Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՌԵՏՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ժամանակակից  հայ  գրականութեան  մէջ  հռետորութիւնը այն իմաստով, զոր ես կ՚ուզեմ գործածել հոս, տխուր յաճախումի մը, անիմաստ ու թերեւս վնասակար հպարտութեան մը կրկին հանգամանքներովը բաւական ուշագրաւ երեւոյթ մըն է, արժանի լուրջ ուսումնասիրութեան։

Ամէնուն ծանօթ է արդէն սեռը, որուն մշակները իրերուն բերումովը բաւականէն աւելի շատ են եղած մեր մէջ, քանի որ միշտ մարդկային փառասիրութեան մը գոհացումին համար չունենալով ուրիշ եղանակ՝ պերճախօս քարոզիչները, ըլլան ժամուն մէջ, հանդէսներու զաւեշտով լեցուն մթնոլորտին տակ կամ սահմանադրական ու այսինչական ուրիշ համախմբումներու պահուն, կը շռայլեն առատօրէն իրենց իմացական կորովը, տեսակ մը անգիտակից երջանկութեամբ, սպառլով բառերու եւ ծափի, արցունքի ու խանդավառութեան մէջ իրենց  տրամադրելի կենսական ուժը որ դժբախտաբար այդ կերպով գետինը թափուած անիմաստ արիւնէ մը անդին չ՚անցնիր։

Ոգին, հռետորական ոգին, ծափի, ձեւի, բառի գրականութիւնը, գրականութիւնը լաւ, հարազատ ու կշռօրէն քալող պարբերութիւններուն, սրբազան կրակով կարմիր, բայց միշտ ժուժկալ պատկերներուն, բաւականէն աւելի զանգուածով է արդէն մեր ետին ու փոխանակ տկարանալու, մեղմանալու, յանդուգն բախտախնդրութեամբ մը տակաւ մուտք կ՚ունենայ մեր բոլոր սրահներէն ներս, հին ծանօթի մը համարձակ ընտանութեամբը ոտք կոխելով նոյնիսկ նուիրական բաժնեմասերու մէջ։

 

* * *

 

Բոլոր հասարակ աւիշներուն նման, այդ ոգին կը սիրէ ամէն տեսակ բոյսեր, փափկութիւններուն, նրբութիւններուն ընտրութիւնը չունի ան, ամէն կլիմայի կը յարմարի (s’acclimater) զարմանալի դիւրութեամբ մը, ամէն ցեղի ու ամէն հատուածի մէջ անոր պատուաստը չի խաբեր։

Իր արդի՞ւնքը։ Նիհար՝ բայց չքնաղ նրբութեամբ ծաղիկներուն վրայ այդ աւիշը կը բանայ կանաչ լայնութիւնը հասարակ տերեւներուն, դալուկ, բայց սիրտի դպող գեղեցկութեամբ բաժակներուն շուրջը ան կը բերէ հաստ ու պոռոտ հոծութիւնը սովորական գոյներուն, հովի պէս թեթեւ, սակայն ազնուազգի բեղմնափոշիին զգուշաւոր պարկեշտութիւնը (pudeur) կը փոխէ տափակ ու խառնակեաց ցուցադրումի մը։

Եղանակին համեմատ ան ընդարձակ տարածութիւններ կ՚առնէ իր ազդեցութեան ներքեւ։ Երբեմն կը տիրէ գօտիներու։ Վայրի ու մենակեաց ծառերուն  կու տայ դանդաղ միսերն ու տերեւները ջրարբի բոյսերուն։ Ցայտումները, շեղումները, զարտուղութիւնները, սլացքները վախկոտ ընկրկումով մը կը խելօքնան, ու ծառերը կը թաւնան, կը հաստընան ու անոնց ատաղձը երկու շիթ անձրեւէ կը փտի։

Հռետորութիւնը արտայայտուելու շատ միջոցներ ունի։

Յաճախ մենք կը տեսնենք զայն բանաստեղծներուն մէջ հարուստ  ու  հասարակ ծաղկի  մը  պէս գրաւելով անոնց հոգին, կանաչութիւն, գոյն ու հոտ դնելով այդ հողէ ամանին մէջ, ծածկելով այսպէս աչքերէ ամայութիւնը, աղքատութիւնը, որ շատ անգամ այդ սրբարանին ընդհանուր վիճակն է։ Որքա՜ն հազուագիւտ են բիւրեղէ, գոհարէ, մեղեսիկէ սիրտ ունեցող բանաստեղծները։ Ու ասոնց մէջ որքան աննշմար է այդ գռեհիկ ծաղիկը։ Որքա՜ն ազնիւ է հոտը, որ այդ բարակ, ազնուական առէջներէն կը փախի՝ տաճարի մը քաղցրութիւնը ստեղծելով անոնց հոգիին մէջ։

Յաճախ ան կը յայտնուի վիպասաններուն մօտ։ Գրողը կը միջամտէ դէպքերուն բնականութեան, վէպին գործողութիւնը կ՚ենթարկէ քմահաճ արագութեան կամ յամեցումներու։ Ժամերով կը մնայ այն բարձունքներուն վրայ, ուրկէ կարելի կ՚ըլլայ լայն ձեւերուն կլորութիւնը (rondeur), հանդիսաւորութիւնը պատկառելի դարձնել։ Ճոռոմ ցուցադրումի մը համար անձերը կը հագնին գոյնգոյն շուրջառներ, օձի բերնով ոսկի գաւազաններ կը խաղցնեն իրենց ձեռքին մէջ։ Ու այս ծանրօրէն պճնուած խամաճիկները կը խօսին ժամերով ու իրենց շարժուձեւը, մատերուն խաղը, ձայնին պայմանադրական կորացումները կ՚ընկերանան անխուսափելի շեշտն։ Արքայութիւններու դժոխքներու  դասական պատկերներուն  համար անոնք գիտեն պէտք եղած գոյները։

Հռետորութիւնը մանաւանդ իր բոլոր ուռուցիկութեամբը, սեռին բոլոր տափակութիւնովը երեւան կուգայ հրապարակագրութեան մէջ։ Մեծագոյն ու աժան ծիրանին է ան դասակարգի մը, որ ստեղծելու կարողութենէն չարաբաստօրէն զուրկ՝ գործելու միջոցներուն հանդէպ տկար ու անփորձ կամքով, կը դիմէ անոր, ծածկելու համար մտածումի հասարակութիւնը, յաճախ ճակատագրական։

Հռետորութիւնը չի քաշուիր դարձեալ պտտելու անանկ դիրքերու վրայ, ուր գիտութեան պաղը միօրինակ կլիմայի մը երջանկութիւնը ապահոված է։ Իմաստասիրութեան մէջ, որ գօտիին մուտքը կը կամարէ, ան կը սիրէ իր ճոխ հանդերձներուն փայլը խաղցընել, բարեպաշտ նայուածքներուն հաճելի ըլլալու համար իր ծիրանին նետել մաքուր մերկութիւններու վրայ։

* * *

Լատին գրականութեան պատուաստն է ան մեզի։ ԺԹ. րդ դարու մինչեւ վերջին քառորդը բոլոր հայ գրագէտները աւելի կամ պակաս չափով կրած են անոր անխուսափելի ծանրութիւնը։ Վենետիկեան հայրերու գրականութիւնը, երբ թարգմանութիւն կամ լեզուագիտական ցոյց մը չէ, գրեթէ միշտ հռետորութիւն է, թէեւ հանդարտ տեսակէն։ Դասականներուն պարզութիւնը զգալի մեղմութիւն մը բերած է անոնց գիրքերուն մէջ։

Բագրատունին, Ալիշանը, Պէշիկթաշլեանը, ՆարՊէյը, Թէրզեանը իրական տաղանդով գրագէտներ, շատ անգամ տարուած են հոսանքէն։ Անոնք ունենալով հանդերձ սեպհական ոճ -կարեւորագոյն խորքը գրագէտի մը-, չեն կրցած իրենց անհատականութիւնը ազատել հռետորութեան պարաւանդումէն։

Մեր գրականութեան մէջ ան տարօրինակ եղբայրութիւն ցոյց է տուած ռոմանթիզմին հետ։ Ռոմանթիզմին գոյնը, որ, Ժորժ Պրանտէսի համեմատ, կը փոխուի ամէն ցեղի մէջ, մեր մօտը նոյնացաւ հռետորութեան պերճ կարմիրին հետ։ Մեր ռոմանթիքները գրեթէ երբեք չեն նկարագրեր, չունին այն հրաշալի նկարէնութիւնը, որ ֆրանսացի մեծ ռոմանթիքներուն գործին հասարա- կածային զմայլելի բնապատկերներուն հմայքը կը հագցնէ։ Մեր ռոմանթիքները չունին նուրբ, սարսռուն ջիղերը Միւսէին, հակառակ անոր, որ գրեթէ միշտ անձնական քնարը կը կախուի անոնց վիզէն։ Դուրեանը միայն իր լաւագոյն տաղերուն մէջ, որոնց վրայ անկեղծ ու իրական ցաւի մը մուխը կը սաւառնի, բախտն է ունեցած իր զգացումը գրելու առանց կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտ պճնումին։ Ու զարմանալի չէ որ Պ. Աղեքսանդր Փանոսեան, մեր  ամէնէն հռետոր բանաստեղծը, Պէրպէրեանէն վերջը, անոր լեզուն թերի, պարզութիւնը՝ աղքատութիւն նկատելու յաւակնութիւնը չի մոռնար նոյնիսկ մեր օրերուն։

Հռետորութիւնը իր տրամադրելի բովանդակ լայնութիւնը գտաւ Ռ. Պէրպէրեանի մօտ։

Պէրպէրեանի դպրոցն է, որ սորվեցուց բարւոյն, ճշմարտին եւ գեղեցիկին ծիծաղելի երրորդութեան փառաբանութիւնը մր նոր սերունդին։ Ամբողջ քառորդ դար մը՝ մեր գրականութիւնը ողողուեցաւ ճառերով, քարոզներով, ուր Վիքթոր-Քուզէնի բարեպաշտիկ իմաստասիրութիւնը ներկայացուեցաւ իբր գերագոյն կատարը, ուր պարտ էր բարձրանալ մարդկային քննող միտքը, իր տարակոյսներուն ծարաւովը չարչարուած։ Ու սերունդ մը՝ այդ բաւարար վարդապետութեան ընձեռած բարոյական ապահովութեան կռթնած՝ չփնտռեց աւելին, չփնտռեց այդ ուռուցիկ բառերուն պահած անիմաստ պարապութենէն անդին յաւիտենական անդոհութիւնը գիտնալու բռնաւոր պէտքը։ Չէ՞ որ ընտրական ոգին կը գոհացնէր բոլոր միջակութիւնները։

Երեւոյթը արդէն անգամ մը տեղի ունեցեր էր ֆրանսական գրականութեան մէջ։ Քուզէնի պերճախօսութիւնը գոցած էր ճարտար սքողումով մը յաւիտենական խնդիրներուն անծանօթին վրայ բաց մնացած դուռը։ Աշխարհն ու տիեզերքը հասկցուած ոչնչութիւններ էին կուրցնող ուժի մը, փայլակող Աստուածի մը մեծ վայելչութեան դիմաց։ Մարդերը կ՚ապրէին վերը յիշուած երեք բառերուն հմայքին մէջ։ Պէտք էր ատել բնախօսութիւնը (physiologie), որ իր առջի քայլերուն մէջ իսկ խորունկ վտանգներ կը սպառնար գիրքի հոգեբանութեան։ Պէտք էր մշակել խիղճը, աւանդական ու մաքրակրօն գիտակցութիւը արքայական (royaliste) կաթոլիկներուն։ Այս հաւասարամոլ իմաստասիրութեան դէմ իր ընդվզումը բերաւ 48ի սերունդին մտածող հատուածը։ Թէն մահացուց զայն իր հռչակաւոր գիրքովը (Les philosophes classiques au dix-neuviՌme siècle), Դժբախտաբար մեր գրականութեան մէջ հակազդեցութիւնը շուտ չեկաւ։ Ու Ռ, Պէրպէրեան իր ճառերովը, յօդուածներովը, գիրքերովն ու թարգմանութիւններովը եւ մանաւանդ իր դպրոցին մէջ աւանդուած այդ դասական հոգեբանութեան դասերովը հռետորութիւնը մեր ծուծին մէջ մտցնել աշխատեցաւ։ Ժամանակը իր հետն էր։ Եղիան, որ հակառակ վարդապետութեան ջատագովն էր մեր մէջ, մենամոլի մը անհաւասար գրականութիւնը կ՚ընէր։ Այս վիժած ռոմանթիւիսթը գրեթէ նոյնչափ վնասակար եղաւ իր յեղյեղուկ գրականութեան, որքան իմաստասիրութեանը պատճառով։

Սրբուհի Տիւսաբ այդ մթնոլորտին մէջ կը գրէ իր վէպերը։ Ան hantée եղած էր բարիին ու չարին բնազդական ուրուականէն։ Իր անձերը կաթոլիկ սէօրերու վարժարանին երկիւղած ու սրբազան պերճախօսութիւնը յայտ կը բերեն նոյնիսկ սրտի ամէնէն բնական ու պարզութիւն պահանջող զեղումներու պահերուն։ Իրապաշտ վէպի ռահվիրաները՝ Արփիարեան, Բաշալեան, Զօհրապ՝ դեռ համարձակութիւնը չունին այդ օրերուն նորավէպի մը մէջէն վռնտետլու հռետորութիւնը, զոր շատ ճնշած են սակայն։

Բանաստեղծ անունին տակ երեւցող տժգոյն մարդերը անտանելի հռետորներ, Ասքանազի գրագիտութեան երկիւղած երկրպագուներ են։ Ու անոնց նախագահը Պ, Աղեքսանդր  Փանոսեան  ոտանաւոր քարոզներ կը գրէ մեծ յաջողութիւնով։

Հռետորութիւնը այնքան ուժով է այդ օրերուն, որ մեր ապրող մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը՝ Եղիշէ եպս. Դուրեան անոր փարումէն ինքզինքը հազիւ կրցած է ազատել Հովուական սրինգին մէջ, քսան տարիներու յարատեւ աշխատութենէ մը վերջ։

Մեր նոր բանաստեղծութիւնը 90-95ի սերունդին ազդեցութեանը տակ տուաւ քանի մը անկեղծ ու սրտի գործեր։

Նուազումը շուտ հասաւ սակայն։ Հակազդեցութեան գլխաւոր դէմքերը ցրուած էին։

Ու ծնունդ առաւ նոր ձեւով հռետորութիւն մը։

Խորհրդապաշտութիւն (symbolisme) անունն ունի ան։

Հռետորութիւնը միմիայն բառերու գրականութիւնը ըլլալով, մեր բանաստեղծներէն անոնք, որ խորհրդապաշտ մակդիրին համար հոգի կու տան, ինքնատիպ ու նորօրինակ հռետորներ եղան։ Նկատի առէք սենպոլիսթներուն գործը։ Անոնց ոճը, բառերուն վրայ գործադրուած բռնութիւնը, պարբերութեանց խոշտանգումը միայն ու միայն բառերով, կէտերով, երկարներով, շեշտերով (բոլորը քերականական առումով եւ ուղղագրութեան մէջ գործածուած իմաստով) թելադրելու այդ նորահնար եղանակը խորքին մէջ նոյնը կը մնայ։

Հռետորութիւնը դժբախտ կերպով մը կը հաստատենք դարձեալ մեր գրականութեան այն նոր սեռին մէջ, որ սկսուած է մշակուիլ կարգ մը ռուսահայ ընկերաբաններու ձեռներէցութեամբ։

Գիտական հանդարտութիւն, համբերատար հետազօտութիւն, վիճակագրական հմտութիւն, երեւոյթներու ընդհանրացումին մէջ մեծ ժուժկալութիւն պահանջող ընկերաբանութիւնը տակաւին մեր մէջ խառնուրդ մըն է գիտութեան եւ հռետորութեան։ Ու ցաւալի է խոստովանիլ, որ գիտական աշխատութեան մը մէջ հռետորական ոգին, որ հակոտնեան իսկ է, դեռ առաջին գործին վրայ է։

Րէմի տը Կուրմոն կ՚ըսէ. «Գործ մը կա՛մ գիտական է կա՛մ գրական։ Խառնուրդ աշխատութիւնները ոչինչ կ՚աւելցնեն հանրային հարստութեան վրայ»։

Ընկերաբանական վերջին հրատարակութեանց մէջ հեղինակները տոգորուած են խանդավառ հաւատքի մը շունչովը, որ անոնց գործերուն մէջ ճիշդ է, թէ տաքութիւն, կրակ կը դնէ, բայց զանոնք շատ խախուտ ալ կ՚ընէ գիտական վերլուծման դիմանալու։

Յաճախ այդ պրոշիւներու բարեմիտ հեղինակները այնքան կրակոտ ու անհանդարտ են, որ չեն կրնար ծանրութիւնը պահել գիտական ոճին։ Ուսումնասիրուած երեւոյթներուն հանդէպ իրենց կողմնակալութիւնը աչքէ չի փախիր։ Ի՛նչ քէնով ու ատելութիւնով անոնք կը նկարագրեն պուրժուազին, ազնուապետականութիւնը, ի՜նչ հաճոյքով կը յարձակին կղերին վրայ, ու ինչ երազային քաղցրութիւն եւ ուրախութիւն կը կաթէ իրենց գրիչներէն, երբ անոնք ապագայ, գալոց կարգերու դիւցազներգութիւնը  կ՚ընեն։

Հռետորութիւնը նորէն կը հաստատեք ներկայ կեանքին կարգ մը դրական երեսներուն մէջ։

Գործնականին մէջ բոլոր հանդէսները, ժողովները, հաւաքումները կը բխին նոյն ոգիէն։ Երբ անոնք կը մնան իրենց համեստութեանը մէջ, հաւաքական հոգեբանու- թեան մը կերտումին համար նախապատրաստութիւն կրնան սեպուիլ։ Բայց երբ անոնք էներգիայի (énergie) ձրի վատնում մը կը բերեն իրենց ետեւէն, երբ ծափերու եւ կեցցէներու տենդագին շարժումներուն մէջ հանդի- սականը իր կորովի մթերքէն բան մը վրայ կու տայ, փոխնակ իր ծանօթութեանց շարքին վրայ նոր բանի մը աւելնալուն գոհունակութիւնը հետ տանելու, այն ատեն ահա երեւոյթը կը միանայ գրական հռետորութեան, այսինքն՝ անխելք սպառումը որոշադրող déchargeին։

* * *

Յաւակնութիւն չունիմ այս թեթեւ գիծերով ներկայացնել երեւոյթ մը, որ մեր մտաւորական գործունէութեան բոլոր երեսներուն վրայ յամառօրէն սիրած է յայտնուիլ։

Ուրիշներ կրնան զայն ժխտական չգտնել, կրնան նոյնիսկ պաշտպանել անոր մէջ օգտաշատ նկարագիր մը։ Սակայն եւրոպական մամուլին մէջ ան գրեթէ ստեղծած է սեպհական գրականութիւն մը։ Լատին ցեղերուն անկումը գուշակուած իրողութիւն մը ըլլալէ դադրած է ալ։ Թէնի, Կիւսթաւ լը Պոնի, Թարտի, Ֆակէի նման մտածողներ անկլօ-սաքսոն ցեղերուն կենսունակութիւնը (vitalité) կը խոստովանին անոնց ազգային նկարագրին մէկ քանի տոկուն գործերուն մէջ։ Այդ գիծերուն շարքէն իբր վնասակար մէկդի է առնուած հռետորութիւնը։

Կազմուելիք սերունդ մը կայ մեր առջին։ Չեմ կարծեր, որ գրական հռետորութիւնը լուրջ անպատեհութիւն մը կարենայ նետել այդ շինումի գործին մէջ։ Սակայն եղերօրէն ստոյգ է, որ գործնական հռետորութիւնը գրաւած է մեր բոլոր դպրոցները։

Ունինք ուսանող սերունդ մը, որ տակաւ կը վարժուի աժան գոհունակութեան մը վտանգին, որ երիտասարդի իր աւիւնը հաճոյքով կը վատնէ պայքարներու, հանդէսներու ու ճառերու երեւոյթներուն մէջ, երբ իրենց ուսին կ՚իյնայ ազգային ինքնորոշումի, վերանորոգումի ծանր ու  սրբազան  աշխատութիւնը։

Հին նշանաբանը միայն փոխուած է։ Բարւոյն, ճշմարտին եւ գեղեցիկին կուռքը, նոր ջնարակով մը, քանի մը գիծերու փոփոխութեամբ կը մատուցուի մեր երիտասարդութեան պաշտումին։

Ու գիտութիւնը (գլխագիրով, եթէ կ՚ուզէք), տրտում անտարբերութեամբ մը կը յոգնի հայ ուշացած սերունդին սպասելէ։

 

1912