ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ ՌՈՒԲԷՆ (1874-1915)

Ծնած է Խարբերդ 1874ին։ Նխն. կրթութիւնը ստացած հոն, յետոյ ուսուցչութեամբ պարապած եւ յեղափոխականի իր հակումներուն պատճառաւ ձերբակալուած։ 1904ին կ՚անցնի Իզմիր, Մանիսայի մէջ կը մնայ ուսուցչ. պաշտօնով, եւ երբ հալածանքը կ՚սկսի նորէն՝ յաջորդ տարին կը փախչի Ֆիլիպէ եւ կ՚սկսի հրատարակել «Ռազմիկ» թերթը, մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակումը։ Ծածկանունները՝ «Հրաչեայ» եւ «Էժտէհար»։ Թունդ Դաշնակցական։ Ունի գրական ջղուտ, յղկուած եւ պատկերալից ոճ մը, եւ իր նիւթերը քաղած է գաւառիկ տեսարաններէ, հէքեաթներէ եւ մարտաշունչ ըմբոստ կեանքերէ, որոնցմով շինած է վարպետ արձակագիրի աչքառու անուն մը։ Զանազան լրագիրներու եւ պարբերականներու մէջ հրատարակած իր արձակ էջերը 1910ին խմբած է «Ցայգալոյս» հատորին մէջ։

Իր գրուածքներէն ուշագրաւ են «Սարերու տղան» (Մասիս 1902), «Վա՜խ ես մեռնէի» (Ա. Մամուլ), «Սեւ հաւը կանչեց» (Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի), «Պահակները արթուն են» եւլն.։ Պօլիս գալուն, պահ մը «Ժամանակ»ի աշխատակցելէ վերջ՝ 10 Յնս. 1909ին հիմնեց Ազատամարտ օրաթերթը, զոր մինչեւ իր տարագրումը շարունակեց ձեռնհասօրէն, իր շուրջ խմբելով յայտնի գրագէտներ ու հրապարակագիրներ եւ օրը օրին հրատարակելով օրուան հարցերու մասին կուռ խմբագրականներ՝ անստորագիր։ Ատենախօսած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպած զանազան միթինկներուն, եւ ազգ. երեսփոխան ընտրուած։

– Հրատարակած է Մեղրագետներու շարքը, – գր. հաւաքածոներ՝ դասագիրք 1911-4ին, – նաեւ «Յաւելուած Ազատամարտի» եւ «Բագին» շաբաթաթերթերը»։

– «Հայ աքսորականը» ծածկանունով Ֆիլիպէ տպուած Առիւծի ժանիքէն իր գրքոյկը բանտի իր յուշերը կը բովանդակէ։