Բ.
Հայ
գրականութեան
զանազան
ճիւղերը
տասնեւիններորդ
դարուն
երկրորդ
կէսին
Տասնեւիններորդ
դարուն
առաջին
կէսը
երբ
կը
լրանար,
Թիւրքիոյ
հայոց
համար
գրական
շարժումի
մը
կռուանը
արդէն
բաւականին
պատրաստուած
էր,
տպարանի
ու
դպրոցի
միջոցաւ։
Երկուք
ու
կէս
դար
առաջ
Պոլիս
հաստատուած
հայկական
մամուլը
հետզհետէ
կը
կատարելագործուէր
գեղասէր
հայ
արուեստագէտներու
տաղանդին
շնորհիւ։
Կրթական
գործն
ալ
կարճ
ժամանակամիջոցի
մէջ
զգալապէս
առաջդիմած
էր։
Կ.
Պոլիս
առաջին
վարժարանը
դարուն
սկիզբները
բացուելէ
յետոյ,
դեռ
եւ
ոչ
իսկ
յիսուն
տարի
անցած,
ամէն
թաղ
իր
դպրոցը
կ՚ունենայ,
ինչպէս
կ՚ունենան
Հայաստանի
եւ
Թիւրքիոյ
հայաբնակ
նահանգներու
շատ
մը
քաղաքներն
ալ։
Կրթական
այս
հաստատութիւններէն
հասած
սերունդները
ընթերցողներու
առձեռն
դասակարգ
մը
կը
ներկայացնէին։
Եւրոպայէն
վերադարձած
կամ
հետզհետէ
վերադառնալու
վրայ
եղող
երիտասարդութիւն
մըն
ալ
իր
գրական
ու
գիտական
զարգացմամբը
պիտի
սատարէր
ազգին
մտաւորական
վերածննդեանը
նուիրուած
աշխատութեանց։
Հայ
օրագրութիւնը
կը
հիմնուի
Իզմիր,
«Արշալոյս
Արարատեան»ով.
քիչ
ետքը
Պոլիս
կը
հրատակարուի
«Հայաստան»ը,
որուն
կը
յաջորդէ
«Մասիս»ը։
Երեւան
կուգան
ուրիշ
թերթեր
ալ,
ինչպէս՝
«Նոյեան
Աղաւնի»,
«Արփի
Արարատեան»,
«Երեւակ»,
«Մեղու»,
ու
նաեւ՝
հայատառ
եւ
թրքաբարբառ
օրագիրներ
ալ։
Պարբերական
հրատարակութիւնները
թէեւ
հետզհետէ
կը
շատնան,
բայց
չի
տեսնուիր
հաստատ
համոզումներով
սպառազինեալ
խմբագիր
մը,
որ
ազգային
առաջդիմութեան
գլուխը
անցնի
եւ
նոր
թուականի
մը
իբր
մարմնացումը
հանդիսանայ։
Բնական
էր,
որ
մեր
գրական
վերածնունդին
նախապատրաստութիւնը
լրագրով
տեսնուէր,
վասն
զի
թերթ՝
թեթեւ
ու
հետաքրքրական՝
պիտի
կրնար
առանց
մեծ
դժուարութեան
հասկցուիլ
տակաւին
սկսնակ
ընթերցասէր
ժողովրդէ
մը։
Իսկ
օրագրէն
ետքը,
դիւրամատչելի
եւ
դիւրահասկնալի
ըլլալու
առաւելութիւնը
վայելող
գրական
սեռը՝
թատերգութիւնը
կը
ներկայանար։
Ողբերգութիւն
մը,
տռամ
մը
ուղղակի
զգացումի
հետ
գործ
ունենալով,
մտաւորական
լայն
բարգաւաճումի
պէտքը
զգալի
ընել
չէր
տար։
Թատրերգութիւնները՝
որքան
որ
ալ
անարուեստ
գրուած,
բայց
եւ
այնպէս
աչքերու
վրայ
իրենց
ներգործութեամբը,
դիւրաւ
կը
գրաւէին
ժողովուրդ
մը,
որ
գրական
ու
գեղարուեստական
դաստիարակութեամբ
նրբացած
չէր։
Թատրոնով,
հայ
գրականութեան
մէջ
կը
մտնէր
պարզ
լեզուն։
Հեղինակները
պարտաւորուեցան
հռետորական
շարադասութենէ
զգուշանալ
նոյնիսկ
դիւցազներ
հանդէս
բերող
խաղերու
մէջ,
վասն
զի
կը
գտնուէին
դէմյանդիման
հասարակութեան
մը,
որուն
սրտին
պէտք
էր
խօսիլ
անմիջապէս.
ունկնդիր
հանդիսականը
լսածը
հասկնալու
համար
երկար
բարակ
մտածելու
ատեն
չունէր։
Թատերգական
գրականութիւնը
մինչ
մէկ
կողմէն
կ՚արագէր
մեր
յառաջդիմութեանը
անհրաժեշտ
պայման
եղող
դիւրահասկնալի
լեզուի
մը
կազմութիւնը,
միւս
կողմէն
ալ՝
հայ
հայրենիքի
մը
գիտակցութիւնը
կու
տար,
մասնաւորապէս
գաղթական
հայոց։
Ներկայացուած
տեսարանները
մեր
պատմական
կեանքէն
առնուեցան,
ուստի
եւ
հայոց
պատմութիւնը
մտքերու
եւ
սրտերու
մէջ
քանի
մը
մեծ
պատկերներով
տպաւորեցին,
երեւակայութեան
օժանդակութեամբը։
Ծնաւ
Հայաստանի
գաղափար
մը,
որ
շատ
չանցած՝
իբր
կեդրոնաձիգ
զօրութիւն
մը,
իրեն
պիտի
քաշէր
ամբողջ
հայութիւնը,
ստեղծելու
համար
ազգային
նոր
կեանք
մը։
Պատմական
ներկայացումները
կամաց
կամաց
տեղի
տուին
եւրոպական
կեանքէ
առնուած
ու
գրական
եւ
գեղարուեստական
արժանիք
ունեցող
խաղերու,
որոնք
նաեւ
իմաստասիրական,
ընկերական,
բարոյական
մեծամեծ
խնդիրներ
յուզելով,
հայ
ժողովրդին
միտքը
կը
մղէին
նոր
գաղափարներու։
Այսպէս,
թարգմանուեցան
ու
ներկայացուեցան
Հիւկօ,
Տիւմա
հայր
եւ
որդի,
Սիլվիօ
Բելիքօ,
Ֆէլիքս
Բեա,
եւ
շատ
ուրիշներ։
Բայց
թատրոնը
մեծ
ապագայի
սահմանուած
չէր։
Բանաստեղծութիւնը՝
օրագրին
ու
թատրոնին
հետ
ծնած՝
գրեթէ
ամբողջապէս
հայրենասիրական
երգի
մէջ
կաշկանդեալ
մնաց։
Հայաստանը
սգեց,
Սահմանադրութիւնը
ողջունեց,
ու
ազգային
սիրոյ
ու
միութեան
քարոզիչը
եղաւ։
Այդ
ազգային
երգերէն
անոնք
որ
ուշադրութիւն
կը
գրաւեն
գաղափարի
նորութեամբ,
պատկերներու
ուժգնութեամբ,
զգացումներու
արտայայտութեան
յափշտակիչ
ոճով,
անոնք
եւրոպական
բանաստեղծութեանց
հետեւողութիւններ
են
կամ
բառացի
թարգմանութիւններ՝
յատուկ
անուններու
փոփոխութեամբ։
Բայց
այլեւս
հայացած
են.
մեր
ազգային
դրոշմը
անոնց
զարնուած
է
անջնջելի.
մեր
գրականութեան
հրճուանքն
են
ու
փառքը,
այսպէս՝
Պէշիկթաշլեանին
«Մահ
քաջորդւոյնը»
կամ
Ռուսինեանին
«Երբոր
բացուին
դռներն
յուսոյ»։
Երգերը՝
հայկական
մտքի
զուտ
ծնունդ,
թէ
փոխառութեամբ
հայացեալ՝
իրենց
մէջ
կը
պարագրեն
1850էն
ասդին
ազգային
հոգեբանութիւնը։
Հայը
ուրիշ
զգացում
չի
տածեր,
բայց
եթէ
հայրենասիրականը։
Քիչ
տաղերու
կը
հանդիպինք,
որոնք
սէրը,
ցաւը,
ուրախութիւնը,
տխրութիւնը
տաւղեն։
Բորբոքման
տարիներ
են,
եւ
սրտի
բաբախումներու
ականջ
դնող
չի
գտնուիր։
Տաղաչափներու
խռանին
մէջ
թէեւ
գեղեցիկ,
մինչեւ
իսկ
սքանչելապէս
գրողներ
կան,
բայց
ստեղծելու
կարողութեամբ
ծնած
տաղանդը
հազուագիւտ
բացառութիւն
մըն
է,
ու
նոյնիսկ
այդ
բացառութիւնն
ալ
յստակափայլ
չի
պայծառանար։
Դուրեանին
քանի
մը
ոտանաւորները
կը
հաւաստեն,
որ
այդ
վաղամեռիկ
երիտասարդը,
ապրելով
ու
զարգանալով՝
պիտի
կրնար
սքանչելի
ստեղծագործութիւններով
մեր
մատենագրութիւնը
ճոխացնել։
Ստեփան
Ոսկանէն
ինչ
որ
հասած
է,
ցոյց
կուտայ
թէ
իզմիրցի
հրապարակագիրն
ալ
բացառիկ
մտքերու
մէջ
դասուելու
բնատուր
իրաւունք
մը
կը
վայելէ։
Այս
վերապահումները
ընելով
հանդերձ,
կ՚ընդունինք
թէ
Պէշիկթաշլեան,
Յակոբ
Ոսկան,
Թէրզեան,
Ռուսինեան,
Աճէմեան,
եւ
դեռ
ուրիշներ
թարգմանօրէն
կամ
նմանողութեամբ
գրած
են
ոտանաւորներ,
որոնցմէ
եթէ
էսթեթիքի
սիրահարութեամբ
կազմուի
հաւաքածոյ
մը,
մեր
արդի
գրականութեան
մնայուն
գործը
պիտի
ըլլայ,
եւ
շատ
դժուարահաճ
գեղասէր
մտքերու
իսկ
ախորժելի
ընթերցանութիւն
մը։
Նոր
կեանքը
ստեղծեց
նաեւ
աշխարհական
պերճախօսութիւնը։
Մինչեւ
Սահմանադրութեան
թուականը
հայ
բեմը
ժամուն
մէջ
զետեղուած
էր,
կրօնական
նիւթերու
քարոզմանը
նուիրեալ։
Երբ
խորհրդարանական
կազմակերպութեամբ
Ազգային
ժողով
մը
հաստատուեցաւ,
այն
ատեն
հոն
բարձրագոյն
ուսում
իսկ
ստացած
աշխարհականներ
պերճաբանօրէն
խօսեցան
կրօնական,
պատմական,
կրթական,
տնտեսական,
քաղաքական,
խորհրդաբանական
բազմաթիւ
խնդիրներու
վրայ։
Այդ
խօսուածները
տպագրեալ
կը
մնան
Ազգային
ժողովին
ատենագրութեանց
մէջ։
Անոնցմէ
եւս
հաւաքածոյ
քաղուած
մը
պիտի
կրնար
Արեւմտեան
հայոց
ժամանակակից
մատենագրութեան
մէջ
մտնել,
եւ
հայ
պերճախօսութեան
իբր
օրինակը
ներկայանալ։
Ատենաբանները
պէտք
չեն
տեսած
վարպետաբանութիւններ
ընել
առժամեայ
պարագաներու
համար.
շարժումի,
ձեւերու,
բացականչութեանց
մեծ
կարեւորութիւն
չեն
ընծայած։
Ընդհանրապէս
լաւ
մտածել,
հանդարտօրէն
գրեր
կամ
խօսեր
են։
Կարեւոր
ատենաբանութիւնները
տպագրումի
առթիւ,
իրենց
հեղինակներէն
յատուկ
խնամատարութեամբ
սրբագրուեր
են։
Ազգային
Ժողովը
մեզի
աշխարհական
բեմբասացութեան
հետ
տուաւ
նաեւ
խորհրդարանական
բառգրքոյկ
մըն
ալ,
զոր
մասնաւորապէս
Ռուսինեանին
պարտինք։
Այսօր
Թիւրքիոյ
հայերը
խորհրդարանական
ու
քաղաքական
ամէն
բացատրութիւն
կը
գործածեն
ու
կը
հասկնան,
առանց
օտարազգի
բառերու
միջնորդութեանը։
Պատմութիւնը
շատ
ետ
մնաց
Թիւրքիոյ
հայոց
մտաւորական
յառաջխաղացումի
գնացքին
մէջ։
Շարունակեց
Մխիթարեանց
առանձնաշնորհեալ
մասնագիտութիւնը
մնալ,
բայց
լոկ
իբրեւ
հնագիտութիւն
մը,
որուն
յարութիւն
կուտայ
Ալիշանի
մը
բանաստեղծական
թռիչը։
Բայց
ո՛չ
աշխարհականները,
եւ
ո՛չ
ալ
լուսաւորչական
եկեղեցականները
չմշակեցին
պատմութիւնը։
Երկրին
պայմանները
ո՛չ
պատմաբանի
պատրաստութիւն
թոյլատրեցին,
եւ
ոչ
ալ
երկասիրութեան
դիւրութիւն
ընծայեցին
անոնց,
որ
միջավայրին
ներած
սահմաններուն
մէջ
աշխատեր
ու
բան
սորվեր
էին։
Ուսանելու
համար
Եւրոպա
գացող
երիտասարդները
կը
վերադառնային
կամ
երկրորդական
կրթութիւն
մը
ստացած,
կա՛մ
շահաբեր
մասնագիտութիւն
մը
սորված։
Իսկ
ընկերաբանական,
իմաստասիրական,
պատմաբանական
ուսումներով
բեռնաւորուելու
համար
ոչ
ոք
երկրէն
կը
հեռանար։
Չկար
մենաստան
մը,
նման
Մխիթարեանցին,
ուր
գոնէ
եկեղեցականները
հանդարտօրէն
աշխատելու
դիւրութիւն
վայելէին։
Չունեցանք
Գէորգեան
ճեմարան
մը,
կամ
Ներսիսեան
վարժարան
մը,
որ
պատմագէտներուն
միջոց
տար
մէկ
կողմէն
իրենց
մասնաճիւղը
դասախօսելով՝
կարենային
աղէկ
թէ
գէշ
ապրիլ,
ու
միւս
կողմէն
ալ
պատմագրութեան
նուիրել
պարապոյ
ժամանակնին։
Մարկոս
Աղաբէգեան
մը,
որ
հայոց
պատմութիւնը
խորապէս
ուսումնասիրած
է,
եւ
նոր
հայոց
պատմութիւն
մը
գրելու
ձեռնարկած,
բազմատանջ
կեանքին
մէջ
ո՛չ
ինքնամփոփ
մտքով
խորհելու
եւ
ոչ
ալ
սկսած
լուրջ
գործը
գլուխ
հանելու
կարող
է։
Նորայր
Բիւզանդացի
մը
իր
քննասիրական
երկերէն
բան
մը
հրատարակելու
համար,
տաժանակիր
աշխատութեանց
դատապարտեալի
մը
տանջանքները
կը
կրէ։
Մատաթեա
Գարագաշեան
իր
«Քննական
պատմութիւնը»
Թիֆլիս
կրնայ
ամբողջապէս
տպագրել
տալ։
Նորերուն
մէջ
ունինք
Դուրեան
Եղիշէ
եպիսկոպոսը,
բազմահմուտ
գլուխ
մը։
Արմաշու
դպրեվանքը,
որ
ժամանակակից
հաստատութիւն
մը
կը
համարուի,
հանգստօրէն
պարապման
առաւելութիւնը
ընծայեց
այդ
միակ
եկեղեցականին։
Բայց
քաղաքական
պայմանները
եթէ
նպաստաւոր
իսկ
ըլլային
պատմական
հրատարակութեանց,
սակայն
Դուրեան
եպիսկոպոս,
վարդապետ
մըն
է
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ,
ու
իբր
այն
պէտք
է
«աւանդութիւններու
սրբութիւնը»
յարգէ։
Կրօնաւորին
պարտականութիւնը
ու
քննաբանին
գիտութիւնը
կը
մաքառին։
Կամ
վեղարէն
հրաժարում,
կա՛մ
գաղափարէն։
Վեղարը
իր
հովանաւորութիւնը
կը
պահպանէ
ու
պիտի
պահպանէ։
Հայրենագիտութիւնը
հայաստանցի
եկեղեցականի
մը
ձեռքով
մտաւ
մեր
մատենագրութեան
մէջ։
Վանցի
Գարեգին
վարդապետ
Սրուանձտեանց
հետզհետէ
հրատարակեց
«Գրոց
ու
բրոց»ը,
«Հնոց
ու
նորոց»ը,
«Մանանա»ն,
«Համով
հոտով»ը,
«Թորոս
աղբար»ը։
Այս
հրատարակութիւնները
խանդավառ
ոգեւորութեամբ
ընդունուեցան։
Սրուանձտեանցին
հետեւեցան
ուրիշներ
ալ,
ինչպէս՝
Նաթանեան
Պօղոս
վարդապետ
իր՝
«Արտօսր
Հայաստանի»ով,
պարտիզակցի
Վահան
վարդապետ
«Անգիր
դպրութիւն»ով։
Այս
գրքերը,
որոնք
Հայաստանի
ապրուած
կեանքը
կը
պատկերացնեն,
մեր
հեղինակներուն
այն
մեծ
ծառայութիւնը
կը
մատուցանեն,
որ
անոնց
հնարաւոր
կ՚ընեն
իրենց
գրածներուն
մէջ
հայրենիքի
համը
հոտը
դնել։
Կրօնական
առատ
հրատարակութիւններ
ունեցանք,
վիճաբանական,
վարդապետական,
խրատական,
որոնք
գրական
պատմութեան
մէջ
տեղ
մը
չեն
գրաւեր
թէեւ,
բայց
օր
մը
մեր
ժամանակակից
պատմութիւնը
գրողներուն
թանկագին
նիւթեր
պիտի
մատակարարեն,
արդի
հայոց
հոգեբանութեանը
թափանցելու
համար։
Բայց
այդ
գրքերուն
մէջ
կան,
որ
կրօնական
գրականութեան
սեփական
գեղեցկութիւնը
ունին,
ուստի
եւ
իբր
այն,
մեր
մատենագրական
պատմութեանը
մէջ
անցնելու
իրաւունքը
կը
վայելեն։
Խրիմեան
Հայրիկին
հրատարակած
«Մարգարիտ
արքայութեան
երկնիցը»՝
ինչպէս
եւ
անոր
յաջորդող
ուրիշ
հատորները,
կը
ներկայացնեն
վճիտ,
պարզ,
սրտաբուխ
ու
բարձրիմաստ
գրականութիւնը
գորովալիր
քրիստոնէութեան
մը։
Վիպասանութիւնը
մեր
մատենագրութեան
միւս
բոլոր
ճիւղերը
գերազանցեց
թէ՛
արտադրութեան
թէ՛
արտադրութեան
յորդառատութեամբը,
թէ՛
բազմադիմի
լուրջ
յատկութիւններովը։
Ուրիշ
ոեւէ
սեռէ
աւելի
բախտաւորութիւն
ունեցաւ
լաւագոյն
ապագայի
մը։
Բայց
մինչ
թատերգութիւնը
մեր
մէջ
ազգային
կեանքէ
հեղինակութեամբ
սկսաւ
ու
դէպի
թարգմանութիւն
հետզհետէ
մղուեցաւ,
վիպագրութիւնն
ալ,
ընդհակառակը,
թարգմանութեամբ
երեւան
գալով
բարեշրջեցաւ
հեղինակութեան։
***
Ինչպէս
այս
համառօտ
տեսութիւնը
ցոյց
կուտայ,
Արեւմտեան
հայոց
նոր
գրականութիւնը
ո՛չ
օրագրութեան
մէջ
սահմանափակուած
մնաց,
ո՛չ
ալ
մատենագրական
մէկ
կամ
երկու
ճիւղի
մէջ։
Սկսաւ
զարգանալ՝
առաջնորդ
ունենալով
տաղանդաւոր
հեղինակութիւններ,
որոնցմէ
քանի
մը
անուններ
յիշեցնել
հարկ
կը
համարինք։
Նոր
մտաւորականութեան
մը
թուականը
բացուած
պահուն,
հին
մտաւորականութիւնն
ալ
կը
մարմնանար
յանձին
Տէրոյենց—Չամուրճի
պատուելիին։
Բազմահմուտ
գլուխ
մը,
տեսակին
մէջ
եզական.
աստուածաբանական
գիտութեամբը
կրնար
նոյնիսկ
եւրոպական
որեւէ
ազգի
պատիւ
բերել։
Հիմնեց
«Հայաստան»ը
եւ
ուրիշ
թերթեր,
հրատարակեց
տետրակներ
ու
գրքեր,
ամենքն
ալ
կրօնական
դատին
ի
պաշտպանութիւն։
Պարզ
ու
յստակ
աշխարհաբարով
մը
դիւրըմբռնելի
կ՚ընծայէր
դժուարիմաց
նիւթերը։
Անշուշտ
առաջադիմութեան
ռահվիրայ
մը
չի
ներկայանար,
բայց
ժողովրդի
մը
մտքին
պատմութիւնը
միա՛յն
նորութեանց
նուիրուած
տարեգիրք
մը
չէ։
Կ.
Պոլիս
հին
դպրոցը
նոր
գաղափարներու
առջեւ
չվերջոտնեց,
չաներեւութացաւ։
Թուրքիոյ
հայոց
քաղաքական
կացութիւնը
տասնեւիններորդ
դարուն
առաջին
կէսէն
ետքն
ալ
մնալով
նոյնը,
ինչ
որ
դարուն
սկիզբն
էր,
նոր
հասնող
երիտասարդութիւններն
ալ
չփափաքեցան,
եւ
կարող
ալ
չէին,
խորտակել
ուժ
մը,
որ
ազգին
ոգին
մահմետականութեան
դէմ
պաշտպանելու
իր
զօրութիւնը
գործնականապէս
հաստատած
էր։
Թէեւ
նոր
գրականութիւնը
լեզուովն
ու
ոճովը
հինէն
շատ
պիտի
տարբերի,
թէեւ
նորամուտ
գաղափարներ
պիտի
գան
հայ
միտքը
ճոխացնել,
բայց
նախնի
կրօնապաշտպան
ոգին
պիտի
շարունակէ
միտքն
ալ.
սիրտն
ալ,
գրականութիւնն
ալ
ամպհովանել։
«Մասիս»ը,
որ
1852ին
հիմնուեցաւ,
գաղափարներու
վերանորոգչի
մը
կոչումովը
հանդէս
չէր
գար,
Պատրիարքարանին
պաշտօնաթերթն
էր։
Մեծապէս
օգտակար
եղաւ
այն
ծառայութիւններովը՝
զոր
աշխարհաբարին
բարեկարգմանն
ու
ճոխացմանը
մատոյց։
Խմբագիրը՝
Կարապետ
Իւթիւճեան՝
հայագէտ
մը
առանց
բազմալեզու
հմտութեան,
դիւրութեամբ
ու
ճաշակով
հետզհետէ
կերտեց
բառեր,
որոնց
պէտքը
օրագրութեան
մէջ
օրը
օրին
կը
զգացուէր.
միանգայն
վերակենդանացուց
հին
բառեր,
մերթ
անոնց
իսկական
նշանակութեամբը.
մերթ՝
հինին
մօտաւոր
իմաստի
մը
փոխատուութեամբը։
Ֆրանսերէնէ
բազմաթիւ
վէպերու
թարգմանութիւններովն
ալ
շատ
մը
նոր
կամ
նորիմաստ
բառեր
ներմուծեց
մեր
աշխարհաբարին
մէջ։
«Մասիսը»
միշտ
գրական
շնորհով
մը
փայլեցաւ,
ամէն
ատեն
գրագէտներէն
յարգուած
թերթը
ըլլալով։
Ու
մինչեւ
այսօր
կը
մնայ
Թիւրքիոյ
հայոց
է՛ն
գրական
թերթը։
Մատթէոս
Մամուրեան
բազմադիմի
յատկութիւններով
հանրածանօթ
է,
բայց
գլխաւորաբար
իբր
հրապարակագիր
եւ
խմբագիր
ճանչցուած
է։
Վաթսունական
թուականներուն
Պոլսոյ
մամուլին
մէջ
Վրոյր
ծածկանունին
ներքեւ
սկսաւ
շարք
մը
քրոնիկներ
հրատարակել,
որոնք
յետոյ
ի
մի
հաւաքուելով
«Հայկական
նամականին»
կազմեցին։
Կ.
Պոլսոյ
ազգային
օրուան
խնդիրները
եւ
գործիչները
այդ
քրոնիկներուն
նիւթերը
հայթայթած
են։
Խնդիրները
վարդապետօրէն
չեն
ուսումնասիրուած,
այլ՝
թեթեւին
լրջութեամբը.
քիչ
մը
սկեպտիկ,
քիչ
մը
փիլիսոփայ,
քիչ
մը
բանաստեղծ
գրչով։
Ու
մարդիկը
կը
պատկերանան
արագասահ,
բայց
հաստատիպ
գծերու
ներքեւ։
Այդ
հատորը
իբր
իր
ժամանակին
լաւագոյն
գործերէն
մէկը
մնացած
է
եւ
պիտի
շարունակէ
մնալ։
Անոնց
մանաւանդ
հաճելի
պիտի
ըլլայ՝
որ
ատենին
խնդիրներուն
պատմութիւնները
կրնան
գիտնալ
եւ
ծածկանուններու
տակ
քողարկուած
դէմքերը
ճանչնալ։
Մամուրեան
1870
յունուարին՝
Իզմիր՝
«Արեւելեան
մամուլ»ը
հիմնեց։
Այսպէս
կ՚ունենայինք
քաջ
հայագէտ,
եւրոպական
լեզուներու
եւ
գրականութեանց
հմուտ,
գրելու
ձիրքերով
օժտուած
հայ
խմբագիր
մը։
Թերթը՝
իբր
ամսահանդէս՝
հանրային
միտքը
պիտի
առաջնորդէր,
ազդելով
անոնց
վրայ,
որ
քիչ
շատ
զարգացում
ստացած
էին։
Այդքան
ծանր
հանդէս
մը
ժողովրդական
խաւերուն
համար
չէր,
որ
հրապարակ
կ՚ելլէր։
Ծանօթ
գրողներ
«Արեւելեան
մամուլ»ին
աշխատակցիլ
սկսան։
Խմբագիրը
հոս
կը
հրատարակէր
«Սեւ
լերան
մարդը»,
ազգային
կեանքէ
վէպ
մը,
որ
իր
նորութեամբը
շատ
հաճելի
եղաւ։
Մամուրեան
շարունակեց
նաեւ
իր
Հայկական
նամականին,
Պոլսէն
թղթակցութեանց
ձեւով
ու
Շահնուր
ծածկանունով։
Ասոնք
ալ
կայծակնացայտ
քրոնիկներ
էին,
որ
մեծ
հաճոյքով
կը
լափուէին,
բայց
ոճի,
ձեւի,
գաղափարներու
միօրինակութեամբը
ա՛լ
հետզհետէ
ձանձրալի
դարձան։
Մամուրեան
թէ
խմբագրական
յօդուածներուն
եւ
թէ
իր
քրոնիկներուն
մէջ
կը
քննէր,
կը
նկարագրէր,
կը
դատէր
գլխաւորապէս
Պոլսոյ
գործերն
ու
մարդերը,
առանց
ինքը
Պոլիս
գտնուելու,
այլ՝
կողմնակի
տեղեկութիւններով։
Ինք
Պոլսէն
մեկնելէն
յետոյ
հոն
երեւան
եկած
էին,
ու
միշտ
երեւան
կուգային,
նորանոր
դէմքեր
զորս
կը
նկարէր
չտեսնելով։
Այս
անպատեհութիւնը
շատ
կը
տկարացնէր
քրոնիկներուն
արժէքը։
Եւ
ամսաթերթը
արդէն
երկար
չկրցաւ
պահել
իր
գրաւած
դիրքը։
Երեւումէն
քանի
մի
տարի
ետքը
սկսաւ
իյնալ
ու
դադրիլ,
մինչեւ
որ
1870—80
թուականին
Պոլսէն
երիտասարդներ
ձեռք
կարկառելով՝
զայն
փոքր
ինչ
վերականգնեցին։
Սակայն
ա՛լ
կաղն
ի
կաղը
ընթացաւ,
չունենալով
ո՛եւէ
որոշ
ուղղութիւն
մը,
զրկուած
մնալով
աշխատակիցներէ։
Հանրային
մտքին
վրայ
ազդեցութիւն
մը
չունէր։
«Արեւելեան
մամուլ»ը
գրեթէ
օրաթերթ
մը
եղաւ,
որ
ամիսը
անգամ
մը
կը
հրատարակուէր։
Մամուրեան
երեք
տարի
առաջ
մեռնելով,
իր
որդին
այժմ
հօրը
հանդէսը
լաւագոյն
խմբագրութեամբ
իբր
շաբաթաթերթ
կը
շարունակէ
Իզմիրի
մէջ,
որ
հայոց
անդրանիկ
թերթը
ունեցաւ՝
«Արշալոյս
Արարատեան»ը,
որուն
յաջորդեցին
«Արփի
Արարատեան»,
«Ծաղիկ»,
«Մետէօր»,
ամէնքն
ալ
ջնջուած։
Այս
առթիւ
յիշատակենք,
որ
Մամուրեան
ինչքան
խմբագիր
ու
հրապարակագիր
է,
այնքան
եւ
աւելին
ալ
հեղինակ
ու
թարգմանիչ
է։
«Հայկական
նամականի»էն
ու
«Սեւ
լերան
մարդ»էն
զատ,
ունի
«Անգլիական
նամականի»ն,
որ
հարեւանցիկ
իմաստասիրութիւն
մըն
է
հայոց
պատմութեան,
անգլիացի
պատմաբաններէ
ոմանց
վարդապետութիւններուն
հետեւողութեամբ։
Բազում
թարգմանութիւններով
շատ
օգնած
է
աշխարհաբարին
բարգաւաճմանը։
Մեր
նոր
գրական
լեզուին
գլխաւոր
վարդապետներէն
մէկն
է։
Գրիգոր
Չիլինկիրեան,
որ
Իզմիրի
դպրոցին
գլխաւոր
մէկ
ներկայացուցիչն
է
իբր
խմբագիր,
հեղինակ
եւ
թարգմանիչ,
մեր
արդի
գրական
շարժումին
մէջ
առաջնակարգ
տեղ
մը
գրաւելու
իրաւունքը
կը
վայելէ։
Իր
գրչէն
ելած
բոլոր
յօդուածները
ֆրանսական
դրոշմ
կը
կրեն.
զանոնք
լաւ
հասկնալու
համար
պէտք
է
ֆրանսական
լեզուին,
գրականութեանն
ու
պատմութեանը
բաւական
ընտելացած
ըլլալ։
Իզմիր
հիմնած
«Ծաղիկ»
հանդէսովը
առաջդիմական
գրագէտի
մը
յիշատակ
թողած
է։
Շատ
վէպեր
թարգմանած
է,
նախապատուութիւն
տալով
այն
գրքերուն,
որոնք
ժողովուրդը
նուազ
կը
զբօսցնեն,
բայց
աւելի
կը
հրահանգեն։
Հիւկօի
«Թշուառներ»ուն
հայացումը,
թարգմանական
ինչ
թերութիւններ
ալ
որ
ունենայ,
բայց
եւ
այնպէս
զայն
կրնանք
հրաշագործութիւն
մը
նկատել։
Եւրոպական
լեզուներէ
ի
հայ
փոխուած
գիրք
մը
չկայ,
որ
այդ
գաղափարական
վիպասանութեան
չափ
հզօրապէս
բարերար
ազդեցութիւն
ունեցած
ըլլայ
Թուրքիոյ
հայոց
մտքին
ու
հոգիին
վրայ։
Խմբագիրներն
ու
հրապարակագիրները
այն
թերթերուն,
որոնք
1842էն
յետոյ
հրատարակուեցան,
յոգնահոյլ
են։
Այստեղ
բաւական
կը
համարինք
յիշատակել
մասնաւոր
յատկութիւններ
ունեցող
քանի
մը
տաղանդներ։
Ամենուն
պատմութիւնը
օրագրական
ընդհանուր
պատմութեան
մէջ
է։
Հայ
մամուլը՝
իր
ամբողջութեանը
մէջ
առնելով՝
ժողովրդին
յառաջդիմութեանը
շատ
նպաստեց,
ու
մասնաւորապէս
ազգայնութեան
ոգին
պահպանելու
նուիրուեցաւ,
Թուրքիոյ
հայահալած
քաղաքականութեան
դէմ
իր
խուլ
մարտնչումովը։
Այն
ատենը
իսկ,
կամ
մանաւանդ
այն
ատենը,
երբ
մամուլը
ազատութիւն
կը
վայելէր,
հայ
խմբագիրները
կ՚աքսորուէին,
կը
բանտարկուէին,
նոյն
իսկ
Պոլիս
փաշաներու
ձեռքէն
ծեծ
կ՚ուտէին,
ինչպէս՝
«Հայրենիք»ի,
«Արարատ»ի,
«Մէճմուէ»ի
հրատարակիչները։
Հայ
թերթը
յաճախ
դադարման
կը
դատապարտուէր,
ու
քանիներ
ջնջուեցան,
անհետացան
պարզապէս
այն
պատճառաւ,
որ
Հայաստանի
թշուառ
վիճակին
հոգածու
կ՚երեւնային
ու
ազգային
իրաւունքները
կը
պաշտպանէին։
Հայ
օրագրութիւնը
բազմաչարչար
մարտիրոսութեան
մը
պատմութիւնը
ունի,
արիւնոտ
էջերով
լեփ
լեցուն։
Պէտք
է
1896
թուականէն
ասդին
անցնիլ
գտնելու
համար
Պոլիս
հայ
մամուլ
մը,
որ
հանգստութիւն
ու
ապահովութիւն,
վայելէ,
հրաժարելով
սակայն
գաղափարական
ո՛եւէ
ձգտումէ։
***
Իսկական
մատենագրութիւնը
օրագրութեան
պէս
արագօրէն
չհիմնուեցաւ։
«Իսկական
մատենագրութեան»
մէջ
կը
հասկնանք
ոչ
միայն
վիպասանութիւն,
թատերգութիւն,
բանաստեղծութիւն,
այլ
նաեւ
պատմութիւնն
ալ,
իմաստասիրութիւնն
ալ
իրենց
զանազան
ճիւղերովը։
Պոլիս
ժողովրդական
օրագրող
մը
հանդիսանալու
համար
սկզբները,
ու
ետքն
ալ,
բաւեց
ու
մինչեւ
այսօր
իսկ
դեռ
կը
բաւէ,
փոքր
ինչ
երկրորդական
ուսում
ստացած
ըլլալ,
նոյնիսկ
նախնական
կրթութիւն
մըն
ալ
կ՚օգտէ,
ձեռք
կու
տայ,
որ
գրողը
վիճելու
եւ
ծուռ
ու
շիտակ
տրամաբանելու
տեսակ
մը
կարողութիւն
ունենայ։
Օգսէն
Խօճասարեան
մը,
որ
քանի
մը
թերթ
հրատարակեց՝
«Օրագիր»,
«Նորագիր»,
«Նոր
Դար»,
եւ՝
Կարապետ
Փանոսեան,
որ
քառասուն
տարիէն
աւելի
հայատառ
թրքաբանութեամբ
օրագրեց,
երկուքն
ալ
մեծ
հրապարակագիրներ
համարուեցան,
հազիւ
թէ
շատ
չափաւոր
ուսում
մը
ստացած
ըլլալով։
Բայց
ազգային
շահերը
յաճախ
թուրք
իշխանութեան
դէմ
հզօրապէս
պաշտպանեցին,
վտանգներու
եւ
զոհողութիւններու
յանձնառութեամբ։
Առաջ
ժողովուրդը
գրեթէ
իր
ամբողջութեամբը,
եւ
հիմակ
ալ
ստուար
մեծամասնութեամբ,
գրական
զարգացում
ստացած
չըլլալուն՝
ո՛չ
շատ
փափկամիտ
է,
ո՛չ
ալ
շատ
դժուարահաճ
արուեստասէր։
Միւս
կողմէն,
օրուան
հրատապ
խնդիրները
իրենք
իրենց
մէջ
բաւական
շահեկանութիւն
ունէին
հանրութիւնը
հետաքրքիր
պահելու։
Հիմակ
թէեւ
մեռելատիպ
հանդարտութիւնը
ազգային
կեանքը
կը
պատանէ,
բայց
ժողովուրդը,
որ
ընթերցասէր
եղած
է
ու
նոր
գիրք
չի
գտներ,
կը
կարդայ
ինչ
որ
կը
գտնէ,
անոնք
գիտական
թէ
անգրական
ոճով
իրեն
հրամցուին։
Բայց
ինքզինքը
գոնէ
ամբողջովին
օրուան
խնդիրներուն
չնուիրող
գրագէտը
կ՚ուզէ
հրատարակել
այնպիսի
երկասիրութիւններ,
որոնց
ստեղծմանը
համար
ոչ
միայն
երկարատեւ
աշխատութեանց
կարօտ
է,
այլ
նաեւ
պէտք
է
բարձրագոյն
կրթութեամբ
նախապատրաստուած
միտք
մըն
ալ
ունենայ։
Պէշիկթաշլեան
որպէս
զի
պզտիկ
բանաստեղծութիւն
մը՝
Հիւկօին
«Ուրուականները»՝
զարմանահրաշ
գեղեցկութեամբ
հայացնէր,
հարկ
էր,
որ
հայ
լեզուն
արդէն
երկարամեայ
աշխատութիւններով
խորապէս
եւ
հիմնովին
սորված
ըլլար։
Մխիթարեանց
դպրոցներուն
կամ
ուրիշ
ուսումնարաններու
մէջ,
կամ
թէ
ինքնաշխատութեամբ
զարգացած
երիտասարդներ
չէին
կրնար
մէկ
օրէն
միւսը
գրական
գործեր
արտադրել։
Բայց
հետզհետէ
ունեցանք
մեծ
արժանիքներով
օժտուած
թարգմանիչներ
ու
հեղինակներ,
որոնցմէ
ոմանք
մինչեւ
իսկ
հոյակապ
կրնան
համարուիլ։
Արեւմտեան
հայոց
նոր
գրականութեան
հիմնադիրներն
են՝
Պէշիկթաշլեան,
Օտեան,
Ռուսինեան,
Դուրեան,
Շիշմանեան,
Թերզեան,
Գարագաշեան,
Նար—Պէյ,
Հիսարլեան,
Աճէմեան,
Աղաբէգեան,
Ստեփան
Ոսկան,
Յակոբ
Ոսկան,
Զօրայեան,
Մամուրեան,
Չիլինկիրեան
եւ
դեռ
ուրիշներ։
Ասոնցմէ
ոմանց
անունները
հանրածանօթ
են,
եւ
միասին
ալ
իրենց
գրուածները,
ուրիշներ
նեղ
շրջանի
մը
մէջ
ճանչցուած
կը
մնան։
Կան
ալ,
որ
բազմահռչակ
համբաւ
կը
վայելեն,
բայց
իրենց
գործերը
հիմակ
հանրութեան
անծանօթ
են,
որոհետեւ
անոնք
օրագիրներու
մէջ
ցիրուցան
մոլորուած
են,
այսպէս՝
Գրիգոր
Օտեան։
Եթէ
նախորդ
քսանէն
երեսուն
տարուան
շրջանի
մը
գրական
գործերը
այսօր
մեծ
մասամբ
անմատչելի
կամ
անծանօթ
կը
մնան,
բայց
անոնք
օրը
օրին
իրենց
ազդեցութիւնը
ունեցած
են
պատրաստելու
համար
ապագայ
մը,
որ
1880էն
մինչեւ
մեր
օրերը
կը
յանգի։
Լեզուական
ու
գաղափարական
շատ
մը
դժուարութիւններ
հարթած
վերջացուցած
են,
ու
իրենց
յաջորդներուն
ժառանգութիւն
թողած
են
հոգւով
ու
տարազով
ըստ
բաւականին
եւրոպականացեալ
թարմ
գրականութիւն
մը։
Ռուս
եւ
թուրք
պատերազմէն
յետոյ
թէեւ
նոր
կեանք
մը
կ՚այգորենք,
բայց
տարակոյս
չկայ
թէ
ո՛չ
մէկ
օրէն
միւսը
նոր
մարդերու
երեւումը
հնարաւոր
էր,
ո՛չ
ալ
հողէն
նոր
գրականութեան
մը
յանկարծուստ
ժայթքումը։
Նախորդ
սերունդէն
մնացած
ժառանգութիւնն
էր,
որ
բարեշրջական
բարգաւաճմամբ
պիտի
ստեղծէր
նորագոյն
գրականութիւնը,
ձեռամբ
նոր
հասնող
երիտասարդութեան։
Պատկերացնելու
համար
այդ
նոր
թուականը,
որ
1880էն
յետոյ
կը
բացուի,
պէտք
է
փնտռենք
միջին
կէտ
մը,
որմէն
երբեմն
քանի
մը
տարի
ետ
ետ
երթալով,
երբեմն
ալ
քանի
մը
տարի
յառաջանալով,
հետզհետէ
իրարու
շաղկապենք
անցեալն
ու
ներկայ
մը,
որ
մինչեւ
մեր
օրերը
պիտի
հասնի։
Այդ
կէտը
«Արեւելք»ի
հիմնադրութեան
տարուանը
մէջ
կը
գտնենք,
1884ին։