Շնորհքով մարդիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա


Գարնան գաղջ օր մըն էր. Սկիւտարի ընդարձակ տան հիւրասենեակին մէջ Յակոբ Մահտեսեան առանձին կը պտուտքէր, իր հիւանդութենէն երեք տարիներ անցեր էին, եւ ինքը զգալի կերպով տարէց կ՚երեւար: Գէշ խնամուած հիւանդութիւնը, սրտի վիշտեր եւ նիւթական հոգեր միանալով, զինքը ժամանակէն առաջ խորշոմած էին. իր խարտեաշ մօրուքէն եւ բաց շագանակագոյն մազերէն միայն կ՚երեւէր իր երիտասարդութիւնը, իր երկար կտրուած աչքերը, որ իր գլխաւոր գեղեցկութիւնը կը կազմէին, պարապ կ՚երեւէին այլեւս, այնքան իր նայուածքին լոյսը մարած էր եւ անոնք սքօղուած էին տեսակ մը թանձր տխրութիւնով:

Իր թոյլ ինկած բեղերուն տակ անգոյն շրթունքը արհամարհանքի եւ ցաւի ծալք մը առած էին. անիկայ տեսնողը անմիջապէս կը զգար, թէ հոգեկան մեծ տագնապներով թառամած էր անոր երիտասարդութիւնը. այդ միջոցին փոթորիկները իր գլխէն անցեր-գացեր էին եւ ժամանակը իր ամոքիչ դերը կատարած էր աստիճան մը, բայց եթէ իր մէջ ցաւին դէմ ըմբոստանալու կարողութիւնը պակսած էր` միւս կողմանէ տեսակ մը թմրութիւնը զինքը անկարող կը դարձնէր որեւէ վայելքի, նոյնիսկ վաղանցիկ:

Ընդարձակ հիւրասրահին մէջ լայն բազմոց մը երկու կողմերէն կը սկսէր եւ, թեթեւ կորութիւն մը անցնելով, անկիւններէն կը միանար սրահին դիմացը, պայտաձեւ կէս բոլորշի մը կազմելով. այդ բազմոցը ծածկուած էր մուգ կարմիր գորգով մը, որուն վրայ գոյնզգոյն գիծեր կը պտուտքէին սիրուն եւ միամիտ նկարներ յօրինելով: Սենեակին դիմացի երկու անկիւնները, որ եռանկիւնաձեւ պարապ կը մնային, կազմած էին երկու միհրապներ, որոնց մէջ զետեղուած թաղարներուն անուշահոտ, կանանչ եւ լայն տերեւները սքանչելիօրէն կը ներդաշնակուէին բազմոցին: Նախշուն գետինը բոլորովին ծածկուած էր փսիաթով եւ հին սովորութեան համեմատ ո՛չ աթոռ կար սրահին մէջ, ո՛չ սեղան, միայն մի քանի սեճճատէներ բազմոցին երկայնքին փռուած էին, որոնց վրայ դրուած էին սատափով խճանկարուած եղնիկներ, ծխախոտի վերաբերեալ իրերով: Բազմոցին մօտ պղնձէ գեղեցիկ մանկալ մը ժանեակի պէս ծակոտկէն եզերքով, ճշմարիտ գոհար մը, հին աշխատաւորներու ձեռքէ ելած, կը տարածուէր գետինը, իր մէջ կրելով բուն կրակարանը, որուն մոխիրը չէր երեւեր սուտակի պէս կարմրած կրակներուն գմբէթէն. թէեւ այդ ընդարձակ սրահին համար փայտի ածուխը անբաւական էր, այլ սակայն յարդագոյն առաստաղը, որուն վրայ ճերմակ փայտեայ ձողիկներ արաբեսկ մը կը կազմէին, այնքան ցածր էր, որ հաճելի գաղջութիւն մը կար անուշահօտուած սրահին մէջ. հալուէի խնկաւէտ բուրմունքը, կրակարանին մէջէն ցից մուխին հետ բարձրանալով, մէկէն անօսրացած կը ցրուէր եւ կապտորակ ալիքներ կը շինէր, որոնք մինչեւ առաստաղին մօտ կը բարձրանային եւ հետզհետէ ճերմկնալով կը ծածկէին զայն թեթէեւ շղարշի մը պէս:

Այդ սարհը գրեթէ երեք քառորդ դար առաջ հաջի Սարգիս ամիրային սելամլըկն էր, ուր երեկոները, մանաւանդ զինքը դարպասողներու խումբ մը կուգար կը բոլորուէր իր շուրջը պայտաձեւ բազմոցին վրայ. կարմիր գորգին մէջ թերեւս իրենցմէ դեռ բան մը մնացած էր, այնքա՛ն քիչ անգամ այդ սրահը բացուած էր ամիրային մեռնելէն ետքը: Աւելի խոնարհները եւ ստորադասեալները, իրենցմէ մեծերուն ձգելով բազմոցը, կը նստէին դիմացը սեճճատէներու վրայ, ճիւպպէներնուն քղանցքները իրարու վրայ բերած եւ սեղմուած անոնց ծալքերուն մէջ. ծալուած ոտքերնուն վրայ գրեթէ թառած, աչքերնին գետինը, անոնք մտիկ կ՚ընէին, առանց դիտողութեան, ամիրային խօսքերը եւ պատմութիւնները, աջ ձեռքերնին կուրծերուն վրայ` ի նշան մշտնջենական հաւանութեան: Երբեմն նաժիշտներ, դեռահաս պատանիներ` ամենէն գեղեցիկներէն ընտրուած եւ տարուոյն ամէն եղանակներուն հագուած` Պուրսայի ոսկեթել մետաքսեայ էնթարիներով, որոնց երկու կողմէն երկայն ճեղքեր իրենց քայլուածքին համեմատ կը բացուէին եւ ցոյց կուտային դեղին ճկուն սնդուսէ շալուարներ, ճակատնին փաթտած գունագեղ շղարշներ, որոնց երանգները կը պսպղային պրիսմակներու բեկբեկ լոյսին տակ, թեթեւոտն կուգային եւ օշարակներ կը հրամցնէին հիւրերուն, ինչպէս նաեւ երկայն չպուկներ, որոնց ընդունարանը կը հանգչէր ոսկեզօծուած կամ արծաթեայ պզտիկ ափսէներու վրայ. այն ատեն, ամիրային նարգիլէն` փալփլուն սուտակէ, ադամանդէ եւ բերուզէ, կը կլկլար մեղմօրէն. երբեմն անոր դեղին սաթը կը դանդաղէր շրթներուն վրայ, եւ կլկլակը հազիւ թէ կը մրմնջէր. ինչպէս նաեւ իր ըրած պատմութենէն իսկ հիացած` յոգնած թեւը վար կ՚առնէր եւ նարգիլէին խողովակը` ծանրացած ոսկեթել բանուածքներէն, որոնք խառնուած էին թանկագին քարերով շինուած ուլուններ, կը տարածուէր գետնի փսիաթին վրայ անօրինակ եւ դիւային օձի մը պէս ոլոր-ոլոր, որուն գլուխը ամիրային ձեռքին մէջ ըլլար: Այն ատեն ամէնքն ալ, հասկնալով, թէ պէտք է զմայլիլ, գլուխնին կը բարձրացնէին եւ հիացման բացականչութիւններ կ՚արձակէին, որոնց իւրաքանչիւրին ձայնին շեշտէն եւ բարձրութենէն կարելի էր գուշակել իր ազդեցութիւնը ամիրային քով: Եթէ իր մօտ գտնուողները կը համարձակուէին նոյնիսկ միավանկեր արտասանել, իր դիմացը սեճճատէներու վրայ չոքածները հազիւ թէ կը ժպտէին, բայց ի փոխարէն իրենց նայուածքը այնպիսի վերացած արտայայտութիւն մը կ՚առնէր, որ ամիրան գոհ` կը շարունակէր իր պատմութիւնը: Եւ ասիկայ ամիրային լաւ օրերն էին: Երբեմն անիկայ խոժոռ, լուռ եւ սրտնեղ կը մնար, եւ բոլոր հանդիսականները չէին համարձակեր նոյնիսկ շարժիլ, անոր բարկացած նայուածքը չհրաւիրելու համար վրանին:

Ժամանակով` կէս մը հեգնելով, կէս մը անգիտակից հիացումով, Աննիկ պատմած էր այս բաները Յակոբին, եւ հիմա ամէն անգամ, որ այդ սրահը մտնէր, բոլոր անցեալը, նոյնիսկ իրեն անծանօթ անցեալը, կը վերածնէր միտքին մէջ եւ ճշմարտիւ կը զարմանար յաճախ այդ գոռոզ եւ ամբարտաւան մարդուն թոռը ըլլալուն, ինքը այնքան անուշ եւ նոյնիսկ երկչոտ հոգիով: Երբեմն կը խորհէր, թէ այդ մարդը գրաւած էր ամբողջ ցեղին կորովը եւ զայն վատնած էր յիմարաբար, իրենց ժառանգութիւն ձգելով վատթարացած արիւն մը, միակ ընդունակութիւն ունենալով անզսպելի հպարտութիւն մը, որ հակասութեան մէջ կը ձգէր իրենց նկուն նկարագիրը եւ կը փչացնէր զիրենք:

Այդ հիւանդութեան պատճառով էր, որ իր ապաքինումէն ետքը չէր ուզած շարունակել Սարգիս էֆէնդիին քով ունեցած պաշտօնը եւ իզուր գործ փնտրած էր ուրիշ տեղ, չկրնալով որոշ պատճառ մը ցուցնել իր նախկին գործը ձգելուն, որուն մէջ ամէնքն ալ կը կարծէին, թէ սահմանուած էր յառաջանալու. իր տարտամ խօսքերը կասկածելի կը դարձնէին զինքը: Սարգիս էֆէնդի այս մասին բացարձակ անտարբերութեամբ վարուած էր. երեք տարիէ ի վեր Յակոբ իր ըրած պզտիկ խնայողութիւնը գործածած էր, թէեւ ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ, բայց վերջապէս կծիկին ծայրը տեսնելուն մօտ էր, բայց ինքը մոռցած կը թուէր այս անմիջական հոգերը: Իր բթացած հոգուոյն մէջ բան մը արձագանք չէր տար. երեք տարիէ ի վեր իր ազգականուհին` օրիորդ Աննիկ, խելագարի պէս բան մըն էր. վերը սենեակի մը մէջ փակուած` ծայրայեղ աղտոտութեան, գրեթէ փտութեան մէջ կ՚ապրէր, թոյլ չտալով ոչ ոքի իր մօտ գալ: Ամէն անգամ, որ տիկին Նոյեմի զինքը կը տեսնէր, կը պատուիրէր, որ զայն հիւանդանոցի մը մէջ փակել տան, բայց Յակոբ անփոփոխելի կերպով կը պատասխանէր, թէ անիկայ մարդու վնաս չունի: Սկիզբները ջախջախիչ ազդեցութիւն ունեցած էր իր վրայ պառաւ աղջկան ընթացքը, բայց հիմա անոր ալ վարժուած էր. երբեմն միայն, երբ պարտէզը պտտած ատեն կը տեսնէր պատառոտուն վարագոյրներուն ետեւէն խեղճ հիւանդին սիլուէտը, ալ բոլորովին ճերմկած մազերով, որոնք կծիկ-կծիկ թնջուկ եղած եւ գագաթին վրայ ցցուած էին, կմախացած եւ սեւցած մարմինը փաթտուած ցնցոտիի մէջ, թեւերը երկնցած կողերն ի վար, սարսափի եւ ցաւի անսահմանելի զգայնութիւն մը սիրտը կը սեղմէր: Երբեմն ալ, գիշերին մէջ, կը լսէր անոր պոռչտուքները, որով շարունակ կը կրկնէր ինչ որ իրեն ըսած էր առաջին անգամ իր ապաքինման օրերուն մէջ: Այն գիշերուընէ իրեն համար անբացատրելի բան մը մնացած էր. Աննիկին խօսքերը արձանագրուած էին ուղեղին մէջ եւ երբեմն գլուխը կ՚այրէին արիւնոտ վէրքի մը պէս, բայց անոնց ամբողջական իմաստը կը խուսափէր իրմէն հետզհետէ. ինքն ալ իր կարգին լռութեան եւ մենակութեան դատապարտուած` կ՚ըմբռնէր խեղճ աղջկան բառերուն ցաւագին նշանակութիւնը կ՚ընդնշմարէր ճշմարտութիւնը եւ իր միտքն ալ կը հակէր բառի մը կամ խօսքի մը վրայ սեւեռելու մենամոլութեան, հէգ աղջիկը իրաւունք ունէր, բայց ի՞նչ ընել:

Սարգիս էֆէնդին օր մը իրեն ըսած էր նաեւ, թէ Աննիկին բոլոր ունեցածը, հնչուն դրամ եղած, տունը կը գտնուէր եւ թէ Յակոբը պատասխանատու էր այդ դրամին պահպանման: Բերային մէջ իր ազգականները տիկին Նոյեմիի առաջնորդութեամբ կը բամբասէին զինքը. առհասարակ կը կարծուէր, թէ Յակոբ վարպետութեամբ տէրը եղած էր այդ դրամին` Աննիկին խելքը գլուխը եղած ատենէն, ինչ որ որեւէ միջամտութիւն իրենց կողմէ ապարդիւն կը դարձնէ: Միւս կողմէ այս հաւանականութիւնը կշիռ կուտար Յակոբին, եւ մէկէ աւելի աղջկան մայրեր փութկոտ կ՚երեւէին զինքը իրենց տունը ընդունելու, բայց Յակոբ շատ հազուադէպ այցելութիւններ` հազիւ թէ միայն ազգականներուն կուտար: Երկու տարի առաջ Զարուհին ամուսնացուցած էին մանչեստրցի վաճառականի մը հետ, Յակոբ ներկայ գտնուած էր հարսանիքին գրեթէ անտարբերութեամբ: Բաց մնացած աղբիւրի մը պէս յանկարծ զգացեր էր, որ ամէն կարգի զգացումներ ծորեր գացեր են իր մէջէն եւ հոգին ցամքած մնացած էր, բայց քանի ամիսներէ ի վեր Զարուհին վերադարձեր էր Մանչեստրէն առանձին, մօրը քով անցընելու ձմեռը, եւ այդ միջոցին քանիցս ստիպուած էր Յակոբ երթալու զինքը տեսնելու: Զարուհիին միջոցաւ, եւ անոր տան մէջ իմացեր էր, թէ ինչ կը խորհէին իր վրայ: Իր աչքերէն յորդող արհամարհանքը եւ հպարտութեան դառն զգացումը մէկ անգամէն համոզեր էին Զարուհին, թէ ինչքա՛ն անհիմն զրոյց մըն էր անիկայ. Յակոբ դեռ բնազդային հաճոյք մը կը զգար այդ երիտասարդ կնոջ քով, որուն մութ կապոյտ աչքերը անկեղծ մնացած էին: Ամուսնութիւնը քիչ մը հանդարտեցուցած էր անոր բուռն նկարագիրը եւ իր ցորենագոյն մորթին հաճելի լեցունութիւն մը տուած էր, որուն վրայ ոսկեգոյն աղուամազին թեթեւ ցոլքը իրեն այտերուն, թուշին եւ բերնին անկիւններուն, արեւին տակ հասունցող ծաղկի թերթերուն սարսռուն յատկութիւնը եւ երանգը կուտար: Իր վերջին այցելութեան Զարուհի ըսած էր յանկարծ.

Գարնան մէջ Սկիւտար ի՜նչ գեղեցիկ ըլլալու է... Կ՚ուզե՞ս քեզի հետ երթանք, մայրի՛կ...

Եւ որովհետեւ իրենց նշանակած օրը իր մայրը ժամադրութիւն մը ունէր, տիկին Նոյեմի, որ հոն կը գտնուէր այդ միջոցին, փափագ յայտնած էր Զարուհիին ընկերանալու:

Այդ օրը Յակոբ կը սպասէր իր երկու ազգականուհիներուն. առաւօտէն ի վեր մաքրած, պատրաստած էր ամէն մի բան իր ծերուկ սպասաւորին օգնութեամբ, որուն քամակը բոլորովին ծռած էր իր կնոջը մահուընէն ի վեր, որ երեք ամիս առաջ տեղի ունեցած էր: Արդէն այդ ամայացած տան վերի յարկերը բոլորովին փլատակ դարձեր, գետնայարկին երկու երեք սենեակները միայն բնակելի էին: Սակայն Յակոբ կը շարունակէր պառկիլ իր ննջասենեակին մէջ, Աննիկի սենեակի քով` աստիճան մը հսկելու եւ գոնէ ականջ դնելու համար պառաւ աղջկանը շարժումներուն:

Կառքի մը թաւալումը Թօփհանէ օղլուի փողոցին մէջ ծանոյց Յակոբին հիւրերուն գալուստը. քիչ մը ետքը տիկին Նոյեմի եւ Զարուհի կը մտնէին սրահէն ներս:

Բարի լոյս, Յակոբիկ, օ՜հ, ի՛նչ ճամփայ, իրաւ որ Սկիւտար սքանչելի է, բայց սա վերելքը...

Տիկին Նոյեմի փետուրներու եւ մուշտակներու մէջ կորսուած կը խօսէր: Աւելի գիրուկցած էր հիմա եւ իր աշնանային գեղեցկութիւնը անցնելու վրայ էր այլեւս, բայց իր թառամելու սկսած դիմագծերուն մէջ դեռ բան մը կար, վարանող հետք մը գեղեցկութեան. ասոր փոխարէն մորթը կաթնային ճերմակութիւն մը ստացած էր:

Զարուհի օրուան նորաձեւութեան համեմատ մութ մանիշակագոյն շրջազգեստ մը հագած էր եւ գլուխը կը կրէր սեւ ժանեակէ գլխարկ մը, միակ զարդ ունենալով մանիշակի փնջիկներ, որոնք պսակի պէս բոլորուելէն ետքը գլխարկի շուրջը` ետեւէն կուգային եւ կը խառնուէին ոսկեգոյն մազերուն: Շնորհալի եւ ճապուկ Զարուհի կարծես դեռ երիտասարդ աղջիկ մըն էր, որուն մասնաւոր հրապոյրը կը շեշտէր մանաւանդ արդուզարդին ծայրայեղ պարզութիւնը, բայց անոր մթին կապոյտ աչքերուն մէջ տխրութեան պէս բան մը կար, տեսակ մը խռովք, որ կը պղտորէր նայուածքին սովորական անկեղծութիւնը:

Բարեւ՛, Յակոբ, ըսաւ իր կարգին բաց գորշագոյն ձեռնոցին մէջ սեղմած ձեռքը երկնցնելով եւ թեթեւօրէն ժպտալով` շրթունքը ճեղքուած գեղեցիկ ակռաներու շարքի մը վրայ:

Սենեակին գաղջ մթնոլորտը եւ անուշահոտութիւնները հաճելի կերպով ազդեցին եւ հիւրերուն այտերը սկսան վարդագունիլ վուալեթներուն տակէն:

Մայրիկս այնքան գոհ պիտի ըլլար գալով, եթէ այդ ձախորդ ժամադրութեան գացած չըլլար, ըսաւ Զարուհին:

Ա՛հ, ըսաւ արհամարհանքի շարժումով մը տիկին Նոյեմի, չեմ հասկնար, որ մեզ պէս մարդիկ պարտական ըլլան խօսք տալու այդ կարգի մարդոց:

Այդ միջոցին տիկին Նոյեմի բոլորովին իր տարիքը կ՚երեւար եւ աւելի կարճահասակ կը թուէր, այնքան փքուռոյց բան մը կուտար պարարտ մարմնոյն իր չտեսի գոռոզութիւնը:

Բայց անմիջապէս անդրադարձաւ, որ այդ ընդարձակ եւ խիստ երեւոյթով սրահին մէջ իր խօսքերը չափ չունէին, մանաւանդ նշմարեց, որ Յակոբ եւ Զարուհի իրարու կը նայէին եւ կը ժպտէին:

Տիկին Նոյեմի խօսքը փոխելու համար հարցուց.

Ինչպէ՞ս է Աննիկնիս:

Միշտ նոյնը, ըսաւ Յակոբ տխրութեամբ:

Դարձեալ Յակոբին եւ Զարուհիին աչքերը իրարու հանդիպեցան համակրական զգացումով մը:

Բայց տիկին Նոյեմի մասնաւոր հետաքրքրութեամբ մը պնդեց.

Զինքը կրնանք տեսնել այսօր, այնպէս չէ՞:

Այդ անկարելի է, տիկին, երկար ատենէ ի վեր ոչ ոքի չերեւար, ոչ իսկ ինձի:

Նոյն միջոցին ծերուկ սպասաւորը արծաթեայ ափսէով մը խահուէն բերաւ դողդոջելով: Պզտիկ գաւաթները իրենց զարֆերու վրայ կը տատանէին, այնքան կորաքամակ ծերուկ վախով եւ ակնածանքով կը մօտիկնար տիկին Նոյեմիին, որուն մուշտակներու տակ ծածկուած անձը, մանաւանդ աչքերուն անկարեկիր անտարբերութիւնը մինչեւ իր ոսկորներուն ծուծը ցրտութիւն կ՚ազդէր: Յակոբ փութաց ափսէին մէջէն խահուէին գաւաթը առնելու եւ հրամցնելու տիկին Նոյեմիին, որը կ՚ըսէր.

Ա՜խ, խեղճ աղջիկ, որո՞ւ մտքէն կ՚անցնէր, թէ իր վերջին տարիներուն այդպէս պիտի ըլլար, այնքան խելացի, այնքան սիրուն, այնքան բարի... Դուք իրմէ ի՞նչ ճանչցած էք որ:

Տիկին Նոյեմի իր երիտասարդութեանը խուլ հակակրութիւն մը ունէր այդ ուսեալ աղջկան համար, որուն համբաւը եւ մանաւանդ սկիզբները իր ամուսնին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը իրեն նախանձը գրգռած էին:

Երբ ինքը նոր հարս եղած էր Սկիւտարի այդ տան մէջ, Գոհարիկ հանըմին ողջութեան ժամանակակից Սկիւտարի զարգացած դասակարգին ժամադրավայրը եղած էր այն նոյն սրահը, ուր կը գտնուէին հիմա: Միսաքեան, Զօրայեան եւ Աւետիս պատուելիները` միացած նոյն ժամանակի պետական եւ գրական կարեւոր անձնաւորութիւններու` կը բոլորուէին Աննիկին շուրջը, որուն իմացական կարողութիւնը միանալով իր դաստիարակութեան, անոնց միաւոր մակարդակին վրայ կը դնէր զայն:

Գոհարիկ հանըմ իր տղոց եւ հարսներուն հետ լուռ մտիկ կ՚ընէր. աւագութեան իրաւունքը կարծես Աննիկ ուղղակի ժառանգած էր իր մեծ հօրմէն, որուն դերը կը կատարէր այդ սրահին մէջ, եթէ ոչ գոռոզութեամբ եւ ամբարտաւան ինքնահաւանութեամբ, գոնէ իր մտքին մեծ ընդունակութիւններովը, որ զինքը արտասովոր աղջիկ մը կ՚ընէին իր ժամանակին մէջ:

Տիկին Նոյեմի վիրաւորուած էր իր գոռոզութեան մէջ, ոչ միայն Աննիկի առաջնութենէն, այլ նաեւ անոր ներողամիտ արգահատանքէն իր տգիտութեանը համար, ինչպէս տեսակ մը անհրաժեշտ խորհուրդներէն, զոր տիկին Նոյեմի միշտ անպատեհ գտած էր եւ գանգատած էր իր ներոջը, որ նոյն տրտնջալու իրաւունքը ունենալ կը կարծէր:

Աւելի ուշ, երբ Գոհարիկ հանըմին մահուանէ ետքը Աննիկին եղբայրները հեռացած էին տունէն, տիկին Նոյեմիի սրտմտութիւնը մարած էր հետզհետէ, բայց այս միջոցին ընդարձակ հիւրասրահին մէջ, ուր բան մը չէր փոխուած, այնքան տարիներէ ի վեր, այդ զգացումները կարծես երէկուանը ըլլային` կ՚արթննային եւ պատեհ առիթ կը գտնային յագուրդ առնելու:

Խե՜ղճ աղջիկը, կրկնեց տիկին Նոյեմի իր վուալեթը բարձրացնելով մինչեւ քիթին վրայ, ո՞վ կրնար գուշակել, թող որ տեսնենք մե՞նք ինչ պիտի ըլլանք, աւելցուց այս անգամ ճշմարիտ յուզումով, այսօրուընէ վաղը կարելի չէ վստահիլ:

Վայրկեան մը ծանր լռութիւն տիրեց:

Միշտ կը յամառի՞ չքաւորութեան մէջ ապրիլ, ըսաւ վերջապէս տիկին Նոյեմի լռութիւնը խզելով:

Մի՛շտ, տիկին, եւ ինչ չքաւորութիւն, փողոցը մնացած մուրացիկներուն ցնցոտիները պերճութիւն են իր քով...

Ի՜նչ գաղափար, աստուածս, ինչէն կը կարծես, որ այդ մերաքը վրան եկած ըլլայ:

Յակոբը տարտամ շարժում մը ըրաւ:

Գիշերները՞, հարցուց Զարուհի անձկանօք:

Ընդհանրապէս չքնանար, տիկին, գրեթէ մինչեւ առաւօտ կը պտտկի սրահին մէջ, երբեմն ալ...

Ի՞նչ, ի՞նչ...

Երբեմն ալ կը գոչէ, կը խօսի, կը վիճաբանի, ըսաւ Յակոբ վերջապէս վայրկեան մը վարանելէ ետքը:

Թերեւս կը կարծէ, թէ մէկը կայ դիմացը, դիտեց տիկին Նոյեմի:

Չեմ կարծեր, տիկին, ո՞վ գիտէ վերջապէս:

Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար իր խօսքերը մտիկ ընել, թերեւս նոյնիսկ հասկցուէր իր հիւանդութեան պատճառը անոնցմէ...

Ամէն պարագային զուարճալի չպիտի գտնայինք իր խօսքերը, տիկին, ըսաւ յանկարծ Յակոբ շարժումով մը, որուն ուժգնութիւնը իրեն իսկ զարմացուց:

Զարուհի սրտմտութեամբ իրեն նայեցաւ եւ հարցական նայուածք մը ուղղեց: Տիկին Նոյեմի նոյնքան վրդովուած էր, բայց խորամանկ կին` ուզեց խօսքը փոխել:

Ա՜հ, տղաքներս, կեանքը տխուր բան է, բայց այս այսպէս է, ի՞նչ կրնանք ընել... Է՛հ, մենք հոս չեկանք տխրելու, չէ՞, արդէն ամէն օր մտքիս մէջ բաւական կը բանին այս խնդիրները, մեզի, մեծերուս կ՚իյնայ մտածել, դուք դեռ երիտասարդ էք, նայեցէք, որ կեանքի վայելքները միասին տեսնաք...

Եւ որովհետեւ երկու երիտասարդները տրտում կ՚երեւային եւ եւ յայտնի էր, թէ մտքներին սեւեռած էին պառաւ աղջկան հիւանդութեան վրայ, մէկէն ոտքի ելաւ եւ պատուհանին մօտ երթալով բացականչեց.

Ա՜հ, սքանչելի... Չամլըճային պէս չկա՜յ:

Արդարեւ գարնանային մեղմ ճառագայթներուն տակ թեթեւ մը մանիշակագոյն, գրեթէ աննիւթական փափկութեամբ կը բարձրանար անիկայ իր ստորոտին վրայ, ճերմակներով զարդարուած ծառեր պարտէզներէն կը յորդէին եւ ճերմակ պսակ մը կը յօրինէին իր կողերուն կապուած, որուն մէջ ասդին անդին նշենիները իրենց վարդագոյն ծաղիկներուն երանգը կը խառնէին: Օդը կաթնային ճերմակութիւն մը ունէր, կարծես ծաղիկներուն բուրմունքը տեսանելի դարձած ալիքներով կը տատանէր մթնոլորտին մէջ, երկնքին վրայ ճերմակ լուսեղէն ամպեր յամրօրէն կ՚անցնէին եւ երբեմն կուգային կը բոլորուէին Չամլճայի գագաթի վերեւ: Ուրիշ պատուհանէ մը Զարուհի Մարմարան կը ցուցունէր, որ արծաթեայ ժապաւէնի մը պէս կ՚երեւէր այս պահուս, հորիզոնին հետ խառնուած գրեթէ, այնքան իր կղզիները, թեթեւ մշուշային եւ վարդագոյն մանիշակագոյն, կը շփոթուէին ամպի ծուէններու հետ:

Ձմեռը անտանելի էր այս բարձունքին վրայ, բայց անոր փոխարէն գարունէն մինչեւ աշուն մշտնջենական վայելք մը ըլլալու է հոս բնակիլը, ըսաւ տիկին Նոյեմի, հապա օդը՜... սա սոճիները մանաւանդ, հոս բնակողները ճանաչելու չեն մեզի պէս քաղքեցիներու յատուկ շատ մը հիւանդութիւններ:

Յանկարծ տիկին Նոյեմի դժգունեցաւ մինչեւ շրթունքը ու ճշմարտապէս յուզուած հառաչեց.

Եթէ անցեալ տարի հոս եկած ըլլայինք, թերեւս... Վահէս...

Հա՛, ինչպէ՞ս է Վահէն, հարցուց Յակոբը, անմիջապէս յիշելով, որ Վահէ ատենէ մը ի վեր տկար էր...

Տիկին Նոյեմիին աչքերը մարդկային դարձան, այնքան ճշմարիտ ցաւ կար անոնց մէջ, ու ձայնն իսկ բնական էր, յանկարծ վերադարձած իր վիրաւորուած եւ յուսախաբ մայրութեան զգացումին:

Յակոբի՛կ, տղա՛ս, Վահէս հիւանդ է, հիւանդ...

Ի՞նչ ունի, ըսաւ Յակոբ փղձկած տիկին Նոյեմիին անսովոր անկեղծութենէն եւ ձայնին մտերմութենէն:

Իր կարգին տիկին Նոյեմի տարտամ շարժում մը ըրաւ:

Ի՞նչ գիտնեմ, ամէն բժիշկ մէյմէկ բան կ՚ըսէ, ոմանք խորհուրդ կուտան տաք երկիր մը ղրկելու, ոմանք կ՚ըսեն, թէ դեռ անդարմանելի վիճակի մը մէջ չէ:

–Ա՞յդ աստիճան:

Տաք արցունքներ տիկին Նոյեմիին երեսն ի վար վազեցին:

Այդ աստիճան եւ աւելի... քանի օր է արիւն կը թքէ, օ՜հ, ա՛յ, արիւն, արիւն...

Հեծեծանքներ ձայնը խեղդեցին:

Դեռ մէկուն չէի ըսած ասիկայ, չեմ գիտեր ինչու պէտք կը զգայի ծածկել, կարծես թէ տղաս բան մը պիտի շահեր առողջութենէն, եթէ անոր վատթար վիճակը ծածկուած ըլլար: Բայց ճշմարտութիւնը, տղաքս, աս է, Վահէն անդարմանելի հիւանդ է ըստիս...

Ու մինչ երկու երիտասարդները չէին համարձակեր մխիթարող բառ մը ըսել, տիկին Նոյեմի շարունակեց լալ, բայց հետզհետէ աւելի մեղմօրէն, մինչեւ որ իր հեկեկանքներուն մէջէն սկսաւ մրմնջել.

Հանգստութիւն, երջանկութիւն չկայ, պարապ բան է... հարստութիւն ունի, դիրք ունի, տղայութենէն բան մը մերժուած չէ իրեն, ինչո՞ւ ասանկ ըլլար, ինչո՞ւ չկարենար վայելել մինչեւ ետքը… Ես պիտի ըսեմ, որ աստուած անարդար է, ըսաւ յանկարծ լայն շարժում մը ընելով, գոնէ տեսնելու էր, թէ մեզ պարգեւած հարստութիւնը ինչպէս կը գործածենք, մեր բարութիւննե՞րն ալ չտեսաւ, ողորմասիրութիւնը, մանաւանդ Սարգիս աղային, ա՜խ, գիտե՞ս, խիստ կ՚երեւայ, բայց ներքնապէս ինչքա՞ն բարի եւ արդար մարդ է: Դեռ վերջերս իր մէկ յաջողութենէն ահագին բաժին մը հանեց բարեգործական հարստութեանց… Բայց ըսի, ամէն բան պարապ է, ինչո՞ւս պէտք հարստութիւնը, պատիւները, տղոցմէս չխնդալէս ետքը, մեծը տեսակ մը, պստիկը տեսակ մը:

Թերեւս այնքան ալ…

Պիտի փորձեր համոզել Յակոբ, երբ տիկին Նոյեմի խօսքը ընդհատեց հրամայական շարժումով մը: Ճշմարտապէս անկեղծ էր այդ միջոցին, մայրական վիշտը զինքը իր բնականին կը դարձնէր, պարզապէս հայ մայրիկը կը դառնար, որուն վրայէն կարծես թօթափած էին հարստութեան, մեծութեան եւ գոռոզութեան խաւերը:

Ես ի՞նչ գիտնամ, աղքատին տղոց վրայ կը նայիմ, կը զարմանամ, ոտքերնին բոբիկ, կ՚երածնին չկայ, հագածնին չկայ, նորէն առողջ ու կայտառ կ՚ըլլան… Աս հարուստներուն տղաքը, կարծես թէ անէծք մը կայ վրանին:

Զարուհի յանկարծ չարամտութեամբ աւելցուց.

է՛հ, վերջապէս բանով մը պէտք է խեղճերը փոխարինուին… Հարուստները կը կարծեն, թէ դրամով ամէն բան կը գնուի, զարմանալի ես…

Անոր մութ կապոյտ աչքերը կը ժպտէին չարութեամբ եւ տեսակ մը անբացատրելի զգացումով: Յակոբ առաջին անգամը ըլլալով Զարուհիի աչքերուն մէջ կը հանդիպէր այդպիսի արտայայտութեան մը. ինքը միշտ զայն տեսած էր անկարելի սիրոյ մը տուայտանքին մէջ, իր հեշտասէր մարմինը դրդուած վայելքի պէտքէն եւ ըմբոստ իր ընկերական դիրքին, որ զինքը ա՛լ աւելի կը կաշկանդէր եւ թոյլ չէր տար իր բնազդին հետեւելու:

Ոխերիմ` տիկին Նոյեմի թունաւոր նայուածք մը ուղղեց Զարուհիին:

Քեզի ո՞վ ըսաւ, թէ դրամով ամէն բան կը գնուի, բայց դրամը ամէն պարագային շատ բան կը գնէ, դուն ասիկայ ինձմէ լաւ գիտնալու ես, սիրելիս…

Անկարելի է արտայայտել այդ արտասանուած «սիրելիսին» շեշտը. անոր մէջ բուռն ատելութիւն կար, կատաղութիւն եւ զայրոյթ, բայց մանաւանդ խայթելու սաստիկ տենչանք մը:

Յակոբ զարմացումով կը դիտէր զիրենք. այդ երկու ազգականուհիները զիրար կ՚ատէին բոլոր հոգիով, բայց կը շարունակէին ամէնուն ներկայութեամբ, կարծես գաղտնի կամ բնական համաձայնութեամբ մը, ծածկել իրենց փոխադարձ զգացումը: Տիկին Նոյեմիի աչքերը չորցած էին բոլորովին, եւ անոնց սուր բիբերը ցուրտ եւ հանդարտ թշնամութիւն մը կ՚արտայայտէին: Զարուհի, պահ մը անփոյթ, դիմադրեց այդ նայուածքին, յետոյ ծամածռութիւն մը ընելով ետին դարձաւ մէկէն:

Ի՞նչ ունիս, Զարուհի, ըսաւ Յակոբ միամտօրէն:

Սիրտս կը խառնուի կոր, պատասխանեց Զարուհի խնդալով…

Երիտասարդ կիներուն այդ ձեւով բաներ կը պատահին, տղա՛ս, ըսաւ տիկին Նոյեմի եւ Զարուհիի խօսքը կտրելով աւելցուց.

Որչա՞փ ատեն է, որ Պոլիս ես:

Ճիշտ տասը ամիս եղաւ, ըսաւ Զարուհի յստակ ձայնով:

Օ՜հ, հիմիկուան կիները, մէջ բերաւ տիկին Նոյեմի կէս մը կատակով, կը տեսնե՞ս, Յակոբ, երկու տարիէ ի վեր ամուսնացած է եւ հազիւ թէ քանի մը ամիս իր ամուսնոյն քով կ՚անցընէ. այս անտարբերութիւնը ինձի համար անբացատրելի է շիտակը, ես որ գիշեր մը հանգիստ չեմ կրնար ըլլալ, երբ Սարգիս էֆէնդին յարկիս տակ չգտնուի:

Օ՜հ, ես ալ եթէ Սարգիս էֆէնդիի մը հետ ամուսնանալու բախտը ունենայի…

Լռէ՛ անշնորհք, ըսաւ կէս խնդրանքով մը տիկին Նոյեմին ձեռքովը Զարուհիին բերանը գոցելով…– Ա՛հ, Յակոբի՛կ, Զարուհին միշտ նոյն անզուսպն է, կը յիշե՞ս:

Ինչպէ՞ս չէ:

Եւ ահա Զարուհին սկսաւ շաղակրատել իրենց անցուցած հին օրերուն վրայ, մանկութեան օրեր նոյն տունին մէջ, պարտէզի անկիւնները պահուըտիլ, ծառերուն վրայ մագլցիլ, չարաճճիութիւններ ու բոլոր մանկական խորամանկութիւնները:

Յետոյ գիտե՞ս, Յակոբ, երբ զիս առին տարին տունէն ժառանգութեան խնդրի մը համար, իբր թէ բաւական դրամ չունենայի առանց այդ կռուըտուքի. գիտե՞ս որչափ լացի քեզի համար գիշերներով, գիշերներով, յետոյ քունիս մէջ ալ կը շարունակէի արտասուել, այնպէս որ առաւօտները աչքերս թանձրացած արցունքէն փակուած կ՚ըլլային ու մայրս կ՚ըսէր. «Այս աղջկան աչքերը հիւանդ են»: Ու Վարդանուշը, կը յիշե՞ս մեր սպասուհին, որ ծաղիկներ կը հաւաքէր եւ անոնց ջուրովը աչքերս կը լուար, կարծելով թէ կուրանալու ենթակայ եմ ու ինձի կը պատմէր հրաշալի բուժումները այդ ծաղիկներուն, որոնց անունը չէր ուզեր յայտնել… Ու մէկուն չէի ըսեր թէ. «Չէ՛, իմ աչքերս բան մը չունին, ես Յակոբին համար կուլամ կոր»:

Զարուհի կը խնդար միշտ, տիկին Նոյեմի կը կրկնէր.

Լա՛ւ, լա՛ւ, ըսել է այդ ատենէն գաղտնիք ունենալու վարժուած էիր:

Պա՛հ, ո՞ր աղջիկը եւ ո՞ր կինը գաղտնիք չունի…

Յետոյ առանց ուշադրութիւն ընելու տիկին Նոյեմիին պատասխանին, Յակոբին դարձաւ.

