Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբ Գարեգին երեկոյին եկաւ Սաթենիկին մօտ իր նախատեսած ժամէն կէս ժամ առաջ, ուրախ էր եւ լաւ տրամադրութեան մէջ. կինը ընթրիքի հրաւիրուեր էր ազգականներու մօտ եւ ինքը ազատ էր մինչեւ առաւօտեան ժամը եւ նոյնիսկ . ուրախ մանաւանդ կարենալ Սաթենիկը հրաւիրելու ընթրիքի, եւ քանի մը րոպէ յետոյ անդրադարձաւ որ անիկա ընկճուած էր եւ տարօրինակ անտարբերութիւնով մը կ’ընդունէր իր ուրախութիւնը։

Ստեփանի մօտէն ուղղակի տուն եկեր էր Սաթենիկ եւ օրուան մնացեալ մասերը անցուցեր էր տենդագին յուզմունքի մը մէջ. ինչո՞ւ այդ արցունքները եւ գրեթէ իր դժբախտութեան խոստովանութիւնը Ստեփանին. անիկա կարծես բռնաբարեր էր իր հոգին եւ խլել էր անկէ իր ներքին թշուառութեան գաղտնիքը. տեսակ մը գրեթէ ֆիզիքական տիրապետութիւն ունեցեր էր իր վրայ, կարծես անոր ամուր մատները դպեր էին իր բաբախուն սրտին։ Այս զգացումը թէ՛ ամօթ կը ներշնչէր իրեն, թէ՛ խղճահարութիւն եւ թէ անօրինակ, անբացատրելի յուզմունք մը ուրկէ ընկճուած էր. երբեմն ալ Ստեփանի խիստ խօսքերը կը հնչէին ականջին.

Քեզ արժանի մարդ չէ. դու թերեւս քո արժէքի գիտակցութիւն չունես, բայց գիտցիր որ նա անկարող է քո թռիչքը ունենալու, քեզ սիրելու այնպէս ինչպէս քո սէրը կը հրաւիրէ սիրելու։

Սաթենիկ նոյնիսկ չէր փորձեր չքմեղացնելու իր սիրականը, խոնարհաբար լսեր էր այդ բոլորը, կարծես իր էութեան խորքին մէջ ընդունելով այդ դառն խօսքերուն ճշմարտութիւնը։

Երբ մարդ դժբախտութիւնն ունի քեզ նման մի կին սիրելու… որովհետեւ Սաթենիկ, ընդունիր որ դա դժբախտութիւն է, մի ինչ որ ճակատագրական հարուած, կը թողնի ամէն ինչ եւ արժանի կը լինի այդ դժբախտութեան մեծութեան։ Դա մի դրակետիա է որ պիտի վերջանայ չգիտեմ ինչպէս։

Սաթենիկ նաեւ խղճահարութիւն ունէր որովհետեւ երբեք պիտի չհամարձակէր այդ պատահածի մասին խօսիլ Գարեգինի. մինչեւ այդ օր մտածումի ստուեր մ’իսկ չէր ծածկած Գարեգինէն, իր զգացումները նոյնիսկ սաղմնային վիճակի մէջ ծանօթ էին անոր. շատ չէր խօսեր այդ բոլորի մասին, բայց ինքն ալ չէր գիտեր ինչպէս իր հոգին թափանցիկ կը դառնար իր սիրելիին համար. իր ժպիտը, իր մէկ բացագանչութիւնը կը յայտնաբերէին յաճախ ծով մը գորովանքի, խռովքի կամ վիշտի։ Իր շարժումները, իր մէկ ժեսթ ը ժպիտ կամ տխրութիւն յառաջ կը բերէին Գարեգինի դէմքին վրայ. յաճախ ձեռք ձեռքի երկար ժամանակ լուռ կը մնային եւ իրենց հոգեկան հաղորդակցութիւնը այնքան կատարեալ էր որ բառեր արտասանելու պէտք չունէին. երկուքը այնքան կատարելապէս ամբողջութիւն կը կազմէին որ իրենց առանձնութեան ժամերը լիքն էին քաղցրութեամբ եւ հոգեզմայլութեամբ. անոնք իրարու վրայ հիացած ժամանակ կարծես ինքզինքնուն վրայ կը հիանային եւ սրտերնին պարուրուած կ’ըլլար գորովանքի մշուշով մը, որուն մէջ կը կորսուէին ինչպէս հեշտութեան ծովու մը մէջ։ Երբեմն նոյնիսկ ուրիշներու ներկայութեան այդ հրաշալի առանձնութիւնը կը զգային. կը խօսէին, կը վիճէին զանազան խնդիրներու մասին, բայց էականապէս իրարու կը մրմնջէին ամենաքաղցր խօսքերը սիրոյ եւ հոգինին տօնի մէջ էր այդ ժամերուն։

Սաթենիկ մտատանջ էր այն մտածումով որ այդ առանձնութիւնը եւ հոգեկան ներդաշնակութիւնը երբեք պիտի չգտնային վերստին։ Ստեփանին ստուերը կարծես մտեր էր իրենց միջեւ եւ դիւրաբեկ բան մը խորտակուեր էր. Ստեփան իրենց անյաղթելի զգացումին խոցելի կէտը գտեր էր կարծես։

Երբեմն սրտմտութիւն եւ զայրոյթ Ստեփանին դէմ կը գերագրգռէր երիտասարդ կինը, բայց այդ զայրոյթը անզօր էր ուրիշ կարգի տիրական զգացումի մը դէմ։ Ստեփան այդ պահերուն երեւացեր էր իր հոգիի աչքերուն ուրիշ երեւոյթով, ուրիշ կերպարանքով. անիկա սովորական ընկերը չէր բարեհամբոյր, հաճոյակատար, ներողամիտ ուրիշներու տկարութիւններու, ինքն ըլլալով զօրաւոր եւ ամուր. իր ներողամտութիւնն իսկ իր հոգեկան արիութեան մէկ արտայայտութիւնն էր. այդ արիութիւնը չէր կարող հիացում չազդել Սաթենիկին, որ այնքան յաճախ առիթ ունեցեր էր տեսնելու անոր անյողդողդ կամքը եւ անընկճելի բարոյական ոյժը. ոչ մէկ փորձութիւն եւ ոչ մէկ մարդկային զգացում կարող էին դղրդել այդ ոյժը. անիկա սարսափելի մարդ մըն էր եւ այդ իսկ պատճառաւ թերեւս բարեմիտ հակում մը ունէր դէպի տկարները։ Այդ ոյժը զինքը չէր մղեր կոպիտ բրտութեան, ընդհակառակը անիկա ընդունակ էր սքանչելի նրբազգացութեան եւ այդ պատճառաւ ամէնքը կը պաշտէին զինքը եւ կը հնազանդէին իրեն անտրտունջ։

Առաջին անգամ Սաթենիկ ճանչցաւ զինքը սարսափելի պարագաներու մէջ։ Սահմանագլխէն անդին անցնող Հայդուկներու խումբի մը մէջ, որուն պետն էր Ստեփան, երկու եղբայրները ինկեր էին. ինքը վերադարձեր էր Թիֆլիս՝ զեկուցանելու իրենց արշաւախմբի գործունէութեան մասին. միեւնոյն ատենի իշխանութիւնները կը փնտռէին զինքը իբրեւ պետ սահմանագլխէն զէնքի մաքսանենգութիւն ընող խումբի մը։ Ժողովը տեղի պիտի ունենար ընկերուհիի մը, Սոնիայի տանը, ուր Սաթենիկ կը գտնուէր շաբաթէ մը ի վեր։ Օրերէ ի վեր կը խօսէին Ստեփանի մասին, իր կրկնակ սուգի մասին, եւ այն անհրաժեշտութեանը վրայ, որ կար զինքը ծածուկ պահելու. իր մտքին մէջ այդքան դառն հարուածներ կրած մարդու մասին որոշ պատկեր կազմեր էր եւ անհամբեր հետաքրքրութիւն ունէր զինքը անձամբ տեսնելու։

