Իշխանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ

ՎԷՊ

Ո՞վ պիտի հաւատայ. թրքուհի մը կ’ակօսէր Հիւսիսային Ծովը տախտակովը, որուն վրայ կեցած էր ան` մերկ, ինչպէս պիտի կենար հէքեաթային հերոսուհի մը մոգական գորգին վրայ։ Կառչած չուանին, որով կապուած էր ջրասահնակը նաւուն, անիկա կը քաշէր հսկայ շրջանակ մը։ Կը պատռէին ջուրերը։ Կը թաւալէին անոր երկու կողքին` զայրացկոտ ու փրփրուն։ Ալիքի թեւ մը կուգար փաթթուիլ անոր սրունքներուն` մարգրիտ ու բիւրեղ ցայտեցնելով անոր հասակն ի վեր։ Անիկա կը սահէր փրփուրներու վրայէն, որ կը յորդէին նաւուն ետեւէն՝ հոսանուտ ապակիի նման։ Կապոյտ դաշտի մը վրայէն, ուր արեւը ասեղ կը քաշէր։ Կը սուզուէր հովին մէջ, որ կը փաթթուէր իրեն՝ հաճոյալից բանի մը պէս։ Տարածութիւնը կը լեցուէր անոր հոգիին մէջ։ Կը թեթեւնար մարմինը։ Կը դառնար անիկա լոյս, կը դառնար կրակ։ Փղոսկրէ ջնարակուած արձան։ Կ’երկարէր ջուրով ու լոյսով փալփլուն իր թեւերը, որոնցմով գրկել կ’ուզէր, կարծէք, թեթեւ երկինքը։ Կը բարձրանար, կը ծաւալէր իշխանուհիին հոգին, այն, որ անդունդ մըն էր սովորական պահերուն։ Ժպիտ մը կ’իջնէր անոր դալուկ դէմքին վրայ։ Կը վառէին անոր աչքերը՝ վայրագ բռնկումով մը, մինչ ետ նետած յարդի գոյն մազերը, կը նայէր հեռուն` ադամանդէ ու բիւրեղէ արտին` ականջ տալով ջուրերուն խշրտուքին ու հովին, ափէն եկող մարդկային բզզիւնին։

Կ’ուռէին իր նուրբ ու թափանցիկ ռունգերը՝ ծծելու համար ծովուն բացերէն եկող բոյրը, այնպէս, ինչպէս կը ծծէր Պիւթոնիսը՝ դարեր առաջ, հողերէն բարձրացող արբեցուցիչ ծուխը։ Ու հազար գետեր կը լսէր Այիշէ շուրջը, հազար խոռոջներ։ Ծովը կը ճօճուէր տարաշխարհիկ բուսականութեան մը շշուկով, լուսեղէն ծլարձակումով։ Ալիքները կը բացուէին երախներու պէս։ Կ’ոլորուէին։ Կը փշրուէին, ինչպէս իշխանուհիին խռովքոտ հոգիին խորհուրդները։ Կը թաւալէին, կը թափէին ներքին բոլոր պատերը։ Կը խուժէին երազները սնդուսէ ալիքներուն հետ։ Ծովն ու հոգին կը շփոթուէին այն ատեն Այիշէի համար, որ կը պեղէր զանոնք՝ խօլաբար։ Ծովը կը դառնար յիշատակ։ Յարդերու կալ մը, զոր կը յիշէր իշխանուհին պղտոր երազի մը մէջէն։

Անիկա կը զգար խորունկէն եկող այդ զգայնութեան հետ քայքայումի առհաւական կարօտը։ Ու վախով, բայց ուրախութեամբ կը խնդար ան ամէն անգամ, որ ծովը կը բացուէր։ Ամէն անգամ, որ կը բարձրանար ալիքի մը կատարին։

Ծովին խորէն կ’ուռէր երբեմն հուժկու հոսանք մը, կը շրջէր սահնակը։ Կինը կ’իյնար ջուրերուն մէջ։ Փրփուրները կը ծածկէին զայն։ Բայց ուրախ ու գինով դուրս կուգար ան նորէն լռութեան մէջէն զգալէ վերջ պահ մը՝ տարօրինակ աշխարհ մը։ Կը լողար, մինչեւ որ նաւը կը հասնէր։ Ու անիկա կրկին ձեռք կ’առնէր սանձը։ Կը փռէր կրկին ետեւէն իր հետքը՝ սիրամարգի հսկայական պոչը։

  Ուրիշ կիներ, ուրիշ աղջիկներ կան իր շուրջ, բոլորն ալ գրեթէ մերկ՝ մերկութեամբ մը, որ հագուստներէն աւելի ազնուական, յիշեցնել կուտայ իրեն հելլէն տաճարներուն քանդակները։ Մեր դարը կը զատուի հոս, արդէն նախորդներէն, մարմիններուն տրուած խնամքովն ու անոնց ազատ ցուցադրումովը։

Յատկանշական այս յեղաշրջումը կը կապէ մեզ պատմութեան մեծ շրջաններուն հետ, ուր հոգիի ու մարմնի հաւասարակշռումը ծնունդ տուած է մեծ գործերու։ Որքա՜ն վեհ է տեսքը այս ջղուտ կիներուն, որ դարերու խորէն եկած պատանի աստուածներու պէս կ’անցնին, արբշիռ՝ որ մէկը ջրասահնակի մը վրայ, որ մէկը նաւակի մը մէջ։ Նոր պայմանները քանդակած են զանոնք տարբեր, հին, մսոտ կիներէն, տուած են անոնց ուժի արտայայտութիւն մը, կարճ մազեր, նիհար, մաշած, բայց զգայուն դէմքեր, որ կը զգացնեն կեանքի մտահոգութիւններուն դէմ իմաստութեամբ, արուեստով եւ ժպիտով դիմադրելու կորով մը. ուղիղ ուսեր, նիհար կուրծքեր, մկանուտ ու գրեթէ առնական սրունքներ։ Բայց մարդ կը ցաւի, երբ մաքուր այս հիացումէն վերջ կը խորհի, թէ պիտի տեսնէ զանոնք քիչ վերջը հագուած, իրենց շռայլ պճնասիրութեանը մէջ, որով կը մատնեն իգական բնազդները, մտքի ու հոգիի թեթեւութիւնները։

Ծովէն դուրս անոնք պիտի դառնան կարմիր մագիլներով ու փայլուն ակռաներով կինը, որ յաւակնոտ ցուցադրումը կ’ընէ իր հագուստներուն եւ գոհարներուն, որոնք տրուած են իրեն՝ շատ անգամ որպէս վարձատրութիւն։ Մարդ կը ցաւի, որ զանոնք կերտող դարը կը խաթարէ նոյն ատեն, այդպէս…

Այսպէս կը մտածէր Այիշէ` անցնելով անոնց մէջերէն, համակրելով անոնց շատերուն գեղեցկութեան, անոնց մոմի պէս ողորկ միսերուն, որոնց արեւը տուած էր ծխախոտի գոյն եւ պրոնզի փայլ։ Ու այսպէս էր, որ կը հեռանար ան անոնցմէ` միս մինակ ըլլալու համար ծովուն բացը, ուր հանդիպեցաւ անիկա անակնկալ պատահարի մը, որմէ թունդ ելաւ անոր սիրտը։

Ծովէն ու թերեւս բոլոր աղէտներէն աւելի ահարկու թուեցաւ իրեն երիտասարդի մը գլուխը, որուն հետ դէմ դէմի եկաւ, երբ դուրս կը հանէր աչքերը ջուրերէն։ Անոր դէմքը առաւ իսկոյն վախի արտայայտութիւն մը։ Աղաղակեց ան նաւավարին ետեւէն, երբ խելքի եկաւ շուարումէ մը վերջ։

Ու տախտակին վրայ անիկա դարձաւ ետին՝ նայելու համար կրկին լռին ու ժպտուն այդ դէմքին։ Լուղորդը կուգար ետեւէն՝ հանդարտ ու ինքնավստահ։

Զարմանալի թուեցաւ այդ յանդգնութիւնը Այիշէի համար։ Մղոններ հեռուէն տեսաւ ան նորէն զայն։ Ու անիկա զգաց յամառ այդ հետապնդումը։ Զարմացաւ անոր խիզախութեան ու անոր հուժկու թեւերուն վրայ։ Ու չէր գիտեր ինչո՞ւ ընդվզեցաւ Այիշէ, յանկարծ, այդ բոլորին համար` զգալով հանդերձ, որ տարբեր էր այդ գլուխը՝ գռեհիկ գլուխներէն։

Կարագի պէս բան մըն էր Տավուդ փաշայի սիրտը իր այս կնոջ հանդէպ։ Ոչ մէկ բան կրցած էր խնայել անոր։ Այիշէ կը ստանար անկէ՝ ինչ որ ուզէր, առանց ճիգի, առանց փայփայանքի, առանց շնորհակալութեան։ Որովհետեւ աննշան կը գտնէր ան ամէն անգամ իրեն համար եղած այդ ծախքերը։ Մեծ զոհողութիւն մըն էր, երբ կը յանձնէր անիկա մարմինը անոր, որմէ ո՛չ հոգեկան եւ ո՛չ ալ մարմնական գոհացում կ’առնէր։ Կնոջ փափաքովն էր, որ ելած էին Պոլիսէն։ Ընդունած էր փաշան անոր այդ առաջարկը` առանց ընդդիմութեան՝ նկատի ունենալով անոր երջանկութիւնը։ Անիկա ջղային, անհանդուրժելի դարձած էր ատենէ մը ի վեր։ Դժգոհ՝ ամէն բանէ։ Թուրքը ձեռնարկած էր այդ մեծ ճամբորդութիւնը (առաջին անգամն էր որ դուրս կ’ելլէր երկրէն)` յուսալով Այիշէի բարոյական բարելաւումը։ Վարձած էր միյարկանի ամբողջ ամարանոց մը, ինչպէս փափաքած էր իշխանուհին, որ չէր կրցած հանդուրժել պանդոկներու աղմուկին։

Այիշէ կը պառկէր առանձին սենեակի մը մէջ, որուն մէկ կողմը կը նայէր ծովուն, միւսը` անտառի մը։ Այնպէս որ գիշերները, երբ նստած կ’ըլլար անիկա պատուհանին առջեւ, կը լսէր ծովը, որ կուգար, կը ծեծուէր ափին ժայռերուն դէմ։ Միւս կողմին՝ կոմսի մը պարտէզին լճակը, որուն վրայէն կարապներ կը սահէին` կտցահարելով թափած, սրտի ձեւ տերեւները։ Զով բոյրը անտառին։ Ու սաղարթներէն յորդող սարսուռը։

Ծառերը կը բռնկէին իր դէմ, մութին մէջ, անցնող կառքերու լոյսերէն։ Կը ցցուէին, տարաշխարհիկ անասուններու պէս, փարոսներուն թափած հեղեղին դէմ։ Այիշէ կը լսէր սուլոցն ու հեւքը անոնց։ Լոյսը շղարշի թեթեւութեամբ կը սահէր ճիւղերուն վրայէն, կը վազէր փէրիի մը սահունութեամբ, հալածուած՝ կարծէք, անհամար ու անտեսանելի գամբռներէ։

Այիշէ կը լսէր տակաւին, նստած տեղէն, գորտերու կռկռոցը, լոյսերէն զարհուրած թռչուններու թեւերուն թափը, եզան կառքի աղմուկով խօսող ճպուռները։ Ծովափին կողմէն կ’առնէր անիկա մեծ պարասրահին նուագին ձայնը։ Գլուխը պզտիկ մը դուրս հանելով` կը տեսնէր ան ջուրերուն մէջ առաջացած փարոս մը, որ վայրկեանը անգամ մը կ’երկարէր իր հսկայական եղջիւրը ծովուն վրայ ու անկէ՝ բլուրի մը կողքի տնակներուն։ Առաւօտները ծովը փախած է մղոններով անդին։ Այիշէ կը տեսնէ պառկած տեղէն աւազի բաց սաթի գոյն տարածութիւն մը, որուն վրայ կուտակուած կ’ըլլային սէզի թաց դէզեր։ Ատիկա պատկերն էր ալեկոծ գիշերէ մը վերջ խաղաղած իր հոգիին։

Տան ներսը իշխանուհին հանել տուած էր պատերէն բոլոր հին, մաշած նկարները, որոնք կը գծէին պրըթօն քաղաքի մը հին փառքը։ Անոնք` այդ մանկունակ նաւերը, ծովահէնները, ծովային պատերազմները հանուած տարուած էին յարակից սենեակը, ուր կը պառկէր փաշան։ Իշխանուհին զեղչած էր նաեւ իր կարասիներուն մեծ մասը` պահելով միայն լայն տիվան մը եւ կաղնիի փայտէ սեղան մը։ Նստելու համար անիկա առած էր ծալլուող աթոռ մը, զոր կը տարածէր իր փափաքին համաձայն եւ որուն վրայ կ’երկարէր ամբողջ հասակովը։

Իր հագուստներուն համար ան ունէր նորաձեւ հանդերձարան մը` խոշոր հայելիով։ Քովը պզտիկ սեղան մը՝ անքուն գիշերներու գիրքերով ծածկուած։ Սենեակին մէկ ծայրը` մահճակալին դիմաց, կը բացուի լոգարանի մը դուռը։ Իսկոյն հայելի մը, որուն առջեւ` ապակիէ դարակի մը վրայ, շարուած են զանազան շիշեր, օճառներ եւ բրնձափոշիի ու քրէմի տուփեր։ Հայելիին մէջէն կ’երեւան ճերմակ քարեր, իշխանուհիին կապոյտ ծովաշապիկն ու ջուրի մասնաւոր մուճակները։

Այս էր իշխանուհիին բնակարանը։ Չէք գիտեր` ինչո՞ւ կը խրտչէր ան ատենէ մը ի վեր բոլոր շռայլութիւններէն ու ձեւակերպութիւններէն, խաղաղ ու մեղկ կեանքերէն։

Բազմաթիւ են անոր սրտին ճնշումները, բազմազան կարենալ տալու համար։ Բայց ատենէ մը ի վեր կը չարչարուի անիկա մասնաւորապէս վէրքի մը հետքին համար, զոր կը կրէր ուսին վրայ մանկութենէն ի վեր։ Ո՛չ ամուսինը, ո՛չ ալ շրջակայ ծանօթները ուզած էին բացատրութիւն մը տալ իրեն այդ մասին։ Ու ծանր էր եղած մարդոց այդ մասնաւոր լռութիւնը։ Իշխանուհիին հետաքրքրութիւնը արթնցած էր հետզհետէ, տարիքին հետ։ Հազիւ քանի մը խօսք լսած էր ան էրկանը կիներէն մէկուն բերնէն։ Կինը վերցուած է մէջտեղէն, մէկ օրէն միւսը՝ նախանձի մէջ եղած այդ խոստովանութեան համար։ Այիշէ իմացած էր այդպիսով, որ ատիկա գիր մըն էր։ Օտար տառ մըն էր ան, արդարեւ, Ա­ի ձեւով, պատուաստի հետքի մը պէս։ Կը հանուէր յաճախ իշխանուհին, երբ մինակ կ’ըլլար եւ կը կանգնէր հայելիին առջեւ։ Ու.

-Ահռելի՜ է, ահռելի՜…, - կը շշնջար ան։

Կը սուզուէր ան՝ իսկոյն խոր լռութեան մէջ։ Անըմբռնելի բան մըն էր իրեն համար իր հօր սպանութիւնը։ Նոյնքան անըմբռնելի՝ անոր հրաշէկ երկաթով գրած այդ օտար տառը, որուն եւ իր միջեւ ոչ մէկ առնչութիւն կը գտնէր։ Տարակոյս չկայ, սակայն, որ հայրը ուզած էր կամք մը պարտադրել՝ անով։

Ա՜հ, կարելի ըլլար վերյիշել, իջնել մանկութեան օրերուն։ Հոն է ամբողջ խորհուրդը։ Այնքան ուզած է ան պատկերացնել իր ծնողքը, զորս աշխատած են իրեն ներկայացնել՝ իբրեւ լազ։ Ահ, որքան պիտի ուզէր փարատել կեղծ վերագրութիւնները, որ փաշան ըրած էր անոնց մասին։ Բայց ոչ ոք իր հոգիին յատակը՝ ամուսինէն ու անոր կիներէն զատ։ Ոչ ոք՝ բացի տան ծառաներէն։ Այիշէի մանկութիւնը անցաւ վանդակի մը ետին։ Կը յիշէ միայն տան դէմի բանտը։ Եւ ատիկա՝ այն խոր տպաւորութեանը համար, որ գործած է վրան։

Պարտէզի մը ծառերուն մէջէն կ’երեւար բարձր, քարաշէն շէնք մը, որ կ’իշխէր քովի ցածլիկ ու աղքատիկ տուներուն վրայ։ Իրիկունները կը լուսավառէին անոր պատուհանները ու գլուխներ կ’երեւային երկաթէ ձողերուն ետեւէն։ Այիշէ կը լսէր իր քունին մէջէն հոնկէ բարձրացող ահաւոր ճիչեր։ Գիտէր, որ կը ծեծէին հոն չար մարդերը։ Ու, կառք մը լեցնելով, կը տեղափոխէին, կը տանէին զանոնք ամէն առաւօտ` անոնց տեղ նորեր բերելու համար։ Շատ անգամներ պիտի կանգնի Այիշէ ու նայի` անկարող ըմբռնելու բանտարկեալ մը։ Շատ անգամներ պիտի տեսնէ ան Տավուտ փաշան` մտրակ մը ձեռքին, բանտին դրան առջեւ, զարմանալի ու ահարկու վայրագութեամբ մը լեցուած։

Յանցաւորները կը ծռէին անոր առջեւէն անցած ատեն, կը ճչային անոր հարուածներուն տակ։ Որքա՜ն հարազատ էին անոնք սակայն…

Խոշոր վիհ մը կայ իշխանուհիին յիշողութեանը մէջ։ Ոչ մէկ բան պիտի կրնայ դասաւորել ժամանակագրական կերպով։ Կը կարծէ, որ ճամբորդութիւն մը կատարուած է այդ շրջանին։ Կը յիշէ փլած տուներ, ամայի գիւղեր։ Այիշէ կը կարծէ հիւանդութեան մը բռնուած ըլլալ ճամբու ընթացքին։ Ու մտքին մէջ պահած է այդ օրերէն մնացած զառանցանքի տեսարաններ։ Ու այդպէս է, որ կը շփոթէ ան իրական դիակները, որ տեսաւ դաշտերուն վրայ։ Այլանդակ, տառապանքէն ու ահաբեկած էին զինքը։ Կը յիշէր, որ կը դողար կառքին մէկ անկիւնը կծկտած, մինչ կին մը կը խնամէր զինքը [1] ։

Իշխանուհին կը մօտենար հայելիին, աւելի ու աւելի՝ փնտռելու համար աչքերուն մէջ անծանօթ հօր մը նայուածքը։ Ու իր այդ ճիգին տակ, հոգեկան այդ պրկումէն կը վառէին անոր խոշոր ու թաւշոտ աչքերը։ Կը մօտենար աւելի։ Կը դնէր իր մատները ապակին` ուզելով գրկել պատկերը։ Ու կը զարնէր անոր սիրտը։ Կը դողային շրթունքները։ Կը կարմրէր անոր դէմքը։ Կը հալէր անոր ժպիտը` տեւական ու գրաւիչ այդ քաղցրութիւնը, որուն կախարդանքը եղած է այնքան մեծ շրջապատի մարդոց վրայ։ Ոչ մէկ բան, սակայն, ինքզինքէն, իր մսոտ ու խնամուած մարմինէն զատ։ Առանձին՝ այն ատեն, իր ցաւին մէջ ու յուս

ահաբեկած էին զինքը։ Կը յիշեր որ կը դողար կառքին հատ, կը մխիթարուէր ինքզինքով։

Չիրագործուած սէր մը կը գտնէ միշտ ուրիշ ճամբայ մը։ Կը հանուէր բոլորովին իշխանուհին, կուտար այտը այտին, կը համբուրէր ինքզինքը։ Խորունկ կարօտ մըն էր անոր համար այդ համբոյրը, զոր երեւակայելէ վերջ կ’ուզէր զգալ իր միսերուն վրայ։ Կ’առնէր ծիծերը ափերուն մէջ այնպէս, ինչպէս պիտի ուզէր, որ երիտասարդ մը առնէր զանոնք իր ձեռքերուն մէջ։ Կը հեւար արբշիռ։ Կ’ուռէր անոր կուրծքը հողմավար կարապի պէս։ Կը շարժէին խորունկ յուզումի մը տակ անոր արեւահար միսերը։ Կ’ուռէին, կը պրկուէին անոնք։ Կարծէք, թէ անծանօթ լարերու նուագարան մը ըլլար այդ մարմինը։ Հնչող ու թրթռուն երազներու ծով մը։ Կը կարծրանային անոնք, կը դառնային զրահ։ Խիզախութիւն մը կը զգար կինը իր երկար ու ազնուական սրունքներէն մինչեւ գլուխը։ Ու կը համբուրէր ան ինքզինքը, օտարի մը պէս, արտասովոր, խելացնոր հեշտութեամբ մը, որ սաղարթի պէս կը տարածուէր, կ’ոլորուէր մարմինն ի վեր։ Ու կը դառնար օտար՝ իր ձեռքը իրեն։ Անիկա կը դառնար երազուած մարդուն ձեռքը, կը սահէր իր կոկորդն ի վար, ուր կը կուտակուէին անծանօթ ճիչեր ու հեւքեր։ Ու կիսափակ կոպերուն տակէն կը տեսնէր ան ցանկալի նայուածքը՝ մտերիմ եւ անծանօթ նոյն ատեն։

Ու կիսափակ կոպերուն տակէն կը քննէր ան իր գեղեցկութիւնը։ Վեր կ’առնէր իր թեւերը` բանալով անոնց տակի մազոտ փոսիկները, որոնց ջերմութիւնը կը տարածուէր քաղցր բոյրով մը` զգլխեցուցիչ շատերուն համար։ Երկար, ճկուն, կարապի վիզին այնքան նման իր թեւերուն հետ կը բարձրանային իր ծիծերը։ Ու իր լայն կռնակէն մինչեւ պորտը կը պրկուէր յանկարծ մորթը։ Կը տեղափոխուէին լոյսերը։ Կը հալէին իր կոնքերը։ Իր ամբողջ հասակը կը դառնար այն ատեն անմահական լոյսով լեցուած սափոր մը, անսահման աշխարհ մը, իր ամբողջ իրանը կը դառնար միաձոյլ բան մը։ Նայելէ վերջ այսպէս, երկար՝ իր ամէն մէկ մասին։ Կ’իյնար անիկա անկողինին` նախընտրելով սեղմել սրունքներուն մէջ վերմակը եւ թեւերուն տակի բարձը, քան փաշան։

Ատեն մը, երբ կասկածանքները չէին լարած զինքը՝ տակաւին այդքան, իր ամուսինին դէմ անիկա եղած էր թշուառ, մնացած էր անօթի, եղած էր դժբախտ՝ իր տարփանքին մէջ, ամէն անգամ, որ թոյլ տուած էր էրկանը մօտենալ իրեն։ Այդ օրերէն ի վեր արհամարհած էր զայն։ Ծաղրած ու զայրացած էր միշտ։ Այնքան, որ փաշան սկսած էր վախնալ եւ ամչնալ։ Ամիսներէ ի վեր չէր համարձակեր դպիլ ան անոր։ Ամիսներով մերժած էր իշխանուհին անոր այդ հաճոյքը` սպառնալով հեռանալ ամէն անգամ։ Ու փաշան չփորձեց ո եւ է բռնութիւն բանեցնել։ Անիկա կը զգար այդ պատիժին արդարութիւնը։

Տիրացած էր ան օր մը անոր` առանց ընդդիմութեան։ Տխուր ու սրտաբեկ աղջիկ մըն էր ան այն ատեն։ Ասիկա կը պարզէ, թէ ինչո՜ւ առանց սիրելու յանձնեց անիկա ինքզինքը, երբ կրնար պաշտպանուիլ։ Այիշէ կ’երազէր դուրս գալ ժամ առաջ հոգեկան իր առանձնութենէն եւ վայելել պէտք եղած մենաշնորհը` ազատելու համար փաշային միւս կիներուն հալածանքէն։ Ու չէր խաբուած ան իր հաշիւներուն մէջ։ Իր պնդումով հեռացնել տուաւ ան իրեն թշնամի տարրերը։ Եւ մնաց առանձին փաշային հետ, զոր դարձուց իր միսերուն գերին։ Օգտուեցաւ նոր օրէնքէ մը, որ թոյլ չէր տար թուրքին բազմակնութիւնը։ Օգտուեցաւ ազատութենէն։

Շատ բան փոխուած էր պատերազմէն ասդին։ Բացուած էին հարէմներուն վանդակները, որոնց ետեւ թուրք կինը` տրփանքի սահմանուած միայն, մնաց դարերով՝ մեղկ, արեւէն զրկուած ու ծածուկ, հազարումէկ դաւերով ապրելու համար իր սէրը։ Բացուեցաւ թուրք կնոջ դէմքը։ Վար առաւ ան վրայէն չարշաֆը, որուն տակ խեղդուած էին վաւաշոտ ցեղի մը միսերը։ Բացուեցան թուրք կնոջ առջեւ պարասրահներու դռները։ Նոր օրէնք մը բացաւ անոր առջեւ գիտական ու քաղաքական ասպարէզները։ Թուրք հանրապետութիւնը կը մտնէր նոր ու ազգայնական ճամբու մը մէջ` թօթուելէ վերջ կրօնական փտած խեղճութիւնները։ Կը փոխէ ան խելացնոր արագութեամբ մը, գիր, ֆէս, պորտի խաղ, գարակէօզ ու ամէն աւանդական սրբութիւն։ Կը մաքրէ հրապարակէն բոլոր աղանդները ու անոնց փտած մտքով առաջնորդները։ Կը ձուլուին տէրվիշներու դարաւոր միութիւնները։ Կը սանձուին մոլլաները, որոնց կրօնամոլութեան զոհ գնաց թուրք ազգը` տարբեր միւսիլման ցեղերու օգնութեան հասնելու համար։ Կը թարգմանուի Գուրանը։ Ու կը թոյլատրուի պաստառին վրայ մերկ կնոջ պատկերը։ Կը շինուին առաջին արձանները։ Կը ստեղծուի նոր գրականութիւնը։ Կ’ընդօրինակուին եւրոպական բոլոր նոր շարժումները… Սահնակի մարզանքը… Թէէսէֆը… եւլն։

Մեռելի յարութեան պէս բան մըն է թուրքին այս վերածնունդը։ Ջարդելէ վերջ ամբողջ ժողովուրդ մը, վտարելէ վերջ երկրէն դուրս՝ թշնամի բանակները, թուրք հանրապետութիւնը կը կանգնի յաղթական՝ բախտին ու դէպքերուն բերումով, կը պարտադրէ ինքզինքը ամբողջ աշխարհին` իբրեւ յառաջապահ ցեղ մը։ Ձեռք կ’երկարեն իրեն երբեմնի թշնամի պետութիւնները` հակառակ իր բոլոր ոճիրներուն։ Ու պարզ է սնափառութիւնը, որ ունեցաւ այս ցեղը, իր այսքան ճարպիկութիւններէ վերջ, արբեցուցիչ մթնոլորտը, որ կենդանութիւն տուաւ փողոցի յետին ու արհամարհուած աւելածուին իսկ։

Տարիներ պէտք է սպասել տակաւին, անշուշտ։

Թուրք պատմութիւնը բազմաթիւ անգամներ նորոգուած է այսպէս. եւ միշտ ալ ձախողած։ Փտած քուրջ է ան դարերէ ի վեր։

Մինչ այդ, սակայն, Այիշէն կը մնայ քանդակուած մեր առջեւ, իբր բարքերու արագ յեղաշրջումէն առաջ եկած անհաւասարակշիռ սերունդի մը ներկայացուցիչը։ Տարակոյս չկայ, որ արտաքին այդ փոփոխութիւններուն տակ, այդ ազատութեան ետին անիկա մնաց արեւելքի աղջիկ մը` ճակատագրապաշտ ու գոյներու ետեւէն վազող իր հոգիով։ Արագ ու թերի ուսումը դարձուց զայն ծփանուտ։ Յուսաբեկ բան մըն էր ան՝ ինքն իր մէջ, հակառակ իր արտաքին, կենդանի արտայայտութեան։ Նոր քաղաքակրթութիւնը չկրցաւ փոխել անոր մտայնութիւնը, որ չքաշուեցաւ դիմել բախտագուշակ կիներուն` որ մէկէն յուռութ մը, որ մէկէն մոմէ արձանիկ մը տանելու համար իր տունը։

Գիշեր է ահա, ու անիկա, նստած առանձին, կը նայի ծովուն, որուն վրայ փռուած է լուսինին լոյսը։ Ոչ մէկ բանի կը մտածէ ան։ Եւ սակայն լեցուած է դարերու խորերէն եկող առհաւական յուզումներով։ Ամբողջ երկիր մըն է, որ կը խօսի անոր արիւնին մէջ։ Յոգնած է ան ցերեկուան վազքերէն։ Ու պաշտպանուելու համար խոնաւութենէն՝ հագած է սեւ վերարկուն։ Ոչ մէկ բանի կը մտածէ ան։ Բայց տխուր ձայն մը կը բարձրանայ իր հոգիին խորէն։ Մտիկ կ’ընէ ան՝ գլուխը բարձին։

-Այիշէ՛, Այիշէ՛, ո՞վ պիտի գիտնայ քու ողբերգութիւնդ…

Գործունեայ ու արթուն կնոջ տպաւորութիւն կը ձգես դուն բոլորին վրայ, երբ կամակոր ես խորապէս (այս համոզումը կուգայ իրեն՝ փաշայէն զատուելու իր տեւական ու անարդիւնք ճիգերէն)։ Կը սիրուիս ամէնուն կողմէ։ Բայց ո՞վ պիտի գիտնայ, որ դուն կը մտածես շարունակ մահուան։ Մինակ ես դուն, Այիշէ՛, ամբողջ աշխարհի մէջ։ Չգտար մէկը, որմէ հաճոյք առնես։ Չի գտար մէկը՝ սիրելու համար զայն ամբողջ սրտովդ։ Եւ ըսել, թէ կ’ապրիս, ինքզինքդ է, որ կը խաբես, Այիշէ՛։ Քեզի համար նոյնքան անիմաստ է կեանքը, որքան մահը։ Ոչ մէկ հաւատք ունիս, Այիշէ՛։ Մարդ արարածը պիտի մնայ քեզի համար գազաններէն վար։ Ոչ մէկ փրկութիւն կը սպասես անկէ։ Ոչ մէկ փրկութիւն՝ երկինքէն։ Նոր, նոր բան մըն է, որ կը ցանկաս դուն ամէն օր։ Եւ սակայն չես գիտեր` ինչ։ Ամէն առաւօտ կ’ուրանաս երէկդ։ Կը ճգնիս նոր կեանք մը ստեղծել։ Եւ, սակայն, կ’իյնաս միշտ ու միշտ նոյն շրջագծին վրայ, կարծես թէ օտար ուժ մը կը տանի քեզ՝ հակառակ քու կամքիդ…

Կը հառաչէ իշխանուհին։ Ճնշուած է անոր կուրծքը։ Ծարաւը ունի ան հեռաւոր պարապութեան։ Երկարած է իր լաթէ աթոռին վրայ։ Կը նայի մութին մէջէն։ Մարած է լոյսը մժեղներուն համար։

Կը թաւալին պզտիկ ալիքները՝ ոսկորի խշրտուքով։ Կը փայլին ժայռերը` կողք կողքի, այլանդակ ու մարդակերպ մղձաւանջներու նման։ Հեռուն` լուսինին տակ, կը թրթռան արծաթ թելեր, կը ծփան վարդի թերթեր։ Լուսինը փռած է հորիզոնէն երկար, լուսեղէն ճամբայ մը։ Մեղրի գետ մը։ Կարմիր ու դեղին լոյսեր կը լողան գազինոյին շուրջ, ջուրերուն մէջ, որ կը շարժին տրփոտ ու մերկ խափշիկ կիներու պէս` համբուրելով քարափները։ Նուագի ձայն մը կը թեւածէ անոնց վրայ։ Խնդուքներ ու բաժակի ձայներ կը լսէ Այիշէ։ Բայց անիկա կ’արհամարհէ այս գիշեր մարդոց այդ ուրախութիւնը։ Ամէն ինչ ճղճիմ կ’երեւայ իրեն։ Անիկա կ’ուզէ նայիլ միայն հեռուն, ուրկէ կը լսէր աւելի վսեմ կանչ մը։

Ա՜հ, կարելի ըլլար երթալ հորիզոնէն անդին. սուզուիլ ամայութեան մը ծոցը։ Իշխանուհի Այիշէ կը սիրէր կեանքը։ Եւ ան կ’ուզէր այդպէս, երթալ առանց մեռնելու, տէր իր ամբողջական զգայնութեան։ Իր արեան մէջն է տակաւին, հակառակ իրեն, հեռաւոր ու խաղաղ արքայութիւնը, զոր երազեց իսլամ ժողովուրդը։ Այիշէ կը սիրէր կեանքը՝ հակառակ իր բոլոր դառնութիւններուն, հակառակ իր բոլոր յուսախաբութիւններուն։ Կ’ուզէր, որ անիկա մնար այդպէս, դարերով, զերծ հոգեկան ու մարմնական քայքայումէն։

Մանկութենէն ասդին ներկայ եղած էր ան բազմաթիւ ոճիրներու։ Անտառին խորէն կը լսէր ան ամէն գիշեր կռիւի մը ձայնը, բզկտուող թռչունի մը ճիչը։ Այս բոլորը առաջնորդած են զինքը՝ բնութեան վայրագութեան առջեւ։ Գիրքերը հաստատեցին իր այդ մանկութեան տպաւորութիւնը։ Մարդկային ըմբռնումներէն տարբեր բան մըն է, որ երեւցած է աշխարհը։

Ասիկա անտարբեր է բոլորովին մեր ցաւերուն, յոյսերուն ու երջանկութեան կարօտներուն հանդէպ։ Անիկա կ’առաջնորդէ մարդիկը՝ անծանօթ օրէնքի մը համաձայն։ Խորհուրդ էր հետեւաբար, որ կը տեսնէր Այիշէ շուրջը։ Ամէն ճիգ կը պզտիկնար անհունութեան առջեւ։ Ամէն ինչ, նոյն իսկ մահը, որուն պատրաստութիւնն է կեանքը։ Այսպէս է, որ անիկա չէ կրցած հաւտալ կեանքին։ Այսպէս է դարձեալ, որ անիկա չէ կրցած կապուիլ հանգանակի մը։ Գինովութիւն ու մտքի կուրութիւն է, որ կը տեսնէ ան ամէնէն հինէն մինչեւ ամէնէն նոր վարդապետութիւններուն մէջ։ Մարդը նոյնն է եղած միշտ։ Անիկա ձեւն է, արտայայտութեան կերպն է, որ կը փոխէ միայն։ Կը քալէ տարբեր ուղղութեամբ։ Բայց նոյն է իր ճոռոմաբանութեան նիւթը։ Նոյնն են իր ստրկամտութիւնները, եսամոլութիւնները։ Անիկա նետեր է իր հին իտէալները, պաշտամունքի հին առարկաները։ Բայց անիկա նոյնքան իտէալիստ, նոյնքան կոյր ու ռոմանթիք է իր նոր փնտռտուքներուն մէջ։ Մարդկային հոգին խաբուած է միշտ։

Ու կեանքը այնքան պզտիկցեր, այնքան փոխուեր է, որ կարելի չէ փարիլ բանի մը եւ հաւատալ մնայուն արժէքներու։ Այսպէս է, որ իշխանուհին, ամփոփուած ինքն իր անհատականութեանը մէջ, կը նայէր անհունին։ Կը նայէր ան՝ մինչ կոպիճները կը ծանրանային քիչ-քիչ։ Աստղերը կը կախուէին իր թարթիչներէն։ Ու անհուն հեշտութիւն մը կը տանէր զինքը մերթ ընդ մերթ կատարեալ անէացումի մը։ Կը բանար աչքերը ամէն անգամ, կը վանէր քունը, այնքան ծարաւ էր ան դէմի սատափէ պատկերին, որ այդ պահուն վեր էր իրեն համար մարդկային բոլոր պատկերներէն։ Կը հալէր սակայն, կ’անհետանար քիչ-քիչ եւ հսկայ այդ տարածութիւնը կը շփոթուէր իր հոգիին հետ։ Կը կորսնցնէր իշխանուհին իր մարմնին ծանրութիւնը ու կը դառնար անսահման, աներեւակայելի տիեզերք մը։

Ու զգայախաբութի՞ւնն էր, թէ իրական պատկեր մը՝ այն, որ երեւցաւ յանկարծ անոր, մինչ տարուած՝ ան, այդպէս, կը նայէր խաղաղ, բայց ախտագին ջղագարութիւնով մը։ Երեւցաւ նախ, մարդկային ժպիտի պէս բան մը, քաղցր՝ երանութեան մը խոստումին նման։ Ամպե՞րն էին։ Այիշէ բացաւ աչքերը։ Ու գիծերը թանձրացան աւելի։ Մեծցաւ ժպիտը։ Առաւ առնական դէմքի մը գծերը։ Իշխանուհին տեսաւ յստակօրէն այդ բոլորը, ինչպէս տեսաւ ան արծաթէ ամպերուն սահիլը ու ջուրերուն փայլատակումը։ Ու թունդ ելաւ անոր սիրտը։

-Ա՜հ, Ալլա՜հ…

Սոսկալին այն է, որ չի հաւտար ան այդ հրաշալի տեսիլքին։ Վեհ ու արտակարգ խորութիւն մըն է լռութիւնը այդ պահուն։ Այիշէ կը լսէ տերեւի մը դողն իսկ, պզտիկ ոստի մը անկումը, կարապներու ետեւէն ակօսուող ջուրին ձայնը։ Ու իշխանուհին թեթեւ է երազի նման։ Երբեք անիկա չէ զգացած ինքզինքը՝ այդպէս։ Կարծես արթնցած էին անոր հոգիին խորը պահուած բոլոր զգայնութիւնները ու կը շարժին ալիք-ալիք ադամանդէ թիակի մը տակ, կը տարածուին ամբողջ այդ օտար աշխարհին վրայ, ուրկէ կը բարձրանային հազար լուսեղէն շշուկներ։

Կարծէք մագնիսական ուժ մը կը քաշէր հեռուէն իր բոլոր յիշատակները։ Երբեք Այիշէ չէր տեսած ինքզինքը այդպէս լրիւ, բարձրէն, այդպէս առատ։ Իր շուրջ կը դիզուէին իր բոլոր ապրումները։ Ոտքի՝ պատուհանին առջեւ, միս մինակ՝ յաւիտենականութեան դէմ, իր ներքին բոլոր գաղտնիքներովը, իշխանուհին կը նայէր ու ինքզինքը շրջապատուած կը զգար խորհուրդներով։ Կը դողար ան՝ վախէն։ Խօսիլ կ’ուզէր։ Բայց ձայները կը խեղդուէին իր կուրծքին մէջ։ Ուրախութիւնը դարձած էր յուզումի պէս ծանր։ Արթնցեր էին կարծես կեանքի դարաւոր ձայները։ Երկնքէն կ’իջնէր բիւրաւոր հոգիներու շունչ մը։ Ափերէն կը լսուէր լուսեղէն մատներու խարխափում մը։ Ու ժպիտը կը մեծնար երկնքին վրայ։ Մեծցաւ ու աղօտեցաւ անիկա։ Հալեցաւ…

Կը սահէր մահիկի ձեւ լուսինը, ու աստղերը կը դողային տարաշխարհիկ էակներու աչքերուն նման։ Կ’անցնէր փարոսին լուսեղէն բազուկը։ Ժայռերը կը փայլէին ու կը կծկուէին իրենց տեղափոխուող ստուերներուն մէջ։ Քարափին վրայ, ուր կախուած են լոյսէ գոյնզգոյն մանեակներ, կը դառնան, կը խաչաձեւեն պարողներուն շուքերը։ Երբեմն կը լսուի թմբուկի մը ձայնը, պտուտակի մը թաւալումին չափ հուժկու։ Երբեմն ջութակի մը հծծիւնն է, որ կը բարձրանայ անհունն ի վեր։ Ալիքները լոյսէ ճպոտներ կը շարժեն։

Կը դողար իշխանուհին՝ երազէ արթնցածի պէս։

Կուգար փաշան՝ փողոցին ծայրէն, գինով՝ հեւալէն, ցցած իր լեցուն պարկի պէս փորը։ Կինը մտաւ անկողին՝ խուսափելու համար անկէ։ Ձայն չհանեց ան, երբ էրիկը, բանալով կէս մը դուռը, նայեցաւ իրեն։ Չը դարձաւ ան, մնաց, ինչպէս որ ինկած էր անկողինին վրայ, մինչեւ լսելի եղաւ նրբանցքին դէմի սենեակէն էրկանը խռկոցը։

Երկար, երկար ատեն թաւալեցաւ այնուհետեւ իշխանուհին։ Կրակ կար արեւէն այրած մարմինին վրայ։ Կը ցաւէին մկանները։ Բայց անիկա կը տառապէր աւելի այդ վաղանցուկ երանութեանը համար։ Ելաւ, նստեցաւ ան, կրկին։ Ու իր նայուածքը կը հարցնէր կարծես ժայռերուն ու ջուրերուն այդ արտասովոր տեսիլքին մասին։ Ու իր նայուածքը կը փորձէր գտնել գիծերը, որ շարժեցին իր ամբողջ հոգին։

Ամպերը հանդարտ կը սահէին` երազային էակներու նման։ Փարոսին լոյսը կ’անցնէր հսկայական մանգաղի մը արագութեամբ` թափելով լուսեղէն շիւղեր։ Կը փայլէին ծառերը անոր տակ։ Կը վառէին, ադամանդէ դիմակներու պէս, լռութեան մէջ քնացող տուներուն ապակիները։

Ոչ մէկ պատասխան։ Իշխանուհին փորձեց գտնել գիծերը մտքին ուժովը։ Ուռեցաւ անոր լայն կուրծքը։ Դողացին շրթունքները։ Կարծես թէ ամբողջ տարածութիւնը գրկած ըլլար զինքը։ Լեցուեցան անոր թոքերը հեռուներէն եկող բազմազան բոյրերով։ Ու աշխատեցաւ անիկա` աչքերը փակ՝ երազին վրայ, որ կը փլէր շարունակ։ Յայտնուեցաւ ցերեկուան լուղորդը. բայց շարունակեց ան՝ անտարբեր՝ անոր իր փնտռտուքը, մինչեւ որ մխրճեցաւ քիչ-քիչ քունին մէջ, անզգալաբար, լուսաբացին մօտ։

***

Փաշան արթնցաւ սովորականին պէս կանուխ` քերելով կուրծքին տոպրակ-տոպրակ միսերը։ Սենեակը ողողուած էր լոյսով ու հաճելի ջերմութեամբ մը։ Պատուհանէն երկարող լոյսի սիւն մը կ’արտացոլար մեծ հայելիի մը մէջէն ճերմակ առաստաղին վրայ, ուր կը ծփային նոյն ատեն պարտէզին տերեւներուն շուքերը։ Ճանճերը կը թրթռային ապակիներուն դէմ ու շողալով` կը սուրային սենեակին մէկ ծայրէն միւսը։ Փաշան արթնցաւ ուրախ։ Թեթեւ քրտինք մը ողողած էր զինքը։ Նետեց վերմակը վրայէն։

Հաւու միսէն կակուղ ու ճերմակ միսեր։ Խմորի պէս թոյլ։ Ոչ մէկ պրկում ունեցած են անոնք՝ կարծէք։ Դիւրաւ է, որ, արդարեւ, անիկա հասած է փաշայութեան։

Իբրեւ զաւակը գիւղացի հօճայի մը, որուն համբաւը կը հասնէր մինչեւ մեծ քաղաքները։ Որբ՝ տասնըհինգ տարեկանին անիկա կ’որդեգրուի փաշայի մը կողմէ ու կը ճամբուի Պոլիս, ուրկէ կը վերադառնայ քանի մը տարիներու անարժան ուսանողը` ամուսնացած սուլթանին արձակած, հարուստ ու տիտղոսաւոր կիներէն մէկուն հետ։ Երկիր չհասած՝ կ’որոշուի անոր պաշտօն մը։

Ջարդի օրերուն ամէն քննութիւն յանձնուեցաւ իրեն՝ իբր հայերուն ծակն ու ծուկը գիտցող մէկը։ Ու ցոյց տալու համար իր հմտութիւնը` անիկա ձերբակալել տուաւ ամէնէն առաջ քանի մը ծանօթ հայեր, որոնց հետ եղբօր պէս մեծցած էր։ Ծունկի բերել տուած էր զանոնք իր առջեւ։ Ապտակած իր իսկ ձեռքովը եւ ստիպած, որ խոստովանին գոյութիւն չունեցող հայ գաղտնի բանակի մը մասին։ Կարմրցնել տուած էր երկաթի ձողերը կրակներուն մէջ ու ինք իր ձեռքով այրած՝ որ մէկին աչքերը, որ մէկին լեզուն։ Յետոյ նենգութեամբ ու բարեկամական խօսքերով ճամբայ հանելով զանոնք ու ջարդել տալով լիճի մը եզերքին։

Այս բոլորին փոխարէն ստացաւ անիկա պաշտօնի բարձրացում եւ դրամ։ Առատ յաւակնութիւն մը, որ կը ցոլայ իր անասնական դէմքին վրայ։ Դարձաւ լկտի` իր բառերը ընելով իր միսերուն պէս վաւաշոտ ու թոյլ։ Դարձաւ յանդուգն եւ պոռոտախօսութիւններով ծածկեց իր նկարագրին վախկոտ եւ անբարոյական երեսը, իր տգիտութիւնը։ Չքաշուեցաւ ան շատ անգամ բացէ ի բաց յայտնելու իր կոպիտ ու հաճոյամոլ հոգին։

Նետեց վերմակը վրայէն։ Մեծ հաճոյք մըն էր անոր համար ցոյց տալ իր մերկութիւնը սպասուհիին, որ կը բերէր ամէն առաւօտ իր նախաճաշը քովի պանդոկէն, ուր անոնք էրիկ կնիկ գիշերուան եւ ցերեկուան ճաշերը կ’ընէին։ Ու նայեցաւ փակ աչքերուն տակէն` քնացած ձեւացնելով։ Պատուիրած էր կնոջ, որ մահճակալին քովը` պզտիկ սեղանին վրայ, դնէ ուտելիքը եւ մեկնի` առանց զինքը արթնցնելու։ Ու կինը կը կատարէր ատիկա այդպէս։ Նորութիւն մը չէր մարդուն այդ վիճակը սպասուհիին համար։ Անիկա տեսած էր մարդոց տեսակները։ Բայց գիւղացի նորեկ մըն էր, որ բերաւ այդ առաւօտ անոր կաթն ու հաւկիթը։ Ու անոր յուզումին ձայնը հասաւ մինչեւ իշխանուհիին ականջը։ Այիշէ ցնցուեցաւ դուռին ձայնէն։ Ոտքի ելաւ` երթալու համար էրկանը սենեակը։ Բայց ինկաւ ան՝ ուշաթափ, ինչպէս կը պատահէր իրեն յաճախ, երբ քունէն նոր արթնցած՝ դուրս կուգար անկողինէն։ Ինկաւ ան մահիճին վրայ։ Փաշան ուշի ուշով մտիկ կ’ընէր։ Վերահաս խոր լռութիւնը խաղաղեցուց զինքը։

Աճապարեց ան այն ատեն փողոց իյնալ։ Դուռէն դուրս անիկա առաւ իր խոժոռ ու պարկեշտ մարդու դէմքը։ Դէպքը փակուած նկատեց ան` խորհելով, որ կինը կը շարունակէր քնանալ եւ սպասուհին պիտի ամչնար խօսելէ այդ մասին։ Անիկա ունէր իր ետին տարիներու փորձառութիւնը։ Ունէր դրամն ու փաշայի համբաւը, որոնցմով խեղդած էր շատ մը դէպքեր։ Աւելին։ Անիկա հաւնած էր աչքերուն տակով այդ միամիտ աղջկան։ Ու կը յուսար ձեռք անցնել զայն քիչ մը դրամով։ Քիչ, որովհետեւ կը դողայ ան ամէն բանէ աւելի իր հարստութեան վրայ, որուն աղբիւրները նուազած են Քեմալին տիրապետումէն ասդին։ Ու խաղաղում մը տալու համար իր ցնցուած ջիղերուն, անիկա երգեց ցած ձայնով։ Անցեալ, ուրախ օրերու յիշատակը ողողեց զինքը, տեղափոխեց հին, Անատօլուի քաղաքներէն մէկուն մէջ, ուր գիշերներ լուսցուց ան՝ օղիով ու մերկ կիներ խաղցնելով, գայթակղեցնելով ոգելից ըմպելիներէն ու պոռնիկէն խրտչող պարկեշտ միւսիլմանները։

Կը մղուէր ան շուկային կողմը։ Սովորութիւններ կան, որ ան պիտի չկրնայ մոռնալ։ Կանգ կ’առնէր ան ձուկերուն առջեւ։ Կը քննէր բոլորին գիները` բաղդատելով Պոլսոյ գիներուն հետ։ Կը հիանար լանկուստներուն տեսակներուն վրայ։ Կը բարձրանայ ան յետոյ, հովանոցը թեւին տակ, գլուխը բաց, գլխաւոր փողոցէն, ուտելէն տոպրակ մը խաղողը։ Կ’իջնէ ծովափ, աչքէ անցնելէ վերջ մէկիկ-մէկիկ բոլոր ցուցափեղկերը իր հաստ ակնոցներուն ետեւէն` նստելու համար հեւասպառ հին առագաստանաւերուն դիմաց։ Փաշան չէ մոռցած, որ մէկ հօրեղբայրը կէմիճի մըն է եղած։ Եւ ահա կ’արթննան անոր մէջ մանկութեան օրերը։ Հաճոյքով մըն է, որ կ’անդրադառնայ ան հին, խաղի ընկերներուն, որոնց անունները մոռցեր է արդէն։ Այդ բոլորը ցոյց կուտային իրեն, թէ մեծ ճամբայ մը կտրած էր ան, բարձրացեր՝ մինչ ուրիշներ ձուլուեր էին ժողովուրդին մէջ` առանց հետք մը ձգելու։ Աղքատ մարդոց տեսքը կ’ուրախացնէր փաշան։

Կայմերուն ետեւէն ելլող արեւը կը ներկէր ծովը բազմազան գոյներով։ Կը տարածուէր մեղրի պէս, դարաւոր տանիքներուն վրայ, որոնց ցօղաթուրմ կղմինտրներէն կ’արտացոլար լոյսը՝ թիթեռներու թեւթափումներով։ Կը փայլէին ափին խոնաւ աւազները, ժայռերը, մամուռները։ Այս ի՜նչ երկիր էր։ Ի՜նչ առաւօտ։ Փաշան պիտի ուզէր երկու ամիսի տեղ, որ որոշած էր Այիշէն, մնալ հոտ տարիներով։ Անիկա բուժուած կ’ըլլար մեծ վիշտէ մը, որն էր Քեմալի օրերէն ասդին քաղաքական ասպարէզէն իր ետ մղուիլը։ Դառնութիւն մըն էր ատիկա, զոր տարաւ լռին` վախնալով իր հոգիէն։ Ու իր այդ խոհեմութեանը կը պարտէր իր անձին ու հարստութեան փրկութիւնը։ Գումարներ վատնած է փաշան` սիրաշահելու համար կազիին սիրտը (որքան կծծի աղքատներուն, այնքան առատաձեռն է եղած ունեւորներուն հանդէպ), զոր բնաւ չէր կրցած տանիլ։ Անիկա չէր կրցած հաշտուիլ անոր արագ յաջողութիւններուն։ Քեմալը կը մնայ միշտ իր աչքին անտաշ արկածախնդիր մը, բռնակալ մը, դիւանագիտութենէ զուրկ մէկը։

Խորապէս ազդած են փաշային վրայ ցեղին զգացումներուն ու սովորութիւններուն դէմ կատարուած աշխատանքները։ Այդ բոլոր բարեփոխութիւնները կը մեղկացնեն թուրք առնական ցեղը։ Բայց անիկա ստիպուած էր երախտապարտ զգալ ինքզինքը այդ յաղթական բարեշրջումին համար, որով կրցաւ ծածկել իր ոճիրները։

Ծակէ ծակ կը մտնէր ան զինադադարի օրերուն, երբ դատի կը կանչուէին ջարդարարները։ Հազիւ շունչը առած էր Պոլիս։ Իր քաջութիւնը կրկնապատկուեցաւ` Քեմալին Պոլիս մտնելովը։ Սմքած կատուն կարծեց, որ նոր շրջան մը կը բացուէր իր առջեւ։ Ոչ մէկ «կեավուր» պիտի ձգէր ան, եթէ թոյլ տրուէր իրեն։

Կը տաքնայ արեւը քիչ-քիչ, ու կը ծանրանան փաշային աչքերը։ Կը թուլնայ, կ’ընդլայնի անոր մարմինը։ Կը դառնայ ոսկորէ զուրկ, տարածուած խմոր։ Օդին մէջ կախուած օդապարիկ։ Գաղջ, ճահճի մը մէջ սուզուած գոմէշի մարմին։ Կը քնանայ ան` ձեռքերը փորին, զոր այնքան կ’ատէ իշխանուհին։ Թեթեւ հով մը կը քսուի անոր ճակտին, մերթ ընդ մերթ, բարակ շղարշի մը պէս։ Ու կը զովանայ անոր երակներէն սահող արիւնը։ Ափէն կուգան զանազան ձայներ։ Ծովը կը լզէ աւազներու վրայի արեւը։ Փաշան կը լսէ այդ բոլորը, ինչպէս եւ շուրջի ծառերուն խարշափը ու թռչուններուն բազմազան կանչերը։ Անոնք կ’օրօրեն զինքը եւ կը ստեղծեն երանելի աշխարհ մը, ուրկէ կը սահի ան` խաղաղ ու երջանիկ, գինով ու կամազուրկ։

Ճիւղ մը` տարօրինակ կերպով վառ, իր փակ կոպերուն ետեւէն կը շարժի` օտար ձեռքի մը պէս, թափելով լոյսի կարծր շիւղեր։ Մարդ այնքան երջանիկ պիտի չզգար ինքզինքը պարգեւներու անձրեւի մը տակ, որքան կը զգար փաշան` հպարտ ու գոհ իր կեանքէն։ Քունը հալեցուցած է կամաւոր խոժոռութեան ամէնէն ուժեղ թելերը, ու անոր դէմքին տժգոյն դիմակը կ’երեւայ իր ամբողջ իմաստակութիւնովը։ Քունը տուած է տակաւին անասունի արտայայտութիւն մը անոր այդ դէմքին, որուն գոյնը այնքան նման է նոր մորթուած ու մաքրուած խոզի մը գոյնին։ Կը տաքնայ արեւը։ Կրակ կը բխի հողերէն։ Կը թուլնայ, կը ծանրանայ փաշան, կարծէք թէ բաղնիքի մէջ ըլլար։ Անկարող է ան նոյնիսկ վանելու ճանճը, որ կը դառնայ իր քիթին վրայ ու կը խածխծէ զայն։

Բայց ցաւալի է, ստիպուած է դուրս գալ ան այդ անուշ քունէն, ստիպուած է յարգել ժամադրութիւնը։ Կը բանայ մեծ դժուարութեամբ իր աչքերը։ Քարի պէս ինկած էր իր վրայ օդի տաք ու կարծր կոյտ մը։ Տառապեցաւ փաշան մինչեւ որ մէկդի ընելով զայն, կրցաւ ոտքի ելլել։

Կը տաքնայ արեւը քիչ-քիչ, ու կը քրտնի անիկա։ Ճանճերը կը շրջապատեն զինքը, կը փարին անոր խոնաւ միսերուն։ Կ’ելլէ, կը քալէ, թաշկինակը մսոտ մատներուն միջեւ, սրբելէն իր հաստ վիզը, ուր ծալք­ծալք եկած է քրտինքէն խաշած մորթը։ Արտառոց բան մըն է ան ետեւէն, լայն ու կնոջական իր յետոյքով, որուն վրայ տաբատը կ՚առնէր շալվարի մը կերպարանքը։ Հրէշային բան մըն է ան՝ իր հսկայ գլուխովը։ Ունի պզտիկ աչքեր։ Պզտիկ բերան մը, որ կը կորսուի գրեթէ դէմքին երկու կողմերէն կախուող այտերուն միջեւ։ Կը լողան, կը դողդղան այդ այտերը` ոչխարի ագիներու պէս պարարտ։ Կը կախուին վար ու կը դառնան վիզ։ Փաշային գլուխը խրած է միսերու մէջ։ Ու դժուարութեամբ, ու ճիգով է, որ կը դառնայ ան՝ ինքն իր վրայ։ Այդպէս է, որ քալած է ան ամբողջ կեանք մը, գոռոզ ու խոժոռ, դժգոհ աշխարհէն, որ պզտիկ կը գտնէ։ Այդպէս է, որ առած է ան իր ստորադասներուն բարեւը` դողացնելով զանոնք։ Այսպէս է, որ ծածկած է ան սողացողի իր ստորնացումները։ Կը տաքնայ արեւը, ու փաշան կը բանայ հովանոցը։ Սկսած է իր շուրջ կեանքը։ Ծիծ մըն է, շարժող յետոյք մըն է, մերկ սրունք մըն է, որ կը հետապնդէ իր աչքին ծայրովը։

Անիկա զղջաց աւելի քաղցրօրէն նայած չըլլալուն համար աղջիկի մը, որ կը ժպտէր իրեն։ Եթէ սակայն քիչ մը խելացի ըլլար ան, պիտի ըմբռնէր, թէ ինչո՞ւ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէր այդպէս անցած ատեն։

Տեղացի մը խորապէս պիտի զգար ամառէ ամառ տեղի ունեցող փոփոխութիւնը՝ այդ բազմութեան շնորհիւ։ Կենդանութիւն կ’առնէին շէնքերն ու փողոցները։ Կը վարձուէին բոլոր անգործածելի սենեակները։ Կը շատնար առեւտուրը։ Կը բացուէին նոր սրճարաններ, պանդոկներ, գարեջրատուներ։ Կուգային Ֆրանսայի չորս ծագերէն ամենագեղեցիկ կառքերը։ Կուգային զանազան ցեղի մարդեր։ Գեղեցիկ կիներ։ Նուագը կը լսուէր ցերեկ ու գիշեր։ Կը հնչէին սալարկները։ Ու ֆիլմեր կ’անցընէին ամէն գիշեր սրճարաններու առջեւ ցցուած հսկայական վարագոյրներու վրայէն։ Առիթ մըն էր տեղացիին համար ամառը։ Արժէք կ’առնէր անոր յետին թաղարը, պնակը, ջրամանը, զորս կը գնէին օտար զբօսաշրջիկները` իրենց հետ յիշատակ մը, իրենց անցած տեղէն վկայութիւն մը տարած ըլլալու համար։

Ծարաւ էր մեծ քաղաքներէն եկած այդ ժողովուրդը, տեղական, հնաբոյր գոյներուն։ Անցեալի մը կարօտը կը կրէր ոստաններէն եկած այդ ամբոխը։ Կը գնէր ան, ինչ որ կը տեսնէր։ Տեղական տեսարաններ ներկայացնող քառթեր, փայտէ կօշիկ, ձկնորսի տաբատ, ծխամորճ, ծխախոտի փորագրուած տուփ, գորգ ու կերպաս, եկեղեցիի վերաբերեալ զանազան սպասներ ու սուրբի նկարներ։

Փաշան կ’անցնի այս բոլորին մէջէն` անտարբեր գրեթէ։ Առանձին ոչ մէկ բան կը գնէ ան։ Դժուար պիտի ըլլար իրեն սակարկել առանց Այիշէի։ Փաշան տարուած է առաւելապէս կողովներու մէջ ցուցադրուած միրգերով։ Կը զմայլի խնձորներուն ու տանձերուն մեծութեանը։ Ու անոնցմով երկրին քաղաքակրթութեանը։ Տապկուող միսի ու գետնախնձորի հոտ մը կայ օդին մէջ։ Ամէն քաղաք իր մասնաւոր բոյրը ունի, երբ տաքը կը կոխէ։ Գրգռուած է փաշային ախորժակը, անոր եզան ստամոքսը։

Ժամը տասնըմէկն է։ Կը մտնէ ան սրճարան մը, ուր կուգար Այիշէն գտնել զինքը ամէն առաւօտ` ճաշէն առաջ պզտիկ պտոյտ մը կատարելու համար միասին։

Կը նստի, կռնակը յախճապակիէ պատի մը, ուր նկարուած է ծովային պատերազմ մը։ Դէմը կրկին հին օրերէն մնացած պատմական հսկայ նկարագրութիւն մը, զոր փաշան նմանցուցած է Պոլսոյ վրայ կատարած Ֆաթիհի նաւային արշաւանքին։ Կ’ոգեւորէր։ Կը խայտար իր բարբարոս արիւնը։

Կը նախընտրէր ան այս սրճարանը միւսէն, ուր կ’երթար առանձին եւ օղիին համար միայն։ Պէտք է ըսել, որ անոր գոյութիւնը անակնկալ մը եղած էր իրեն եւ հպարտութեան պատճառ, երբ հանդիպած էր անոր քանի մը օր առաջ։ Արեւելեան, աւելի ճիշտը ալճերիական ոճով շինուած սրճարան մըն էր ան` արտաքնապէս յիշեցնելով մզկիթներու գեղազարդուած դռները։ Ճակատին վրայ արաբական տառերու նմանութեամբ գրուած էր «Ալճերիա»։ Այս անունն իսկ բաւական էր, սակայն, տխրեցնելու համար գոռոզ հայրենասէրը, որ կը յիշէր Թուրքիայէն բաժնուած հողամասերը, եւ զայրանալու Քեմալ նեղմիտ ազգայնականութեան դէմ, որ, հրաժարելով օսմանեան կայսրութեան հողամասերէն ու մահմետական ժողովուրդներէն, երկիրը դարձուց վեց­եօթ հարիւր տարի առաջուան Թուրքիա մը։

Ներսէն սրճարանը նոյնքան եւ աւելի կեղծ ազդեցութիւն մը կը ձգէր փաշային վրայ։ Գիշեր ու ցորեկ, քօղարկուած ելեկտրական լոյսով մըն էր, որ կը լուսաւորուէր ան։ Որոշ էր, որ խորհուրդ մը կ’ուզէին տալ` փակ պահելով վարագոյրները։ Ձայնագիր մը՝ նուագածուներու տեղ, քանի մը աժաննոց գորգեր եւ ցածլիկ աթոռակներ ու սեղաններ։ Տէրը պալքանցի հրէա մըն էր, որ հազիւ հազ քանի մը բառ թուրքերէն գիտէր։ Անիկա բացած էր այդ խանութը` ընդառաջ երթալով օտար զբօսաշրջիկներու արտառոց ճաշակներուն։ Տիրոջմէն զատ` բնիկ ալճերիացի սպասաւոր մը` իր տեղական տարազով, կ’ապահովէր սպասարկութիւնը։

Զանց կ’առնենք արաբերէն խօսակցութիւնը, որ կ’ունենար փաշան անոր հետ` թափելով իր ամբողջ հմտութիւնը, ինչպէս եւ քննադատութիւնները, զորս ըրաւ ան՝ յաճախ օտարներուն մատուցած այդ կեղծ «քաղաքակրթութեան» համար եւ սրճարանին գիներուն ու յաճախորդներուն վրայ, որոնց ամէն մէկին պիտի ուզէր թելադրել Թուրքիոյ ճամբան։

Ստիպուած ենք զեղչել՝ փրկելու համար գոնէ՝ արուեստը, քանի որ անկարելի է իրագործել կեանքի մը ճշգրիտ պատկերացումը՝ մեր այս սահմանափակ միջոցներով։ Զանց կ’առնենք նոյնպէս նկարագրութիւնը յաճախորդներուն, որոնք այլապէս պիտի տային մեզի դարաշրջանի մը տարբեր մէկ կողմը, ուր կեանքը կը հասնի ֆանթէզիներու եւ խօլ զգացումներու։

Փաշան տեսաւ հոն աշխարհի ամէնէն հարուստ ու գեղեցիկ կիները` կէս մերկ եւ գինով վիճակի մէջ, յանձնուած բախտագուշակ կնոջ մը, որ թուղթ կը բանար սրճարանին մէկ անկիւնը։ Ու կը թուէր իրեն, որ սրբութիւն մը կը խաթարէին անոնք։

Տհաճելի կը գտնէր ան միջավայրը, մանաւանդ անոր համար, որ, իր արտաքինէն դատելով, կը հաշուէին զինքը սրճարանէն վարձուած` իբրեւ կեղծ փաշա մը։

Անցնինք։

Կուգայ կինը, երբ անիկա խօսքի պիտի բռնուէր սեղան մը անդին նստած օտարականի երեւոյթով անծանօթի մը հետ, որուն ժպիտը համարձակութիւն տուած էր իրեն։

Իրար կ’անցնի ան` տեղ մը բանալու համար քովը Այիշէին համար, որով այնքան հպարտ է։ Կ’անցնի անոր աչքերուն մէջէն պճլտուն բոց մը, որ մոռցնել կուտայ մեզի վայրկեան մը այն ձէթոտ նայուածքը, որուն տակ կը յայտնուէր փոխն ի փոխ սողացող ու սոնքացող հոգի մը։ Կը դողայ անոր սիրտը վախով մը, զոր կրցաւ ծածկել ապականուած ու իգացած այդ մարդը ուրիշներուն առջեւ։ Յուզուած է` յանցանքի վրայ բռնուած մէկու մը պէս։ Ու անոր դողը կը շատնայ, երբ միտքը կուգայ առաւօտեան պատահարը։ Կ’աւելնայ անոր վախը, երբ իշխանուհին կը նայի երիտասարդին աչքի տարօրինակ սեւեռումով մը։ Թուեցաւ իրեն, որ իշխանուհին կը տեսնէր իր նկատումները։ Վախցաւ գայթակղութենէն, մանաւանդ, որ Այիշէ սպառնալիքներ ըրած էր իրեն՝ բռնելով զինքը Բերայի նպարավաճառի մը յոյն պատանիին հետ։ Գառնուկի պէս հեզ՝ ոտքի ելաւ ան, երբ կինը ուզեց, որ մեկնին իսկոյն։ Ու դուրսը բաւական տեղ սպասեց բողոքի մը, մինչեւ որ համոզուեցաւ եւ կնոջ այդ ընթացքը վերագրեց ջղայնութեան։

Տակն ու վրայ եղած էր, սակայն, Այիշէի սիրտը։ Ծանօթ գտած էր ան յանկարծ երիտասարդը, որ կը ժպտէր իրեն։ Իրեն կը թուէր, որ տեսած էր ան այդ թուխ ու կորովի դէմքը։ Զգացեր էր ցնորեցուցիչ մտերմութեան մը կրակը անոր խոշոր ու ժպտուն աչքերէն մինչեւ իր սիրտը։ Ու նկատեր էր փայլակի արագութեամբ նմանութիւնը երիտասարդին ու հորիզոնէն ցցուող տեսիլքին։ Հոգիին խորէն ցայտող ուժգին այս ճշմարտութիւնը յուզումի ենթարկած էր իշխանուհին։

Ներքին ալիք մը կը նախազգացնէր, կարծէք, գալիք, բարձր սէր մը, որ պիտի առաջնորդէր զինքը բարդ ու տարօրինակ վիճակներու։

Բռնեց, սակայն, ինքզինքը։ Անիկա կը քալէր խաղաղօրէն փաշային կողքին։ Բոպիկ ոտքերը կաշիէ սանտալի մը մէջ, թեւերն ու գլուխը բաց՝ կը քալէր խորհրդաւոր վեհութեամբ մը։ Կը ժպտէր անոր տժգոյն, անքուն գիշերի մը յոգնութենէն մաշած դէմքը։ Ուզեց, որ էրիկը առաջնորդէ զինքը Շաթոպրիանի գերեզմանին առջեւ։

Չտրտնջաց յոգնած ու արեւէն ընկճուած մարդը, որուն մազոտ ականջները կը հալածուէին ճանճերէն տեւականօրէն։ Ընդհակառակն, գոհունակութեամբ համակերպեցաւ, քանի որ իշխանուհին կը փրկէր զինքը այդ օրը ծախքերէն։ (Բոլոր կիներուն պէս Այիշէ պիտի գնէր` ինչ որ կարեւոր էր հետը Պոլիս տանելու համար։ Օրէ օր, քաղաքէ քաղաք աւելցուցած էր ան այդպէս իր սնտուկներուն թիւը մուշտակներով, կարի մեծ տուներէն առնուած հագուստներով, սեղմիրաններով, գուլպաներով, կերպասներով եւ զանազան իրերով)։

Այիշէ նստած է հիմա արեւին տակ ու իր դէմքին վրայ ու իր ընկոյզի գոյն սրունքներուն վրայ կը փայլէին ոսկի աղուամազերը։ Դրած է արմուկները ծունկերուն, ձեռքերը` այտերուն։ Դրած է ոտքերը անդունդին եզերքին բուսած թուփի մը։ Կը նայի երազկոտ։ Կը ծխէ։ Եւ ծուխին հետ իր ամբողջ հոգին է, կարծէք, որ կը փչէ վեր` բարձրացնելով դունչը։ Անիկա կը վերապրի ահա, ռօմանթիք անցեալ ընթերցումները։ Իր մէջն է ծովուն անսահման կապոյտը։ Իր մէջն են անոր ալիքներուն թեթեւ շողշողումները։ Ուրախ է ու տխուր։ Լուսավառ ու խաւար, ինչպէս ծովը՝ իր հրեղէն մակերեսէն մինչեւ անձեռնմխելի անդունդները։ Բեկում մը կայ իր մակերեսային այդ ուրախութեան մէջ։ Ընդծովեայ, լուսարձակ կենդանութեան մը հէքեաթը կայ իր այդ տխրութեան խորը։ Այիշէ յանձնած է իր անհանգիստ հոգին իմաստուն ուժի մը։ Անուն չունի տակաւին այդ ուժը։ Բայց տարածուած է ան իր վրայ պարզ, անսահման երկնքի մը նման։ Կը քաշէ ան զինքը` մագնիսի մը պէս։ Ու պիտի երթար ան այդ ուժին ետեւէն` ձգելով ամուսին, գոհար, դղեակ, ծառայ, ամէն ինչ։ Բնաւ այսքան ուժեղ, այսքան գոհ չէր զգացած ան ինքզինքը։

Փաշան կը խօսէր անընդհատ։ Ապսպրած էր ան կնոջ համար կառք մը։ Պիտի գար ան Փարիզէն այդ օրը կէսօրին գնացքովը։ Փաշան ստացած էր լուրը եւ հարկ եղած թուղթերը, որոնցմով պիտի երթար հանել կառքը կայարանէն` զոհելով ճաշէն վերջի քունը։ Պիտի տանէր Այիշէն հետը, քանի որ ինքը քշել չէր գիտեր։ Եւ խրատներ, որպէսզի չվազեցնէ շատ արագ, ուշադրութիւն դարձնէ` չճզմելու համար մէկը։ Եթէ Թուրքիա ըլլար, անիկա գիտէր քանի մը ոսկիով գոցել վտանգը։ Բայց հոս, զրկուած ամէն յարաբերութենէ, հոս` այս խաբեբայ միլլէթին մէջ… Կը հեւար` փորը ծունկերուն մէջ, նստած ցած քարի մը, որ կը կորսուէր յետոյքին տակ։

Ծովափը կը լեցուէր քիչ-քիչ։ Երեւակայեցէք աւազի երկար ու լայն դաշտ մը` ծածկուած ամբողջովին կիսամերկ մարդերով։ Վերէն դիտելով` գոյներու ու շուքերու խառնարան մըն է անիկա։ Արտասովոր բան մըն էր հոն կեանքը։ Մարդիկ նետեր են իրենց հագուստները, բոլոր հոգերը։ Դարձեր են երեխայ ու նախամարդ։ Կը խաղան, կը թաւալին աւազներու մէջ, ջուրը կը նետուին։ Կը փալփլան անոնց թխագոյն, ջրաթաթախ մարմինները` աւազին ու արեւին տակ կայծկըլտացող ժայռերուն նման։

Մանչուկ մը, մօրը ձեռքը ձգելով, եկաւ իշխանուհիին մօտը՝ իր չորս թաթերուն վրայ։ Գետնէն վերցուց ան ափ մը խիճ ու մեկնելու միջոցին կանգ առաւ շնիկի մը դիրքին մէջ, այդպէս, նայելու խոր զարմացումով մը Այիշէին, որ սփինքսի մը չափ ահարկու ու հմայիչ կը թուէր, կարծէք, իրեն։

Կնոջ մը գեղեցկութիւնը բնազդօրէն կը գրաւէ տղաքը։ Ու որքան ողբերգական է անոնց անմեղ ու անթափանց նայուածքը սիրոյ խորհուրդին առջեւ… Իշխանուհին իր կողմէ կը նայէր անոր։ Ու կը ժպտէր` գրաւուած անով, ժպիտով մը, զոր կ’ունենան զաւակէ զուրկ կիները աղուոր երեխայի մը հանդէպ։ Կը ժպտէր։

Եւ ահա յանկարծ, անզսպելի փափաքէ մը տարուած, կը նետէ թեւերը անոր ուսերուն, կը գրկէ զայն։ Ու կը պոռայ փաշային, վաւաշոտ խանդավառութիւնով մը` ափերուն մէջ առած տղուն մարմինը.

-Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք… ի՜նչ աղուոր է, ի՜նչ անուշ, ի՛նչ շաքար…

Փաշան անզգայ է, անշուշտ, այսպիսի գուրգուրանքներու հանդէպ։ Կը թելադրէ, որ ձգէ օտարին տղան։ Նկատել կուտայ, որ չափազանցութիւն է ըրածը։

-Բայց չէք հասկնար զիս, փաշա, - կը շարունակէ ան, - նայեցէ՛ք…

-Շատ լաւ կը հասկնամ, - կը պատասխանէ մարդը, որուն համար շատ աւելի անտանելի խորհուրդ մը կը կրէր Այիշէի այդ սէրը։

-Օ՜, ինչպէս գէշ կը նայիք… այս պզտիկ, պզտիկ մանչուկին…

Փաշան հազաց` պատասխանելու փոխարէն։ Ինչ որ կը հաստատէր ըսածը։ Կը նախանձէր, անշուշտ։ Եւ ատոր հետ միասին կը չարչարուէր` ամլութեան տեղ եղած գանգատի մը տեղ առնելով` ինչ որ կը լսէր։

Ու նայուածքը դարձուց ծովեզրի մերկ կիներուն, որ կը քալէին ետեւէ ետեւ՝ շարժելով լուսէ աւազներուն վրայ շուքերու ստեղնաշար մը։ Տարբեր յուզում մըն է փաշային համար միասին բացուող բազմաթիւ ու հոյակապ սրունքներու այս տողանցքը։ Առհաւական զգայնութիւն մը, որ իր ցեղէն կուգայ իրեն եւ կը բերէ կարօտը բազմազան իրաններու, որոնցմով պիտի ապահովուի ինքը ձանձրոյթին դէմ, զոր կուտան անասնական ու վայրկեան մը տեւող սէրերը։

Իր ամենէն մեծ հպարտութիւնն է դարձեալ. փռել շուրջը այդ գեղեցկութիւնները` հարճերու պէս, բոլորովին մերկ, իբրեւ հաճոյքի առարկաներ միայն։ Իր ցաւերէն մէկն ալ հարէմներու ջնջումն է։ Բազմակնութիւնը` պարկեշտ եւ արգասաբեր այդ սովորութիւնը, զերծ պահած էր իսլամ աշխարհը պոռնիկներէն ու հոմանուհիներէն, որոնք խաթարած են միւս ժողովուրդները, ստորերկրեայ ու ապօրինի իրենց աշխատանքներովը, խաբեբայութեան, ստրկութեան, նախանձի ու ոճրագործութեան առաջնորդելով զանոնք։

Շատեր վերջացուցած էին իրենց ճաշը, երբ այր ու կին հասան պանդոկ։ Մասնաւոր սեղան կը դրուէր իշխանական այս ամոլին, որ մասնաւոր կ’ուշանար, կարծէք, զերծ մնալու համար ասոր ու անոր բարեկամութենէն։ Որքան ալ ուշադրութիւն չընէր, փաշան կը զգար իր կնոջ շուրջ դարձող երիտասարդ զիւպպէները, ինչպէս կ’ըսէր ինքը։ Կ’ըմբռնէր, որ շատ կը տեսնէին այդ կինը իրեն։ Կը զգար, որ կ’ուզէին քիթերնին կոխել՝ իրենց կեանքէն ներս։ Ու ամէն ճիգ կը թափէր` փրկելու, ծածկելու համար երեւոյթները։

Անիկա կ’ուզէր տակաւին պահել թուրք իշխանի մը հմայքը։ Իր այդ մասնաւոր կեցուածքը, սակայն, կը դարձնէր զինքը աւելի ցայտուն իր այլանդակութեանը մէջ։ Այիշէ կը զգար ատիկա։ Եւ չէր վերցներ գլուխը` չնկատելու համար շուրջի հեգնանքը։ Այդպէս տրտում լռութեամբ փոխանցելով մարդոց իր ողբերգութիւնը, պատկառանքի կը կանչէր զանոնք։ Եթէ կ’ամչնար իշխանուհին իր ճերմկած մազերով էրկանը համար, որուն աղջիկը կարծած են զինքը շատեր, կը կրէր անիկա միւս կողմէ թրքուհիի մը հպարտութիւնը։ Պիտի կարծէ եւ, գուցէ իրաւացիօրէն, որ Եւրոպայի ժողովուրդը` պատրաստակամ՝ արեւելքի խորհուրդներուն, կը տեսնէր իր մէջ Լօթիներու եւ Ֆառէրներու վէպերէն ելած հերոսուհի մը։

Այիշէ հպարտ էր, տակաւին, իր վերածնող հայրենիքին համար, ուր յառաջդիմութիւնը կը քալէ շլացուցիչ արագութեամբ մը։ Ապացոյց ինքը՝ իր մարզական ու իմացական կեցուածքով։

Փաշան փնտռեց աչքի տակով առաւօտեան սպասուհին։ Մտահոգութիւն պատճառեց իրեն անոր բացակայութիւնը։ Բայց պանդոկապետին կողմէ եղած մեծարանքները հանգստացուցին զինքը։ Հազիւ կը հասկնար ան ըսուած բառերը։ Բայց կը գուշակէր, որ խելացի մարդու տեղ կը դնէին զինքը։ Փաշան բնաւ այնքան գոհ չէր զգար ինքզինքը, որքան կը զգար իրեն պէտք ունեցող ու հաճոյակատար մարդոց ներկայութեան։ Անիկա կ’երեւակայէր այն ատեն ոսկիի լեռ մը իր տակ։

Քանի մը բառ փոխանակեց ան կաթոլիկ քահանայի մը հետ, որ իրենց քովի սեղանը կը նստէր։ Երկչոտ ու բարեացակամ մէկն էր ան, որ միշտ օգնութեան կը հասնէր, երբ փաշան կը կորսուէր բառերուն տակ։ Վերջին ծայր քաղաքավար՝ կը համաձայնէր ան թուրքին ամէն մէկ կարծիքին` չունենալով ո եւ է անձնական կարծիք։ Հրաւիրած էր ան օր մը փաշան ու կինը եկեղեցի։ Գացին անոնք։ Ու ատիկա պատճառ եղաւ, որ թուրքը պարզէ իր կրօնական տեսակէտները։ Քրիստոնէութիւնը դադրած էր իրեն համար ճշմարտութիւն մը ըլլալէ այն օրէն ի վեր, երբ կրակի տուած էր հայ եկեղեցիները` հազարաւոր հաւատացեալներով միասին։ Թքեր ու հայհոյեր էր կեավուրին Աստուածին վրայ։ Բայց չկրցաւ ան արտայայտուիլ պէտք եղածին պէս, ինչպէս պիտի ընէր իր արաբախառն թուրքերէնով։ Կրօնագիտութիւնն ու գեղագրութիւնը եղած են ատեն մը իր գլխաւոր մտահոգութիւնը։ Անիկա սորված էր Մուհամէտի Գուրանէն մինչեւ Ճէլալէտտին Ռումին, Գազալին, ալճերիացի Շէյխ էս Սնուսին։ Ու ցաւ կը զգար, որ չէր կրցած իր այդ զարգացումը արտայայտել ցաւագար վարդապետի մը, որուն կուսութեանը վրայ կը խնդար, եթէ չէր այպաներ` զանազան ծածուկ ու ստորին ախտեր վերագրելով անոր։

  Ճաշէն վերջ կը բերեն փաշային նամակներն ու թերթերը։ Անիկա պիտի նայի մէկ առ մէկ Պոլիսէն բարեկամի մը շնորհիւ իրեն հասած այդ լրագիրներուն։ Լատինական գիրերուն կիրարկումէն ասդին խիստ նեղսրտութեամբ է, որ կը կարդայ ան` հազիւ աչք մը նետելով։ Գիրերէն աւելի, սակայն, ան չի կրնար տանիլ այն բոլոր ծանօթ անունները, որոնց ամէն մէկը կը ճանչնայ իր ձեռքին մատներուն պէս եւ անոնց ամէն մէկուն մէջ կը տեսնէ թշնամութիւն մը իրեն հանդէպ։ Անշուշտ. քանի որ քար մը գլորած էին իր ամէն մէկ քայլին առջեւ։ Եւ սակայն, օ՜, մանկունակ գոռոզութիւն. կ’ուզէր հաւտալ տակաւին, հակառակ այդ բոլորին, որ ամէն գրող կը մտածէ իր մասին, իբրեւ կարեւոր անձնաւորութիւն մը, իբրեւ պատմութեան մէջ մեծ դեր մը իրականացնելու կանչուած մէկը։ Կ’ուզէր հաւտալ ու հաւտացնել, որ գործակիցներ, հետեւողներ ունի ամէն դի` պատրաստ հաւատարմօրէն զոհուելու իր մէկ նշանին վրայ։

Փաշան թերթերուն կը կառչի` տեղ մը իր անունը գտնելու յոյսով։ Ու կը բաբախէ անոր սիրտը այդ պահուն` ընկճուելու համար քիչ վերջը, յուսաբեկ, առանց ընդդիմութեան։ Թոյլ բան մըն է անոր այդ սնամտութիւնն իսկ, զուրկ կրակէն, որով շատ մը իմաստակներ կը հասնին իրենց երազին, տիրապետութիւն մը բանեցնելու չափ նոյնիսկ, միլիոնաւոր հոգիներու վրայ։ Պզտիկ, կեղծ դարպասում մ’իսկ բաւական է յաճախ անոր, որպէսզի տեղի տայ։ Կարեւորը այս ու այն արարքը չէ իրեն համար։ Ոչ մէկ բան վեր է իր անձէն։ Բաւական է, որ ընդունին անոր մեծութիւնը։

  Պիտի ընդմիջէ ան ընթերցումը ատեն-ատեն` ցոյց տալու համար կնոջը նկար մը կամ հաղորդելու կարեւոր լուր մը։ Այդպիսով խզած կ’ըլլար ան, անոր եւ իր միջեւ գոյութիւն ունեցող լռութիւնը, զոր կրնային նկատել շուրջի մարդիկը։

Այդպիսով յայտնած կ’ըլլար ան օրը օրին դէպքերուն հետեւող իր քաղաքական հմտութիւնը։ Անհրաժեշտ էր, որ բանով մը իշխէր Այիշէի վրայ։ Բայց կը յոգնէր` հազիւ մխրճած կարեւոր յօդուածի մը մէջ։ Կը ծանրանային այն ատեն անոր կոպերը, ու անուշ, շատ անուշ քուն մը կը բարձրանար քիչ-քիչ, անոր կուշտ փորէն։ Մոխրամանին մէջ կը դնէր ան՝ սիկառը, զոր կը ծխէր ճաշի վրայ միայն ու կը յանձնուէր քունին` անկարող դիմադրելու անոր։ Իշխանուհին կը ձգէր զայն սեղանին առջեւ ու կը քաշուէր իր սենեակը, ուր վար կ’առնէր վարագոյրները։ Կէս մերկ՝ կ’երկարէր մինչեւ լոգանքին ժամը, թուղթ կը բանար կամ կը կարդար։

Կառքը փոխեց այդ օրը, կեանքի այդ ընթացքը։ Փաշան հապճեպով ճաշեց, հեւալով։ Հազիւ աչք մը նետեց թերթերուն վրայ։ Ու, ամէնէն կարեւորը, չքնացաւ։ Ճաշէն անմիջապէս յետոյ այր ու կին հանրակառք առին։ Կայարանէն դուրս՝ քշեցին անոնք կառքը, փորձելու պատրուակով, մինչեւ մօտակայ գիւղերը։ Վերադարձան` տաքէն ընկճուած։ Փաշան կը քնանար կառքին մէջ։ Այիշէ պառկեցուց զայն, երբ տուն հասան ու, կառքը պարտէզ քաշելով, ծով գնաց։ Ուրախ էր ան, արտակարգօրէն։ Առաւ սանձը ձեռքը։ Մրցումի ելաւ առագաստանաւերու հետ։ Երկաթի թել մը ինչպէս պիտի կտրէր կարագը, այնպէս կը սահէր իր մէջէն արագութեան բերած ցնորքը։ Ու կը խնդար ան` կուրծքը ցցած, մազերը հովին։

Յիշեց լուղորդը, որ այնքան յանդուգն էր եղած։ Ուզեց, որ տեսնէ ան զինքը իր այդ վազքին մէջ։ Եւ չհաւտաց անիկա իր աչքերուն եւ զայրացաւ յանկարծ, երբ դէմ դէմի եկաւ տղուն հետ։ Ու անոր սիրտը զարկաւ պայթելու չափ, երբ երիտասարդը, կառչելով ոտքին, ըսաւ թուրքերէն. «Իմ աղուոր հանըմս»։

Քաշեց անիկա ոտքը։ Բայց, ապշած ու յուզուած, նայեցաւ ետին, մինչ միւսը կը թաւալէր փրփուրներուն մէջ։ Իրեն կը թուէր, որ տեսած էր ան այդ թուխ ու կորովի դէմքը։ Ու նկատեց փայլակի արագութեամբ մը անոր եւ սրճարանի տղուն նմանութիւնը։

Խորհուրդը բացուեցաւ անոր հոգիին մէջ` անդունդի մը պէս։ Ու երիտասարդին ձայնը աշխատեցաւ անոր սրտին մէջ։ Կեցնել տուաւ նաւը։ Չուանը քաշելով` անցաւ ծեր նաւավարին քով, ու այդ մարդուկը տարաւ զինքը այնքան հեռու, որ վերադարձին մութը կոխած էր, եւ ափը ամայացած։

Այնուհետեւ օրերով ծով չգնաց իշխանուհին։ Կը հանէր ան կառքը առաւօտ կանուխ։ Կը կտրէր տարածութիւնները՝ գիսաւոր մոլորակի մը պէս։ Կը փախէր ան, կարծէք։ Կը մօտենար ան, ընդհակառակն հոգիով, տղուն, որուն պատկերը քանդակուած է հիմա իր աչքերուն առջեւ։

Չկրցաւ մոռնալ ան անոր մերկ ու պողպատի պէս կուրծքը, անոր դէմքը։ Տղան կը ցցուէր անընդհատ՝ ամէն ճամբու բերանը։ Ու կ’ուզէր Այիշէ նետուիլ անոր թեւերուն մէջ, փակել աչքերը եւ չմտածել այլեւս ոչ մէկ բանի։ Հազիւ կանգ առած գիւղի մը առջեւ, կը մեկնէր ան իսկոյն։ Ձանձրացուցիչ կը թուէր իրեն ամէն ինչ։ Հովին ամէն մէկ յորձանքը կ’արթնցնէր անոր շրթներուն վրայ համբոյրի մը կարօտը։ Սիրոյ ամէն մէկ ալիքը կը բանար անոր մէջ տարիներով կուտակուած կարօտ մը։ Ա՜հ, ինչո՞ւ փախցուցած էր առիթը։ Ինչո՞ւ հրած էր զայն ծովին մէջ։ Ինչո՞ւ կը փախէր, երբ յայտնուած էր վերջապէս փրկարարը, որ պիտի փոխէր իր կեանքը, պիտի տար անոր իմաստ եւ պիտի ազատէր զայն ատելի ամուսինէ մը։

Նոյնքան խորհուրդ էր իրեն տղուն թուրքերէնը։

Երկու, երեք օր մութին հետ միայն վերադարձաւ Այիշէ` հակառակ փաշային խնդրանքներուն։ Ասիկա կը յուզուէր իրապէս։ Հազար չար բաներ կ’անցնէր մտքէն։ Չքաշուեցաւ յայտնել իր զղջումը՝ կառքը առած ըլլալուն համար։ Ցոյց տուաւ անոր՝ առանց թուղթի, առանց արտօնութեան ատանկ երկար մոլորումներու վտանգը։ Այիշէ կ’արհամարհէր մարդն ու անոր յուզումները։ Կը մեկնէր լոյսը չբացուած։ Կ’անցնէր ափին մեծ ճամբայէն` բարձրացնելով ետեւէն փոշիի ամպ մը։ Երկինքը կը պատռէր իր վրայ։ Մէկ գոյնը կը յաջորդէր միւսին։ Հորիզոնը կը բացուէր քիչ-քիչ` բեմի մը վարագոյրին պէս։ Ու ստուերներ կը ցցուէին վարդագոյն կիսամութին մէջ։ Ձէթի նման լոյս մը կը յորդէր մացառներուն ու հողերուն վրայ։ Կը ժպտէր ամբողջ աշխարհը։ Կը յորդէր, կը բռնկէր կամաց-կամաց։ Թեթեւ, հոսանուտ, տարտամ, ինչպէս էր ինքը` իշխանուհին։ Կ’ելլէր արեւը։ Հորիզոնը կը դառնար գոյներու ձուլարան մը։ Արիւնի նմանող կարմիր մը կ’ողողէր հողերն ու ծառերը։ Կը շողշողային ցօղաթուրմ խոտերը, կը թրթռային ստուերները։ Ու ծառէ ծառ, բլուրէ բլուր լեզու կ’ելլէր լոյսը։ Կ’ելլէր արեւը։ Եւ ահա՝ նոր, թարմ աշխարհ մըն էր, որ կը զատուէր մութէն։

Մինակ էր իշխանուհին ճամբաներուն վրայ։ Կը դղրդար իր կառքին ձայնը։ Խարտոցէ մը ինկող փայտի տաշեղներու պէս կը նետուին անոր տակէն հողերը։ Խուսափուկ է ամէն ինչ անոր շուրջ։ Ամէն ինչ կը նահանջէ։ Ամբողջ աշխարհն էր, որ կը վազէր հեռուներէն իր վրայ` երթալ սուզուելու համար իր ետին, հեղեղատի մը յորդումովը։ Կ’ելլէր արեւը։ Կը փալփլային կառքին պողպատները։ Ադամանդներ կը դառնային ցօղի կաթիլները, կ’արտացոլային ապակիները։ Կը բռնկէին կապոյտ ու լայն թեւերը, որոնց վրայ փսոր-փսոր կուգային լոյսերը, կը թաւալէին երկինքները։ Կ’ելլէր արեւը։ Օ՜, լուսաբաց։ Ու հովին ու այդ լոյսին մէջ կ’արբենար իշխանուհին։ Անոր դէմքը խիստ էր ու վայրի, բայց տարօրինակ կերպով ժպտուն ու գոհ։ Լեզուին ծայրով կը թրջէր ան ատեն-ատեն տենդոտ շրթունքները, որոնք կը փայլէին արեւէն հալած շաքարներու պէս, անձրեւներէն վերջ շողացող տերեւի նման։ Անոր դէմքը հպարտ էր։ Որովհետեւ կրցած էր յաղթահարել կանուխ զարթնումներու նուաղկոտութիւնը։ Կամքի պզտիկ իրագործում մ’իսկ մխիթարութիւն մըն էր իշխանուհիին համար, որ դժգոհ էր յաճախ իր կամազուրկ հոգիէն` ինքզինք ատելու չափ։ Որովհետեւ առանձին էր բոլորովին, հեռու բոլորէն՝ բոլորէն, որ կը վիրաւորեն զինքը ամէն վայրկեան։ Ամէն յարաբերութիւն բան մը փրցուցած է իշխանուհիին սրտէն։ Ոմանք արիւնած են զայն իրենց անհպատակութեամբը։ Անյագ է Այիշէի փառասիրութիւնը։ Ասիկա կը դառնայ հրէշ ու կը կրծէ զինքը, երբ չի գտներ սպասածը։ Իշխանուհին պիտի նախանձի բոլոր մեծ հոգիներէն, որ կը փառաբանուին ու կը սիրուին բազմութեան մը կողմէ։ Գոռոզութի՞ւն։ Բայց նոյնքան մեծ ծարաւ մը մեծութեան։ Մանկունակ ու մաքուր է անոր այդ խառնուածքը, մեղաւոր՝ իր բոլորէն վեր կենալու ճիգովը։ Բաւական իմաստուն է շատերուն համար քմայքոտ այդ նկարագիրը` կարենալ պահելու համար ինքզինքը սնափառութեան մը անդունդէն։ Ոմանք վիրաւորած են զինքը իրենց աժան դարպասներովն ու յարգանքի շռայլութիւններովը։ Ներքին ծանրութիւն մը կը հակակշռէ այն ատեն դուրսի այդ շռայլ գովեստներուն։ Ինչ որ ալ ըսեն, Այիշէ պիտի մնայ դժգոհ ինքզինքէն, պզտիկ՝ իր փնտռած պատկերէն։ Ոմանք ալ խոցած են զինքը խորամանկութեան ու ստրկամտութեան իրենց խայթերովը, որոնց դէմ անկարող է եղած պայքարիլ իր մանկունակ ու ազնուական հոգին։ Բայց այսպէս է, որ կերտուած է անոր արհամարհոտ ու հպարտ դէմքը։ Այսպէս է, որ մղուած է ան օրէ օր` ամփոփուելու ու դիտելու ինքզինքը։ Եւ եթէ մէկ կողմէն կը փախի ան կեանքի ցեխէն, միւս կողմէ երախտապարտ է ան անոր համար որ, պատճառ կը դառնայ իր ազնուացմանը։ Ու այսպէս է, որ անոր յոգնած դէմքին ետին անսպառ է կեանքի սէրը։ Բայց անիկա պիտի աշխատի միշտ հեռու պահել ինքզինքը յուսախաբութիւններէն։ Ատոր համար է, որ կը փախի ան, երբ սէրը կը քաշէ զինքը։ Պէտք է աւելցնել, թէ արհամարհած է ան միշտ սիրային խօսքերը` տեսնելով, թէ ինչպէս անոնք մարած են հետզհետէ ու իջած կեղծիքի մը սահմաններուն։ Չէ՛, Այիշէ բնաւ պիտի չկրնար ըսել մէկու մը. «Կը պաշտեմ քեզ, դուն իմ ամբողջ երազս ես» եւն…։ Կը վախնայ անտարբերութենէն, անզգայութենէն, որ կը յաջորդեն յաճախ սիրահարի մը ամենէն կրակոտ, ամենէն յուզիչ նայուածքներուն։ Կը վախնայ ինքզինքէն, իր հմայքը չկրնալ պահելու։ Պէտք է աւելցնել նոյն ատեն մտերմութեան մը անհուն կարօտը, որ կը նետէ իշխանուհին ճամբաներուն վրայ։ Կարելի է հասկնալ այն ատեն անոր տենդոտ ու հակասական հոգին։ Թուրք կեանքը զլացած է հոգեկան կապերը այրին ու կնոջ միջեւ։ Ասոնք եղած են թոյլ, բազմակնութեան իսկ պատճառով։ Այիշէ կ’ուզէր սրտին մաս կազմող սիրտ մը, մտածումին հետ անբաժան քալող մտածում մը։ Բայց որո՞ւ հետ է, որ պիտի կրնար հաշտ ապրիլ ան՝ կեանքին մինչեւ վերջը։ Փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են անոր։ Անկայուն ու հոսանուտ անոր հոգին ինչպէ՞ս պիտի կրնար տանիլ մշտնջենականօրէն իրեն կապուած կեանք մը։ Այիշէ կը վախնար իր անձէն, որուն մէջ ոչ մէկ բան ձգած է արմատ։ Կը վախնար բոլոր մեղքերէն` տկար զգալով ինքզինքը անոնց դիմադրելու։ Լաւագոյնն էր մնալ առանձին։ Այդ առանձնութեան մէջ էր, որ կը դառնար ան մեծ, տէր իր ամբողջական կամքին։ Ի՜նչ գինովութիւն ուրեմն, երբ կը քշէ ան այսպէս իր կառքը։ Շուրջը թաւալ եկող աշխարհին հետ անիկա պատրանքը ունի ներքին, անբաղձալի տարրերու փլուզումին։ Անսահման հաճոյք մըն է նոյն ատեն վտանգներու արհամարհումը։ Մտքին դրած էր ան հարիւրի վրայ վազեցնել։ Եւ այդպէս ալ կ’ընէ ահա` կամքը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը առնելու համար։

Անիկա նստած է ուղիղ, կռնակը նստարանին, խաղաղ։ Բայց որքա՜ն պրկուած, որքան աշխոյժ՝ իր այդ լռին արձանացումին տակ, իր մկաններուն այդ հանդարտութեանը մէջ։

Որքա՜ն տէր կ’երեւայ ան այդպէս իր ուժերուն։ Հմայիչ։ Աստուածային՝ գլուխի մազերէն մինչեւ մատներուն ծայրը, իր ամբողջ իրանովը, որ կը գծուի սեղմ հագուստներուն տակէն։ Շպար չկար անոր դէմքին վրայ, բայց անիկա հոյակապ է առաւօտեան լոյսերուն մէջ տերեւներու հոսանուտ շուքերուն տակ։ Խնամուած չեն անոր մազերը։ Բայց անոնք աւելի գեղեցիկ են այդպէս, հովին մէջ, իրենց ծփանքովն ու խոնաւ բուսականութեան մը փայլովը։

Կը վառին անոր եղունգները, որոնց վրայ օրեր կայ, հոգ չէ տարած իշխանուհին։ Կը փայլին ակռաները, որոնց տակ կը կճռտայ ճամբաներուն փոշին, այն, որ կը փռուի ալիւրի պէս ամէն դի ու փղոսկրի կերպարանք կուտայ ճամբուն։ Կառքը կը ցնցէ կապոյտ քղանցքին տակ սեղմուած անոր փարթամ զիստերը, անոր երկար թեւերը, որոնք բռնած են ղեկին անիւը՝ պսակ մը տանելու վեհութեամբ։ Ու անոր ամբողջ մարմինը կ’արտայայտէ աղօթքի կեցած կոյսի մը վեհութիւնը։ Կախարդական սուլոց մը կը հոսի անոր երկու քովերէն։ Ինչե՞ր կը լսէ Այիշէ։ Երջանկութիւն մը կը պատրաստուի, կարծէք, անոր համար, պատռուող այդ հովերուն ետին։ Ու անոր ամբողջ իրանը կը մատնէ օձին դէմ զգլխանքի եկած Եւային խորհրդաւոր դողը։

Այիշէ զգա՞ց իր ախտագին մարդուն մտադրութիւնները։ Գիշեր մը` ճաշին, անիկա լսեց մարդուն բերնէն կարգ մը տեղեկութիւններ տղուն մասին։ Նայեցաւ ինքզինքէն ելած։ Այդ գարշանքին հետ միասին անիկա զգաց իր սրտին վրայ աւելցող բան մը։ Ոչ մէկ ատեն այդքան ատելի գտած էր ան իր էրիկը։ Ոչ մէկ ատեն այդքան լպիրշ գտած էր անոր արտայայտութիւնը։ Բայց անիկա զսպեց ինքզինքը։ Ու իմացաւ այդպիսով, որ մարդը յարաբերութեան մտած էր երիտասարդին հետ։ Իմացաւ, որ Պոլիսէն տարիներ առաջ փախած հայ մըն էր ան, որուն թուրքերէնը յուզումի մատնած էր զինքը։ Որ Փարիզէն եկած` Փարիզ պիտի վերադառնար երկու շաբաթէն։ Որ թէեւ գեղեցիկ, բայց կը պատկանէր գործաւոր դասակարգին ու «սուրճէն զատ բան մը չէր կրնար խմել» սրճարանը։

Փաշան հեգնանքով է, որ կը պատմէր այս բոլորը` զգալով իր ըրած անխոհեմութիւնը։ Ու կը խնդար, կը խնդար ան` ծածկելու համար իր զգացումները, երբ կը բացատրէր, թէ ինչպէ՜ս խօսած էր անոր։

-Մեր երկու ցեղերը շինուած էին միասին ապրելու համար, - ըսած էր ան, - երկուքն ալ պէտք ունէին իրարու։ Մէկը միւսին պարապը կը լրացնէր։ Երանի թէ հայերը մասնակցած չըլլային պատերազմին, երանի՜ թէ… Ինչու ձգեցիր Թուրքիան, զաւակս։ Մեղք էք, թէլէֆ կ’ըլլաք այս ապերախտ երկրին մէջ։ 

-Հա՛խ է, հա՛խ, այդ խային միլլէթին, - աւելցուց ան, - թող քաշկռտուի, որ հասկնայ թուրքին յարգը, որուն գերեզմանը կ’ուզէր փորել։ Թուրքին ոտքը պագնէ հիմա, երեսին նայող չըլլար։ Դաւաճանեց մեր հայրենիքին օտարներուն սիրոյն համար։ Ինկիլթէրան ու Ֆրանսան լաւ խաղցան հետը։ Օր պիտի ըլլայ, որ մէկ հայ պիտի չմնայ աշխարհի երեսին… միսկին ցեղ մըն է այդ ցեղը, արժանի է` ինչ որ կուգայ գլխուն… խմորը խմոր չէ…

-Ի՜նչ ընեմ, զաւակս, - շարունակեց ան, - կը ձգես զիս կ’երթաս, լեզու չունիմ, կը ճաթի սիրտս՝ մինակս… Գէշ աղէկ մեր երկիրն է… ժամանակ մըն է, կ’անցնի։

Այիշէ հակառակեցաւ իսկոյն անոր այդ մտերմութեան։ Մարդուն գանգատները համակրանք միայն կ՚ա՞ւելցնէին իր մէջ։ Տղուն արի պատկերը ներկայ էր իր սրտին մէջ` ջնջելու համար Տավուդ փաշայի բոլոր զրպարտութիւնները։ Մարդուն արհամարհական շեշտերը կասկած միայն կ’արթնցնէին իր մէջ։ Ոչ, չէր ուզեր, որ աղտոտելէ վերջ զինքը, փաշան աղտոտէր եւ իր սէրը։

Լքեց ան կառքը։ Մէկ քանի օր տարաւ ան էրիկը նաւու մը վրայ։ Այսպէս, փաշան առաւօտ մը տպաւորութիւնը ունեցաւ Վոսփորէն ներս մտնելու։ Անիկա տեսաւ գետին երկու կողքին հոյակապ ամարանոցներ, կամուրջներ, ջրամբարներ, բերդեր, սահանքներ ու ջաղացքներ։

Ուրիշ օր մը անիկա մտաւ լերան մը վրայ շինուած հսկայ եկեղեցիէ մը ներս։ Տեսաւ հին իշխաններու քարաշէն սրահներ` խոշոր օճախներով։ Տեսաւ մթին բանտեր ու գերիներ սպաննելու զանազան գործիքներ։ Հսկայական զանգակներ, խաչեր։ Տանիքին վրայ` երկնքին մօտ, անիկա նստեցաւ հին վանականներու բակին մէջ։ Աղաւնիներ ու ծովային թռչուններ կը դառնային շուրջը։ Ընկճուած էր ան յոգնութենէն։ Կէս ժամի չափ սանդուխներէ բարձրացած էր ան, քրտինքը թափելէն։ Կեանքին մէջ այդպէս յոգնած չէր ան։ Այդ յոգնութեան համար էր, որ խուսափած էր ան մզկիթները բարձրանալէ։

Բայց կը ծծէր օդ մը, որ ծծած չէր։ Բայց կ’ուրախանար ան այն բոլոր տեսածներուն համար, որոնք զարգացումը կ’աւելցնէին։ Պոլիս վերադարձին քանիներ պիտի հիացնէր ան՝ խօսելով այդ տեսածներուն մասին։ Բայց գոհ ու հպարտ էր ան, որ ինքը կ’ապրէր, մինչ հազարաւոր կեանքեր եկեր ու անցեր էին այդ քարերուն վրայէն։ Եւ այս բոլորին վրայ անիկա հաճոյքը ունեցաւ ձուազեղ մը ուտելու, ծովահայեաց ճաշարանի մը մէջ, կարմիր, խոշոր հովանոցի մը տակ։ Ճաշարանէն վար Պէշիքթաշն էր` իր քարէ սանդուխներով, Երուսաղէմն էր` իր երկու կողքին վրայ գտնուող խանութներով, որոնք կը ծախէին պղնձէ ամաններ, կրօնական սպասներ ու քառթեր։ Եւ այս բոլորին վրայ անիկա հաճոյքը ունեցաւ փոխուած տեսնելու իր կինը։ Այիշէ դարձած էր քաղցր։ Կը խօսէր շարունակ։ Ու կը հիանար իրեն հետ իր հիացած բաներուն վրայ։

Վերադարձին, սակայն, փնտռելու ելաւ նորէն փաշան իր «կեավուր փիճի»ն։ Այիշէ ձգեց զինքը ազատ այս անգամ։ Խորունկ էր իր մէջ ալ զայն տեսնելու փափաքը։ Ծովուն ժամն էր։ Կը յուսար հանդիպիլ անոր հոն, սովորականին պէս։ Գիտէր, որ պիտի գար ան։ Գիտէր, որ փնտռած էր ան զինքը օրերով։ Այդպէս էր, որ կ’ուզէր երեւակայել զայն։ Խորունկ տառապանք մըն էր, որ կը սպասէր ան սիրածէն։ Ասիկա եղած է կիներուն հպարտութիւնը, ամէն կլիմայի տակ։ Անոնց գլխաւոր հաճոյքը նոյն ատեն։ Կիներ եղած են, որոնց փառասիրութիւնները չեն խնայած նոյնիսկ արիւնը։ Տեսակ մը մեծութիւն են ապահոված իրենց համար եղած ոճիրներն ու անձնասպանութիւնները։ Այիշէի քմայքը, սակայն, փնտռելով հանդերձ մզիկ-մզիկ, ինքն իր մէջ այրուող սէրը, կ’ուզէր նոյն ատեն, որ իշխէր անիկա իր վրայ եւ ըլլար ստրուկէն տարբեր բան մը։ Ու կը յուսար գտնել զայն։ Ու չէր սխալած ան։

Գտաւ տղան աւազներուն վրայ։ Անիկա պառկած էր կռնակին ու շուրջի աւազները կը փորէր թեւի դանդաղ շարժումով մը։ Այիշէ նստաւ անկիւն մը։ Հագուստներով էր ան ու կը յուսար անճանաչելի ըլլալ։ Աչքէ անցուց անոր մարմինը։ Ու կատարեալ գտաւ զայն ոտքէն մինչեւ գլուխը։ Իշխանուհին կը մատնէր իր այդ գոհունակութիւնը ժպիտով մը, որ կիները կ’ունենան իրենց տարփանքին մէջ, երբ կը համաձայնին յանձնուիլ։

Ի՞նչ կը մտածէր ընել։ Անցնի՞լ քովէն` զգալու համար տղուն մէջէն անցնող խռովքի ալիքը։ Բայց հպարտ էր ան՝ ընելու համար ատիկա։ Հեռանալ այդ վայրէն, ուր քանի մը մերկ այրեր խօսք կը նետէին իրեն` օղակ կազմած իր շուրջ։ Աւազը կ’այրէր զինքը։ Ու անհամբերութիւն մը կ’ալեկոծէր անոր մարմինը։ Ու իր մէջ կ’աճէր համբուրելու փափաք մը։

Այդ դրութեան մէջ էր, երբ նշմարեց փաշան։ Ու ցնցուեցաւ ան յանկարծ։ Պժգանքով դիտեց ան ամուսինին ուղտի պէս չոքիլը երիտասարդին կողքին։ Յետոյ հովանոցին թափանցկոտութեան ետեւէն տեսաւ ան, թէ ինչպէս մարդը կը բռնէր տղուն թեւէն, սրունքէն։

Այիշէ ատեն չունեցաւ որոշում մը տալու։ Երիտասարդը կանգնած էր արդէն։ Տեսաւ ան ջղայնութիւն մը անոր դէմքին վրայ։ Իր սիրտը խաղաղեցաւ, երբ անիկա քաշեց վրան վերարկուի ձեւով գոց ոսկեգոյն սրբիչ մը։ Ոտքի ելած էր եւ փաշան։ Ու անոնք երկուքը քալեցին քաղաքին կողմը։ Ու բաժնուեցան անոնք առաջին տուներուն առջեւ։ Փաշան մտաւ քաղաք։ Միւսը վերադարձաւ ու անցաւ լոգարանէն ներս։

Իշխանուհին լսեց գիշերը մարդուն բերնէն հոդ տեղի ունեցող խօսակցութիւններէն մաս մը։ Փաշան այպանեց տղան իր յաւակնոտ ոճով` պարզելով անոր` թրքութենէ քրիստոնեայ դարձած ըլլալը։ Յետոյ նկատել տուաւ անոր խենթ, վայրի բնաւորութիւնը։ Այդպէս, զգուշութեամբ Այիշէ իմացաւ անկէ, որ անիկա կը բնակէր մօտերը։ Նկատեց այնուհետեւ արդէն քանի մը անգամ անոր անցնիլը։ Ու գուշակեց, թէ անիկա անցած էր այդպէս շարունակ։ Գտաւ անոր անցնելու ժամերը։ Ու հետապնդեց վարագոյրին ետեւէն։ Հիմա, երբ կը կանգնէր Այիշէ պատուհանին առջեւ, կը տեսնէր տուներու ետեւէն ուրիշ պատուհան մը։ Ու գիշերները ուրիշ լոյս մը։ Հիմա համոզուած էր, որ մէկը կը տեսնէր զինքը ամէն վայրկեան, երբ կը կենար պատուհանին առջեւ։

Իշխանուհին նստած է առանձին։ Անհանգիստ է ծովը։ Կը դղրդայ ափը ալիքներուն հարուածներէն։

Նստած տեղէն կը տեսնէ ան արեւը, որ վիժած, արտասովոր կերպով դեղին, կը հալի, կը տարածուի հրաշէկ մետաղի մը փայլատակումովը։ Սեւ, ծանր ամպեր կը խուժեն ծովուն մէկ ծայրէն։ Արագօրէն կը ծածկեն երկինքը։ Ճնշիչ է օդը։ Տաք, հեղձուցիչ բան մըն է հովը։ Կը տատանին անոր ետին՝ պարտէզին հսկայ կաղամախները։ Ու կը մնջեն աղաւնիները ողբի նմանող ձայնով մը։ Կ’ալեկոծի մօտակայ անտառը։ Կը գալարուին ծառերը` վիրաւոր ու հսկայ սողուններու նման։

Ոչ մէկ մարդկային ձայն։ Ամէն ինչ խեղդուած է ալիքներու ժխորին մէջ։ Ջուրը կը ցայտէ քարափներէն վեր, լավայի մը յորդումովը։ Սեւ, մելանի նման բան մըն է ծովը, արագօրէն տիրող մութին մէջ, որ իրեն հետ կը բերէ կապարի ծանրութիւն մը։ Ամէն ոք քաշուած է ներս եւ կը սպասէ փոթորիկին։ Վառուած են լոյսերը։ Նաւերը քաշուած են քարափէն ներս։ Կանգ է առած երթեւեկութիւնը ծովուն վրայ։

Առանձին է Այիշէ։ Փաշան մնացած է դիմացի ցամաքամասին վրայ, ուր մեկնած էր կէսօրին, այդպէս, մասնաւոր քմահաճոյքով մը։ Իշխանուհին մինակ եղած էր գիշերուան ճաշին։ Հիմա, ի զուր կ’աշխատի ան կարդալ։

Անհանգիստ է անոր հոգին։ Մտածեց պահ մը անձրեւը չինկած վազել պարահանդէս մը, յետոյ սինէմա մը։ Լքեց շուտով իր այդ մտադրութիւնները։ Մտածեց վերադարձի դժուարութիւններուն։ Մտածեց բաներու, զորս չկրցաւ յստակօրէն բացատրել ինքն իսկ։ Անիկա փորձեց գրել իր օրագիրը։ Գրիչը չէր քալէր սակայն։ Հանուեցաւ, հագաւ իր բարակ գիշերազգեստը։ Երկարեցաւ մահիճին վրայ։ Փորձեց կարդալ։ Տողերը կը փախէին սակայն։ Ու անոր սիրտը կը բաբախէր անընդհատ։

Հովը կը խուժէր անոր բաց պատուհանէն ներս, կը ցնցէր, կ’ուռեցնէր թաւիշէ վարագոյրը, զոր քաշած էր ան լոյսը վառած պահուն։ Կը դողային տան պատերը։ Հովը կը հեւար տանիքին վրայ։ Կը նետուէր ան յետոյ ուրիշ տեղ մը։ Ու Այիշէ կը լսէր հեռուէն անոր սուլոցը, հրէշային թաւալումը։ Ու կ’ուռէր անոր սիրտը վայրի հաճոյքով մը։ Հով ըլլար եւ նետուէր ինքն ալ, հոս ու հոն։ Փոթորիկ ըլլար եւ քանդէր։ Օդը կը ճնշէր, տաք եւ խոնաւ նոյն ատեն։ Այիշէ կը դառնայ մէկ կուշտէն միւսին՝ սեղմելով սրունքները։ Կրակ կայ անոր միսերուն մէջ։ Կ’եռան անոր կուրծքերը՝ փեթակներու պէս։ Գինով է անոր նայուածքը։ Դուրսը ալիքները կը ժայթքեն խցաններու ուժգնութեամբ, կը յորդին, կը փրփրին։ Գինով է անոր դէմքը։ Անիկա կ’արտայայտէ հիւանդի մը նուաղկոտութիւնը։ Մատներով կառչած է ան վերմակին մետաքսին, անկարող զսպելու իր ամէն մէկ ջիղէն ցայտող խենթութիւնը։ Ու ահա, երազկոտ ու լուռ սեւեռումէ մը վերջ, կ’ելլէ կը տանի ան իր վառ նայուածքը դիմացի լուսաւոր պատուհանին։ Չդիմացաւ իր կարօտին մէջ։ Ոչ մէկ բան կրցաւ զսպել զինքը։ Չդիմացաւ առանձնութեան։ Գոցեց ականջները ներքին ձայնին դէմ, անոր, որ կ’այպանէր զինքը, այդպէս «պարզ» գործաւորէ մը տարուելուն համար։ Անիկա պատրաստ էր ահա ընելու այն, ինչ որ շատ պիտի տեսնէր ուրիշ կիներու քով։ Խոշոր, խոշոր փափաք մը կը փակէր ամէն մտածում։ Լարուած աղեղ էր Այիշէի մարմինը։ Անիկա պիտի նետուէր անխուսափելիօրէն։ Կ’ուզէր, որ իր մարմինը հպէր երիտասարդին մարմնին։ Ու կը դողար ան իր այս կարօտէն։ Կը դողար ան տակաւին անծանօթ վախէ մը։ Կարծէք թէ փաշան պիտի բանար յանկարծ դուռը եւ կանգնէր իր առջեւ։ Կարծէք թէ մօտէն ու հեռուէն կը հետեւին իրեն եւ կ’այպանէին զինքը։ Կարծէք թէ տղան իսկ կը հեգնէր զինքը, իր այդ կամակորութեանը համար։ Կ’արիւնէր անոր հոգին։ Քայքայուած բան մըն էր ասիկա հիմա։ Ո՞ւր են իր բոլոր հպարտութիւնները, մտքի իր բարձր սեւեռումները։ Հիւանդ է իշխանուհին։ Ու հոն է իր միակ փրկութիւնը, հոն դիմացի լոյսը։ Կը քաշէին իր միսերը։ Ա՜, որքան երջանկութեամբ պիտի յանձնուէր, եթէ գար տղան այդ պահուն իր քով։ Բայց Այիշէ գիտէր, որ չէր եկած ան օրերէ ի վեր իր պատուհանին տակ, ինչպէս կը յուսար ինքը, քանի որ անդին դարձուցած էր ան աչքերը իրիկուն մը, երբ ինքը կը քալէր մինակը ծովափէն։ Կեցած կը նայէր իշխանուհին ու կ’ուզէր գիտնալ, թէ ի՞նչ կ’ընէր ան անծանօթը այդ պահուն։ Պառկա՞ծ էր, թէ կը տառապէր իրեն պէս։ Անտարբե՞ր էր իրեն դէմ, թէ, ընդհակառակն` տարուած իրմով։

Կայծակ մը անցաւ նետի արագութեամբ։ Ու ամպերը որոտացին, պոռչտացին վայրագօրէն, թաւալեցան վիրաւոր հրէշներու նման։ Այիշէ առաւ վերարկուն վրան։ Իջաւ ան փողոց` ընկճուած, կորսնցուցած իր մտածումը։ Մահադաշտէ մը քալող, պարտուած, փախուստի մատնուած զինուոր մը պիտի չարտայայտէր այն յուսալքումը, որ ցոյց կուտար իշխանուհին՝ իր ամբողջ մարմինին վրայ։

Ալիքները կը թափէին պարիսպի պատերուն նման։ Կը ճչային ծառերը։ Տերեւները կը ճախրէին հովուն հետ։ Կայծակը կը թափահարէր երկնքի տարածութեան վրայ։ Ու անձրեւը կը թափէր բուռ-բուռ նետուած բրինձի ուժգնութեամբ։ Այիշէ բաց գտաւ դուռը ու տղան ոտքի՝ սեմին վրայ։ Անիկայ ինկաւ անոր թեւերուն մէջ, որ վերցուցին ու տարին զինքը, անկողինին վրայ, ուր մնաց ան, անշարժ, նուաղած՝ գրեթէ։ Տղան ծունկի՝ խելացնոր կերպով փաթթուած, իր մերկ սրունքներուն։ Այիշէ կը զգար եւ չէր զգար անոր գոյութիւնը։ Լուռ, ուժաթափ՝ խառնուած էր ան հովին ու անձրեւին։ Վայրկեաններ վերջն է միայն, որ անիկա զգաց իր սրունքներուն վրայ տղուն կրակոտ բերանը։ Լար մըն էր, որ կը քաշէր իր սրտէն անոր ամէն մէկ համբոյրը։ Կը խեղդէր շունչը։ Զգաց ան քիչ-քիչ, այդ մեծ ուժին ներկայութիւնը՝ իր ամբողջ հոգիին վրայ։ Չկրցաւ խօսիլ։ Բայց իր սիրտը կը յորդէր։ Բայց իր ձեռքը կը փնտռէր տղուն գլուխը։ Ու կը քաշէր զայն ցաւագին հաճոյքով մը, անհուն կարօտով մը դէպի իրեն, մինչ տղան կը քակէր իր կուրծքին կոճակները ու վախով ու յամրօրէն կը սահեցնէր մատները՝ ծիծերուն ստորոտն ի վեր։

Անիկա կ’ապրէր փոխն ի փոխ բոլոր թագուն յուզումները, որ բնութիւնը դրած է կնոջ մէջ։ Անիկա կ’ունենար բոլոր գալարումները, որոնց նայելով` աւանդութիւնը ստեղծած է օձին առասպելը։ Ո՞վ է, որ պիտի կրնայ տալ բարդ այս ապրումը, ուր մարմինն ու հոգին կը վերադառնան իրենց քաոսային վիճակին։ Ալիք-ալիք կուգան անոր տենդավառ միսերը, որոնց տակ կը սարսռան զգացումներն ու խորհուրդները։ Ու կ’իջնէ անոր վրայ արտասովոր գեղեցկութիւն մը։ Անոր աչքերը կը վառին արիւնէն բխող լոյսով մը։ Որքան ազնուական է կինը, այնքան մեծ է անոնց խորութիւնը, կիրքին ետեւէն, անասնականութեան կրակին տակ։

Խաղաղ, բայց ուժեղ սեւեռուած են լուսամուտին իշխանուհիին աչքերը։ Գուցէ պատկերին, զոր տեսաւ գիշեր մը։ Որովհետեւ որքան անասնային, նոյնքան ողողուած են անոնք խելացի ճառագայթումով մը, զոր մարդկութիւնը ուզած է տեսնել հրեշտակներու աչքերուն մէջ։ Բոլոր կրօնքներուն մէջ կինը պիտի բռնէ այդ երկու եզրերը։ Անիկա պիտի ձուլուի տեղ-տեղ՝ ամփոփելու համար մէկ մարմինի մէջ այդ երկու տարրերը, բանականութիւնն ու բնազդը, հրէշն ու հրեշտակը, Սփինքսը, նիւթը եւ մտածումը` սիրէնան։

Կը շողան անոր աչքերը։ Գոհ է Այիշէ տարուած յաղթանակին համար, խորհուրդին համար, զոր իր գեղեցկութիւնը կը սփռէր տղուն վրայ ու կը մագնիսացնէր անով, կը ցնցէր, կը թմրեցնէր, կը պարպէր տղան՝ ոտքին ծայրերէն մինչեւ գլխուն մազերը` դարձնելով զայն վերացած՝ աղօթքի ինկած մէկու մը պէս, դեդեւուն՝ ալեկոծութեան բռնուած նաւու մը պէս։ Երբեք այդքան ուժեղ չէր զգացած Այիշէ ինքզինքը։ Ոչ մէկ բառ, ոչ մէկ շարժում։ Բայց կը զգար, որ վսեմ ու ազդեցիկ էր ան արձաններէն աւելի, ուժեղ՝ կայծակներէն աւելի, հմայիչ՝ իր հասակին մեծութեամբ ադամանդէն աւելի ու բռնակալ՝ սուլթաններէն աւելի։

Կը զգար, որ իր շունչը կը կապէր ու կը քակէր տղուն հոգին։ Որ իրմէ գացող աներեւոյթ լոյս մը պատկերներ ու երազներ կը բանար տղուն հոգիէն ներս։ Որ հէքեաթի մը պէս կը ճնշէր, կը հմայէր, կը քամէր, կը բռնկցնէր, կը փրցնէր, կը դողացնէր անոր սիրտը։ Ու կը զօրացնէր, կ’ազնուացնէր, կ’ամրապնդէր զայն։ Կը պրկէր անոր ջիղերը՝ ջութակի լարերու նման (կը հեծեծէր տղան), կը թարմացնէր, կը բանար անոր երակները` արեւին տակ ծիլեր նետող ոստերու նման։ Այիշէ վայրագ էր իր նայուածքով, խորհրդաւոր՝ իր սեղմուած ու նուրբ շրթներով, ջլապինդ՝ իր ամբողջ հասակովը, գինով՝ իր ժպիտով։ Սէրը տարած, հասցուցած է զայն մահուան սահմաններէն, ուր կիրքին բացած անդունդը կը շարունակուի անբացատրելի բարձրութիւնով մը։ Իշխանուհին գրկած կը բարձրացնէր իր զոհը, կը տանէր զայն իր սիրած ոլորտներուն մէջ, անտարբեր՝ անոր, առանց նայելու, հպարտ՝ տակաւին մինչեւ այս սահմանները։ Չէր տեսներ, չէր լսեր ան։ Քանի-քանի անգամներ հարցուց անծանօթ ու աներեւոյթ սիրելիին ձայնը.

-Կը սիրէ՞ք զիս…

Ու իշխանուհին չէր խօսեր։ Ու վեհ ու ահարկու էր անոր այդ լռութիւնը, անդունդի մը չափ։ Արագ ու տենդոտ հեւք մը կը պոռթկար ալիք-ալիք անոր ներսէն, ուր աշխարհ մը կը թաւալէր։ Ու իր կոկորդէն կը բարձրանար տաք, քաղցր բոյր մը, բռնկած միսերէն յորդող աւշոտ շունչ մը, խտացած ու ցնորեցուցիչ էսանսը կեանքին։

Եղերական է, սակայն, այդ սէրը, անապատներէն քաղուած տղուն համար, որ կը կրէ առնուազն, քանի մը մեռելի վրէժը իր սրտին վրայ։ Քանի մը սերունդ պիտի չկրնայ ազատիլ մղձաւանջէն, զոր կը զգայ հայուն սիրտը, երբ դէմ դէմի կ’ելլէ թուրք այլամերժ ցեղին հետ, որուն բարքերն ու զգացումները չեն փոխուած դարերէ ի վեր։ Քանի մը սերունդներ ցոյց տուին իրենց վրէժին ահարկու կողմը։ Բաւական է թուրքերուն իսկ բերնէն լսել ֆէտայիներուն, յետոյ կամաւորներուն ձգած սարսափը իրենց զօրքերուն վրայ, որոնք տասն անգամ աւելի մեծ թիւով կը ձգէին ճակատը, երբ հայուն անունը կը հասնէր իրենց ականջին։ Հրաշքէն ու մարդկային ըմբռնումներէն անդին կ’անցնի` ինչ որ ըրած են քանի մը հարիւրեակ հայեր՝ վրէժին կրակովը բռնկած։ Անոնք գլուխ հանած են երկու կտոր սուրով, շատ անգամ ճանկերով, ինչ որ զգուշացած են փորձել անգլիական ու ֆրանսական բանակները, իրենց ամբողջ հրետանիներով ու գաղթային կիսավայրենի զինուորներով։ Ու չէ խաղաղած տակաւին այդ ցաւը։ Զսպուած է ան նենգ ու բռնի միջոցներով, որովհետեւ եղեռնը կը շարունակուի ցանուցիր գաղութահայութեան համար։ Հրաբուխը պիտի պայթի օր մը կրկին Սիթրոէնի ու Ռէնոյի երկաթներուն տակէն։ Այլապէս վատ պիտի ըլլար այս ցեղը, եթէ գոհանայ շնորհի պէս տրուած կտոր մը Հայաստանով եւ մոռնայ սրբազան հողը, որուն ամէն մէկ կտորին տակ ոսկոր մը կայ իր ոսկորներէն, քար մը կայ իր դարաւոր յիշատակարաններէն։ Ոչ մէկ երազ, ոչ մէկ վարդապետութիւն պիտի կրնայ գրաւել այս սերունդը, որ արիւնէ ելաւ` տեսնելու համար կեղծիքը բոլոր գեղեցիկ բառերուն, որոնցմով խանդավառուած ու կուրացած էին իրենց հայրերը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ համայնավարութենէն առաջ քրիստոնէութիւն կար։ Ու ոգին չէ փոխուած` հոգեկանէն նիւթականին անցնելով։ Բայց այս հաստատումները կը տանին մեզ հեռուները։ Աւելի լաւ է վերադառնալ պատմութեան։

Տղուն կեանքը առանձին վէպ մըն է։ Մենք կ’առնենք անկէ կարեւոր մասը միայն։ Թուրք մը տէր կը դառնայ անոր` լրացնելու համար անով զաւակի մը պակասը։ Արուն փնտռուած տարր մըն է եղած թուրքին համար, որուն պէտք ունեցած է միշտ իր պատերազմներուն համար։ Այս կէտը կրնայ ընդլայնուիլ ի հարկին` ցոյց տալու համար, թէ որքան քրիստոնեայի ու հրէայի արիւն կայ անոր արիւնին մէջ եւ թէ ո՛րքան յարաբերական բան է ցեղ ըսուածը։ Պարզ է ու դիւրին թրքացումի անոր միջոցը։ Չէզոքացնել մանուկը ու սարսափեցնել զայն կրօնքին բրտութիւնովը։ Ըսել տղուն, թէ մահէն անդին կամուրջ մը կայ, որ արքայութեան կը տանի։ Մազի պէս բարակ է անիկա եւ շինուած է միայն իսլամներուն համար։ Անոր տակ կ’եռան սեւ ձութի կաթսաներ, ուր պիտի գահավիժին բոլոր անհաւատները։ Ու պիտի այրին անոնք ամէնէն ահռելի ձեւով։ Իսկ թուրքերը Աստուծոյ շնորհիւ պիտի կենան անոնց գլխուն վրայ, որպէսզի զարնեն փայտերով ամէն անգամ, որ փորձեն անոնք դուրս գալ հրեղէն կաթսաներէն։ Բաւական է այսքանը տղու մը թարմ ուղեղին, որուն մէջ ազգութիւնը կ’աւրուի` ամփոփուելու համար ծնողքի մը յիշատակին տակ միայն։

Մեր պատմութեան տղան կը մտնէ վեց տարեկանէն թուրքին յարկէն ներս` ծառայելու համար անոր, շատ անգամ իր կարողութենէն վեր գործերու մէջ։ Տեսնելէ վերջ հարուստ ծնողքի մը խնամքները, կը ձգուի անիկա էշու մը ետին` բեռնելով փայտ վերցնելու եւ անտառէն տուն փոխադրելու համար։ Յաճախակի, ծեծէն զատ, կը կախուի անոր վրայ մահուան սպառնալիքը, մինչեւ որ կը կոտրի իր մէջ օտար ջիղը եւ կը դառնայ թուրք՝ լեզուով ու երեւոյթով։ Տէրը կ’որդեգրէ զինքը այն ատեն, ու անիկա կը վայելէ անոր սէրը երկու-երեք տարի։ Վստահութիւն կը շահի եւ իրաւունք կունենայ դուրս ելլելու առանձին։ Այդ ազատութենէն օգտուելով է, որ կը մտնէ ան յարաբերութեան մէջ ուրիշ թրքացած պատանիներու հետ եւ կը փախի օրին մէկը անոնց հետ դէպի լեռները։         

Մեր պատմութեան տղան իր խմբակին հետ կը նետուի ձիւնոտ տարածութիւններու մէջ, մոլար, անօթի, չես գիտեր` ազատութեան ի՞նչ զգացումէ տարուած յանկարծ։ Կ’ապաստանի խարխուլ բերդ մը, ուր ուրիշ փախստական հայերու ու քանի մը քիւրտերու հետ կը մասնակցի ասպատակութեան ու ոճիրներու։ Տարբեր վէպ մըն է աւազակային այս կեանքը, իր գործած աւերներովն ու ձգած սարսափովը, ինչպէս եւ տուած իր արտասովոր հերոսներովը, որոնք չեն արձանագրուած տակաւին պատմութեան մը մէջ։ Զինադադարին յանձնուած՝ համաձայնական զօրքերուն, կը բերուի Պոլիս, ուր հազիւ քանի մը ամիս մնացած՝ կը ճամբուի Արմաշի որբանոցը։ Հոն, ջրդեղուելէ վերջ ազգայնական ոգիով մը, կը մեկնի Հայաստան` կռիւներուն մասնակցելու փափաքով։ Կը հասնի նահանջի ու թշուառութեան օրերուն։ Ու յուսաբեկ ու ջղագար վիճակի մէջ կը վերադառնայ կրկին Պոլիս։ Հոնկէ՝ Յունաստան, ամերիկեան որբանոցի հետ։ Տարի մը չանցած կը նետուի ան բախտին ետեւէն։ Մարսիլիա, Թուլուզ, Պօրտօ, Լիոն։ Կ’անցնի ան այս բոլոր քաղաքներէն՝ բեռնակիր՝ որ մէկուն մէջ ու որ մէկուն մէջ հեռագրական թելեր կախող կամ շոգեկառք մաքրող։ Փարիզ, ընկերոջ մը շնորհիւ անիկա կը մտնէ կօշկակարութեան եւ կ’անցնէ քիչ թէ շատ հանգիստ կեանք։

Ծանր են ճնշած, անշուշտ, այդ արհեստը եւ անոր տուած միջավայրը։ Ձախողած են, սակայն, անկէ դուրս նետուելու իր բոլոր ճիգերը։ Կորսնցուցած է ամէն անգամ, որ ուզած է ձեռք նետել առեւտուրին։ Բաւական ամչկոտ ու անճարակ է` գլուխ բռնելու համար շուկայի մարդոց հետ։ Բաւական հպարտ։ Կը կրէ երակներուն մէջ սերունդէ սերունդ կալուածով ապրող գերդաստանի մը արիւնը, որ կը կապէ զինքը՝ քաղքենի ու ժամանակավրէպ ազնուականութեան մը աւանդութեան։ Պիտի շլացնեն զինքը միշտ բարձր դասու միջավայրերը։ Լայն ապրումները։ Բայց բաւական հպարտ է ան` ծածկելու համար այդ բոլորը, ինչպէս եւ այն բոլոր չիրագործուած տենչերը, որ բերած են դէմքին՝ դառնութեան մը արտայայտութիւնը։ Իմաստութեամբ է, որ կ’ապրի ան նժդեհ, վիրաւորուած շրջապատի շռայլութիւններէն, որոնցմէ զրկուած է` իբրեւ արմատախիլ ցեղի մը զաւակը, ոխակալ մինչեւ վերջը, իրեն ու իր ազգին տրուած հարուածներուն համար, բայց ինքզինքին տէր ու համբերատար՝ երազի մը իրականացման սպասող մէկու մը պէս։

Փրցնենք դրուագ մը անոր այդ ծաւալուն կեանքէն` աւելի լաւ տեսնելու համար իր արագ նուիրումը դէպի թրքուհին, արագ՝ մոռնալու աստիճան հայուն ու թուրքին միջեւ գտնուող յաւիտենական դատը։ Հունձքի արեւոտ օր մը կը գրկէ զինքը աղային կիներէն մէկը ու կը ստիպէ գոհացնել իր կիրքը։ Պատանիէն քանի մը տարու ալ վար տակաւին, բայց զգոյշ՝ իր կրած սարսափներուն շնորհիւ, կը ձգէ ու կը փախի։ Ուրիշ օր մը կինը` մերկ, կ՚ուզէ քաշել զայն իր սենեակը։ Անոր մտքին մէջն է թուրք կնոջ հետ իր այդ առաջին հանդիպումը։ Փորագրուած է տակաւին անոր սրտին մէջ կարօտը, զոր երեխայ-երեխայ պտըտցուց քօղարկուած կիներուն դէմ, որոնք խորհուրդ, մեղկութիւն ու իգութիւն կը սփռէին իրենց անցած տեղը։ Անիկա պահած է հմայիչ անոնց ձայները, հարէմլըխէն բարձրացող անոնց սիրային երգերը։ Վարդի իւղն ու զանազան հոտերը, որոնցմով կ’օծուէին անոնք մասնաւոր հոգածութեամբ մը։

Որքա՜ն հմայիչ է Այիշէի հանդիպումը, այս տեսակէտով։ Տղան ունի ետին տասնեակ մը տարիներու ծանրութիւնը։ Ու մանկութեան մը դառնալու կարօտը կը քաշէ զինքը արդէն։ Տակէն ու վրայէն ճանչցած է ան անցուկ բարոյականը Փարիզին, որուն համբաւը մեծ է, սակայն, հեռաւոր ոստաններուն վրայ։ Փնտռեց ան, ուրեմն, իր իշխանուհին հետեւեալ օրը` բոլորովին խենթ կտրած այդ անսպասելի երազէն։ Այիշէ չերեւցաւ, անշուշտ։ Եկաւ ան գիշերը միայն, երբ փաշան խոր քուն մտաւ։ Դէպքերը գահավիժեցին այնուհետեւ արագութեամբ։

Տղան ընդունեց զայն, գրկեց տարփագինօրէն։ Մարեց իր աղքատիկ լոյսը՝ կնոջ փափաքին համաձայն։ Շուարած էր ան՝ յուզումէն։ Երկչոտ, միամիտ երիտասարդ մը չէր թէեւ, ինչպէս կ’ըլլային ժամանակ մը սիրահարները։ Վաղուց է, որ մտած-ելած է ան Փարիզի պարահանդէսները։ Դիւրութեամբ պիտի կրնար ձեռք անցնել կիները։ Բայց ոչ մէկը անոնցմէ խօսած է հոգիին։ Ոչ մէկ ազգի կին պիտի կրնար ակօսել անոր սիրտը այնքան, որքան ըրած էր թրքուհին։ Ոչ մէկ սէր փոխած էր զինքը ու լրջացուցած այդքան։ Անոր ձայնը դարձած էր խորունկէն, հոգիէն քակուող կտոր մը։ Անոր ձայնը կը մատնէր անսպասելի յայտնութեան մը առջեւ դողացող սիրտ մը։ Ու թօթված էր վրայէն իր բոլոր մանկունակ արհամարհանքները։ Անոր վրայ եկած էր ազնուական հով մը, որ կրկնակիօրէն հրապուրիչ կը դարձնէր իր արդէն գեղեցիկ դէմքը։ Եւ ներքին անոր այդ մեծութիւնը, զոր չկրցան աղարտել քաղաքներու կեղծիքներն ու ստրկութիւնները, կեանքի կը կանչուի ահա Այիշէի ճերմակ մատներուն տակ։ Կինը սիրեց անոր աղքատութիւնը։ Նայեցաւ անոր` մօր մը պէս։ Յետոյ` տարփուհիի մը պէս, որ կը փնտռէ սէրը շրջապատի անուանական ազնուականութենէն անդին, սրտի մը բուրվառին մէջ։

Ժամերը շուտ կ’անցնին անոնց համար, որ հաշուի կ’առնեն զանոնք։ Իշխանուհին պարտաւոր էր տուն դառնալ քազինօն փակուելու ժամուն` գոնէ համոզելու համար ամուսինը, թէ հոնկէ կը վերադառնար, եթէ պատահէր, որ արթննար ան։ Այս աճապարանքն ու վախը բերին անոնց երկուքին տեսակ մը անհամբերութիւն` զիրար վայելելու որքան կարելի է շատ։ Ժամերը շուտ կ’անցնին մանաւանդ տղուն համար։ Անհամբերութիւնը կը ցնցէ ամէնէն աւելի զայն։ Ինչպէ՞ս գրկէ ան իր այդ գանձը։ Ինչպէ՞ս յայտնէ իր պաշտամունքը կնոջ այդ գեղեցկութեանը համար։ Զուր տեղը չէ, որ կինը նմանցուցած է ծաղկաստանի մը։ Երիտասարդը չկրցաւ բացատրութիւն մը գտնել անոր արիւնէն բխող զարմանալի բոյրին։ Կը զգար իր ջիղերէն քակուող արտասովոր զգայնութիւն մը ամէն անգամ, որ կը փակցնէր ան իր ուռած ռունգերը կնոջ միսերուն, ամէն անգամ, որ կը խրէր իր դէմքը անոր ականջին ետեւը, ոսկեղէն ու կակուղ մազերուն մէջ։ Չէր կրնար խօսիլ։ Ու ատիկա կը մղէր զինքը աւելի ու աւելի սեղմելու պարարտ այդ իրանը, զոր կ’ուզէր, կարծէք, խրել իր կուրծքին մէջ։ Ատիկա կը մղէր զինքը ճիչով արտայայտելու լեզուով չկրցածը։ Գորովի, հեղութեան ու երազանքի հեղեղ մըն էր։ Կարեկցութիւն փնտռող երախայի մը հեծեծանքն էր, զոր կը խտացնէր ան երբեմն բառի մը մէջ։ Ու այդ մաքուր, այդ զգայուն հոգիին հետ բնազդական, վայրի շարժումներ նոյն ատեն։ Վայրի եւ եսասէր, ինչպէս է սէրը իր խորքին մէջ։ Կը դառնար անիկա փոխն ի փոխ փայփայող ու խոշտանքող։ Վայրկեան մը կ’ուզէ մատներուն ծայրովը միայն դպիլ, ինչպէս պիտի դպէին պատկերի մը յանկարծ տեսողութիւննին գտնող կոյրերը։ Ուրիշ պահ մը կը ճզմէ ան իր շրթներուն տակ կնոջ տաք ու կակուղ շրթունքները, ծիծերը։ Կը փաթթուի, կիկլոնի պէս, անոր մէջքին իր ամբողջ ուժովը, անյագ ու անխնայ տենչով մը։ Ու չէր կշտանար անոր զիստերէն։ Կը դողային իր ափերը, կը դառնային լեցուն այդ գունդերուն վրայ։ Կը քաշքշէր ան իր քրտնած ու ջղուտ բումբերը կնոջ բումբերուն վրայէն։ Քիչ կը մնար, որ խածնէր, ծամծէր սարսռացող ու խոնաւ անոր կուշտերը։ Տառապանքով էր, որ կը զսպէր ան ինքզինքը հազիւ հազ։ Պէտք է ճանչնալ զինքը՝ բանաստեղծի իր մանկունակ հոգիովը, որ թարմ է ու խանդավառ՝ բոլոր անոնց պէս, որոնք չեն հասած արուեստի քաւարանին, անոնց պէս, որոնց համար լեցուն է ամէն բառ, մեծ ու նոր՝ կեանքէն քաղուած հասարակ ճշմարտութիւնն իսկ։ Ի՜նչ զարմանալի է երիտասարդի մը հոգին։ Անհուն պատրանքի մըն է, որ կը դիմէ ան ամէն վայրկեան։ Կը կարծէ տիրացած ըլլալ աշխարհին իր ըրած քանի մը ընթերցումներով։ Ի՜նչ զարմանալի՝ մանաւանդ կտոր-կտոր ուսումով եւ շատ անգամ ինքնաշխատութեամբ առաջ եկած հայ երիտասարդին հոգին։ Անիկա կ’անջատուի իր տարեկից օտարներէն, որոնցմէ ամէն մէկը արդէն նկատելի պաշար մը ունի իր ուղեղին խորը։ Գետին չունեցող անիւ մըն է ան, որ կը դառնայ պարապին մէջ։ Արամ կը կրէ իր մէջ բազմաթիւ կարելիութիւններ, որոնք արժէք պիտի առնէին դաստիարակութեան մը շնորհիւ, պիտի պատռէին խաւար քօղը, զոր բերաւ իրեն առաւելապէս բառերով տարուած մշակոյթ մը, որ շփացուց զինքը՝ բան մը տալէ առաջ իրեն։ Շոյեց ու շահագործեց։ Բաւական է եղած անոր կարդալ քանի մը յօդուած ու ներկայ ըլլալ քանի մը ժողովի` բանալու համար իր լեզուն զարմանալի ինքնավստահութեամբ մը, մեծցնելով իրեն տրուած կարեւորութիւնն ու պարտականութիւնը։ Բայց մտքի այս տկարութիւնը կը փոխարինուի անոր մէջ սրտի ու փորձառութեան մեծութիւնով մը, հոգիի բարձրութեամբ մը։ Անիկա զգայուն է բոլոր գեղեցկութիւններու հանդէպ, անոնց պէս, որ տառապած են տարիներով տգեղութեան ու վատութեան մէջ։ Հոգի կու տայ ան։ Ու մահուան բերած խստութեան չափ խիստ ու տրտում է գեղեցկութեան պաշտամունքէն ծնած արտայայտութիւնը անոր դէմքին վրայ։

Պէտք է ճանչնալ զինքը՝ թուրք վաւաշոտ երգերով սնած այդ երիտասարդը։ Կարելի է ըմբռնել այն ատեն, թէ ինչպէս աստուածային կը գտնէ կնոջ իրանը։ Թէ ինչպէս կ’արբենայ անիկա ու կը դառնայ վեհ, սէգօրէն առնական` կնոջ ձայնը առնելով միայն։ Պէտք է նկատի առնել հմայքը, որ բարձր դասու կին մը կրնայ գործել արհեստաւոր տղու մը վրայ։

Որովհետեւ ատկէ տարուած է, որ տղան կը ստանայ այդ վեհանձն յուզականութիւնը, երախտագիտութեան ու պաղատանքի նմանող կամակոր, անձնատուր, բայց հպարտ ու խորապէս ապրուած այդ սէրը։ Խելքէն ու մտքէն չանցած բան մըն է, որովհետեւ, պատահածը։ Անոր համար այդ դասու կիները երեւցած են յաճախ անզգայ իրենց նմաններուն հանդէպ, նենգ ու լոկ անասնային իրենց սէրերուն մէջ, զուրկ, մէկ խօսքով, ազնուական այն յուզումէն, զոր տեսաւ ան թրքուհիին մէջ առաջին օրէն իսկ։ Ու առաջին անգամն է ահա, որ արբշիռ, կը գուրգուրայ, կը շշնչայ անիկա, կնոջ մը վրայ։

  -Կը սիրեմ քեզ… կ’ուզեմ, որ չզատուիս ինէ, Այիշէ՛… հանըմս… բնա՛ւ, կը հասկնա՞ս, բնաւ… հոգի՜ս…։

Ու կը գրկէ ան իր հայրենիքը։

Կինը լռին կը քաշէ, կը համբուրէ անոր բերանը։ Ու կը մնան անոնք պահ մը երես երեսի։ Տարփանքի կրակը անուշ խմորի մը վերածած է անոնց այտերը։ Փաթթուած են իրարու պատուհանէն ինկող փղոսկրէ սիւնի մը տակ։ Դարձած են չորս թեւով ու չորս ոտքով Պուտտայի արձան մը։ Ականջ կուտան պահ մը թռչունի մը երգին, որ կը յորդէր բիւրեղէ ակի մը պէս գիշերուան լռութեան մէջ։

-Այիշէ…

-Արա՜մ… սիրելիս…

Այս անունը կը տրուի հարազատ ու սիրազեղ հնչականութեամբ մը։ Ու զայն տրուած միջոցին կ’ալեկոծի իշխանուհիին ամբողջ մարմինը։ Կը բաբախէ տղուն սիրտը։ Մեծ խորհուրդ մը կը դնէ օտարութիւնը սեռային արարքներու մէջ։

Յետոյ իշխանուհին՝ յագեցած ու պարտասուն, կը լքէ խաղին թելերը, կը յանձնուի երազանքին, այնպէս, ինչպէս պիտի ընէր նաւորդ մը լարելէ վերջ իր առագաստը։ Ու կ’երթար ան կրակի հեղեղատի մը վրայէն, որուն ամէն մէկ ալիքը կը հնչէր ու կը փայլատակէր տղուն անունով։ Մանչը, կախուած անոր վրայ, կը խօսի։ Բառերը կը քակուին հեռագրական ժապաւէնի մը նման, խորհուրդով, անյայտ զօրութեամբ մը։

Հոս անխուսափելի պոռթկումը, որ կը սկսի փաշային անունով։

Արամ, իր ատելութենէն տարուած, կը նմանցնէ զայն ծնողքը ջարդել տուող ոճրագործի մը։ Անիկա կը զարմանար, թէ ինչպէս իշխանուհին կրցած էր տանիլ զայն։ Թուեց բոլոր ախտագին մարդու անոր փորձերը եւ իր կրած խորշանքները։

Այիշէ կը սպասէր այս յայտնութեան։ Կը զգար հիմա աւելի յստակ կերպով, որ տղան տարած էր այդ բոլորը իրեն համար։ Եւ որ փրկած էր զայն իր այս վճռական քայլովը։ Քանի մը բառով կը հասկցնէ ան իր ատելութիւնը էրկանը հանդէպ։

Արամ գոհ՝ հիմա` կնոջ այս խոստովանութենէն վերջ, ելած, կանգնած է բաց պատուհանին առջեւ ու խորունկ հառաչ մը կը նետէ երկինքն ի վեր։ Կարելի չէր ըսել Այիշէին՝ ինչ որ կը մտածէր ան այդ պահուն։ Կինը կարծեց, որ կը նայէր ան ծառերուն, որոնց տերեւները կը թրթռային մետաղային մրմունջով մը։ Բայց իրականին մէջ Արամ, տարուած իր ատելութենէն, սեւեռած էր իր նայուածքը հեռաւոր ու արիւնոտ մանկութեան մը։ Առած է ան եղերական դէմք մը։ Հազար յիշատակներ կառչած են անոր խռչափողին։

Ա՜, սրբազան վրէժ։ Տրտմութիւնը մտած է անոր ուղեղէն ներս` թունաւոր բզէզի մը պէս։ Սիրածին դէմքն իսկ կը դառնայ տխուր, զղջումներուն ու կսկիծին տակ, որ արտակարգօրէն կրակ կուտան իրեն, ոտքի կը հանեն իր ամբողջ հոգին։ Կը խաթարուի գեղեցիկ կնոջ մը պատկերը գալիք դժբախտութեան մը նախազգացումէն, զոր կը զգայ տղան, ինչպէս կը զգայ անդիմադրելի զօրութիւնը ներսէն, տարիներուն, գուցէ դարերուն խորէն եկող անյայտ այդ կրակին։ Ինչպէս կը զգայ իր սա պրկուած անհամբերութիւնը, զոր կ’աճի վերյիշումներուն տակ, ամէն մէկ սիրելի դիակի ճնշումէն` զսպուած հեղեղատի մը պէս։ Վայրկեաններ կան, ուր անիկա նշանակութիւն իսկ պիտի չտայ մահուան, բաւական է, որ կարենայ իրագործել իր ցասումէն, վիրաւորուած մարդու արժանապատուութենէն ծնած վայրագ տեսիլքները։

Նախա՞նձ, ատելութի՞ւն, փառասիրութի՞ւն… Խթանուած է ան ամէն զգացումէ, բայց ճնշուած նոյն ատեն, քանի որ կը մնայ անշարժ ու կը զգայ իր անկարութիւնը՝ հակառակ ներքին այդ թաւալումին։ Քանի որ կը սարսափի ուրացումէն, որ կը ցցուի իր դէմ, ամէն ուղղութեամբ։ Ու իր ուժերէն վեր են իրմէ պահանջուած զոհողութիւնները` ըլլալով հաւասարապէս տիրապետուած սէրէն ու ազգէն։

Ա՜, սրբազան վրէժ։ Զարհուրելի խժժոց մը եղած է ան թուրքին համար։ Հազարաւոր օձերու ձայնը։ Արեան ու եռացած ձուլածոյի մը ցայտումն է մեզի համար դարաւոր անարդարութիւններու ծոցէն ծնած այդ բառը, որ կրցած է մաքրել քիչ մը արատը այս տարօրինակ ցեղին, որ մեծ է` պզտիկ չըսուելու չափ, որ գառնուկ է եղած տեղ մը եւ ուրիշ տեղ մը` առիւծ։ Արամի հոգիին մէջ ջահի մը պէս կը լուսաւորէ ան յուշերու աւերակ աշխարհ մը։ Ու կուգան անոնք` մեռելները, հակառակ իր կամքին, կը բազմանան ետեւէ ետեւ։ Իրենց հետ բերելով բողոքի շունչ մը։ Շատ բան տեսած են տղուն աչքերը։ Շատ բան լսած են անոր ականջները։ Քիւրտի տարազին տակ թափառած է ան աւերակէ աւերակ, մեծ շրջագծի մը մէջ։ Եւ ահա կը վերապրի անիկա այդ բոլորը։ Կը տեսնէ երախաները, որ նետուեցան օդին մէջ` անցընելու համար զանոնք սուիններու ծայրը։ Եւ անոնք, որ թափուեցան գետերը։ Եւ մերկ կիները, որ կապուեցան ծառերուն` անգղերուն յանձնելու համար դաշոյններէն աւելցածը։ Կուգան անոնք` մեռելները, ամէն կողմէ։

Արամ կը յիշէ անոնց որ մէկին վերջին խօսքը, վերջին երազը, վերջին կարօտը։ Կուգան անոնք` ճնշելու համար տղուն այդ առնական հոգիին վրայ, որուն բերանը կղպուած է հպարտութենէն. «Օ՜, միայն հայը չէ, որ ջարդուած է թուրքէն, հապա յոյները, հապա պուլկարները, եւայլն»։

Բայց այս պահուն մեռելները կուգան` մասնաւոր կերպով աւելցնելու համար տղուն ատելութիւնը փաշային դէմ։ Օրէ օր աճող սիրոյ տակէն կայծկլտացող կասկածները կը սպասէին, կարծէք, այս յաջողութեան վայրկեանին` յայտնուելու համար ուժեղ ու պարտադրիչ ճշգրտութեամբ մը։

Ու կը տառապէր Արամ։ Անիկա ծարաւը ունի յաղթանակի մը։ Նետելու վրայէն պարտուած իր ցեղին ամօթը, ողորմելի կնիքը լացին ու արիւնին, որոնց մէջ անցաւ իր մանկութիւնը։ Անսահման ծարաւը ունի ան հզօր ուժի մը` կարենալ ճզմելու համար թուրքը, որուն հանդէպ կ’աճի իր ատելութիւնը փաշային շնորհիւ։ Արամ կեցած է ու կ’երեւակայէ դժոխային միջոցներ` մէկ ժամուան մէջ մաքրելու համար աշխարհի երեսէն ամբողջ թրքութիւնը, վար առնելու համար բոլոր մզկիթները, տակն ու վրայ ընելու համար բոլոր թուրք քաղաքները, բոլոր գիւղերը, որոնց գոյութիւնը հեգնանք մըն է հայուն դէմ, անպատկառ արհամարհանք մը արդարութեան դէմ։ Արամ կարօտը ունի գլել` անցնելու մարդկային բոլոր օրէնքներէն անդին, ինչպէս որ ըրած էր թշնամին։

Անիկա կ’արհամարհէ եղբայրական սկզբունքները, գինովցնող ու արիութենէ զրկող վարդապետութիւնները, որոնց ազդեցութիւնը այնքան եղերական եղաւ իր ազգին։ Անիկա ըմբռնած է բոլոր գեղեցիկ խօսքերուն տակ պահուած նենգութիւնները, մարդկային հոգիին անբուժելի վատութիւնները։ Անիկա կեցած է ու կ’երեւակայէ բիրտ յաղթանակ մը. այն, որ կ’անցնի կիկլոնի մը պէս, առանց խղճահարութեան։

Ա՜, սրբազան վրէժ։ Եւ իրեն կը թուէր, որ գոհունակութեան շունչ մը պիտի արձակէին հողերուն տակէն բոլոր իր մեռելները` սկսեալ անոնցմէ, որ ինկան առաջին օսմանցիներէն, մինչեւ Ապտիւլ Համիտի զոհերը, մինչեւ Էնվէրի ու Թալէաթի դաւադրութիւններով մեռած հայերը։ Եւ իրեն կը թուէր, որ այդ յաղթանակը պիտի մաքրէր իր ցեղը, դարաւոր ստրկութենէն ընկճուած, այլակերպուած իր ժողովուրդին մնացորդները, որ ցանուցիր՝ կը քաշկռտեն ողորմելի կեանք մը։ Արամ կեցած էր լուռ, մղձաւանջի մը պէս։ Ու իր մարմնին բոլոր բջիջները կը պոռային` յաղթանա՜կ, յաղթանա՜կ…

Ու իր այդ վայրագ ծարաւին մէջ անիկա կը մոռնար յիսուն տարիներու մեր հերոսամարտը` բացառիկ՝ ցեղերու պատմութեան մէջ։ Աննշան կը գտնէր ան մեր սա վերջին քանի մը տարիներու զմայլելի ճիգերը, որոնք ստեղծեցին Հայաստան մը եւ տարին փառաւոր յաղթանակ մը թուրքին դէմ։

Շատ անգամ Արամ ինքն իսկ իր բերնով ըսած էր ասոնք։ Բայց այս պահուս անոր երեւակայութիւնը նետուած է այդ բոլորէն անդին։ Ոճրագործ փաշայի մը գոյութիւնը շրջած է իր հոգին` հիմնովին նուաստացուցած։ Արամ գոհ է ոխակալ մարդու գոհունակութեամբ մը՝ թուրքէն խլած ըլլալուն համար իր ամէնէն թանկագին բանը` կինը, աղարտած ըլլալուն համար անոր պատիւը։ Բայց անբաւարար էր տարուած այդ յաղթանակը։ Ա՜, եթէ գար յանկարծ փաշան…

Թղթատար սաւառնակ մը կ’անցնի` սղոցելով օդը։ Անիկա կ’արթնցնէ տղուն մէջ կարօտներ։ Ինչպէ՜ս պիտի ուզէր ան երթալ երկինքի ճամբով, դառնալ իր մանկութեան անցած ճամբաներուն վրայ։ Ինչպէ՜ս պիտի ուզէր ան գիշերով սաւառնիլ իր սիրած հողերուն վրայէն։ Բայց զգաց, որ աղքատ տղայ մըն էր ինքը, աղքատ ժողովուրդի մը զաւակը։ Ուզեց այն ատեն իր այդ յուսաբեկման մէջ, որ Այիշէ երգ մը երգէ իրեն, հին իր գիտցած երգերէն, հոգ չէ, թէ թուրքերէն պիտի ըլլար ան։ Ուզեց, որ գովքը ընէ ան այդ հեռաւոր երկրին, հոգ չէ, թէ թուրքին անունը կը կրէր ան։ Ու իր բիբերուն վրայ կը թանձրանար երազը։

Այիշէ սիկարէթ մը կ’ուզէ անկէ` կանչելու համար զայն իր քով։ Կ’աշխատի խօսեցնել։ Վիշտը վիշտեր կ’արթնցնէ։ Կինը կ’անդրադառնայ մտքին մէջ իր անցեալին, որուն մթութիւնը տառապեցուց զինք տարիներով։ Միւս կողմէ կը նայի ան, ծխելէն, սենեակին աղքատիկ իրերուն, որոնց ետին կը տեսնէ անմեղ կեանք մը։

Եւ ահա խայթուողի մը պէս կը նստի ան յանկարծ։ Կը դողայ ձեռքը, ուր կապոյտ զմրուխտ մը կը փայլի սիկառէթին լոյսէն։ Կը նայի ան իր խոշոր աչքերով տղուն, մինչ ասիկա, վտանգի տակ դնելով սէրը, կը բանայ վէրքը։ Այիշէ լսեց զարհուրանքով քրոջ մը պատմութիւնը։ Երկու տարու աղջնակի մը ուսին դրուած նշան մը։ Ոճրագործի մը անունը, որ լսած էր ինքն ալ` իբր նախկին անունը իր էրկան։ Եւ ահա, ետեւէ ետեւ կը քակուին անըմբռնելի ճշմարտութիւններ։ Եւ ահա կը դառնայ անոր սիրտը քակուող կծիկի մը պէս։ Ահաւոր է, երբ ամբողջ կեանք մը կը պարզուի յանկարծ, մէկ վայրկեանի մէջ։ Ինչպէս պիտի ճարճատէր հրդեհուած անտառ մը, այնպէս բռնկեցաւ անոր ներքին աշխարհը։ Ու ահաբեկ մտածումներ ժայթքեցին անոր ամէն մէկ ծալքէն, ինչպէս երէները պիտի ցատկէին հողերէն դուրս, դեւի պէս առաջացող հրդեհին առջեւէն։ Իշխանուհին չկրցաւ տոկալ յուզումին, թէեւ ուզեց խաբել ինքզինքը։ Կարելի չէ յանձնուիլ մէկ վայրկեանէն միւսը, այդպիսի անհաւատալի ըլլալու չափ այլանդակ յայտնութեան մը։ Ու ծածկեց անիկա վախով իր մարմինը։ Փախաւ, լուռ, բայց խելացնոր ու յուսահատ` հրելով գրեթէ տղան, որ կառչած իրեն, կ’ուզէր համբուրել, ներողութիւն խնդրել։

Իշխանուհին վազեց իր սենեակը։ Ինկաւ զայրոյթով մը մահճակալին։ Կծկուեցաւ ինքն իր վրայ ու լացաւ։ Բայց անորոշ տակաւին իր կասկածանքին մէջ, անիկա զղջաց իսկոյն իր այդ ընթացքին համար։ Մինչեւ լուսածագ մնաց ան այդպէս, աչքերը դէպի լուսաւոր պատուհանը։ Լքուած, ամբողջ գանձ մըն էր այդ մէկ հատիկ լոյսը։ Ընկղմած երազ մը։ Յարութիւն առնող արտասովոր արեւ մը նոյն ատեն։ Քանի մը անգամներ ուզեց ան վերադառնալ հոն` փրկելու համար կորսուող այդ երջանկութիւնը, փարատելու համար տղուն վիշտը։ Մտածեց երթալ եւ բանալ մարմինը, ցոյց տալ նշանը, որ կրած էր անջնջելի կնիքի մը պէս` յուսալով, որ Արամ պիտի չճանչնար զայն։

Անիկա կրնար եղած ըլլալ հայ մը եւ կրնար իր անծանօթ հայրն ալ մեռած պահուն ուզած ըլլար նշանով մը փրկել զինքը օտարացումէ։ Այո՛ կրնար ըլլալ… բայց ոչ քոյրը՜… ո՜չ։ Մնաց ան պատուհանին առջեւ, ամէնէն վայրագ մղձաւանջին տակ, դէմ դէմի երկինքի պարապութեան ու հսկող լոյսին հետ, որ տարօրինակ վէրք մըն էր հիմա։ Տեսաւ դաշտերը տանող ճամբուն վրայ երկու սիրահարի ստուերներ։ Ու բղձկեցաւ ան՝ զայրոյթէն, նախանձէն։ Կեանքի դառնութիւնը ծծող մարդու ծիծաղ մը ինկաւ մագաղաթի պէս տժգոյն անոր դէմքին վրայ։

«Խեղճե՜ր, - մտածեց ան, - մինչեւ ո՞ւր պիտի երթաք։ Դարերէ ի վեր կ’արձագանգէ մարդոց դժբախտութեան աղաղակը։ Դարերէ ի վեր կը յուսան, կ’աշխատին, կը սիրեն անոնք։ Ու կը ստեղծեն բառեր` ծածկելու համար անդունդը, որուն շուրջ կը դառնան յաւիտեան` գլորելու համար հոն, վերջ ի վերջոյ ամէն երազներէ վերջ։ Անոնք չհասան իրենց կամքէն ու գիտակցութենէն անդին գործող ձեռքին։ Անոնք հալեցան գերեզմաններու մէջ, սուզուեցան մահուան` միակ իրականութեան մէջ, իրենց բոլոր սնափառութիւններէն, կռիւներէն ու վայելքներէն վերջ։ Բայց կան ու կը մնան երազները, կրօնքները, կուռքերը, ճիւաղային հոգիները, ինչպէս եւ խեղճերը։ Խաթարուած է կեանքը… Ու այդպէս ալ պիտի երթայ ան…»

Քաոս մըն է իշխանուհին, որուն մէջ կը կատարուին անսպասելի փլուզումները։ Ապրիլ ամբողջ կեանք մը իբրեւ թուրք, մեծնալ այդպէս, իբրեւ հպարտ աղջիկը վերածնող ու մեծ երկրի մը եւ կանգնիլ յանկարծ «էրմէնի» ըսուած տարտամ ու արհամարհուած բանի մը առջեւ։ Եւ զգալ յանկարծ մարդկութեան դաւերը, ցեղերու ու յետոյ անձերու քսու հաշիւները։ Ու իր ճիգը կը փլի յիշատակներու ուղղութեան վրայ, ուր կ’ուզէր նետուիլ քիչ մը լոյս բերելու համար իր կասկածանքներուն վրայ։ Կը փլի յիշատակի ամէն կտոր, որուն ձեռք կ’երկարէ ան։ Կը սահի իր մատներուն տակէն ամբողջ իր կեանքը ցեխի պէս։ Ու կ’իյնայ անիկա՝ ուժասպառ իր բարձրանալու ճիգին մէջ։ Ճիգ կ’ընէ ան` կառչած մնալու համար իր տարիներու սովորութեան։ Կը խուսափի նայելէ իր առջեւ բացուող ահաւոր անդունդին։ Ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենար կրօնքի տարբերութիւնը իր եւ այդ օտարին միջեւ, որ բացաւ իր մէջ սիրոյ ամլացած ակերը։ Անցած են այն ատենները, երբ աղօթքի թերացումն իսկ մեծ մեղք մը կը համարուէր։ Երբ նամազէն առաջ անհաւատի մը տեսքը կը պարտադրէր իրենց՝ կրկնելու իրենց ապթէսը։

Ի՞նչ էր փաշայի գոյութիւնը իր եւ իր սիրածին միջեւ։ Պարզ ու զզուելի խրտուիլակ մը, որուն քիթէն բռնած՝ պիտի կրնար ան դիւրաւ իր ուզած կողմը քաշել։ Ի՞նչ էր այդ ամէնը այս առեղծուածին առջեւ, որ ոչ միայն կը լքէր զինքը, յանկարծ, երանութեան կէս ճամբէն ամէնէն դառն ամայութեան մէջ, այլ եւ անիկա կը գտնէր զինքը արգիլուած, փշրուած սիրոյ մը առջեւ, որ մեղքի եւ դժոխքի պէս բան մըն էր հիմա։ Բայց կ’ուզէ վանել իշխանուհին իր այս բոլոր չարաշուք ձայները, կ’ուզէ փակել աչքերը եւ քնանալ ու չմտածել այդ մասին։ Խաթարուած է անոր սէրը։ Խորտակուած է անոր կեանքը։ Կ’ուզէ փակել աչքերը եւ քնանալ… Բայց ինչո՞ւ տղուն պատկերը իր եւ տարածութեան, իր եւ տեսիլքին միջեւ։

Լոյսը հոն է, սակայն, իր դէմը, տղուն անսպառ սիրոյն պէս վառ։

Տղուն շունչը իր միսերուն վրան է դեռ։

Քունը թռչուն մըն է, որ կը փախի, քանի կանչես։ Անիկա կը վախնայ մտածումէն, որ օձի մը պէս կը գալարուի գանկերուն մէջ։ Ու կարմրած ու արցունքէն այրած կը յամառին անոր աչքերը նայիլ այրող կոպերուն տակէն։ Հեղեղատի պէս կը վազէ արիւնը անոր երակներուն մէջէն։ Տղուն անունը կը վառի անոր շրթներուն վրայ։

Դուրսը հանդարտ է բնութիւնը, անտարբեր այս բոլորին, լծուած նոր ու նոր կեանքերու պատրաստութեան։ Դուրսը թափած է լուսնին մեղրը։ Ու ծաղիկներուն ու հողերուն բոյրը բռնած է միջոցը։ Կը թրթռան ցայգաթիթեռները։ Կը դառնան Այիշէի շուրջ, որուն վրայ ինկած է լուսին լոյսը։ Օդը քաղցր է արտակարգօրէն` ցաւ, նախանձ պատճառելու չափ Այիշէին, որ պիտի շշնջայ։

-Ինչո՞ւ չըլլայինք սա բնութեան պէս, ինչո՞ւ չըլլայինք անասնական, զերծ մեր մարդկային սին օրէնքներէն ու անոնց ծնունդ տուած ախտերէն եւ ցաւերէն։

Չէ, հաճոյքով պիտի հրաժարէր ան ամէն բանէ։ Սիրով պիտի փոխէր անունը` կանչուելու համար սիրածին ուզած լեզուովը։ Սիրով պիտի ծամէր ցամաք հացը, որ տղուն թիկնեղ բազուկը պիտի երկարէր իրեն։ Անիկա ուրախ ու երջանիկ պիտի ըլլար, ընդհակառակն։ Այիշէ կապուած է Արամին իր հոգիին բոլոր թագուն կապերով։ Իր միսերուն բոլոր անըմբռնելի օրէնքներովը։ Արամ մարմնացումն էր իր տարիներու կարօտին, իր ներքին տեսիլքին։ Պիտի մոռնար, ուրանար ամէն ինչ։ Բայց առեղծուածը…

Չկրցաւ համակերպիլ եղբօր մը գաղափարին։ Չկրցաւ ընդունիլ այդքան վիպական հանդիպում։ Չկրցաւ հեռացնել սիրոյ բաժակը՝ պատուհանը, որ կը վառէր իր դէմ։ Սուտ է, զառանցանք է` ինչ որ կ’ընէ։ Եւ ոտքի կ’ելլէ զայրացումով` քանի մը անգամ արթնցնելու համար փաշան եւ խլելու անկէ իր կեանքին գաղտնիքը։ Բայց զգուշացաւ ան, ինչպէս զգուշացաւ տղուն երթալէ։ Էրիկէն կ’ուզէր խլել ան իր փնտռածը մեծ խոհեմութեամբ։ Սիրածէն կ’ուզէր հեռու պահել ողբերգութիւնն ու տառապանքը։ Կ’անցնի հայելիին առջեւ։ Բայց կը մերժէ տեսնել նմանութիւն մը իր եւ տղուն միջեւ։ Շրթներէն բառերը կը թափէին հեւքով.

-Ա՜հ, այսպէս, ուրեմն խաբեր են զիս, սուտ ու սուտ պատմութիւններ հնարեր, որպէսզի ծածկուին ոճիրները… հա՜յր, հա՜յր… ո՞վ ես դուն հա՜յր… ո՞վ… ես` աղջիկդ, կ’ուզեմ գիտնալ վերջապէս… Ա՛հ, այսպէս փոխեր են ուրեմն մարդիկ իմ անձս իսկ իրենց ուզած ձեւով…

Բայց անդրադարձաւ մէջ ընդ մէջ տղուն։

-Ի՜նչ աղուոր էր… ի՜նչ երիտասարդ, ի՜նչ կարծր էին միսերը, ի՜նչ կրակոտ էին աչքերը…

Զուգահեռաբար տանելով դառն մտածումները։

-Ա՜հ, այսպէս…

Տարբեր գոյնի մը տակ էր, որ կը տեսնէր ան հիմա թուրք ժողովուրդը։ Ի վիճակի էր ան հիմա արհամարհել զայն, եթէ չէր կրնար ուրանալ բոլորովին, ինչպէս ըրած էր Արամ։

Կ’ընդմիջէ յանկարծ կարապի մը աղիողորմ ճիչը։ Զարհուրելի ու տարաշխարհիկ ձայն մը, որ կ’արձագանգէ գիշերուան լռութեան մէջ։ Թաւ ու վայրի։ Կը պատռէր, կ’ալեկոծէր լճակը` արծաթներու դէզի մը խշրտուքովը, խօլաբար սուրացող ու թափահարող թռչունին տակ, որ նետուիլ կ’ուզէր վեր՝ տարուած տեսիլքէ մը, կարծէք, ու կ’իյնար` անկարող ազատելու ջուրերու լուսնեզօծ սոսինձէն` սարսռալով քակուող զսպանակի մը պէս։ Որքա՜ն գինովութիւն՝ հպարտօրէն լռին կեանքէ մը վերջ, յայտնուող այդ մահուան առջեւ։ Այիշէ կը նայէր արտակարգօրէն յուզուած։

«Ի՜նչ կարծր է բնաւորութիւնով։ Աչքերուն նայողը կը զգայ, որ ոչ մէկ բանէ կը վիրաւորուի ան։ Ոչ ոք կը նուաստացնէ զինքը։ Ընդհակառակն, ինք է, որ կը խրտչեցնէ շուրջինները, իր ամէն մէկ քայլին, իր ամէն մէկ շարժումին, իր հեգնոտ արտայայտութիւնովը, իր գիշատիչ թռչունի նայուածքովը։ Կոպի՞տ… Այո։ Բայց կոպիտ են եղած բոլոր մեծ դէմքերը, բոլոր քաջերը։ Անհուն վեհանձնութիւն մը կայ այդ բիրտ ու անասնական արտայայտութեան տակ։ Քաղաքավարութեան կեղծիքները չեն խաթարած զայն։ Արմատ չեն դներ անոր մէջ թոյլ ու սնափառ զգացումները։ Ծանր է ան, իր ամբողջ կազմուածքովը, այնպէս, ինչպէս կ’ըլլան տառապանքէն անցնող հոգիները։ Կը պժգայ ան բոլոր թեթեւութիւններէն։ Չի կրնար տանիլ երկչոտ ու իգացած մարդերը, նենգերն ու կոճկուած «քաղաքավար»ները, որոնք փոխադարձաբար չեն հանդուրժեր իր ներկայութեան, կը խուսափին իրմէ, որուն նայուածքն իսկ կը վտանգէ իրենց երանութիւնը, ընթացիկ պզտիկութիւններով շինուած իրենց կեանքը»։

Այսպէս կը մտածէր Այիշէ, մինչ կարապը կը մեռնէր ծառերուն ետին։ Եւ ատիկա կրնար ճիշդ ըլլալ մասամբ եւ բոլորին կողմէ չսիրուած տղուն ազգին համար։ Այսպէս կը մտածէր Այիշէ, ու անոր շրթներուն վրայ վախի ու սիրոյ խառն մրմունջ մը կար, մինչ իր ներսէն կ’աղաղակէր ան` Արա՜մ, Արա՜մ…

Ու իր ձեռքէն կ’իյնար իր մանկութեան մէկ նկարը։ Ու իր շուրջը կը լռէին ծանօթ ու անծանօթ, մոռցուած ու տարտամ դէմքերը, որ երեւան եկած էին յանկարծ անոր հոգիին խորէն, մասնաւոր առաքելութիւնով մը, կարծէք, յիշեցնել տալու համար ամբողջ անցեալ մը։

***

Լուսածագը հազիւ բացուած՝ իջաւ իշխանուհին, փողոց։ Տրտում, բայց վճռական ու հանդարտ քալուածքով մը գնաց կայարան։ Ճամբորդներու նոր հասած բազմութիւն մը դուրս կը խուժէր։ Կառապանները կը պոռային` խլելով անոնց ձեռքի բեռները։ Մեքենային հեւոցը բռնած է կայարանը։ Գիւղացիներու խումբ մը խռնուած է կապուած հաւերու, կողովներով պտուղներու շուրջ։ Այիշէ` տարաբախտ իշխանուհին, կը դիմէ գրավաճառին։ Անհրաժեշտ կը գտնէ ան իր այդ յուսահատութեանը մէջ պրպտել մարդկային կեանքը դարերու ընդմէջէն։

Կ’ուզէ տեսնել ան ստորերկրեայ տռամները, որ տեղի ունեցած են օրէնքներու ու բարքերու կեղծիքին տակ։ Կ’ուզէ արդարացնել ընթացքը եւ քաջութիւնը գտնել` շարունակելու համար զայն։ Ուզած գիրքը Փարիզէն է միայն, որ կարելի է ստանալ ապսպրելով։

Այիշէ կը լքէ իր այդ փափաքը։ Բայց կը խորհի. ա՜հ, կարելի ըլլար վերադառնալ հին մտայնութեան…

Տարտամ, անորոշ, կը քալէ հիմա թաց աւազներուն վրայէն, գլուխը վեր, բայց աչքերը գետին։ Ծովը հեռացած է` ձգելով ժայռերու բլրակներ։ Կը շողշողան հոս ու հոն լճակներ ու սէզի դէզեր։ Քանի մը նաւ, ծռած իրենց կուշտերուն վրայ, կ’արտայայտեն լքումի մը տրտմութիւնը։ Անոնց շուրջ կէս խրած վիճակի մէջ ձգուած են հինցած ու ջուրէն տժգունած կօշիկները, թիթեղէ ծռմռած ամաններ ու զանազան կեղտեր։

Ծովեզերքէն, նոր ծագած արեւուն մէջէն կը վերադառնան ձկնորս կիներ, իրենց խեցիի ու խեչափարի բեռներով, թեթեւ շուքերով։ Քաղաքէն դէպի ջուրը, հատիկ-հատիկ, խումբ-խումբ, ուխտատեղի մը երթալու պէս կը քալեն ոտաբոպիկ երեխաներու ու ընտանիքի հայրեր։ Հեռուն խեցի կը քաղէ ամէն ոք՝ ժայռերէն։ Պզտիկները պզտիկ ուռկաններ կը կոխեն լճակներուն մէջ, որոնք հայելիի կտորներ կը թուին։ Տղոց կանչերը կը պայթին պայծառ միջոցին մէջ։ Կայ նաեւ թռչուններու մանկունակ ճիչը։ Կայ տակաւին լոգանքի վրաններուն թրթռացումը։ Ու քայլերու տակ ճզմուող աւազին խշրտուքը։ Սառած խէժի մը վրայէն է, որ կը քալէ, կարծէք, Այիշէ։ Աւազը կը ճաթի իր քայլերէն առաջ, կը փսորի, կը տարածուի թոյլ սողունի մը պէս, անոր ոտքերուն տակ` ցատկռտելով աջ ու ձախ։ Իշխանուհին կ’անցնի գետինը նստած կիսամերկ աղջնակի մը քովէն։ Կը ծռի, կը շոյէ անոր մազերը։ Այիշէ լեցուած է բարի զգացումներով, բարի, ինչպէս կ’ունենան դառնութեան հասնող հոգիները։ Անոր սիրտը ճզմուած է անքնութենէն։ Ու ամէն վայրկեան նուաղումի մը ցնորքը կ’անցնի անոր մէջէն։ Անոր մտածումը չափած է մէկ գիշերուան մէջ մարդկային տառապանքը։ Սէ՞ր։ Այո, անիկա կը զգար զայն, կարեկցութեան մը պէս, բոլոր էակներուն համար, որոնց վրայ կեցած է ճակատագրին աներեւոյթ ու անողոք ձեռքը։ Անիկա կը զգար զայն իր ամբողջ հոգիին վրայ, հակառակ անոր, որ զրկուեցան անկէ։ Ու հիմա կ’արթննայ իր մէջ, ի տես այդ աղջկան, հին անմեղութեան մը կարօտը։ Եւ կը շարունակէ քալել, ինքն ալ բան մը փնտռողի պէս։ Կը բարձրանայ ժայռի մը վրայ։ Արեւը կը զարնէր անոր՝ դէմէն։ Հովը կը թօթվէ անոր քղանցքը։ Վարէքի թաց դէզերը կը շողշողան անոր շուրջ։ Ջուրերը կ’երկարին վեր` վար առնելու համար, կարծէք, Իշխանուհին, որուն աչքերը սեւեռուած են հորիզոնին։ Հովը կը շոյէ անոր մազերը։ Օ՜, ինչպէս պէտք ունէր ան այդ փայփայանքին։ Յոգնած էր Իշխանուհին։ Ինչպէ՛ս պէտք ունէր ան այդ ծովին, որ յիշեցնել կուտայ իրեն Պոլսոյ Հանդարտ օրերը։ Բայց դանդաղ քայլերով կը հեռանայ ահա։ Կը հասնի տուն։ Փաշային ձայնը կը քարացնէ զայն պահ մը նրբանցքին մէջ։ Երբեք ատած չէր ան այդպէս այդ ձայնը։ Երախտագիտութեան զգացումները թոյլ չէին տուած իրեն առաջ ընդվզելու անոր դէմ այնքան, որքան ունեցաւ ան երէկ գիշերուընէ ասդին։ Բայց պէտք էր հաստատել կասկածները։ Ու անիկա դարձաւ ճկուն իսկոյն։ Հանեց արագութեամբ հագուստները եւ նետեց զանոնք իր սենեակէն ներս` սեղանին վրայ։

Բացաւ յետոյ փաշային դուռը։

-Այիշէ՛ աղուորս… զաւա՛կս…

Իշխանուհիին քանի մը օրերու անդորրութիւնը յոյսեր ներշնչած էր իրեն։

Դեռատի սպասուհին փոխարինուած էր այն օրէն ասդին պառաւով մը։ Աներեւութացած էր Արամ քանի մը օրէ ի վեր։ Այսպէս, ջուրը ինկած էր ամէն ակնկալութիւն։ Բայց չէր խաղաղած իր կրքոտ հոգին։ Պէտք է տեսնել փիղի նմանող մսեղէն այդ կոճղը` անկարող մարդու կիրքէն բռնկած։ Կանչած էր օգնութեան իր ճարպոտ երեւակայութիւնը, առած էր աչքերուն դէմ շէքէր ու շէրպէթ միսերուն տեսիլքը, բոլոր թուրք ու քրիստոնեայ կիները, որոնցմով յագեցաւ ժամանակին` կրօնքին թոյլատրած դիւրութեամբը մէկէն միւսին անցնելով։ Ու կը կրքոտէր ահա կիրքի մը կարօտէն։ Չէր կրնար հանդուրժել ան պարտութեան ու զրկանքին, ան, որ գիտցաւ դիւրութեամբ շահիլ իր բոլոր ցանկացած հաճոյքները։

Քարտուղար, փաստաբան, փաշա. այս բոլորը` կեղեքումով ու նենգութեամբ ապրող այս բոլոր այլասերածները, վայելած են Թուրքիոյ մէջ ամէնէն մեծ ազատութիւնը։ Պէտք էր տեսնել, դժբախտ երեխայի մը աչքերուն պէս, անոր աղաչող նայուածքը, որ քարէն աւելի կարծր էր եղած երբեմն։ Արմուկը բարձին՝ երկարած է ան կուշտին վրայ` ցցելով իր տակառի, պանիրի տիկի պէս փորը։ Կը հեւայ այլանդակ խժոցով մը, որ կ’արգիլէ հոսումը բառերուն, որ կառչած անոր կոկորդին` կ՚ուզեն խեղդել, կարծէք, անոր անարդար կեանքը։ Բեռ մըն է, անտանելի տառապանք մը, այսպէս, անմեղներու արիւնով ուռճացած այդ պարարտացումը։ Անիկա կը կարմրի մինչեւ ականջներուն ծայրը։ Կը քրտնի։

-Ոտքերդ պագնեմ… Աստուծոյ սիրոյն… զաւակս…

Իշխանուհին ցոյց կուտայ հոս հոգեկան ամէնէն մեծ կորովը, երբ կը համակերպի իյնալ անոր թաթերուն տակ։ Էրիկը օտար է, իր սիրածին հետ պառկելէն ասդին։ Աւելին։ Անհունօրէն ատելի ու անհանդուրժելի հիմա, որ առեղծուածը չոքած է իր սրտին՝ խղճի խայթի մը պէս։ Ոչ թէ յանձնուիլ, այլ բզիկ-բզիկ պիտի բերէր ան զայն` իր վրայ ի գործ դրած բոլոր ստորնութիւններուն համար։ «Ի՛նչ անասուն, ի՛նչ անասուն, կը մտածէր ան, որ չզգար տառապանքս եւ միսերէս զատ բան մը չի տեսներ»։ Արդարեւ, գրկած կնոջ լայն զիստերը, գլուխը կոխած անոր մետաքսէ շապիկին տակ` կը լզէր ան բերնով` յագեցնելու համար իր կիրքը։ Կը խրէր դէմքը անոր յետոյքին ճեղքին էջ, որ իր կեանքին գլխաւոր խորանն էր եղած։

Բայց Այիշէ քաղեց հարկ եղածը։ Հաստատեց անոր հին անունը, ինչպէս եւ իր հայու ծագումը։ Փաշան ամբողջ Թուրքիան կրնար ծախել այդ հաճոյքին համար։ Որքան մեծ է անջրպետը անոր եւ հայ նահատակ մտաւորականներուն, որոնց առնանդամները կ’այրէր, կը կտրէր` պզտիկ սուտ մը ըսել տալու համար։

Անիկա անդրադարձաւ, անշուշտ, յագենալէ վերջ, իր մեծ սխալանքին։ Կինը կը դադրի կիրքէն վերջ թուրքին համար։ Կը դառնայ ստրուկ, շուքի պէս բան մը՝ իր առնականութեան եսասիրութեանը քով։ Տավուդ փաշայ, այլ անունով` Քարա Պէքիր, ուղիղ շառաւիղն է նախապատերազմեան թուրքին, որուն քմահաճոյքէն կախուած էր կնոջ ամուսնալուծումը։ Անդրադարձաւ ան ու ուզեց փոխել խօսքերը, որոնց ծանրութիւնը չըմբռնեց թէեւ մէկէն։ Ցոյց տուաւ անոր առաւելութիւնները իսլամ ըլլալուն։ Անիկա նկարագրեց ահաւոր սինիզմով մը, թէ ինչպէս փրկած էր զինքը՝ պզտիկ-պզտիկ, անապատներէն։ Ուրացաւ կատարած իր ոճիրը։ Ուրացաւ շատ մը բաներ, որ կը ժայթքէին այդ առթիւ իր վաղուց խաղաղած խղճմտանքին խորէն։ Եղաւ քաղցր։ Խոստացաւ աւելի մեծ փառքեր։ Մխիթարեց.

-Ի՞նչ պիտի ըլլայիր զաւակս, եթէ ձգէի քեզ, աւազակներուն ձեռքը, ըսէ՛, ի՞նչ պիտի ըլլայիր մինակ՝ անապատին մէջ… Թերեւս ալ ողջ չըլլայիր մինչեւ հիմա…

«Երանի թէ», - շշնչաց կինը սրտէն։ Անոր գլուխը կը գործէր արդէն։ Չէր լսեր ան, ինչ որ կ՚ըսէր մարդը նենգ ու տեղ-տեղ կողկողագին ձայնով։ Կը ժպտէր ան, սակայն, չէք գիտեր ի՜նչ ծրագրի մը համաձայն, զսպելով իր ներքին փլուզումներուն աղմուկը, զայրոյթը եւ խորունկէն եկող լացը։

Յետոյ, յանկարծ ծագեցաւ փաշային ուղեղին մէջ ահաւոր մտածում մը։ Յիշեց հայ երիտասարդը։ Որոշեց խզել իսկոյն կապերը։

Պահել, մանաւանդ, Այիշէն անկէ։ Մտածեց առաջքը առնել բոլոր վտանգներուն, որ կրնային գալ կնոջ ու տղուն հանդիպումներէն։ Վախցաւ ան իր կեանքին վրայ։ Եւ այսպէս, առաջարկեց անցնիլ ուրիշ քաղաք մը։ Այիշէ ընդունեց առանց դժգոհութեան` խնդրելով միայն, որ շատ հեռուները չերթան եւ կառքով փնտռեն առաջ յարմար տեղ մը։

Համաձայնեցաւ փաշան։ Լոյս իջաւ անոր վրայ։ Գոհ եղաւ խորապէս իր լեզուին ճկունութեանը համար։ Համբուրեց, համբուրեց իշխանուհին` զայն նոր գտածի պէս։ Ու լոգարան մտաւ` ծամծմելով իր խռպոտ ձայնով հին թիւրքի մը։

Տանիքին վրայ հովը կը դողդղայ ու մետաղէ թեւերը կը ծեծէ կողկողագին ոխով։ Անձրեւը կը թափի քիւերէն` մաղձի պէս։ Աներեւոյթ լեզուներ կը լզեն ապակիները։ Պատուհանէն անդին՝ մէկդին ամայի ու թաց դաշտեր, անտառը` ջուրէն նոր ելած հրէշներու նման ծառերով։ Միւսին՝ անձրեւէն ողողած հրապարակ մը, ուր քով քովի կանգնած են մօտակայ գիւղերը տանող օթօքառերը։ Անդունդի պէս է մետաղափայլ ջուրի բարակ սաւանը, որուն վրայ ցանցնուած են նոր թափած, ժանգի գոյն տերեւներ։ Ոչ ոք։ Տրտում է կեանքը՝ աշնան օրերուն չափ։ Կորսուած օր մըն է օտար այցելուներուն համար, որոնց պանդոկին վարձքը կը սահի վայրկեանէ վայրկեան։ Քանի մը թրջած ագռաւներ՝ հոս ու հոն, տանիքներուն ու ծառերուն վրայ։ Կէսօրը անցած է քիչ մը, թէեւ մութ է արդէն, իրիկնամուտէ մը աւելի։ Ճամբայ ելած է Անգլիա մեկնող նաւը ու կը սուլէ սրճախառն կաթի գոյն ջուրերուն վրայ։

Արամ, որուն մտածումը զարնուեցաւ կասկածանքէ կասկածանք իշխանուհիին անսպասելի ու տարօրինակ մեկնումէն վերջ, Արամ յանդուգն ու հպարտ, ինչպէս պիտի ըլլար սիրոյ կրակէն բռնուած մը, վիրաւորուած՝ իր խորքին մէջ, կնոջ այդ խզումին համար, որ կը թուէր իրեն վերջնական (քանի որ չերեւցաւ ան, այլեւս), Արամ, չհանդուրժելով լիրբ ու ոճրագործ փաշայի մը, կը մտնէ, ահա, ներս, իր սիրածին պատուհանէն։ Հասակէն վեր է պատուհանը, որ կը բացուի անտառին կողմը։ Բայց ի՜նչ է այդ բարձրութիւնը չարքաշութեան ու մարզանքի մէջ զօրացած երիտասարդի մը համար։ Կը նետուի անիկա վեր, ուժ տալով թեւերուն, յետոյ արմուկներուն։ Ու ծունկի՝ կը հրէ ան պատուհանը, որ կը բացուի ինքնաբերաբար՝ արդէն։ Այիշէ կը ցցուի այլայլած` արգիլելու համար անոր մուտքը։

-Դո՞ւն… Արամ… չե՞ս վախնար… խենթ ե՞ս։ Գնա՛… կը խնդրեմ, գնա՛…

Երեւակայել՝ սարսափն ու գուրգուրանքը՝ շշնչալու ձեւով հեւ ի հեւ ըսուած այս խօսքերուն մէջ։ Յուզումը խիստ ու տառապագին արտայայտութիւն մը տուած է անոր դէմքին։ Բայց անօգուտ են իր աղաչանքները, մանաւանդ որ անոնք կը մատնեն հակառակ ցանկութիւն մը։ Արամ կը հրէ զայն ներս։ Կը մտնէ։

Հագած է ան սեւ։ Սեւ գուլպայ եւ սեւ կօշիկ։ Վիզը բաց, ճերմակ թրէնչքոթ։ Մէջքին ունի կաշիէ հաստ գօտի։ Ծանր ու տրտում է անոր դէմքը, դէմքերուն նման, որ վճիռ մը կը կրեն։ Պրկած է շրթները։ Կը նստի անիկա սենեակին մութ անկիւնը, գլխիկոր։ Կը շնչէ ռունգերով` ցուլի մը պէս։

Այիշէ փլած, ուժաթափ արդէն օրերու տառապանքէն, ինկած է` գլուխը անոր ծունկերուն ու կուլայ։ Տասն անգամ տղուն անունը կուտայ ան` թելադրանք մը կամ խնդրանք մը ընելու փափաքով։ Ու կը կապուի լեզուն՝ անունէն անդին։ Աւելորդ կը գտնէ ան՝ ամէն խօսք։ Կ’ամչնայ, այնքան հպարտ է ան։ Կը շուարի, այնքան այլազան ու արտառոց են պատկերները, որ կը ներկայանան իրեն։ Նոյնքան անմատչելի, նոյնքան երազային, նոյնքան աղօտ է հիմա տղան, անոր համար, որքան տեսիլքը, զոր տեսաւ գիշեր մը։ Իրականութիւնը տարօրինակ վիճակ մըն է հիմա անոր համար` հակառակ, որ փաթտուած է ան տղուն ծունկերուն։ Ամէն ինչ կը թուի իրեն երազ։ Եւ, սակայն, չէր կրնար անտեսել ան ցայտուն իրականութիւնը։ Կը զգար, որ պզտիկ անխոհեմութիւնով մը պիտի ստեղծուէր ամէնէն ահաւոր դրութիւնը։ Կը զգար, որ փաշային տուն դառնալով պիտի պայթէր անխուսափելի աղէտը։ Ծանրօրէն կը ճնշէր իր վրայ գաղտնիքը, որուն կը մնար վերջին վարագոյրը միայն։ Հարցում մը լոկ եւ ահա պիտի բացուէր ան վերջնապէս։ Ու պիտի ցցուէր ահաւոր ճշմարտութիւնը, որմէ կը խուսափէր Այիշէ։ Կը զգար, որ կը մօտենար օրէ օր, վայրկեանէ վայրկեան՝ մահուան, որուն ծարաւը կար արդէն՝ այս բոլոր դէպքերէն առաջ։ Տասն անգամ տղուն անունը կուտայ ան։ Ու սիրոյ խօսքերը կանգ կ’առնեն` անոր ներքին դողէն քայքայուած։ Եւ ահա, արցունքը աչքին, երիտասարդ ու տեսլահար այդ կինը կը մխրճէ նայուածքը ներքին աշխարհին մէջ, ուր կեանքն ու մահը կը դառնան իմաստէ զուրկ։ Երազներու լոյսով բռնկած աչքեր կան, որոնց խաբուսիկ են շօշափելի իրողութիւններն իսկ։ Արեւելեան հէքեաթը քանդակուած անոր հոգիին խորը, պատճառներէն մէկն է, գուցէ, անոր այդ վիճակը։ Կը տանէր ան տղան հեռաւոր երկիր մը։ Հաստատուած են, ահա, անոնք մեծ տան մը մէջ։ Նոճիներով շրջապատուած անտառ մը կայ իրենց շուրջ։ Գետ մը…։

Բայց Արամ կ’առնէ յանկարծ անոր գլուխը ափերուն մէջ։ Այիշէ կը բանայ խոշոր՝ իր աչքերը անոր աչքերուն դէմ։ Ու արցունքները կը գլորին բացուող կոպերուն ու երկար թարթիչներուն տակէն։ Անոնք` այդ արցունքները, ու կնոջ բիբերէն ցայտող կասկածանքի նայուածքը, կը յուզեն այն ատեն տղան, որուն սէրը, սակայն, նախանձէն դրդուած, կը դառնայ վայրագ։ Ճակատէն վազող անձրեւի կաթիլները կը սաստկացնէին անոր այդ արտայայտութիւնը։

-Կը սիրե՛ս… ա՛…, - կը մռլտայ ան։- Չէի գիտեր այսքան ցաւագար ըլլալդ։ Կը դողաս վրան։ Ատոր համար է, որ ձգեցիր ու փախար առջի գիշեր, երբ անոր խօսքը կ’ընէի։ Որովհետեւ Քան Պէքիրն է ան (կը ցնցուի Այիշէ), ան, որ ոտքերուն տակ առաւ հայրս ու խնդալով, ծաղրելով խաղցաւ անոր մինչեւ վերջին շունչին հետ։ Ան է։ Եւ դուք ալ անոր կինը, Թուրք՝ անոր պէս… Պարզ է, որ պիտի վախնաք…Պիտի ուզէք փախցնել, պիտի զգուշացնէք, ի հարկէ, որ չերեւայ ճամբուս վրայ, երբ ասկէ առաջ ամէն օր կը փնտռէր զիս՝ նայելու համար ինծի իր աղտոտ աչքերով։ Պիտի սպաննեմ զայն… ուր որ ալ փախի… ըսէ՛ք իրեն… կամ ես կ’ըսեմ… հարկաւ պիտի գայ հիմա։

-Արա՜մ…

-Ոչ… Չեմ ուզեր, որ շահագործես սէրս։ Ամօթը պիտի ճնշէ կեանքիս վրայ, եթէ ձգեմ, որ խաբես զիս ու փախիս օր մը։ Կեանքս ցնցուեցաւ այս քանի մը օրուան մէջ ու պիտի խորտակուի անիկա, երբ այս բոլորէն վերջ մնամ առանձին` կորսնցնելով թէ՛ քեզ եւ թէ՛ այդ հրէշը։

Կը ձգէ տղան անոր գլուխը։ Կը դառնայ ան սենեակին մէջ, ինքզինքէն ելած։ Անոր աչքին զարկած էին կնոջ մետաքսէ բիժաման, անոր լոգարանին իրերը, անոր անկողինն ու հանդերձարանը։ Ու, հակառակ իր սիրոյն, կ’ատէր ան հիմա այդ բոլորը` կնոջ այլասիրած հարուստի կեանքը եւ փաշային կողոպտած դրամները տեսնելով անոնց մէջ։ Կ’ատէր ան զանոնք տակաւին անոր համար, որ իշխանուհին, կապուելով անոնց, արհամարհած էր իր աղքատութիւնը։ Ու Արամ նկատել տուաւ իր այդ ատելութիւնը։

-Հազարաւոր զոհերու արիւն… Անով է, որ կը խաբէ քեզ փաշան։

-Գիտեմ…, - շշնչաց իշխանուհին` դէմքը տղուն ուղղած։ Ու այդ տժգոյն, այդ տառապած դէմքը վսեմ արտայայտութիւն մը ունէր, մարտիրոսացող հոգիի մը մեծութիւնը։

-Ինչո՞ւ չես ձգեր այն ատեն, այս բոլորը…, - ու մտածեց` գիտէ ուրեմն…

-Պիտի ձգեմ Արամ։

-Սո՛ւտ…, - կը պոռայ միւսը զայրացած, - ամբո՛ղջ կեանքդ ծախած ես ատոնց համար։ Կարելի՞ բան է, որ ձգես հիմա… Եթէ ասոնք չեն, այն ժամանակ քու փաշադ է, որ կը հրապուրէ…

  -Ո՛չ, ո՛չ…, - կը վախնայ ցոյց տալէ իր ատելութիւնն իսկ։ Կծկուած է ան իր տառապանքին մէջ ու կը վախնայ բառերէն։ Ոչ մէկ խոստովանութիւն, որուն այնքան կը սպասէր Արամ։ Ինչպէ՞ս շարունակել մեղքը, եթէ եղբայր մըն է ան։ Ինչո՞ւ յայտնէր գաղտնիք մը, որ պիտի քայքայէր, քաոսի վերածէր իրենց սէրը։ Յայտնե՞լ իր ազգութիւնը։ Անկարող էր ան ընելու ատիկա, ամէն անգամ, որ կուգար շրթներուն վրայ։ Մատնած պիտի ըլլար ամէն ինչ։ Կը վախնայ նայելէ տղուն, որ նոյնքան անորոշ է, տարտամ, երազային, որքան տեսիլքը, որ տեսաւ ան։ Նայիլ անոր իբրեւ ի՞նչ։ Իշխանուհին կը վախնայ, որ իր նայուածքը կը պոռայ` ինչ որ ծածկել կ՚ուզէ ինք։ Ու կը մտնեն անոնք, մութին մէջ, քիչ-քիչ, երկուքին ալ փափաքին համաձայն։

-Արա՜մ…

***

Կը լսուի անձրեւին կտցահարումը ապակիներուն վրայ։ Կը լսուի կառքի մը փողը` եզան պոռչտուքին պէս այլանդակ։ Ու անիւներուն հրդեհը՝ թաց սալարկներուն վրայ։ Հեռաւոր զանգակ մը, որ, ուրկէ ո՞ւր, կ’արթնցնէ դպրոցի մը յիշատակը։ Այիշէ գրեթէ տարի մը ֆրանսական սէօրերու վարժարանը գացած է։ Ովասիս մըն է այդ շրջանը իր մենաւոր աղջկայ յիշատակներուն մէջ։ Ու միակ քաղցրութիւնը, որ կրնայ յարութիւն առնել տխուր ժամերուն։ Կ՚ըմբռնէ իշխանուհին հիմա, թէ ինչո՞ւ այնքան կարճ տեւած էր այդ շրջանը։ Թէ ինչո՞ւ արգիլուած էր իրեն բարեկամանալ հայերու հետ։ Թէ ինչո՞ւ բռնադատուած էր ան խստօրէն, երբ կը տարուէր քրիստոնէութեան երազով։ Թէ ինչո՞ւ… ինչո՞ւ… Փողոցէն ելլող ոտնաձայն մը սթափեցուց զայն։ Ոտնաձայնը հալեցաւ անձրեւին աղմուկին մէջ։ Բայց Այիշէ չկրցաւ հանդարտիլ այնուհետեւ։ Ուզեց, որ մեկնի տղան, որուն կեանքը թանկագին էր հիմայ իրեն համար։ Խոհեմութիւն թելադրեց ան անոր։ Ու արցունքը կ’իջնէր։

-Գնա՛, գնա՛, - հեկեկաց ան, - ալլահ աշքընա… Մեղքըցիր զիս, եթէ կը սիրես, եթէ կ՚ուզես որ քովդ գամ… գնա՛ Արամ, կը պաղատիմ… գիշեր չեղած պիտի գամ գտնել քեզ… կը խոստանամ… հաւատա՛ ինծի… ձգէ, որ հասկնամ իր բերնէն… տեսնենք ճիշդ է… կը ճանչնա՞յ հայրդ…

-Ճի՞շդ, ճի՞շդ, - կ’աղաղակէ Արամ, - իմ արիւնս չի խաբեր զիս, Այիշէ՛… Ան է… իսկ եթէ կ՚ուզես համոզուիլ, ըսէ իրեն` ես Կարապետ էֆէնտիին տղան եմ… կը տեսնես այն ատեն իր դէմքին արտայայտութիւնը… կը տեսնես, որ ան է…

Յետոյ տրտում, ընկճուած վրէժի ու սիրոյ հակամարտութենէն՝ կը խաղաղի, կը խորանայ անոր ձայնը։ Բառերը հատիկ-հատիկ կը փրցուին սրտէն…

-Ի՞նչ կեանք… Եւ ոչ ոք, որ հասկնայ…

Դանդաղօրէն, այն ատեն, Այիշէ մօտեցաւ անոր։ Իր քալուածքը կ’ըսէր, որ խորապէս կը զգար ան տղուն ողբերգութիւնը։ Փաթթուեցաւ անոր կուրծքին, աւելի` սրտին, ուր գտեր էր բացառիկ մեծութիւն մը։ Ու մեծցաւ անոր լացը։ Յորդեցաւ անիկա, ընկճուած ան ալ, իր զսպումներուն մէջ։ Որքա՜ն համաձայն էր ան անոր, այդ պահուն, հակառակ, որ չբացաւ բերանը։ Երբեք իր հոգին մօտ չէր եղած այդպէս ուրիշ հոգիի մը։ Ու երբեք անիկա պէտքը չէր զգացած այդպէս, նուիրուելու ուրիշի մը։ Այիշէ կուլար ու կ’որոշէր մէկ կողմէն միջոցները, որոնցմով պիտի փրկէր անոր կեանքը։

Տղան կը տեսնէր անոր այդ տառապագին դէմքը դուրսէն ինկող պզտիկ լոյսի մը տակ։ Ու կտոր-կտոր կուգար իր սիրտը անոր արցունքին ամէն մէկ կաթիլին հետ։ Բառ չունին մեծ յուզումները։ Զգացնելու համար Արամ իր սէրը, իր գորովը, շոյեց կնոջ գլուխը եւ մեկնեցաւ` գոհացում տալու համար անոր։

Եռացող ջուրի մը ձայնին պէս խուժեց անձրեւի ձայնը, երբ բացուեցաւ պատուհանը։ Ու տղան յուսաբեկ էր` դժոխք մը նետուածի չափ։

Պարտուած կը զգար ան ինքզինքը, կորսնցուցած իր սէրը։ Ու կը դողար ան տենդէն` հակառակ ցուրտին։ Հալած ու տաք կապարէն աւելի ծանր էր անոր ուղեղը։ Կ’երթար ան մութին մէջ` անկարող քալելու, յոգնած, բայց անկարող նոյն ատեն մտնելու իր խուցէն ներս, ուր մեռելները իրեն կը սպասէին։

Խորունկ յուզումները կ’աւրեն յաճախ անսպասելիօրէն հոգիին բոլոր աւելորդ տարրերը, անոնք, որ կը ստացուին դուրսէն ամէն վայրկեան` գիտակցաբար, թէ անգիտակցօրէն։ Ահաւոր է մարդու մը կեանքը, երբ կարելի կ’ըլլայ, փետրաթափ ընելով, տեսնել զայն շարժող արտաքին թելերը։ Ուրիշներու կարծիքներն ու խօսքերը, ուրիշներուն շարժումներն ու ցանկութիւններն են, որ կը կազմեն յաճախ մարդ մը։ Հոկսէ՝ մեծ ողբերգութիւնները, որ տեղի կ’ունենան կարգ մը հոգիներու մէջ ստացական ու բնածին տարրերու բախումէն։ Հոտկէ՝ անձնականութեան խեղճութիւնը։ Մարդու մը կեանքը կը շինուի տիեզերական անտեսանելի ազդեցութիւններու ու շուրջի մարդկային պայմաններու համաձայն։ Համակերպում, քայքայում մըն է մարդու մը կեանքը` յանուն կաղապարի մը։ Այսպէս է, որ կը բացատրուին բազմաթիւ բաժանումները տիպարներու, նոյն ըմբռնումի ու ճաշակի մարդերը։ Այսպէս է, որ կ’ապահովուին դիրքերն ու յաջողութիւնները։ Մարդ մը, որքան տարիքը առնէ, որքան շատ ամբարէ օտար տարրեր, այնքան շատ մատչելի կ’ըլլայ նմաններուն։ Կեանքը այլասերում մըն է, եւ քիչերն են, որ կը խուսափին անկէ։ Մտաւորականութեան մեծ տոկոսն իսկ զերծ չէ այդ օտարացումէն, ինչպէս եւ հաւատացեալներուն մեծ մասը։ Կապկութիւն մըն է։ Սէրն ու հաւատքն են միայն, որ կրցած են ատեն-ատեն, հոգիները առաջնորդել իրենց նախնական կուսութեան։

Այս գծին վրայ կարելի է դնել մեր տղան, որուն մէջ սէրը կ’աշխատի մէկդի ընել բառերու կոյտը, վրէժին կրակէ վարագոյրը։ Կը դիմէ ան դատաստանի մը, որմէ կը վախնայ ու կ’ամչնայ ինքն իսկ։ Աւազակ մը, բարբարոս մը մեղաւոր չէ այնքան, քանի որ աւազակ է ու բարբարոս։ Եւրոպական պետութիւններն են, որ ջարդած են իր ժողովուրդը։ Թուրք կառավարութիւնն է, որ ջարդած է իր սիրելիները` օտարներու մղումէն առաջնորդուած, եւ ոչ թէ ժողովուրդը։ Ու թուրք եւ օտար կառավարութիւն ըսելով` պէտք է հասկնալ «տէօնմէ»ներու, հրէաներու կառավարութիւնները։ Հրէան հալածած է միշտ հայը` իր մրցորդը, իր եղբայրը։ Արամ կը բացատրէ ասիկա՝ առասպելներէն մեկնելով։ Ինչո՞ւ Աւետարանին մէջ Նոյի տապանը կ’իջնէ Արարատի վրայ։ Ինչո՞ւ դրախտը Հայաստանի մէջ է։ Վերցուցէք «հրէային» երկու տառերը եւ կ’ունենաք «հայ»ը։ Ծիծաղելի պիտի գտնէք այս ենթադրութիւնները, բայց անոնք կը ձգտին արդարացնել տղուն մէջ թուրք ժողովուրդը, որուն մէջ տեսաւ ան իր մանկութեանը, ազնուական դէմքեր ու մեծ առաւելութիւններ։ Ընդհակառակն, դառն յիշատակներ են հայ որբանոցներու մէջ կրած իր զրկանքները, տեսած գողութիւններն ու սնափառութիւնները, դաստիարակութեան մը վատ ազդեցութիւնները, ճակատին վրայ իր ունեցած յուսախաբութիւնները։ Չէ մոռցած աջէն ու ձախէն ստացած հարուածները։ Ու ստրուկ ու վատոգի ժողովուրդ մըն է, որ կը յայտնուի իրեն, ժողովուրդ մը, որուն հայրենասիրութեանն իսկ կը կասկածի հիմա, երբ կը քալէ անձրեւին տակէն` տանելով միսմինակ իր ողբերգութիւնը, հակասական հոգին։ Բայց իր աչքերը կը լեցուին, ու կը սարսափի ան իր այդ ուրացումէն, ու մեռելները կը ճնշեն սրտին վրայ։ Բայց փաշան կը դառնայ վայրկեանէ վայրկեան աւելի ատելի։ Բայց սէրը մեղք մըն էր այնքան ատեն, որ պիտի արգիլէր իրեն վրէժին իրագործումը… Ու կը հեծկլտար ան.

-Հայ ես դուն, Արամ, հա՛յ ես դուն… հա՛յ… կը հասկնա՞ս…

Անձրեւները կ’ուշացնէին մեկնումը։ Բայց փաշան գտաւ միջոցը՝ փարատելու համար իր վախը։ Իրիկունը` ճաշէն վերջ, առաջնորդեց կինը պանդոկին մեծ սրահը, ուր ձայնագրի մը նուագով կը պարէին վարձակալները։

Նստած են անոնք` այր ու կին, կլոր սեղանի մը առջեւ, անկիւն մը։ Տաւուտ փաշա դրած է ձեռքերը ոսկեգոյն գաւազանի մը վրայ։ Խմած է թէյը։ Շաքար մը կը ծծէ։ Այիշէ կը ծխէ ու ատեն-ատեն կը խմէ իր քօնեաքը։ Թաց են անոր աչքերը տակաւին։ Խաղաղ նայուածքով մը կը հետեւի պարողներուն։ Հանդարտ է անոր կեցուածքը։ Չէ խնայած ան սովորական արդուզարդը։ Նոր յարդարուած են, կարծէք, ծոծրակին վրայ ոլորուող իր մազերը։ Վիզին շուրջ ունի ճերմակ ու լայնեզր օձիք մը` նոր օսլայուած։ Ասիկա կուտայ իրեն դպրոցական աղջիկի մը երեւոյթը։ Դրած է բաց վիզին շուրջ յակինթէ խոշոր մանեակ մը, որ շինուած է, կարծէք, իրիկնամուտի դեղին արեւի կտորներովը։ Ուսերուն վրայ ձգած է աղուէսի գորշ մուշտակ մը, զոր կը տեղաւորէ ատեն-ատեն իր երկար ու մատնեզարդ մատներով, որոնց վարդագոյն եղունգները կը փայլին` ապակիի պէս։ Նետած է ծունկը ծունկին։ Սեղմուած են զիստերը սեւ սաթէնէ քղանցքի մը մէջ։ Սեղմուած է մէջքը օձի մորթէ գօտիով մը, որուն երկու ծայրերը կը միանան պորտին վրայ ադամանդակուռ օղակով մը։ Կուշտին ունի ան հայելի մը, որուն մէջ կը նայի մերթ ընդ մերթ։ Կը նայի, թէ դէմքը կը մատնէ՞ ոեւէ յուզում։ Ոչ, անիկա խաղաղ է, ինչպէս պիտի ըլլար ինքզինքին տէր մէկու մը դէմքը։ Բայց, անշուշտ, այնպէս, ինչպէս կը պատահի հրդեհի մը պահուն, երբ ամէն յոյս կորսնցուցած՝ ժողովուրդը անձկութեամբ կը սպասէ բզկտուած տան փլուզումին։ Միւս կուշտին` պատուհան մը, որուն կը դպի ատեն-ատեն` նայելու համար դուրս, երբ անձրեւը կը քսուի ապակիին ու բան մը կը շշնջայ, կարծէք։ Դուրսը` ջուրերուն մէջ, փռուած է պանդոկին կարմիր լոյսը։ Փռուած է արիւնի պէս, ամայի փողոցին վրայ։ Մաստաքէի շողը ունին Այիշէի աչքերը, երբ կը նային լոյսին անշարժօրէն։ Յոգնած, բայց ուժեղ արտայայտութիւն մը ունին սեւով եզերուած այդ աչքերը։ Նուաղուն նոյն ատեն։ Նուագը կը պեղէ իշխանուհիին հոգեյատակը։ Անիկա ամփոփուած է հիմա, ինչպէս կ’ըլլայ մահամերձներու կեանքը։ Ո՞վ պիտի ըսէր։ Ո՞վ պիտի տեսնէր անոր այդ խաղաղ դէմքին, այդ աստուածային ճակատին ետին մտածումը, որ բացուած է անդունդի մը պէս։

Շուրջը՝ պարին ձայնը՝ մոմած տախտակամածին վրայ։ Արեւէն ու լոգանքէն զրկուած մարդոց խօսակցութիւն։ Գորշացած դէմքեր, արեւէն այրած ուսեր, քարածուխի պէս փայլող աչքեր։ Գէր կին մը կը նկարագրէ մօտակայ գիւղ մը իր կատարած ճամբորդութիւնը։ Նկարիչ մը կը խօսի իր գծած նկարներուն եւ նկարչական ցուցահանդէսի մասին։ Ձիարշաւի խօսակցութիւն՝ ուրիշ անկիւն մը։ Խնդուք։ Եռուզեռ թեթեւսօլիկ երիտասարդներու։ Սեղանէ սեղան շրջող երեխաներ ու զանոնք սաստող կամ սիրող խօսքեր։ Ձանձրոյթ։ Ձանձրացուցիչ տեսարան՝ Այիշէի համար, որ կը տեսնէ այդ բոլորին մէջ կապկութիւն ու անմտութիւն։ Անոր աչքէն չի խուսափիր յիմար արբեցումը պարողներուն։ Անոնց յաւակնոտ թաւալումները, ծածուկ ու սնամէջ սիրոյ արտայայտութիւնները։

Եկածէն ի վեր կը դիտէ բարակ, այլասերած դէմքով երիտասարդ մը, որ տախտակամածէն ծառ մը քաշելու պէս կը վերցնէ, կ’օրօրէ թեւին տակ սեղմած պարուհին։ Այիշէի հետաքրքրութիւնը աճած է անով մանաւանդ, որ երիտասարդը կը նայի շարունակ փաշային։ Ու կը շտկուի, կը հազայ փաշան ամէն անգամ։ Այիշէ բնաւ չէր տեսած այդպէս սողունի ժպիտ մը, երբ երիտասարդը մօտենալով կը ժպտէր իրենց։ Չէր տեսած այր մարդու մը դէմքին վրայ այդքան փետուած յօնքեր, քսուած աչքեր, բրնձափոշիով ծեփուած այտեր։ Չէր տեսած… ու կը նայէր ան, զզուանքով եւ հետաքրքրութիւնով անոր` կնոջ ձեռքերու պէս խնամուած ձեռքերուն, իւղով ու անուշահոտութիւնով ծեփուած մազերուն, անոր իգական քալուածքին։ Փաշային` առանց բացատրութեան սրահէն դուրս ելլելով, անոր ետեւէն երթալը կը պարզէ ամէն ինչ։

Իշխանուհին չըմբոստացաւ այդ արարքին դէմ։ Այնքան մեծ էր իր զզուանքը։ Ատեն ալ չունեցաւ։ Անզգալաբար դարձուցած էր ան աչքերը պատուհանին՝ Արամին մտածումէն տարուած, ու տեսեր էր յանկարծ զայն դուրսը` անձրեւին տակ, հազիւ քայլ մը անդին։ Ներսէն գացող լոյսը ինկած էր անոր վրայ, ու անոր դէմքը առած էր մեռելային դժգոհութիւն մը։ Եկած, կեցած էր ան, ինչպէս պիտի գար ու կանգ առնէր անակնկալօրէն՝ փրկարար տեսիլքի մը՝ տառապող հոգիի մը առջեւ։ Ու դողը անցաւ իշխանուհիին մարմնէն։ Ոտքի ելաւ ան յանկարծ` հազիւ հազ ծածկելով իր յուզումը։ Իմաց տալ կուտայ փաշային իր մեկնումը։ Հովանոց մը կուտան իրեն պանդոկին դուռէն։ Կ’առնէ` առանց մտածելու։ Իր ամբողջ մտածումը հոն է` տղուն, որուն դէմքը վախ կուտայ իրեն։ Որուն նայուածքը ներսն է, տակաւին, երբ իշխանուհին մօտենալով կը քաշէ անոր թեւէն ու կը փսփսայ.

-Եկո՛ւր։

Կը սպասէ քանի մը վայրկեան։

-Եկո՛ւր Արամ…

-Ո՛չ…

Ու Այիշէ կը տեսնէ, որ կը դողայ ան ու կ’աշխատի խուսափիլ իրմէ։ Կը նկատէ այն ատեն, վեր վերցնելով Արամի ձեռքը, զէնքի մը փողը անոր մատներուն միջեւ։

-Ա՛հ…

Զզուելի գտաւ Արամ կնոջ այս սոսկումը։ Կը հրէ ան իշխանուհին՝ ինքզինքէն ելած մարդու բրտութիւնով մը, կը նետուի քայլ մը անդին` զայրացած այս անակնկալ արգելքէն։ Բայց նոյնքան արագ ոստումով մը կինը կը փաթթուի անոր։ Կը մնան անոնք այդպէս պահ մը, աչք աչքի։ Կը դողան անոնք, մէկը` բարկութենէն, միւսը` վախէն։ Ոտնաձայն մը կը փրկէ զանոնք այդ դրութենէն։ Արամ կը ստիպուի պահել զէնքը։ Անցորդը կը մօտենար։ Այիշէ կը քաշէ տղուն թեւէն։ Ու ասիկա կը հետեւի անոր, փլած ուսերով։ Այս բոլորը կը պատահին խիստ արագօրէն, հովի մը պէս, որ կը նուաղի` հազիւ բարձրացած, հրդեհի մը պէս, որ կը մարի` հազիւ բռնկած։

Արամ լուռ է ամբողջ ճամբու ընթացքին։ Անոր մտածումը չի գործեր։ Անոր աչքերը չեն տեսներ։ Կախած է անձրեւէն թրջած գլուխը։ Կինն է, որ կ’առաջնորդէ զինքը, կը զգուշացնէ ջուրերէն։ Որքան շուտ է իր բորբոքումներուն մէջ, այնքան արագ ուժաթափ կ’ըլլայ Արամ։ Այիշէ կը կոխէ ձեռքը անոր գրպանը ու կ’առնէ զէնքը, կը դնէ պայուսակին մէջ։ Ու տղան ոչ մէկ ձայն կը հանէ, ոչ մէկ բողոքի շարժում կ’ընէ։ Այիշէ, թեւը մտած, կը խօսի անոր իր կրած յուզումներուն մասին։ Անտարբեր է Արամ։ Չի լսեր, չի զգար։ Կինը կը շոյէ անոր թաց մազերը, կը սրբէ թրջած այտերը, կը համբուրէ։ Կը կանչէ.

-Արա՜մ, Արա՜մ, խօսէ Արա՜մ…

Տղան սուզուած է ովկիանոսներէն խորունկ իր հոգիին խորը։ Յոգնած։ Տաք, տաք է ան։ Անձրեւը կը մտրակէ անոր տենդոտ դէմքը։

-Կարեւոր ըսելիքներ ունիմ այս գիշեր, - կը շարունակէ իշխանուհին, - վերցո՛ւր գլուխդ, Արա՛մ, այս ի՞նչ վիճակ է…

Տան շուրջը կը ծծուէին, կը ծամծմուէին հողերը` միսերու պէս։ Ներսը՝ խոնաւ անկարգութիւն, թափթփած իրերու տրտմութիւն։ Տղան նստած է մահճակալին ծայրը։ Ականջ կուտայ ծովուն, որ կը լսուի շատ հեռուներէն։ Այիշէ կ’աղաչէ, որ հանուի ու անկողին մտնէ ան։

-Մեղքցիր զիս, Արամ… Այնպէս ձեւ մը առած ես, որ կարծես կ’ատես զիս։

-Կ’ուզէի ուրախութիւն տալ քեզի, եւ հակառակը եղաւ, - կը պատասխանէ վերջապէս Արամ ջղայնոտած ձայնով մը։- Չեմ կրնար, չեմ կրնար տանիլ, կը հասկնա՞ս… Ամէն ինչ քանդուեցաւ…

-Չէ, չէ քանդուած, Արամ։

Ու արցունքները կը հոսին առատ Այիշէի աչքերէն։ Իրականութեան մէջ ինքն ալ կը զգար ատիկա։ Գիտէր, որ մոխիրի վերածուած էր ամէն ինչ։ Բայց իր քայքայուած սէրէն դուրս կար ու կը մնար մարմինի թագուն սէրը։ Անասնական, անջնջելի բան մը, որ պիտի մնայ ու պիտի տեւէ բոլոր յուսախաբութիւններէն, հոգեկան բոլոր սպառումներէն վերջ։

Իշխանուհին կուլար խաթարուած երջանկութեան համար, որ այնքան գեղեցիկ պիտի ըլլար, այնքան մաքուր։ Գիտէր, որ վերջացած էր ամէն բան։ Տղան ըսած էր բնազդօրէն, զգացած էր` ինչ որ Այիշէ կը պատրաստէր վաղուան համար։ Գիտէր, որ քանի մը ժամ վերջը պիտի չտեսնէր այլեւս զայն, եւ անոր հետ պիտի ջնջուէին կեանքի բոլոր երեւոյթները, տարիներու բոլոր լոյսերը, երազները, սպասումները, տառապանքները։ Բայց բան մը կայ որ պիտի մնայ ու անցնի մահէն անդին։ Իշխանուհին կը զգայ զայն իր ամբողջ հոգիին վրայ։ Անով է արդէն, որ կը տեսնէ ան տղան, իրերը, անցեալ իր կեանքը։ Մահուան մէջէն է, որ կը նայի ան այդ բոլորին։ Եւ ատով է, որ կ’աշխատի ան զսպել իր յուզումը, իր զղջումը, որ կը պոռթկայ ամէն վայրկեան իր մտածումին խորէն։

Կեանքի կուգայ Արամ, քիչ-քիչ, ի տես անոր այս տառապանքին, որ մութ, տարօրինակ կը թուի իրեն։ Ինչե՛ր պիտի չընէր անոր երջանկութեանը համար։ Կը գրկէ զայն, քիչ-քիչ, կ’առնէ անոր գլուխը թեւերուն մէջ։ Կը համբուրէ անոր ողողած այտերը։ Կորսնցուցեր է ըսելիքը։ Բայց անոր ամէն մէկ շարժումը կը յայտնէ առատ սէր մը։ Պահեր կան, որ մարմինէն կը սպասուի հոգիին չկրցածը։ Բայց կը շարունակուի կնոջ լացը մութին մէջէն։ Ու կը կոտրի տղուն մէջ ամէն թափ։ Կ’արիւնի հպարտութիւնը։

-Եթէ չես ուզեր զիս, ինչո՞ւ կուլաս Այիշէ, - կ’ըսէ ան։

-Ատոր համար չէ, որ կուլամ։

-Հապա՞…

-Չեմ գիտեր, Արամ։

Ու չըսաւ անիկա` ինչ որ կը մտածէր, մտածեր էր օրերէ ի վեր։ Արամ չպնդեց երկար։ Փաշայէն զատ ոչ մէկ պատճառ կրնար ըլլալ։ Այդպէս էր, որ կը խորհէր ան։ Ու տենդ մը կը թուլցնէր, կը տկարացնէր անոր կորովը։ Յոգնութիւն մը կար անոր ամբողջ մարմինին վրայ։ Շշմած, բարոյալքուած էր ան՝ իր կրած գահավիժումէն։ Կը վառէին փոսփորի պէս անոր աչքերը։ Կը վառէր տենդէն անոր կոկորդը։ Ու ո՛չ կինը եւ ո՛չ ալ կեանքը կրցան փրկել զայն զառանցանքէն, որուն կը յանձնուէր քիչ-քիչ։ Սենեակը կը սահէր, կը գահավիժէր։ Կը սահէր անոր հետ եւ ինքը` Արամ, տարօրինակ զառիթափէ մը վար, որուն կողերուն վրայ կը տեսնէր երբեմն լուռ, երբեմն արտասուահեղձ ստուերներ։ Տենդը դարձուցած էր զինքը յստակ, տուած էր իրեն բոլոր իրերուն ու բոլոր ժամանակներուն մէջ թափանցելու կարողութիւն մը։ Տենդը կը տարածէր իր վրայ մամուռի թաւշոտ ու պաղ խաւ մը։

Իր մարմինը կ’ընդլայնէր երբեմն։ Ու խոռոչ մը կը բացուէր յանկարծ անոր վրայ։ Ու կը բարձրանային իր ծոցէն մարդոց պէս խօսող թռչուններ, որոնք կը տանէին միսի արիւնոտ կտորներ։ Արամ տեսաւ դիակներ, որ կը նայէին իրեն ծառերու մէջէն։ Լսեց ձայներ, որ կը պատմէին քահանայի մը սպանութիւնը։

Տեսաւ ջորիի վրայ նստած թրքացած հայ կին մը, որ դարձուց իր գեղեցիկ դէմքը անդին ու լացաւ։ Մտաւ Արամ սենեակէ մը ներս, յետոյ ուրիշ սենեակէ մը, հասաւ մութ տեղ մը, ուր լսեց ան, ուրիշ լաց մը, որ կուգար պատի մը ետեւէն։ Դարակի մը դուռը կէս մը բացուեցաւ յանկարծ, ու Արամ տեսաւ երիտասարդ ուրիշ կին մը` տժգոյն ու արտակարգօրէն գեղեցիկ։ Անոր լացը արձագանգ գտաւ յանկարծ սենեակին մէջ, ուր եկան կանգնեցան մէկ առ մէկ, դողդոջ ու յուզուած մամիկներ, որոնց շարժումները կը մատնէին մեծ ողբերգութիւն մը։ Անոնք բոլորը կ’արտասուէին։

Տղո՛ւն մէջէն կը հոսէր տենդերուն ամէնէն յորդ հեղեղը, ամէնէն տաքը։

Այիշէ նայեցաւ` զարմացած անոր այդ լռութենէն։ Արամ զգաց մատներու հպում մը։ Անիկա դարձած էր տղու պէս բան մը այդ սիրելի մատներուն տակ։ Իշխանուհին տեսաւ եղբօր մը նայուածքը։ Տղան իր անունը կուտար։ Ու մէջ ընդ մէջ անիմաստ բառեր։ Վայրկեաններով կը դառնար ան յստակ եւ կը խօսէր փաշայի վատութիւններու մասին։ Յուզուած։ Յետոյ կը խանդավառուէր ան երբեմն ու կը նկարագրէր իր տեսած հայ հերոսները, բանակները։ Կը պատմէ իր` Հայաստան կատարած ճամբորդութիւնը։ Տեսած քաղաքները, գետերը։ Կը գովէ պտուղները, արեւը… Եւ կանգ կ’առնէ յանկարծ։ Կը սուզուի վերստին։

-Այիշէ՜…

Կրակի պէս բան մըն էր մութին ու անձրեւին մէջէն լսուող այդ ձայնը։

-Հոգիս, - կը շշնջայ ան։

-Շատ ցաւցուցի՞ քեզ քիչ առաջ։ Վախցուցի՞։ Այիշէ՜, իմ Այիշէ՜ս…

-Պէտք չէր փորձել… Ըրածդ գէշ բան էր… Յանցանքը իմս էր, որ ուշ մնացի։ Բայց չէի կրնար գալ։

-Չէի կրնար չընել…

Սուզուեցաւ անիկա, ինչպէս ելած ու սուզուած է հայուն ճակատագիրը դարերու ընթացքին։ Ու Այիշէ կարծեց, որ կը քնանար ան։

-Հանգստացիր… Աս ի՜նչ տաք ես…

Անձրեւի կաթիլ մը թրթռաց լարի մը նման։ Դողաց տղուն շրթունքներուն վրայ հայերէն ձայն մը, զոր Այիշէ կրկնեց անզգալաբար.

-Կը սիրեմ քեզ…

Այիշէ կը նայէր տղուն այնպէս, ինչպէս պիտի նայէին սիրտը բարձրացնող սուրբի մը պատկերին։ Անոր շնորհիւ էր, որ կը հասնէր ան այնքան ցանկալի հոգեկան բարձրութեան, առաքինութեան։ Օ՜, սէ՜ր… Այիշէ գոհ էր սրտին խորէն այդ հանդիպումին համար։ Ու անիկա գոհ էր մանաւանդ, հակառակ իր լացին, այդ արտակարգ սէրէն, որ, հազիւ ողողած զինքը, կը քաշուէր եւ կը բանար իր առջեւ, տեղատուութեան մը պէս, յաւիտենականութեան մը անապատը։ Այնքան թափանցած էր տղան իր մէջ, որ անիկա չէր վախնար կորսնցնելէ զայն։ Իրեն կը թուէր, որ պիտի ըլլար անոր հետ մահուան մէջ ալ։ Օ՜, սէ՜ր… Անիկա պիտի ըլլար աւելի վառ, որքան հեռանար, որքան մղէր զինքը՝ աւելի վեր։ Ու այսպէս, ամէն գնով հեռանալու որոշումին տակ, Այիշէ կը հանէ իր վրայէն, բոլոր գոհարները, կը դնէ զանոնք սեղանին։ Ու կորովի ու գինով՝ իր տառապանքին մէջ, կը պատրաստուի մեկնիլ։ Տղան կ’աղաղակէ։

-Արաքսի՜…, - կը խօսի տեսիլքներուն…

-Ի՞նչ ըսիր, - կը հարցնէ իշխանուհին վախով։

-Ի՞նչ… Հը՜… Այիշէ… բա՞ն մը ըսի, - կը բացագանչէ Արամ։ Որքա՜ն վախով բացատրեց երազը։ Որքա՜ն նուիրումով փաթթուեցաւ կնոջ մէջքին ու խնդրեց, որ իշխանուհին շրթները բերէ իր շրթունքներուն։ Մերժուեցաւ իրեն, սակայն, հակառակ սիրոյ խօսքերուն, այդ համբոյրը։ Այիշէ պառկեցուց զայն։

-Պզտիկ տղու մը կը նմանիս Արամ… Բնաւ խելօք չես մնար… դի՜ր գլուխդ բարձին, այդպէս, հա՛… Քնացիր…

-Ինչո՞ւ չես ուզեր համբուրել Այիշէ…, - կը շշնջայ տղան, - չեմ հասկնար… Բան մը ունիս… Բայց չեմ հասկնար…

Իշխանուհին չլսեց այլեւս հատ ու կտոր, հետզհետէ նուաղուն բառերը տղուն, որ կը սուզուէր երազներուն խորը։ Լուսամուտէն երեւցող երկնքի կտորին վրայ անիկա կը տեսնէր շրթունքի նման բան մը։

-Քոյրս ողջ է, գիտե՞ս, Այիշէ… Ողջ է, բայց չեմ գիտեր, թէ ո՞ւր է… Աքսորէն դարձող կին մը ըսաւ…

Այիշէ կը նայէր, սակայն, անհամբեր տեսիլքին, որ, հազիւ երեւցած, կը ձուլուէր պարապին հետ։ Կը ծփար ան հեռուն` յայտնուելով ու անյայտանալով մերթ ընդ մերթ։ Կը փակէր ան շրթունքները, մահամերձի մը պէս, հազիւ բացած զանոնք։ Ժպիտին հետ ունէր անիկա հիմա ցաւի ծամածռութեան հասնող արտայայտութիւն մը։ Իշխանուհին կ’ապշէր անոր ու Արամին նմանութենէն։ Կը հիանար ու կը փսփսար ան՝ անով հիբնոսացած։ Բայց, հազիւ նշմարած զայն, կը հոսէր ան, կը տարածուէր, թանձր հեղուկի մը պէս, այլակերպուելով ու փաթթուելով ամպերուն։ Ամբողջ երկինքը կ’առնէր այն ատեն ահարկու կերպարանք մը։ Ու կը դողար իշխանուհին։

-Այիշէ՛, - կ’աղաղակէ տղան քունին մէջէն, - պաշտելի ես Այիշէ՜։

Իշխանուհին կը դառնայ, կը դնէ ձեռքերը անոր գլխուն։ Ու հակած այդ առնական դէմքին վրայ, զոր հազիւ կը նշմարէր կիսամութին մէջ, կը մօտեցնէ ու կը հեռացնէ շրթները` անկարող համբուրելու։ Կը վախնար ինքզինքէն։ Կը վախնար, որ ներսէն պոռթկար յանկարծ յայտնութիւնը եւ պոռար.

-Եղբա՜յրս, իմ խեղճ եղբա՜յրս…

Լեցուեցան իշխանուհիին աչքերը։ Ու դուրս ինկաւ խելակորոյս։

***

Առաւօտը կը բացուէր քիչ-քիչ՝ հսկայ ծաղիկի մը պէս։ Դադրած էր անձրեւը։ Հոս ու հոն հազիւ քիչ մը ջուր։ Աջէն ու ձախէն կ’իյնային վերջին կաթիլները ու տրտմութեամբ կը թրթռային կիսամութին մէջ։ Իշխանուհին հանդարտ, բայց վճռական ուղղուեցաւ դէպի տուն։ Շուն մը, ցատկելով պառկած տեղէն, կանգ առաւ ու նայեցաւ անոր։ Կը զարմանա՞ր։ Փողոցին անկիւնի հացագործը փեղկերը կը բանար։ Երջանիկ մարդու տպաւորութիւն ձգած էր ան միշտ Այիշէի վրայ։ Որքա՜ն նախանձած էր յաճախ անոր տգէտ ու գործաւորի կեանքին։

Արցունքը կը վազէր Այիշէի այտերէն։ Փրփրուն ու յորդուն բան մըն էր անոր հոգին։ Անիկա կը փնտռէր պարպուելու տեղ մը։ Իշխանուհին ունեցած էր ժամանակին մտերիմ ընկերուհի մը, որուն տուած էր իր առաջին գաղտնիքները, անոնք, զորս երիտասարդ աղջիկները կ’ունենան կեանքին սեմին։ Թրքուհի մը, որ յոյսեր ու մխիթարութիւններ կը բերէր իրեն։ Բայց իր հպարտ խառնուածքը չէ հանդուրժած անոր ալ։ Այդպէս է, որ պաղած էր ան անկէ, երբ Պոլիս էր տակաւին` հակառակ անոր, որ անիկա սիրած էր միշտ զինքը։

Այսպէս է, որ վերջէն գրած ու պատռած էր Աթէնքէն, Նաբոլիէն, Փարիզէն իր ճամբելիք նամակները` բազմաթիւ անգամներ անոր կարօտն ու բացակայութիւնը զգալով հանդերձ։ Իշխանուհին կ’ամչնար իր կամակոր հոգիէն, իր սէրէն։ Չէր կրնար յանձնել ինքզինքը այդպէս ուրիշի մը։

Այիշէ կը քալէր, ու անոր սիրտը կը թանձրանար, կը տաքնար` պայթելու մօտ լաւայի մը պէս։ Վճռած էր տուն հասնելուն պէս արթնցնել մարդը, որպէսզի երթային կառքով, ինչպէս որոշուած էր։ Ահարկու բան մըն էր իր ատելութիւնը անոր հանդէպ։ Անիկա այդ պահուն կարող էր ամէնէն մեծ խենթութիւնները գործել առանց վարանումի։ Վճռած էր բացուիլ փաշային եւ բանալ անոր ներքին բոլոր ծալքերը։ «Բաւական է, որ վախցնեմ զայն, քիչ մը», - կը խորհէր Այիշէ։ Ու ուրախ էր, որ օդը յարմար էր կառքը դուրս քաշելու համար։

Զուգադիպութիւն։ Փաշան դուռին նոր մօտեցած էր, երբ հասաւ կինը։ Այս հանդիպումը անակնկալի բերաւ երկուքն ալ։ Երկուքին մէջ ալ կասկածները բացուեցան, թէեւ չկրցան խօսիլ եւ չուզեցին հարցնել իրարու, թէ ուրկէ՞ կուգային։

Այիշէ նկատեց մարդուն գինովութիւնը։ Առաւ անոր բերանին հոտը։ Տեսաւ անոր արիւնոտ եւ ընկղմած նայուածքը։ Անոր կռթնիլը դուռին։ Ու այսքանը բաւակն էր իրեն` յիշելու համար պանդոկին երիտասարդը։ Առաջ անցաւ զզուանքով, մեծ արհամարհանքով` ըսելով միայն, որ պառկելու հարկ չկար, ճամբայ պիտի ելլէին շուտով։

-Այիշէ՜, ինչպէ՜ս կ’ըլլայ զաւակս…

Բայց չկրցաւ շարունակել ան բողոքը։ Իր վախը այնքան մեծ էր, որ մոռցաւ հարցնել նոյնիսկ, թէ ուրկէ՞ կուգար իշխանուհին այդ ժամուն։ Պիշ-պիշ նայեցաւ ան անոր արցունքոտ աչքերուն։ Բան չհասկցաւ։ Այնքան գինով էր ան։ Անոր աչքին բան չէր երեւար։ Մեծ, մեծ հաճոյքը, որ կ’ողողէր զինքը, կը խեղդէր ամէն մտատանջութիւն։ Ատկէ զատ` ուրախացուցիչ էր մեկնումի մը լուրը։ Օրերով սպասած էր ան ատոր։ Բերնէն պզտիկ առարկութիւն մը փախաւ միայն օդին համար։ Բայց Այիշէ սաստեց զայն.

-Դուք ձեզի նայեցէ՛ք, օդը ձենէ խելացի է։

-Բէք ալա՜…, - հառաչեց փաշան ու փակեց դուռը, որուն ետեւ մնաց պահ մը` ճակատը երկաթի մը կտորին։ Այնքան կ’այրէր ան։

***

Կիրակի է։ Զանգերը կը զարնեն։ Առաւօտը կ’ջինէ պողպատէ քայլերով։ Հալած մետաղ կը հոսի թրջած տանիքներէն։ Պատերէն։ Բացուեր է երկինքը։ Ժպիտ կայ ծխնելոյզներուն վրայ։ Ապակիները կը յորդին` բաժակներու պէս։ Անձրեւը մաքրեր է քաղաքը։ Սրբեր է սալարկները։ Եկեր կանգներ է արեւը քաղաքին ետեւի բլուրին։ Ու ամէն բան նոր է անոր առջեւ։ Ծովեզերքին կը վառին լոյսերու մէջ թաթխուած աւազներն ու խիճերը։ Վեհութիւն մը կայ լուացուած քարափներուն վրայ։ Կը զարնեն դարաւոր զանգերը։ Ու վերէն կ’իջնէ յաւիտենական խաղաղութեան մը բոյրը։ Դարերու երաժշտութիւնը։

Պզտիկ ճամբաներ, պզտիկ անտառներ, տնակներ, ագարակներ։ Աշխարհը կը հոսի Այիշէի երկու քովերէն։ Աշխարհը կը վազէ Այիշէի երկու կողմէն դէպի իրեն։ Կը դղրդան հողերը ուը կը պայթին թմբուկներու նման։ Կը թաւալին, կը գահավիժին յորձանավար։ Արիւնոտ լոյսերու մէջ փաթթուած։ Կը փրթին, կը վիժին, կը խուժեն հողերը։ Կը ծռին ծառերը` դառնալով իրենք իրենց վրայ, կը դիզուին ամպերուն վրայ։ Հոսանուտ, ինչպէս իշխանուհիին հոգին։ Փլուզումի մը չափ ահաւոր, ինչպէս անոր կեանքը։

Ու կառքը կը բաբախէ… Կը բախէ օդին բիւրեղը, ծառերը, քարերը։ Կը դառնան անիւները հրդեհի, ժայթքող արիւնի ձայներով։ Կը ճչայ ճամբան անոնց տակ։ Կը սարսռայ։ Կ’եռայ։

Ողորմելի բան մըն է հիմա փաշան, որ կը վախնայ շարժելու իսկ։ Իշխանուհին ըսած է անոր, որ չփորձէ ձեռք երկարել։ Հակառակ պարագային` պիտի տանէր, նետէր ան կառքը ծառի մը դէմ, գետի մը մէջ, շոգեկառքի մը տակ։ Անսպասելի, բայց ըմբռնելի են անոր համար կեավուր աղջկան այս վերազարթնումն ու վայրագութիւնը։ Աւելորդ կը գտնէ ողբալն իսկ։ Ի՜նչ համարձակութիւն։

Այիշէի դէմքը ցոյց կուտար, որ տեղեակ էր ան իր ամէն արարքներուն։ Ակնարկութիւններ ըրած էր ան մինչեւ իսկ գիշերուան երիտասարդին համար։ Ու փաշան բնաւ չէր տեսած կնոջ դէմքին վրայ այդքան դալկութիւն ու բրտութիւն։ Իր միակ փափաքն էր ազատիլ։ Այիշէ խոստացած էր հանգիստ ձգել զինքը, եթէ խոստովանէր անոր մանկութեան պարագաները։ Ու Տավուտ փաշա խորհեցաւ, որ աւելորդ էր այլեւս պահել անոր հօրը անունը նախորդ օրուայ կէս խոստովանութենէն վերջ։

Կը պղտորի Այիշէի նայուածքը։ Կը դողան ձեռքերը։ Կը սեղմէ ոտքը ու կ’աւելցնէ արագութիւնը։ Փլուզումի մը ժխորովն է, որ կ’անցնի անոր կառքը։ Քամիով, որ կը շաչէ` դէմէն եկող կառքերուն քամիներուն զարնուելով ու կը նուաղի տեղ-տեղ` տխուր հառաչի մը պէս։ Անդունդներ կը դղրդան օդին մէջ։ Պարապութեան անհուն ծարաւովն է, որ կը սահի անոր սիրտը բոլոր տեսարաններուն, բոլոր կեանքերուն վրայէն։ Լիճեր ու ճահիճներ կը շողան անոր երկու կողքին, հայելիի ցնորեցուցիչ փայլատակումներով։ Արցունքներ կը դողան ծառերուն վրայ, որ կը յորդին` ցնցուած անոր կառքին հովէն ու կը գալարուին` եղերամայրերու նման։

Ի զուր սպասեց փաշան, որ խաղաղի ան։ Խոստո՞ւմը։ Թուրքը անդրադարձաւ իսկոյն խոստումներու ձեւին, որ կը գործադրէր ան` խորամանկութեամբ ձեռք անցնելու համար զոհը։ Տարակոյսը գրաւեց անոր միտքը, ու սարսափը մեծցաւ։ Կը պոռայ ան։ Բայց անոր ձայնը կը խեղդուի հովին մէջ, ու անոր սպառնալիքը մազի չափ իսկ չազդեր կնոջ վրայ։

Կը նայի ան դէմը՝ զարհուրած աչքերով։ Ու անասնական ճիչ մը կ’արձակէ ամէն անգամ, որ կը վազէ կառքը փոսի մը վրայ։ Քրտինքը կը վազէ անոր քունքերէն։

Կը հեւայ շնչասպառ։ Ու իր շունչը ետ կը մղուի, կը խրի իր մէջ խուժող հովին տակ։ Ցնցումները տեղահան ըրած են անոր ճարպոտ աղիքները։ Խառնած են սիրտը։ Ու անոր դէմքը դեղնած է` հիւանդի մը դէմքին չափ։ Ողորմելի բան մըն է հիմա փաշան։ Մահուան պատկերը ջնջած է անոր մէջ բոլոր սնափառութիւնները, որոնք կերտած էին իր արտաքին փայլը։ Գոռոզութիւնը մաս կազմած է դարերով թուրքին արիւնին` սկսած փատիշահներէն, որոնք Աստուծոյ շուքը կը նկատէին ինքզինքնին, հոգեւոր պետը՝ բոլոր իսլամներուն, տէրը՝ Մէտինէ եւ Մէքքէ սուրբ քաղաքներուն, պահապանը՝ Երուսաղէմի, սուլթանը՝ փառապանծ սուլթաններու, կայսրը՝ յաղթուած կայսրերու։

Ուռուցիկ անոր այս լեզուն ունեցած է իր տակ ամբարտաւան գործելակերպ մը, որ չէ խնայած երկրին ծառայող հաւատարիմներուն իսկ։ Արքայական ընտանիքներու օրինական դարձած ոճիրներէն դուրս թուրք պատմութիւնը կը թուէ սուլթաններու կողմէ գլխատուած սատրազամներն ու փաշաները, որոնց պզտիկ թերացումները կամ չափէն աւելի յաջողութիւնները անտանելի դարձած են սուլթաններուն համար։ Այս դրութիւնը եղած է ընդհանուր կառավարական ամբողջ պաշտօնէութեան համար։ Տեւած է կայսրութեան բաժան-բաժան գալէն վերջ տակաւին։ Շահագիտութիւնն ու քմահաճոյքը եղած են անոր հիմքը։

Ի զուր կը սպառնար փաշան։ Ձեռքը կ’երկարէր` բռնելու համար կնոջ ձեռքէն։

-Ձգեցէ՛ք, մի՛ բռնէք, - կը պոռար Այիշէ։ Կառքը կը շեղէր իր ուղղութենէն։ Ու փաշան ետ կը քաշուէր սարսափած։ Կը գանգատէր.

-Տեսնուա՞ծ բան է եահու, տեսնուած բան է ասիկա… հայ չես մնացեր, իսլամ ես եղեր, ի՞նչ կայ ասոր մէջ, եահու… Ու յետոյ, արագօրէն անդրադարձաւ ան, որ իշխանուհին անկարող էր ատանկ ճիգի մը, որքան որ ալ հզօր ըլլար անոր մէջ ցեղին ձայնը, մանաւանդ որ կ’անգիտանար մնացեալը` ջարդը, աքսորը, ամբողջ անցեալը իր ժողովուրդին։ Ու փաշան յիշեց երիտասարդը։ Իրապէս որ «կեավուր»ի ձագ էր ան։ Ու կասկածը ծնաւ յանկարծ անոր մէջ։ Ու բարկութեամբ.

-Անպատճառ խաբած ես զիս…, - պոռաց։

-Այո՛։

-Այդ հայուն հե՛տ։

-Այո՛… եղբօրս հետ։

-Այիշէ՜…, - կ’աղաղկէ փաշան` զայրացած, ցնցուելով խորապէս ու սարսափած՝ անսպասելի այս ողբերգութեան առջեւ, որ կը փակէ յանկարծ իր դիմաց, բոլոր յոյսի դռները եւ կը զգացնէր իրեն՝ անխուսափելի աղէտ մը, - Այիշէ՜, խելքիդ եկած ե՞ս… ինքը գիտէ՞, - շարունակեց ան` պահ մը պատասխանի սպասելէ վերջ։

-Ճանչցած էր քեզ բայց ոչ զիս…

-Հապա ինչո՞ւ բան մը չըսաւ ինծի։

-Պիտի սպաննէր ձեզ։ Ապո՜ւշ…, - աւելցուց մեղմ ձայնով։

-Պիտի սպաննէ՞ր… Պիտի սպաննէ՞ր… Այիշէ՜…

Ու անոր ձայնը դարձաւ կողկողագին։ Ու խոշորցան, խոշորցան անոր աչքերը ակնոցներուն ետեւէն։ Կը բարձրանային անոնք բլուրէ մը վեր, որուն մէկ կողէն վար կը բացուէր ամայի ու ճախճախուտ հովիտ մը` հոս ու հոն մաշած գանկերու պէս դիզուած քարերով։ Կը տառապէր փաշան ամէն կողմէ ցցուած մահուան տեսիլքին առջեւ։

Ծանր էր այդ մահը։ Վայրագ դանդաղութեամբ մըն էր, որ կը մխրճէր իր մագիլները։ Այնպէս, ինչպէս բերած էր փաշան իր զոհերուն, երբ մաղմաղ կրակի մը վրայ ողջ-ողջ խորովել կուտար զանոնք։ Գահավիժումի մըն էր, որ կը սպասէր ամէն վայրկեան։ Ամէն յոյս մեռած է իր մէջ ըմբռնելէն ի վեր կնոջ յուսահատութիւնը։

Ծանր էր այդ պարտութիւնը գոռոզ հոգիի մը համար։ Փաշան չկրցաւ իսկ բողոքել կնոջը անհաւատարմութեան վրայ։ Առանց մահուան սարսափին իսկ, բաւական վատ էր ան։

Թուրքին թոյլատրուած է սպաննել անհաւատարիմ կինը։ Քաջութեամբ չէր, որ պիտի իրագործէր իր վճիռը։

Հոս` այս անդունդին եզրին, գրաւուած էր ան ամբողջովին ինքզինքով, անզգայ՝ կնոջ չարչարանքին։ Հոս՝ այս եղերական սիրոյ առջեւ, ոչ մէկ բան կը գտնէր ըսելու։ Ու պայթեցաւ անոր թանձր շրթունքներուն վրայ մորթուող անասունի մը աղաղակը յանկարծ։

Կառքը նետուած էր ճամբէն դուրս։ Կը ճարճատէր կայծակի մը պէս` թաւալելով բլուրէն վար, փոշիին ու ժայթքող քարերուն, արմատախիլ թուփերուն մէջէն, փլուզումի ահաւոր ժխորով մը, որ լսելի եղաւ մինչեւ մօտակայ գիւղերը։

***

Առտուն, երբ Արամ տեսաւ գոհարները, փակեց վերստին յուսահատութեամբ աչքերը` համոզուած, որ մեկնած էր Այիշէ՝ ալ ետ չդառնալու համար, ու փաշան ազատած։

Դառնօրէն ազդեց իր վրայ այս հաստատումը, բայց թուլութիւն մը կար անոր մարմինին վրայ։ Տենդը կ’այրէր զինքը։ Ու քրտինքի մէջ էր ան։ Քնացաւ պատուհանէն ինկող առատ արեւին մէջ։ Ու գէշ երազներ ունեցաւ։ Կը չարչարուէր ան ծանր բեռի մը տակ, որ ինկած իր կուրծքին վրայ, այլանդակ անասունի մը պէս, կը խեղդէր իր շնչառութիւնը եւ խորհուրդով մը թունդ կը հանէր իր սիրտը։ Հեռուէն կ’առնէր նաւի մը սուլոցը` ահազանգի մը չափ հզօր։ Տարօրինակ դէմքեր կը սեւեռէին իրենց աչքերը իրեն, կարծէք` արտասովոր դիրքի մը մէջ ըլլար ինք։

Յուզուած այն ատեն ու անոնց շշուկին շնորհիւ տեսաւ ան ինքզինքը, իր դէմը` կախուած իր վրայ, մինչ անմարմին հոգի մըն էր դարձած իր առօրեայ էութիւնը։ Տեսաւ երկար ու քառանկիւն ցռուկ մը, որ ճերմակ ապակիէ էր ամբողջութեամբ` լուսաւորուած ներսէն ու լեցուած մածուցիկ հեղուկով մը, որուն մէջէն կը ցցուէին եռանկիւն, փայլուն ակռաներ։ Արամ կը նայէր յափշտակութեամբ` աշխատելով մեկնութիւն մը տալ։ Կը նայէր ու չէր հաւտար։ «Այս ես եմ, այս ես եմ», - կը շշնջար։

Վերջ ի վերջոյ ստիպուեցաւ ընդունիլ, սակայն։ Ու անիկա ըմբռնեց այն ատեն, որ մեռած էր ինքը։ Եւ սարսափը պատեց։ Պոռաց ան։ Աւելի ճիշդը, լուսաւոր ծնօտն էր, որ շարժեցաւ դիւային խնդուքի մը արտայայտութիւնով եւ հանեց արտառոց ձայն մը։ Արամ բացաւ աչքերը։ Կը մնար ան, սակայն, հակառակ ատոր, նոյն տպաւորութեան, նոյն աշխարհին մէջ։ Անիկա կանչեց սիրածը, որ քրոջ մը պէս, տարիներով մտերիմ մէկու մը պէս պատասխանեց իրեն։

-Ի՞նչ ունիս, Արամ։

-Հոս ե՞ս։

-Այո՛… ո՞ւր կ’ուզես, որ ըլլամ, - փսփսաց ան։

Արամ չտեսաւ զայն, բայց զգաց, որ զբաղած էր ան անկիւն մը։ Ատոր փոխարէն կը տեսնէր ան պատերուն վրայ զանազան անասնակերպ դէմքեր, որ կը շարժէին, կը ժպտէին, կ’այլափոխուէին շարունակ։ Կը լսէր դրացի կնոջ մը աւելին ձայնը եւ խօսակցութիւն մը՝ պատուհանէ պատուհան։ Կը զգար խորունկէն դուրսի գեղեցիկ օդը։ Յետոյ իրեն թուեցաւ, որ մեկնումի վրայ էին Այիշէի հետ։ Բայց կը հեռանար արդէն նաւը, կը բարձրանար ջուրերէն վեր` տանելով իր հետ իշխանուհին։

-Այիշէ՜, - աղաղակեց տրտմութեամբ։

Կինը ժպտեցաւ։ Որքա՜ն փոխուած էր ան, սակայն։ Արամ պիտի չճանչնար զայն, եթէ չառնէր անոր ձայնը քովէն, ճիշդ քովէն, հակառակ, որ կ’աղօտէր անոր մարմինը։

-Ե՛լ Արամ, հասանք։

-Ո՞ւր…

Կը դողար տղուն սիրտը։ Ելաւ, նստեցաւ ան այդ դողին տակ անկողինին մէջ ու լսեց դուրսէն անսովոր ժխոր մը, որ քաշեց զինքը մինչեւ պատուհան, ուրկէ տեսաւ ան այն ատեն բազմութիւն մը փաշային փողոցին բերանը։ Հագուեցաւ եւ դուրս ինկաւ իսկոյն։

Հազիւ հասած էր` շնչասպառ կասկածանքէն ու տկարութենէն, երբ անոր դարձան բոլոր աչքերը եւ ոստիկան մը հրեց ժողովուրդը մէկդի` ճամբայ բանալու համար իրեն։

-Եղբա՜յրն է, եղբա՜յրն է, - կը շշնչային շուրջը։

Արամ ներս անցաւ` զարմացած ու ինքզինքէն ելած։ Ու անիկա գտնուեցաւ իսկոյն դէմ դէմի անկողինին վրայ տարածուած փաշային հետ, որ կ’աղերսէր, կը հեւար ու կը պոռար մերթ ընդ մերթ զայրագինօրէն։

Բժիշկ մը, հակած անոր վրայ, կը քննէր, մինչ ուրիշ մէկը կ’աշխատէր հանել անոր բզիկ-բզիկ ու արիւնոտ հագուստները։ Արամի անմիջական մտածումը եղաւ նետուիլ իշխանուհիին սենեակը, ուրկէ եկող խօսակցութեան մը ձայնը կը պարզէր տիրող յուզում մը։ Բայց փաշան սեւեռեց աչքերը իր վրայ` վեր բռնելով իր արիւնաքամ գլուխը։ Խորհրդաւոր, զարմացումով լեցուն նայուածք մըն էր անոր նայուածքը, անոնցմէ, զոր կեանքի ծարաւ մահամերձները կը նետեն թշնամիի մը վրայ։ Խօսեցաւ ան յետոյ։ Պատմեց` ընդհատ-ընդհատ, դառնութեամբ, արիւնի կտորներ բերելով շրթունքներուն վրայ։ Վրէժ մըն էր, որ կ’առնէր թուրքը, գերեզման չհասած՝ պարզելով տղուն ճշմարտութիւնը, որմէ, գիտէր, պիտի շանթահարուէր երիտասարդը։ Անհուն ցաւ մըն էր մեռնիլ` ձգելով Այիշէն, որուն կեանքը վտանգէ զերծ ցոյց տուած էին իրեն` զինքը խաղաղ պահելու մասնաւոր մտահոգութիւնով մը։ Փաշան կը խորհէր անմերձելի դարձնել զայն Արամին` շնորհիւ իր այդ յայտնութեան, զոր պարզեց յստակ թուականներով` հեռացնելով ամէն կասկած։ Արամ կը լսէր նոյն ատեն աջէն եւ ձախէն արկածին նկարագրութիւնը։

-Էհ՜, այո՛, այո՛, - կ’աղերսէր մէկը դուրսէն, - իրական տռամ մը, այո, տիկին, ինչ դժբախտութիւն…։

-Ի՜նչ կին, - կ’ըսէր ուրիշ մը, - հը, ի՜նչ կին, եթէ մեռնիլ կ’ուզէր, թող առանձին սատկէր… յայտնի է, որ դարերը փոխուած են…

-Բայց չէք գիտեր, տիկին, - կը պատասխանէր նախորդ ձայնը, - ձեզի կ’ըսեմ, որ իրական տռամ մըն է. այս երիտասարդը եղբայրն է կնոջը, կը հասկնա՞ք… եւ տարբեր ցեղի մը կը պատկնին։

-Եւ միասին եղած են, - աւելցուց ուրիշ մը` առաջ բերելով խնդուքներ եւ զարմացումի շեշտեր։ Ոստիկանի մը ձայնը լռութեան հրաւիրեց զանոնք եւ վէճի բռնուեցաւ թերթի մը թղթակցին հետ, որ կ’ուզէր ամէն գնով մտնել ներս։ Ամբոխը կը թելադրէր անոր, թէ ինչ ձեւով պէտք էր գրէր թերթին մէջ։ Ականատես մը տեղն ու տեղը կը պատմէր եղածը։

-Բնականաբար, դուք կրնաք ձեր ուզած ձեւով ճոխացնել նիւթը, - ըսաւ ձայն մը հեգնանքով։- Մեր թերթերը, ըսելիք չկայ, լաւ են այդ տեսակէտէն։

Փաշան լռեց, երբ բժիշկը ձեռքը դրաւ իր գանկին վրայ բացուած ճեղքին։ Անոր ձայնը խեղդուեցաւ արիւնին մէջ։ Աչքերը բաց, սարսափով կը նայէր ան Արամին, մինչ ասիկա, անդիմադրելի ուժէ մը տարուած, կ’առաջանար դէպի իրեն` թեւերը բացած, յարձակում մը գործելու համար, կարծէք։ Բժիշկը արգիլեց անոր յառաջացումը եւ դուրս հանել տուաւ սենեակէն` հակառակ տղուն զայրագին պնդումներուն, որոնք խելագարի տեղ դնել տուին զինքը։ Նոյն արգելքը՝ իշխանուհիին սենեակին սեմին վրայ։ Բայց անիկա չլսեց առարկութիւնները։ Հրեց կուրծքով զինքը արգիլող թեւերը ու մտաւ սենեակէն ներս։ Պարզուեցաւ իր առջեւ աղէտը։

Սենեակէն կուգար դեղերու սուր հոտ մը, սուր, մեռելային։ Կը վառէին հոս ու հոն տարածուած արիւնները, արիւնոտ բամպակները։ Իշխանուհին պառկած էր անկողինին վրայ, մազերը ջուրերուն մէջ, անճանաչելիօրէն տժգոյն, այտոսկրները ցցուած։ Անհունօրէն դառն է մահուան տակ քայքայուող գեղեցկութիւն մը։ Հիւանդապահ մը կեցած էր քովը` ամէն յոյս կորսնցուցած մէկու մը սրտաբեկումովը։ Մահճակալին շուրջ քանի մը անձեր` բոլորն ալ յուզուած։

Դարձան տղուն աչքերը։ Ծամածռեցաւ անոր դէմքը։ Մարդիկ կան, որ աղէտէ մը տարուած, մէկ վայրկեանի մէջ կը կտրեն ամբողջ կեանք մը։ Ծերացաւ ան՝ մէկ պահէն միւսը։ Խորացան դէմքին կնճիռները։ Ու զարհուրելի դարձաւ անոր սարսափահար արտայայտութիւնը։ Պահեր կան, ուր ուրախութիւնն ու տրտմութիւնը միասին կը խուժեն դէմքի մը վրայ` իրարու փակած ու հրէշակերպ երկուորեակի մը պէս։ «Խենթեցաւ», - պոռացին բոլոր անոնք, որ ներկայ էին։ Արամ կը տատանէր երազին ու իրականութեան միջեւ։

Սենեակը կը սահէր, կը դառնար Արամի շուրջ, մինչ իր ամբողջ ճիգովը կ’աշխատէր բռնել ինքզինքը։

Ամէն ինչ կը տեղափոխուէր շուրջը, արագութեամբ։ Ամէն ինչ կը թաւալէր իր մէջ՝ ահաւոր կենդանութեամբ մը։ Իրար կը հրէին դէպքերն ու թուականները։ Տենդը հրդեհի մը պէս կը լուսաւորէր այդ բոլորը։ Միտքը ինկաւ յանկարծ փաշային խօսքերը։ Յիշեց երազը եւ ըմբռնեց երկվայրկեանի մը մէջ, որ անոր մէջ պատահածները կը կապուէին իրականութեան։ Կը հաշուէր, կը դասաւորէր օրերը, յիշատակները։ Կը զառանցէր կեցած տեղը։ Կը լուսաբանէր` ինչ որ ըրած էր շաբաթներէ ի վեր` առանց հասկնալու։ Կը նայէր շուրջը շուարած աչքերով` օտար ու հեռու գտնելով արդէն ամէն ոք։ Ու անիկա մնաց այդպէս, վայրկեաններու ծանր մրճահարումին տակ, մինչեւ որ մահամերձը, բանալով աչքերը, սեւեռեց իր վրայ քրոջ մը նայուածքը, որ կորով ու խաղաղութիւն, սէր եւ գորով ներշնչեց կարծէք իրեն։ Ժպտեցաւ ան այն ատեն։ Ու իր շրթունքները փսփսացին սրտաճմլիկ ձայնով, կասկածով.

-Քո՜յր…

Բացուեցան այս բառին վրայ Այիշէի ուռած կոպերը։ Տկար, տարտամ մտածում մը սահեցաւ անոր աչքերուն մէջէն, զոր արտայայտեց ան սպառած շունչով մը։

-Եկո՜ւր…

-Ես քոյրդ եմ այսուհետեւ, - աւելցուց… մի մտածեր պատահածներուն վրայ… նշանակութենէ զուրկ են անոնք…

Արամ չկրցաւ շարժիլ, սակայն։ Չկրցաւ խօսիլ։ Անիկա կը պժգար ինքզինքէն։ Կ’ամչնար շուրջիններէն։ Անկարող էր ոեւէ ճիգի` անդամալուծուած մէկու մը պէս։

-Եկո՛ւր, - կրկնեց մահամերձը՝ աւելի նուաղուն ձայնով։ Հազիւ կը շնչէր ան։ Հազիւ կը նշմարէր եղբայրը։ Բարձր ստուեր մըն էր անիկա, հեռաւոր աշխարհէ մը ցցուած տեսիլք մը, որ կը նայէր իրեն ու կը ժպտէր։ Կը նայէր իշխանուհին իր մարած աչքերով։ Կը նայէր մահուան մէջէն, ուր իր հոգին կը ձուլուէր եղբօրը հոգիին հետ, ուր կը մաքրուէր ան ամէն մեղքէ, ամէն դառնութենէ, ուր ոչ մէկ ձայն կը հասնէր իրեն։ Դուրսի հողմակոծ տերեւներուն մէջէն անցնելով` կ’իյնար ներս արեւուն շարժուն լոյսը, կ’իյնար անոր հալած դէմքին վրայ` վախով, հազիւ հազ հպելով։

Կը դողար մերթ ընդ մերթ, կը շարժէր, կը կծկուէր իշխանուհիին գեղեցիկ, բայց չարչարուած բերանը ու կը վառէր բոլորովին ցամքած, տարօրինակ փայլով մը։ Չարչարանքէն իրար անցած անոր բարակ մազերը թափած էին ամէն կողմ։ Ու բացուած էր անոր լայն, խիզախ ճակատը, որ կ’արտայայտէր արհամարհանք մը։ Կը փայլէին իր աչքերը կիսափակ թարթիչներուն ետին՝ հալած ու հոսելու մօտ մետաղի պէս։ Կը ժպտէին։

Արամ հասած էր իր ամէնէն դառն վայրկեաններուն։ Նկատած էր ան յանկարծ նշանը պատռած մետաքսներուն տակէն դուրս ինկած կնոջ ողորկ ու մոմի գոյն ուսին վրայ։ Կը նայէր սարսափով։ Կը յիշէր, կը յիշէր ան բոլոր խօսքերը, որ ըսուած էին իրեն այդ նշանին մասին։ Կը տեսնէր բոլոր ծանօթները, որ աւանդած էին այդ գաղտնիքը իրեն, առնական հօր մը հսկայ կամքին այդ կնիքը։ Կը հեւար։ Քրտինքը կը վազէր ճակտէն։ Փուռի մը պէս էր ան, որուն մէջ հովերը կ’ոռնան ու բոցերը կը վազեն ծխնելոյզին բերանը՝ տարուած օդի հոսանքէն, երկնքի անսահման պարապութենէն։

Ներկաներու յուզումէն է, որ ըմբռնեց Արամ անոր մահը, այնքա՜ն անզգալիօրէն տուաւ ան հոգին։ Կապանքները քակուեցան այն ատեն իր մարմինին բոլոր մասերէն։ Ու յորդեցաւ, ուռեցաւ անոր երիտասարդ սիրտը՝ անըմբռնելի ճակատագրին յորձանքէն տարուած։ Հեծկլտուք մը չէր, այլ այլանդակ ճիչ մը, ինչ որ ժայթքեց այն ատեն թոքերէն, այլ կատաղի բողոք մը, որ կը սաստկանայ աւելի, երբ բժիշկը, մեռելին քով հասած պահուն, կը յայտնէ փաշային թեթեւ բարելաւումը։

Պէտք եղաւ դուրս հանել զայն. դէմքը թեւերուն մէջ ծածկած՝ կը պոռար ան, որ աշխարհի ամէնէն վատ մարդն էր դարձած։ Աշխատեցան խաղաղեցնել զինքը։ Կը սպառնար ան իր խենթութեանը մէջ փաշային կեանքին` տալով հատուկտոր բառերով անոր ոճրագործ դերը։ Խոստովանեցաւ, թէ վրէժին համար էր միայն եւ միայն, որ չէր սպաններ ինքզինքը։ Յետոյ ուժասպառ լացաւ, խնդրեց ան, որ տանին զինքը մեռելին քով, ուր մնաց ան պահ մը` ապշած, պարպուած։ Հին, հին պատկեր մըն էր, աղջնակ մըն էր, որուն թեւէն բռնած՝ կ’աշխատէր վեր հանել թուփէ մը։ Արամ կը տեսնէր հիմա գիւղէն յստակ տեսարաններ, մինչ կը նայէր սարսափահար ու իր նայուածքը կը նուաղէր քիչ-քիչ։ Սոսկալին հոն է, որ չկրցաւ ան բառով մը յայտնել իր սէրը, չկրցաւ անունով մը կանչել իր մեռելը, չկրցաւ գրկել զայն։

Չկրցաւ պոռալ իր մեծ հիացումը։ Օ՜, Այիշէ՜։ Հիմա է, որ Արամ կ’ըմբռնէ զայն, կը հասկնայ անոր կրած տագնապները։ Անհունօրէն հոյակապ է մեռելը իր լռութեանը մէջ։ Հիմա է, որ կը բացատրուին իշխանուհիին ամէն մէկ արարքները։ Կը խօսի մեռելը։ Ու Արամ կը լսէ, կը լսէ անհունէն եկող անոր ձայնը։

Թոյլ էր ան ու կը դողար։ Տժգոյն իր դէմքը ուշադրութիւն գրաւեց։ Ուզեցին առաջնորդել զինքը իր սենեակը։ Լսելի եղաւ այդ միջոցին քովէն փաշային տառապագին աղաղակը։ Անիկա կ’աղաչէր, որ տանին զինքը հիւանդանոց եւ հեռագրեն Փարիզի դեսպանատունը, որպէսզի տէր դառնան իրեն, ազատեն զինքը։ Բժիշկը ուզեց հասկնալ անոր այս ըսածները։ Արամ թարգմանեց դժկամակութեամբ։

-Ըրած ենք պէտք եղածը, - ըսաւ մէկը նրբանցքին մէջէն։

Դառնութիւն մը աւելցուց այս լուրը Արամին վրայ։ Անտանելի կը գտնէր ան ոճրագործ մը փրկելու համար թափուած ճիգերը։ Հասկցաւ, որ պիտի տանէին փաշան ու պիտի կորսնցնէր անոր հետքը։ Զգաց, որ հիւանդութիւնը կը ծանրանար հետզհետէ ու անգամ մը անկողին իյնալէ վերջ, անկարող պիտի ըլլար գործադրելու իր մտադրութիւնը։

Այս մտածումներուն մէջ էր, երբ նկատեց, որ մինակ էր։ Ներկաները, տարուած փաշային հետզհետէ աւելցող ճիչէն, գացեր հաւաքուեր էին շուրջը։ Ծալաթոռին վրայ, ուր Այիշէ կ’երկարէր իր գիշերուան ժամերուն, թափած էին անոր պայուսակին իրերը, որոնց մէջ ե՛ւ զէնքը, զոր կինը առած էր Արամին ձեռքէն։ Տղան առաւ զայն մեքենաբար ու պահեց ափին մէջ։ Անցաւ միւս սենեակին դուռին մէջ։

-Պիտի մեռցնէ զիս, պիտի մեռցնէ, - պոռաց փաշան` զայն տեսնելով։ Ցնցուեցաւ անկողինին մէջ` երկիւղալից աչքերը անոր ուղղած։

Բոլոր գլուխները դարձան դուռին կողմը։ Յետոյ փախան յանկարծ մէյ մէկ անկիւն` երեք յաջորդական պայթիւններէն սարսափած։ Կոկորդը մնաց փաշային ձայնը։ Ցնցուեցաւ ան, դողաց։ Ելեքտրական հոսանք մըն էր, որ անցաւ, կարծէք, անոր մարմինն ի վեր։ Կ՚ուզէր ցցուիլ։ Բայց յանկարծակի քայքայումով մը թուլցան անոր ջիղերը։ Թուլցան մատները, որոնցմով կառչած էր վերմակին։ Դեղին անոր դէմքը դեղնեցաւ աւելի։ Պաղը քալեց անոր միսերուն մէջէն։

Ու անշարժացաւ փաշան` դէմքը խրած բարձին մէջ, որ կ’ողողուէր նոր արիւնով մը։ Շուարումի մատնուած ներկաները փախան դուրս, մինչ տղան առաջացած՝ կը նայէր թուրքին, փոսփորափայլ ու արցունքէն կարմրած աչքերով։

Ատեն չունեցաւ` դարձնելու զէնքը ինքզինքին, ինչպէս կ’ուզէր ընել՝ սպասելէ ու հաստատելէ վերջ սպանութիւնը։ Բազմութիւնը խուժեց ետեւէն։ Բռնեցին անոր թեւերէն։ Ձգեց ան ինքզինքը։ Ատեն չունեցաւ անգամ մըն ալ կրակելու, ինչպէս ուզեց, երբ լսելի եղաւ թուրքին արիւնոտ ու ծակծկած միսերէն ժայթքող մռլտուքը։ Բայց անփոյթ էր այլեւս ան։ «Ողջ պիտի չմնայ ալ, ողջ պիտի չմնայ», - կը մտածէր ան, մինչ կը տանէին ոստիկանները զինքը։ Իր միակ բողոքը եղաւ սաստել բազմութիւնը, որ թուրքի տեղ կ’առնէր զինք։ Պոռաց ան իր ազգութիւնը։ Ու մարդիկ լռեցին սահմռկած, չհասկցան թէեւ, թէ հսկայ անջրպետ մը կար այդ երկու հեռաւոր ցեղերուն միջեւ։

ՎԵՐՋ



[1]   (տպագրական սխալ կայ գրքի 10-րդ էջում)