Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Հիւրանոցը Բնակարանային տագնապ Թէյարաններ «Խորհրդ. Հայաստան»ի խմբագրատունը Սիլուէթներ Նամակատուն Կոոբերատիվ ճաշարան Գիշերային կեանքը

 

Այգուն ճերմակ լոյսը կը թափանցէ պատուհանէս որուն փեղկերը երբեք չեմ փակեր։

Ճիշդը ըսելով բացարձակ խաւար չի կայ երբէք։ Անամպ եւ աստղային երկինքը մթնշաղը կը պահպանէ գիշերն ի բուն։ Առաջին օրերը այդ մթնշաղային գիշերները եզական տպաւորութիւն կը գործեն։ Կարծես ցորեկուան լոյսէն ծուէններ մնացեր են, կարծես աննշմարելի ծերպերէ թեթեւ սպիտակութիւն մը կը սպրդի սենեակին խաւարին մէջ եւ կը նօսրացնէ անոր խտութիւնը։

Զարթնումի առաջին պահը շողշողուն պայծառութիւն մըն է նորածագ արեւի ճաճանչներու փայլատակումով։ Դիմացս, պատուհանէն կը տեսնեմ անմիջապէս Արարատը։ Անիկայ երբամն կերեւայ թեթեւ եւ վարդագոյն։ ինչպէս աննիւթական երեւոյթ մը, երբեմն խտացեալ եւ ճերմակ, գագաթը զարդարուած լուսածիր ամպերու վէտվէտումով։

 

Սենեակս փոքր է, բայց արդէն ընտելացեր եմ անոր եւ չեմ ուզեր թողուլ, հակառակ որ ամէն օր ինձ կառաջարկեն փոխադպել աւելի մեծ սենեակ։ Ինչպէս առհասարակ Հայաստանի շէնքերու մէջ, ձեղունը այնքան բարձր է որ նեղութիւն չեմ զգար։ Ժամանումի օրս միայն այդ խուցը ազատ էր եւ ինձ առաջնորդեցին այնտեղ առժամանակեայ։ Բայց ի՞նչ կարող էի երեւակայել աւելի շքեղ քան այն հեռապատկերը որ պատուհանս կընծայէ ինձ։ Մեծ սենեակները շէնքին միւս ճակատին են եւ կը նային հասարակաց պարտէզին վրայ որ տեղացիները պուլըվարտ կը կոչեն։

Մնաց որ անհեթեթ ըլլար որ եւ է դժգոհութիւն զգալ յարմարութիւններու մասին, քաղաքի մը մէջ, ուր ամէն ոք նեղուած է բնակարանային տագնապի պատճառով։ Այդ տագնապը հետեւանք է զանազան հանգամանքներու. Երեւանի բնակչութիւնը բազմապատկուած է, գոյութիւն ունեցող շէնքերը մասամբ քանդուեր եւ մասամբ անբնակելի դարձեր են պատերազմի եւ քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին, Երեւանի դառնալով մայրաքաղաք՝ պետական եւ այլ հաստատութիւնները հարկադրուեր են գրաւել բնակութեան յատկացուած շէնքեր։ Այս բոլորը միանալով բնակարանային տագնապը հասցուցեր են այնպիսի սուր վիճակի մը որ շատեր կան որ կը նախանձին իմ փոքր սենեակիս վրայ։ Ուսուցիչներ, գրողներ, զանազան ասպարէզի մարդիկ, հարկադրուած են ընտանիքով, երբեմն երախաներով բնակիլ մէկ սենեակի մէջ եւ աշխատիլ այդ դժուարին պայմաններով։ Յաճախ կայցելեմ այդպիսի ընտանիքներու. ահա նորածին մը որ կը ճչէ օրօրոցին մէջ հակառակ մօրը ջանքերուն։ Խօսակցիս աճող ջղայնութիւնը ինձ կը հարկադրէ լռել.

Իմանո՞ւմ էք, կը գոչէ բարեկամս, որ ուսուցիչ է, ահա այս պայմաններում պէտք է պատրաստեմ կուրսերս։

Ուրիշ երիտասարդ մը, գծագրիչ, ինձ կը բացատրէ որ օրուան մէջ հարկադրուած է քանի մը անգամ իր իրերը փոխադրել որովհետեւ նոյն սեղանին շուրջ պիտի ճաշեն ընտանեօք եւ աշխատի.

Ոչ թէ սենեակ մը, այլ առանձին սեղան մը ունենայի՜...

Բայց այդ դժուար չէ իրականացնել.

Ինչպէ՜ս թէ տեղ չի կայ։

Դիտեցի նաեւ որ ենթակաները այս դժուարութիւնները կը տանին համբերութեամբ եւ հիւմուրով։ Ինչքան ալ խճողուած, իմ այցելած սենեակներս միշտ մաքուր էին եւ իրերը տեղաւորուած ճարտարութեամբ։ Չէ կարելի նոյնիսկ պատկերացնել թէ ինչքան հետեւողական քաջասրտութիւն պէտք է այդառօրեայ եւ յամառ մանր մունր դժուարութիւններուն տոկալու եւ չի վհատելու համար։ Յաճախ կայցելեմ ծանօթի մը որ իր օրական աշխատութենէն յետոյ կը պարապէր Ֆրանսերէն սորվելու, սենեակին մէջ, ուրկէ կանցնէին կը դառնային հարեւան սենեակի բնակիչները։ Անիկա անայլայլկաշխատէր սեղանի մը առաջ որու մէկ ծայրը սամովարը կեռար եւ ուրկէ անվերջ կուգային թէյ առնելու։

Իսկ եթէ հիւանդ ըլա՜ք...

Չի կարելի հիւանդ լինե՜լ... ու բարեմիտ ժպիտը կը պայծառացնէր իր դէմքը։

Ուրիշ մը, մեր յայտնի գրողներէն մէկը, դիւրազգաց եւ դժուարահաճ ընդհանրապէս, խնդրելով կը պատմէր թէ հարկադրուած էր ամբողջ քաղաքականութիւն մը վարել հարեւան երախաներու հետ որպէսզի իր աշխատութեան ժամերուն զինքը չի նեղեն աղմկալի խաղերով։

Դեռ անթիւ օրինակներ կարելի է թուել, պատկերացնող այս ծանր դրութիւնը։ Մնաց որ մարդիկ բաղդաւոր կը համարէին ինքզինքնին որ գոնէ սենեակ մը ունին. եղեր է ժամանակ որ ըանտանեօք ունեցեր են սենեակի անկիւններ, երեք, չորս ընտանիք խճողուած ըլլալով մէկ սենեակի մէջ։

Կառավարութիւնը, քաղաքային վարչութիւնը, զանազան շինարարական հիմնարկներ ամէն ջանք կընեն բնակարանայինզ շինարարութեան թափը արագացնելու համար։ Վերջի տարիներուն շինուած են բազմայարկ տուներ եւ նորեր շինութեան մէջ էին։ Այդ ուղղութեամբ մեծ բան կը լրացնէ կոլլեկտիւներու բնակարաններու կառուցումը։ Բացի բանուորական բնակարանները որոնք կը շինուին գործարաններու մօտիկ, զանազան հիմնարկներ բնակարաններ կը կառուցանեն իրենց ծառայողներուն համար։ Այսպէս, օրինակի համար, համալսարանի դասախօսներու, երկրագործական բանքայի, ժողտնտեսխորհի պաշտօնէութեան եւ այլոց բնակարանները։

Այդ տագնապը իր որոշ բացասական դերը ունի նաեւ հասարակական գործերու մէջ։ Բաւականաչափ մանկական դպրոցներ չի կան որովհետեւ շէնքեր չի կան։ Տեսայ խումբ խումբ երախաներ ուղեկցութեամբ իրենց վարժուհիներու որ «մօրաքոյր» ընտանի անունով կը կոչեն, որոնք կը թափառէին պարտէզէ պարտէզ, երբեմն կանգ կառնէին թէյատան մը վերնայարկը կամ կը մտնէին հաւաքատեղիի մը մէկ թափուր սրահը եւ այսպէս կանցընէին ժամերը։ Անհնարին էր չի հիանալ այդ «մօրաքոյր»ներու անձնուիրութեան եւ անխոնջ եռանդին վրայ։ Անմիջապէս որ տեղ մը կարենային տեղաւորուիլ կը պարապէին երախաներուն հետ։

 

Հիւրանոցը ունի իր առանձնայատուկ կեանքը. այնտեղ է որ կը բնակին արտասահմանէն նոր եկած մտաւորականներ։ Նոյնպէս պատահական ճամբորդներ, օտարազգի թէ հայ կիջնեն այնտեղ։ Նրբանցքներու մէջ յաճախ կունենանք անակընկալ հանդիպումներ հին եւ նորզծանօթներու հեի։ Երբեմն կը հաւաքուինք մէկին կամ միւսին սենեակը։ Դրսէն կուգան բարեկամներ, ծանօթներ։ Մինչեւ բնակարաններու յատկացումը Լուսաւորութեան Կոմիսարիատը սենեակներ տրամադրեր է նորեկ մտաւորականներու։ Իսահակեան եւ ես տեղաւորուած ենք այստեղ. Շիրվանզատէ սենեակ ունի Բ. րդ հիւրանոցի մէջ որ մեր շէնքին դիմացն է, «Պուլըվարտ»էն անդին։

Եւրոպական ըմբռնումով յարմարութիւններ կը պակսին բայց հանգիստ ենք եւ գոհ։ Ծառայողները ամէն ջանք կընեն շէնքը պահելու մաքուր, իսկ վարչութիւնը հոգածու է կարգապահութեան եւ հիւրերու հանգիստին։

Ամէն առաւօտ կը կատարուի հիմնական մաքրութիւն. նաւթով կը մաքրեն սենեակներու, նրբանցքներու եւ սանդուղներու իւղաներկ տախտակամածները։ Ծառայողները կը ներկայանան առաջին կանչին. սիրալիր են ու քաղաքավար, որոշ չափով նոյն իսկ ընտանի։ Կարծես իրենց անձնական հիւրերն ենք։

Կը խնդրեմ, եթէ կարելի է.

Ինչի՞ կը խնդրէք, ընկե՛ր ջան.

Բայց այդ սիրալիրութիւնը ոչինչ ունի ստրկական. փորձեցէ՛ք անցնիլ ձեր իրաւունքներու սահմանը կամ խօսիլ բիրտ ու հրամայական շեշտով։

Ամէնքն ալ անդամ են արհեստակցական միութեան. կերթան ժողովի եւ գիշերային կուրսերու. կը սիրեն խօսիլ իրենց հասարակական կեանքի վրայ։

Այսպէս ուրեմն, ընկեր Բ. . . ժողովի՞ պիտի երթաս։

Հա՛, ընկեր հարկաւոր է։

Է՜հ, ի՞նչպէս կը յարմարիք նոր կարգերուն։

Խօսակիցս որ նախկին վանեցի գաղթական է, զարմացած կը նայի ինձ։ Կարծես միշտ ապրեր է այդ կարգերուն մէջ։

Ուրիշ ծառայող մը, որ բնիկ Զէյթունցի է, իր ծագումը կը կրէ ինչպէս տիտղոս եւ ամէն ինչ կը կատարէ հերոսաբար։

Կարելի է՞ բաժակ մը թէյ, ընկե՛ր.

Գործը մարդէն պէտք է վախնայ եւ ոչ թէ մարդը գործէն կը պատասխանէ հանդիսաւոր շեշտով։Կին ծառայողները աւելի նրբամիտ են, կը հասկնան եւ կը ծիծաղին. ընկեր Հ. . . կերթայ նրբանցքներէն բաժակ մը թէյ բերելու ինչպէս եթէ ճամբայ ելլէր դիրք մը գրաւելու։

Ընդհանրապէս դուրս կուգամ նախաճաշիկ ընելու։ Վաղ առաւօտուն հետաքրքրական է փողոցներու եւ թէյատուններու պարզած պատկերները. բոլոր կողմնակի փողոցներէն աշխատաւորներու եւ ծառայողներու շարքերը կուգան կը միանան մեծ փողոցներու հոսանքին։ Աշակերտներու խումբեր կը դիմեն դպրոցները։ Առաւօտեան զովութեան եւ պայծառութեան մէջ երիտասարդներու եւ պատանիներու դէմքերը կարմիր են քայլերը ժիր եւ հաստատ։ Ծանօթներ իրեր կը հանդիպին եւ զրուցելով կշտապեն։ Ոմանքկը մտնեն թէյատուն, հապճեպով կը նախաճաշեն եւ կը մեկնին։ Թէյատուններու բիւֆէները ճոխ են։ Սեր, կարագ, պանիրի տեսակներ, թարմ ձու, բայց մանաւանդ ոսկագոյն մեղրը ապակեդարաններուն զարդը կը կազմեն։ Ծառայողը պատուէրի համեմատ կը բաշխէ բաժակներով տաք կաթ, թէյ կամ սուրճ։ Յաճախորդները կը նախաճառեն ախորժակով եւ առատութեամբ։ Պատկերը կը ներշնչէ բարօրութեան եւ առողջութեան տպաւորութիւն եւ մարդ դժուարաւ կը հաւատայ որ դեռ քանի մը տարիներ առաջ սովը եւ համաճարակները կը տիրէին նոյն երկրին մէջ։

Հէնց այստեղ, դուրսը փողոցում, մարդիկ ինկած էին կիսամեռ, գետնին... կը խօսի ինձ հին բարեկամ մը։ Գիշերը մութ փողոցներում քալում էինք սովից գալարուող մահամերձների վրայ... սա մի դժոխք էր որ չէ կարելի երեւակայել։ Մարդիկ դարձեր էին դաժան իրենց նմաններին... ասենք, ոչինչ չէր կարելի անել... մի պատառ հաց գտնելը դարձեր էր անլուծելի հարց...

. . . ՞

Ոչ թէ կշտանալու մասին էինք մտածում այլ սովից չի մեռնելու... կշտանալը անհասանելի երազ էր։

. . . ՞

Չէին վաճառում... ոչինչ չի կար... պէտք էր գտնել. մի ափ բրինձ, մի քանի փտած ընկուզ, ճոխ օրապահիկ էր արդէն... եւ ամէնօր նորից ու նորից այդ գազանը, անօթութիւնը ցցւում էր մեր դէ եւ ամէն օր պէտք էր յաղթել նրան...

Մեր կողքի սեղանները պարպուեր են եւ ձուերու բազմաթիւ պարապ կճեպներ, հացի կտրոներ, կաթի եւ թէյի բաժակներ ուշադրութիւնս կը սեւեռեն։

Դուրսը բազմութիւնը միշտ կանցնի բայց եւ ահա յանկարծ կը ցանցառանայ։ Աշխատանքը սկսած է բոլոր գործարաններու, արհեստանոցներու եւ գրասենեակներու մէջ։

Խօսակիցս կը նայի ժամացոյցին եւ կը մեկնի շտապով։

 

Գրեթէ ամէն օր կերթամ «Խորհրդային Հայաստանի» խմբագրութիւնը, ուր միշտ կը գտնեմ ջերմ եւ եղբայրական վերաբերմունք եւ ուր կը մտնեմ ընտանութեամբ եւ հաճոյքով։ Խմբագրի սենեակը, ուր կը գտնեմ ընկ. Կարօ Համտիլեան, հետզհետէ կըա դառնայ ինձ համար խորհրդակցական կայան։ Այնտեղ կը խօսինք երկրի եւ արտասահմանի մեզ համար հետաքրքիր հարցերու մասին. այնտեղ կը գտնեմ լուսաբանութիւններ, թանկագին խորհուրդներ։ Ժամը 10-11 այդ նոյն սենեակը ժամադրավայր կը դառնայ թերթի կապուած գրողներու։ Ահա Դ. Դեմիրճեան զարմացական եւ մտացիր դէմքը որ դէպքերուն եւ իրերուն կը դառնայ բարեացակամ եւ զուսպ հեգնութեամբ, ահա՛ Վահան Թոթովենց, կենսուրախ եւ զեղուն որ կարծես միշտ գինով է իրմէ բղխող ոգեւորութենէն։ Երբեմն եւ կուգան պատահական այցելուներ, հեռաւոր շրջաններէ եկած թղթակիցներ։ Ամէն մէկը, բանուոր, ուսուցիչ թէ գիւղացի, կը գտնէ այստեղ սիրալիրեւ եղբայրական վերաբերմունք։

Այդ նոյն սենեակտն մէջ նաեւ բաղդը կունենանք հանդիպելու ընկ. Մռաւեանին, միշտ ժպտուն եւ հաղորդական, ընկ. Արտաշէս Կարինեանին քաղաքավար եւ ջերմ, հակառակ իր հանդիսաւոր եւ հեռաւոր երեւոյցին։ Խմբագիրներ, թղթակիցներ կը մօտենան անսեթեւեթ եւ կը խօսին զիրենք զբաղեցնող խնդիրներու մասին։ «Ընկեր» բառը պայմանադրական խօսք մը չէ այլ արտայայտութիւն վիճակի մը որուն մթնոլորտին մէջ զարգացեր են եւ կը զարգանան մարդոց հոգեբանութիւնը։

Վերապահութիւն կայ անշուշտ բայց աշխատութեան մէջ եղող մարդոց նկատմամբ։ Ոչ ոք թոյլ չի տար ինքզինքին դատարկ զրոյցներով ժամանակ կորզելու կամ երկարաբանութիւններով ձգձգելու խօսակցութիւն մը։ Ամէն մէկը կը մօտենայ խմբագրական վերին մարմնին եթէ հարկ տեսնէ եւ խնդիրը կը ներկայացնէ արագ եւ ուղղակի։

Ուրիշ վայրերու մէջ եւս նկատեցին նոյն բանը. ուղղակի եւ արագ. հասարակութեան մանաւանդ որոշ խաւը ենթարկուեր է արդէն մշակոյթի եւ ամէն մէկը ունի իր ներքին կարգապահութիւնը, գոնէ կը ձգտի հասնիլ անոր։ Ամէն մէկը ինքն իրեն գիտէ թէ ինչ կարելի է, ինչ չէ կարելի։ Շատ հազուադէպ պարագաներու խօսակիցը կամ ժողովի մը նախագահը կը հարկադրուի յիշեցնել այդ բանը։

Միջանկեալ կուզեմ նօթագրել հետեւեալ դիտողութիւնս։ Ամիսներու ընթացքին որ ապրեցայ Խորհրդային Հայասատանի մէջ եւ հետաքրքրուեցայ մօտէն առօրեայ կեանքին, նկատեցի որ կազմակերպուած բանուորներ, գիւղացիներ, ինչպէս եւ ուսանողներ միշտ եւ ամէն պարագայի ինքզինքնին կը պահէին շատ կարգին եւ վիճաբանութիւններու ընթացքին երբէք չէին շաղեր գործնական խնդիրներէ։ Նոյնպէս նկատելի էր այն պաղարիւնութիւնը եւ անայլայլ կեցուածքը որ կը պահէին ամենախիստ նկատողութիւններ եւ ջախջախիչ քննադատութիւններլսելով։ Եթէ մարդիկ կային որ կը շատաբանէին, կը տաքնային, ինքզինքնուն դուրս կուգային, անոնք ընդհանրապէս որոշ տարիքի մտաւորականներ էին։ Այդ վիճակին մէկ յատնանշական պատկերն էր համալսարանի մէջ ժողով մը որուն ներկայ եղայ տեկանի, ընկ. Մուշեղեանի բարեհաճութեամբ։ Պատմա-գրական ֆակիւլտէի դասախօսներու, բաժիններու ղեկավարներու կողքին, նստած էին նաեւ ուսանողութեան ներկայացուցիչները։ Օրակարգի ամէն հարց քննուած ատեն ուսանողները ձայն կուզէին։ Հաստատապէս կարող եմ ըսել որ այդ ալեզարդ դասախօսներու կարգին, ուսանողներու կարծիքները եւ դիտողութիւնները ոչ նուազ գործնական էին եւ ոչ նուազ ձեռնահասութեամբ մէջ բերուած։ Իսկ երիտասարդ նախագահը, ընկ. Մուշեղեան, իր պաղարիւնով, լրջութեամբ եւ հեղինակութեամբ իր տեղն էր բառին իսկական առումով։

Խմբագրատան երկրորդ սրահը, գործունէութեան թափի մէջ եղող փեթակի մը տպաւորութիւնը կը գործէ։ Երկար սեղաններու առաջ շարքով նստած, ամէն մէկը կը կատարէ իր առօրեայ աշխատութեան բաժինը։ Կէսօրին պահ մը դաղար։ Ամէն հիմնարկի մէջ կայ յարմարութիւններ թէյ ունենալու։ Ծառայողը ափսէի վրայ կը բերէ բազմաթիւ բաժակներ եւ կը բաշխէ ամէն անոնց որ կը ցանկանան. նոյնպէս հացիկներ ու շաքարահաց։ Այդ պահուն կարելի է խօսիլ մէկին եւ միւսին հետ։

Այնտեղ են Կ. Պօլսէն եւ ուրիշ շրջաններէ ներգաղթող մտաւորականներ որոնք արդէն դարձեր են Հայաստանի քաղաքացի։ Ոմանք ինձ ծանօթ են, ուրիշներու նոր կը ծանօթանամ։ Եղբայրական ջերմ մթնոլորտը կը պարուրէ եկուորը եւ տեղացին։ Նոյն նպատակները, նոյն շահերը, միացուցեր են զիրենք եւ եթէ երբէք մէկը ուզէ անդրադառնալ արտասահմանի մէջ միայն վարկ ստացող կարգ մը զրոյցներու, եկւոր եւ բնիկ, կը ծիծաղին միասին։ Որքա՜ն հեռու ենք այստեղ ճղճիմ հոգերէ, փոքրոգի նկատողութիւններէ։ Իմ Երեւան եղած առաջին օրերուս խմբագրատան գլխաւոր հոգածութեան առարկայ էր լուսաւորութեան աշխատաւորներու ակումբը որուն բացումը պիտի կատարուէր այդ օրերը։ Նախանձախնդրութիւններ կային անշուշտ, բայց բոլորովին ուրիշ հողի վրայ։ Մամուլի աշխատաւորները կը փափաքէին առաջնակարգ դեր կատարել եւ հպարտութիւնը ունէին իրենց բրօֆէսիոնալ դիրքին։ Այդտեղ է որ ինձ առաջարկեցին առաջին անգամ դասախօսութիւն մը ընել, մամուլի կոլեկայի նախաձեռնութեամբ։

Այո՛, բայց ես եկեր եմ լսելու, ոչ թէ խօսելու, ոռ այժմ սպասենք։

Այդ նոյն շէնքին մէջ է Ավանգարդի եւ Մաճկալի խմբագրութիւնները որոնց ղեկավարները նորահաս երիտասարդներ են։ Անցած, դարձած ատեն կիսաբաց դռներէ կը տեսնեմ երկսեռ մատղաշ գլուխներ, ոգեւորութեամբ վառ դէմքեր, անխոնջ աշխատութեան նւիրուած երկսեռ երիտասարդներ։

Աւելորդ է ըսել թէ մամուլը ի՜նչ ահագին դեր կը կատարէ Խորհրդային երկիրներու մէջ ուր գերագոյն նպատակներու իրագործումը կախուած է զանգուածներու կուլտուրացումէն։ Բայց ինչ որ կարեւոր է նիշել այն սիստեմաթիք աշխատանքըն է որով ղեկավար շրջանները կը ջանան ապահովել զանգուածներու աշխատակցութիւնը մամուլին բանուոր եւ գիւբացի թղթակիցներու միջոցաւ։ Միեւնոյն ժամանակ այդ հանգամանքը սքանչելի առիթ է թագուն ուժեր մէջտեղ բերալու եւ ամէնէն ընդունակները դարձնելու որակեալ թղթակիցներ, ժուրնալիստներ։

Բաց ի օրաթերթիկը եւ պարբերականները, ամէն հիմնարկ ունի իր պատի օրացոյցը որ կը խմբագրուի այդ հիմնարկի աշխատաւորներու կողմէ։ Հետաքրքրական բովանդակութեամբ պատի օրացոյցներ տեսայ որոնք եւ զարդարուած էին պատկերնորվ Լուսժողկոմատի, Ուղղիչ Տան եւ Հրամանատարական դպրոցի պատերուն վրայ։

Բայց ալ աւելի եզական բան էր ինձ համար կենդանի լրագրի ցուցադրութիւնը որը կատարեցին խումբ մը հայ պատկոմներ Երեւանի մէջ, մարտ 8ին, Կանանց Օրուան հանդիսաւոր նիստէն յետոյ։ Կենդանի լրագիրը կատարողները կը կոչուին «Կապոյտ պլուզ»։ Անօրինակ հետաքրքրական երեւոյթ էր։ Երկու սեռէ պատանիներ, մաքուր հագուած իրենց պատկոմական տարազով, կարմիր վզնոցով, սպորտական երեւոյթ կը պարզէին։ Անոնք եկան սրահին մէջէն պատկոմական քայլերով եւ բարեւով, բարձրացան բեմ եւ շուրջանակի կանգնած կատարեցին իրենց ծրագիրը։ Օրուան նշանակութիւնը շեշտող «խմբադրտկան»ը հաւաքական կերպով (փոխասացութեամբ) ըսելէ յետոյ, ներկայացուցին փոքրիկ տեսարաններ։

 

Հազիւ թէ քանի մը օր է որ Երեւան եմ բայց արդէն ընտանեցեր եմ կեանքին եւ ինձ այնպէս կը թուի որ միշտ այստեղ եմ ապրեր։

Կէսօրի կարճ դադարն է։ Աշնանային ջերմ արեւը զեենիթին վրայ է. շլացած ենք լոյսով եւ պարուրուած ջերմութիւնով։ Պատանուհիներ սբորդական քայլերով կանցնին դիմացի մայթէն։ Փողոցի մէջտեղէն կը յառաջանայ կարմիր բանակայիններու ջոկատ մը. միջահասակ, թիկնեղ, ամրաքայլ, հագուած խաքի ասուէ համազգեստ, արեւահար դէմքերով, գլխանոցներու ճակատը կարմիր աստղ՝ ուրկէ կարմիր կաթիլներ ինկեր են կարծես օձիքներու ծայրերուն։ Կարմիր բանակայինները կանցնին ու կը հեռանան Պուլվարտի կողքի փողոցէն։

Նալբանտի թէյատան մէջ որ որդեգրեր ենք եւ դարձուցեր մեր ժամադրավայրը եւ որը կը կոչենք Երեւանի « քառթիէ լաթէն»ը կը գտնենք Շիրվանզատէն, տեղաւորուած խորքի մեծ սեղանին առաջ, թէյի բաժակը՝ դիմացը. կը բոլորուինք իր շուրջը եւ կսկսինք զրոյց ընել։ Անոր դէմքը կը ճառագայթէ բաւականութեամբ եւ կը բաւէ որ եւ է ակնարկում ընել արտասահմանցիներու, որպէսզի իր պատկերաւոր որակումներուն շարքը սկսի։ Իր երկիրը կրկին պիտի հրատարակուին Պետհրատի կողմէ եւ մտադիր է նոր աշխատութիւններու ձեռնարկել։ Իր գլխաւոր նպատակն է սերտ յարաբերութիւն ստեղծել Անդրկովկասեան զանազան ազգերու պատկանող գրողներու միջեւ եւ ոգեւորութեամբ կը հաղորդէ որ վրացի գրողներ մտադրեր են այցելել Հայաստան։ Այդ ժամուն հաւանականէ տեսնել նաեւ Աւետիք Իսահակեանը որ օրուան որ եւ է ժամուն քունէն նոր արթնցածի երեւոյթ ունի, դեռ ապշած լսածներէն ու տեսածներէն։ Անիկա ծանրաքայլ կը յառաջանայ թէյատան մէջ, կը վարանի մէկ կամ միւս սեղանին մօտ եւ վերջ ի վերջոյ աթոռը կը դնէ երկու սեղաններու մէջտեղ։ Միւս սեղանը... ահա Ակսել որ հապճեպով թէյը կառնէ ծրարուած իր խաքի վերարկուին մէջ որովհետեւ շուտով պիտի մեկնի չեմ գիտեր որ շրջան գիւղատնտեսական գործով։ Ինձ կը բացատրէ որ ժամանակ չունի եւ իր պատմուածքները կը պատրաստէ մտքին մէջ ձիու վրայ, մէկ վայրէն միւսը ճամբորդած միջոցին եւ գրի կառնէ կարճատեւ կայանքներուն։ Խարտեաշ եւ ողորկ մեզերը կարծես կը պահեն քամիի հարուածներու տակ ստացած ծալքը, դէպի ետ եւ բարձր կանգնած։ Անոր նիհար, եւ իմացական դէմքը զուրկ չէ չարաճճի արտյայտութենէ։ Այդ միջոցին նոր գրեր է «Յովնադան Մարջ»ը կենդանագիր արտասահմանէն որ եւ է միսիօնով Հայաստան եկող գաղութահայի եւ որուն մէջ, որոշ չափով ամէն մէկս կարող ենք ինքզինքնիս գտնել։ Իմ մասիս, իրեն հետ միացած կը խնդամ անկեղծութեամբ երբ հետաքրքրական եւ ծիծաղելի դրուագներ կը պատմէ իր գիրքէն։ Մեր խօսակցութիւնը կընդհատուի երեւումովը նոր դէմքի մը։ Ստեփան Զօրեանն է, մռայլ եւ ինքնամփոփ որ կարծես անխոնջ յամառութեամբ միակ մտածում մը կորոճայ, Կը յաջողինք զինքը պահեք մեր սեղանին շուրջ կը նախընտրէ առանձին նստիք ուրիշ սեղանի մը առաջ բայց չենք յաջողիր իր լռութիւնը խզել։

Նոյն այդ թէյատան մէջ ուրիշ անգամներ մեր յաճախակի հանդիպումներու ընթացքին խօսակցեր ենք լուրջ նիւթերու մասին։ Ակսել որ գիւղատնտես է եւ շարունակ կը յաճախէ շրջանները, թանկագին տեղեկութիւններ կուտայ ներգաղթող գիւղացիներու մասին։

Ներգաղթողները կը նախընտրեն բնակութիւն հաստատել հովիտներու մէջ. մեծ կեդրոններու մօտիկ. բայց ինչքա՜ն աւելի ձեռնտու պիտի ըլլար իրենց համար եթէ երթային լեռնային զօնաները ուր օդը աւելի առողջ է, բարեյարմար նորեկներու համար եւ ուր անմիջապէս արդիւնքիկը հասնին մանաւանդ բանջարանոցներ տնկելով որու համար ունին փորձառութիւն։ Խումբ մը ներգաղթողներ տեղաւորուեր էին լեռնային շրջան մը եւ մէկ տարուան ընթացքին կարողացեր էին Պետութեան փոխատուութիւնը հատուցանել բանջարեղէն տնկելով, գլխաւորաբար գարունգի մշակութիւնը ընելով։

Պէտք է նախապատրաստել ներգաղթողները, կըսէ Ակսել, այս եւ ուրիշ պայմաններու մասին։ Նրանք հասնում են այստեղ բոլորովին անտեղեակ եւ անպատրաստ եւ սրանից յառաջ է գալիս շարք մը աւելորդ դժուարութիւններ։

Յետագային ես ինքս անձամբ այցելեցի Երեւանի եւ Էջմիածնի գաւառներու մէջ տեղաւորուած ներգաղթողները եւ ըմբռնեցի այն աւելորդ դժուարութիւնները որոնցով ծանրաբեռնուած էր կառավարութիւնը եկւորներու անպատրաստութեան հետեւանքով։

 

Թէյատունը պարպուեր է։ Բոլորը թռեր գացեր են իրենց գործերուն։ Ես ալ իմ քայլերս կուղղեմ դէպ ի Մատենադարան, կամ Քաղլուսվարչական տեսչութիւնը որուն գրասենեակը Կուլտուրայի Տան վերնայարկն է եւ ուր յաճախ առիթ կունենամ հանդիպելու։ Ինչքա՜ն հաճելի է ինձ յիշել այն խօսակցութիւնները որ ունեցեր եմ այդ վերնայարկի երկար եւ նեղ սրահին մէջ, ընկեր Մելիքսեդի սեղանին առաջ։

 

Արթուն եւ աչալուրջ պահեակ, Խ. Հայաստանի երիտասարդութիւնը իր վարյ վերցուցեր է հսկել եւ պահպանել աշխատաւորութեան ձեռք բերած իշխանութիւնը եւ նուաճումները։ Այդ ծանր եւ բարդ դերը կը կատարէ անիկա լրջութեամբ, շրջահայեցողութեամբ, ծանրակշռութեամբ։Առաջին օրերէն ուշադրութիւնս գրաւեց այդ հանգամանքը որ բոլորովին նոր գունաւորում մը կուտայ մեր հասարակական կեանքին։ Հրաժարելով իրենց տարիքի յատուկ անփութութենէն, խաղերէն եւ զբօսանքներէն, կանքահաս լրջութեամբ տոգորուած, այդ կազմակերպուած երիտասարդները իրենց վրայ վերցուցեր են ոչ միայն պահպանումը հոկտեմբերեան յեղափոխութեան արդիւնքներուն այլ եւ նոր նուաճումներու համար ճամբայ հարթելու դժւարին դերը։ Այդ թարմ ուժերը որ ուժգին մղում մը ստացեր են եւ կարգապահութեամբ եւ նախագծուած ուղիներով կը սուրան դէպի ապագայ իրականացումներ, կը ներշնչեն այնպիսի ապահովութիւն եւ խոր վստահութիւն որը կարելի է զգալ այնտեղ, իրենց մօտ եւ որը իր լիուլի արժէքին մէջ անկարելի է արտայայտել բառերով։

Ընկ. Մ. . . այդ երիտասարդ ուժերէն մէկն է։ Առաջին ակնարկով անիկա չարաչար յոգնածմէկու մը տպաւորութիւնը կընէ։ Ամիսներէ, տարիներէ իվեր անխոնջ աշխատութեան նուիրուած, անիկա ժամանակ չէ ունեցեր երբեք պահ մը հանգստանալու, ինքն իրմով զբաղելու։ Փողոցին մէջ կը քալէ շտապով, հագուած մաշած վերարկու մը որուն գոյնը կը վերանի թարչինի եւ մութ շագանակագոյնի մէջ, քասքէթը յառաջացուցած աչքերուն, շրթները չորցած խօսելէն կամ ուրիշ կարգի զրկանքներէ, միշտ շտապելու ստիպուած, միշտ մտահոգ օրուան ծանրաբեռն գործերուն չի հասնելու տանջանքով, հազիւ կը բարեւէ երբ իրեն կը հանդիպիմ եւ երբեմն միայն կանգ կառնէ ձեռքը երկարելու համար որը դանդաղօրէն դուրս կուգայ բալթոյի խոր գրպանէն։

Քաղլուսվարչութեան գրասենեակին մէջ, իր սեղանին առաջ, յաճախ առիթ կունենամ խօսակցելու։ Անիկա հարցերուն կը մօտնեայ ինքնամփոփ լրջութիւնով, զգոյշ է աւելորդ խօսք ընելու, աւելի զգոյշ՝այնպիսի խօսք արտասանելու որ կարենար որ եւ է երկդիմութեան տեղի տալ։ Նախանձախնդրութեամբ կը կատարէ այն բոլոր գործերը որոնց ղեկավարութիւնը յանձնուած է իրենց բայց եւ ոչ մէկ ժամանակ անիկա զգացնել չի տար իր ձեռքը եղած իշխանութեան ծանրութիւնը։ Եթէ պատահի որ մերժողական բան մը ունի ըսելիք, կը բացատրէ պատճառները, մեծ համբերութեամբ, մինչեւ որ իրեն հետ համաձայն գտնուինք։ Անիկա առաջուց իր խօսակիցը կը համարէ հաւասարապէս շահագրգռուած ընդհանուր նպատակներու մէջ եւ այս՝ ոչ թէ տաքտիքով այլ խոր համոզումով։ Միթէ կարելի է՞ իրեն համար նոյն իսկ պահ մը ենթադրել որ ամէնքը, ամէնքը շահագրգռուած չըլլան նոյն նպատակով, մեր աշխատաւորութեան պահպանմամբ եւ խորհրդային հայրենիքի անսայթաք վերելքով։ Այն մերձաւոր հեռապատկերները որ ինչպէս տեսանելի պատկեր յար եւ միշտ ունի իր յոգնած եւ լուրջ աչքերուն առաջ, մի՞թէ ուրիշներն ալ չեն տեսներ. կարո՞ղ են չի տեսնել։

Կը յիշեմ մեղմ եւ գոհունակ ժպիտը երբ կզգար որ իր խօսքը կը դառնար արդիւնաւոր։ Տեսակ մը վերապահում աննիւթական կը դարձնէր այդ դէմքը որ իր գիծերը կը վերստանար ինքնամփոփ աշխատութեան մէջ։

Այդ վերասլացումը չէր ենթադրէր սակայն հեռացում իրական կեանքէ. ընդհակառակը։ Բոլոր խանդավառութիւնները ունին իրենց անմիջական եւ շօշափելի առարկաները եւ այդ այդպէս է ամէն բանի մէջ եւ ամէն մէկին համար։ Այն լայն ու պայծառ ուրախութիւնները որ միակ հաճոյքները կը կազմեն այդ արի երիտասարդութեան՝ ուրախութիւն, նորանոր նուաճումներ կատարած, յայտնի կամ թագուն վտանգներու յաղթահարած ըլլալու, աստիճանաբար կստեղծեն նոր հոգեկան տրամադրութիւն։ Ամէն մէկը դուրս գալովիր անհատական կեանքի վտիտ հաճոյքներէն եւ մանր շահերէն, կը լայնացնէ անսահմանօրէն իր իր զգացական աշխարհը, եւ կը բազմապատկէ ուժը իր ուրախութիւններուն, հոգերուն, ցասումներուն ցանկութիւններուն թէ՝ խորութեամբ եւ թէ տարածութեամբ։

Մի ինչ որ նոր, դեռ չի որակուած հոգեբանութիւն է որ սկսաթ է զարգանալ եւ որուն մէջ կը բաղադրուի ինչ որ մարդս կարող էր ունենալ ամենաբարձր եւ ամենազնիւ։ Եւ այդ հոգեբանութիւնը յատուկ չէ բացառիկ անհատներու, անիկա չի ներկայանար ինչպէս հազուագիւտ պարագայ։ Զանգուածներու հոգեբանութիւնն է անիկա որ կարտացոլայ երբեմն յստակ կերպով անհատի մը կամ անհատներու մէջ, ինչպէս ծիածանին գոյները յղկուած ադամանդի մը երեսակներուն վրայ։

 

Այժմ եկեր եմ կուլտուրայի տան վերնայարկը, նեղ եւ երկար սրահին մէջ եւ ընկեր Մելիքսեդի սեղանին առաջ նստած կը խօսակցիմ. մինչ կողքի սրահի մէջ իմ մէկ գործս կը կարգադրեն

Մինչեւ որ ամէն մէկս չի համարենք որ ամէն ինչ կախուած է միմիայն մեզանից եւ այդ հաշուով չի կատարենք գործերը, ոչինչ չի լինի։

Սա պատասխան է թերահաւատութեան մը որ արտայայտեր եմ գործի մը կատարման պայմաններու մասին։

Երիտասարդ ընկերը շեշտակի կը նայի ինձ բայց ահա ժպիտը կը մեղմացնէ դէմքը ու նայուածքը պատուհանէն դուրս կերթայ թափառիլ արեւով շողշողուն հեռաւորութիւններու։

Դուրսը կեանքը կը բաբախէ կանոնաւոր կշռոյթով որը կարծես հետզհետէ կարագանայ։ Կողքի սենեակը, ուրիշ երիտասարդներ կտրական շաշտով կը խօսին մարդոց հետ որ եկեր են զանազան գործերով.

Չէ կարելի, ընկե՛ր...

Անորոշ շշուկ մը կը պատասխան է այդ ժխտումին բայց անօգուտ։

Սանդուղներուն վրայ դանդաղ եւ ծանր քայլերու աղմուկը որ հետզհետէ կը մարի հեռանալով։

Ընկեր Մելիքսէդ ականջը կը սրէ։ Պահակը արթուն կը հսկէ. չի լինի որ անորարդար որ եւ է բան պատահած ըլլայ այնտեղ. բայց թխահեր պատանի մը կը մտնէ մեր սրահը եւ ինքնաբերաբար կը բացատրէ խնդիրը։ Ընկեր Մելիքսէդ ուշադիր կը լսէ եւ յաճախ հաւանութեան նշնաններ կը յայտնէ։ Այդ պահուն երրորդ մը կուգայ եւ կը յայտնէ որ իմ գործս լրացած է։

Ձեր թուղթերը պատրաստ են, ընկե՛ր.

Կը վերցնեմ ծրարները եւ կը մեկնիմ շտապով։ Պէտք է արագացնեմ քայլերս հասնելու համար նամակատուն որպէսզի նոյն օրուան սուրհանդակով նամակներս ճամբայ ելլեն։

Նամակատունը փոխադրուած է արդէն նոր շէնքը եւ հանգիստ պոչ կը բռնեմ։ Փորձեցէ՛ք որ եւ է պատրուակով հերթէ դուրս գալ, առաջ անցնիլ, կամ աղմկել, կարգը խանգարել։ Ամէն մէկը կը դառնայ ձեզ դէմ եւ կը տարկադրէ մնալ ձեր իրաւունքներու սահմանին մէջ։ Բոլոր կիշէներու առաջ պոչեր կան։ Ծառայողները կը կատարեն իրենց գործը հանդարտ եւ կանոնաւոր։ Քիչ մը դանդաղութիւն, անփութութիւն կորսուած ժամանակին, նշմարելի է, մանաւանդ երբ աչքդ յառած ժամացոյցին, ստիպուած ես րոպէները հաշուել։ Ահա վերջապէս կիշէին առաջքն եմ։ Ծառայող ընկերուհին արդէն ծանօթ է ինձ. իմ ամենօրեայ յաճախումներս մեզ ընտանեցուցեր են։ Ինձ հետ կը խօսի անունս տալով։ Եթէ ետեւս հերթի սպասողներ չի կան կը խօսակցինք երբ միեւնոյն ատեն անիկա ձեւականութիւն կը կատարէ.

Յօդուած է Երեւանի համար։

«Լուսաշխի ակումբի բացումը»... արդէ՞ն։

Բացումը կատարուեր է նախորդ գիշեր։ Ծառայող կնոջ գլուխըկը հակի տետրակներուն վրայ արձանագրելու յանձնարարեալ նամակս եւ դէմքը կը ժպտի բարեկամաբար։

Կը կարծէի որ ձեզ պիտի տեսնեմ Կուլտուրայի Տունը. հետաքրքիր երկոյթ էր։

Ամէն ինչ հետաքրքրական է. ցաւը այն է որ չէ կարելի հասնիլ ամէն տեղ։

Նամակատան ծառայողը ինձ ցուցմունքներ կընէ, ուշադրութիւնս կը հրաւիրէ այս կամ այն ելոյթին, երեկոյթին կամ հիմնարկին վրայ։

Իր սովորական անայլայլ դէմքը ոգեւորուած է. որովհետեւ այդ պահուն իր անձնական գործէն դուրս կը տեսնէ ամբողջ գործը եւ այն ներուժ եռանդով որ ամէն մէկին վրայ կը տեսնէք, կուզէ ինձ հաղորդակից ընել հաւաքական կեանքին, որպէսզի ես ալ իմ կարգիս կարենամ հաղորդակից ընել մեր արտասահմանի ընթերցողը այն ստեղծագործական մեծ թափին որով ամէնքը կապրին եւ որը կը կազմէ եղելութիւններուն եղելութիւնը, գեր ի վեր ամէն բանէ, միակ եւ գլխաւոր ուրախութիւնը ամենուն եւ ամենուն։

 

Ընկեր Տիկի՛ն... ընկեր Տիկի՛ն...

Ընդոստ կը դառնամ ետեւ. անապաստան երախաներ են որ ընտանեցեր են ինձ հետ իմ ամենօրեայ անց ու դարձիս։

Գիրուկ, չարաճճի, պատառատուն հագուստներով բայց զարմանալիօրէն մաքուր, անապաստան երախաները ինձ կը շրջապատեն։ Շատ քիչ թիւով մնացեր են բայց դեռ կան [1] ։ Մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուեր է անոնց պաշտպան կանգնելու եւ այդ ցաւոտ հարցը վերջնական լուծումի ենթարկելու համար։

Երկու երեք օրերէ ի վեր երբ կոոբերատիվ ճաշարանը կը մտնեմ կը նշմարեմ որ... մոռցեր եմ սիկառէթներուս տուփը։ Գրպաններս պարապ են։ Բայց այս անգամ դեռ նոր գներ էի տուփը եւ մոռացութիւն չէր կրնա ըլլալ։ Յանկարծ միտք մը կընեմ եւ դուրս գալով կը տեսնեմ որ իմ բարեկամներս նստած մայթի եզերքին, ամէն մէկը բաբիրոս մը ձեռքը կը ծխէ քէֆով։

Այդ լաւ չէ, կըսեմ, ծիծաղս հազիւ զսպելով։

Երախաները իրար կը նային սրտնեղած. իրեցմէմէկը, «պետ»ը, դէպ ինձ կուգայ եւ կսկսի խօսիլ մանւածապատ բաներու մասին. միայն այնքանը կըմբռնեմ որ «թիւրիմացութիւն» է պատահեր։

Հետեւեալ օրը սովորական ժամունրեաքաները չի կան բայց «պետ»ը յանկարծ թագստոցէ մը դուրս գալով ինձ կը մօտենայ եւ տուփ մը բաբիրոս կը սահեցնէ գրպանս։

Ընկեր Տիկի՛ն, ներողամիտ եղէ՛ք... դեռ պարտք ունիք...

Զարմանալի երախանե՛ր որ իրենց յատուկ օրէնքները եւ նոյն իսկ բարոյականը ստեղծեր են։ Այդ օրէն յետոյ մեր բարւոք յարաբերութիւնները կը վերահաստատուին եւ իմ կամաւոր տուրքս կուտամ անց ու դարձիս։

 

Գլխաւոր Կոոբերատիվ ճաշարանը ուր կը յաճախեմ ընդհանրապէս, ընդարձակ սրահ մըն է, պատշաճօրէն կահաւորուած, միշտ լիքը յաճախորդներով եւ ուր կարելի է առատօրէն ճաշել մէկ րուպլիի փոխարէն։ (Բանուորաըան եւ այլ Կոոբերատիվ ճաշարաններու մէջ կարելի է ճաշել 50-70 կոպէկով)։ Ծառայութիւնը դանդաղ է եւ պէտք է համբերել, մանաւանդ ճաշի միջոցին պատուէր տալու եւ ստանալու համար։ Բայց այդ սպասումը ոչինչ ունի անախորժ որովհետեւ ճաշըկը կատարուի ժամը 3ին կամ 3. 30ին երբ ամէնոքիր օրական աշխատանքը կատարած է։ Ասկէ զատ երեքով, չորսով խմբուած ենք սեղաններու շուրջ եւ զրոյց կընենք։ Ի՜նչ համակրելի հասարակութիւն եւ ի՜նչքան հաճելի ժամեր անցուցեր եմ այդ աղմկալի եւ եռուն սրահին մէջ։ Սեղանէ սեղան՝ ժպտուն նայուածքներ, սիրալիր բարեւներ. ուրախութի՜ւն ակնարկով մը, բառով մը հաղորդակցութեան մտնելու մարդոց հետորոնց հետ հասարակաց հոգեր եւ նպատակներ կան։

Յաճախ սեղանակից կըլլամ համալսարանի գրական ֆակիւլտէի վարիչ, Գիւլիքէօխվեանի հետ որու հետ կը խօսինք գրական եւ այլ նիւթերու վրայ։ Երիտասարդ գրողներ կուգան կը նստին մեր սեղանին։ Ինչքա՜ն սերտէ եւ եղբայրական կապը որ ունին իրենց աւագ ընկերոջը հետ որ դարձեր է Պրոլետ գրողներու բարոյական նեցուկը եւ առաջնորդը։ Ընդհանրապէս մտախոհ՝ Գիւլիքէօխվեան կը դառնայ ժպտուն երբ իր նայուածքը կը հանդիպի այդ երիտասարդներէն մէկին ու միւսին։ Ինձ կուտայ տեղեկութիւններ ամէն մէկի վրայ եւ առհասարակ Խ. Հայաստանի Պրոլետարնկնի գրականութեան մասին։ Մնաց որ բարձրագոյն կրթութեան տէր, պատրաստուած մեծ դեր կատարելու անիկա կը հանդիսանայ առաջնակարգ ուժ եւ իր խօսակցութիւնը մեծապէս հետաքրքրական է եւ լիքը բովանդակութեամբ։

Այդ նոյն ճաշարանն է որ երբեմն կերթանք խումբով լաւ ճաշ մը ընելու երբ մեզմէ մէկը գանձում մը ըրած է։ Կը հաւաքուինք դիպուածին ընծայած հանդիպումներէն օգտուելով եւ երբ կը բոլորուինք սեղանի մը շուրջ, ի՜նչ անվերապահ ուրախութիւն. անկնճիռ դէմքեր, հոգիները լիքը աննպատակ հրճուանքով։

Տօ՜ն մշտատեւ, համեստ քսակներով, ժուժկալ ախորժակներով. գինո՜վ ենք առանց խմելու, գինո՜վ մեզմէ բղխող անսպառ ուրախութիւնով։ Ամէն մէկը տոգորուած է այն զգացումով որ մեծ յաղթանակ մը տարուած է եւ այդ խոր ու հիմնաւորուած զգացումը երբեմն մինչեւ մակերեսը կը բարձրանայ եւ ամէն առիթ լաւ է արտայայտելու համար անիկա։

Օր մը երեք հոգիով կը հանդիպինք Խոջիկին, «Կարմիր Մոծակ» երգիծաթերթի խմբագրին։ Նոր դուրս եկեր է պաշտօնատունէ մը ուր խիստ նկատողութիւն է լսեր, չեմ յիշեր այլ եւս, ինչ բանի համար։ Խոջիկը տխուր եւ ընկճուա՜ծ, մեզ կը թուի անբնական։ Յանկարծ միտք մը կը յղանամ։

Խոջի՛), ինձ պատահեր է բացառիկ յաջողութիւն մը, երթա՛նք միասին ճաշենք չորսով։

Ի՞նչ է պատահել։

Մէկը կըսէ.

Դէ՜հ գուշակի՛ր.

Փող ե՞ս ստացեր...

Ի՜նչ փող, աւելին.

Պաշտօ՞ն... գործուղղո՞ւմ...

Ի՜նչ փող, ի՜նչ գործողղում, աւելին, աւելին...

Խոջիկի դէմքը կը պարզուի եւ կսկսի լիաթոք խնդալ եւ չորսով կերթանք բոլորուիլ սեղանի մը շուրջը։ Այսօր գինի պիտի խմենք, Երեւանեան բարկ եւ զգլխիչ գինին, մէկ շիշ միայն, բայց այդ բաւական է որ ամենքս ալ խելայեղ ուրախութեան անձնատուր՝ բաժակներ պարպենք մի ինչ որ երեւակայական յաջողութեան համար, ունուն կը հաւատանք այլ եւս ամէնքս ալ եւ որ այնքան ալ երեւակայական չէ քանի որ յաջողեանք ցրուել մեր համակրելի երգիծաբանին մտահոգութիւնըորուն այլ եւս կակնարկէ շատ նրբամիտ հիւմուրով։

 

Մշտատեւ հոգեկան հրճուանքի մէջ են նաեւ այն մտաւորականները որ մնացեր կամ վերադարձեր են Խորհրդային Հայաստանեւ անկեղծ սրտով եւ խորը համոզումով կանգներ են խորհրդային գծի վրայ։ Այդ շարքի մարդւց մէջ ամենէն յատկանշական դէմքը կը հանդիսանայ Սիմոն Յակոբեան, այժմ դասախօս՝ Պետական համալսարանի։ Ամէն անգամ որ զինքը կը տեսնեմ միշտ մեծ հաճոյքով անմիջապէս կը բացագանչէ։

Ի՜նչ լաւ արիր որ եկար...

Երբ միասին կը քալենք փողոցին մէջ, յաճախ կանգ կառնէ, նոյն իսկ ետեւ կը դառնայ եւ թեւերը տարածելով ինչպէս եթէ ուզեր գրկել տարածութիւններ կը մրմնջէ իր թեթեւ մը ռնգային թաւ ձայնով։

Է՜հ, սա մեր Երեւանն է։

Իր ուրախութիւնը մանկական պարզութիւն ունի եւ այնպէ՜ս վարակիչ է որ իրմէ բաժնուելէ յետոյ դեռ կը ժպտիմ մտաբերելով շարժումները եւ ձայնին շեշտը։

Առանձին կը խօսինք երկար եւ որովհետեւ հին բարեկամներ ենք, կը խօսինք սրտաբաց եւ անվերապահ։Այդ խօսակցութիւնները որ տեղի կունենան նաեւ ուրիշ հին ծանօթներու հետ, առաւել եւս կամրացնեն իմ մէջ այն կարծիքը որ խորհրդային գծի վրայ կանգնած անկուսակցական մտաւորական ուժերը, ոչ թէ բարեյարմարութեան պատճառով, ինչպէս ընդհանրապէսկը կարծես արտասահմանի մէջ, այլ խոր համոզումով, իրողութիւններէ եւ իրականութենէ բղխած համոզումով կանգնած են խորհրդային աշխատաւորութեան կողքին եւ այդ կապացուցանեն արդէն ուղղամիտ գործունէութեամբ։

Ղեկավար շրջանակները գիտեն արժէքը այդ գիտակից եւ խղճամիտ աշխատակցութեան եւ ըստ այնմ վերաբերմունք ցոյց կուտան այդ ազնիւ տարրերուն։ Ամէն ոք որ մաքուր սրտով, հասկնալով եւ իւրացնելով երկրի վարած մշակութային եւ տնտեսական գիծերը, իր քարը կը բերի դնելու խորհրդային շինարարութեան մէջ, կը գտնէ լայն քաջալերութիւն եւ խրախոյս։

 

Անշուշտ եւ կան դժգոհներ եւ գանգատաւորներ եւ պարզ է որ մէկէ աւելի առիթներ ունեցայ լսելու այդպիսիները մանաւանդ ժամանմանս առաջին օրերուն երբ ոմանքկը կարծէին որ իմ կեանքի «Եւրոպական ըմբռնումս» համամիտ պիտի գտնուէր այդ դժդգոհութիւններու ներքին բովանդակութեան։

Նախ մէկ կողմ կը թողում այն մարդիկը որ յաւիտենապէս դժգոհ են եւ որոնք նոյնքան դժգոհ տեսած էի ուրիշ կարգերու մէջ, ուրիշ երկինքներու տակ։ Կան նաեւ մարդիկ, մանաւանդ տարէցները, որոնց ներքին էութիւնը անհաշտ է նոր կարգերուն։ Ոչ թէ դժգոհութեան առարկայական պատճառներ ունին, այլ այնպէս, դժգոհ են սկզբունքով։ Կան եւ այնպիսիներ որոնք անկեղծօրէն կը կարծեն թէ հրաժարած են որոշ գաղափարաբանութենէ եւ որ սակայն յանկարծ մասնաւոր հարցերու մէջ իրենց տրամադրութեանց անհաշտելիութիւնը, ունակութիւն դարձած մտածելակերպ հակադրութեան դնելով նոր կարգերու հիմնական սկզբունքներէն բղխած վարքագծին հետ. եւ այս՝ բացառաբար մտաւորաըան մարզերու պատկանող գործունէութեան մէջ։

Իրիկուն մը, մթնշաղին կը բարձրանայինք Աբովեանի վրայով դժգոհ ծանօթի մը հետ որ այլապէս իր ստանձնած գործը կը կատարէր խղճմտութեամբ։ Նա կը խօսէր, ես կը լսէի միեւնոյն ատեն դիտելով շուրջս եռացող կեանքը։ Երկու սեռէ երիտասարդներ կը դիմէին դէպի համալսարան։ Ուրիշներ կան առած կը խօսակցէին եւ կը վիճէին։ Ծանօթս, ծանրակշիռ նիւթարը լքելով, ինձ ցոյց տուաւ այդ խումբերէն մէկը եւ ըսաւ.

Չի կայ այլ եւս ընտանեկան կեանք, չի կայ ամօթ. այդ աղջիկները եւ երիտասարդ կիները տանը չեն մնար, կը նետուին փողոց...

Բնական է, պարապմունքներ ունին.

Ի՜նչ պարապմունք... այդ բոլորը պատրւակներ են իրար հանդիպելու...

Դիտեցէ՛ք, կընդհատեմ խօսակիցս, սա պատանիները...

Այո՛, այնտեղ ընթերցարան մը կայ.

Երթա՛նք, տեսնե՛նք։

Կը դիմենք կողմնակի փողոցը, կը յառաջանանք բաւականին, կանգ կառնենք շէնքի մը առաջ եւ կը մտնենք։ Մանուկներու եւ պատանիներու բազմութիւնմ մը խճողուած է նախասենեակին մէջ. հերթի կսպասեն ընթերցանութեան գիրքեր վերցնելու համար։ Գլուխս երկարելով կը տեսնեմ երկար սրահը, լոյսով ողողուած, ուր մէկ ծայրէն միւսը երըարող սեղանի մը երկու կողմերը, երկու սեռէ պատանիներ նստած կը կարդան ոմանք գիրքեր եւ ոմանք՝ թերթ ու պարբերական։ Լռութիւնը կատարեալ էր։ Ծանրախոհ մատղաշ դէմքեր կը հետեւէին տպագրուած էջերու։

Դուրսը, սպասող երախաներու վրայ իբրեւ վերակացու կանգնած էր հազիւ 16 տարեկան պատանի մը։ Մթագոյն պլուզ հագած, մէջքը սեղմուած գօտիով, անոր նուրբ հասակը կը բարձրանար բազմութեան մէջ։ Մէկ ձեռքը մէջքին դրած, անիկա միւս ձեռքով կը շոյէր մէկ կամ միւս երախայի գլուխը։ Երբեմն այդ փոքրերէն մէկը կուղղուէր վերակացուին որ լրջութեամբ բայց մեղմութեամբ կը պատասխանէր։ Ես կը դիտէի այդ երիտասարդին սեւ եւ հոծ մազերով գլուխը, ամուր ծոծրակը, կեցուածքին լրջութիւնը, վարմունքին հասունութիւնը։ Կարծես անիկա կը մարմնացնէր մեր երկրին կանքահաս նոր եւ առողջ սերունդը։ Երբ դէմքը ինձ դարձուց, իր սեւ աչքերուն հուրքը կարծես յուզման մէջ դրաւ իմ մէջ խոր զգացումներ։ Եթէ նկարիչ ըլլայի, կը նկարէի այդ տեսարանը եւ վստահ եմ որ մեր խորհրդային երկրի մէկ շատ հարազատ պատկերը սեւեռած կըլլայի կտաւի վրայ։

Երբ դուրս եկանք այնտեղէն զարմացումով անդրադարձայ որ ինձ ընկերացող անձը ջերմութեամբ կըսէր «թէ պէտք է խոստովանիլ որ նոր կարգերը մեծ մղում կուտան մշակոյթի տարածման, թէ միւս կղոմանէ առանց ներքին եւ արտաքին խաղաղութեան մեր ուժասպառ ժողովուրդը ոչ թէ ուսմունքի եւ տնտեսական վերելքի մասին կարող էր մտածել այլ արդէն բնաջնջման ենթարկուած կըլլար եւ թէ այդ խաղաղութիւնը չէր հաստատուեր երբէք առանց Հայաստանի խորհրդայնացման», եւ այլ այս կարգի հաւաստիացումներ եւ որոնք կըսէր համոզիչ շեշտով, օրինակներով, ինչպէս եթէ ինձ ուղղութեամբ վստահեցնելու հարկին տակ գտնուէր։ Հրաժեշտի պահուն իմ ժպիտիս նշանակութիւնը հասկնալով, անիկա կանգ առաւ եւ ըսաւ.

Այս բոլորը ճիշդ է բայց...

Իսկ ես վաղուց արդէն գիտէի այդ «բայց»երուն կշիռքը։

Ժամը 7-8ին կսկի Երեւանի գիշերային կեանքը։ Աբովեան փողոցը ողողուած է ելեկտրական լոյսերով ինչպէս եթէ լուսազարդուած ըլլար։ Կողմնակի եւ զուգահեռական փողոցները նուազ՝ բայց լուսաւորուած են։ Սակայն պէտք չէ շատ հեռանալ կեդրոնէն։ Անհաւատալի է ենթադրել որ քիչ մը անդին կարելի է իյնալ խաւար եւ անհարթ գետինով փողոցներու մէջ։

Բայց եւ նկատելի է օրէ օր յառաջդիմութիւն։ Իմ Երեւան եղած միջոցիս, սալայատակուեցաւ Նալբանտեան փողոցը եւ մասամբ կայարանի ճամբան [2] ։ Փողոցներ որ մութ էին, քանի մը շաբաթ յետոյ կրկին անցնելով, գտայ լուսաւորուած։ Կառավարութիւնը եւ քանղաքը ամէն ջանք կը թափեն Երեւանը վերաշինելու եւ բարեզարդելու համար։ Ակատեմիկոս ճարտարապետ Թամամեան, կառավարութեան պատուէրով պատրաստած է Երեւան քաղաքի նոր յատակագիծը որու համեմատ քանի մը տարիէն մեր երկրի մայրաքաղաքը պիտի դառնայ ամէն յարմարութիւններով օժտուած քաղաք։ Այժմ շինութիւնները կը կարաուին ըստ այդ յատակագծի։

Գիշերային կեանքը Երեւանի մէջ ճոխ է զանայան հանդէսներով, երեկոյթներով։ Ամէն իրիկուն գրաթէ առանց բացառութեան, պէտք էր ընտրութիւն մը ընէի։ Թատրոնը հետաքրքրական ներկայացում կայ, ոչ նուազ հետաքրքրական հրապարակային դասախօսութիւններ պիտի տեղի ունենան։ Երբեմն կայ համագումար, երաժշտական երեկոյթ կամ ժամադրութիւն ակումբի մէջ։

Բոլոր սրահները, որը որ մտնէք լիքն են։ Նկատեցի որ հանդիսականներու որակը շատ աւելի բարձր է քան գաղութահայ որ եւ է հաւաքոյթի մը մէջ։ Նոյն իսկ դասական երաժշտութեան նուիրուած երեկոյթներուն անդրադարձայ որ երաժշտական ճաշակը եւ հասկացողութիւնը անհամեմատ աւելի զարգացած են քան թէ, օրինակի համար, բարիզահայ հասարակութեան ճաշակը (բացի անհատական բացառութիւններէ)։ Եւ այդ բացայայտ է ոդ միայն ներկաներու արտայայտած կարծիքէն կամ քննադատութիւններէն այլ մանաւանդ յայտագիրներու կազմութենէն։ Հազարաւոր մարդիկ կուգան կը լեցնեն սրահը, լսելու համար հայ կամ օտար դաշնակահարի մը նուագածութիւնը եւ կամ մեր կոնսերվատուարի երաժշտական կատարումները, երբեմն երկու երեք օր յաջորդաբար։

Ընդհանրապէս մեր երկրի բնիկները լուրջ գն, ինքնամփոփ եւ ծանրակշիռ։ Հետքը չի կայ այն թեթեւսօլիկութեան եւ երկդիմի ճաշակներուն որոնց այնքան կը հանդիպինք այլուր։ Այդ լրջութիւնը չի ենթադրեր բնաւ տխուր եւ մռայլ տրամադրութիւն եւ չի նշանակեր որ մարդիկ զուարթութիւն չունին։ Բայց այդ ջինջ զուարթութիւնը եւ պայծառ ուրախութիւնը ինքնին ակտ մըն է։ Մի ինչ որ խստամբեր եւ ծանրախոհ բան կայ մթնոլորտին մէջ որ անմիջապէս զգալի է երկուորին։ Մարդիկ չեն երթար երաժշտութիւն լսելու ինչպէս որ եւ է ժամանցի, այլ լրջօրէն հաղորդակցութեան մտնելու արուեստի բարձրագոյն արտայայտութիւններու հետ։

Երկրի մը մէջ ուր ամէն աստիճանի մշակոյթ ունեցող մարդ կայ, չենք լսեր որ եւ է թեթեւ երգ կամ խաղ։ Նոյն իսկ ճաշարաններու մէջ նուագախումբերը (որոնք կազմուած են կոնսերվատորիայի աշակերտներէ) կը նուագեն դասական կտորներ եւ առ առաւելն ժողովրդական երգեր, պարեր, ռուսական, հայկական կամ պարսկական։

Կայ եւ արեւելեան նուագածութիւնը որ շատ սիրելի է մեր երկրի բնակիչներուն։ Բայց եւ այդ երաժշտութիւնը թախիծով եւ կարօտաբաղձութեամբ լիքն է եւ իր գլխաւոր յատկանիշը թեթեւութիւնը չէ։

Ըսել չէ որ թեթեւ հաճոյքներու հետամուտ անհատներ չի կան ։ Բայց այդկարգի մարդիկը սահմանափակուած են իրենց անձուկ շրջաններուն մէջ եւ որ եւ է ազդակ չեն հանդիսանար հասարակական կեանքի մէջ։ Հետզհետէ աւելի հաստատ կեցուածքով եւ խիտշարքերով դիրք կը բռնէ առաջին բլաններու վրայ մեր երկրի արի եւ յաղթական աշխատաւորութիւնը եւ իր կողքին կանգնած, իրմէ դուր եկած հարազատ մտաւորական ուժերը։ Այդ աշխատաւորութիւնն է որ գոյն եւ կշռոյթ կուտայ հասարակական կեանքին։ Ոչ մէկ տեղ թերեւս, որքան Հայասատանի մէջ այդ էր որ սահմանուած էր ըլլալու բնականոն կեանքը։ Արտասահմանի մէջ յաճախ ըրեր են ինձ սա դիտողութիւնը թէ այդ երեւոյթը հետեւանք է որոշ ուղղութեամբ տարւած աշխատանքի։ Եթէ որոշ ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը համարենք զանգուածներու սիստեմաթիք մշակումը, իհարէ սա իր որոշ եւ բարերար դերը ունի այդ արդիւնքին մէջ։ Ինչ որ անուրանալի է այն է որ մեր երկրի աշխատաւորութիւնը դիմադրութիւն ցոյց չի տար. ընդհակառակը։ Զանգուածները ծարաւի են ուսմունքի, գիտութեան, լուսաւորութեան։ Ինչպէս մեր դարերէ իվեր ամուլ մնացած հողերը ծարաւի են ջուրի որպէսզի բեղմնաւորուին, այնպէս եւ մեր յետամնաց ժողովուրդը կարօտ է լոյսի նոր արժէքներ տալու համար։ Խնդիրը այն է որ հողին տեսակը ազնիւ է եւ ընդունակ լուրջ արդիւնքներ տալու։ Երէկուայ յետամնաց գիւղացին որուն աչքերը դեռ նոր բացուեր են, կամ նորահաստատ արդիւնաբերական կեդրոններու մէջ մարզուող բանուորութիւնը որ ստացեր է գիտակցութիւն իր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութեանց արդէն հաստատուեր են դիրքերու մէջ։ Այդ հասարակութիւնն է որ կը լեցնէ սրահները, կլիւբները, թատրոնները եւ այն է որ հանդէս կուգայ ժողովրդական տօներուն իր խօսքը ըսելու։

Նոր բարձրացող եւ յաղթական դասակարգի մը կուլտուրան է որ կստեղծուի։ Ան է որ իր հարուստ բազմադիմի կեանքով, իր ստեղծագործական հսկայթափով նոր բովանդակութիւն պիտի տայ եւ նոր ձեւեր կերտէ գեղարուեստի եւ գրականութեան բնագաւառներուն մէջ։



[1] Այս տողերը տպագրութեան յանձնած պահուս այլ ևս անապաստան երախայ չէ մնացած։ Ծ. Հ.

[2] Դեռ շատ աշխատութիւններ կատարուած են այդ միջոցին որոնց թւումը պիտի խճողէր այս էջերը և որոնք օրը օրին հաղորդուած են Մամուլի մէջ։ Ծ. Հ.