Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԲ ՍՈՎԸ ՉԿԱՅ ԱՅԼԵՒՍ

1881ի հունձքը յաջող եղաւ եւ սովը` դէպի տարւոյն վերջերը, սկսաւ մեղմանալ։ Անոր սարսափը քիչ մը դադրեցաւ ճնշելէ միտքերու եւ հոգիներու վրայ։ Ամէն ոք սկսաւ քիչ շատ ժամանակ ունենալ եւ մէջը տրամադրութիւն` քիչ մըն ալ ուրիշ բաներով զբաղելու եւ առաջին հերթին զբօսանքով։

Պատերազմէն ի վեր թատերական ներկայացում տեղի չէ ունեցեր։ Որբերու Խնամատար Մարմինը գաղափարը կը յղանայ ներկայացում մը տալու ի նպաստ իր ստանձնած որբախնամ  գործին եւ, իր կողմէն Տիգրան Ամիրճանեան Հայրիկին կը զրկէ անոր հաւանութիւնը  եւ հովանաւորութիւնը խնդրելու։

Հայրիկ կը հիանայ առաջարկին վրայ։

Ի՞նչ մտադիր էք ներկայացնելու կը հարցնէ ան։

«Ուսեալ Պանդուխտը»։

«Ուսեալ Պանդուխտը» լացնող խաղ մըն է։ Այս ժողովուրդը շատ է լացեր։ Եկէք քիչ մըն ալ խնդացուցէք։ Ինչո՞ւ «Կիկօն-Մրտօն» չէք ներկայացներ։

«Կիկօն-Մրտօն»` հարկահաւաքներու զեղծումները ձաղկող եւ զանոնք խարանող զաւեշտ մըն է, կը պատասխանէ Ամիրճանեան` որ երկու խաղերուն ալ հեղինակն է մինչդեռ մենք կուզենք կուսակալը եւ Թուրքերն ալ հրաւիրել։

Աւելի աղէկ, թող գան տեսնեն եւ դաս մը առնեն։ Հիւպատոսներն ալ հրաւիրեցէք, անոնք ալ թող գան տեսնեն։

Համաձայնութիւնը չուշանար։ Երկու բիէսներն ալ միաժամանակ պիտի ներկայացուէին Յիսուսեան  վարժարանի սրահին մէջ։

Ներկայացումին օրը հոն են կուսակալ Հասան բաշան, Հրամանատարը, հիւպատոսները եւ բազմաթիւ Թուրքեր, մեծ մասամբ պաշտօնեաներ։ Հայրիկ` Կուսակալը աջը, Հրամանատարը ձախը, անոնց կը բացատրէ «Ուսեալ Պանդուխտ»ի բովանդակութիւնը, երբ յանկարծ սրահին դուռնէն աղմուկ մը կը բարձրանայ։

Կուսակալը Հայրիկին կը հարցնէ աղմուկին պատճառը, Հայրիկ` Ամիրճանեանի, որ խաղերուն հեղինակն ըլլալէն ի զատ անոր րէժիսէօրն է եւ ամենայն ինչը։

Ամիրճանեան` Հայրիկի ականջին։

Հանդիսականներ են, որոնք չենք կրնար ներս ընդունիլ։

Ինչո՞ւ։

Աթոռ չունինք։

Վնաս չկայ, թող ոտքի վրայ կենան։

Աղմուկ կը հանեն։

Հայրիկ Կուսակալին կը թարգմանէ առած բացատրութիւնը։

Երկուքը միասին այս անգամ`

Վնաս չկայ, վնաս չկայ, թոյլ տուէք թող ներս մտնեն։

Ամիրճանեան չհեռանար, քիչ մը աւելի կը ծռի դէպի Հայրիկի ականջը։

Սրբազան, շէնքին սիւները կը գողան, սրահը փլչելու վտանգը կ՚սպառնայ։

Հայրիկ գոյնը կը նետէ, այն աստիճան որ Կուսակալը կը նշմարէ։

Ի՞նչ կայ արդեօք, Խրիմեան էֆէնտի։

Հայրիկ պատրաստամտութիւնը կ՚ունենայ ըսելու  թէ ներս մտնել ուզողները քիչ մըն գինով են։

Հայրիկ կուսակալը կը խաբէ բայց բայց ոչ ինքզինքը։

Ան կ՚սկսի մէկիկ յիշել շէնքի հնութիւնը, զայն փլցնելու որոշումը։ Յիշողութիւններուն իւրաքանչիւրը` մանաւանդ իր ենթարկուած անորոշութիւնը մէկ մէկ անձկութիւն կը բերեն անոր, զոր չի կրնար ծածկել քովիններուն աչքերէն, այն աստիճան, որ միջնարարին, Կուսակալը կը խնդրէ Հայրիկէն քիչ մը դուրս ելնել եւ օդ առնել։ Հայրիկ` առիթէն  կ՚օգտուի եւ թիկնաթոռէն դուրս կը նետուի։ Անոր առաջին հանդիպած անձը կ՚ըլլայ հայրս։

Ասանկ բան կ՚ըլլա՞յ։

Ի՞նչ կայ որ, Սրբազան։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, սրահը փլչելու վտանգը կը սպառնայ։

Հայրս գիտէ որ Ամիրճանեանն է եղած ահազանգը Հայրիկին տանողը։

Տիգրան վարժապետին (Ամիրճանեան)  խելքն է որ փլչելու վտանգը կ՚սպառնայ   կը պատասխանէ ան պաղարեամբ։

Հայրս դպրոցին հոգաբարձուներէն է։ Անոր հաւաստիքին վրայ Հայրիկ տեղը կը վերադառնայ շտկուած եւ տրամադրութիւնը վերագտած։

Կուսակալը չափազանց գոհ կը մնայ իր տուած խորհուրդին արդիւնքէն…։

Կարգը «Կիկօ-Մրտօ»ինն է։ Զաւեշտը կը լրացնէ Հայրիկի տրամադրութեան պակասը։ Անիկա, այս անգամ, իր աղճատ թուրքերէնովը, բայց մասնաւոր տրամադրութեամբ մը, որ առհասարակ անոր իւմօր կը բերէր, խաղէն` Կուսակալին կը թարգմանէ այն տեսարանը, որուն մէջ կառավարութեան շէնքին վրայ աշխատող հայ գործաւոր մը` մէճիտ 20  ղրուշէն առած իր աշխատավարձը երբ կը տանի իր տուրքին վճարելու, թահսիլտարը` մէճիտ 19 ղրուշէն առնել կ՚ուզէ, որ ատեն, գործաւորին առարկութեան վրայ` թահսիլտար Հասան ամէն ճիգ կը թափէ բայց ոչ մէկ կերպով չկրնար անոր բացատրել, թէ` ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ միեւնոյն մէճիտը առնելիքի փոխարէն առնուած ատեն 20 ղրուշ կ՚արժէ իսկ պարտքին տրուած ատեն 19։

Օ՜, ատիկա վալի Հասանն անգամ չկրնար բացատրել, կ՚ընդմիջէ կուսակալը տաք քրքիջով մը,

Խաղը կը վերջանայ եւ հիւրերուն մեկնելէն վերջն է միայն որ Հայրիկ կ՚իմանայ թէ` Ամիրճանեան բնաւ չէ չափազանցած, թէ` ստուգիւ, ներկայացման պահուն սիւները սկսած են դողալ եւ թէ հարկ եղեր է նոյնիսկ անոնցմէ մէկ երկուքին քով չգողացող օգնական սիւներ դնել եւ թէ` վերջապէս, հայրս դրութիւնը գիտակցօրէն է որ ծածկած է Հայրիկէն, ինչ որ սակայն բնաւ դժգոհ ձգած չէր զայն։ Հայրիկ սակայն դժգոհ է որ սովին պատճառաւ դպրոցին վերաշինութեան յետաձգումը կրնար եւ կրնայ ահաւոր աղէտի մը պատճառ դառնալ։

Այդ օրուայ հանդէսը Յիսուսեան հին դպրոցին հանդիսութեանց վերջինն կ՚ըլլայ։ Հոգաբարձութիւնը` հեռանկարին սարսափին ներքեւ, գողացող  սիւներուն քով` Հայրիկի հետ, ոտքի վրայ, կ՚որոշէ դպրոցը փոխադրել Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակը եւ անոր շէնքը փլցնել։

Ասիկա զբօսանքը։ Բայց մարդը միայն հացով եւ զբօսանքով չապրիր, ուրիշ բան ալ պէտք է։

Ու եղաւ որ առաւօտ մը շուկան մտնողը` անոր դուռներուն վրայ փակցուած տեսնէ յայտարարութիւն մը`

Յունաստանի եւ Գարատաղի հարցերը վերջ գտան։ Հայեր, ի՞նչ կը սպասէք այլեւս։

Մինչ ամէն ոք զարմանքի մէջ է այս անակնկալ  եւ յանդուգն ձեռնարկին համար եւ այլ ընդ այլոց ենթադրութիւններ կ՚ընէ անոր հեղինակներու ինքնութեանը մասին, յաջորդ առաւօտը, միեւնոյն տեղերու վրայ, միեւնոյն գիրով կ՚երեւան նոր յայտարարութիւններ` որոնք կը բացատրեն ե՛ւ ենթադրութիւնները ե՛ւ ամէն ինչը։

Այս երեկոյ Գլիւպին մէջ պիտի խօսուի Յունաստանի, Գարատաղի եւ Հայկական հարցերու մասին կ՚ըսէ` առանց այլեւայլի, նոր յայտարարութիւնը։

Գլիւպին անունը չկար, վասնզի մէկ Գլիւպ միայն գոյութիւն ունէր Վանի մէջ, հայկական Գլիւպը, որու հոգին Փորթուգալեանն էր, հովանաւորը` Կամսարականը, իսկ վարիչը` Փորթուգալեանի դպրոցին ուսուցիչներէն Տաճատ Պէյլէրեան, Պօլսեցի մը։

Գլիւպը որպէս նպատակ, թէ՞ պիտակ, ունէր` «Պայքար ալքօլի եւ տգիտութեան դէմ»։

Գլիւպին անդամները կը բաղկանան Փորթուգալեանի բարեկամներէ, համակիրներէ, ինչպէս նաեւ նորազարթ երիտասարդներէ, բայց տեսակներ չեն պակսիր անոնց մէջ։ Այդ տեսակներուն մէջ կան նաեւ Թուրքեր, նոյնիսկ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Անդամները Գլիւպը կ՚երթան թէյ կը խմեն, լրագիր կը կարդան, երբեմն ալ ճառ մտիկ կ՚ընեն։ Անոնք ազատ են նաեւ հետերնին տանելու ուզածնուն չափ ալ բարեկամներ։

Յունաստանի, Գարատաղի կամ Հայկական հարցերը ոչ գիտութեան մարզին մէջ կ՚իյնան ոչ ալ ալքօլին։

Ոստիկանները վերցուցած են յայտարարութիւնները եւ հայ պահապանողականները, մասնաւորապէս պատասխանատու շրջանակէն, իրար անցած։

Քաղաքական ժողովոյ անդամները Առաջնորդարան  կը վազեն։ Առաջնորդը Հայրիկն է, բայց ան վերին հսկողութեան դեր մը ունի միայն, գործերը վարողը փոխանորդն է։ Սրուանձտեան  վարդապետը։

Սրուանձտեան Վ. Ժողովականներովը միասին համաձայն կ՚ըլլան արգիլելու այդ իրիկուն տեղի ունենալիք դասախօսութիւնը եւ կառավարութեան հանդէպ տղայական գործի մը ձեւը տալ յոյս տեսած յայտարարութեանը։

Բայց ինչպէ՞ս արգիլել։ Ձեռնարկին ետեւը գտնուող Փորթուգալեանի հետ, ոչ փոխանորդ Սրուանձտեան վարդապետի յարաբերութիւնները լաւ են ոչ ալ քաղաքական ժողովինը։ Հայրիկ կրնար դեր մը կատարել, բայց ան ալ բացակայ է, Վարագ կը գտնուի։

Ուրիշ ճար չկայ կ՚եզրակացնէ Սրուանձտեան ելլենք Վարագ երթանք։

Ձիեր բերել կուտան անմիջապէս եւ Փոխանորդին հետ Քաղ. ժողովոյ երկու անդամներ, որոնց մէկը հայրս, Վարագ կ՚երթան։

Հայրիկ բնաւ չքաջալերեր պատուիրակութեան մտադրութիւնը։

Ինչո՞ւ արգիլել, թո՛ղ խօսին, թո՛ղ բողոքեն, իրաւունք ունին։ Բարենորոգում խոստացած են, թո՛ղ գործադրեն։ Ի՞նչ կայ, թո՛ղ գիտնան թէ ժողովուրդը դժգոհ է։ Չի լացող տղուն կաթ չեն տար։

Զուր տեղ պատուիրակութիւնը կը ջանայ համոզել Հայրիկը թէ Պատրիարքարանի հրահանգները հակառակն է որ կը յանձնարարեն, զգուշաւորութիւն, շրջահայեցութիւն։

Բայց առաջին բողոքողը հէնց ինքը, Ներսէս Պատրիարքն է։ Ան ոչ միայն բողոքած է, այլեւ հրաժարական ալ ղրկած է Բ[արձրագոյն] դուռը։

  Անոգուտ կ՚անցնի Սրուանձեանի բացատրութիւնները, թէ պատրիարքարանը` Վարժապետեանի հրաժարարականին առիթովն իսկ, խոհականութիւն յանձնարարած է, այն  պատճառաբանութեամբ թէ գաւառներու  ցոյցերը տարբեր գոյն պիտի տային Ներսէս պատրիարքի հրաժարականին եւ պիտի փափկացնէին անոր դիրքը։ Հայրիկ կը մնայ անդրդուելի։ Ան կը խոստանայ միայն յատուկ սուրհանդակով նամակ մը ղրկել Փորթուգալեանի եւ չափաւորութիւն յանձնարարել անոր։

Կառավարութիւնը հաւաքոյթը չարգիլեր, ոչ ալ պաշտօնեաներ կը ղրկէ հոն, որպէսզի ճառախօսները  լաւ մը խօսին եւ ինքը աղէկ մը իմանայ թէ ինչեր կրնան խօսուիլ հոն։ Չէ ո՞ր թուրք անդամներ ունի գլիւպը եւ հայ լրատուներ չեն պակսիր։

Բարեբախտաբար Հայրիկի յանձնարարութիւնը ատենին կը հասնի եւ Փորթուգալեան, օրուայ բանախօսը, չափը կը պահէ։ Բանախօսութիւնը բնաւ չարդարացներ հրաւէրը, բայց յայտարարութիւնը կայ մէջտեղ եւ հաւաքոյթին փաստը, որ կը մատնէ թէ Փորթուգալեան է անոր հեղինակը։ Փորթուգալեան կը բանտարկուի։

Զուր տեղ Փորթուգալեանի բարեկամները կը ճնշեն Սրուանձտեանի վրայ, որպէսզի ան դիմում ընէ, երաշխաւորէ եւ ազատէ Փորթուգալեանը։

Ազգին կողմէ պաշտօնական միջամտութիւնը` Փորթուգալեանի  ելոյթը իւրացնելու նշանակութիւնն պիտի ունենար կ՚ըսէ ան ու կը մերժէ, նոյնիսկ  կ՚սպառնայ հրաժարիլ։

Գալճեան Գէորգ պէյ եւ հայրս կ՚ըլլան որ անձնապէս երաշխաւորելով բանտէն կ՚ազատեն Փորթուգալեանը եւ այսպէս դրութիւնը կը փրկեն։