրիլ ես… մայր։ Քեզի գալ կ’ուզեմ… աղուոր է դէմքդ մայրիկ… քիչ մը նիհար կ’երեւիս. կը մտածես իմ վրաս ու կուլաս… ես ալ քեզ կ’երազեմ ու կ’ուզեմ… Վանքը տխուր է… կը վախնամ ես իր ժամէն, հոն ճերմակ մօրուքով խոժոռ սուրբեր ամէն գիշեր ժողով կ’ընեն, թափօր կազմելով կ’երգեն… ես Վանքին սենեակներէն կը սոսկամ… սատանաները կը բնակին…

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .  

Տեսայ ես… սատանա՜յ մը տեսայ սեւ դէմքով, կրակէ աչուըներով… Ա՜յ, սուր ակռաները կը ցուցնէ… ճերմակ ակռաները։

Մայրիկ, Վանքը լուռ է… մեր փողոցը շատ պզտիկ տղաք կը խաղային գարնան իրիկունները… գիտես, մա՛յր, երբ ծիծեռնակ մը՝ մեր գլուխներուն քսուելով կը սուրար՝ մենք կը պոռայինք ետեւէն իյնալով… Վանքին մարդիկը քիչ կը խօսին… չեն խնդար… Վանքին մէջ լալու շատ բան կայ… Նուարդ…

Լռեց։

Խորհեցայ թէ ո՞վ կրնար ըլլալ այդ Նուարդը. քաղաքի աղջիկն էր հարկաւ…

Թող շարունակէր զառանցել. ես որ կը հսկէի իր մօտ Ալեքսանդրին հետ, կ’ուզէի որ չի լռեր…

Ցայգուն՝ մահամերձի մը մահճին վրայ խուժող լռութիւնը չի կրնար տարուիլ… Վանքերու մենութեան մէջ արտասուելու շատ բան կայ՝ հրեշտակային տղայ։

Լուռ էր. չեմ գիտեր ի՜նչ ծանր, շնականօրէն լիրբ, կսկծալի բան կար այդ անձայնութեան մէջ. կարծես Վանքին ամայի ու համր անկիւնները պիտի խօսէին միաբերան ու քրքջային, սատանաներ չի՞ կան արդեօք ուխտաւորի խուցերուն մէջ, կամ սուրբերը ժամուն մէջ ժողով չէ՞ին ըներ նոյն պահուն։ Ե՛ս ալ անոնց գոյութեան կը հաւատամ։

Վարժապետին արեւակէզ, կնճռոտ ճակատը անընդհատ կը կծկուէր, աչքերը տամկութեամբ լեցուեր էին։

Մեր անկարողութեանը մէջ՝ կը բաւականանայինք վերմակն ուղղելով ու Խաչերի ճակտին թաց լաթեր դնելով։

Անոր ակնարկը այդ պահուն շիլ, զօրաւոր ու ցայտուն էր, բիբերը ընդլայնուած. ազազուն կոկորդէն հեւքը դէպի բերան կը խուժէր, հոն անորոշ ու խուլ կոծի մը փոխուելով…

Որբերը արթուն են, մրմնջեց Ալեքսանդրը ականջիս։

Գիտե՛մ, ըսի մեքենաբար։

Երկարօրէն յառեցայ լամբարին. անոր բոցը զգայնիկ թաղանթի մը նման կը սարսռար հակելով հոս հոն, ուղղուելով, քթթելով շարունակ։ Ի՞նչ հանգիտութիւն այդ առկայծ բոցին, հիւանդ տղուն ու իմ միջեւ. երեքս ալ պիտի մարինք…

Եսս՝ մէկէն ուժգին զարթնում մը ունեցաւ… ինչո՞ւ հսկել մահամերձ այս տղուն սնարին քով, երբ մարմինդ ու հոգիդ կը գալարուին վիրաւոր սողունի մը նման։

Ու ահա իմ սեփական մահուանս տեսիլը խօսեցաւ ինծի։ Տեսայ ինքզինքս ժամուն մէջ, սեւ մահաբեմի մը վրան՝ երկու սպիտակ մոմերու մէջտեղ՝ դէմքս մահատիպ, մեղրամոմէ տգեղ դիմակի մը պէս։

Վարդապետական ծանր ու ոսկեդրուագ զգեստներ էի հագած, որոնցմէ դուրս ինկած տժգոյն ձեռներս խաչաձեւ, ոսկեպատ կարմիր աւետարանին վրայ կը հանգչէին. արիւնի սեւ բիծերով աղարտած շրթունքիս վրան՝ շատ տմոյն նշխարք մը կը դողար։

Կիներ ու աղջկանց խումբեր կուգային համբուրելու ձեռքս. լալագին մէկ երկու փոքրեր կը փախին քովէս, ու ի վերջոյ Շուշանը կ’անցնէր մարտիրոսուհիի լուսաւոր, վէս ու տրտում գնացքով, համակ սպիտակազգեստ, ձեռքը դեղին առէջներով շուշան մը…

Լեղապատառ ոտքի ցցուեցայ… Սոսկալի է մահուան վրայ խորհիլը, բայց աւելի սոսկալի ու դժնդակ է երբ ապրող էակը իր մահը կը տեսնէ։

Զգացի որ ճակատս կ’այրէր, յետոյ յամրօրէն՝ անկէ սկսան թափիլ պա՜ղ, սառի չափ ցուրտ քրտինքի շիթեր…

Ի՞նչ ունիք Հայր Սուրբ… կը դողաք… ի՞նչ եղաւ որ կը դողաք այդպէս…

Բան չի կայ… յոգնած եմ… հանգչիլ կ’ուզեմ Պ. Ալեքսանդր… Խաչերը հանգստացաւ քիչ մը, անանկ չէ՞…

Գացէ՛ք, ես կը հսկեմ. դուք հանգիստի պէտք ունիք…

Անցայ կամարաւոր, մռայլ ու լռին նրբանցքներէն։ Սանդուխին գլուխը թուղթ մը երկարեցաւ ինծի. անսահման մթին միջոցաւ շրջանակուած սպիտակ էջի մը վրայ, սեւ խաչի մը տակ, որոշապէս կարդացի՝

Հանգիստ՝ Արտակ Վարդապետի