Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆՊԱՍՏԻ ՕՐ ՄԸ

Սեւ տուէք մեզի, սուգի մէջ ենք… գրեցէք Սթամպօլ, որ սեւ ղրկեն մեզի… ըսէք իրենց, որ ամէն սրտէ արիւն կ՚երթայ… թէ մեզ չի վայելէ իրենց ուրախութեան եւ հանգստի օրերու մէջ շինած հագուստները, սե՜ւ պէտք է մեզի, մենք մրոտած ենք սուգո՜վ… միմիայն սե՜ւ, գրեցէք Սթամպօ՜լ:

Ու սրտաբեկ այրին, աչքերը ցաւոտ ու ճակատը կնճռոտած` կը նայէր գոյնզգոյն հագուստներու դէզին:

Կարօտութիւնը մեծ էր. փոքրիկ տղաքը, իր որբերը, գրեթէ մերկ էին պատառատուն ցնցոտիներու մէջ. իր իսկ հագուստները ո՛չ գոյն ունէին այլեւս, ո՛չ ձեւ. երկար, աղօտ, գրգլեակներէ կազմուած շերտեր, երկայնքին պատռուած` կը ծածկէին իր կաթով լեցուն կուրծքը, որբերէն մէկը ծիծէն կախուած էր:

Մենք, ջլատուած իր խօսքերէն, ձեռքերնիս անգործ` կը նայէինք իր սրտմտած դէմքին:

Տուն չի կա՜յ, ընտանիք չի կա՜յ, որ քանի մը կտրիճներու սուգը չունենայ. ինծի ի՞նչ պէտք են երջանկութեան օրերու հագուստները… ա՜խ, գոնէ զաւակս ազատուէր…

Ու երեսն ի վար արցունքները կ՚իջնային: Յետոյ սկսաւ հեկեկալ ու ձայնը կցկտուր դարձաւ.

֊ Իմ էրիկս, ամենէն գեղեցիկը, ամենէն կտրիճն էր… անոր համար սպաննեցին զինքը. զաւակս վարդի կը նմանէր… երեսը նայողը մէյ մըն ալ նայիմ կ՚ըսէր… աչքիս առաջքն արիւնը թափեցին ու դրացի թուրք կիներ եկած կը խնդային իմ վրաս… ափերնին բռունցքներուն զարնելով` նիսպեթ կ՚ընէին. քանի՛ կուլայի` այնքան բարձր կը ծիծաղէի՜ն…:

Յանկարծ կը դադրի հեկեկալէ, դէմքը կ՚անշարժանայ արձանի պէս ու աչքերը կը վառէին դեռ թաց թարթիչներուն մէջէն անմխիթարելի վշտով ու զայրոյթով: Իր արցունքներն ու հեկեկանքները մեզի տաժանելի են, իր տժգոյն դէմքին անշարժութիւնն ու աչքերուն տենդը սարսափ կ՚ազդեն, կ՚ուզենք զինքն իր ցաւագին յիշատակներէն հեռացնել, կը խօսինք իրեն` իր ողջ մնացած զաւակներուն վրայ, կը ջանանք յոյս ներշնչելու ապրելու եռանդ` իր վշտացած սրտին… Բայց անիկա գլուխը կը շարժէ, կը մերժէ մեր մխիթարանքն ու իբր ամբողջ պատասխան` անգամ մըն ալ նայելով իրեն տրուած հագուստներու դէզին, չորցած շրթունքներովը կը կրկնէ.

Սե՛ւ թող ղրկեն մեզի՜, գրեցէ՛ք Սթամպօլ:

Առաւօտուն կանուխէն, գրեթէ արշալոյսին ամբոխը լցուած էր եկեղեցու բակը, ու մենք, երբ աչքերնիս բացինք, կը լսէինք իրենց խուլ աղմուկը, անսահմանելի աղմո՜ւկ, նման փոթորկուած ծովի հեռաւոր շշուկին…: Հիմա նոյն ամբոխը մեզի կը շրջապատէ, երբեմն սպառնագին կը բարձրանայ մինչեւ Առաջնորդարանի սանդուղներէն վեր, երբեմն կը գոռար ու երբեմն կը հեծեծէր: Օրերէ, ամիսներէ ի վեր այնքան զրկուած ապրել էին, պահանջքը այնքան ստիպողական եւ մեծ եղած էր, որ` իրենց փութկոտութեան մէջ տենդագին շուարում մը կար. երբեմն առաջ անցնելու տենջանքով զիրար կը կոխոտէին, տղաք կը ճչէին ու սրտագին աղաղակներ մեզի կը ցնցէին ցաւագնօրէն:

Կարգապահութիւն պահել անկարելի էր, մենք յուսահատած էինք, ամբոխին մէկ տասներորդն իսկ գոհացնելու իրեղէն չունէինք ու ստիպուած էինք մնացածին թեւեր ու փուսուլաներ տալ, որպէս զի առաջիկայ անգամներուն, երբ խոստացուած ու յուսացուած զգեստները գային, իրենց բաժինը ստանային: Բայց թէ ի՛նչպէս ընտրել անոնք, որ այսօր պիտի առնէին զգեստները… ի՞նչ դասաւորում կատարել, ի՞նչ հիման վրայ ընդունել մէկը եւ մերժել միւսը, կամ պարզապէս յետաձգել իրենց դիմումը: Յուսահատած ու շուարած էինք ու քանի՛ ամբոխն իր պահանջքը կը յայտնէր` այդ սարսափելի եւ խուլ աղմուկով, մենք տժգունած ու խորապէս յուզուած, իրարու երես կը նայէինք:

Պէտք է ամենէն դժբաղդները, ամենէն շատ վշտացածները, պէտք է ծերերը, կույերը, հիւանդներն ընտրել… կամ բազմաթիւ տղաք ունեցողները, ըսաւ մեզմէ մէկը…

Բայց ամէնքն ալ նոյն աստիճանով դժբախտ ու կարօտ էին ու որքան որ հաւատացած էինք այդ ընտրութեան ձեւին անբաւականութեան վրայ` մտանք ամբոխին մէջ նախ կոյրերը փնտրելու: Աղտեղութեան ու քրտինքի բարկ հոտը մթնոլորտն անշնչելի կը դարձնէր. բազմութիւնն այնքան հոծ էր, որ գրեթէ իրարու հպած էին ու մենք քանիցս կորսուեցանք իրենց խիտ շարքերուն մէջ: Երբ ձեռքս կը դնէի իրենց մարմնին, ճամփայ բանալու համար, կասկածելի խոնաւութիւն մը զիս կը կասեցնէր. բայց անմիջապէս շուրջի ահաւոր թշուառութիւնը քաջութիւն ու սիրտ կուտար մեզի ու մենք աւելի խոր կը թափանցէինք ամբոխին մէջ:

Պէտք է ընտրել կոյրերը, անոնք, որ անտէր ու նոյնիսկ զրկուած գաւազանէ` կը դեդեւէին իրենց անհաստատ սրունքներուն վրայ ու տարուա՜ծ ամբոխի շարժումներէն` մէկ մը ասդին կը նետուէին, մէկ մը անդին. : Բազմութիւնը կազմուած էր մեծ մասամբ կիներէ. այրերու բացակայութիւնն աչքի կը զարնէր, բայց կոյրերու մէջ կային նաեւ ծերունի այրեր ու իրենց երեւոյթն ահաւոր էր:

Մէկիկ մէկիկ ձէռքերնուն բռնած` առաջնորդեցինք զիրենք. ճամբուն վրայ ամբոխը զայրոյթէն կը մռնչէր. ոմանք կը հայհոյէին, ուրիշները կը սպառնային. իւրաքանչիւր ոք տարուած էր իր անհատական դժբաղդութեան մեծութիւնից` կը փափագէր, որ միմիայն իրմով զբաղուէինք. կին մը մեր աչքերուն առաջքը յուսահատութենէն ցնցոտիները կը պատռէր, մազերը կը փետէր ու իր բոլոր ցաւը կ՚աղաղակէր այնպիսի ձայնով մը` որուն պատռտող շեշտէն կը ցնցուէին ամէնքը, ու պահ մը լռած ամբոխին վրայէն սարսուռ մը կ՚անցնէր:

Ուրիշները կը կառչէին մեզի, բռնի կը կեցնէին, կ՚աղերսէին, իրենց արցունքով կը թրջէին մեր ձեռքերը. հակառակ մեր բացատրութիւններուն` չէին համոզուէր, չէին ուզէր սպասել ու մեր անկարողութիւնը կը տանջէր մեզի:

Դարձեալ միջոց մըն ամբոխէն հեռանալով այն սրահին մէջ` ուր հագուստները շարուած էին, զբաղեցանք բաժնելու: Կոյրերը մէկը միւսին ետեւէն կ՚առաջանային. իրենց թխացած ու տժգոյն դէմքին վրայ լոյսէ զրկուած ու մեռած աչքերը կը սեւեռէին մեր ուղղութեան, անոնք կը հետեւէին մեր ձայնին ու անձկութեամբ կը սպասէին մեր հրաւէրին. առհասարակ լուռ էին. շատ չէին խօսէր անոնք, իրենց մէջ ամփոփուած` ոմանք նոյնիսկ կարծես դեռ չէին հասկցած պատահածը: Երկու օր առաջ տեսեր էի պառաւ մը` որ անընդհատ հանդիպողին կը հարցնէր թէ ի՞նչ եղաւ, ոչ ոք բացատրէր էր իրականութիւնը իր մանրամասնութիւններուն մէջ. ամէնքն ալ իրենց առանձին հոգերով գրաւուած էին. պառաւը լսել էր միայն աղմուկը, լսել էր վայնասուններ, լսել էր հրդեհի ճարճատումները, խլացեր էր հրացաններու ձայնով. զգացեր էր բոցերու ջերմութիւնը կռնակին վրայ ու տարուած փախստական ամբոխի հոսանքէն, օր մը հոս, օր մը հոն քշուէր էր անգիտակցաբար ու օրերով, շաբաթներով տեղեկութիւն էր մուրացեր, կառչելով մէկ խումբին, աղերսելով իր շուրջը գտնուողներուն ու ոչ ոք դեռ բարութիւնն ունեցեր էր իրեն պատմելու, թէ ի՞նչ պատահեցաւ: Այս պատճառով էր, որ դէմքն առէր էր սարսափի, անորոշութեան ու կասկածի արտայայտութիւն մը ու մտքին մէջ սեւեռած էին կցկտուր տեղեկութիւններ:

Տիւշմանը մեզ կոտորե՜ց…— ըսաւ վարանելով ու հարցումներ ուղղեց մանրամասնութիւններու վրայ:

Երբ պատասխանեցի իրեն համբերութեամբ, դէմքը կարծես տարրալուծուեցաւ, տժգունութիւնը կապտորակ ու գրեթէ դիակնային դարձաւ, իր կոյր աչքերը` որոնք ճերմակ մշուշով մը ծածկուած էին, կարծես սեւեռեց իմ վրաս ու սրտագին աղաղակ մըն արձակեց.

Ամա՜ն…:

Հիմա իմ դէմս ունէի երիտասարդ կին մը. մէկ աչքը կորսուած ակնակապիճներուն խորութեանը մէջ ու միւսը ընդհակառակը ցցուած, ուռած, բիբի տեղ կրելով ճերմակ կոճակի պէս կարծրութիւն մը. այդ աչքն անհանգիստ ու թաքուն կենդանութիւն մը ունէր, բանտարկուած կը թուէր ու կարծես պոռթկալու կը միտէր. յարաշարժ ու ցայտուն երկչոտութիւն ու անհանգստութիւն կը պատճառէր միանգամայն ու կը նայէր մեր նայուածքէն տարբեր նայուածքով մը:

Առանց խօսելու, ընտրեցինք իր հագուստները, բայց վերջապէս հարկադրուեցանք հարցնել.

Քանի՞ հոգի էք։

Պահ մը լուռ կեցաւ. կարծեցինք թէ չէր հասկցած. իր ճերմակ բիբը անշարժացաւ. շրթունքը թոթովեցին: Ու սկսաւ հեծկլտալ անվերջ. իր կուրծքը ցնցոտիներուն ներքեւէն կը բարձրնար ու կ՚իջնար. ո՞վ գիտէ ի՞նչ կը տեսնէր իր կուրութեան մշտնջենական մթութեանը մէջ:

Շատ անգամ կը պատահէր ասիկա. մեր հարցումն իրենց կը յիշեցներ թէ այլեւս մէկը չունէին, կը յիշեցնէր իրենց բոլոր անոնք, որ անդարձ կորսուած էին ու մենք, յանցաւորի պէս, չէինք գիտէր ինչպէ՞ս ամոքել զիրենք:

Երբեմն, խնայելու համար, փոխանակ հարցնելու թէ «քանի՞ հոգի էք», կը դնէինք դէզ մը հագուստ ու կ՚ըսէինք.

Այսչափը կը բաւէ՞:

Ինչո՞ւ չպիտի բաւէ. ո՞վ է մնացել. զաւակներս զարկին, քոյրս այրուեցաւ, մարդս մորթեցին… իմ չոր գլուխս է մնացեր, ինչո՞ւ չպիտի բաւէ, ա՜խ…

Ու անխուսափելի կերպով հետեւանքը նոյնը կ՚ըլլար. դարձեալ լաց, դարձեալ հեծկլտանք: Ուրիշներ ձեռքերնուս կը քաշէին գեղեցիկ հագուստ մը, մէկ կողմ կը նետէին ու կը բողոքէին։

Կռնակս առանց շապիկի է մնացեր, հոգե՜րդ առնեմ, բան մը տուէք ծածկուիմ, ու կը բաւէ՛, սգաւոր գլխիս գեղեցիկ հագո՜ւստն է պակաս:

Կոյրերու շարքը կ՚անցնէր մեր առջեւէն. կային, որ վիրաւորուած արտեւանունքներ ունէին եւ երբ լային` սարսափելի էր. արցունքի հետ արիւն կը հոսէր այտերնուն վրայ. ծայրայեղ զգուշութիւններ կ՚ընէինք` իրենց ցաւը չգրգռելու, իրենց զգայնութիւնները չարթնցնելու համար, բայց զուր էր… չեմ գիտէր ինչպէ՞ս առանց մեզի տեսնելու եւ դեռ առանց մեր ձայնը լսելու կը զգային, թէ տրամադիր ենք խղճալու իրենց վրայ, թէ մեր մէջ կապ մը կայ, որով անմիջապէս հաղորդակցութեան մէջ կ՚ըլլանք իրենց հոգեկան վիճակին հետ:

Ցաւերդ առնեմ, քո՜յրս, քեզի չըսենք, որո՞ւ ըսենք. ո՞վ մեր տարտը կը հասկնայ. օտարին սիրտը քարի պէս կարծր է. մէկ ձեռքով կը տան, միւս ձեռքով կը զարնեն:

Ու մէկ հոգի մը կարող էր ամբողջ աշխարհ մը թշուառութիւն ներկայացնել, միայն իր պատմութիւնն ընելով:

Դուրսը միշտ ամբոխը կը մռնչեր…: Քանի՜ սպասման ժամերը կ՚անցնէին, այնքան անհամբերութիւնը կը մեծնար… երբեմն մէկը, աւելի ճարպիկ, կամ մտրակուա՜ծ պահանջքին ստիպողականութենէն` արգելքներուն չանսալով ու ամբոխը ճեղքելով կը հասնէր մինչեւ մեզի. ընդհանրապէս մայրերն այս կերպով կուգային մեզ մօտ:

Այսպէսով է, որ յանկարծ դուռը բացուեցաւ կռնակին վրայ ու խելայեղ կին մը նետուեցաւ ներս. կոյրերն ահաբեկ, խարխափելով իրարու զարնուեցան եւ ուրիշներ բնազդով ճամփայ տուին:

Երիտասարդ կին մըն էր. բաւական շնորհքով կը կրէր իր լայն շալուարը ու բազմաթիւ ծամեր կը կախուէին կռնակն ի վար. գլուխը ծածկած էր ճերմակ քօղով, որուն ծայրը կը ծածկէր նաեւ իր կզակը:

Ալ դիմանալու աստիճանն անցէր է ինծի համար… գինովի ու խենթի պէս եմ… խղճացէ՛ք ինծի:

Ու թեւերուն վրայ կրած ծրարը բանալով, կարկառեց մեզի։

Ահաւասի՛կ… ա՛լ մնացածը դուք գիտէք։

Անհաւատալի նիհարութեամբ բոլորովին մերկ տղայ մը, գրեթէ վիժած մըն էր մեզ ներկայացուածը. կարծես միայն գանկը մեծցեր էր ու աչքերուն մէջէն միայն կարելի էր եզրակացնել, թէ ճշմարտապէս վիժած մը չէ:

Քանի՞ ամսու է այս տղան:

Վեց ամսու, պատասխանեց մայրը…

Մանկիկն իր հիւանդ տղու սրտմտած ու տխուր աչքերովը կը նայէր մեզի. երբեմն լոյսէն շլացած` կը քթթէր անոնք ու իր կապկային դիմագծերը կը ծամածռէր. ամբողջ մարմինը մնացել էր այնպէս, ինչպէս էր ծնած օրը, թերեւս աւելի նուաղել էր. փորը գոգաւոր ու պարապ կը թուէր. ու թեւերը` ինչպէս սրունքները` բարակ ձողերու պէս նիհար էին:

Կինն իր անյաջող մայրութեան մէջ վիրաւորուած, կ՚արտասուէր ու յաճախակի կը կրկներ.

Հինգ զաւկի մայր եմ, ոչ մէկն ասանկ չէ եղած:

Շատ անգամ տեսեր էինք այս երեւոյթով տղաքներ` մայրերու գիրկը. բոլոր նորածինները դէպքին եւ յաջորդող օրերուն մէջ, շարունակական թշուառութեան ենթարկուած` վերածուած էին հրէշներու. մեռնողներու թիւը շատ մեծ էր, բայց անոնք, որ դեռ կ՚ուշանային մեռնելու` կը ներկայացնէին նոյն պատկերը:

Մեր ցաւը մէկ տեսակ չէ՛, մե՛ր տարտը մէկ տեսակ չէ, կը կրկնէր միօրինակ եւ երգող ձայնով մը դժբախտ մայրը, կարծես արձագանք դառնալով մեր մտածումներուն:

Երբ զինքը գոհացնելէ ետքը` մեր կոյրերուն դարձանք, ամբոխը հասած էր արդէն մինչեւ մեր սենեակին դուռը:

Կոյրեր սարսափած այդ տարօրինակ աղմուկէն` կը շտապէին, գլուխնին բարձր բռնած, սրունքներնին դեդեւուն, կուգային մեզի պէս ու երբեմն իրարու կը կռթնէին` առաջանալու համար… այդ վիրաւորուած ու արիւնոտ աչքերը, այդ ճերմակ մշուշով ծածկուած բիբերը, թարախէն մաշած արտեւանունքները` մեզի թէ՛ գթութիւն, թէ՛ վախ կը ներշնչէին. ու կային, որ ունէին այնչափ փակ աչքեր, որ անկարելի էր երեւակայել, թէ ատեն մը նայուածքի լոյսը ճաճանչած է այդ ցամքած ու ողորկ խորութիւններէն, մորթը ճակտէն կ՚իջնար այդ փոսերուն մէջ` առանց նոյնիսկ ծալք մը կազմելու արտեւանունքին միացած գծին վրա՜յ…:

Ամէնքն ալ անտէր էին առանձին. ու ոմանք չէին գիտէր թէ ինչ են եղեր իրենց ընտանիքի անդամները, մեռա՞ծ էին, թէ թափառական, թէ բանտարկուած…: Այս հարցումն է, որ կը յաճախէր իրենց տժգոյն շրթունքներուն վրայ:

Հոս եկողներէն մէկը չըսաւ՞, թէ կոյր հայր մըն ունէի…:

Մեզի դժուար էր պատասխանել. աւելի դժուար էր իրենց տկար ու դողդոջուն յոյսը մարել, շատերն այդ յոյսովն է միայն, որ կ՚առաջնորդուէին կեանքի տժնդակ ճամփուն վրայ:

Մէկ քանի օր առաջ նոյն այդ սենեակին մէջ ցաւագին տեսարանի մը ներկայ գտնուած էի: Ութը տարեկան մանչ մը բերէր էին. դէպքին օրէն ի վեր խեղճ տղեկը կորսուած էր. զինքը մահմեդական դարձուցեր էին եւ իր բնակավայրը եղող գիւղը հիմնահատակ կործանելէ ետքը` դրացի թուրքեր որդեգրել էին զինք: Ի՞նչ չարաշուք դէպքերու յաջորդութեամբ մը տղան եկել էր մինչեւ իր ազգին գիրկը, չգիտեմ. իր անունը կ՚ըսէր միայն ու հօրը անունը եւ ուրիշ բան չէր գիտէր: Յանկարծ, կիներու ամբոխին մէջէն, որ խռնուած էր եկեղեցուն բակին մէջ, կոյր կին մը յոյսի եւ ցաւագին տարակոյսի տագնապի մը մէջ` հասաւ մեզի. երեսն ի վար վիրալից աչքերէն արիւն ու արցունք կը հոսէր, քունքերը թաց էին քրտինքէն ու կը հեկեկէր. կ՚ուզեր խօսիլ, բայց ձայնը կը խեղդուէր, վերջապէս ըսաւ…

Այն օրը զաւակս տարին, իսլամացուցին… անկէց ի վեր կորսնցուցած եմ զինքը… տղայ եկել է կ՚ըսեն Թուրքերուն քովէն, իմ զաւա՞կս է արդեօք։

Կինը կը հեւար ու կ՚արտասուէր, արցունքները զինքը շնչասպառ կ՚ընէին, ու բազուկները տարածած՝ կը փնտրէր փոքրիկը:

Սահմռկած, պատերուն կռթնած, անկարող խօսելու ու շարժէլու՝ կը հետեւէինք կոյր մօրը շարժումներուն ու սարսափով կը խորհէինք այն րոպէին, որ տղուն մօտ պիտի ըլլար ու պիտի ճանչնար զայն, որովհետեւ, աւա՜ղ, փոքրիկին անտարբերութիւնը շատ յատկանշական էր մեզի համար…

Մեսրո՜պ, Եաւրո՜ւմ…:

Ոչ մէկ պատասխան: Ոչ մէկ պատասխան. լռութիւնը կապարի պէս ծանր էր…:

Ու մայրը հասկցաւ, որ անգամ մըն ալ խաբուած էր իր յոյսին մէջ:

Երբ կոյրերուն հագուստները բաշխուեցան եւ ծերեր ու պառաւներ յաջորդեցին իրար, դասաւորուած իրեղէնները սպառած էին արդէն: Անհամբեր ու զայրացած՝ ամբոխը յուսահատութեան ճիչ մը արձակեց. գիշեր մըն ալ աղտեղութեան ու ցնցոտիներու մէջ. գիշեր մըն ալ առանց օգնութեան, առանց շապիկի՜… ալ չէին կարող դիմանալ: Ու մինչ անոնք մէկ կողմ նետած ցնցոտիները կը հաւաքէին կրկին, մենք գիտէինք, թէ դեռ շա՜տ այսպէս գիշերներ ունէին անցնելիք:

Տուն դառնալու ատեն ամբոխն անխոնջ յամառութեամբ կը հետեւէր մեզի. աչքէ կորսնցուցած ըլլալով ընկերուհիս, աճապարեցի սենեակս բարձրանալ պահ մը առանձնանալու եւ հետեւեալ օրուան ստիպողականութեան վրայ խորհելու համար, բայց հոն ալ կանխեր էին մեզի:

Կարօտութիւնը ծովի պէս մեծ է, հոգերդ առնեմ, կ՚ըսեր տանտիրուհին բացատրելով, որ ոչ միայն նպաստ խնդրողներ կային վերը, այ նոյնիսկ իրարու հետ կռուեր, իրարու հետ թշնամացեր էին:

Երբ սենեակ մտայ, երկու շարքի վրայ բոկոտն եւ թշուառ կիներ կեցած էին. գրեթէ անտարբեր իմ երեւնալուս, անշարժ կը սպասէին, չէին խօսէր, չէին խնդրէր, բայց իրենց աղերսող նայուածքը զիս կը տանջէր ու անհանգիստ կ՚ընէր գրեթէ:

Երկարօրէն բացատրեցի իրենց. այլեւս բան չէր մնացել տալու, վա՜ղը… վա՜ղը թերեւս. ճամբայ ելած հակերու կը սպասէինք…

Մտիկ կ՚ընէին կարծես առանց լսելու, որովհետեւ պահ մը ետքը, կամաց կամաց մօտիկնալով կ՚աղերսէին դարձեալ:

Ուշ ատեն միայն յուսահատուած մեկնեցան առանց որ եւ է կերպով նշանակելու, թէ համակերպուած ե՞ն, թէ յուսահատած բոլորովին. իրենց ետեւէն կը նայէի սիրտս բզկտուած խղճի խայթով ու դառնութեամբ խորհելով մեր կացութեան վրայ, որով ստիպուած էինք ձեռնունայն ետ դարձնել, յոյսով եւ հաւատքով մեզ դիմող դժբաղդներ:

Երկու կիներ հոն էին դեռ, որոնք բոլոր ժամանակը կռուած էին իրարու հետ. երբ միւսները մեկնեցան հազիւ թէ հանդարտեր էին. երկու վիրաւորուած, սրտերնին արիւնած կիներ իրարու կը նայէին քէնոտած ու արցունքոտ աչքերով…: Երկուքն ալ Հայաստանցի էին. անգամ մըն արդէն ենթարկուած ըլլալով կոտորածի սարսափներուն, իրենց չքաւոր եւ սգաւոր գլուխներն ազատեր եւ ապաստաներ էին Կիլիկիոյ արեւոտ երկնքին տակ… ինչքա՛ն խորապէս ու անհունօրէն դժբախտ էին… երկուքն ալ մայր էին եւ եկեր էին ցնցոտիներու վրայ, հեռուներէ զրկուած նպաստի գլգլեականներու վրայ կռուելու: Մէկ վերմակ միայն մնացեր էր անմիջական տրամադրութեանս տակ ու երկուքը մէկ ներկայացել էին…: Ինչպէ՞ս ընտրել ամենէն կարօտեալը…:

Վո՜ւյ… վույ…վո՜ւյ… վայն իմ սեւաւոր գլխո՜ւս… մեռնէի՜ ու ոսկորներս հանգչէին… ողորմած թագաւոր Աստուած… ինչո՞ւ զիս մոռցար ու մարմինս չվերցուցիր այս սեւ հողին վրայէ՜ն…:

Ու երիտասարդը երկու կիներէն` մազերը կը փետտէր ու ցնցոտիները կը բզկտէր կուրծքին վրա…: Յետոյ ինծի դարձնելով իր պաղատագին ու արցունքով լեցուն աչքերը` կը մնար պահ մը առանց խօսելու եւ կը յարէր.

Զաւակս հիւանդ է ու հողին վրայ է՜… մարմինը վէրքերով ծածկուած… թարախը մինչեւ ոսկորները հասեր է՜… հոգերդ առնե՜մ… զաւակ չունի՞ս, չե՞ս հասկնար ըսածս… տասը տարեկան եղաւ` բայց մարմինը ցաւէն հալած է… մինակ գլուխը եւ քանի մը ոսկորներ մնացեր ե՜ն… գերեզման չդրա՜ծ հատնիլը տեսա՜յ… կուրնա՜ն աչքե՜րս… առտուները, երբ մէկ կողմէն միւսը կը դարձնեմ… մրջիւնները լցուած են վրա՜ն… վո՜ւյ… վո՜ւյ… վո՜ւյ…:

Ականջներս գոցեցի, որ այլեւս չլսեմ ու առանց իր աչքերուն նայելու, իր մօրը աչքերուն, որ այդպիսի զարհուրելի բաներու վրայ կը նայէր ամէն օր` վերմակը տուի իրեն…:

Ակնթարթի մը մէջ աներեւութացած էր:

Երկար մնացի միւս կնոջը հետ` որ կը յամառէր ու կ՚արտասուէ՜ր. գլուխս երկու ձեռքերուս մէջ առած կը խորհէի տարտամ եւ սարսափելի բաներու վրայ ու աւելի ճիշտը մղձաւանջի մը մէջ կապրէի…: Հիմա անհամբեր կը սպասէի ընկերուհուս` ո եւ է կերպով գոհացնելու համար միւս կինը, որ արկածեալներու յատուկ երկարատեւ համբերութեամբ կը սպասէր մօտս` թէեւ առանց ո եւ է յոյսի:

Յաղթանդամ խոշոր կին մըն էր, հարուստ կուրծքերով, աչքերը ցաւոտ ու կոպերն արիւնոտ. տաժանելի էր իր արտասուիլը տեսնելը. երբ արցունքը կը դադրէր առատօրէն հոսելէ՝ իր յուզմունքի տեւողութեանը ամէն մէկ ճիգին արեան կաթիլներ կը բողբոջէին թափուած թարթիչներու արմատէն. խղճի խայթ ունէի` առանց զինքը լսելու վերմակը միւս կնոջը տուած ըլլալուս համար, բայց արդեօք աշխարհիս ո եւ է մէկ կողմը աւելի դժբախտ պատմութիւն կարելի՞ էր. ինքզինքիս առաջք արդարանալու համար` հարցուցի իրեն.

Դուն զաւակ ունի՞ս:

Միջոց մը լուռ մնաց. իր արիւնոտ ու արցունքոտ աչքերուն մէջ վայրագ ճաճանչ մը փայլատակեց, խստութեամբ ու արհամարհանքով նայեցաւ ինծի…

Ութը զաւակ ծներ, սնուցեր ու մեծցուցեր եմ, ութը մանչ զաւա՜կ…:

Հիւանդ մանկիկ ունի՞ս դուն ալ միւսին պէս:

Գլուխը ցնցեց ուժգնութեամբ:

Առիւծի պէս առողջ էին, ըսաւ:

Է՜հ, կը տեսնե՞ս, ըսի քաջալերուած, դուն անկէց աւելի բախտաւոր ես… տասը տարու հիւանդ տղան հողին վրայ մնացեր է…:

Խօսքս չկրցայ շարունակել:

Յիմարական, չարագուշակ, անօրինակ քրքիջ մը խափանեց խօսքերս:

Աւելի բաղդաւո՜ր… այո՛… աւելի բաղդաւոր… ինչպէ՞ս ալ ճարտար էք մեր սրտին կրակը հասկնալու… անոր զաւակը հողին վրայ մնացեր է… իմիններս հողին մէջն են արդեն… ու ես աւելի բաղդաւո՞ր եմ…:

Ու յիմարացած իր վիրաւորուած մայրութեան զգացումին մէջ, ութը սպաննուած եւ մեռած տղաքներուն մայրը կը շարունակէր ջղաձգօրէն գալարուիլ իմ անկարողութեանս դիմաց…:

 

Շատ տեսակ դժբախտ մայրեր տեսեր էի… մայրեր` որոնք բանուորական տաժանելի աշխատութիւններէն հիւծուած մարմիններով յաջորդաբար վիժած ու հրէշներ միայն ծնած էին. տեսեր էի մայրեր որ չքաւորութենէ ցամքած կուրծքերով չէին կարողացած իրենց անարիւն զաւակները սնուցանել. տեսեր էի այնպիսիներ որ անդարմանելի ախտերով վարակուած` թարախ եւ ժանտ միայն ունէին կաթի տեղ, ու տեսեր էի նաեւ մայրեր, որ ընկերային ու տնտեսական բարդութեններէ յիմարացած` ոճրագործ դարձել ու սպաններ էին իրենց նորածինները… բայց այդ երկու մայրերը կարելի չէր դասաւորել ո եւ է մարդկային դժբաղդութեան կարգի մէջ… ասոնք Հայաստանցի Մայրեր էին…

Ընդհանրապէս նպաստ խնդրող ժողովուրդին մէջ քիչ թիւ կը կազմէին Ատանացիները. բայց շրջակայ գիւղերու այրիներուն թշուառութիւնն աննկարագրելի էր: Կը յիշեմ Ինճիրլիցիներու ողորմելի մնացորդները, Կեավուր գիւղի հազուադէպ փախստականները, Գայըրլըի ահաւոր դէպքերէն սահմռկած մէկ քանի այրիները, Միսիսի կիները, որոնց պարագլուխը բարձրահասակ եւ կորովի այրի մը, զայրագին շեշտերով մեր դէմ կը դնէր իրենց բազմաթիւ պահանջքները:

Հետեւեալ նպաստի բաշխումին մտադիր էինք գոհացում տալ որքան կարելի է շրջակայ գիւղացիներուն, որոնց ստուար մեծամասնութիւնը կիներ էին. աւելի դժբախտ, քան Ատանացի արկածեալները` անտէր եւ անծանօթ տեղի վրայ, իրենց յուսահատական թշուառութեան մէջ կը հիւծէին. կիներուն ցնցոտիները գրեթէ անկարող կը դառնային իրենց մերկութիւնը ծածկելու եւ անհրաժեշտ էր անմիջական կարգադրութիւն ընել:

Եկեղեցիին բակը միշտ խռնուած էր ամբոխը. օր օրի աւելի պահանջկոտ` զայրոյթի տագնապներ կ՚ունենար, որոնք կը վերջանային միշտ ողբի եւ լացի մէջ…

Ցաւե՜րդ առնեմ, զարկի՛, զարկի՛, իրաւ է, բայց ինչո՞վ պիտի պատժէք ինծի. Աստուած իր հարուածը տուեր է արդէն իմ գլխուս…:

Ուրիշ անգամ կին մը, խելայեղ, բարկութենէն փրփրած կը պատասխանէր.

Երեք զաւակներովս հուրի եւ սուրի մէջէն ազատեցայ, ու այս սեւ հողին վրայ երեքն ալ մէկիկ մէկիկ կորսնցուցի: Աչքերուս մէջ արցունք չէ մնացեր, ձայնիս մէջ ողբ չէ մնացեր. սիրտս քարի պէս կարծր է, թող աշխարհ աւէր աւերակ դառնայ, իմ ինչո՞ւս է պէտք…

Երբեմն, զիրենք հանդարտեցնելու համար, մեր ըրած բոլոր ջանքերն ապարդիւն կը դառնային. իւրաքանչիւրին դժբախտութիւնը ա՛յնքան մեծ էր, որ անողոք եւ անսիրտ դարձած էին. իրենց սեւ աչքերուն մէջ արցունքին ընդմէջէն կը տեսնէինք անողորմ կարծրութիւնը իրենց զայրոյթներուն…:

Այդ օրը այլ եւ այլ գիւղերու պատկանող այրիներն էին, որ խեռ աչքով կը նայէին իրարու: Երբեմն արկածեալ քահանայի մը թշուառական եւ սեւ սիլուէթը կը ցցուէր իրենց շարքերուն մէջ. պատառատուն վեղարներով, ճերմկոտած գտակներով, թնճկուած մօրուքներով, անոնք աւելի դժբախտ կը թուէին մեզի. մխիթարութեան եւ հաշտութեան խօսքերը սպառած էին իրենց չորցած շրթունքներուն վրայ: Ատոնցմէ ոմանք կռուած էին թշնամիին դէմ, եւ ոմանք վիրաւորուած կամ անդամահատուած էին. իրենց մթին, դաժան եւ մռայլ դէմքերուն վրայէն անհետացած էր քրիստոնէական անդորրութիւնը: Ոմանք, անյագ, ամէն բան յափշտակելու ձգտումներով զօրացած կուգային մեր դէմ ու կը պահանջէին: Իսկ ուրիշներ համբերութեամբ եւ կրօնական երկիւղածութեամբ կը կրէին այն խաչը, որ դրուած էր իրենց ուսերուն վրայ: Ուղղակի ենթարկուած ըլլալով խուժանին մոլեռանդութեան, իրենցմէ շատերը սարսափելի մահերով մեռած էին. ընդհանրապէս ոճրագործները ոչ սուր գործածել էին եւ ոչ հրացան իրենց համար, այլ տապար: Մեր ճամբորդութեան միջոցին յաճախ տեսանք խտացած եւ սեւցած արիւնը մեր եկեղեցիի նահատակներուն:

Կորովի, բայց ցաւով եւ վշտով մթագնած` այդ օրը մեր դէմ եկաւ աոաջին անգամ Ապտօղլու գիւղին քահանան: Անոր դիմումը` իր ցրուած հոտին համար էր. քիչ հոգի մնացել էին, անոնք ալ անպատմելի խեղճութեան մէջ:

  Ապտօղլու 66 տուն ունէր եւ 265 բնակիչ, կ՚ըսէ անիկայ յոգնած ձայնով մը, կային նաեւ 242 դրսեցի, այս վերջիններէն ամէնքն ալ մեռան…

Ամէնքն ալ մեռա՞ն…

Այո, ամէնքն ալ:

Դառն ու ցաւագին լռութիւն կը յաջորդէ, ու քահանան աչքովը կը հետեւի մեզի համար աննշմարելի պատկերի մը: Յետոյ անսալով ներքին զգացումի մը, յամրօրէն կը խաչակնքէ ու, անմիջապէս արտայայտուելու պահանջքէն մղուած, յուզմունքէն եւ զայրոյթէն դողդոջուն ձայնով մը կը պատմէ.

Խուժանը պաշարեց մեզ ուրբաթ օրը: Երիտասարդները տրամադիր էին կռուելու, մէջտեղ բերինք զէնքեր, հինգ մավզէր, վաթսուն րէվօլվէր, ինչպէս նաեւ չիֆթէներ եւ թիւֆէնկներ: Բայց գիւղին ջոջը, Պաղտատօղլու Կարապետ, չհամաձայնեցաւ… հէ՜յ վա՜խ… սարսափէն խելքը կորսնցուցած երեսներուս կը պոռար. - «Մեզի՞ է մնացեր իսլամի դէմ դնել… չիֆթէներով խուշ կը զարնուի, մարդ չզարնուիր. մէկ թիւֆէնկի դէմ քսան մարթինի կայ մեր դիմացը… ճիտերնիս ծռենք, զէնքերնիս յանձնենք ու իրենց ողորմութեանը վրայ յուսանք»: Զուր տեղը վիճեցանք, օրինակներ տուինք… «Մեռնիլը մէկ անգամ է, այսօր թող մեր վերջին օրն ըլլայ, բայց սիլահները չձգենք. ո՞ր օրուան պահել ենք մեր կտրիճութիւնը, ո՞ր օրին համար բերներնուս կտրելով գնել ենք այս զէնքերը… մեր կիները, մեր զաւակները, մեր բազուկներուն են ապաւինել, ի՞նչ երեսով ձեռքերնիս պարապ պիտի երեւանք իրենց»: Ի զո՜ւր… ի զո՜ւր…

Պաղտատօղլու Կարապետ ճերմակ դրօշակը պարզեց եւ գիւղը անձնատուր հռչակեց… Տիւշմանը եկաւ մեր զէնքերը հաւաքեց եւ անմիջապէս մեզ ջարդեց:

Պահ մը կը լռէ, արցունքը կը քարանայ թարթիչներուն վրայ եւ անօրինակ արտայայտութիւն մը կու տայ իր նայուածքին:

Մինակ մէկը, երիտասարդ մը, որ զէնքը պահած էր, եօթը թշնամի սպաննեց եւ կրցաւ փախչիլ. մնացածները սպաննուեցան, եւ գիւղը կրակի տրուեցաւ: 265 Ապտօղլը գիւղացիէն քանի մը հոգի մնաց, ան ալ մեծ մասով կին:

Պաղտատ օղլո՞ւն, - կը հարցնենք անմիջապէս:

Պաղտատ օղլուն իր տանը մէջ սպաննուեցաւ անլուր չարչարանքներով, իր աչքերուն առաջք իր կնոջը, զաւակներուն, հարսերուն եւ թոռներուն մեռնիլը տեսնալէ ետքը:

Մինչ քահանան Ապտօղլուի եղերական պատմութիւնը կ՚ընէր, ուրիշ շրջակայ գիւղերէն այրիներ ու մարդիկ խռնուած էին Առաջնորդարանին դռան առաջք: Ոմանք կուլային ու ոմանք բարկութեամբ կը բացականչէին. երբեմն արտասուագին աչքերով ու հեծկլտանքներէն խռպոտ ձայնով այրի մը կը կրկներ…

Ա՜խ, ա՜խ, այդպէս է, այդպէ՜ս է…

Յաճախ տարբեր գիւղերէ էին այդ հաստատումը ընողները, բայց դէպքը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ այնպիսի նմանութիւններ ունէր, որ լսողները կը կարծէին, թէ իրենց գիւղին պատահածն էր պատմուածը:

Առհասարակ, կոտորուող գիւղացիներուն մեծ ցաւը սա էր, որ չէին դիմադրած. անձնատուր ըլլալով կարծէր էին, կեանքերնին ազատել, բայց դառն փորձութիւնը ցոյց էր տուեր, թէ ազատուողներն անոնք էին, որոնք զէնքերնին ձեռքերնին մնացած էին:

Շուարեցանք, չգիտցանք, յանկարծակիի եկանք, կեանքն անուշ է, ամենէն դժբաղդին համար ալ կեանքն անուշ է՜… կարծեցինք, որ պիտի խնայեն…:

Այս ամօթալի խոստովանութիւններու միջոցին յանկարծ մեր դէմ սլացաւ հասուն տարիքով մեծղի եւ յաղթանդամ մարդ մը. աչքերէն կրակ կը ցայտէր եւ ազնուական զայրոյթով մը դողահար կը թուեր…

Ստրուկի զաւակներ, ստրուկի թոռնե՜ր… թո՜ւ ձեզի:

Եւ արհամարհանքով թքաւ սահմռկած ամբոխին երեսին…

Թո՜ւ… ձեզի… կեանքն անուշ է… իրաւ է, բայց դուք ի՞նչ երես ունիք ապրելու. նայեցէ՛ք սա խեղճերուն վրայ եւ ձեռքովը կը ցնցէր այրիները եւ ըսէք բաց սրտով թէ կեանքն ի՞նչ անուշութիւն պահած է ձեզի համար…

Երկու խոշոր եւ կոշկոռցած ձեռքերը կը գալարուին կուրծքին վրայ եւ կարծես չէր գիտէր զանոնք ո՞ւր տեղաւորցընել:

Փչացա՜նք, մաֆ եղա՜նք… ունեցածնիս թալնեցին, մնացածն այրեցին, մեզ` պառաւները եւ կոյրերը ձգեցին… տղու պէս խաբուեցանք, ունեցած սիլահներնիս իրենց տուինք ու մեր թափած գնդակներովը զարնուեցա՜նք…

Գլուխը կը շարժէր եւ ամբողջ մարմնով կը ղողդողար ու բառերը հետզհետէ դժուարաւ կուգային իր շրթունքներուն վրա՜յ…

Աս մէկ չէ`, երկուք չէ`. միլլէթին արիւնը նոր չպիտի թափի… շատ լաւ գիտէինք, բայց չգիտնալու զարկինք, կոյր եւ խուլ ձեւացանք… թո՜ւ մեզի… ինչի՞ համար, որո՞ւ համար կ՚ապրինք այս աշխարհիս վրայ…: Մեռնիլ չգիտցող մարդը, ապրելու արժանի չէ՜… ստրուկի զաւակնե՜ր…

Հիացած այս նորօրինակ արկածեալի երեւումէն ու տարուած իր խօսքերէն` մտիկ կ՚ընենք զինքը, որ յանկարծ մեզի դառնալով ըսաւ.

Ես Շէյխ Մուրադցի եմ… մեր գիւղն ալ պաշարուեցաւ. մեր հոգիներն ալ հոգի էին, մենք ալ ապրելու հավէս ունէինք, բայց գիտցանք, որ մեռնելու օրը հասած է՜…

Րոպէ մը լռեց, յիշողութեանը մէջ ամփոփելով ամբողջ պատահածը:

Նոյն միջոցին մէկն իրեն աթոռ մը տուած ըլլալով, իր սեւ եւ կոշկոռցած ձեռքերովն առաւ, դէպի առաջ քշեց ու մեր մօտ նստեցաւ: Յետոյ գրպանէն հանելով ծխախոտի տուփը, սիգառէթ մը ոլորեց դանդաղութեամբ:

Ատով ժամանակ ունեցանք իր դէմքը դիտելու: Ցեղին ո՞ր մաքուր մնացած երակէն կազմուած էին այդ խումբ մը գիւղացիները, որոնք վարժուած հողին երեսն աշխատելու եւ ըստ երեւոյթին այնքան նման միւս գիւղացիներուն, յանկարծ ուրիշ ձեւով երեւան եկած էին աղէտի օրերուն մէջ: Ինքը չափազանց թուխ էր եւ արեւի տակ աշխատող մարդոց յատուկ կնճիռներ կ՚երկարէին ճակտին վրայ. աչքերն ապաստանած երկար եւ թաւ թարթիչներու ներքեւ, անսահմանելի բոց մը ունէին, որոնց մէջ տեւականօրէն կը վառէր զայրոյթը, ըմբոստութիւնը. քիթը հայկական եւ թեթեւ մը արծուային` կ՚ազնուացնէր իր գեղջուկի կնճռոտ դէմքը եւ թանձր շրթունքը միայն իր վրայ կը նշանակէին բարի եւ խաղաղ ընդունակութիւնները հայ գիւղացիին:

Ես ըսեմ ու դուք գրեցէ՜ք եւ թող ալէմ աշխարհ իմանայ, որ Շէյխ Մուրադցիին արիւնը զուր տեղը չի թափի՜ր:

Ծնած ու ապրած ըլլալով իր գիւղի նեղ շրջանակին մէջ` կը կարծէր, որ ամբողջ աշխարհի համար նշանակութիւն ունէր իրենց վարուելու կերպն աղէտի դժխեմ օրերու մէջ: Ու մենք ալ այդ րոպէին, ճիշդը ըսելով, կը բաժնէինք իր հոգեբանութիւնը, ու թերեւս իր գիւղացիի բնազդը չէր սխալէր ու Շէյխ Մուրադի ինքնապաշտպանութիւնն իր մեծ կարեւորութիւնն ունի մեր յարատեւ վտանգի ենթարկուած ցեղին համար:

Անիկա այսպէս պատմեց.

Երկու օր էր, որ տիւշմանը Չերքեզ գիւղի մէջ հաւաքուած էր, եւ այդ երկու օրուան մէջ, մեր գիւղացիները տուներէն դուրս չելան: Բայց քանի, մը հոգի պարագլուխ ըլլալով որոշեցին ընելիքնին: Հաւաքեցին զէնքերը, թէեւ եղածը մեծ բան չէր. խըրմա, չիֆթէ, տոլմա չիֆթէ, թէք թիւֆէնկ, խըրմա թէք թիւֆէնկ, վեցհարուածեան եւն: Յետոյ հաշուեցինք, որ ցրուած մնալը լաւագոյն չէ, մէկ տան մէջ հաւաքուեցանք:

Հինգշաբթի օրը եկան եւ մեզ պաշարեցին ու յետոյ, կանանչ դրօշակներ պարզած եւ ոռնալով, մտան Շէյխ Մուրատ: Գիւղը լուռ էր ինչպէս եթէ պարապ ըլլար. մարթինիի գնդակներ օդին մէջ սուլելով կ՚անցնէին… նախ վառեցին պարապ մնացած տուները, եկեղեցին ու յետոյ յարձակուեցան մեր վրայ: Հինգ օր շարունակ կռուեցանք. թշնամին զարմացած ու բարկութիւնէն փրփրած կը գոչէր.

Կեավուրներ, անձնատուր եղէ՛ք:

Չէ՛, անձնատուր չպիտի ըլլայի՜նք… մեր զէնքերն անբաւական էին… մէկ քանի քաջեր գետնին վրայէն սողալով, փորձեցին երթալ եւ մեռած իսլամներուն զէնքերն առնել. բայց անոնցմէ ոչ մէկը չդարձաւ: Գետնին երեսին, փոսերուս վրայ պառկած, հինգ օր կռուեցանք… իրարու հետ չէինք խօսէր, որովհետեւ ականջնիս հողին դնելով կը լսէինք թշնամիներուն շարժումները եւ անոնցմէ շատ բան կը հասկանայինք: Անոնք կը տարակուսէին մեր ուժին վրայ, կը վարանէին, ետ դառնալու որոշումներ կ՚ընէին…: Միւս կողմէ մեր գնդակները կը սպառէին. կապար չունենալով, պղնձէ ամանները կոտրտեցինք եւ ուզեցինք իբրեւ զէնք գործածել: Այն ատեն էր, որ տեսնելով մեր թիւֆէնկներուն խեղճ վիճակը` նոր հնարքի խորհեցանք. ծառի կոճղեր փորեցինք ու մէջը ջուրի խողովակներ դնելով պայթեցուցինք: Երեք անգամ վառօդը վառեցինք ու թշնամին շուարեցաւ: Այդ միջոցին արդէն ճարահատ, հաւաքեցինք կիներն ու տղաքը, եւ, զանոնք մեր մէջտեղն առնելով բոկոտն ու լռին, գիշերուան մէջ փախանք տիւշմանին քիթին տակէն…: Կէս ժամ յետոյ տասը, տասնհինգ Չէրքէզ դիմաւորեցին մեզի, ճամբուն վրայ կռուիլ դիւրին չէր. կիներն ու տղաքը զոհ կրնային երթալ. կապար չունէինք, ձեռքերնիս պարապ էր, խորամանկութեան դիմեցինք: Փոխանակ սպասելու, որ անոնք դէպի մեզ գան, մեզմէ մէկը դիմաւորեց զիրենք եւ հրացանն ուսին, հարցուց.

Դուք ո՞վ էք:

Մենք Չէրքէզ ենք:

Հընզըրնե՜ր, դուք կեաւուր էք, կը փախիք կոր:

Ճշմարիտը, մենք Չէրքէզ ենք, ու գտակը ցոյց տուաւ հաստատելու համար:

Ի՞նչ կը փնտռէք հոս:

Շէյխ Մուրատը չէ առնուեր, կեաւուրները կը դիմադրեն, հոն պիտի երթանք:

Մենք յաղթեցինք, գիւղն առինք. բայց կովեր ու եզներ կար. գացէ՛ք, առէք…

Աւելի արագութեամբ Չէրքէզները ճամբայ առին դէպի Շէյխ Մուրատ, ու մենք միւս կողմէն ուղղուեցանք Ատանայ:

Շէյխ Մուրատցին չվառած սիկառէթը դարձուց մատներուն մէջ եւ սպասեց, որ մեր նօթերը վերջացնենք, ու յետոյ ճակտին կնճիռներն աւելի փոթտելով, խորհրդաւոր ձայնով մը ըսաւ.

Ո՛չ սիրտ պակսեցաւ մեր մէջ, ո՛չ բազուկ. բայց զէնք չունէինք:

Մինչեւ իրիկուն ուշ ատեն, կը շարունակենք հագուստներու բաշխումը, ու բոլոր ժամանակը միտքերնիս կը տատանի Ապտօղլու ջարդէն Շէյխ Մուրատի ինքնապաշտպանութեանը վրայ: Մեքենաբար մեր ձեռքերը կը գործեն, ծրարներ կը կազմենք, թիւեր կը գրենք եւ մեր պակսած նիւթեղէններուն փոխարէն փուսուլաներ կուտանք, որոնք թանկագին առարկաներու պէս այրիները կը կապեն իրենց քօղերուն ծայրը. ու ամէնքն ալ, մեր մէկ քաջալերութեան վրայ, խօսքի կը բռնուին ու կը պատմեն իրենց ողորմելի պատմութիւնները…: Շատ անգամ հեռու տեղերէ եկած են միմիայն այդ նպատակաւ եւ չենք կրնար զիրենք մերժել մտիկ ընելէ` հակառակ, որ ժամանակը կ՚անցնի եւ դուրսը դեռ անհամար կարօտեալներ կան, որ իրենց կարգին կը սպասեն: Երբեմն երեք-չորս հոգի մէկէն կը խօսին` իւրաքանչիւրը մեզմէ մէկուն կառչած, ու հաւատարմութեամբ եւ մանրամասնութիւններով կը պատմեն ինչ որ տեսան ու ինչ որ կրեցին, ու կարծես այսպէս ընելով համոզուած են, որ պարտք մըն է, որ կը հատուցանեն մեզի: Այսպէս` մինչ այրի մը ինծի կը խօսէր իր ողորմելի կեանքին վրայ, միեւնոյն ատեն անդին կը լսէի գիւղացիի մը` Աղզը Պէօյիւքէն, որ կ՚ըսէր.

Շէյխ Մուրատէն չորս ժամ հեռու ըլլալով, տուներուն վրայէն կը տեսնինք ամէն բան. նախապէս անոնք մեզի համոզած էին, որ երթանք միանանք իրենց հետ ու միասին դիմադրենք. վախցանք ու մտիկ չըրինք. վերջապէս Արապքէօյէն եկան, սպաննեցին ու թալլեցին:

Օրը կը տարաժամի ու մեր գործը չվերջանար եւ մեր լսած բոլոր ահռելի եղելութիւններուն մէջ, աւա՜ղ, Շէյխ Մուրատի նման պատմութիւն չի կրկնուի այն օրը:

 

Ուշ ատեն յայտարարեցինք, որ այդ օրուան բաշխումը վերջացած էր: Եկեղեցիին բակը խռնուած ամբոխին վրայէն դժգոհութեան դող մը անցաւ. երկարօրէն գանգատելով եւ տրտնջալով ողբացին իրենց թշուառութեան վրայ եւ խումբեր կազմելով իւրաքանչիւր գիւղացիները` հեռացան կամաց կամաց:

Վերջալոյսը զովութիւն եւ խաղաղութիւն կը բերէր մեզի գոնէ քանի մը ժամուան համար: Մենք, վերջացնելով ծրարելէ մնացեալ իրեղէնները, լռին կ՚արտորայինք, երբ սուր եւ պատռող ձայն մը մեզի ցնցեց ու հարկադրեց, որ թողլով ամէն բան դուրս ելնէինք: Սեւաւոր կին մը յորդառատ արցունք կը թափէր եւ կուրծքը կը բզկտէր. իր քովը մէկ քանի այրիներ կեցած գրեթէ անտարբերութեամբ կը դիտէին անոր տագնապը: Անդին, կոյր կին մը պատին կրթնած, միօրինակ ձայնով օրօր կ՚երգեր, ո՜վ գիտէ, որ անյետացող սիրելիին համար. եւ որովհետեւ բան մը չէր տեսներ. երգը միայն այն ատեն կը դադրէր, երբ սեւաւոր կնոջ ճիչերը կը բարձրանային:

Ձայնը դեռ ականջիս մէջ է՜… ամա՜ն…:

Լացող կինը սպառած իր դժնդակ վերյուշումներէն, գետին նստեցաւ եւ միջոց մը չկրցաւ ոչ խօսիլ, ոչ լալ. երկու ձեռքերը ծունկներուն կը զարնէր ու ինչպէս եթէ շնչասպառ ըլլար, գլուխը դէպի ետեւ կ՚իյնար, վիզը կը ձգտէր ու խռպոտ ձայնով կ՚աղաղակէր.

Ամա՜ն… ամա՜ն…

Անկարելի է երեւակայել, թէ մարդկային դժբախտութիւնը ի՞նչ սահմաններու կրնայ հասնիլ: Երբ իր սեւ, արցունքով լեցուն, ցաւագին աչքերը դէպի մեզ դարձան, գլխապտոյտ պատճառող յուզմունքով մը խռոված զգացինք ինքզինքնիս: Մեր ընկերներէն մէկը գնաց զինքը առաջնորդարանի սենեակը բերելու. ու մինչ անիկա ձեռքէն բռնած կը քալեցնէր, սգաւոր կինը տղու պէս կը դեդեւէր ամէն մէկ քայլին:

Ամա՜ն… ամա՜ն…

Երկար ատեն ուրիշ բան չլսեցինք. ամէն անգամ, որ կը փորձէր խօսիլ, ձայնը կը մարէր, հեծկլտանքներէն շնչահեղձ կ՚ըլլար, որ երբեմն ալ աչքերը խենթի մոլորուն նայուածքը կը ստանային: Զինքը տեղաւորեցինք, ո՛րքան կարելի էր, հանգիստ դիրքի մէջ եւ ջանացինք ամոքել իր ցաւի տագնապը, ու իր խօսելու փափագէն առաջ եկած ջղային ցնցումները հանդարտեցնելու համար, պահ մը հեռացանք իր քովէն: Քիչ յետոյ ընդարմացած իր վշտէն, գլուխը կռթնցուցած թեւին կը քնանար: Իր արտակարգ կերպով տժգոյն դէմքին վրայ, արտեւանունքը կապտացած կ՚իջնային կիսովին եւ բացուածքին մէջէն կ՚երեւէր աչքերուն ճերմակը, որուն վրայ երբեմն կ՚իյնար բիբը, մեռած, տմոյն, կոյրի բիբի պէս:

Գիշեր էր եւ մոմի դողդոջուն լոյսն աննկատ կերպով կը լուսաւորէր Առաջնորդարանի սենեակը: Կինն արթնցած էր իր ցաւին մէջ, բայց որովհետեւ իր տագնապը մեղմացած էր, կրցանք գիտնալ իր մղձաւանջային պատմութիւնը:

«Զատկին երրորդ օրն ամուսինս մեկնեցաւ Զիամէթ գիւղէն, քաղաքէն փայտ բերելու համար հետն ունենալով Քէլ Մուսրուխ, նոյն գիւղացի երկրագործ մը. իրիկուան դէմ գիւղացիներու միջոցաւ լսեցինք, որ ամուսինս սպանուած էր իր ճամփու ընկերոջը ձեռքով: Չգիտնալով, թէ դեռ ինչե՜ր կան գրուած մեր սեւ ճակտին վրայ, մեր բոլոր արցունքներովը լացինք մարդս: Հետեւեալ առտու խռովութիւններու լուրը հասաւ մեզի, բայց մեր բարեկամներէն թուրք մը եկաւ մեր տունը, պաշտպանեց եւ մինչեւ իրիկուն թոյլ չտուաւ ոչ ոքի մօտենալ: Աղջիկներս ու տղաս 18 տարեկան ա՜խ… եավրում… շուրջս նստած էին ու մէկիկ-մէկիկ մտքերնին կը բերէին իրենց հօրը խօսքերը, փափաmները. «Այս ձմեռ այսպէս պիտի ընէր, այս օրերս այնպէս պիտի ընէ՜ր: Վա՜յ, վա՜յ… ինչպէ՞ս մեռաւ, ի՞նչ զէնքով զարկին» բան չէինք գիտեր: Ամէնքս ալ պատի պէս ճերմկած էինք, ու երբ աղջիկներես մէկը ոտքի կ՚ելլար, բերիի պէս բարակ կ՚երեւար աչքիս…:

«Հեռուէն հրացանի ձայներ կուգային, դուրսը շուները կուլային ու մեր դրանը մօտիկցած ատենին բերաննին բաց կը մնար ու կ՚ոռնային ժամերով…: Մեզ պաշտպանող թուրքն իրարանցումի մէջ էր. դուրսէն մարդիկ կուգային, կը խօսէին, կը փսփսային ու կ՚երթային շուտով. ձեռքերնին սեւցած, աչքերնին դարձած, բերաններնին փրփրած…: Առտուան դէմ վախնալո՞վ, թէ նոր հրամանի մը մտիկ ընելով, չեմ գիտէր, մեր բարեկամ թուրքը մեզ առանձինն ձգեց ու մեկնեցաւ: Քիչ ետքը եկան… ամա՜ն… ու ամէն բան թալանի տուին: Երբ խանութը եւ տունը պարպուած էին, խանութին սեփականատէրը եկաւ, դուռները գոցեց, կնքեց ու բոլոր տետրակները տարաւ հետը:

Մինակ մնացած ու անմխիթար, հետզհետէ զգացինք, որ մեր ցաւին վերջը չէ եկած, մալս հոգս չէր… աչքիս չ՚երեւցաւ բայց զաւակներուս վրայ կը նայէի ու սիրտս կը փլէր…: Անկէց ետքը չեմ գիտէր, թէ արցունքս որի՞ համար կը թափէի…:

Իրիկուան դէմ Աղզը Գանլը Մէհմէտ աղա, գիւղին մխթարը, եկաւ եւ համոզեց մեզի, որ իր տունը ապաստանինք:

Տունս վերան ըրի՜ն, սիրտս մոմի պէս կը վառի, կը հատնի կո՛ր… մարդս սպաննուած է, աշխարհիս վրայ անտէր անտիրական մնացի… հոս ապրել, հոս ուրախացել եմ, տանս սեմէն դուրս չ՚ելած` թող հոգիս տամ… մեզի հոս ձգէ՛:

Ատեն մը լուռ կեցաւ, տատամսեցաւ, աչքը կը պտտցնէր մէյ մը տղուս, մէյ մը աղջիկներուս վրայ. իր ձեռքը մեծցեր էին, իր տղաքներուն, իր թոռներուն հետ խաղցեր էին: Հասկցայ, որ ներսիդին կռիւ կար. հեւալով շունչ կ՚առնէր եւ քրտինքն անձրեւի պէս կը վազէր ճակտէն:

Օ՜ֆ… օ՜ֆ, ըսաւ վերջապէս, ծնած օրերնիս անիծուած օր է եղել, ճակատներուս գիրը սեւ է, դուք մէկ ցաւով, մենք ուրիշ ցաւով կ՚այրինք կոր…

Յետոյ դէպ ի ականջիս ծռելով գլուխը, ըսաւ դողդղալով.

Դուրսի ժողովները գիտեմ, ամէնքդ ալ պիտի ջարդեն, ես քեզի տունս տանիլ կ՚ուզեմ կոր, կ՚ուզէք եկէ՛ք, կ՚ուզէք մի՛ գաք, մեղքը ձեր վիզը…:

Ոտքին ինկայ ու աղաղակեցի.

Ես իմ կեանքս ապրէր եմ, մազերս ճերմկեր են, ինծի համար չէ, զաւակներուս համար քեզի կ՚աղաչեմ, իմ հայրս, եղբայրս, պաշտպանս դուն ես, քանի որ ուրիշ ճար չկայ, թող ուզածիդ պէս ըլլայ:

Ու տղաքներովս առաջքն ինկայ ու գացի մխթարին տունը:

Մեզի սենեակ մը դրին ու մխթարին ընտանիքը քաշուեցաւ մէկ կողմ: Կիները սարսափած էին ու մեզի տեսնելնուն պօռալով կը փախչէին, ինչպէս եթէ ոտքի վրայ կեցած մեռելներ ըլլայինք…: Ա՜խ, ա՜խ, հոն քով քովի սեղմուած նստեցանք գետինը եւ սկսանք լալ: Ձեռքերս տղոցս գլխուն վրայ կը դնէի, ամէն մէկը առանձինն կը շոյէի. տղաս Կարապետս, դիմացս առած երեսն ի վեր կը նայէի… ու ալ արցունքներէս էլ չեմ գիտէր, աղէկ մը չէի տեսնէր զինքը… կարօտս ծարաւի պէս կը չորցնէր կոկորդս, բերանս, եավրում…: Էրիկս մոռցեր էի այդ միջոցիս. բայց երբ ինծի կ՚ըսէին. «մայրիկ, հոս ապահովութեան մէջ ենք, ինչո՞ւ կուլաս». «հօրերնուդ համար է» կը պատասխանէի: Այն ատեն տղաքս ալ ձայներնին կը բարձրացնէին, ու ամէնքս մէկ Կարապետիս կը նայէինք:

Մեռելի պէս ճերմկած, ձեռքերը, ոտքերը դողալէն անիկա կը պտտէր սենեակին մէջ ու նորէն կուգար մեր դիմացը կը նստեր… Մուխթարին տունը մտնալուս քիչ ետքը դրացի թուրք մը եկաւ եւ ըսաւ.

Գէ՜շ… գէ՜շ, լուրերը շատ գէշ են… ամէն կողմ կրակի տուին, մաֆ ըրին, ալ հայ չմնաց, եկեղեցի չմնաց… միլլէթը կործանեցաւ, արմատէն չորցուցին:

Քիչ մը կեցաւ գլուխը շարժեց ու ըսաւ.

Եթէ մահմեդական ըլլաք, կ՚ազատիք, եթէ ո՛չ, յայտնի է, որ պիտի սպաննուիք:

Ես ու մեծ աղջիկս դիմադրեցինք:

Թո՛ղ այդպէս ըլլա՛յ… քանի որ ամէնքը մեռել են, մենք ալ կը մեռնինք. մեր արեւն այսքան է եղել. աւելին հարամ պիտի ըլլայ մեզի համար:

Թուրքը գլուխը կը շարժէր ու կը կրկներ.

Յայտնի է, որ պիտի ջարդուիք:

Այդ պահուն Կարապետս պատին կռթնած, ինծի կը նայէր. անանկ մը դեղնել էր, որ երեսին մսերն անգամ կը դողդողային… կամաց-կամաց մեզի եկաւ եւ ամէն մէկ քայլ առնելուն` բոլոր մարմինը կը ցնցուէր: Գիտես, որ քալելը մոռցեր էր, խօսիլը մոռցեր է՜ր… քանի մը անգամ բերանը բացաւ ու գոցեց, բայց ձայն չելաւ իրմէն:

Երբ մեր քովը եկաւ, ծունկերնուս փարեցաւ ու լեզուն բացուեցաւ. մէյ մը ինծի, մէյ մը մեծ քրոջը կ՚աղաչէր.

Դեռ տասնութ տարեկան եմ եւ կեանքը չեմ ապրա՜ծ, մեղքցէք ինծի… ապրիլ կ՚ուզեմ, ապրիլ, ապրի՜լ… իսլամ ըլլանք, ինչ կ՚ըլլայ ըլլանք, բայց ապրի՜նք… մայրի՛կ, ես մեռնիլ չեմ ուզէր:

Նախ, ես ու աղջիկս մերժեցինք, յանդիմանեցինք զինքը:

Ասանկ ապրիլը մեռնելէ գէշ է՜. ամօթ քեզի՜… հայրդ ի՞նչ ճամփէն որ գնաց, մենք ալ կ՚երթանք, մեր արիւնն աւելի կարմիր չէ՛…

Մայրի՜կ, ապրիլ կ՚ուզեմ… ապրիլ, ապրիլ…

Թուրքը մեր քովը կեցած էր, գլուխը կը շարժէր ու ատենը մէյ մը կը կրկներ.

Յայտնի է, յայտնի է, որ պիտի ջարդուիք:

Վերջապէս չդիմանալով տղուս աղաչանքներուն ու իր արեւին խնայել ուզելով, մահմեդականութիւնն ընդունեցանք:

Քիչ յետոյ մուխթարը եկաւ. դեռ տատամսոտ էր. աչքերը կը պտտցնէր աղջիկներէս տղուս վրայ եւ մեղքնալու երեւոյթ ունէր, թէեւ կը ջանար ուրախ ցուցնել ինքզինքը…

Իմացայ ու սիրտս ուրախութիւնով լցուեցաւ, ըսաւ աչքերն անդին դարձնելով. մէկ կոնքի մէջ եղբայրացած ենք. ա՛լ մեզի համար նուիրական էք… երանի՜ թէ ցաւի եւ վիշտի ամպը ձեր գլուխներուն վրայէն փարատած ըլլար…

Ատենը մէյ մը Կարապետին կը նայէր սեւեռած եւ ցաւոտ նայուածքով մը եւ, կարծես, յանկարծ սթափուելով` աչքերը կը դարձնէր գետին…

Միջոց մը ամէնքս ալ լուռ մնացինք։

Գէ՜շ… գէ՜շ…— ըսաւ վերջապէս միւս թուրքին պէս. դուք իսլամացաք եւ գլուխնիդ ազատեցիք… բայց կրնայ ըլլալ, որ չհաւատան ձեր հաւատքին վրայ… ժամերը, որ հնչելու են` սուգով եւ ցաւով յղի են… Փոթորկէ մոլեգնած ծովու պէս տեսայ զիրե՛նք… հրդեհի եւ արիւնի մէջէ քալէր էին մինչեւ մորթերնուն վրայի շապիկն արիւնոտած է՜ր:

Որո՞նք, ի՞նչ բան, ըսի սահմռկած:

Մուխթարն աչքերուս մէջ նայեցաւ, ու խորհրդաւոր ձայնով պատասխանեց.

Խուժա՜նը…

Յետոյ առաջարկեց, վստահութիւն ներշնչելու համար մեր թշնամիներուն, երկու աղջիկներս նիքեահ ընել թուրքերու:

Եարալը գայլի, պէս ոտքի ելայ ու գոչեցի.

Ադ բանը չպիտի ըլլայ, չի կրնայ ըլլալ. դուք սիրտ չունի՞ք, մարդ չէ՞ք, կեանքերնուդ մէջ ցաւ, վիշտ չէ՞ք ունեցե՜ր, ձեր սիրտը բնաւ չէ՞ կակղած ձեր զաւակներուն սիրովը. ի՞նչպէս ասանկ սեւ օրի մէջ ինծի այդպիսի բան կ՚առաջարկեք…:

Մուխթարը զիս հանդարտեցուց ու ըսաւ, որ նիքեահը պարզ ձեւակերպութիւն մըն է ու աղջիկներս պզտիկս 12 տարեկան երկու-երէք ամիս քովս կրնան մնալ եւ յետոյ ի՞նչ կ՚ըլլայ, ի՞նչ չըլլար:

Ու այդ պնդումին վրայ աղջիկներս նիքեահ ըրին:

Այդ գիշերը, սեւ գիշեր… անցուցինք լացով ու սուգով եւ սրտերնիս տարուբեր տարակոյսով եւ սարսափով: Հետեւեալ օրը պէրպէր Մուսթաֆա, որ Կարապետիս հետ գործի մրցակից էր, գացեր լուր տուեր է Գատիր էֆէնտիի ըրղատներուն, որ Աղզը Գանլըն իր տանը մէջ հայեր պահած է: Քիչ ետքն իրարանացում եղաւ գիւղին մէջ: Մենք բան մը չէինք գիտեր ու միայն մտիկ կ՚ընէինք դուրսի ձայներուն. հովի՞ ձայն էր, շունի ոռնո՞ց, թէ մարդերու ձայն… ամէնն ալ միասին… յանկարծ լսեցինք հրացանի հարուածներ, յետոյ լռութիւն. նորէն փոթորիկը փրթաւ, մարդիկ գազաններու պէս կը գոռային, նորէն հրացանի հարուածներ, քիչ մը լռութիւն:

Ոտքի ելայ, սենեակին դուռը բացի, սպասեցի. տանը թուրք կիներէն մէկը հոնկէ կ՚անցնէր.

Աստծոյ անուշ խաթերը համար ըլլայ, ի՞նչ կայ դուրսը, հարցուցի:

Մութ կարմիր եազմայով ծածկած էր երեսը ու չճանչցայ զինքը: Անիկայ նախ չուզեց պատասխանել, ու անցաւ, բայց քիչ ետքը կեցաւ, դէպի ինձ դարձաւ ու պահ մը լուռ մնաց: Երկու աչքերէն կայծակ կը ցայտէին. հակառակ որ անցքը կէս մութի մէջ էր, կարմիր եազմային տակէն կը տեսնէի անոնց լոյսը:

Հընզըր կեավուրնե՜ր, ըսաւ վերջապէս, ձեզի համար է, որ մեր տան խաղաղութիւնը խանգարեցաւ, կերած հացերնիս, քուներնիս հարամ եղա՜ւ… Շունի պէս կատղեր էիք. ձեզի՞ էր մնացեր գլուխ վերցնել. ահաւասիկ դրօշակը ձեռքերնին, ձիու վրայ հեծած եւ զինուած եկեր են գիւղը կոխելու… Ո՞ւր են ձեր ֆէտայինները, ձեր հուրրիյէթին պաշտպանութիւնը. յանցանքը ձերը չէր սակայն… ան հուրրիյէթին երկու աչքերը քոռնան, անիկա ձեզի գլխէ հանեց…

Միջոց մը շունչ առաւ եւ աւելի կատաղութեամբ շարունակեց.

Մեր թագաւորին յանցանքը ի՞նչ էր, գէշութիւնը ո՞րն էր… որ վար առիք տեղը ձեր հուրրիէթը դրիք… ձեր կեավուր հուրրիէթը՜…

Փորձեցի պատասխանել, բայց աւելի գրգռուած, գրեթէ գոչելով աւելցուց.

Որովհետեւ հուրրիէթն իսլամ չէ՛, իսլամ չի կրնար ըլլալ…:

Անբացատրելի աղաղակ մը խօսքերն ընդհատեց. չեմ գիտէր թէ կը խնդա՞ր, թէ կը շարունակէր հայհոյել. իր երկու աչքերը միշտ կը վառէին մութ եազմային տակէն:

Անիծուած մարդի՛կ, կոխած տեղերնիդ սուգ ու ցաւ կը տանիք. եկել են մեր տունը կրակի տալու ձեզի համար. ուղուրսուզ ներկայութիւննիդ ե՞րբ պիտի վերանայ մեր յարկին ներքեւէն… ինքնիրեննիդ ելէ՛ք գացէք, գլուխնուդ ճարը տեսէք, ուրիշներուն ալ փորձանք մի՛ ըլլաք:

Թուլցած ու տկարացած` լռիկ մնջիկ կ՚արտասուէի: Թուրք կինը գանգատելով եւ հայհոյելով հեռացաւ վերջապէս:

Այդ միջոցին էր, որ Աղզը Գանլն լուր էր ղրկէր, որ ես եւ Կարապետս, դրացի թուրքին տունը երթանք, այն թուրքին տունը` որ մեզի յորդորած էր մահմեդականութիւնն ընդունիլ, իսկ նիքեահլըները եւ երկու փոքրիկ աղջիկներս իր ընտանիքին քովը ձգենք:

Խուժանը մինչեւ մեր ապաստանած տանը սեմը հասած էր. բարձրադիր պատուհանէ մը երբեմն կը տեսնէի սեւ բազուկներ, հրացանի փողեր ու խուժանը կը գոռար կատղած գազանի պէս:

Ետեւի դուռնէն տղուս հետ, գետնին վրայէն սողալով, գացինք դրացի թուրքին տունը. հոն մնացին աղջիկներս, որոնք փսիաթներու տակ ծածկուեցան. վերջէն իմացայ, որ ջարդողները գտել էին զիրենք եւ դուրս հանել` սպաննելու համար: Բայց յանկարծ խուժանին մէջէն մէկը պոռացել էր. «Կիները պէտք չէ սպաննել. պառաւները, կոյրերը, խեղանդամները ձգեցէք ու մնացածը տարեք»: Բայց որովհետեւ լսել էին, որ երկու աղջիկներս նիքեահ եղած են դարձուցեր էին զիրենք մուխթարին տունը:

Յետոյ ամբոխը եկաւ մեր գտնուած տունը եւ պաշարեց, սպառնալով տնեցիներուն, որ եթէ կեավուրները դուրս չհանեն, տունը կրակի պիտի տան:

Այն ատեն տանը թուրք կիները կատղած եւ աչքերնին դարձած` վրանիս եկան ու մեզի դուրս քշեցին: Սեմին վրայ կեցած, երկու սուրին մէջ մնացեր էի: Կարապե՜տս, ա՜խ, մեռելի պէս ճերմակ էր եւ ոտքի վրայ չէր կրնար կենալ. մարմինովս ծածկեցի զինքը, աչքերս գոցեցի ու պոռացի.

Նախ ինձի սպաննեցէ՛ք:

Սեւ եւ չոր դէմք մը գրեթէ դպաւ իմ դէմքիս եւ ըսաւ խնդալով.

Կիները սպաննելու հրաման չկայ, դուն անդի՛ն կորսուէ՛:

Այն ատեն լսեցի խորդալու պէս ձայն մը. կարծես մէկը կը խեղդուէր. ետիս դարձայ, ամա՜ն… այդ րոպէն… ինչպէ՞ս ապրեցայ այդ րոպէն… մէկը Կարապետիս թեւէն բռնած կը քաշէր ու անիկայ կ՚ընդդիմանար, կը քաշքշէր գետնին վրայ. վերջապէս ինքզինքն ազատեց թշնամիին ձեռքէն ու այնպիսի ձայնով մը, որ ինծի անգամ անծանօթ թուեցաւ, գոչեց.

Ես իսլամ եմ, մարգարէին խաթերը համար ազատեցէք զիս…

Տղաս ինծի կը նայէր առանց ճանչնալու, կը նայէր ամբոխին, կը նայէր զինքը քաշող թշնամիին, կը նայէր եւ բերանը կը ծռէր բան մը ըսելու համար. շնչառութիւնն այնքան զօրաւոր էր, որ հեռուէն կը լսուեր…

Աղէ՛կ, աղէ՛կ, պատասխանեցին շատ մը ձայներ, քեզի թլպատելու կը տանինք կոր:

Ու քանի մը հոգի մէկէն վրան յարձակեցան ու սկսան քաշքշել:

Տղաս կրկին դիմադրեց. հագուստները պատռեցան, ծունկերը գետնին քսուելով սկրթուէր էին. անցած տեղին, հողին վրայ, արիւնի հետքեր կային:

Վո՜ւյ, վո՜ւյ կը գոչէր անիկայ ետին դառնալ փորձելով… մայրիկ, զիս սպաննելու կը տանին, մայրի՜կ… ես մեռնիլ չեմ ուզէր, վո՜ւյ, վո՜ւյ ես մեռնիլ չեմ ուզեր…

Ամա՜ն, ամա՜ն… անկէց ի վեր վայրկեան չըլլար, որ Կարապետիս ճերմկած դէմքը չտեսնեմ. ձայնը կարծես ականջիս մէջ մնացած է, իր հոգեվարքի պատկերն աչքերուս մէջ դրոշմուած է:

Ետեւնուն վազեցի, բայց չհասայ. ասդին անդին թափառեցայ… ամէն կողմէն ինծի կը թուէր, որ տղուս ձայնը կը լսեմ ու ճամփաս շփոթեցայ. ատեն մը ետքը դէմս ելաւ Սաֆիյէ հանմ, Աղզը Գանլին քոյրը. ձեռքէս բռնեց ու դէպի իրենց տունն առաջնորդեց:

Քեզի կը վայելէ աղջիկներուդ քովն ըլլալ, ըսաւ:

Կարապե՞տս, հարցուցի արցունքէս խեղդուելով:

Աստուծոյ ողորմութիւնը մեծ է, պատասխանեց…, շատ չտանջուեցաւ:

Գիտէի արդէն ու կը սպասէի, որ տղուս սպաննելուն լուրն առնեմ, բայց ականջներուս չհաւատացի… ցաւէս քար կտրած կեցայ Սաֆիէյին դիմացը:

—Նստինք, ըսաւ վշտացած ձայնով, ու ձեռքէս բռնելով ստիպեց, որ գետինը խոտերուն վրայ տարածուիմ. այդ միջոցին պատմեց ամէն բան:

Հոն էի ու աչքերովս տեսայ, ականջներովս լսեցի. մարդի գինովի ու խենդի պէս էին, զաւակն իր հօրը, եղբայրը եղբօրը զարնելու պատրաստ, այդպիսի գէշ րոպէներ կան Աստուծոյ մեզի սահմանած ժամերուն մէջ եւ այդ րոպէներէն մէկուն զոհ գնաց զաւակդ:

Եավրո՜ւմ… Եավրո՜ւմ կը գոչէի ես, արեւդ մարեցաւ, կեանքն այնքան քաղցր էր քեզի համար, ի՞նչ զէնքով զարկին, ո՞ւր տեղէդ զարկին, եարալը մարմինդ ո՞ւր մնաց, անգամ մըն ալ կեանք տայի քեզի… աչքերուս լոյսէն լոյս ա՛ռ, իմ շունչէս շունչ առ եւ չորս կողմդ նայէ՛, կշտացի կեանքէ՜ն… եավրո՜ւմ, ի՞նչ զէնքով զարկին քեզի…

Գետին եզերքը տարեր էին, պատասխանեց Սաֆիյէն ու հոն Կարապետը Հապիպին հանդիպեցաւ. «Մէկ հողի վրայ ծնած, մէկ երկնքի տակ ապրած ենք, Հապի՛պ, ըսաւ, աղի, հացի հախ կայ մէջերնիս. մէկ ամանէ կ՚ուտէինք, մէկ գաւաթէ կը խմէինք, խնայէ՛ երիտասարդութեանս»: Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ձեռքերը կապեցին: Հապիպ գօտիէն դանակը քաշեց եւ մօտիկցաւ…

«Ես դանակէն կը վախնամ, գետը նետեցէք ինծի», ըսաւ Կարապետ վերջին անգամ: Բայց Հապիպ ծիծաղելով մօտեցաւ ու դանակը մինչեւ կոթը ընկերոջը ծոծրակին մէջ խոթեց, յետոյ նետեցին զինքը… ամբոխը գետեզրը ժողվուած կը դիտէր, երկու անգամ արիւնոտ մարմինը ջուրին երեսը ելաւ եւ հոսանքէն քշուեցաւ, բայց Րեսուլուն օղլու Խտըր գոչեց.

«Գետին ջուրը կարմրեցաւ կեավուրին անցած տեղէն, դեռ ողջ ըլլալու էր» եւ երրորդ անգամուն, երբ Կարապետ ջուրին երեսը ելաւ` վրան հրացան մը պարպեց:

Երկինքը սեւցաւ ինծի համար, Սաֆիյէ՜…— ըսի թուրք կնոջը երեսն ի վեր լալով. Աստուծոյ բոլոր կայծակները ձեր ոճիրները չպիտի կրնան պատժել. ո՞ր օրը եւ ո՞ր ժամուն ձեր քաւութեան ժամանակը հասած պիտի ըլլայ, այրիին, որբին ու մօր արցունքներու մէջ պիտի խեղդուիք…

Քանի կը խօսէի, անիկայ կը տժգուներ. դողալով ձեռքս բռնեց ու մխիթարել փորձեց…

Մի՛ լար, մի՛ լար, շատ էզիյէթ չտուին, փառք տուր Ալլահին, գթած եղաւ ձեզի համար, դեռ ի՞նչ տանջանքներու մէջ մեռնողներ կան, ինչե՜ր պատմեցին… ամէն մէկուն եղունգներուն մէջ հայու արիւն կար:

Զիս առաւ, եղբօրը տունը տարաւ, ուր աղջիկներս մնացեր էին. իրարու քով եկանք ու սկսանք լալ: Այլ եւս մեզի մինակ չէին ձգէր, տանը կիներուն եկել միացեր էին դրացիներ ալ ու մեզ շրջապատած էին: Ոմանք կը հեգնէին մեր ցաւը. «Ո՞ւր է Հուրրիյէ՜թը…» ոմանք կը մեղքնային մեզ, իսկ ուրիշները կը յանդիմանէին.

Դուք ձեր հօր ու զաւկին վրայ չէ, որ կուլաք, միլլէթին համար է ձեր արցունքնե՜րը… ձեր թափած արտասուքին ամէն մէկ կաթիլին մէջ թոյն ու անէծք կայ մեզի համար…:

Կէս Ժամ ետքը թուրք կիներ եկան ըսին, թէ հարսներնին պիտի տանին:

Հանգիստ թողացէք մեզի, գոչեցի, ա՛լ սիրտ չունիմ, որ զարնէք անո՛ր… թողուցէք մեր կորուստներուն վրայ լանք:

Տեսնելով, որ ինծի մտիկ ընող չկայ, դիմեցի մուխթարին, յիշեցուցի իրեն խոստումը, բայց ան ալ ըսաւ թէ բան մը չի կրնար ընել, արդէն նոյն միջոցին թուրք կիներուն եկած միացած էին զինուած մարդիկ, որոնք բռնի տարին աղջիկներս ու ես ստիպուած հետեւեցայ իրեն:

Ամիս մը անցաւ այսպէս, ամուսինս եւ զաւակս սպանուած, աղջիկներս առեւանգուած, տունս տեղս թալլուած, այլեւս բան մը չունէի յուսալիք այս աշխարհիս վրայ, երբ օր մը զապթիյէ մը եկաւ եւ մեզի յայտնեց, որ եթէ գանգատելիք բան մը ունիք, իրեն ընկերանալով` կրնանք պատերազմական ատեանին դիմել: Առաջին անգամ սպառնալիքի տակ, բերանացի ըսինք, թէ գանգատ չունինք, բայց աչքս բացուեցաւ, յանցաւորները պատժել տալու ու աղջիկներս ազատելու եռանդէն դրդուած միջոց մը գտայ ու Ատանայ գտնուող պատրիարքական պատուիրակութեան լուր ղրկեցի ու մեր վիճակը բացատրեցի: Երկու շաբաթ ետքը կրկին զապթիյէ մը ներկայացաւ, լուր կար, հր թուրքեր կախուած էին… տիւշմանը սարսափի մէջ էր. մեզի թոյլ տուին, որ հետեւինք զապթիյէին, որու հետ Ատանայ հասանք:

Ինծի կթուէր, որ ինծի պէս դժբաղդ կին չկայ, բայց երբ հոս հասայ, հազարներով լսեցի նման պատմութիւններ, սուգս սիրտիս խորը ծածկելով երեք անգամ արզուհալ տուի Տիվանը Հարպին ու երեք արզուհալներս անպատասխանի մնացին: Այսօր վրաններու կողմերը գացեր էի, երբ մեր գիւղացի թուրքի մը հանդիպեցայ.

Ես ալ քեզի կը փնտռէի, ըսաւ դիմաւորելով ինծի. պզտիկ աղջկանդ ամուսինը ապսպրեց ինձի, որ քեզի ըսեմ, թէ պարապ բաներ են ըրածնիդ. լսէր է, որ աղերսագիր տուեր ես իրենց դէմ. Կարապետը եւ ամուսինդ սպաննողներու դէմ, բոլոր ատոնք զուր տեղն են. մենք, ահաւասիկ ազատ կը պտտինք:

Այս բանին վրայ աչքս դարձաւ, անմիջապէս կառավարչատուն վազեցի, զայրոյթս այնքան մեծ էր, որ դռանը սեմէն մինչեւ Տիվանը Հարպին գտնուած սենեակէն առաջք եղող բոլոր ծառաներուն արգելքները զիս չկեցուցին: Երբ սրահ մտայ, զբաղուած էին եւ ուզեցին զիս դուրս հանել, բայց անմիջապէս գոչեցի իմ բոլոր ցաւս, բոլոր գիտցածս: Գլուխս կը դառնար, զիրենք չէի տեսներ ու կը պատմէի: Ըսի, թէ ինչպէս քաշքշելով զաւակս տարին, ըսի, թէ ինչպէս դաշոյնը մտցուցեր էին ծոծրակին մէջ, ըսի կիներուն անսրտութիւնը, մարդոց անգթութիւնը, ըսի, թէ քանի մը անգամ իմ մայրական սիրտս խոցոտելէն ետքը, այսօր ալ զիս կը ծաղրէին, լուր կը ղրկէին, թէ արզահալի, Տիվանը Հարպի եւ այլնի վրայ յոյս չդնեմ, թէ իրենք ահաւասիկ ազատ կը պտտին, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ մինչեւ վերջը:

Բոլորովին լուռ էր սրահը, երբ խօսքս վերջացուցի, կարծեցի, որ մեկնած են, զիս մինակ ձգած են, բայց խելքս գլուխս եկաւ ու տեսայ զիրենք. տեսայ հոն սեղանին առջեւ նստած, որ ինձի մտիկ կ՚ընէին եւ յուզմունքէ քարացած էին:

Յանկարծ մէկը խօսեցաւ.

Մեռելները չեն ողջննար, ո՛վ կին, դուն մնացած զաւակներուդ մէջ մխիթարութիւն փնտռէ… գէշ հովի մը պէս չարիքն անցաւ եւ աւերներ գործելէ ետքը հեռացաւ… պէտք է անցեալը մոռնա՜լ…

Անցեալը՜… անցեալն իմ սպաննուած զաւակս է, իմ մորթուած ամուսինս է, իմ առեւանգուած աղջիկներս է՜… անցեալը կրակէ գիրերով գրուած է սրտիս մէջ:

Զինուորականներն մէկն ինծի կը նայէր ուշադիր եւ ամենէն աւելի յուզուած կը թուէր. պզտիկ մատովը երբեմն աչքին անկիւնէն կ՚աւրէր արցունքի հետքը ու շրթները ճերմկած էին. ու երբ յուզմունքը կը շատնար, դիմացը դրուած տետրակի մը վրայ կը նայէր իբր թէ կարդալու համար.

Դուք ալ երիտասարդ էք, ըսի, դուք ալ կեանքի սեմին վրայ կը գտնուիք, խորհեցէք թէ ի՛նչ բանէ զրկեցին զաւակս, իմ կեանքս այլ եւս բեռ մըն է երկրիս վրայ. մահուան մէջ միայն մոռացութեան կը յուսամ… ինչ որ իմ աչքերս տեսան ու ինչ որ իմ ականջներս լսեցին, կը բաւէին հարիւրաւոր մայրերու կեանքը թոյնի պէս դառնացնելու, եւ այլ եւս յուսալիք բան մը չունիմ, բայց եկեր եմ ձեզի ըսելու, որ արդար ըլլաք ու ոճրագործ բազուկները պատժէք…:

Եղածը եղած է, ո՞ր մէկը պիտի պատժենք, բաւական արիւն թափեցաւ արդէն… մոռցէ՛ք անցեալը:

Իրարու մէջ փսփսացին ու մէկն ինծի դարձաւ ըսելով.

Ձեր խանութին գոյքերը որո՞նք թալլեցին, տետրակները ո՞վ տարաւ, ինչքա՞ն առնելիք ունէիք գիւղին մէջ… Տիվանը Հարպը հարկ եղածը կ՚ընէ ձեզ վերադարձնելու համար նիւթական կորուստը:

Ես չեմ եկեր խանութիս եւ տանիս գոյքերը ուզելու, ես եկեր եմ ուզելու ձեզմէ, որ յանցաւորները պատժէ՛ք:

Աղէտէն առաջ քոյր եղբօր պէս էիք. մոռցէ՛ք պատահածը, ասկէ ետքն ալ քոյր եղբօր պէս պիտի ապրիք, վրէժխնդրութիւնը թշնամութիւն կ՚արծարծէ եւ խաղաղութիւնը երբեք չի վերահաստատուիր երկրին մէջ…: Ձեզի կ՚իյնայ բարի օրինակ տալ, ձեր կրօնքն իսկ կը պատուիրէ ձեզի, որ ձեր թշնամիները սիրէ՛ք…

Եւ որովհետեւ արդէն մոռնալով պատմութեանս տպաւորութիւնը, անհամբերութեան շարժումներ կ՚ընէին, քօղս հանեցի, գլուխս բաց եւ ըսի.

Քանի՛ որ դուք չէք ուզէր տեսնալ մեր դատը, թող Աստուած դատէ ձեզի եւ դուք մինչեւ ձեր հեռաւոր սերունդներուն մէջ անիծուած ըլլա՛ք:

Սրահը դարձաւ շուրջս, շարժող աթոռի ձայներ խլացուցին զիս… ոտքի ելան ու կրկին նստեցան ու այդ միջոցին ինծի կը թուէր, որ աշխարհիս չորս կողմէն ձայնս կը լսէի:

Անիծուած ըլլա՜ք… անիծուած ըլլա՜ք:

 

Ինչ որ ալ ըլլար Ատանայի բարեկեցիկ եւ նոյնիսկ հարուստ ժողովուրդին դժբախտութիւնը, անոնց, որ մէկ օրէն միւսը մոխիրի վրա նստած էին, ինչքան ալ սրտակեղեք ըլլար որդեկորոյս մայրերու, այրիացեալ կիներու ապշահար եւ ցաւագին տառապանքը, ինչքան որ մղձաւանջային սոսկումով մը մեզ համակէին շրջակայ գիւղացիներու հուրի եւ սուրի պատմութիւնները, աւելի դժբաղդ, աւելի անտէր, մոռցուած եւ անտեսուած տարր մը կար Կիլիկիոյ մոխիրներուն վրայ: Ասոնք դրսեցիներն էին, որոնք Հայաստանի այլեւայլ գաւառներէն եկեր հաստատուէր էին հոն եւ մշակութեամբ կը պարապէին:

Շատեր հասած էին Կիլիկիա, արդէն ջարդէ եւ հուրէ փախելով, շատեր հասած էին Կիլիկիա, իրենց ընտանիքին անդամներէն մեծագոյն մասը զոհ տուած, արդէն սգաւոր եւ սրտերնին ցաւած, յաճախ անմխիթար եւ միայն ներքին անդիմադրելի բնազդէ մը մղուած կեանքի դառնալու համար: Ինչո՞վ կ՚ապրէին. գրեթէ ոչինչով, ինչի՞ կը ձգտէին. հայրենիք վերադառնալ. արհամարհուած եւ անտեսուած տեղացիէն, որուն մէջ խորթ եղբայրներ միայն գտեր էին, անոնք իրենց ողորմելի գոյութիւնը կը քաշքշէին զբաղուելով գրեթէ միայն երկրագործութիւնով. իրենցմէ մաս մը հաստատուած էր Կիլիկիոյ մէջ, ուրիշ ստուար մաս մը, սակայն` կուգար ամէն գարնան եւ մշակութեան եղանակը աւարտելուն` աշնան վերջերը կը դառնար հայրենիք: Երբ ձմեռուան ամիսները կ՚անցնէին եւ Կիլիկիան գաղջ կլիմային շնորհիւ գարունը կը ծանուցուէր վաղահասօրէն, ամէն կողմերէն, ճերմակ ճամբաներու վրայէն ծայր կուտային իրենց խեղճ եւ ողբալի քարաւանները, գլգլեակներով ծածկուած, անօթութենէ կմախքցած ու աչքերնին վառ յարատեւօրէն վերադարձի յոյսերով:

Այն տարուան եկողները հայրենիք չվերադարձան. որովհետեւ աղէտին առաջին եւ անվրիպելի զոհերը եղեր էին. շրջակայ գիւղերուն մէջ յաճախ պատահէր էր, որ իրենցմէ ոչ մէկը յաջողէր փախուստ տալ կամ որեւէ կերպով ազատուիլ:

Նոյնպէս Ատանայի մէջ` դուրսեցիները անտէր ու անտիրական, յաճախ դիզուած խաներու մէջ, դիւրին զոհեր եղեր էին թշնամիին ու եթէ շրջակայ գիւղերու մէջ իրենց ծայրայեղ թշուառութեան հետեւանքով կամ զիրենք աշխատցնող հողատէրներու վատութիւնով, զէնքէ զուրկ, անկարող դարձեր էին ինքնապաշտպանութեան, ընդհակառակը Ատանա քաղաքին մէջ առիւծի պէս կռուեր էին յաճախ:

Իրենցմէ մնացեր էին միայն ողբալի այրիներ ու որբեր, ասդին անդին վիրաւորուած, խեղանդամուած այրեր, ծամածռած բերաններով, խենթի աչքերով եւ կնճռոտած ճակատներով:

Հակառակ, որ նպաստի օրերու մէջ մեր մտահոգութեան առաջին առարկան իրենք էին, անոնք չէին յաջողեր հասնիլ մեզի, որովհետեւ Ատանացի աղէտեալներ արգելք կ՚ըլլային, զիրենք կը հեռացնէին առաջին շարքերէն. «Զուլումէն առաջ ալ այսպէս էիք, դուք ի՞նչ ունէիք, որ ի՞նչ կորսցնէիք… ղրկածները մեզի համար են, ձեզի համար բան չկայ», - կը գոչէր օր մը քաղաքացի այրի մը դրսեցիի մը:

Չարագուշակ, լռին, ազնուական ու իրենց չքաւորութեանը մէջ խրոխտացած այն մասնաւոր հպարտութեամբ, որ անարժանի դժբախտութիւնը կուտայ կարգ մը մարդոց, անոնք կը կենային գրեթէ ամէն օր ճամփան վրայ: Քիչ կը խօսէին, քիչ բան կը պատմէին, բայց իրենց նայուածքներուն տխուր քաղցրութիւնը կը հաղորդուէր մեզի, երբեք այնքան դիւրաւ եւ այնքան առատութեամբ բարեբար արտասուքը չէր ժայթքէր մեր աչքերէն, որքան իրենց մօտ: Մեր յարաբերութիւնները դիւրացնող գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ իրենց հայախօս ըլլալն էր. ի՛նչ սփոփանքով, գրեթէ ակնածանքով կը լսէինք իրենց զանազան գաւառներու յատուկ շեշտը ու ասացուածքները. Էրզրումցին իր մաքուր եւ կտրուկ նախադասութիւններով, պայծառ եւ թափանցիկ իմաստով. Խարբերդցին` իր եղանակին սրտառուչ երաժշտութեամբ, որ իր բոլոր խօսքերում արձակ բանաստեղծութեան մը տխրագին ելեւէջը կը տար, Ակնցին` իր երգող, մանուածապատ եւ երկդիմի խօսուածքով, որ միշտ տարտամ, անըմբռնելի եւ անսահմանելի իմաստով մը կը վրդովէ քեզ ու խօսքը վերջացուցած ատեն կը կարծես, թէ ընդհակառակը պիտի սկսի, Բաղեշցին` իր գոռ, առնական եւ հատու շեշտով ու Մշեցին` իր երկարաձգուող լացի եղանակով, որուն ոլորտներուն մէջ ժպիտ կայ սակայն, ինչպէս մանկական արցունքի մէջ:

Շատ անգամ մեր լսածը նոր աղէտի մը պատմութիւնը չէր, իրենց ամէն մէկերնուն յիշատակները թրծուած էին անցեալ սուգով եւ ցաւով. ամէն մէկ յիշողութեան ոստում արցունքով կը ծանուցուէր. ծներ, մեծցեր ու ապրեր էին վշտի մէջ եւ արեւին իրենց բաշխած ամէն մէկ տարին տառապանքով բեռնաւոր էր: Երբ իրենց զաւակները յիշէին, չէին կրնար մոռնար, որ հողին յանձնուած են. երբ իրենց սեւ հարսնիքները յիշէին, չէին մոռնար այն բոլոր վիրաւորանքները, որոնց ենթարկուած էր իրենց նոր հարսի խպնոտութիւնը, կերած հացերնին ու խմած ջուրերնին արիւնոտ եղած էր եւ կեանքը դառնահամ եւ թունաւոր պտուղի մը պէս էր իրենց համար:

Ինչպէս որ եկեր էին, ձգտելով փախչիլ իրենց ճակատագրէն, յաճախ աննպատակ, բռնելով դիմացի ճամփան, հալածուած անօթութենէ, սուգէ, սարսափէ, այնպէս ալ կրկին, հիմա կ՚ուզէին մեկնիլ: Ցրուած ու կոտորուած ընտանիքներու բեկորները կը միանային իրարու, հէմշէրիներու խումբեր կը կազմէին ու հաւաքաբար կ՚ապրէին, հաւաքաբար կը ծրագրէին, հաւաքաբար ճամփայ կ՚ելլէին: Իրենցմէ իւրաքանչիւրը կարծես կորսնցուցած էր այլեւս մարդկային կամքի, անհատական ուրախութիւններու եւ ցաւերու գաղափարն իսկ, ամէն մէկն առանձին` մարդկային խլեակ մըն էր, շուարուն, կորսուած: Ու ինչպէս ուղեկորոյս թռչունը` իր երամին, անոնք կը դառնային իրենց հէմշէրիներու խմբակին: Ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կարէնայինք թօթափել զիրենք դարաւոր տառապանքի թմրութենէն, վերադարձնել զիրենք մարդկային հրայրքներու, վառել իրենց աչքերը լոյսով, պարզել իրենց սեւագիր ճակատները, յոյս եւ ժպիտ տալ իրենց մեռած ու անէծքէ չորցած շրթունքներուն: Մէկ բան միայն զիրենք կը դղրդէր այդ ուղղութեամբ, վերադարձը դէպի հոն, ուր ծներ ու մեծցեր էին, հոն ուր` արդէն անգամ մըն ալ վառէր էր այս նոյն կրակը, հոն` ուր ձգէր էին իրենց արտերը, իրենց սիրելիներուն գերեզմանները, այն ծառերը` որոնցմէ յաջորդաբար իրենց հօրը, իրենց զաւակներուն օրրանները կախուած էին, կարկաչող ջուրերը, անցնող քամիները, սաւառնող ամպերը, սարերը ու ձորերը… ու հայրենիքի սփոփարար յիշատակը կը մաքրէր ու կը սրբէր իրենց հոգիէն հոն կուտակուած թոյները, քէները եւ ոխերը:

—Վաթա՜ն, հողիդ ղուրբա՜ն… արիւնս հոս թափելու տեղ` թող քու ծոցիդ մէջ թափի՛…

Նիւթական, ճղճիմ դժուարութիւններ արգելք կ՚ըլլային իրենց: Մենք մեր բոլոր ջանքերը կ՚ընէինք իրենց օգնելու համար, եւ երբեմն կը յաջողէինք ճամբայ հանել զիրենք:

Երկար փոշոտ ճամբուն վրայ` ուրկէ եկեր էին մշակներու խումբեր, զինուած երկրագործական տարրական գործիներով, առողջ եւ հուժկու, յոյսով եւ աշխատութեան կամքով ոգեւորուած, երազելով խարտեաշ հնձաններուն, բերքերու առատութեան եւ այգեկութներու օրհնեալ եւ բերկրալի ճոխութեան վրայ, հիմա կ՚երկարէր շարքը վերադարձողներու քարաւանին: Կզակնին լաչակով կապած եւ մարմիննին ցնցոտիներով ծածկած կիներ… դարձեալ կիներ… արեւին տակ ճերմակ քօղերը հեռաւոր ոչխարներու հոտի մը երեւոյթով կը վէտվէտի… մէկ քանի անդամահատ կամ հիւանդկախ մարդիկ, տժգոյն եւ չոր դէմքեր, ցամքած շրթունքներ. քարաւանին առաջքէն քովերէն ու ետեւէն որբեր, որբեր, որբեր… անոնք բոկոտն են եւ գրեթէ մերկ ու գլուխնին բաց արեւին տակ: Քարաւանը կը յառաջանայ յամրաքայլ ու հանդիսաւոր. ամէն մէկ գլուխ դագաղի պէս է. մեռելներու յիշատակներ կան հոն, սիրուած մեռելներու, քաջի պէս մեռնողներու: Ողբեր ու լէժանտներ կը տանին իրենց հետ, արտասուք եւ հպարտութիւն ունին միանգամայն աւանդելիք…: Ճամփան երկար է ու իրենք տժգոյն ու վատթարացած. պիտի հասնի՞ն արդեօք… ո՜րքանը ճամբան պիտի մնան եւ ո՜րքանը պիտի յաջողին վաթանին հողը համբուրելու… եւ յետոյ ի՞նչ խեր կայ իրենց մահամերձի, իրենց խելագարի, իրենց ուրուականի ներկայութենէն:

Կարաւանին առաջքէն, քովերէն, ետեւէն ահաւասիկ, տղաքը կ՚ոստոստեն, կը վազվռտեն… ցնցոտիներու պատռուածքներէն մարմինները կը յայտնուին ամուր եւ պինդ պողպատի պէս. անոնք չեն ճանչնար սուգը եւ տէրտը, կ՚արհամարհեն արեւին սլաքները, տօթակէզ եւ անշնչելի օդին ծանրութիւնը, մերկ ոտքերուն ներքեւէն երկարող ճերմակ եւ կիզիչ ճանապարհը: Անոնք կ՚երթան ճակատնին դարձուցած նպատակին, հոգինին զեղուն եռանդով եւ յոյսով, կ՚երթան դէպ ի հայրենիք, որի մասին լսեր են շատ մը հեքիաթներ մամիկէն ու մայրիկէն. կ՚երթան դէպի խոստացուած հորիզոնները, դէպի երազուած սարերը, ակնկալուած քաղցրութիւնները հայրենի հողին ընծայած պտուղներուն…

Ու սգաւոր կարաւանը այրիներուն, որ իր որբերը կը տանի դէպի հայրենիք, հետզհետէ տօնական երեւոյթ մը կը ստանայ մեզի համար ու սրտերնիս կը յուզուի անբացատրելի եւ ուժգին զգացումով մը:

Բարի երթա՜ք… բարի երթա՜ք…:

Ճերմակ ու երկար ճամբուն վրայ այլեւս չենք տեսնէր զիրենք… երկար ատեն է, որ հեռացած են, բայց դեռ մեր աչքերը խոնաւ են ու մեր շրթունքները` դողդոջուն մաղթանքներով: Ու այս անգամ գոնէ, գերագոյն յոյս կը բարեխառնէ մեր ցաւին դառնութիւնը:

 

Վերադարձին` աւերուած քաղաքին փողոցներուն մէջ կը հանդիպինք ուրիշ հէմշէրիներու խմբակներու: Էրզրումցիներ կը դիմաւօրէն մեզ. կայտառ եւ ուժեղ կիներ են, ցնցոտիներու մէջ իսկ գեղեցիկ, կանոնաւոր դիմագծերով եւ սեւ, արտայայտիչ աչքերով. բազմաթիւ ծամեր, մանր, մանր հիւսուած կը ծածկեն իրենց քամակները եւ կը հասնին մինչեւ կողերնուն. կենսաւէտ եւ առոյգ արիւն մը կը շիկնեցնէ իրենց լեցուն այտերը ճերմակ լաչակներուն ներքեւէն: Նորածին մը հանգչած է դեռատի մը մօր կուրծքին վրայ եւ մինչ ան կը խօսի, կը շարժի ու կը քալէ, մանկիկն անայլայլ լրջութեամբ կը շարունակէ ծծել մօրը կաթը: Նոր հարս է ու այրի. տղեկին հայրը յոյսով եւ երջանկութեամբ լեցուն սպասել է առաջնեկին ծնունդին, ու հիմա ո՞վ գիտէ ո՞ր սարին վրայ, ո՞ր գետին ջուրերուն մէջ կը հանգչին իր խոշտանգուած մարմնին մնացորդները: Մինչ տարէց կիներ կը պատմեն այլեւս մեր ականջներում ընտանի դարձած այդ պատմութիւնը, նոր հարսն իր լաչակին ներքեւ կ՚արտասուէ անշշուկ:

 

Առաջնորդարան մտած պահերնուս` երկու արիւնոտ եւ ցաւագին աչքեր կը դիմաւորեն մեզ. հանդարտ, լուրջ եւ լռին տառապանք մըն անշարժացուցեր, մարմարային տժգունութիւն եւ կարծրութիւն տուեր է կնոջային դէմքի մը, որուն տարիքը կը խուսափի մեր ուշադրութիւնէն: Ցաւի նո՛յն դիմակը կայ ամէնուն դէմքին վրայ. նո՛յն աչքերը, նո՛յն կծկուած եւ քարացած մկանունքները, նո՛յն ճերմկած կամ կապարագոյն դարձած շրթունքները. նոյն կանխահասօրէն ճերմկած կամ փեթռտուած մազերը: Ինչպէ՞ս որոշել երիտասարդը պառաւէն, սգաւոր մայրը այրիէն. կարծես երկաթեայ եւ անողոք ձեռք մը, նման ձգտումով, սեղմած ու ցամքեցուցած էր իրենց կենսականութեան աղբիւրը:

Լաչակին ներքեւէն, ո՛րը մեքենական շարժումով մը կը քաշէր դէպ ի դէմքը` ծածկելու համար զայն, կ՚ընդնշմարենք խոհուն ճակատը արկածեալ կնոջ եւ իր վիրալի աչքերուն խորը կը ճանչնանք դարաւոր տառապանքով ազնուականացած հայ կինը: Դրսեցի է. Խարբերդէն. ո՛չ մէկ օր չէր եկած անիկա եկեղեցիին բակը նպաստ խնդրելու, մեր բժիշկ ընկերներէն մէկը հանդիպէր էր իրեն ու մեզի յանձնարարել այդ խպնոտ թշուառութիւնը: Ժամադրութիւն տուեր էինք նպաստի ժամերէն դուրս միջոց մը, այնքա՛ն իր ամչկոտութեան խնայելու, որքան լսելու իր խրոխտ, ցաւագին եւ աննշմարելի անցած պատմութիւնը: Իր գերազանց պարզութեամբը անիկա չէր խորհեր, իսկ թէ ինչ թանկագին դրուագ կը ներկայացնէր բոլոր մեր լսած ջարդի, հուրի, նուաստութեան եւ անմարդկային վայրագութիւններու պատմութիւններուն մէջ:

Երբ իրեն հետ առանձնացանք ու զինքը հրաւիրեցինք նստիլ մեր դէմ, դողդոջուն ձեռքերը սեղմած կուրծքին վրայ, պահ մը նայեցաւ մեզի խորունկ, եւ անբացատրելի նայուածքով մը: Այդ բանը յաճախ կը պատահէր արկածեալներուն. կարծես սկսելէ առաջ իրենց անլուր, անհաւատալի, անըմբռնելի պատմութիւնը, կը ձգտէին հաղորդակցութեան մէջ մտնալ մեր հոգեկան կացութեան հետ, իրենց ցաւին էութիւնը իսկ հաղորդել, որպէսզի իրենց տէրտն իմանալի դառնար մեզի, ու ամէն անգամ` անվրիպելի կերպով կը յաջողէին: Նոյնատեսակ յուզմունքի ալիք մը կը վրդովէր մեր սիրտը, իրենց հառաչանքներուն, իրենց աղաղակներուն կշռոյթը կը զգայինք նախապէս մեր դղրդուած ցեղային բնազդին մէջ ու իրենց արդէն թափած արցունքներուն դառնութիւնը կ՚այրէր մեր կոպերը: Իրենց հետ կը կուրանայինք ու կը խլանայինք, ու ամբողջ աշխարհ կը խուսափէր մեզմէ: Այլ եւս ի՞նչ փոյթ այս կամ այն կնոջ պատմութեան մանրամասնութիւնները, դեռ չը լսած գիտէինք, ինչպէս եթէ մեր ենթագիտակցութեան մէջ արդէն հոլովուած ըլլային անոնք, ու բոլոր միջոցին, որ կը խօսէին, անբացատրելի զգայնութիւն մը կ՚ելեւէջէր մեր մէջ համապատասխան իրենց վշտի սարսուռներուն: Այսպէս էր, որ թերեւս, յաճախ, անկարող կը դառնայինք զիրենք մխիթարելու, իրենց ցաւը ամոքելու, որովհետեւ փոխանակ զիրենք մոռացութեան առաջնորդելու, այրիներուն հետ կուլայինք, որբերուն հետ որբացած կը զգայինք ինքզինքնիս, պայքարողներուն հետ կը խիզախէինք, ըմբոստներուն հետ կ՚արհամարհէինք եւ ստրկացածներուն հետ նսեմացած ու կոխոտուած կը զգայինք մեր հոգիները: Ու այս յարափոփոխ եւ դժնդակ ուժգնութեանը մէջ մեր հրայրքներուն, մէկ վայրկեանի մէջ կ՚ապրէինք դարեր ու ամբողջ ցաւը ժողովուրդի մը հաւաքական դժբախտութեան:

Խարբերդցի կնոջ աչքերը տամկացած էին արիւնախառն արցունքով մը, եւ պղտոր բիբերը գետին խոնարհած, լաչակին ծայրովը կը սրբէր այտերուն իջած թարախոտ խոնաւութիւնը: Մէկէն գլուխը բարձրացուց եւ իր լայն ճակատը դարձուցած մեզի` խօսեցաւ.

Գաղթական էին ու հաստատուած Կիլիկիոյ մէջ հայկական կոտորածներէն ի վեր: Ամուսինը եւ երկու երիտասարդ տղաքն ինչպէս իր փեսան կ՚որսնցուցէր էր Ատանայի դէպքերու միջոցին. միայն կիները մնացեր էին եւ աղջկանը չորս որբերը, ու ինքը, նախապէս մայր ընդարձակ եւ երջանիկ ընտանիքի մը, հիմա դարձեր էր այրիներու եւ որբերու մայր:

«Այն օրը, կ՚ըսէր, իր հեծեծագին եւ ազնուական ձայնով, թշնամութիւնը սաստիկ էր հրահրուած կրակի պէս: Յանկարծակիի եկանք, բայց տղաքս առիւծի պէս կանգնեցան: Մեզ, կիներն ու տղաքը դրին սենեակի մը մէջ, ու իրենք կռուեցան երկար ատեն… ժամեր ու ժամե՜ր…: Խենթի պէս էինք, չգիտցանք, թէ ի՞նչ էր պատահածը: Դուրսէն գնդակներն անդադար կը զարնուէին ու մերինները կը պատասխանէին հատիկ, հատիկ, մինչեւ որ դադրեցան…: Յանկարծ մեր սենեակին դուռը բացուեցաւ, ու մեծ տղաս երեւցաւ, եկաւ ինծի, վիզս փաթթուեցաւ ու ականջէս գոչեց. «Ես կը մեռնիմ, մայրիկ, էւէլ պակաս հելալ ըրէ»… Դեռ չէի հասկցած իր խօսքերուն նշանակութիւնը, երբ անիկա դուրս թռաւ. ետեւէն գացի. միւս տղաս, փեսաս եւ ամուսինս գետինն ինկած էին. ո՞ր մէկին երթայի, ո՞րուն վրայ ծռէի…: Նոյն միջոցին տղաս փողոց ելած էր ու քանի մը գնդակ մէկէն թնդացին, ու ես չգիտցայ, թէ ո՞ր գնդակն էր տղաս զարնողը»:

Միջոց մը կ՚արտասուէի հառաչագին ու իր խօսքերը կը կորսուին: Յետոյ իր արիւնով լեցուն աչքերուն արհաւիրքը սեւեռած մեզի, պաղատանքով կը մրմնջէ.

«Քրիստոսը մեր կրակը չցուցնէ ձեզի, անմարելի կրակ է, անմարելի՜… աչքերս բոլորովին կուրնային, թերեւս ա՛լ չտեսնէի այն պատկերը, որ տեսայ այդ օրը… ականջներս խուլնայի՜ն, թերեւս ալ չլսէի գնդակներուն ձայնը, որ լսեցի այն օրը… մէկ հատ մը չէ՛, որ մէկ հատին վրայ լաս: Ո՞ր մեղքերնուս պատիժն էր աս, Աստուա՛ծ, ի՞նչ ոխ է քու ոխդ մեզի դէմ, որ արիւնով ու արցունքով չմարեցաւ. գոնէ ղրկած ցաւերուդ հետ Յոբին համբերանքէն համբերանք մը տուր մեզի…»:

Ու ջլատուած` աչքերը կը խոնարհեցնէ ու կ՚եզրակացնէ.

«Մինչեւ գերեզման չիջնանք, այս ցաւը չենք մոռնար»:

Երկար ատեն կուլայ այդպէս ու յանկարծ կը դադրի, կը խօսի իր հարսերուն վրայ ու մանաւանդ իր որբերուն վրայ. չորսն ալ մանչ են ու կորիւնի պէս առողջ:

«Պիտի ապրիմ ու հայրենիք տանիմ զանոնք, ու պիտի պատմեմ, թէ ի՛նչ մահով մեռան իրենց հայրը, մեծ հայրը ու մօրեղբայրները»:

Արցունքներուն ետեւէն կենսաւէտ հրայրք մը կը ճառագայթէ, անմիջապէս կը կառչինք իր այդ զգացումին. կը հարցնենք իրեն, թէ ինչի՞ պէտք ունին ճամբայ ելլելու համար: Կը ծրարենք այնքան հագուստ եւ վերարկու, որ կրնանք, ու, ջղագրգռուած ցաւի եւ յոյսի հակասական զգացումներով, կը խօսինք իր որբերուն վրայ, իր չորս մատղաշ մանչերուն վրայ:

Կինն իր դողդոջուն ու վարանոտ ձեռքերով կը կապէ ծրարները. շատ բան կը պակսին. իր պահանջներուն քով մեր տուածը ոչինչ բան է: Աղէտի օրերէն ի վեր անպատսպար եւ թափառական, խղճալի վիճակի են հասեր. «Շապիկը կռնակնուս վրայ մաշեցաւ, բայց որին հո՞գն էր. շատերը կ՚ըսէին, գացէք, առէք. Սթամպօլէն ղրկել ե՜ն…: Աստուած ճամբողներն ալ օրհնէ, տուողներն ա՜լ բայց մեր սրտերը կրակներու մէջ էին… կը վառէին, կը վառէին, չէին հատնե՜ր… թողէ՛ք կ՚ըսէի, տեղս նստիմ, տէրտս լամ…»:

Անմիջապէս կը զբաղինք իրենց ճամբորդութիւնով, կարգադրութիւններ կ՚ընենք, կը խոստանանք հարկ եղածը հայթայթել:

«Որբերս տանիմ, հէլալ հողի վրա՜յ ու հոգիս տա՜մ…»:

Ու իր այս բաղձանքովը կ՚եռանդոտի, շարժում ու կեանք կուգայ իր անդամալուծուած մարմնին մէջ: Ու մինչ կը կարծենք, թէ նոր յոյսեր եւ նոր տենչանքներ կը խանդավառեն զինքը, յանկարծ կը ձգէ ծրարները, ձեռքի զգեստները. ու քարացած, թեւերը կողերն ի վար կախ կը մնայ անշարժ. երկու զոյգ արիւնոտ արտեւանունքներ կը քթթեն տենդագին արագութեամբ մը, ու, օրուան իրականութենէն բացակայած, միտքը մոլորած, կինը կը մնայ անշարժ: Երբ անճրկած կը նայինք իրեն ու հարցումներով կ՚ուզենք զինքը դրդել, անիկայ կըսէ ուրուականային ձայնով մը.

Դիակները կը տանէին, գետը կը նետէին, մերիններն ո՞ւր մնացին: