Արեւմտեան հայոց արդի գրականութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա. Գիրք ու թերթ։ Գրաքննութեան դերը։ Գաղթային գրականութեան տկարութիւններն ու առաւելութիւնները։
       Երբ «արեւմտեան հայոց նորագոյն գրականութիւն» կ՚ըսենք, պէտք չէ, որ ընթերցողներուն մտքին առջեւ անմիջապէս «գիրքը» գայ ներկայանայ։ Քառորդ դարու մը ժամանակամիջոցին, գիրքը Պոլսոյ մտաւորական հրապարակէն հետզհետէ նահանջելով, հիմակ գրեթէ աներեւութացեալ մըն է։ Գրողները իրենց ապաստարանը օրաթերթին եւ պարբերականին մէջ փնտռեցին։ Ասոնք ալ թէեւ բազմակաշկանդ պրկեալներ են, բայց աճպարար հնարամտութեամբ կը յաջորդին շարժման քիչ թէ շատ դիւրութիւններ ձեռք բերել, վասն զի թուրք կառավարութեան պաշտօնեաները կարող չեն չափազանցօրէն ուշադիր ըլլալ հրատարակութեանց, որոնք որոշեալ օրեր եւ ժամեր պէտք է, որ կանոնաւորապէս երեւին։ Սակայն գիրքը ամբաստանեալ մըն է, զոր հարցաքննիչ դատաւորը կրնայ ինչքան ատեն ուզէ վար դնել ու երկար բարակ պրպտել։
       Մինչեւ 1880 թուականը ո՛չ հատորին, ո՛չ օրագրին համար կանխարգել գրաքննութիւն օրէնսդրուած էր։ Մերթ ընդ մերթ հեղինակ մը կամ տպագրիչ մը ձերբակալուելով կը բանտարկուէր, բացորոշ օրէնքի մը դէմ առանց մեղանչած ըլլալու։ Մարդը զնտանին մէջ կրնար մեռնիլ ալ, ինչպէս Եղիա Տնտեսեան երաժիշտ—տպագրիչը, որ Պոլիս բանտը եղերական մահուամբ վախճանեցաւ, վասն զի հրատարակած էր հաւաքածոյ մը երգերու, որոնք՝ արդէն հարիւրներով, հազարներով թռուցիկ տպագրեալ՝ ամէն հայու բերան կը պտըտէին։ Բայց ընդհանրապէս, քիչ մը խոհեմութեամբ, քիչ մըն ալ բաղդին օգնութեամբը, հնարաւորութիւն կար շատ հանդգնամիտ գրքեր անվտանգ հրապարակ հանել։ Պէշիկթաշլեանին համբաւաւոր «Դու զո՞վ խնդրես, մայր իմ անուշին», «Թրքաց մայրեր թող լան» վրիժագոչ աղաղակը՝ «Խուժից մայրերու» այլափոխեալ, եւ՝ «Ու դուն ուրախ լուրեր տար ի Զէյթունը»՝ «Ի մեր տունի», ահա հրացայտ բանաստեղծութիւնները եւ անոնց հետ՝ հայ պատմական ողբերգութիւնները կրնային Պոլիս տպագրուիլ։
       Իսկ ամբողջ մամուլն ալ, առանց այլեւայլ ցեղերու եւ կրօնքներու խտրանքի՝ թէեւ ընդարձակ ազատութիւն կը վայելէր, բայց ծանր վտանգներու սպառնալիքին ներքեւ ալ միշտ կը դողդղար, վասն զի իր ապահովութիւնը երաշխաւորող տպագրական օրէնքը «առժամաբար» դադարումի ենթարկուած էր 1866ին, կրետական ապստամբութեան առթիւ։ Այդ «առժամաբարը» տեւեց մինչեւ 1880, երբ կանխարգել գրաքննութեան հաստատմամբ, վարչական քմահաճոյքը բացարձակօրէն բռնապետել սկսաւ, գրաքննութեան համար ո՛ եւ է որոշ կարգ կանոն մը սահմանուած չըլլալով։
       Բայց— եւ ահա ինչ որ անհաւատալի պիտի թուի անոնց, որ թուրքերը չեն ճանչնար հանապազօրեայ հայ մամուլին վրայ անմիջապէս կանխարգել գրաքննութիւն չծանրացաւ։ Թուրք իշխանութեան աչքին հայը դեռ քաղաքական մեծկակ կարեւորութիւն ստացած չըլլալուն, անոր թերթն ալ տարապայման աչալուրջ հսկողութեան տակ պահելու հարկ չէր տեսնուած։ Գրողներն ալ, բնականաբար, պիտի ուզէին անկախօրէն հրատարակուող թերթին դիմել քան թէ հատորին, որ կը գրաքննուէր։ Սակայն 1888ին հայ մամուլին վրայ ալ գրաքննութիւն հաստատուեցաւ։ Փոթորկի առաջին նշանները երեւան եկած էին։
       Օրաթերթերը իր անկախութիւնը թէեւ կորսնցուց, բայց եւ այնպէս կը վայելէր առանձնաշնորհումներ, որոնցմէ գիրքը զրկուած կը մնար։ Տպագրական տեսչութիւնը օրագրութեան թոյլատրեց մեր նոր եւ հին կեանքերուն ուսումնասիրութիւնը եւ քննադատութիւնը, միանգամայն Հայաստանի անուան յիշատակութիւնն ալ։ Դեռ 1890ի առաջին կիսուն կարելի կ՚ըլլար Ալիշանին ու Արծրունիին յոբելեանները լրագրութեան մէջ տօնել եւ «Մշակին» խմբագրին կենսագրութիւնը ընդարձակօրէն հրատարակել։ Յետ ժամանակի՝ օրագիրը թէեւ աւելի եւ աւելի պրկուեցաւ, բայց գրքէն նուազ կաշկանդեալ մնալով, գրողները բոլորովին հոն ապաստանեցան։
       Գրողները թէեւ կը փափաքէին օրագրին մէջ գրաքննեալ ու վաւերացեալ յօդուածները եւ վէպերը առանձին հատորով ալ հրապարակ հանել, բայց ամենամեծ դժուարութեան մը կը զարնուէին։ Պէտք էր երկրորդ գրաքննութեան մըն ալ դիմել, վասն զի գիրքն ու թերթը միեւնոյն պաշտօնատան հսկողութեանը յանձնուած չէին։ Թերթը ներքին գործերու նախարարին իրաւասութեանը կը պատկանէր, իսկ գրքին խառնուողը կրթական նախարարութիւնն էր։ Երկու պաշտօնատունները իրարմէ տարբեր հայեացքներով կը դատեն իրենց հաւանութեանը յանձնուած գրութիւնները։ Օրագրէն մաքսանենգութեամբ ինչ որ անցընել կարելի եղած է, զայն կրթական պաշտօնատան սահմանագլխէն ալ փախցնելու հնարաւորութիւնը գիրքը չգոյութեան դատապարտուած է։ Եւ ահա արեւմտեան ժամանակակից գրականութիւնը գրեթէ ամբողջովին ցիրուցան տարտղնեալ կը հանգչի մամուլին հազարաւոր, բիւրաւոր էջերուն մէջ, ուր շատ քիչերը զանոնք փնտռելու կ՚ելլեն։
       ***
       Շատ ճշգրիտ բացատրութեամբ չէ, որ Թուրքիայ հրատարակուած գրքերու եւ թերթերու ամբողջութիւնը «Արեւմտեան հայոց գրականութիւն» կ՚անուանենք ընդհանուր առմամբ։ Հայաստանէն գրողները մեր ժամանակակից գրական կեանքին շատ չափաւորապէս մասնակցեցան։ Հայկական նոր գրականութիւնը երկու գաղթավայրի մէջ ծնաւ ու կը բարգաւաճի՝ Պոլիս եւ Իզմիր, զորս օտարահող լայնածաւալ անջրպետ մը մեր բնավայրէն կը բաժնէ։
       Թրքահպատակ Հայաստանին մտաւորական կեանքը Կ. Պոլսոյ հայոց գերիշխան ազդեցութեանը ենթարկուեցաւ, վասնզի հայոց կեդրոնավայրը կը հանդիսանար իր ընծայած բազմադիմի առաւելութիւններուն շնորհիւ. միւս կողմէն ալ Դուռը տպարանի հաստատման եւ մամուլի արտօնութիւնը Հայաստանին կը զլանար, որով մեր գրականութիւնն ալ կը պարտաւորուէր հայրենի հողէն դուրս տարագրեալ ապրիլ ու մեծնալ։ Այս տարագրութեամբ, գրականութիւնը ինքնազարգացումի բնական ճամբէն մոլորեցաւ։ Այդ մոլորման գլխաւոր հետեւանքները լեզուական, գեղեցկագիտական եւ ընկերաբանական տկարութիւններ եղան։
       Հայրենիքի ու գաղթավայրի բարբառներուն միջեւ բաղդատութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ Հայաստանի լեզուն թէեւ անմշակ կը մնայ, բայց բարեշրջումի օրէնքներուն համաձայն կերպարանափոխուելով, ազգային ոգին աւելի ամրապինդ կը պահէ։ Բաղեշցիին, մշեցիին, վանեցիին խօսուածքն իսկ գրաբարին քերականութեան, շարադասութեան ոճը կը յիշեցնէ, նոյնձեւ կամ աղաւաղեալ, այսինքն՝ բարեշրջումի ճամբուն մէջ։ Իսկ գաղթական հայերը կը գրեն թրքաբանութեան հետեւողութեամբ, իրենց խօսած լեզուն ալ թրքականին բառացի թարգմանութիւնը ըլլալով։ Այսպէս, երկրին ու գաղթավայրին նորածին աշխարհաբարները իրարմէ կ՚անջատուին։ Եւ որովհետեւ գաղթավայրն է, որ տպարանի արտօնութիւնը կը վայելէ, ուստի եւ անոր լեզուն ալ հայրենի բարբառին վրայ կը յաղթանակէ։
       Անխնամ, երեսի վրայ թողուած լքեա՜լ մը այդ հայրենի բարբառը, բարգաւաճման որեւէ հոգածութենէ զրկուած. իսկ գաղթածինը կ՚աճի, կը զարգանայ գուրգուրական խնամատարութեամբ։ Սակայն, լեզուաբանութեան ընդհանուր օրէնքները ուսումնասիրող հայը կ՚անդրադառնայ, թէ Հայաստանի աշխարհաբարին մշակումը մեզի պիտի տար գրական լեզու մը աւելի կորովալիր, աւելի ճկուն նուազ միտք յոգնեցնող ու պերճ մատենագրութեան մը ստեղծումին աւելի յանկագոյն։
       Գաղթածին աշխարհաբարնիս՝ Հայաստանի լեզուին տգիտութեամբը, անկարող եղած է շահագործել բազմահարուստ մթերքն այն բառերու եւ բացատրութեանց, զորս կեանքի պէտքերը դարերու ընթացքին մէջ ստեղծած են մեր երկիրը։ Գրողները այդ բառերը մեծ մասամբ չեն գիտեր. ու գիտնային իսկ, անոնց կիրառումը անպէտ պիտի ըլլար, պոլսեցին զանոնք չհասկնալուն։ Հայկական նահանգներէն վոսփորեան թերթերուն գրողները կը պարտաւորուին ծանօթագրել իմաստներն այնպիսի բառերու, որոնք հայրենիքի ամէն գաւառները դիւրահասկնալի են ամենօրուան գործածութեամբ։ Ու նաեւ, Հայաստանի հայուն բերանը դեռ մինչեւ հիմա ընթացիկ շատ մը բառեր գաղթային գրականութեան մէջ անգործածելի կը մնան իբր զուտ գրաբարապատկաններ։ Եւ պոլսեցի, իզմիրցի գրագէտներ, նոյն իսկ բառգիրք յօրինողներ, յաճախ կը կերտեն բառեր, որոնց աւելի ճիշդ եւ աւելի գեղեցիկ համիմաստները հայրենական հողին վրայ կ՚ապրին։
       Կ. Պոլսոյ եւ Իզմիրի հեղինակութեանց էն մեծ պակասութիւններէն մէկն է՝ ազգային կեանքէն «պատկերին» ընդհանրապէս բացակայութիւնը կամ տկարութիւնը։ Պատկերը միջակ վիպասանութեան, բանաստեղծութեան հմայիչ հրապոյրը չէ, այլ եւ փիլիսոփայական խրթնիմաստ համարուող գրութիւններուն իսկ լոյսը, ինչպէս օրինակ՝ Շոբընհաուէր կամ Նիչէ վերծանողները գիտեն։ Բայց որպէս զի պատկեր մը ընթերցողին մտքին մէջ կայծակէ, անոր երեւակայութիւնը ցնցէ, սիրտը յուզէ, հարկ է, որ զանիկա անսպասելի, բայց հստակափայլ նորութեամբ մը շլացնէ եւ սրտին մէջ յիշատակներ արթնցնէ մէկէն ի մէկ։ Թուրքիոյ հայոց նման ժողովուրդ մը, որ գրական պատմական, ուսումնական դեռ շատ նախնական կրթութիւն ստացած է, չի կրնար համ առնել, ազդուիլ պատկերներէ, որոնք հեռաւոր երկիրներէ կու գան, կամ մեզ գիտութեան անծանօթ աշխարհներ կը նետեն։ Երբ թերթի մը ազգային ուղղութիւնը պարզելու համար Բաշալեան խմբագրական յօդուած մը կը վերջացնէ, ըսելով— «Մեր երկրին մէջ, Բութկի Սուրբ Գէորգ ուխտատեղի մը ունինք Մոկաց լեռներուն վրայ։ Ժողովրդական աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ վանքին աքլորները կը ձայնեն ճամփորդներուն, թէ կարելի՞ է կամ ոչ՝ անվտանգ անցնիլ ձիւնին մէջէն։ Այդ ձայնին ամէն ժամանակէ աւելի հիմակ պէտք ունինք»— տարակոյս չկայ, թէ ընթերցող հայը՝ շատ կամ քիչ զարգացած ըլլայ՝ աւելի ազդու եւ աւելի հաճելի տպաւորութեան ներքեւ կը թողու, քան թէ դիմում ըրած ըլլար Սուրբ Պեռնարտոսի լեռներուն կամ Ուէսմինսթրի Աբբայարանին։ Ծառ ու ծաղիկ, կենդանի, բնութեան տեսարաններ, յիշատակ, աւանդութիւն, ո՛ր մէկը թուել, բազմաթիւ դարերէ ի վեր մեր երկրին մէջ ամբարած են պատկերներու գաղափարներ, որոնք մեր մատենագրութեան մշտանորոգ գեղազարդումին երկար ատեն պիտի բաւէին։ Բայց այդ ահագնակոյտ հարստութիւնը որպէս զի հեղինակին օգտակարապէս սատարէ, պէտք է որ գրագէտն ալ հայրենի կեանքին վաղուց ընտելացեալ մը եղած ըլլայ. ու ան ատենն է, որ գրիչը ձեռքն առած պահուն՝ ազգային կեանքէ պատկերն ալ յիշողութեանը բջիջներէն դուրս կը ցատկէ, սրտին ալքերէն վեր կը սուրայ։ Պոլսեցի, իզմիրցի գրողը իր «կապոյտ երկինքն ու ծովը» գիտէ, «բուրումնաւէտ վարդը, քաղցրախօսիկ սոխակը, մեղմաշունչ զեփիւռը», հայրենի աւանդութիւններէն իրեն հասած ժառանգութեան բաժինը կտոր բրդուճ լսածներն են միայն. ուստի եւ իրեն համար ալ հազուադէպ բարեբախտութիւն մըն է, եթէ հայրենաւանդ ուժեղ կամ գրգանուշ պատկերի նորութեամբ յաջողի ընթերցողը հմայել։ Արեւմտեան գրագէտներէն ոմանք՝ անոնք որ ինքզինքնին կը յարգեն՝ երբ կը տեսնեն թէ պատկեր մը ներկայացնելու համար պարտաւոր են օտարէն փոխառութեան դիմել, եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, որ ընթերցողներուն դիւրըմբռնելի պիտի չըլլան, ան ատեն լաւագոյն կը համարին իրենց գաղափարները չոր ու ցամաք յայտնել, օրինագրքի մը յօդուածներուն պէս, քան թէ անհասկնալի ըլլալ, կամ հասարակ տեղիքներու դիմել։ Բայց չեն պակսիր «մատենագիրներ», որոնց ձեռքերը տակաւին առաջ կ՚երթան գրելու «ամպոց շփումէն, լո՜յս կը ծագի», կամ «ո՜հ, իմ վարժարանս, մեղուա՜ց փեթակ»։ Բարեբախտաբար հայրենագիտական, ազգագրական նորանոր հրատարակութիւնները Արեւմտեան գրագէտներուն դիւրութիւն պիտի ընծայեն գրքէն ըստ բաւականին իմանալ եւ սորվիլ, ինչ որ աչքով չեն տեսած, ականջով չեն լսած։
       Գաղթական հեղինակները՝ շնորհիւ օժանդակութեան, դիւրութիւն ունին իրենց գրածներուն մէջ զուտ հայկական համ հոտ ալ դնել, բայց չեն կրնար ազգին սիրտը իր հայրենիքը փոխադրել, հո՛ն բաբախել տալ անոր։ Պատմութիւնը սրբազնացուցած չէ հողը, ուր գրագէտները իրենց բանաստեղծական ստեղծագործութիւնները ի հանդէս կը բերեն, որուն վրայ կ՚ուսումնասիրեն ապրուած իրական կեանք մը։ Պոլիսը, Իզմիրը մերինը եղած չեն ու պիտի չըլլան։ Բաշալեան մը, Զոհրապ մը, Կամսարական մը, Միր—Երօ մը, Օտեան մը հայ սրտերը ա՛յլապէս պիտի գորովէին ու խռովէին, հայ մտքերը ա՛յլապէս պիտի յուզէին եւ ուղղէին, եթէ անոնց հնարաւոր եղած ըլլար Մուշ, Վան, Երիզա փոխադրել իրենց արուեստն ու ընկերաբանական իմաստասիրութիւնը։
       Ահա այն տկարութիւնները, որոնք անխուսափելի չարիքներ են, երբ գրականութիւն մը կը պարտաւորուի սնանիլ եւ ապրիլ հողի մը վրայ, ուր ցեղը ո՛չ ապրած է, եւ ո՛չ ալ կ՚ապրի պատմութեան ստեղծած բարոյական եւ տնտեսական կեանքովը։ Բայց Պոլիսն ու Իզմիրը մեզի ընձեռեցին օգուտներ, զոր պէտք է յիշատակել։ Եւ արդէն, առանց այդ յիշատակութեան, անկարելի է Արեւմտեան ժամանակակից մտաւորականութիւնն ու գրականութիւնը հասկնալ եւ բացատրել։
       ***
       Եւրոպայի սահմանակից քաղաքներու մէջ մամուլի հաստատութիւնը, Եւրոպայի մտքին հետ մօտէն հաղորդակցումի դիւրութիւնները մեր ասիացի միտքն ու դիրքը եւրոպականացման ճանբուն մէջ դրին։
       Պոլսոյ եւ Իզմիրի հայերը սորվելով Ֆրանսայի լեզուն եւ ընտելանալով անոր գրականութեանը, ֆրանսական ոճն ալ Արեւմտեան նոր հեղինակներուն նմանողութեան օրինակ մը պիտի ներկայանար բնականաբար։ Այդ հետեւողութիւնը մեր մտաւորականութեան վրայ ունեցաւ ազդեցութիւն մը գերազանցօրէն բարերար ու սքանչելապէս փրկագործ։ Մեր գրութեանց մէջ տիրապետող հռետորական ոճը սկսաւ կամաց կամաց տեղի տալ վճիտ, դիւրըմբռնելի ոճի մը առջեւ, որ գրողին համար ինչքան հրապուրիչ էր, ընթերցողին համար ալ նոյնքան ախորժելի։ Գրագէտները ֆրանսերէնն ու գրաբարը ներդաշնակելով, Պոլիս եւ Իզմիր խօսուած բարբառները բարեխառնեցին ու հիմը դրին աշխարհաբարի մը, որուն իբր բնորոշ յատկութիւնները կը փայլին՝ յստակութիւն, պարզութիւն։ Բայց շատ դժուարին էր, ու դժուարին կը մնայ, շուտափոյթ արագութեամբ թօթափել լուծն այն թրքաբանութեան, որ Պոլսոյ եւ ուրիշ քաղաքներու հայոց մտքին ու ականջին մինչեւ ստորմիքները թափանցած է։
       Եւրոպական գրքին անմիջական ազդեցութիւնը զգալի եղաւ հայոց այն դասակարգին վրայ, որուն ստացած կրթութիւնը շատ նախնական էր։ Այդ դասակարգը աստիճանաբար զարգանալով, հետզհետէ պիտի կազմէր ընթերցողներու այն ստուար կոյտը, որ իր նորարծարծ ընթերցասիրութեամբը պիտի կրնար բարգաւաճ մամուլի մը գոյութիւնը ապահովել ու մատենագրութեան զարգացումին օժանդակել։ Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնները, գլխաւորապէս՝ վէպերը, ժողովրդին միտքը սկսան մարզել, թեքել, ու անոր ճաշակը կամաց կամաց քիչ մը եւրոպականացնել։
       Հայացած գրքերը երկու դասի կը բաժնուին. մեծ մատենագրութեան պատկանեալները՝ ինչպէս Հիւկոյի, Սքոթի, Շէքսպիրի գործերը, եւ՝ «Ժողովրդական վէպ» կոչուածները, Տիւմայէն մինչեւ Պուակոպէ։ Այս թերթօն վիպագրութիւնները թէեւ գրական բարձր արժանիք մը չներկայացնեն, բայց եւ այնպէս ֆրանսական կնիքը անոնց զարնուած էր։ Պարզ, յստակ, մարդկօրէն գրուածներ, որոնցմէ համ առաւ՝ խրթնիմաստ ճոռոմաբանութիւն կամ արեւելեան մասալներ կարդալու դատապարտեալ ժողովուրդ մը։ Թուրքիոյ հայը այդ եւրոպական ոճին ընտելութեամբը, հռետորական լեզուէն այլեւս խրտչիլ սկսաւ, ու իր ազգային հեղինակներն ալ բնական, մարդկային, հասկնալի ըլլալու պարտաւորեց։ Գրողները՝ եւրոպական ազդեցութեամբ իրենք իսկ նոր—ոճ գրականութիւն մը ստեղծելու արդէն տրամադիր, սիրտ առին ու զօրութիւն զգացին, ժողովուրդը զիրենք ըմբռնելու ըստ բաւականին պատրաստուած գտնելով։
       Մեծ մատենագրութեան թարգմանութիւնն ալ թերթօն—վիպագրականին զուգընթաց յառաջացաւ։ Հիւկոյէն մինչեւ Տանթէ ունեցանք։ Իմաստասիրական, գիտական, պատմական մեծ հեղինակութիւններէ թարգմանութիւններ հատուկտոր եղան։ Ժողովրդին զարգացման աստիճանը, կրօնական եւ քաղաքական նկատումներն ու արգելքները աւելի ընդարձակօրէն հայացումներ չթոյլատրեցին։
       Գաղթածին աշխարհաբարին արագօրէն զարգացմանը շատ օգնեց օրագրութիւնը։ Բազմադիմի ու այլազան նիւթերու վրայ օրը օրին գրելու հարկէն, խմբագիրները եւ յօդուածագիրները ստիպուեցան քաղաքական, տնտեսագիտական, խորհրդարանական, ուսումնական, գեղարուեստական եւ այլ ուրիշ գաղափարներ արտայայտող բառեր կերտել հետզհետէ։ Պոլսոյ հայը կէս դար ժամանակամիջոցի մը ահագնաքայլ յառաջ դիմեց աշխարհաբարին մէջ։ Դեռ 1852ին «Մասիս» երբ Վոսփորը յիշատակէր, «նեղուցին» քով փակագծի մէջ ալ «պօղազ իչի» դնելու պէտք կը զգար։ Եւ այժմ, Պոլիս-Իզմիրեան լեզուն, հանդերձ այն բոլոր անպատեհութիւններովը զորս յիշատակեցինք, աշխարհաբար մըն է նազուկ, շնորհազարդ, կորովի, ու՝ Եւրոպայի ուսումնական եւ գեղարուեստական գործերը ըստ բաւականին յաջողութեամբ հայացնելու ընդունակ։ Եւ, ապահովաբար, ասկէ ետքը աւելի ճեպընթաց առաջ պիտի խաղայ։
       Իզմիր ու Պոլիս Եւրոպայի հետ իրենց դրացնութեանը պատճառաւ ինչպէս անոր ոճէն ու լեզուէն, նոյնպէս եւ մտքէն ալ շուտով ու դիւրութեամբ օգտուելու առաւելութիւնը վայելեցին։ Այդ քաղաքներէն երիտասարդութիւն մը շարունակ Ֆրանսա, Իտալիա, Անգլիայ կ՚երթար ու հետը նոր գաղափարներու պաշար առած կը վերադառնար երկիրը, հոնկէ ամբողջ թրքահպատակ հայ աշխարհին վրայ ներգործելու։ Այլեւ այլ լեզուներով գիրք ու թերթ ազատօրէն կը մտնէին այդ երկու քաղաքները, ուր եւրոպական լեզու սորվողներուն թիւը հետզհետէ կ՚աւելնար։ Օսմանեան ոստանը ու ասիական վաճառաշահ մեծ քաղաքը։ Եւրոպայէն դէպի ամբողջ արեւմտեան հայութիւնը իբր գաղափարանցքներ ծառայեցին եւ կը ծառայեն։ Ու Եւրոպայէն մեզի հասած գաղափարներուն ազդեցութիւնը ինչպէս մեր ամբողջ կեանքին վրայ, նոյնպէս եւ մեր գրականութեան մէջ ակներեւ կը տեսնուի այլեւայլ երեւոյթներով։
       Արեւմտեան հայոց գրականութիւնը դիւրութեամբ ըմբռնել տալու համար այս քանի մը ընդհանուր նկատողութիւնները ներկայացնելէ յետոյ, կ՚անցնինք 1850—80 վերանորոգման թուականին գլխաւոր գծերը աչքի առջեւ դնելու։