Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

ՈՐԲԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԷՆ


Զարհուրելի՜ անցեալ, մոխիրներուն վրայ ծնաք եւ աւերակներէն քալեցիք.
Երբ սուրէն զարնուած Հայրենքն իր բերանը հասնող իր արիւնին մէջը կը խեղդուէր՝
Բնութեան դժխեմ օրէնքն օր մը զձեզ մարդկութեան ճիրաններուն մէջ դրաւ,
Եւ այսպէս՝ արեւին եւ կեանքին կարմիր լոյսը շփոթեցիք ձերիններուն արիւնին հետ…
Սարսափներուն յառեցաւ ձեր մաքուր հայեացքը, ծաղիկներու եւ ժպիտի փունջերուն տեղ։
Հոգեվարքի ի՜նչ հեծեծանքներ եւ ի՜նչ օգնութիւն պաղատող եղերական ճիչեր,
Ի՜նչ գալարում, ի՜նչ մազերու փետտում, ի՜նչ կոծ եւ ի՜նչ մահաձայն լաց,
Ի՜նչ արցունքներու հոսումներ, ի՜նչ աղերսանք եւ քանի՜—քանի՜ կտրուած գլուխներ
Եկան ձեր մանկական վճիտ աչուըներուն առջեւէն գլորուելու…
Ոսկորներու փշրո՜ւմը լսեցիք ձեր ծնած տանը սեմերուն վրայ,
Գիշերներո՜վ՝ շտապօրէն, կացիններու կայծարձակ հարուածներուն տակ…։
Եւ հովերը դժբախտ քաղաքներէն այրուած մեռելներու մահուան հոտը ձեզ բերին։
Ոչի՛նչ չհասկցաք, բայց ձեր ծնող ուղեղներուն մէջ սարսափը եւ վրէժը իրենց յիշատակները ցանեցին,
Եւ թերեւս ապագայ հերոսութիւններու ահաւորագոյն հունտը իր տեղն ինկաւ…
Գիտեմ որ երբ ձեր խանձարուրներուն մէջէն շարժեցիք ձեր ձեռքերն շուշանափայլ,
Անոնք մահուան վարդերուն պէս կարմրեցան ձեր մայրերուն արիւնէն իսկ,
Եւ համբոյրի, օրօրներու, գգուանքի եւ սիրոյ քաղցրութեանցը տեղ,
Ո՜վ գիտէ, թերեւս կաթիլ մը արիւն էր որ ինկաւ ձեր աչքերուն եւ ձեր բերաններուն մէջ…։
Ա՜հ, սարսափներու ցնորաբեր օրե՛ր, ե՞րբ պիտի մեռնիք յիշատակներուս դուռներուն առջեւ, ե՞րբ…
Դո՛ւք, դժոխքներու պատիժներուն մէջ ծնած անմեղ եւ քաղցրադէմ հրեշտակնե՛ր,
Օրերով լացիք, հեծկլտացիք՝ անծանօթին չարութեանը դէմ անզօ՜ր մերկութիւններ,
Բայց լսող չի կար։ Ձեզ համբուրող բերանը իր համբոյրին մէջ իր ոգեվարած.
Չարակամ եւ անգիտակից բնութիւնը կար միայն, մեղաւոր մարդկութեան անասնութեանը հետ…
Չի՛ հասկցաք թէ ինչո՞ւ ժպիտի տեղ արցունք էր որ ծաղկեցաւ ձեր աչքերուն մէջ,
Ինչո՞ւ ձեր բնածին առհաւութիւնը չճանչցուած սէրերու կրակէ կարօ՜տն ունէր։
Ինչո՞ւ լռեցին թռչուններուն գեղգեղները եւ ինչո՞ւ հեռաւոր ու սեւ ոռնումները սաստկացան…
Ինչո՞ւ առուակներուն ջուրերը լուսաւոր եւ երջանիկ փրփուրներ չունէին…
Ինչո՞ւ ձեզ ստեղծող մարմինները սրածուեցան ձեր օրօրոցներուն առջեւ,
Ինչո՞ւ դրացի գերեզմանոցին մէջ կիսամեռներուն մարմինները պարիսպներու պէս բարձրացան…
Եւ ինչո՞ւ ժրաջան ու բարեկենցաղ գիւղերը իրենց դաշտերուն եւ մանգաղին հետ մոխրացան։
Օրեր անցա՜ն… մահը յոգնեցաւ, եւ արեւմուտքէն կեղծուպատիր ձեռքեր
Ձեզի՛ իրենց անգութ սրբութեան մատեանը բերին, բաժին մը չոր հացի հետ։
Ու խելակորոյս՝ սկսան ձեր մատաղ հոգիներուն մէջ իրենց ստութեան սերմերը ցանել։
Աստուածներու խորհուրդէն եւ անունէն խօսեցան եւ փրկութեան դուռներ ցուցուցին…։
Իբր ողորմութիւն՝ ցնցոտի մը նետեցին ձեր մերկ եւ ազազուն մարմիններուն վրայ,
Ցանցեր հիւսեցին ձեր անբիծ կարապի անմեղութիւնը վանդակելու համար 
Եւ թշնամիին սուրերուն տեղ իրենց շահախնդիր եւ մեղաւոր խաչերը շարժեցին…
Իրենց պիղծ ծոցերը եւ իրենց արծաթը զոհերուն համար միայն բաց էր,
Իրենց բարի ժպիտը կեղծ էր, իրենց խոստումը՝ մահաբոյր եւ նայուածքնին՝ ծածկամիտ,
Իրենց բուրվառին մէջ մեր արիւնն էր որ խունկի փոխան կը ծխար…
Իրենց սկիհը մեր արցունքովը լեցուած էր, եւ այն հացը, զոր ձեր առջեւ նետեցին,
Մեր թշուառութեան եւ մեր տառապանքին վարձատրութեան արժէքն էր անգութ։
Քրիստոսին խօսքը ծամածռեցին ստրկութեան օրէնքներն օրհնաբանելով
Եւ ուզեցին ձեր դողդոջ կեանքերուն վրայ արեւմուտքի սակարաններուն հիմնաքարերը շարել…։
Զարհուրելի՜ անցեալ, երբ մոխիրներուն վրայ ծնաք եւ կարմիրներէ՜ն քալեցիք,
Բայց այսօր գիտէք թէ ինչո՞ւ համար մեր արիւնը ծով առ ծով՝ 
Տարիներով՝ եւ անխնայ եւ ստրկօրէն եւ հերոսաբար ձեր ծնած հողը ողողեց….
Ցեղը ապրի՜լ կ՚ուզէր, իր շղթաները իր ոտքերուն տակ թափե՜լ կ՚ուզէր,
Իր կապանքները փշրե՛լ կ՚ուզէր, իր աչքերը սրբե՜լ, իր ձայնը որոտա՛լ.
Ապրի՜լ կ՚ուզէր, ստեղծել կ՚ուզէր, պայծառօրէն վերածնիլ կ՚ուզէր,
Որովհետեւ ի՛նքն ալ նախահայր էր եւ գեղեցկութեա՛ն եւ զգացումի՛ եւ ազգերո՛ւ,
Որովհետեւ հպարտ էր իր անցեալէ՛ն, իր մտածումէ՛ն, իր ուժէ՛ն եւ իր կարմիր փառքէ՛ն,
Որովհետեւ ի՛նքն ալ իր ոսկի ձայնը ունեցած էր հնօրեայ մարդկութեան մրրիկին մէջ…
Որովհետեւ ի՛նքն ալ երգած էր, ի՛նքն ալ յաղթած, ի՛նքն ալ ճարտարակերտած եւ ոստաններ կառուցած…
Ի՛նքն ալ եղած էր ջահակի՛ր, սերմնացան, գաղափարապա՛շտ, եւ արքա՛յ, եւ դիւցազո՛ւն։
Եւ վերստին ապրի՛լ կ՚ուզէր, գեղեցկանալ եւ իրականանալ կ՚ուզէր, կեանք կ՚ուզէր յափշտակել, կեա՜նք, կեա՜նք…
Ձեր ձեռքերը օտարին հպումէն ետ քաշեցէք, մերինները պատրաստ են եւ զինաբարձ.
Անոնք մեր փլատակներուն վրայ իրենց եսամոլի դաւաճան ու կեղծ քարոզը կ՚ուզեն ցանել։
Այսուհետեւ ձեզի հետ ենք մենք, ո՜վ մահուան արգանդէն կեանքին մէջ ծնանող Որբեր,
Մեր արդար մտածումը ձեր սիրոյն համար ըմբոստ է, եւ մեր սուրը ձեր սիրոյն համար պիտի ապրի՜.
Մեր ճշմարիտ սուրը եւ մեր դրօշը պիտի ապրի՜ն, որովհետեւ կամքերնիս կարմիր է եւ վրէժնիս՝ անպարտելի,
Մեր սուրը պիտի ապրի՜, կեանք ստեղծելու ու գաղափարին գահ մը կառուցանելու համար…
Մեր սուրը պիտի ապրի՜ փրկութեան եւ ազատութեան արեգակներուն ի խնդիր՝
Կեանքի՜ն համար, յոյսի՜ն համար, արգասաբեր հողին եւ մայրական Հայաստանի՛ն համար։