Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ


Եւ արիւնոտ Արարատին կատարներուն ստորոտէն
Անոր ըմբոստացողի մրրկոտ շունչը այսօր նորէն կը հնչէ։
Եւ երէկ, ո՛վ դուն, տառապանքէ ու մաքառումէ ատուածացած սրբազան Ծերունի՛,
Քու հեռաւոր ու անձկալից վեհարանիդ պատշգամներէն,
Բազուկներովդ թշնամիին ոհմակներուն վրայ սարսեցուցած
Քու ընդվզումի բոցավառ, եւ օրհնեալ ջահերէդ՝ այսօր,
Մեր ամէնուն պաշտամունքով եւ անձնուիրութեամբ առլցուած աչքերը
Նորէն քեզի կը դառանան, նորէն քեզի կ՚ուխտաւորուին…
Ոտքի կանգնէ՛, Վեհափա՛ռ, ոտքի կանգնէ՛, ո՜վ քաղցրօրէն Հայրիկ,
Եւ յուսադրէ՛ զմեզ, քու աւետարանական խօսքերուդ զօրութեանը ծարաւը ունինք,
Նորէն զմեզ փոթորկէ՛, նորէն զմեզ գինովցո՛ւր, նորէն զմեզ խրախուսէ՛,
Որովհետեւ այսչա՜փ մաքառումներէ ի վեր, այսչա՜փ արիւններէ ի վեր,
Զաւկըներուդ մտածումը, նայուածքները եւ հոգին
Ըմբոստացումին ուխտուած ճանապարհին քարերուն վրայ
Քու բացակայ քայլերուդ եւ ոսկիէ գաւազանիդ հնչիւնին սպասեցին…
Բայց դուն չեկար, Հայրի՛կ, չծռեցար, չծնրադրեցիր, ինչպէս երբեմն՝
Հայրենիքի անասելի սրածումներուն, քաղաքներու աւերումներուն,
Դաշտերու եւ աւաններու մոխրացումներուն եւ դիակի շեղջակոյտերուն առջեւ,
Չեկա՛ր ու չշարժեցիր քու հարազատ զաւկըներուդ սուրերուն հետ
Քու նախկին եւ օրհնեալ եւ արդար սուրդ Վասպուրականի…
Չքալեցիր անոնց հետ, ի՛նչ հոգ, դէպի պարտութիւն կամ յաղթանակ,
Եւ չկրցար կառուցանել ազատութեան այն ոստաններն անվկանդ,
Որ քու ձեռքովդ միայն կերտուելու էին սահմանուած…
Մինչդեռ այն գաղափարը եւ կրակը, որ զաւկըներուդ արիւնը օր մը հրահրեց,
Քու նայուածքէդ էր բխած եւ քու ազատաշունչ խօսքերէդ արշալոյսուած…
Եւ միայն կոտորումներու եւ քանդումի արհաւրալից օրերուն,
Սգաւոր տաճարիդ խորաններուն առջեւ յաղթուածի մը պէս ծնրադիր,
Քու հպարտ, քու հոյակապ, քու հարուստ, քու հանճարեղ ճակատդ պայծառ,
Անոնց խաչքարերուն դիմաց, ցաւիդ խորութենէն զգայախաբ,
Եւ աստուծոյդ գթութեանը ի խնդիր, աւա՜ղ, ապարդիւնօրէն արիւնեցիր…
Բայց խորանները եւ գմբեթներն իրենց քարէ խաւարը յաւերժացուցին,
Եւ լռութիւնը երկաթեղէն անձրեւի մը նման քու չքնաղ հասակիդ վրայ տեղաց…
Եւ զօրութեան եւ յաղթանակի Աստուածը՝ անշուշտ,
Քու պարտուածի արցունքներուդ վրայ դառնութեամբ մը ժպտեցաւ…
Եւ այսպէս ցեղիդ փրկարար ցաւը փոխանակ զքեզ ընդվզումին մէջ աշտարակելու,
Քեզ աղօթելու, արտասուելու, պաղատելու խոնարհեցուց,
Մինչդեռ արժան էր որ դուրս գայիր կռիւին մէջ ու կռիւին համար,
Քու Լուսաւորչի գաւազանդ ձեռքդ եւ մարգարտեայ հողաթափդ ոտքիդ,
Քու սքեմիդ եւ սաղաւարտիդ ընկճող վեհութեամբն փառաւոր,
Եւ քու խօսքիդ կախարդանքէն, քու ձայնիդ որոտումէն, քու նայուածքիդ փայլակներէն…
Բովանդակ զաւկըներդ, ամբոխ առ ամբոխ եւ խելայեղաբար
Պիտի խուժէին լեռնաւորուիլ քու լուսեղէն ձեռքերուդ եւ պատուանդանիդ տակ,
Եւ քու մէկ պատգամդ, քու օրհնութիւնդ, քու մէկ քայլդ պիտի բաւէր,
Իբրեւ մեր ամէնուն մտածումին վարդապետը եւ մաքառումին վաղնջական ռահվիրան,
Որպէսզի կամքերը սուրերուն հետ վառէին, որպէսզի քայլերը յառաջանային
Որպէսզի թշնամիները զարհուրէին, որպէսզի յաղթանակները մարմարուէին…
Բայց այսօր, բայց այսօր, դեռ ուրիշ անագորոյն թշնամիներ
Եկան քու Ազգիդ աստուածադիր եւ դարաւոր հիմնաքարերը կոտրտելու,
Եւ դուն, օ՜, փառք քեզի, ցեղիդ սիրոյն զոհուելու համար դէպի առաջ խոյանալէն,
Ըմբոստացար եւ ցասումով ու բարկութեամբ անիծեցիր զանոնք
Եւ սրբազան երդումը կարդացիր մինչեւ մահ կամովին եւ խրոխտաբար քալելու…
Դիմադրէ՛, ո՜վ տառապանքի եւ մաքառումի անընկնճելի ապառաժ,
Ահաւասիկ որ տաճարներուդ սրբավեմ գաւիթները թրջուեցան…
Քու դիւցազնական եւ մարտիրոս զաւկըներուդ արիւնովը ոսկեվառ,
Ահաւասիկ որ սրտերն ուխտուեցան, եւ ձեռքերը բարձրացան,
Ահաւասիկ որ ատելութիւնը կը քալէ սրբազան սիրոյն հետ թեւ թեւի.
Ոտքի կեցի՛ր, ոտքի կեցի՛ր, ո՜վ գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիր,
Որովհետեւ քեզի հետ ենք, Հայրի՛կ, քեզի հետ ենք, մարգարէ՛, քեզի հետ ենք, Վեհափա՛ռ,
Տե՛ս, քու ցիրուցան զաւկըներդ կործանումի ձայներէն ըմբոստացած,
Բոլորը մէկ դէպի նոր ու փրկարար Շաւարշանները կը քալեն
Եւ Բզնունեաց ծովը, մրրիկովն իր ալիքներուն, քու կերպարանքդ կ՚աղերսէ,
Ոտքի կեցի՛ր մեզի հետ, ոտքի կեցի՛ր տիրաբար, ո՜վ հերոսական Հայրիկ,
Եւ քու երբեմնի սուրդ եւ այսօրուան խաչդ նուիրական՝
Երկուքը մէկ այերին մէջ ամբարձելով, Աստուծոյդ նայուածքներուն գալարէ՛,
Եւ դառնութեամբ կամ քաղցրութեամբ Անոր հարցուր որ ընտրէ՛… 
Ես գիտեմ որ Հրեղէնը արշալոյսին մէջէն պիտի գոռայ.....................
................................................................................................................
................................................................................................................
—«Արծի՛ւ, քու հինաւուրց Սուրդ այսօր նորէն մերկացո՛ւր…»։
.................................................................................................................
.................................................................................................................
Եւ արիւնոտ Արարատին կատարներուն ստորոտէն
Անոր ըմբոստացողի շունչը յաւիտենապէս պիտի հնչէ…

1904 Փարիզ