Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Անձրեւը մեր անբաժան ընկերն էր ու կը դժուարացնէր մեր ճամփորդութիւնը. թէեւ նախապէս ըսին, թէ երկու ժամուան ճամբայ ունինք ընելիք, բայց մինչեւ առաւօտ քալեցինք եւ տակաւին չէինք հասած։ Անցանք թիւրք գիւղերէ, որոնք ամէնքն ալ աւերակներու կը նմանէին. թշուառութիւնը միահեծան կը տիրէր ամբողջ երկրին մէջ եւ ոչ միայն քրիստոնեաները, այլ եւ թիւրք գիւղացիները սաստիկ կերպով ազդուած էին կատարուած եղելութիւներէն։ Երբ թիւրք գիւղէ մը կ՚անցնէինք, անոնք պատուհաններէն կը դիտէին մեզ եւ ոչ մէկ ձայն չէին հաներ։

Վրանիս, գլուխնիս ցեխոտ, ոտքերնիս թրջուած՝ հասանք Կ... յոյն գիւղը։ Յոյները մեզ տեղաւորեցին իրենց բնակարաններուն մէջ. տուները առհասարակ ցուրտ էին, բայց կրակ վառեցինք, հագուստներնիս չորցուցինք եւ հոն մնացինք մինչեւ իրիկուն։ Հոս կային երիտասարդ յոյներ, որոնք հիացմունքով կը խօսէին Չարշամպայի եւ Խուրշընլուի հայերու քաջագործութեանց վրայ. հետաքրքրուեցանք իրենց մասին եւ ուզեցինք գիտնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուին, բայց իմացանք, որ երկու օր առաջ գացած են այդ շրջանէն:

Այդտեղ մեզ առաջնորդ ունենալով երկու յոյներ, որոնք մէկ քանի թիւրքեր սպաննած էին, մինչեւ առաւօտ քալելով, հասանք Ծ... յոյն գիւղը. լաւ հիւրասիրութիւն ըրին մեզ եւ լեցուեցանք մեծ տան մը մէջ. բայց գիւղը թիւրք մը կար եւ մէկ թիւրքին առաջ ամբողջ գիւղը կը սարսափէր. այդ պատճառաւ մեր ընկերները չի կրցան մնալ հոդ ու անոնք առաջնորդուեցան գոմերը, եւ միայն ես ու Վասիլը մնացինք։

Թիւրքերը շատ վատ վարուած էին այդ գիւղացիներուն հետ։ Յոյները ձիերուն պոչերուն կապելով, ճամբաներու վրայ քաշքռտելով, սպաննած էին. թալան, բռնաբարութիւն սովորական երեւոյթներ էին. ամէն տեղ լաց ու կոծ, ամէն տեղ տառապանք։

Այս գիւղը Սեբաստիոյ վիլայէթի վերջին գիւղն էր եւ մեկ քիլոմեթր միայն հեռու էր սահմանէն։ Դեռ մութը չսկսած՝ շարունակեցինք մեր ճամբան. մեր դէմը լաւ դիրքի մը վրայ երեւացին քանի մը տուներ։

Որո՞նց կը պատկանին, հարցուցինք։

Ասիկա ագարակն է բարի եւ հարուստ հայ երկրագործի մը, պատասխանեցին։

Անիկա հիւրընկալ էր, վեհանձն եւ առատաձեռն. այսօր իր բոլոր ընտանիքով բնաջինջ եղած է։

