Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Երեկոյին ուշ ատեն խումբը կարգի դրինք, ոչնչացուցինք թամբերը ու ձիերը, վերցուցինք սպաննուած թիւրքերու զէնքերը, հագուստները եւ ժանտարմաներու դօքիւմանները եւ ճամբայ ելանք. ոչ ոք կար մեզ արգելք եղող եւ ճամբաները բաց էին։ Առաւօտուն լուսաբացին հասանք Բաթրին գիւղի գետնայարկ թաքստոցները եւ երեք մասի բաժանուելով, պատսպարուեցանք։ Երկու օր մնացինք այնտեղ, եւ մեզ հետ եղող փախստական ժողովուրդը ապահովուած զգալով՝ մնաց. իրենցմէ միայն վեց հոգի վերցնելով, կրկին գացինք Թէճէր։ Մեր հոն հասնելէն երկու ժամ ետքը մեզ պաշարեցին զինուորներով եւ թնդանօթներով։ Լոյսը նոր բացուած էր. զինուորները կու գային, մեր մօտէն կ՚անցնէին, մեզ չէին տեսներ. թնդանօթները ուղղած էին մեր դիրքերուն, բայց մենք լաւ ապաստան ունէինք եւ տեղերնիս ամուր էր. մտադրեցինք կրակել թընդանօթաձիգերուն վրայ եւ սարսափ ձգել ու շուարումի մատնել զիրենք, բայց մօտակայ գիւղ մը կար, որ տակաւին տեղահան չէր եղած, եւ ստիպուած էինք զգոյշ ըլլալ։ Չենք գիտեր՝ ինչո՞ւ նախայարձակ չէին ըլլար թիւրքերը. եօթը օր շարունակ առաւօտուն կու գային, կը հետախուզէին եւ իրիկունը կ՚երթային։ Ութերորդ օրը տեսանք, որ Սեբաստիոյ ճամբան բռնեցին ու հեռացան։ Մերձակայ հայ գիւղը չի վտանգելու համար մենք ալ որոշեցինք հեռանալ, բայց գիւղացիք խնդրեցին, որ մնանք։ «Մեր բոլոր ունեցածը ձերն է», կ՚ըսէին. նոյնիսկ առաջարկեցին մեզ, որ որոշ կարգախօսի վրայ իրենց գիւղը երթանք, հոն գտնուող ձիաւոր ու հետեւակ 70 ժանտարմաները միացած ուժերով զինաթափ ընենք, զիրենք եւ քորտոնները խզելով, արշաւենք դէպի քաղաք։ Գիւղացիները համոզուած էին, որ զիրենք պիտի կոտորեն եւ նախամեծար կը համարէին կռուիլ։ Համաձայնուեցանք եւ սպասեցինք որոշուած նշանին. տեղեկութիւն չի կայ։ Երեկոյին լուր եկաւ, որ կայսերական հրաման ելած է՝ այլ եւս ոչ մէկ հայ չի բանտարկել, ժողովուրդը վերադարձնել իր տեղը, եւ նոյնիսկ կողոպտուած ապրանքներէն մաս մը վերադարձուցին։ Կառավարական այս սովորական խաբէութեանը հաւատալով, գիւղացիք ետ կեցեր էին իրենց որոշումէն։

Նոյն օրը աղանձ [i] պատրաստեցինք. գիւղի ջրաղացէն ալիւր բերինք եւ հաց եփեցինք ու 3-4 օրուան համար պաշար ունենալով, ճամբայ ելանք։ Վերջնական ժողով մը ըրեր էինք Թէճէրի ամենաբարձր գագաթին վրայ. Եղօին հետ դարձեալ վիճեցանք. իմ դիտաւորութիւնս էր երկրէն հեռանալ ու մեր ցաւերը ու դարդերը յայտնել։ Տղաքը հարցուցին թէ՝ ո՞ւր պիտի երթանք. ըսի՝ «Երկու գիծ ունինք. մէկը՝ Գարահիսար-Բաբերդ-Օլթիի գիծը եւ միւսը՝ Հապէշէն Օրդու եւ անկէ Պաթում»։ Երկրորդ գիծը անգործնական գտան, բայց ես պնդեցի եւ համոզուած էի, որ կը յաջողինք. ծովը զիրենք կը խրտչեցնէր, բայց ես Վանի մէջ փորձառութիւն ունէի եւ մտքովս որոշած էի ծրագրիս բոլոր մանրամասնութիւնները. իմ պնդումիս վրայ համակերպեցան եւ Օգոստ. 7-ին ճամբայ ելանք այդ ուղղութեամբ։

Ճամբաներուն անծանօթ էինք եւ առաջնորդ չունէինք. առաւօտները բարձր տեղ մը կ՚ելլէինք եւ հեռադիտակով որոշելէ ետքը մեր ճամբան դէպի արեւելք՝ իրիկունը կը ճամբորդէինք, որովհետեւ միայն գիշերները կը քալէինք։ Այս կերպ յառաջանալով, վեց օրէն հասանք Կիւլէիւք՝ չէրքէզներու գիւղին վերեւը։ Հոն քարերու ներքեւ թագնուած էինք, երբ տեսանք, որ լաւ զինուած երկու ձիաւորներ կու գան. այդ ճամբաները նոյնիսկ սովորական ժամանակ անապահով են. հասկցանք, որ կասկածելի մարդիկ են. կիրճ մը կար, ուրկէ պիտի անցնէինք, գացինք բերանը բռնեցինք եւ անոնք մեր գիրկը ինկան։ Զինաթափ ընելէ ետքը իբր ժամտարմա հարցաքննեցինք զիրենք. ասոնք Ռիւշտի պէյի ձիաւորներէն էին եւ Օլթիի կռիւներէն փախեր էին. կը պատմէին Դերճանի եւ Երզնկայի դաշտերուն մէջ հայերու կոտորածները, որոնց մասնակցած էին. կարծելով, թէ իրենց վիճակը պիտի թեթեւնայ, քանի որ մեզ թիւրք ժանտարմաներ կը կարծէին։ Տղոցը ըսի, որ տանեն զիրենք ու կարգադրեն հարկ եղածը։ Իրենց խուրջինները բացինք եւ մենք, որ երեք օրէ ի վեր սոված էինք, լաւ ուտելիք գտանք. վերցուցինք նաեւ իրենց հրացանները, զէնքերը, ժամացոյցները, դրամը եւ հագուստները, իսկ ձիերը տարինք, բարձրութենէն վար գլտորեցինք...

Երեկոյին (Օգոստ. 15-ին) ճամբայ ելանք եւ երկու գիշեր քալելով, հասանք Գոտնի գիւղի ակերուն վերեւի մուղարաները։ Սնունդի պակասութենէն կատարեալ ուժասպառ էինք, իսկ սնունդ առանց կռուի ձեռք ձգել կարելի չէր։ Նշանը, Մելիքը, Յովնանը ուղարկեցինք Կամիս գիւղի կողմերը, որպէս զի երթան, մէկ երկու հատ մսացու բերեն։ Անոնք գացին, իսկ մենք իջանք լեռնէն եւ սկսեցինք հացահատիկներ հաւաքել։

Կէս գիշերին հրացանի ձայն եկաւ այն կողմէն, ուրկէ տղաքը գացած էին. այդ բանը մեզ կասկած ներշնչեց, բայց սպասելէ ուրիշ ճար չունէինք. այդ միջոցին 3 կոտի չափ ցորենի հացահատիկ պատրաստած էինք, սկսանք աղանձ պատրաստել թիթեղեայ սաճի վրայ։

Տղերքը վերադարձան լուսաբացին մօտ. հետերնին միայն մէկ գառ բերած էին։ Ահա թէ ինչ պատահած էր։ Կամիսի մօտերը յանկարծ երկու ձիաւոր կը կրակեն տղոց վրայ. Նշանը առաջին ձիաւորին կը զարնէ, որ կ՚իյնայ, երկրորդը կը հասնի, անոր ալ կը զարնէ եւ կը սպաննէ. թշնամիին հրացանները վերցուցեր էին եւ մեզ մօտ բերին։ Գառը եփեցինք, կերանք։ Հոս մնացինք երեք օր. պատրաստեցինք աղանձ թէ ուտելու համար եւ թէ իբր պաշար։

Գոտնիի հողերը հայերու կը պատկանէին. խեղճերը տեղահան եղած ըլլալով, կառավարութիւնը հարկադրած էր 10 տարեկանէն 70 տարեկան յոյներու, որ հունձքը ընեն իրենց եզներով, իրենց միջոցներով, մինչ յոյն գիւղացիին հունձքերն ալ երեսի վրայ մնացած էին։

Վերջին օրը, իրիկուան ժամը 11-ին, լեռնէն իջեցուցինք Մելիքը եւ Նշան Փանոսեանը, որպէս զի երթան, ներկայանան իբր յոյն եւ տեղեկութիւներ առնեն յոյն եզարածներէն. օրը կիրակի էր։ Անոնք պատմեր էին, որ գիւղին ժանտարմաները կառավարութենէն գաղտնի կը ծախէին հայերու ապրանքները։

Մեր բարձր դիրքէն կը տեսնէինք Կովտուն, Խանձար, Կառվայ, Խօճասար, Կամիս, Բրաբերդ, Եարասար գիւղերը. բոլորն ալ աւերակ դարձեր էին. սիրտս չի դիմացաւ, նստայ լացի. տղաքը եկան մօտս զիս մխիթարելու, բայց չէին կարող. մեր ծնած, մեծցած տեղերը մեզի փուշ էին դարձեր. մեր շտեմարանները թշնամին կողոպտեր էր, եւ մենք սնունդ չունենալնուս ուժասպառ եղած էինք, աչքերնիս շարունակ դաշտերուն վրայ էր, անտէր մալ մը մնայ, բերենք մեզի համար պաշար պատրաստենք։

Երեկոյ եղաւ, ամէն ոք գնաց իր տունը. մարդ, եզ, ոչխար մտան իրենց խրճիթները ու փարախները. տեսայ, որ անտէր, մինակ մենք էինք։ Տղաքը կը շարունակէին ինծի խօսիլ ու մխիթարել, բայց ես իմ մտածումներէս տարուած՝ կը նայէի մեր աւերակ գիւղերուն եւ կ՚արտասուէի։

Աղանձի պաշարը շալակած, ուժասպառ վիճակի մէջ շարունակեցինք մեր ճամբան։

Մայիս 29-էն ի վեր առանց աղի հաց եւ միս ուտելով, վատառողջ դարձեր էինք։ Կռիւներէն աւելի մեր մեծ մտահոգութիւնը հացն էր. փամփուշտի ալ պէտք չունէինք, քանի որ գրաւած հրացաններուն իսկ պէտք չունէինք եւ անոնք կու տայինք ասդին-անդին մեր հանդիպած հայ փախստականներուն։

Հասանք Օռնավուտ թիւրք գիւղին վերեւը. դիրքերնիս շատ անյարմար էր եւ մենք չէինք շարժուիր զգուշութեան համար եւ այդ պատճառաւ մինչեւ իրիկուն ծարաւ մնացինք. իրիկունը ճամբայ ելանք եւ լուսաբացին հասանք զոլաներու (թիւրք ցեղ մը) վերեւի անտառը։ Այնքան սոված էինք, որ ծառերուն վրայ վայրի տանձ եւ այլն կը փնտռէինք, ան ալ չի կար. ծառերն ալ ամուլ էին այդ տարին. այնքա՜ն տկարացած էինք, որ կը զգայի՝ բան մը եթէ պատահէր, չպիտի կրնայինք դիմադրել։ Մուրադեանը, Փանոսեանը եւ Վարդանը ղրկեցինք թիւրք հովիւներուն մօտ դրամով ոչխար գնելու համար. դժկամակութեամբ երկու գառ ծախեր էին։ Երկու ժամուայ մէջ զոյգ մը գառը կերանք. երբէք աւելի համով բան չէինք կերած. ամէնէն ուժասպառը ես էի, եւ տղաքը լաւ կտորները ինձ կու տային։

Կերանք, յագեցանք, բայց ջուրի պակասէ կը նեղուէինք, որովհետեւ նոյնիսկ լուացուելու ջուր դժուարաւ կը գտնէինք։

Երկու օր մնացինք այդ տեղ, երրորդ օրը ճամբայ ելանք. կ՚երթայինք, մենք ալ չէինք գիտեր՝ ուր, միայն գիտէինք, որ դէպի արեւելք կ՚երթայինք։ Երբ Չանախչի լերան վերեւ ամենաբարձր գագաթը հասանք, մնացինք գիշերը. սպասեցինք, որ լուսնայ դիտելու համար, որովհետեւ յոյս ունէի՝ թէ պիտի ճանչնայի ճամբան, եթէ Հապէշի լեռներուն դիմացը ըլլայինք։ Լոյսը բացուելէն իսկ առաջ շտապով առի հեռադիտակը եւ կը սպասէի, որ մութը փարատի. երբ այգուն լոյսը բացուեցաւ, տեսայ, որ սխալ չէինք եկած. երեւաց Կարինի ճամբուն վրայ Քէօչէիւրտ գիւղը, աւերակ դարձած էր եւ ուրկէ թապուր մը զինուոր կ՚ելլէր։ Մէկ ալ տեսանք, որ հոճա մը ձին հեծած՝ մինակ կու գար արեւելքէն դէպի արեւմուտք. մեր աջ կողքէն պիտի անցնէր։ Մեր ընկերներէն մէկը, Գարաօղլանը, ճիշդ թիւրքի կը նմանէր. ղրկեցինք զինքը, որ դիմաւորէ հոճան։ Գարաօղլանը գնաց, ձիուն սանձը բռնեց եւ իբր իսլամ հաց ուզեց. այդ միջոցին Արութջանը հասաւ եւ գաւազանով զարնելով գլխուն, ձիէն գլտորցուց։ Փոշիին մէջ ինկած հոջան գթութիւն կը հայցէր, բայց մեր սրտերը կարծրացած էին. տղաքը զայն ձորին մէջ տարին, սպաննէցին։ Մենք ալ գացինք հիւսիսային կողմը դէպի անտառը, որ խիտ եւ ծառերով կազմուած էր։ Երեք օր մնացինք անտառին մէջ. հաց չունէինք։ Նշան Փանոսեանը եւ Արմենակը ղրկեցինք Ձ... յոյն գիւղը. ղրկեցինք նաեւ ուրիշ չորս հոգիներ ցածր երեւցող ջրաղացքը դրամով ալիւր կամ հաց առնելու համար։ Ասոնք կ՚երթան ջրաղացքը. կը տեսնեն, որ յոյներ են, իրենք թիւրքախօս յոյն կը ձեւանան եւ լաւ ընդունելութիւն կը գտնեն։ Նոյն միջոցին վեց թիւրք կը մտնեն ներս, թիւրքական ձեւով կը բարեւեն եւ կը հարցնեն, թէ ի՞նչ ազգէ են։ Մերիները կը պատասխանեն, թէ թիւրք են. այն ատեն յոյները կը շուարին, բայց կը ծածկեն քիչ առաջուան խօսակցութիւնը։ Թիւրքերը մեր տղոց կու տան հաց, երկու կոտ ալիւր եւ կը խօսին ընտանեբար, կը պատմեն Սամսոնի եւ Տրապիզոնի ռմբակոծումը, կը գանգատին գերմանացիներէն եւ կառավարութենէն եւ կ՚ափսոսան շարունակ.

Թիւրքութիւնը փճացա՜ւ։

Տղաքը ալիւրը բերին եւ մենք այնքան ծայրայեղ վիճակի հասած էինք, որ առանց վտանգը մտածելու, կրակ վառեցինք եւ հաց պատրաստեցինք։ Մեր կրակը տեսնելով, թիւրքերը, որ փախստական զինուորներ էին, դէպի մեզ եկան։ Անտառը խիտ ըլլալով, հեռուն տեսնել դժուար էր, բայց մեր պահակը, որ Արութջանն էր եւ ծառին վերեւէն կը դիտէր, իմաց տուաւ, թէ ծառերուն տերեւները կը շարժին, պատրաստ եղէք։ Զգուշութեամբ շրջապատեցինք թիւրքերը, որոնք ճանչցան հաց ուզելու գացող մեր ընկերները, ճանչցան եւ զիս. աղաչեցին, որ իրենց խնայենք, բայց տղաքը զիրենք կապեցին, հեռացուցին եւ սպաննեցին։

Տեղերնիս փոխեցինք, բայց ստիպուած էինք շատ չհեռանալ Ձ... գիւղ գացող ընկերներուն համար. երկրորդ օրը անոնք եկան, հաց եւ յոյս բերին հետերնին։ Պատմեցին, թէ ոչ մէկ յոյն տեղահան չէ եղած եւ յոյները լաւ վերաբերմունք կ՚ունենային, կը վախնան մեզի համար, բայց մեր ընկերները կ՚ըսեն, թէ մենք բռնուող տեսակէ մարդիկ չենք, ու երբ կ՚իմանան, թէ ո՛վ է իրենց խմբապետը, կը ոգեւորուին եւ կ՚ուզեն անպատճառ մեզ հիւրասիրել. կ՚ըսեն, թէ այլեւս հացի ու պաշարի համար հոգ չընենք, ամէն ինչ կը տրամադրեն. նոյնպէս կ՚իմացնէին, թէ 70 Քէօչէիւրտցի փախստականներ կան՝ լաւ զինուած։ Մեր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր։ Յոյները ուզեր էին, որ ես մինակս երթամ, բայց նախազգուշութեան համար ընկերներով գացի եւ իրենց նշանակածէն երկու օր ետքը։ Այդ միջոցին ինը թիւրքերու հանդիպեցանք, զիս ճանչցեր էին, փախան անմիջապէս եւ գացին լուր տալու մէրքէզը, թէ ես կը գտնուիմ Չանախչիի անտառներուն մէջ։ Մեզ հետապնդելու համար ղրկեցին հետեւակ եւ ձիաւոր 80 զինուոր եւ ոստիկան ու 15 հետախուզող շուներ։ Խուզարկութիւնը կատարեցին հապճեպով եւ անկատար եւ վախերնուն առանց մեզ մօտենալու՝ ձգեցին, գացին. յայտնի էր, որ չէին ուզեր վտանգի ենթարկել ինքնզինքնին եւ պարտկելու համար իրենց վարմունքը՝ ինը թիւրք լրտեսները ծեծեր ու կապելով առեր, տարեր էին, ամբաստանելով, թէ սուտ տեղեկութիւն տուած են։

Օգոստոսի 26-ին Ձ... գիւղի յոյները տղայ մը ուղարկած էին մեզ հրաւիրելու համար. տղան եկաւ պաշարով, մեզ հետ մնաց այն օրը, երեկոյեան մեզ առաջնորդեց դէպի գիւղ. ընդառաջ եկած էին քանի մը լաւ զինուած երիտասարդներ. առաջուց տուն մը պատրաստեր էին մեզի համար գիւղին եզերքը, հոն կային պառաւ կին մը եւ երիտասարդ հարս մը. պառաւը ճակատս համբուրեց, ես ալ ձեռքը համբուրեցի։ Մաքուր եւ հանգիստ անկողիններ փռած էին մեզ համար եւ ամէն յարմարութիւններ ստեղծեր էին, որպէս զի հանգստանանք։ Քիչ ետքը բաւականին թուով մարդիկ եկան, լեցուեցան մեր շուրջը. չափազանց պատկառանքով կը վերաբերուէին դէպի մեզ եւ մեզ կը հիւրասիրէին կաթով. պատրաստեր էին նաեւ հաւեր, գառ, ձուածեղ եւ այլն։

Չի նայելով որ տեղւոյն միւտիրը [ii] գազանաբարոյ առնաւուտ մըն էր, անոնք այդ բոլորը կը կատարէին մեծ պարզութեամբ եւ կ՚ըսէին, թէ քրիստոնէական պարտաւորութիւնը եւ սէրը զիրենք կը մղէր այդպէս ընել. որը գուլպայ, որը թաշկինակ նուէրներ կը բերէին մեզ։ Իրարու բաւական ծանօթանալէ ետքը անոնք սրտի կսկիծովը պատմեցին հայոց պատահածները։ Սպանութիւնը եւ թալանը կը կատարուէին գերման սպաներու աչքերուն առաջքը։ Թիւրք եւ գերման սպաներ իրենց համար սայլերով կը փոխադրէին կապերտները եւ թանկագին առարկաները։ Ուրիշ յոյն գիւղերու բնակիչներ եւ Ուլաշցիները հետզհետէ հաստատեցին Ձ... գիւղի յոյներու պատմածները։

Եթէ Աստուած չի պատժէ թիւրքերուն գործած ոճիրները, պիտի ըսենք, թէ Աստուած չի կայ, կ՚ըսէին անոնք։

Խնդրեցինք, որ մեզի ցոյց տան Քէօչէիւրտցիներու պահ տուած տեղը. յոյն գիւղացիները կրկին խօսք տուին, որ միշտ մեզ կը հոգան, եւ երկու երիտասարդներու առաջնորդութեամբ ճանապարհ ինկանք։ Լուսաբացին անտառին մէջ տնքալու ձայն մը լսեցինք եւ խօսքերու շշուկ։ Ես եւ մէկ յոյն գետնին վրայէն սողալով, յառաջացանք։ Որոշեցինք, որ լոյսը աւելի պայծառանալէ ետքը հեռադիտակով նայինք, եթէ հայեր են, օգնութեան կը հասնենք, եթէ չէթաներ՝ կը սպաննենք։ Այդ պարագային խոստացայ հրացաններէն մէկը յոյնին տալ։ Բայց երբ կրցանք որոշել, տեսանք, որ աւելի բազմաթիւ մարդիկ կային, քան որ կը կարծէինք. կային զինուած այրեր, կիներ ու երեխաներ։ Յոյնը ըսաւ.

Մեր մարդիկն են (ըսել կ՚ուզէր՝ հայեր են)։

Անոնք ծառերը կը կտրէին եւ տուն կը շինէին իրենց կիներուն եւ երեխաներուն համար. այդ տեղը, որ ընտրեր էին, ճիշտ իրենց աւերուած գիւղին դիմացն էր։ Ես չի կրցայ ինքզինքս զսպել, սկսայ արտասուել. յոյնը գնաց անոնց քով եւ իմաց տուաւ, թէ իրենց մօտ եմ. այլեւս զգուշութիւնը վերցուցին եւ սկսան վազէվազ գալ իմ կողմս։ Թէ՛ իմ եւ թէ անոնց ուրախութեան չափ չի կար. հակառակ իրենց տաժանելի եւ վտանգաւոր դրութեան, արիութիւնը չէին կորսնցուցած, բայց դժբաղդաբար իրենց մէջ տիֆի համաճարակ կար եւ ոեւէ դեղ ու դարման չունէին։

Երեկոյին, ժամը 9-ին ատենները յոյներէն մէկը եկաւ եւ ըսաւ, որ կառավարութիւնը պատրաստուած է Ղայա դիպիի ներքեւ, Ղարազամ գտնուած հայ փախստականներուն դէմ երթալու համար։ Զառայի, Անդրէասի եւ Խոյլասարի ձիաւորները հաւաքուած էին այդ նպատակով։ Քէօչէիւրտցիներուն խորհուրդ տուինք, որ իրենց տեղը փոխեն, իսկ մենք մեր խումբերով գացինք այն տեղ, ուր խուզարկութիւն պիտի ըլլար. մեր հասնելիք վայրին քառորդ ժամու ճամբայ մնացեր էր։ Ըսի.

Տղերք, մենք պէտք է այստեղ մնանք։

Տղերքը զարմացան, թէ ինչո՞ւ։

Պէտք է հոս սպասենք, որ թշնամին անոնց վրայ յարձակի, այն ատեն մենք ալ թշնամիին ետեւէն կը զարնենք, ու համով բան կ՚ըլլայ։ Համաձայնեցանք եւ մնացինք։ Արեգակը բաւական բարձրացած էր, երբ հրացանաձգութիւն լսեցինք. կարծեցինք, որ թշնամին արդէն իսկ եկած է, վազեցինք դէպի այդ կողմը. անտառէն դուրս ելած էինք. չէր կարելի այդպէս սպասել. ստիպուած՝ գացինք դէպի փախստականները, բայց երբ հարցուցինք, թէ ի՞նչ հրացանաձգութիւն է, ըսին թէ՝ հարսանիք ունին։ Արսէնը, Յովհաննէսը եւ Յովնանի եղբօր տղան կը պսակուէին։ Իրենց վիճակը նկարագրել աւելորդ է. մացառներով խրճիթներ շինած էին, գրեթէ զուրկ էին ամէն յարմարութենէ, վտանգը կախուած իրենց գլխուն, անոնք կարծես դարձեալ իրենց սովորական վիճակին մէջ էին, այնքան բարձր էր իրենց հոգեկան տրամադրութիւնը։ Մեր սպաննած թիւրք զինուորներու վրայէն թալանուած զարդեղէններն առած էինք, այդ զարդեղէնները նուիրեցինք նորահարսերուն։ Քահանայ չի կար. տիրացուն, գիւղին վարժապետը եւ գիւղին հասակաւորները կը կատարէին պսակի արարողութիւնը։ Մինչեւ իրիկուն մնացինք իրենց հետ. չորս ոչխար մորթած էին հարսանիքին համար. միասին կերանք եւ մաղթանքներ ըրինք։

Մինչ այդ, ոստիկանները գացեր, նեղեր էին Ձ... գիւղի յոյները եւ հարցուցեր էին, թէ ո՞ւր են փախստականները։ Քահանային կինը կը պատասխանէ.

Ի՞նչ եկեր, մեզ կը նեղէք, ահա ձեր դիմացը լերան գագաթին են փախստականները, դուք զանոնք կը տեսնէք, մե՞զ կը հարցընէք. անոնք այնքան հանգիստ են իրենց տեղը, որ հարսնիք ունին, հրացանաձգութիւն կ՚ընեն եւ քէյֆի մէջ են։

Իրիկունը պահակները լուր բերին, որ 11 փախստական թիւրք զինուորներ կ՚երթան դարվար։ Զէնք ունեցող թէ չունեցող բոլոր հարսնեւորները մերիններուն հետ վազեցին, բերին 11 զինուորները, թեւերնին կապեցին եւ սպաննեցին։ Թէեւ այդ կերպ վարուելու համաձայն չէի, բայց չէի կրնար արգիլել։ Միւս օր առաւօտուն կարգադրեցինք, որ այդ տեսակ որսորդութիւն չընենք այլեւս։ Հայ փախստականները՝ առիթէն օգտուելով՝ զինուեր էին, գրաւեր էին սպաննուած թիւրքերուն հագուստները, զէնքերը, մթերքները եւ այլն։ Որոշեցինք թիւրք ոստիկանի հագուստով մարդիկ պահակ կեցնել, բռնուածները հարցաքննել եւ ըստ այնմ հարկ եղածը տնօրինել։ Միւս օրը բերին վեց մարդ. ըստ մեր որոշումին զանոնք առաջնորդեցինք ցախերով շինուած խրճիթ եւ հարցաքննեցինք։

Ո՞ր տեղացի էք, ո՞ր պօլիւկէն [iii] եւ այլն։

Կը հասկնայինք բանակներուն դրութիւնը եւ այլն ու ամենէն ետքը կը հարցնէինք «կեաւուրներու» մասին։ Անոնք կը գանգատէին, թէ սոված են, խեղճ են, կը հայհոյէին գերմանացի սպաներուն, պատերազմին դէմ. բայց երբ խօսք կու գար հայերուն, ոգեւորուած շեշտերով կ՚ըսէին.

Ամէնքն ալ սրբեցինք, մարդ չի մնաց։

Ասոնց մէջ կային Ղազովացի (Թոքատի մօտ) երկու չէրքէզներ, բառին բուն իմաստով գազաններ, որոնք շատ մը սպանութիւններ պատմելէ ետքը ըսին, թէ ինչպէս վարուած են հայ կիներու հետ, մերկացնելով, նախատելով, չարչարելով։ Այն ատեն յայտնեցինք մեր ով ըլլալը.

Կեաւուրներ շատ կոտորեցիք, բայց կեաւուրներու ձեռքը ինկաք, սրիկաներ... Ձեզի հաճելի կու գար ձեր ըրածները, դուք պատիւ, զգացում չունի՞ք, որ այդպէս վարուեցաք խեղճ կիներու հետ...

Թեւերնին կապել տուինք եւ ղրկեցինք ուր որ պէտք էր։ Եղօն գնաց հետերնին եւ մէկ ու կէս ժամէն վերադարձաւ։

Ի՞նչպէս էր, հարցուցի։

Հո՜ւ, հրաշալի։

Եղօն շատ լաւ գիտէր թաղել առանց ոեւէ հետք ձգելու։

Այդ տեղ մնացինք 25 օր. ամէն օր մեր որսը պակաս չէր, օրական 6-7 հոգի կ՚իյնային մեր ձեռքը. վերջին օրը հետապնդեցինք 9 հոգի, որոնցմէ երկուքը փախեր էին եւ 7-ը բերինք մեր դատաստանին. ամէնքն ալ երիտասարդներ էին. երեսս պաշլըխով [iv] ծածկած՝ ես ալ ներկայ եղայ հարցուփորձին։

Ասոնք սահման չի գացած, փախած զինուորներ էին. բոլոր հարցումներէն ետքը հարցուցինք կեաւուրներու մասին։ Տեղահանութեան ժամանակ գտնուեր էին Թոքատ եւ հաճոյքով կը պատմէին իրենց ըրած գազանութիւնները։ Մէկը՝ Մէհմէտ Փէհլիվան, պատմեց հայ աղջկան մը մասին, որ Թոքատի վաճառականներէն մէկուն աղջիկն էր։ Անիկա դիմադրեր էր բռնաբարիչներուն, բայց վերջապէս զինքը բռներ ու յանձներ էին թիւրքի մը. գիշերը հայ աղջիկը ածելիով կը սպաննէ թիւրքը եւ կը փախի։ Եօթը օր շարունակ կը փնտռեն զինքը ու վերջապէս գտնելով, զինքը կը սպաննեն, անվերջ բռնաբարելով։

Թիւրքերէն մէկը միայն լուռ կը մնար. կ՚ըսէր, թէ ես ոչ մէկ բան չեմ ըրած, ընկերներէս մէկը ապտակ մը զարկաւ եւ ըսաւ, թէ դուն ի՞նչպէս իսլամ ես, որ կեավուր չես սպաններ։

Ի՞նչ ընեմ, չեմ կրցած, պատասխանեց։

Երբ քննութիւնը վերջացաւ, ըսինք.

Մենք այն կեավուրներն ենք, որ ձեզի պէս գազաններէն վրէժ պիտի լուծենք, եւ համոզուած եղէք, որ ձեր անիծեալ ցեղը պիտի ոչընչանայ, բայց մենք դարձեալ պիտի մնանք։

Անմեղ թիւրքին խնդիրը մեզ կը մտահոգէր, չէինք կրնար զինքը ազատ արձակել եւ ոչ ալ մեզ մօտ պահել. որոշեցինք ամենէն առաջ զինքը սպաննել, որպէսզի միւսներուն տանջանքները տեսնելով, չի չարչարուի. յետոյ սպաննեցինք միւսները եւ թաղեցինք։

Մեր յոյն լրտեսը որ իբրեւ մանրավաճառ կը շրջէր ամէն կողմը եւ հովիւները եկան, իմացուցին, որ կառավարութիւնը մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնէ մեր դէմ, որովհետեւ այն երկու թիւրքերը, որ փախեր էին, գացեր, ամէն ինչ պատմեր էին իշխանութեան։ Կէս ժամու հեռաւորութեամբ տեղափոխուեցանք ամէնքս ալ եւ կերպով մը պատսպարուեցանք։ Առաւօտուն մառախուղը պատած էր լեռը, եւ հեռուէն հազիւ ձայն մը լսեցինք. փախստական թիւրք մըն էր, որ բռնուեցաւ մեր ընկերներուն կողմէ։ Քիչ մը ետքը պահակները լուր տուին, թէ զինուած մարդիկ կու գան. ամէնքն ալ հրացանները խլելով՝ չամերուն ետեւ դիրք բռնեցին եւ մենք պաշարեցինք եկողները։ Ձայն տուինք, որ անձնատուր ըլլան։ Անոնք կը կրէին բաբախներ եւ զինուած էին թիւրքական հրացաններով։ Չէրքէզ չէթաներ կարծեցինք եւ հրամայեցինք, որ զինաթափ ըլլան։ Յանկարծ մեզմէ Քէօչէիւրտցի մը ճանչցան եւ անունը տուին։ Անիկա անմիջապէս ըսաւ, թէ ասոնք յոյն տղաքներ են. ասոնք ալ մեզ չէթա կարծեր էին։ Երբ հասկցանք, իրարու մօտեցանք եւ համբուրուեցանք։

Ասոնք քիչ առաջ երկու քիւրդ սպաններ եւ դէպի մեզ եկեր էին՝ մեզի հետ միանալու մտադրութեամբ, երբ Քէօչէիւրտցիները մեր տեղը յայտներ էին իրենց։ Իրարու ծանօթացանք. իրենց անուններն էին Վասիլ, Պետրէ եւ Թրիանտաֆիլ։ Ասոնք Հապէշի Ա... գիւղէն էին. խորոված պատրաստեցինք եւ շուրջանակի նստած սկսանք խօսիլ։ Շատ բաներ տեսած էին. Վասիլը մասնաւորապէս նկարագրեց Անդրէասի դէպքերը. բոլոր հայերը կոտորեր էին. մէկուն խնայեր էին եօթը օտար լեզու գիտնալուն համար, բայց քիւրտ մը՝ կացինը վերցնելով, գլուխը երկու կտոր ըրեր էր։ Այս բոլորը տեսնելով, յոյները որոշեր են լեռը փախիլ։

Մենք համոզուած ենք, որ թիւրքերը միայն ձեր թշնամիները չեն, այլեւ մեր թշնամիները. վաղը, միւս օրը նոյն բաները մեզի ալ պիտի ընեն, կ՚ըսէին:

Երդում ըրին, որ այլեւս մեզ հետ միասին պիտի ապրին, միասին պիտի մեռնին, քանի Թիւրքիա գոյութիւն ունի։ Ուզեցին մեր տրամադրութիւները իմանալ. մտադրեցինք փոստա մը զարնել, դրամ ձեռք բերել եւ յետոյ որոշել մեր ծրագիրը։

Առաւօտուն կանուխ հասանք Քիօսէ Դաղի գոմերը, որոնք շօսէին մօտ կը գտնուէին. օդը, ջուրը շատ լաւ ըլլալուն՝ կազդուրուեցանք, մանաւանդ որ լաւ ուտելիք ունէինք։ Քիչ յետոյ մեր պահակները իմացուցին, թէ զինուած մարդեր կու գան։ Հեռադիտակները առինք, դիտեցինք, որ Քէօչէիւրտցի փախստականերն են. հարց ու փորձ ըրինք եւ իմացանք, որ թիւրքերու հետ կռիւի են բռնուեր։ Արսէն (նոր փեսան) տիֆէ բռնուած ըլլալով, չէր կրցեր հեռանալ եւ կը շարունակէր կռուիլ. անիկա քաջ որսորդ էր եւ 11 ժամէ ի վեր անընդհատ կը յաջողէր թշնամին հեռու պահելու։ Անմիջապէս որոշեցինք իրեն օգնութեան հասնիլ, երբ ահա տեսանք, որ հարաւային կողմէն ձիաւորներ կու գան. հարցուցի թէ՝ ո՞վ է այդ առաջքէն եկող կապոյտ ձիաւորը։ Ըսին թէ՝ յայտնի աւազակապետ Եուսուֆ Պէյն է, որ մէկ ու կէս ամիս առաջ սպաններ էր 170 անզէն Տիվրիկցի հայեր։ Կռիւին նշանը տուինք եւ անմիջապէս տղաքը դիրքերը բռնեցին. մեր տեղը կիրճ մըն էր, կեցայ ու պոռացի Եուսուֆ Պէյին.

Շիտկուիր դէպի մեր կողմը։

Այնքան շտապով շարժուեր էի, որ փոխանակ իմ հրացանս առնելու՝ առեր էի Վասիլին հրացանը. անմիջապէս կրակեցի, գնդակը մտաւ սրունքին մէկ կողմէն ու ելաւ միւս կողմէն. երկրորդ գնդակը դպաւ ձիուն գլխուն, որ գետին գլորուեցաւ իրեն հետ. այն ատեն Եուսուֆ Պէյ հրացանը գետին նետեց եւ պոռաց.

Թեսլիմ եմ (անձնատուր եմ), ձեր գերին եմ։ Վասիլը սպաննեց ետեւէն եկող ձիաւորը, որ հայհոյելով, կը յառաջանար. հետզհետէ ձիաւորները մէկիկ-մէկիկ ինկան։ Այդ միջոցին Քէօչէիւրտցի Աւետիս, որուն հօրեղբայրը սպաննած էր այդ հրէշը, հրացանը զարկաւ Եուսուֆի կուրծքին եւ վերջացուց։ Դժբախտաբար ձիերն ալ սպաննուեցան. այդտեղ ձիու պէտք ունէինք։ Նպատակս էր հեծնել եւ Արսէնին օգնութեան հասնիլ։

Հազիւ ասոնց հետ մեր գործը վերջացուցած էինք, երկու հետեւակ երեւցան այն կողմէն, ուրկէ քիւրտերը կու գային. իրենց վրայ զէնք չէր երեւար եւ թիւրքերու պէս հագուած էին. երբ դիրքերուն մօտեցան, ամենս մէկ հրացան արձակեցինք. մէկը վիրաւորուեցաւ, միւսը փախաւ, գնաց, իմաց տուաւ յոյն գիւղը՝ եւ յոյները եկան մեր դէմ, որովհետեւ այդ երկուքը յոյներ էին եւ մենք սխալմամբ զարկեր էինք։ Բայց այդ միջոցին հնարաւոր չէր բան հասկնալ, որովհետեւ միւս կողմանէ ալ քիւրտերը զինուած բազմութեամբ, հայհոյելով եւ կրակելով, կու գային դէպի մեզ։ Այս տեսնելով, վիրաւորուած յոյնը կը հասկնայ, թէ մենք հայեր ենք, ոտքի կ՚ելլայ, կը դիմաւորէ մեր դէմ եկող յոյները եւ ետ կը դարձնէ։ Երբ մեր տղաքը հասկցան սխալմունքը, անմիջապէս յոյնի մօտ գացին, որ գլխէն եւ վիզէն վիրաւորուած էր. իրարու հետ կը գրկուին եւ կը համբուրուին։ Յոյնը զիրենք կը հանգստացնէ։

Եթէ դուք զիս վիրաւորած չըլլայիք, այս քիւրտերը զիս պիտի սպաննէին. տուած հացս զիս փրկեց, դուք իմ կեանքս ազատեցիք, Աստուած ձեր սուրը կտրուկ ընէ։

Տղաքը վէրքը կապեցին եւ ճամբեցին, որ երթայ, իմացնէ յոյներուն, թէ մենք հայեր ենք, թշնամիներ չենք, եւ թէ եղածը սխալմունք է։

Այդ միջոցին մեր մէկ մասը զբաղած էր քիւրտերուն հետ. ասոնք հետզհետէ իրենց կրակը տկարացուցին, բայց երբ մօտիկցան, ես պոռացի.

Կրօ՛, կրօ՛, վէրէ, վէրէ՛ (մա՛րդ, մա՛րդ, եկէ՛ք, եկէ՛ք)... այստեղ չէթաներ կան։

Դուն ո՞վ ես, հարցուցին, անունդ ի՞նչ է. ո՞ր գեղէն ես...

Անունս Էսէ է։

Ամէնքը մէկ կրակելով՝ վերջ տուինք հայհոյանքներուն եւ խօսակցութեան։ Կռիւը տաքցաւ, բայց մառախուղը մեզ պատեց եւ մեր փոխադարձ կրակը թուլացավ, թէեւ մինչեւ իրիկուն հատուկոտոր հրացանաձգութիւն տեղի կ՚ունենար։ Թէեւ մեր բոլոր մտածումը Արսէնին օգնութեան հասնիլ էր, բայց այլեւս անկարելի էր լոյս աչքով մեր դիրքերէն հեռանալ: Երեկոյեան ճամբայ ելանք եւ մեր խումբին երթալիք տեղը որոշելէ ետքը ես ու Վասիլը բաժնուեցանք, գացինք Արսէնին մօտ. տեսանք, որ սպաննուած եւ կողոպտուած է։ Եղբայրները իր քով չէին, չկրցանք գիտնալ՝ մեռա՞ծ էին, թէ ողջ գերի ինկած թշնամիին ձեռքը։

Մեր ընկերներէն Վարդանը տիֆով հիւանդ էր, այնպէս որ չի կրցանք շատ հեռու երթալ եւ ապաստանեցանք Ինիւի կռնակի անտառին մէջ եւ հոն մնացինք։ Այդ միջոցին Քէօչէիւրտցիներու հետ ժողով ըրինք, որպէս զի որոշենք կամ ցամաքով, կամ ծովով երկրէն դուրս գալու միջոցներու մասին. Քէօչէիւրտցիները կը նախընտրէին մնալ երկրին մէջ, յոյներուն օգնութեան ապաւինելով. առաջարկեցինք, որ գոնէ մէկ քանի Քէօչէիւրտցիներ ընկերանան մեզի, որովհետեւ Օրտուի ճամբան շատ լաւ գիտէին եւ անիկա ամենէն կարճն էր, բայց անոնք մերժեցին, որովհետեւ չէին ուզեր իրենց ուժերը ցրուել։ Բարեբաղդաբար մեր յոյն ընկերները ամէն կերպով համամիտ էին մեզի եւ կ՚ընդունէին մեր որոշումները. Վասիլը, որ Սամսոնի ճամբաներուն ծանօթ էր, առաջարկեց փոխանակ Օրտուի ՝ դէպի Սամսոն երթալ. այդպէս ալ համաձայնեցանք եւ միւս օրը, մէկ երկու օրուան պաշար առնելով մեզ հետ, ճամբայ ելանք։

Առաջին օրը հասանք Միտասոնի եայլան [v] ։ Վարդանը կը տանջուէր իր հիւանդութենէն, իսկ մենք բոլորս ալ իրեն օգնելու ստիպուած ըլլալով, մեր ճամբորդութիւնը կը դժուարանար. բարեբաղդաբար մեր ճամբան անտառուտ էր, բարձրադիր եւ խիտ ծառերով պատսպարուած։ Երեկոյին դարձեալ ճամբայ ելանք եւ գիշերը հանդիպեցանք 23 անտէր ոչխարներու, որոնցմէ 6-ը հետերնիս վերցուցինք. լուսաբացին հասանք ջերմուկներու դիմաց խիտ անտառի մը մէջ. հոն կրակ վառեցինք, մորթեցինք ոչխարները եւ լաւ մը կշտանալէ ետքը՝ մնացեալը իբր պաշար պահեցինք: Ճամբանիս շարունակելէ առաջ ստիպուեցանք անտառէն դուրս ելնել ուղղութիւններս որոշելու համար ու տեսանք, որ երեք թիւրք փախստականներ կ՚անցնէին. կասկածեցանք իրենց վրայ, բայց անոնք անմիջապէս անտառ մտան, եւ աչքէ կորսնցուցինք. այդ միջոցին սկսած էր մթնել. մինչեւ հետեւեալ առաւօտը մնացինք կասկածի մէջ եւ կը զգուշանայինք, շարունակ վախնալով, որ մեզ կը լրտեսեն։ Առաւօտեան լուսաբացին հասանք քրդաց գիւղի դիմացի բլուրը։ Ցուրտ էր, կրակ վառեցինք ու տաքցանք, եւ ահա յանկարծակի մեր վրայ եկան այդ երեք փախստականները, որոնք կարծեր էին, թէ մենք հովիւներ ենք։ Ստիպուեցանք առանց հարցուփորձի սպաննել զիրենք։

Այսպէս շարունակելով մեր ճամբան, երրորդ օրը հասանք Ղաբու Ղայայի դիմացի անտառը։ Ասիկա հայ գիւղ մըն էր, որ բնաջինջ ըրած էին. անհետացած գիւղացիներու ոչխարները եւ տաւարները թիւրքերուն մնացեր էին. ասոնք կ՚արածէին եւ մէկ կողմէն կը մորթէին, կ՚ուտէին, իսկ մենք սոված էինք։

Գիւղին տեսարանը սրտաճմլիկ էր. կարծես մեր սպաննուած եղբայրներուն կարօտը կ՚ուզէինք կենդանիներէն առնել, ու երբ ասոնք երկարօրէն կը բառաչէին, կարծես մեզի շատ տխուր եւ շատ ծանր բան մը կ՚ուզէին ըսել։

Երեկոյին շարունակեցինք մեր ճամբան եւ առաւօտուն տեսանք, որ այդտեղի թիւրքերը կէօզերով կը բարձրանան դէպի լեռը։

Տղաքը հասան, հաց պահանջեցին թիւրքերէն, որոնք անմիջապէս բերին հաց, պըլղուր, ոսկեխնձոր եւ երկու ատրճանակներ։ Նոյն տեղին վրայ նստեցանք, կերանք, հանգստացանք եւ ցորեկով ճամբայ ելանք անտառին մէջէն։

Հասանք Դ... յոյն գիւղի վերեւի անտառը. Վասիլը եւ Գարաօղլանը գիւղ գացին ու բերին հաց եւ մածուն։ Գարաօղլանը պատմեց, թէ այդ գիւղի յոյները չարչարեր էին. այրերը բոլոր զինուոր տարեր էին, քահանան ծեծեր, կիները բռնաբարեր եւ ամէն կարգի գազանութիւններ գործեր էին։ Գիւղին քահանան վախուն չէր երեւցեր Վասիլին ու ընկերոջ, բայց կիները սիրով ընդուներ էին զիրենք եւ ամէն ինչ տուեր էին։

Արմենակն ալ այդ օրը տիֆէ բռնուեցաւ. իրիկունը ճամբանիս շարունակեցինք եւ հասանք Բ... յոյն գիւղը, ուր մեզ շատ սիրալիր կերպով ընդունեցին։ Թոյլ չտուին, որ անտառը անցնենք եւ գիշերը մեզ առաջնորդեցին մէկ ժամ հեռաւորութեամբ ուրիշ գիւղ մը, ուր իրենց տուներուն մէջ հիւրասիրեցին մեզ։ Ամէն կողմէ զանազան նուէրներ կը բերէին, մեզ քաջալերեցին ու իրենց զէնքերը ցոյց տալով, խորհուրդներ կը հարցնէին։

Մեր անցած ժամանակ գիւղացիք կը կենային եւ հիացումով մեզ կը դիտէին։ Առաջուց իմաց տուած էին մօտակայ գիւղ մը, ուր մեզ համար սեղան պատրաստած էին։ Բոլոր գիւղացիք եկան մեզ դիմաւորելու ու այնքան յարգանքով ու պատիւով կը վարուէին մեզ հետ, որ խիստ յուզմունք կը պատճառէին մեզ։

Ժամ մը ետքը շարունակեցինք մեր ճամբան եւ հասանք Տ... գիւղին վերեւի անտառը, ուր Վարդանին եւ Արմենակին վիճակը ծանրացաւ: Հոս մնացինք երեք օր. մեր հացը կու գար Տ... յոյն գիւղէն, որ հակառակ ամենէն շատ ճնշուած յոյն գիւղը ըլլալուն՝ մեծ հոգածութեամբ վարուեցաւ մեզ հետ։ Հիրեքի շօսէն, որ դէպի Թոքատ կ՚երթայ, մեր գտնուած վայրին մօտէն կ՚անցնէր։ Տ... գիւղացիք շատ բան տեսեր ու շատ բան լսեր էին։ Պատմեցին Հիրեքի հայերուն պատահածները, տեղահանութիւնը, կոտորածները եւ այլն։ Ասկից 10 օր առաջ Սեբաստիոյ վալին, Մուամմեր Պէյ, եկեր ու 18 հայ աղջիկ ու 600 հայ երեխաներ տարեր էր Սեբաստիա։ Այդ 18 աղջիկները ընտրուած էին ամենէն գեղեցիկներէն, որոնց կ՚առաջարկեն իսլամութիւնը ընդունել եւ նիքիահ (նիքեահ Բոսթ. ) ըլլալ [vi] թիւրքերու հետ։ Աղջիկները մերժեր էին. լիրբ միւտիւրը բռնաբարեր էր այդ 18 աղջիկները։ Երբ հայ օրիորդները կը մերժեն իսլամութիւնը ընդունիլ, գատըն կը բարկանայ, թէ ի՞նչպէս կը համարձակիք մերժել սուրբ կրօնը։ Թիւֆէնկճեան Մարտիրոս աղային աղջիկը, որ Մարզուանի ամերիկեան քոլէճէն շրջանաւարտ էր, կը պատասխանէ.

Մենք կը համաձայնէինք ամուսնանալ իսլամներու հետ, եթէ դուք օրէնք, հաւատք ու Աստուած ունենայիք։

Լռի՛ր, անպիտան, կը գոռայ գատըն, ի՛նչպէս կը համարձակիս այդ տեսակ խօսք ըսելու։

Օրիորդը կը շարունակէ.

Մեր հայրերը, մեր եղբայրները, մեր քոյրերը, մեր մայրերը կը սպաննէք, յետոյ կ՚առաջարկէք ոճրագործներուն հե՞տ ամուսնանալ: Մեզի համար մահը նախամեծար է, քան թէ այդ լիրբերուն հետ կենակցիլը։

Կը լռեցնեն զինքը եւ միւս 18 աղջիկներուն հետ կը տանին Ջամը Պէշին տակը եւ հոն կը սպաննեն ամէնքը։ Միայն կ՚ազատի Ճիհանեան եւ իր աղջիկը. ասոնք ընտանիքով հռչակաւոր էին իրենց գեղեցկութեամբ. յոյները զիրենք կը տանին, կը պահեն Ք... մէջ։ Տ... գիւղի մէջ յոյները 20 օրէ ի վեր պահած էին նաեւ Պաֆրացի հայ երիտասարդ մը, որ մեզի ընկերացավ։

 



[i] Ցորենը կը բոհրեն սաճի վրայ եւ կարծր խմոր մը կը պատրաստեն։

[ii] Գաւառապետ, որ ստորադաս է գայմագամին, տեսուչ, վարչական մասի պետ։

[iii] Զինուորական գումարտակ, նաեւ՝ խումբ։

[iv] Գլխանոց։

[v] Ամարանոց։

[vi] Ամուսնանալ։