Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է' քրիստոնեայք, ականջ արէք,
Տեսէք թէ ինչ պիղծ է թութուն,
Դրամ կու տան, ձգեն ի կրակն,
Վնաս առնեն իւրեանց հոգոյն:

Չպուխ ղալիոն է զարդարած,
Դրած բերնին, լափեն քան զշուն,
Խմեն հանեն զծուխն ի բերնէն,
Քթէն, յաչացն, յականջներուն:

Զծուխն բալան-բալան հանեն,
Հրեշտակք հեռանան ի հոտոյն,
Սլանան, ելանեն յերկինս,
Գանկատ առնեն Աստուածորդւոյն:

Մարդ կայ թութունի է պաքրի,
Յօրն խմէ ղալիոն յիսուն,
Զծուխն կլանէ, գնայ յորովայն,
Անդէն փոխէ դարձեալ քան զշուն:

Զձեռքն ի բանէ գործէ կտրեր,
Ընկեր եղէր դիւաներուն,
Օղուլ-ուշախն են զարընճի
Եւ կտոր մի հաց չկայ իւր տուն:

Գիշերն երբ միտն անկանի,
Կու տապկտայ, չի տանի քուն,
Ելնի, նստի, չախմախ զարնէ
՚Ւ ագահ խմէ զայն պիղծ թութուն:

Սուտ քահանայք կան յաշխարհիս,
Խմեն, զեխին զայն պիղծ թութուն,
Նման են չար քահանայիցն
՚Ւ ընկերակից հրէից դասուն:

Նստին խմեն հրապարակաւ,
Հաչեն ՚ւ ոռնան քան զգեհի շուն,
Իւր ղալիոնն է սեւ մարմար,
Կօթն ապանօս է եւ նախշուն:

Աշխարհականքն զայն տեսանեն,
Համարձակեալ յարին ի նոյն,
Ասեն` Երէցն կարդացող,
Մեք եմք անգէտ, նա է գիտուն:

Նա է հովիւ, մեք եմք ոչխար,
Ընդ որ նա գնայ, մեք ի հետն ի տուն,
Նա որ չասէ, թէ մեղք է սա,
Մեզ ինչ փոյթ է այդ բաներուն:

Թութունն խոտ է բուսական,
Ի մէջ գրոց չկայ գրուն,
Ահա եղեւ տուն եւ տեղի,
Բնակարան դիւաց դասուն:

Դիւրաքարոզ եղեւ մօտին,
Բերնեն թափած որդն եւ արիւն,
Օձն խաբեաց զԵւայ, զԱդամ,
Պատճառ եղեւ չար բանսարկուն:

Զպատուէր Տեառն ոչ պահեցին,
Խաբեալ կերան դրախտի պտղոյն,
Յուտելն իսկոյն փոշմանեցին
Եւ մերկացան անճառ լուսոյն:

Տեսին զի մերկացեալ էին,
Պատատեցան ընդ թզենոյն,
Տէրն ձայնեաց` Ո՞ւր ես Ադամ,
Փախեալ թաքեաւ ի յամօթոյն:

Ասէ` Զպատուէրն չպահեցիր,
Արի եւ ել, այդ չէ քեզ տուն,
Ասեն, թէ` Օձն խաբեաց զմեզ,
Ցուցեալ ձեռօքն զծառն պտղոյն:

Մեր Տէրն զայն օձն անիծեաց
Թեւն թափաւ, եղեւ սողուն,
Դիւանքն զայն թեւն ժողովեցին,
Տարան յանդուդս առ բանսարկուն:

Ասեն` Գտաք դեղ կորստեան
Ապականիչ մարդկան հոգւոյն,
Յանէս Յամրես դրախտ կասեն,
Անդ տնկեցին, եղեւ թութուն:

Յառաջ անուանեցին քարքի,
Դիւանքն ասին` Սա է թութուն,
Սերմանեցին զչար սերմն աշխարհս,
Ակնատ է ցեց մարդկան հոգւոյն:

Այնով զմարդիկքն են որսացեալ,
Շինեալ են իւրեանց տեղ եւ տուն,
Մոռացեալ են ժամն եւ զաղօթն,
Գիշեր եւ ցերեկ խմեն զայն պիղծ թութուն:

Խնկի հոտուն չեն փափագիր,
Կուրացեալ են յայն գարշ ծխուն,
Կամք են տուեալ սատանայի
Եւ ձեռագիր չար թշնամւոյն:

Զայրի հոգիսն աղքատ առնեն,
Մատնեն անշէջ գեհեան հրոյն,
Ժողվին մի տեղ, խմեն զայն աղբն
Եւ վայրապար հաչեն քան զշուն:

Զհոգին սեւացուցեր ծխով,
Օր մի չերթար ի ժամատուն,
Է' եղկելի, գնա եւ տես,
Թէ ինչ մեկնէ պատմող գրոյն:

Կպուն զղալիոն, տան մէկ ի մէկ,
Առեալ դնեն զձեռն վեր ընքւոյն,
Ասեն` Դորա փոշին եւ կրակն
Կուտեալ թափի վեր մեր գլխոյն:

Առնուն ի յայլազգեաց բերնէն,
Խմեն, ծծեն զնոցա թուն,
Մարմինն սակաւ ուրախանայ,
Հոգին է սեաւ ի մէջ մարմնոյն:

Եղեալ են բնակարան դիւաց,
Հետ նորա դատին զօրն ի բուն,
Զի ամենայն գիրք վկայէ`
Գարշելի է եւ պիղծ թութուն:

Հոգին ներքուստ աղաղակէ,
Գանգատ առնէ հրեշտակներուն,
Ասէ` Բարձէք զիս յայս տեղաց,
Այս գարշելի եւ պիղծ մարմնոյն:

Դժոխոց հոտն այլ խիստ լաւ է,
Քան թէ խմեն զայն պիղծ թութուն,
Խմեն զայն, ծուխն թափեն վերէս,
Զիս սպանանեն ի յայս պահուն:

Տեղս դժուար, գարշ եւ զաղիր,
Մութն եւ խաւարն եւ տղմատուն,
Սատանայ զմեզ պարարեր,
Կերակուր շիներ թշնամւոյն:

Ես ձեզ խրատ կու տամ, եղբայրք,
Լաւ միտ դրէք այս բաներուն,
Սատանայի կամքն մի' կատարէք,
Դառն եւ դժուար է օր մահուն:

Ոչինչ բանով զձեզ կու զրկէք,
Վնաս կառնէք դուք ձեր հոգւոյն,
Երբ կանանչի այն չար քարքին,
Զնա, կասեն, չտաներ մեղուն: