Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍՈՎԷՆ ՅԵՏՈՅ ՀՐԱՇՔԸ…

1880ի ամբողջ Ապրիլը անձրեւած չէր, մինչ սովահար ժողովուրդը նոր հունձքէն էր որ կ՚սպասէր սովին վախճանը։ Երաշտին պատճառաւ նոր եւ աւելի սոսկալի սովի մը սարսափելի հեռանկարը պաշարած էր ամբողջ ազգաբնակչութեան հոգին։ Ժողովուրդը` աչքը վերը, ջուր կը մուրար երկինքէն  որ սակայն կը յամառէր իր ժլատութեան մէջ։ Յուսահատ` ժողովուրդը` յուսահատներու վերջին միջոցին կը դիմէ, Աստուծոյ, աղօթքի, հրաշքի։ Քաղաքապետարանը` արձագանգ կ՚ըլլայ ժողովրդեան տրամադրութեան եւ հասարակութիւնը կը հրաւիրէ հրապարակային աղօթքներ ընելու։

Առաջին հերթին, Իսլամներն են որ միւֆթիին առաջնորդութեամբ աղօթքի կ՚ելնեն։ Աղօթքը կ՚անցնի անհետեւանք։ Երբ կարգը Հայերուն կուգայ, քաղաքապետարանի կողմէ Հայրիկէն մասնաւոր խնդրանք տեղի կ՚ունենայ որպէսզի անոնց աղօթքը կատարուի Թադէոս վարդապետի մասնակցութեամբ։

Ո՞վ է Թաթէոս վարդապետ։

Թաթէոս վարդապետ մաքուր եւ առաքինի կրօնաւոր մըն է։ Ան շատերու քով, հայ թէ թուրք, սուրբի համբաւ կը վայելէ։ Անոր հրաշքներուն պատմութիւնները բերնէ բերան շրջան կ՚ընեն։

Լիմ անապատի քով կը գտնուի աղահանք մը, որ իր գոյութիւնը կ՚առնէ հոսուն ջուրէ մը։ Կը պատահի անգամ սը որ այս ջուրը դադրի հոսելէ։ Հանքին տնօրէնը, թուրք մը, Թաթէոս վ. ին կը դիմէ եւ զայն առնելով առօք փառօք հանքաջուրին ակին վրայ կը տանի եւ աղօթել կուտայ անո։ Ութը օր վերջ ջուրը կ՚սկսի հոսիլ։ Օրերուն ութը` շրթունքէ շրթունք, չորսի կ՚իջնէ, չորսը երկուքի, երկուքը մէկի եւ վերջապէս լուրը հոն կանգ կառնու որ Թաթէոս Վ. ի աղօթքին վրայ ջուրը վայրկենապէս սկսած կ՚ըլլայ հոսիլ։ Այս հրաշքէն… վերջ, Թաթէոս Վ, պաշտօնական սուրբ մըն է այլեւս։

Բայց Թաթէոս Վ. Եզիկիէլ մարգարէի տեսակէ՛ն սուրբ մըն է։ Աղօթքին հետ ան ունի նաեւ իր անէծքը։ Անդամ մը, Անապատի դրացիներէն թուրք մը` Վանքին արտին ջուրը` բռնի իր արտին վրայ կը տանի, Թաթէոս Վ, կը միջամտէ, Թուրքը կը մերժէ։ Թաթէոս Վ, ի համբերութիւնը կը հատնի։

Փուշ եւ տատասկ թող բուսնի քու արտին մէջ կ՚ըսէ ան Թուրքին երեսն ի վեր,

Իրօք այդ տարին, Թուրքին արտին մէջ փուշէ եւ տատասկէ ի զատ ուրիշ բան չի բուսնիր։

Քաղաքապետարանի հրաւէրը ստանալուն, Հայրիկ միտք մը կը յղանայ անմիջապէս։ Ան կը պատասխանէ թէ Թաթէոս Վ. քիչ մը անհանգիստ է եւ թէ առողջանալուն պէս անմիջապէս հրապարակային աղօթքի պիտի ձեռնարկէ։

Նոյն իրիկուն իսկ, Հայրիկ ռուսական հիւպատոսարանը կ՚երթայ պարօմէթրը զննելու եւ տեսնելով որ ան հեռու է անձրեւ նշանակելէ, Պ. Կամսարականէն կը խնդրէ ամէն օր նայիլ պարօմէթրը եւ սպասուած աստիճանը նշանակելուն պէս, իրեն իմացնել անմիջապէս։ Միւս կողմէ Թաթէոս Վ. ին լուր կը ղրկէ հիւանդ ձեւանալ եւ տունէն դուրս չելնել։

Օրեր կ՚անցնին եւ սակայն պարօմէթրին ասեղը տեղէն չի շարժիր։ Ողջ ժողովուրդը` հունձքին օրհասականի ժամերը կը համրէ, երբ գիշեր մը, վերջապէս, Կամսարականի գաւազը Հայրիկի տունը կը տանի պարոմէթրին փոփոխութիւնը աւետող տոմսը։

Առտու կանուխ, Հայրիկ` աթէոս Վ, հետը առած քաղաք կ՚իջնայ եւ Քաղաքապետարանը լուր կը ղրկէ թէ՛ Թաթէոս Վ. աղէկցած է եւ թէ՛ Հայերու հրապարակային աղօթքը տեղի պիտի ունենար նոյն օրն իսկ։

Կէսօրին, եկեղեցիներու զանգակները կ՚սկսին հնչել, շուկան շուկան կը գոցուի եւ Հայերու թափօրը զգեստաւորեալ վարդապետներով եւ քահանաներով, շարականներու, երգերու, քչոցներու եւ ծնծղաներու ընկերակցութեամբ։ Թաթէոս Վ. առջեւը, հոծ բազմութիւն մը ետեւը, Հայոց գերեզմանատան ընդարձակ մարզադաշտը կը հասնի։

Թուրքերու աղօթքէն ի վեր տասը օր անցած է եւ դեռ փշուր մը ամպ տեսնուած չէ երկինքին երեսը։ Կարգ մը շրջաններու հունձքերը մասամբ վնասուած են արդէն։

Աղօթավայրին վրայ, ամէն ազգի ժողովուրդ, Հայ, Թուրք, Քիւրտ, Գնչու, ամէն սեռէ եւ տարիքէ հազարներով, յուզուած, երկիւղած, կը շրջապատեն թափորը։ Շատերուն աչքերը, Թուրքերունը մասնաւորապէս, ուղղուած  են Թաթէոս Վ. ին, որ անտարբեր չէ իր առարկայ եղած ուշադրութեանը  եւ չիւրնար չմատնել թէ անտարբեր չէ։

Աղօթքին վերջերը, յանկարծ, ամպի քանի մը կըտորներ կը նշմարուին հորիզոնին վրայ։ Այս աւետաբեր  նշանին վրայ, աղօթողները  խրախուսուած, նոր թափ մը կուտան իրենց ջերմեռանդութեանը։ Ամպի փշուրները երթալով կը մեծնան, կ՚սկսին դէպի իրար երկարիլ եւ վերջապէս զիրար գրկել, ամբողջ երկինքը ծածկուած է այլեւս ամպերով։ Ամպերը վերէն կ՚սկսին որոտալ, ներկաներու սրտերը ուրախութենէ  ուռած` վարէն կը սկսին պոռթկալ, անոնց գոռ ու գոչիւններու արձագանգները իրար կը խառնուին։ Բայց ամբողջը այդքան։ Երկինքէն կաթիլ մը անգամ անձրեւ չիջնար։ Զուր տեղ աղօթքները կը կրկնուին, երկինքը ոչ միայն կը յամառի, այլեւ արեւը` ամպերու ետեւէն, պահ մը կը սկսի ինքզինքը ցոյց տալ։ Թափորը ետ կը դառնայ եւ ժողովուրդը որը յուսով, որը յուսախաբ, կը ցրուի։

Իրիկուան կողմը սակայն ամպերը կը թխպոտին եւ կ՚սկսին որոտալ։ Եւ ահա յանկարծ, բարերար անձրեւը կ՚սկսի տեղատարափ թափիլ մրկած հողերու հետ մրկած սրտերու  վրայ։ Ժամերը կը սահին եւ սակայն անձրեւը չդադրիր հոսելէ։

Վանի մէջ, շուկայէն տուն վերադարձի պահերուն, երբ ձիւնը կը տեղայ կամ անձրեւ, այգեստանցիներէն անոնք` որոնք քաղաքամէջ ազգական ունին եւ կամ բարեկամ, անոնք տուները կ՚երթան գիշերելու։

Թաթէոս Վ. տեսակ մը ազգական է մեզի,

Ինչպէ՞ս։

Հին ատենէն ի վեր, մօրեղբօրս, Աղուանեանենց տունը կ՚ապրի Միամիտ Վարդան անուն վերին աստիճան բարեպաշտ գիւղացի մը, որուն գործն էր տանը հացը թխել եւ այգին ու նորատունկը մշակել։ Գրիգորիս Եպիսկոպոս Աղուանեան` օր մը, կը բերէ Միամիտ  Վարդան կը ձեռնադրէ եւ զայն կ՚ընէ Թաթէոս վարդապետ։ Ու կը պատահի որ օր մը առաջնորդական աթոռը  թափուր մնայ եւ օրուայ վարչութիւնը փոխանորդցու մը փնտռելով դիմէ Թաթէոս վարդապետին։ Մօրեղբայրս կը բերէ տանը նախկին հացթուխին առաջնորդավայել վերարկու մը կարել կուտայ, յետոյ թաւիշէ փակեղ մը եւ զոյգ մը կալօշ բօթին։ Նոր կապուստին մէջ Թաթէոս Վ, նոր մարդ է այլեւս, հպարտ, լուրջ։ Երբ նոր Առաջնորդը կը հասնի, Թաթէոս Վ, խնամով կը ծալլէ վերարկուն, փակեզը, կալօշ բօթին վրան կը դարսէ եւ ամէնքը պօղչային մը մէջ դնելով իր սենեակին րաֆը կը տեղաւորէ եւ կ՚երթայ իր սովորական զբաղումին այգիին, արտին եւ ափին։ Միայն հաց թխելէն է որ կը հրաժարի ան։ Յետոյ, երբ  նորէն Առաջնորդական բաց տեղի կ՚ունենայ, փնտռտուքի պէտք չմնար այլեւս, հոն է մլեաջը, որակում մը` որ Թաթէոս վարդապետին վիճակուած գերովը նուիրագործուած է։ Անոր, Թաթէոս Վ. ին դիմում կ՚ըլլայ եւ անոր առաջին գործը կ՚ըլլայ վազել սենեակը, րաֆէն վար առնել պօղչան, կալօշ բօթին ոտքը անցունել փակեղը գլուխը եւ լայն վերարկուովը ծածկելով փուշերէն պատռտած եւ արեւէն դեղնած շորերը, շունչը Առաջնորդարանը առնել։ Եւ որովհետեւ, բուն Առաջնորդը` կամ Պօղոս կ՚ըլլար եւ կամ Ապօղոսը, ինչ որ անպատճառ մէկ կամ միւս կուսակցութիւնը դժգոհ կը ձգէր եւ թեմը խռովութեան մէջ, Թաթէոս Վ. ի փոխանորդութեան շրջանը կը դառնար, այսպէս թէ այնպէս, շունչ առնելու, տեսակ մը խաղաղութեան շրջան։

Այսպէս, Վանի ազգային կեանքին ջերմաչափին մէջ, Թաթէոս Վ. ի պօղչան` իր ելեւէջներովը այն էր ինչ որ սնդիկը բարեխառնութեան ջերմաչափին մէջ։

Թաթէոս Վ. այսպէս, իր համբաւաւոր պօղչայովը, տարիներէ ի վեր կ՚ապրէր մօրեղբօրս տունը, ուր ան ունէր իր անունով մկրտուած «վարդապետի օտան»։ Ու երբ, Առաջնորդութեան անցման շրջաններուն, ան կուգար ապրիլ քաղաքամէջը, Առաջնորդարանի մէջ մեր տունը կ՚երթեւեկէր  ազգականի մը պէս։

Ազգականի մը իրաւունքովն էր ուրեմն որ այդ իրիկուն, անձրեւին պատճառաւ, մեզի գիշերելու կուգար օրուայ հերոսը։

Մեր տունը գալէն առաջ ան մեր տան քովի Սուրբ Պօղոս եկեղեցին մտած էր աղօթելու եւ շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ որ զինքը չէր ամչցուցած…։

Ամէն անգամ որ մեր տունը կուգար, մեզի նուշ կը բերէր Թաթէոս Վ. Լիմ անապատի համբաւաւոր նուշէն։ Այդ օրը, նուշ չունենալը յայտնելու համար, տունէն ներս մտնելուն պէս, ան մեզի ըսաւ,

Տղաներս, այսօր ձեզի խունձ կուլուլու եմ բերեր։

Խունձ կուլուլուն` հունձքի համար նպաստաւոր անձրեւէ մը վերջ` անոր ջուրով լաթ մըն է, զոր տղաներ փայտի մը վրայ կ՚անցունեն եւ յատուկ եղանակով մը «խունձ կուլուլու, խունձ —կուլուլու» գոչելով կը պտտցնեն, ուրախութեան ի նշան։

Մինակ այս խօսքերով չմնաց Թաթէոս Վ. ։ Այդ օրը, ան հովեր մըն ալ ունէր վրան, զգացնող  թէ` ինքն էր, իր աղօթքը, որ անձրեւը բերած էր երկինքէն։

Հայրիկ, որ նոյնպէս անձրեւին պատճառաւ այդ գիշերը Առաջնորդարանը մնացած էր, իմանալով որ Թաթէոս Վ. մեր տունն է, մեզի եկաւ ճաշէն վերջ։ Ան ուրախութենէն կը ճառագայթէր, ո՛չ անշուշտ իր անմեղ եւ այնքան լաւ յաջողած խաղին համար, այլ անոր համար որ անձրեւը մեծապէս կը թեթեւցնէր իր ուսերուն վրայ կապարի պէս ճնշող բեռը։ Ինչպէս առհասարակ ամէն ուրախ մարդ` ան եկած էր իր ուրախութիւնը բաժնելով եւ զայն բաժնուած տեսնելով վայելել զայն լիալիր։ Ան եկած էր նոյնպէս փորձերու ենթարկելու Թաթէոս Վ. ի միամտութիւնը եւ ըստ սովորութեան քիչ մըն ալ «ձեռք առնելու» զայն։ Հայրիկ գիտէր որ հրաշագործ… վարդապետը` հարիւրին  հարիւրով հաւատացած էր թէ իր աղօթքն էր որ երկինքին իջեցուցած էր այդ օրուայ անձրեւը։

Վաղը ձեզի կուսակալին պիտի տանիմ Հայր-սուրբ։

Այս հագուստո՞վ։

Թաթէոս Վ. ի այս պատասխանը բնաւ մերժում չէր նշանակեր։ Հայրիկ գիտէր։

Պօղչան վար կ՚առնենք եւ քաղաքը բերել կուտանք։ Կը փոխուինք անանկ կ՚երթանք,

Պօղչայի խօսքէն Թաթէոս Վ. բնաւ չէր ախորժեր, առ հասարակ կ՚առնուէր անկէ եւ տեսակ մը քէն կը պահէր, բայց այս անգամ բան մը չըսաւ ընդհակառակն համեմատութիւնը յայտնեց։ Սակայն երբ Հայրիկ կատակը շարունակելով   ըսաւ`

Բայց պայմանաւ որ պօղչան նորէն  տեղը դընենք…

Թաթէոս Վ. սրդողեցաւ քիչ մը։

Ձեր փառքը (առաջնորդութիւնը) թող ձեզի մընայ, իմ վարձքս ինծի բաւական է։

Վարձքն ըսելով` բերած անձրեւը կը հասկնար միամիտ կրօնաւորը։

Հայրիկ կուշտ ու կուռ կը խնդար։ Կը խնդային նաեւ ներկաները, որոնց վերջ ի վերջոյ ուղղուելով Հայրիկ, ըսաւ լրջօրէն։

Ինչ կ՚ըսէք ըսէք, մինչեւ որ Հայը Սուրբին պէս չըլլանք, չենք կրնար երկնից Արքայութիւնը մտնել։

Միամիտ  վարդապետը այդ օրուայ իր հրաշքին վերագրեց Հայրիկի այս չարաճճի դատաստանը եւ վերին աստիճան գոհ մնաց։

Բայց Թաթէոս Վ. ի միամտութեան գլուխ-գործոցը վերապահուած էր շատ աւելի ետքի։

Անգամ մը, երբ արդէն նորէն պօղչան վար բերած կ՚ըլլայ Թաթէոս Վ,, ինչ որ հոմանիշ է անոր առաջնորդական պաշտօնին անցած ըլլալուն, վերարկույովը ծածկուած, ան իտարէյի ժողովին կ՚երթայ։ Ժողովի ընթացքին, պահ մը կուսակալին այցելութեան կուգայ Ամերիկացի Տօքթէօր Ռէյնօլտս։ Տօքթէօրին մեկելէն  վերջ, կուսակալը, որ` Հայրիկի պէս կը ճանչնար վարդապետը, անոր կը հարցնէ,

Մուրախաս էֆէնտի, ինչպէ՞ս մարդիկ են այս Ամերիկացիները։

Թաթէոս վարդապետին ծանօթ է թէ Թուրքերը առ հասարակ գէշ աչքով կը նային Եւրոպացիներուն։ Անոնց հաճոյանալու առիթ մը գտած ըլլալ կը կարծէ եւ լըրջօրէն,

Պէյ էֆէնտի՛, մեզ համար ասոնք ձեզմէ ալ գէշ մարդիկ են։

Կուսակալը, հարկ կա՞յ ըսելու, խնդալէն կը ճաթի։

Անձրեւին յաջորդ օրը, քաղաքապետը կարգ մը թուրք ծանօթ անձանց գլուխը անցած` Հայրիկին կուգայ ե՛ւ շնորհաւորութեան ե՛ւ շնորհակալութեան համար։ Այդ այցելուներուն կը հետեւին, նոյնպէս շնորհակալութեան զգացումով խումբ մը սովահարներ, որոնց Հայրիկ հաց բաշխել կուտայ։ Հացին հոտն առած` յաջորդ օրը Առաջնորդարանը կը ներկայանան շատ աւելի մեծ թիւով Թուրքեր, Հայրիկ նորէն հաց բաշխել կուտայ անոնց։ Երրորդ օրը դիմում կատարողներու թիւը կ՚ստուարանայ։ Անոնց խառնուած են հիմա Քիւրտեր, Գնչուներ մեծ մաս կիներէ բաղկացած։ Հայրիկ հրաման կ՚ընէ նորէն հաց տալ անոնց, բայց Յանձնաժողովի պաշտօնեան կը մերժէ անոնց տոմս տալ, իսկ  պահեստապետն ալ` առանց տոմսի հաց տալը։ Դիմողներէն կիները` երեխաները գիրկերնին, վերը, Առաջնորդարանը կ՚ելնեն եւ լալագին Հայրիկի ոտքը կ՚իյնան։  Հայրիկ ինքն ալ կ՚սկսի արցունքը թափել անոնց  հետ, յետոյ դարակը կը քաշէ, կապոյտ մահուտիէ քսակը կը բանայ, եւ, իրեն հայեցողութեամբ բաշխուելու համար իրեն տրամադրուած գումարէն մաս մը` կը վերցընէ եւ թուրք ու քիւրտ սովեալներուն կը բաշխէ։ Յետոյ անոնց կ՚ըսէ։

Երկու օրէն եկէք, ձեզի տոմս տալ կուտամ, անով դուք հաց կամ ալիւր կ՚ստանաք։

Հայրիկ կը յուսայ Սովելոց Յանձնաժողովը  գումարել եւ համապատասխան որոշում մը առնել անկէ։ Յանձնաժողովը սակայն, անհաղորդ Հայրիկի թէ՛ գութի զգացումին եւ թէ՛ լայն հայեացքին, անհաշտ`ոչ քրիստոնեայ աղքատներուն օգնելու սկզբունքին, գումարումը կը ձգձգէ։

Երկու օր վերջ կը ներկայանան իսլամ սովեալները։

Հայրիկ նորէն կը բանայ դարակը, գումար մը եւս կը հանէ կապոյտ քսակէն եւ ներկայացող սովեալներուն կը բաշխէ։

Հարցը կնճիռի երեւոյթ կ՚առնէ Յանձնաժողովին եւ անոր նախագահին միջեւ։ Յանձնաժողովը իր նիստին գումարումը ձգձգելով իր անհամամտութիւնը կը յայտնէ, Հայրիկ ձեռքին ներքեւ ունեցած դրամը շարունակելով բաշխել գլուխ կը բռնէ։ Կնճիռը կը տեւէ այնքան ատեն մինչեւ որ Հայրիկի տրամադրութեան ներքեւ դրուած կարեւոր գումարը կը հատնի եւ ան կը զրկուի իրեն դիմող հայ կամ իսլամ սովեալներուն օգնելու միջոցէն։

Հայրիկ չվհատիր։ Ան  կը դառնայ Պօլսեցի մուրացիկը` որ Սուլթան Ահմէտ կը մուրայ եւ կը տանի Սուլթան Մէհմէտ ողորմութիւն կուտայ։ Յանձնաժողովը պաշտօնական նիստ չգումարեր բայց անոր անդամներուն մեծ  մասը Քաղ. ժողովոյ անդամներ` Առաջնորդարանն են միշտ։ Անոնցմէ օր մը մէկին, օր մը միւսին անհատապէս`

Երկու ոսկի ունի՞ք վրանիդ։

Կրնա՞ք ինձ տասը մէճիտ փոխ տալ։

Յանձնաժողովին համբերութիւնը աւելի կարճ կու գայ, մանաւանդ որ այդ համբերութիւնը գէշ կը համեմատէր անոր անդամներէն ոմանց քսակին հետ։ Ան նիստը կը գումարէ վերջապէս։

Յանձնաժողովին նիստը կ՚ըլլայ քիչ մը փոթորկալից։ Ան կ՚սկսի Խրիմեանի տրամադրուած գումարին բաշխման ձեւին քննադատութեամբը եւ կը վերջանայ անոր հաշիւին պահանջումովը։ Հայրիկ դժգոհ`

Հաշիւը եկող ժողովին կը բերեմ կ՚ըսէ եւ նիստը կը փակէ։

Յաջորդ ժողովին` Հայրիկ կը ձգէ Վարագ կ՚երթայ եւ հոնկէ կը ղրկէ հաշիւը…։

Պահարանի մը մէջ կապոյտ մահուտիէ  քսակը, մէջը ճերմակ թուղթ մը, որուն վրայ դրած է։

Սովելոց յատուկ  20, 000 ղրուշը այս քսակը մտած է եւ անկէ դուրս ելած` սովեալներու համար։ Ահա հաշիւը։

Հայրիկի այս քիչ մը յեղափոխական եւ շատ յանդիմանական ժէսթին վրայ, Յանձնաժողովը կ՚սկսի անձնատւութեան մասին խորհիլ։ Սրուանձտեան Գարեգին  Վ., որ եղած է ամէնէն անհաշտը, առաջարկ կը բերէ 20, 000 ղրուշ եւս դնել Հայրիկի տրամադրութեան  ներքեւ իր հայեցողութեամբ  բաշխուելու համար։

Այս առաջարկովը Յանձնաժողովը  կը յուսայ մէկ քարով երկու թռչուն զարնել, փակել ե՛ւ սկզբունքի ե՛ւ հաշուետուոթեան հարցերը։ Ան` Սրուանձտեան Վ. ին եւ հօրս պաշտօն կը յանձնէ Վարագ երթալ եւ Հայրիկին հաղորդել որոշումը։

Հայրիկ Վարագէն կ՚իջնայ, բայց ոչ իսկ սկզբունքէն։ Յանձնաժողովի գումարուած նիստին մէջ ան ուրիշի խօսք չտար։ Ինքն է որ կը խօսի, յօնքերը պռստած, քիչ մը քէնով, կտրուկ եւ հեղինակաւոր։

—Եթէ դուք այստեղ կը տեսնաք հայ սովեալ մը ու գութի զգաղում կ՚ունենաք անոր մասին եւ այնտեղ կը տեսնաք թուրք  սովեալ մը ու այդ գութի զգացումը կը պակսի ձեզի, ապա ուրեմն սուտ է եւ կեղծ ձեր Հայու մասին ցոյց տուած գութի զգացումը։ Անկարելի է որ նման սիրտ մը ընդունակ եղած ըլլայ գութի եւ սիրոյ զգացումներուն։

Ժողովականները ակնածախառն զարմանքով մը մըտիկ կ՚ընեն։ Հայրիկի ճակտին կնճիռը դեռ չէ պարզուած սակայն, ոչ ոք կը համարձակի խօսք առնել։ Անոնք գիտեն որ Հայրիկ իր ըսելիքը աւարտած չէ դեռ։

Երբ կը շարունակէ Հայրիկ այն փոքրիկ միջոցին, ձեր ձեռքը գտնուած այն քանի մը ոսկիի միջոցին վրայ դուք ուզէք դնել սեփականութեան, հաւատքի, ցեղի խտրականութեան դրոշմը, դուք ինքներդ Թուրքին իրաւունք տուած պիտի ըլլաք նոյն դրոշմը` աւելի իրաւամբ դնելու իր ձեռքը գտնուող հազար անգամ հազարով աւելի մեծ միջոցներուն վրայ։

Հայրիկի այս խօսքերը` մարդկայնութեան բարձր գաղափարներով տոգորուն, քաղաքական հեռատեսութեամբ զեղուն` խոր տպաւորութիւն կը գործեն յանձնաժողովոյ անդամներուն վրայ։ Անոնք համաձայն կ՚ըլլան, մասնաւորապէս, երեւոյթները փրկելու անհրաժեշտութեան տեսակէտէն  եւ կ՚որոշեն` օգնութեան  ուղղակի եւ հրապարակային բաշխումին մէջ, կրօնքի կամ ցեղի խտրութիւն չդնել։

Բայց օգնութեան ամէնէն կարեւոր բաժինը անուղղակի միջոցներով է որ կը բաշխուի, գործ մը որուն լըծուած է ինքը, Հայրիկ, իր հետն ունենալով մասնաւորապէս Սրուանձտեան Գարեգին Վ. եւ Պ. Ս. Տէվկանց։

Ան` Յանձնաժողովի հովանաւորութեան ներքեւ կ՚առնէ Խնամատար ընկերութիւնը, որուն հոգին էր Պ. Համբարձում Երամեան, արհեստաւորներու դրամագլուխ կը յատկացնէ, հայ գիւղացիներու լծկան եւ սերմնցու կը բաշխէ, յետոյ խղճմիտ քննութեամբ մը օգնութիւն կը հասցնէ «մուրայ ամաչող» դասակարգին, ի վերջոյ, 1881 ի շրջանին, երբ սովը կը սկսի մեղմանալ, Հայրիկ աչքը կը դարձնէ դէպի ուրիշ սովեալներ եւ ծարաւիներ, ուսման ծարաւիները, որոնց համար` քանի մը կարեւոր գիւղերու մէջ, կը բանայ դպրոցներ, հիմքը կը դնէ Օրիորդաց առաջին վարժարանին եւ վերջապէս երկրագործութիւնը ծաղկեցնելու եւ այգու նոր սովերու առաջքը առնելու առաջադրութեամբ, կը հիմնարկէ Վարագի երկրագործական վարժարանը, որ Վանի գիւղատնտեսութեան մէջ այնքա՜ն մեծ փոփոխութիւններ պիտի մտցնէր։

Բայց Հայրիկ ոչ միայն անկարեկիր չէր այլակրօն  կարօտեալներու հանդէպ այլեւ, հեռատես ոգիով մը`առիթը չէր փախցնէր, շատ հեղ ինքը կը ստեղծէր, իր` եւ իրմով` Հայու անխտրականութեան ոգին, անոր հայեացքներու լայնութիւնը ապացուցանելու համար։

Անգամ մը քաղաքէն տունը վերադարձին, Խաչ փողոցը , խումբ մը սովահար Քիւրտեր, այր, կին, երեխայ, ճշմարիտ կմախքներ, շրջականերէն նոր հասած Հայրիկի ձիուն ոտքը կ՚իյնան։ Ի՞նչ ընէ Հայրիկ, պահը ուշ է, քովը դրամ չկայ, հրապարակը  փուռ չկայ։ Աչքերը հրապարակին վրայ կը պտտցնէ եւ յանկարծ խանութի մը առջեւ կը նշմարէ լուբիայի պարկեր։ Լուբիայով անշուշտ կարելի էր կշտացնել սովեալները, բայց ինչպէ՞ս ձեռք բերել լուբիաները։ Ինքը վրան դրամ չունի եւ շատ կը կասկածի որ լուբիային տէրը, անծանօթ թուրք մը, ուզէ ապառիկ տալ իր ապրանքը։

Քիչ մը կ՚սպասէ  եւ ծանօթ Հայու մը անցքը կը լըրտեսէ որպէսզի քովը կանչէ ըսելու`

Երկու ոսկի ունի՞ք վրանիդ,

Ոչ ոք կ՚անցնի աչքը բռնող։

Սովեալներու, մասնաւորապէս երեխաներու դէպ իրեն ուղղուած աղերսագին նայուածքները Հայրիկի  սիրտը կը կտրատեն։

Թուրքին կը մօտենայ Հայրիկ, լուբիային  գինը կ՚իմանայ եւ անոր կը հրամայէ պարկ մը տայ սովեալներուն։

Հայրիկի հրամանը կը բաւէ որպէսզի Քիւրտերը` սովալլուկ գայլերու պէս, լուբիայի պարկին վրայ յարձակին։ Քիչ շատ ուժ ունեցողները վրանին կը բաժնեն պարկը, վատուժները, կին, երեխայ, կուգան նորէն Հայրիկի ձիուն ոտքը կ՚իյնան։

Հայրիկ ոստիկան կը կանչէ այս անգամ, պարկ մը եւս կը դնէ եւ ոստիկանին  ձեռամբ զայն անոնց բաշխել  կուտայ։

Սովեալները կը գոհանան, բայց ոչ լուբիային տէրը։ Ան Հայրիկէն դրամ կ՚սպասէ, իսկ Հայրիկ ծանօթի մը անցքը, որ սակայն կ՚ուշանայ։

Վերջապէս կ՚անցնի ծանօթ մը, բայց ոչ Հայ։ Քիւրտ մըն է ան, շատ յայտնի Քիւրտ մը, Մոկսի աղաներէն, աւելի ճիշդը Մոկսի աղան Մութթուլլահ պէյ, որ Հայրիկին կը մօտենայ կը բարեւէ զայն եւ կ՚անցնի դէպի քաղաքը։

Հայրիկի մէջ կը ծագի Համլէթեան տարակոյսը,

Ուզե՞լ թէ չուզել։

Պահը տարաժամ է, Թուրքը անհամբեր։

Մութուլլահ պէյ  բաւական հեռացած է։

Հայրիկ ձին կը քշէ եւ Ռիւպիկօնը կ՚անցնի։

Որքա՞ն դրամ ունիք վրանիդ, ան կը հարցնէ քիւրտ պէյին, երբ քովը կը հասնի։

Որքան որ կ՚ուզէք, կը պատասխանէ զարմացմամբ Մութուլլահ պէյ,

Հինգ ոսկի տուէք ինձ ուրեմն, վաղը ձեզի կը ղրկեմ։

Մութուլլահ պէյ կուտայ անմիջապէս ուզուած դրամը Հայրիկին, Հայրիկ Թուրքին։

Մութուլլահ պէյ թոռն է Մոկաց աշխարհի համբաւաւոր Խան Մահմուտի, որ Պէտըրխան պէյի հետ ապստամբութեան դրօշ պարզեցին Սուլթան Մէճիտի դէմ։

Մութուլլահ պէյ ֆիզիքական եւ իմացական շնորհներով օժտուած երիտասարդ մըն է։ Իր բարձր եւ նուրբ հասակովը, մորթովը եւ կապոյտ աչքերովը նման է աւելի Անգլիացի մը քան թէ Քիւրտի, ան ամբողջ Քիւրտիստանի մէջ ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն խելացի քիւրտի  համբաւը կը վայելէ։ Ճշմարիտ հայասէր մը, այս անձն էր որ, յետագային, 96ին եւ 915ին, Մոկսի Հայութիւնը փրկեց ջարդերէ։ Մութուլլահ պէյ հայերէն կը խօսի եւ քիչ մըն ալ կը գրէ։ Հօրս հետ, որուն բարեկամն էր, ան հայերէնով կը թղթակցէր։

Իր ապրելակերպովն ալ Մութուլլահ պէյ կարծես քիւրտ եղած չըլլար։ Մինչ իրմէ փոքր եղբայրը չորս կին ունէր, ինքը` այս պատմութեան օրերուն, ամուրի էր եւ ամուրի մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Գուցէ այս իրողութենէն ծնունդ առած է պատմութիւն մը, որուն նայելով Մութուլլահ պէյ կը սիրէ եղեր հայ աղջիկ մը, քահանայի  մը աղջիկը, որուն հետ խօսակցելով է որ ան սորված է հայերէնը եւ որուն հօրմէն սորված է կարդալը եւ գրելը։ Քիւրտ պէյը` ոչ կրցած է ամուսնանալ սիրած աղջկան հետ, ոչ ալ ուզած զայն փախցնել։ Այսպէս երկու սիրահարները ուխտած են եղեր ամուրի մնալ եւ իր բաժին ուխտը յարգելով է որ քիւրտ աւատապետը մինչեւ վերջ մնացեր է ամուրի։

Քիւրտերը, անխտիր, քաղաքէն հեռու կ՚ապրին եւ երբ գալու ըլլան քաղաքը, ուր օթէլ գոյութիւն չունի, անոնք կ՚իջեւանին, առանց բացառութեան, իրենց հայ բարեկամներու տուները։ Այս է եղեր, դարերէ ի վեր, տեղական սովորութիւնը։ Քիւրտերէն իւրաքանչիւրը իր ծանօթն  ունէր, իր վաճառականը, իր սեղանաւորը, միշտ հայ, որուն հետ ան կը գործէր, կը թղթակցէր, եւ երբ քաղաքը գալու  ըլլար, անոր տունը կը հիւրընկալուէր։ Մութուլլահ պէյ, որպէս այդպիսին մեր բնակարանն ունէր եւ ուրիշ բարեկամի մը։

Հայրիկի հետ ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս վերջ, քիւրտ պէյը մեզի եկած էր այդ իրիկուն։ Ան հազիւ թէ աւարտած էր իր հանդիպումին պատմութիւնը, երբ սենեակէն ներս մտաւ Հայրիկի դրացիներէն Սէֆիլեան Մկրտիչ անուն մէկը, որ Հայրիկի  կողմէն Մութուլլահ պէյին բերած էր փոխ առած հինգ ոսկիին հետ անոր շնորհակալութիւնները։

Հայրիկ սովեալներուն օգնութեան հասնելու իր մտասեւեռումին մէջ մոռցած էր թէ անոնք Քիւրտեր են։ Երբ վերջ ի վերջոյ անդրադարձած էր, նկատած էր թէ որ աստիճան անյարմար բան մը ըրած էր քիւրտ սովեալին օգնելու համար քիւրտէ մը դրամ փոխ ուզելով։ Եւ, որպէսզի աւելի երկար ատեն թոյլ չտար որ Քիւրտը մնար թիւր կարծիքի մը մէջ, Հայրիկ փութացէր էր դրամը ետ ղրկել անմիջապէս։

Մութուլլահ պէյ չուզեց ետ առնել դրամը եւ շատ թախանձեց հօրմէս զայն ընդունիլ որպէս նուէր, բայց հայրս` թափանցած Հայրիկի ժէսթին տեղի տուող անոր մտածումին, համոզեց Քիւրտը եւ անոր ետ առնել տըուաւ դրամը։

Անանկ է նէ, ես Խրիմեան էֆէնտիին ուրիշ նըւէր մը պիտի ընեմ, աւելի մեծ նուէր մը։

Ի՞նչ նուէր։

Հինգ ոսկիին տեղ հինգ տուն հայ քրիստոնեայ  պիտի նուիրեմ Հայրիկին։

Եւ բացատրելով`

Անցեալ օր Ապաղայի շրջանէն հինգ կրմանջի ընտանիքներ (Վանի հարաւային մասերը, Մոկս, Շատախ, Պօհտան, բնակող Քիւրտերը Ճէլօներ են, որոնք կրմանջի անունը կուտան իրենցմէ զատ  միւս Քիւրտերուն) քովս եկան իմ խորհուրդը եւ միջամտութիւնը խնդրելու։ Ասոնք կը պնդեն թէ` իրենք հայ քրիստոնեաներ եղած են եւ թէ` ունին հայ ազգականներ, որոնք այժմ Մոկս կը բնակին եւ կ՚ուզեն քրիստոնէութիւնը ընդունելով երթալ` ապրիլ իրենց ազգականներուն քով։ Ես անոնց խոստացայ միայն զիրենք Մոկս ղրկել իրենց ազգականներուն քով, բայց եթե Խրիմեան էֆէնտին կ՚ուզէ մկրտել զանոնք, ես կրնամ Մոկս ղրկելէ առաջ Առաջնորդարանը ղրկել զանոնք։

Հայրս անմիջապես պատասխանեց թէ Խրիմեան բնաւ չպիտի ուզէր ատանկ փափուկ գործի մը միջամուխ ըլլալ։      

Մութուլլահ պէյ չընկրկեցաւ։

Դիմում ընողները գիտեն գործին փափկութիւնը շարունակեց Քիւրտ պէյը ես նմանապէս։ Բայց անոնք կը պնդեն թէ` ասկէ յիսուն տարի առաջ իրենց գիւղովը քրիստոնեաներ եղած են։ Նոյն իսկ դիմում ընողներուն գլխաւորը, որ թէեւ իսլամական անուն կը կրէ, բայց գիւղացիները զինքը կը ճանչնան «Կոռ է քէշիշ» քահանայի տղայ անունով, կը պնդէ թէ իր  հայրը գիւղին քահանան եղած է։

Ինչ որ ալ եղած ըլլայ, այս օրերու  անյարմար է ատանկ խնդիր մը մէջտեղ բերել կտրուկ եղաւ հայրըս, եւ հարցը փակեց այդ իրիկուն։

Յաջորդ օրը սակայն, սովելոց յանձնաժողովին մէջ ան բացած էր հարցը։ Հայրիկ եւ Սրուանձտեան վարդապետը մեծապէս հետաքրքրուած էին եւ փափաքած էին տեսնել «Կոռէ քիշիշ»ը, ոչ անշուշտ զայն եւ իրենները քրիստոնեայ ընելու համար, այլ անոր ըսելիքներէն պատմական եւ բանասիրական նիւթ մը հանելու համար։ Իրիկուն, հայրս` Հայրիկի այս փափաքը յայտնեց Քիւրտ պէյին, որ սիրով ընդ առաջ գնաց անոր եւ ժամադրութիւնը կայացաւ։ Իրիկուն մը Հայրիկ եւ Սրուանձտեան  մեզի պիտի ճաշէին Մութուլլահ պէյի հետ։ Ճաշէն վերջ անոնք պիտի լսէին «կոռ է քէշիշ»ը զոր այս վերջինը  միասին բերած պիտի ըլլար։

Ժամադրութեան իրիկուն, ճաշէն վերջ, վեր կանչեցին «կոռ է քէշիշը» որուն կընկերանար իրմէն շատ աւելի ծեր ուրիշ քիւրտ մը։

Մութուլլահ պէյ նախօրօք անոնց վրան գլուխ շտկել տուած է։

«Կոռ է քէշիշ»ի պատմութեան նայելով, իրենց Ապաղայի Խաչան գիւղէն եղած են, ուրկէ 1828ի պատերազմին, քիւրտ աշիբէթապետ մը զիրենք քշած իր գիւղը տարած է եւ հոն իսլամացուցած։ «Կոռ է քէշիշ»ը ոչ հօրը անունը կը յիշէր ոչ ալ ուրիշ կարեւոր փաստ մը կրցաւ տալ, բայց ընկերացող ծերունին «կոռ է քէշիշ»ին հօրեղբայրը, յիշեց գիւղին եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ քանի մը սուրբերու անունները։ Եւ երբ Հայրիկ քիչ մը թերահաւատութիւն ցոյց տուաւ, ան յանկարծ երգուեցաւ`

Տէր Յուսկան որդւոց մէկ պատարագը վկայ,

Սրուանձտեան Վ. գիւտ մը ըրածի պէս ծերունիին օձիքը բռնեց, ան գիտէր թէ Տէր Յուսկեան որդին` մասնաւորապէս Ապաղայի եւ Բերկրիի (Առբերանի) շրջանին մէջ յայտնի սուրբ մըն է, թէ` անոր անունով` շրջանին ծայրը, Վանի լիճէն ոչ շատ հեռու բարձրացող լեռան մը լանջերուն վրայ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունի վանք մը, որմէ լեռը, վերջէն, փոխ առեր է անունը եւ դարձեր «Տէր Յուսկայ որդւոյ սար»։

Գիտէ՞ք թէ ով է «Տէր Յուսկան  որդին» քանի որ անոր մէկ պատարագին  անունով երդուեցաք։

Հարկաւ։

Ծերունիին ինքնավստահ պատասխանը սրեց ամէնքին, մասնաւորապէս Հայրիկի եւ Սրուանձեանի հետաքրքրութիւնը։ Այս վերջինը`

Պատմեցէք նայինք ի՞նչպէս գիտէք այդ սուրբին պատմութիւնը։

Ծերունին շտկուեցաւ, նոր  դիրք մը շինեց իրեն համար, թեթեւ հազով մը կոկորդը մաքրեց եւ այսպէս պատմեց։

«Ասկէ շատ տարիներ առաջ, Ապաղայի մէջ կ՚ապրէր Տէր Յուսիկ անուն քահանայ մը։ Տէր Յուսիկ իր առաքինութիւնովը նշանաւոր անուն մը ունէր եւ մեռնելէն վերջ սուրբի համբաւ թողած էր շրջանին մէջ»։

«Տէր Յուսիկ մահէն վերջ, որդին քահանայ կը ձեռնադրուի, եւ, որովհետեւ նորընծաներու առաջին պատարգը կըլլայ միշտ իրենց ծնողաց հոգւոյն համար, Տէր Յուսկան որդին` երբ առաջին պատարագին մէջ իր ծնողաց յիշատակութիւնը կ՚ընէ եւ անոնց հոգիին համար աղօթք, յանկարծ յափշտակութեան մը մէջ կ՚իյնայ։ Անոր աչքին կը պարզուի սոսկալի տեսարան մը, արեան ծով մը, որուն մէջ սուրբ կարծուած իր հայրը կը տապըլտկուէր պոռնիկ կնոջ մը հետ։ Որդին` աչքովը կը տեսնայ սոսկալի չարչարանքը, զոր իր հայրը կը կրէր իր պոռնկութեան անքաւելի մեղքին համար։ Անոր հաւատքը սակայն չթերանար։ Ան կը շարունակէ աղօթքը, կը շարունակէ ջերմեռանդօրէն եւ այնքան ատեն մինչեւ որ կը տեսնայ թէ հայրը ազատուած է արդէն պոռնիկ կոջը բազուկներէն եւ կը յառաջանայ դէպի ծովեզրը, դէպի ինքը։ Քաջալերուած` այն ատեն ծունկի կուգայ նորընծայ, բազուկները կը տարածէ եւ լռելեայն ու արտասուաթոր կը շարունակէ իր աղօթքը։ Հայրը ճեղքելով արեան ճապաղիքը կը յառաջանայ, բայց ծովը մեծ է եւ մեղաւոր հօրը շարժումները դանդաղ։ Ոգիին յափշտակութիւնը եւ աղօթքը կը շարունակեն։

«Ամբողջ ժողովուրդը լուռ, գիտէ թէ տարօրինակ բան մը տեղի կ՚ունենայ խորանին առջեւ։ Ահաբեկ, աչքերը յառած դէպի պատարագիչը ան ելքի կ՚սպասէ հեւագին։ Տէր Յուսկան որդին չդադրիր աղօթելէ, ան կը տեսնէ որ Հայրը տակաւ կ՚ուժաթափի, եւ, չկրնալով այլեւս ճեղքել արեան ճապազիքը, կանգ  կառնու վերջապէս։ Որդւոյն հաւատքը ամուր է սակայն։ Ան նոր թափ մը կուտայ իր աղօթքին, եւ հաւատքին բոլոր ուժովը կը խնդրէ Աստուծմէ կատարել իր առաջին եւ վերջին խնդրանքը։ Ան Աստուծմէ կը խնդրէ թեթեւցնել հօր մեղքը, ներել անոր եւ ուժ տալ անոր անդամներուն, որպէսզի ան ճեղքէ իր մեղքին ծովը եւ դուրս գայ անկէ։ Ի փոխարէն, ան կ՚ուխտէ, իր հօր մեղքին քաւութեան համար լեռը քաշուիլ եւ իր կեանքին մնացորդը նուիրելով Աստուծոյ, ճգնել եւ աղօթել»։

«Աստուած կ՚ընդունի ծնողասէր որդիին ուխտն ու խնդրանքը։ Հայրը կ՚սկսի շարժիլ եւ յառաջանալ նորէն, որդին չդադրիր աղօթելէ, ան կը շարունակէ իր աղօթքը  այնքան ատեն մինչեւ որ հայրը կը յաջողի արեան ծովէն դուրս գալ բոլորովին եւ ազատիլ վերջապէս»։

«Այն  ատեն, որդին  կ՚սթափի իր յափշտակութենէն եւ ժողովուրդը իր մատնուած զարմանքէն։ Նորընծան ոտքի կ՚ելնէ, կը  շարունակէ պատարագը եւ կը վերջացընէ զայն, բայց ատիկա կ՚ըլլայ անոր առաջին եւ վերջին պատարագը, «մէկ պատարագը»։ Ան ըստ իր ուխտին, լեռը կը քաշուի եւ, մինչեւ կեանքին վերջը կ՚աղօթէ եւ կը ճգնէ»։

Աւանդութիւնը` փոփոխակներով ծանօթ էր թէ` Հայրիկին եւ թէ՛ Սրուանձեանին, բայց ծերունիին պատմուածքը, զոր Մութուլլահ պէյը թարգմանութեանը մէջ կը յղկէր, նոր եւ զգայուն նօթ մը ունէր իր մէջը, ինչ որ մեծապէս գոհ թողուց թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը։

Ձեր պատմութիւնը ճիշդ է։ Շատ լաւ պատմեցիք ըսաւ Հայրիկ, բայց ես ձեզի ո՛չ քրիստոնեայ կը ճանչնամ, ոչ ալ կրնամ քրիստոնեայ ընել ձեզ։ Այսու հանդերձ, Վարդապետը, որ ուսումնական մարդ է եւ ասանկ պատմութիւններ կը սիրէ եւ կը հաւաքէ, գին մը թող վճարէ ծերունիին  պատմութեան համար։ Գացէք ապրեցէք մինչեւ նոր հունձքը։ Անկէ վերջ Աստուած ողորմած է։

Հայրիկին նշանին վրայ Գարեգին Վ, տասը ոսկի  տուաւ հինգ ընտանիքներուն համար։

Երբ «Կոռ է քէշիշ» հօրեղբօրը հետ մեկնեցաւ, Մութուլլահ պէյ խնդրեց Հայրիկէն չմերժել անոնց խնդրանքը, եւ զանոնք ճանչնալ քրիստոնեաներ։

Ես անոնց թուղթ մը կուտամ կը ղրկեմ Մոկսի իրենց ազգականներուն քով, ըսաւ քիւրտ պէյը, հոն իրենց խղճին հետ թող ապրին, քանի որ արիւննին կը քաշէ։

Անհաւատալի բան մըն էր, որ տեղի կունենար, իսլամ մը միջնորդութիւն կընէր իսլամ ընտանիքներու քրիստոնէութիւն ընդունիել տալու համար։ Ուրիշ մը` Հայրիկի տեղ, պիտի կասկածէր քիւրտ պէյի անկեղծութեան վրայ, բայց Հայրիկ մարդը կը ճանչնար։ Ան` աւելի ազատ մտածող մը` նոյնքան անկեղծութեամբ պատասխանեց։

Ո՛չ մկրտութեան պէտք կայ ո՛չ ալ ուրիշ ձեւականութեան։ Ղրկեցէք զիրենք իրենց համագիւղացիներու քով։ Հոն քրիստոնեայ թէ իսլամ, թող ապրին ինչպէս որ կ՚ուզեն։

Յետոյ կատակի տալով,

—Բայց ձեզ կը մկրտենք եւ հայ աղջկան մը հետ ալ կ՚ամուսնացնենք, եթէ ուզէք քրիստոնեայ դառնալ։