Րաֆֆի եւ հայ վիպասանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Ամէն կրունկ կարող է ձեռնտու լինիլ գեղարուեստից զարգացման, բայց մատենագրութիւնը որպէսզի ապրի, որպէսզի իւր բարգաւաճումն ստանայ, կարոտ է ընկերական այնպիսի կազմակերպութեան, որ դժբախտաբար մեզ անծանօթ է։ Եւ սակայն աննպաստ այդքան պայմաններու մէջէն հայ մատենագրութիւնը ընծայած է «Սեւ լեռան մարդը», «Շահինը», «Թորոս Լեւոնին», «Հացի խնդիրը» եւ «Կայծերը»։
       Նոքա որոց անծանօթ է մեր անցեալն եւ այն ոգին, որ մեր ամէն թշուառութեանց մէջէն միշտ մաքրափայլ մեզ աւանդ պահուած է, չեն կարող նոքա տալ մեկնութիւն գրական այդ երեւոյթին։ Հզօր է այդ ոգին եւ անանջատ ի մենջ. հզօր այնքան, մինչ միմեանց հակադիր այդքան մտքեր կը նուիրեն իրենց խելքը, իրենց սիրտը, իրենց ոգին վասն յաջողութեան միեւնոյն գաղափարի։
       Բայց պատմական վիպասանք թէ կարող են, շնորհիւ կորովի մտաց եւ անզուսպ ոգվո, հրաժարիլ բազմաթիւ պայմաններէ, համարուած անհրաժեշտ, այլ սակայն կը կասի իրենց թռիչը, կը մթագնի իրենց մտաց հորիզոնը, եթէ պահ մը չապրին ի մէջ վայրացն, ուր ապրած են դիւցազունք, որք կը պատկերանան վիպասանին մտաց առաջ։
       Արդարեւ օտար երկիր մը որքան ալ շռայլաբար օժտեալ լինի բնութեան պարգեւներով, բայց եւ այնպէս անզօր է խորին կերպով սիրտ գրաւելու։ Անտարակոյս շատ ցաւալի լուր մը պիտի համարինք, իբր սիրողք գեղարուեստից, երբ իմանանք թէ Փարիզի Լիւքսեմբուրգն այրած է, բայց սակայն այդ ցաւը կարելի՞ է համեմատել այն վշտին հետ՝ զոր պիտի զգանք, երբ Աղթամար անհետ լինի։
       Մեր վիպասաններէն միայն Մամուրեան գրեց «Սեւ լեռան մարդը», առանց այցելած լինելու այն վայրեր, զոր կը նկարագրէ։ Սակայն այն բուռն զօրութիւնը, որ անդիմադրելի կերպով կը ներգործէ բանաստեղծին վրայ, եւ անհնարին կ՚ընէ նմա կիսկատար թողուլ իւր գործը, մինչեւ որ չարտայայտէ իւր բոլոր զգացումներն, այդ անդիմադրելի զօրութեան ճնշման ներքեւ չգտնուեցաւ Մամուրեան եւ իւր մեծ գործը մնաց թերակատար։
       Տէր Սարգսենց, նոյնիսկ իւր մատղաշ օրերը, սիրտը գորոված, հոգին յուզեալ մտօքն հափշտակեալ էր Տոսպեան ծովու տեսարաններովն, հանդիսավայր յիսուն դարերու յիշատակաց։
       Պերճ Պռոշեանց կը ճանչնար իւր Աշտարակը, կը սիրեր զայն եւ Այրարատեան կենաց մանրանկարը կ՚ընծայեր պատմելով Աշտարակի բարքերը։
       Կ՚ունենայի՞նք «Թորոս Լեւոնին», եթէ Ծերենց իւր սրտին բաբախմանց ունկն դրած չլիներ Թորոսի ապրած վայրերն, եւ չկարենայինք իրեն համար ըսել.
       . Եկն իսկ ըստեպ Վիկտորիոս
Ի կուճս այս ոգի ծըծել, ընդ հայրենին սրտմտեալ զիս.
Թափառեր անմռունչ, Առնոսական ամայութիւնս՝
Պըշուցեալ կաթոգին ընդ դաշտորայն եւ ընդ երկինս.
Եւ մինչ ո՛չ եւ մի տեսիլ կենսածաղիկ բուժեր զթախիծն,
Անողոքն աստ հանգչեր մահուն դալուկն ի դէմսն, եւ յոյս։
       Ա՜հ, ոչ, յոյսն ի սրտին էր, բայց մահու դալուկն ի դէմս չհանգչեցաւ Ծերենց ի շիրիմս հայրենի, այլ տառապեալ ոգւով ի Կիպրոս առանձնացեալ, անդ կ՚ապրեր. կարծես հողմոց բերած յիշատակներովը կենաց հմայս հաներ ապագային։
       Եւ պիտի վայելէի՞նք այդ սրտագրաւ տխրութիւնը, որ մտայոյզ կ՚ընէ զմեզ եւ երազող, այդ հայրագորով սրտի արտայայտութիւններն, որք «Երկունքի» եւ «Թէոդորոս Ռշտունւոյ» մէն մի տողին մէջ զմեզ կը հափշտակեն, եթէ օր մը Ծերենց, իբր Վոլնեյ մը, հայու սրտով չթափառեր յաւերակս անդ, որոց համար կրնար ըսել.
       Ո՜վ դու անցեալն եւ այժմուս Իտալիա՝ նազելի,
Ո՜վ վայելուչ դու պարտէզ տիեզերաց շուրջակայ,
Հանդէ՜ս հանուրց արուեստից, գեղոյ բնութեան հայելի.
Ամայութեան իսկ քում՝ ո՞վ իցէ բնաւ քեզ հաւասար.
Գեղեցկագեղք են համայն վայրենագոյն իսկ քո տունկք.
Ծաղկին երեզքըդ խոպան, քան թէ գաւառք բարեբունք.
Դու եւ անկման անդ քոյին վերերեւիս քաջափառ,
Եւ աւերակքըդ խանգար շողան շնորհք անսպառ։
       Րաֆֆի, ծնած եւ մեծցած Պարսից եւ Ռուսաց հողերուն վրայ, միշտ մանախոյզ քննութեամբ ուսումնասիրած էր ազգին անցեալ եւ ներկայ վիճակը։ Բարք, սովորոյթք, կրօնք, աւանդութիւնք, գաղափար եւ ոգի, ո՛չ մի ինչ անծանօթ էր նմայ։
       Կովկասեան պատմութեան վերջի ժամանակներու փառահեղ եւ տխրագոյն դրուագն կը կազմէ Մելիքներու պատմութիւնը։ Կարդա՛յ «Խամսայի մելիքութիւններն» եւ կարծես թէ բոլորովին մի նոր աշխարհ կը տեղափոխիս։ Ազգային առաքինութիւններն, ազգային թերութիւններն տարօրինակ գոյներով կը պատկերանան աչացդ առաջ, ի լուր նոր Տիտաններու դիւցազներգութեանց։ Ժամանակը կրնայ մեր մտքերէն ջնջել մեր կարդացած գրքերու շատ էջերն, սակայն ո՛վ որ կը կարդայ մի անգամ «Խամսայի մելիքութիւններն», ալ այնուհետեւ ո՛չ մին այդ տեսարաններէն անհետ կը լինի իւր աչքերէն, ո՛չ մին այդ դիւցազանց անուններէն կը ջնջուի իւր սրտէն։ Մեն մի անուն կը մխի սրտին խորը։ Բայց.
       Երեւեցան իբր ստոյգ, անհետացան իբր երազ,
       Էին որ զինչ եւ էին, արդ այսպիսիք են ահա։
       Ինչպէս մի Մելիքզադէ հոգւով ու մտօք չհափշտակուէր, երբ կը ճեմէր իւր հարց հողերուն վրայ, իւր իւրաքանչիւր քայլին կրնար ըսել.
       Եւ զփոշի զոր կոխեսն աստ՝ դիւցազունք կոխեցին.
       Րաֆֆի կը սարսռեր, իրեն հետ կը սարսռի ժողովուրդն ալ։ Պատմական վիպասանութեանց մէջ սարսուռը կիսամեռ հոգիներու էլեկտրական ցնցումն է։
       Մեր կամքէն անկախ պատճառներ անհնարին կ՚ընեն մեզ գրել պ. Րաֆֆիի գործոց վրայ այն եղանակով, որ կը համապատասխանէ մեր փափագանաց եւ տրամադրութեանց, հետեւաբար հարկադրեալ ենք գոհանալ ընդհանուր տեսութիւններով։