ԺԱՄԱՆՑ.
ԱՐՈՒԵՍՏԱՀԱՆԴԷՍ
ԳԱՑՈՂ
ԿՈՎԿԱՍՑԻՆ
(1889֊ին)
Զարթումեանի
թուղթերուն
մէջ
Լոնտոն
փնտռտուքի
մը
պահուն
ձեռքիս
դպան
1889—ի
Մասիսին
մէկ
քանի
թիւերը։
Աշնասաղարթ
այդ
թերթերը
ազդեցին
վրաս
պատանեկութեան
օրերու
սիրահարական
նամակի
մը
պէս,
որ
գրքի
մը
մէջ
մոռցուած
է
ու
յանկարծ
աչքերուդ
կը
զարնէ,
երբ
ճնշուած
ես
տարիքի
ու
հոգերու
ներքեւ։
Հո՛ն
քովէ
քով
ենք
Մելքոն
Կիւրճեան,
Զօհրապ,
Բաշալեան
ու
ես։
Այդ
դեղնած
տերեւներուն
մէջէն
րոպէ
մը
վերակենդանացաւ
յիշատակն
այն
սարսուռին,
որով
բնազդը
կը
յուզէր
մեզի,
փոթորիկին
մօտալուտ
պայթման
ազդարարութեամբ։
Ու
առանց
տրտմութեան
չէր,
որ
յիշեցի
այդ
անցեալը,
ուր
Թուրքիոյ
եւ
Ռուսիոյ
հայերը
մէկ
գաղափարով
մը,
մէկ
սրտով
իրարու
փարած
էին
մէկ
Հայաստանի
սիրով։
Հայրիկ
ամէնուս
համար
Հայոց
Աստուծոյ
իբր
հոգին
թեւատարած
կը
սաւառնէր
Պոլսէն
Վարագ,
Վարագէն
Արարատ։
Եւ
այս
տողերը
գրողը
ամէն
օր
Պոլսոյ
մամուլին
մէջ
Թուրքիոյ
Հայոց
մտքերն
ու
սրտերը
Կովկաս
կ՚ուղղէր,
ուրկէ
Հայաստանի
արեւուն
ծագման
նախարձակ
նշոյլները
կ՚ընդնշմարէին.
ու
ամէն
օր
ալ
Կովկասի
մտքերն
ու
սրտերը
կը
վարէր
դէպի
Թուրքիոյ
տառապեալ
Հայերը։
Ու
երբեմն
«ժամանցը
»
կուգար
սրտերը
զովացնել
օրուան
տառապալից
կեանքին
հրայրքէն։
Մերթ
Կովկասցիներուն
հետ
կը
ժպտէինք
պոլսական
բարքերու
ցուցադրութեամբ,
եւ
մերթ
Պոլսեցիներուն
հետ՝
ի
տես
կովկասեան
դիմագծերու։
Այդ
ժպիտներէն
մէկն
է,
որ
հին
Մասիսէն
այս
նոր
երեսներուն
կ՚ուզեմ
թռչտեցնել։
Տեսնենք,
թէ
սերտ
բարեկամութիւնը
եւ
ծիծաղը
կրնան
եղեր
իրարու
հետ
հաշտ
ապրիլ։
***
Պոլսէն
անցնելով
Բարիզի
Արուեստահանդէսին
գացող
Կովկասցիին
իր
ծառայութիւնները
մատուցանելու
համար
պ.
Գր.
Գալֆայեան
ամէն
առտու
արեւը
ծագելէն
առաջ
մակոյկով
կը
սպասէ
Սեւ
Ծովէն
գալիք
շոգենաւերուն։
Հայ
Չիչերոնը
շատ
անգամ
յուսախաբ
ետ
կը
դառնայ.
բայց
երբ
Բաքէի
շոգենաւը
կ՚երեւի,
վստահ
է,
թէ
նոյն
օրը
Կովկասցիներու
պատկառելի
քանակի
մը
պիտի
առաջնորդէ։
Այո՛,
ամէնքն
ալ
Բաքէի
շոգենաւով
կու
գան,
—
կամ
ինչպէս
իրենք
կ՚ըսեն,
«Պակէտ»ով
։
Ազգասիրական
պարտականութիւն
է։
—Մենք
էլ,
եղբայր,
մի
պան
անենք
նրանց
համար.
նրանք
այնքան
պաներ
են
անում
մեզ
համար ,
կ՚ըսեն։
Եւ
արդարեւ։
Բաքէի
ընկերութիւնը
կը
կոչուի
«Հայ
եւ
մարոքեան
ընկերութիւն
»,
իր
շոգենաւերուն
մէկուն
անունը
Արմէնի
է .
Լորիս—Մելիքօֆի
մարմինը
այդ
ընկերութեան
շոգենաւով
փոխադրուած
է
Պաթում,
ու
երթեւեկութեանց
ծանուցումները
Մշակի
մէջ
կ՚երեւին։
«Էլ
ինչ
պէտք
է
»,
որ
Բաքէի
ընկերութիւնը
Կովկասցի
հայուն
աչքին
ազգային
հիմնարկութեանց
մաս
եւ
բաժին
չհամարուի։
—Մեր
ազգութիւնը
երեք
պանով
է
պահպանւում ,
—
կ՚ըսեն
Կովկասի
հայերը ,
—
եկեղեցիով,
ուսումնարանով ,
Պակէտով։
Լոյսը
ճեղքուելուն
պէս
շոգենաւէն
կ՚ելլեն,
եւ
կ՚ուզեն
երթալ
Արեւելքի
խմբագրատունը,
ուր
կ՚առաջնորդէ
զիրենք
պ.
Գալֆայեան։
Ո՛չ
ոք
եկած
է
դեռ.
կը
զարմանան։
«Իրենք
Պաթումից
գալիս
են,
եւ
պոլսեցիք
դեռ
անկողնումն
են
»։
Քանի
մը
ժամ
վերջ
կուգան
խմբագիրները։
Ուղեւորները
կը
փնտռեն
անունով
իրենց
ծանօթ
անձեր։
Քիչ
մը
հարցուփորձէ
եւ
սուրճ
խմելէ
յետոյ
կը
պատրաստեն
պրոգրաման,
որ
է՝
ծրագիր։
Նախ՝
Հայրիկը
պիտի
տեսնեն։
Կովկասցին,
որ
Պոլիս
կու
գայ
եւ
կը
մեկնի
Հայրիկին
աջը
չհամբուրած,
կը
նմանի
ուխտաւորին,
որ
Երուսաղէմ
կ՚երթայ
ու
առանց
Քրիստոսի
գերեզմանը
համբուրելու
կը
դառնայ։
Յետոյ
պիտի
այցելեն
Ներսէս
պատրիարքի
շիրմին,
ու
անկէ
ետքն
ալ
Այա—Սոֆիան
պիտի
տեսնեն,
Վոսփորը,
կղզիները,
Պոլսոյ
«նշանաւոր
գործիչներին
»։
Իրենց
կ՚առարկուի,
թէ
առ
այժմ
այդքանը
կը
բաւէ
մէկ
շաբաթուան
համար։
Ի՜նչ
մէկ
շաբաթ։
Նոյն
իսկ
իրիկուան
շոգեկառքով
պիտի
մեկնին։
Չեն
կրնար
համոզուիլ,
թէ
Հայրիկը
տեսնելու
համար
միայն
երկու—երեք
օր
պէտք
է։
Ի՞նչպէս,
«միթէ
Հայրիկը
Պոլսում
չէ՞»։
—Այո՛,
Պոլիս
է ,
—
կը
պատասխանուի,
—
բայց
ո՞վ
գիտէ
ո՞ւր
է։
Իւսկիւտա՞ր,
Մաքրիգի՞ւղ,
Կղզի՞ն,
Պեօյիւք
տէրէ՞։
Բայց
միթէ
այդ
ամէն
տեղերն
ալ
Պոլսոյ
մէջ
չե՞ն,
«մի
կառք
վեր
առնենք
եւ
գնանք
գտնել
Հայրիկին
»
կը
խնդրեն։
Չեն
կրնար
ըմբռնել,
թէ
մէկ—երկու
ժամուան
մէջ
Պէօյիւքտէրէյէն
Իւսկիւտար,
հոնկէ
Մարքիգիւղ
անցնիլ
հնարաւոր
չէ։
Զիրենք
համոզելու
համար
կ՚առարկուի,
թէ
Հայրիկը
գուցէ
կղզիները
ըլլայ։
—Դե՜հ,
պարախօտով
գնանք,
կ՚ըսեն,
եւ
կը
պատրաստուին։
—Բայց
միշտ
շոգենաւ
չկայ։
—Ի՞նչ
էք
ասու՜մ.
դեհ,
գնանք
այն
պստիկ
պանով,
որը
մեզ
առաւօտուն
պարախօտից
դուրս
բերաւ։
Սանտալ
ըսել
կ՚ուզեն։
Ի՞նչպէս
հասկցնել
իրենց,
թէ
սանտալով
կղզի
չ՚երթցուիր.
թէ
նոյն
իսկ
մէկ
օր
պէտք
է
շոգենաւով
երթալ
գալու
համար։
Կը
վշտանան
կարծելով,
թէ
պոլսեցիները
զիրենք
կը
ծաղրեն։
—Ախր
մի
օրից
մենք
Վիեննա
ենք
գնո՜ւմ։
Ժամանակը
յառաջացած
է.
խմբագրատունէն
դուրս
կ՚ելլեն
ծրագրին
միւս
մասերուն
գործադրութեանը
համար։
Բայց
սոված
են՝
այսինքն
անօթի
են։
Ղալաթիայ
Պզտիկ—Արթինին
կ՚առաջնորդուին։
Կը
փափագին
տեղական
ուտելիքի։
—Բիլաւ
կ՚ուզէ՞ք։
—Բըլաւ
մեր
երկրումն
էլ
կայ։
—Տոլմա՞.
—Մեր
երկրումն
էլ
կայ։
—Միտիա՞։
—Դա
ի՞նչ
պան
է
որ։
—Տեսակ
մը
սեւ
ոստրէ։
—Չենք
ուզում,
մեր
երկրում
չենք
տեսել։
Դժուարին
ըլլալով
գտնել
ուտելիք
մը,
որ
«իրանց
երկրումը
»
թէ՛
ըլլայ
եւ
թէ
չըլլա՛յ,
այսպէս
թէ
այնպէս
պատառ
մը
բան
կ՚ուտեն,
միայն
թէ
գինիին
շատ
կը
հաւնին,
իրենց
երկիրն
ալ
այդպէս
գինի
չեն
խմած.
վրան
«պստիկ—պստիկ
աստղներ
են
պլպլում
»։
Իրենց
ընկերացող
պոլսեցիները
իրենք
ալ
կ՚ուզեն
համը
նայիլ.
տարօրինակ
համ,
ձեթի
համ։
Կը
նային
գաւաթին
մէջ.
այո՛,
«պստիկ
պստիկ
աստղներ
պլպլում
են
»
գինիին
երեսը։
Տարակոյս
չկայ,
զէթին
եաղի
է։
Պոլսեցի
խմբագիր
մը
կամաց
մը
սպասաւորին
կը
հարցնէ,
թէ
«ի՞նչ
է
աս
»։
Մարդը
ներողութիւն
կը
խնդրէ,
ականջէն
փսփսալով,
թէ
գինին
աճապարանքով
զէթին
եաղիի
շիշերուն
մէջ
լեցուցեր
է։
Ու
անոնք
կը
շարունակեն
սքանչանալ։
—Ինչեւէ,
ձեր
երկրումը
գոնէ
մի
լաւ
պան
կայ։
Ճաշէն
վերջը
կ՚անցնին
Սթանպոլ.
քանի
մը
կառք
լեցուելով
կը
հասնին
Այա
Սոֆիա։
Պ.
Գալֆայեան
ներս
կը
մտնէ
եւ
կը
վերադառնայ
լուր
բերելով,
թէ
իւրաքանչիւր
այցելուի
համար
պէտք
է
մէճիտիէ
մը
վճարել։
Կ՚ապշին.
իրարու
երես
կը
նային։
Կ՚ուզեն
գիտնալ
թէ
իրենց
փողով
ինչ
կ՚արժէ
մէճիտը։
Երկու
րուպլի
է
գրեթէ։
Քարացած
կը
մնան.
գլուխնին
կ՚երերցնեն։
Անկարելի
է,
որ
ստակ
վճարեն
մուտքի
համար։
—Մեր
երկրումը
մուզէների
մուտքը
ձրի
է՝
կը
գոչեն։
Իրենց
կ՚առարկուի,
թէ
քանի
որ
Կովկասէն
Բարիզ
երթալու
համար
այդքան
ծախսեր
կ՚ընեն,
երկու
րուպլի
աւելի,
երկու
րուպլի
պակաս,
նշանակութիւն
չունի.
կ՚արժէ
տեսնել
Այա—Սոֆիան։
Այս
դիտողութեան
կը
նեղանան։
Սկզբունքի
եւ
ոչ
թէ
խնայողութեան
համար
չեն
ուզեր
վճարել։
Հանրային
շէնքի
մը
մուտքը
ձրի
պէտք
է
ըլլայ,
այս
է
իրենց
երկրին
սկզբունքը։
Ու
իբր
ապացոյց
իրենց
համոզումին՝
իրենցմէ
մին
թղթապանակէն
երկու
ռուպլի
կը
հանէ,
կը
պատռէ,
հովին
կուտայ։
—Արի՛,
Գրիգոր
ջա՛ն,
դու
էլ,
Ստեփան
ջա՛ն,
դու
էլ,
Կարապետ
ջա՛ն,
դու
էլ,
դու
էլ,
դու
էլ։
Ու
ամէնքն
ալ
հանդիսաւորապէս
երկուքական
րուպլի
կը
հանեն,
կը
պատռեն,
կը
նետեն։
—Տեսնո՞ւմ
էք։
Խօ՛
մենք
Պոլսեցի
հոսհոս
չենք,
որ
սկզբունքից,
ուղղութիւնից
զուրկ
լինենք։
Մենք
Մշակ
ենք
կարդում.
դուք
Մշակ
չունէք,
ուղղութիւն
չունէք։
Դեհ ,
գնանք։
Ալ
ուղղակի
պատրիարքարան
կ՚իջնեն։
Խոր
լռութեամբ
կը
յառաջանան,
մտածկոտ,
ինքնամփոփ,
Ներսէսի
գերեզմանին
մօտենալու
վրայ
են։
Մայր
Եկեղեցիին
ի
տես
հանգուցեալ
պատրիարքին
շիրմին
կը
բանան
գլուխնին
երկիւղածութեամբ,
զգածեալ
կ՚աղօթեն։
Կը
խոնարհին,
կը
համբուրեն
տապանաքարը,
եւ
մխիթարուած
դուրս
կ՚ելլեն
արցունքոտ
աչքերով։
Հայրիկի
եւ
Ներսէսի
շիրմին
հանդէպ
է
միայն,
որ
կովկասցիները
քննադատութիւն
ընելու
սկզբունքը
կը
զոհեն։
Կարգը
չարշուն
տեսնելու
եկած
է։
Ոտքով
ամէնը
մէկտեղ
վեր
կ՚ելլեն
Կէտիկ—Փաշայի
դարիվերէն։
Երբ
կը
մտնեն
նեղ
փողոցը ,
ուրկէ
մեծ
շուկան
կ՚երթցուի,
հանկարծ
բանջարեղէնի
խանութի
մը
առջեւ
կանգ
կ՚առնեն
հիացած.
—Ա՜խ,
ի՜նչ
մեծ
խըեար,
կը
գոչեն.
տես
էտ
էլ
մեր
երկրումը
չկայ։
—Ի՞նչ
խըեար,
ո՞ւր
է.
կը
հարցուի
պոլսեցիներէն։
—Դե՛հ,
այդ
կախը։
—Եղբայր,
այդ
դդում
է.
ասմա
գապագ
կ՚ըսենք։
—Էդպէս
դդո՞ւմ
կը
լինի։
—Էյ
այդպէս
ալ
խըեա՞ր
կ՚ըլլայ։
Ասոր
ալ
չեն
համոզուիր։
Կը
պնդեն
հատ
մը
առնել,
այնտեղ
ուտել,
համը
տեսնելու
համար.
«ախր
փողը
մենք
ենք
տալիս
»,
—
կ՚ըսեն։
Ի՜նչ
փորձանք։
Բռնի
պոլսեցիները
զանոնք
կը
հեռացնեն.
վշտացած
կը
հեռանան։
—Ախր
ինչո՞ւ
մեզ
էդպէս
ծաղրում
էք։
Ուզում
էք,
որ
խըեարը
մեզ
դդում
հաւատացնել
տաք։
Դուք
մեր
երկիրը
որ
գալու
լինիք,
մենք
ձեզ
էդպէս
պան
չենք
անում։
Շուկան
վէճը
իրենց
միջեւ
կը
սկսի։
Մէկը
կ՚ըսէ.
—Է՛հ,
մեր
քաղաքումն
էլ
էսպէս
չարշու
կայ.
չարժէ
տեսնել։
—
Տօ՛,
իդիօտ ,
—
կը
պատասխանէ
ուրիշ
մը
խնդալով ,
—
քո
ամբողջ
քաղաքը
այս
չարշուի
կէսը
չէ.
ո՞ր
տեղաց
էսպէս
չարշու
պէտք
է
ունենաք։
Այդ
միջոցին
լրագիր
ծախողները
կ՚անցնին։
Պոլսեցիները
Արեւելք
մը
կ՚առնեն.
եւ
երկրորդ
երեսը,
ազգային
լուրերու
շարքը
կը
տեսնեն
այցելուներուն
անունները,
մականունները,
քաղաքավարական
յիշատակութեամբ
մը։
Ցոյց
կուտան
անոնց։
Չեն
հաւատար.
իրենք
ալ
կը
կարդան,
ու
ձեռքէ
ձեռք
կ՚անցընեն։
—Տօ՛,
մենք
ովքե՛ր
ենք,
որ
գրել
են.
ո՞ր
տեղաց
էլ
իմացել
են։
Իսկ
Մշակ
էտպէս
պան
չի՛
անի։
Ուղիղ
ասած,
որ
հոսհոս
էք։
Ու
կը
խնդան,
կը
խնդան։
Իւրաքանչիւրը
իրենցմէ
քանի
մը
Արեւելք
կ՚առնէ։
Ամէն
մէկը
կը
բանան,
կը
նային,
թէ
ստուգիւ
անուննին
ամէնուն
ալ
մէջը
կա՞յ։
Ալ
ուրիշ
բանի
վրայ
չեն
նայիր.
աչքերնին
Արեւելքին
է։
Յոգնած
դադրած
կը
հասնին
Սիրքէճի։
Արեւելքի
ցրուիչը,
որ
առտուընէ
ի
վեր
Հայրիկը
կը
փնտռէ,
հոն
կուգայ,
լուր
բերելով,
թէ
Հայրիկը
այն
օրը
Պոլիս
չէ
իջած։
Ուղեւորները
անմխիթար
են.
մինչեւ
իսկ
Արեւելքն
ալ
կը
գոցեն։
Արուեստահանդէսը
հարամ
պիտի
ըլլայ։
Ի՞նչ
երեսով
երկիր
պիտի
վերադառնան։
—Դուք
մարդ
չէք,
պիտի
ասեն
մեզ,
մեր
երեսին
պիտի
թքեն։
***
Ամսէ
մը
ետքը
իրենց
երկիրն
են։
Առաջին
գործերնին
է
իրենց
ազգականներուն,
բարեկամներուն,
ծանօթներուն
Արեւելքը
ցոյց
տալ։
—Տեսէք,
ի՜նչ
հոսհոսներ
են.
մեր
անունը,
ազգանունը,
Պոլիս
գնալը
գրեր
են.
Մշակ
էտպէս
պան
կ՚անի՞։
Ի՞նչ
ասես.
հոսհոս
են.
մեզ
պատիւ
են
արել .
չէ՞։
Ու
յետոյ
հպարտօրէն
կ՚աւելցնեն.
—Ի՜նչ
մեծ
թերթ.
չէ՞.
իսկի
մենք
էլ
էտպէս
մեծ
թերթ
չունենք։
Պատիւ
է
բերում
հայերին,
ուղիղ
ասած
Եւրոպացու
թերթ։
—Է՛հ,
եղբայր,
ուրիշ
ի՞նչ
պատիւ
արեցին
ձեզ
պոլսեցիները։
—Ոչինչ.
մի
մի
փնջան
ղայֆով
հիւրասիրեցին
մեզ։
Ի՜նչ
մեծ
թերթ։
«Նոր
կեանք»,
1900,
թ.
12