Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԴԻՒԱՀԱՐԸ
      
       Թախծալի, ինչպէս կ’ըլլան մենաստանները, եւ խորհրդաւոր՝ ինչպէս աշնան երկինքը, կեանքը իր միայնութեան տաղտուկը կը թօթուէր ձիգ, հանդիսաւոր յօրանջով մը։
       Եկեսցէ…։
       Դպիրները արդէն թափօր կազմած են դէպի եկեղեցի, - տրտմագին թափօրը ահաբեկ, շշմած պատանիներու, որոնք բարի Աստծուն փառքը երգելու կ’երթան առտուն ինչպէս իրիկունը։
       Եւ ուխտաւորներ, ու ուխտաւորներ, որոնք իրենց հոգերը լալու կ’երթան Եահվէին առջեւ։
       Պահ մը առաջ անկենդան հանդիսաւորութիւն մըն էր, որ կը տիրէր ծանր, անկարեկիր հովանաւորութեամբ մը, ինչպէս Օգոստոսի բոցալիր արեւը՝ որ հորիզոնին գոգը անշարժացած՝ իր ծանրակիր տիրապետութիւնը կը հարկադրէ ամէն դի, ամէնուն։
       Հիմա, նուաղուն կեանք մը խլրտիլ սկսած է, հիւանդագին հեւք մը, որ ծնունդ կ’առնէ ժամւորներու երթեւեկէն, բարեպաշտներու մրմունջներէն, դպիրներու կարծես տաժանագին տաղերգութիւններէն, ու տէրտէրին - գիւղի տէրտէրին -միամիտ փառաբանութիւններէն։
       Խաւարը՝ իր խորհուրդին հանդիսաւորութիւնը բերած միացուցած է արդէն վանքին բակը ու ժամուն ծոցը տիրող միստիքականութեան։
       Ու դիտեցէք կիները, - գիւղի համեստ կիները, որ կուժով ջուր կը կրէին պահ մը առաջ, եւ որ, ահա, ներս կը սահին խումբ խումբ, սրտատրոփ, իրենց հպատակութեան հարկը մատոցանելու Ամենակալ Արարչին։
       Իրենց հպատակութեան հարկը մատուցանելու Անո՛ր, որ մարդուն անպայման հնազանդութեան, անոր նկուն երկրպագութեան մէջ ուզեց փնտռել իր գերագոյն երանութիւնը։
       Ու ահա կ’աղօթեն, կ’աղօթե՜ն ամէնքն ալ, իւրաքանչիւրը մոմ մը վառած պատկերի մը առջեւ, ու վշտահար, ու կորաքամակ, բազկատարած։
       Ի՜նչ փոյթ թէ ո՜րպիսի բառեր կը կազմեն իրենց աղերսին հիւսքը։ Չի՞ բաւեր, որ ահա իրենց բովանդակ էութեամբ անձնատուր գերագոյն Էակին, մտասեւեռ, երկիւղած՝ կեցեր են տաճարին մէջ, ու շարունակ կը խաչակնքին, կը ծնրադրեն, պաղատագին նայուածքներ կ՛ուղղեն դէպի վեր, դէպի անթափանցելի աղջամուղջը։
       Ու այն ի՜նչ համոզուած շարժումներ, ու այն ինչ հանդիսաւոր, ներդաշնակ ջերմեռանդութիւն՝ որ կ’ընկերանան իրենց ծնրադրութիւններուն։
       Մեծամասնաբար, քանի մը երկվայրկեան կը մնան այնպէս, ծնրադիր, իրենց ձեռքերը գետնին կպած, գլխահակ, պիտի ըսէիր՝ իրենց յանցապարտութեան գիտակցութենէն ահաբեկ, ու յետոյ ոտքի կ’ելլեն միւենոյն ծանր շուքով, միւենոյն երկիւղած կացքով, խորհրդածուած, պաշտօնական խաչակնքութեամբ մը նուիրագործելու համար իրենց աղերսը։
       Եւ այսպէս մինչեւ վերջը, մինչեւ որ Տէր Հայրը «երթայք ի խաղաղութիւն»ը արտասանէ, - անճիգ սփոփանքի վերջին շիթը կաթեցնէ։
       Բայց այն ի՜նչ վայրենի աղաղակ էր որ, ա՛յն օրը, խզեց ժամուն լռութիւնը։
       Ի՜նչ աղաղակ էր այն… Եւ այն ի՜նչ իրարանցում էր, որ յանկարծ պղծեց տաճարին խնկաւէտ հանդիսաւորութիւնը։
       Տասնամեայ մանուկ մը բերեր էին հեռու, հեռո՜ւ տեղէ, - աշխոյժ լաճ մը, որուն բիբերը կանուխէն պտղած էին։
       Կոյր մը…
       Ա՜հ, վիթխարի արհաւիրքը, որ կը խտացնէ այդ հասարակ բառը, - Կոյր։ Ունենալ կատարեալ մարմին, անթերի զգացողութիւն, ջղային բնականոն դրութիւն, եւ սակայն այդ ամէնէն ոչ իսկ հիւլէի չափ օգտուիլ, որովհետեւ զուրկ էք զոյգ մը շողքերէ, որոնք կեանքն իսկ պիտի ցրցքնէին ձեր նեարդներուն մէջ։
       Ահ այս ալ կոյր մըն էր, տարաբախտ արկածաւոր մը, ու աշխարհի բոլոր գիտութենէն եւ ճարտարութենէն յուսակտուր՝ իր շլմորուն մայրը աներեւոյթ զօրութիւններու միջամտութեան էր ապաւինած։
       Ժամ, աղօթք, ուխտաւորութիւն, - ահա վերջին խլեակները իր հաւատքին։ Անոնցմէ կը սպասէր ինչ որ չէին կրցած ընել մարդիկ։
       Եւ իր ուխտագնացութիւններուն առաջինը չէր, որ կը կազմէր իր ա՛յն օրուան ուխտը։
      
       *
       …Բայց այն ի՜նչ աղաղակ էր, ու ի՜նչ անսովոր շշնկոց, որ յանկարծ քայքայեց տաճարը հովանաւորող վեհաշուք պատկառանքը։
       - Չեմ գար, մայրիկ,
       - Քալէ՛, տղաս, քալէ՛, Աստուածամայրին առջեւ ծունկ չոքէ, սիրտդ բաց, աղօթէ, լաց, որպէսզի Սուրբ Աստուածածինը լոյս տայ աչքերուդ։
       -Չէ՛, մայրիկ, չեմ գա…ր։
       - Ինչո՞ւ, անո՛ւշ…
       - Չէ՛… եթէ Աստուածածինը այնչափ բարի է, ինչո՞ւ չի մեղքնար ինծի պէս խեղճ տղու մը, ինչո՞ւ կ’ուզէ, որ աղօթեմ, ծունկի գամ, լամ… իմ վիճակս չի՞ տեսներ…
       - Ի՞նչ կ’ըսես, տղայ, լռէ՛…
       - Սո՞ւտ եմ, մայրիկ…
       Քսու շշունչ մը ծայր տուած էր արդէն կիներուն մէջ։ «Դեւերը հալածեր են», կը փսփսային փորձառութեան ծերուկ վերարկուն հագած հաւատաւորներ։
       Ու վշտաբեկ մօրը շուրջը խմբուած՝ կը ստիպէին, որ շուտով Աւետարան կարդացնէ վրան, մատաղցու ոչխարի մը արիւնը սրսկել տայ, գիշերը ժամը պառկեցնէ։
       - Դիւահա՛ր է, դիւահա՛ր, կը ձայնակցէր ապշահար բազմութիւնը կիներուն։
       Եւ շշուկը կը լայննար, կ’ուռէր, մինչ դպիրները կ’երգէին երկիւղալի կշռողութեամբ մը.
       - Ընկա՜լ քաղցրութեամբ Տէ՛ր Աստուած հը… զօր…
      
       (Արեւելեան Մամուլ, 9 Յունուար 1908)