Սոնիա իբր գործակից եւ հին բարեկամուհի մտերմութեամբ կը խօսեր այդ ահեղ մարդու վրայ. Սաթենիկ անհանգիստ էր այդ մտերմութեան, աւելի հանդիսաւոր խօսելակերպ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար կարծես. այն կերպարանքը, որ մտքին մէջ կը ներկայանար, սովորական մարդոց մակարդակէն վեր խոյացող կիսաստուածի մը կերպարանքն էր, իրեն կը թուէր որ անիկա զերծ էր մարդկային բոլոր սովորական թշուառութենէն եւ պայմաններէն. անոր տխրութիւնները եւ ուրախութիւնները տարբեր բնոյթ պէտք էր ունենային, եւ ինչպէ՞ս կարելի էր ուրիշ կերպ մտածել մարդու մը վրայ, որ սուր գաղափարէ մը տարուած ամէն ինչ զոհեր էր, նոյնիսկ հարազատ եղբայրները եւ առանց վայրկեան մը տատանելու կը շարունակէր պայքարիլ բոլոր դժուարութիւններուն դէմ, իր գաղափարի յաղթանակին համար։

Այս հոգեկան տրամադրութիւնով է որ Սաթենիկ սպասեր էր Ստեփանին ժամանումին։ Իրիկուն մը ուշ ատեն, մթնշաղին, երբ այլեւս ի զուր օրերէ ի վեր սպասելէ յուսաբեկ, ընկերները զբաղած էին իրենց սովորական գործերուն, իրիկուն մը երբ նոյնիսկ Սոնիան կը բացակայէր տունէն եւ Սաթենիկ տախտին վրայ ընկողմանած կը մտածէր տարտամ բաներու, ծուլանալով ելլել լոյսը վառելու, դրանը կիսաստուերին մէջ մարդկային սիլուէթ մը երեւցաւ. անիկա անխնամ մազերով եւ մօրուքով, փոշոտ եւ ճմռթկած հոգուստներով, արեւէն այրած դէմքով մարդ մըն էր. Սաթենիկ ոտքի ելաւ եւ ընդառաջ գնաց. անծանօթին խոշոր աչքերը կանգ առին իր վրայ, ակնյայտնի դժգոհութեամբ մը հարցուց.

Սոնիան տանը չէ՞։

Ո՛չ, պատասխանեց Սաթենիկ վարանելով, բայց հեռու չէ. կարելի է իրեն կանչել…

Փոյթ չէ, պատասխանեց անծանօթը, կը սպասեմ նրան, երեւի չ’ուշանար. եւ մտաւ սենեակ։

Երբ տախտին վրայ նստեցան, Սաթենիկ երեւոյթէն գուշակեց թէ այդ մարդը ֆիզիքապէս չափազանց յոգնած ըլլալու էր. անիկա հանեց մուշտակէ գդակը եւ դրաւ կողքին, յետոյ ներողութիւն խնդրելով հանեց եւ մոյկերը։

Սաթենիկ այդ միջոցին շուարած կեցուածք մը տալու համար ինքզինքին, նստեցաւ սեղանին առաջք եւ սկսաւ թղթատել գիրք մը։

Ձեզ խանգարեցի, մրմնջեց օտարականը, կարդում էիք։

Սաթենիկ հրապուրուած այդ մարդու ջերմ ձայնէն, իր աչքերը բարձրացուց դէպի ան եւ պահ մը մնաց դղրդուած անսովոր հետաքրքրութիւնով։

Ոչինչ, պատասխանեց, չէի կարդում. յետոյ լոյսը վառեց։

Օտարականը իր շարժումներուն կը հետեւէր ակներեւ հաճոյքով. յամրօրէն ու տաժանելիօրէն ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ անոր խոժոռ եւ խիստ դէմքին վրայ։

Անիկա ոչ միայն վախ չէր ազդեր երիտասարդ կնոջ, այլ զարմանալի ու անբացատրելի վստահութիւն. կարծես վաղուց զիրար կը ճանչնային։

–Յոգնած էք, ըսաւ Սաթենիկ լռութիւնը խզելու համար, սամավարը շուտով պատրաստ կը լինի։

Չեմ մերժիր, յոգնութիւնը ոչինչ, բայց շտապ գործեր կան կարգադրելիք, Սոնիան երեւի չի ուշանայ։

Քառորդ մը յետոյ սեղանը ծածկուած էր կապոյտ ծածկոցով ու պղնձեայ փայլուն սամավարը կ’երգէր ու կը նշուլէր իր կորութիւններու բոլոր ցայտուն կէտերէն. սեղանին առաջք նստած Սաթենիկ եւ անծանօթը թէյ կը խմէին եւ գիրքը կը թղթատէին։ Միւսէի բանաստեղծութեանց հատոր մըն էր եւ Սաթենիկ կը ջանար թարգմանել այն տողերը, որոնց իմաստի երանգը կը խուսափէր իր անծանօթ հիւրէն, ֆրանսերէն լեզուի մէջ ունեցած անբաւականութեան հետեւանքով։

Այսուամենայնիւ անիկա մտազբաղ կ’երեւէր եւ այդ բոլորը կ’ընէր կարծես Սաթենիկին հաճոյք պատճառելու համար. անիկա իր վարմունքին մէջ կը դնէր տեսակ մը քնքուշ բարեացակամութիւն ինչպէս մէկը, որ, ծանօթ տան մէջ, երեխայի հետ խօսելու ստիպուէր։ Սաթենիկ զգալով այդ, չէր վիրաւորուեր, այլ տեսակ մը երկչոտ ակնածանքով կը համակուէր, իր նայուածքը գաղտագողի կը զննէր անծանօթը երբ անիկա կը լռէր, կարծես խորասուզուած տաժանելի մտածումներու մէջ։ Այդ կնճռոտ ճակատը, այդ տխուր աչքերը, այդ անխնամ դրսերեւոյթը, եւ այդ բոլորը պարուրուած էին կարծես անիմանալի լոյսով մը.

Այդպիսի րոպէի մըն էր որ Սոնիա մտաւ սենեակ. անիկա անմիջապէս որ անծանօթը տեսաւ ճիչ մը արձակեց եւ բազուկները բացաւ գոչելով.

Ստեփա՛ն, Ստեփան ջան…

Յետոյ համբուրուեցան ընկերաբար։

Սաթենիկ մնաց ապշած. ուրեմն Ստեփանն էր եւ հակառակ որ առաջին րոպէին համարեց որ անիկա համապատասխան չէր այդ պատկերին, որ մտքին մէջ կազմած էր, այսուամենայնիւ հետզհետէ ոչ միայն զգաց որ անծանօթ չէր անիկա իր ներքին էութեան, այլ թէ Ստեփանը ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ։

Սոնիա ուզեց զինքը անմիջապէս ներկայացնել.

Քեզ ներկայացնեմ, Ստեփա՛ն, Սաթիկը, մեր Արտաշէսի երիտասարդ քոյրը, բայց դուք արդէն ծանօթացեր էք, այդ լաւ է։ Ստեփան դե՜հ նստիր. թէյ լցրու, Սաթենի՛կ, հիմա պէտք է ընկերներին կանչել. ա՜յ, Ստեփան, ինչ օրեր, ինչ դժուարութիւն, ինչ հոգս… է՜հ, փառք Աստուծոյ, ողջ ու ապահով հասար, այժմ այլեւս հեշտ է կարգաւորել մնացածը։

Սաթենիկ ուզեց հեռանալ սենեակէն, բայց երկուքը միաբերան պնդեցին որ մնայ։

Արտաշէսի քոյրը կարող է մտնել ամէն տեղ, աւելցուց Ստեփան։

Արտակարգ ոգեւորութիւն մը հրեղէն բոցի մը պէս անցաւ Սաթենիկի երակներէն. անիկա մինչեւ ականջները կարմրեցաւ, յետոյ ինքնիրեն երդում ըրաւ ամէն բանով արժանի ըլլալ այդ վստահութեան. այդ պահուն զինքը կարող էին ղրկել հուրի եւ սուրի մէջ առանց տատամսելու։

Քիչ յետոյ ընկերները եկան եւ Ստեփան շատ կարճ բայց ամփոփ կերպով պատմեց պատահածը. սահմանագլխէն անցեր էին յաջողութեամբ եւ առաջին ընդհարում մը ունեցեր էին Քիւրտերու հետ. յետոյ ամբողջ ողբերգութիւնը անհաւասար կռիւին. զէնքերը հասեր էին տեղ, բայց վեց հոգի զոհ տուեր էին. այնքան եւ թերեւս աւելի այն խումբը, որ ընդ առաջ եկեր էր զէնքերը առնելու. պատմեց եւ իրենց վերադարձը, սիրելի ընկերներու դիակները անթաղ լքուած թշնամի հողի վրայ… Սահմանը անցնելու դժուարութիւնները եւ ռուսական իշխանութեանց հալածանքը։ Ոչ ոք չէր ձերբակալուեր, բայց շատեր ապաստաներ էին մերձաւոր հայ գիւղերու մէջ. ինքը եկեր էր Թիֆլիս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որովհետեւ նոր արշաւախումբի մը կազմութիւնը անհրաժեշտ էր երկրի ընկերներուն թելադրութեան համաձայն։

Ընկերները յայտնեցին որ Թիֆլիսի մէջ արդէն մի քանի տուներ խուզարկուած էին, որովհետեւ կը կարծէին թէ Ստեփան արդէն հասած է. այսուամենայնիւ գտեր էին ապահով թաքստոց. միայն հարց մը կար.

Ինչպէ՞ս երթալ մինչեւ այնտեղ, առանձին անհնարին էր. իսկ իրենք կասկածելի մարդիկ էին։

Լաւագոյնը այն է որ մի կին ընկերանայ իրեն. կնոջ ընկերացող մի մարդ ոստիկանութեան ուշադրութիւն չի գրաւի. ես քեզ հետ կու գամ Ստեփան։

Ընկերները, ընդունելով հանդերձ Սոնիայի դիտողութիւնը, անյարմար գտան իր ընկերանալը. երկու անգամ բանտարկուած կին էր անիկա եւ կարող էր պատահիլ որ իրեն ծանօթ գաղտնի ոստիկանի հանդիպի։

Ես կ’ընկերանամ, ըսաւ Սաթենիկ։

Բոլոր աչքերը դէպի իրեն դարձան. ինքն իսկ զարմացաւ իր համարձակութենէն եւ յանդգնութենէն. այդ հերոսական օրերուն վտանգի ենթարկուիլը անձնուիրութիւն չէր, այլ փառասիրութիւն մը, որուն պէտք էր արժանի դառնալ։

Սաթենիկ պատրաստ էր լալու, կարծելով նշմարել հոգեկան ակնարկ իր վրայ սեւեռած աչքերուն մէջ, բայց երբ Ստեփան դէպի իրեն դարձաւ, անոր նայուածքը լի էր բարութեամբ եւ խանդաղատանքով. յետոյ դառնալով իր ընկերներուն, ըսաւ.

Լաւ ուրեմն ես կը գնամ Արտաշէսի քրոջ հետ։

Միասին դուրս եկան. Սոնիա խոզանակեր էր Ստեփանի հագուստները. անիկա սանտրուեր ու մաքրուեր էր մեկնելէ առաջ, ուշադրութիւն չհրաւիրելու համար իր վրայ։ Շտապով անցան լայն եւ լուսաշող փողոցներէն, անցան Վարանցովի կամուրջէն գրեթէ առանց խօսելու եւ երբ մտան այլեւս մութ եւ ամայի փողոցներ, Ստեփան կանգ առաւ։

Սաթի՛կ, ըսաւ մտերմական շեշտով, դու փափկակազմ կին ես, պիտի յոգնես, ստիպուած ենք քալել, անխոհեմութիւն է կառք վերցնել։

Յոգնած չեմ բոլորովին եւ ինձ վրայ ուշադրութիւն մի դարձրէք։

Օգնելու համար երիտասարդ կնոջ, Ստեփան թեւը մտաւ ու գնացին այդպէս վաղեմի մտերիմներու նման. քիչ անգամ խօսք մը կ’արտասանէին, բայց Սաթենիկ կը զգար որոշապէս որ տարօրինակ համակրանք կար Ստեփանի արտասանած նոյնիսկ սովորական բառերուն մէջ։

Ուշ ատեն հասան հեռաւոր թաղի մը մէջ մեկուսացած տուն մը, ուր եղբայրական ընդունելութիւն գտան. ժամանակը յառաջացած ըլլալով թոյլ չտուին որ Սաթենիկ մեկնի եւ տնեցիներէն երիտասարդ մը գնաց իմացնելու ընկերներուն իրենց ապահով հասնիլը։

Մինչեւ կէս գիշերը անց մնացին այդ պարզ ընտանիքին մէջ, ուր կիները եւ երեխաներն իսկ կարծես տոգորուած էին իրենց կատարած դերին լրջութիւնով։ Թեթեւ ընթրիք մը ըրին կէս գիշերին ու Սաթենիկ գնաց հանգստանալու տան օրիորդներուն սենեակը։

Այդ օրէն սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր Ստեփանին հետ։ Անիկա իրեն հիացում կ’ազդէր, ակնածանք եւ եղբայրական գորովանք։ Կարող էր անոր համար ամենամեծ զոհողութիւններ ընել եւ փոխարէն սպասել իրմէ այն բոլորը, որ հարազատէ մը կը սպասուի։ Ստեփան իր հետ վարուած էր միշտ պարզութեամբ եւ անսահման բարեկամութեամբ, բայց երբեմն այդ բարեկամութիւնը դարձեր էր յուզումնալի. խռովքի խուսափուկ վայրկեաններ, որոնք մնացեր էին առկախ եւ առանց յաջորդութեան. բայց այդ զսպուած յուզմունքը, տեսակ մը անբացատրելի անհանգստութիւնը մանաւանդ Գարեգինի վերաբերմամբ, աննշմարելի չէին մնացած Սաթենիկէն, բայց նաեւ հաղորդական չէին եղած։ Սաթենիկ ամէն անգամուն ջանացած էր մարել այդ խռովքը եւ տարօրինակ զգուշութիւնով մը նոյնիսկ իր միտքը կանգ չէր առած այս տպաւորութեան վրայ. ինքը շատ լաւ գիտէր որ Ստեփանի մէջ ուրուագծուող զգացումին պոռթկումը կրնար խզում յառաջ բերել իրենց մէջ եւ խանգարել ներդաշնակութիւնը իրենց գեղեցիկ բարեկամութեան. միեւնոյն ատեն ինքզինքը հեռու եւ անհաղորդ կը զգար այդ բնոյթէ զգացումի մը Ստեփանի նկատմամբ եւ հանդարտութեամբ կը դիմաւորէր այդ խռովքը, ամէն անգամ երբ անոր խոժոռ եւ խիստ դէմքը կը լուսաւորէր անհանգիստ յուզումով եւ նայուածքը կը ծանրանար դառն տխրութիւնով։ Մնաց որ այդ րոպէները այնքան խուսափուկ էին որ Սաթենիկ թոյլ չէր տար ինքզինքին որոշ եզրակացութեան մը յանգիլ եւ երջանիկ էր երբ իր զուարթութեան, շնորհին եւ սրամտութեան փոխարէն դժուարին ժպիտը կը ծաղկէր այդ կեանքի բեռին տակ ճնշուած եւ հազար ազնուական հոգերով տանջուած մարդու կնճռոտ դէմքին վրայ։

Այլ սակայն Ստեփան կը սիրէր զինքը այն խորունկ, անյաղթելի զգացումով, որով այդ կարգի խստամբեր մարդոց հոգին կը փոթորկուի երբեմն։ Այդ սէրը բուռն հրայրք մը չէր, այլ հետզհետէ ընդլայնող գորովանք մը, թափանցող բուրումի մը պէս անիկա սպրդեր էր իր փակ այլամերժ հոգիին մէջ եւ խնկաւէտ դարձուցեր էր զայն. ինքն ալ չէր գիտեր թէ որ րոպէին սկսեր էր այդ զգացումը, այլ իրեն կը թուէր որ անիկա կար ու քնած էր իր էութեան մէջ ու Սաթենիկի շունչը բաւական էր եղեր արթնցնելու իր խռովայոյզ զգացումները։ Անսահման գորովանք եւ գթութիւն ունեցեր էր Ստեփան սկիզբները ի տես այդ փափկակազմ երիտասարդ կնոջ, որուն բոլոր հարազատները կորսուեր էին հայկական հալածանքներու փոթորիկին մէջ եւ որ իր դիւրաբեկ եւ դիւրաթեք մարմնոյն մէջ կը կրէր արի հոգի մը նման շողշողուն լոյսի. կը սիրէր անոր փափուկ շնորհը եւ աչքերուն զմայլելի հուրքը. կը սիրէր ձայնը եւ խօսելու մասնայատուկ եղանակը լիքը սրտմտութիւնով եւ իմացականութեամբ. կը սիրէր նաեւ անոր լուսահեղ զուարթութիւնը եւ կեանքի պայմաններու մասին անփութութիւնը. ինչ որ սակայն մասնաւոր հրապոյր մը կու տար Սաթենիկին այն էր որ անիկա տարբեր տեսակի կին էր եւ ոչ մէկ բանով նման այն ընկերուհիներուն, որոնց հետ ապրելու եւ գործելու վարժ էին։ Անիկա ժպիտ, զուարթութիւն եւ լոյս կը շնորհէր դաժան, խստամբեր եւ ահարկու վտանգներով լի կեանքին. կարծես իրենց անգիտակցութեան մէջ ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցող ցանկութեան մը եթե ոչ իրականացումն գոնէ խոստումն էր, որոշ կարգէ զգացումներու հայրենաբաղձութեան ամոքումն էր. ամէնքն ալ այդ նուիրուածներուն, պատանեկան հասակէ նետուեր էին պայքարի, անհաւասար մարտնչումներու, զրկանքներու կեանքի մը մէջ եւ իրենց հոգիին մէջ եղած բանաստեղծականութեան բոլոր սերմերը ոտնակոխ ըրեր էին կամովին. անոնք ժամանակ չէին ունեցած սիրելու եւ դեգերելու երիտասարդական զգացումներու ծաղկեալ պարտէզին մէջ. անոնք նոյնիսկ շատ կանուխէն սովոր էին մերժելու իրենց մօրը գորովանքը եւ սոսկալի վարժութիւնը ստացեր էին մայրական արցունքներու առաջ իսկ անյողդողդ մնալու։ Այն բոլոր երիտասարդ կիները, որոնց հանդիպեր էին իրենց կեանքի մէջ կամ հակառակորդ բանակէ էին եւ կամ պարտականութեան նոյն շղթայով կապուած, ապա իգացած ընկերուհիներ. Սաթենիկ այդ մռայլ կեանքի մէջ արեւի ճառագայթ մըն էր, իր երեւոյթը վարձատրութիւն մըն էր, հոգիի եւ աչքի հանգիստ կեանքի րոպէ մը, ապրելու երջանկութենէ կամովին զրկուած այդ արի, հուժկու եւ հրայրքի մշտնջենական գերագրգռութեան մէջ ապրող մարդոց համար։ Ստեփան առանց վերլուծելու իր զգացումին հիմքը, կը զգար այս բոլորը տարտամօրէն եւ յաճախ երբ իր դաժան մտահոգութիւնները պահ մը կը ցրուէին եւ իր խիստ դէմքը կը պարզուէր վարանող ժպիտով Սաթենիկի ներկայութեան, իր հոգին պարուրող զգացումը նման էր այնքան այն զգայնութեան, որ օր մը ունեցեր էր Սեւ ծովի վրայ երեք օրուան ահեղ փոթորիկէ մը յետոյ։ Ամէնքն ալ կամրջակին վրայ գրեթէ զգայազիրկ վիճակի մէջ ինկեր էին ասդին-անդին. կորսնցուցեր էին այլեւս ժամանակի զգացումը եւ իրենց տանջանքներուն վերջաւորութեան յոյսը՝ երբ յանկարծ Ստեփան լսեր էր եկեղեցւոյ զանգակի ղօղանջիւն. մշուշին մէջ, շոգենաւը անզգալաբար մօտեցեր էր ցամաքին ու այդ հեռաւոր գանգիւնը կեանքն էր ու ցամաքը, հայրենի գիւղի վերյիշումը, մանկութիւնը, արեւը լուսաշող եւ մայրական ժպիտը, ու նաեւ այդ օրեր տեւող փոթորիկէն, ջուրերու անվերջ շաչիւնէն, մահուան մշտնջենական արհաւիրքէն յետոյ, սիրալիր ու ընտանի հրաւէրն էր, բարեկամական եւ ընտանի վանկը, որ ցամաք կը ղրկէր իր վտարանդի որդիներուն։

Վանկ մը, ժպիտ մը, բուրում մը… այդ բոլորն էր Սաթենիկ եւ ուրիշ ոչինչ. յաճախ ընկերուհիներ խիստ կերպով կը քննադատէին իր մտքին ցոյց տուած անընդունակութիւնը զիրենք ոգեւորող խնդիրներու նկատմամբ. Սաթենիկ գերազանցապէս կին էր եւ իր դերը կը կատարէր. անիկա ոչ թէ գործովը կը հետաքրքրուէր, այլ անձերով։ Սերտ բարեկամութեամբ կապուած էր ընկերներու, մանաւա՛նդ Սոնիային եւ Ստեփանին եւ այդ երկուքը զինքը կարող էին քաշքշել ամէն ուղղութեամբ. անոնց հրաւէրով եւ անոնց համար մահուան ընդառաջ կ’երթար ժպիտը շրթունքին եւ արիութեամբ, ի՜նչ փոյթ թէ ինչ նպատակի համար. եթէ անոնք իրենց դրօշակի գոյնը փոխէին, ինքը պիտի չնշմարէր իսկ այդ բանը. Սաթենիկ կարօտ ունէր խանդաղատանքի եւ բարեկամութեան եւ այդ երկուքը լիառատ կ’ընծայէին իրեն. իր անհանգիստ հոգին կարօտ էր հիացումի եւ անիկա կը հիանար Սոնիայի եւ Ստեփանի վրայ եւ երախտապարտ էր անոնց հերոսական աւիւնին, անոնց անբասիր կեանքին եւ իրենց անձնուիրութեան կատարելութեան, որովհետեւ այդ բոլորը կը սնուցանէին իր հիացումի անսպառ ընդունակութիւնը։

Երկար ատեն Սաթենիկի ներշնչած զգացումը Ստեփանի մէջ մնացեր էր տարտամ եւ ցրուած յուզմունք մը, որուն իսկութեան չէր անդրադարձեր. անիկա հոգեկան վիճակ մըն էր որուն մէջ կ’ապաստանէր նոյնիսկ անփոյթ հաճոյքով հանգստանալու համար իր ծանրաբեռն պարտաւորութիւններէն։ Յաճախ Սաթենիկի բացակայութեան կը խօսէին Սոնիային հետ ինչպէս սիրելի երեխայի մը վրայ։ Կը մտահոգուէին իր ապագայով եւ կը վիճէին նոյնիսկ անոր մասին ծրագիրներ կազմելով։

Է՜հ, կ’ըսէր Սոնիա նեղացած, պէտք է մարդու տալ, ի հարկէ, բայց այնպիսի մարդու որ յեղափոխական չլինի, որ ամէն օր ժողովով զբաղած չլինի, որ դէպի սահմանը չվազի եւ կինը ու երեխայքը չպահի մշտնջենական հոգսի եւ սարսափի մէջ։

Ներկայ ժամանակներում, կը պատասխանէր Ստեփան, այդպիսի մարդ մարդ չէ։

Է՜հ, բան ասացի՜ր… կ’երկարէր Սոնիա. միթէ չէ՞ կարելի յուսալ մեր Սաթենիկի համար կարգին ընտանիքէ ինդէլիկենտ երիտասարդ. այնքան շնորհ ունի շան աղջիկը, այնքան գրաւիչ է։

Այո, գրաւիչ է եւ այդ վտանգ է իրան համար։

Մէկ քան անգամ վտանգի զգացումը տարօրինակ եւ անսպասելի անհանգստութիւն պատճառեր էր Ստեփանին. բայց մէկ անգամ մանաւանդ, այդ անհանգստութիւնը այնպիսի ցաւագին եւ սուր զգացողութիւն մը ներշնչեր էր իրեն որ ստիպուեր էր ինքզինքը զսպել եւ վերջ ի վերջոյ մեկնիլ Թիֆլիսէն։

Արտասահմանէն նոր վերադարձեր էր Սոնիայի քեռորդին Ներսէս Յարութիւնեան բժշկական վկայականով. հրապուրիչ, կրթուած երիտասարդ էր եւ Սոնիա անմիջապէս մտածեր էր հաւանական ամուսնութեան Սաթենիկին հետ. իր դիտաւորութիւնը յայտնի էր Ստեփանին, բայց վիրաւորուած անոր ցուրտ ընդունելութենէն այդպիսի ծրագրի մը մասին, մտադրեր էր կատարուած իրողութեան առաջ դնել զայն։

Սաթենիկ եւ Ներսէս ծանօթացեր էին իրարու եւ անմիջապէս բարեկամացեր. իրիկուն մը պտոյտէ վերադարձին գտան Ստեփանը Սոնիայի մօտ։

Բաց օդը եւ երկար պտոյտը վարդագուներ էին Սաթենիկի սովորաբար տժգոյն դէմքը. իր կապոյտ լայն բիբերը լիքն էին լոյսով եւ ուրախութեամբ. ի տես այդ կենսուրախ զոյգին Ստեփան մռայլեցաւ եւ խոժոռ ու կնճռոտ դէմքը անհնարին եղաւ պարզել, բայց իր այդ արտայայտութիւնը այնքան սովորական էր որ ոչ ոք ուշադրութիւն դարձուց։ Սաթենիկ պահ մը մօտեցաւ իրեն եւ երես առած երեխայի համարձակութեամբ ձեռքը բռնած տարաշխարհիկ ծաղիկի ճիւղ մը մօտեցնելով Ստեփանին, ըսաւ զուարթութեամբ.

Տե՛ս, Ստեփան, ի՜նչ քաղցր բուրում ունի։

Ստեփան յանկարծակի բուռն շարժումով մը ետ մղեց Սաթենիկի բազուկը։ Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ այդ անակնկալ զայրոյթէն բոլոր հոգւովը դղրդուած պահ մը մնաց մտախոհ եւ տխուր։ Անօրինակ սարսուռ մը անցեր էր իր ամբողջ էութենէն, խուսափուկ բայց բուռն եւ հեշտալի տանջանք մը պատճառելով։ Այդ զգացումին ազդեցութեան տակ կարծես կախարդական ուժով մը իր նոր բարեկամին Ներսէս Յարութիւնեանի յատկութիւնները, իր ուրախութիւնը, անոր հետ անցուցած հաճելի ժամերուն յիշողութիւնը գունաթափ եղեր եւ իրենց արժէքը կորսնցուցեր էին։ Գոհ էր եւ դժգոհ միանգամայն նման մէկու մը, որ սարսափելի խորհուրդի մը հաղորդակից կ’ըլլայ։

Երկու օր ետքը Ստեփան մեկնելով Թիֆլիսէն, Սաթենիկ ակնյայտի դժկամութիւն ցոյց տուեր էր Ներսէսին եւ Սոնիա առիթ գտեր էր իր անվերջանալի գանգատները ընելու։

Դէհ, դուք այդպէս էք, փոփոխամիտ, անկարող խոր զգացումի. ափսոս չէ՞ Ներսէսը, կարգին երիտասարդ է, ես չգիտեմ ի՞նչ ես երեւակայում, ինչի՞ ես ձգտում։

Սաթենիկ այդ բոլորին կը պատասխանէր չարաճճի հեգնութեամբ, բայց հոգիին խորքէն տխուր էր մտածելով իր ընկերական անհաստատ վիճակին եւ մանաւանդ անդրադառնալով այն անկայուն հոգեկան վիճակին, որ զինքը, անկարող կը դարձնէր կանգ առնել որոշումի մը վրայ։

Հոգին լիքն էր աննպատակ յուզումով եւ գերագրգռութիւնով. իր ամբողջ էութեամբ կը ձգտէր դէպի անծանօթ նպատակ մը. ինչո՞ւ նման չէր այնքան երիտասարդ աղջիկներու, որոնք հաստատ եւ անվրէպ քայլերով կը դիմեն դէպի իրենց բնական ճակատագիրը. ուրկէ՞ այդ մշտնջենական խռովքը եւ պարապին մէջ յուզմունքը. կը սպասէր ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ. ամէն ինչ եւ ամէն մարդ կարծես կը սնուցանէին եւ կ’արծարծէին այդ յուզումը առանց զայն ամոքելու. ոչ ոք տակաւին տէր դարձեր էր իր սրտին, այլ սակայն ինք այն կիներէն էր որոնք պատրաստ են ամբողջովին նուիրուելու տիրական զգացումի մը։ Անիկա աճապարանք չունէր, բայց տանջալի խռովք մը իր սեփական ճակատագրին անծանօթ խորհուրդին առաջ. անիկա կ’ուզէր որ իր ապագան քօղազերծուի եւ միանգամայն կ’երկնչէր այդ յայտնութենէն. իր զուարթութիւնը եւ անփոյթ շնորհը յաճախ արուեստական էին եւ յաճախ իր հոգեկան անհանգստութիւնը կ’օրօրէին…։ Անիկա շնորհիւ այդ հոգեկան անհանդարտութեան անընդունակ դարձեր էր ոեւէ աշխատանքի։ Բնականէն օժտված զանազան տաղանդներով՝ ոչ մէկը իր լրումին հասցուցեր էր եւ այդ բոլորը հազիւ ուրուագծուած կը թափառէին իր մտքին հորիզոնին վրայ։

Իր կեանքը ամենէն մատղաշ տարիքէն զարհուրելի դէպքերու օղակաւորում մը եղած էր։ Բնիկ Տրապիզոնցի հայրը եւ մայրը սպաննուեր էին 95ի դէպքերուն։ Եղբայրը Արտաշէս այն ատեն հազիւ 15 տարեկան յաջողեր էր զինքը փրկելու եւ իր հնգամեայ քրոջը հետ ապաստանիլ Յոյնի մը տունը. յետոյ մեծ փոթորիկի հանդարտութենէն օգտուելով եւ շնորհիւ բարեկամներու աջակցութեան եկեր էին Պաթում իրենց մօրեղբօր մօտ, որ երկար տարիներէ ի վեր գաղթեր եւ հաստատուեր էր Կովկաս. քեռկինը Թիֆլիսցի էր եւ մօրեղբօր մահէն յետոյ տեղափոխուեր էին Անդրկովկասի գեղեցիկ եւ կենսուրախ մայրաքաղաքը, ուր շնորհիւ իրենց ազգականներուն բարեկեցիկ վիճակին, ստացեր էին խնամուած կրթութիւն։ Քեռկինը նախկին ուսուցչուհի՝ կապեր ունեցեր էր ժամանակին մտաւորական յայտնի դէմքերու հետ եւ շնորհիւ այդ հանգամանքին՝ քոյր, եղբայր փոքր հասակէն շփման մէջ էին ազգային մեծ եւ դժբախտ դատին նուիրուած երիտասարդութեան հետ։ Սաթենիկ Սոնիայի ծանօթացեր էր եղբօրը միջոցաւ, որ քեռիին մահէն անմիջապէս յետոյ դպրոցը թողելով կիսաւարտ, նետուեր էր յեղափոխական կեանքի յորձանքին մէջ։ Անիկա փոքր հասակէն վառուած վրէժխնդրութեան զգացումով եւ հոգեպէս հիւանդ այն բոլոր քստմնելի յիշողութիւններով, որ կը տանջէին իր մատաղ էութիւնը, անցեր էր սահմանը եւ կարծես մասնաւոր մոլեռանդութիւնով մը վազեր էր մահուան առաջ։ Անիկա մեռեր էր հերոսաբար սահմանէն անդին Սասունի կողերուն վրայ։ Հայրենիքի համար զոհուած հերոսներու փաղանգին մէջ Արտաշէսի անունը ամենէն սիրուած ու յարգուած անուններէն մէկն էր. այդ բոլոր նորօրինակ նահատակները կրօնք մը ստեղծած եւ ազնուականութիւն մը կազմած էին եւ իրենց լուսապսակին ցոլքը կը զարդարէր իրենց հարազատներն ու սերունդը։ Սաթենիկ գեղեցիկ ու դողդոջուն ծաղիկ մըն էր այդ կրօնքի լոյսին մէջ ծաղկած եւ կարծես անկարող էր եղբօրը ճամբէն քալելու, ժառանգեր էր այսուամենայնիւ այն բոլոր հոգեկան խռովքը, ջերմեռանդութիւնը եւ վերացական զգացումներով ոգեւորուելու ընդունակութիւնը, առանց որոշապէս գիտնալու թէ դէպի ո՞ւր եւ ի սպաս ի՞նչ բանի պիտի ուղղէր այդ կուտակուած յուզումնականութիւնը։ Անիկա միանգամայն ընտանի եւ մերձաւոր էր իր եղբօրը վաղեմի ընկերներուն եւ հեռու անոնցմէ իր մտքի անորոշ տրամադրութիւններով։ Երբեք Սոնիա մը չէր կարող դուրս գալ այդ անկայուն երանգներով խմորուած էութենէն. անիկա կարծես ծնած էր տարբեր ճակատագրի համար։ Իր բարեհամբոյր եւ քաղցր բնութիւնը, իր գորովանքի կարօտ հոգին, իր գեղարուեստական նուրբ ճաշակը անընտել պիտի մնային միշտ այն յստակ, խիստ ու դաժան պարտաւորութիւններէն, որոնց պարտադրութիւնը իրենց վրայ դրեր էին արդէն քանի մը սերունդներ։ Ինչ որ այդ ընկերութեան մէջ իր հոգիին համապատասխան էր եւ հաճելի՝ այն էր որոնց իտէալի մը համար ունեցած մոլեռանդութիւնը եւ ամբողջովին նուիրուած մարդոց հերոսական գեղեցկութիւնը։ Այդ մարդիկը ու այդ առնական կիները իրեն հիացում եւ վախ կը պատճառէին, բայց ոչ մէկ կերպով զինքը կարող էին իրենց ճամբուն վրայ բերել. ինքը այն կիներէն էր որ տանը սեմին վրայ կը մնան, գիտեն արտասուել ու երգել. իրենց տկարութեան համեստութիւնը ունին եւ նաեւ պչրանքը այդ համեստութեամբ զարդարուելու եւ անիկա շնորհ մը ու փափուկ գեղեցկութիւն մը դարձնելու։

Ստեփան կրեր էր իր կոյս հոգիին բոլոր թափովը Սաթենիկի ներշնչած հրապոյրը, բայց իր փոթորկալի կեանքի մէջ ոչ միայն ժամանակ չէր ունեցեր անդրադառնալու իր զգացումի բնոյթին, այլ նաեւ զգուշացեր էր այդ օտարոտի հրայրքէն, բնազդով վախնալով անոր ոյժէն. իր անձնական զգացումները զսպելու վարժութիւնը նպաստեր էր որ երկար ատեն ինքն իսկ մնայ անգիտակցութեան մէջ, բայց վերջապէս անիկա յայտնուեր էր օր մը իր բոլոր սաստութեամբ, երբ այլեւս տեղաւորուած էր իր էութեան մէջ եւ ոեւէ կերպով անկարելի էր արմատախիլ ընել։

Ճամբորդութենէ մը վերադարձին զարմացումով անդրադարձաւ որ Սաթենիկ չէր երեւար։ Երեք օրեր անցեր էին իր ժամանումէն եւ շարունակական խորհրդակցութիւններ, ժողովներ, որ մինչեւ առաւօտ կը տեւեն, դիմումներ եւ անյետաձգելի գործեր առանց դադարի զբաղած կը պահէին զինքը։ Երրորդ երեկոյին միայն երբ հապճեպով ժողովին կ’երթային Սոնիային հետ, Ստեփան հարցուց.

Ո՞ւր է Սաթենիկը, չի երեւում։

Ա՜հ, ըսաւ Սոնիա բազուկները բարձրացնելով, խեղճ աղջիկը հիւանդ է երկար ժամանակից ի վեր…

Ստեփան զգաց որ քունքերը կը տամկանային պաղ քրտինքով։

Այս քանի օրերը, աւելցուց Սոնիա, չկարողացա զբաղիլ իրմով… խնամքի պէտք ունի, շատ ուշադիր խնամքի…

Ի՞նչ ունի, հարցուց վերջապէս Ստեփան խեղդուկ ձայնով։

Թոքերու բորբոքում ունեցաւ, մսեր էր, եւ այժմ ապաքինումը երկարում է. բժիշկ Տիգրանեանը մտահոգ է իր մասին. պէտք է ձմեռը ղրկել իրան յարմար տեղ։

Ուշ ատեն ժողովէ վերադարձին Ստեփան գնաց այցելութեան. Սաթենիկի քեռկինը զարմացած այդ ուշադրութենէն երկար խօսեցաւ Սաթենիկի առողջութեան մասին. ճիշդ էր, բժիշկը մտահոգ էր, բայց միեւնոյն ատեն կը հաւաստէր թէ որոշ բան մը չկա. աւելի հիւանդագին տրամադրութիւն, անարիւնութիւն եւ կազդուրուելու դանդաղութիւն. յետոյ առաջարկեց Ստեփանին երթալ Սաթենիկի մօտ։

Այս ժամին անհանգիստ պէտք չէ անել նրան։

Չէ, ոչինչ, արթուն է եւ վստահ եղէք որ շատ կ’ուրախանայ ձեզ տեսնելով։

Ստեփան ոտքի ելաւ եւ կանգ առաւ. կարծես կ’ուզէր բան մը ըսել, բայց լռեց եւ հետեւեցաւ տիկնոջը։

Սաթենիկ նստած էր անկողնին մէջ ու կը կարդար. իր տժգոյն եւ նրբացած դէմքը շրջապատուած հոծ մազերով կարծես տոգորուած էր յուսաբեկութիւնով. դրան աղմուկին իր աչքերը բարձրացուց, որոնք աւելի խոշոր կ’երեւային իր վտիտ դէմքին վրայ եւ ի տես Ստեփանին ժպտեցաւ յոգնած ժպիտով։

Հետեւեալ օրը եւ յաջորդ օրերը Ստեփան այցելեց Սաթենիկին. անիկա կու գար անորոշ ժամերու եւ որքան որ իրեն հնարաւոր էր կը մնար երիտասարդ աղջկան քով. չէր խօսեր շատ, բայց իր ուշադիր եւ հոգածու նայուածքը չէր հեռանար Սաթենիկէն։ Աշունը նոր կը մտնային եւ արեւոտ քաղքին գաղջ օդը, որ բաց պատուհանէն իրենց կը բերէր շրջակա պարտեզներու բուրումները, տենդագին մթնոլորտով մը կը շրջապատէր զիրենք. ամէն օր գրեթէ սրտառուչ յուզումով մանուշակի թարմ փունջ մը կը բերէր իր ընկերուհիին եւ Սաթենիկ երկար ժամեր ձեռքին մէջ կը պահէր այդ ընծան մինչեւ որ փունջը քակուէր եւ թուլացած ծաղիկները մէկիկ-մէկիկ իյնային եւ ցանցուէին անկողնին եւ բարձին վրայ. իր նուրբ եւ երկայն մատները տարօրինակ եւ գրեթէ թափանցիկ տժգունութիւն մը ստացեր էին եւ Ստեփան կը նայէր անոնց ջղագրգիռ եւ ճկուն շարժումներուն, հոգին ընդլայնուած կարծես ընդունելու անսահման զգացում մը, որ չէր յայտնուեր եւ պարապ կը թողուր զայն։ Ամէն անգամ երբ կը մեկնէր, կը դանդաղէր հրաժեշտի պահուն եւ երբ Սաթենիկի սեմէն դուրս կու գար, գոհ էր եւ դժգոհ միանգամայն, փոխն ի փոխ անձնատուր հակասական զգացումներու։

Սաթենիկ կ’ընդունէր Ստեփանի յուզուած բարեկամութիւնը երախտագիտութեամբ, բայց նաեւ պարզութեամբ եւ առանց մտահոգութեան. հետզհետէ առողջութիւնը կը վերադառնար եւ իր այտերը կը լեցուէին ու կը վարդագունէին. քեռկինը գրեթե երբեք չէր խանգարեր իրենց առանձնութիւնը ու այդ մտերմութեան լռին ժամերը քաղցր էին երկուքին համար. ոչինչ պիտի խանգարէր իրենց հոգեկան ներդաշնակութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին աննշմարելի բազմաթիւ բայց դիւրապեկ կապեր ստեղծուէին թերեւս իրենց մէջ. իրենց ակնարկը խօսուն կը դառնար եւ երբեմն նոյնիսկ անհանգիստ այդ խռովեալ լռութենէն, կը խզէին զայն, անտարբեր եւ հեռաւոր նիւթերու մասին խօսելով. կարծես թէ այն թանկագին հանդիպման րոպէն, որ երկու հոգիներ սերտ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ, հազար անգամ կը ներկայանար եւ կը խուսափէր. կարծես թէ այն կշռոյթը, որ թեւ պիտի տար իրենց զգացումներուն, կը սկսէր ստեղծուիլ եւ կը խզուէր. եթէ Սաթենիկ անգիտակից էր իր գլխուն վերեւ թեւածող հաւանականութեան, Ստեփան կը զգար այդ մշտատեւ եւ արագ մակընթացութեան եւ տեղատուութեան տանջանքը. ինքն ալ որոշապէս չէր գիտեր թէ ի՞նչ բանի կը ձգտի, բայց կը զգար ճակատագրական անհնարութեան մը բոլոր չարչարանքը։

Իրիկուն մը մինչ գաղջ եւ աշնանային փոթորկալի օդ մը կը ծանրանար եւ սեղանին վրայ դրուած շահպրակներու բարկ բուրմունքը կը ծածանէր սենեակին մէջ, մութը սկսաւ իջնալ, ստուերներ երկարեցան անկիւններէն, Սաթենիկ խնդրեց լոյսը չվառել, եւ ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ սկսաւ խօսիլ իր դառն եւ հանդարտ ձայնով անցեալ սրտնեղութեան մը վրայ. յանկարծ ձայնը դողդղաց եւ լռեց. Ստեփան կը պտուտքէր սենեակին մէջ. այդ րոպէին կանգ առաւ անկողնին մօտ. Սաթենիկ գորովանքի կարօտ երեխայի մը նման իր աչքերը դարձուց դէպի ընկերը. արցունքի շիթ մը կը դողդղար թարթիչներուն վրայ, բայց ահա իր գողտր եւ տխուր նայուածքը սեւեռեցաւ. անիկա ապշած կը նայէր Ստեփանի այլափոխուած դէմքին, որ սենեակի կիսաստուերին մէջ անիրական, ուրուականային տպաւորութիւն մը կ’ընէր. անհնարին ցաւի եւ դառնագին գորովանքի արտայայտութիւն մը ունէր անիկա մինչեւ աչքերը կը փայլատակէին անզսպելի հրայրքով. Սաթենիկ իր զարմացումին մէջ դղրդուած ձեռքը երկարեց կարծես աննշմարելի վտանգ մը հեռացնելու համար, բայց Ստեփան առաւ այն նուրբ ու տժգոյն ձեռքը եւ երեսը ծածկած անոր վրայ համբուրեց երկարօրէն եւ տարփանքով։

Ստեփան կ’երթար Թիֆլիսի փողոցներուն մէջ աննպատակ թափառումով. անիկա կը քալէր արագ, կարծես փախելով եւ անձնատուր խելայեղ խղճահարութեան. կը սիրէր Սաթենիկը, բայց եւ կը զգար որոշապէս որ իր բուն զգացումը ոեւէ արձագանգ չէր գտեր երիտասարդ աղջկան սրտին մէջ. անոր հոգին փակ էր իրեն համար եւ իրեն կը թուէր որ այդպէս ալ պիտի ըլլար եւ այդ էր բնական եւ տրամաբանական իրողութիւնը. ինքզինքին դէմ զայրացած էր իր տկարութեան րոպէին պատճառաւ ու յուսաբեկութեան անսահմանելի զգացում մը կ’ընկճէր զինքը իր բոլոր ծանրութեամբ։ Հազար ծրագիր կը խաչաձեւէին իր միտքը, կ’ուզէր անձնատուր ըլլալ յուսահատական եւ ահռելի արարքներու, աշխարհս դղրդել եւ իր գործած աւերումի փլատակներուն տակ թաղուիլ։

Առաւօտեան դէմ միայն, այդ երկարատեւ խռովքէն արբեցած, գրեթէ զգայազիրկ մտաւ ընկերոջ մը տունը եւ դիակի պէս ինկաւ տախտի մը վրայ։ Քանի մը ժամ քնանալէ յետոյ միայն սթափեցաւ եւ յաջողեցաւ պաղարիւնով նայիլ պատահածին վրայ։ Որոշեց խիստ ըլլալ ինքզինքին վերաբերմամբ եւ արմատախիլ ընել իր սրտէն սիրոյ անօգուտ եւ պերճ ծաղիկը։ Ամբողջ օրը խելայեղ թափով մը զբաղեցաւ իր սովորական գործերուն եւ իրիկնամուտին միայն մտածեց թէ Սաթենիկ կրնար յուզուած եւ տկարացած ըլլալ իր յիմարութեան պատճառաւ։ Առաւօտեան որոշեր էր այլեւս չտեսնել զինքը, բայց այդ պահուն անիմաստ համարեց այդ որոշումը. ինչո՞ւ թողուլ խեղճ աղջիկը անօգնական եւ մի՞թէ ան կարող էր իր որոշած ճամբովը երթալու։

Այնուամենայնիւ վճռեց երթալ Սոնիային հետ եւ հակառակ Սոնիայի մերժումին, քանի որ առաւօտեան գացեր տեսեր էր Սաթենիկը, ստիպեց որ իրեն ընկերանայ։

Զարմանալի զուգադիպութիւնով մը այդ իրիկուն Սաթենիկի քեռկինն ալ սենեակն էր եւ սեղանին մօտ տեղաւորուած զբաղած էր ասեղնագործութեամբ։ Վարագոյրները ծածկեր էին եւ լամբերը վառած՝ բայց լայն լուսարգելին պատճառաւ Սաթենիկի անկողնին անկիւնը կիսաստուերի մէջ էր։ Սոնիա մտահոգ Ստեփանի պնդումէն եւ վարժ անոր սակաւախօսութեան, մտածեց թէ նոր բան կար եւ իր մտահոգութիւնը ծածկելու համար սկսաւ խօսիլ եռանդով, ամէն րոպէ ընդհատելով ուրիշներու խօսակցութիւնը եւ վերջ ի վերջոյ եկաւ գլխաւոր հարցին.

Դէհ, այժմ պէտք է որոշել. ձմեռը մօտենում է եւ պէտք է Սաթենիկին ուղարկել Դիլիճան. ես այդ մասին կարգադրութիւններ կ’անեմ, միայն հարց է ո՞վ պիտի ընկերանայ քեզ, Սաթիկ ջան։

Քեռկինը իր ընտանեցան գործերուն պատճառաւ չէր կրնար հեռանալ Թիֆլիսէն. եւ պահ մը խորհրդակցեցան յարմար մէկը փնտռելով։

Սաթենիկ մասնաւորաբար լաւ տրամադրութեան մէջ էր այդ իրիկուն եւ պատրաստ էր խնդալու ամէն րոպէի։ Օրուան մէջ քանի մը ժամ ելեր էր անկողնէն եւ ինքզինքը կը զգար եռանդուն, կենսալիր եւ ուրախ։ Նախորդ երեկոյեան դէպքը զինքը անցողակի կերպով յուզելէ յետոյ կարծես կորսնցուցեր էր իր նշանակութիւնը։ Գրաւիչ եւ սիրուն աղջիկ էր, հազար նման բաներ պատահած էին իրեն. փորձառութեամբ գիտէր որ ամենէն ամուր կարծուած տղամարդիկ անսպասելի եւ զարմանալի տկարութիւններ կ’ունենային. ճիշդ էր որ Ստեփանը իրեն համար սովորական մարդոց կարգէն դուրս էր եւ տարտամօրէն կը զգար որ այս անգամ խնդիրը այլապէս լուրջ է, բայց որովհետեւ իր հոգիին խորքը հանդարտ մնացեր էր, իր մակերեսային յուզմունքն ալ անցեր անհետացեր էր առանց ոեւէ կերպով արձագանգ տալու իրեն յայտնաբերուած զգացումին։ Ինքն ալ չէր գիտեր որ հակառակ իր առերեւոյթ անդորրութեան իր հոգիին խորքին մէջ ստացեր էր զարհուրելի սերմ մը եւ թէ այդ րոպէին յղի էր այն փոթորիկով, որով ամբողջ էութիւնը պիտի դղրդէր սոսկալի եւ յուսահատական ժամերու մէջ։

Ստեփան ա՛լ աւելի խոժոռ էր եւ լուռ. նոյնիսկ սաստելով ու կոպտութեամբ պատասխանեց Սաթենիկի զուարթութեան. կարծես հիւանդագին ախորժակ մը ունէր վիշտ պատճառելու, ոեւէ բանով յուզելու անոր շուարեցուցիչ անտարբերութիւնը. եկեր էր այն վախով՝ որ զինքը պիտի գտնար յուզուած եւ ընկճուած, եկեր էր խղճահարութեամբ մտածելով թէ անոր ֆիզիքական այդ տկար վիճակին մէջ անտեղի վրդովմունք պատճառեր էր. բայց այդ ենթադրեալ յուզմունքը կարծես ծառայեր էր ոգեւորելու երիտասարդ աղջիկը, եւ բնազդմամբ կը զգար որ այդ ոգեւորութիւնը իրեն համար չէր բնաւ եւ անիկա կարծես կը պատասխանէր ուրիշ եւ խորհրդաւոր հրաւէրի մը. կը զգար նոյնպէս որ սրտմտութեան անարժան զգացումը կը թունաւորէր իր սէրը։