Լուր ղրկեցինք մեր ընկերներուն, որոնք անտառին մէջ պահուըտած էին. միացանք անոնց հետ եւ ճամբանիս շարունակելով, հասանք Գ... յոյն գիւղին պատկանող մարագի մը առջեւ։ Գիւղացիք մեզ ընդունեցին ուրախութեամբ։ Խիտ անտառի մէջ կորսուած գիւղ մըն էր, խոր ձորերով շրջապատուած ու տեղը շատ ապահով էր։ Գիւղացիք մեզ վստահացուցին եւ ըսին, թէ տարիներով կարելի է թաքնուած ապրել այդ տեղերուն մէջ։ Անոնք կը պատմէին, թէ ինչպէս 1895 թուականի կոտորածներուն Չարշամպացի Մինասը դէմ դրած էր կառավարութեան, սարսափեցուցած էր շրջակայքի բոլոր աւազակները եւ որուն քաջագործութիւներու վրայ թիւրքերն անգամ հիացումով կը խօսէին։ Մինասը սպաննուած էր հայերու ձեռքով սիրահարական խնդրի մը պատճառով. իր տղան հիմակ փախստական էր, եւ յոյները մեծ յոյս ունէին իր վրայ։

Երկու օր մնացինք Գ... գիւղի մէջ. հիւանդները կը դժուարացնէին մեր գործը, մանաւանդ որ լսեցինք, թէ մեր գնալիք ճամբուն վրայ ձեռք էին անցել խումբ մը հայեր, երկու մարդ, երկու կին եւ չորս երեխաներ։ Կը մտածէինք կերպով մը օգնութեան հասնել այդ խեղճերուն եւ զիրենք փրկել իրենց դահիճներուն ձեռքէն։ Այդ նպատակաւ առաջարկեցի, որ հիւանդները եւ մեր խումբէն մաս մը թողունք այդ գիւղը եւ մենք յառաջանանք։ Ասկէ անդին կառավարութիւնը խիստ էր, կը հետապնդէր ժողովուրդի մնացորդները եւ դժուար էր մեզ համար հիւանդներով մեր արագաշարժութիւնը պահել։ Յոյները պատրաստակամութիւն յայտնեցին պատսպարելու մեր խումբին այդ մասը. հրաժեշտ առինք ու մենք շարունակեցինք մեր ճամբան։ Մէկ ու կէս ժամ քալելէ ետքը աղբիւրի մը վերեւ կանգ առինք։ Առաջարկեցի մտնել պահակատեղին եւ ազատել այդ ութը հայերը, բայց մերձակայ յոյներէ տեղեկացանք, որ երեկոյին իսկ արդէն դէպի Սամսոն ուղղուեր էին։ Խեղճերը երեխաները կռնակներին կապած, լացով, ողբով ճամբայ ելած էին։

Առաւօտուն գացինք շօսէին վրայ եւ սպասեցինք այդ խեղճերուն ուղեկցող ժանտարմաներու վերադարձին։ Մեզ պատահեցին եօթը թիւրքեր, որոնցմէ երկուքը հօճաներ էին. մեզի համար այլեւս թիւրքերուն մէջ անմեղ չի կար, համոզուած էինք, որ ամէն մէկը մասնակից կամ մեղսակից եղած էր կատարուած սոսկալի դէպքերուն։

Ճանապարհէն դուրս քաշեցինք զիրենք եւ առանց հարցաքննութեան սպաննեցինք։

Շարունակելով մեր ճամբան, հասանք Կ... յոյն գիւղը, որ ուխտատեղի է հայերու եւ յոյներու։ Գիւղը սուգի մէջ էր, տղամարդ չէր մնացած, նոյն օրն իսկ ձերբակալած էին 30 հոգի եւ ոստիկանական խումբեր պաշարած էին շրջակայքը. գիւղացիք դռները չի բացին մեզ ընդունելու համար, որովհետեւ մասնաւորապէս կը վախնային այն պատճառաւ, որ, ինչպէս կ՚ըսէին, իրենց մէջ յոյն մատնիչ մը կար։

Գացինք տանուտէրին մօտ, որ գիւղէն քառորդ ժամ հեռու կը բնակէր. մտաւորական, լաւ մարդ մըն էր, որ մեզ սիրով ընդունեց. հազիւ թէ նստած էինք, քանի մը հրացանի ձայն թնդաց. կարծեցին, որ մեզ պաշարեցին, ու տունը սարսափի մէջ ինկաւ. մենք գիտէինք, որ կը սխալին, բայց իրենց երկիւղը չէինք կարող փարատել։ Յոյներէն մէկը Եղօին մօտեցաւ եւ ըսաւ.

Մենք շուարած ենք, մեզի խելք տուէք։

Այդ ընդհանուր իրարանցումին մէջ լսեցի, որ Եղօն կը կատակէր.

Իմս այնքան քիչ է, կ՚ըսէր սարսափած յոյնին, որ հազիւ ինձ կը բաւէ. եթէ քիչ մը տամ, ճամբաս չեմ կրնար շարունակել։

Բարեբաղդաբար հրացաններու ձայները հետզհետէ հեռացան ու անհետացան. ով գիտէ՝ ինչ տեսակ որս կը հետապնդէին. հնարաւորութիւն չունէինք նոյնիսկ հետաքրքրուելու։

Ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ յուսադրեցինք յոյն գիւղացիները եւ յորդորեցինք, որ շարունակեն պաշտպանել փախստական հայերը, որու փոխարէն գոնէ բարոյական բաւականութիւն պիտի ունենային։

Երեկոյին շարունակեցինք մեր ճամբան ու մոլորուեցանք. անձրեւը միշտ կը տեղար, ու մենք ցեխերուն մէջ գլտորուելով, ձորերէն ու անտառներէն անցնելով, կը յառաջանայինք. երբ գիւղին մօտեցանք, լուսընկայ գիշեր էր, եւ ճերմակ լոյսին մէջ տեսանք խումբ մը մարդիկ, որ դէպի մեզ կու գային. լուսնի լոյսը կը զարնէր ճիշդ անոնց ճակտին, ու անոնք կը քալէին այսահարներու նման մոլորուած աչքերով, անկապակից շարժումներով. իրենց խմբապետը աւելի շուտ մօտեցաւ մեզի եւ յայտնեց, որ փախստականներ են. դիմեցինք դէպի իրենց, խառնուեցանք իրարու եւ ողջագուրուեցանք։ Յուսահատ վիճակի մատնուած էին, գունատած, տկարացած, կիները երեխաներով բեռնաւորուած եւ այնպէս տխուր, այնպէս անդառնալի կերպով տխուր, որ կարծես մխիթարական ոեւէ խօսք պիտի վիրաւորէր զիրենք։

Ո՞ւր կ՚երթաք, հարցուցինք։

Այլեւս ապրելու ճար չի կայ, անձնատուր ըլլալու կ՚երթանք։

Դէպի մահը կ՚երթային. քաջալերեցինք զիրենք եւ դրամ տուինք, որը մեծ դժկամութեամբ վերցուցին, յորդորեցինք ոեւէ պատճառով անձնատուր չըլլալ ու յաջողեցանք իրենց դիտաւորութենէն ետ կեցնել զիրենք։

Իրենցմէ բաժնուելով, ուղղուեցանք դէպի Դ... գիւղը. կէս գիշերը անց էր. անմիջապէս գացինք Վ... տունը, որու մասին լսած էինք արդէն։

Ասիկա 38-40 տարեկան, առողջ եւ հուժկու կազմուածքով, միջահասակ, շագանակագոյն մազերով յոյն մըն էր. միջնակարգ կրթութիւն ստացած եւ հասուն մտքի ու դատողութեան տէր անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր խելացի մարդու հասկացողութեան կը միացնէր զարմանալի յանդգնութիւն։ Շատ տեղ մեր ճամբորդութէան միջոցին լսեր էինք իր մասին, եւ անիկա մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր. կը գովէին իր ազնւութիւնը ու շատ կը սիրէին զինքը։ Իր նիւթական կարողութիւններն ալ բաւական ընդարձակ էին, իր տունը կահաւորուած եւ զարդարուած էր քաղաքի տան պէս մաքուր եւ ճաշակաւոր կարասիներով։

Վ... նախ կարծեց, թէ մենք թշնամիներ ենք. Վասիլը զինքը անձամբ կը ճանչնար, ինքզինքը յայտնեց, բայց մարդը տակաւին կը տատամսէր. առաջարկեցինք առանձնանալ իրեն հետ ու երբ սենեակը գացինք, յայտնեցի իմ ով ըլլալս։ Եկաւ, համբուրեց ճակատս, աչքերէն արցունք դուրս թռաւ։ Հրամայեց, որ մեր ընկերներուն տեղ պատրաստեն գիւղին մէջ, հոգ տանեն անոնց հանգստութեանը ու զանոնք տեղաւորելէ ետքը նստեցանք սեղան։ Կերանք, խմեցինք ու միանգամայն խօսեցանք հայերու կրած սարսափներու, յունաց քաղաքականութեան եւ այլնի մասին։

Մենք անպայման դաշնակից ենք Համաձայնութեան Պետութիւներուն. հակառակ պարագային ես կը թքնեմ իրենց վրայ... Թիւրքերու հետ ըլլա՜լ... եւ ես կ՚ըսեմ այն ատեն՝ ես այլեւս յոյն չեմ։

Պատմեցինք մեր նպատակը, մեր բռնելիք ընթացքը, մեր ընդհանուր ծրագիրը։

Պատրաստ եմ, ըսաւ, ամէն կերպ ձեզ աջակցելու։

Առաջարկեց դրամով գնել նաւ մը, ոչ թէ բռնի գրաւել, եւ երբ ըսինք, թէ դրամ չունինք,

Հոգ մի ընէք, ես իմ միջոցներովս կը հոգամ, ըսաւ։

Վ... յայտնեց նաեւ, որ այդ կողմերը կայ յոյն խմբապետ մը, Իսթիլ, երկու հայ ընկերներով։ Այդ յոյն խմբապետը 4-500 տուն հայ պահած էր, յոյներուն խստիւ պատուիրած էր լաւ վարուել հայերու հետ եւ ամէն կերպով օժանդակել։ Հետաքրքրուեցանք եւ ուզեցինք իրենց ծանօթանալ. Վ... լուր ղրկեց իրենց ու Իսթիլ եկաւ իր հայ ընկերներով եւ օգնականով։ Երկուքը զինուած էին տաճկական նոր ձեւի հրացաններով [i], մէկը՝ մարթինիով եւ ունէր նաեւ սուր մը արծաթազարդ երախակալով. ասոնցմէ զատ ունէին հրացան մը։ Իսթիլ յաղթանդամ, 40-45 տարեկան անձ մըն էր. ծանօթացանք եւ համբուրուեցանք. իր օգնականը յոյն երիտասարդ մըն էր՝ բարձրահասակ, գեղադէմ. կ՚ըսէին, թէ լաւ հրացանաձիգ է։

Խմբապետին վստահութիւնը կը վայելէր հայ մը, Մարզուանցի Կարապետ, որ Պաֆրայի կողմերը մեծ գործեր կատարած էր. անիկա տխուր, սակաւախօս, արթուն եւ կարգապահ մարդ մըն էր։ Երկրորդ հայը փոքրիկ երիտասարդ մըն էր: Մարզուանցի Կարապետը չէր խօսիր, բայց իր դէմքի արտայայտութիւնով իր հիացումը կը յայտնէր մեզի։

Իսթիլ մեզ հրաւիրեց իրենց բնակած գիւղը Մ... ։ Գնացինք Ք... տունը, ուր առանձին սենեակ մը յատկացուցին խմբապետին, Վասիլին եւ ինծի։

Ք... շատ թուխ, չոր կազմուածքով, միջահասակ մարդ մըն էր՝ 42 տարեկանը անց. անիկա խորապէս զզուած էր Թիւրքիայէն. բոլոր աւազակապետները, փախստականները իրեն տունը ապաստան կը գտնէին. կ՚ըսէր, թէ բաժակը լեցուցած է այլեւս ու ամէն համբերութիւն՝ սպառած: Առաջարկեց մեզ, որ մնանք մինչեւ որ ռուսները հասնին կռուինք եւ միասին հեռանանք, կ՚ըսէր շարունակ։

Իր մօտ պահած էր 40-42 տարեկան հայ հովիւ մը, որ կը չարչարուէր իր հինգ տարեկան, երես առած տղուն ձեռքէն։

Միւս օրը ես կրկին հիւանդացայ տիֆով. հիւանդացան նաեւ Ոսկեհանը, Պաֆրացին եւ Հիրեկցին, Վարպետ Օվակիմի ընկերը։ Ամէն տեսակ հոգատարութիւն կը վայելէինք, բայց իմ վիճակս հետզհետէ կը ծանրանար։ Գիշերը վրայ հասաւ. Դ... գիւղի Վ... իմացեր էր իմ հիւանդութիւնս եւ մտահոգ էր։ Շարունակ սիրտս ետ կու գար, աչքերս մթնեցին, ու գլուխս կարծես ծանր բեռան մը տակ ճնշուած էր։ Եօթներորդ օրը բոլորովին ուժասպառ եւ ինքնակորոյս վիճակի մէջ էի։ Վ... բժիշկ բերաւ։ Բժիշկը զիս քննեց, ըսաւ, թէ վտանգը անցուցեր եմ. յոյն բժիշկը միջահասակ, թխադէմ, մոխրագոյն մազերով լուռ եւ մտածկոտ մարդ մըն էր, կարծես մեզի պէս տէրտոտ. խոստացաւ դեղ եւ այլն ուղարկել։ Հինգ ոսկի տուինք իբր վարձք, անիկա մերժեց։

Կ՚ուզէք մեզ անպատուե՞լ, ըսաւ. միթէ չե՞մ կրնար այդքան մը ծառայութիւն ընել։

Արդարեւ անիկա յօժարակամ էր ոեւէ ծառայութիւն ընելու։ Կէսօրին դեղերը հասան. Ք... աղջիկը, որ 18 տարեկան, նրբակազմ եւ գեղեցիկ օրիորդ մըն էր, մեզ կը խնամէր գիշեր ցորեկ մեծ հոգածութեամբ։ Երբ քրտնած ըլլայինք, եղբօրը ճերմակեղէնները կու տար, որ փոխուինք. մեր մօտ նստած կը կարէր, կը կարկտէր մեզ համար եւ մեզ կը ծառայէր, երբ հարկ ըլլար, մեծ փութաջանութեամբ եւ զուարթութեամբ։

Մեր դրամը սպառած էր. որոշեցինք մէկ քանի ընկերներ ղրկել, որպէսզի ոեւէ ձեռնարկ մը ընելով, դրամ ձեռք բերեն։ Ընտրեցինք 12 հոգի, որոնց 8-ը հայ, 4-ը յոյն էին։ Ասոնք վեց օրէն վերադարձան. թիւրք գիւղի մը հարուստ տանուտէր կողոպտեր էին, որուն քովէն գտեր էին 50 ոսկի եւ շատ մը կնոջ զարդեղէններ՝ հայերէ կողոպտուած:

Հոկտեմբեր 20-ի գիշերը Վ... եկաւ մեզ մօտ եւ յայտնեց, թէ ծախու նաւ չի կայ. իրեն հետ բերած էր երկու յոյն նաւավարներ, որոնք Վ... խոստացեր էին մեզ ընկերանալ եւ օգնել։ Անոր վերջին խօսքը եղաւ.

Կ՚երեւի ձեր խօսքը պիտի ըլլայ. դուք կռիւով պիտի վերցնէք նաւը, բայց ինձ համար յաջողութիւնը կասկածելի է։

Կառավարութիւնը հոտ առած էր մեր մասին։ Սամսոնէն գերմանացի ինժինէօրներ եկեր, մեր դիրքերը ուսումնասիրեր էին։ Հոկտ. 22-ի առաւօտեան Դ... գիւղը պաշարած էին. երբ մեզի լուր տուին, անմիջապէս մեր դիրքերը ամրացուցինք, բայց ես հազիւ թէ ոտքի վրայ կը կենայի: Երկու կողմերէ կը լսէինք զինուորական փողերու ձայները. թշնամին մօտեցաւ 400 քայլի վրայ. կը սպասէինք, որ հետզհետէ յառաջանան, բայց յանկարծ փողը հնչեց, ու թշնամին վերադարձաւ Դ... ։ Այն ատեն մենք քաշուեցանք Ք... տան շուրջը եւ խորհրդակցեցանք։ Մենք ամէնքս համաձայն էինք, որ առանց կռիւի բռնուելու փախինք, երթանք, որպէսզի գիւղը եւ Ք... չի վտանգենք, բայց Ք... հակառակ կարծիք ունէր ու այնքան յամառեցաւ, որ վէճը տեւեց 4 ժամ, ու վերջապէս մենք տեղի տուինք։ Առաւօտուն արշալոյսը դեռ նոր բացուեր էր, երբ Նշան Մուրատեանը իմացուց, թէ զինուորները կու գան։ Տղաքը գացին, դիրքերը բռնեցին. մենք անտառին մէջ պատսպարուած էինք, մինչդեռ թշնամին բաց դաշտին մէջ էր։ Երբ մօտեցան մինչեւ 10-15 քայլ հեռաւորութեան, տղաքը համազարկ մը ըրին, մէկ քանին ինկան եւ միւսները ճչալով փախան։ Այդ միջոցին մենք դիրքերը ամրացուցինք։ Թիւրքերը ընդամէնը 300 հոգի էին ու խայտառակաբար կը փախէին. անոնց մէկ մասը գնաց, մտաւ մեր դէմ գտնուող տուները ու անմիջապէս պատերը ծակծկելով, սկսան այդ ծակերէն հրացան արձակել. բայց մեր հեռադիտակները լաւ կը տեսնէին, մեր նշանառութիւնը լաւ էր եւ տուները փայտաշէն ըլլալուն մեծ վնաս կը հասցնէինք իրենց, այնպէս որ քիչ ետքը տուները ձգեցին ու փախան։ Իսթիլը կը պոռար՝ խաղ կանչելով.

Այսօր իմ հարսանիքիս օրն է. ցաւալին այն է, որ մեր գործը կնիկ մարդոց հետ է։

Հիրեկցի Օվակիմը գնաց դիակներուն մօտ, որոնք զինուորներէն շատ ալ հեռու չէին, եւ հաւաքեց թշնամիին հրացանները։ Վիրաւոր թիւրքերէն մէկը կը պոռար.

Իսթիլ, գարդաշըմ, Աստուծոյ սիրոյն համար ինձ մի սպաններ:

Ասիկա ժանտարմայի չավուշ՝ Ազիզ անունով հրէշ մըն էր։ Շատ չարագործութիւններ ըրած էր, եւ կառավարութիւնը մեծ յոյս ունէր անոր վրայ:

Երբ Ք... եւ Իսթիլը տեսան հրացանները, չավուշին ատրճանակը եւ ժամացոյցը, իրենց ուրախութեան չափ չի կար: Թիւրքերէն սպաննուած էին 25 հոգի, իսկ մեզմէ ոչ սպաննուած կար, որ վիրաւորեալ: Կռիւի միջոցին փախած, անհետացած էին միայն մեզ հետ եղող յոյն նաւավարները:

Իրիկունը մեկնեցանք այդ տեղէն, հետերնիս տանելով Ք... կինը եւ երեխաները: Ես այնքան հիւանդ էի տակաւին, որ թեւերէս մտած քարշ կու տային: Չորս ժամ ճամբայ երթալէ ետքը մեզի համար անկարելի էր շարունակել, որովհետեւ ես եւ Վարդանը չէինք կարող քալել: Ք... կնոջ եւ երեխաներուն 10 ոսկի տուինք եւ ղրկեցինք գիւղը հիւրընկալութիւն խնդրելու, բայց գիւղը լեցուն էր ժանտարմայով, եւ գիւղացիք վախցան մեզ ընդունելու: Տեղափոխուեցանք ուրիշ անտառ մը. վիճակնիս շատ դժուարին էր. տեղերնիս ցուրտ, հագուստնիս թաց, ուտելիք չի կայ, կրակ չենք կրնար վառել, ես ու Վարդանը հիւանդ: Կարգադրեցինք, որ Փիլավեան Նշանը եւ Վասիլը երթան, նաւավարները գտնեն եւ բերեն Գոճա տաղ, իսկ մենք փնտռեցինք գրաստ մը, բայց անկարելի եղաւ գտնել: Վարդանը բոլորովին ինկած էր, զինքը յանձնեցինք մօտակայ յոյներուն, խնդրելով, որ լաւ խնամեն զինքը, մինչեւ որ ղրկենք ու առնենք: Այդտեղ մնաց Վարդանը եւ յետոյ իմացանք, որ մեռեր է:

Երեկոյին շարունակեցինք ճանապարհը եւ հասանք գիւղ մը, որ Սամսոնէն երկու ժամ հեռու էր։ Երեք տուներ կային առանձին, ջրի ափին, ճանապարհի դիմաց, հովիտի մէջ: Դռան մը զարկինք եւ տանտիրուհին, որ մօտ 30 տարեկան կին մըն էր, մեզ ընդունեց յարգալիր եւ սրտոտ խօսքերով:

Երանի՜ թէ քանի մը թիւրքեր սպաննէիք եւ ես ալ տեսնէի:

Անձրեւը չի դադրելուն պատճառաւ երկու օր մնացինք հոն եւ բաւական կազդուրուեցանք:

Տանտիրուհիին եղբայրը ղրկեցինք Սամսոն տեղեկութիւն եւ հիւանդներուն համար հարկ եղածը ստանալու: Անիկա վերադարձաւ երեկոյեան ժամը 11-ին. պատմեց, թէ ինչպէս Սամսոնի յոյն հասարակութիւնը ուրախացեր էր, իմանալով Ազիզ Չավուշի եւ միւս թիւրքերուն սպաննուիլը: Բերաւ նաեւ թերթեր, տեղեկութիւններ: Երեկոյին մեկնեցանք անկէ:

Գոճատաղի արեւելեան կողմը, բարձր գագաթին մօտիկ երեք առանձին տուներ կան. հոն հասանք, դռները զարկինք, ամէնքը արթնցուցինք, բոլորը ոտքի ելան, դրամ տուինք, որպէսզիր կերակուր պատրաստեն մեզի։ Կերանք, խմեցինք, հանգստացանք. այդ միջոցին նուագիչ մը եկաւ, նուագեց, եւ տղաքը սկսան պարել։ Այդ գիւղացիները լսած էին արդէն բոլոր պատահածները, եւ դէպքերը կը յիշատակէին փառքով ու պարծանքով։ Իսթիլ եւ Վասիլ կը մրցէին իրարու հետ իրենց քաջագործութիւներով. ես ամէն ինչ անոնց կը վերագրէի, որպէսզի շողոքորթուին, որովհետեւ կը վախնայի իրենց միջեւ եղած մրցակցութենէն եւ կը ջանայի միշտ հաշտ պահել զիրենք։ Իսթիլ ոգեւորուած կը պատմէր յունական պատմութենէն, միանգամայն կը պանծացնէր հայերը, թէ ինչպէս կը քաջալերեն իրենց քաջերը եւ թէ ի՛նչ տեղ կու տան իրենց ժողովրդական հերոսներուն։

Մութը վրայ հասաւ, տակաւին նուագողը կը նուագէր եւ տղաքը կը պարէին։

Երեկոյեան մեր ճամբան շարունակեցինք եւ հասանք լեռան հիւսիսային ճակատը, ուրկէ ծովը կը պարզուէր մեր աչքերուն առաջք։ Վասիլը եւ Նշանը եկան, իրենց հետ բերելով փախած նաւավարները։ Այդտեղ մեր կացութիւնը բաւական լաւ էր. օրը մէկ կով կը մորթէինք եւ լաւագոյն մասերը կու տայինք նաւավարներուն, որպէսզի գոհ մնան եւ կրկին փախչելու փորձ չընեն։ Միեւնոյն ժամանակ յարաբերութիւն կը մշակէինք շրջակայ յոյն գիւղերուն հետ, որպէսզի պարենաւորման միջոցներ ապահովենք մեկնումի պարագային։ Երեկոյին լուր եկաւ, որ Ս... յոյն գիւղը ժանտարմաներ եկեր են, մարդիկը ծեծեր ու վիրաւորեր, կիները բռնաբարեր են, այնպէս որ, կիներուն մէկ մասը փախեր, եկեր էր մեզ մօտ։ Ամէնքս հաւաքուեցանք, տնակ մը շինեցինք, բայց չի կրնալով լաւ ծածկել տանիքը, անձրեւը կը թափանցէր, եւ գիշերը մինչեւ լոյս ջուրի մէջ էինք։ Իմ հիւանդութիւնս ծանրացաւ, մէկ ոտքս բոլորովին թուլցած էր, կը կասկածէի, որ անդամալոյծ պիտի դառնամ։ Գիւղը մարդ ղրկեցինք, որ բան մը գտնեն գետինը փռելիք՝ գետնի խոնաւութենէն ազատելու համար. միեւնոյն ատեն Պետրէն ղրկեցի Եղօին մօտ, որ գոնէ իր տակը ձգուած այծի մորթը տայ, որպէսզի երկու ժամ հանգչիմ, բայց անիկա մերժումով պատասխանեց։

Երկու ժամ ետքը լուր բերին, թէ հեծեալ ու զինեալ ժանտարմըրին մեզ կ՚որոնէ։ Այդ միջոցին աչքերնիս շարունակ ծովուն վրայ էր, նաւու մը երեւալուն կը սպասէինք՝ մեր ծրագրին գործադրութիւնը ապահովելու համար։ Ք..., որ մեզ հետ էր, յայտնեց, թէ ինքը չուզեր արտասահման երթալ, այնպէս որ, մէկ քանի ընկերներու հետ զինքը հոտ թողուցինք. պէտք եղած զէնքերը, մթերք եւ այլն յանձնելէ ետքը հրաժեշտ առինք ու մենք մեկնեցանք։

Գացինք գիւղ մը, որ ծովէն երկու ժամ հեռու էր. տեսանք, որ ծովեզրը նաւ մը կայ. լրտես մը ղրկեցինք, որը վերադարձին յայտնեց, թէ նաւը զօրքի համար ալիւր կը փոխադրէ։ Հարցուցինք նաւին մեծութիւնը, նաւապետի եւ իր մարդոց մասին, բայց լրտեսը որոշ բան մը չի կրցաւ ըսել։ Ճամբանիս շարունակեցինք, հասանք ուրիշ գիւղ մը, ուր տան մը բակին մէջ խնոցին կախուած էր. վերցուցինք եւ հետերնիս առինք ջուրի համար։

Գիշերը հասանք ծովափը. ալեկոծութիւնը սաստիկ էր. մենք կը ներկայանայինք իբր թիւրք պաշտօնեաներ, այսու հանդերձ նաւավարները մերժեցին մեզ հնազանդիլ, ըսելով թէ անկարելի է բացուիլ։ Ստիպուեցանք ետ դառնալ եւ մէկ ժամ հեռանալէ ետքը տեսանք յոյնի երեք տուներ, որոնք բարեկեցիկ երեւոյթ ունէին։ Դռները զարկինք, չի բացին. անձրեւը սատիկ կը տեղար, մեր դրութիւնը անտանելի էր, վերջապէս մեզ տուին մարագի բանալին, ուր ապաստանեցանք, փուռը վառեցինք եւ հոն կախուած դդումները առնելով, սկսանք ուտել. կողմնակի պատուհանէ մը կիները մեզ կ՚ըսէին. «Կերէ՛ք, կերէ՛ք, դդումները քաղցր են»։

Հոտ կազմեցինք մեր վերջնական ծրագիրը. այլեւս օր, նոյնիսկ ժամ կորսնցնելը վտանգաւոր էր. վճռականութեամբ պէտք էր գործել ու ազատիլ կամ մեռնիլ։



[i] Յունական հրացան: