Շնորհքով մարդիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա


Յակոբ Մահտեսեան, հակառակ իր ամբողջ օրուան աճապարանքին, հազիւ վերջին շոգենաւին հասաւ. բարեբախտաբար թէեւ ձմեռուան մէջ` սքանչելի օդ մը կար այն գիշեր. լուսինը գրեթէ իր լրումին հասած էր եւ վերջալոյսին առաջ իր դժգոյն բոլորակը կը բարձրանար Սկիւտարի նոճիներուն ետեւեն: Օդը տոգորուած էր մանիշակագոյն, վարդագոյն եւ դեղնորակ երանգներով եւ բեռնաւորուած էր նաեւ անսահմաննելի եւ տարտամ բուրումներով կամուրջին գլուխը ծաղկավաճառներուն ցուցադրած կանխահաս եւ այդ եղանակին համար թանկագին ծաղիկներուն, ինչպէս նաեւ ծովային արտաշնչումներուն:

Սկիւտարի վերջին շոգենաւը դեռ չէր հասած կամուրջ, եւ բազմաթիւ ճամփորդներ խառնիխուռն կը սպասէին հոն մինչեւ կամրջակէն կամուրջ բարձրացող սանդուղին վրայ. Յակոբ կամուրջին վրայ մնաց եւ կռնակը կռթնցուցած եզերքին սկսաւ խորհիլ, աւելի ճիշտ` երազել: Իր դիմացը Ոսկեղջիւրի մէջ մակոյկներու կայմերը, բոլորովին վարդագոյն եւ երբեմն ալ ոսկեզօծ, ճառագայթներու պէս կը մխուէին վերջալոյսային մթնոլորտին մէջ. երեկոյեան այս ժամուն` կէս ստուերի մէջ թաղուած եւ կամուրջի կազմածներէն բոլորովին անտեսանելի դարձած մակոյկներէն վեր խոյացող այդ կայմերը, որոնք իրենց պարաններու այլեւայլ ուղղութեամբ հանգոյցներ կը կազմէին, երբեմն նոյնիսկ ոսկեթել բանուածքներու առեղծուածային երեւութը ընծայելով, խռովքով լեցուցին Յակոբին սիրտը:

Այդ միջոցին այնպիսի հոգեկան կացութեան մը մէջ կը գտնուէր, որ իրեն կը թուէր, թէ իր շուրջը ամէն երեւոյթ հաղորդակից է իր երազներուն եւ փափագներուն. իր ջղային եւ միամիտ երիտասարդի խառնուածքը ենթակայ կ՚ընէր զինքը այնպիսի յուզումներու եւ վայելքներու, որոնք թերեւս բոլորովին գոց տառեր համարուէին նոյնիսկ այդ միջոցին իր շուրջը խռնուող բազմութեան. հեռուն, միշտ Ոսկեղջիւրի մէջ, վարդագոյն եւ ոսկեզօծ կայմերը երբեմն կը տատանէին մեղմօրէն, օրօրելով իր երազանքները, երբեմն մեկնող շոգենաւերու խռպոտ ձայնը, կարօտագին աղաղակի մը պէս, կ՚անցնէր օդին մէջէն, ընդհատուած տեղական շոգենաւերու սուր կամ կռնչող ճիչերէն:

Հետզհետէ մթնոլորտին երանգները կը մարէին եւ մեղմ արծաթեայ գորշ գոյնը կը տարածուէր ամէն կողմ. անամպ երկնքին վրայ, ասդին-անդին դժգոյն լուսաւորներ կը պլպլային, եւ գիշերուան ցօղը կը սկսէր թեթեւ խոնաւութիւն մը դնել օդին մէջ, լուսինը` աւելի որոշ, կը սաւառնէր այլեւս Սկիւտարի մեծ գերեզմանոցին վրայ, եւ ծովուն ջուրերը իրենց կարգին կը սկսէին նշուլներ արծաթեայ անհամար փուլերով. յանկարծ շոգենաւի մը ծխանէն հոծ եւ թուխ մուխի ոլորտներ կ՚երկարէին, կը տարածուէին մթնցնելով ամէն բան, յետոյ ատեն մը տատանելէ ետքը միջոցին մէջ` բզիկ-բզիկ եղած կ՚անյետանային թեթեւ շղարշի մը վերածուած, որուն ընդմէջէն երկնքին եւ ծովին նշոյլները կը քթթէին իրենց արծաթեայ նայուածքները:

Յակոբ անհամբեր շարժումով մը ժամացոյցը հանեց եւ նայեցաւ. դեռ հինգ վայրկեան կար շոգենաւին ժամանման եւ ինչչա՛փ երկար կը թուէր այդ ոչինչ ժամանակը իր վրդովուած եւ օրերէ ի վեր սպասման ծանր եւ համար տագնապներուն ենթարկուած հոգիին: Անիկայ քսանեւվեց տարեկան նիհար երիտասարդ մըն էր, աւելի խարտեաշ իր ճերմակ, գրեթէ կնոջական մորթովը, բաց շագանակագոյն մազերով եւ բեղերով եւ դէմքը վերջացած խարտեաշ մօրուքով մը, որ աստիճան մը աւելի կը շեշտէր դէմքին նիհարութիւնը: Աւելի` պատանիի անորոշ եւ կազմութեան մէջ եղող վտիտ երեւոյթը պիտի ունենար, եթէ իր եղնիկի սեւ եւ երկայն կտրուած աչքերը` խելքով եւ երազանքով լուսաւորուած, չբացուէին իր թեթեւ մը գմբէթաձեւ ճակատին ներքեւէն. հակառակ ձմեռնային թանձր հագուստներուն եւ կրկնոցին, հասակը բարակ եւ ճկուն կ՚երեւէր, եւ իր ձեռքերը` երկայնաձեւ, նիհար, ջղուտ եւ հիւանդագին ըլլալու չափ ճերմակ, կը յայտնէին անոր ծագումը:

Յակոբ Մահտեսեան ուղղակի թոռն էր հաճի Սարգիս ամիրային, որ Սկիւտարի մէջ հաստատուած` մեծ հեղինակութիւն ունեցած էր տեղուոյն նիւթական եւ կրթական խնդիրներուն մէջ:

Հաճի Սարգիս աղջիկ մը եւ տղայ մը ունեցած էր միայն` Գոհարիկ եւ Նիկողոս: Նիկողոս իր կարգին մահտեսի` յառաջացած տարիքի մէջ ամուսնացած էր սկիւտարցի աղքատիկ, բայց սքանչելի գեղեցկութեամբ մը օժտուած աղջկան մը հետ, ուրկէ իր անդրանիկը` Յակոբը ունենալէն երկու տարի ետքը, մեռած էր` չդիմանալով նիւթական կարեւոր կորուստի մը, որ իր վերջին տարիներուն մէջ զինքը աշխատութեան կը հարկադրէր: Կինը, Սոֆի հանըմ, քաջաբար դիմադրած էր գէշ բախտին. աղքատի զաւակ` աշխատութեան եւ չարքաշութեան վարժուած, թէեւ չէր ունեցած առատութեան մէջ թուլցած իր էրկանը տկարութիւնը, միւս կողմանէ մեծ թշնամի մը ունեցած էր իր գեղեցկութեան եւ հպարտութեան ինքնածին հզօր զգացումին մէջ, որ իրեն տաժանելի դարձուցած էր նոր կեանքը. թերեւս այդ զսպուած ներքին ցաւերէն արդէն հատած ըլլալուն էր, որ չկրնալով դիմադրել ցրտառութենէ առաջ եկած հիւանդութեան մը` մեռած էր եօթ տարեկանի մէջ որբ ձգելով իր որդին:

Յակոբ Մահտեսեան իր հօրմէն ժառանգած էր անսանձ սէր մը, անբռնաբարելի հրայրք մը գեղեցկութեան համար եւ ֆիզիկական տեսակ մը տկարութիւն, որ յատուկ է տարէց մարդիկներու զաւակներուն, ու մօրմէն` իր գեղեցիկ աչքերուն հետ հպարտութեան եւ քաջութեան խառնուրդ մը, որ շարունակական եւ հիւանդագին ջղայնութեան մը մէջ կը պահէր եւ կարող էր զինքը տագնապներու ենթարկել որեւէ վիրաւորանքի մը պատճառով. իսկ իբրեւ նիւթական հարստութիւն` իր հայրը Մահտեսի Նիկողոս, իրեն ձգած էր հաճի Սարգիս ամիրային բնակած փայտաշէն եւ ընդարձակ շէնքին կէսը, որ Սկիւտարի Թօփհանելի օղլու մօտ կը գտնուէր եւ տարիներէ ի վեր նորոգութենէ զուրկ` քիչ ատենէն փլատակ մը ըլլալու կը սպառնար:

Յակոբ Մահտեսեան, որուն Սարգիս ամիրային թոռը ըլլալը շատերը մոռցած էին այլեւս, որդեգրուած էր իր հօրաքրոջմէն` Գոհարիկ հանըմէն, որ ժամանակին իր հօրը ողջութեան ամուսնացած էր իրենց կացութեան համապատասխանող ընտանիքի մը երիտասարդ անդրանիկին հետ. Մելքոն աղա Սահակեան, իր կրտսերներուն մահուամբը միակ ժառանգորդը եղած էր այնքան դրամական, որքան հողային մեծ ժառանգութեան մը: Այդպիսով Սարգիս ամիրային հարստութեան մէկ մասը ազատուած խորամանկ սեղանաւորի մը միջոցով, որ իր փեսան էր, եւ բազմապատկուած` գեղեցիկ հարստութիւն կը կազմէր արդէն, երբ Գոհարիկ հանըմ այրի մնացած էր. տղաքը` աղջիկ մը եւ երկու մանչ, փայլուն դիրքերու տէր էին եւ այս երկու վերջինները տարածուած էին Բերայի ամենէն աչքի զարնող ընտանիքներու մէջ խնամութիւններով եւ բարեկամական յարաբերութիւններով:

Երբ Յակոբ որդեգրուեցաւ իր հօրաքրոջմէն, արդէն անիկայ բաւական տարէց կին մըն էր իր հօրմէն մէկ-երկու տարեկան մեծ ըլլալով արդէն եւ իր երկու տղաքը ամուսնացած եւ զաւակներու տէր էին. իր հօրաքրոջ աղջիկը` օրիորդ Աննիկ, ստանձնած էր իր կրթութիւնը իր երկու եղբօր զաւակներուն հետ. առաջինէն կար Զարուհի, սքանչելի խարտեաշ մը, այն տարօրինակ եւ տաք ոսկեզօծ խարտեաշներէն, որ Արեւելքի ցեղերը միայն կուտան, եւ երկրորդ եղբօրմէն` երկու մանչեր, Վահէ եւ Տիրան. այս չորս տղաքը բարեբախտութիւնը ունեցած էին Խաչատուր Պատուելիին հետ, միակ դաստիարակ ունենալ օրիորդ Աննիկը. կ՚արժէ որ քիչ մը ծանրանանք այդ հիանալի աղջկան վրայ, որ հակառակ ամէն երեւոյթներուն, այնքան դժբախտ կերպով պիտի վերջացնէր իր կեանքը:

Օրիորդ Աննիկ աշխարհ եկած էր այնպիսի ատեն մը, ուր մեր համայնքը փոխանցման շրջանի մը մէջ կը գտնուէր: Իր հայրը, Մելքոն աղա Սահակեան, իր հօր եւ աներոջ դիրքին եւ իր ստացած հարստութեանը շնորհիւ Սկիւտարի ջոջերէն էր եւ մեծ դեր խաղացած էր թաղային գործերու մէջ. երբ մանաւանդ իր դիրքին մէջ եղող մարդիկ վերջին ծայր պահպանողական կը գտնուէին, ինքը, գրեթէ անուս, մեծ յարգ կուտար կրթութեան եւ իր երեք զաւակները հաւասարապէս կրթել տուած էր. այլ սակայն Մելքոն աղային կրթութեան տուած յարգին մէջ աւելի տեսակ մը վախ կար. Մելքոն աղա իրաւամբ կը վախնար գրել գիտցողներէն. ըստ իրեն` պատուելիները ուժի մը տէր էին, որ իրեն անածանօթ էր: Չափազանց խորամանկ եւ նենգամիտ` իր սեղանաւորական կարգ մը ձեռնարկութեանց մէջ, երբ անյաջողութեանց կը հանդիպէր, շատ աղեկ կը զգար, որ յաճախ ատիկայ գրագիրի մը անգաղտնապահութենէն յառաջ եկած էր եւ ներքնապէս կը կատղէր, մտածելով թէ` այսպէս կամ այնպէս ընդարձակ սեղանաւորական ձեռնարկի մը մէջ ուրիշներու պէտք ունի, քանի որ ինքն չէր կրնար անձամբ կատարել թղթակցութիւնները, հաշիւները եւ վերջապէս բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները: Երեւոյթներուն նայելով, Մելքոն աղա իրաւունք ունէր բոլորովին, քանի որ սրտմտած յաճախ կ՚ըսէր թէ` ինչ որ ինք իր ձեռքով ըրած է, միշտ յաջող է: Ինչ որ ալ ըլլայ Մելքոն աղայի կրթասիրութեան բուն նպատակը, ճշմարտութիւնը այն է, որ օրիորդ Աննիկ իր նորահաս երիտասարդութեան մէջ այն բացառիկ դիրքերէն մէկուն մէջ կը գտնուէր, որ այդ ժամանակները դաստիարակութիւնը կուտար աղջկան մը: Իր ժամանակին ամենէն հմուտ լեզուագէտը եւ պատուելիները ունեցած էր իբրեւ ուսուցիչ. օրիորդ Աննիկ ոչ միայն խորապէս հմուտ էր իր լեզուին, այլ նաեւ գիտէր ֆրանսերէն եւ անգղիերէն. այդ լեզուներու գիտութիւնը թոյլ տուած էր իրեն այլեւայլ ընթերցումներ ընել, որ իրեն կանխահաս միտք մը եւ հասկացողութիւն մը տուած էին: Ծնողքը անկարող էին հսկելու իր նախասիրութիւններու եւ ձգտումներուն վրայ. Գոհարիկ հանըմ, բարի մայր եւ լաւ տանտիկին, կը տրտնջար իր աղջկան դժգոյն դէմքը տեսնելով.

Այնքան գիրքի վրայ կը նայի, որ երեսը թուղթի գոյն է առե՜ր:

Այն ժամանակուան հարուստ շրջանակներուն մէջ օրիորդ Աննիկի գիտութիւնը առածի կարգ էր անցած եւ հայրը աստիճան մը կը մխիթարուէր իր երկու մանչերուն թուլութենէն աղջկանը ըրած յառաջդիմութիւնները տեսնելով եւ իմանալով: Ճշմարտութիւնը այն է, որ օրիորդ Աննիկ վտանգաւոր հոսանքի մը մէջ կը գտնուէր. բնականէն շատ մտացի եւ հասկացողութեան մեծ դիւրութեամբ մը օժտուած, սկսած էր իր շուրջը դատել եւ հետզհետէ մենակ զգալ զինքը ոչ միայն իրենց ծանօթներուն մէջ, այլ նաեւ իր տունին մէջ իր ծնողքին մօտ, իր եղբայրներուն հետ: Տակաւ առ տակաւ հօրը ճշմարիտ տիպարը սկսած էր ուրուագծուիլ Աննիկի մտքի մէջ եւ հասկացած էր, թէ որքան օտար էր անկէ. հօրը կարծեցեալ կրթասիրութիւնը, որ մեծ դէմք մը կ՚ընէր զայն ժամանակակից գրասէր եւ կրթասէր ջոջերուն մէջ եւ որ նուիրագործուած էր նիւթական մի քանի նուէրներով` առանց տպագրիչի մնացած հեղինակներու, այլեւս Աննիկի համար որեւէ գաղտնիք չունէր: Իր հօրը անգիտակցութիւնը, բրտութիւնը, հարստութեան եւ ինչքերու սեփականութեան մէջ դրած բուռն կիրքը, ստորադասեալներուն հետ վարուելու եղանակը խորապէս կը վիրաւորէին անոր նոր հասած աղջկան սիրտը եւ այնպիսի ակօսներ կը բանային, որոնց շաւիղներէն սէրը –աղջկան մը բնական հոգեկան զբաղումը միշտ պիտի խրտչէր սուրալու:

Երբ օրիորդ Աննիկ քսան տարու եղաւ, ոչ միայն մերժած էր առանց որեւէ առարկութեան իրեն եղած ամուսնութեան առաջարկութիւնները, այլեւ վերջնականապէս յայտնեց իր մօրը, թէ այլեւս որոշած էր չամուսնանալ. ասիկայ մեծ յայտնութիւն մը եւ ցաւ մը եղաւ իր ծնողքին համար, որոնց դիրքը եւ հարստութիւնը իրենց ներելի կ՚ընէին ամէն տեսակ փառասիրութիւն իրենց աղջկանը ամուսին մը ընտրելու մէջ:

Օրիորդ Աննիկ շնորհալի եւ նիհար աղջիկ մըն էր, գեղեցիկ եւ անուշ աչքերով, անարիւն եւ ճերմակ շրթունքներով, որոնք, յայտնի էր, երբեք համբոյրին գգուանքովը չպիտի կարմրէին, եւ թերեւս հակառակ իր վատոյժ երեւոյթին դիւրաբեկ գեղեցկութիւն մը ունէր, եթէ իր քիթը, հօրը քիթը, շատ արծուային եւ ոսկրոտ` գրեթէ երկուքի չբաժանէր իր դէմքը եւ առաջին նայուածքով խիստ երեւոյթ մը չտար իրեն, եւ կարծես աչքերուն խոնաւ անուշութիւնը, անարիւն մանկան դժգոյն եւ հիւանդ շրթունքը եւ մորթին փափուկ թափանցկութիւնը միացած, իզուր կը պայքարէին այդ անախորժ ազդեցութեան դէմ: Օրիորդ Աննիկ ֆիզիկական մեծ նմանութիւններ ունեցած էր իր երիտասարդութեանը Յակոբ Մահտեսեանի հետ, բացի քիթէն, որ վերջինին վրայ թեթեւ մը արծուային եւ բարակ բոլորովին ներդաշնակ էր իր զգայուն եւ տկար տղու դէմքի վրայ:

Թերեւս նաեւ այս ֆիզիկական պակասութիւնն ալ պատճառ եղած էր, որ Աննիկ խրտչի ամուսնութեան մը գաղափարէն, իր դաստիարակութիւնը չներելով իրեն կրաւորական դեր մը, որ իր ժամանակի աղջիկներուն դերն էր ամուսնութեան մէջ: Ինչ որ ալ ըլլայ` օրիորդ Աննիկ դժբախտ էր եւ այդ դժբախտութիւնը կ՚արտայայտուէր ամէն բաներէ, այնքան դէմքէն, որքան շարժումներէն, խօսքերէն եւ մանաւանդ իր անցուցած մռայլ կեանքէն: Շատերը աւելի ուշ` չբաժանուած կամ մոռացուած սիրոյ մը վերագրած էին այս աղջկան մելամաղձութիւնը, բայց աւելի ճիշտ այն էր, որ անոր սիրտը ժամանակէն առաջ թոռոմած էր եւ եթէ անոր նրբացած զգայարանքներուն եւ նրբացած հոգիին մէջէն սիրոյ պէտքը, սիրելու տենչանքը փոթորկի պէս անցած էր երբեմն, անիկայ աւելի բնազդական պահանջ մը եղած էր, քան իրական բան մը. հասունութեան տարիքին մէջ աղջիկ մնացած կնոջ սնոտի երկչոտութիւններ զինքը բոլորովին տգէտ եւ միամիտ դարձուցին էրիկ մարդու նկատմամբ. ինքը իր հօրը եւ եղբայրներուն մէջ գործի անողոք եւ պաղարիւն մարդիկը միայն տեսած էր եւ աւելի չէր ուզած իսկ գիտնալ:

Օրիորդ Աննիկ երեսունհինգ տարեկանը անցած էր, երբ Յակոբ Մահտեսեան որդեգրուեցաւ իր տան մէջ. մինչեւ այն ժամանակ անգործ եւ անպէտք դարձած դաստիարակութիւնը վերջապէս պիտի գործածէր բանի մը. անհուն խանդաղատանքով մըն էր, որ կապուեցաւ Յակոբին եւ գրեթէ մայրութիւն ըրաւ անոր: Իր եղբայրները, նահապետական սովորութեան համեմատ, ամուսնանալէ ետքը իրենց մօրը հետ մնացած էին եւ անոնց զաւակներն ալ կային. բայց ինչչափ տարբեր էր այս նորեկը, արդէն դժբախտութեան մկրտութիւնը կրած, որուն ցաւագին եւ անուշ աչքերուն մէջ կը ճանչնար իր նայուածքը, իրենց ֆիզիկական նմանութիւնը աւելի սերտ եւ բնական կը դարձնէր այս բարեկամութիւնը, որուն մէջ Աննիկ կը դնէր իր ամուլ մնացած կնոջ բոլոր խանդաղատանքը եւ մայրութիւնը:

Եթէ Յակոբ Աննիկին մէջ վերստին գտաւ մայր մը, անոր եղբօրը` Միսաք էֆէնդիի աղջիկը` Զարուհի, քոյր մը եղաւ իրեն. անուշ, բարի եւ զգայուն աղջիկ մը, որ կարծես կշտացած հարստութենէ, դիրքէ եւ մեծութենէ, գգուանքի եւ սիրոյ ծարաւի, իր կանխահաս հեշտասիրութեան բնազդները կը յայտնէր, երբեմն նոյնիսկ շուարեցնելով իր հօրաքոյրը:

Սկիւտարի հօրենական ընդարձակ տունին մէջ անուշ եւ երջանիկ ժամեր անցուցած էր Յակոբ Զարուհիին հետ, Աննիկին մայրական հսկողութեան ներքեւ, գրեթէ արդէն բաժնուած տանը միւս անդամներէն զգացումներով, դաստիարակութեամբ եւ մանաւանդ հոգիով:

Գոհարիկ հանըմի մահուընէ ետքը, ժառանգական խնդրոյ մը առթիւ, երկու եղբայրները գժտուած էին եւ իրարմէ բաժնըւած. աւելի ուշ երկուքն ալ գացած էին Բերայ բնակիլ եւ տարիներու ընթացքին մէջ եթէ իրենց նախկին անհամաձայնութեան յիշատակը կորսուած էր, միւս կողմանէ միշտ տեսակ մը խուլ հակակրութիւն մնացած էր երկու հարազատներու ընտանիքին մէջ:

Օրիորդ Աննիկ Յակոբին հետ մնացած էր Սկիւտար իրենց հօրենական տունը եւ շարունակած էր իր մայրական պաշտօնը:

Յակոբ չափահաս ըլլալէն ետքը օրիորդ Աննիկի միջնորդութեամբ իբրեւ գրագիր մտաւ անոր եղբօրը` Սարգիս էֆէնդի Սահակեանի քով: Մինչեւ այն ատեն Յակոբ Մահտեսեան որոշապէս չէր գիտեր իր նիւթական կացութիւնը. երբ իր չափահասութեան տեղեկացաւ, որ իբրեւ ժառանգութիւն իր բոլոր ունեցածը իրենց բնակած տունին կէսն է միայն, առանց յուսահատելու ինքնավստահօրէն ըսաւ.

Ին՞չ փոյթ, հարստութիւնը ինչ կարեւորութիւն ունի:

Օրիորդ Աննիկ տխրօրէն ժպտեցաւ եւ ըսաւ.

Խե՛ղճ տղայ, ինչպէ՜ս յայտնի է, որ կեանքը միմիայն գիրքերու մէջ ճանչած ես դեռ:

Ինքը գիտէր եւ հասկցաւ, թէ միամիտ երիտասարդը դեռ կարող չէր ըմբռնելու իր ուժերէն վեր այն պայքարը, որուն մէջ կը նետուէր գրեթէ ուրախութեամբ. միւս կողմանէն ներքնապէս կը խորհէր, թէ իր եղբայրները պէտք չունենալով իր անձնական ստացուածքին, ամբողջովին ազատ էր ձգելու զայն իր որդեգրին. բայց այս դիտաւորութիւնը ոչ ոքի յայտնած էր, ոչ իսկ Յակոբին. նախ, որպէսզի Յակոբ աղքատ տղու մը պէս սկսի իր ասպարէզը եւ ամէն բան ինքզինքին պարտի եւ յետոյ, որպէսզի իրենց յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ շահախնդրական նկատումներու ստուերը իսկ չմտնայ. խեղճ աղջիկը այնքան փարած էր Յակոբին իր կոյս մնացած հոգիին բոլոր թափովը, այնպէս մը կառչած էր անոր սիրոյն եւ համարումին, որ իրեն կը թուէր, թէ ամենափոքրիկ յուսախաբութիւնը Յակոբին նկատմամբ զինքը պիտի քայքայէր բոլորովին:

Այդ միջոցներուն օրիորդ Աննիկ բոլորովին պառաւած էր. իր դէմքին փափուկ մորթը փոթտուած էր խորշոմներով գրեթէ ամէն ուղղութեամբ. ընդհանրապէս սեւ շրջազգեստ մը կը հագնէր ճերմակ վզնոցով եւ թեւնոցներով: Ի՞նչ բանի սուգը կը կրէր այդ առանձին մնացած աղջիկը, որուն նախահաս դաստիարակութիւնը դժբախտութեան աղբիւր մը եղած էր իրեն համար: Չափազանց սակաւախօս էր անցեալի վրայ, հազիւ թէ երբեմն մայրը կը յիշէր. երբ իր հօրը խօսքը կ՚ընէին զայն դասաւորելով ժամանակին մէկ քանի մեծ դէպքերուն մէջ, օրիորդ Աննիկ լռիկ մտիկ կ՚ընէր եւ մասնաւոր կերպով մը գլուխը կը շարժէր: Տարիներու հետ այդ գլխու մասնաւոր շարժումը, որ տարակոյսի, հեգնութեան եւ ցաւի խառնուրդ մըն էր, tic մը եղած էր եւ յաճախ առանց պատճառի, նոյնիսկ առանձին գտնուած ատենը օրիորդ Աննիկի գլուխը կը շարժէր տարակոյսով եւ հեգնութեամբ:

Շատ բան տեսած եւ շատ բանի վրայ լռած էր հէգ աղջիկը. իր հօրը եւ եղբայրներուն սեղանաւորական ձեռնարկները մօտէն քննած եւ հասկցած էր, թէ ի՛նչ գիներով, արցունքներով եւ կեանքերու գինարով էր, որ իրենց հարստութիւնը կը մեծնար օրէօր. ասոնք ամէնը արձագանք գտած էին իր հոգիին մէջ եւ այլեւս գիտէր առհասարակ յաջողողներուն գաղտնիքը, ու թերեւս հրապարակին վրայ նոր փայլող ու շողոքորթուող մարդիկը մտաբերելով էր, որ օրիորդ Աննիկ իր առանձին վայրկեաններուն իսկ լռիկ եւ տխուր գլուխը կը շարժէր հեգնութեամբ:

Արդէն շատոնց քաշուած կ՚ապրէր Թօփհանելի օղուլի տունին մէջ, շրջապատուած ընդարձակ պարտէզներով, ուր տարին անգամ մը փոխնիփոխ իր երկու եղբայրները իրենց ընտանիքներով կուգային ամառը անցընել:

Տարիէ մը ի վեր Յակոբ, Սարգիս էֆէնդիի հետզհետէ ընդարձակուող գործերուն պատճառով, ձմեռները Բերայ կը մնար եւ շաբաթ իրիկունները միայն կը վերադառնար Սկիւտար: Թէեւ, ինչպէս տեսանք, իր բատրոնը եւ եղբայրը մօտ ազգականներ էին եւ տղայութիւննին միասին անցուցած, Յակոբ առանձին սենեակ մը վարձած էր Բերայ եւ շատ քիչ անգամ կը տեսնէր իր ազգականները, որոնք իրեն հետ կը վարուէին որեւէ օտար պաշտօնեայի պէս. իր չափազանց խղճմտութիւնը հազիւ թէ կը նշմարուէր, իբր թէ ինքը պարտական ըլլար բոլոր ասոնք տալու իբրեւ ազգական, ա՛լ աւելի խոշորցնելու համար հարստութիւն մը, որուն մէջ բնաւ բաժին չունէր։ Զատկի եւ Ծնունդի այցելութեանց միջոցին, երբ արմունկ-արմունկի կը հանդիպէր գործատեղուոյն ուրիշ պաշտօնեաներուն հետ` նախասենեակին կամ սալոնին մէջ եւ որոնց շարքին մէջ կը կորսուէր, ոչ ոք իր ազգականներէն մասնաւոր ուշադրութիւն կ՚ընէր իրեն: Միայն Միսաք էֆէնդիին տունը Զարուհիին նայուածքը կը ժպտէր իրեն, քիչ մը անուշադիր, իրաւ է, բայց այնքան պաշտելի իր մութ կապոյտ եւ խորունկ աչքերուն բովանդակ հմայքովը:

Այն շաբթուն տարտամօրէն իմացեր էր, թէ Միսաք էֆէնդիին աղջիկը սիրային խնդրոյ մը առթիւ, իր ծնողքին դիմադրութեան պատճառով հիւանդացեր էր եւ մայրը զինքը Սկիւտար ղրկեր է, որպէսզի քիչ մը հեռանայ իր սովորական շրջանակէն եւ օրիորդ Աննիկին բարերար ազդեցութիւնը կրէ:

Յակոբ, երազուն եւ միամիտ երիտասարդ, հոգիին խորը շարժում մը զգացեր էր, նոր բան մը կը ծլէր իր էութեան մէջ. ամբողջ շաբաթը մտածեր էր Զարուհիին վրայ, անոր սիրոյն ծնողքին ընդդիմութիւնը յաւիտենական վէպը եւ երբ մանաւանդ իմացեր էր, թէ այդ վէպին հերոսը Զարուհիին դաշնակի ուսուցիչն է, թելադրիչ պատկերներ ներկայացեր էին մտքին` դաշնակի շուրջը, մելոտիներով թրթռուն օդին մէջ, Զարուհիին` արեւելքցի խարտեաշ պաշտելի գլուխը մօտիկցած դաշնակի ուսուցչին, դողդողացող մատներ, որոնք իրարու կը հանդիպին նօթի էջ մը դարցուցած ատեն, հեռու պերճանքով եւ գեղեցիկ կարասիներով հոծ սրահներ, որոնց մէջ Զարուհիին սիլուէտը կը թափառէր երազելով իր սիրելիին ու բոլոր այդ կեանքը, անգործ, հարուստ եւ գեղեցիկ երիտասարդներու կեանքը ամենէն թանկագին իրերով շրջապատուած եւ երջանիկ նոյնիսկ իրենց ցաւին մէջ, հեշտին եւ մեղկ ցաւ մը, որ կը սնուցանէ եւ կը յագեցնէ իրենց յուզուելու պէտք ունեցող եւ չափազանց գրգռուած ջիղերը: Իր ալ հոգիին մէջէն Յակոբ կը զգար փարթամ կեանքով մը հափրացածներու ժառանգութիւնը, որ ծուլութիւն կուտար իր սնադամներուն եւ իր բոլոր զգայարանքներուն բուռն եւ անհաշիւ վայելքի տենչանքը:

Անոր մելամաղձոտ աչքերը անգամ մըն ալ դարձան Ոսկեղջիւրի մէջ օրօրուող կայմերուն եւ աճապարեց սանդուղներն իջնալ, որովհետեւ շոգենաւը եկած եւ պարպուած էր եւ հոն խռնուած բազմութիւնը կը խուժէր դէպի ներս:

Ինչո՞ւ ինքզինքը յանկարծ մեղկ եւ թոյլ կը զգար, իբր թէ ամբողջ ջիղերը քնացած ըլլային իր բարակ մարմնոյն մէջ: Չէր գիտեր ինչ մը կար հոգիին մէջ օրօրուն եւ անկայուն, որ մտածումը կը տարուբերէր եւ վրդովմունք կ՚ազդէր իրեն. երբեմն զսպուած հառաչ մը կուգար մինչեւ շրթունքին. իր էութեան խորէն սէրը կ՚երգէր իր պահանջքները, իր ծարաւը, իր փայփայանքի եւ գորովի պէտքը, եւ ինքը մտիկ կ՚ընէր անոր գինովցած եւ խրտչած միանգամայն. իր միամիտ եւ բարի երիտասարդի հոգին լեցուն էր երբեմն գոռացող փոթորիկներով, երբեմն մեղմ մրմունջներով աղօթքի եւ պաղատանքի պէս. յանկարծ ինքզինքը մեծ զգաց եւ հարուստ իր բոլոր զգայնութիւններուն համար. իր շուրջը ուշ մնացած շուկացիներ կը խոսէին առօրեայ գործերու վրայ. ընտանիքի բարի հայրեր` հանդարտ գորովով մը տոգորուած իրենց բոյնին համար, վստահ որ միշտ իրենց տղաքը եւ իրենց կինը նոյն անկիւնին մէջ պիտ գտնեն ամէն երեկոյ, կը վիճաբանէին անփութօրէն դուրսէն-ներսէն, սրահը լեցնելով ծուխի ամպերով, որոնց ծուէններուն մէջերէն անոնց գիրութենէ կլորցած այտերը ճերմակ արատներ կը կազմէին:

Յակոբ խղդուիլ զգաց իր մթնոլորտին մէջ եւ անմիջապէս ելաւ կամրջակին վրայ. իր հոգեկան խռովուած եւ երազուն վիճակին միայն գիշերը կը համապատասխանէր եւ անմիջապէս զգաց այդ հաղորդակցութիւնը բնութեան հետ:

Հեռուէն, Պոլսոյ կողմը, մզկիթներու գմբէթները, ճերմըկած լուսնի շողերէն, հետզհետէ կը հեռանային եւ կը կորսուէին ու միայն մինարէները կ՚որոշուէին հոծ բուսականութեան մը մթութեան վրայ: Հիմա Սարայ-Բուռնու դիւթական փունջի մը պէս բոլորովին արծաթեայ շողերով օծուած կը հեռանար իր կարգին` շոգենաւին արագ գնացքին շնորհիւ, խուսափուկ եւ գեղեցիկ, թեթեւօրէն բեռնաւորուած մինարէներով, գմբէթներով, նոճիներով, որոնց ամբողջութեանը վրայ դեռ կարծես վերջալոյսէն մնացած երանգ մը կը վարանէր եւ կը խառնուէր լուսնի գիշերին: Աւելի խոնաւ օդը կ՚իջնէր եւ կը զովացնէր իր երազանքներով բեռնաւորուած ճակատը եւ Յակոբ թեթեւ մը կը դողդոջէր. առանց գիտնալու ինչու, յանկարծական խոնաւութիւններ կը զգար թարթիչներուն ծայրը, որոնք կը չորնային յանկարծ ջերմագին այտերուն վրայ:

Շոգենաւը միշտ արագ կը յառաջանար, եւ Յակոբ սեւեռուած աչքերով կը դիտէր անոր լուսաւոր ակօսը, որ տունի մը պէս կ՚երկարէր եւ կը կորսուէր մինչեւ ծովուն հեռաւոր եւ մթին եզերքներուն մօտ, եւ ահա ասիական եզերքը ցցուեցաւ իր աչքին, իր սիրելի Սկիւտարը, ուր այնքան հեշտ էր սիրել եւ մեռնիլ:

Վերջապէս մօտենալով նաւամատոյցին, Յակոբ աճապարեց դուրս նետուիլ. քիչ մը ետքը, երբ կառքը զինքը կը տանէր մեծ փողոցին մէջէն, յանկարծ սփոփուած զգաց ինքզինքը. սրտին մէջ Զարուհին տեսնելու տենչանքը եւ անհամբերութիւնը միայն տիրեց. բայց քանի կառքը կը յառաջանար այդ անհամբերութիւնն իսկ տեսակ մը երկչոտութեան տեղի կուտար: Ինչչափ որ իր մօրմէն ժառանգած ամբողջ հպարտութեան զգացումը, խառնուելով հարստութենէ հափրացած իր մեծ հայրերուն գոռոզութեան եւ ինքնավստահութեան, ծայրայեղ դիւրազգացութեան մը փոխուած էր իր մէջ, որուն պատճառով սիրտը միշտ կ՚արիւնէր իր աղքատ պաշտօնեայի ստորադասեալ դիրքին հետեւանքով, երբեք այդ դիւրազգացութիւնը այնպիսի սուր հանգամանք մը չէր առած, որչափ այդ իրիկուն. իր վրդովուած հոգիին մէջ դարձեալ սկսան փոթորկիլ խառն զգացումներ. վիպային զգայնասէր նկարագրի տէր` երբեմն կը փափագէր երթալ եւ Զարուհիին արցունքները սրբել եւ անոր մօտ կատարել անձնուիրութեան եւ ինքնազոհողութեան այնպիսի դեր մը, որ ճշմարտապէս բարձր հոգիները միայն կարող են երազել. այդ վայրկեաններուն իրաւամբ պատրաստ էր կեանքը զոհել Զարուհիին համար. բայց երբ յանկարծ կը մտաբերէր, թէ անիկա կրնար զինքը ցրտութեամբ ընդունիլ, զինքը անտեսել եւ անփութօրէն կոխոտել իր նուիրական զգացումներուն վրայ, այնպիսի անբռնաբարելի հպարտութիւն մը կը բարձրանար հոգիին մէջ, որ փափագ կը զգար գիշերին մէջ գոչելու իր հոգիին բոլոր տուայտանքը:

Անտարակոյս, եթէ իր հայրը աւելի գործի մարդ ըլլար եւ բազմապատկէր իր հարստութիւնը, եթէ իրեն գեղեցիկ ժառանգութիւն մը ձգած ըլլար, իր հօրեղբօր որդիքը եւ թոռները շատ լաւ պիտի յիշէին զինքը եւ ամէն օր տեղ պիտի ունենար անոնց սեղանին շուրջը, ինչպէս երեկոյթներուն մէջ, եւ կարելի պիտի ըլլա՜ր, որ Զարուհիին հետ շարունակէր իր մանկական օրերուն մտերմութիւնը. եւ ահա անարդար եղաւ իր հօրը յիշատակին, իր կարգին ուզեց մոռանալ, որ անիկայ մեռած էր իր տղուն բան մը չկարենալու ձգելու յուսահատութենէն, ուզեց դատապարտել զայն, որուն ոսկորներն իսկ փոշիացած եւ չորս հովերուն ցրուած ըլլալու էին այլեւս: Նոյն միջոցին հայոց գերեզմանոցի տեսքը զինքը սթափեցուց, խանդաղատանքով յիշեց նաեւ մայրը, սքանչելի գեղեցկութիւնը ժողովրդին մէջէն ծաղկած, որուն երկար ատեն դարպասած էին սկիւտարցիք: Յիշեց, որ երբ եկեղեցի կը մտնէր մօրը հետ, ամէնքը կը դառնային զայն տեսնելու համար, իր շքեղ թաւշեայ շրջազգեստին մէջ, յարգանքով եւ հիացումով պարուրուած. կը յիշէր անոր պղնձագոյն ցոլքերով առատ մազերն ու գեղեցիկ ձեռքերը, տոհմիկի ձեռքեր, կարապի վիզը, որուն ամենէն փարթամ մանեակներն ալ նսեմ կուգային... յետոյ` աղքատութիւնը, մօրը դժգունած դէմքին վրայ արցունքները, որոնց նշանակութիւնը չէր հասկցած այն ատեն, անոր զայրոյթները, հպարտութիւնները, իր ժողովրդական խաւերէն հասնող առողջ եւ պարկեշտ կնկան հոգին յանկարծ լքուած անտէր եւ մինակ` հարստութենէ ապականուած ազգականներու եւ բարեկամներու վատառողջ բաղձանքներուն եւ վիրաւորանքներուն:

Կառքի ուժգին շարժում մը զինքը ցնցեց եւ նշմարեց, որ տանը մօտիկցեր է. պզտիկ դող մը միշտ կը զգար կռնակն ի վար եւ իր ձեռքերը սառի պէս պաղ էին. երբ կառքը դռանը առաջքը կեցաւ կոկորդին մէջ սեղմում մը զգաց եւ ինքզինքը բոլորովին ձգեց դիպուածին:

Մեծ սրահին մէջ, ուր ընդհանրապէս երեկոները կ՚անցընէին, Աննիկ մինակը նստած կը կարդար, անոր դէմքին վրայ տխրութիւն եւ հոգ կար. Յակոբ այնքան վարժուած էր կարդալու իր ազգականուհիին դէմքին վրայ, որուն ամէն մէկ խորշոմները ծանօթ էին իրեն, որ անոնց թուլութենէն կամ պրկումէն կը գուշակէր ճշտիւ անոր հոգեկան կացութիւնը:

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ ունիս, ըսաւ Յակոբ դողդոջուն ձայնով մը ու անձկութեամբ շուրջը նայելով:

Աննիկ երկարօրէն ու տխրութեամբ իրեն նայեցաւ, յետոյ իր կարգին հետաքրքրուած հարցուց.

Է՛հ, դուն ի՞նչ ունիս, Յակոբ, այնքան դժգոյն ես այս գիշեր:

Ու մէջտեղը դրուած կրակարանին մօտենալով ունելիները առաւ եւ կրակի կտորներ հանեց թաղուած մոխիրին մէջէն:

Կրակին մօտ եկուր, Յակոբ, է՛հ, հիմա դուն Բերայի կեանքին վարժուեցար, այս մեծ եւ ցուրտ սենեակները պարապ երեւալու են քեզի եւ պաղ, պաղ, չէ՞:

Յակոբ այնքան մտազբաղ էր, որ չհանդարտեցաւ օրիորդ Աննիկի խօսքերուն եւ չպատասխանեց անոնց:

Ընդհակառակն, գրեթէ միշտ մեծ սփոփանք կը զգար, երբ իր տունէն ներս կը մտնէր. իր տղայութենէն աչքերը վարժուած ըլլալով ընդարձակ սրահներու, ճշմարտօրէն սիրտը կը բացուէր, երբ հօրենական տան մարմարեայ բակը կը մտնէր. յետոյ` երկայն բազմոցները, ճերմակ վարագոյրները, գետինի փսիաթին գոյնը, պատերուն եւ ձեղունին զուարթ եւ մարած երանգները տեսակ մը հանդարտ ներդաշնակութիւն կը ներշնչէին իրեն. նոյնիսկ մէջտեղի պղնձեայ կրակարանը, կարմիր գորգին վրայ տարածուած, ուրիշ հմայք մը ունէր իրեն համար, զոր կը զգուշանար արտայայտելու ծիծաղելի չըլլալու համար:

Մէկէն ուզեց Յակոբ ինքզինքը անփոյթ ցուցնել եւ իր միտքը կազդուրելու համար սկսաւ խօսիլ ասկէ անկէ եւ իբր թէ յանկարծակի` Աննիկին դառնալով հարցուր.

Հա՛, աղէկ միտքս ինկաւ, իմացայ որ Զարուհին հոս է:

Այո՛, ըսաւ Աննիկ, վերն է, քիչ մը կը քնանայ կոր:

Ճի՞շտ է, ինչ որ իմացայ:

Ճիշտ է:

Ա՜հ...

Խեղճ աղջիկը այնքան լացաւ, այնքան լացաւ ամբողջ օրը, անքուն անցուցած գիշերէ մը ետքը, որ իրիկուան դէմ վերջապէս յոգնութենէ եւ տկարութենէ ջլատուած քնացաւ:

Կը կարծե՞ս որ խորունկ եւ անդարմանելի բան մը ըլլայ, Աննիկ:

Ին՞չ գիտնամ, սիրելիս, ինձի համար սէրը, ինչպէս որ ալ սահմանէն զայն, միշտ սարսափելի բան մըն է...

Իրաւ ալ Աննիկին համար սէրը անծանօթ էր, անմատչելին. իր սիրտը, գորովանքի եւ խանդաղատանքի համար պատրաստ, բնաւ չէր թրթռացած գերագոյն ցաւովը եւ հաճոյքովը եւ իր հոգիին մէջ կարծես սուգը կար չճանաչած սիրոյն, ինչպէս իր ամուլ մնացած եւ վտիտ կողերուն մէջ չյագեցած մայրութեան մը անմխիթարելի ցաւը:

Աննիկ վերին աստիճանի տխրած էր Զարուհիին ցաւէն, մանաւանդ թէ ինքը մասնաւորապէս մեծ կարեւորութիւն կուտար բանի մը զոր Զարուհիին մայրը տղայութիւն մը նկատած էր.

Պարզապէս քմահաճոյք մը, օրիորդս, դեռ մեր Զարուհին երեխայ է եւ յարկ էր, որ այդ իտալացիին պէս ստահակ մը մէջտեղ ելնէր, որպէսզի մոռցնել տար իր դիրքը, իր կացութիւնը եւ իր պարտաւորութիւնները:

Չէ՛, ինքը չէր կրնար ըմբռնել, թէ սիրոյ պէս նուիրական զգացում մը քմահաճոյք համարէին, եւ արդէն խեղճ աղջկան արցունքները եւ անմխիթարելի ցաւը ապացոյցներ չէի՞ն, որ երիտասարդուհիին հոգին կեղեքուած էր մեծ ու լայն բացուած վէրքով մը:

Կրակարանին մօտ նստած, Յակոբ եւ Աննիկ կը խօսակցէին եցած ձայնով այս բաներուն վրայ. ինքը ի՞նչ կրնար ընել, ի՞նչ կրնար ըսել, պառաւ աղջիկ, թառամած սրտով եւ հոգիով, նոր բաբախող սիրտի մը իր անկարողութիւնը այդպիսի դերի մը մէջ հոգով եւ տարակոյսով կը պատէր իր պզտիկ գլուխը, որ բոլորովին կը կաղապարուէր այլեւս տափակ ու ցանցառ մոխրագոյն մազերուն տակ. եւ ահա, յայտնեց, թէ յոյսը Յակոբին վրայ դրած էր, ճշմարտիւ երիտասարդները զիրար աւելի կը հասկնային եւ չէ՞ մի որ արդէն երկուքն ալ քոյր եղբայր կը համարուէին:

Յակոբին եղնիկի աչքերուն մէջ անբացատրելի բան մը անցաւ եւ հեշտանքէն արտեւանունքը գոցեց. նոյն միջոցին իրենց գլխուն վերեւ թեթէեւ ոտնաձայներ լսեցին:

Ահաւասիկ, ըսաւ Աննիկ, աթնցաւ, վար պիտի գայ:

Յակոբ լռելեայն մտիկ կ՚ընէր. այդ քայլերու ձայնը իրեն հոգիին մէջ կ՚արձագանգէր նախազգացումի մը պէս. երբեմն իր սրբած եւ գերագրգռուած լսելիքովը կ՚որոշէր քղանքցի խշրտուքը եւ սահումը գետնին վրայ. ահաւասիկ իրեն կը թուէր, թէ հեռուէն, անծանօթ հորիզոններէն կին մը քայլ առ քայլ կուգար դէպի իրեն եւ անոր գոյութեան զգացումն էր, որ կը թնդար իր մէջը երկայն դաշնակաւոր երգի մը պէս:

Այդ միջոցին մոռցաւ իր դիրքը, իր աղքատութիւնը: Իր շուրջի թէեւ թառամած, բայց հանդարտ պերճանքը վստահութիւն տուաւ իրեն. այդ սրահին մէջ էր, որ իր հայրը կինը ընդունած էր. այդ սրահին մէջ էր, որ աւելի առաջ մեծ հայրը ընդունելութիւններ ըրած էր, ուր հաւաքուած էին ժամանակին մեծ մարդիկը, ուր ոսկեթել մետաքսէ Պրուսայի կտաւներով հագուած նաժիշտներ եւ սպասաւորներ հանդիսաւորապէս պտտցուցած էին գոհարազարդ նարկիլեները եւ երկայն յասմիկէ չուպուգները եւ ինքը չէ՞ մի որ անոնց ուղղակի ժառանգորդըն էր...

Ա՛հ, իրաւ է թէ սրահը պարապ էր գրեթէ եւ նարկիլէներուն վրայէն սուտակները ու բերուզէները շատոնց անհետացած էին եւ մետաքսեայ բարակ զգեստներով սպասաւորներուն տեղ, միակ ծերունի սպասաւոր մը կար երկուքի ծռած, որ իր պառաւ կնոջը հետ կը համառէր անձնուիրութեամբ հոն մնալ եւ իր տէրերուն ծառայելով մեռնիլ, բայց այս բաները չմտաբերեց Յակոբ, չմտաբերեց նոյնիսկ, թէ այս ժամուան լիւքսը եւ հարստութիւնը ուրիշ կերպով կ՚արտայայտուէին, չյիշեց կամ չուզեց յիշել Բերայի սալոնները, ընկերութիւնները եւս. եւ յամառեցաւ ինքզինքը մեծ եւ ամենակարող զգալու: Յակոբին ստացած դաստիարակութիւնը, իր հոգեկան բնածին վիճակը, այդ շաբթական սպասման անձկութիւնները, Զարուհիին պատահածը եւ իր մէջ մինչեւ ցարդ քնացող վիճակին մէջ մնացած զգայասիրութիւնը, որ յանկարծ երեւան կուգար, պատրաստած էին այդ վայրկեանը. միւս կողմանէ արթնացած սիրտը սննդի պէտք ունէր. այդ տղան ամէն անձնուիրութեանց եւ կուրութեանց կարող էր այդ պահուն:

Վերջապէս սենեակին դուռը կռնչեց. Զարուհի հազիւ թէ երեւցաւ, ուզեց հեռանալ Յակոբէն ամչնալով, բայց Աննիկ զայն կանչեց.

Մտի՛ր, Զարուհի, մտի՛ր, օտար մարդ չկայ:

Երբ Յակոբ ձեռքը Զարուհիին խոնաւ մատներուն դպցուց, սառի պէս պաղ էր եւ զգաց, որ կը դժգունէր հետզհետէ. առաջին րոպէին աչքերը պղտորեցան եւ բան մը չտեսան. հազիւ վարդագոյն սիլուէտ մը, որ աւելի աննիւթական կը թուէր տանթելներու առատութենէն: Յետոյ իր եղնիկի ցաւատանջ եւ երազուն աչքերը կարծես լոյսով ողողուեցան. Զարուհի իրեն կը ժպտէր տխրօրէն:

Սքանչելի երիտասարդուհի մը եղած էր անիկայ. թարմութեան եւ կանխահաս հասունութեան խառնուրդ մը, գեղեցիկ խարտեաշ մը, անհաւատալի ոսկեգոյն մազերով պճնուած, որոնք ճշմարիտ ոսկեթելերու կայծկլտումները ունէին լամբարին լոյսին տակ. անոր տաք գոյնին մէջ, որ աւելի ցորենագոյն կը համարուէր, մութ կապոյտ աչքերը գիշերը սեւ կ՚երեւային եւ լալէն կարմրած արտեւանունքը թեթեւ մը ուռած` աւելի կը շեշտէին անոնց խորութիւնը: Շրթունքներն ալ չափազանց կարմիր` ուռած էին եւ բերնին անկիւնները պաշտելի խորշիկներ կը կազմէին, որ անոր ամբողջ անձին սիրագրգիռ պճրանքի հով մը կուտար: Հաճի Սարգիս ամիրային հեշտասէր արիւնը, իր աղջկանը եւ թոռներուն մէջ քնանալէ ետքը, իր բոլոր բուռն ցանկութիւններով կ՚արթննար այս աղջկան երակներուն մէջ: «Կրակի կտոր է կ՚ըսէր մայրը զայն յանդիմանելով եւ չհասկնալով իր թուլամորթի ծուլութիւններուն եւ մշտնջենական հանգիստին մէջ, թէ ի՛նչ սատանայ այսպէս շարունակ շարժման եւ գրգռման մէջ կը դնէր այս աղջիկը: Պուրժուաներու քնացնող եւ պահպանողական բարքերը, ինչպէս նաեւ կեղծիքները ցնդեր գացեր էին անոր հրավառ հոգիին վրայեէն, ինչպէս ափ մը ցեխ վառուած հնոցին մէջ:

Զարուհին իր առաջին սիրային խնդրոյն պատահած ընդդիմութենէն կը զայրանար, կ՚ըմբոստանար եւ միեւնոյն ատեն անակնկալի մը առաջքը կը գտնէր ինքզինքը. հարուստ եւ միակ աղջկան բոլոր քմահաճոյքները մանկութենէն ի վեր գոհացուած էին. մայրն ու հայրը գերի եղած էին իրեն, պուպրիկի պէս հագուեցուեր ու զարդարեր էին զինքը եւ թոյլ տուած էին, որ անիկայ իր պերճանքի եւ վայելքի բնազդներուն սանձարձակ յագուրդ տայ. բայց փոքրիկը մեծցեր էր եւ իր այժմու քմահաճոյքներուն շատ ուշ կ՚ուզէին թումբ մը կանգնել եւ ինք չէր հասկնար ինչո՛ւն:

Ամօթ է, կը հասկնա՞ս, ըսած է մայրը, մեզի պէս շնորհքով մարդիկներուն աղջկան վրայ ասանկ կասկած մը անգամ արատ կը բերէ:

Ամէն աղջկայ պէս տարտամօրէն ինքն ալ ամօթի զգացումը ունեցած էր ներքնապէս. բայց միւս կողմանէ, իր պզտիկ գլուխը կը սկսէր տրամաբանել, կը սկսէր հասկնալ, թէ իրաւունք չունէին իր զգացումներուն վրայ բռնանալու եւ այս ըմբոստացումը աւելի բաժին ունէր իր արցունքներուն մէջ, քան թէ իտալացիին յիշատակը, որ արդէն տակաւ առ տակաւ աւրուելու վրայ էր իր սրտին մէջէն:

Քիչ մը ատենուան անհանգիստ լռութենէ ետքը ամէնքն ալ սկսան խօսիլ միավանկերով եւ կամաց ձայնով, իբր թէ հիւանդ մը ըլլար սենեակին մէջ:

Զարուհիին սովորական հնչուն եւ տաք ձայնը խղդուկ եւ լալագին բան մը ունէր ուռած շրթունքներուն վրայ. երբեմն նոյնիսկ կը հատկլտար եւ աչքերը արցունքով կ՚ողողուէին, այդ միջոցին Աննիկ եւ Յակոբ կը լռէին եւ կը ջանային ուշադրութիւն չընել Զարուհիին:

Սեղանին տակ, ամէնուն սիրտն ալ սեղմուած իրարմէ տարբեր զգացումներով, քիչ ճաշեցին եւ գրեթէ բնաւ չխօսեցան. երբեմն-երբեմն կորաքամակ սպասաւորին քսքսուող ոտքի աղմուկը կը լսուէր դուրսի մարմարեայ բակին վրայ: Ճաշէն ետքը, երբ Աննիկ կ՚օգնէր սեղանին սպասները տեղաւորելու, երկու երիտասարդները պատուհանին մօտ եկան. լուսնի գիշերը, հակառակ յառաջացած ձմեռին, սքանչելի էր. անթափանց եւ կաթնային մշուշ մը կը ծածանէր եւ շէնքերը կը պարուրէր իր նուրբ շղարշով. աստղերը միշտ կը պլպլային եւ իրենց լուսեղէն արցունքը, կարծես թանձրացած, ոսկեթելերու պէս կ՚երկարէին ճերմակ մշուշին մէջ. հեռուէն Չամլճային կողերը, մանիշակագոյն եւ կարմրորակ, կը ցցուէին դէպի վեր եւ գագաթը կը խառնուէր մշուշին հետ. բլուրին ետեւէն աստղերու շարք մը անսովոր փայլով մը կը պլպլար լուսեղէն շաւիղ մը բանալով երկինքին վրայ. երբեմն լուսինը կը դժգունէր թեթեւ ամպի մը ետեւ, յետոյ դարձեալ նազանքով կը պտուտքէր աստղազարդ կամարին վրայ. անսահմանելի խռովք մը եւ քաղցրութիւն մը կ՚արտաշնչուէր ամէն բանէ: Անդին, ճամփուն վրայ, ցցուած մացառներն անգամ կարծես վեր կը նայէին, այնքան բնութիւնը իր բոլոր տարրերով դէպի վեր, դէպի երկինքը կը ձգտէր:

Յակոբ աչքին ծայրովը տեսաւ, Զարուհիին երեսները ողողուած էին արցունքով. մէկէն երկչոտ եւ անկարող զգաց ինքզինքը այդ յորդող ցաւին դէմ: Բոլոր իր գեղեցիկ դիտաւորութիւնները ուրուականներու պէս փախան մտքէն եւ շրթունքի վրայ բառ մը չեկաւ, վերջնական եւ ամենակարող վանկ մը, որ իր հոգին, իր համակրող եւ ցաւող հոգին բանար Զարուհիին, բայց անիկայ կարծես թէ հասկցաւ զինքը եւ ըլլայ անտարբերութեամբ, ըլլայ մանկական սովորութեամբ մը, կամ ճշմարիտ համակրանքով, իր ծանրացած եւ տենդային գլուխը հանգչեցուց Յակոբի ուսին:

Ամբողջ գիշեր Յակոբը զգաց Զարուհիին գլխուն ծանրութիւնը ուսին վրայ. անոր շունչին բուրմունքովը այլեւս տագորցած էին իր մազերը եւ խորապէս իր բոլոր էութեամբը վրդովուած էր անոր երիտասարդ անձին հրապոյրովը: Սրտին մէջ սուր ցաւ մը կար հազիւ զգալի, բայց յամառ, երբ կը մտածէր, թէ այդ արցունքները ուրիշներու համար թափուած էին: Իտալացի երաժիշտին պատկերը հետզհետէ որոշ սկսաւ ներկայանալ, թէեւ իրիկուն մը միայն տեսած էր զայն, երբ յանձնարարութիւն մը կատարելու համար Միսաք էֆէնդիին տունը գացած էր:

Իրաւ է, ուշադրութիւն չէր ըրած այն գիշեր օտարականին, բայց հիմա իր լարուած ուշադրութեան կը ներկայանային անոր դիմագծերը մի առ մի եւ որոշ եւ Զարուհին այդ մարդուն համար դժբախտ էր, այդ մարդը կը սիրէր… Յակոբի մոլեռանդ եւ դիւրաբորբոք հոգիին մէջ քանի այս մտածումը կրկնուեցաւ, այնքան անբացատրելի մորմոքում մը զգաց: Դեռ Զարուհին իրեն համար կինն էր, գրեթէ վերացական գաղափարը կնոջ, որուն այնքան ատենէ ի վեր կը սպասէր, եւ այդ գիշեր ցանկութիւնը բնաւ չեկաւ լուսաւորելու իր շփոթուած երեւակայութիւնը. աւելի փորձառու երիտասարդ մը որոշ պիտի տեսնար իր կացութիւնը եւ թերեւս ջանար իր արմատին մէջ խեղդել զգացում մը, որ այնքան աղէտալի պիտի ըլլար հետզհետէ իրան համար: Առաւօտուն շատ կանուխ արթնցաւ եւ զարմացմամբ տեսաւ, թէ օրիորդ Աննիկ իրմէ առաջ ելած, հագնուած եւ պատրաստ կը սպասէր կրակարանին քով. ան ալ, յայտնի էր, անքուն անցուցած էր գիշերը. աչքերուն տակ մորթը թեթեւ մը ուռած ըլլալով, պարապ գրպանիկներ կը շինուէին եւ կը կախուէին, այտերը հողի գոյն էին առած եւ աչքերուն մէջ մոլորուն բան մը կար, գրեթէ յիմարական:

Յակոբ այս անգամ շփոթեցաւ զայն տեսնելով, յետոյ կարծեց, թէ դարձեալ Զարուհիին տխրութիւնն էր, որ զինքը այսպէս կ՚այլափոխէր:

Երբ սպասուհին իր սուրճը հրամցնելէ ետքը հեռացաւ, Յակոբ համակրութեամբ նայելով իր ազգականուհիին, ըսաւ ցած ձայնով.

Ըսել է այդչափ վա՞խ կը պատճառէ քեզ Զարուհիին խնդիրը:

Օրիորդ Աննիկ տարակոյսով եւ հեգնութեամբ գլուխը շարժեց. այս անգամ իր սիրելի որդեգիրն ալ զինքը չէր հասկցած. պահ մը լռութենէ ետքը ըսաւ ծանրօրէն.

Մտիկ ըրէ, Յակոբ, շատոնց է, որ սրտիս խորը վէրք մը կայ, բան մը կայ, որ զիս կը տանջէ, բայց մէկու մը չեմ ըսած:

Յակոբ շուարած յանկարծ իրեն դարձաւ:

Ես երկար ատենէ ի վեր մտադրած եմ քեզի ըսել սրտիս մէջ եղածը, օրերով մնացի տարակոյսի եւ կասկածի մէջ, բայց հիմա ալ վերջացած է, ամէն բան հասկցայ, ամէն բան...

Ին՞չ բան, ըսաւ Յակոբ անձկութեամբ:

Շատ երկար եւ տաժանելի բան է ըսելիքս, Յակոբ. բայց դուն աղքատ եւ ազնիւ տղայ մըն ես, դուն կը հասկնաս:

Վայրկեան մը լուռ իրարու երես նայեցան:

Թերեւս օրեր ունեցած ես, Յակոբ, որ սրտմտած ես հօրդ յիշատակին դէմ, խորհելով, թէ քեզի ժառանգութիւն ձգած չէ, թերեւս ցանկացած ես քո ազգականներուդ բարօրութեան, անոնց պերճանքին եւ փարթամ կեանքին, թերեւս յաճախ ցուրտ եւ մերկ գտած ես այս բնակարանին սրահները, միակ հարստութիւնդ խեղճ տղայ, բայց ես քեզի կ՚ըսեմ...

Հեծեծանքները ձայնը խեղդեցին կոկորդին մէջ, եւ Յակոբ չկրցաւ ըմբռնել անոր թոթոված բառերուն իմաստը:

Յակոբ ոտիք ելաւ եւ իր թեւերովը պարուրելով պառաւ աղջկան նիհար եւ երկայն մարմինը, գորովանքով մրմնջեց.

Հանդարտէ, սիրելիս, ի՞նչ կայ, ի՞նչ ունիս, ես ապահով եմ, որ դարձեալ եղբօրդ մէկ ձեռնարկութիւնն է քեզ տանջողը... ուրիշ ոչինչ...

Ուրիշ ոչինչ, ուրիշ ոչինչ, կրկնեց Աննիկ ջղաձգօրէն խնդալով, ուրիշ ոչինչ... բայց մտիկ ըրէ, կամ աւելի աղէկ, գնա Յակոբ, գործիդ գնա եւ մոռցիր պառաւ աղջկան մը մղձաւանջները, առտուանց կանուխ, թիրեաքի գլուխդ...

Բայց չէ՛, ինչպէս կրնամ քեզի ձգել այս վիճակին մէջ:

Վերը ձեղունին վրայ ոտնաձայներ զիրենք ընդհատեցին. Յակոբ այնքան դժգոյն` մէկէն կարմրեցաւ եւ իր աչքերը անդին դարձուց Աննիկի դեռ մորուն նայուածքէն. տեսակ մը սարսուռ կռնակն ի վար իջնալով զինքը կը դողացնէր:

Ինչպե՛ս ցուրտ է, ըսաւ ակռաները կափկափելով եւ ունելին առաւ կրակարանին մէջի կրակները խառնելու համար:

Մի՛, Յակոբ, կրակները խանգարէր, ըսաւ Աննիկ մեքենաբար:

Յակոբը ժպտեցաւ: Պառաւ աղջիկը, հակառակ իր դաստիարակութեան, ատենէ մը ի վեր, նախապաշարումներ ունէր, որոնք հետզհետէ կը շատնային իր տարիքին հետ: Աննիկի արգելքի ձեւէն Յակոբ հասկցաւ, թէ այդ կարգի բան մը կար դարձեալ եւ հետաքրքիր հարցուց.

Հիմակ ալ կրակի կտորներուն դիրքերը՞ լաւ կամ գէշ բախտը կ՚որոշեն:

Ինձի համար ամէն բան գէշ բախտ է, սիրելիս, պատասխանեց դառնութեամբ:

Ուրիշ ատեններ այդ նախապաշարումները երկայն վիճաբանութեանց պատճառ կ՚ըլլային, որոնց մէջ վերջապէս Աննիկ կը յաղթուէր, տեղի տալով Յակոբին ողջամտութեան. այս անգամ այնպիսի համակերպում մը կար Աննիկի խօսքերուն մէջ, որ Յակոբ կարծեց յանդիմանութիւն մը զգալ անոր մէջ:

Դեռ Զարուհի վար չիջած` Յակոբ հապճեպով մեկնեցաւ, առարկելով կանուխէն տրուած ժամադրութիւն մը գործի համար. յետոյ կրկին հանդարտութիւն յանձնարարելէ ետքը Աննիկին, ըսաւ թէ` երեկոյին չպիտի կրնար գալ, որովհետեւ Սարգիս էֆէնդիին կինը ուզած էր զինքը տեսնել այն գիշեր:

Երբ Յակոբ փողոցը գտաւ ինքզինքը, առաւօտեան սուր ցուրտը աստիճան մը կազդուրեց զինքը. հանդարտօրէն խորհեցաւ անցուցած տագնապալի գիշերին վրայ, Զարուհիին վրայ եւ վերջապէս Աննիկի խօսքերուն, որոնք զինքը անհանգիստ կ՚ընէին. ատենէ մը ի վեր այդ աղջիկը փոխուած էր, իրաւ է, աւելի յաճախ եկեղեցի կ՚երթար եւ իր ջերմեռանդութիւնը` նախ հանդարտ եւ սովորական, սկսած էր միստիկ հանգամանք մը ստանալ: Յակոբ անդրադարձած էր, թէ տակաւ առ տակաւ անհրաժեշտօրէն կը զրկուէր եւ դրամը իր մատներուն մէջէն կ՚անյետանար չես գիտեր ինչպէս. ասկէ զատ, ինչպէս ըսինք, իր նախապաշարումներն ալ նախ սնոտի, ոչինչ բան են, սկսած էին յաճախ երեւիլ եւ իր ամբողջ կեանքին խորհրդաւոր հանգամանք մը տալ. ի՞նչ կար այդ պառաւ աղջկան հոգիին մէջ, որ զինքը կը դղրդէր այդպէս, երբեմն, այդ առաւօտուան պէս տագնապներ քանիցս կրկնուած էին արդէն, եւ Յակոբ ոչ մէկ անգամուն կրցեր էր հասկնալ բուն պատճառը. յետոյ վերջապէս կարծած էր, թէ ասոնք անգործ աղջկան ձանձրոյթով եւ տաղտուկով լեցուն կեանքին բնական հետեւանքներն էին, տեսակ մը ջղայնութիւն, եւ եզրակացուց.

Պա՛հ, տարիքին ազդեցութիւնն է, ես միշտ կը մոռանամ, թէ Աննիկ պառաւ աղջիկ է:

Յակոբ գիտէր, որ Աննիկ բաւական հարստութեան տէր էր, որուն եկամուտին մէկ մասը միայն կը ծախսէր իր անհրաժեշտ պէտքերուն համար. այս վերջին երկու տարիներուն իր կացութեան համեմատութեամբ ըրած ծայրայեղ խնայողութիւնները զինքը թէեւ հետաքրքրած էին, բայց ատ ալ շուտով մերաքի վերագրած էր:

Ինչպէ՜ս կը փոխուին մարդիկ տարիներու ընթացքին մէջ, խորհեցաւ ինքն իրեն, զարմանալի բան է:

Ամբողջ օրը իր գործով զբաղած` Յակոբ բոլորովին մոռացաւ գիշերուան յուզմունքները, որոնցմէ տեսակ մը խոնջենք կար միայն հոգուոյն մէջ: Յետոյ իր շարունակական երթեւեկութիւններէն ֆիզիկապէս ջլատուած` վերջին անգամ մըն ալ վերադարձաւ գործատեղին Սարգիս էֆէնդիին յանձնելու իր գանձումները եւ ընկալագիրները:

Այս իրիկուն մեզի ես, չմոռնաս, Յակո՛բ, ըսաւ Սարգիս էֆէնդին, երբ հաշիւներնին լմնցուցին, Նոյեմին կրկին ապսպրեց:

Այդ հրաւէրը անսովոր բան էր, անոր համար Յակոբ վայրկեան մը խորհեցաւ, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ պատճառը. բայց ուշ էր եւ աճապարեց մեկնիլ:

Երբ Բանկալթի, Սարգիս էֆէնդիին տունը հասաւ, անմիջապէս սպասաւորը զինքը առաջնորդեց տիկին Սահակեանի մօտ, որ առանձին էր եւ առանց ուշադրութիւն ընելու նորեկին, մազերը կը շտկէր հայելիին առաջքը:

Տիկին Նոյեմի Սահակեան` գեղեցիկ եւ թարմ մնացած կին մըն էր եւ այդ միջոցին կը գտնուէր կանանց աշունին վերջին փայլին մէջ. երիտասարդութեան քիչ մը խակ եւ կարծր դէմքը, սեւ աչքերով, սեւ յօնքերով եւ մազերով, հիմա իր գեղեցկութեան լրումին մէջ կը գտնուէր եւ կրնար կատարեալ համարուիլ, եթէ չափազանց գէր մարմին մը չունենար, զոր ոչ մէկ սեղմիրան կրնար ձեւի բերել: Իր ամուսնուն օրէօր մեծցած հարստութիւնը, իրենց ունեցած պատուաւոր դիրքը սեղանաւորական աշխարհին մէջ, բոլորովին երջանիկ պիտի ընէին զինքը, եթէ իր երկու ստահակ տղաքը չըլլային. այսուհանդերձ տիկին Սահակեան կռթնած իրենց մեծ հարստութեան, երբեմն կը մոռնար իր մայրական արժանապատւութեան կրած նուաստացումը, որ զինքը համեստ կրնար դարձնել, եւ կ՚ապաստանէր իր ամբարտաւան վէսութեան մէջ: Ինքն ալ գրեթէ անուս` յաւակնութիւն ունէր կրթական խնդիրներու մէջ խառնուելու, ուր կը հանդուրժէին զինքը իր առատաձեռնութեան պատճառաւ. հարուստ եւ աղքատ հասարակարգերու վրայ ունեցած անոր գաղափարները, մէկին եւ հատու, զինքը պատկառելի կը դարձնէին: Իրեն համար շնորհքով մարդը կը սկսէր գոնէ տասը հազար ոսկիի դրամագլխով մը: Չափազանց հետաքրքիր եւ իր ամուսնոյն դիրքին շնորհիւ տեղեակ իրենց յարաբերութեան մէջ եղող ընտանիքներուն նիւթական կացութեան, տիկին Սահակեանի բարեկամութեան աստիճանը կրնար հաշուեկշռի տեղ ծառայել: Երբ Նոյեմի հանըմ մէկուն համար ըսէր.

Օ՜հ, անոնք շնորհքով մարդիկ են, կարելի էր ապահով ըլլալ, թէ պարապ դրամարկղի մը տէր չէին այդ մարդիկը:

Ասոր համար էր թերեւս, որ ամէն դասակարգէ մարդիկ կը դարպասէին իրեն եւ իզուր կը ջանային իր մտերմութիւնը շահիլ, որ կարեւոր դրամատան մը մէջ վարկ շահելու պէս բան մըն էր:

Բայց տիկին Նոյեմի տկարացումներ չունէր. նոյնիսկ իր վերջալուսային գեղեցկութիւնը, որ այնքան կիներու կորուստին պատճառ կ՚ըլլայ, անսխալ եւ պարկեշտ երիտասարդութենէ մը ետքը, զինքը չմոլորեցուց. իր կեանքին միակ հրայրքը, ինչպէս ըսինք, անցողակի ցաւէ մը ետքը իր երկու անօգուտ տղաքներուն համար, անողոք մրցակցութեան մը մէջ կը կայանար իր ներոջը ընտանիքին հետ:

Բարի եկա՛ր, Յակոբ, ըսաւ հայելիին մէջէն տեսնելով զայն, շատոնց է, որ քեզի տեսած չունինք, մէկ մարդ պիտի ըլլանք, ըսաւ պչրանքով գլուխը կէս մը դարձուցած, Սարգիս աղային ըսի, որ ասանկով չըլլար, ըսէ՛, որ այս իրիկուն գայ անպատճառ ինձի տեսնայ... Թերեւս աւելի կարեւոր բան մը ունէիր ընելիք, Յակոբ, շիտակ ըսէ, վերջացուց խօսքը եւ բոլորովին երիտասարդին դառնալով իր անուշահոտութիւններով խոնաւ ձեռքը երկնցուց:

Յակոբ ձեռքը համբուրեց եւ թեթեւ մը շիկնեցաւ հաճոյքէն. ինչքան որ իր ազգականներուն ցրտութիւնը զինքը կը վիրաւորէր, միւս կողմանէ իր հպարտութիւնը արի եւ որոշ ապրելու եղանակ մը չէր ներշնչէր իրեն. ինքը աւելի կանացի հոգի մըն էր, դիւրազգաց վերջին ծայր, բայց իր տառապանքը հոգիին խորը պահող, եւ ինչպէս երբեմն կը պատահի, այդ զսպուած հպարտութեան տագնապները աստիճանաբար կը կորսնցնէին իրենց սաստկութիւնը եւ աւելի տեսակ մը ջլատութիւն կը պատճառէին անհուն յոգնութիւն մը, միւս կողմանէ ամէն անգամ շատ քիչով կարելի էր դարմանել այդ արիւնոտած հոգին, որ տղայութենէն իսկ խանդաղատանքի եւ անտարբերութեան հակառակ զգացումներու ենթարկած էր միշտ: Նոյեմի հանըմ, վարպետ կնիկ, եւ բնազդով հոգեբան, գիտէր ամէնուն տկար կողմը եւ կը շահագործէր իր շուրջի մարդիկը ինչպէս որ կրնար. այդ միջոցին կ՚ուզէր մանրամասնութիւններ իմանալ Զարուհիին վրայ: Թէեւ Յակոբ ներքնապէս կը զգար, թէ այդ անակնկալ համակրանքի ցոյցերը պատճառ մը ունէին, բայց կասկածի որեւէ ստուեր կամաւ հեռացուց մտքէն: Յետոյ պէտք է խոստովանիլ, թէ պզտիկ շահախնդրութիւն մը իր կարգին սպրդեցաւ հոգիին մէջ, միամտօրէն կարծեց, թէ այլեւս պիտի կրնար իր ազգականներուն ընկերութեան մէջ սպրդիլ եւ ուզածին չափ տեսնել Զարուհին, որուն սքանչելի խարտեաշ գլուխը արեւի պէս կը փայլէր իր մտքին մէջ: Յակոբ կը կարծէր, թէ ինքն ալ եթէ ուզէ, անմիջապէս կրնար կեղծիքի, շահախնդրութեան դիմել եւ թէ կամովին է, որ ինքզինքը կը զրկէր յաջողութեան այդ անհրաժեշտ պայմաններէն:

Տիկին Նոյեմի զինքը սալոնը տարաւ իր արդուզարդին մանրամասնութիւնները վերջացնելէ ետքը. հոն իր երկու տղաքը` Տիրան եւ Վահէ, նարտ կը խաղային: Յակոբ զանոնք բարեւեց, որոնք չափազանց զբաղած` ցրտութեամբ պատասխանեցին:

Ասոնք երկու տարուան տարբերութեամբ 24-26 տարեկան երիտասարդներ էին եւ ֆիզիկապէս այնքան իրարու կը նմանէին, որ առաջին ակնարկով երկուորեակ կը թուէին. երկուքն ալ վատառողջ գիրութեամբ մը ծանրացած, իրենց չափազանց ճերմակ եւ թոյլ դէմքերուն վրայ կը կրէին իրենց մօրը սեւ աչքերը, յօնքերը եւ մազերը, բայց կարծես թէ տիկին Նոյեմի իր մայրութենէն բան մը պակաս տուած էր անոնց. այդ աչքերուն մէջ լոյսը կը պակսէր եւ մազերը զուրկ էին այն գրաւիչ փայլէն, որով տիկին Նոյեմի Բերայի ամենէն աղուոր մազերը ունենալու համբաւը ունէր. բան մը, ոչինչ բան մը կարծես մոռցուած էր այդ տղոց վրայ, խելքի պզտիկ ցոլք մը, որուն բացակայութիւնը մթին, թոյլ եւ անպէտք կը դարձնէր զիրենք:

Այլեւս երկար գործունէութիւնով մը յոգնած` իրենց մեծ հայրերուն արիւնը վատուժ եւ տկար կը քնանար իրենց մէջ, եւ նոյնիսկ կը ծուլանար քիչ մը երանգ դնելու իրենց չափազանց դժգոյն դէմքերուն վրայ. հարստութիւնը, վայելքի դիւրութիւնը մնացածը ըրած էին, եւ այսօր Տիրան արդէն բեռնաւորուած էր իր արիւնը այնպիսի անդարմանելի հիւանդութիւնով մը, որ կ՚արագացնէր ցեղին անկումը:

Երբ նարտի խաղը վերջացաւ, երկուքն ալ իրենց մօրը քով եկան եւ սկսան հետաքրքրութեամբ մտիկ ընել զինքը, որ Յակոբին հետ կը խօսակցէր Զարուհիին վրայ:

Ա՜խ, որչափ սիրտս հատաւ, չե՛ս գիտեր, այս ինչ բան էր որ եղաւ, կը հեծեծէր տիկին Նոյեմի:

Յակոբ անմիջապէս հասկցած էր թէ իր ընդունած հրաւէրին պատճառը տիկին Սահակեանի հետաքրքրութիւնն էր Զարուհիի նկատմամբ, գիտէր նաեւ անոր գրեթէ ոխակալ մրցակցութիւնը տիկին Ազնիւի հետ եւ անմիջապէս իր աչքերը ստուերեցան տխրութիւնով. հասկցաւ, որ տիկին Նոյեմի գոհ էր եղածէն եւ հաճոյքով կը ծամծմէր այդ դժբախտ եղելութիւնը, կարելի եղածին չափ ցեխի մէջ թաթխելով իր ներոջը աղջիկը:

Շատոնց է, որ գիտէի, թէ այդ աղջիկը գէշ պիտի վերջացնէ, կ՚ըսէր գլուխը վէսօրէն բարձրացնելով, մանկութեան օրերէն ամէն ուզածը կ՚ըլլուէր... Հիմակ ալ մեծցաւ նա ուրիշ բան կ՚ուզէ, բնական է:

Իր երկու տղաքը ապշօրէն կը խնդային:

Բայց կարծեմ թէ, յառաջ եկաւ Յակոբ, անսովոր եւ անդարմանելի բան մը չկայ:

Տիկին Նոյեմի զինքը ընդհատեց քրքիջով մը.

Ի՛նչ միամիտ ես, տղաս, կը կարծե՞ս որ իրենց սիրահարութիւնը դեգերած ըլլայ միայն դաշնակին շուրջը...

Յակոբ մինչեւ ականջները կարմրեցաւ. իր ուսին վրայ դեռ ծանրութիւնը կը զգար Զարուհիին գլխուն եւ ինքզինքը վատ կը գտնար բան մը չկարենալ ըսելուն, չկարենալ զայն պաշտպանելուն արիաբար: Ի՞նչ պիտի խորհէր Զարուհի, եթէ հոս ըլլար, ինչքան արժանի էր ինքը արհամարհանքի, միւս կողմանէ` թոյնի պէս կասկածը կը թափանցէր իր երակներուն մէջ եւ մեքենաբար կը կրկնէր մտովի.

Թերեւս... թերեւս...

Նոյն միջոցին սպասաւորը օղիին ափսէն ներս մտցուց ու անոր ետեւէն մտան Սարգիս էֆէնդին եւ գիրուկ ծերունի մը, որ տաժանքով կը կրէր իր տկար եւ ծռած սրունքներուն վրայ լայն փոր մը:

Տիկին Նոյեմիի փութկոտութենէն Յակոբ հասկցաւ, թէ հարուստ մարդ մըն էր ան, Միքէ էֆէնդին, զոր երբեմն տեսած էր նաեւ իր վարպետին գործատեղիին մէջ. այս մարդը շարունակ կը խնդար եւ զարմանալի հակասութիւն մը կը կազմէր իր մարմնոյն կողմերուն բոլորշիներով Սարգիս էֆէնդիին ոսկրոտ, անկիւնաւոր եւ չոր երեւոյթին հետ:

Երբ նորեկները բազմեցան օղիի ափսէին շուրջը, տիկին Նոյեմի շարունակեց ցած ձայնով խօսակցութիւնը Յակոբին հետ. անդին ուրիշ անկիւն մը երկու եղբայրները քաշուած կը խնդային եւ իրենց մարած աչքերուն լպիրշ արտայայտութենէն, իրենց հրճուանքէ խոնաւցած շրթունքներէն Յակոբ գուշակեց, թէ Զարուհին կը մերկացնէին անպատկառօրէն:

Հետզհետէ զարմանալի անհանգստութիւն մը եւ տխրութիւն մը պատեց իր միտքը, եւ երրորդ հիւրի մը մուտքէն օգուտ քաղելով, հեռացաւ տիկին Նոյեմիէն եւ առանձին անկիւն մը քաշուեցաւ. քիչ մը ետք իր ներկայութիւնն իսկ մոռցած եւ օղիի յաճախակի գաւաթներէն գլուխնին տաքցած, սկսան խօսակցիլ ազատօրէն ամէն կարգի գայթակղութիւններու վրայ:

Նորեկը` միւսիւ Գալուստ, մօտաւորապէս քառասուն տարեկան մարդ մըն էր, որ հակառակ իր գունաւորուած մազերուն եւ թափած ակռաներուն, կը համառէր գեղեցիկ մարդ մնալ. իր խնամուած մօրուքը դժուարաւ կը ծածկէր այտերուն կանխահաս խորշոմները, որոնք ամէն կարգի ծայրայեղութիւններ կը մատնէին. երկու մատնեմատերը ծանրաբեռնուած մատնիներով եւ փողկապը զարդարուած ադամանդով մը, այս մարդը յայտնի էր, թէ իր բոլոր հարստութիւնը իր վրայ կը կրէր. ռտենկոթին խնամքով վրձինուած օձիքը սկսած էր գունատիլ եւ իր շալէ ժիլէն մէկէ աւելի հանուած արատներու հետքերը կը կրէր. չափազանց նիհար եւ երկայնահասակ այս մարդը իր կմախքը պտտցուցած էր ամէն մուտքը կարելի ննջասենեակներու մէջ. կիները խենթ կ՚ելլային իր վրայ. ինչո՞ւ... Ոչ ոք կրնար ըսել, այրերը` ըլլայ բնազդով, ըլլայ գիտակցութեամբ, կ՚արհամարհէին զինքը եւ ոմանք մինչեւ իսկ կը վախնային իր գրեթէ խորհրդաւոր հմայքէն: Առանց որոշ եկամուտի եւ գործի, այս գեղեցիկ մարդը կ՚ապրէր ճոխութեամբ եւ կը մասնակցէր նոյնիսկ մեծահարուստներու թղթախաղին. նախ կասկածով, հետզհետէ վստահութեամբ ընդունած էին զինքը ամէն շրջանակներու մէջ` նշմարելով, որ երբեմն թղթախաղի կարեւոր կորուստներ կը վճարէր առանց շուարումի. իր բոլոր բարեկամներուն մէջ տիկին Նոյեմի այս մարդուն վրայ էր միայն, որ որոշ գաղափար մը չունէր եւ իր պարբերական ցրտութիւնները, վերապահումները եւ համակրութիւնները կը յայտնէին իր տարակոյսները. այդ իրիկուն լամպարներու լոյսին տակ կ՚երեւի միւսիւ Գալուստին ռտենկոթին մաշած կարերը շատ յայտնի եղան, քանի որ տիկին Նոյեմի զայն տեսնելուն պէս իր անդրանիկին դարձաւ անոր հետ խօսքի բռնուած ըլլալու երեւոյթ առնելու եւ նորեկին ձեռք չերկնցնելու համար: Սակայն էֆէնդի ոչ նուազ անտարբերութեամբ ընդունեց զինքը. իր արծուային քիթին երկու կողմերուն խորութեանց մէջ ապաստանող սուր եւ պզտիկ բիբերը, որոնք արժէթուղթերու եւ ոսկիներու վրայ շարունակ նայելէն դեղին, անթափանցիկ բան մը առած էին, ծուլութեամբ պտտցուց միւսիւ Գալուստին վրայ, մինչ Միքէ էֆէնդի, օղիէն կարմրած, ապշութեամբ կը խնդար նորեկին յարգալիր բարեւին:

Բախտի ելեւէջներուն վարժուած` միւսիւ Գալուստ բնաւ կարեւորութիւն չտուաւ այդ անհիւրընկալ կերպերուն եւ ֆէսը լաւ մը տեղաւորցնելէ ետքը իր գլխուն վրայ, դէպի տիկին Նոյեմին յառաջացաւ վստահութեամբ. այս մարդուն յատկութիւններէն մէկն ալ մեծ յատկութիւն մը, որ տիկին Նոյեմիի համար վարկի տեղ կը բռնէր իր գիտութիւնն էր Բանկալթիի բարձր դասուն մէջ պատահած գայթակղութիւններուն: Իր մտերմութիւնները շատ մը կիներու հետ, թոյլ կուտային իրեն գիտենալ այնպիսի բաներ, որ երկու քոյրեր իսկ իրարմէ պիտի ծածկէին: Թաւիշներու, ադամանդներու, բուրումնաւէտ ճերմակեղէններու տակ ծածկուած լղրճուկ մերկութիւններու, պարկեշտ դիմակներու տակ պահուըտած անպատկառութիւններու գիտակցութիւնը` հակառակ իր իսկ կեղծաւոր եւ խնկարկու բնաւորութեան, տեսակ մը ներողամտութիւն եւ հեգնութիւն տուած էին իրեն, որ տանելի կը դարձնէին հարուստներուն ամէն քմահաճոյքները: Ասկէ զատ իրեն տուած էին նաեւ օձի պէս խայթող եւ թունաւոր լեզու մը, որով կրնար մրցիլ ամենէն չարալեզու կնիկներուն հետ. իր բերանը ինկող մը կարծես կ՚աղտոտուէր, կը լղրճուէր, նոյնիսկ եթէ ինքը չհամարձակէր յայտնի կերպով բամբասելու:

Քիչ մը ետքը ուրիշ երկու դրացիներ, միանալով Սարգիս էֆէնդիի օղիի ընկերներուն, ամբողջացուցին անոր սովորական այցելուները, որոնք պէտք կը զգային յաջորդ օրուան սեղանաւորական գործունէութիւնէն առաջ գալու իրենց դարպասը ընելու մեծ սեղանաւորին:

Տիկին Նոյեմիի երկու տղաքը, աղջիկներու պէս կը մտնէին կ՚ելնէին եւ պզտիկ ծառայութիւններ կ՚ընէին: Սարգիս էֆէնդի շատոնց է, որ կ՚արհամարհէր իր տղաքը եւ հազիւ թէ իր դեղին անթափանց բիբերը կը բարձրացնէր անոնց վրայ բան մը հրամայելու համար:

Այլ սակայն, պէտք է խոստովանիլ թէ` ամէն ջանք ըրած էր անոնց դաստիարակութեան համար. իր տղոցը թոյլ, անառակ եւ ծոյլ կեանքին ծախքերը ըրած էր լայնութեամբ` Եւրոպայի շատ մը քաղաքներուն մէջ, յուսալով, թէ բան մը պիտի ըլլան, բան մը պիտի սորվին, եւ ահաւասիկ այժմ բոլորովին յուսահատած էր. այդ յուսախաբութեան մէջ իր կնոջը պէս դառնութիւն չէր դրեր սակայն, այլ աւելի ճիշտ տեսակ մը արհամարհանք: Եթէ տիկին Սահակեանի ամէն կասկածէ վեր պարկեշտութիւնը չըլլար, պիտի կասկածէր նոյնիսկ անոնց իր զաւակները ըլլալուն: Բայց գործի մարդը երկարօրէն մտածելու իսկ ժամանակ չունէր այս տեսակ բարոյական կարգէ եղող խնդիրներու վրայ: Չափազանց հետամուտ վաստակի` իր նենգաւոր հաշիւները կ՚ընէր խօսած, օղի խմած, կերած եւ նոյնիսկ պառկած ատեն եւ երազին մէջ կը շարունակէր բազմապատկել, բաժնել, կարգադրութիւններ ընել: Այս մտաւոր յարատեւ աշխատութիւնը զինքը նիհար պահած էր: Սակաւակեաց եւ ատենէ մը ի վեր անտարբեր` կիներու նկատմամբ, իր բոլոր առնական կարողութիւնները եւ մոլեռանդութիւնը կենտրոնացուցած էր դրամ դիզելու եւ իր կծիկը խոշորցնելու մէջ: Սակաւախօս եւ գաղտնապահ` իզուր զինքը դարպասողները շրթունքէն կը կախուէին բան մը իմանալու համար, արժէթուղթերու մօտաւոր անկում մը կամ բարձրացում մը. գործողութեանց մէջ անոր ունեցած շարունակական յաջողութիւնները զինքը հեղինակութիւն մը դարձուցեր էին, եւ իր խօսքը մեծ վարկ ունէր ամէնուն աչքին:

Յակոբ Մահտեսեան, իր անկիւնին մէջ քաշուած, տխրօրէն կը դիտէր բոլոր այդ դէմքերը եւ ինքն ալ մտքէն հաշուեկշիռը կ՚ընէր անոնց բարոյական արժէքին. բոլոր այդ շնորհքով մարդիկը, որ զիրար ճանչնալով իսկ ներքնապէս, տեսակ մը գաղտնի համաձայնութեամբ զիրար կը յարգէին ամէնուն ներկայութեամբ, իրեն ուղիղ եւ անկեղծ հոգին կը խրտչեցնէին: Յանկարծ աչքին առաջքը եկաւ Զարուհին, անդին Սկիւտարի տան մէջ իր դժբախտութեանը եւ արցունքներուն հետ առանձին, որովհետեւ իր սիրտը տալու համար, այս կարգի շնորհքով մարդ մը չէր ընտրած, զգաց նաեւ, թէ ինչպէս այդ ազգականները, անոր ծնողքն իսկ, աւելի պիտի ընտրէին, կոխոտելով անցնիլ անոր սրտին վրայէն, քան թէ այդ համաձայնութիւնը վրդովող արարքով խանգարել իրենց ընկերական ներդաշնակութիւնը: Ուրիշ աւելի տարտամ եւ վարանոտ մտածումներ իրար խառնելով, Յակոբ մեծ տխրութիւն մը զգաց եւ բոլորովին զղջաց եկած ըլլալուն: Հիւրերը եւ տիկին Նոյեմի զինքը այլեւս բոլորովին մոռցած կը թուէին, մանաւանդ որ ինքը օղի բնաւ չկրնալով խմել, չէր մօտիկցած իսկ անոնց, բայց սենեակին մէջ տարածուած ծուխէն պզտիկ գլխու պտոյտ մը ունեցաւ եւ զգաց, որ ուղեղը կը թմրէր մեղմօրէն եւ հոգիին մէջ դարձեալ վայելքի եւ սիրոյ տարտամ զգայնութիւններ եւ ըղձանքներ կը պտուտքէին՝ խռովքով եւ երազանքով օրօրելով զինքը: Անգիտակցաբար աչքերը սեւեռած էր դիմացի պատը գրեթէ բոլորովին ծածկող պարսկական գորգի մը ձիւնեղէն միջուկին, որուն վրայէն մարած գոյներով նրբին գիծեր, ներդաշնակ կորութիւններ կազմելով, իրարու կը միանային եւ կը բաժնուէին յաջորդաբար, սքանչելի արապէսկ մը կազմելով, որուն ճկուն ոստերուն վրայ առասպելական եղնիկներ կը մագլցէին դէպի վերը մութ կապոյտ եզերքին վրայ թառող նուաղկոտ եւ գունագեղ սիրամարգերուն:

Նոյն միջոցին քղանցքի շրշիւն մը լսեց եւ անմիջապէս զգաց տիկին Նոյեմիի գաղջ մարմինը ուսերուն ետեւ: Մեքենաբար անոր դարձաւ.

Ի՞նչ կ՚ընես հոս մինակդ, ըսաւ տիկին Նոյեմի բարեկամաբար եւ հոն մօտը նստեցաւ թիկնաթոռի մը վրայ:

Այրերը բարձրաձայն գործի վրայ կը խօսէին, միայն միւսիւ Գալուստ, բամբասանքի մը հոտը առնելով, երբեմն-երբեմն իրենց կը նայէր: Յակոբ չկրնալով անմիջապէս պատասխանել, տիկին Նոյեմի խորհրդաւոր ձեւ մը առաւ եւ աւելի թիկնաթոռը մօտիկցնելով Յակոբին, ըսաւ կեղծ զգացեալ ձայնով մը.

Իմացայ, որ, Յակոբ, Զարուհին ձեր տուն է եղեր, իրա՞ւ է:

Յակոբ հաստատական նշան մը ըրաւ:

Իմ ուրիշներու քով ըրած ծանր խօսքերուս մի նայիր, Յակոբ, ինծի անանկ կը վայլէ, որ ինքզինքս խիստ ցուցնեմ մեր ընտանիքին պատիւին վնասող որեւէ բանի մը, բայց երկու օր է, որ չես գիտեր ինչպէս անհանգիստ էի…

Բայց որովհետեւ Յակոբ բնաւ բան մը չէր ըսեր, տատամսած եւ չկրնալով հասկնալ տիկին Նոյեմիի անկեղծութեան աստիճանը, անիկայ շարունակեց պահ մը լռութենէ ետքը.

Աննիկը ի՞նչ կ՚ըսէ կոր, խեղճ աղջիկը կարծես թէ հոգ չունի, այդպիսի ծանր կացութիւն մը կը բեռցնեն իր վրայ:

Բայց տիկի՛ն…

Ինքը ի՞նչ վիճակի մէջ է, կուլա՞յ կոր:

Իրաւամբ չեմ հասկնար, տիկին, ըսաւ Յակոբը որոշ ձայնով մը, ճշմարտիւ չեմ հասկնար, թէ բան մը որ ամէն երիտասարդ աղջիկներու կրնայ պատահիլ, որ հաւանաբար որեւէ լուրջ հետեւանք չպիտի ունենայ, այնքան զբաղեցնէ եւ անհանգիստ ընէ ձեզ…

Տիկին Նոյեմի հեգնութեամբ իրեն նայեցաւ:

Տղա՛յ, կը կարծե՞ս որ… քեզի այդպէս հաւատացուցին կ՚երեւի… Ես որոշ աղբիւրէ իմացայ, որ…

Տիկին Նոյեմի նստած տեղէն բարձրացաւ եւ բան մը փսփսած Յակոբի ականջին եւ յետոյ գլուխը շարժեց նշանակիչ ձեւով մը:

Յակոբ այնպէս մը շառագունեցաւ յանկարծ, որ իր աչքերը լուսեղէն ողողումի մը մէջ կուրցան, բառեր մրմնջեց, որոնց իմաստը կը խուսափէր իր իսկ մտքէն, եւ օդին մէջ մէկ-երկու թեւի շարժումներ ըրաւ, բողոքի, զայրոյթի, յուսահատութեան շարժումներ: Յետոյ տենդագին, արիւնը գլուխը խռնուած, ոտքի ելաւ իր դողդոջուն սրունքներուն վրայ, եւ հրաժեշտ պիտի առնէր տիկին Նոյեմիէն, երբ իր ետեւ տեսաւ միւսիւ Գալուստը, որ չէր գիտեր երբ եկած էր իր մօտ եւ որ ամէն բան լսած ըլլալու էր, որովհետեւ մասնաւոր ժպիտով մը իր վատառողջ մարդու սուր եւ մանիշակագոյն լեզուին ծայրը արագ-արագ դուրս կը հանէր եւ շրթունքներուն կը քսէր, ինչ որ իր քով մեծ գոհացումի նշան էր:

Ինչո՞ւ կ՚ելլաս, Յակոբ, ճաշի չե՞ս մնար, ըսաւ տիկին Նոյեմի թոյլ ձայնով մը:

Ո՛չ, ըսաւ Յակոբ որոշապէս:

Տիկին Նոյեմի իր պարարտ եւ անուշահոտութիւններով խոնաւ ձեռքը երկնցուց:

Յակոբ տարտամ մնաք բարով մը ըսելէ ետքը ամէնուն, գրեթէ գլտորեցաւ սանդուղներէն վար եւ փողոց նետեց ինքզինքը: Տենդոտ եւ արագ քայլուածքով մը գնաց մինչեւ Շիշլի, առանց խորհելու, առանց դասաւորելու իր վրդովուած մտքին գաղափարները:

Այդ միջոցին միտքէն իսկ չանցաւ, թէ տիկին Նոյեմիի խօսքերը բամբասանքներ էին, հազիւ թէ կասկածի մը վրայ հիմնուած, եւ որոնց միակ նպատակն էր վարկաբեկել իր ներոջը աղջիկը, որուն ընտանիքին համար անգիտակից եւ բնազդային հակակրութիւն մը կը զգար:

Յակոբ այդ միջոցին կարող չէր իրերը եւ անձերը դատելու իրենց բուն արժէքին մէջ. միւս կողմանէ իր քաշած կեանքը թոյլ չէր տար խորհելու, թէ շատ մը ուրիշ սալոններու մէջ ալ լեզուի ծայրով տիկին Նոյեմիներ սոյն կարգի ոճիրներ կը գործէին, առանց իրենք իսկ անդրադառնալու ըրածներուն, ընդհակառակն, իրեն համար ասիկայ յայտնութիւն մը թուեցաւ, դառն, կսկծալի յայտնութիւն մը, ու նոյն վայրկեանին միայն հասկցաւ, թէ ինչ բուռն, անդիմադրելի սիրով մը կը սիրէր իր ազգականուհին: Բոլոր դժբախտներուն պէս կարծեց, թէ իր կացութիւնը բացառիկ եւ դժնդակ կացութիւն մըն էր եւ իր հոգին ճանչցաւ յանկարծ բոլոր այն մեծ` դժբախտութիւններու եղերական եւ հեշտալի գալարումները:

Ու գիշերին մէջ քալեց այդպէս մտրակուած ցաւէն, աչքերը արցունքով ողողուած, այնքան տաք, այնքան տաք, որ այտերը կ՚այրէին անոնցմով, առանց զգալու անօթութիւնը, ցուրտը եւ միայն տիրապետուած միամիտ փափագովը լեռները իյնալու եւ հին աշուղներու պէս մարդոցմէ եւ բնակութիւններէ հեռու ողբալու իր սրտին անմխիթարելի եւ սպանող զգացում մը:

Այլ սակայն լեռներէն եւ սարերէն անդին անդառնալի թափառումներու խորհած ատեն իսկ իր քայլերը մեքենաբար զինքը իր տունը տարած էին: Երբ իր սենեակին մէջ մինակ մնաց, իր գոռացող եւ ըմբոստ ցաւին յաջորդեց տեսակ մը զգայազրկութիւն. տխմարած եւ ինքզինքը մոռցած, գլուխը ձեռքերուն մէջ առաւ եւ մնաց երկար ժամեր, որոնց միջոցին առանց աչքերը թարթափելու կը շարունակէր արտասուել: Յետոյ, առանց հանուելու, յոգնութենէ եւ ջլատումէ յաղթուած, երկնցաւ անկողնին վրայ եւ ամբողջ գիշեր անցուց այդպէս ցուրտ սենեակին մէջ, հիւանդագին ջերմութեան մը մէջ, մինչեւ որ լուսանալէ ետքը խորունկ քնացաւ:

Երբ հետեւեալ օրը, կէսօրի մօտ, արթնցաւ, ժամանակի տեւողութեան զգացումը մոռցած էր եւ մեծ ջանքեր ըրաւ մտաբերելու նախորդ օրուան պատահածը իր բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ: Իրաւամբ իր գլխուն մէջ չէին սղմեր տիկին Նոյեմիին խօսքերը, եւ ինքզինքին կը հարցնէր, թէ իրա՞ւ են: Վերջապէս, որոշեց Սկիւտար երթալ եւ Աննիկին ըսել ամէն բան: Յանկարծ մտաբերեց նաեւ նախորդ առտուն Աննիկին խօսքերը. արդեօք ա՞ն ալ գիտէր, արդեօք Զարուհիին պարագայի՞ն ակնարկել կ՚ուզէր շուարած խեղճ աղջիկը: Բայց չէ՛, այդ ձեւով տեսարաններ առաջին անգամը չէր, որ Աննիկ կ՚ընէր իրեն, որոնք հետզհետէ յաճախադէպ կ՚ըլլային, քանի անիկայ մերաքլը ջղային կը դառնար յառաջացած տարիքին պատճառաւ:

Երբ Յակոբ ոտքի ելաւ արդուզարդը կարգի դնելու եւ մեկնելու, զարմանալի ծանրութիւն մը զգաց, իրեն թուեցաւ, թէ չպիտի կարենար շարժիլ, մեկնիլ. միեւնոյն ատեն կոկորդին մէջ սեղմում մը ունեցաւ, որ քանիցս հազալ տուաւ իրեն. բայց իր բարոյական կացութիւնը այնպէս մը սեւեռեալ էր Սկիւտար երթալու գաղափարին, որ ուշադրութիւն իսկ չըրաւ եւ հապճեպով պատրաստուելէ ետքը մեկնեցաւ տունէն:

 

Ընդարձակ ննջասենեակին մէջ Յակոբ անկողնին մէջ երկնցած եւ գլուխը բարձին, աչքերը ծուլօրէն կը պտտցունէր արեւի ճառագայթներուն վրայ, որ փետրուարի վերջին օրերուն անակնկալ եւ կանխահաս գարունի մը շնորհը կ՚ընէր: Ապաքինման երկար օրեր կ՚անցընէր այսպէս, ծանր հիւանդութիւնէ մը ետքը, զոր ցրտառութիւն մը միացած հոգեկան մեծ տագնապներու պատճառած էին իրեն: Իր տենդերէ եւ ջղային տագնապներէ ընդարմացած ուղեղը հետզհետէ կ՚արթննար կեանքին. երբեմն հաճելի յիշատակ մը իր թոյլ դիմագծերուն վրայ ժպիտ մը կ՚ուրուագծէր, ինչպէս երբեմն ալ յօնքերը կը կծկուէին եւ իր եղնիկի երկայն կտրուած աչքերը կը լցուէին տխրութիւնով. աւելի նիհարացած եւ նկուն իր ճերմակ շապիկին մէջ, երիտասարդ մարտիրոսի միստիկ երեւոյթ մը ունէր, դէմքը վերջացած խարտեաշ մօրուքով մը, որուն թելերը, կարծես աւելի բարակ, կ՚ոսկեզօծուէին արեւէն: Դիմացը` պատուհանին երկուքի բաժնուած վարագոյրներուն մէջտեղէն Չամլըճայի մանիշակագոյն կողերը կը բարձրանային, դեռ բոլորովին զուրկ կանանչէ եւ տեղ-տեղ բեռնաւորուած մացառուտ եւ սեւ բոյսերով: Կարմիր հողեր, ժայռոտ եւ ամուլ, կը ցցուէին ասդին անդին եւ արեւին ճառագայթները կը խաղային անոնց հետ բեկբեկ ճաճանչներով եւ հազիւ թէ կրնային փարատել մացառներուն երկնցած եւ մթին շուքերը:

Յակոբ սանդուղներուն վրայ բազմաթիւ ոտնաձայներ լսեց եւ դէմքը դարձուց դէպի դուռը, դժուարաւ շտկուելով իր անկողնին մէջ: Րոպէ մը ետքը երիտասարդ նորահաս բժիշկ մը, տոքթեօռ Մանիսեան, որ զինքը ճարտարութեամբ խնամած էր, ներս մտաւ Աննիկին հետ:

Բարի լոյս, Յակոբ էֆէնդի...

Բարի լոյս, տոքթեօռ, ըսաւ Յակոբ դէպի բժիշկին դառնալով ժպտուն:

Է՜հ, կ՚երեւի այսօր սեւ մտածումները թռեր գացեր են, որովհետեւ զգալի կերպով լաւ կը տեսնեմ կոր ձեզ:

Յակոբ տարտամ շարժում մը ըրաւ ձեռքով, այնքան հաճելի էր ապրիլ երկայն ձմեռէ մը ետքը արեւին առաջին ճառագայթներէն տաքցած եւ հոգին թրթռուն այն շատ մը անսահմանելի զգայութիւններով, որ փափկացած ջիղերը կուտան ընդհանրապէս ապաքինման մէջ եղող հիւանդներուն: Իրենց քով Աննիկ, զգալի կերպով ծերացած, որպէս թէ քանի մը տարիներ անցած ըլլային անոր պզտիկ եւ մոխրագոյն գլխուն վրայէն, մռայլ եւ տրտում կը կենար. երբեմն երկչոտ խանդաղատանք մը կեանքով կը լեցնէր անոր մարած աչքերը, բայց շուտով կ՚անցնէր ասիկայ, եւ գլխուն շարժումը, կասկածի եւ հեգնութեան շարժում, այլեւս չէր դադրեր բնաւ եւ իրեն ամբողջ անձին դեդեւուն երեւոյթ մը կուտար:

Յակոբին երկար հիւանդութեանը եւ ապաքինմանը միջոցին զայն խնամած էր մեքենաբար, մանրամասնօրէն հետեւելով բժիշկին պատուէրներուն, բայց հոգին այլուր, զբաղած եւ գրաւուած էր տարբեր եւ ամէնուն անծանօթ մտմտանքով մը: Ընդհակառակն, Զարուհի անմիջապէս մոռցեր էր ցաւը, իր արցունքները, իտալացին եւ քաջութեամբ հսկած էր Յակոբին քով. իր զգայնամոլ եւ յուզմունքի ծարաւի հոգին յագուրդ գտած էր վտանգին ճակատելու յանդգնութեանը մէջ: Հիւանդութեան երկար օրերու ընթացքին` Յակոբ իր արթուն վայրկեաններուն անդրադարձած էր, թէ տիկին Նոյեմիի բամբասանքները որքան անտեղի էին: Այս մտածումը կազդուրած էր զինքը եւ աւելի եռանդով, իր հիւանդ եւ անցնելու վրայ եղող հոգիին բոլոր տենդովը եւ խանդովը փարած էր երիտասարդ աղջկան:

Տոքթեօռ Մանիսեան ուշադրութեամբ կը քննէր Յակոբը` ականջը դրած կռնակին:

Քիչ մը հազա, հիմա շունչ մի առնէր: Եւ մատի պզտիկ հարուածներ տալով ուսին, նշանացի կ՚ապահովցնէր Աննիկը, որ անձկութեամբ կը սպասէր քննութեան արդիւնքին. յետոյ կրկին-կրկին մտիկ ընելէ ետքը, ձեռքը բարեկամաբար Յակոբին ուսին դրած ըսաւ.

Ահաւասիկ, բարեկամ, այլեւս ամէն վտանգէ զերծ ես, քիչ մըն ալ հանգիստ, երկու շաբաթի չափ, եւ եթէ օդերը այսպէս շարունակեն, կատարելապէս կ՚առողջանաս:

Դռան վրայ թեթեւ հարուածներ իրենց ուշադրութիւնը դարձուցին:

Մտէ՛ք, ըսաւ Յակոբ, հարուածները ճանչնալով:

Զարուհի երկչոտութեամբ իր խարտեաշ գլուխը ներս մտցուց եւ անձկութեամբ նայեցաւ բժիշկին:

Եկէ՛ք, օրիորդ, կրնաք մտնել, ըսաւ տոքթեօռը ձեռքը երկնցնելով, որուն շարժումին մտերմութիւնը անհաճոյ կերպով զարմացուց Յակոբը:

Բայց, երբ երիտասարդ աղջիկը իր անկողնին վրայ ծռեցաւ եւ գրեթէ շունչը շունչին զինքը շնորհաւորեց իր լաւ վիճակին համար, զոր Աննիկ նախապէս հաղորդած էր իրեն, այնպիսի հեշտագին զգացումով մը իր երակները ողողուեցան, որ իր թեթեւ մը ցցուած այտերը կարմրեցան տենդագին ջերմութիւնով մը եւ մազերուն արմատներն քրտինքի կաթիլներ բողբոջեցին: Յետոյ գրեթէ ինքզինքէն ելած եւ դէմ ծամածռած ջղային գալարումով մը, դեռ կմախքի պէս վտիտի ձեռքերը դրած Զարուհիին ձեռքերուն մէջ եւ իր դժգոյն շրթունքներով անգիտակից բառեր մրմնջեց, որոնց նշանակութիւնը եւ ճշմարիտ յուզումը Զարուհի զգաց անգիտակցաբար, անոր սեւ եւ մելամաղձոտ աչքերուն տագնապալի տխրութենէն: Որքան ալ արագ անցաւ ասիկայ, եւ Յակոբին դէմքը, թէեւ մասամբ մը, ծածկուած էր Զարուհիին գլխէն, բժիշկը եւ Աննիկ իրարու երես նայեցան եւ կարծես իրարմէ սպասեցին բացատրութիւնը:

Քիչ մը ետքը երեքն ալ բոլորուած հիւանդին անկողնին շուրջը, կը խօսակցէին բռնի զուարթութեամբ: Երբեմն բժիշկին աչքերը, զմայլանքով լեցուն, կը դառնային Զարուհիին հասակին եւ անոր ոսկեզօծ խարտեաշ սքանչելի գլխուն. անոր մութ կապոյտ աչքերը գոհարներու պէս կը նշուլէին ցորենագոյն եւ տաք մորթին վրայ: Երբեմն Զարուհի պչրանքով կը ժպտէր անոր, եւ իր շրթունքի անկիւններուն փոսիկները կը խորանային եւ աւելի հրապուրիչ կը դարձնէին դիմագիծներուն գեղեցկութիւնը, որոնց վրայ կարծես լոյսը եւ ստուերը փայփայանքով կ՚անցնէին եւ մասնաւոր ներդաշնակութեամբ մը կը խառնուէին իրարու:

Աննիկ Յակոբին հետ խօսքի բռնուած էր, երբ բժիշկը ոտքի ելաւ մեկնելու համար եւ հրաժեշտ առնելէ առաջ Զարուհիին հետ պատուհանին մօտեցաւ. դուրսի շքեղ գիւղանկարին վրայ կը խօսէին, բայց յանկարծ իրենց ձայնը մեղմացաւ եւ անլսելի դարձաւ. եւ մինչ Յակոբ, առանց մտիկ ընելու Աննիկին խօսքերուն, իր ցաւագին աչքերը կը սեւեռէր դիմացը` պատուհանին առաջքը խօսակցող զոյգին վրայ, Զարուհի պչրանքով գլուխը շարժեց եւ աչքերը դարձնելով բժիշկին, իր թարմ եւ լեցուն շրթունքներովը ժպտեցաւ երկարօրէն:

Իրիկունը, երբ Յակոբ առանձին մնաց, ժամերով խորհեցաւ Զարուհիին վրայ. այդ աղջկան առեղծուածային հոգին բարութիւնով, անձնուիրութեամբ, պչրանքով եւ հեշտասիրութեամբ խառն, զինքը կը շփոթեցնէր. հիմակ այլեւս վստահ էր, թէ իտալացին մոռացուած էր բոլորովին: Յակոբ դեռ շատ անփորձ էր եւ միամիտ լաւատեսութիւն մը ունէր` անդրադառնալու համար տեսակ մը կիներու մոռացումի սքանչելի յատկութեան վրայ, որով իւրաքանչիւր սիրային արկածէ ետքը անոնց սիրտը կը վերածնի եւ կը թարմանայ կոյս սրտի մը պէս, եթէ ուրախ էր, որ Զարուհիին սրտի մէջ իր կորսնցուցած սիրոյն հետքը չէր մնացած որուն համար ինքն իսկ տեսած էր, թէ ինչչափ արցունք թափած էր, միւս կողմանէ այս պարագան վախ կը պատճառէր իրեն. մէկէն, բնազդային կարողութիւնով մը, ըմբռնեց, թէ Զարուհիին սիրտը պարապ չէր կրնար ըլլալ եւ թէ պչրանքի ու դարպասուելու վարժուած անոր զգայարանքները չէին կրնար ծոյլ եւ հանդարտ մնալ: Հիմակ որ իր հիւանդ մարդու նուաղկոտ հոգին բոլորովին ողողուած էր այդ կեանքով եւ հեշտանքով բաբախուն աղջկան սիրովը, տարտամօրէն կը զգար, թէ երբեք անոր մութ կապոյտ աչքերը իրեն չպիտի ժպտէին այնպէս, ինչպէս բժիշկին ժպտացած էին ցորեկը, պատուհանին առաջքը: Այլ սակայն, ի՜նչ արեւ, որուն ջերմութեան եռանդագին կը փափագէր, որուն լոյսէն առկախ մնացած էր իր դեդեւուն եւ անցնելու վրայ եղող կեանքը, եւ ահա ցաւեցաւ առողջացած ըլլալուն, երկարօրէն կարօտով յիշեց այն տագնապալի գիշերները, ուր իր կեանքը վտանգի մէջ ըլլալուն, Զարուհի իր բոլոր անձին երիտասարդ արիութիւնովը մաքառած էր հիւանդութեան դէմ. այդ պայքարը մոռցնել տուած էր իրեն մեղկը եւ թուել կեանքի մէջ ծաղկող հեշտասիրութիւնները եւ Զարուհիին մտածումը սեւեռած էր իր վրայ. հիմա որո՞ւ գացած էր այդ մտածումը, հիմա իր ննջասենեակին մէջ արթուն մնացած Զարուհի որո՞ւ վրայ կը խորհէր եւ իր միտքը կ՚օրօրէր սիրազեղ բառերու ներդաշնակութիւնովը:

Տոքթեօռ Մանիսեանի սիլուէտը կ՚ուրուագծուէր իր տատամսող մտքին առաջքը, եւ Յակոբ դեռ տկար իր ծանր հիւանդութենէն` բուռն կիրքեր կը զգար, ատելութեան տագնապներ, որ զինքը քրտինքով կողողէին եւ սրտի այնպիսի բաբախումներ կը պատճառէին, որ ինքը անոնց զարկը կը լսէր որոշապէս իր դղրդուած էութեան մէջէն, իբր թէ իր մարմինէն անկախ աղմուկ մը ըլլար:

Երբեմն կը յիշէր նաեւ տիկին Նոյեմիին այցելած իրիկուան յուզումները, իր ըմբոստացումը, ցաւերը. որքան հեռու էին սակայն ասոնք. իմացած էր նաեւ Աննիկէն, թէ Բերայի մէջ Զարուհին չարաչար կը բամբասէին եւ դեռ կը խօսէին դաշնակի ուսուցչին հետ ունեցած սիրային խնդրին վրայ, ու ինքը միայն գիտէր, թէ իտալացին իր յաջորդը ունեցած էր ու յաջորդներ թերեւս: Իր բուռն կիրքին մէջ նախատելի բառեր կուգային շրթունքին Զարուհիին համար, որոնց սաստկութենէն ընկճուած կ՚իյնար բարձին վրայ, իբր թէ այդ նախատինքները ընդունողը ինքն ըլլար. իր երակներուն մէջէն ալ ան կը զգար Սարգիս ամիրային հեշտասէր բուռն եւ խիզախ արիւնին տրոփիւնը եւ ինքզինքը մինակ ու լքուած զգալով, այրիացած ամէն հեշտանքէ եւ հաճոյքէ, բրտութիւններու փափագը կ՚ունենար, յանկարծ երթալու եւ ինքզինքը յայտնելու իր կոյր եւ անսանձելի սիրոյն մոլեռանդութեամբ անզուսպ եւ վայելքի ծարաւի աղջկան:

Բայց կանթեղին պլպլացող լոյսին տակ, իր տենդէ եւ յուզմունքէ կարմրած դէմքը յանկարծ կը դժգունէր եւ իր ճերմակած շապիկին մէջ երիտասարդ մարտիրոսի նման կ՚իյնար բարձին վրայ, նկուն, վտիտ, իր անսահման սիրոյ ծարաւի շրթունքներուն գորովանքի բառեր մրմնջելով:

Անկեց քանի մը օր ետքը, Յակոբ դեռ ինքզինքը չէր կրցած գտնել, հակառակ բժիշկին լաւատես գուշակութիւններուն. չափազանց անարիւնութիւնը, միացած ջղայնոտ եւ տխուր վիճակի մը, զինքը թոյլ եւ անկորով կը դարձնէին: Զարուհիին վարմունքը բժիշկին հետ այլեւս կասկածի տեղի չունէր իրեն համար. գիշեր ցերեկ իր հոգեկան ցաւը որոճալով ապաքինման փափուկ ժամանակին մէջ` կարծես թէ իր մէջէն ապրելու կամքը մարեցուցած էր: Նոյնիսկ իր սիրելի Աննիկը զինքը մոռացած կը թուէր: Երբեմն ժամերով մինակ կը մնար, որուն միջոցին հազիւ թէ Զարուհի անուշադիր, միտքը զբաղած ուրիշ տեղ, կուգար եւ փետուրի մը պէս պտուտքելով, կ՚անցնէր, կ՚երթար, միավանկերով պատասխանելով իր զգուշաւոր հարցումներուն:

Իսկ Աննիկ բոլորովին ուրիշ եղած էր. պառաւ աղջիկը զգալի կերպով փոխած էր իր ապրելու եղանակը. հագուստները հինցած եւ նոյնիսկ աղտոտուած, չէին փոխուեր. առջի օրը նոյնիսկ պատռուածք մը նշմարած էր անոր կօշիկին վրայ. դառն մտածումները միտքը կը պաշարէին. արդեօք խեղճ աղջկան ունեցած դրամագլուխը վտանգուա՞ծ էր: Գիտէր, որ Աննիկի դրամը Սարգիս էֆէնդիի քով էր... բայց ինքը բաւական կը ճանչնար Սարգիս էֆէնդին, գիտէր, որ չափազանց խոհեմ իր դրամին համար, անփութօրէն կը տրամադրէր ուրիշներունը իր սեղանաւորական ձեռնարկութիւններուն մէջ: Համբաւ հանած բժիշկներու պէս, ամէն մարդ միայն այդ կարգի ձեռնարկներու մէջ, ըստ բախտի պատահած յաջողութիւնները կը յիշէր, որով քանի մը էսնաֆ մարդիկ հարստութեան տէր եղած են եւ ոչ ոք կը մտաբերէ զոհուածները: Բայց Աննիկ անոր քոյրն էր վերջապէս, որքան ալ այդ հաշիւով պարարտացած մտքերուն համար բնական կապերը կարեւորութիւն չունենան, Սարգիս էֆէնդիի համար խնդիրը տարբեր էր. ուշ կամ կանուխ Աննիկին ժառանգորդը ինքն էր` հետեւաբար, իրեն յանձնուած դրամը իրը կը նկատուէր: Այս գաղափարը աստիճան մը ամոքեց Յակոբը, բայց անմիջապէս յիշեց, որ Սարգիս էֆէնդի, իր սովորութեան հակառակ, քանիցս Սկիւտար եկած էր: Օ՜հ, բաւական անխելք չէր կարծելու համար, թէ զինքը տեսնելու եկած էր մեծահարուստ ազգականը. նշմարած էր նոյնիսկ, որ անիկայ մտահոգ եւ սրտնեղ երեւոյթ մը ունէր, որ կը կնճռոտէր անոր նիհար դէմքը վերջին հապճեպ այցելութեան պահուն:

Այս բաներուն վրայ կը մտածէր գիշեր մը, երբ քովի սենեակէն, ուր Աննիկը կը քնանար, ոտնաձայներ լսեց: Այն օրը ցերեկին նշմարած էր, որ խեղճ պառաւ աղջիկը հիւանդ կ՚երեւէր. իր փութոտուած դէմքին ծալքերուն մէջ վիշտը հանդարտ եւ անվերջ կ՚արտայայտուէր որոշ կերպով. աչքերը իրենց փայլը կորսնցուցած էին երկայն ատենէ ի վեր, եւ Յակոբ բոլորովին համոզուեցաւ, թէ Աննիկ գրեթէ ամօթալի խեղճութեան մը մէջ կ՚ապրէր, հագուստները կը հիննային, գունաթափ կ՚ըլլային եւ չէին նորոգուեր: Այնքան խնամոտ նախապէս իր համեստ արդուզարդին` Աննիկ հիմա զարմանալի անհոգութիւն մը ունէր իր անձին խնամքին համար, օրեր կային, որ մազերն իսկ չէր սանտրէր, եղունգները, երկնցած եւ սեւցած, կը կոտրտէին իր չոր մատներուն ծայրը: Արդեօք իր հիւանդութի՞ւնն էր պատճառը այս անհոգութեան: Բայց ապաքինման երկար օրերուն ոչ միայն Աննիկին վարմունքը չէր փոխած, այլ նոյնիսկ օրէօր զգալի կերպով կը վատթարանար: Համր ոտնաձայներ եւ թեթեւ աղմուկներ, որոնք զգուշաւոր շարժումներէ յառաջ կուգային, իր ուշադրութիւնը դարձուցին քովի սենեակը. աւելի աղէկ հասկնալու համար ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ: Քիչ մը ատեն լռութիւն տիրեց, յետոյ Յակոբ որոշապէս լսեց, որ դարան մը կը գոցէին, դանդաղ կռնչիւն մը, որ ցերեկուան մէջ անլսելի պիտի ըլլար: Իր գունաթափ դէմքին վրայ քրտինքը կաթիլ-կաթիլ կը պաղէր եւ ըլլայ սենեակին ցուրտէն, ըլլայ իր տենդէն, շրթունքը չորցած` կը ցաւէր իր դէմքի ամէն շարժումներուն: Կրկին թեթեւ թմրութիւն մը աչքերուն կոպերը ծանրացուց եւ ֆիզիկական անհուն պէտք մը զգաց հանգչելու ու վայելելու քանի մը ժամուան քունի մէջ անէանալու սփոփանքը: Բայց հազիւ թէ գլուխը բարձին դրած էր` անկումի մը խուլ աղմուկը ընդոստ արթնցուց զինքը եւ առանց մտածելու ուզեց անկողնէն նետուիլ, բայց իր թոյլ եւ ապիկար սրունքները չկրեցին իր մարմինը եւ քիչ մնաց իր կարգին իյնար անկողնէն վար. ուժաթափ եւ դժգոյն, գրեթէ նուաղած ինկաւ բարձին վրայ եւ պահ մը ականջներուն բզզիւնը, սրտին արագ բաբախումները եւ անդամներուն ջլատման զգացումը որով կարծես ամբողջ մարմինը կը քայքայուէր եւ անդամները կը քակուէին իրենց յօդուածներէն, զինքը անկարող դարձուցին որեւէ շարժման. երբ ինքզինքին եկաւ` միտքը պաշարուած յիմարական մտածումներով, բռունցքը զարկաւ պատին ու մտիկ ըրաւ: Նախ որեւէ ձայն չլսեց, յուսահատօրէն պատուհանին նայեցաւ, դուրսը մթին գիշերն էր եւ երկուքի բաժնուած վարագոյրներէն անդին, անծալ սեւը կը տարածուէր վիհի մը պէս:

Ինչչափ գիշերը երկար է, Աստուածս, մրմնջեց եւ իր ձայնն իսկ տեսակ մը սարսափ ազդեց իրեն:

Կանթեղին դողդոջուն լոյսը բեկբեկելով կ՚անցնէր կարասիներու վրայէն եւ անոնց շարժուն երեւոյթ մը կուտար, կապոյտ առաստաղին վրայ ճերմակ ձողիկներու ուղիղ գիծերը կարծես կը դեդեւէին եւ իրարու կը խառնուէին. եւ յանկարծ կռնակն ի վար վախի սարսուռ մը զգաց. խելայեղ եւ սարսափած մթութենէն եւ լռութենէն, ուզեց կրկին կանգնիլ եւ պոռալ, օգնութեան կանչել, բայց անդամները չհպատակեցան կամքին, եւ ինքզինքը անդամալոյծ զգաց եւ մեռելի պէս պաղ` տակնուվրայ եղած անկողնին մէջ:

Աննի՛կ, Աննի՛կ...

Յանկարծ Յակոբ զսպանակէ մղուածի պէս կանգներ էր անկողնին մէջ. քովի սենեակէն ոտնաձայներ կը լսէր դարձեալ, եւ կռնչիւնը գիշերուան լռութեան մէջ կ՚երկարաձգուէր, իբր թէ զգուշութեամբ դարան մը բանային. հիմա Յակոբ, իր վերագտած ֆիզիկական ուժէն օգուտ քաղելով, կը զարնէր պատին, որուն արձագանքը երկար ատեն կը թնդար օդին մէջ: Յուսահատուած, անկարող, մտիկ կ՚ընէր իր հարուածներուն արձագանքին, որուն կը յաջորդէր կատարեալ լռութիւն. երբեմն հեռուէն, ցուրտէն հալածուած շունի մը լալիւնը կը հեծեծէր գիշերին մէջ, ինչպէս նաեւ գիշերապահին ճոկանին խուլ աղմուկը, որ անցնող ժամերը կը հնչէր քնացած գիւղին մէջ:

Յակոբ, իր ոտքի ելնելու անկարողութենէն կատաղած, համակերպեցաւ մինչեւ առաւօտ սպասել, երբ իրեն թուեցաւ, որ քովի սենեակի ոտնաձայները կը յառաջանային դէպի իր դուռը. յետոյ` որոշակի լսեց դուրսը սրահին մէջ անոնց շշուկը, որ կը մօտենար հետզհետէ:

Վայրկեան մը ետքը իր սենեակին դուռը կը բացուէր վերջապէս: Աննիկ յամրօրէն իր մօտ եկաւ:

Ի՞նչ կայ, Յակոբ, ինձի վախցուցիր:

Աւելի դուն ինծի վախցուցիր, քանի գիշեր է որ կը լսեմ ոտնաձայներդ: Այս ժամուն ինչո՞վ կը զբաղուիս, Աննի՛կ, դուն հոգ մը, վիշտ մը ունիս, աւելի լաւ չէ՞ ինձի ըսել ամէն բան, թերեւս, ո՞վ գիտէ, կարենամ բան մը ընել:

Պառաւ աղջիկը տարակոյսով գլուխը շարժեց եւ լուռ մնաց:

Այն ատեն, Յակոբ այլայլած տեսաւ, որ իր դէմը կօրաքամակ պառաւ մը կար. արդարեւ Աննիկ անկողնէն ելած եւ, հակառակ ցուրտին, կիսամերկ վիճակի մէջ` զարմանալի կերպով ծերացած կը թուէր: Կանթեղին տկար լոյսը մութի մէջ կը ձգէր անոր դէմքը, բայց մերկ բազուկները եւ սրունքները, հին ծառերու կոճղերու պէս սեւցած, անախորժ կերպով կը յուզէին Յակոբը. յետոյ` մի առ մի դիտեց, որ Աննիկ, նախապէս չափազանց բծախնդիր մաքրութեան, կասկածելի գոյնով եւ ձեւով գիշերազգեստ մը կը կրէր, որ կէս մը բացուելով` լանջքին վրայ մէջտեղ կը հանէր կմախքացած եւ թխացած կուրծք մը:

Յակոբ անմիջապէս իր քով կախուած մուշտակ մը առնելով Աննիկին տուաւ:

Նախ լաւ մը ծածկուէ եւ նստէ քովս, յետոյ կը խօսինք:

Աննիկ մէկ եւ միւս կողմին դարձնելով մուշտակը մրմնջեց.

Ասիկայ քու մօրդ մուշտակն է, պարկեշտ կինը...

Կ՚ենթադրեմ, որ որեւէ աւելորդապաշտութիւն չարգիլէր քեզի այդ մուշտակը վրադ առնելու:

Յանկարծ գիշերին մէջ տարօրինակ եւ չարաշուք քրքիջ մը լսուեցաւ. նախ` Յակոբ կարծեց, թէ դուրսէն, փողոցէն կուգար այդ անմարդկային ձայնը եւ գլուխը տնկեց մտիկ ընելու համար, բայց անմիջապէս տեսաւ, որ Աննիկ իր բոլոր մարմնովը կը ցնցուէր, գլուխը դէպ ետեւ հակած եւ շրթունքը տարապայման կերպով բացուած ջղաձգօրէն:

Աննի՛կ, Աննի՛կ, ըսաւ Յակոբ պաղատագին:

Իր երկու ձեռքերը ճակատին տարած կը սեղմէր մտքէն վանելու համար սարսափելի գաղափարը. Աննիկը յիմարացած... ու իրեն կը թուէր, թէ ինքն ալ իր կարգին, չկրնալով տոկալ այսքան յուզմունքի, վրդովմունքի, պիտի խենթանար վերջապէս, այնքան պարապ կը զգար իր ուղեղը, եւ իրեն կը թուէր թէ ամէն բան իր շուրջը կը փլէր, կը քայքայուէր եւ կ՚ոչնչանար:

Բայց Աննիկի քրքիջին յաջորդեր էր տեսակ մը լռութիւն եւ երբ Յակոբ դէպի անոր դարձուց իր աչքերը, տեսաւ, որ անիկայ հանդարտ ու պատկառելի նստած էր իր դիմաց, դէմքին գիծերը շտկուած եւ աչքերը միայն դեռ մոլորուն, որ հակառակ սենեակի կէս մութին, կը պսպղային իրենց խորութիւններուն մէջէն անօրինակ ֆոսֆորային փայլով մը:

Աննի՛կ, Աննի՛կ, կը մրմնջէր Յակոբ արտասուելով, ինծի ինչ վախ պատճառեցիր: Աստուածս, ի՞նչ կայ քու մէջդ ծածկուած, դուն անպատճառ գաղտնիք մը ունենալու ես:

Նախ` Աննիկ անշարժ ու լուռ մնաց եւ յետոյ` գլուխը սկսաւ շարժել սովորականին պէս եւ վերջապէս` հաստատ ձայնով մը, որուն առողջութիւնը բոլորովին զարմացուց Յակոբը, ըսաւ.

Գաղտնի՞ք մը... Այո՛ գաղտնիքներ կան, որ տառապեցուցած են զիս տարիներէ ի վեր... ինչչա՜փ ատեն ի վեր... Դուն այն ատենը չէիր ծնած իսկ... ոչ ոք մտիկ ընել ուզած է ինձի, նոյնիսկ դուն, միամիտ տղայ, չես ուզած ուշադրութիւն ընել իմ խօսքերուս եւ երբեք քեզի պատրաստ չեմ գտած յայտնելու համար կարգ մը ճշմարտութիւններ...

Հետզհետէ ձայնը այնպիսի ծանր շեշտ մը առած էր, որ Յակոբ կրկին կասկածեցաւ անոր ըսածին լրջութեան վրայ եւ ուզեց միամտել, բայց պառաւ աղջիկը, հասկնալով երիտասարդին միտքը, զայրացաւ եւ ոտքի ելնելով գոչեց.

Ահ, չէ՛, այլեւս այս անգամ, քանի որ ուզեցիր, ամէն բան պիտի ըսեմ... ամէն բան. ուրիշ ատեններ ալ այսպէս ընդմիջած ես զիս, եւ ես սրտստած լռած եմ միշտ, բայց այլեւս ամէն բան վերջացած է... եւ պէտք է...

Բայց...

Լռէ՛ ու մտիկ ըրէ... Կը տեսնե՞ս այս տունը, Յակոբ, որուն կէսը քեզի կը պատկանի, այս տունը ինչե՜ր տեսած ըլլալու է. մեր մեծ հայրը, հաճի Սարգիս ամիրան, լսած եմ, որ պարզ մշակ մը եղած է իր երիտասարդութեանը. որպէսզի քանի մը տարուան մէջ այն բոլոր հարստութեան տէր ըլլար, կ՚ենթադրես, թէ ի՛նչ... լաւ՛, լաւ՛, իրաւունք չունիմ մտածելու բանի մը վրայ, որ չեմ գիտեր. ես ճանչցած չեմ Սարգիս ամիրան, բնաւ՛, իրեն համար կ՚ըսեն, թէ լաւ եւ բարի մարդ էր, բայց ի՜նչ սատանայ. իմ հօրս համար ալ կ՚ըսէին նոյն բաները, եւ ես գիտէի, սակայն, կանուխէն գիտէի, թէ ինչ հրէշ մը կար իր մէջ... Ա՜հ, մեռելները մեռելներուն չեն հայհոյեր, այնպէս չէ՞, թէ մեռելներուն անունը յարգանքով կ՚արտասանեն, բայց ե՞ս... ա՜հ, ինչպէ՞ս կ՚ուզէի, Յակո՛բ, որ յարգանք մնացած ըլլայ իմ սրտիս մէջ... Կը յիշե՞ս, երբ քու հայրդ սնանկացաւ, գիտե՞ս ի՛նչ էր պատճառը. ինչպէ՞ս կրնայիր գիտնալ, դեռ մանկիկ մըն էիր այն ատեն... Բարի մարդը, ճշմարտապէս ազնիւ մարդը քու հայրդ էր, որ չե՛ս գիտեր ինչպէս յառաջ եկած էր այդ աղբանոցէն... Ա՜հ, ա՜հ, քեզի ըսի, որ լռես եւ միանգամ ընդմիշտ, կը լսե՞ս, պէտք է ըսեմ ամէն բան, մի նայիր որ կցկտուր խօսքերով սկսայ, հիմա պիտի պատմեմ ամէն բան իր սկիզբէն...

«Կը յիշե՞ս, Յակոբ, քու մայրդ, գեղեցիկ կինը, հպարտ ու ճշմարտապէս ազնուական, այդ կինը գիտե՞ս թէ ինչ բաներու տոկաց դիմադրելու համար իմ եղբօրս, հարազատիս, Սարգիս էֆէնդիի ցանկութիւններուն... Այ՛ն Սարգիս էֆէնդիին, որուն կը ծառայես դուն հիմա, ստրո՛ւկ, օրինակելի հնազանդութիւնով մը: Ինչպէ՞ս քու արիւնդ ծոյլ եւ պաղ մնացած է իր առջեւ, ինչպէ՞ս դուն չես զգացած այն բնական շարժումը քու բազուկներուդ մէջ, որ մէկէն քեզի անոր դէմ հանէր: Գիտե՞ս թէ ինչու ես ուզեցի, որ հոն, անոր քով մտնաս, որովհետեւ յիմարաբար, միամտօրէն կարծեցի, թէ այդ բանը պիտի ըլլար, ուշ կամ կանուխ...

Բայց ահաւասիկ դուն հլութեամբ գերին եղար մարդու մը, որուն արիւնը փոթորկած էր քու մայրդ, ցանկալով եւ զայն տանջելով, տանջելով... ցրտութեամբ անողոքաբար, որովհետեւ պարկեշտ մնալ ուզած էր մայրդ... Գիտեմ, այս յուզումները շատ են քեզի համար, թերեւս պիտի մեռնիս ասոնցմէ, բայց այլեւս ինչ փոյթ, ինծի կը թուի, թէ արդէն ամէն բան վերջացած է...

Մտիկ ըրէ՛... Կը յիշե՞ս Թադոսեան ընտանիքը, որ յանկարծ սնանկանալով, վերջին ծայր աղքատութեան մատնուեցաւ: Կը յիշե՞ս, որ իրենց հայրը անձնասպան եղաւ եւ իր տղաքը որբանոց դրուեցան, այն որբանոցին մէջ, որուն խնամակալութեան անդամ է տիկին Նոյեմին եւ պաշտօն ունի որբուհիները պաշտպանել եւ անոնց մայրութիւն ընել... Կը յիշե՞ս Առաքելեանները, ո՞ւր են հիմա, ի՞նչ կ՚ընեն, կը յիշե՞ս Մաքսուտ էֆէնդին... եւ դեռ դէզերով անուններ, որոնց իւրաքանչիւրը իրենց ընտանիքին բերնին հացը բերած եւ տուած են Սարգիս էֆէնդիին ձեռնարկութիւններուն եւ յիմարաբար անոր կծիկը խոշորցուցած... Ա՜հ, գիտեմ, դուք, գործի մարդիկ, ուրիշ կերպով կը սահմանէք եւ կը դատէք այդ եղելութիւնը, բայց չէք գիտեր, որ մթին եւ լռութեան մէջ լքուած պառաւ աղջիկ մը ինչպէս կը խորհի եւ ինչպէս կը դատէ...

Գիտե՞ս ինչ է օրերով, ժամերով մինաւորիկ միեւնոյն բանին վրայ խորհիլ, գիտե՞ս ինչ է մտածել, թէ հագածդ քուկդ չէ, թէ կերածդ քուկդ չէ, վայելածդ քուկդ չէ, թէ դուն օրինաւորապէս բան մը չունիս, բա՛ն մը... թէ հօրմէդ քեզի ինկած ժառանգութիւնը ամբողջ արցունքներու, կորսուած կեանքերու, ջախջախուած ասպարէզներու ամբողջութեամբը կազմուած է... Ա՜հ, շնորհքով մարդիկ ասանկ բաներու չեն մտածեր, գիտեմ, շնորհքով մարդիկ ուզած ատեննին պատրաստ կը գտնեն ամէն բան եւ բնաւ մտքերնուն չանցնիր, թէ ուրկէ՞ կուգայ, ո՞ւր կ՚երթայ... Բայց անոնք հաճոյքի եւ վայելքի յորձանքի մէջ կը գինովնան, ըրածնին չեն գիտեր, մտածելու ժամանակ չեն տար ինքզինքնուն: Ուրիշ բան է օրերով մտածել, մանրարմասնել, հաշուել, թէ բերանս դրած պատառներուս քանիի՞ն իրաւունք ունէի, թէ ի՞նչ բան հայրս իր ճակատին քրտինքովը վաստկած է եւ ի՞նչ բան յափշտակած է ուրիշի իրաւունքէն... Դուն, միամիտ տղայ, մտքէդ չէիր անցըներ այս բաները, երբ Զարուհիին աղուոր աչքերուն համար... լռէ՛, քեզի ըսի, որ չպիտի ընդհատես զիս... ա՜հ, գլո՛ւխս, գլո՛ւխս... Մտիկ ըրէ, ատենէ մը ի վեր այսպէս գլխուս մէջ բան մը կը զգամ, զարմանալի անբացատրելի բան մը... Ա՜հ, բնաւ ցաւ չէ, ուրիշ զգայնութիւն մը, իբր թէ ինձմէ օտար, իմ էութենէս օտար տարր մը ըլլար ուղեղիս մէջ, որ հետզհետէ կը մեծնայ, կը մեծնայ եւ գանգս պիտի պայթեցնէ, ահաւասիկ քունքերուս վրայէն, ճիշտ քունքերուս վրայէն...

Բայց դուն ինձի մտիկ ընել չես ուզեր, ի՞նչ փոյթ, ես դարձեալ պիտի ըսեմ ճշմարտութիւնը, որ մինչեւ կոկորդս եկած է, որ զիս պիտի խեղդէ... եթէ՜... այդ դրամը, իմ ժառանգութիւնս քեզի համար պահած էի... լռէ՛ կ՚ըսեմ, մի՛ ընդհատէր զիս, ա՛հ, ի՞նչ կ՚ըսէի... հա՛, դրամը, այդ ոսկիները քեզի համար պահած էի եւ կը խորհէի, թէ աստիճան մը արդարութիւն ըրած պիտի ըլլայի, քանի որ հայրդ սնանկացած էր իմ եղբօրս պատճառաւ պարզապէս, կը լսե՞ս, Սարգիս էֆէնդիին պատճառաւ, որ ետքէն ալ դժկամակած էր քեզ քովը ընդունիլ, բայց ես պնդեցի, պնդեցի, որովհետեւ խորհեցայ, որ բան մը, ներքին ձայն մը քեզի անոր դէմ պիտի հանէր վերջապէս, թէ բնազդով պիտի զգայիր քու հօրդ ու մօրդ թշնամին, բայց դուն վատ, երկչոտ եւ անձնուէր մնացիր... Ա՜հ, գլուխս, կը տեսնե՞ս, ամէն բան աչքիս դեղին կ՚երեւի, նոյնիսկ դուն, ճիշտ մեռելի պէս... Գոցէ աչքերդ, տղաս, աղուոր եղնիկի աչքերդ, որոնք արժանի չեն այս աղտոտ աշխարհին վրայ բացուելու... Գոցէ, սիրելիս, ինչքա՜ն գոհ եւ հանգիստ պիտի մեռնէի եթէ քեզ կրկին որբ եւ աղքատ չձգէի իմ ետեւէս, որովհետեւ... ահաւասիկ այդ դրամը, ուղուրսըզ դրամը քեզի դժբախտութիւն պիտի բերէ, եւ ես չեմ ուզեր անիկայ նոյնիսկ տնանկներու բաժնել, փողոցը մնացած որբերու եւ անտէր հիւանդներու, ինչպէս պահ մը խորհեցայ... Այդ դրամը պէտք է փչանայ... մոխիր ըլլայ. մինակ կրակը կը մաքրէ բոլորովին: Ոսկին, կը տեսնա՞ս, իր մէջ մասնաւոր յատկութիւն մը ունի, ի՛ր մէջ կը պահէ զայն վաստկողներուն բարի կամ չար հոգին, ոսկին, չե՞ս անդրադարձած, տղա՛ս, ոսկին մատներուդ մէջէն անցած ատեն քեզի բան մը կը փոխանցէ, ոսկին ամենէն ազնիւները կարող է ամենէն գծուծներու փոխել, ինչպէս ամենէն գռեհիկներուն երբեմն չես գիտեր ի՛նչ մը կուտայ... Դուն կը խնդայիր ուրիշ ատեն այս խօսքերուս վրայ, բայց չէիր գիտեր, թէ ես մինաւորիկ, գիշերները իմ ոսկիներս մէկիկ-մէկիկ ձեռքէ կ՚անցընէի, կը հաշուեի, կը քննէի եւ այդ խոշոր դէզին մէջ հազիւ ափ մը ոսկի կը գտնէի, որ ինձի կ՚ըսէին. «Մենք քուկդ ենք, քու արդար իրաւունքդ... »: Ա՜հ, գլուխս... եթէ այսպէս չպայթէր քունքերուս վրայէն, քեզի կը բացատրէի... անոնց ձայնը... կ՚ըսէի, թէ ինչպէս... ա՜հ, բայց անկարելի է այլեւս... Յակո՛բ, քեզի կ՚ըսեմ, անկարելի է այլեւս... »: Երկար ատեն Աննիկ զառանցեց Յակոբին քով, որ յուզմունքէն զգայազիրկ` չէր լսեր այլեւս զինքը: Երբեմն Աննիկ կը մրմնջէր, յետոյ կը հեծեծէր առանց արցունքի, երբեմն ալ դառն յիշատակներու շարքեր կ՚անցնէին պատառատուն, անկապակից, որոնց միջոցին երկու բռունցքները քունքերուն զարնելով կը գոչէր դիւահարի պէս.

Գլու՜խս... գլու՜խս...