ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԱՐՏԱՇԷՍ

(Ինքնակենսագրութիւն). —

Ծնած եմ 3 Հոկտ. 1873ին Մալկարա, — մենաւոր, աղքատ, աղտոտ ու մեռած՝ արեւելեան գիւղաքաղաք մը, որունգարնանային արշալոյսերն ու աշնանային վերջալոյսերը հրաշալի են սակայն։ Ուսումս առած եմ շատ անկանոն եղանակով՝ ծննդավայրիս նախակրթարանը, շրջան առանց բոլորելու։ Դպրոցը թողելէս անմիջապէս յետոյ՝ մտած եմ հօրս խանութը, իբր կենսաշահութիւն։ Ամբողջ բռնապետութեան շրջանին' դուրս չեմ ելած Մալկարայէ. չեմ ճամբորդած։

Գրականութիւն ըրած եմ իբր սիրող։ Կարծեմ թէ գրած եմ, որովհետեւ չէի կրնար չգրել. բայց ըրածիս վրայ հաւատք չունիմ։ Երկասիրութիւններս են՝ քերթուածներու 2 հատոր, Լքուած Քնար (1902) եւ Երկունք (1906). տեսակ մը վարանումով կուտամ անոնց անունները։ Պատրաստ ունիմ հատոր մը, Նոր Քնար՝ որուն վրայ երկարօրէն աշխատած եմ, կարելի է ըսել՝ տարիներով. քիչ մը կը յուսամ թէ լաւագոյն գործս պիտի ըլլայ ան։

Ընդարձակ առումով, գրականութեան շահը կը նկատեմ գերագոյնը բոլոր կարելի շահերուն։ Աշխարհի տեսարանն՝ ըստ գեղեցկութեան զգալու պայմանով միայն՝ ապրելուն մէջ շահեկանութիւն կը գտնեմ։ Թերեւս՝ բոլոր պարապութիւններուն լաւագոյնը Գեղեցիկին պարապութիւնն է. անտարակոյս ճաշակի խնդիր. այս՝ իմ ճշմարտութիւնս է։

* * * Տաղանդաւոր գրագէտը կանուխէն աշխատակցած է թրքահայ մամուլին՝ քերթուածներով, գեղեցիկ արձակներով եւ քննադատականներով, որոնք յայտնի անուն մը ապահոված են իրեն։ Գրականութեան մէջ իր մուտքը բանաստեղծութեամբ ըրաւ՝ Կարօ ծածկանունով, եւ քերթողը ցվերջ ապրեցաւ իր մէջ. իսկ իբր արձակագիր եւ գեղագէտ-քննադատ' անժխտելի կարողութիւն մի ցոյց տուաւ իր գրական վերլուծումներով։

— Երէց եղբայր՝ գրագէտ Վահան Յարութիւնեանի։