Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻՇԽԱՆՆԵՐՈՒ ԾԵԾԸ

Այդ օրերուն, քաղաքական  կուսակցութիւններ չկային եւ իրենց հարստութեամբ եւ ազդեցութեամբ ինքզինքնին շատ երեւցնողները «իշխաններ» էին եւ անոնք էին, այդ իշխանները որ կը վարէին  ազգին գործերը։ Իշխանները այն էին Վանի մէջ ինչ որ ամիրաները Պոլսոյ մէջ։

Իշխաններու ծեծը ըսինք առանց չակերտելու իշխան բառը, վասնզի այդպէս ըսած էր ժողովուրդը ծեծին օրը եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ անոր բերնին մէջ։

Իշխաններու ծեծը իր ընկերային երեւոյթովը` տեսակ մը յեղափոխութիւն էր, դասակարգային  յեղափոխութիւն։ Առաջին անգամն էր որ ժողովուրդը դէմ կու գար իր «իշխանին» եւ ձեռք կը բարձրացնէր անոր վրայ։

«Իշխաններու» ծեծը Առաջնորդարանի մէջ, Վանի համար այն է ինչ որ եղաւ եօթը տարի աւելի վերջ Աշըքեան Պատրիարքի ծեծը Գում Գափուի պատրիարքարանին մէջ, Պոլսոյ համար։

Միեւնոյն քաղաքական բնոյթը, միեւնոյն շարժառիթը, նոյն ամբոխը, նոյն մեթոտը։

Ու եղաւ որ Լոնտոնի Տէյլի-Նիւզ լրագիրը հրատարակէ Պոլիսէն իրեն հասած հեռագիր մը, որուն նայելով` Վանի նահանգին մէջ երկու հայ ճամբորդներ` Քիւրտերու կողմէ սպաննուած ըլլային։

Պերլինի դաշնագիրը դեռ թարմ է։ Ռուսիոյ դրդումով Պալքաններու մէջ խլրտումներ դադրած չեն տակաւին։ Ան դեռ հրաժարած չէ Պերլինի դաշնագիրը վերաքննել տալու իր քաղաքականութենէն, ոչ ալ առիթները` յօգուտ այդ քաղաքականութեան օգտագործելու իր մեթոտներէն։

Հայերու կեանքը դեռ արժէք ունէր։ Քաղաքագէտները զայն մանրուքի  տեղ կը գործածէին։ Անոնք անոր պէտք ունէին, այն չափով որ չափով ո եւ է մէկը մանր դրամի պէտք կ՚ունենայ իր առեւտուրին մէջ։ Լուրը հիմք չունէր։ Վանի  նահանգին մէջ, այդ օրերուն հայ սպաննուած չէր ո՛չ մէկ ո՛չ երկուք, բայց լուրը ռումբի պէս պայթած էր Վանի մէջ։ Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի լուրին սուտ կամ իրաւ ըլլալը։ Էականը` երեւոյթն է, լուրին «Տէյլի Նիւզ»ի մէջ երեւան գալը։ Չէ՞ որ «Տէյլի Նիւզ» Կլատսթոնի  բերանն է, իսկ Կլատսթոն Հայերու տէր եւ տիրականը…

Շատեր գիտեն թէ լուրը ճիշդ չէ, բայց ո՞վ է որ նման պահերուն, պիտի ուզէ գիտցածը ըսել։ Ո՞վ պիտի չուզէ գիտցածը պահելով ազգին ձրի ծառայութիւն մը ըրած ըլլալ։ Իսկ լուրին ստուգութեան հաւատացողը, մանաւանդ հաւատալ ուզողը արդէն փրփուր կտրած է։ Ան նոյնիսկ չուզեր հարցնել թէ ովքեր եղած են սպանուածները, բաւական է որ Հայեր եղած են անոնք։

Տարբեր անկիւնէ տակն ու վրայ եղած է տեղական կառավարութիւնը, որ հերքում հերքումի վրայ կը տեղացնէ Բարձր[ագոյն] Դուռը։ Բայց ի՜նչ արժէք ունի տեղական կառավարութեան հերքումը։ Չէ ո՞ր ան հերքելու մէկէ աւելի շարժառիթներ ունի արդէն, նախ, իր պատասխանատուութիւնը կեդր[ոնական] կառավարութեան հանդէպ, յետոյ, կեդր[ոնական] կառավարութեանը` Մեծ Պետութեանց հանդէպ։ Կեդրոնը ըլլայ թէ տեղականը, երկուքին ալ շահը կը պահանջէր ուրեմն որ հերքումը տեղի ունենար Հայերու կողմէ։

Իր պաշտօնին բերումովը ուրեմն եւ բնականօրէն Պոլիսէն հրահանգուած` Կուսակալ Հասան փաշան` Տէյլի Նիւզի լուրին առիթովը` քովը կը հրաւիրէ Խրիմեանը եւ Իտարէյի ժողովի երկու հայ անդամները։ Գէորգ պէյ Գալճեան եւ հայրս։

«Տէյլի-Նիւզ»ի հեռագիրը շուտով կը դառնայ խօսակցութեան նիւթ։ Խրիմեան` երկու պաշտօնակիցները միասին, չեն կրնար ծածկել բնականօրէն լուրին ստուգութենէ զուրկ ըլլալը։

Է՜ ուրեմն հաճեցէք Պատրիարքարանի իմացնել լուրին անստուգութիւնը։

Անշուշտ պիտի իմացնենք կը պատասխանէ Խրիմեան։

Եթէ կարելի է հեռագրով կ՚առաջարկէ հին աղուէսը։

Ինչո՞ւ չէ, կ՚ըլլայ Հայրիկի պատասխանը,

Խրիմեան կը խոստանայ բայց խոստումը ականջի ետեւ կը ձգէ։

Երկու օր վերջ կուսակալը կանչել կուտայ Գէորգ պէյ Գալճեանը, որ հոտը առնելով թէ կոչը խոստացուած հեռագրին համար է, կուսակալին երթալէն առաջ Առաջնորդարանը կը հանդիպի Հայրիկը տեսնելու համար։

Գէորգ պէյ Գալճեան համոզուած հակառուս մըն է։ Ռուսիոյ վրայ դրուած` Հայերու ազատագրութեան յոյսը` ան ցնորք կը համարէ, իսկ Արեւելեան պատերազմի ընթացքին Հայոց կրած աղէտներուն պատասխանատուն, ան իսկ եւ իսկ Ռուսիան կը գտնէ եւ անոր արշաւանքը։

Որպէս խելօք եւ հեռատես  մարդու` անոր մաքրելը` ժողովրդեան մէջ բերնէ բերան կ՚անցնէին եւ յաճախ յիշողութիւններու մէջ տեղ կը բռնէին։ Այսպէս, անգամ մը, լուր կը բերեն հակառուս մարդուն թէ` իր ագարակը Քիւրտերու կողմէ կողոպտուած է եւ թէ ոչխարին հօտը քշուած ու տարուած։

Մարդը` բարկութեան մէջ չկրնար զսպել բնորոշ արտայայտութիւն մը։

Ո՜ւր էր թէ Ռուսը անգամ մըն ալ գար, այս վայրենիներուն դաս մը տար եւ երթար…։

Գալը ուզեր է պահ մը, բայց ոչ մնալը…։

Սրբազա՛ն, Տէյլի-Նիւզի լուրը հեռագրաւ հերքել խոստացանք բայց խոստումնիս չգործադրեցինք   կ՚ըսէ Գալճեան` Հայրիկի քովը հասնելով, ի՞նչ պատասխան  տալու եմ, եթէ զիս քովը կանչելու պատճառը այս խընդիրն եղած ըլլայ։

Խրիմեան ստոյիկեան իւմօրով եւ յեղափոխական խմորով մարդ, ժպիտը շրթներուն` կը պատասխանէ։

Եկէ՛ք քաշքշենք քիչ մը, գուցէ ցնդած քէօսան մոռնայ։

Կուսակալ Հասան բաշան անմազ ծնօտ մը ունէր եւ Հայրիկ սովոր էր զայն յաճախ այդ բնորոշովը անուանել։

Գէորգ պէյ, մտացի մարդ, գիտէ թէ առաջարկը մոռցուելիք բան չէ, քիչ մը կ՚առարկէ, բայց ի վերջոյ կը համակերպի։

Գործը ոչ միայն մոռցուելիք տեսակէն չէր այլեւ զայն հետապնդողներուն համար ստիպողական։ Կուսակալը ծերունի բանբերը Առաջնորդարանը ետ կը ղրկէ, իրեն պատասխան մը բերելու կտրուկ հրահանգովը։

Խոստացուած հեռագիրը պիտի տա՞ք թէ ոչ։

Խրիմեան Քաղաքական Ժողովը կը գումարէ նոյն երեկոյ եւ հարցը անոր քննութեան կ՚ենթարկէ։

Քաղաքական Ժողովը` ինքզինքը կը գտնէ տրուած խոստումը յարգելու եւ իրողութիւնը յայտնելու պարտագրութեան ներքեւ։ Խրիմեան համամիտ կը մնայ պայմանաւ որ հեռագիրը Քաղաքական Ժողովոյ անդամներն ստորագրեն եւ ոչ ինքը, եւ պատրաստուած պատճէնէն դուրս հանուին ընդհանուր խօսքերը։

Այդպէս ալ կ՚ըլլայ, հեռագիրը կ՚երթայ եւ Բարձր[ագոյն] Դուռը բնականօրէն կ՚օգտագործէ զայն։

Տէյլի-Նիւզի լուրը առիթ բռնողները` իրենց կարգին, կ՚օգտագործեն Քաղաքական Ժողովի տուած հեռագիրը, եւ կը յղանան ցոյցի մը ծրագիրը, ցոյց մը` որ իր տարողութեամբը մէկ կողմէն չէզոքացնէր տըրուած հեռագրին  նշանակութիւնը, միւս կողմէ քիչ մը իւղ քսէր Ռուսիոյ քաղաքականութեան հացին։ Բայց ցոյցէն առաջ ուրիշ բան հարկաւոր է, գործունէութեան գետին, հանրային կարծիք։ Խլրդային աշխատանքը կը սկսի եւ փսփսուքները ծայր կուտան։

Ազգը ծախեցին…

Ինչպէ՞ս։

Այնպէս։ Չէ՞ որ եթէ Անգլիա գիտնար թէ երկու Հայերը իրօք սպաննուած էին, այսպէս չէր թողուր։

Ի՞նչ կ՚ընէր…։

Փսփսացողին, պատասխանելու համար, բա՞ռ կը պակսի։ Չէ ո՞ր տակաւին յայտնի չէր եղած թէ` Անգլիա երկու միլիոն Հայերու, ճշմարտապէս եւ ոչ կարծեօք, սպաննութեան վրայ անգամ, բան մը չպիտի ընէր։ Չէ ո՞ր դեռ մինչեւ այսօր ալ մեր նեղութիւնները մեզի համար միշտ յոյսեր կը ծնին եւ չէ ո՞ր յոյսը` ինքը դիւրահաւանութեան մայրն է։

Յեղափոխական, ընկերվարական կուսակցութիւնները չկաին դեռ այդ օրերուն, կային սակայն վերջէն այդ կուսակցութեանց քատրերը լեցնելու կոչուած «ազգայինճի»ներ, այլ խոսքով յեղափոխականցուներ։

Այդպիսիներէն մէկն է Սէֆիլեան Մկրտիչ, լեզուն բերնին մէջ դարձող եւ, լուսաւորեալներու, իմա Խրիմեանի կողմնակիցներու բանակին մէջ երկրորդական, բայց գործօն դերով Պօղոս Ապօղոսի պայքարներու մէջ թրծուած «ազգայինճի» մը։

Սէֆիլեան` միաժամանակ թաղին եազըճին է եւ հարկահաւաքը։ Հարկահաւաքը թաղին մէջ կէս ոստիկան մըն  է, իսկ մէկ, երբեմն նոյնիսկ աւելի, երբ որոշ կարողութիւններ կը ներկայացնէ։ Սէֆիլեան այս վերջիններէն է։ Գրպանը ան կ՚ունենար առհասարակ լրագիր մը` յաճախ Կովկասէն հասած եւ պաշտօնին բերումովը տեսնուած անձերուն համար` ան կ՚ունենար միշտ պատրաստի լուր մը։ Տեսակ մը խօսուն լրագիրը, որոնք իրենց մասնաւոր յարգն ունին լրագիր չգտնուած վայրերու մէջ։

Սէֆիլեան Խրիմեանի տան ամէնէն մօտիկ դրացիներէն մէկն է, եւ իր ազգայինճիի գործունէութեան մէջ վարպետօրէն կ՚օգտագործէ իր դրացիութեան հանգամանքը։ «Հայրիկ ինձ ըսաւ», «ես Հայրիկին ըսի», «Հայրիկին գացի», «Հայրիկէն կուգամ»։ Ո՞վ է որ պիտի ուզէ առարկել, չէ ո՞ր անմիջական դրացիներ են անոնք եւ չէ՞ որ Հայրիկ այնքան սիրալիր  է իր դրացիներուն հանդէպ։

Ռուս հիւպատոսարանն, իմա Կամսարականի տունն ալ, ան ելեւմւտք ունի, բայց անոր խօսքը չըներ բնաւ։ Հոն առհասարակ մութը կոխելուն է որ կ՚երթայ։ Ան միայն լուր չտար տեսած անձերուն, այլ երբեմն ալ անոնցմէ կը հաւաքէ եւ հաւաքածը` այսպէս թէ այնպէս, կ՚արժեցնէԿամսարականի քով։

Առաջնորդարանի հեռագրին շաբաթ մը վերջ, երբ արդէն հանրային կարծիքի գետինը  բաւական յարդարուած է, իրկուն մը Սէֆիլեան Մկրտիչ կ՚երթայ գտնել Քէօռ Թագաւորը։

Քէօռ Թագաւորը թագաւոր մը չէ անշուշտ, բայց թաղին մէջ թագաւորի մը չափ համբաւ ունի։

Ես` Քէօռ Թագաւորին թաղեկից մը ըլլալուս հանգամանքովն է որ գիտեմ թէ անոր աւազանի անունը  Կարապետ է, շատերը այդ չգիտեն, ոչ ալ մականունը զոր ես ալ չգիտեմ։ Անոնց ամէնուն համար ալ, հայ թէ թուրք, ան միշտ Քէօռ Թագաւորն է։

Պատահական անուանակոչո՞ւմ մը Կարապետին այս տարօրինակ անունը, անշուշտ ոչ։ Այդ անունին առաջին կէսը կը բխի անոր աչքերուն աջին կուրութենէն, իր երկրորդը` ձախին անօրինակ խոժոռէն եւ անկէ ցայտող սպառնալից կայծէն։ Թաւ եւ առհասարակ կիտուած անոր յօնքերուն ներքեւ, այդ մէկ լայն բացուած աչքին խոժոռը, առիւծի մը զոյգ աչքերուն չափ ահարկու է եւ կը ցոլացնէ ֆիզիքական գերազանց ուժ մը։

Հասակէն զատ` որ միջակ է, ամէն ինչ անոր մարմնականին վրայ անոր կուրծքին ցցուածութիւնը եւ ուսերուն լայնութիւնը, անոր գլուխին մեծութիւնը, ճակտին եւ կզակին լայնութիւնը, անոր բազուկներուն հաստատութիւնը, ամէնքը կը մատնեն հերքիւլեան ուժ մը։

Քէօռ Թագաւորի թէք աչքին խոժոռը կը ծածկէր առհասարակ քէն մը, յաճախ սպառնալիք մը, իսկ սպառնալիքին ետեւ կը գտնուէր անոր դանակը։

Քէօռ Թագաւորի կապուստն ալ իշխողական բան մը ունէր իր մէջը։ Հորիզոնագոյն չուխայէ  լայն շալվար մը կարմիր մետաքսով երիզուած ու վրայէն քիչ մը աւելի մութ գոյնով բաճկոնակ մը, միշտ չուխայէ եւ միշտ կարմիր մետաքսով բանուած, որուն մետաքսեայ կոճակներուն վերն քանիները` օրուայ նորոյթին համաձայն, կը մնային չկոճկուած։ Շալվարը եւ բաժկոնակը կը միանային խորասանի շալէ լայն գօտիի մը ներքեւ, վերեւէն քիչ մը թոյլ կապուածքով մը, որուն բացուածքը կը ծառայէր իր մէջն  ընդունելու անոր սեւ խոշոր ծխատուփը, անոր երկար ծխամորճը, որուն ծայրի դեղին սաթը` կարմիր թաշկինակին ծայրին հետ, այս օրերու մետաքսեայ բօշէթին պէս, պէտք էր որ աչքի զարնէին։

Այս ամէնուն վրայէն` ան կը կրէր Շատախի կարմիր  շալէ շինուած լայն վերարկու մը, եզերքները` այդ օրերու նորոյթովը, սեւով երիզուած ու ուսերէն կախուած գլխանոցով մը, որ` ձիւնի եւ անձրեւի ատեն, հովանոցի տեղ կը բռնէ։

Քէօռ Թագաւորը վերարկուն` առհասարակ ուսերուն վրայ կը կրէ քան թէ կը հագնի։ Այս հանգամանքը առիթ կուտար, որպէսզի անցորդները` անոր քղանցքներու տարաբերումներու միջով նշմարէին անոր մէջքին կապուած խանչալին գինեգոյն թաւիշի վրայ բանուած արծաթեայ պատեանին հետ` անոր փղոսկրեայ կոթը։

Արիւնը կը կաթի խաչնալին ծայրէն սովոր էին ըսել նման կտրիճներուն վրայ հիացող դպրոցական պատանիները։

Արդարեւ քանի մը անդամով, արիւնը կաթած էր Կարապետի դանակէն եւ ինք քանի մը  անգամով օրէնքի առջեւ տարուած։ Այնտեղ ան սովոր էր, առանց այլեւայլի, խոստովանիլ իր յանցանքը։ Չէ՞ որ, ըստ իր բացատրութեան, ինքեարը (ուրացում) նամարտութիւն (փոքրոգութիւն) է։  Անոր համար մէկը վիրաւորելը յանցանք չէ, այլ զայն ուրանալը։ Բայց, քանի մը անգամ արիւնոտած դանակը` գուցէ քանի մը տասնեակ անդամներով պատեանէն դուրս ելած եւ ասոր անոր գլխուն շողացած է։ Այդ ելոյթներուն տասնէն ինն եթէ աննշմար անցած են, մէկին համար ան նորէն հրաւիրուած է խօսք հասկցնել օրէնքին։

Նորէն ինքեար չկայ։

Ձայնը չէր կտրեր, դանակը հանեցի որպէսզի կտրեմ…եւ կամ`

Կտրիճութիւն կը ծախէր, դանակը հանեցի որ փորձեմ։

Ասոնք էին անոր պատասխանները։ Ան նոյնիսկ  չքմեղանքը չէր ըներ իր գինով վիճակին, որ տասնէն ինն շարժառիթը կ՚ըլլար առհասարակ իր  ելոյթներուն։

Դատաւորները` տեսակ մը ասպետականութիւն կը տեսնային Քէօռ Թագաւորի այս վարմունքին մէջ, խիստ չէին անոր վերաբերմամբ եւ առհասարակ պատիժներուն նուազագոյնովն էր որ բանտը կը ղրկէին զայն։

Էյվալլահ էֆէնտիմ կ՚ըսէր ան` ամէն անգամ եւ խոր թէմէննայով մը կը փոխարինէր դատաւորին վճիռը։

Եղաւ օր մը սակայն որ դատաւորին մէկը, նորեկ մը, Քէօռ Թագաւորի դանակ շարժելու մէկ նոր դրուագին առիթով, թղթածրարին մէջ անոր դատական անցեալը քննէ եւ անոր տիտղոսաշունչ անունը վերլուծէ։ Դատարանը կ՚ահաբեկի, երբ կ՚անդրադառնայ թէ ամբաստանեալը տարիներէ ի վեր իբրեւ թագաւոր, «բատիշահ» մը, ելած մտած է իր ատեանը։ Արձանագրութեանց մէջէն կը բերեն կը սրբեն մարդուն տիտղոսները, զանոնք Կարապետ անունով կը փոխարինեն եւ բարապանին կը հրամայեն, այլեւս ամբաստանեալը ատեան կանչելու համար, «Քէօռ Թագաւոր» չպոռալ։

Երբ ամբաստանեալը` այս անգամ, որպէս Կարապետ ատեանը կուգայ, դատաւորը` խիստ եւ կշտամբալից` անոր կ՚ուղղուի։

Գիտէ՞ք թէ այս քանիերրորդ անգամն է որ դուք մեր առջեւ կուգաք,

Քէօռ Թագաւոր` դատարանի մէջ առհասարակ հեղ, կը սրտմտի,

Ներողութիւն էֆէնտի, բայց առաջին անգամն է որ ես ձեզ հոս կը տեսնեմ կը պատասխանէ անիկա, քիչ մը խրոխտօրէն,

Այդ օրուան անոր պատիժը խիստ կ՚ըլլայ։ Բայց Քէօռ Թագաւոր չփոխեր իր սովորական բանաձեւը եւ թէմէննայովը, այս անգամ քիչ մը աւելի խոր, կը կրկնէ`

Էյվալլահ էֆէնտիմ։

Զայն սրմտեցնողը պատիժին խստութիւնը չէր, այլ դատաւորին վերաբերմունքը։ Բա՞նտը թէ տունը, դժուար է ըսել թէ Կարապետ որը կը նախընտրէր։

Որպէս ստացուածք, վրան կրած հագուստէն եւ դանակէն ինչպէս նաեւ իր դատական անցեալին արձանագրութիւններէն զատ, ան 2 ձեռք անկողին ունէր միայն, մէկը քրոջը տունը, ուր կ՚ապրէր, միւսը բանտը, ուրկէ երբ որ դուրս կուգար, վերադարձին որ չէր ուշանար բնաւ, վերստանալու համար իր տեղակալներուն վրայ կը բաշխէր, վերմակը մէկին բարձը միւսին։ Տեղակալներուն ըսի, վասնզի Քէօռ Թագաւոր մտած կօվուշին (բաժնեակ) բնական թագաւորն էր, կօվուշապետը, տեսակ մը ներքին հրամանատար, որ բաժնեակին կարգապահութեան կը հսկէ, բանտարկեալներուն տեղերը կ՚որոշէ եւ անոնց մանր վէճերը կը քննէ։ Երբ ան բանտէն դուրս կուգայ, ինքն է որ կ՚որոշէ տեղակալը, որ ճիշդ բառն է, վասնզի անոր վերադարձը, ինչպէս ըսի օրերու խնդիր է։

Բանտէն դուրսը, Քէօռ Թագաւոր փռապանի մը քով փիշիրճի (հացթուխ) է։ Անոր ճաշը` եփած հացն է կտոր մը պանիրի եւ կամ փուռը դրած կտոր մը միսի հետ, որմէ մաս մը` հացի մէջ փաթթած, փուռէն դուրս գալուն, հետը գինետուն կը տանի, Ավտալի գինետունը, ուր ան իր անկիւնը եւ սեղանը ունի։ Քրոջը տունը, ան ուշ ատեն, պառկելու համար միայն կ՚երթայ։

Գինետան այս անկիւնն է ուրեմն որ Սէֆիլեան Մկրտիչ կ՚երթայ գտնել Քէօռ Թագաւորը։ Անոնք նախածանօթներ են։ Քէօռ Թագաւորն ալ այսպէս թէ այնպէս, քիչ մը ազգայինճի է եւ ազգին գործերով կը հետաքրքրուի։ Թաղական կամ երեսփոխանական ընտրութեանց մէջ ան մէկ երկու անգամ առիթ ունեցած է իր դանակը շարժելու եւ քուէտուփը կոտրելու։

Գինետան առաջին խօսքը հիւրամեծարութեաննէ։ Սէֆիլեան կ՚ստանձնէ անմիջապէս հիւրամեծարի դերը, ան գաւաթ գաւաթի վրայ կը հասցնէ, ոչ այնքան խմելու, որքան խմցնելու համար, եւ երբ ժամանակը եկած կը համարէ, Քէօռ Թագաւորի ականջին կը փսփսայ`

Կարապետ, լսա՞ծ ես։

Ի՞նչը։

Իշխանները ազգը ծախած են։

Ինչպէս թէ ծախած են։

Սէֆիլեան կ՚ընէ Տէյլի-Նիւզի լուրին եւ Քաղաքական Ժողովի հեռագրին պատմութիւնը եւ կ՚աւելցնէ,

Թող տալու ենք որ անոնք մարսե՞ն այս մատնութիւնը։

Քէօռ Թագաւորը յօնքերը քիչ մը եւս կը կիտէ եւ հարց կուտայ`

Որո՞նք եի հեռագիրը ստորագրող իշխանները։

Սէֆիլեան կը թուէ` Գալճեան (Յարութիւն), Թէրզիպաշեան, Մարութեան, Նալբանտեան, Այազեան, Իսաճանեան։

Է՜, ինչ պիտի ըլլայ, ինչ պիտի կրնանք ընել,

Ինչ պիտի ըլլայ, պէտք է լաւ դաս մը տալ այս մատնիչներուն։

Ինչպէս դաս,

Լաւ տփոց մը` Առաջնորդարանի մէջ։

Է՜... կը բացագանչէ, խորհրդաւոր շեշտով մը Թագաւոր, որուն գլուխը արդէն տաքցած է եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ճիգով մը կը հարցնէ`

Նայինք Հայրիկը տեղեա՞կ է գործին։

Սէֆիլեան կը կարծէր թէ Թագաւոր հասեր է արդէն այնպիսի վիճակի մը, որ չպիտի կրնայ այդ հարցումին ուղղել։ Ան յանկարծակիի կուգայ։

Հայրիկը գիտէ՜ք, ան սուրբ մարդ է։

Հայրիկին սուրբ ըլլալը գիտեմ` բայց Ազգին իշխաններն ալ անոր խորհրդականներն են։ Զանոնք ծեծելէն առաջ պէտք է լաւ մը խորհինք եւ իմանանք նախ`

Սէֆիլեան գինովէ մը այս լրջութիւնը չէր սպասեր, ան նոր գաւաթներու ապսպրանքով կ՚ընդմիջէ։ Երբ բերաննին կը սրբեն, Քէօռ Թագաւոր կը շարունակը,

Այո՛, նախ պէտք է իմանաք թէ Հայրիկի կա՞մքը կայ տրուած հեռագրին մէջ։

Սէֆիլեան Թագաւորին առաջին հարցումին պատասխանելէ առաջ կ՚ուզէ իմանալ երկրորդը։ Ան կ՚ընդմիջէ, հարցնելով`

Յետո՞յ,

Յետոյ պէտք է իմանանք թէ Հայրիկ իր կամքը տուա՞ծ է, որպէսզի իր խորհրդականները ծեծենք։

Սէֆիլեան` զինքը գինովի մը հետ կը կարծէր։ Հիմա կը տեսնայ որ հարցաքննիչի մը առջեւ կը գտնուի։ Ան իր խորամանկութեան թելերը կը ժողվէ,

Հայրիկ ի՛նչպէս կրնար իր կամքը դնել այսպիսի ստորին արարքի մը մէջ։

Ենթադրել չբաւեր։ Հարցուցի՞ր Հայրիկին։

Սէֆիլեան կ՚զգայ որ խօսակիցը զինք չէնք շնորք նեղի կը դնէ, կը շփոթի եւ բլանին թելը կը կորսնցնէ։

Հայրիկի կամքը եթէ գործին մէջ չըլլար, ան մեղսակից մը եղած պիտի ըլլար իր ժողովականներուն, կ՚ըսէ ան վերջապէս։

Ա՜… կ՚ըսէ այս անգամ Թագաւոր` գիւտ մը ըրածի պէս, ըսել է Հայրիկի կամքովն է որ ծեծելու պիտի ելնենք իշխանները։

Սէֆիլեան  կզգայ որ շատ առաջ գացեր է, բայց կը զգայ միաժամանակ որ ուրիշ պատասխաններու ճամբան գոցուած էր արդէն իր առջեւ։ Ան խօսակցին դատողութիւնը կը թողու եւ անոր բնազդին կ՚ուղղուի։

Քու ետեւէդ պիտի գանք, միասին պիտի ծեծենք եւ լաւ դաս մը պիտի տանք անոնց։

Ձեռնարկին մէջ, Քէօռ Թագաւորին տեղ եւ դիրք տրամադրելով` աղուէսը կ՚ուզէ փոշի փչել առիւծին աչքերուն։

Թագաւոր պահ մը կը խոկայ, յետոյ նոր գիւտ մը ըրածի պէս,

Ովքեր են սպաննուած երկու Հայերը։

Սէֆիլեան այս հարցումին բնաւ չէր սպասեր։

Ի՞նչ գիտնամ Հայը Հայ է, անունը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։

Ոչ, Հայրիկ պէտք է որ անունները իմանայ եւ իր կողմէն հեռագրէ Պատրիարքարանը եւ ըսէ թէ` լուրը ճիշդ է, թէ` սպաննուողներն ալ Կիրակոսն են եւ Մարկոս։

Սէֆիլեան պատին առջեւն է։ Զուր տեղ ան կը ճգնի փախուստի ճամբաներ փնտռել։ Թագաւոր օձիքը չթողուր։

Հայրիկ մեծ մարդ է, անիկա չպիտի ուզէ որ ես ու դուն երթանք Ազգին տան մէջ իր ժողովականները ծեծենք։

Սէֆիլեան ճարը կը նետէ ամբոխավարութեան։

Բայց գիտե՞ս որ Հայրիկ ամէն բանէ առաջ այս խեղճ ազգին ազատութիւնը կը ցանկայ, Թուրքին լուծէն մեր ազատութիւնը։ Անոր ցանկութիւնն է որ քիչ մըն ալ հաւասարութիւն ըլլայ։ Արդարութի՞ւն է որ դուն` առտուընէ մինչեւ իրիկուն, շան պէս փուռին կրակին առջեւ խաչիս ցամաք հացի մը համար, մինչ անդին, քանի մը կապալառուներ ազգին հոգիին վրայ նստած` ոսկի կը դիզեն։ Անոնք են որ չեն ուզեր որպէսզի  Ռուսը գրաւէ մի անգամ ընդ միշտ մեր երկիրը եւ մենք ազատինք այս թշուառութենէն։

Ճառը առանց ազդեցութեան  չմնար։ Կարապետ կ՚սկսի պեխերը ոլորել ինչ որ առհասարակ անոր մըտմտուքի մէջ ըլլալը կը մատնէր։ Ան կ՚անցնի սակայն ճառին խորհրդածութիւններուն վրայէն եւ կը վերադառնայ տփոցի առաջարկին։

Ըսել է լաւ տփոց մը կը մենախօսէ ան։

Այո՛, լաւ դաս մը, որպէսզի  լաւ արձականգ տայ եւ աշխարհ արարատ իմանայ թէ մենք գոհ չենք Թուրքէն։

Ամբողջի՞ն եւ ե՞րբ։

Ամբողջին միասին եւ վաղը։ Չէ՞ որ ամէնքն ալ մէկ սանտրի կտաւ են։

Սէֆիլեանի նշաններուն վրայ օղիի գաւաթները իրարու յաջորդած են առանց դադարի, բայց Քէօռ Թագաւորը կը դիմանայ դեռ։

Գործը եփած էք ուրեմն կը հարցնէ ան։

Գործը եփած է եւ եկած եմ ահա ձեզ առաջարկելու անոր գլխաւորութիւնը։

Որո՞նք են գործը եփողները։

Քրէլցի Սարգիս…

Սէֆիլեան երկրորդ անունը տալու ժամանակ չունենար։

Քրէլցի Սարգիս… կ՚որոտայ Թագաւոր եւ դանակը քաշելով` բոլոր ուժովը, սեղանին կը խրէ։

Քէօռ Թագաւորի այս ժէսթը անծանօթ չէր ոչ գինեպանին ոչ ալ Սէֆիլեանի։ Ժէսթը անոր բարկութեան ծայրագոյն չափը կը բնորոշէր։ Թագաւորի սովորական անկիւնին սեղանը կը կրէր անոր բարկութեան այս նոպաներուն բազմաթիւ սպիներ։

Քրէլցի Սարգիս… շարունակեց Քէօռ Թագաւոր Այգեստանցի այդ շունը պիտի գայ եւ քաղաքի ջոջերը ծեծէ։

Կարապետ մեռա՞ծ է միթէ։

Սէֆիլեանի անունները թուած ջոջերը, Նալբանտեանէն ի զատ բոլորն ալ Քաղաքամէջէն են, մէկ երկուքը նոյնիսկ Կարապետի բնակած թաղին ջոջերն են։

Թաղային, թաղամասային կողմնակցութիւնները, այդ օրերուն, ուր գաղափարի կամ ատոր անունով կուսակցութիւններ գոյութիւն չունէին, ի յարգի էին տակաւին։ Բայց Քէօռ Թագաւորին ջիղերը այդպէս յանկարծակի ոտքի հանողը` այդ կողմնակցութեան զգացումէն աւելի, Քրէլցի Սարգիսի անունն էր։

Քրէլցի Սարգիս` Քէօռ Թագաւորի պէս դանակ շարժող մըն է, արհեստակից մը, որ սակայն անոր մահացու թշնամին է։

Քրէլցի շունը թող համարձակի մէյ մը ոտքը Առաջնորդարանը դնել կը սկսի սպառնալ Թագաւոր եւ դանակը մխուած տեղէն հանելով նոր եւ աւելի խիստ հարուածով մը սեղանին կը խրէ զայն։

Սէֆիլեան կը սահմռկի, ոչ թէ դանակի հարուածներէն, այլ վախէն որ պատրաստուած ծրագիրը կրնար ջուրը իյնայ։ Ան երկու անպատեհութիւններ անակնկալօրէն ցցուած կը տեսնար պատրաստուած ծրագրին առջեւ, Քէօռ Թագաւորին հակառակութիւնը, բայց մանաւանդ դաւադրութեան տարաձայնութիւնը, երկուքն ալ արդիւնք իր անհեռատեսութեան։

Հարկ է դարմանել սխալը։

Քէօռ Թագաւոր նոր Սամսոն մըն է, բայց հինին պէս իր թոյլ կողմն ունի, Նոր Սամսոնի թոյլ կողմը անոր գինեմոլութիւնն է։ Սէֆիլեան` խորամանկ մարդ, կը բռնէ անոր թոյլ կողմէն եւ կը շարունակէ խմցնել, նախ շփոթեցնելու համար զայն եւ մոռցնել տալու անոր, անխորհրդապահօրէն յայտնած գաղտնիքը, յետոյ արգիլելու համար, որպէսզի ան յաջորդ օրը չկրնայ գինետունէն դուրս գալ։

Երբ Թագաւորին ձեռքը այլեւս չկրնար գաւաթը բռնել, ոչ ալ բնականաբար ոտքը` տան ճամբան, ան կ՚երկննայ թախթին (պատերուն երկայնքը բռնող նստարաններ) վրայ։ Երեւոյթը նորութիւն չէ գինեպանին համար, որ փոքրիկ բարձ մը կը դնէ անոր գլուխին տակ, վերարկուն վրան, գինետունը կը փակէ եւ Սէֆիլեանէն լայնօրէն վճարուած` անոր հետ կը մեկնին` յաջորդ առաւօտը կանուխ զիրար գտնալու ժամադրութեամբ։

Յաջորդ առաւօտը, զիրար գտած գինեպանը եւ Սէֆիլեան զուր տեղ կ՚սպասեն Քէօռ Թագաւորի արթննալուն։ Երբ գինեպանը Սէֆիլեանի կը յայտնէ թէ Թագաւորի գործի երթալու պահն անցած է արդէն եւ թէ ան` ըստ սովորութեան, այդ օրը խմելով պիտի անցունէ, այս վերջինը երկար շունչ մը կ՚առնէ։

Սէֆիլեան յանձին գինեպանին լուռ դաւակից մը գտած է, անոր կը յանձնարարէ չարթնցնել թմրած յաճախորդը եւ կ՚երթայ գտնալ եւ վարձել գինետան յաճախորդներէն մէկը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլար` գինովին սթափելէն վերջ, նոր կերուխումի  մը սկսիլ անոր հետ։ Իսկ ինքը` մինչեւ կէսօրը գինետան շրջակաները կը սլքտայ եւ չի մեկնիր մինչեւ որ ապահով չըլլար թէ Թագաւորը ի վիճակի չէ այլեւս ոչ գինետունէն դուրս գալու եւ ոչ ալ, բնականաբար, դեր մը կատարելու այդ օրը տեղի ունենալիք անցքերուն մէջ։

***

Նոյն օրն է։ Արեւը սկսած է հակիլ դէպի ծովը։

Մեր տան դրան ուռնակը կը զարնէ ընդմիջումներով եւ թեթեւօրէն։ Մուրացկաններու զարնելու եղանակն է այդ, տեսակ մը նշան որ հացի կտոր մը դնել կուտայ դուռը բանալու երթացողին ձեռքը։ Մայրս կտոր մը հաց ձեռքը` դուռը կը բանայ ու ինչ տեսնայ, Քէօռ Թագաւորը ամբողջ հասակովը դրան սեմին վրայ պառկած։ Գինովը` մայրս կը տեսնէ թէ ոչ, հազիւ հասկնալի ձայնով մը կը մռմռայ,

Էֆէնտիին լուր տուէք որ չերթայ… չերթայ… չերթայ…։

Ո՞ւր չերթայ, կը հարցնէ մայրս կրկնապէս զարմանահար։

Առաջնորդարանը… Առաջնորդարանը…։

Ե՞րբ չերթայ։

Այսօր... այսօր... ։

Ինչո՞ւ չերթայ։

Կ՚սպաննեն… կ՚պաննեն։

Մայրս խելակորոյս` մէկը կը փնտռէ շուկան հօրս լուր ղրկելու։

Վանի մէջ ամէն կին շուկայ չերթար, կիներ կան որոնք կեանքերնուն մէջ շուկայի երեսը չեն տեսնար։

Մայրս կը փութայ փոքրիկ քոյրս դպրոցը վազցնել զիս կանչելու եւ ինձմով հօրս լուր հասցնելու համար։

Երբ ես տունը հասայ, Քէօռ Թագաւոր ըսածը կրկնելու կարողութենէն ալ զրկուած էր։

Քրէլցի շունը… Սէֆիլի շունը… եւ կից կտուր հայհոյանքներ, աւելի ոչինչ։ Հարցումներն անգամ ան ի վիճակի չէր լսելու այլեւս։

Գինովի խօսքեր, դատեցի իմ`պատանիի խելքովս։

Դրան վրայ հաւաքուած դրացի կիներէն մէկը, դայեակ մը, որուն դասակարգը առհասարակ խելացի խօսքեր կ՚ունենայ, կշտամբանքի շեշտով մը կը յիշէ դասական խորհուրդը։

Խօսքն առ գինովէն եւ տղայէն։

Ուրիշ խօսքի չսպասեցի, ոտքս վերցուցի դէպի շուկան,

Ո՞ւր է հայրիկը, կը հարցնեմ խուճապով մեծ եղբօրս։

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ կ՚ըլլաս,

Ո՞ւր է հայրիկը, կը կրկնեմ հեւ ի հեւ։

Առաջնորդարան գնաց։

Հօրեղբայրս վրայ կը հասնի։

Երկուքը միասին վրաս կը խուժեն,

Ի՞նչ կայ։

Դայեակին խօսքերուն տպաւորութեան ներքեւն եմ, հեծկլտալով կը պատասխանեմ,

Հայրս հոն պիտի սպաննեն։

Եւ կը պատմեմ Թագաւորին խօսքերը։

Հօրեղբօրս ականջին, քիչ առաջ, ուրիշ շշուկներ ալ հասած են։ Ան շշուկը կը կապէ իմ լուրին հետ եւ կը սահմռկի,

Նազարէթին լուր տուր ան կ՚ըսէ եղբօրս անմիջապէս։

Նազարէթ Թնթուխեան` հօրս քեռորդին է, հեր քիւլեան ուժով կտրիճ երիտասարդ մը։

Եւ երեք միասին կը փութան դէպի Առաջնորդարան, ես ետեւնէն։

Առաջնորդարանը` այդ օրերուն շէնք շնորք պաշտօնատուն մըն էր, դատ դատարան կար հոն, երբեմն ալ բանտ բանտարկութիւն։ Անոր շրջակայքը այն աստիճան խուռն էր գործի տէրերու բազմութեամբ, որ հետզհետէ փոքրիկ շուկայ մը ստեղծուած էր անոր դրան աջը ու ձախը։

Փոքրիկ շուկան լեցուն էր այդ պահուն անսովոր բազմութեամբ մը։ Առանց  դժուարութեան չէր որ կը ճեղքենք զայն։ Բազմութիւնը դէպի Առաջնորդարանի դուռը երթալով կը խտանար, դրան վրայ ան գրեթէ անանցանելի էր։ Հարկ եղաւ մէկ երկուքը հրել։ Անկարելի է անցնիլ։

Յայտնի է այլեւս որ խռնումը արուեստական է եւ դրան մուտքը արգիլելու կը ծառայէ։

Հօրեղբայրս  զուր տեղ կ՚աղմկէ, կը սաստէ։ Նազարէթի կռուփներն են որ ճամբայ կը բանան։

Առաջնորդարանի դուռնէն ներս կը բացուի բացօդեայ ընդարձակ բակ մը, որուն ձախին վրայ կը բարձրանայ Առաջնորդարանի շէնքը, իր դէպի հարաւը բացւող խոշոր պատուհաններովը։

Հայրս` որ այդ պատուհաններէն մէկուն առջեւ, աչքերը դէպի բակը, ծանօթ մը կը փնտռէ, եղբայրը քեռորդիին հետ տեսնելուն  պէս, ձեռքովը երկու նշաններ կուտայ, մէկովը դէպի վեր, դէպի ինքը, միւսովը դէպի դուրսը։

Հայրս, հօրեղբայրս, եւ քեռորդինին ժիր եւ արթուն մարդիկ, զիրար կը հասկնան անմիջապէս։ Նազարէթ դէպի վեր կը խոյանայ օգնութեան, իսկ հօրեղբայրըս կը վազէ դէպի կառավարչատունը։

Առաջնորդարանի դահլիճը հասնելու համար հարկ է անցնիլ երեք սանդուխներէ, երեքն ալ ցուցարարներու կողմէ շղթայի տակ առնուած են։ Նազարէթ երեք շղթաներն ալ կը կտրէ, դահլիճին նախասենեակը կը մտնէ, բայց չկրնար դահլիճը անցնիլ։

Ցոյցին առաջին արարուածն է տակաւին, խաղաղը։ Ցուցարարներու պատուիրակները` որոնց մէջն է Սէֆիլեան, Քաղաքական ժողովէն բացատրութիւն կը պահանջեն տրուած հեռագրի մասին, իսկ Հայրիկ տեղեկութիւններ կուտայ եւ կը յորդորէ պատուիրակները հեռանալ եւ ցրուել ցուցարարները։

Հայրիկի բացատրութիւնները` օրինաւոր եւ համոզկեր, այն տպաւորութիւնը կը թողուն թէ ցոյցը այդքանով պիտի վերջանար, երբ պատուիրակներէն մէկը` Քրէլցի Սարգիս խումբէն դուրս կուգայ, դէպի Հայրիկի առջեւ գտնուող  սեղանը կը յառաջանայ եւ յանկարծ, մէջքին դանակը հանելով` բոլոր ուժովը սեղանին մէջ կը խոթէ։

Հեռագիրը ստորագրողները ասկէ դուրս չպիտի գան, այլ անոնց դիակները կը պատգամէ ան։

Հայրիկ աթոռէն վեր կը ցատկէ, ցուցարարին վրայ կը խոյանայ եւ օձիքէն բռնելով կը փորձէ դուրս հանել զայն։

Շա՜տ ուշ։

Դանակին ցուցադրութիւնը ծեծի եւ խոշտանգումի նշանն էր, նշանը տրուած էր եւ ծեծը սկսած։

Դանակին ցուցադրութիւնը տեսնուած էր հանդիպակաց տանիքը լեցնող բազմութենէն եւ անկէ փրթած սոսկումի աղաղակին վրայ, սանդուխները, երեսբացները եւ բակը խռնուող ցուցարարները նշանը առած եւ դահլիճը խուժած էին։

Ծեծին համար վարձուածներուն հետ ներս խուժած են անձնական հաշիւներ մաքրելու հետամուտ անհատներ։ Անոնցմէ ոմանց  բէշերուն եւ շալվարներուն ներքեւէն դուրս կուգան բիրեր։ Բազուկներ եւ բիբեր կը բարձրանան եւ ծեծը կը սկսի։

Հայրիկ բիրերէն մէկը ձեռքը կ՚անցունէ եւ որպէս պատնէշ  իր ժողովականներուն առջեւ կը կանգնի բայց ի՞նչ կրնար ընել անոր բիբը, հոն  ուր անոր հմայքը անզօր մնացեր էր։ Իրարանցումը կը սկսի եւ հարուածներ կը սկսին տեղալ։ Ժողովականներէն ան որ կրնայ արժեցնել իր բռունցքը, կամ բազմութեան մէջ գտնել պաշտպան մը, ինչպէս որ այդ եղած էր հօրս, որուն իր քեռորդին եւ անոր մէկ ընկերը իրենց հուժկու մարմիններով որպէս վահան ծառայած էին, աժան կ՚ազատի, մնացեալները անխնայօրէն կը խոշտանգուին, այն աստիճան, որ մէկ երկուք օրերով անկողնոյ ծառայեցին, իսկ մէկը` Այազեան Այազ, 3-4 օր վերջ մահացաւ։

Հօրեղբօրս առաքելութիւնը բոլորովին անօգուտ չէր անցած, անոր հանած վլվլուքին վրայ քիչ մը աւելի արագ կը շարժին ոստիկանները եւ ժանտարմները, բայց դէպքին վայրը կը հասնին այն ատեն, երբ պատրաստուած բլանը թէեւ գործադրուած էր եւ վերջացած բայց անձնական հաշիւները դեռ կը շարունակէին մաքրուիլ։

Ոստիկաններու ժամանումին վրայ` ցուցարարները կամ հաշուեյարդարները բիրերը նետելով կը վերածուին պարզ հանդիսականներու եւ կը խառնուին այդպիսիներուն, որոնց թիւը` այդ րոպէին, հազարներու կը հասնէր։ Ոստիկաններու դերը կ՚ըլլայ ցրուել  բազմութիւնը եւ իրենց տուները առաջնորդել խոշտանգուածները։

Երբ հայրս` շրջապատուած աւելի իրեններէն քան թէ ոստիկաններէ, տունը հասաւ, հոն գտաւ ոստիկանապետին հետ ընդհ. դատախազի օգնականը եւ հարցաքննիչ դատաւորը, որոնք եկած էին արձանագրութիւն կազմելու։ Հայրս ոչ միայն անուններ չտուաւ, այլեւ քիչ մը խստօրէն կշտամբեց այցելուները` որ իրենց փութաջանութիւնը արձանագրութիւնը կազմելու վերապահած էին։

Մեր տունը շունչ առնելու եկած է նաեւ հօրս խոշտանգուած պաշտօնակիցներէն միակ Այգեստանցին, Նալբանտեան Կարապետը, որ Պօղոսեան կուսակցութեան յայտնի դէմքերէն է։ Ան` պաշտօնեաներու մեկնումէն վերջ, սկսաւ Խրիմեանի հասցէին անվերջ առնել տալ, անոր մատը գտնելով ցոյցին մէջ։ Հայրս արդար չէր գտներ պաշտօնակցին դատաստանը, ներկաները` թեր ու դէմ կարծիքներով սկսած էին կողմ բռնել եւ հարցը վէճի մը կերպարանքը առած էր, երբ յանկարծ սրահը մուտք գործեց Հայրիկ։

Վիճաբանութիւնը փակուեցաւ պահ մը, բայց Նալպանտեան` համարձակ եւ անկեղծ մարդ, կերած ծեծին տպաւորութեան ներքեւ վերաբացաւ զայն եւ շարունակեց իր յարձակումները Հայրիկի հասցէին։

Սրբազան` այս բանը պէտք չէր որ ըլլար, դուք կրնայիք արգիլել այս ցոյցը եւ չըրիք,

Առհասարակ պայծառ եւ ժպտուն, անհունօրէն տխուր էր եւ մռայլ, այդ րոպէին, Հայրիկի դէմքը։ Բազմոցին վրայ յոգնած երեւոյթով յուլօրէն բարձի մը յենած, ան աչքերը յառած էր պատուհանէն սողոսկող վերջալոյսի տկար մէկ մնացորդին։ Ան տեսակ մը յափշտակութեան մէջ էր այդ րոպէին եւ կարծես թէ չէր լսեր զինքը քննադատողին խօսքերը, որոնք սակայն վերջինները չէին։ Երբ Նալբանտեան ուրիշ բառերու միջով կրկնեց իր մեղադրանքները, Հայրիկ` աչքերը միշտ սեւեռուն դէպի արեւի հատնող շողը, բանաւականացաւ ըսելով`

Կը կարծէ՞ք։

Յետոյ պատասխան մը չառնելով, ան շարունակեց,

Ինչո՞ւ պիտի չարգիլէի եթէ գիտնայի եւ եթէ կրնայի։

Յետոյ ան թաղուեցաւ իր յափշտակութեանը մէջ։

Լռած էր Նալբանտեան, լռած էին ուրիշներ։ Հայրիկն էր որ պիտի շարունակէր, եւ ամէնքը կը սպասէին որ ան շարունակէր, բայց ան լռած էր նորէն եւ կը պահէր իր սփինքսեան լռութիւնը։

Ներկաները` աչքերնին յառած անոր պիպլիական  դէմքին, կախուած են անոր շրթունքներէն։ Ան լուռ է միշտ, աչքերը անթարթ` ան գամած է զանոնք տակաւ հալող լոյսի վերջին փշուրին։

Աս ի՜նչ լռութիւն է։

Երբ արեւու վերջին շողը տուաւ իր վերջին շունչը, Հայրիկ դանդաղօրէն ետ քաշեց իր հայեացքը, ծանրօրէն թափ մը տուաւ իր թաւ թարթիչներուն եւ, համակ տխրութիւն, զայն ուղղեց դէպի ներկաները,

Անոր լռութիւնը իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն հանդէպ ոսկի չէր եղած, այլ ադամանդ։

Ներկաները անոր թափ տուած թարթիչներուն ծայրը նշմարած էին արցունքի զոյգ մը կայլակ, ադամանդի պէս ջինջ, անոր պէս փայլուն,

Տեսարանը յուզիչ էր եւ խորապէս տպաւորիչ։

Տպաւորուած են ամէնքը, բայց մանաւանդ ան, որ քարը նետած էր, Նալպանտեան։

Ան` յանկարծ ցատկեց տեղէն, Հայրիկի ձեռքին վրայ խոյացաւ, զայն ձեռքին մէջ առաւ եւ սկսաւ համբոյրներով ծածկել զայն։

Ներեցէք ինձ, Սրբազան, մեղանչեցի ձեզ հանդէպ, դուք սուրբ մըն էք։

Յուզուած է Հայրիկ եւ յուզումը ծածկելու համար ուրիշ միջոց չգտներ ան` եթէ ոչ ոտքի ելնել եւ հրաժեշտ առնել։

Փողոցի դրան վրայ, մինչ Հայրիկ կը պատրաստուէր ոտքը ձիուն ասպանդակին վրայ դնել, յանկարծ դէմքը կը ցցուի։ Ո՞վ։

Քէօռ Թագաւոր.

Թագաւոր` գինիին ազդեցութիւնէն հազիւ սթափած` օրուայ անցուդարձերու լուրերուն վրայ ինկած է եւ զանոնք լափած։ Հայրիկը տեսնելու պէս երերուն քայլերով ան փութաց անոր աջն առնելու։

Հայրիկին անծանօթ չէին ոչ իրեն ներկայացողին անձը, ոչ անոր բնորոշ տիտղոսը, ոչ ալ անոր արկածները։

Ի տես այդ տարօրինակ անձին, Հայրիկի տրամադրութիւնը մէկանց կը փոխուի, անոր կուգայ անմիջապէս իր կատակելու տրամադրութիւնը, որ անոր փիլիսոփայի հոգին բանալու միակ բանալին է։

Ո՞ւր էիր ծան (ձեան) ծաղիկ, այսօր դուն միայն պակաս էիր Առաջնորդարանը։

Ծան ծաղիկ հեգնիմաստ արկօ մըն է, այնքա՜ն ճոխ Հայրիկի բառարանին մէջ։

Քէօռ թագաւոր` միականիներու յատուկ ծուռ նայուածք մը նետեց դէպի Հայրիկ, եւ, կռիւ փնտռողի մը շեշտով։

Դրացիներուդ հարցուցէք։

Ո՞ր դրացիին։

Սէֆիլի Մկօյին։

Սէֆիլի Մկօն ալ Սէֆիլեան Մկրտիչն է.

Հայրիկ` անմիջապէս կը յիշէ Սէֆիլեան Մկրտիչի ներկայութիւնը ցուցարարներու մէջ, անոր հետաքրքրութիւնը անմիջապէս կ՚արթննայ։ Հայրիկի աչքերէն չէին վրիպած միաժամանակ խօսակցին երերուն վիճակը։ Դրացի դայեակին պէս, ան ալ գիտէր նման  վիճակ ներկայացնողին խօսքերուն արժէքը։

Է՜, նայինք ինչ ըրաւ մեր դրացին, հարցուց Հայրիկ ժպիտով մը` որ ընդունակ  է դիմացինի ծնօտին կապերը անմիջապէս թուլցնելու։

Ի՞նչ պիտի ընէր, ուզեց որ ես ալ իրեն հետ առաջնորդարան գամ,

Է՜ ինչո՞ւ չեկաք։

Սամսոն փոքրիկ ընկրկում մը ունեցաւ, Հայրիկ բռնած էր անոր մազերէն, անոր թոյլ կողմէն։ Ան շեշտը փոխեց,

Սէֆիլ լաւ դրացի մը չէ ձեզ համար, սրբազան։

Հայրիկ զգաց որ նոր քար մըն էր որ կ՚իյնար իր պարտէզին մէջ։

Ինչո՞ւ, զաւակս։

Անանկ, ես քիչ կ՚ըսեմ դուք շատն հասկցէք։

Թագաւորին լեզուին տակ քար մը կար, հարկ էր զայն դուրս հանել։ Հայրիկ հեծաքարին վրայ կը նստի։

Դրացի դայեակը` որուն դրան աւելի մօտ էր հեծաքարը` իրեն իրաւունք կը սեպէ թէ պարտք, ներս վազել եւ բարձիկ մը բերելով Հայրիկի տակը դնել մէկ կ՚ընէ։ Անոր համար ինչ հազուագիւտ առիթ` Հայրիկին ծառայութիւն մը ընելու։

Բան մըն ալ մեր Թագաւորին համար չունի՞ք, սանամայր կ՚ըսէ Հայրիկ` շնորհակալ ըլլալով։

Կինը ներս կը վազէ եւ կով կթելու համար գործածելի ցածուկ աթոռ մը կը բերէ։

Թագաւոր քանի մը անգամ դարձ կուտայ աթոռին, քանի մը անգամ դիրք կը փոխէ անոր վրայ, մինչեւ որ կը յաջողի վերջապէս իր թանձր մարմինը տեղաւորել անոր փոքրիկ տարածութեան վրայ։

Հայրիկ խօսքին թելը պահած էր։ Ան կը սկսի։

Հայրիկ այսօր քիչ մը յոգնած է, եկէք քիչ մը օգնեցէք անոր, շատն ըսէք որ շատ հասկնայ ան։

Այս րոպէին Հայրիկի ձին կը սկսի խրխնջել եւ ոտները գետնին զարնել։

Կը տեսնե՞ս, Քօլօզ անհամբեր է եւ ճամբայ ելնել կ՚ուզէ։

Քօլօզ Հայրիկի համբաւաւոր ճերմակ ձին է։

Հայրիկ պերճութիւն չէր սիրեր, բայց կը սիրէր լաւ ձի նստիլ։

Քէօռ Թագաւոր զբաղած էր ինքզինքը ժողովելու, նման մէկու մը որ տեսած երազին փշրանքները կը հաւաքէ։

Շատը խոստովանութիւն է Սրբազան կ՚ըսէ ան վերջապէս, ողջ աչքը շրջելով դէպի դրացի դուռներուն մէջ կեցողները`

Պատասխանը եւ շարժումը նշանակալից էին։ Հայրիկ կ՚ըմբռնէ, ձիուն վրայ կը ցատկէ եւ անմիջապէս ճամբայ կ՚ելնէ քովէն տանելով խօսակիցը։

Այս կողմերը կը բնակիս ուրեմն, ի՞նչ գործի ես, ինչպէ՞ս են գործերդ ընդմիջում մը կ՚ընէ Հայրիկ,

Հայրիկ, ժողովուրդի զաւակ, պաշտօնականներու  հետ լուռ եւ զգոյշ, ինքզինքը իր կալուածին մէջ կը ըզգար, երբ բուն ժողովուրդին հետ էր, խօսուն, զուարթ, տրամադիր։

Միշտ բիշիրճի եմ պատասխանեց Թագաւոր փուռին առջեւ եփելով օրուայ հացս կը հանեմ Սրբազան,

Ճիշդ Աստուծոյ պատուիրանքին պէս, քրտնելով։

Քէօռ Թագաւոր չըմբռնեց Հայրիկի խօսքերը։ Ան յիշողութեան մութին մէջ լոյս կը փնտռէր անկէ ըսելիքը գտնելու եւ զայն դասաւորելու համար։

Հայրիկ անհամբեր չէ եւ կ՚սպասէ որ խօսակիցը ինքնաբերաբար սկսի։ Անոնք լուռ են։

Ձիուն ոտքին եւ Կարապետի հաստ կօշիկներուն ձայները կան միայն, որոնք Քաղաքամէջի փողոցները յատակող կլոր եւ ցցուած քարերուն վրայ մուրճի հարուածներու խաբկանքը կուտան։

Թագաւորի պրպտումները աւելի կը տեւեն քան Հայրիկի համբերութիւնը։

Է՜, հիմա որ մինակ ենք, նայինք քու խոստովանութիւնդ։

Հայրիկի այս հրաւէրը կը խտացնէ Կարապետի ճիգը եւ խարազանի հարուած մը կ՚ըլլայ անոր յիշողութեանը համար։ Ան վեր ի վերոյ կը յիշէ Սէֆիլեանի բառերը` «Հայրիկի  կամքը եթէ գործին մէջ չըլլար, ան մեղսակից մը եղած պիտի ըլլար իր ժողովականներուն»։

Անոր գործը չէր անշուշտ այդ խօսքերէն իրեն մնացած իմաստին` Սէֆիլեանի աղուէսային կաղապարըտալ։ Ան ըսաւ շեշտակի եւ համարձակ։

Սրբազա՛ն, Սէֆիլեանի խօսքերուն նայելով` ձեր կամքովը եղած է ինչ որ եղաւ այսօր։

Հայրիկ` իրեր եւ մարդեր ճանչցող մարդ, ըմբռնեց անմիջապէս թէ խօսակցին խօսքերը ճշմարիտ խոստովանութիւն մըն էին։

Էհ, հիմա, որպէս խոստովանահօր պատմեցէք ինծի մանրամասնութիւնները։

Հայրիկի վերաբերմունքը եւ խօսքերը` մեծապէս  քաջալերական` օգնեցին Քէօռ Թագաւորին` յիշողութիւնը ամփոփելու իր ճիգին մէջ, բայց գինիին ազդեցութենէն հազիւ սթափած, ան կը գտնուէր դժուարին  դերի մը առջեւ։ Ան յօնքերը կը պռստէ, ճակատը կը շփէ եւ ամէն ճիգը կը թափէ դասաւորութիւն մը տալու համար ըսելիքին եւ  զանոնք չափով մը մօտեցնելու Սէֆիլեանի գործածած խօսքերուն, բայց տեսնելով որ վաստակը  անօգուտ է, կը հրաժարի եւ իր համարձակ եւ շիտկէ շիտակ ոճին դիմելով`

Սրբազա՛ն, Սէֆիլեան  ինձ եկաւ առաջարկելու որպէսզի ես ալ մասնակցիմ Իշխաններուն դաս մը տալու ձեռնարկին եւ երբ ես իրեն հարցուցի թէ Հայրիկի կամքը իրենց հե՞տն է, ան բառերը չեմ յիշեր ինձ հասկցուց թէ առանց Հայրիկի կամքին իրենք չպիտի ընէին այդ բանը։

Կարապետ գոհ էր որ կրցած էր բանաձեւել  ըսելիքը, մանաւանդ անոր վերջին եւ էական մասը։ Ան հպարտ նայուածք մը ուղղեց Հայրիկին, անոր տպաւորութիւնն իմանալու համար։

Հայրիկ` մինչ այդ տրամադիր եւ զուարթ, յանկարծ համակուեցաւ խոր թախիծով մը։ Ան անմիջապէս չպատասխանեց։

Ուրիշ մը Թագաւորի տեղ, մտմտուքի պիտի մատնէր ինքզինքը, թէ` արդեօք անպատշաճ բան մը ըրած  էր։ Ուժեղ մարդ, ան ըրածին եւ ըսածին վրայ զղջալու սովորութիւնը  չունէր։ Ընդհակառակն Հայրիկի լռութիւնը քիչ մը վիրաւորական համարելով` ան  գլուխ բռնեց քիչ մը եւ վէճի պատրաստուելու ձեւ մը առաւ։

Հայրիկի ուշադրութենէն չվրիպեցաւ Կարապետի անհամբերութեան ժէսթը։

Է՜ լաւ, ինչո՞ւ չմասնակցեցաք ուրեմն։

Չմասնակցեցայ վասնզի չհաւատացի Սէֆիլեանի խօսքերուն։

Այդ պարագային, ինչո՞ւ դուք ալ հակառակ կողմը չբռնեցիք, ցոյցը արգիլելու փորձը չըրիք, հարց դրաւ Հայրիկ, քիչ մը հեգնալից Թագաւորի համբաւին համար։

Հարուածը` Կարապետի ամէնէն զգայուն կէտին էր որ կը հասնէր։ Ան ուրիշ բան մը չկրցաւ ըսել եթէ ոչ խոր հոգոց մը հանել եւ կրկնել  իր առաջին պատասխանը,

Այդ ալ Սէֆիլին հարցուցէ՛ք,

Ինչո՞ւ Սէֆիլին եւ ոչ ձեզի։

Սէֆիլ իմ ձեռքը ոտքը կապեց եւ թող չտուաւ որ շարժիմ։

Հայրիկ հասկցաւ անմիջապէս։

Օղիի չուանով այնպէս չէ՞,

Այո՛, Սրբազան,

Կը տեսնէք ուրեմն խմելու չարիքը։

Այո՛, Սրբազան,

Մի խմէք զաւակս, մի խմէք այդ անիծեալ ջուրը, քիչ խմէք, չափաւոր եղէք, մեղք էք, մեղք է ձեր երիտասարդութիւնը։

Քէօռ Թագաւոր մինչ այդ հպարտ եւ բարձրագլուխ, րոպէապէս զգաց իր տկարութիւնը, իր մոլութեան տկարութիւնը, գլուխը ծռեց, բայց յանկարծ ըմբոստ  շարժումով մը`

Լաւ, սրբազան, կ՚ընդունիմ ձեր հրամանը։ Այդ դասը ինծի։ Հապա՞ Սէֆիլեանին, անոր որ ձեր անունով Առաջնորդարանի վրայ յարձակումներ կը պատրաստէ։

Կարապետի հարուածն ալ Հայրիկի ամէնէն զգայուն կէտին էր որ կ՚երթար։

Հայրիկ` ձին կեցուց, յօնքերը պռստեց, դէպի խօսակիցը հակեցաւ, եւ լուրջ ու սպառնալից թօնով մը, որ անոր սարսուռ ազդեց. ըսաւ`

Անոր դասը աւելի խիստ պիտի ըլլայ։

Ասպանդակի հարուած մը` ձիու կողերուն, յաջորդեց Հայրիկի սպառնագին յայտարարութեան, եւ Քօլօզ, որ կը ձանձրանար հետիոտի մը հետ  քալելով, թռիչք տուաւ իր քայլերուն։