Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գնացքը մտաւ Պալաճարիի կայարանը։ Աւելի դանդաղ, ուժգին ցնցում մը, եւ կառաշարը կանգ առաւ։ Սաթենիկ իր վակոնին պատուհանին առաջ կեցած տարտամօրէն կը նայէր քարափին վրայ դեգերող մարդիկներուն։ Օ՜հ, վերջապէս… Այդ մթնոլորտը, նաւթի հեռաւոր բայց յամառ հոտը, արեւը կայարանի տգեղ շէնքին վրայ, քիչ մը անդին անապատային հորիզոնը՝ զուրկ ոեւէ բուսականութենէ, փոշիի համր՝ շնչուած օդին մէջ… այդ բոլորը անհրապոյր, վանողական, ի՜նչքան սիրելի, ի՜նչքան հրապուրիչ էին իրեն համար։ Ի՜նչքան ուժգնօրէն եւ տառապելով վերյիշեր էր կայարանի մթնոլորտին ամենէն չնչին մանրամասնութիւնները այն օրերուն, երբ շողշողուն ու գեղեցիկ Թիֆլիսի մէջ, սպասեր էր շաբաթներով ու ամիսներով, իրեն միակ սեւեռակէտ ունենալով այն րոպէն երբ գնացքը պիտի մտնար Պալաճարիի կայարանը։

Քիչ ետքը Բագուն… այո՛… բուն նպատակակէտը. բայց ո՞վ գիտէ ինչ կը սպասէր այնտեղ իրեն, ի՜նչ յուսախաբութիւն եւ ի՜նչ տառապանք։ Այստեղ տակաւին ժամանումի ուրախութիւնը իր ամբողջութեան մէջ էր, եւ ինքը այդ ուրախութեամբ լեցուած էր. ինչպէս նախորդ անգամները սիրտս կարծես կը լողար երանութեան մէջ, ինքզինքը կը զգար տարբեր, ամենազօր եւ յաղթական ու կարծես բոլոր կապանքները քակուած էին իրեն համար. այդ լիուլի երջանկութեան երազը, սակայն, տարտամ տխրութիւն մը կը պատճառէր իրեն. կարծես զգացումը ունէր որ այդքան երջանկութիւն անհնարին բան է եւ ահա իր մտածումին մէջ պատկերացաւ սիրելիին պատկերը, անոր գեղեցիկ հասակին սիլուէթ ը ու յուզուած դէմքը… եւ ինքն ալ խորապէս յուզուած սարսռաց բոլոր էութիւնով։

Նիհար ու միջահասակ կին էր, նուրբ դիմագիծով. երկարատեւ հոգեկան տառապանքը աւելի նրբացուցած էր զինքը, դէմքին տալով ներքին վրդովմունքով ապրող կանանց յատուկ անբացատրելի եւ խռովիչ արտայայտութիւն։ Անքուն անցուցած գիշերէ մը ետք, առաւօտեան առաջին ժամերուն լոյսերուն մէջ, աւելի տժգոյն, գրեթէ թափանցիկ թալկութիւն մը ստացեր էր իր մորթը, մինչ մութ կապոյտ աչքերը սքօղուած երկար թարթիչներուն ներքեւ, գրեթէ սեւ կ’երեւային, կարծես խտացած իրենց երանգին մէջ. նուրբ քիթը ու կարմիր լայն շրթունքները կը շեշտէին իր տժգնութիւնը։ Շագանակագոյն առատ մազերով ծանրացած գլուխը թեթեւ մը կը հակէր իր շնորհալի վզին վրայ։ Հագուած էր ճերմակ կտաւէ պարզ հագուստ եւ վտիտ ուսերուն վրայ կը կրէր յարդագոյն մետաքսեայ վերարկու մը. յարդագոյն պարզ եւ ճկուն գլխարկը երկու կողմերէն կը հակէր դէպի այտերը սեւ թաւշեայ ժապաւէնին թեթեւ ճնշումին ներքեւ, որուն ծայրերը հանգոյցով մը կը միանային վզին վրայ։ Անցորդներ հապճեպ կերպով կը նայէին իրեն, երբ իր սեւեռեալ նայուածքը թուլցաւ եւ թարթիչները վարագուրեցին աչքերը։ Ձայն մը իր ետեւէն կ’ըսէր.

–Սաթիկ, երթա՛նք թէյ խմելու։

Անիկա դարձաւ դէպի ետեւ, թեթեւ մը ժպտեցաւ եւ մեղմութեամբ պատասխանեց.

Չէ՛, Ստեփան, ես կը մնամ այստեղ։

Անիկա երեսունը անց միջահասակ եւ թիկնեղ, չափազանց թուխ, առաջին ակնարկով խիստ մարդու մը տպաւորութիւնը կ’ընէր. իր մշտապէս պռստուած յօնքերը, որոնք լայն ճակատը կը կնճռոտէին, կ’ըսքօղէին առաջին ակնարկին իր սեւ լայնաբիբ եւ գորովանքով զեղուն աչքերուն սրտապնդիչ արտայայտութիւնը. բայց այդ աչքերը միեւնոյն ատեն տխուր էին անանցանելի, անդարմանելի եւ որոշ տխրութեամբ մը, որ փոխանակ անցեալ սուգերու արդիւնքը ըլլալու կարծես աւելի կը դիմաւորէր գալիք վիշտեր։ Դէմքը շրջանակուած էր անխնամ մօրուքով, բայց իր թարմ շրթները գորովանք եւ բարութիւն կը ներշնչէին։ Լայն քիթ մը իր տարածուած ռունգերով կը շեշտէր այդ տպաւորութիւնը։ Բայց ինչ որ գլխաւորաբար ուշադրութիւն կը հրաւիրէր այն զսպուած յուզմունքի, զսպուած ուժգին զգացումներու արտայայտութիւնն էր որ յանկարծակի կը մատնուէր ձայնի շեշտէն, կեցուածքի բռնազբօսիկ անճկունութենէն ու մանաւանդ նայուածքէն, բեռնաւորուած յուսահատ տխրութիւնով։

Կարող ենք երկար սպասել այստեղ… ուշ պիտի հասնենք Բագու… գիշերը վատ անցուցիր, բոլոր ժամանակը հազացիր, արի՛ երթանք մի բաժակ թէյ խմենք, քսան րոպէ պիտի մնանք այստեղ։

Չէ՛, Ստեփան, չեմ ուզում իջնել, դու գնա՛ թէյ խմելու, իմ մասին մի մտածիր, խնդրում եմ…

Ստեփան յառաջացաւ մինչեւ դուռը, բայց անգամ մըն ալ ետեւ դարձաւ կարծես բան մը ըսելու համար, պահ մը կանգ առաւ, բայց Սաթենիկ կռնակը դարձուցեր էր կրկին եւ անիկա հեռացաւ այլեւս առանց առարկելու։ Դուրսը վակոնին առաջքը դանդաղցուց քայլերը եւ աչքերը սեւեռեց Սաթենիկի մտազբաղ դէմքին, որ վերջապէս նշմարելով զինքը ժպտեցաւ իրեն երկարօրէն. Ստեփան րոպէ մը մնաց այդ նայուածքին ու ժպիտին հրապոյրին տակ ու յանկարծ ընդոստ շարժումով մը հեռացաւ դէպի պիւֆէ ն աւելի եւս մխրճուած իր սովորական տխրութեան մէջ։

Հակառակ իր մտազբաղութեան Սաթենիկ նշմարեց Ստեփանի նայուածքը… առաջին անգամը չէր նաեւ որ խռովիչ հարցում մը ներկայացաւ մտքին, արդեօ՞ք… բայց իրողութիւն այն էր որ տրամադիր չէր իրմէ դուրս ուրիշ հոգիի մէջ մտնելու, որովհետեւ ամէն կարգի յորդ զգացումներ կը խեղդէին զինքը։

Արդէն իսկ դեռ Բագու չհասած յոգնած ու սպառած էր, մշտնջենական հրայրք մը կը մաշեցնէր զինքը ու երջանկութիւնը կը ներկայանար իրեն այնքան բարդ հանգոյցներով որ իրեն կը թուէր թէ պիտի նախընտրէր հրաժարիլ ամէն բանէ, միեւնոյն ատեն ազատագրուելու համար այն հոգերէն, որոնց բեռան տակ ճնշուած էր. բայց, անխուսափելի էր ինչ որ պատահեր էր իրեն. տեսեր էր վիհը բացուած իր մտքերուն առաջքը, կարողացեր էր չափել խորութիւնը այդ վիհին, բայց թեթեւութեամբ նետուեր էր կրկին այնտեղ կուրացած ու խլացած, լռեցնելով իր մէջ բոլոր առարկութիւնները, բոլոր նկատողութիւնները։ Անիկա մտեր էր կեանքի այն ճամբուն մէջ զգալով հանդերձ որ կը խրուէր մութ անորոշութեան մէջ։

Շաբաթներէ, ամիսներէ ի վեր քաոս մը կար իր հոգւոյն մէջ եւ եթէ իր կեանքի սովորական ընթացքին երբեմն կը յաջողէր մոռնալ այդ քաոսը, այս միջոցին որոշակի տիրապետուած էր անկէ. կարծես իր հոգիին խորքերէն աղմկալի եւ անհասկանալի ճիչեր կը բարձրանային, տառապանքի, ցաւի կոչեր, զղջումի տարտամ վանկեր, տարակոյսի գալարումներ, եւ այդ բոլորին վերեւ կը ծածանէր չարաբաստիկ նախազգացումներու մռայլ ամպ մը։

Աւելի տժգոյն եւ կարծես աւելի նիհարած, Սաթենիկ թողուց պատուհանը եւ ինկաւ բազմոցին վրայ. արտեւանունքները ծանրացած սքօղեցին աչքերը, սովորական շարժում իրենց համար, որ մասնաւոր եւ անդիմադրելի հրապոյր մը կու տար իր դէմքին, որովհետեւ ամէն անգամ որ դանդաղօրէն բարձրացնէր իր կոպերը աչքերը կը յայտնուէին իրենց շքեղ գեղեցկութեան լրումին մէջ եւ ամէն անգամուն, նոյնիսկ իրեն ընտանի մարդոց, անօրինակ զարմացում մը եւ շլացում մը կը ներշնչէին, ինչպէս յայտնութիւնը անակնկալ գեղեցկութեան մը. իր նրբին ու ճերմակ ձեռքերը կը գալարուէին ծունկերուն վրայ։

«Ահա հասնում եմ Բագու, կը մտածէր իւրովի, Բագո՜ւ… կէս ժամից, երեք քառորդից… թերեւս արդէն իսկ կայարանն է… օ՜հ, սիրելիս… կրկին տեսնել քեզ ու մեռնել… մեռնել երջանկութեան այդ րոպէին մէջ, երբ տակաւին չէ թունաւորուած անիկա»։

Տխրագին ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ շրթունքին վրայ ու յիշեց ուրիշ անգամներ… արեան ալիք մը վարդագունեց այտերը, մինչեւ ճակատը ու գլխարկին կիսաստուերին մէջ կապոյտ աչքերը ընդլայնուած յուզումէն փայլատակեցին, ի տես անշօշափելի եւ անմատչելի երջանկութեան մը։

Քարափին վրայ ոտնաձայներու յաճախումը սթափեցուց զինքը ու կրկին ոտքի ելաւ. հեռուէն տեսաւ Ստեփանը, որ կու գար. ա՜հ, սիրելի ու բարի ընկեր, հարազատ եղբօր պէս, բայց ահա… քիչ յետոյ կրկին անոր տխուր աչքերը պիտի նայէին իրեն, յանդիմանութիւնով, պիտի ուզէր որ անիկա չհանդիպէր Գարեգինին. իր սեփական երջանկութեան ամօթխածութիւնը զինքը անհանգիստ կ’ընէր ու նաեւ այն բանը, որ Ստեփան նախ ակնարկութիւններով եւ յետոյ սքօղուած բառերով եւ վերջապէս ուղղակի իրեն խօսեր էր այդ խնդրին վրայ. Սաթենիկ առանց բառ մը արտասանելու լսեր էր Ստեփանի զսպուած զայրոյթը, յուզմունքը ու հրաւէրը հրաժարելու այդ պատմութենէն… Ինչո՞ւ այդ անօրինակ յուզմունքը… Ստեփան, որ միշտ ներողամիտ եւ անփոյթ գտնուած էր այդ կարգի խնդիրներու մասին, ինչո՞ւ այդ մասնաւոր հոգածութիւնը ունէր, եւ նաեւ այս վերջին ճամբորդութիւնը իրեն հետ, առանց բանաւոր պատճառի… անգամ մըն ալ խռովիչ հարցումը ներկայացաւ Սաթենիկի, արդեօ՞ք… բայց այս անգամ ալ ժամանակ չունեցաւ միտքը սեւեռելու այդ մտածումին, որովհետեւ անմիջապէս անհնարին անձկութեամբ մտածեց։

Եթէ կայարանը չլինի… եթէ մի արգելք ունենայ, եւ այդ արգելքը ամենէն ծանր մտածումն էր իր հոգերուն։

Քանի-քանի անգամներ սպասումի տաժանելի ժամերու, երբ րոպէները դարերու ծանրութեամբ կը թաւալէին, հոգին պրկուած ցաւի գալարումներով խորհեր էր որ աւելի թեթեւ է լսել թէ արկած մը պատահած էր իր սիրելիին, քան թէ անոր շրթունքներէն լսել որ արգելք ունեցեր էր…։ Այո՛, ստիպուած էր հանդարտութիւնը պահել, եթէ քանի մը րոպէէն երբ Բագու հասնէր ու չտեսներ զայն կայարանը, առաջին րոպէէն նոյնիսկ հեռուէն… ստիպուած էր պաղարիւնը պահել։ Եթէ նոյնիսկ գնացքը կենար եւ իր անձկագին նայուածքը ի զուր թափառէր կայարանի քարափին երկայնքին, թափանցէր շէնքէն ներս, յետին յոյսով որ հոն պիտի գտներ սիրելին… այդ բոլորը ունենալով իր հոգւոյն մէջ պէտք էր սանձել իր սլացումները, պէտք էր զսպել իր անհամբերութիւնները ու պարզ անցորդի նման պէտք էր հանդարտութեամբ քալէր Ստեփանի կողքին, զբաղելով իր բեռներով, վերյիշելով նասիլչիկ ին թիւը, դողացող մատներով բանալով պակաժ ի ստացական թերթիկը, մինչ ուղեղին մէջ պիտի մխուէր հետզհետէ սա միակ ողբական գաղափարը.

Հապա ես ինչո՞ւ եկայ Բագու։

Սաթենիկ յանկարծ սթափեցաւ. դեռ Պալաճարի էին, ի՜նչ սփոփանք, դեռ չարիքը չէր պատահած, կարող էր չպատահիլ. ներելի էր իրեն յուսալ քանի դեռ չարիքի ստուգութիւնը չկար, ոչ միայն ներելի էր յուսալ, այլ իրաւունք ունէր մտածելու որ իր սիրելին նոյնքան անհամբեր, նոյնքան յուզուած իրենց կրկին տեսութեան յոյսով արդէն իսկ կայարանն էր, կամ առ առաւելն ճամբան էր, օ՜հ, սիրելի դէմքը ուրախութեամբ պայծառացած եւ ինքն էր, խեղճ տանջուած կին, որ ուրախութիւնը կը շնորհէր անոր ու այն ժպիտը, որ այս պահուս կը ծաղկէր անոր խոհական, լուրջ եւ յուզուած դէմքին վրայ իր տանջուած հոգիէն արձակուած ճառագայթ մըն էր։ Խնդրեր էր որ երթայ Բագու… գոնէ զիրար կը տեսնէին, յիշեց սիրելի տողերը վերջին նամակին. «Ինչքան էլ արգելք լինի մեզ չեն կարող արգիլել որ աչքերս տեսնեն քո հրաշալի աչքերը, որ քեզ զգամ իմ մթնոլորտին մէջ, որ արբենամ քո հոգու բոյրով…»։ Արգելք ըլլան մե՜զ… փափկանկատութիւն մըն էր այդ յոգնակին, միայն մէկն էր գլխաւոր արգելքը, մնացեալը պատրուակներ էին. գործեր, պատշաճութիւն… ո՜վ ուշադրութիւն դարձուցեր էր այդ արգելքներուն, երբ միակ ու գլխաւոր Արգելքը չկար, ամիսներ առաջ, երբ զգացումներու անզսպելի յորդումով մը իրենց հոգիները սերտօրէն գիրկընդխառն սլացեր էին առօրեայ կեանքէն վեր մաքուր ու պայծառ ոլորտի մը մէջ։

Գնացքը ճամբայ ելաւ. Ստեփան լուռ ու խոհուն զբաղած կը թուէր բեռները իջեցնելու նստարանին վրայ… ահա հեռուէն նաւթահորերը իրենց բրգաձեւ բարձրութիւններով, անտառի մը պէս խիտ, ահա Բագուն հեռուէն, Աւշարոնի անապատին մէջ գրեթէ առանց Սիլուէթ ի… դժոխք թէ դրախտ իրեն համար. ո՜վ գիտէ թէ իր ճակատագրի գործաւարուհիներէն մէկը իր վհուկի մատներով ի՜նչ հիւսուած կը հիւսէր այս րոպէիս իրեն համար… բախտը որոշած էր արդէն, բայց վարագոյրը իր նիհար ու ճերմակ մատներով պիտի բանար… յանկարծ ընկրկեցաւ սոսկումով, կարծես պայծառատեսութեան րոպէի մը տեսաւ ու կարծեց տեսնել գալիք օրերը ու բնազդով կառչեցաւ Ստեփանին.

Ա՜խ, Ստեփան։

Յորդ արցունքներ ողողեցին աչքերը, բայց չինկան այտերուն վրայ, իր ջղագրգիռ մատներով անգիտակցաբար բռնել էր իր ընկերոջ ձեռքը եւ անհնարին յուզումով մը կը գալարուէր։

Սաթենի՛կ… Սաթի՛կ ջան, մրմնջեց Ստեփան եւ գրեթէ նոյնքան յուզուած իր ազատ ձեռքը դրաւ երիտասարդ կնոջ ուսին վրայ։ Ուզեց խօսիլ, բայց չկարողացաւ բառ մը արտասանել եւ իր հոգեկան խռովքին ազդեցութեան ներքեւ դէմքը առաւ աւելի խիստ արտայայտութիւն։

Ստեփան գիտէր ամէն բան եւ կը գուշակէր Սաթենիկի այդ պահու յուզմունքին պատճառը. իր էութեան խորքերէն ձայն մը կը խօսէր եւ կարծես զինքը փորձութեան կ’ենթարկէր։ Տարտամ յոյսը ունեցաւ որ Սաթենիկ Բագու կ’երթար առանց հրաւէրի, այնպէս, մղուած իր զգացումներէն. գիտէր նաեւ արգելքը, կը գուշակէր իր բարեկամուհիին բոլոր տառապանքը եւ գերբնական ջանքեր կ’ընէր զսպելու համար այն բնազդական եւ չար ուրախութիւնը, որ այդ մտածումները կը ներշնչէին իրեն։ Թիֆլիսէն մեկնելէն ի վեր հարցում մը հազար անգամ եկեր էր իր շրթներուն՝ բայց զսպեր ու լուռ մնացեր էր, այս անգամ վերջապէս հարցուց.

Ո՞ւրտեղ պիտի իջնես Բագւում։

Սաթենիկ իր խոնաւ աչքերը բարձրացուց դէպի Ստեփանն եւ պահ մը խորհեցաւ, յետոյ սթափեցաւ, մեղմութեամբ ուսը ազատեց ընկերոջը ձեռքէն, մատները թոյլացան, քիչ հեռացաւ նստարանին վրայ եւ պատասխանեց.

Չգիտեմ։

Եթէ չգիտես, կարող ես ինձ հետ գալ, ես պիտի գնամ իմ ազգականներիս մօտ, քեզ համար էլ տեղ կը լինի, ի հարկին իմ տեղս կու տամ քեզ։

Չէ՛, Ստեփան։

Ինչի՞… տխուր կը լինի քեզ համար, մինակ։

Ձայնը դողդղաց եւ կանգ առաւ. Սաթենիկ չպատասխանեց եւ ինքն իր մէջ ամփոփուած, հոգին անձկութեամբ լի, զգաց որ հետզհետէ եւ արագութեամբ կը մօտենային Բագուին։

Ա՜խ… սիրելիս… երա՞զ է թէ իրականութիւն, գնացքը հազիւ կեցած Գարեգին Միքայէլեան կը մօտենար վակոն ի դռնակին։ Սաթենիկ անմիջապէս տեսեր էր զայն եւ տարօրինակ հանդարտութիւն մը յանկարծական հակազդեցութիւն էր յառաջ բերել իր ջղային վիճակին մէջ։ Ստեփան եւս տեսեր էր զայն եւ գրեթէ բրտութեամբ ըսեր էր Սաթենիկին.

Ահա քո լաւագոյն բարեկամը, այլեւս պէտք չեմ քեզ։

Հազիւ գնացքը կանգ առած՝ Ստեփան իր միակ պայուսակը ձեռքը իջեր ու անհետացեր էր բազմութեան մէջ, բայց Սաթենիկ ժամանակ չունէր նոյնիսկ անդրադառնալու այդ բոլորին. իր աչքերը անյագ կարօտով սեւեռած էր սիրելիին վրայ, անհամբեր էր առաջին խօսքերը փոխանակել անոր հետ. գոհ էր նոյնիսկ որ Ստեփան հեռացեր էր ու այդպէսով մինակ կը մնար իր Գարեգինին հետ։

Գարեգին Միքայէլեան բարձրահասակ, բարեձեւ եւ ազնուական երեւոյթով մարդ էր. իր քիչ մը շատ կարգին մարդու արտաքինը տեսակ մը հանդիսաւորութիւն կու տար իր խօսքերուն եւ շարժումներուն. շագանակագոյն գրեթէ խարտեաշ մազերով, ակնոցներուն ներքեւէն պսպղացող գորշագոյն աչքերով դէմքը իր կանոնաւորութեամբ ցուրտ եւ անհաղորդ ընդհանրապէս, յուզումի մէջ կը ստանար բացառիկ համակրելիութիւն եւ ջերմութիւն. իր մաքուր շրթները շատ կարճ կտրուած պեխերուն ներքեւէն կը ճպտէին հոգեզմայլ ուրախութեամբ, կարծես վերացած էր բացառիկ զգացումով մը եւ իրաւամբ իր սէրը Սաթենիկին համար տեսակ մը ջերմեռանդութիւն էր, գրեթէ կրօնական հանդիսաւորութեամբ։

Գարեգին Միքայէլեան առաջնորդեց Սաթենիկը դէպի կայարանի շէնքը, ուրկէ քիչ յետոյ հասան ելքի դուռը։ Երկուքն ալ կարծես երազի մէջ էին եւ իրականութեան զգացումը կորսնցուցած. երկուքն ալ առ այժմ անձնատուր էին իրարու մօտ ըլլալու ուրախութեան եւ վերստին տեսութեան կարծես անիրականանալի նպատակին իրագործման առթած երջանկութիւնը կ’ապրէին ամբողջ իրենց հոգիով։ Հազար բան ունէին իրարու ըսելիք, հազար բան մտադրեր էին իրարու բացատրել երբ կրկին տեսակցէին. ամիսներու ընթացքին կուտակուած գանգատներ, կասկածներ, մտահոգութիւններ, դեռ երէկ, դեռ ժամ մը առաջ լուսաբանութեան կարօտ էին, բայց այդ պահուն բոլոր տարակոյսի ստուերները ցրուած էին եւ մէկը միւսին նայուածքին, յուզմունքին եւ դողդողացող ժպիտին մէջ կը գտնէր բոլոր տանջող հարցումներուն պատասխանը։

Եթէ կարելի ըլլար որ այս այսպէս շարունակուէր անընդհատ, եւ անվերջ եթէ գոնէ կարելի ըլլար իրենց սահմանուած կեանքի ապագայ ընթացքը խտացնել եւ կեդրոնացնել այդ պահուն ընծայած երանութեան մէջ, բայց գիտէին որ առաջին անկիւնադարձին երջանկութեան տեսիլքը պիտի պղտորէր հրամայական եւ յաճախ ըստ ինքեան սնոտի անհրաժեշտութիւններով։

Քանի կայարանի խիտ բազմութեան մէջ էին անոնք ոեւէ ուշադրութիւն չէին ըներ իրենց շարժուձեւերուն, նոյնիսկ Գարեգին բռներ էր Սաթենիկի ձեռքը եւ գորովանքով կը սեղմէր, միեւնոյն ատեն զինքը յառաջացնելով, բայց անգամ մը որ ելքի սանդուխներուն մօտեցան, ծանօթներ բարեւեցին Գարեգին Միքայէլեանը եւ անիկա յանկարծակի իր բարեկամուհիին ձեռքը թողուց։

Տխրութեան ամպ մը անցաւ երիտասարդ կնոջ դէմքին վրայէն եւ ժպիտը ու աչքերուն հուրքը մարեցան. այսուամենայնիւ ջանաց ինքզինքը զսպել, բայց արդէն իսկ իր ուրախութեան լիութիւնը խանգարուած էր. հասնելով ելքի դրանը աչքերով փնտռեց Գարեգինի ինքնաշարժը, բայց անմիջապէս տեսաւ որ անիկա այնտեղ կեցող ցանցառ կառքերէն մէկուն կառապանին նշան կ’ընէր որ մօտենայ։

Հազիւ տեղաւորուած կառքին մէջ, Գարեգին ըսաւ.

Մեթռոպոլ հիւրանոցում շատ լաւ սենեակ պահել եմ քեզ համար… ։

Սաթենիկ գլխով հաւանութեան նշան ըրաւ։

Գարեգին աւելցուց.

Յոյս ունեմ որ մի քանի օր անամպ երջանկութեամբ կ’անցնենք։

Սաթենիկ ուզեց պատասխանել «եթե արգելքներ չունենաս», բայց նայուածքը մոլորեցաւ տարտամի մէջ։

Պահ մը ծանր եւ ճնշիչ լռութիւն.

Ա՜խ, սիրելիս, ընդհատեց վերջապէս Գարեգին, ինչքան կարօտել էի քեզ. հոգիս ծարաւի էր քո տեսութեանը, երբ քեզ հրաւիրեցի… այո՛… պէտք է ասեմ որ իմ ամենաերջանիկ ժամերս այն րոպէներն էին երբ վերջապէս առանձնացած իմ սենեակիս մէջ վերյիշում էի այն օրերը… այն օրերը որ ապրեցանք միասին… այդպիսի մի ժամու էր որ ընկճուած քո կարօտով, եւ զգալով թէ այլեւս չեմ կարող ապրել առանց քեզ, վճռեցի քեզ հրաւիրել։

Ձեռքին մէջ առաւ Սաթենիկի ձեռքը ու մատները կը դողդղային, Գարեգինի դէմքը տխուր էր այդ րոպէին եւ ստացեր էր այն լուրջ հանդիսաւորութիւնը, որ զինքը այնքան համակրելի կը դարձնէր. իր ակնոցներուն տակէն աչքերը խոնաւ էին խանդաղատանքով…

Ների՛ր ինձ, աւելցուց անիկա, անհանգիստ Սաթենիկի լռութենէն, ես չմտածեցի քո դժուարութիւնների ու արգելքների մասին։

Սաթենիկ տարտամ նշան մը ըրաւ իր ազատ ձեռքով։

Ես չմտածեցի, որովհետեւ այնքան գրաւուած էի քեզ տեսնելու պահանջով որ եթէ չգայիր… ես պիտի գայի Թիֆլիս…

Կարո՞ղ էիր գալ Թիֆլիս, հարցուց վերջապէս Սաթենիկ, յուզմունքէն խեղդուած ձայնով։

Ո՛չ, չէի կարող… բայց ամէն ինչ ոտքի տակ առնելով պիտի գայի… ժամեր կան, Սաթենիկ, որ զգում եմ թէ կարող եմ… ստիպուած եմ ամէն ինչ քանդելու։

Երախտապարտ այդ խօսքերէն, Սաթենիկ իր նայուածքը բարձրացուց դէպի Գարեգինը եւ իր հոգւոյն բոլոր ներզօրութեամբը նայեցաւ անոր։

Դու ինձ յիմարացնում ես, Սաթենի՛կ… ես ինքս ինձ չեմ ճանաչում… այն մարդը որ ես եմ քեզ հետ եւ քեզ մտածելի… նման չէ այն մարդուն որ էի, որ եմ ընդհանրապէս… դու տարօրինակ վհուկ ես ինձ համար. ու սոսկալի ես երբ մօտ ես, բայց շատ աւելի՝ երբ հեռու ես եւ ես չեմ կարող մի րոպէ ուշադրութիւնս հեռացնել քո յիշատակից… Սաթենի՛կ ջան, սիրելի՛ս… մի դարձրու աչքերդ ինձանից, ես այնքա՜ն, այնքա՜ն տառապեցի, բայց համարեա թէ երջանիկ էի քեզ համար տառապելով։

Կառքը կայարանի հեռաւոր թաղերէն մտեր էր արդէն Թելեֆոնայա փողոցը, անցան պալշայէ Մարքսքայայէ, ահա Մալականսքի փոքրիկ պարտէզը, որուն ցանկապատին առաջ ուշ գիշեր ատեն առաջին անգամ Գարեգին խօսեր էր իր սիրոյ մասին։

Ամէն մէկ քայլը, ամէն մէկ փողոցը յիշատակներ կը ներկայացնէին. տուներու եւ շէնքերու սիլուէթ ները կ’ոգեկոչէին ցցուն պատկերներ իրենց քաղցր ու դառն մօտիկ անցեալէն. տեսակ մը անշօշափելի բան իրենց հոգիներէն, խառնուեր էր այդ անտարբեր, փակ եւ օտար շէնքերու դրսերեւոյթին։ Երջանկութեան ցոլք մը, իրենց սեփական երջանկութեան րոպէներէն ժայթքելով տակաւին կը մնար մթնոլորտին մէջ. պատահական անցորդներ իսկ կը կրկնէին այն օրուայ այն ժամու անցորդներու շարժումները։

Սաթենիկ յիշեց մղձաւանջի պէս իր առաջին մեկնումը, իր որոշումին սոսկալի ժամը, ու Բագուէն հեռու անցուցած օրերուն անչափելի ձանձրոյթը ու անձկութիւնը ու կրկին ահա այստեղ էր, Նիքոլայեւսքայա փողոցին անկիւնը իր սիրելիին հետ, կարծես կարճ պտոյտէ մը վերադարձին, ապա Պարապէտի պարտէզը, մուտքի դրան մանրավաճառը իր փոքրիկ արկղով եւ գետինը տարածուած փոքրագին ապրանքներով, ու իրեն թուեցաւ որ մեկնման ժամը կը կապուէր ժամանման րոպէին հետ ու մնացեալը մղձաւանջ մըն էր, գէշ երազ մը, որուն տպաւորութիւնը կը ցրուի այգուն առաջին ժամուն։

Գարեգի՛ն, սիրելի՛ս… մրմնջեց անիկա իր մասնայատուկ շեշտով, որուն հնչիւնին բիւրեղային մաքրութիւնը կարծես քօղարկուած էր խեղդուկ ու զսպուած յուզումի մէջ։ Սաթենիկի խօսակցութեան ձայնը առաջին օրէն մոգական ազդեցութիւն ունեցեր էր Գարեգինի վրայ։ Անոր առաջին վանկին բոլոր հոգւովը խռովուած զգացեր էր եւ այդ խռովքի ընդմէջէն է որ տեսեր ու սիրեր էր Սաթենիկի նիհար ու տժգոյն դէմքը, որ տարբեր հանգամանքներուն մէջ կարող էր իր ուշադրութիւնը չգրաւել։

Գարեգի՛ն, սիրելի՛ս, կրկնեց անիկա, միթէ՞ իրաւ է որ քեզ մօտ եմ, ձեռքս ձեռքիդ մէջ ու այս ճամբի վրայ, այս պարտէզի դիմաց… ահա Մեթրոպոլը… օ՜հ, ինչպէ՛ս սիրում եմ ամէն ինչ, նոյնիսկ անշունչ առարկաները… աչքերս, ականջներս ու սիրտս տօնի մէջ են այս րոպէիս ու ամբողջ հոգիս բոցավառուած է երջանկութիւնով…

Արցունքի կայլակներ ողողեցին աչքերը, բայց անիկա կը ժպտէր մեղմօրէն եւ մինչ թարթիչներուն վրայ արցունքի շիթեր կը դողդղային, իյնալէ առաջ ծայրով կը սրբէր այտին վրայ խոնաւ հետքը։ Անիկա յուզմունքի սաստկութենէն չկրցաւ այլեւս խօսիլ եւ նաեւ որովհետեւ զգաց թէ որքան իր խօսքերը տկար ու տժգոյն էին բաղդատմամբ այն փոթորկալի զգացումներուն, որոնք կարծես անընդհատ կը փայլատակէին իր հոգւոյն մէջ։

Ուրկէ՞ կը բղխէր ուժգնութիւնը իր հոգեկան խռովքին. կարծես ուրիշ անձ մը ուրիշ անծանօթ էութիւն մը կը յայտնուէր ինքզինքին եւ այդ միշտ այդպէս եղած էր Գարեգինի ներկայութեան։