Զ
Մեր
այս
հակիրճ
տեսութեան
մէջ
հայ
վիպասանութեան
մասին
չուզեցինք
խօսիլ
զանազան
վիպական
գործոց
վրայ,
զի
թերեւս
առիթ
ունենանք
օր
մը,
երբ
պարագաները
ներեն,
աւելի
ընդարձակ
ուսումնասիրութիւն
մը
ներկայացնել։
Ոմանք
դիտողութիւն
ըրին
թէ՝
Աբովեանի
«Վերքը»
չենք
յիշատակած։
Սակայն
այդ
մեծ
գործը
աւելի
ժողովրդական
դիւցազներգութիւն
մ՚է,
քան
վիպասանութիւն
մը,
եւ
միանգամայն
մեր
վերջի
տասնհինգ
տարիներու
գրական
շարժման
շրջանակէն
դուրս
է։
Այժմ
կը
մնայ
մեզ
խորհիլ,
թէ
ի՛նչ
ապագայ
կը
պատրաստուի
հայ
վիպասանութեան։
Մեր
կարծեօք
գրական
զանազան
ճիւղերու
մէջ
վիպական
ճիւղն
է,
որ
ամենէն
աւելի
գրաւական
ունի
զարգանալու։
Արդարեւ,
շատ
դժուար
է
այսօր
մեր
մէջ
մշակել
պատմութեան,
փիլիսոփայութեան
եւ
գիտութեանց
զանազան
ճիւղերն։
Այդ
դժուարութիւնը
ոչ
միայն
մեզ,
այլ
նաեւ
օտար
ազգերու
համար
իսկ
գոյութիւն
ունի։
Միայն
ընթերցողաց
բազմութիւնը
չէ,
որ
կը
քաջալերէ
եւրոպացիներն
եւ
ամերիկացիները
նուիրել
իրենք
զիրենք
այդ
ճիւղերու
մշակման,
այլ
նաեւ
զօրաւոր
աջակցութիւններ,
բազմառատ
վարձատրութիւնք,
պաշտօնական
փոխարինութիւնք
եւ
պատիւը
հնարաւոր
կ՚ընծայեն
այդ
ճիւղերու
զարգացումն։
Մեր
արդի
վիճակը
չներեր
այսպիսի
շռայլութիւն,
եւ
տակաւին
եկեղեցականաց
կամ
վանական
միանձանց
մենաշնորհն
է
նոյնիսկ
մեր
պատմութեան
ուսումնասիրութիւնը,
եւ
այն
ալ
մեծ
մասամբ
հնագիտութեան
տեսակետով
եւ
ոչ
թէ
պատմական
փիլիսոփայութեան։
Սակայն
այժմ
վանքերն
ալ
հետզհետէ
կը
դանդաղին
հոգալ
մեր
այդ
կարգի
պէտքերն։
Վենետիկի
Մխիթարեանք
իրենց
դպրոցներու
կը
նուիրեն
իրենց
ամէն
առոյգ
ուժերն.
Վիեննայի
Մխիթարեանք
դրամական
տագնապի
մէջ
չեն
կարող
ոչինչ
ընել։
Առայժմ
մեծ
յոյսեր
չունինք
Էջմիածնէ,
Երուսաղեմէ,
Մուշէ։
Սակայն
վիպասանութիւնը
թեպետ
մատենագրութեան
ամենէն
հեշտին
ճիւղը
չէ,
բայց
հեշտութիւն
պատճառող
է։
Մեր
վիպասանութիւնը
բարեշրջման
ենթակայ
է,
եւ
երբ
պատմական
էր,
այժմ
կ՚սկսի
իրեն
ասպարեզ
ընտրել
մեր
ժամանակակից
կեանքն։
«Մայտան»
կամ
«Գարնան
մի
ասուպ»
այդ
բարեշրջման
երախայրիքն
են։
Եւ
արդարեւ,
եթէ
պատմական
վիպասանութիւնը
ըստ
բաւականին
իւր
դերը
կատարեց,
արդի
վիպասանութիւնը
շատ
առատ
հունձք
ունի
իրեն
համար։
Երիտասարդ
տաղանդներն
համարձակ
կրնան
թեւակոխել
այդ
ասպարեզ,
այն
վստահութեամբ,
որ
կենաց
իրական
պատկերներ
ներկայացնելով
կարող
են
մեր
ընկերական
բազմադիմի
խնդրոց
լուծումն
ի
հրապարակ
հանել։
«Մասիս»
եւ
«Արեւելք»
իրենց
աջակցութիւնը
հոժարակաս
պիտի
նուիրեն
այն
ամէն
երիտասարդներու,
որք
մեր
ընկերական
կենաց
ուսումնասիրութիւնը
իրենց
աջակցութիւնը
հոժարակամ
պիտի
նուիրեն
այն
ամէն
երիտասարդներու,
որք
մեր
ընկերական
կենաց
ուսումնասիրութիւնը
իրենց
աշխատանաց
առարկայ
կ՚ընտրեն։