Ճշմարիտն ըսէ՛, դու ալ ինձի համար լացի՞ր բնաւ:

Ես ալ քեզի համար լացած եմ, ըսաւ Յակոբ, յուզմունքէն խղդուող ձայնով մը:

Միջոցէ մը ի վեր Զարուհիին ներկայութիւնը դղրդած էր իր սառած հոգին, անոր անվերապահ մտերմութիւնը, պարզութիւնը զինքը կը կազդուրէին եւ իրեն ջերմ զգացում մը կը ներշնչէին: Որչա՛փ ատենէ ի վեր իր ականջները զուրկ մնացած էին ճշմարիտ բարեկամ ձայնէ մը: Այն ատենէն ի վեր, որ Աննիկ հիւանդ էր, եւ փակուած իր սենեակին մէջ, Յակոբ որբ մնացած էր բոլորովին, իր մտածումներուն, իր խօսքերուն արձագանքը չէր գտներ ոչ մէկ սրտի մէջ… Ամէն անոնք, որ լռելու ստիպուած են որեւէ պատճառով իրենց բուն մտածումը եւ զգացումը, անոնք միայն գիտեն արժէքը մէկ քանի թանկագին վայրկեաններուն, ուր մարդ իր նայուածքին պատասխանող նայուածք մը կը գտնայ եւ իր խօսքերուն ջերմ համարում մը: Բայց Յակոբի վերջին յուզմունքով բառերուն Զարուհի լռութեամբ պատասխանեց: Տեսակ մը անհանգստութիւն սիրտը կը սեղմէր… Տիկին Նոյեմի իր կարգին մտածկոտ` աչքերը կը սեւեռէր դիմացը. արեւի տաք ճառագայթներ` պարտէզի ծաղիկներէն բուրումնաւէտ` կը մտնէին սրահէն ներս: Քանի մը թռչուններ մօտակայ նոճիի մէջ թառած, գարունը կ՚աւետէին եւ իրենց գեղգեղին ոլորտները թրթռալով կ՚երկարաձգուէին, երբեմն նուաղկոտ` մրմունջի մը պէս, երբեմն սուր` ճիչերու նման:

Ա՛հ, քիչ մը պարտէզ երթանք, ըսաւ տիկին Նոյեմի:

Բայց նոյն միջոցին կռնչող աղմուկ մը եւ ոտնաձայներ իրենց ուշադրութիւնը լարեցին:

Ի՞նչ է, ըսաւ Զարուհի:

Աննիկն է, պատասխանեց Յակոբը:

Երբեմն մետաղի ջինջ հնչիւն մը կը լսուէր:

Իր դրամները կը համրէ, ըսաւ Յակոբ վերջապէս տաժանելիօրէն:

Հա, Սարգիս էֆէնդին ըսաւ, որ ամբողջ ունեցածը հնչիւն դրամ ըրած, իր քով կը պահէ, չէ՞ք կարծեր, որ իր տկար խելքովը անխորհուրդ կերպով կորսնցնէ զանոնք:

Ինչպէ՞ս, տիկին, ըսաւ Յակոբ:

Ի՞նչ գիտնամ, օրինակի համար ասոր անոր տալով:

Այդ անկարելի է, տիկին, օրիորդ Աննիկ ոչ ոքի հետ յարաբերութիւն ունի, ոչ իսկ սպասաւորի հետ:

Ա՜հ:

Եւ ասիկայ ի՛ր կամքովը. նոյնիսկ զիս չուզէր տեսնալ, բոլոր ջանքերս այդ մասին ապարդիւն եղած են: Ատենէ մը ի վեր մանաւանդ նոյնիսկ դռան ետեւէն չխօսիր ինձ հետ, ինչպէս առաջները սովորութիւն ունէր:

Է՛հ, ինչպէ՞ս կուտաք իր սնունդը:

- Դռանը առաջքը կը դնենք ափսէով, բայց հազիւ թէ կը դպչի կերակուրներուն, աւելի յաճախ ցամաք հաց կ՚ուտէ…

Աստուա՜ծս, աստուա՜ծս, ինչ պիտի ըլլայ վերջը: Պէտք է կարգադրութիւն մը ընել, բռնի ուտելի տալ, բռնի հագուեցնել:

Շատ մասնագէտներու գացի եւ խորհրդակցեցայ, ըսին որ խենթութեան այս տեսակը ընդհանրապէս… հարուստ ընտանիքներու մէջ կը պատահի, սանկ, ինչպէս ըսեմ, տեսակ մը սեւեռեալ գաղափար. վերջապէս անբուժելի յիմարութիւն մըն է, եւ թէ որեւէ բռնութիւն կրնայ զինքը կատաղութեան մղել:

Մի՛ ըսէք, ա՛հ, մի՛ ըսէք, ըսաւ տիկին Նոյեմի ականջները գոցելով…– այսպէ՞ս պիտի ըլլայ եղեր: Սարգիս ամիրան գլուխը վեր առնէր հողէն եւ տեսնար թէ ի՛նչ եղան իր թոռները… որուն մտքէն կ՚անցնէր… ա՜հ, մտածելը իրաւ որ խենթութիւն կը պատճառէ, եկէք քիչ մը պարտէզ երթանք, օդ առնենք, կարծես պիտի խեղդուիմ:

Դուրսի բաց օդը կազդուրեց զիրենք եւ վայրկեան մը զուարթութիւնը վարդագունեց անոնց դժգոյն դէմքերը: Տիկին Նոյեմի յամրօրէն կը քալէր ածուներու մէջէն եւ գնահատման խօսքեր կ՚ուղղէր Յակոբին, որ իր պարապ ժամերուն զբաղած էր պարտիզպանութեամբ: Զարուհի մասնաւոր դիտաւորութեամբ հեռացուց Յակոբը, խօլ զուարթութիւն մը կեղծելով եւ պուրակէ պուրակ վազելով տղու պէս:

Նայէ՛, Յակոբ սա սքանչելի լիլաները, եկուր շուտով:

Երբ լիլային թուփին մօտ եկան, բաւական հեռու տիկին Նոյեմիէն, որ ճերմակ մանիշակները կը քաղէր անդին, Զարուհին յանկարծ փոխուեցաւ: Անսահման անձկութիւն մը կար իր մութ կապոյտ աչքերուն մէջ, որոնք գրեթէ սեւ կը թուէին այս պահուն. բերանին անկիւնները կծկուած էին իր ժամերէ, օրերէ ի վեր զսպած տխրութեան արտայայտութենէն:

Ա՜խ, Յակոբ, ըսաւ նախ, եւ չկրցաւ խօսքը վերջացնել, ձայնը կը մարէր, ձեռքերը կը դողդոջէին, աչքերը ողողուեցան արցունքներով:

Միշտ ինձի բարեկամ ես, Յակոբ, չէ՞, ըսաւ Զարուհի վերջապէս, քեզմէ այնպիսի ծառայութիւն մը պիտի խնդրեմ, որ մարդ եղբօրը իսկ չհամարձակիր ըսելու, բայց դուն ինծի համար եղբօրմէ աւելի ես, չէ՞, ես քու սրտիդ վրայ անսահման վստահութիւն ունիմ, մի յուսախաբ ընէր զիս…

Ի՞նչ կրնամ ընել քեզի համար, ըսաւ Յակոբ, որուն աչքերը երազուն դարձան, այնքան խենթ յոյսը փայլատակեց անոնց մէջ:

Հիմա հոս անկարելի է բան մը ըսել. այս շաբթու գիշեր մը մեզի եկուր, ամէնքը պառկելէն ետքը ես քու սենեակդ կուգամ եւ կամ դուն ինձի եւ կը խօսինք…

Եւ որովհետեւ Յակոբ վարանոտ կը մնար, Զարուհի իր արցունքներուն մէջէն ժպտեցաւ չարաճճիութեամբ:

Օ՜հ, եթէ այս գաղտնի ժամադրութիւնն է, որ քեզ կը շփոթեցնէ… քեզի համար անսովոր բան ըլլալու է, չէ՞… Բայց ես քեզի կ՚օգնեմ, կամ աւելի լաւը` ես քու սենեակդ կուգամ:

Ես չեմ կրնար գիշեր ատեն բացակայ ըլլալ տունէն, ըսաւ Յակոբ, անկարելի է Աննիկը մինակ ձգել…

Իրաւունք ունիս, է՛հ, այն ատե՞ն:

Այն ատե՞ն:

Ես գիշեր մը հոս կուգամ, չըլլա՞ր, կէսօրէ ետքի այցելութիւն մը: Չամլըճայ կ՚ելլանք, տիկինը չհասնիր վերջին շոգենաւին եւ հեռագրով մը կ՚իմացնէ իր ընտանիքին, որ այն գիշեր Սկիւտարի տան մէջ պիտի անցընէ, ըսաւ Զարուհի այս կարգադրութենէն ուրախ եւ մանաւանդ ընկերական պահանջներուն դէմ կարենալ մեղանչելու գոհունակութեամբ:

Եւ կարծեմ թէ, աւելցուց, այսպէսով ամէն բան պատշաճօրէն կը կարգադրուի եւ շնորհքով մարդիկ ըսելիք բան մը չեն ունենար:

Նորէն ո՞վ բամբասելու վրայ ես, ըսաւ տիկին Նոյեմի իրենց մօտ գալով:

Շնորհքով մարդիկը…

–Ա՛խ, Զարուհի՛…

Յակոբ ներողամտութեամբ ժպտեցաւ:

Երբեք չպիտի թամնայ այս աղջիկը, ըսաւ տիկին Նոյեմի, գլուխը շարժելով, մի՛շտ նոյն անառակը:

Քիչ մը ետքը երկու տիկինները կառքը կը նստէին մեկնելու համար:

Մեզ մի՛ մոռնար, ըսաւ տիկին Նոյեմի, երբ կառքին անիւները սկսան դառնալ: Զարուհի բաւականացաւ արտայայտիչ նայուածք մը ուղղելով Յակոբին, որուն պչրանքը նշդրակի հարուածի պէս ցաւագին եւ փրկարար ազդեցութիւն մը ունեցաւ խեղճ տղուն սրտին ընդարմացած եւ գէշ գոցուած վէրքին համար:

Ինչչափ ամայի էր այլեւս տունը Յակոբին համար Զարուհիին մեկնելէն ի վեր, բայց իր հոգին լեցուած էր անոր նայուածքներովը, անոր բուրմունքովը ու խօսքերովը, որոնց նշանակութիւնը իզուր կը ջանար ըմբռնել. ի՞նչ կ՚ուզէր Զարուհի իրմէ. ինքը աղքատ, անշուք, ի՞նչ բանի մէջ օգտակար կրնար ըլլալ անոր: Յետոյ կամովին կը խաբուէր անոր նայուածքէն ու կը յիշէր անոր խօսքերը.

Ինչչափ լացեր եմ քեզի համար:

Իրա՜ւ, գրեթէ մանուկ, իրեն համար ալ թափեր էր այն ջերմ արցունքները, զորս քանիցս տեսած էր անոր այտերուն վրայ ուրիշներուն համար եւ որոնց մէկ կաթիլը ինքզինքին ունենալու համար իր ամբողջ արիւնը պիտի տար. բայց պչրոտ աղջիկը բախտին պէս կոյր եւ անողոք բան մը ունէր, երբեմն կը շռայլէր իր բոլոր գորովանքները մէկու մը համար զայն յագեցնելու չափ եւ անոնց ամենէն պզտիկէն կը զրկէր իր սիրոյն եւ համարումին ցանկացող երիտասարդ մը:

Ներքնապէս պատրանք չունէր Զարուհիին իրեն ըսելիքի վրայ. որչափ որ չէր ուզեր խոստովանիլ, անոր մութ կապոյտ աչքերուն մէջ նշմարած էր ան գէշ նայուածքը, որ իր հեշտասիրութեամբ մոլի հոգիին մէկ բոցն էր: Բայց կ՚ուզէր ինքզինքը խաբել եւ մանաւանդ ջերմապէս կը հաւատար թէ եղած անցած բանի մը վրայ էր խնդիրը: Այս մտածումներով օրօրուած, ոչ կրցաւ ճաշել, ոչ քնանալ. վերստին իր հանգիստը խռովուած էր, բայց ասիկայ վերածնութեան մը պէս բան մըն էր իր սրտին համար, որ կարծես ժանգոտած տաժանքով կը բաբախէր իր վտիտ կուրծքին տակ:

Աւելի՛ արագ, աւելի՛ արագ… բաբախումները իրեն գլխու պտոյտ կը պատճառէին հեշտագին արբեցութեան մը պէս… ինքզինքը տարբեր եւ նոր կը զգար ու երիտասարդութիւնը կը սուրար երկար ատենէ ի վեր քնացած արիւնի մէջ. իր սեւ ու մելամաղձոտ աչքերը կեանքով եւ տխրութիւնով կ՚ողողուէին. ի՞նչ ունէր այդ աղջիկ դիւթական, որուն մատին ծայրին հպումը իսկ կարող էր մեռելները ոտքի հանելու: Իր սքանչացած եւ յուզմունքէ դողդոջուն հոգիին մէջ զոյգ մը արեւները անոր աչքերուն` կը ճառագայթէին իրենց պչրանքի եւ անսահման սիրոյ հրաւէրները:

Ու միեւնոյն ատեն խորապէս նախազգացումը ունէր թէ վերջնական եւ անդարմանելի դժբախտութիւն մը այդ գեղեցիկ կնոջ հետ անխուսափելիօրէն կուգար դէպի իրեն:

Անկեց քանի մը օր ետքը, պտոյտէ մը վերադարձին, ծերուկ սպասաւորը սարսափէն կակազելով կ՚իմացնէր Յակոբին, թէ օրիորդ Աննիկը իր սենեակէն ելած եւ թափառած էր տունին մէջ ժամու մը չափ:

Հիմա ո՞ւր է, հարցուց Յակոբ, իր կարգին զարմացած անակնկալէն:

Իր սենեակին մէջ… բայց եթէ տեսնէք խեղճ աղջիկը, բերի մը, բոլորովին բերի մը:

Յակոբ երկար ատեն մտածելէ ետքը, վերջապէս որոշեց երթալ եղելութիւնը իմացնել Աննիկին երկու եղբայրներուն. ինքն ալ սկսած էր համոզուիլ թէ մօտալուտ փորձանք մը կրնար առաջ գալ Աննիկի նոր ընթացքէն: Ոչ միայն իր ամբողջ հնչուն հարստութիւնը իր մօտ ըլլալը վտանգ մըն էր, իրենց տունը աստիճան մը բնակութիւններէ հեռի, պարտէզներով շրջապատուած ըլլալուն, այլ բուն իսկ յիմար աղջկան վարմունքը մտմտուք կը պատճառէր իրեն. բարեբախտաբար մինչեւ ցարդ ոչ ոք գիտէր ճշտիւ օրիորդ Աննիկին խենթութեան տեսակը. հետեւաբար մեծ հնչուն գումարի մը հաւանականութիւնը մարդու միտք չէր անցներ. բայց վերջապէս Սկիւտարի մէջ ալ այլեւայլ զրոյցներ կը պտտէին հիւանդ աղջկան վրայ, որուն մէջ ամենէն աւելի բաժին ունէր սա ենթադրութիւնը, թէ Աննիկ ագահութեան խենթութիւնը ունէր: Իր առողջութեան գումարներ խոստացած էր եկեղեցիին, դպրոցին, աղքատախնամին եւ որովհետեւ այդ խոստումները չէին կատարուած երկար սպասումէ մը ետքը ամէնքն ալ համոզուած էին թէ ագահութեան խենթութիւնը ամենէն աւելի վարկ ունէր իր վրայ ըսուածներու մէջ:

Յետոյ, վերջապէս ինչ որ զինքը կը վախցնէր, բուն իսկ օրիորդ Աննիկին սպառնալիքներն էին. գիշերները կ՚ելնէր եւ արագ-արագ պտտուելէ ետքը կը սկսէր խօսիլ, խօսիլ, մինչեւ որ անհասկանալի բառեր գոչէր այնպիսի անմարդկային ձայնով մը, որ Յակոբ, հակառակ վարժուած ըլլալուն, պաղ քրտինքով մը կ՚ողողէր եւ չկրնալով պառկիլ, կ՚ելնէր անկողնէն: Հագուած ատեն ձեռքերը կը դողդողային, մինչեւ քովի սենեակէն Աննիկ միշտ ինքզինքէն ելած եւ գրեթէ կատաղութեան մէջ կը գոչէր: Անոր անկապակից բառերէն եւ բացականչութիւններէն երբեմն Յակոբ բառեր կ՚որոշէր, որոնց մէջ ամենէն յաճախ կը լսէր.

Կրա՜կ… ա՜հ, բոցերը կը մաքրեն միայն… բոլոր չար ոսկիները… արիւնոտ եւ արցունքոտ… միայն բոցերը, բոցերը…

Երբեմն ալ կը կարծէր թէ ոսկիները մարմին առած էին եւ կը խօսէին իրեն հետ եւ թէ ինքը խառն ամբոխի մը մէջ կը գտնուի… այդպիսով կը խօսէր երկար ատեն:

Դարձէք ձեր տեղերը, ձեր օրինաւոր տէրերուն. կը տեսնէ՞ք, միշտ դժբախտութիւն կայ ձեզի համար…

Յետոյ ձայնը պաղատագին կը դառնար, գրեթէ մրմունջ մը, աղօթք մը, որուն միջոցին կը լսէր միայն.

Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք, մեկնեցէք հոսկէ ձեր տեղերը, ձեր տէրերուն եւ անոնց որբերուն, որ ձեզի կը սպասեն ու դուք ժլատ էք անոնց համար, անոնց համար, որ կը ծնին, կ՚աշխատին, կը մեռնին ձեր կարօտովը:

Երբեմն մինչեւ հանճարեղ խօսքեր կ՚ելնէին իր բերնէն, վսեմ աղաղակներ, որոնց կը յաջորդէին կատաղութիւններ, սպառնալիքներ:

–Ամէնքդ ալ պիտի փչանաք, կը հասկնա՞ք, վատ եւ ստորին մետաղներ...

Երբ աղաղակները շատ բարձրանային, Յակոբ կ՚երթար եւ դռանը ետեւէն կ՚ողոքէր հիւանդը.

Բաց դուռը, Աննիկ, ի՞նչ կ՚ըլլայ. ես եմ, Յակոբը, քո որբդ, դուն զիս ալ չես յիշեր, զիս մոռցեր ես բոլորովին, բաց անգամ մը ու պիտի տեսնես թէ գոհ պիտի ըլլաս, թող տուր, որ քովիկդ նստիմ, քեզի հանդարտեցնեմ, ամոքեմ սիրտդ, քո բարի, ազնիւ տանջուած սիրտդ:

Յանկարծ սենեակին մէջ կատարեալ լռութիւն կը տիրէր, իբր թէ մէկը չըլլար հոն. երկար ատեն Յակոբ կը սպասէր պատասխանին, բայց իզուր:

Աննի՛կ, Աննի՛կ...

Յետոյ յուսահատած յիմար աղջկանը յամառ լռութենէն, սրտաբեկ կը վերադառնար իր սենեակը եւ կը սպասէր անձկանօք աւելի սարսափած այդ լռութենէն, մինչեւ որ Աննիկ սկսէր իր մրմունջները, պաղատանքները եւ վերջապէս կատաղի աղաղակները:

Օրէօր այդ խենթութեան տագնապները աւելի յաճախադէպ կ՚ըլլային. երկու անգամ, դարձեալ իր բացակայութեան Աննիկ իր սենեակէն ելած եւ գաղտագողի պտտքած էր տան մէջ:

Ապահով, բան մը կը փնտրէ կոր, բան մը կ՚ուզէ, որ չգտնար կոր... ըսած էր ծերունի սպասաւորը: Յակոբ խստիւ պատուիրուած էր անոր ամէն վտանգաւոր առարկայ վերցնել մէջտեղէն:

Մանաւանդ լուցկի, կրակ եւ այլն, ըսած էր:

Բայց հակառակ այդ զգուշութիւններուն չէր կրնար վստահիլ երկուքի ծալուած ծերունիի մը վրայ, որ սկսած էր նոյնիսկ տաժանքով քալել: Քանի մը օր ինքն իսկ տունը մնացած եւ հսկած էր, բայց ասոր վերջը չկար: Չէ, ա՛լ անկարելի բան էր, պէտք էր որոշում մը առնել, որքան ալ տխուր բան ըլլար, խեղճ աղջիկը պէտք էր հեռացնել տունէն եւ այդ վիճակին մէջ զինքը ենթակայ ընել հիւանդապահներու կոպտութեան:

Միւս կողմէ մանաւանդ աւելի փութկոտութիւն կը դնէր երթալ Աննիկին եղբայրներուն հսկողութեանը յանձնել զայն եւ անոր դրամը ամբողջովին, քանի որ գիտէր թէ անոնք կասկածած էին իր վրայ եւ եթէ ցարդ ուղղակի միջամտելու չէին համարձակած, ապահով, շատ գոհ պիտի ըլլային այս անակնկալ առիթէն, որ նոյնիսկ Յակոբ կ՚ընծայէր իրենց:

Զարմանալի եւ անբացատրելի բան մը կար Յակոբին համար. երկու եղբայրները, որքան որ առաջ իրեն հետ ցուրտ անտարբերութեամբ կը վարուէին, այն կասկածէն ի վեր, որ ինքը Աննիկին դրամ կամ անոր մեծ մասը իւրացուցած կրնար ըլլալ, փոխուած էին իրեն հետ: Ինքը միշտ առանձնացած ապրելով եւ հեռու այդ ընկերութենէն, չէր անդրադարձած թէ այդպէս են պուրժուական բարքերը: Ով որ դրամ ունի կամ կը կարծուի թէ ունի, ինչ միջոցով ալ ըլլայ, նոյնիսկ ի վնաս իրենց շահերուն ձեռք անցուցած, վարկ կը ստանայ: Սեղանաւորական բարքերով սնած եւ դրամին մոգական ազդեցութեան գիտակից մարդերու համար բնական եւ տրամաբանական էր, որ դրամը, օրհնեալ տարազը, զիրենք բռնադատէր վարկի եւ մեծարանքներու:

Բայց ինչպէս ըսինք, Յակոբ հեռու էր հասկնալէ այս պարագան, բայց իր ազգականներուն ժամանակէ մը ի վեր իրեն ընծայած կարեւորութիւնը տեսակ մը վստահութիւն կուտար իրեն եւ բոլորովին մէկ կողմ դրած էր նախկին երկչոտութիւնները եւ դիւրազգացութիւնները:

Յակոբ, կէսօրէ ետք մը, հասաւ տիկին Նոյեմի Սահակեանի տունը, հակառակ սպասաւորի արգելքին:

Հանըմս մարդ չկրնար ընդունիլ, այսօր որբանոցին տիկինները ժողով ունին վերը:

Ինքը պնդեց եւ այցաքարտին վրայ երկտողով մը յայտնելով այցելութեան ստիպողականութիւնը, ղրկեց տիկինին: Քանի մը վայրկեան ետքը սպասաւորկ դառնալով զինքը հրաւիրեց վեր:

Երբ Յակոբ սրահը մտաւ, չորս հինգ տիկիններ, հարուստ արդուզարդերով, սիրամարգի պէս հագուած, նստած էին սեղանի մը շուրջը. անոնց մէջ նշմարեց Զարուհին եւս, որ միայն պարզ քոսթիւմ թայէոռ մը հագած, մատներովը կը զարնէր սեղանի վրայ սրտնեղութեամբ:

Հա՛, աղէկ որ եկար, Յակոբ, ըսաւ, երբ անիկայ ամէնքը ողջունելէ ետքը ձեռքը իրեն կ՚երկնցնէր, այս տիկինները ժամ մըն է որ...

Զարուհի՛, միջամտեց տիկին Նոյեմի զայրոյթով, խնամակալութեան խնդիրներու մէջ ուրիշին խորհուրդ հարցնելու պէտք չկայ:

Պա՛հ, ուրիշի՜ն... իբր Յակոբ օտար ըլլար եւ յետոյ պահ մը ենթադրենք թէ օտար է, թո՛ղ մեզի համար ժողովրդական կարծիքը ըլլայ:

Եւ որովհետեւ Յակոբ` վիրաւորուած տիկին Նոյեմիի խօսքերէն կը պնդէր թէ չկրնար մնալ երկար ատեն, Զարուհի աճապարանքով միւս տիկիններուն կարծիքը առաւ եւ գոչեց տիկին Նոյեմիին քիթին խնդալով.

Լմնցաւ, մեծամասնութեան կարծիքը քեզի համար է, պէտք է որ մնաս:

Յակոբ շնորհակալութիւնը յայտնելու համար խոնարհեցաւ, բայց անգամ մըն ալ պնդեց.

Չեմ կրնար երկար ատեն մնալ, ներեցէք որ տիկին Նոյեմիին երկու խօսք ընեմ եւ մեկնիմ:

Չըլլար, ի՞նչ կարեւոր գործ կրնաս ունենալ, որ նախընտրես մեզ հետ մնալէն եւ յետոյ կը տեսնե՞ս, մարդ պէտք է կարենայ մէկ երկու ժամ զոհել, երբ խնդիրը մեր որբերուն վրայ է, այս տիկինները, աւելցուց աչքին ծայրովը խնդալով, որուն հեգնող արտայայտութիւնը Յակոբ եւ տիկին Նոյեմի միայն նշմարեցին, այս տիկինները, որ իրենց թանկագին ժամանակներուն մեծ մասը կը զոհեն որբերուն խնամակալութեան, քեզ պէտք է օրինակ առնես:

Եւ առանց ժամանակ ձգելու, որ մէկը զինքը ընդհատէ, ըսաւ անմիջապէս.

Ահաւասիկ, Որբասէր տիկնանց խնամակալութիւնը հրաւէր ստացած է երթալ միանալ ազգային որբանոցին հետ, իրեն որբերը յանձնել անոր եւ իր ջանքերը միացնել Ազգային հիւանդանոցի խնամակալութեան, բայց...

Ներեցէ՛ք...

Կը խնդրեմ խօսքս վերջացնեմ... ըստ իս սքանչելի գաղափար է. որբերը որբ են ամէն տեղ, ի՞նչ հարկ կայ խտրութիւն դնել նոյնիսկ անոնց մէջ. ամէնքն ալ արդէն ազգային բարոյական խնամակալութեան ներքեւ չե՞ն գտնուիր:

Բայց, տիկի՛ն, յաջողեցաւ վերջապէս ըսել թխորակ կին մը, բարձր հասակով, աննշան դէմքով, զոր Յակոբ ուրիշ ատեն տեսած էր Բերային մէջ: Տիկին Գալեմեան` նախկին տան վարժուհի` միջակ եւ յաւակնոտ դաստիարակութեան մը բոլոր իմաստակութիւնները եւ իր ձայնը պահած էր հին վարժուհիներու չոր եւ անախորժ շեշտը: Հակառակ իր ամուսնոյն նիւթական միջակ կացութեան, հարստութեան արտաքին երեւոյթներ կուտար ինքզինքին եւ ամեն ջանք կ՚ընէր, կուլ տալով շատ մը վիրաւորանքներ, հարուստներու շրջանակին մէջ մնալու: Իր ամուսինը հազիւ թէ կը հասնէր կնոջը արդուզարդին, երկու ծառաներուն ամսականները վճարելու եւ մնացեալը կը քալէր ինչպէս որ կրնար: Շարունակական դարպասները մէկ քանի ազդեցիկ տիկիններու` իրեն մուտքը կարելի ըրած էին Բերային շատ մը սալոններուն մէջ: Բայց ինչ որ իր յաջողութիւնը ապահոված էր` այն էր, որ ամէն տեսակ խնդիրներու մէջ հարուստներու կողմը բռնէր: «Բարձր դասակարգէ բառերը իրեն համար մոգական մը ունէին եւ այդ «բարձր դասակարգէ»-ին մէջ մնալու համար կարող էր ամէն վատութիւններու: Միւս կողմանէ, իր ընտանեկան նիւթական վիճակը չգիտցողներուն կատարեալ չտես հարուստի պատրանքը կուտար իր մեծախօս արդուզարդերով եւ գրեթէ միշտ ծառաներուն, յարաբերութիւններուն, ժամադրութիւններու վրայ խօսելով:

Ազգային որբանոցը ուրիշ, բարձր դասակարգի տիկնանց որբանոցը ուրիշ. միթէ՞ մէկ քանի բարձրաստիճան տիկիններ ազատ չեն որդեգրելու որոշեալ թուով միայն որբեր եւ զանոնք լաւագոյն վիճակի մը մէջ պահելու:

Օ՜հ, իրա՛ւ... այդ բարձրաստիճան տիկինները եթէ կրնան բան մը ընել, թող երթան ազգային որբանոցին միացնեն իրենց ուժերը... Եւ յետոյ կը կարծէք թէ այդ որբերուն բարոյականին համար լաւ բա՞ն մը կ՚ընէք զանոնք շփացնելով եւ վարժեցնելով, որ ձեզ շողոքորթեն: Գոնէ ազգային որբանոցին մէջ որբերը իրենց կացութեան գիտակցութիւնը ունին եւ աւելի ուշ քաջութիւնը կ՚ունենան դիմագրաւելու գէշ բախտին... կրնայ ըլլալ, որ ձեր որբերուն չափ լաւ չուտեն, լաւ չհագնուին, բայց աւելի աղէկ... անոնք կրնան մարդ ըլլալ, մինչդեռ ձերինները հիմակուընէ կը սկսին ուրիշին ձեռքը նայիլ, ուրիշներէն սպասել: Ձեզ այսօրուան տուած պստիկ առաւելութիւնը թակարդ մըն է...

Օ՜հ, տարօրինակ գաղափար...

Ինչո՞ւ տարօրինակ ըլլայ:

Տիկին Նոյեմի կատաղութենէն ինքզինքը կ՚ուտէր:

Որովհետեւ, խօսքը մէջերնիս, ի՞նչ կ՚ընենք կոր այդ որբերուն համար:

Ի՞նչ կ՚ընենք կոր, պոռթկաց տիկին Նոյեմի, նախ կը ջանանք, որ այդ որբերը իրենց վիճակէն վեր բաներու աչք չտնկեն եւ մոլորին...

Օ՛հ, օ՛հ... այսինքն` ամէն ջանք կ՚ընենք, որ եթէ անոնց մէջ տաղանդաւոր եւ խելացի աղջիկներ կան, իրենց անբախտ եւ նսեմ վիճակէն վեր չելնեն. ինչի՞ կը պատրաստուին ձեր որդեգիրները... Քիչ մը հագուստի փոխարէն, ձեր ծրագիրը կը ստիպէ զիրենք սպասուհի, խոհարարուհի եւ շատ շատ` դերձակուհի ըլլալու:

Ի՞նչ կ՚ուզէիր որ ըլլան, Զարուհի, իրենց ծնողքին ողջութեան ի՞նչ կ՚ըլլային այդ դասակարգին պատկանող աղջիկները...

Ճի՛շտ, ձեր խնամակալութենէն զերծ մնացող աղքատ ընտանիքներէն է, որ կէս անօթի, կէս ծարաւ մնալով, կ՚ելնեն ճշմարտապէս մեծ մարդիկը... կը բաւէ որ չմիջամտէք, սիրտերնիդ գէշ չըլլայ աղքատներուն համար եւ ողորմութիւն ընելու համար ձեր կանգունով ծրագիրներ չպատրաստէք եւ չկշռէք իրենց տրուելիք ուսումը, զարգացումը եւ այլն:

Առանց ուշադրութիւն ընելու Զարուհիին խօսքերուն իր սիրական թեզին դառնալով`

Իրաւունք ունի տիկին Նոյեմին, ըսաւ տիկին Գալեմեան իր վարդապետական ձայնով, ստորին դասակարգի աղջիկներուն իրենց վիճակին եւ կոչումին համար դաստիարակութիւն մը տալու, ինչ որ նկատողութեան չեն առներ ազգային որբանոցին մէջ, ուր որբերուն մէկ մեծ ժամանակը գրաւուած է ուսումնական ծրագիրով:

Նախ կ՚որոշէ՞ք ինձի բարձր եւ ստորին դասակարգերուն սահմանը, ըսաւ Զարուհի, իր ջինջ աչքերովը շեշտակի նայելով տիկին Գալեմեանի աչքերուն մէջ:

Այսինքն թէ...

Այսինքն թէ, թողէք ես ըսեմ, ժողովուրդը իր որբերը յանձնելու չէր հարուստ տիկիններուն... Ատկեց է, որ սխալը կը սկսի: Կոյր աչքէն արցունք սպասելու պէս բան մըն է աղքատներուն համար հարուստներէն բան մը սպասելը... Բայց խեղճերը չեն գիտեր, միշտ իրենց այնպէս հաւատացուած է, որ...

Ամէնքն ալ բացականչութիւններով ծածկեցին Զարուհիին խօսքերը, նոյնիսկ այն տիկինները, որ նախապէս լուռ մնացած էին` բան մը չհասկնալով: Զարուհի այլեւս մէկ կողմ դրած էր հեգնոտ եւ կատակախառն խօսքերը եւ ճշմարտապէս ոգեւորուած էր. բոլոր անզուսպ երեխաներուն պէս անոր հոգիէն մեծ մաս մը խուսափած էր ծնողքին եւ ընկերութեան հսկողութենէն եւ բնական մնացած էր... իրաւ է թէ քիչ մը վայրենի, բայց խորապէս մարդկային, որուն բոլոր թափովը կ՚ըմբոստանար այդ «բարձր դասակարգին» շահասէր դատողութիւններուն դէմ:

Բարեբախտաբար նոյն միջոցին սպասաւորը թէյ մտցուց եւ վայրկեան մը իրենց ուշադրութիւնը զբաղեցաւ իրարու ըրած մեծարանքներով:

Զարուհի ոտքի ելաւ եւ Յակոբի մօտ եկաւ գաւաթ մը թէյ բերելով:

Կը տեսնե՞ս, բարեկամս, ի՜նչ ապուշն էր:

Կամաց ըսէ՛, Զարուհի, կը լսեն:

Զարուհի անփութօրէն ուսերը թոթուեց.

Հոգս, աւելի աղէկ, հապա սա վարժուհի՞ն... զիս ամենէն աւելի կատղեցնողը ան է, առնելիքը ըլլայ...

Յակոբ սակայն, միշտ մտքովը զբաղած էր իր խնդրով եւ կէս մը ականջ կը դնէր Զարուհիին: Անդին տիկինները կամաց ձայնով կը խօսակցէին եւ որոշումներ կուտային, գոհ ըլլալով, որ Զարուհի իրենց մօտ չէ եւ չխանգարէր զիրենք: Տիկին Գալեմեան հանդիսաւոր շարժումներ ընելով կ՚ըսէր տիկին Նոյեմիին.

Իրաւունք ունիք, տիկին, թո՛ղ մեր որբերը մեզի ձգեն, ուրիշին ի՞նչ թէ ի՛նչ ծրագրով կը կրթենք զիրենք, ըստ իս, միշտ կը պնդեմ թէ լաւագոյնը իրենց կացութեան յարմար դաստիարակութիւն տալն է:

Հարկաւ թէ, հարկաւ թէ...

Որպէսզի վաղուան ձեզ ծառայողներ պատրաստէք...

–Ո՜ւհ, ի՛նչ անտանելի աղջիկ, Աստուածս:

Եւ տիկին Նոյեմի, անհանգիստ Յակոբի ներկայութենէն, կանչեց զայն իր մօտ եւ վայրկեան մը առանձնանալով հարցուց.

Դուն ի՞նչ կ՚ուզես տղաս:

Տիկին, օրիորդ Աննիկին համար եկայ, իր վիճակը հետզհետէ կը ծանրանայ կոր:

Է՛հ, ես ի՞նչ կրնամ ընել:

Կ՚ուզէի, որ իր եղբայրներուն եւ հարսներուն հետ խորհրդակցելով, որոշումի մը յանգէինք:

Իմ որոշումը շատոնց է որ յայտնած եմ ես, ըսաւ տիկին Նոյեմի չոր ձայնով մը:

Այո՛, բայց հիմա խնդիրը բոլորովին ուրիշ հանգամանք առած է:

Է՛հ, վերջապէս, դուն ի՞նչ կ՚ուզես որ ընենք...

Ե՞ս, չեմ գիտեր...

Լաւ՛, լաւ՛, ես բնաւ ժամանակ չունիմ զբաղելու այդ խնդրով, երեկոյին Սարգիս էֆէնդիին կ՚իմացնեմ, թող եղբօրը հետ կարգադրութիւն մը ընէ: Ու տիկին Նոյեմի հրաժեշտ տալով հեռացաւ: Յակոբ բարեւելով տիկինները աճապարեց մեկնելու. իր ետեւէն Զարուհի դուրս եկաւ:

Ի՞նչ կայ, Յակոբ:

Աննիկին համար էի, ըսաւ Յակոբ, տիկին Նոյեմիին չարութենէն վիրաւորուած սրտով:

Եւ աւելի երկարօրէն Զարուհիին պատմեց եղածը:

Դուն անհոգ եղիր, ես հայրիկս կը ստիպեմ, որ անմիջապէս զբաղի այդ խնդրով, խե՜ղճ աղջիկը... Աստուածս, ինչպէ՞ս պիտի ընեն:

Եւ բոլորովին փղձկած` խոնաւ աչքերը դարձուց Յակոբին:

Ի՜նչ դժբախտութիւն:

Յակոբ սանդուղներէն վար կ՚իջնար արդէն, երբ Զարուհի պոռաց ետեւէն.

Այս շաբթու օր մը, անպատճառ, չէ՞, ինչպէս որ համաձայնած էինք: Թերեւս վերջին անգամ մը կարենամ տեսնել խեղճ հօրաքոյրս:

 

Ամբողջ շաբթու Յակոբ սպասեց լուրի մը եւ մանաւանդ Զարուհիին այցելութեան:

Օրէօր Աննիկի վիճակը աւելի կը վատթարանար: Հիմա այլեւս գրեթէ ամէն օր կ՚ելնէր իր սենեակէն եւ ամբողջ տունը կը լեցնէր եղերական աղաղակներով: Երբ Յակոբ կը ջանար իրեն մօտենալ, կարծելով թէ հալածուելու վրայ է, կատաղօրէն կը փախչէր, մինչեւ վերի կէս մը փլած սենեակները կ՚ելնէր:

Այլեւս կմախացած ուրուական մը դարձեր էր ան, կիսամերկ, աղտոտ լաթի մը մէջ փաթտուած, թնճուկ մազերը գագաթին վրայ խռնուած եւ այնպիսի աչքերով ակնակապիճներուն խորը, որ անոնց արտայայտութենէն կարծես Յակոբ մագնիսացած` անկարող կը զգար որեւէ շարժում ընելու: Յաճախ Աննիկ բնաւ չէր ճանչնար զինքը, բայց երբեմն յիշողութիւնը կը վերադառնար եւ այն ատեն, փաթտուած իր լաթին մէջ, կը փախչէր եւ կը փակուէր սենեակը: Ասոր կը յաջորդէր, ժամերով, կատարեալ լռութիւն, իբր թէ սենեակը պարապ ըլլար... Նախկին շնորհալի եւ ուսեալ աղջիկէն բան մը չէր մնացեր ո՛չ ֆիզիկապէս, ո՛չ բարոյապէս, այնպէս որ Յակոբ հետզհետէ կը վարժէր իր սիրելի Աննիկը մեռած նկատելու: Հիմակուան ուրուականը չարաչար յոգնեցնելով զինքը, տեսակ մը վհատութիւն կը պատճառէր վերջապէս: Իզուր կը ջանար անոր մարած ուղեղին մէջ խելքի ցոլք մը բերելու. ամէն բան փչացած եւ վերջացած էր նախկին Աննիկէն, իր սպառնալիքներն իսկ կցկտուր կը դառնային եւ այլեւս Յակոբ բան մը չէր որոշէեր անոնցմէ, միայն շփոթ աղմուկ մը կը լսէր, որ զինքը կը սկսէր ձանձրացնել, այնքան անոնց դառն շեշտը աններդաշնակ էր իրեն մտածումներուն հետ:

Երբ Զարուհիին կը խորհէր... անոր աչքերը, անոր շրթունքը, անոր ձեռքերը կ՚երեւային իր աչքին, մութին եւ լոյսին մէջ. անոր հնչուն եւ տաք ձայնը կը փսփսար իր ականջներուն: Վերստին իր հոգիին բոլոր թափովը կը սիրէր զայն ու այնքան աւելի անոր հմայքին ներքեւ էր, որ չէր ուզեր մտաբերել թէ ինչո՞ւ Զարուհի պիտի գար զինքը տեսնելու, թէ ի՞նչ պիտի խնդրէր իրմէ, կը բաւէր որ անիկայ պիտի գար ու իր տունը պիտի խնկուէր անոր ներկայութիւնով, յետոյ ժամերով մինակ պիտի ըլլային ու իրարու պիտի ըսէին իրենց սրտի ցաւերը... Օ՜հ, այո, ինքը պիտի ըսէր թէ տարիներով տանջուած էր կնոջ մը համար, բայց այդ կնոջ անունը չպիտի տար երբեք... ու ինչպէս հեշտ պիտի ըլլար օրօրուիլ Զարուհիին խօսքերէն, մխիթարող խօսքերէն եւ մտքովը կը պատրաստէր իր ըսելիքները, կ՚երեւակայէր իրենց դիրքերը, իրենց նայուածքը ու շարժումները իսկ ու իր մելամաղձոտ աչքերուն մէջէն ցաւագին հեշտանքի սարսուռ մը կ՚անցնէր:

Բայց օրերը կ՚անցնէին ու Զարուհի չէր գար: Երբեմն յանկարծ իր վհատած հոգիին մէջէն կը գոռային զսպուած ըմբոստացումները. ի՜նչ անբախտ, ինքը բնաւ բաժին չպիտի՞ ունենար կեանքի հաճոյքէն... ա՜հ, անողոք, պչրող կինը, դիտմամբ ըսած էր, որ պիտի գար, զինքը սպասման տագնապներուն ենթարկելու համար. ի՞նչ հարկ կար խաղալու իր ցաւագին սրտին հետ, որ սիրելու կը տենչար միայն. ի՞նչ կ՚ըլլար, գոնէ անգամ մը ինքն ալ իր գլուխը հանգչեցնէր սիրող սրտի մը վրայ ու սրտին բաբախումներուն երիտասարդ սիրտ մը պատասխանէր անվերապահ զգացումով: Բոլոր որբերէն աւելի դժբախտ` տխուր բախտը զինքը որբացուցած էր քանիցս... ու այդ ժամերուն կեանքը ծանր կուգար ուսերուն, իր սրունքները կը կքէին անբախտութեան բեռին տակ եւ մշտնջենական հանգստի տարտամ կարօտ մը ապրելու կամքը կը նսեմացնէր իր մէջ:

Չքաւորները, տնանկները իրմէ աղէկ էին, գոնէ ընտանիք մը կ՚ունենային, որուն համար կը պայքարէին, կը տքնէին... աշխարհիս բոլոր չարքաշութիւնները թեթեւ կ՚երեւէին բաղդատմամբ իր մռայլ եւ անսէր կեանքին... յաճախ իր մտածումները կ՚ընդհատուէին Աննիկին աղաղակներէն. այն ատեն իր հոգիին խորէն ալ եղերական աղաղակներ կը բարձրանային մինչեւ շրթունքը եւ ինքն ալ փափագ կը զգար Աննիկին հետ գոչելու իր հոգիին դժնեայ վիճակը:

Այս հոգեկան տագնապներէն ջիղերը այնքան գրգռուած էին, որ երբեմն արագ-արագ կը քալէր սենեակին մէջ, գլուխը պարապ եւ այնքան յոգնած, որ հանգչելու պէտք կը զգար ժամերով:

Ապրիլ ամսուան մէջ էր. բաց պատուհաններէն լիլաներու եւ շահպրակներու բուրմունքը կը հասնէր մինչեւ իրեն եւ բզէզներուն անվերջ բզզիւնը իր ականջին կեանքի հեշտանքը կը մրմնջէր: Թռչուններ, թառած մօտակայ նոճիի մը վրայ, կ՚երգէին անընդհատ: Յակոբ, տենդագին, պատուհանին մօտ կուգար եւ մեքենաբար կը դիտէր Չամլըճայի կողն ի վեր երկարող արահետները, որոնք կը ծածկուէին հետզհետէ մութ կանանչ թուփերով: Երբեմն, գունագեղ ֆերաճէներնուն մէջ, շնորհալի հանըմներ հաճելի ներդաշնակութիւն մը կը դնէին իրենց նազելի քալուածքով այդ երկայն ճամփաներուն վրայ: Աւելի վար, ընդարձակ արտերուն նորածիլ հասկերուն մէջ հարսնուկները կը տատանէին մեղմօրէն իրենց շատ կարմիր թերթերը թօթափելով: Ու հեռուէն գեղջուկի մը կարօտագին երգը կը թրթռար միօրինակ եւ միամիտ, օրօրելով իր խոնջենքը:

Բայց Յակոբ այնքան զբաղուած էր իր ներքին զգացումներով, որ հազիւ թէ կը զգար գարնան փայփայանքը. գաղջ եւ բուրումնաւէտ օդը կ՚անցնէր իր ջերմագին ճակատին վրայէն առանց զայն ամոքելու: Իր սեւ աչքերը գրեթէ միշտ ստուերուած էին անսահման տխրութիւնով եւ կը բաւէր այդ ցաւագին աչքերուն նայիլ հասկնալու համար անոր հոգիին տառապանքը: Բայց երբ ցաւը կը հանդարտէր հոգիին մէջ եւ տառապելէ ետքը, յոգնած, կ՚ընկղմէր անուշ մելամաղձոտութեան մը մէջ, Զարուհիին յիշատակը կը մեղմանար եւ հաճելի զգայնութեան մը կը փոխուէր: Կամաց-կամաց բոլորովին մոռցած էր անոր այցելութեան շարժառիթը եւ միայն կը ցանկար զայն տեսնելու եւ իրեն կը թուէր թէ Զարուհիին ներկայութիւնը արդէն բաւական պիտի ըլլար զինքը ամոքելու բոլորովին:

Այս վիճակին մէջ էր եւ արդէն գրեթէ յուսահատած զայն երբեք տեսնելէ, երբ Զարուհի շաբաթ օր մը կէսօրէ ետք եկաւ Սկիւտար:

Յակոբ այն օրը տեսակ մը վատառողջ թմրութեան մէջ էր, ֆիզիկական յայտնի տկարութիւն մը կը զգար, իր բոլոր անդամներուն մէջ ջլատումի զգացում մը. իրեն թուեցաւ թէ կեանքը կը հեռանար իր մարմնէն: Գէշ գիշեր մը անցուցեր էր. Աննիկ չէր հանդարտած ոչ իսկ ժամ մը ու խեղճ տղան փոխն ի փոխ սարսափած, յուսահատած` քնատ մնացեր էր, մինչեւ այն ժամուն ննջասենեակին մէջ, անկողնին վրայ երկնցած էր հազիւ երբեմն մրափելով:

Երբ Զարուհի սենեակէն ներս մտաւ, Յակոբ այնքան դժգունեցաւ, որ երիտասարդ կինը զայն հիւանդ կարծեց, բայց Յակոբ զայն ձեռքի շարժումով մը ապահովցուց եւ կորաքամակ սպասաւորին սպասելէ ետքը, որ տիկինը հիւրասենեակ առաջնորդէ, գրեթէ դողդողալով ելաւ հագուեցաւ:

Զարուհի խօլ զուարթութիւն մը ունէր այն օրը, որ բնաւ չէր ներդաշնակուէր Յակոբին վիճակին հետ: Բայց քիչ ետքը Յակոբ անդրադարձաւ, որ այդ զուարթութիւնը ջղային եւ անձկալի վիճակ մը կը ծածկէր: Զարուհի նախ բնաւ ակնարկութիւն չըրաւ իր այցելութեան բուն նպատակին, իբր թէ բնաւ գոյութիւն չունենար: Յակոբին հետ, որ երազի մէջ ըլլալ կը կարծէր, այնքան իր ձայնը եւ շարժումները տարօրինակ կը թուէին իրեն իսկ, բաւական ատեն պտտելէ ետքը պարտէզին մէջ, որոշեցին Չամլըճայ երթալ:

Վերջալոյսը կը մօտենար եւ օդը անօրինակ թափանցկութիւն մը առած էր. ճանճերուն եւ բզէզներուն թեւերն իսկ ոսկեզօծ կ՚երեւէին եւ սարդոստայնի թելեր օդին մէջ կը պտուտքէին թեթեւ հովէն մղուած ոսկեթելերու պէս: Իրենց ամէն քայլին խոտերուն մէջէն զանազան բուրմունքներ օդին մէջ կը բարձրանային եւ անոր մեղրի համ համ կուտային:

Զարուհի կը բացատրէր թէ ինչպէս արդէն իր հայրը եւ հօրեղբայրը խորհրդակցած էին եւ որոշած էին օրիորդ Աննիկը փոխադրել ֆրանսիական հիւանդանոցը:

Այն ատեն, գիտե՞ս, Սկիւտարի մէջ թաղուելու պէտք չկայ, եկուր Բերա, մեր մօտ բնակէ:

Յակոբ գորովանքով իրեն նայեցաւ:

Մայրս արդէն քեզի ըսելիք բան մը ունի: Օ՜հ, չէ՛, ես չպիտի ըսեմ, անակնկալը պէտք է կատարեալ ըլլայ, ամէն պարագայի մէջ դժգոհ չպիտի ըլլաս:

Շնորհակալ եմ մօրդ հոգածութենէն, բայց ի՞նչ բան կը մղէ զինքը ինձմով զբաղելու:

Պա՛հ, այնքան տղայ չեմ, որ բերնէս փախցնեմ, քեզի միայն կ՚ըսեմ թէ դժգոհ չպիտի ըլլաս:

Յակոբ անփութութեան տարտամ շարժում մը ըրաւ եւ միեւնոյն ատեն նախազգացումը ունեցաւ թէ Զարուհիին խօսքերուն տակ ծածկուած դիտաւորութիւնը զինքը չարաչար պիտի վիրաւորէր, մանաւանդ անոր շրթունքներէն արտասանուած: Եւ աւելին գիտնալ չուզելով սկսաւ խօսիլ անտարբեր նիւթերու վրայ:

Մինչեւ արեւի մայր մտնելը Չամլըճային գագաթը մնացին. դիմացի լեռնաշղթաներուն կապտորակ սիլուէտը, լոյսով ճերմակ երկնքին վրայ, անոնց տարածուած կողերուն նուրբ կորութիւնները անսահման խաղաղութեան զգացում մը կը ներշնչէին իրենց: Երկուքն ալ երկար ատեն լուռ մնացին առանց մտածելու, առանց երազելու, իրենց հոգիին մէջ ունենալով այն կատարեալ եւ հազուագիւտ լռութիւններէն մէկը, զոր գերազանցապէս գեղեցիկ գիծերու տեսքը յառաջ կը բերէ երբեմն: Մութը քիչ մը սկսած էր, երբ վերադարձան. ճամփան իրենց լռութիւնը կը շարունակուէր: Զարուհի անբացատրելի ներքին զգացումով մը չէր համարձակեր Յակոբը զբաղեցնել իր խնդրով: Յակոբ իր կարգին երկչոտ եւ տկար կը զգար ինքզինքը եւ այս զգացումը տաժանելի բան էր. իրեն կը թուէր թէ հողը ոտքերուն տակէն կը փախչի եւ թէ ամէն բան ա՛լ անդառնալիօրէն վերջացած է:

Երբ Զարուհին աճապարանքով ամուսնացուցեր էին երկու տարի առաջ մանչեստրցի վաճառականին հետ, պատճառը անառակ աղջկան մէկ նոր սիրային խնդիրն էր, որ բոլորովին գայթակղեցուցեր էր Բերայի շնորհքով ընտանիքները: Խնդիրը Եւրոպայէն նոր եկող երիտասարդ ճարտարապետի մը` Գրիգոր Մարտիկեանի վրայ էր, որ այն միջոցին ստանձնած էր Միսաք էֆէնդիին մէկ շինութիւնը: Հակառակ արցունքներուն Զարուհին բաժներ էին անկէ. սկիզբները ամուսնական կեանքի նորութիւնները, ճամփորդութիւնը զբաղեցուցեր էին երիտասարդ կինը, որ վայրկեան մը մոռցեր էր ճարտարապետը: Բայց Զարուհիին միշտ բորբոքուած երեւակայութիւնը, դիւրաբորբոք եւ փոփոխամիտ խառնուածքը գոհացնելու բոլորովին անընդունակ մարդ էր այդ ամուսինը:

Ամուսնական կեանքը աստիճան մը հանդարտեցուցած էր Զարուհին, բայց քանի մը ամիսէն սկսած էր ձանձրանալ եւ թեթեւ հիւանդութիւն մը պատճառ բռնելով, եկած էր Պոլիս: Քանի մը ամիս եւս մօրը քովը անցընելէ ետքը, դարձեալ ճամփորդութեան փափագ զգալով, Եւրոպայի շատ մը քաղաքներ պտտելէ ետքը, վերադարձած էր ամուսնոյն քով: Այդ ճամփորդութեան միջոցին էր, որ շոգենաւին վրայ երկրորդ նաւապետին հետ առաջին անգամ խաբած էր իր ամուսինը եւ տեղի տուած էր այնպիսի եղերական խնդրոյ մը, որուն արձագանքը մինչեւ Պոլիս հասած էր: Ամուսինը այս անգամ ուզած էր զսպել իր եզական եւ թափառական կինը, բայց Զարուհի այնպիսի կիներէն չէր, որ երկար ատեն ամուսինի մը լուծին տակ կը մնան. սկիզբները այդ մարդուն բռնութիւնները զինքը զուարճացուցած էին եւ նոյնիսկ ակամայ հաճոյք մը զգացած էր իրմէ ուժով կամքի մը հպատակելու մէջ:

Բայց իր վարուելու տարօրինակ կերպերը, իր խիզախ եւ անզուսպ նկարագիրը, վերջապէս, վիճաբանութեանց եւ կռիւներու տեղի տուած էին, այնպէս որ այլեւս ամուսինը յուսահատած` թողած էր, որ ուզածը ընէ: Պէտք է խոստովանիլ նաեւ թէ իր կնոջը օր մը ընդունելիք ժառանգութիւնը մեծ բաժին ունեցած էր իր ներողամտութեան եւ համակերպութեան մէջ: Զարուհի առանց խորհելու այս բաներուն, տեսակ մը բնազդական արհամարհանք զգացած էր իր ամուսնոյն համար եւ նոյնիսկ զինքը չկարենալ զսպելու համար թերեւս, ալ չուզելով իր քով ապրիլ, վերադարձած էր Պոլիս:

Իր հօր տան մէջ կրկին հանդիպած էր Գրիգոր Մարտիկեանին, հիմա յառաջացած եւ արդէն սկսած մեծ դիրքի մը տէր ըլլալու: Մարտիկեան, գեղեցիկ երիտասարդ, շուտով բարի բախտեր ունեցած էր իր յաճախած տուներուն մէջ: Իր ուսանողական կեանքի միջոցին արդէն բաւական փորձառութիւն ունեցած էր կնոջ վրայ եւ մօտաւորապէս գիտէր թէ անոնք յաւիտենապէս ինչ ծուղակներուն մէջ կը բռնուին: Զարուհիին հրապուրիչ գեղեցկութիւնը բուռն ազդեցութիւն ըրած էր իր վրայ, բայց անոր մասին պտտած զրոյցներէն գիտէր անոր փոփոխամիտ, քմայքոտ հոգին: Գիտէր նաեւ, որ գեղեցիկ, երիտասարդ, հարուստ, երբեք ցրտութեան չէր հանդիպած եւ անոր պչրանքները յաջողած էին ամէն անգամ դիւրութեամբ: Ինքը գործնական մարդ` պէտք ունէր ազդեցիկ սիրուհիի մը, որ քանի մը տարի շարունակ իրեն անձնուէր մնար եւ կարենալ յաջողցնել հարուստ դասակարգին մէջ իր բոլոր ճարտարապետական ձեռնարկները: Զարուհի ճիշտ պէտք եղած կինն էր, բայց դժուար, գրեթէ անկարելի բան էր այդ նկարագիրով կնոջ հետ երկայն կեանք մը ունենալ: Եւ նոյնիսկ ո՞վ գիտէր թէ անոր թելադրիչ նայուածքները, ժպիտները պարզ պչրանքներ չէին, որոնք որեւէ հետեւանք կրնային չունենալ:

Մարտիկեան դեռ այնքան ուժգնօրէն սիրահարուած չէր ղեկը կորսնցնելու համար: Ճարտարապետական յատակագիծ մը պատրաստելու պաղարիւնութեամբ, որոշեց իր վարուելու ծրագիրը:

Բաւական ատեն Զարուհիին դարպասելէ եւ նոյնիսկ յայտնութիւններ ընելէ ետքը սկսաւ տակաւ հեռանալ անկէ: Իր այցելութիւնները ցանցառցան, իր երկայն բացակայութիւնները կ՚արդարացնէր, ըսելով թէ անձնական գործեր զինքը չափազանց կը զբաղեցնէին: Զարուհի նախ զարմացաւ, յետոյ կատղեցաւ այս փոփոխութենէն. վայրկեան մը հպարտութեան զգացումին անսալով, ուզեց մոռնալ զայն, բայց շատ ուշ էր արդէն: Ու պատահեցաւ, ինչ որ Մարտիկեան կը յուսար. Զարուհիին սրտին մէջ այս պատառատուն սէրը աւելի խոր արմատ դրաւ. ինքն ալ ի կարգին ճանչցաւ անտեսուած ըլլալու չարչարանքը... հետ միջոց մը ականջին հասաւ թէ Մարտիկեան հարուստ ամուսնութիւն մը պիտի ընէր: Զարուհիին վայրենի եւ անզուսպ նկարագիրը ի յայտ եկաւ իր գերագոյն արժէքին մէջ. ընկերութեան առջեւ ծածկելու դատապարտուած, քաջութիւնը ունեցաւ անշշուկ դիտելու, որ Մարտիկեան իր աչքին առջեւ ուրիշներուն դարպասէր եւ հազիւ ուշադրութիւն ընէր իրեն: Երբեմն երեկոյթներու մէջ, մինչեւ շրթունքը դժգունած` շարունակեց խնդալ եւ իր աչքերը, իր մթին, սքանչելի աչքերը հեռացուց այն անկիւններէն, ուր գիտէր թէ իր սիրելին կը գտնուէր եւ սակայն հետաքրքրութենէն կը մեռնէր գիտնալու թէ որո՞ւ հետ կը խօսէր անիկայ:

Զարմանալին այն է, որ մինչ Զարուհիին ամենաթեթեւ քմահաճոյքները անգամ ամէնքը կը գիտնային եւ խօսակցութեան նիւթ կը հայթայթէին ամէնուն, այս ճշմարիտ սէրը գաղտնի մնաց: Ասիկայ շատ անկեղծ բան մըն էր իր սրտին խորը ծածկուած, ուժգին եւ չփոխարինուած հրայրք մը, որ տառապանքի ծիրը կը դնէր իր աչքերուն շուրջը, այնքան շռայլ արցունքի, այս անգամ իր երկար անքուն գիշերներուն մէջ աչքերը չոր կը մնային: Տառապանքը զինքը կ՚ըմբոստացնէր եւ կը մտադրէր հեռանալ, իր ամուսնոյն դառնալ, բայց ինքզինքը շատ թոյլ կը զգար այդպիսի որոշում մը կատարելու համար: Ու հոգիին խորէն կը զգար թէ ինչպէս խորապէս կապուած էր անսիրտ երիտասարդին. անոր խօսքերը կը տաբերէր, կ՚ուզէր անցած եւ արդէն մոռացուած նախադասութիւններուն մէջէն հասկնալ այսօրուան անտարբերութեան պատճառը ու նկուն, հլու, հոգիով եւ մարմնով տկար, ինքզինքը կը լքէր իր ցաւին: Այդ վայրկեաններուն Մարտիկեան կրնար գալ եւ ամենէն յիմար բաները հրամայել. Զարուհի պիտի հնազանդէր իրեն:

Այլ սակայն վայրկեան մը եղաւ, որ Մարտիկեանի հաշիւները ի դերեւ պիտի ելնէին. Զարուհի յանկարծ որոշեց մեկնիլ, հեռանալ եւ ներկայ չգտնուիլ ամուսնութեան մը, որ ամէնքը կ՚ըսէին թէ մօտ օրէն պիտի որոշուէր: Կացութիւնը շատ լարուած էր, երբ դիպուածը օգնութեան հասաւ, Միսաք էֆէնդին պէտք ունեցաւ Մարտիկեանին կարեւոր գործի մը համար ու կրկին իրենց մտերմութիւնը սկսան. մայրը ատենէ մը ի վեր յօդացաւէ բռնուած, շուտով կ՚առանձնանար իր սենեակը եւ երկուքը մինակ կը մնային. մինչ հայրն ալ ուրիշ սենեակի մը մէջ թղթախաղով կը զբաղէր երեկոյեան սովորական այցելուներուն հետ:

Աւելի ուժգնօրէն Զարուհի կապուեցաւ Մարտիկեանին. անոր կեղծ ցրտութիւնները կը գրգռէին իրեն սրտին զգացումը: Ատենէ մը ի վեր, Մարտիկեանի պատճառով սէրէ եւ գորովանքէ զրկուած, Զարուհի այն վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուէր, որ ամենէն խելօք կիները յիմարութիւններ ընելու կը մղէ:

Յակոբին այցելելէ առաջ, իրիկուն մը ցաւէ եւ յուզմունքէ բաբախուն, Մարտիկեանի մէկ դրդումին վրայ ինքզինքէն ելած, յայտնեց վերջապէս թէ ինչչափ տառապած էր իրեն համար: Իր մութ կապոյտ աչքերը տենդագին արցունքներով ծածկուեցան եւ բառերը կը մարէին իր դողդոջուն շրթունքներուն վրայ. յետոյ ամօթալի` ինքզինքը յայտնելուն, իր անտեսուած սիրոյն բովանդակ տխրութեան մէջ, առանձնացաւ իր սենեակը չթողլով որ Մարտիկեան բառ մը ըսէ: Եւ ահաւասիկ, անկից ի վեր չէր երեւցած բնաւ, նոյնիսկ կ՚իմանար, թէ հօրը գործերը կարգադրելու համար անոր գրասենեակը կ՚երթար: Այս բացակայութիւնը զինքը լուսաւորած էր իր կացութեան մէջ. վայրկեանի մը մէջ հասկցած էր ինչ որ օրերով մտքէն իսկ չէր անցած: Մարտիկեանին նկարագիրը եւ մանաւանդ վարուելու եղանակը իրեն զզուանք եւ դառն արհամարհանք կ՚ազդէին: Այլեւս չափազանց զգացուած խաբուած ըլլալուն համար` Զարուհի հիմա միջոց մը կը խորհէր հասկցնելու համար անարժան երիտասարդին` թէ իր վարմունքը զզուելի բան էր եւ թէ այլեւս գաղտնիք մը չէր իրեն համար: Արցունքները հետք չէին ձգեր անոր դէմքին վրայ ու ընդհակառակն աչքերը աւելի կենդանի եւ կեանքով առլեցուն, դէմքը աւելի թարմ կը դառնար ինչպէս ծաղիկները գարնանային անձրեւէ մը ետքը: Բայց Զարուհին այս անգամ պայքարելու չէր միմիայն սիրային խնդրի մը դէմ. իր կնոջական արժանապատուութիւնը գրգռուած նոր զգայնութիւններով, մինչեւ ցարդ անծանօթ հրայրքով մը կը բռնկցնէր իր ըմբոստացած արիւնը: Միւս կողմանէ իր առօրեայ կեանքին մէջ ստելու եւ ինքզինքը ծածկելու հարկադրուած, այդ զգացումները արծարծուած կը մնային եւ յագուրդ չէին գտնար: Սիրտը կը դողար, որ ուրիշի մը սրահին մէջ Մարտիկեանին կը հանդիպէր եւ ինքզինքը չէր կրնար զսպել երեսին թքնելու համար սրտին բոլոր արհամարհանքը... Անոր անհամ գեղեցկութեան յիշատակն իսկ անյաղթելի զզուանք կ՚ազդէր եւ կը զարմանար թէ ինչ սատանայ իր աչքերը քօղարկած էր, որպէսզի չտեսնէր բոլոր այդ յայտնի տգեղութիւնները:

Իր միտքը սեւեռած էր հիմա մէկ բանի մը վրայ` յայտնել Մարտիկեանին իր խորունկ արհամարհանքը, նոյնիսկ հաւատացնել իրեն թէ անկեղծ չէր իր նախապէս յայտնած սիրոյն մէջ: Ամէն տեսակ մեքենայութիւններ մտքէն անցան, նոյնիսկ վայրկեան մը խորհեցաւ, որ ուրիշի մը հետ կապուելով անմիջապէս հասկցնէր թէ իրեն դարպասներուն պէտք ունէր երկրորդի մը ուշադրութիւնը եւ ախորժակը սրելու համար: Բայց ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ միջոցով կրնար ինքզինքը բացատրել: Նամակի մը գաղափարը տարտամօրէն կը ներկայանար մտքին, բայց չէր համարձակեր որոշումի մը յանգիլ. ըսել իր կասկածները, իր տագնապները ու միայն Յակոբին վրայ վստահութիւն ունէր, անոր բարեկամութեանը ապաւինած էր բոլորովին:

Չամլըճայէն իջած ատեն, աչքերը սեւեռած դիմացի հորիզոնին, որ մշուշի մէջ ծածկուած կը տարածուէր ամբողջ Կ. Պոլսոյ համայնապատկերը ընծայելով, կը խորհէր այս բաներուն: Նաեւ Յակոբին վարմունքը իրեն նկատմամբ` տեսակ մը տարտամ վրդովմունք կ՚ազդէր իրեն եւ ներսէն ձայն մը զինքը կը դղրդէր լռելու այդ խնդիրներուն վրայ, բայց ուրիշ մէկը չունէր, հաւատարիմ եւ անձնուէր ձեռք մը չկար իր մօտաւորներուն մէջ, որ իրեն ձեռք տար եւ զինքը բարձրացնէր այդ բարոյական անկումէն: Իր մայրը` թուլամորթ եւ հարկադրուած մշտնջենական հանգստի, մանաւանդ հիմակ, որ յօդացաւը պատճառ մը եւս կ՚ըլլար իր անգործ կեանքին, զինքը ոչ մէկ օր չէր հասկցած, հայրը գործերու մէջ թաղուած, իր բոլոր պարտականութիւնները կատարած կը համարէր, երբ օրէօր իր աղջկան ժառանգութիւնը կը խոշորցնէր, իսկ բոլոր ազգականները իրեն թշնամիներ էին, զինքը կ՚ատէին իր վայրենի եւ խրտչող բնութեան, մտածածը ըսելու անկեղծութեանը համար ու ոչ մէկ ձեւով չպիտի ուզէր անոնց բերանը իյնալ: Սկիզբէն մտածած էր եւ դարձեալ հակառակ ամէն նկատողութեան իր վիրաւորուած սիրտը անոր ապաւինեցաւ: Անոր քաղցր եւ ներողամիտ բնաւորութիւնը, անոր անկեղծութիւնը, անոր երազուն եւ միամիտ պատանիի պարզութիւնը զինքը կը հրապուրէին: Մանկութեան օրերէն երկու երիտասարդները փոխադարձ գորով ունեցած էին իրարու համար եւ ոչ մէկ ատեն Յակոբին համարումը պակսած էր իր վրայէն նոյնիսկ երբ ամէնքը կը քննադատէին իր վարմունքը, Յակոբը չէ՞ր, որ բարի եւ յուզուած, ճանչցած էր իր արցունքներուն գինը ու իր համակրանքով, իր անսահման եւ խռովիչ համակրանքովը կազդուրած էր զինքը գէշ բախտին դէմ, առանց գրեթէ բառ մը ըսելու, միայն իր մելամաղձոտ աչքերուն արտայայտիչ տխրութեամբը...

Յանկարծ Զարուհի կեցաւ եւ իր ընկերոջը նայեցաւ. արեւմուտքի անթափանց լոյսին մէջ անիկայ այնքան դժգոյն էր, որ հիւանդ կ՚երեւէր: Անոր գրեթէ ճերմակ ճակատին վրայ շագանակագոյն մազերու խոպոպ մը կ՚իյնար եւ աւելի կը շեշտէր դէմքին դժգունութիւնը. աչքերը աւելի սեւ եւ աւելի երկայն կը թուէին բարակ կամարաձեւ յօնքերուն տակ, որոնց կանոնաւոր գիծը ա՛լ աւելի որոշ կ՚երեւէր մեռելի պէս դժգոյն դէմքին վրայ: Դեղին բեղերուն տակին շրթունքը տենդէն չորցած, կիսաբաց էին շնչառութեան դժուարութենէն ու ամբողջութեանը վրայ տառապանքով եւ վշտով օծուած երիտասարդ մարտիրոսի բան մը ունէր, գրեթէ անէացած ու միտքը հեռուն, բացարձակ զգացումներու վերացումովը:

Անոր բարակ երկայն հասակը, ճերմակ ձեռքերը վտիտ մատներով, կ՚ամբողջացնէին այդ զգայնութիւնը: Զարուհի հոգիին խոօրէն ուժգին զգացում մը ունեցաւ. կարծես առաջին անգամը ըլլալով կը տեսնէր զայն այնքան փոխուած եւ ուրիշ կ՚երեւէր իր աչքին` զգացումներու գերագրգռման մէջ եւ կայծակի արագութեամբ միտքէն անցուց թէ ո՞վ եւ ի՞նչ բան կրնար զինքը այսպէս այլափոխած ըլլալ, կի՞ն մը... ա՜հ...

Եթէ ես այսպէս ուժգնօրէն սիրուէի, միշտ հաւատարիմ պիտի մնայի, խորհեցաւ ան:

Եւ ասիկայ անկեղծ զգացում մըն էր, որուն մէջ կը խառնուէր նախանձի տարտամ զգացումի մը հետ տանջանքի շփոթ խռովք մը:

Կ՚ուզէր բան մը ըսել, բայց վանկերը կը խուսափէին կ՚անցնէին առանց շրթունքին գալու: Աչքերը գետինը յառեց եւ հովանոցին ծայրովը ջղուտ շարժումներով գիծեր ակօսեց հողին վրայ:

Ի՞նչ բանի կը խորհիս, Զարուհի, ըսաւ վերջապէս Յակոբ, որուն ձայնին յուզուած շեշտը անկարելի էր արտայայտել:

Կը խորհիմ, որ ես շատ անբախտ եմ:

Յակոբը գլուխը շարժեց տխրութեամբ:

Լա՛ւ, չես հաւատար, չէ՞... երեւոյթները քեզ կը խաբեն ու կը կարծես որ ինձի պէս յիմարաբար զուարթ կին մը չկրնար դժբախտ ըլլալ:

Յակոբ անոր վրայ բարձրացուց իր մելամաղձոտ աչքերը:

Դուն ալ անբախտ ես, Յակոբ, այսչափ ատեն քեզ կը ճանչնամ, երբեք այսպէս տեսած չէի... ի՞նչ ունիս սրտիդ մէջ:

Եթէ գիտնայիր, եթէ գիտնայիր, մրմնջեց խեղճ երիտասարդը ու ձայնը դողդողաց իր սեղմուած կոկորդին մէջ:

Զարուհի համակրանքով ձեռքը բռնեց ու սեղմեց, յետոյ իր մութ կապոյտ աչքերը այնպիսի բուռն գորովով մը լեցուեցան, ուրկէ Յակոբ ողողուած զգաց ինքզինքը լուսաւոր լոգանքի մը պէս...

Յետոյ արագ-արագ, կարծես մտածումներէն փախչելով, իջան լեռան կողերէն եւ տուն հասան գրեթէ առանց խօսելու:

Ճաշի ատեն Զարուհի վերագտած կը թուէր իր զուարթութիւնը եւ կը խօսէր, կը խնդար անվերջ, Յակոբին պատմելով շատ մը պստիկ դէպքեր, իրենց յարաբերութեանց շրջանակէն:

Յակոբ դժուարաւ կը հետեւէր անոր. միտքը կը յամենար ուրիշ մտածումներու վրայ, իր երակներուն մէջ կարծես աւելի հարուստ արիւն մը կը պտտէր, անդամները ճկուն կը զգար եւ հոգին կը վերանար երջանկութեան անսահման զգացումի մը մէջ:

Չամլըճայի կողերուն վրայ Զարուհիին նայուածքը ճանչցեր էր, սիրոյ եւ գորովանքի նայուածքը, որ քանիցս տեսած էր դառնալը ուրիշներուն վրայ... յետոյ շատ լաւ կը հասկնար, որ այդ բռնի զուարթութիւնը մեծ յուզում մը կը ծածկէր:

Արդարեւ, հետզհետէ Զարուհիին զուարթութիւնը կ՚իյնար եւ իր շարժումները նուաղկոտ հանդարտութիւն մը կը ստանային. անոր աչքերու արտասովոր փայլին կը միանար նաեւ այտերուն տենդագին կարմրութիւնը, որ իր ամբողջ դէմքին հրայրքոտ անձկութիւն մը կուտային. յետոյ տխրութիւնը յաջորդեց վերջապէս, աչքերը մարեցան եւ շրթունքը մասնաւոր ձեւ մը առին, շփացող տղու շրթունքներու պէս:

Կէսգիշերը մօտիկցած էր եւ վարը` ընդարձակ հիւրասրահին մէջ, ընթրիքէն ի վեր երկու երիտասարդները կը խօսակցէին շփոթուած եւ գրեթէ չարչարուելով չկրնալուն բուն իսկ իրենց տեսակցութեան նիւթին գալու, բայց այլեւս իրենց նայուածքները յուզումէն յոգնած էին եւ իրենց թափառող խօսակցութիւնը սնոտի նիւթերու վրայ վերջ մը գտած էր:

Պարապ տունին առաստաղները կը ճռնչէին եւ իրենց կը թուէր թէ մէկը կը թափառէր վերը... դուրսէն հովը կը մրմնջէր պատուհաններուն ետեւէն եւ սիրոյ ցաւէն բռնուած շուներուն հեծեծանքը կ՚երկարաձգուէր գարնան գաղջ ու բուրումնաւէտ գիշերին մէջ:

Վերջապէս բառերը կուգային Զարուհիին շրթունքին վրայ. ինքնալքումի անսահման զգացումի մը մէջ կ՚ուզէր ամէն բան ըսել, պատմել իր հոգիին տառապանքը ու ցած ձայնով, իբր թէ սենեակին մէջ ուրիշները ըլլային, ըսաւ Յակոբին Մարտիկեանի վարմունքը: Յետոյ յայտնեց իր դիտաւորութիւնները ու խոստովանեցաւ, որ եթէ իր կնոջական բնազդին հետեւէր, ամէն ջանք պիտի ընէր խենթի պէս սիրահարեցնել զայն իրեն եւ երեսի վրայ ձգել վերջին վայրկեանին: Հիմակ որ ինքը չէր սիրեր այլեւս, իր պչրանքներուն վրայ յոյս ունէր:

Ա՜խ, Յակոբ, ըսաւ վերջապէս Զարուհի, անոր երկու ձեռքերը բռնելով, հիմակ որ ամէն բան գիտես, քաջութիւն չունիմ աչքերուդ մէջ նայելու...

Յակոբ հետզհետէ այլափոխուած էր. անոր աչքերը, որ Զարուհիին պատմութեան միջոցին ցաւագին բան մը ունէին, հետզհետէ կը ծածկուէին վրդովմունքի մշուշով մը, շրթունքը քանիցս դողդոջեցին բան մը ըսելու համար, բայց վերջապէս լուռ մնաց եւ սկսաւ զգուշանալ Զարուհիին նայելու: Իր ամբողջ անձին վրայ ցաւի եւ հպարտութեան, ինչպէս նաեւ յանդիմանութեան դիրք մը ունէր: Զարուհի նշմարեց ասիկայ, բայց իր սեւեռեալ մտածումը թոյլ չտուաւ, որ հետապնդէր եւ պատճառը հասկնար. միայն բնազդով հասկցաւ թէ հարկ էր Յակոբը ողոքել:

Դուն այնքան բարի եւ ներողամիտ եղած ես ինձի համար, ես իրաւամբ արժանի չեմ քո համարումիդ, ու աչքերը աւելի մթնեցան արցունքներով:

Ես շատ գէշ կին մը եղած եմ, չէ՞. դուն զիս արհամարհելու ես այս պահուս, բայց գիտեմ որ... ա՜խ...

Յետոյ իր խիզախ գլուխը բարձրացուց.

Բայց ես ի՞նչ ընեմ, եթէ բնութիւնս այսպէս է, ես ի՞նչ ընեմ...

Մանկական միամտութեամբ Յակոբին աչքերուն մէջ կը նայէր անկէ քաջալերութեան մը սպասելով, բայց անիկայ աւելի դժգոյն` աչքերը խոնարհեցուցած էր գետին:

Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ այդ խնդրոյն մէջ, ըսաւ մէկէն Յակոբ այնպիսի ձայնով մը եւ ձեռքերը քաշելով, որ Զարուհի զարմացմամբ ընկրկեցաւ:

Յակոբի դէմքը ծամածռած էր ցաւի անսահման զգայութիւնով մը, որքան որ աստիճան մը պատրաստուած էր Զարուհիին ըսելիքին, իր հոգին լեցուած էր բուռն ցաւով մը իբր թէ անակնկալի մը առջեւ ըլլար: Իրեն կը թուէր թէ գէշ երազի մը մէջ կը գտնուի:

Յակո՛բ, ըսաւ Զարուհի անձկութեամբ, դո՞ւն ալ զիս կը զրկես քու բարեկամութենէդ, որուն այնքան պէտք ունէի: Աստուա՛ծս, ես ի՞նչ ունիմ, որ ամէն մարդ ինձմէ երես կը դարձնէ, աւելցուց հոգին փղձկուած եւ ձայնը խղդուած արցունքներէն:

Ա՜հ, դու ի՛նչ կարօտ ես իմ համարումիս, Զարուհի՛:

Ես ի՛նչ կարօտ եմ, բայց ես ինչո՞ւ եկայ ուրեմն, կը կարծես թէ պարզապէս զուարճանալո՞ւ համար էր...

Լա՛ւ, եկար իմ միջամտութի՞ւն խնդրելու քու եւ սիրահարիդ մէջ:

Յակոբի ձայնը տիրական եւ կարծր էր: Անոր սովորական անուշ աչքերուն մէջ անախորժ բան մը կար, որ վայրագ արտայայտութիւն մը կուտար դէմքին: Զարուհի առաջին անգամն էր որ զայն այսպէս կը տեսնէր եւ մտքովը իզուր կը փնտրէր այս փոփոխման պատճառը:

Դուն միշտ բարի եղած ես ինձի համար, ինչո՞ւ զիս կը լքես այնպիսի օր մը, որ քեզի պէտք ունիմ ամենէն աւելի, Յակոբ... մի՛ նայիր այդպէս, Աստուածս, ես ի՞նչ ըրած եմ քեզի:

Ի՞նչ ըրած ես ինձի, գոչեց յանկարծ Յակոբ այնպիսի ձայնով մը, որ կարծես իրը չէր, ա՜հ, բայց դուն չե՞ս հասկնար, որ քու յաւիտենական խնդիրներովդ սիրտս արիւնած ես շարունակ... թէ դիտմամբ, գիտնալով կոխոտած ես իմ ամենէն նուիրական զգացումներուս վրայ, օ՜հ, այո՛, գիտնալով... որովհետեւ անկարելի է, որ նրբին եւ դիւային հաճոյք մը չըլլայ քու վարմունքիդ մէջ, դուն չար դեւ մը եղած ես ինձի համար, դուն կեանքս քայքայած, ջախջախած ես ու չես թողած, որ հանգիստ մեռնիմ իմ առանձնացած անկիւնիս մէջ... Ես ինչո՞վ մեղաւոր էի, Աստուածս, ե՛ս... Բայց դուն ամենէն անգութներէն աւելի անգութ եղած ես, դուն անպատկառ պչրող մը եղած ես, կը հասկնա՞ս, ամենէն չարերէն, ամենէն անսիրտներէն...

Ու խենթի պէս ինքզինքեն ելած սկսաւ պտտքել սենեակին մէջ:

Ես գիտէի թէ ինչու եկած էիր... Հարկ չկար ինձի բացատրել բառ առ բառ քու սիրահարիդ ջերմութիւնները եւ ցրտութիւնները. առաջուընէ գիտէի, այն օրն իսկ հասկցայ պարտէզին մէջ, կը յիշե՞ս, բայց ես, յիմար, ուզեցի չգիտնալ, ուզեցի մոռնալ, ուզեցի չյիշել նախորդ խնդիրները: Նախ` իտալացին, անպատկառօրէն իմ աչքերուս տակ լացիր քո սիրելիիդ համար, գիտնալով թէ ի՞նչ ցաւով կ՚արիւնէր իմ սիրտս: Աւելի ուշ` բժշկին հետ, հիւանդութեանս ատեն, ո՛չ իսկ ամչցար, ո՛չ իսկ փորձեցիր ծածկելու... Ու ես քեզի համար հիւանդացեր էի, քեզի համար պատրաստ էի մեռնելու եւ ցաւերս անգամ հեշտագին կ՚երեւէին ինձի, քանի կը մտածէի թէ քեզի համար են... Ա՜հ, կը յիշե՞ս, սիրելիս, ըսաւ յանկարծ ձայնը փոխելով եւ գրեթէ մրմնջալով, կը յիշե՞ս ինչպէս երջանիկ էի այն օրերուն, միակ երջանիկ օրերը, որոնց համար եթէ դարեր ապրէի, երախտապարտ պիտի ըլլայի քեզի... օ՜հ, օ՜հ, պիտի լռե՞ս... Ալ վայրկեաններ կան, որ վերջինն են. ամէն բան կը յորդի, ամէն բան սահման մը ունի եւ իմ համբերութեանս ու տառապանքիս սահմանը անցա՛ծ է, ալ անցա՛ծ է, կը հասկնա՞ս, ա՜հ, բայց ես խենթ եմ, կը տեսնա՛ս, Զարուհի, պէտք է ինձի ներել, ես այն օրերուն միշտ կը մտածէի` «ալ ինչ որ ալ ըլլայ, կ՚ըսէի իւրովի, ես պիտի կրեմ անտրտունջ, քանի որ հոգիիս մէջ այդ օրերուն յիշատակը կայ: Թանկագին յիշատակներ, որ սրտիս խորը մնացած են հակառակ ամէն բանի... պէտք է ինձի ներել, Զարուհի, երբ տառապանքները մարդու մը հոգիին մէջ կը կուտակուին տարիներէ ի վեր, անոնց հետ խաղալը վտանգաւոր խաղ է...

Զարուհի անմռունչ կ՚արտասուէր... Ահ, իրաւ, ի՞նչ ընելու եկեր էր խեղճ երիտասարդին քով... անոր գանգատները երբեմն կը զայրացնէին զինքը, բայց աւելի ճիշտը խանդաղատանք կը զգար Յակոբին համար. այդ միջոցին, սարսռուն յուզմունքէ եւ տենդէ` ողբալի երեւոյթ ունէր ան, կամարաձեւ յօնքերը երկնցած մինչեւ վտիտ քունքերուն ու հասակը գալարուած երկար ատենէ ի վեր զսպուած տառապանքէն, շրթունքը դողդոջուն, աչքերը գեթէ մարած խոռոչացած արտեւանունքներուն տակ` անհուն գթութիւն կը ներշնչէին իրեն. Զարուհիին զգացումին մէջ մայրական բան մը կար, կ՚ուզէր օրօրել քաղցր եւ մխիթարող բառերով անոր ցաւատանջ հոգին, օրօրել անոր վիշտը եւ մոռցնել տալ յուսատու մոգական բառերով, ինչ որ իր անգիտակից վարմունքը յառաջ բերած էր, բայց բառերը յամր կը մնային: Եթէ Յակոբ կարենար կարդալ անոր սիրտը, բայց խեղճ երիտասարդին աչքերը մոլորուն էին յանկարծ նոր մտածումով մը... հակառակ սենեակին տաքութեան` անիկայ կը սարսռար բոլոր մարմնով եւ ակռաները իրար կը զարնէին...

Քեզի կ՚ըսեմ թէ վտանգաւոր խաղ է, մտքէդ կ՚անցնէի՞ր թէ երբ ես հազիւ ապաքինած... Տոքթեօռ Մանիսեանին հետ... ա՜հ, մի՛ արգիլէր զիս ըսելու, այո՛, Մանիսեանին հետ իմ աչքերուս տակ, իմ սենեակիս մէջ, հիւանդի մը սենեակը, որ դեռ մահուան սեմին վրայ կը գտնուէր... Այն ատեն գիտէի՞ր թէ ինչեր անցան իմ հոգիէս, քանի՛ անգամ ոճիրին փորձութիւնը ունեցայ... Ա՜հ, բայց հիմա սարսափելու բան չկայ, ալ ամէն բան մեռած է իմ մէջս, նոյնիսկ ատելութիւնը... բայց այն ատեն, ա՜հ, քիչ մնաց... Ինչպէս հիմակ Աննիկ կատաղութեան մէջ կը գոչէր` «բոցերը, բոցերը», ես ալ ինքնիրենս կը կրկնէի այն ատեն «բոցե՜րը», վառած լուցկի մը գիշերին մէջ եւ ահա ամէն բան կը վերջանայ...

Բայց դուն կուգայիր առաւօտուն ժպտուն ու գեղեցիկ ու ես նայուածքիդ գերին կ՚ըլլայի ու գիշերին մէջ կ՚ըսէի. պէտք է սպասեմ անգամ մըն ալ, ահ, անգամ մըն ալ...

Յակո՛բ, գոչեց յանկարծ Զարուհի, իր մօտ երթալով եւ ուզեց անոր գլուխը առնել իր թեւերուն մէջ... Բայց Յակոբ կոպտութեամբ զայն հրեց ու գնաց զարնուեցաւ բազմոցի եզերքին...

Վայրկեան մը հեկեկանքներ միայն լսուեցան... այդ կոպտութիւնը յանկարծ ստափեցուցեր էր Յակոբը եւ ապշած կը նայէր շուրջը... Զարուհի գետինը փսիաթին վրայ փռուած` գլուխը բազմոցին եզերքը թեւերուն մէջ առած կուլար ջերմապէս... Այդ շարժումը այնքան անակնկալ եւ ուժգին եղած էր, որ Յակոբի շուարած մտքին մէջէն յիմարութեան պէս բան մը անցաւ... Յետոյ վայրկեան մը վարանելէ ետքը Զարուհիին քով եկաւ դողդոջելով եւ իր մատները դրաւ անոր գլխուն, տղու պէս շոյելով անոր ոսկեգոյն մազերը, առանց բառ մը արտասանել փորձելու... Յետոյ հետզհետէ սկսաւ մրմնջել պաղատագին, երկարաձգուած ձայնով մը...

Զարուհի՜... Զարուհի՜...

Նոյն միջոցին դռան ետեւ ոտնաձայնի պէս շշուկ մը երկուքն ալ զարմացուց: Զարուհի իր արցունքով ողողուած երեսը դարձուց մէկէն...

Ի՞նչ էր, ըսաւ սարսափած:

Զարուհի՛... մի վախնար, հովն էր...

Այս անակնկալ պարագան զիրենք հեռացուց իրենց սրտմտութենէն եւ կրցան աւելի հանդարտօրէն պահ մը խօսիլ:

Ինչչափ անիրաւ ես, Յակոբ, ինձի համար, եթէ ես քիչ մը գիտցած ըլլայի... Ինչո՞ւ բան մը չըսիր ինձի այն ատեն...

Ա՛հ, որպէսզի աւելի՞ խաղալիք ըլլայի... որպէսզի...

Յակո՛բ, մի բորբոքիր, զայրոյթը քեզ կը մոլորեցնէ, հանդարտութեամբ խօսէ, մի աչքերդ հեռացնէր ինձմէ, Յակոբ, ես կրնայի՞ գիտնալ, Աստուած իմ...

Դռանը առաջք, դուրսը, աւելի որոշ խշրտուք մը կրկին լսուեցաւ...

Յակո՛բ, քեզի կ՚ըսեմ, որ դուրսը մէկը կայ...

Ո՞վ կրնայ ըլլալ, թերեւս սպասաւորն է, որ պառկելու կ՚երթայ...

Եթէ մէյ մը նայէինք, ըսաւ Զարուհի, ոտքի վրայ ելած, ինձի կը թուի, որ...

Յանկարծ Զարուհի սարսափելի աղաղակ մը արձակեց... դուռը կամաց մը բացուած էր եւ մութին մէջ կ՚երեւէր ուրուականի պէս բան մը, կմախք մը, գրեթէ մերկ, որուն գլուխը կը շարժէր իրենց ընտանի շարժումով մը:

Աննիկը՛... գոչեց Յակոբ, իր կարգին սարսափած...

Պառաւ աղջիկը անմարդկային ուրուականի պէս կանգնել էր իրենց մօտ, իր յիմարացած աչքերը կը կորսուէին գրեթէ ակնակապիճներուն մէջ, այնքան խորացած էին անոնք... թուլցած շրթունքին անկիւններէն, որ այլեւս չոր եւ աղտոտ մարմնի մը վերածուած էր թուշին վրայ ինկած, լորձունքը կը վազէր մինչեւ կուրծքին վրայ երկայն մածուցիկ թելերու պէս... երբեմն անոր բիբերը աչքերուն խորութենէն դուրս կը ցայտէին եւ կը դառնային անհանդարտ` կոյրի աչքերու պէս... յայտնի էր, որ ո՛չ կը տեսնար, ո՛չ կը լսէր ու իր ուրուականային մարմինը կը ճրճտար ամէն շարժումին ոսկորներու չարաշուք աղմուկով մը: Մորթը` սրունքներուն եւ թեւերուն վրայ սեւցած մագաղաթի կարծրութիւն մը առեր էր ու բոբիկ ոտքերը երկայն կը թուէին տարապայման կերպով, ինչպէս իր բազուկները, զորս կը գալարէր երբեմն զարմանալի եւ արագ շարժումով մը ...

Զարուհի ահաբեկած` Յակոբի թեւերուն մէջ ապաստանեցաւ. իր սիրտը կը բաբախէր ուժգին` վիրաւորուած թռչունի սրտի մը պէս, որուն հարուածները կ՚արձագանքուէին Յակոբի էութեան մէջ: Երբեմն ցաւէն եւ սարսափէն նուաղուն, կը մրմնջէր.

Աստուա՛ծ, Աստուա՛ծ իմ ...

Բայց Յակոբ ինքզինքին եկած մեղմիւ տեղաւորցուց իր սիրելի բեռը բազմոցին վրայ եւ Աննիկին քով եկաւ: Քաջութեամբ փորձեց անոր ձեռքէն բռնել, բայց անիկայ իր մատներուն հպումէն ընկրկեցաւ, գալարուելով, ինչպէս եթէ էլեկտրական հոսանքի մը հանդիպէր ու պատին կռթնած, սկսաւ տարօրինակ եւ չարաշուք շարժումներ ընել թեւերովը, որոնց նշանակութիւնը չէին հասկնար բնաւ: Երբեմն անոր անմարդկային դէմքին վրայ ծամածռութիւններ բերանը կը պրկէին, որ երկու կողմէն կ՚երկարէր մինչեւ այտերը դիւային եւ լռին խնդուածքի մը պէս, որուն միջոցին բնաւ քրքիջ չէր լսուեր, յետոյ վարի շրթունքը թոյլ կ՚իյնար իր առաջին դիրքին մէջ ու աչքերուն ճերմակները կ՚երեւէին միայն, ապակիի փայլունութեամբ, որոնց մէջ կեանքի հետքը չկար այլեւս. միայն շնչառութիւնը խռպոտ կը սուլէր, ու երբեմն կը հեւար կողոսկրներուն վանդակը բարձրացնելով այնպիսի ուժգնութեամբ մը, որ ոսկորներուն չարաշուք աղմուկը կը լսուէր կարծես...

Աննի՛կ, գոչեց Յակոբ ինքզինքէն ելած, ի՞նչ ունիս, սիրելիս, ըսէ ինձի, ես եմ` քու որբդ...

Բայց Աննիկ զիրենք ճանչնալու երեւոյթ չունէր, յիմարութիւնը իր վերջին տագնապին հասած էր այլեւս, յայտնի էր, որ խեղճ պառաւ աղջիկը կը տանջուէր իր բոլոր ձգտուած ջիղերուն պատճառաւ, որ քարի պէս կարծր կ՚ընէին իր գալարուած բազուկները:

Յակոբ կը շարունակէր ողոքել զայն:

Աննի՛կ, մտիկ ըրէ ինձի, բան մը ըսէ, շարունակէ գոչել, աղաղակել եւ այնպէս լուռ մի մնար, Աննի՛կ, կը սարսափեցնես կոր մեզ, պոռաց վերջապէս, երբ պառաւ աղջիկը սկսաւ գլուխը տատանել արագ-արագ իր նախկին տարակոյսի եւ հեգնութեան շարժումովը:

Եւ յետոյ, որովհետեւ Զարուհի իր կարգին սրտապնդուած իր մօտ եկաւ, Աննիկ խուլ, եղերական աղաղակ մը արձակելով, որ կարծես հեռուէն կուգար եւ մարդկային որեւէ շեշտ չունէր, երեսի վրայ գետին ինկաւ, թուլցած քուրջի կտորի մը պէս...

Առաւօտեան կանուխ Զարուհի մեկնեցաւ, իր դիտաւորութիւնն էր հայրը եւ հօրեղբայրը ստիպել, որ այն օրն իսկ Աննիկը փոխադրեն հիւանդանոց: Գիշերը երկար ատեն թոյլ եւ գրեթէ նուաղած մնալէ ետքը, որու միջոցին Զարուհի Յակոբին օգնութեամբ մաքուր ճերմակեղէններ հագցուցեր էր պառաւ աղջկան եւ անկողնի մը մէջ պառկեցուցեր էին, առաւօտեան դէմ Աննիկ կրկին կատաղութեան տագնապ մը ունեցեր էր եւ իրենց քնատութենէն եւ անուժութենէն օգուտ քաղելով, փախեր առանձնացեր էր սենեակը: Յակոբին բոլոր ջանքերը ապարդիւն եղեր էին եւ չէին կրցած հիւանդ աղջկան սենեակը մտնել, որ այլեւս բացարձակ լռութիւն կը պահէր: Յակոբ կը սպասէր, որ եղբայրները գալով, միասին խորտակէին դուռը եւ կարենային բռնի ներս մտնել: Եթէ պառաւ աղջկան ոսկիները չըլլային, շատոնց է որ Յակոբ առանց Աննիկի անտարբեր եղբայրներուն սպասելու` ըրած պիտի ըլլար նոյն բանը... Կէսօր եղած էր եւ ոչ մէկ լուր չկար. Թօփհանելի օղլուի լայն փողոցին մէջէն գարնանային պտոյտի համար դէպի Չամլըճայ եւ Պուլկուրլու գացողներուն կառքերը կ՚անցնէին եւ կ՚երթային առանց անոնցմէ մէկը իր դռանը առաջքը կանգ առնելու: Յակոբ դժգոյն եւ նիհարցած հիւանդի երեւոյթ ունէր իր քնատութենէն կարմրած աչքերովը, որոնց մէջ կեանքը դարձեալ մարած էր: Անբացատրելի անձկութիւնով մը հոգին լցուած էր կարծես, կը զգար մօտալուտ դժբախտութեան մը ծանրութիւնը, որ արդէն կը ճնշէր իր վրայ. ուսերը կը կքէին եւ անհանգիստ կը պտտքէր տան մէջ, առանց գիտնալու թէ ինչպէս ինքզինքը պաշտպանէ վտանգէ մը, որուն ինչ ըլլալը չէր գիտեր եւ որուն ներկայութիւնը կը զգար սակայն... Երեկոյեան դէմ իր ջիղերը վերջին աստիճանի գրգռուած էին. ալ յայտնի էր, այդ օրն ալ Աննիկին եղբայրները չպիտի գային. ի՞նչ կ՚ընէր խեղճ աղջիկը իր սենեակին մէջ... արդեօք նուաղա՞ծ էր անկիւն մը, թէ արդէն մեռած: Նախորդ գիշերուան ուրուականը կը ներկայանար աչքին եւ իրեն անօրինակ սարսափ մը կը ներշնչէր. ծերունի սպասաւորը իր կարգին սոսկումէն առանձնացած էր իր խցիկին մէջ: Ամբողջ տունին վրայ դժբախտութիւնը կը սաւառնէր արդէն: Եւ դուրսէն անցնողները զգալու էին ասիկայ: Երբ սկսաւ մթննալ, Յակոբ վայրկեան մը խորհեցաւ երթալ քանի մը բարեկամներ գտնալ եւ անոնց ներկայութեան մտնել յիմար աղջկան սենեակը, բայց նախ որ գրեթէ բարեկամ չունէր, շատոնց ի վեր յարաբերութիւններէ զուրկ ըլլալով` իր ծանօթներուն թիւը իսկ սահմանափակ դարձեր էր եւ յետոյ` պիտի չուզէր երբեք, որ անտարբերներ գային եւ իր սիրելի ազգականուհիին սենեակը մտնէին բռնի, ականատես ըլլալով անոր ամօթալի խեղճութեանը եւ գրեթէ մերկութեանը, այն օրիորդ Աննիկին, որուն շնորհալի անձը, իր բացառիկ ընդունակութիւններուն եւ կրթութեանը պատճառով, հեքիաթի պէս բան մըն էր սկիւտարցիներուն մտքին մէջ:

Վաղը առաւօտ առաջին շոգենաւով կ՚երթամ Բերայ, Սարգիս աղային դուռը ձեռք կ՚առնեմ եւ ես գիտեմ զինքը հոս բերելու միջոցը: Կը բաւէ որ ըսեմ թէ օրիորդ Աննիկ իր խելքը գլուխը եղած ատեն գանձած դրամները ամէնք ալ իր քով պահած է եւ մէկ ոսկի իսկ չէր ծախսած անկէ ի վեր...

Այս մտածումով կազդուրուած երկնցաւ, առանց հանուելու, բազմոցին վրայ եւ իր նախորդ գիշերուան անքունութեան պատճառով անմիջապէս քնացաւ:

Յանկարծ խորունկ քունին մէջէն արթնցաւ տարօրինակ աղմուկի մը պատճառով. իրեն թուեցաւ թէ հեռուն փողոցի մէջ մարդիկ կը գոչէին, կը պոռային եւ յետոյ ահաւասիկ իրեն դռանը կը զարնէին... Անմիջապէս ելաւ կանգնեցաւ. կանթեղին լոյսը կը խեղդուէր հոծ մուխի մը մէջ, որով սենեակը լեցուած էր... Դուրսէն բռունցքի հարուած մը ապակի մը ջախջախեց եւ Յակոբ սոսկումով տեսաւ այլանդակ գլուխ մը, որ կը պոռար.

Յայտեցէք, ծօ՛... մէջը պիտի էրիք...

Ակնթարթի մը մէջ ջախջախուած պատուհանէն քանի մը հոգի ներս խուժեցին... Նոյն միջոցին վարը, բակին մէջ արդէն ուրիշները կը պոռային.

Հասէ՛ք , ջո՛ւր, ջո՛ւր... Մարդ չկայ տունին մէջ... ջո՛ւր...

Բացուած պատուհանէն ներս եկող թարմ օդը քիչ մը կազդուրեց Յակոբը եւ անմիջապէս պաղարիւնութիւնը գտաւ. առաջին մտածումը եղաւ Աննիկը ազատել... եւ որովհետեւ դէպի սանդուղը կը վազէր, դրացի մը զինքը մեղմօրէն դէպի ետ ընկրկեց:

Վերը բոցերու մէջ է, դուրս ելէք...

Աննիկը վե՛րն է, գոչեց Յակոբ կակազելով:

Վերը մարդ կայ... Վերը մարդ կայ եղեր...

Քանի մը հոգիներ մինչեւ սանդուղին կէսը բարձրացան, բայց մուխէն շնչահեղձ ետ վազեցին, նոյն միջոցին ջրհանկիրները հասան... Յակոբ կէս մը մուխէն խեղդուած, կէս մը եղեղուած ջուրով, գրեթէ խելակորոյս, հրմշտկուելով ինքզինքը պարտէզը գտաւ, անկարողութենէն կատղած մէկ ձայնի վրայ կը գոչէր.

Աննիկը՛, Աննիկը ազատեցէ՛ք...

Բայց երբ պարտէզէն աչքերը դէպի վեր վերցուց, տեսաւ որ արդէն բոցի հսկայ սիւն մը կը բարձրանար տանիքէն եւ հարաւային օդէն մղուելով կը տարածուէր դէպի մէկ կողմ ամբողջ տունին վրայ. տանը ամէն ծակտիկներէն մուխին հետ անհամար կայծեր կը խուժէին դուրս եւ կ՚անձրեւէին պարտէզին մէջ... երբեմն հովը կրակի կտորներ եւ խանծածներ թեթեւ փետուրի պէս կ՚առնէր եւ կը տանէր մինչեւ մօտակայ տանիքներուն վրայ:

Վարի յարկի պատուհաններէն այլեւայլ կարասիներ կը նետէին, որոնք մեծ մասամբ կը ջախջախուէին գետնին վրայ: Յակոբ անշարժ, ինքզինքը կորսնցուցած կը գոչէր.

Աննիկը՛, Աննիկը՛... Աստուած իմ...

Բայց ժխորը, պոռչտուքները այնքան ուժով էին իր շուրջը, որ իր աղաղակները կը խեղդուէին բոլորովին:

Հետզհետէ քանի դէպի բռնկած տան մօտենալ կ՚ուզէր, այնքան ետ կը հրուէր ամբոխէն... խառնաշփոթ խօսքեր ականջին կը հասնէին:

Անկարելի է, չպիտի կրնան ազատել...

Չէ՛ ճանըմ, հապա ըսին որ խենթը առաջուընէ փախցուցեր են...

Դուն ինչ կ՚ըսես, կրակը իր սենեակէն ելաւ:

Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, կը հեծեծէր կէս-հագուած կին մը, որ անկողնէն ելած փախչեր էր, հասէք, Աստծոյ սիրոյն, ջո՛ւր հասցուցէք, հովը դէպի մեր կողմն է...

Նոյն միջոցին ջախջախուած պատուհաններ հրդեհէն կարմրած դէպի վար թափեցան... Բազմութիւնը ընկրկեցաւ ու Յակոբ նշմարեց, որ Աննիկին սենեակին պատուհաններն էին...

Աննի՛կ, գոչեց անգամ մըն ալ այնպիսի եղերական սուր ձայնով մը, որ ամէնուն նայուածքները դէպի հոն դարձան: Ու ամէնուն թուեցաւ որ բոցերուն մէջէն, որոնք ոլոր-ոլոր դառնալով սենեակին մէջ դէպի բացուած պատուհանները կը խուժէին, կը մխային, ուրուական մը երեւցաւ, հազիւ թէ մարդկային սիլուէտ մը, որ արագ-արագ կը դառնար սենեակին մէջ եւ յետոյ յանկարծ աներեւոյթ կ՚ըլլար մուխի սեւ եւ հոծ հոսանքի մը մէջ:

Թնդանօթի հարուածները կը թնդային նոյն միջոցին եւ Յակոբին թուեցաւ թէ ամբողջ քաղաքը կը տրոփէր իր ցաւովը... աչքերը մթնցան եւ ինքզինքը կորսնցուց ու հազից զգայնութիւնը ունեցաւ, որ զինքը կը տանէին, կը հեռացնէին ժխորէն...

Իճատիէի մէջ, ուր փոխադրած էր զինքը իր ընտանիքին ծերուկ մէկ բարեկամը, հազիւ ինքզինքին եկած Յակոբ կը լսէր պահապանին ողբագին ձայնը, որ կ՚երկարաձգուէր ծանուցանելով հրդեհը.

Եանկուն վա՜ր...

Շուները կուլային եւ թափառական կը վազվզէին փողոցներուն մէջ. երբեմն անոնց լալիւնը կը լսուէր գիշերապահին ողբին հետ...

Եանկուն վա՜ր...

Մեքենաբար, առանց ինքզինքին գիտակցութիւնը ունենալու, Յակոբ կը գոչէր.

Աննիկը՜, ա՜խ, Աննիկը՜...

Աննիկը ազատեցին, ըսաւ վերջապէս ծերուկ բարեկամին կինը, աչքովը նշան մը ընելով ամուսնոյն...

Ճշմարտութիւնը այն էր, որ ոչ ոք գիտէր թէ ինչ եղած էր Աննիկ: Մինչեւ առաւօտ կրակը տեւեր էր. Սարգիս ամիրային տունը պարտէզներով շրջապատուած ըլլալուն առանձին այրեր էր իր կազմուածքներովը: Լուսնալէն ետքը միայն ջրհանկիրները աւերակին մէջէն գտեր էին Աննիկին ածխացած ոսկորները:

 

Այն օրը Զարուհի մինչեւ իրիկուն իզուր ջանացեր էր, որ հայրը առանց ժամանակ կորսնցնելու կը զբաղի Աննիկով, իրարու վրայ նամակներ ղրկած էր գործատեղին, բայց հայրը կա՛մ բացակայ եղած էր եւ կա՛մ պատասխանած էր թէ` այն օրը չէր կրնար Սկիւտար երթալ:

Կէսօրէ ետքը ինքը ուզած էր անձամբ երթալ եւ հայրը համոզել, բայց մայրը յանդիմանած էր զինքը.

Խե՜նթ ես, Զարուհի՛, ի՞նչ կայ, այնչափ որ սպասեցին, թող այսօր ալ սպասեն, կիրակի օրով հայրդ գործին գնաց նէ, հարկաւ թէ չկրնար Սկիւտար երթալ:

Հապա հօրեղբա՞յրս, հապա դո՞ւն, հապա տիկին Նոյեմի՞ն:

Ամէն մարդ իր գործը ինքը գիտէ, յետոյ ատիկայ էրիկ մարդու գործ է, մեզի է մնացեր երթալ խենթը հիւանդանոց փոխադրել:

Ա՜խ մայրիկ...

Յետոյ տեսնելով, որ իր բոլոր փորձերը ապարդիւն եղած էին, սպասած էր երեկոյին հայրը տեսնելու եւ այս անգամ վստահ էր թէ հետեւեալ առտուն անոր վիզէն պիտի կախուէր եւ բռնի գործադրել պիտի տար այդ գործը:

Զարուհի, քանի մը ժամ պարապ ունենալով, իր սենեակը քաշուեցաւ եւ թիկնաթոռի մը մէջ թաղուելով սկսաւ մտածել: Իր անցուցած խռովիչ գիշերը դեռ տենդով բաբախել կուտար սիրտը: Յակոբին վրայ երազելով յանկարծակի կարմրութիւններ կը զգար եւ այտերը կ՚այրէին... յետոյ ամօթով կը յիշէր Մարտիկեանը: Յանկարծ ոտքի ելաւ.

Ա՜հ, պիտի տեսնայ անիկայ, մրմնջաց խեղդուկ ձայնով մը, թող անգամ մը հասկնայ կեանքին մէջ թէ ինչ է կնոջ մը, ինձի՛ պէս կնոջ մը հետ խաղալը:

Ընթրիքէն առաջ պչրանքով հագնուեցաւ եւ հայելիին մէջ վերջին ակնարկով մը ապահովուելէ ետքը իր արդուզարդին, իր մազերու յարդարանքին վրայ, մեկնեցաւ տիկին Նոյեմիին տունը. այն գիշեր գիտէր թէ Մարտիկեան հոն պիտի ըլլար: Քնատութիւնը բնաւ հետք չէր ձգած իր թարմ դէմքին վրայ, մորթը միշտ իր սնդուսի յղկուն փափկութիւնը ունէր, մինակ աչքերուն մէջ յոգնութիւն կար, որ կախարդիչ եւ հմայող բան մը կուտար իր նայուածքին:

Ընթրիքի միջոցին տիկին Զարուհի այնքան անփութօրէն զուարթ երեւցաւ, որ Մարտիկեան այս անգամ ճշմարտապէս բռնուած անոր սխրալի գեղեցկութենէն, անհանգստութիւն մը զգաց, արդեօք ո՞ւշ մնացած էր: Զարուհիին դէմքին երջանկութիւնը կը ճառագայթէր եւ ասիկայ կամովին էր բոլորովին, որուն յաջողութեան գաղտնիքը վրէժ մը ունեցող կնոջ սրտին մէջ է. իր գեղեցկութեան եւ բախտին հետեւանքով Զարուհի թէեւ մինչեւ հիմա խաբելու, ինքզինքը ծածկելու կամ տարբեր ցուցնելու հարկ չէր տեսած եւ բնաւ փորձառութիւն չունէր, բայց մէկէն վարպետութեամբ կը կատարէր իր դերը այն հազուագիւտ արուեստագիտուհիներուն պէս, որոնք առաջին անգամէն մեծ կ՚ըլլան:

Ընթրիքէն վերջ Մարտիկեան խենթի պէս սիրահարուած էր Զարուհիին, բայց այլեւս երկչոտութիւններ կը զգար այդ կրակի պէս կնոջ քով, որուն սիրտին մէջ կ՚ենթադրէր թէ ուրիշին անունը կար:

Երբ տիկին Նոյեմի եւ Սարգիս էֆէնդի, հիւրասենեակին մէջ, իրենց հիւրերով զբաղուած էին, Մարտիկեան էֆէնդի կը փսփսար Զարուհիի ականջին.

Ինձի պիտի խենթացնես, Զարուհի՛, մի խնդար այդպէս:

Ըսածներուդ մէջ լալու բան չկայ, կարծեմ:

Այնքան կը սիրեմ քեզի, գիտե՞ս Զարուհի:

Օ՜հ, այո՛, գիտեմ, շատոնց է, որ գիտեմ:

Գիտես նաեւ, որ իմ վրայ տարակուսիլդ...

Է՜հ, վերջը՞... ըսաւ յանկարծ Զարուհի, ցրտութեամբ Մարտիկեանի աչքերուն մէջ նայելով...

Քանի մը հոգիներ հեգնական նայուածքներ ուղղեցին Մարտիկեանին, որ հեռացաւ սրտնեղ:

Հիւրերէն մէկը հրաւիրուեցաւ դաշնակ զարնելու: Մոցարտի մելամաղձոտ սոնատ մը ունկնդրելով Զարուհի կը մտածէր Յակոբին, որուն սեւ եւ երազուն աչքերը կարծես իրեն կը նայէին գորովանքով...

Մէկը ունի սրտին մէջ, կը խորհէր Մարտիկեան, յուսահատած իր ժամանակը անցուցած ըլլալուն, եւ ըսել, որ ասկէ քանի մը շաբաթ առաջ այդ կինը իմս էր, եթէ ուզէի...

Սարգիս աղա թղթախաղով զբաղած եւ տիկին Նոյեմի բամբասանքով` ո՛չ դաշնակին մտիկ կ՚ընէին, ո՛չ իրենց շուրջը անցած դարձածին, միայն միւսիւ Գալուստ իր սուր մանիշակագոյն լեզուն կը հանէր շրթունքին վրայ կը պտտցունէր արագ-արագ եւ իր պստիկ բիբերը կը խտղտացնէր հեգնանքով... Վաղը պատմելիք բան ունէր: Յանկարծ թնդանօթի հարուածներ լսուեցան...

Կրակ կայ, ըսաւ տիկին Նոյեմի եւ իր բոլոր ունեցածը ապահովագրած մէկու մը անփութութեամբ աւելցուց, ո՛վ գիտէ ո՛ւր է:

Տիրան եւ Վահէ դուրս նետուեցան երթալ պատշգամէն դիտելու համար:

Վահէ՛, դուն մի երթար, ըսաւ մայրը պաղատելով:

Վահէ այլեւս հակապատկեր կը կազմէր իր եղբօրը հետ... Չափազանց նիհարցած եւ դժգոյն, գրեթէ մեռելային դժգունութեամբ մը աչքի առաջ կը հիւծուէր. բժիշկները, այլեւս ամէնքն ալ համաձայն, հազիւ մէկ տարուան կեանք կուտային իրեն, բայց այս դժբախտ պարագան հայրը միայն գիտէր, որուն ցուրտ, դեղին եւ պստիկ բիբերը նոյն անտարբերութեամբ կը բարձրանային իր անօգուտ զաւակին վրայ: Մայրը, հակառակ իր առաջին օրերուն յոռետեսութեան, երբ ամէն բան կորսուած կը համարէր, հիմա սկսած էր յուսալ:

Ամէնքն ալ տգէտ եւ անկարող մարդիկ են, կ՚ըսէր բժիշկներուն ակնարկելով, ես ուրիշ միջոցով պիտի ազատեմ զայն:

Բոլոր յուսահատած մայրերուն պէս սկսած էր սնոտի նախապաշարումներու դիմել. զանազան տեսակ հմայիլներ կը ծանրանային տղուն վտիտ վզէն վար: Ամէն օր կարդացողի մը կամ կախարդի մը կը տանէր, քաղաքին բոլոր այազմաները ընտանի դարձած էին իրեն եւ տիկին Նոյեմի իր այս տեսակ տեղերու յաճախումէն ամէն օր հրաշալի բժշկութիւններու պատմութիւններ կը բերէր:

Իր շուրջի մարդիկը սկսած էին տարակուսիլ իր խելացի կնոջ համբաւին վրայ. հազիւ թէ կիները զինքը կ՚արդարացնէին.

Յուսահատած մօր մը ամէն բան ներելի է:

Քանի մը վայրկեանէն Տիրան վար եկաւ:

Կրակը Սկիւտարի կ՚երեւի կոր, ըսաւ, մինչ ամէն ոք մոռցեր էր հրդեհը:

Կարծեմ Սկիւտար ազգականներ ունիք, ըսաւ Սարգիս էֆէնդիին` թուղթ խաղացողը:

Հապա, ըսաւ տիկին Նոյեմի, նոյնիսկ փայտաշէն խոշոր շէնք մը:

Ապահովագրուած անշուշտ...

Սարգիս էֆէնդի անտարբեր շարժում մը ըրաւ.

Գրեթէ փլատակ մը... Ի՛նչ հարկ կայ մէյ մըն ալ վրան դրամ տալ, մանաւանդ որ եկամուտ չբերէր:

Եւ արդէն որեւէ վտանգ չկայ, ըսաւ տիկին Նոյեմի, շէնքը ամբողջովին պարտէզներով շրջապատուած է, հարկէ որ կրակը ի՛ր մէջէն ելնէ:

Սկիւտարի ո՞ր կողմը, դարձաւ ուժգնօրէն Զարուհի, տիկին Նոյեմիի վերջին խօսքերէն ուշաբերուած:

Դէպի Չամըլճայի կողմը, ըսաւ Տիրան, ամբողջ լեռը լուսաւորուած է բոցերով...

Բոցերը՜, բոցերը՜, կը թնդար Զարուհիին մտքին մէջ, երբ խելացնոր, չափազանց դժգունած վեր վազեց սանդուղներէն:

Ոչ ոք ուշադրութիւն ըրեր էր երիտասարդ կնոջ վարմունքին, ամէնքը իրենց սովորական զբաղումին դարձեր էին, բայց Մարտիկեան, որուն աչքերը չէին հեռանար Զարուհիէն, հետեւեցաւ անոր:

Վերը` պատշգամին վրայ, Զարուհի եւ Մարտիկեան, կեցած, կը դիտէին հրդեհը, որ չարաշուք կարմրութիւնով մը կը լուսաւորէր Սկիւտարի բարձունքը, Չամլըճան դիւթական լեռան մը պէս կ՚երեւար բոցերուն ետեւէն եւ երկինքին վրայ ամպերը վարդագունած էին հրդեհի ցոլքերէն...

Նոյն միջոցին պահապանին ողբագին աղաղակը կը լսուէր Բերայի դեռ հեռաւոր փողոցներուն մէջէն:

Զարուհի ամբողջ մարմնովը կը դողդողար եւ անգիտակցաբար կռթնած էր Մարտիկեանին:

Աստուա՜ծ իմ, կը հեծեծէր շարունակ, հո՛ն է, այս բանը պիտի ըլլար վերջապէս, գիտէի...

Բայց հոգիս, հանդարտէ՛, կ՚ըսէր Մարտիկեան, այս կրակը բնաւ Թօփհանելի օղլու չէ, ուր կ՚ըսես թէ քու ազգականներդ կը բնակին, անանկ ըլլար նէ հօրեղբայրդ, տիկինը անտարբեր կը նստէի՞ն:

Բայց մտիկ ըրէ քիչ մը, չե՞ս լսե՛ր, որ պահապանը, Սկիւտար, Թօփհանելի օղլու կը պոռայ:

Օ՜հ, կարելի՞ է վստահիլ եւ յետոյ Թօփհանելի օղլու ընդարձակ տեղ է...

Կամաց-կամաց Զարուհի ապահովուեցաւ: Նոյն միջոցին աւելի ուժգին բոց մը բարձրացաւ եւ հովէն հալածուած տարածուեցաւ հորիզոնին վրայ... Երկինքին վրայ ամպերը աւելի շառագունեցան:

Ինչ աղուոր է, ըսաւ Զարուհի վերջապէս ակամայ սարսռալով... եւ յետոյ աւելցուց, ա՜հ, սա շուները կարծես թէ կ՚ողբան գիշերին մէջ, ու պահապանին ձայնը՜...

Իր բոլոր ջիղերը գրգռուած էին եւ յոգնած, թոյլ ու տկար կը զգար ինքզինքը: Մարտիկեան, Զարուհիին տկարութենէն օգուտ քաղելով, թեւը անցուց մէջքին եւ հակառակ երիտասարդ կնոջ դիմադրութեան, որուն սրտին բաբախումները կը զգար, զայն կուրծքին վրայ սեղմեց...

Անդին, Սկիւտարի բարձունքին վրայ բոցերը կը դժգունէին եւ աստղերը կ՚երեւային...

Ալ գրեթէ մարեցաւ, երթա՛նք, ըսաւ վերջապէս Մարտիկեան, մինչ Զարուհի սեւեռած աչքերով կը նայէր եղերական գիշերին մէջ հետզհետէ մարող բոցերուն, հոգին լեցուն յուզմունքի, սարսափի եւ նողկանքի խառն զգացումներով: