Արձակ էջեր

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ա.
Արեւուն խաւարումը դիտուած Գընալը կղզիի բարձունքէն. - Գրական եւ իմաստասիրական վնճաբանութիւն Ռեթէոս Պէրպէրեանի հետ. - Հոգւոյ անմահութիւն, եւ գիտական ու բարոյական վարկածներ։

Արեւու վերջին խաւարումը, տեսանելի ի Կ. Պոլիս, տեղի ունեցաւ 1905ի ամառը: Ես այդ օրը Պէրպէրեանին այցելութեան գացեր էի Բրօթի, ուր պանդոկի մը մէջ ամառուան արձակուրդը կ’անցընէր դարձեալ Վարպետն ընտանեօք: Միասին նախ ծովեզերեայ մեկուսացեալ պզտիկ պարտէզ մը գացինք, շոճուտ ու արեւոտ, ուր գարեջուր խմեցինք այլեւայլ իրերու վրայ խօսակցելով: Յետոյ պանդոկը ճաշի եկանք: Միակ սեղանակցութիւնս է եղեր այս: Պանդոկին ծովահայեաց պարտէզին մէջ ալ ծանօթներու հետ ատեն մը նստելնէս վերջը, իրեն ձօնուած ձեռագիրս զոր արդէն հետը կղզին տարած էր՝ առաւ, ու մեկնեցանք դէպ ի Չնարը: Մինակնիս յառաջացանք ծառերով, ցանցառ տուներով ու մացառուտ խոպան գետիններով ընդմիջաբար եզերուած կարմիր ճամբէն որ արեւմուտք երկարելով կը բարձրանայ դէպ ի կղզւոյն բլուրները: Ամառուան յետ միջօրէի եղկ ու խաղաղ պահն էր: Չեմ յիշեր ի՛նչ բանի վրայ կը խօսակցէինք ճամբան: Տան մը առջեւ ծառի մը հովանւոյն տակ դրուած նստարանի մը հանդիպեցանք. ուզեց պահ մը նստիլ, ես որ տեղեկութիւն չունէի բնաւ իր շնչերակարծրոյթէն (*), եւ իր հին ու շատ մեղմացած համարուող շաքարախտը միայն գիտէի, քիչ մը զարմացայ. կարծեմ դեռ շատ քալած չէինք. բայց զառիվերը, տաքը, մարսողութիւնը, նաեւ երանաւէտ վայրը, արեւողող շէկ ու տապագին արահետին վերի ու վարի եզերքներուն վրայ բարձրացած բզզուն ու ճառագայթալիր խաժութեանց հովանիներն ուր կիսով կը պարուրուէին կեանքին լռիկ վայելքովը լի բնակարաններ, բաւական ստիպող էին որ ուզէինք հոն նստիլ քանի մը վայրկեան: Ի՛նչ բարեգութ միջօրէ. ի՛նչ հանգստաւէտ ամայութիւն. կարծես ամեն պէտք եւ ամեն երազ գոհացած ըլլար հոդ. կարծես տեղն ալ մերն էր, նաեւ ասպնջական հին նստարանը: Պէրպէրեան կը հանգչէր, կռթնած՝ յենարանին, թեւն ալ անոր վրայ երկարած: Շատ ժամանակ ունէինք դեռ մինչեւ իրիկուան շոգենաւերուն ատենները, ձեռագրէն ինչ ինչ կտորներ կարդալու համար, ինչպէս որ փափաքեր էր: Դեռ իր նախաբանը գրած չէր. անկանոն կերպով միայն կարդացած էր գիրքը, որո՛ւն գլխաւոր նիւթերն ու գլուխները կը ճանչնար, եւ չեմ հասկցած դեռ թէ ինչո՛ւ գրքին բոլոր հատուածներուն առաջին մէկ երկու բառերը վերէն վար ցուցակագրած էր թուղթի մը վրայ: Բայց Պէրպէրեան նստարանին վրայ կը մրափէր… Կը նիրհէր այն վստահութեամբ զոր քնացողներն ունին այն տեղւոյն վրայ ուր կը քնանան, եւ ամենայնի վրայ. վստահութիւն որ ակնածելի ու նուիրական բան մ’է: Արդարեւ միջօրէն բարեացակամ էր, կանաչ հովանին քաղցր, առանձնութիւնն անդորրիչ. թողուցի որ մրափէ խեղճ մեծ մարդը. եւ այս եղաւ թերեւս միակ ծառայութիւնը զոր անոր մատուցած ըլլամ երբեք:

Հազիւ րոպէ մը սակայն տեւած էր իր քունն, ու արթնցաւ: Ելանք դարձեալ ճամբայ: Զառիվերն աւելի սեպացաւ. տուներն հատան. մացառուտ ու թփուտ կորդերէ վեր ելլող կոպճուտ ճամբէ մը յամրաբար կը բարձրանայինք: Մեր խօսակցութիւնը մղեց զինքը պատմել Տօտէի Այծին պատմութիւնը: Ի՜նչ գութով ու համակրութեամբ այդ այծին համար, այս խորին ու զմայլելի պատմութեան համար ի՛նչ յարգանքով Վարպետը զայն պատմեց:   իստ լաւ թափանցեր էր վիպակին ոգւոյն, (իսկ, ինչպէս ետքէն տեսայ, Տօտէ ոեւէ բացատրութիւն չէր դրած իր պատմութեան մէջ զոր գրեր էր կարծես տղաքներուն համար) եւ ցոյց կուտար ինծի բոլոր ազնուութիւնն ու ճշմարտութիւնն այծին երազին: Ինչ որ արդէն կը սիրէր ամենէն աւելի՝ հոգեկան ոյժն էր. եւ կարծեմ գութ կը զգար անո՛նց համար միայն որ այդ ոյժն ունէին եւ բարոյական տեսլականի մը ստացման համար ցվերջին կէտ կը ճգնէին: Բայց իր բոլոր խորհրդածութիւնները, կամ զանոնք զոր պիտի կրնար ընել ի հարկին՝ պէտք չտեսաւ մանրամասնել Պէրպէրեան. կրնար, զոր օրինակ դասախօսութեան մը պահուն, ցոյց տալ թէ ո՛չ միայն այծին վայրենագեղ երազն էր զոր ուզած էր Տօտէ պատմել, այլ նաեւ Բնութեան անողորմութիւնն ու մարդկային ընկերութեան գութը, չարիքը՝ սանձարձակ անձնատուութեան առ նախնական Բնութեան օրէնքներն, եւ առ բարեշրջեալ Բնութեան այսինքն մարդկային ընկերութեան օրէնքները՝ կաշկանդեալ նուիրման բարիքը: Ո՛հ, իր պերճախօսութեամբը պիտի խօսէր, իր ադամանդեայ ոճովը պիտի բացատրէր Այծին յուզիչ վիպակին հոգին, եւ արդէն հոն իսկ, ի Բրօթի, նուազ պերճախօս չէր երբ այդ պատմութիւնը կը պատմէր. պերճախօս՝ նաեւ իր շքեղ ջրագոյն աչքերով, իր ջրվարդագոյն այտերով, իր դիւթիչ ժպիտովը, իր՝ մտաւորական յուզումներու ատեն ստացած վեհաշնորհ գեղեցկութեամբ, որ իր ճշմարտապէս վսեմ դեմքին գեր ի վերոյ հմայք մը կուտար, եւ որուն յիշատակն աչքերս հիմա կը թրջէ..:

Սակայն բաւական բարձրացած էինք արդէն, եւ լայն, զովարձակ տեսարանը մեր դիմացը կը սփռուէր. Մարմարան տարածուած էր մեր առջեւ, Գայըշ-Տաղն իրեն հետեւորդ սարերով, եւ Այտոսը շարուած էին հեռուն: «Հոս նստինք» ըսաւ, եւ գետինը նստանք: Ստուգիւ քիչ մը նոր էր ինծի համար այս պարզութիւնը Պէրպէրեանին վրայ. իր սեւ լօդիկով ու մշտնջենաւոր սուգի տափակ ու կարծես սիրտը փակող փողկապով՝ քաղաքի ու բեմի Պէրպէրեանը լեռներուն ընտանի մարդու կերպեր ցոյց կուտար: Բայց մինչ ես վայրի գետինը զարդարող խնկայեղց լատանիները կը դիտէի, անիկա Իզմիրեանց Մրցանակի Յանձնաժողովին իրերը կը պատմէր հոնտեղ: Արդարեւ իր նստելու փափաքն յոգնութենէն էր մանաւանդ. զառիվերին վրայ այծին վիպակը պատմեր էր եւ հաւանաբար թեթեւ շնչասպառութիւն մը զգացեր էր. իր գեղեցկացումներն որքա՜ն աղիտաբեր պիտի ըլլան եղեր իր ֆիզիքականին: Քառորդի մը չափ մնացինք հոն, եւ նորէն ճամբայ ելանք դէպ ի Չնարը: Վերջապէս հասանք հոն, եւ մեծ լայնտերեւիին հովանւոյն տակ սրճարարին դրած աթոռակներուն վրայ նստանք: Պէրպէրեան լօդիկին գրպանէն հանեց ձեռագիրս. ընթերցումն սկսաւ:

Երկուքս ալ կը նայէինք, եւ ինք կը կարդար: Տեղ տեղ աղէկ չէր գտներ. եւ ես իրեն չափ դժգոհ էի՝ երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ կարդալով այդ տողերը: Կը զարմանամ ցարդ թէ ի՛նչպէս դիմադրած եմ ես գրքին հնագոյն էջերուն ոճին, նախադասութեանց յօրինուածին նկատմամբ իր կանխագոյն դիտողութեանց զոր վաղուց ըրած էր ինծի՝ երբ փափաքեր էր տեսնել սկսուած գործը: Դասականներուն ու ֆրանսերէնին մէջ իր ոճի վարպետի անստգիւտ ճաշակը կրթած այս կատարեալ գրագէտն իրաւունք ունէր տհաճ ու դժգոհ ըլլալու բանաւոր կազմութեան ու դիւրըմբռնելութեան դէմ մեղանչող պարբերութեանց առջեւ որ կարծես կը ճգնէին ըսել ինչ որ ըսել կ’ուզէին, որ աւելի կամ նուազ յետամնացութիւն ցոյց կուտային լաւագոյն ֆռազներու քով, ուր իրենց անակնկալ տհասութիւնն անիմաստ ու նեղսրտող կ’ըլլար, որ վերջապէս դեռ ոչ բոլորովին ինքնավստահ անձնականութիւն մը կը մատնէին, հակադրուելով ներշնչեալ խօսքերու, յօրինման, կարգաւորման յաջողութեանց, ճարտար կամ ճարպիկ ագուցմանց ու տպաւորիչ գիւտերու, վերջապէս յղացում ու գիտակցութիւն ենթադրող ընդհանուր կարողութեանց, զորս յանկարծ կը թուէին ժխտել իրենց անպատեհ եւ ա՛լ անհանդուրժելի ներկայութեամբ: Ուստի Պէրպէրեան չէ թէ կը մատնանշէր կամ կը մատնէր գրքին տղայութիւնները երբ, քանի մը տարի առաջ, դեռ կիսկատար գործին ծանօթանալ ուզեր էր, այլ չէր հանդուրժեր անոնց, մինչ ես կարծեր, երեւակայեր էի եւ ո՜վ չէ կարծած ու երեւակայած իր կեանքին մէջ թէ եսական Մարդը խիծուբիծ կ’որոնէր, թերի կը համարէր ինչ որ իրեն ծանօթ ու ընտանի չէր, թէ ի՛ր կերպերուն կ’ուզէր ճկել իմիններս, թէ պարզապէս նորատեցութիւն էր իր զմայլելի ողջմտութիւնը: Ո՛րքան ներողամիտ էր ուրեմն ինքը, քանի որ իմ հետզհետէ տեսած թերութիւններս ինքը միահաղոյն տեսած՝ բաւական խստադատ չէր եղած կանխաւ, ոչ ալ էր Չնարին ներքեւ, ինչպէս չպիտի ըլլար իր նախաբանին մէջ: Բայց ինքն արժանի էր խստադատութեան իրաւունքին:

Գաղափարը, ոճն ու լեզուն միանգամայն կատարեալ, իրենց երեւման պահուն իսկ արդէն վերհպմանց արդարեւ անկարօտ, լիաւարտ վիճակի մէջ կը բղխէին այս հրաշագեղ գլուխէն, որ ճիգ չէր ըներ բնաւ զանոնք այդ կատարելութեան բերելու համար: Այլք ժամավաճառ կ’ըլլան գաղափարները ճշդելու եւ տրամակարգելու համար, ոճը դիւրացնելու, յստակելու, նոյն իսկ բնականացնելու համար. յղկելու, դաշնաւորելու, մաքրելու համար լեզուն, Ռ. Յ. Պէրպէրեանի իմացականութիւնն ասոնք ըրած կ’ըլլար դիւթապէս, մինչ իր աջը կը գրէր, մինչ իր ոսկեհունչ ձայնը կը խօսէր բեմի մը վրայ: Երջանի՜կ միտք, ուր նիւթի ու ձեւի բնաշրջութիւն, ուր ներաշխատութիւն (ռlaboration) ու ժամավաճառութիւն չկար, ուր ճիգ, այսինքն՝ փորձ ու խարխափ չկար, այլ՝ արարչութիւն, Բանին արարչութիւն, ուր Եղիցի Բան կ’ըսէր իր կամքը եւ ահա Բանը կազմ ու վառ էր արդէն, գաղափարի, ոճի ու լեզուի երրեակ ընդելուզեալ արժէքներով մոգակերտ: Այս իրերակարօտ, իրերակոչ տարերց միութիւնը, ինչպէս եւ այն միութիւնը՝ զոր անոնց իւրաքանչիւրն ինքն իր մէջ պարտի ունենալ՝ կատարեալ էին Պէրպէրեանի մտքին մէջ, վասն զի թէ՛ բնածին էին, թէ կամավարեալ: Ո՞չ ապաքէն այս իմացականութիւնն ուրեմն մշտնջենաւոր դասական օրինակ մ’է գէթ այն քիչերուն որ կապին բնազդակերպ իմացողութիւնն (sens) ունին, եւ որոց գերագոյն ձգտումն է Միութիւնը Ճշմարտութեան մէջ:

Այսպիսի Մարդու մը համար ի՜նչ կ’արժէին շատերու եւ ամեն նորերու ճգունքը, խարխափող ու մշտապէս կիսաւարտ փորձերն եղած լմնցած արդիւնքներու հովերով որոց հեղինակներուն ոչ միայն կատարելութիւնը կը պակսէր բնականաբար, այլ կատարելութեան գիտակցութի՛ւնն իսկ եւ որոշագիծ տեսլականն ում մարդ կը ձգտի ինքնաճանաչմամբ, եւ ում օժտեալք կարծես բնազդումով մը կը միտին: Ի՜նչ կ’արժէին շատերու բոլոր անհաւասարակշիռ, խոռոչուտ ու ձախաւերութեամբ ցուցադրուած մտաւոր ինչքը, անոնց անգոյ ոճը, անոնց անուղղելի կերպով շինական լեզուն: Միակ մտաւորական յատկութիւնը զոր կրնար գտնել հոս հոն իր շուրջը՝ խոնարհագոյն քաղաքակրթութեանց մէջ իսկ հնարաւոր հանճարեղ սկզբնատպութիւնն էր, բայց լոկ ու անտաշ, որուն շողիւնները խեղեալ ու մթագեալ ու դժուարայայտ կը մնան յաճախ, քանզի տաղանդը՝ մշակման ծնունդ եւ գերազանցապէս քաղաքակրթական կարողութիւն, որ պիտի բանէր անոր վրայ եւ անոր լոյսերուն պիտի առաջնորդէր՝ հազուագիւտ է թերակիրթ ժողովուրդի մը մէջ, եւ միւս կողմէ շատ կենսական չի համարուիր աւելի կամ նուազ հանճարով օժտեալ հոգիներէն որք ինքզինքնին անոր անկարօտ ու կատարեալ կը կարծեն, որովհետեւ զեղուն կը գտնեն կեանքով: Պէրպէրեանի իմացականութիւնն ուր Նիւթն ու Ձեւը ձոյլ կը ծնէին, ուր ճիշդն ու գեղեցիկը մշտապէս համաձայն ու գործակից էին կատարեալ խօսքն ստեղծելու համար, այսինքն՝ ուր   օսքին տեսլականն էր որ կ’իրագործուէր՝ առիթ չէր ունենար բնաւ անվերապահ դրուատիքներ ընելու ո՛ եւ է կարողութեան: Տեսլականն այսպէս կ’ընէ ահա. չի թոյլատրեր «հաւնիլ» բոլորանուէր, ինչ որ կարելի է լոկ տեսլականէ զուրկ կամ ոչ շատ դժմատոյց տեսլական մ’ունեցող մտքերու համար: Բայց կատարելութեան զգացումը չարգիլեր քաջալերելէ, ներելէ, խրատելէ, եւ Պէրպէրեան թերացած չէ այս պարտքին մէջ, երբ մանաւանդ համոզուած է թէ զինքը մտիկ ընել կը հաճին ու եռանդուն խելացութիւննին յառաջ չեն տանիր մինչեւ անպայման նորատեցութիւն մը վերագրել իրեն:

Կանգ կ’առնուր հետեւաբար ձեռագրին այն խօսքերուն առջեւ որ ուղղելի կը թուէին. կը կրկնէր, կը տրոհէր, կը ծամծմէր նախադասութիւնն, ատով իսկ ցոյց տալով թէ լաւագոյն կազմի կարօտ էր անիկա: Եւ, աւելորդ իսկ է ըսել, ստոյգ թերին գտնելու համար կոչում կ’ընէր այդ պահուն իր բոլոր արդարութեան: Բայց ես որ չեմ ներեր ինծի՝ սխալներս չտեսնել, սկսայ ես իսկ ծաղրել հեղինակն, ինքնհաճ հանդիսաւորութեամբ կարծես լի եւ ստուգիւ յոռի տողերու առջեւ, զորս գտնելու համար, ո՛հ, գուցէ աչքս այդ ժամանակներն արդէն շատ ստիպողական պէտք մը չունէր առաջնորդուելու քովս կեցող այն գլխուն լուսակնարկ գունտէն:

Սակայն վայրկեան մ’եկաւ, ուր շուրջս գետնին վրայ պատահող բան մը գրքին յառած ուշս հրաւիրեց, ու նայեցայ. յոյժ մեղմ ստուեր մը կը տիրէր կարծես…: Մէկէն՝ «Խաւարումը սկսե՜ր է» գոչեցի:

Ելանք, լայնտերեւիին հովանիէն դուրս, արեգակին մէջ. անամպ երկինքին վրայ արեւը կը խաւարէր:

---------------------

(*) Artériosclérose. «Պինդերակութիւն» բառը սխալ է թէ՛ ֆրանսերէնին իբրեւ թարգմանութիւն, թէ՛ իբրեւ բացատրութիւն այդ հիւանդութեան: Խնդիրը Երակներու (Veines) վրայ չէ, այլ՝ Շնչերակներու (Artères). իսկ պնդութիւնը շնչերակներուն բնականոն մէկ յատկութիւնն է, եւ կարծրացումն է անոնց ախտային վիճակը: