Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՐԾԻՒԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ԻՐ ԲՈՅՆԻՆ

Հայրիկի Վանէն մեկնումը հազար անգամ աւելի յաղթական եղաւ քան անոր ժամանումը, իսկական ցոյց մը, հսկայ մեծավայելուչ։

Մեծ պահքի  վեցերորդ  շաբաթը՝ Վանեցիին  համար, Հայրիկի շաբաթը եղաւ։ Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ տօնին կիրակին՝ Հայրիկ իր վերջին պատարագը մատոյց Վարագի մէջ։ Քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն մեծ բազմութիւն մը խուժէր է վանքը։ Ժողովրդին բազմութիւնը, անոր վշտակրութեան արտայայտութիւնը՝ խառնուած իր սեփական զգացումներուն հետ՝ թելադրութեան անսպառ աղբիւրներ են Հայրիկի համար։ Երբեք Հայրիկի քարոզները չեն եղած այնքան սրտառուչ, այնքան յուզիչ, այնքան հոգեշունչ որքան անոր՝ նոյն օրը, Վարագի մէջ տուած եւ անոր հետեւող չորս հրաժեշտ-քարոզները։

Իր առաջին քարոզովը՝ Հայրիկ հրաժեշտ տուաւ Վարագին, այդ հնադարեան վանքը յիշեցնող, անոր յիշատակները արթնցնող վայրերէն իւրաքանչիւրին, Աստղեան բերդին, Գալիլիային, ուր սուրբ Հռիփսիմէն  պահեց Խաչափայտին կտորը, Վարագի սուրբ Նշանը, Քրիստոսի աղբիւրին, Անմահական աղբիւրին, Հայրիկի աղբիւրին, Վերին Աւազանին, Դրախտին, Թանգարանին, եօթը Խօրաններուն, Տպարանին, Հայաստանի առաջին տպարանին, ուրկէ առաջին անգամ ճաճանչեցին Մեսրոպեան տառերը եւ «Արծուի Վասպուրականի» ի թեւերովը լոյս սփռեցին Հայաստանի մէջ։ Հայրիկ յուզուած է, սակայն կը զսպէ ինքզինքը եւ կը ծածկէ յուզումը՝ բայց, երբ յիշատակութեան կարգը կուգայ Ժառանգաւորաց դպրոցին, երբ մէկիկ  մէկիկ կը յիշատակէ անունները անոր առաջին ուսուցիչներուն, որոնք իրեն լծակիցները եղան, Տէր Դիոնէսիոսի, Փափազեան Տէր Մեսրովբի, Գալփաքեան Յուսիկ Վ, ի, Փիրզալէմեան Ղեւոնդ Վ, ի, երբ կը յիշէ անունները դպրոցի առաջին հունձքերէն՝ Սրուանձտեանցներու, Աղուանեաններու, Թօխմախեաններու, Տէվկանցներու, ոմանք մօտ, այլք հեռու, ոմանք ի կեանս, այլք ի գերեզման, եւ անոնցմէ հրաժեշտ կ՚առնէ, անոր կը պակսի դիմադրական ոյժը, ան կը փղձկի եւ հեկեկանքով է որ կ՚արտասանէ վերջին խօսքերը, «եթէ կը սիրէք Հայրիկը, եթէ կ՚ուզէք պահել անոր յիշատակը, գուրգուրացէք այս վանքին վրայ, ճոխացուցէք անոր թանգարանը, դարձուցէ՛ք անոր տպարանին անիւը, բայց պահեցէք միշտ անոր դպրոցին դուռը»։

Հայրիկ մոռցած է թէ ինքը պատրիարք եղած է, առաջնորդ եղած է, բայց ան չմոռնար որ ինքը եղած է Վարագի վանահայր, անոր Ժառանգաւորացի հիմնադիրը, անոր «Արծուի»ի հրատարակիչը՝

«Եթէ մխիթարանք մը ունիմ իմ կեանքիասպարէզին մէջ կը շարունակէ ան այն բուռն սերմն է, զոր ես ցանեցի Հայու ուսման այս անդաստանին մէջն»։

Յետոյ միշտ հեկեկանքով։

«Եթէ քիչ մը գնահատանք ունիք Հայրիկի հանդէպ, քիչ մը սէր անոր համար, ուխտեցէք յարգել անոր վերջին փափաքը, ուխտեցէք որ՝ ուր որ ալ հատնելու ըլլայ Հայրիկի վերջին շունչը, անոր աճիւնը պիտի փոխադրէք Վարագ։ Այս է իմ վերջին փափաքը, թաղուիլ Վարագի եօթը խորաններու շուքին եւ կամ անոր ընկուզենիներէն մէկուն հովանիին ներքեւ»։

Փղձկած են անոնք որոնք վանքին տաճարին մէջ կըցած են տեղ գտնել, տեսնել Հայրիկի փղձկումը եւ լսել անոր հեկեկանքը։ Փղձկած են վաքին բակը լեցնող, եւ աչքերնին տաճարին դուռը յառած՝ հարիւրաւորները, որոնք ոչինչ չեն լսեր եթէ ոչ խունկին ծուխին հետ տաճարին դուռնէն դուրս խուժող  լաց ու հառաչի ձայները։

Ժողովուրդը՝ ներսը թէ դուրսը, իր հառաչներու միջով Հայրիկի խնդրած ուխտն է որ կ՚ընէ։

Գիշերը՝ Հայրիկ կ՚անցունէ վանքին մէջ։ Յաջորդ առաւօտը, գարնանային գաղջ արեւին տակ, Պ. Պետրոսի հետ, ուռենիի կանանչ ոստ մը ձեռքին, ան երկար պտոյտներ կ՚ընէ վանքին շրջակաները, տնտեստունը կը մտնէ, անկէ կ՚անցնի վանքին փուռը, մէկ մէկ պահ կը նստի այն տեղերը։ Աշխատաւորներուն հետ խօսքի կը բռնուի, անոնց իր հրաժեշտի ողջոյնները եւ օրհնութիւնները կուտայ, յետոյ կ՚անցնի վարժարանը, անկէ տպարանը, ուր, ներքին մղումով մը՝ մեքենային վրայ կը ծռի եւ կը համբուրէ զայն։

Դուրսը, միաբանները, ուսուցիչները, սաները, վանքին ծառայողները եւ ով որ կայ վանքին մէջ, վանքին մեծ դուռին առջեւն են, վերջին հրաժեշտ տալու իրենց սիրելի Հայրիկին։ Հոն, Հայրիկ միաբաններէն ու ուսուցիչներէն մէկին հետ կ՚ողջագուրուի, միւսին աջը կուտայ, յետոյ լսելով վանքին հազիւ տասնամեայ գառնարածին լացին ձայնը՝ դէպի ան կը դառնայ, հուժկու ձեռքերովը կը վերցնէ տղան, զայն կը համբուրէ վանքին ծառայողներուն եւ աշակերտներուն ուղղուելով, «ձեր ամէնքիդ փոխարէն էր որ գառնարածին տուի իմ համբոյրը» կ՚ըսէ եւ փղձկումը ծածկելու համար ձիուն վրայ կը ցատկէ եւ կը հեռանայ։

Լուսաւորիչի կիրակիին յաջորդող շաբթուան մէջն ենք։ Իրիկուն մը Առաջնորդարանի ծառան Հայրիկի ձին մեր տունը բերաւ, յայտնելով թէ Հայրիկ մեր տունէն ձի պիտի նստէր տունը վերադառնալու համար։ Վազեցի շուկան հօրս լուր տալու։ Փողոցին ծայրը տեսայ Հայրիկ՝ որ հօրս հետ խօսելով կուգար։ Տունը հասնելուն՝ ան վեր չելաւ։ Կանխահաս գարուն մը՝ այդ տարին բացած էր մեր բակին կակաջները եւ պարտիսապահները։ Հայրիկ աթոռ ուզեց, անոնց քով նստեցաւ, սիկարէթ մը վառեց, փափաքեցաւ տեսնել մայրս, որուն հօր տանը դրացին եղած էր եւ բարեկամը եւ որուն՝ Աղունեան Գր. եպիսկոպոսի՝ (մօրս հօրեղբայրը) հիւանդ մէկ շրջանին, անոր փոխարէն, քանի մը շաբաթ դասեր տուած էր։ Ան այս դրուագին յիշատակութիւնն ըրաւ մօրս, յետոյ երբ մայրս հրաւիրեց զինքը ընթրիքի մնալու,

Վերադարձիս, վերադարձիս ինշալլահ ձեր մաճառ ձուկը կ՚ուտենք նորէն,

Մաճառ ձուկը Վանի չիրօզն է, զոր Հայրիկ շատ կը սիրէր եւ որուն մեր տան պատրաստուածը միշտ գերազանց համարած էր ան։

Յետոյ, միշտ դէպի մայրս՝

Ձեր հօր տան ընդարձակ պարտէզին վարժուած՝ չէ՞ք նեղուիր քաղաքի այս նեղ բակերուն մէջ։

Վարժուած ենք։

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, Այգեստան տուն մը չի գներ ձեր ամուսինը, փարաները ինչի՞ համար կը պահէ։

Ապա, դառնալով դէպի հայրս։

Չըլլայ որ ձեռքէ հանէք սա Համուտ աղենց տունը։

Իր տանը դէմ, Հայերու թաղին մէջ խրուած այս Թուրքին տունը, Հայրիկի աչքին փուշն էր եւ զայն Հայու մը գնել տալը՝ անոր համար սեւեռուն միտք մը։

Ձեր վերադարձին, Աստուծով դրացի եղած կ՚ըլլանք եւ մաճառ ձուկը Համուտ աղենց պարտէզին մէջ կ՚ուտենք պատասխանեց հայրս։

Հայրիկ չափազանց գոհ մնաց,

Յետոյ երբ կարգաւ ձեռքը համբուրելու գացինք, պզտիկներուս դարձաւ եւ լրջօրէն…

Բայց չըլլայ թէ շատ չարութիւն ընէք եւ մեր թաղին հանգիստը խանգարէք։

Մեզ՝ պզտիկներուս համար ալ սեւեռուն փափաք մըն էր Այգեստանցի դառնալ։ Կրկնապէս տխրեցանք, որ այդ փափաքին պաշտպանին հրաժեշտ կուտայինք։

Միեւնոյն շաբթուան մէջ, ելեւմտական պաշտօնեայ մը՝ Հայրիկի բնակարանը կ՚երթայ եւ տոմարակալի բարեւներուն հետ անոր կը յանձնէ 60 ոսկիի գումար մը, ստորագրելու համար ալ կը ներկայացնէ ընկալագիր մը։ Հայրիկ՝ նախ կը կարծէ թէ՝ իր ամսականներուն ի հաշիւ կանխավճար մըն է որ կ՚ըլլայ իրեն, բայց երբ պատրաստուած ընկալագրէն կը ստուգէ որ ճանապարհածախս մըն է որ իրեն կը տրուի, դրամը անմիջապէս պաշտօնէին ետ կուտայ, շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր կրած նեղութեանը համար եւ կ՚աւելցնէ՝

Ես ո՛չ պաշտօնի բերումով է որ կը ճամբորդեմ, ո՛չ ալ կառավարութեան պարտադրութեամբը։ Ես իմ ազատ կամքովն է որ կ՚ուղեւորիմ Պոլիս եւ ունիմ իմ սեփական միջոցները [1] ։

Զուր տեղ պաշտօնեան բացատրութեան ճիգեր կ՚ընէ։ Հայրիկ կը մնայ անդրդուելի։

Երկու օր վերջ, պատուիրակութիւն մը Հայրիկին կը տանի գրեթէ նոյնչափ գումար մը, հաւաքուած բարեկամներու սեղմ շրջանակի մը մէջ։

Կը սպասէիք ուրեմն Հայրիկի հեռանալուն, զայն խալաթելու (նուէրով յարգել) համար, կ՚ըսէ Հայրիկ քմծիծաղով մը, գուցէ շնորհակալութեան խօսք սպասող պատուիրակներուն, եւ այդքան։

Ծաղկազարդի կիրակին Հայրիկի հրաժեշտին պաշտօնական օրն է։ Ոտքի վրայ են ոչ միայն քաղաքին այլ եւ շրջակայ գիւղերու ժողովուրդը։

Առաւօտը, Հայրիկ իր հրաժեշտի քարոզ պիտի խօսի Արարքի եկեղեցիին մէջ։

Առաւօտը տարօրինապէս պայծառ է։ Գիշերային անձրեւ մը՝ կարծես լուացեր է երկինքը՝ այդ օրուայ արեւին պայծառութեան համար։

Արարքի եկեղեցին Վանի էն մեծ եկեղեցին է, անոր առջեւի հրապարակը՝ Վանի հրապարակներուն ամէնէն մեծը։ Եկեղեցին եւ հրապարակը նեղ կուգան հոն խուժող բազմութեան համար։

Արարքի եկեղեցիին բեմէն, Հայրիկ՝ ճշմարիտը, բարին եւ գեղեցիկը սիրելու յորդորին կտակն է որ կ՚ընէ իրեն հրաժեշտի խօսքը լսելու եկողներուն, սիրոյ կտակը։ Սէրը կ՚աստուածացնէ եւ «Աստուած սէր է» բնաբանով՝ զիրար սիրելու եւ սիրոյ եւ միաբանութեան ուժովը ցեղին տկարութիւնները դիմագրաւելու յորդորն ու կտակը կը թողու անոնց։

Կէս օրէն վերջ Հայրիկ Նորաշէնի եկեղեցին է։ Հոն սիրոյ խորհուրդը կ՚ընդլայնէ ան եւ կը հասցնէ մարդկայնութեան, անխտրականութեան գաղափարին, «մէկ նաւի ճամբորդներ էք դուք, հայ, թուրք, քիւրտ։ Նաւուն փրկութիւնը ամէնքիդ ալ փրկութիւնն է, ձեռք ձեռքի տուէք ձեր դրացինեուն հետ, միասին թիեցէք, լաւ թիեցէք, ձեր նաւը օր առաջ նաւահանգիստ հասցնելու համար։ Օտարին վրայ յոյս մի դնէք, մեր լաւագոյն տեղը նորէն Օսմանեան հայրենիքն է, տանք սիրով ինչ որ կայսեր կը պարտինք, ինչպէս որ սիրով կուտանք Աստուծոյ պարտաւորածնիս»։

Եկեղեցիի դրան վրայ քանի մը հայախօս ոստիկաններու ներկայութիւնը նշմարելով, Հայրիկ՝ հետը քալող Տէվկանց եպիսկոպոսի ականջին կը ծռի՝

Ինչ կ՚ըլլար հալերնիս, եթէ Քրիստոս այս մէկ խօսքն ալ ըսած չըլլար,

Ո՞րը կը հարցնէ Տէվկանց։

«Տուք զկայսերն կայսեր եւ զաստուծոյն Աստուծոյ։»

Եւ հակառակ օրուայ տպաւորութեան՝ լիաթոք կը խնդան միասին։

Աքսորականը՝ իր վերջին հրաժեշտը պիտի տայ Յայնկոյսներ եկեղեցիին մէջ։ Նորաշէնի եկեղեցիէն մինչեւ Յայնկոյսինը քսան վայրկեանի ճամբայ է։ Հայրիկ ոտքով կը կտրէ այդ ճամբան՝ զինքը նորէն լսելու փափաքով առլցուն ժողովուրդը ետեւէն։ Ճանապարհին՝ բազմութիւնը ձիւնագնդակի պէս մեծնալով կը մեծնայ։

Սխկայի պողոտայի այն մասը, զոր բազմութիւնը պիտի կտրէ եկեղեցին երթալու համար, մօտ 70 մեթր լայնութիւն ունի։ Թուրք անցորդը հոն կանգ կառնու՝ երկար պահելով, անցք տալու համար անցնող բազմութեանը։

Թուրք անցորդը չկրնար զարմանքը բռնել։

Այս ի՜նչ բազմութիւն է։

Այսքա՜ն մարդ կայ այս քաղաքին մէջ։

Բայց ի՞նչ կայ, ի՞նչ է եղածը։

Թուրքը անգիտակ է անցքին, անհաղորդ Հայու հոգիէն այդ րոպէին անցածին։

Թուրքը չէր ունեցեր Հայրիկ, չէ տեսած Հայրիկ։ Ան չէր կրնար գաղափար ունենալ զգացումի մասին, զոր ժողովուրդ մը կրնայ ունենալ կենդանի կուռքերու մասին, կուռքը որուն խօսքին հմայքը թռթռացնել գիտնար այդ զգացումները, եւ հեռուէն թէ մօտէն, իրենց տուներէն եւ խրճիթներէն դուրս քաշէր մարդկային լէգէոններ։

Կանգ կ՚առնէ թուրք անցորդը, ոտքի վրայ կը բարձրանայ, վիզը կ՚երկարէ տեսնելու համար կենդանի կուռքը, օրուան մարդը։

Մարդը կ՚անցնի մարդկային ալիքներու մէջէն, հասակը բարձր, կուրծքը դուրս, գլուխը ձիգ։

Ո՞վ է այս մարդը։

Թուրքը չգիտէ թէ ով է ան, ուր կ՚երթայ եւ ինչ ընելու։ Ան՝ անոր շուրջը կոծող ալիքը կը տեսնայ միայն։ Ան կը տեսնայ ողջ ժողովուրդը տուներնէն դուրսը։ Ան կը տեսնէ ծերերը, հիւանդները, գաւազաններուն յեցած՝ ուռենիներու ներքեւ։

Ան կը տեսնայ երեխաները Զաքէոսի նման ուռենիներու վրայ։ Ան կը տեսնայ կիները, աղջիկները բաց դուռներու առջեւ, ամէնքը՝ սուգը դէմքերնուն, արցունքը աչքերնուն, դէպի անցնող կենդանի կուռքը։

Կանգ առաւ թուրք անցորդը։ Սգաւորի դէմք կը զգենու ան ակամայ եւ արցունքը աչքերուն՝ կը սգայ, ի՞նչը, ինքն ալ չգիտէ։ Ան ակամայ կը սգայ վիշտը որ իրը չէ եւ որ իրը կ՚ըլլայ տեսարանի այդ րոպէին եւ իրեն մասնակցիլ կուտայ ցոյցին։

Այգեստանի մեծ պողոտան՝ որ արեւմուտքէն արեւելք կը կտրէ քաղաքը, արեւելեան ծայրամասին վրայ, գրեթէ Հայրիկի տան առջեւ, երկուքի կը բաժնուի, մէկը կ՚երկարի դէպի Սխկայ գիւղը, որմէ ան առած է իր անունը, միւսը՝ փոքրիկ հեռաւորութեան մը վրայ, կանգ կառնու Յայնկոյսների դարեվարի գլուխը։ Դէպի դարեվարը բնակութիւն չկայ այլեւս։ Ձորն է այլեւս, Յայնկոյսների գետաձորը՝ իր հաստաբուն ուռենիներովը եւ սլացիկ բարտիներովը։ Քարաշէն մեծ կամուրջ մը՝ իրարու կը միացնէ գետին այս եւ այն կողմերը։ Եկեղեցին՝ դարեր առաջ ջանք մը, գետին այն կողմն է եւ ատկէ է որ առած է իր «Յայնկոյսներ» անունը։

Ծաղկազարդն է։

Ծաղկազարդի կիրակին Վանի մէջ, կիրակին է նորահարսներու եւ հարսնցու օրիորդներու, անոնց եկեղեցի երթալու, հաղորդուելու պաշտօնական օրը, անոնց իսկական տօնը, եւ Յայնկոյսները՝ իր շրջապատի զարթնող բնութեան զմայլելի համայնապատկերովը՝ անոնց գլխաւոր տօնավայրը։ Անոնք՝ հարսնցուները՝ իրենց մետաքսեայ կանաչ կարմիր մէտակներով, նորահարսերը իրենց սպիտակ չարչաֆներովը, բայց մէկն ու միւսը՝ երեսնուն՝ իրենց այտերու գոյն շղարշներովը՝ պէտք է զարդարեն, այդ օրը, Յայնկոյսների եւ այս կողմը ե՛ւ այն կողմը։

Աւա՜ղ չկան այդ օրը, ո՛չ կարմիրը, ո՛չ կանանչը, ոչ ալ սպիտակը, կայ միայն սեւը, սուգին սեւ, զոր հայ աշուղը պիտի դնէր Հայրիկին ձօնած ոգերգին մէջ։

Վասպուրականի երիտասարդներ

Եւ օրիորդներ հագան սեւ լաթեր,

Լաց ու տրտմութեամբ մոռցան ծաղկազարդը

Ինչպէս որ սոխակը իր սիրելի վարդը։

Հայրիկ իր թաղէն է որ կ՚անցնի, իր տան առջեւէն անցնելով՝ ան կ՚երթայ հրաժեշտ տալու իր մկրտուած եկեղեցիին մէջ, իր թաղեցիին եւ իր դրացիին։

Ծաղկազարդ է.

Թաղեցին եւ դրացին՝ գետաձորին մէջ, կամուրջին ե՛ւ այս կողմը ե՛ւ այն կողմը, ուռենիներէն կանանչ ոստեր կը կտրէին եւ իրենց հալածական դրացիին ճանապարհին վրայ կը ձգէին։

Օրը եւ տեսարանը՝ յիշողութիւնները ետ կը տանին, ետ կը տանին տասնեակ դարերով, ետ, դէպի ուրիշ հալածական մը, դէպի հալածական մը։

Օրը, տեսարանը, յիշողութիւնները՝ հին եւ նոր, կը փոթորկեն Հայրիկի հոգին, որուն առաջին նշանը՝ զգացումի այդ մարդուն քով՝ արցունքն է։

Ծաղկազարդ է։

Ներսը, եկեղեցին դռնաբացէք է։ Խորհրդապաշտ արարողութիւնը՝ իր զուգադիպումովը՝ փոթորիկի նոր ալիք մը կը բերէ Հայրիկի հոգիին։

Ու ահա ան սեղանին վրայ է, առանց փիլոնի, առանց գաւազանի։ Հազիւ խօսքը առած՝ ան դէպի աջը կը դառնայ եւ ձեռքը դէպի մկրտութեան աւազանը՝

65 տարի առաջ, երբ այս աւազանին մէջ մկրտուեցայ, անոր խորհուրդէն հաւատք խնդրեցի, յոյս եւ սէր։ Անկէ վերջ, ահա 65 տարի, ինձ չպակսեցաւ բնաւ ո՛չ սէր, ո՛չ յոյս, ո՛չ հաւատք։ Հաւատքիս եւ յոյսիս հետ, այն սէրը՝ որով այնքան շատ սիրեցի իմ ժողովուրդը, պիտի պահեմ ուր որ ալ ըլլամ, Բիւզանդիոն թէ Մասեաց ստորոտը…, պիտի պահեմ հաւատքս եւ յոյսս անոր ապագայի մասին։ Բայց կը շարունակէ ան այս անգամ տիրաբար, հաւատքը առանց գործի մեռեալ է։ Ձեր գործը պէտք է ըլլայ ձեր զաւակներուն, ձեր ապագայ յոյսերուն դաստիարակութիւնը, անոնց պատրաստութիւնը կեանքի դժուարութեանց դէմ։

Ամէնէն վերջ, Հայրիկ կը կրկնէ Վարագի իր կտակը՝

Իմ ոսկերոտիքը չթողուք օտար հորիզոններու տակ…

Վերջին խօսքը, կտակը, զայն լսողներուն մրմունջներուն ալիքներովը՝ դուրս կուգայ աղօթատեղիին կամարներէն եւ կ՚ողողէ դուրսը սպասող բազմութեան հոգիները։ Ու երբ անոնց միջով կ՚անցնի Հայրիկ, ան՝ որ որպէս գերագոյն փափաք, ուրիշ բան չէ ունեցեր խնդրելու իր հօտէն, եթէ ոչ իր ոսկերտիներու վերադարձը դէպի հայրենի հողը, անոնց հանգիստը իր սիրած հողին մէջ, հողը, որուն վրայ ապրիլ արգիլուած է բարձրանան բազմութեան կուրծքերէն եւ ստուերի պէս անոր կը հետեւին մինչեւ անոր հայրենի տան սեմը։

Մէկ օրուայ մէջ երեք քարոզ, բազմութիւն, ասոր՝ խօսք մը ի պատասխան, անոր՝ աջ մը ի համբոյր, իր յուզումին ի ճարակ, այլոց յոյզին ի տես՝ Հայրիկ յոգնած է եւ պատրաստած։ Տունը հասնելուն՝ բազմոցին վրայ բարձի մը յենած, ձեռքերը ծոծրակին վրայ իրարու կցած՝ հազիւ հանգիստի շունչ մը կը սկսի առնել եւ ահա դուռը կը ծեծեն,

Տիգրան վարժապետն է Սրբազա՛ն լուր կը բերէ Պ. Պետրոս.

Ըսէ որ յոգնած եմ, վաղը Առաջնորդարանը կը տեսնուինք կը պատասխանէ Հայրիկ։

Տիգրան վարժապետը՝ Ամիրճանեանն է։

Հայրիկ չէր սիրեր Ամիրճանեանը։

Ինչո՞ւ.

Ամիրճանեան շնորհէ զուրկ մէկը չէր։ Պոլիս սորված եւ կանուխէն ուսուցչական ասպարէզը ընդգրկած յայտնի մտաւորական մը՝ ան օժտուած էր բանաստեղծական բացառիկ տաղանդով մը, որ անոր գրել տուած էր արժէքաւոր թատերգութիւններ եւ ոտանաւորներ։ 70ական թուականներուն՝ Ամիրճանեան եղած էր Վանի մտաւորական շարժումին հոգին։

Ինչո՞ւ ուրեմն Հայրիկի նախապաշարումը,

Ամիրճանեան կծծի էր եւ դրամապաշտ։ Հայրիկ՝ դրամի յարգը չգիտցող մը, յարգ չէր տար դրամապաշտներուն։ Ըստ Հայրիկի՝ դրամին սիրովը տարուած մարդուն սրտիս մէջ, բաւական տեղ չէր մնար ուրիշ սէրերու, եղբայրական, ընտանեկան, ազգային։ Այս յամառ կարծիքովը, ան՝ բաւական անկեղծ չէր գտներ այդպիսիներու թէ՛ ճառերը եւ թէ՛ գրութիւնները եւ կանխակալ կարծիք մը ունէր անոնց համար։

Մինակ աս չէր։

Ինչպէս առհասարակ բոլոր կծծիներ՝ Ամիրճանեան անխնամ էր իր արտաքինին մէջ։ Անոր՝ կարծես խինա դրած պեխը ու մօրուքը՝ տարիներով մանգաղի երեսը չտեսած մացառի եւ երեւոյթն ունէին եւ միացած տափակ քիթի մը հետ, կը ծածկէին անոր դէմքին վարի մասը, վերինը թողլով իւր կապած ֆէսի մը, զոր ան՝ կարծես թէ իր լայն ճակատը ծածկելու համար կը դնէր։ Իսկ կորպուսը՝ որուն յարդարանքը կծծիներու համար շատ աւելի դժուար է, դիւրին է համեմատութեան դնել եւ երեւակայել։ Ու Հայրիկ՝ որ՝ ինչպէս դրամ չսիրելուն համար չէր սիրեր դրամատէրները, այնպէս ալ, արտաքին խնամքը շատ սիրելուն համար չէր սիրեր անխնամները։

Արդարեւ, Հայրիկ՝ որ չէր կրնար չըմբռնել արտաքինի նշանակութիւնը, մեծ խնամք կը տանէր իր հագուստ-կապուստին, իր մազ-մօրուքին, գուցէ նաեւ անոր համար, որ բնութենէն լայնօրէն օժտուած մը, չէր ուզեր գրուանի տակ թողուլ այդ շնորհը։

Ստուգիւ, իր ամբողջութեանը մէջ Հայրիկի արտաքինը՝ կը ցոլացնէր հազուագիւտ առողջութիւն մը, որ՝ առհասարակ, իր հետ կը բերէ զայն պահպանելու եւ խնամելու բնազդային հոգածութիւնը։

Հայրիկ՝ կատարեալ առողջութեան հետեւող այդ բնազդային մղումովը, ինքնաբերաբար կը կիրարկէր առողջապահական կանոնները, զորս կիսառողջ անհատներ՝ հակառակ գիտական նորոյթներու իրենց ծանօթութեան, եւ կամ բժիշկներու խորհուրդներու, առհասարակ կը դժուարանան գործադրելու։

Ամիրճանեան այս վերջին դասակարգէն էր։

Հայրիկի առողջապահական կանոնները կը կայանային շարժունութեան մէջ. աշխատութիւն, զբաղում, արդիւնաբերութիւն, զոր ան կը համարէր կեանքի բուն նպատակը եւ որուն ինքնին կը հետեւին հոգեկան բաւականութիւնը եւ ապրելու ուրախութիւնը։ Եթէ պատահէր որ շարժում ենթադրող զբազում չունենար, Հայրիկ կը ստեղծէր զայն, յաճախ ամենահասարակ պատրուակով։ Երբեմն ան, օրինակի համար, սանջի փայտի փնտռտուքը՝ իրեն պատրուակ կ՚ընէր Վարագի շրջանակները ժամերով պատելու համար։ Եւ երբ կը գտնէր այդ փայտը, որոնցմէ ան սովոր էր իր ձեռքով իրեն համար սիկարնիկներ շինելու, մանուկի մը պէս կ՚ուրախանար եւ կը խանդավառէր։

Մարմնականին զուգընթաց, Հայրիկ ունէր իր հոգեկան մարզանքը, աղօթք, երգ, հաճելի ընկերակցութիւններ եւ մտերիմ խօսակցութիւններ։ Որպէս այդպիսին՝ ան կը փնտռէր, յաճախ կը ստեղծէր առիթներ՝ ուրիշին օգտակար ըլլալու, ասոր անուշ խօսք մը ըսելու, անոր գորովի ժպիտ մը տալու։

Անոր աղօթքին եւ երգին պահը բնութեան պահն է, թռչուններուն պահը, արշալոյսը կանխող այն միստիք պահը որ կարծես թէ մարդու թմրած հոգին կը հաղորդէ  զարթնող բնութեան նշխարով, եւ որուն պարգեւած խաղաղ ինքնամփոփումին մէջ է միայն որ աղօթքին եւ, կամ որ նոյն է, երգին ձայնը կրնայ լրիւ թռթռացնել մարդուս հոգիին թելերը։ Այդ պահուն, Հայրիկ ոտքի է արդէն եւ երգին ու աղօթքին հետ՝ աղբիւրին գլուխ եւ կամ առուին եզերքը։

Հայրիկ չէր կրնար հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, թէ՝ բնութեան այդ հրաշալից պահուն, կարելի է անկողնոյ մէջ  մնալ։

Անգամ մը, Սրուանձտեան Վ. ՝ ապրելակերպի կողմէն Հայրիկի հակատիպ մը՝ իր հիւանդ եւ անտրամադիր մէկ օրը կը պարտաւորուի պատարագել։ Այդ օրը, հակառակ կրած յոգնութեանը, ան շատ լաւ կը զգայ ինքզինքը եւ չքաշուիր հասնողին յայտնելէ զգացած փոփոխութիւնը։ Հայրիկ՝ այդ «հասնող»ներէն մէկը, կը հարցնէ՝

Ի՞նչի կը վերագրէք հա՛յր սուրբ, այդ փոփոխութիւնը,

Ի՜նչ գիտնամ։

Ես գիտեմ կ՚ըսէ Հայրիկ, այսօր անկողնէն շուտ ելաք. այդ է պատճառը։

Արդարեւ, Համով-Հոտովի հեղինակը՝ քիչ մը յոյլք, սովոր չէր բնաւ արեւէն առաջ արթննալու։ Ան հետզհետէ կը գիրնար եւ առհասարակ կը գանգատէր իր առողջութենէն։ Ամէն անգամ որ այս գանգատը Խրիմեանի ականջը կ՚իյնար, ան սովոր էր իր կարճ դեղագիրը ... յանձնարարելու՝

Պատարագ ըրէք։

Հայրիկ՝ իւրայատուկ դարմանումներ ունէր։ Երբ քրտնելու պէտք ունենար, օրինակի համար, Չռիկ աղբիւրին քով (Վարագի զառիվերին ստորոտը) ձիէն կ՚իջնար, աղբիւրին ջուրէն կուշտ մը կը խմէր եւ ոտքով վեր կը բարձրանար զառիվերը, որ շրջապատին ամէնէն ձիգ զառիվերն է։ Հայրիկ՝ օր մը օրանց, չէ կրցեր քրտնելու իր այդ մեթոտը կիրարկել տալ Սրուանձտեանին, որ յաճախ քրտնելու պէտք կը զգար եւ որ այդ օրերու սովորութեամբը՝ ոտները տաք ջուրի մէջ կը դնէր, քրտնելու համար։

Ամիրճանեան՝ իր գրչի եղբօրը, Սրուանձտեանի դպրոցէն էր։

Արդ՝ կը պատահի որ անգամ մը, Խրիմեան՝ սովորական աղօթքը, երգը, գրական աշխատանքը լրացնելէն, գուցէ փնտռած հաճելի ընկերակցութիւնները եւ խօսակցութիւնները ունենալէ վերջ, Վարագէն ձի նստի քաղաքը գալու եւ ճամբուն վրայ Ամիրճանեանի դրան առջեւ կանգ առնէ, անոր ըսելու համար որ այդ օրը քաղաքը իջնայ թագրիր մը գրելու համար։ Ամիրճանեանի փոխարէն երեւան կուգայ աղջիկը, որ կ՚ըսէ թէ հայրը անկողինն է դեռ։ «Հիւանդ է՞» կը հարցնէ Հայրիկ զարմացած. «Ոչ, առհասարակ այս ատեններն է որ ան անկողնէն կ՚ելնէ» կը պատասխանէ աղջիկը։ Մինչ այդ կը հասնի բանաստեղծ-ուսուցիչը, հասակը կոր, մազերը ցան ու ցրիւ, դէմքն ու աչքերը ուռած։

Այս վիճակով եւ այս տրամադրութեա՞մբ է որ դաս տալու պիտի երթաք դպրոցը   կը կշտամբէ Հայրիկ։

Ամիրճանեան՝ շփոթութենէն  բաներ մը կ՚ըսէ, որմէ բան մը չի հասկնար Հայրիկ եւ նեղացած՝

Ես բան չհասկցայ ըսածներէդ, աշակերտը ի՜նչ պիտի հասկնայ կ՚ըսէ ու կ՚առնէ կը քալէ։

Առաջնորդարան հասնելուն, հակառակ իր ներողամիտ ոգիին՝ Հայրիկ՝ ծոյլ վարժապետէն կ՚առնէ թուրքերէն քարտուղարութեան պաշտօնը եւ կը յանձնէ Շիրվանեան Նշանին, հանած վարած մը, որ հակառակ իր անկուտիութեան՝ որ կ՚ըլլար որ՝ մինչեւ Ամիրճանեանի անկողնէն ելնելու պահը, երկու անգամ հագուստ կը փոխէր։

Ապրելակերպի ըմբռնողութեան այս տարբերութիւնը՝ երրորդ հակադրութիւնն էր, որ գոյութիւն ունէր այդ երկու մեծ մտաւորականներու միջեւ։

Մէկ գիծով սակայն անոնք իրարու կը նմանէին։ Երկուքն ալ ծխամոլներ էին։ Եւ Հայրիկի դէմքին վրայ, եթէ անոր գեղագիտական ներդաշնակութիւնը խանգարող բան մը կար, անոր այտոսկրներու քիչ մը ցցուածութենէն վերջ, անոր ընչացքին եւ մօրուքին մաքուր ճերմակութեան վրայ նիքօթինի դրած դեղին դրոշմն էր։ Այլապէս անոր ծնօտոսկրին ուղիղ կորութիւնը, որ գլխաւոր շրջանակն է դէմքին գեղեցկութեան, Խրիմեանի կուտար յունական կիսադէմք մը, որ սակայն մասամբ կը կորսուէր անոր մօրուքին առատութեան մէջ, հայ եկեղեցականին այնքան յամառօրէն փնտռած առաւելութիւնը, որ՝ ի փոխարէն, Հայրիկին կուտար աստուածաշնչային դէմք մը, մեր մեծն Ներսէսը, կամ Սահակ Պարթեւը յիշեցնող դէմք մը։

Բայց Խրիմեանի դէմքին վրայ ամէնէն աւելի ցայտունը անոր աչքերն էին, կոպերուն  նուրբ ծալքերովը եւ թարթիչներուն խիտ առատութեամբ շրջանակուած անոր կանանչ-կապոյտ փայլուն աչքերը, որոնց՝ անոր բարձր ճակատը եւ զայն եզերող բարձրադիր յօնքերուն խտութիւնը մասնաւոր շուք մը կուտային։ Իսկ բնորոշը՝ անոր դէմքին վրայ, անոր քիթն էր. երկար՝ բայց ոչ ուղիղ, արծուային, աւելի մակեդոնական քան թէ հայկական։

Ամբողջութեանը մէջ սակայն, Խրիմեանի ֆիզիքական շնորհներէն անմիջապէս աչքի զարնողը՝ անոր ջլապինդ հասակն էր, նուրբ, բարձր, համաչափ, որ շնորհիւ իր առողջապահական խնամքներուն՝ մինչեւ անոր խոր ծերութիւնը, մնաց անփոփոխ։

Ամիրճանեանի անծանօթ չէին հակադրութիւնները՝ որոնք գոյութիւն ունէին իր եւ Հայրիկի միջեւ։ Ան գիտէր թէ Հայրիկ չէր սիրեր զինքը։ Ինչո՞ւ  եկած էր ուրեմն տեսնելու զայն։

Ամիրճանեան՝ սուրբ Յակոբ թաղեցի, եկեղեցիին թաղական խորհուրդին ատենապետն է։ Անոր կ՚իյնար պարտքը՝ թաղեցիին անունով Հայրիկը հրաւիրելու, որպէսզի հրաժեշտի քարոզ մըն ալ իրենց եկեղեցիին մէջ խօսի։ Թաղային եւ անձնական արժանապատուութիւնն էր ուրեմն որ մղած էր ծոյլ վարժապետը այդ ակամայ այցելութեան։

Հայրիկի՝ զինք ընդունելու մերժումին վրայ, Ամիրճանեան ճարը նետած էր Պ. Համբարձում Երամեանի, նոյնպէս Սուրբ Յակոբցի, որ ոտքի ելած էր անմիջապէս եւ շունչը Հայրիկի տունը առած։

Պարոն Համբարձումն է, Սրբազա՛ն, Հայրիկին լուր կը տանի այս անգամ Վարագի Պետրոս։

Պարոն Համբարձումն է նէ թող հրամմէ.

Հայրիկ մեծ սէր եւ համակրանք ունի բազմերախտ ուսուցչին հանդէպ։

Աչազուրկ ուսուցիչը կուգայ ձեռքը Սան Դաւիթի թեւին վրայ։

Սրբազան Հայրիկ, միթէ Սուրբ Յակոբցին ձեր խորթ զաւա՞կն է։

Պ. Համբարձում, կը տեսնաք, ժամանակ չկայ, վաղը պէտք է քաղաքէն դուրս գամ։

Վաղը առաւօտը, Սրբազա՛ն։

Վաղը, երկուշաբթի, գործի օր է, թողէք ամէն մարդ իր գործին երթայ. քարոզը փոր չկշտացներ։

Վաղը շուկան գոց է, Սրբազան,

Դէհ լաւ, Պ. Համբարձում, վաղն ալ Սուրբ Յակոբ կուգամ։

Սուրբ Յակոբի թաղը՝ Այգեստանի եւ քաղաքի մէջտեղը կ՚իյնայ։ Քաղաքը իջնողը՝ այդ թաղը քերելով կ՚անցնի։

Հոն են, Սուրբ Յակոբի եկեղեցին, յաջորդ առաւօտը, ոչ միայն թաղեցին այլեւ քաղաքը, Հայրիկը ճամբու դնելու փութացող Այգեստանի միւս թաղեցիները։ Սուրբ Յակոբի եկեղեցիին բեմին վրայ՝ սուրբ Յակոբցի Պ. Համբարձումի անձը Հայրիկի համար կը դառնայ քարոզի ներշնչարան։ Ան՝ յիշատակութիւնը կ՚ընէ Սուրբ Յակոբի ծոցին մէջ ծնունդ առնող Խնամատար ընկերութեան կեանքին ու գործունէութեանը, որուն Պ. Համբարձում եղած էր հոգին։ Անոր օրինակով ան կը տարփողէ դերը կամքի ուժին, որ իր մէջ մարմնացուցած էր աչազուրկ ուսուցիչը, եւ, մէկ չտեսնողի մը օրինակովը՝ երեւան կը բերէ հրաշքներու հեռապատկերներ՝ զորս տեսնողներու բազմութիւնները կրնային իրականացնել։

Եկեղեցիին դրան վրայ, Հայրիկի դէմ կ՚ելնէ Նորովանցի Մելքիսեթ վարդապետը, կտրիճ, բայց միտքը քիչ մը խախտած վանական մը, որ Հայրիկի աջն առնելէն վերջ, գլուխ կը բռնէ յանկարծ, եւ լուրջ շեշտով մը։

Սրբազան հա՛յր, ես քու տեղդ ըլլամ տեղէս չեմ շարժիր։ Նայինք կառավարութիւնը քեզ ի՞նչպէս պիտի ղրկէ Պոլիս։

Ես ալ քու տեղդ… ըլլայի ատանկ կ՚ընէի,

Մելքիսեթ Վ. ի խախուտ միտքին գործը չէր բնականաբար ըմբռնել խօսակցին նրբամիտ պատասխանը՝ զոր ան քաջալերական համարելով՝

Ուրեմն հրաման ըրէ երթանք մազպաթա մը (հանրագրութիւն) շինենք։

Հրաման կ՚ընէի, եթէ չգիտնայի քու Նորովանցի ըլլալը կը պատասխանէ Հայրիկ եւ չկրնար քրքիջը բռնել։

Նորովանց, Լիմ անապատի քովերը գիւղ մըն է, իր խենթերովը համբաւաւոր։ Պօղոս եպ. որ այդ գիւղէն է, կուտայ քրքիջին առաջին արձագանգը։

Տունը վերադարձին, սեղանին վրայ, Վարագի Պետրոս, որ լսեր է Մելքիսեթ Վ. ի խորհուրդը եւ անոր մէջ յոյսի մը նշոյլը նշմարած, հակառակ իր լռակեցութեանը, խօսք կ՚առնէ յանկարծ,

Սանքի ինչ պիտի ընէ կառավարութիւնը եթէ չերթանք։ Սրբազա՛ն։

Հայրիկ առաջին անգամն է որ Պ, Պետրոսը կը տեսնէ այդքան յանդուգն։ Ան ձեռքը կ՚առնէ զայն։

Պետրոս Վարագայ, սիրե՞ս զիս։

Պ. Պետրոս բան մը չհասկնար եւ պատասխան մը չգտներ տալու։

Հայրիկ հարցումը կը կրկնէ եւ ժպիտը կը լայնացնէ։

Պետրո՛ս Վարագայ, սիրե՞ս զիս։

Հարկաւ կը սիրեմ կը պատասխանէ Պ. Պետրոս, վախվըխելով։

Վանքին ոչխարները արածէ։ Կ՚ըսէ Հայրիկ այս անգամ քահքահով մը։

Պ. Պետրոս, այդ օրը բան մը չէ հասկցեր Հայրիկի խօսքերէն, ոչ ալ անոր քահքահէն եւ, հարցումէն ու պրպտումներէ վերջն է միայն, որ գլխու ինկեր է թէ Հայրիկն ալ, այդ պահուն, իր Պետրոսը փորձելու ելած է եւ զայն ձեռք առած։

Կէս օրին, Խրիմեան՝ հետը առած Մելիքեան եպ. եւ քանի մը երեւելիներ՝ կուսակալին կուտայ հրաժեշտի այցելութիւնը։ Կուսակալը կը սպասէ տեսնել Հայրիկը՝ դժգոհ, տխուր, ընկճած, այնպէս, ինչպէս որ ինքը կը փափաքէր որ ըլլար ան։ Ան զայն կը տեսնայ ընդհակառակն, հանդարտ, ժպտուն եւ տրամադիր, սովորականէն աւելի խօսուն եւ չափէն աւելի ճէնթլմէն, որ կը նստի թէ ոչ՝ կը սկսի շնորհակալութիւնն զեղուլ կուսակալին հասցէին, անոր ձեռք բերած յետաձգումին, անոր ղրկել տուած ճանապարհածախսին, վերջապէս անոր՝ իր ուղեւորութեան առիթով հրամայած կարգադրութեանց համար։

Պալատէն դուրս ելնելուն, ան հօրս ականջին կը ծռի.

Խռֆածը կ՚ուզէր ուրախանալ զիս ընկճած տեսնելով, ես զինքը ընկճեցի իմ ուրախ տրամադրութեամբ։

Հայրս՝ որ այդ յատկութենէն քիչ մը զուրկ էր, գերբնական կը գտնէր՝ տրամադրութիւնը ըստ կամս վարելու Հայրիկի այս շնորհը։

Առաջնորդարանի դահլիճը՝ այդ օրը, բաց է միայն պաշտօնական մարմիններու։ Հոն են նաեւ հիւպատոսները, միսիօնարները։

Ողջերթի ուղերձները կը սկսին, հատ մը քաղաքական ժողովին կողմէն, ուրիշ մը կրօնական ժողովոյ անունովը։ Գաւառական ժողովոյ ատենապետ Հայրապետ Ճանիկեան (վերջէն տէր Մեսրոբ) իրեն յատուկ բանաստեղծական շնորհովը՝

Ուր ալ երթաք, ուր որ ալ ստիպեն որ երթաք, Վասպուրականի արծիւ, ձեր թռիչքին վերջնական կայանը Մասեաց կատարն է։

Արծիւի թեւերը կոտրած են, ան այլեւս չի կրնար մինչեւ Մասեաց կատարը բարձրանալ կը պատասխանէ Հայրիկ։

Յետոյ ժպիտով մը, դէպի քովը նստող Տէվկանց եպ, դառնալով։

Հիմա, Սրբազանը միտքովը կ՚ըսէ թէ՝ արդէն մինչեւ կատարը բարձրանալու պէտք չկայ։

Զուարթ քրքիջ մը ներկաներու մէջ, կը յաջորդէ Խրիմեանի այս սուր ակնարկութեանը, որուն մէջ թագնուած հաւանութեան շունչը կը խանդավառէ Տէվկանց եպ. եւ անոր գոչել կուտայ յանկարծ։

Կեցցէ Խրիմեան կաթողիկոս։

Ներկաները կուտան նոյնքան խանդավառ արձագանգ մը, որ ծափերու թեւերով դուրսը կը խուժէ եւ հոն սպասող բազմութեան կողմէ, այնպէս կը մեկնուի թէ՝ Հայրիկի՝ կաթողիկոս ընտրուելու՝ ժամէ ի ժամ սպասուած հեռագիրն է որ հասած է եւ կարդացուած։ Ժողովուրդը՝ ուրախութենէ խելայեղ՝ դահլիճը կը խուժէ։ Զուր տեղ Տէվկանց սրբազանը իր սխալը դարմանելու կը ջանայ, հուժկու ձայնովը գոչելով թէ ենթադրութիւնը սխալ է։ Տեսնելով որ ժողովուրդը մտիկ չըներ եւ ալիքի պէս ներս կը խուժէ, ան մէկ ձայնով կը սկսի պոռալ թէ Առաջնորդարանի շէնքը փլլելու վտանգի կը սպառնայ։ Այս ահազանգը սակայն շէնքին տկարութեանը ծանօթներուն վրայ միայն ազդեցութիւն կ՚ընէ, յորձանքը չդադրիր։ Հայրիկ՝ որ ամէնէն աւելի աղէկ գիտէր իր պաշտօնատեղիին տարիքը, սարսափահար, ուրիշ ճար չգտնար վտանգը դիմագրաւելու, եթէ ոչ շրջել փրոկրամը։ Ան կը փութայ Մայր եկեղեցին իջնել եւ հոն ընել իր շնորհակալութեան խօսքերը լսած ուղերձներուն համար ու հոնկէ տալ ժողովուրդին իր վերջին օրհնութիւնները։

Բայց եկեղեցին իջնել, անկէ դուրս ելնել, իր ձեռքերուն եւ քղանցքներուն վրայ խուժող ժողովուրդին ձեռքերէն ճողոպրիլ դիւրին գործ չէ։ Ո՛չ բարապանները կրնան շարժիլ, ո՛չ ոստիկանները, ոչ ալ հիւպատոսներու գաւազաները, որոնք կարգը պահպանելու պաշտօնն ունին։ Հայրիկ յոգնած է եւ ժամ առաջ ազատիլ կ՚ուզէ։ Ան Պօղոս եպիսկոպոսին կ՚ուղղուի։

Սրբազա՛ն, դո՛ւք խօսք հասկցուցէք այս ժողովուրդին։

Ու Պօղոս եւ Երեմիա Սրբազանները՝ մէկը միւսէն հուժկու, իրենց ուժեղ ձայներովը եւ ոչ նուազ ուժեղ բազուկներովը կը յաջորդին ճամբայ բանալ։ Հազիւ Առաջնորդարանի մեծ դրան վրայ, երիտասարդի մը պէս՝ ձիուն կռնակը կը ցատկէ Հայրիկ եւ բազմութիւնը ճեղքելով կը քշէ։ Ձիաւոր ոստիկանները, ուղեկիցները հազիւ կը հասնին ետեւէն։

Անգամ մը, քաղաքէն դուրս, խճուղիին վրայ, Հայրիկ քիչ մը շունչ կ՚առնէ, շքերթն ալ քիչ մը ձեւ եւ կարգ։ Խճուղին՝ որ քաղաքը կը կապէ Աւանց գիւղին, Հայրիկի ճանապարհին առաջին օթեւանը՝ շրջապատի մարգագետիններով կարծես դարձեր է մարդկեղէն անտառ, անոր սեւութեան մէջ, բարձունքներու վրայ թառած՝ ճերմակ շապիկաւոր դպրոցական խումբերը՝ վայրի բադերու երամներու տպաւորութիւնը կը թողուն։

Հայրիկ կ՚անցնի, խումբը կ՚երգէ։

Հայրիկ, Հայրիկ, քեզ աւետիք։

Վասպուրական մեր աշխարհ։

Հայրիկ կ՚անցնի արագ։ Երգին երկրորդ տունը՝ ան յաջորդ խումբէն է որ կը լսէ՝

Փուշը խլեց, քեզ վարդ բերաւ։

Հրճուիր ցնծա՛, բիւր հազար։

Հայրիկի հոգին՝ այդ րոպէին հեռու է ցնծալէ։ Ան  տխուր է եւ մռայլ։ Անջրպետին վրայ, որ ան կը կտրէ, վերջին հրաժեշտն է որ ան կուտայ իրեն վարդ բերող աշխարհին, արծիւին թեւ տուող իր բոյնին։

Անջրպե՜տը։

Եղա՞ծ ես երբեք անջրպետին վրայ, քաղաքէն դէպի Աւանց տանող անջրպետին վրայ, ուրկէ աչքերուդ բնութեան տեսարաններ չեն որ կը պարզուին, այլ հրաշալիքներ, ետեւդ Վարագ՝ հեռուն Արտօս, առջեւդ Սիփան, քովը Գրգուռ, կողքիդ Շամիրամի բերդը՝ հսկայի պէս կանգուն, աջիդ Թօփրագ գալէն՝ առիւծի պէս նստած, ձախիդ կապուտագեղ ծովն իր Աղթամարովը, իսկ վերը, վե՜րը կապոյտ հորիզոնը, լայն, անվերջ, անծայրածիր։

Տեսա՞ծ ես երբեք քաղաք մը, ուրկէ մէկ, եւ միայն մէկ նայուածքի մը մէջ կրնայիր պարուրել լեռներ ու բերդեր, ծով եւ կղզի, անտառ եւ հովիտ, եւ հորիզոն մը՝ որ իր ոտները դնէր՝ աշխարհներով իրարմէ հեռու, չորս լեռնաշղթաներու վրայ։

Ճանչցա՞ծ ես երբեք վայր մը, որուն բերդն ու պարիսպը, ծովն ու կղզին, լեռն ու հովիտը ունենային իւրաքանչիւրը իրենց դարերու լեզուն, դարերու յիշողութիւններու սեփական լեզուն, քու տոհմիդ պատմութիւնը յիշեցնող սեփական լեզուն։

Եթէ տեսած ես այդ ամէնը եւ ճանչցած, եթէ ճանչցած ես Հայրիկը իր Վան-Գոյժի, Հայ-Գոյժի, Դրախտի ընտանիքի եւ Սիրաք-Սամուէլի մէջ, Հայրիկը՝ որ նոր լեզու, նոր պատկեր տուած է բնութեան այդ հրաշալիքներէն իւրաքանչիւրին, ապա ուրեմն կրնաս իջնել անոր հոգիին խորը եւ չափել այդ րոպէի անոր զգացումներուն խորութիւնը։

Հոգին՝ ուր այդ րոպէին կարթննար քանի մը հազար տարիներու քունով քնացող հեռաւոր անցեալ մը…։

Հերիք է, զիս մինակ թողէք, կը կրկնէ անդադար՝ իր զգացումներուն հետ մինակ մնալու պէտքը ունեցող Հայրիկ՝ իրեն հետեւող ձիաւորներուն։

Արեւը իր տաքցնող ճառագայթները ժողոված, ծովին վրայ է իջեր եւ, կարծես հանդիսատեսի դիրք է բռներ։ Պաղ հով մը՝ ծովին կողմէ սկսած է փչել։

Գիւղին մուտքին առջեւ կանգ կ՚առնէ Հայրիկ եւ այս անգամ կտրուկ՝ իր հրաժեշտի օրհնութիւններովը ետ դառնալու կը ստիպէ ժողովուրդը։

Աւանց՝ Քաղաքամէջի չափ հայութիւն պարունակող մեծ գիւղ մըն է։ Հայրիկ՝ իր տրամադրութեան առաջին գիշերը հոն կ՚անցունէ, իր բարեկամ Աղաւնեան Յարութիւնի տունը։ Հոն են այդ երեկոյ Պօղոս եւ Երեմիա եպիսկոպոսները եւ հայրս որուն՝ Հայրիկ՝ որպէս շրջանակի երեսփոխանի է, որ բացառութիւն ըրած է։

Ըսել է ձեր տաք օճախին այցելութեան կըսմէթը՝ Վանէն մեկնելուս մնացած էր կ՚ըսէ Հայրիկ, վեց տարի առաջ, իր Վան հասնելուն, բարեկամին հրաւէրը յիշելով, երբ՝ ցուրտէն ընդարմացած անոր մարմինը կը զգայ օճախին հաճելի տաքութիւնը։

Յոգնած՝ ան բազմոցին վրայ կ՚երկարի թէ ոչ, գրպանէն դուրս կը հանէ ծխելու կազմածները, ծխախոտին եւ լուցկիին տուփեր եւ սիկարնիկը եւ կը բանայ կատակներուն տոպրակը, երկու մոլութեանց պահեստները, որոնց ան կը դիմէր անմիջապէս, երբ պէտքը զգար մոռնալու զինքը չարչարող զգացում մը։

Ո՞ղջ է զուռնաճի Մելօն կը հարցնէ յանկարծ Հայրիկ իր հիւրընկալին, ծուխի քանի մը ումպերով քիչ մը յագենալէն վերջ։

Զուռնաճի Մելօն յիշողութիւնը՝ Հայրիկին կուգար իր բարեկամ Աղաւնեանի մէկ պատմութենէն, զոր ան՝ Պօղոս-Ապօղոսի պայքարներու դրուագներէն՝ ըրած էր անգամ մը իրեն, իրենց միաժամանակ Պոլիս գտնուած օրերուն։

Պօղոսեաններն ալ զուռնա-նաղարա ունէին, մենք ալ (ընտրութեան օրը), պատմած էր ան Հայրիկին, բայց մեր զուռնաճին Մելօն էր, անոր զուռնայի ձայնը ահագին ազդեցութիւն կ՚ընէր։ Գիւղացիներէն շատերը՝ մեր զուռնային ձայնէն մեր ետեւէն եկան։

Հայրիկի խնդրանքին վրայ, Աղաւնեան կրկին կ՚ընէ դրուագին պատմութիւնը։

Հայրիկ չի կրնար զսպել իր կատակելու տրամադրութիւնը։

Ես կը կարծէի թէ՝ Յարութիւն էֆէնտին (հայրս) իր շնորհներով է որ երեսփոխան ընտրուած է Աւանցէն։ Բանէն դուրս կուգայ որ շնորհը Մելօյի զուռնային եղած է։

Ո՛չ Աղաւնեանի համադամները, ո՛չ ալ Աւանցի գինին Հայրիկին կրնային տալ կազդուրիլ ոյժը՝ զոր ան կը գտնէր կատակներով իր տրամադրութիւնը բարձր պահելու մէջ։

Առաւօտ կանուխ՝ թարմ ու կազդուրուած՝ ան ձիուն կռնակն է։ Անոր կ՚ուղեկցին այս անգամ երկու ընկերներ, Պօղոս եպ. եւ եղբօրորդին Կարապետ։

Այդ օրուայ կայանը Լիմ անապատն է, որուն վանահայրը, Պօղոս եպ. Հայրիկը վար կը դնէ Զատիկի ամբողջ շաբաթը։

Յաջորդ շաբթուայ մէջ՝ առաւօտ մը, շատ կանուխ, Լիմ Անապատէն ճամբայ կ՚ելնէ վանքին նաւակը, ցռուկը ուղղած դէպի Բզնունեանց աշխարհը, դէպի անոր փոքրիկ նաւահանգիստը, Պարկաթ։

Վանի լիճը՝ Վանեցիներու լեզուով ծով, նաւարներու լեզուին վրայ երկու ծով է, մեծ ծով եւ փոքր ծով։ Փոքրը մեծէն կը զատուի՝ ինչպէս գլուխ մը իրանէն եւ գրեթէ նոյն համեմատութեամբ նիհար պարանոցով մը, նեղուցով մը, հարաւէն հիւսիս ուղղութեամբ։ Լիմ Անապատ եւ Պարկաթ, նեղուցին այս եւ այն հազիւ մղոն մը լայնութեամբ՝ կարելի է կտրել մէկ ժամուայ մէջ։ Այս մէկ ժամը սակայն՝ երեսուն անգամով կը կարճեցնէ ցամաքային ճամբան, զոր ուղեւորը՝ Բզնունեաց աշխարհը երթալու համար պարտաւոր է կտրել, ընելով փոքր ծովին շրջանը։

Հոն է, ցռուկը դէպի բզնունեանց աշխարհը ուղղած նաւակին եզերքը, Հայոց Հայրիկ, վիրաւոր արծիւի պէս ինկած, առաւօտեան ցուրտ օդէն կծկած մարմինը մուշտակին մէջ փաթթած, այնպէս, ինչպէս վեց տարի առաջ, իր ժամանումին օրը, տժգոյն եւ տխուր։

Ծովը մեղմ է եւ ջինջ, հայելիի պէս ջինջ։

Երկու հուժկու նաւավարներ՝ իրենց թիերով՝ կապոյտ ջուրին վրայ թռիչք կուտան փոքրիկ նաւակին։ Անոնց թիերը կարծես թեւեր են թեւեը կոտրած վիրաւոր արծիւին, իր բոյնէն վտարանդի թեւակոտոր արծիւին։ Իւրաքանչիւր հարուածը՝ այդ չոր թիերուն, կարծես թեւաթափ մըն է թեւազուրկ արծիւին, սլացիկ թեւաթափ մը, զայն իր բոյնէն հեռուն տանելու։

Տխուր է Հայրիկ եւ տխուր խոկումներու մէջ թաղուած, երբ նաւավարը կը գոչէ յանկարծ՝

Սրբազա՛ն, Մասի՜սը։

Եւ ձեռքովը՝ Հայրիկի երազէ օթափողի նայուածքը կը քաշէ դէպի հեռուն, դէպի ամպի մը հեռաւոր մէկ փշուրը։

Վանէն Մասիս լեռ չտեսնուիր։ Բայց Վանի ծովին վրայ կէտ մը կայ, ուրկէ կարելի է տեսնել անոր գագաթը, կարծես երկինքէն կախուած փշուր մը ճերմակ ամպ։ Երբ նաւավարները ծովին այդ կէտը կը կտրեն, սովոր են, որպէս անակնկալ մը, ուղեւորին ցոյց տալ Մասիսի այդ լուսանկարային երեւոյթը։

Մասի՜ս։

Թեթեւ ժպիտ մը, րոպէի մը կեանքը կառնու  Հայրիկի մռայլ դէմքին վրայ։

Արդեօք Հայրիկի այդ րոպէի խոկումներո՞ւն կը զուգադիպէր նաւավարին ձայնը, անոր ցուցմունքը։

Մասի՜ս։

Երեւոյթը այնքան տեւած էր, որքան արեւին մէկ  ճառագայթը առջեւէն սահող ամպերու մէջէն ։

 

*

 

Հայրիկ կառավարութեան  խօսք տուած էր Մարտ 17ին ճամբայ ելնել։ Բայց ան խօսք տուած չէր թէ երբ պիտի հասնէր Պոլիս։ Ան շա՞տ կը սիրէր ութը օր մնալ Լիմ Անապատ։ Ո՛չ։ Ան օգտուած էր առիթէն։ Անոր ծրագիրն էր՝ որքան կարելի էր ուշ հասնիլ Պոլիս։ Ու ան կրիայի քայլերով գործադրութեան կը դնէ իր ծրագիրը։

Բզնունեանց, Պուլանըղի, Կօփի, Մանազկերտի հայաշատ գիւղեր՝ ուրկէ պիտի անցնէր Հայրիկ, օրեր առաջ անոր հասնելէն, անոր լուրն էր որ կը հասնէր։ Ու ահա դիմաւորութիւններ, հրաւէրներ, խրախճանքներ։

Հայրիկ ջա՛ն, պատարագ մը։

Եւ Հայրիկ, որ այնքան դժուարահաճ է պատարագ մատուցանելու՝

Ամենայն սիրով։

Չէ՞ որ պատարագի համար մինչեւ կիւրակէ սպառումը՝ քանի մը օրեր կը շահեցնէր իրեն։ Չէ՞ որ պատարագը կրօնական պարտականութիւն մըն էր իրեն համար։

Հապա քահանայական ձեռնադրութիւնները, որոնց ձրիութեան հոտը առած՝ թեկնածուները՝ տասնեակներով Հայրիկի ետեւէն կը վազէին։

Վանէն Պոլիս, քսան օրուան ճանապարհը, Հայրիկ կտրեց 75 օրէն։

Անոր «տան սակարկութիւնը» սակայն շուկային չէր յարմարած։

Կաթողիկոսական ընտրութիւնը տակաւին կատարուած չէր Մայիս 31ին, երբ Հայրիկ հասաւ Պոլիս։

Գուցէ Էջմիածինն ալ ունեցեր էր իր՝ «տան հաշիւը», զոր ան աւելի շանս ունեցած էր շուկային յարմարցնելու։



[1]            Ռուբէն Խանազատ իր յիշատակներու կարգին, հրատարակուած Ամերիկայի «Հայրենիք» ամսաթերթին մէջ, Հայրիկը Երուսաղէմէն փախցնելու իր վրիպած միսիօնին առիթովը՝ գրած է թէ՝ Հայրիկ իր պետական թոշակէն զրկուելու վտավախութիւնը յայտնեց երբ ինք՝ իր կուսակցութեան յղացած փախուստի ծրագիրը պարզեց անոր։

              Չենք գիտեր թէ Հայրիկ յայտնած է նման միտք մը թէ ոչ. բայց գիտենք որ՝ եթէ Ռուբէն Խանազատ, ըստ երեւոյթին միամիտ մը, Հայրիկը ճանչցած ըլլար, առաջին րոպէին իսկ, պէտք էր հասկցած ըլլար որ Հայրիկ՝ միամիտ ծրագրին հետ՝ զայն իրեն տանողին միամիտութիւնն է որ «ձեռք առած» է։ Հայրիկ եթէ իր ամսականին մտմտուքն ունենար, այնքան միամիտ մէկը չէր, զայն՝ այդքան միամիտ մարդու մը յայտնելու համար։

              Հայրիիկ գիտէր թէ իր գանձն ուր էր։