Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գնացքը մտաւ Պալաճարիի կայարանը, դանդաղեցաւ եւ կանգ առաւ կառաշարը ցնցելով գիծերուն վրայ։

Քարափին վրայ մարդոց բազմութեան ժխորը սթափեցուց Սոնիան, որ դէպի պատուհանը եկաւ եւ բացաւ։ Արեւը կը ճաճանչէր եւ մերձաւոր նաւթահորերու արտաշնչումը խառնուած բարձրացող փոշիին մտաւ  վակոն էն ներս։

Սաթենիկ երկարած նստարանին վրայ կը ջանար պահպանել իր առ երեւոյթ հանդարտութիւնը։ Յանկարծ կարծես մթնոլորտը տիրապետեց իրեն եւ շառագունեցաւ շփոթ եւ պղտոր յուզումով մը։

Նաւթի այդ հոտը, կայարանի յատուկ այդ ժխորը, արեւի ճերմակ լոյսը, որ սարսռալով կը տարածուէր մինչեւ իրեն, գրեթէ բռնութեամբ վերադարձուցին զինքը անցեալ յիշողութիւններու։

Սոնիա ետեւ դարձաւ եւ հարցուց.

Ուզո՞ւմ ես, Սաթիկ ջան, իջնանք թէյ առնենք։

Սաթենիկ ժխտական շարժում մը ըրաւ։

Կը մնանք այստեղ քսան րոպէ ժամանակ ունենք, պնդեց Սոնիա։

Չէ՛, Սոնիա, դու գնա եթէ ուզում ես։

Սոնիա գլուխը շարժեց դժգոհութեամբ.

Եթէ այսպէս շարունակենք մեր ճամբորդութիւնը, Սաթիկ, դու դեռ սահմանը չհասած կը ստիպուես ընդհատել։

Սաթենիկ ժպտեցաւ տխրութեամբ եւ ահա յանկարծ աւելի ուժգին դուրսի աշխարհը եւ այդ իրեն շատ ընտանի մթնոլորտը խուժեց իր ներքին էութեան մէջ։ Խռովայոյզ հապճեպով մը հակասական զգացումներ գալարեցին հոգին եւ Սոնիա կը պատրաստուէր դուրս գալու, Սաթենիկ մրմնջեց տաժանելիօրէն։

Սոնի՛կ…

Հա՛ ջան.

Փակէ պատուհանը եւ իջեցուր վարագոյրները… խնդրում եմ… լոյսը ինձ խանգարում է…

Սոնիա մեքենաբար կատարեց Սաթենիկի խնդրանքը եւ շտապեց դուրս գալու։

Կէս մութի մէջ, աստիճան մը ամոքուած, Սաթենիկ ուզեց վանել իր հոգիէն յիշողութիւններու խռովիչ պարը։ Աչքերը փակեց եւ ձեռքը տարաւ տենդագին ճակատին։

Դուրսի ժխորը աւելի խուլ կարծես հեռացաւ… հակառակ ուղղութեան եկող կառաշար մը թաւալեցաւ մերձաւոր գիծի մը վրայ եւ աւելի հեռուէն վայրաշարժի մը սուլոցը երկար եւ բեկբեկ խափանեց բոլոր ձայները։ Նման չարաբաստիկ ազդարարութեան մը՝ այդ երկարաձգուող սուլոցը տիրապետեց միջոցին եւ յանկարծ լռեց։

Այն ատեն Սաթենիկ զգաց որ ոյժովը իր տառապանքին եւ զօրութիւնովը իր սիրոյն, գերագոյն սարսուռով մը հաղորդակցութեան կը մտնէր տիեզերական խորհուրդի մը հետ. խաղաղութիւնը համակեց իր հոգին, լռեցնելով իր ներքին էութեան բոլոր ձայները եւ մարելով բոլոր փայլատակող լոյսերը։

Երբ Սոնիա վերադարձաւ կարծեց որ Սաթենիկ կը քնէր։ Զգուշութեամբ նստեցաւ իր անկիւնը եւ աչքերը հոգածութեամբ սեւեռեց անոր տժգոյն դէմքին։ Քանի մը րոպէ ետքը գնացքը ճամբայ ելաւ եւ ի պատասխան Սաթենիկի անորոշ մէկ շարժումին՝ Սոնիա մրմնջեց.

Պիտի չանցնենք Բագուից։

Այլեւս հետզհետէ աւելի արագութեամբ կը հեռանային ընտանի շրջաններէ։ Սաթենիկ ոտքի ելաւ, մօտեցաւ պատուհանին եւ վարագոյրը բարձրացուց։

Տափարակ եւ անապատային դաշտի հեռաւորութեան մէջ, քաղաքի մը անորոշ սիլուէթը կը խուսափէր իր տեսողութենէն։ Հետզհետէ ալ աւելի անորոշ քարակոյտ. եւ այդ խուսափուկ եւ անկայուն գիծերով հազիւ նշմարելի թանձրութիւնը, որ ահա կորսուեցաւ իր տեսողութենէն, լիքը փայլատակող ուրախութիւններով, որոնցմով իր հոգին գալարուեր էր այնքան սոսկալի եւ այնքան գեղեցիկ ժամերու մէջ։

Գնացքը ալ աւելի արագութեամբ կը թաւալէր առանց կանգ առնելու կայարաններու մէջ. մութը կ’իջնար դանդաղութեամբ տափարակ դաշտերու վրայ եւ գիշերը ահա կու գար կարծես ամբողջ աշխարհի մը յետամնաց ճաճանչները մարելու։ Այն ատեն Սաթենիկ հեռացաւ պատուհանէն, կրկին երկնցաւ նստարանին վրայ եւ աչքերը փակելով, յուսահատ անհամբերութեամբ սպասեց Ստեփանի այցելութեան…։