Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ․
ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Վեհանձն ու շլացուցիչ արեւին տակ կը տարածուի քանդուած քաղաքը` անծայրածիր գերեզմանի մը պէս. աւերա՜կ ամէն կողմ…: Բան մը չէ խնայուած, բոլոր եկեղեցիները, բոլոր դպրոցները ու բոլոր բնակարանները անձեւ ու խանձուած քարի կոյտերու վերածուած են՝ որոնց մէջէն ասդին անդին շէնքերու կմախքները կը ցցուին: Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք ու հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, մինչեւ հեռաւոր սահմանները թուրք թաղերուն, աններող եւ դաժան ատելութիւնը հրդեհեր ու փճացուցեր է ամէն բան: Ու այս մեռելային ամայութեան, այս ընդարձակածաւալ մոխրակոյտերու մէջէն երկու մինարէներ անեղծ մնացած` կը կանգնին խրոխտութեամբ:

Արիւնոտ եւ արցունքոտ ցնցոտիներով ծածկուած այրիներու, որբերու եւ ծերերու ամբոխ մը կը ներկայանայ մեզի, իբրեւ մնացորդը Ատանայի բնակչութեան, մեծ փոթորիկէ մը ետքը խաղաղացած ծովու մռայլ հանդարտութիւնը ունի անիկա. իր խորքերուն մէջ ծածկուած է ցաւը ու անմխիթարելի վիշտը ու այդ ցաւը երբեմն մակերեսը կը բարձրանայ, ապրելու, վերածնելու յոյսը սպաննուած է իրենց մէջ, եւ եթէ Անօթութիւնը ու Ծարաւը չը զարթեցնէր զիրենք այդ ընդարմացումէն` կեանքը միանգամ ընդ միշտ մարած կ՚ըլլար արդէն:

Անոնք լուռ կը մնան երկար ատեն, կարծես հետեւելով իրենց յիշատակներու շարքին, հակառակ իրենց մղուած անոնց քստմնելի ընթացքէն ու սրտագին հառաչանքներ կարծես կուրծքերնին պատռելով կ՚արձակուին` «Ամա՜ն…»։

Երբեմն ալ կուլան հեկեկալով, երեսնին ողողուած մէկ րոպէի մէջ այնպիսի արտասուքի յորդ ժայթքումով մը՝ որ գանգատի ու տրտունջի խօսքերը կը խեղդուին. ու դէմքերը, արեւի տակ աշխատութենէն թխացած ու չորացած դէմքեր, կ՚ակօսուին դժնդակ խորշոմներով, ահաւոր ծամածռութիւններով ու ամբողջ ամբոխը բռնուած իր անմխիթարելի վշտի տագնապէն` կը գալարուի յուսահատօրէն: Ու կարելի չէ երեւակայել թէ մեն մի անհատը այդ ամբոխին, ցաւի ի՜նչ գումար մը կը ներկայացնէ:

Արդարեւ, կարելի չէ ըմբռնել եւ զգալ մէկ անգամէն ահաւոր իրականութիւնը. անիկա մարդկային երեւակայութեան սահմանէն դուրս կը մնայ. անոնք, որ ապրած են զայն` չեն կարող նաեւ պատմել իր ամբողջութեանը մէջ. ամէնքն ալ կը թոթովեն, կը հառաչեն, կ՚արտասուեն եւ կցկտուր եղելութիւնները կը ներկայացնեն միայն: Յուսահատութիւնը ու սարսափը այնքան մեծ եղած էր՝ որ մայրերն իրենց զաւակները չէին ճանչնար, անդամալոյծ եւ կոյր պառաւներ մոռացուեցան հրդեհուած տուներու մէջ. վայրագ եւ արիւնի ծարաւի խուժանի մը դիւային քրքիջները մտիկ ընելով` մարդիկ մեռնելէ առաջ կը խելագարուէին, կտրտած անդամներ ու տղու մարմիններ դեռ ցաւով ու կեանքով բաբախուն ոտքերու տակ կը ճզմուէին, մէկ կողմէ հրացանի, միւս կողմէ կրակի մէջ բռնուած` դպրոցներն ու եկեղեցիներն ապաստանող խելակորոյս տղաքը, կիները ու վիրաւորները իրարու փաթթուած` կ՚ածխանային…:

Ո՛չ այս պատմութիւնները սակայն, ո՛չ այդ մոխիրներուն մէջ խլրտացող տարտամ հայութիւնը, ո՛չ ցաւոտ եւ շուարուն աչքերով ու սարսափի արբեցութենէն դեռ չի սթափածի երեւոյթով որբերը, ո՛չ անմխիթարելի կորուստով գալարուած մարմինները այրիներուն, ո՛չ դեռ արիւնոտ եւ ցաւագին վէրքերը անդամահատուածներուն, չեն կարող մեզի պատկերացնել տալ իր իսկական ու մռայլ մեծութեամբ ինչ որ պատահած է այդ դժոխային օրերուն մէջ:

Անձկալի ու արհաւրալից աչքերու մէջ է որ, երբեմն, մէկ րոպէ կը կարծեմ ընդնշմարել զայն. օ՜հ այդ աչքերը. կան, որ կուրացած եւ հրաժարած կը թուին ընդմիշտ արեւին ուրախութենէն ու անյատակ վիհի մը պէս պարապ կերեւին. կան, որ կը նային քեզի ու չեն տեսնար՝ որովհետեւ անջնջելի կերպով մէկ պատկեր դրոշմած է իրենց տեսողութեան սահմանին մէջ. կան, որ պահած են քստմնելի բոցերուն rythmeը իրենց նայուածքին մէջ ու կան, որ յարաշարժ բիբերով արիւնի եւ կրակի տեսարաններու յաճախումէն տանջուած բիբերով, կարծես կուրանալու եւ խաղաղութեան կը տենչան:

Այդ ամբոխին մէջ է, որ երեւեցաւ ինծի ցաւատանջ երեւոյթը Միսաքի մօրը՝ որ կախուած տղուն մղձաւանջէն հալածուած, կուրծքը ծեծելով, ցնցոտիները պատռելով` գովասանքը կ՚ընէր իր նահատակուած տղուն ու արցունքի ծարաւի՝ կը գոչէր. «Աչքերս չորցած աղբիւր դարձան… տղաքնե՜րս… սրտիս կրակէն չորացայ… տղաքներս… ամա՜ն…»:

Հոն տեսայ մայրեր, որ իրենց զաւակները խեղդած էին` անոնց մանկական ճիչերէն չմատնուելու համար իրենց թաքստոցին մէջ, հոն տեսայ կիներ, որ անդամալուծուած, լեզունին թուշերնուն վրայ կախուած, անկարող էին իրենց սրտին ցաւը գոչելու, հոն տեսայ խելագարուածներ, որ փոխանակ մոռնալու, սոսկալի վայրկեանը կ՚ապրէին շարունակաբար, տեսայ, որ հալածուած էին իրարու ետեւ ընկնող սիրելիներու յիշատակով ու չգիտէին, թէ որո՞ւ վրայ լան… «Շարքով դրին հոն, քովէ քով, ու զարկին, զարկի՜ն, զարկի՜ն ու ամէնքն ալ սանկ երերացին մէկ մը ու ինկա՜ն… ու անոնք իմ հայրս, իմ ամուսինս ու տղաքներս էին, եւ ես հիմակ մինակ եմ, վէրաններու վրայ մնացած բուին պէս… ա՜խ…»:

Երբեմն անտարբեր կը թուին, կարծես քարացած իրենց վշտին սաստկութեան մէջ. հանդարտ դէմքով մը` որուն վրայ նեարդ մըն իսկ չի շարժիր` կը պատմեն ահաւոր եղելութիւններ, իրենց իւրաքանչիւր բառը` հոսած արիւն է. ու յանկարծ կը կենան, աչքերնին կը բոցավառի յիմարական փայլով մը, ի՞նչ կը պատկերանայ իրենց մտքին… ու կը պոռան ինքզինքնուն ելած` կառչելով մեր յուզմունքին, օգնութիւն խնդրելով մեր արցունքներէն, մեր զգացումներու մերձաւորութենէն…

Աւերակ քաղաքին մէջ… աւերակ սրտերու մէջ… ամէն բան փճացած է. յիմարացած գեղջկուհիի մը շարժումը կ՚ուրուագծուի մտքիս մէջ, որ համադրելով բոլոր իրենց գեղին պատահածը, ձեռքովը լայն շարժում մը կ՚ընէ ու կ՚ըսէ, կը կրկնէ մեքենաբար. «Կ՚ուզես հաւտա՛, կ՚ուզես մի՛ հաւտար, ամէն բան մաֆ է, մա՜ֆ…»:

Ու ինչ-որ անկանգնելի ու անդարմանելի կը թուի այս անսահմանելի աղէտին մէջ, մոխրացած տուները, քանդուած այգիները չեն, ոչ ալ մեռնողներու թիւին մեծութիւնը, այլ այն ջլատիչ ներքին զգացումը, որ կը ծածանի ամէնուն աչքերուն մէջ, ողորմելիօրէն, յուսահատօրէն եւ այդ` ոտքի տակ գացած, բիրտ ներբաններու տակ ճզմուած ժողովուրդի մը զգացումն է: Այն գլուխները, որ լոյսի եւ ազատութեան ծարաւի, պահ մը բարձրացած էին մարդկօրէն, ջախջախուած են հիմա աններող անգթութեամբ մը: Այս մտածումովը տանջուած կը նայիմ քանդուած քաղաքին վրայ` որուն մոխրակոյտերը ահաւոր եւ տարբեր նշանակութիւն մը կը ստանան ու ահաւասիկ սակայն այս չարաբաստիկ ամլութեան ու յուսահատութեան մէջ յոյսի ժպիտ մը կը ծաղկի…:

Աւերակներու մէջ, կէս մը փլած պատերու շուքին տակ կիներ ապաստանած են ու օրօրան մը` մէկ պատէն միւսը ձգուած, կը տատանի մեղմօրէն: Ո՞վ գիտէ. ինչ որ մեր ցաւի սաստկութիւնը անկարելի կը ներկայացնէ` թերեւս կարելի ըլլայ ժողովուրդի վերածնութեան անխոնջ ու անգիտակից հանճարին համար: Որովհետեւ այդ թշուառ տղու անշուք օրրանը, ընդհանուր ու մեծ դժբախտութեանը անտարբեր` կեանքի անյաղթելի ձգտումովը զօրաւոր, կը տանի այս հսկայական գերեզմանի վրայ` արհամարհելով թէ՛ գետնաքարշ թշուառութիւնը նահատակուած Ժողովուրդին, թէ՛ ճիւաղային բրտութիւնը ոճրագործներուն: