Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՈՒՐ ԿՈՐԻՒՆՆԵՐԸ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ԵԼՈՅԹԸ

Հայրիկի հեռանալէն վերջ, Պօղոս եպ. սկսած էր գործադրութեան դնել իր հին օրերու օրինագիրքը, դատ, դատարան, բանտ, բանտարկութիւն։ Պակաս էր միայն Ֆալախան։ Ատոր փոխարէն ան՝ իր օրինագիրքին մէջ առած էր նորութիւն մը, լօխմայի նորութիւնը։

Այդ օրերուն՝ թուրք Ֆաքիր մը գոյութիւն ունէր Վան, անունը շէյխ Իպրահիմ, որ գողերը եւ գողօնները մէջտեղ հանելու գերբնական շնորհ մը ունէր։ Ան հացի պատառի մը վրայ եղեգէ գրիչով եւ սեւ մելանով աղօթք մը կը գրէր եւ պատառը կը կերցնէր գործուած գողութեան համար կասկածելիներուն։ Իսկական գողը անմիջապէս կ՚ենթարկուէր միզարգելութեան, որ ուրիշ դարման չէր ճանչնար, եթէ ոչ գողօնին վերադարձը։ Իսկ եթէ երբեք գողը՝ Աստուած մի արասցէ, յամառէր, դատապարտուած էր անհրաժեշտաբար ճաթելու։

Ու եղաւ որ օր մը, Տէր Օհաննէսեան անուն յայտնի վաճառականի մը դրամարկղէն 200 ոսկի անհետանայ եւ վաճառականը Պօղոս եպ. ին դիմէ եւ Պօղոս եպ. շէյխ Իպրահիմին։ Հրաշագործ շէյխը կը հաճի Առաջնորդարանը գալ, հոն իր ներկայութեան բերել տալ կասկածելիները վաճառատան պաշտօնեաները եւ շուկայի գիշերապահները եւ Առաջնորդին ներկայութեանը անոնց կերցնել կուտայ աղօթագրուած հացին հրաշագործ պատառը։

Պօղոս եպ. զանոնք երեք օր կը հիւրընկալէ Առաջնորդարանի բանտը։ Սակայն մէջերնին ոչ գողօնը վերադարձնող կ՚ըլլայ, ոչ ալ, բարեբախտաբար, ճաթող։ Ճաթողը կ՚ըլլայ գայթակղութիւնը, որ հայ բարձրաստիճան եկեղեցականը՝ Առաջնորդարանի մէջ, պաշտօնապէս, իսլամ կրօնաւորի մը աղօթքին եւ հրաշքին կը դիմէ։

Անխոհեմ եկեղեցականը կոյրին ձեռքը գաւազան դրած էր։

Ո՜րպիսի առիթ իր հակառակորդներուն համար, որոնք զայն լեցուն ձեռքով կը բռնեն եւ երկաթը տաք տաք կը ծեծեն։

Յանուն 500 բարեպաշտներու, երկու անձեր, որոնց մէկը հօրս քեռորդին, Քրիս Ստեփանեան, որ բարեպաշտ մէկը չէր բնաւ, հեռագրաւ կը բողոքեն պատրիարքարանը։ Երկու ուրիշ անձեր ալ, աղմուկը շատցնելու նպատակաւ, ընդհանուր դատախազութեան կը դիմեն եւ պիւյիւճիյութիւնը (կախարդութիւն) արգիլող օրէնքին հիման վրայ, թէ՛ Շէյխ Իպրահիմին եւ թէ՛ Պօղոս եպ. ի պատժուիլը կը պահանջեն։

Պատրիարքարանը եւ ընդհ. դատախազութիւնը միաժամանակ քննութեան կը ձեռնարկեն։ Բայց պատրիարքը Վեհապետեանն է, իսկ օրուան կուսակալը՝ Համիտ փաշան, երկուքն ալ Պօղոսի ջերմ պաշտպաններ։ Քննութիւնը կը թաղուի, բայց ոչ գայթակղութիւնը, որուն արձագանգը կը հասնի մինչեւ Կովկաս, ուր հայ մամուլին հանած աղմուկը աստիճան մը եւս կ՚արծարծէ կուսակցական կիրքերը։

Այդ օրերուն էր, որ Պօղոս եւ իւրայիները, ուրիշ ճար չեն գտներ, եթէ ոչ օգտուիլ իրենց ջերմ պաշտպան եղող մահամերձ կուսակալին կենդանութենէն եւ ձեռնարկել գաւառական ժողովոյ ընտրութեան եւ ամրացնելով իրենց դիրքը, միանգամ ընդ միշտ ազատիլ ընդդիմադիրներու տաղտուկէն։

Տռամը կը սկսի։

Անոր առաջին արարուածը տեղի կ՚ունենայ Պոլիս, Պատրիարքարանը, ուրկէ է որ պիտի ընտրութեան հրամանը։

Հրամանը տա՞լ թէ չտալ։

Գաւառական ժողովի օրինական պայմանաժամը լրացած էր տակաւին, բայց, ժողովը՝ մահերով բացակայութիւններով եւ հրաժարումներով կը ներկայացնէ կազմալոյծ վիճակ մը։ Իրաւական գետնի վրայ ուրեմն, Պօղոսեանները իրաւունք ունին։ Ապօղոսեանները, որոնք ի հակառակէն, նոյնքան շահագրգռութեամբ՝ զառամած կուսակալին օրերը կը համրեն եւ ընտրութեան ձգձգումէն զատ ուրիշ շանս չունին, լօխմայի խնդրոյն պոչէն բռնած՝ հրահրուած կիրքերու հանդարտութեան պահանջը առաջ կը քշեն եւ յետաձգումը կը խնդրեն։

Պատրիարքը Վեհապետեանն է, բայց կրօնական ժողովոյ գլուխը կը գտնուի Խրիմեան, քաղաքականին ալ Տիգրան Եուսուֆեան, ջերմ Ապօղոսեան մը։ Խրիմեան փափուկ դիրքի մէջ է եւ կ՚ուզէ անշուշտ չէզոք մնալ։ Բայց դրութեան ծանօթ, ան՝ ինքզինքը տեսակ մը պատասխանատու կը համարէ փորձեալը կրկին փորձած ըլլալու սխալին։ Միւս կողմէ նամակներ եւ դիմումներ իրարու ետեւէն կը տեղան։ Հայրիկ կը ճանչնայ իր հայրենակիցը։ Ան գիտէ որ Պօղոսի ընտրութիւնը՝ պայքար սրելէ եւ զայն յաւերժացնելէ ի զատ ուրիշ բանի չպիտի ծառայէր։ Ան կը պարտաւորուի իր հեղինակութիւնը նժարին մէջ դնել։ Կեդր. վարչութիւնը կ՚որոշէ միջոց մը յետաձգել ընտրութիւնը մինչեւ կիրքերու հանդարտեցումը։

Բայց, օրուան կուսակալին առողջութեանը հետ որ ըստ օրէ կը շիջի Պօղոսի եւ իր կուսակիցներուն յաջողութեան գլխաւոր յոյսը։ Անոնք՝ օրհասականի ճիգով մը եւ բուռն թափով նոր դիմում մը կ՚ընեն եւ, օրինական փաստարկութիւններէ վերջ, կը պնդեն թէ՝ խռովութեան սպառնալիքը պարզ պըլըֆ մըն է, թէ՝ ընտրական պատրաստութիւնները լրացած եւ կանխահոգ բոլոր միջոցներ ձեռք առնուած են Յուլիս կիրակիին համար եւ ընտրութեան հրաման կը պահանջեն։ Միաժամանակ, Կուսակալի մասնաւոր դիմումին վրայ, ներքին գործոց նախարար Մէմտուհ պէյ իր միջամտութիւնը գործին կը խառնէ։ Խնդիրը՝ սեղանի վրայ կուգայ նորէն եւ, տեսակէտները եւ միջնորդութիւնները հաշտեցնելու համար, կեդր, վարչութիւնը կուտայ Տելփեան պատգամ մը։

«Քանի որ կ՚ապահովցնէք թէ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան առանց խռովութեան, կ՚արտօնենք ձեզ կատարել զայն։

Հեռագիրը կը հասնի ուրբաթ երեկոյ։

Ապօղոսեանները՝ այս պայմանաւոր արտօնութիւնը բերող հեռագրին պատճէնն ունին ձեռքերնին, թէ՛ Պոլսէն եւ թէ՛ Վանի հեռագրատունէն։

Արտօնութիւնը՝ իր երկսայրի ձեւին մէջ տեսակ մը հրաւէր է Ապօղոսեաններուն, խռովութիւն հանելու եւ արգիլելու ընտրութիւնը։

Բայց ինչպէ՞ս արգիլել ձեռնարկ մը, զոր երկրին տէրը, կուսակալը իւրացուցած է եւ անոր իրականացումը իրեն համար պատւոյ խնդիր ըրած։ Ապօղոսեանները լուր ունին թէ՝ ան, մինչեւ անգամ, զինուորական հրամանատարին գրած եւ գունդ մը զինուոր տրամադրել տուած է կարգը պահպանելու գործին։

Ի՞նչ ընել։

Ապօղոսեան կուսակցութիւնը հետզհետէ տեսակ մը ժողովրդական ճակատի վերածուած է, աջէն մինչեւ ծայրայեղ ձախը, բայց անոր կը պակսին թէ՛ միացեալ ծրագիր թէ միացեալ գործելակերպ։

Հեռագրին հասած իրակուն՝ կուսակցութեան շէֆերը ժողով մը կ՚ունենան իրենցմէ Ագրիպասեանի տանը մէջ։ Ժողովին ներկայ կ՚ըլլան Փորթուգալեանի սերունդէն քանիներ՝ գլխաւորութեամբ Մկրտիչ Աւետիսեանի։ Ժողովին մէջ Աւետիսեանի տուած ապահովութեան վրայ թէ՝ ոչ մէկ գնով՝ ոստիկանի եւ զինուորի դէմ բռնի արարքներու դիմում չպիտի ըլլայ, պահպանողականները կը համաձայնին ընտրութիւնը ամէն գնով… խանգարելու սկզբունքին եւ կը պատրաստեն յարձակողական (քուէտուփին վրայ) բլանը։

Հայրս, որ կառավարութեան հանդէպ ամէնէն պատասխանատու անձնաւորութիւնն է գործին մէջ, խստօրէն լրտեսուած է։ Ան խորհրդակցութեան չէ մասնակցած, բայց անոր մէջ ունեցեր է իր ներկայացուցիչը եւ, այգիներու վրայով երթեւեկող սուրհանդակներու միջոցաւ, ժամը ժամին տեղեակ մնացած է կայացած որոշումներուն։ Երբ առաւօտը իր ներկայացուցիչին բերնէն լսեց երկու «ամէն գնով»ներով կայացած որոշումը, խնդաց ան եւ չկրցաւ ծածկել սկեպտիկ ժէսթ մը։

Չաթալ քազըք մը (ցից) շինած էք դիտեց անքառակուսի անիւի հոմանիշ իւրայատուկ բացատրութեամբ մը։

Բայց որոշումը կայացած էր եւ անոր անդրադառնալու եւ երկու «ամէն գնով»ները հաշտեցնելու ժամանակը անցած։ Գործադիրներու հայեցողութեան կը մնար նախընտրութիւնը։ Հայրս՝ փորձառու մարդ, գիտէր թէ անոնց նախընտրութիւնը «ամէն գնով»ներէն որին վրայ պիտի ըլլար։

Ընտրութիւնները «ամէն գնով» կը խափանուին, բայց այդ գնոյն մէջ կ՚իյնան ընդդիմութիւն ոստիկանի եւ զինուորի հանդէպ եւ յարձակում անոնց վրայ։ Աչքին դէմ աչքը եւ ատամին դէմ ատամը։

Նշանը՝ Նորաշէնի եկեղեցիէն կը տրուի։

Ոստիկանները՝ եկեղեցիին դուռը պաշարած, Պօղոսեաններու ցուցմունքներուն վրայ միա՛յն կ՚արտօնեն անոր մուտքը։

