Րաֆֆի եւ հայ վիպասանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Ի՞նչ ըրաւ գրական քննադատութիւնը Պ. Րաֆֆիի համար։ Ներելի էր մեզ ի սկզբան յուսալ, թէ՝ կովկասեան հայ տաղանդը, զարգացած գերմանական եւ ռուսական համալսարանաց մէջ, ուներ իւր տրամադրութեան ներքեւ բազմադիմի միջոցներ գաղափար մը տալու մեզ այն գրական քննադատութեան, որոյ պարտքն է պարզել գրքի մի ունեցած կոչումը եւ նորա ազդեցութիւնը ժողովրդեան մտաց եւ բարուց վրայ։ Դժբախտաբար կովկասեան հայոց մէջ ի յայտ չեկաւ այն քննադատը, զոր կը փափագէինք տեսնել։ Կարելի՞ է երեւակայել, որ Ռուսիոյ հայոց մէջ քննադատը տակաւին այն վիճակին մէջ գտնուի, որ կարծէ թէ իւր պաշտօնը «գիւղական վարժապետի մը նման միայն թաթպան բաշխել լինի աշակերտաց»։— Արդարեւ ամենէն ընդարձակ քննադատութիւնը, զոր տեսանք Պ. Րաֆֆիի գործոց մասին, ուրիշ բան չէր ներկայացներ մեզ՝ բայց եթէ ատելութեան շունչ մը։
       Այո՛, եւրոպական գրադատութեան այս զարգացման միջոցին դեռ հայ գրադատը կը զբաղի յատկացուցչի եւ յատկացեալի սխալներ որոնելով։ Աշխարհագրական չեմ գիտեր որպիսի անճշտութիւններ կ՚ուզեն գտնել, եւ հաստատել, թէ Րաֆֆիի այս ինչ գործին մէջ եւ ուրիշ հեղինակի մը այս ինչ գործին մէջ նմանութեան կետեր կան. հետեւությո՞ւնը. ուրեմն Րաֆֆի բանագող մ՚է։ Իսկ այն ամէն փիլիսոփայական եւ ուրիշ զանազան կարգի գաղափարները զոր հեղինակը կը ծաւալէ ժողովուրդին մէջ, նոքա անտես կը լինին։ Ինչ որ վիպասանութեան մը կեանքը կը յօրինէ, կամ նորա տկար կողմը կը համարուի, այդ ամենը մոռացութեան կը տրուի։ Սիրտ մ՚ունի վիպասանը, հոգի մը, զոր կը ցոլացնէ իւր վիպասանութեանց մէջ, որուն ոսկեզօծ շրջանակը կը կազմեն բեղմնաւոր տաղանդի մը հրապոյրներն, եւ այդ սիրտը, այդ հոգին, ժողովուրդի սիրտն է, ժողովուրդի հոգին է, եւ քննադատը որպիսի մթնոլորտի մը մէջ կ՚ապրի, որ չ՚ուզեր այդ ամենը տեսնել։ Ընդհակառակն, կ՚ուզէ շատ եւ շատ պարզել այն կետերն, որք զհեղինակն իսկ գուցէ կասկածելի ընծայեն, առանց իւր գիտութեան, հաչս բարձրագոյն իշխանութեան։
       Բայց, սակայն առ ի՞նչ օգուտ քննադատի մը հարուածներն, երբ նոքա չեն հենած այնպիսի հիմանց վրայ, որք ինքնին արդէն խարխուլ լինին։ Կոթողի մը դէմ ամէն հարուած անզօր է։ Ժողովուրդը, ազգը կը լափէ այդ հատորներն, որոց մէջ կը գտնէ իւր սրտին արձագանքն։ Իսկ թէ քննադատ մը կարենար պարզել այն առնչութիւնը, որ կը կայանայ ազգին եւ հեղինակի միջեւ, այն ատենն է, որ քննադատը պաշտօն մը կատարած կը համարուի, հեղինակին աջ բազուկը կը նկատուի, նորա գաղափարաց տարածման մեծ գործին է եւ ըստ այնմ իւր ընդունելութիւնն ալ մեծ կը լինի ժողովուրդի մէջ։
       Ինչպէս ըսինք մեր առաջին յօդուածով, զանազան պարագաներ, անկախ մեր կամքէն, հնարաւոր չեն ընծայեր մեզ տալ ըստ մեր փափագանաց պէտք եղած տեղեկութիւնները Պ. Րաֆֆիի գործոց մասին, հետեւաբար մեր ուրիշի կարգի տեսութիւններն ալ ստիպեալ ենք զանց առնել։
       Պ. Րաֆֆի, կորովի թէ՛ մտօք, եւ թէ՛ մարմնով, կարող է տակաւին ընծայել մեզ բազմաթիւ պատվական հեղինակութիւններ, որոց մի մասն արդէն պատրաստ իւր մօտն ունի։ Խնդրեցի իրմէն մի գործ «Արեւելքի» համար, սակայն, ահա՛ քար գայթակղութեան բառը։ Երբ «Խաչագողի յիշատակարանը», որուն մէկ մասը «Մշակի» մէջ տպուած է միւս մասը անտիպ էր, տակաւին, «Արեւելքի» մէջ հրատարակելու արտոնութիւն խնդրեցինք, առաջարկելով ընդունիլ իւր պայմաններն, Պ. Րաֆիի այն քան բարի եղաւ, որ չուզեց առաջարկել ոեւէ պայման, որունհամար այս առթիւ մեր շնորհակալութիւններն վերստին կը կրկնենք։