Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀՆՉԱԿ

Ո՜հ, մըթասքօղ քո անկեան մէջ այդ լըռին,

Ուր հազիւ գան անկնիլ մերթ շողք նըւաղոտ…

Անշուք վիմի մ’տակ կաս մենիկ, աւա՛ղ, հոդ.

Եւ զայդ ցուրտ վէմ պատեն փուշք որ սարսըռին…

Ո՜չ ո… ո՛չ ոք գայ մեռելոց անտառին

Քոյ այդ անկիւնն, բա՛թէ, լըռիկ եւ աղօտ

Լա՜լ, զքեզ շիրմիդ վերայ փշոց մէջ մացառին…

Ո՛չ ոք… շիրմիդ այցէ ի լա՛ց եւ յաղօթ…

Սակայն մէջէն իշիճոց եւ մացառաց,

Ո՜ վատաբախտ, հուպ այդ վիմիդ ես թագուն,

Առ քեզ մի քիչ տըխուր ծաղիկ մ’է ծռած…

Եւ բաժակէն նորա վըճիտ ցօղն այգուն,

Շիթ շիթ անկանի վերայ վիմիդ, լըռիկ, հե՛զ…

Ա՜հ, նա՛ միայն, փըշոց ծաղի՜կս ողբա՛յ զքեզ…

 

1890