Գրական յուշքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Նորագոյն գրականութեան շուրջը դեգերինք 1891ի երկրորդ կէսէն, այսինքն թուականի մը, երբ Հայրենիք ը կ՚երեւի եւ քիչ ետքը՝ Ասատուր—Զօհրապ Մասիսը։
       Մեր գրական բեղմնաւորութիւնը բռնադատ հանգստի պարտաւորուած էր 1890 հոկտեմբերէն մինչեւ 1891 յունիս։ Նորագոյն գրողներէն մէկը՝ Արշակ Չօպանեան՝ այդ «ամլութեան շրջանին» վրայ իր սկսնակի տպաւորութիւնը 1891 յունիսին արձանագրած է, ըսելով՝ «այն գրական ամլութեան յուսահատեցուցիչ շրջանին մէջ, յորում կ՚ապրինք, մինչդեռ ծանօթ գրագէտները մեծագոյն մասամբ հրապարակէն քաշուած են կամ երբեմն միայն հոն կ՚երեւին»։ Բայց ահա այդ ծանօթ գրագէտները խմբովին Հայրենիք կը փոխադրուին, իրենց գործը հոն շարունակելու համար, եւ ուր նորեկ գրողները պիտի գտնեն «գեղեցիկ շրջան մը». արդէն պատրաստուած։ Միեւնոյն Չօպանեանը, մին այդ նորեկներէն, ահա ինչպէս կը նկարագրէ, 1891 յունիսին, այն գրական շրջանը, ուր իրենք ալ մտնել կուգան։ «Եւ ահա կը ծագի այսօր իրապաշտ դպրոց մը, լեզուն հետզհետէ կը ճշդուի, գրականութիւնը կը ճոխանայ իսկատիպ գրուածներով. վէպեր, քրոնիկներ, նորավէպեր, ֆանթէզիներ կը սկսին երեւիլ. հայ գրականութեան ամենէն հասուն (հասունութիւն, որ վաղահաս է) եւ ամենէն գեղեցիկ շրջանին մէջ կը գտնուինք»։
       Այդ «հասուն շրջանի» գրագէտներէն ոմանց վրայ յաճախ խոսուած է, ինչպէս՝ Բաշալեան, Զօհրապ, Կամսարական. երեքն ալ գրեթէ միեւնոյն ժամանակները երեւցան, 1884—1885ին բոլորտիքը. ասոնք, իբր արուեստագէտ գրողներ, իրենց համբաւը գլխաւորապէս վիպագրութեան կը պարտին։ Համառօտ յիշատակութիւններ ընենք «նորերուն»—բնականաբար՝ այդ թուականին մէջ դեռ «նոր»։ Անոնցմէ ոմանք դեռ մինչեւ հիմակ ալ հինցած չեն համարուիր։
       ***
       ՍԻՊԻԼ, երբեմն օրիորդ Զապէլ Խանճեան եւ այժմ տիկին Հրանդ Ասատուր, արեւմտեան հայ գրագէտներուն շարքը առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ, իսկ իբրեւ «կին հեղինակ» առաջին եւ անմրցակից։ Իրական կեանքի բանաստեղծն է. առանց իրար խառնակելու իրականութիւն եւ բնապաշտութիւն։ Ընթերցողը ցնցողական ստեղծագործութիւններով չի յափշտակեր եւ ոչ ալ մտքէ չանցնելիք պատկերներով կը զմայլեցնէ, բայց իր թախծութեան ու ցաւերու երգերէն սրտահեշտ տրտմութիւն մը կը ցայտէ։ Մեր այն սակաւաթիւ տաղաչափներէն է, որոնք թուլիկ, տարտղնած չեն գրեր. ոտանաւորի օրէնքներուն քաջատեղեակ, զանոնք խղճմտօրէն կը յարգէ։ Վէպ մըն ալ գրած է 1890—91ին, «Աղջկան մը սիրտը», առանձին հատորով ալ հրատարակուած։ Հեղինակութի՛ւն մը, ուր դեռատի գրագիտուհիին կարողութիւնները շատ տեղ երեւան կու գան։ Այդ գրքին ընթերցումէն կարելի է գուշակել, թէ տիկին Սիպիլ պիտի կրնար տաղանդաւոր վիպագիր մը ըլլալ, եթէ իր ոյժերը մանր աշխատութեանց շուրջը չսպառէր։ Իբրեւ գաղափարի հեղինակ, տիկին Հրանդ Ասատուր միջնորդ մըն է պահպանողականութեան ու յառաջդիմութեան միջեւ. տնաշէն տանտիկին գրող մը եւ ոչ թէ պոռչտող տնաքանդ մը։
       ՏԻԿԻՆ ՄԱՐԻ ՍՎԱՃԵԱՆ 1896ին Պոլսէն Փարիզ փոխադրուելով, մեր արդի կեանքէն վիպակներ գրեց, նիւթ ընտրելով օրուան աղէխարշ դէպքերը։ Բայց նախ Պոլիս՝ Հայրենիքին մէջ երեւցաւ իր այն վէպը, որ կեանքի փորձառութեամբ հոծ՝ բազմաշառաչ աղմուկով դղրդեցուց մասնաւոր միջավայրեր, որոնց ընտանեկան բարքերը եւ ամուսնական տխուր կենցաղավարութիւնը կը լուսանկարէր կամ կը մթանկարէր։
       ԿԱԼԻԲՍՕ՝ տիկին Մարի Պէյլէրեան։ Հայ կինը տիկին Մարի Պէյլէրեանին նախաձեռնութեամբը իր առաջին «պաշտօնաթերթը» կ՚ունենար՝ Արտեմիս ը, Եգիպտոս։ Բայց երբ ֆրանսուհիներն իսկ չկրցին իրենց Լա Ֆրոնտը պահպանել, չզարմանանք, որ հայ կիներու թերթ մըն ալ առժամապէս երեւցած ըլլայ, վերստին հրատարակման յուսադրութեամբ։ Տիկին Պէյլէրեան իր գրական առաջին փորձերը Պոլիս ըրած է, կրակոտ թուականի մը, 1892—95, մասնակցութեամբ միանգամայն օրուան ծանր դէպքերուն։ Եգիպտոս փոխադրուելով, մինչեւ առանձին թերթ մը ունենալը, տեղական օրագիրներուն մէջ արձակ է ոտանաւոր գրեց, տաք մտքով եւ աւելի տաք սրտով։
       ԱՆԱՅԻՍ՝ տիկին Աւետիսեան, Արեւելքի մէջ սկսաւ գրել, մինչ տակաւին օրիորդ Չօպանեան էր։ Անկէ ի վեր պարբերաբար յօդուածներ կը հրատարակէ, ջանալով հետզհետէ աւելի նրբօրէն եւ վայելչազարդ աշխարհաբար մը գրել, Ֆրանսայի անկապաշտ գրականութեան հակած թեթեւ իմն։
       ՎԱՀՐԱՄ ՍՎԱՃԵԱՆ, տիկին Մարի Սվաճեանին զաւակը. երաժշտութեան սիրահար ու դաշնակահարութեան մէջ մեծ համբաւով արուեստագէտ, բայց նաեւ քաջ հայագէտ, հմուտ ըլլալով ֆրանսերէնի, իտալերէնի, գերմաներէնի։ Նախ իբր ոտանաւոր գրող յայտնուեցաւ, բայց վիպակներովն է, որ առաջնակարգ գրագէտ մը հանդիսացաւ Պոլիս, ուր Հայրենիքին մէջ փոքրիկ հրաշակերտներ թողած է ։
       ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ, տաղաչափութեամբ երգիծաբանը, չի վերլուծուիր. եզական երեւոյթ մը Պոլսոյ մամուլին մէջ, գիւտերուն նորութեամբը եւ յանկարծականովը, յանգերուն երեւակայութեամբ՝ ընթերցողը կը խելայեղէ։ Փանոսեան նաեւ քաջ ֆրանսագէտ մըն է. ֆրանսերէն լեզուով իր բանաստեղծութիւնները ամէն ատեն, որ հրապարակ կելլեն՝ շատ համակիր ընդունելութիւն կը գտնեն։ Փարիզ 1884ին Պառնասի բացած գրական մրցակցութեան մասնակցող հարիւրէն աւելի բանաստեղծներուն մէջ Փանոսեան առաջիններէն հանդիսացաւ՝ իր «Յուսահատութիւն» տրտմահոծ քերթուածովը։
       ԳԱՌՆԻԿ ՖԸՆՏԳԼԵԱՆ, Ասատուր—Զօհրապ Մասիսին զօրավիգներէն մին, կարեւոր դիրք մը գրաւեց գրական հայ խումբին մէջ, իր լեզուաբանական, ուսումնական եւ գրական հմտութիւններովը։ Վաճառական երիտասարդ մը, որ մեր հին պատմութիւնը եւ մատենագրութիւնը լաւ ուսումնասիրած է. գրաբար հայերէնի քաջատեղեակ, լաւ գիտէ նաեւ զանազան լեզուներ ալ։ Հիմակ Մանչէսթըր առեւտրական կարեւոր տան մը թէեւ վարիչ, բայց եւ այնպէս ժամանակ կը գտնէ գրականութեան համար։ Թարգմանեց համբաւաւոր Օմար Խայեամը, ու պարբերաբար հրապարակ կը հանէ այլեւայլ յօդուածներ, որոնք պատմական նիւթեր կ՚ուսումնասիրեն։
       ՀՐԱՆԴ ԱՍԱՏՈՒՐ շատ երախտիք ունի մեր նոր աշխարհաբարին վրայ, որ վերջին քսան տարուան ժամանակամիջոցին կամաց կամաց բարեշրջեցաւ ու իր յառաջխաղացութիւնը կը շարունակէ։ Հրանդ Ասատուր այն սակաւաթիւ գրողներէն է, որոնք կը տքնին— եւ կը յաջողին— ճշգրիտ քերականութեամբ աշխարհաբար գրելու։ Արեւելք ին, Հայրենիք ին աշխատակից, ինչպէս եւ Մասիսին, որուն խմբագիր տնօրէններէն մին եղաւ ժամանակ մը, շատ բան գրած է, բայց ուշագրաւ գրագէտ մըն է այն ուսումնասիրութեանց մէջ, որոնք հմտութիւն կը պահանջեն։ Երբեմն ալ իր քրոնիկներուն մէջ տրտում բանաստեղծ մը, թերեւս առանց իսկ անդրադառնալու։
       ՏԻԳՐԱՆ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ, Մասիս շաբաթաթերթին հիմակուան խմբագիրը, կեանքի ջախջախուածներուն սիրահար գրագէտն է. անոնց համար միշտ արցունք մը ունի։ Հիւծուած պատանին մահճին վրայ կը յառի, սիրտը անոր սրտին վրայ կը դնէ. գերեզմանները կը դեգերի ու կ՚երազէ։ Օրուան դժբախտութենէ մը սիրտը վիրաւորուած, նոյն րոպէին թուղթին վրայ կը նետէ սրտէն ցայտած վշտի արցունքը, առանց մտաբերելու թէ գրականութիւն կ՚ընէ։ Մեր այն սակաւաթիւ գրողներէն է, որոնց բոլոր յօդուածները հին թերթերու մէջ մոռցուած մնալու դատապարտուած չեն։ Իրմէ հատոր մը պիտի մնայ ապագային, հատոր մը՝ զոր պատանիները ուռենիներու ներքեւ նստած պիտի ուզեն կարդալ։
       ՅՈՎՍԷՓ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ, Արեւելքին սկզբնաւորութեանը՝ գիտական—գրական նոր ճիւղ մը ստեղծեց, որ թերթին գլխաւոր հրապոյրներէն մէկը մնաց երկար ատեն։
       ՏՈՔԹ. ԳՕԼՕԼԵԱՆ, երիտասարդ բժիշկը Փարիզէն Հայրենիքին գրած առողջաբանական յօդուածներովը, իսկատիպ գրագէտ երեւան եկաւ։ Առողջաբանութեան մէջ գրական աղուորութիւնը երեւոյթ մըն էր, որ անշուշտ շատ սովորական չէր։
       ՏԻՐԱՆ ՔԷԼԷԿԵԱՆ, թուրքերէն լեզուով ականաւոր հրապարակագիր, նշանաւոր հանդիսացաւ նաեւ հայ մամուլին մէջ, ուր Հայրենիքին տուաւ բազմազան նիւթերու վրայ լրջամիտ տեսութիւններ, ժողովուրդին դիւրամատչելի, բայց յաճախ նաեւ գեղեցիկ գրականութեամբ զարդարուն։
       ՄՐՄԸՐԵԱՆ, հրատոչոր գրող, մարգարեաշունչ կրօնաբան, միստիք մը, ինչպէս կ՚երեւի «Ալէլուիա Երուսաղէմ»էն։ Քաջ հայագէտ։
       ՆՇԱՆ ՃԻՎԱՆԵԱՆ, Հորոյ ծածկանունով, տարիներու ընթացքին հրատարակեց եւ մինչեւ հիմակ ալ կը շարունակէ հրատարակել կրօնական—պատմական տեսութիւններ, բազմակողմանի հմտութեամբ լեցուն։
       ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ, Պոլսոյ մամուլին մէջ երեւցաւ 1890ին, մինչ Կեդրոնական վարժարանը դեռ ուսանող էր։ Դպրոցէն 1891ին շրջանաւարտ ելլելով, նախ Արեւելք ին ու ապա Հայրենիք ին ու Մասիս ին աշխատակից եղաւ. պահ մը ալ Ծաղիկ հանդէսը իբր ամսաթերթ խմբագրեց։ Թէեւ գրականութեան համար յուսալիր ապագայ մը կը խոստանար, բայց դեռատի գրողը հազիւ զարգանալ սկսած, ուզեց մէկէն ի մէկ փայլիլ մատենագրական ամէն ճիւղերուն մէջ. բայց ո՛չ մէկուն մէջ նշանաւոր հետք մը թողուց, վասն զի միշտ հապճեպով կը գրէ, շատ թերի ու երեսի հմտութեամբ։ Մինչ այսօր կրնանք մեծ հաճոյքով կարդալ Կամսարականին, Օտեանին, Զօհրապին, Բաշալեանին վիպակները, որոնք իրենց հրատարակման թուականէն տասնըհինգ տարի ետքն ալ դեռ կրնան նորութիւն համարուիլ, կարելի չէ առանց ամենածանր ձանձրոյթի թղթատել Չօպանեանի «Թուղթի փառքը»։ Իր ոտանաւորներուն մէջ՝ Չօպանեան ուշադիր է տաղաչափութեան արհեստին, բայց իբր բանաստեղծ՝ շատ տկար մըն է։ «Հասարակ տեղիքներու սիրատարփ մը». ցո՜ւրտ զերթ գիշեր ու սգաւոր՝ ինչպէս բուն։ «Մահը» սեւ կմախային էակն է. հուրը՝ «հերարձակ ու կարմիր տարր», որ «անհամար բազուկներով շառագործ». արեւն ալ՝ «առտուներն իր արիւնոտ անկողնէն» կ՚ելլէ։ Ոտանաւորներուն մէջ չես հանդիպիր պատկերի մը, մտածութեան մը, որ ուշադրութիւնդ գրաւէ։ Բացառութիւն՝ եւրոպական ընթերցումներէ վերյիշումներու համար։ Չօպանեան թէեւ տասընհինգ տարի է կը գրէ, բայց մեր լեզուին, մեր գրականութեան ու մեր մտաւորականութեան զարգացմանը օգտակար ծառայութիւն մը չէ կրցած մատուցանել, վասն զի անխնամ ոճով անհոգ գրող մըն է, շատ հարեւանցի մտքերով ։
       ԲԱՐԹՈՂ ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ, Արմաշու դպրեվանքը քանի մը տարի ուսում ստանալէ յետոյ, Հայրենիքին խմբագրութեանը մասնակցեցաւ. կը գրէր գլխաւորապէս կրօնական նիւթերու վրայ, «Կունծիկ աբեղայ» անունով։ Կիրակի օրերը կը հրատարակէր կիրակնօրեայ խօսքերը, որոնք շատ պարզ ու վայելուչ լեզուով կը բացատրէին քրիստոնէութեան ընկերաբանական իմաստասիրութիւնը։ Շնորհալի, փափուկ ու գրաւիչ ոճով գրող մը, որուն մեծ ապագայ պահուած էր մեր գրականութեան մէջ, բայց մե՜ղք, որ կարճ եղաւ արեւը խեղճ երիտասարդին։
       Պոլսական մամուլը, որ կը նկրտէր եւրոպական գրականութեան ազդեցութեամբը բարգաւաճիլ, այդ մամուլը առաջնորդ պիտի հանդիսանար Հայաստան ծնող գրասէր մտքերու։ Նոր շրջանին մէջ ունեցանք գրագէտներ, աւելի կամ նուազ ուշագրաւ, որոնցմէ երեքը յիշեցնենք, շնորհիւ այն համբաւին, զոր կը վայելեն նոյնիսկ պոլսեցի շատ խստապահանջ գրագէտներուն մօտ։
       ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ, Խարբերդէն։ Կորովալիր բանաստեղծ մըն է, արձակագիր, որ նախ Հայրենիքին մէջ երեւաց։ Հայաստանի կեանքը խորապէս ուսումնասիրած, երկրի լեզուին համովն ու հոտովը կը գրէ, իրարու խառնելով երեւակայութեան տեսիլք եւ իրականութիւն։ Շատ անգամ վսեմին սահմանները կ՚արշաւէ։ Ոճը, մերթ վայելչապէս գեղահիւս պարբերութիւններու շարք մը, մերթ գնդակատիպ ձուլումներ կարճ, ինքնազուսպ, շեշտակի սուրացող։
       ՌՈՒԲԵՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱն, Խարբերդէն. երեւցաւ Հայրենիքին մէջ. նրբացած արուեստագէտ, աշակերտ Լոթիի ու Տոտէի, զգայնիկ եւ խորհող, ոճի յղկումին մինչեւ իսկ բծախնդիր մը։ Իր վիպակները տրտմաթաթաւ ու կենսաբորբ գործեր են, որոնք որոշ թուականի մը գրականութեան «ինչուն» կը պարզեն։
       ԳԵՂԱՄ, Տարօնէն. երեւցաւ Մասիս շաբաթաթերթին ու Արեւելք օրագրին մէջ։ Նկարագրիչ մը Հայաստանի կեանքին, տոհմական ոճով, լեզուով, զգացումներով։ Իր բազմազան ու բազմերփին գրութիւնները ընթերցողը ուխտավայրէ մը գեղը կը փոխադրեն, գեղէն՝ քաղքի մը ժխորին մէջ կը նետեն, իր գրչին տակ աւանդութիւնները, պատրանքները, երազները, իրականութիւնները խառնամառն կու գան գրաւել սրտերու հետ եւ մտքերն ալ։ Գեղամին յօդուածները ընդհանրապէս երկայնաձիգ են, բայց միշտ հաճոյքով կը կարդացուին նոյնիսկ պոլսեցի գրագէտներէն, որոնք եւրոպական մատենագրութեան մտերիմներն են։
       Արեւմտեան հայ մամուլը՝ այն շրջանին մէջ, որ 1891էն կը սկսի, պարտաւորուեցաւ հետզհետէ աւելի զգուշաւոր վարմունքով վերաբերիլ դէպի Արեւելեան հայուն կեանքը եւ գրականութիւնը։
       Կ. Պոլսոյ եւ Իզմիրի մամուլները, 1890ի դէպքերէն յետոյ, չշարունակեցին զբաղիլ Կովկասով։ Հայրենիք իրենը ըրաւ այն ուղղութիւնը, որուն կը հետեւէր երբեմն Արեւելք, Ռուսիոյ հայոց գործերուն մէջ։ Հռչակուեցաւ «Պոլսոյ Մշակ »ը, իսկ Արեւելք ն ու Արեւելեան Մամուլը։ Կովկասի պահպանողական կուսակցութեան յարեցան։ Տպագրական տեսչութիւնը ծայրայեղ խստութեանց պէտք չտեսաւ. իսկ մամուլն ալ կովկասեան խնդիրները կ՚ուսումնասիրէր զգուշաւորութեամբ։ Բայց 1892էն սկսեալ՝ կացութիւնը փոխուեցաւ. կառավարութիւնը արգիլեց մինչեւ իսկ յիշատակութիւնը Թիֆլիսի հայ թերթերու անունին։ Միայն մաքսանենգութեամբ հնարաւոր էր անվնաս յօդուած մը արտատպել թերթերէ, որոնք գաղտագողի ստացուած էին. բայց Թիֆլիսի հետ յարաբերութիւնները չխզուեցան. Կ. Պոլսոյ հետ Մշակ ին յարաբերութիւնները կը կեդրոնանային Հայրենիքին խմբագրատունը, ուրկէ անընդհատ կը շարունակուէին թղթակցութիւնները դէպի Կովկաս։
       Բայց Արեւմտ. հայոց գրականութիւնը իր նոր ընթացքին մէջ կանգ առաւ 1895ի վերջին ամիսները։ Կառավարական խստութիւնները ահեղօրէն ծանրացան մամուլին վրայ, որուն խմբագիրները յուսախաբութեան ներքեւ ընկճուած էին ժողովուրդին հետ։ Հայրենիքի 1895ի դեկտեմբեր ամսուան վերջին օրերը խափանուեցաւ անպայման ժամանակի մը համար. իր գլխաւոր խմբագիրներէն ոմանք հարկադրուեցան Պոլիսը թողուլ, որպէս զի թերթին վերաբացումը հնարաւոր ըլլայ։ Այդ չուէն քանի մը ամիս յետոյ, առաջադիմական օրագիրը վերստին հրատարակման թոյլտուութիւն կը ստանար, բայց ամսէ մը ետքը կը ջնջուէր, իր տնօրէնին՝ Յովհաննէս Շահնազարին բանտարկութեամբը ու յետոյ տարագրութեամբը։
       Այսպէս ահա, գահավէժ անկումի, խուճապական տագնապի, արիւն արցունքի մէջ նսեմաստուեր կ՚աղօտանար 1891—1895ի մտաւորական վերածնունդի արեւածագը, որ սակայն անջնջելի յիշատակ մը կը թողուր, բեղմնաւորման արտը պատրաստած։
       «Գեղունի» 1905, թիւ 1—10