Ու ահա եկեղեցիին դուռը՝ աղօթելու… համար կը ներկայանան խմբովին՝ «ամէն գնով» ճամբայ ելած տամնեակ մը երիտասարդներ։ Ոստիկանները արգիլելու կ՚ելնեն անոնց մուտքը։

Եկեղեցի մը ունինք, անոր մուտքն ալ մեզի կ՚արգիլէք ըսելով, տասնեակը գրոհ կուտայ եւ ներսը կը խուժէ։

Պահեստի ուրիշ երկու տասնեակներ՝ շփոթութենէն օգտուելով առաջինին կը հետեւին, ոստիկանները անոնց։

Բայց, ներսը խուժել չբաւեր, հարկաւոր է գրաւել օրուայ «բերդը», քուէտուփը, զոր պաշտպանելու համար Պօղոսեանները, ոստիկաններէ ի զատ իրենց սեփական պահակներն ալ ունին։ Կռուփները կը բարձրանան եւ կռիւը կը սկսի։

Ոստիկանները կը նկատեն որ գործերնին հասարակ ամբոխի հետ չէ, այլ շէնք շնորհք կռփամարտիկներու եւ օգնութեան փողը կը հնչեցնեն։ Զօրքերը՝ որոնք մօտակայ պահականոցը կը սպասեն, անմիջապէս օգնութեան կը փութան ոստիկաններու։ Անոնց մէկ մասը եկեղեցին կը մտնէ, միւսը՝ դրան առջեւ շղթայ կազմելով, անոր մուտքը կը փակէ։

Զօրքերու մէկ մասին եկեղեցին մտնելէն վերջ, հոն խուժողներն են, որ այս անգամ օգնութեան պէտք կը զգան «բերդը» գրաւելու համար։ Պայմանադրական նշանը կը տրուի եւ պահեստիներու նոր խումբ մը, առաջնորդութեամբ Մկրտիչ Աւետիսեանի, օգնութեան կը փութայ, բայց իր դէմ կը գտնայ զօրքերու շղթան։ Ան  չընկրկիր սակայն, զօրքին ցոյց տուած ընդդիմութեան վրայ, խումբը յարձակողականի կը սկսի։

Յարձակողներու զէնքը իրենց սփոռն է, Փորթուգալեանի հասուցած մարզական  սերունդին արագաշարժութիւնը, յանդգնութիւնը, ճկունութիւնը, կռուփը, զոր անոնք՝ «Չյիշուի»ի Արարքի փորձէն վերջ, Աւետիսեանի կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ մարզած եւ ոչ շատ առաջ, այդ յարկին ներքեւ ծնունդ առած կազմակերպութեան բովին մէջ, կռած եւ կոփած են, կռուփը, զոր անոնք նոր փորձի մը ենթարկելու եկած էին այդ օրը եւ զոր այնքան լայնօրէն պիտի արժեցնէին։

Ծնունդ առնող կազմակերպութիւնը Արմենականն էր, իսկ այդ օրուայ ելոյթը՝ անոր գոյութիւնը յայտնող առաջին գործը։

Զօրքերու հրամանատարը՝ այս ապշեցուցիչ նորութեան առջեւ զօրքին հրաման կ՚ընէ սուինները հրացաննուն ծայրը անցնել. յետոյ տեսնելով որ սուիններու տեսքը ազդեցութիւն չըներ յարձակողներուն վրայ, հրաման կ՚ընէ գործածել զանոնք։ Սուինահարներ կ՚իյնան մէկ, երկուք, բայց անոնց արեան տեսքն ալ անազդեցիկ կը մնայ։ Յարձակողները՝ եկեղեցիին դէմ, տան մը շինութեան համար դիզուած աղիւսներու շեղջակոյտերուն ետեւը կ՚անցնին եւ կը սկսին աղիւս տեղալ սուին գործածողներուն դէմ եւ օգտուելով անոնց շփոթութենէն, նոր գրոհով մը եկեղեցին կը խուժեն եւ օգնութեան հասնելով իրենց ընկերներուն, կը գրաւեն տուփը եւ ջարդուփշուր կ՚ընեն զայն։

Տուփին խորտակումը եւ անոր պարունակութեան փճացումը յարձակողականին վերջնական նպատակն է։

Այդ նպատակին իրագործումէն վերջ, յարձակում գործողները՝ պատուհանէ պատուհան, պատէ ի պատ, տանիքէ տանիք ցատկելով րոպէապէս կ՚անհետանան, օգնութեան հասնելու համար միւս եկեղեցիներու վրայ յարձակողներուն։ Ոստիկանութեան ձեռքը հազիւ կը մնան քանի մը հոգիներ, ոչ մէկը գլխաւր դերակատարներէն։

Նորաշէնի յաղթականներուն հետ Յայնկոյսների եւ սուրբ Յակոբի եկեղեցիները կը հասնի յաղթութեան  լուրը։ Օգնութիւնը եւ խանդավառութիւնը նոր թափ կուտան յարձակումներուն, ընդդիմութիւնը կը խորտակուի եւ այդ շրջանի քուէտուփերը եւս կը նուաճուին եւ կը փշրուին։

Միւս եկեղեցիներու մէջ յարձակումները ետ կը մղուին, բայց ընդհանուր տպաւորութիւնը այն կ՚ըլլայ թէ ընտրութիւնները խռովութիւններու տեղի տուած են եւ վիժած։ Միւս կողմէ կառավարութիւնը անխնայօրէն կը ձեռնարկէ ձերբակալութիւններու, որոնք գռգռութեան նոր առիթ կը դառնան եւ բողոքներ՝ սովորական չափազանցութիւններով, կը սկսին տեղալ մէկ կողմէ Պատրիարքարանը, միւս կողմէ Պոլսոյ հայրենակիցներու, որոնց բարձրացուցած աղմուկը վճռական դեր մը կը կատարէ։ Պատրիարքարանը կը պարտաւորուի հեռագրաւ կախակայել իր ընտրական հրահանգը եւ պաշտօն յանձնել Օրմանեան Մաղաքիա Վ, ին, որ այդ օրերուն Սրուանձտեանի հետ Էջմիածին պիտի մեկնէր եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար, Վան անցնիլ եւ քննել ողբերգութեան երեւոյթ առած կնճիռը։

Ձերբակալուածներու մէկ մասը ազատ կը ձգուի, վար կը դրուին 70ի չափ անձեր, մեծ մասամբ Ապօղոսեաններուն շէֆերու մօտիկ ազգականներ։ Անոնց մէջ կան Գալճեան Գէորգ պէյի եղբօրորդին եւ փեսան, հօրս եղբօրորդին, քեռորդին եւ փեսան, ամէնքն ալ զօրքի վրայ յարձակում գործած ըլլալու ծանր ամբաստանութեամբ։ Պօղոսի բլանն է զանոնք որպէս պատանդներ պահելով ծունկի բերել հակառակորդները։

Կառավարութիւնը ուզած էր ձերբակալել  նաեւ  Մկրտիչ Աւետիսեան որ սակայն խուսափած էր եւ ազգականի մը տունը ապաստանած։ Իրիկուան կողմ, ան այգիներու վրայով մեր տունը եկաւ հօրս խորհուրդը հարցնելու։

Յանձնուի՞լ թէ չյանձնուիլ։

Չյանձնուելու ի՞նչ շանսեր ունիք։

Պարսկաստան կ՚անցնիմ։

Մի յանձնուիք ուրեմն, եղաւ հօրս խորհուրդը։

Բայց ձեր եղբօրորդին, քեռորդին, փեսան յանձնուած են առարկեց Աւետիսեան։

Անոնք Պարսկաստան չեն կրնար անցնիլ։

Յաջորդ շաբթուն Աւետիսեան բռնած էր Պարսկաստանի ճամբան, որ՝ Դամասկոսի ճամբան պիտի ըլլար անոր յետագայ կեանքին համար։

Ասդին, կուսակցութեան ղեկավարները դիմացան, դիմացան հակառակ իրենց պատանդներուն  վրայ ծանրացող ծանր ամբաստանութեան եւ հակառակ այդ պատանդներէն՝ ողորմելի բանտին խճողումին եւ անոր գարշելի աղտոտութեան համար ամէն օր հասնող աղիողորմ ճիչերուն։