Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գանկատ ունիմ ձեզ, լսեցէք,
Եղեալ բանին մտիկ արէք,
Ուխտաւորաց խեղճն տեսէք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Այսպէս նաւ իսկի չէր եկեր,
Այսպէս ուխտաւոր չէր եղեր,
Այսպէս խղճութիւն չէր տեսվեր.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ով որ զմեր ձայնն լսէ,
Հոռոմոց նաւին հաւաս չանէ,
Թող Ֆռանկաց նաւն մտնէ.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Հարիւր վաթսուն հոգի էաք,
Ի մէջ նաւին ժողովեցաք,
Ուրախութեամբ ճանփայ ելաք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Այն ինչ ըռզակ էր, հետ առանք,
Չար նազարի հանդիպեցանք,
Ուրախ սրտիւ տեղ չի հասանք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Րաբունիքն յիմարեցան,
Դրամին ոչ ղըմշեցան,
Իւրեանք այլ մեր հետ մերկացան.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Նայ մեք եղաք այլոց խրատ,
Լսէք զայս բան եւ լաւ անսայք,
Զահրէ չառնէք հացէն ի զատ.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Էրնէկ աւուրն որ նաւ մտաք,
Ինչ շէն եւ ինչ ուրախ էաք,
Մինչ Պօղազ Հիսար գնացաք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Այն իշխաննին եւ վէքիլնին,
Ուխտաւորաց զուլմն արարին,
Ֆռանկի նաւ չի բռնեցին.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Սուրբ Յակոբ այլ չողորմեցաւ,
Նա մեր մեղացն բարկացաւ,
Մեզ Ֆռանկին ձեռքն տվաւ.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Երբ Պօղազ Հիսարու ելանք,
Սուսամ Ատասին գնացանք,
Հայուն տօնանմային ձեռքն անկաք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Րոտեալքս մտիկ չարանք,
Թօփ նետեցին, յետ չի դարձաք,
Գնացաք չարին բերանն անկաք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ունէաք շատ մալ ու ըռզակ,
Սուրբ Յակոբայ էր յիշատակ,
Զամէնն առին, եկանք դատարկ.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ղարղ եղաւ նաւն ի մէջ ծովուն,
Եկաւ պօլուկն գողերուն,
Կապեցաւ լեզուն ամենուն.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Բռնեցին թուրն ի վրանիս,
Թէ հանէ զինչ դրամ ունիս,
Յօժարեմ, ազատեմ զհոգիս.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Սաստիկ էր ահն գողերուն,
Տարաւ զիւրեանց գոյն երեսնուն,
Մարեցաւ սիրտն ամենեցուն.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ինչ ունէաք, զամէնն առին,
Զմեզ ի լեռներն ձգեցին,
Առին զմեր նաւն ու գնացին.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Վայ եկաւ ամէնուս վերայ,
Ծարաւեցան, ու ջուր չկայ,
Մէկ մի մեռաւ, ձեզի վկայ.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ելանք լեռն ի վեր գնացանք,
Ո'չ քար եւ ո'չ թուփ ասացանք,
Երեսնուս վերայ քալեցանք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Րամից Տէրն ամենայնի,
Կրկին ողորմեցաւ մեզի,
Հանդիպեցանք վերայ ջրի.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Այն ջուրն, որ մեզ չէր պատահէր,
Ամենուն լեզուն կու կապէր,
Շատ մարդ անհաղորդ կու մեռնէր.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Յանցանք այն մալէն, ըռզակէն
Եւ մեր քաշած չարչարանքէն,
Մարդ կար մահրում ելաւ լուսէն.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ո՞վ էր տեսէր այսպիսի բան,
Թէ ուխտաւորքն մերկանան,
Յետ դառնան, իւրեանց տունն երթան.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ւիւծեալ սիրով ուխտ արարին,
Գնալ քաղաքն աստուածային,
Զարծաթն եւ զոսկին ծախեցին.
Թէ գնամք սուրբ Երուսաղէմ:

Խնդալուն փոխարեն լացանք,
Ուր երթալնիս ո'չ իմացանք,
Գնացաք Ղուշ Ատասին ելանք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Տաճկնին մեզի դէմ եկին,
Մեք այլ անկաք նոցա ոտին,
Թէ ազատանք ձեռքէն Ֆռանկին.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Այն տեղն այլ խորհուրդ մտանք,
Թէ որըս երթանք, որըս դառնանք,
Միաբան Իզմիր գնացանք.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ւիւանդացեալ էաք հոգւով,
Ամենքս աղքատացանք մարմնով,
Նոր կարողացանք աստուծով.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Րաբուն` առաջնորդ քաղաքին,
Քարոզեաց իւր ժողովրդին,
Թէ տուն տարէք ուխտաւորին.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Այն ինչ օրհնած մադիկք էին,
Այն Իզմիրու ժողովրդնին,
Մեզ տարին, մխիթարեցին.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ցաւերնիս կրկին նորեցին,
Նոր նաւի գին ժողովեցին,
Ութսուն հոգի յետ գնացին.
Ո'չ եկին սուրբ Երուսաղէմ:

Զէնն ուխտաւորաց մէն չեղաւ,
Հարուստ ՚ւ աղքատ զրկուեցաւ,
Զինչ արմաղան տվին, չեկաւ.
Ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ:

Հայոց ազգիս թուականին,
Հազար հարիւր քառասուն չորսին,
Այս բանս եղաւ ուխտաւորին.
Գնալն ի սուրբ Երուսաղէմ:

Ո'վ եղբայրք, ընթերցողք տաղիս,
Ներումն արարէք ղալատիս,
Ողորմի տուք իմ ծնօղիս.
Դուք ալ արժանի լինիք գնալ ի
սուրբ Երուսաղէմ,
Փափաք առնուք ի լուսաբուխ
սուրբ գերեզմանէն: