Ազգիս բարերարները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱԶԳԻՍ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐԸ
       Եւրոպայ հիմնուած հայ որբանոցի մը տնօրէնը առեւտրական կարեւոր քաղաքի մը վաճառականներուն պաշտպանութիւնն ալ խնդրած ըլլալով, ժողովի մը մէջ նախ իրմէն ինչ ինչ բացատրութիւններ պահանջուեցան՝ առաջարկը նկատողութեան առնելու համար։ Այդ գումարումին ատենագրութիւնը կը հրատարակենք։ Զանազան նկատումներ կը պարտաւորեն մեզի ծածկանունով փոխանակել իրականները։
      
       Ատեանը բացուեցաւ ի ներկայութեան ինը երեւելի վաճառականներու, ատենապետութեամբ Օլօմ—Պօշեան էֆէնտիի։
       Ատենապետը (տնօրէնին ). Միւսի՛ւ, քու ատ որբանոցիդ համար շատ գէշ բաներ լսած ենք։
       Տնօրէնը. Կը խնդրեմ ի՞նչ են լսածներնիդ, ըսողները ո՞վ են։
       —Ո՛վ ըսած է ըսած է, բաւական է, որ ըսուած է։
       —Կարելի՞ է, որ ամբաստանեալի մը չյայտնուի իրեն համար ըսուածները. թշնամական զրպարտութիւններ չե՞ն կրնար ըլլալ ատոնք։
       —Զրպարտութիւն մը ճշմարտութենէն զանազանելու չափ խելքերնիս կը հասնի։
       —Ձեր իմացական կարողութիւնը կասկածի տակ ձգել չէ միտքս. բայց աշխարհի օրէնք է ամբաստանեալէ մը բացատրութիւն ուզել։
       Ժողովական մը. —Ատենապետ էֆէնտի՛, ինչ որ մէջերնիս խօսեցանք, հարցուցէք, տեսնենք ի՞նչ պիտի պատասխանէ։
       —Շա՛տ աղեկ։ Միւսի՛ւ, ատ որբանոցդ ո՞ւր է, աշակերտները ո՞ր տեղուանքներէն են։
       —Լուկանօ է. տղաքը ամէնքը Կիլիկիայէն են։
       —Դէպք պատահա՞ծ տեղուանքներէն են, ո՞րբ են։
       —Բնականաբար։
       —Բան մը տեսե՞ր են. հարերնին, մարերնին մտքերնի՞ն է, ի՛նչ եղաւը գիտե՞ն։
       —Ի՜նչ ըսել է. ամէն բան տեսեր են. ամէն բան մտքերնին է. տասը տասներկու տարեկան են. սիրտ պէտք է դիմանայ պատմածնին լսելով. «Մեյ մը մեծնա՜նք, ի՜նչ պիտի ընենք », կ՚ըսեն։
       —Անուններնին ի՞նչ է։
       —Լեւոն, Հեթում, Սմբատ, Վահան , Արամ…
       —Ձեռք կու տայ։ Ի՞նչ կը սորվին։
       —Քրիստոնէական, հայոց պատմութիւն, հայերէն, գաղիերէն , տաճկերէն…
       —Երգ մե՞րգ։
       —Անտարակոյս։ Եկեղեցական, ազգային բոլոր երգերը։
       —Ժըմլասթիք ալ կ՚ընե՞ն։
       —Տարակոյս ունի՞ք. սքանչելի կ՚ընեն։
       —Արհեստ կը սորվի՞ն։
       —Այո՛, երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն , կօշկակարութիւն։
       —Այսչափը բաւական է։ Միւսիւ, ալ ի բերանոյ քումմէ դատեցար։
       Մեր գիտցածէն աւելը իմացանք։
       —(Շուարած Ի՞նչ կայ, ի՞նչ ըսի՞ որ։
       Քիչ մը դուրս ելիր. ժողովը առանձին պէտք է խորհրդակցի։
       (Տնօրէնը դուրս եկաւ։ Կէս ժամէն կանչուեցաւ. ատենապետը իմացուց, որ ժողովը տրամադիր կ՚երեւի որբանոցին պաշտպանութեանը մասնակցիլ. բայց նախ կ՚ուզէ տնօրէնէն լսուած պատասխաններուն վրայ քանի մը դիտողութիւն առնել. ու նաեւ պիտի ներկայացուին առաջարկութիւններ ալ)։
       —Ինչո՞ւ սա որբանոցը Եւրոպայ բացեր ես։
       —Ազատ երկրի մէջ չեմ նեղուիր կրթութիւն տալու համար։
       —Պարապ խօսք։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ դպրոց, որբանոց պակաս չէ, ամէն օր ալ կը բացուին։ Որբանոցդ պէտք է օսմանեան հողը փոխադրես, որպէսզի տղոցը շնորհքով ազգօգուտ դաստիարակութիւն տաս։
       —Ի՞նչ կ՚ըսէք, կարելի՞ բան է։
       —Քու գիտնալու բանդ է։ Տղաքը ո՞ր կողմերէն են։
       —Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներէն, Այնթապ, Մարաշ, Ատանա, Զեյ…
       —(Բարկութեամբ ընդմիջելով Ձեռք կու տայ, ձեռք կու տայ։ Ատ քաղաքներէն չ՚ըլլար։ Ազգին բոլոր աղետները ատ քաղաքներուն երեսէն են. բարով խերով չըլլային։ Ուրիշ քաղաք չկա՞յ մի։
       —Ինչո՞ւ չէ. Վանէն, Մուշէն , Էրզրումէն…
       —Մեզի ծաղրելո՞ւ ելեր ես։ Ատոնք գէշին գէշն են։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ քաղաքներուն երեսէն են. բարո՛վ խերով չըլլային։ Ուրիշ քաղա՞ք կը պակսի։
       —Շատ աղէկ, ուրիշ տեղերէ ալ որբեր կան. Մարզուան, Ակն , Արաբկիր…
       —(Բարկութեամբ Մենք քեզի շնորհքով քաղաք կ՚ըսենք՝ դուն ելեր ի՞նչ կ՚ըսես։ Անոնց բոյնը էն առաջ ատ տեղուանքը դրուեցաւ. մենք ալ բան գիտենք։ Ազգին բոլոր աղետները ատ քաղաքներուն երեսէն են. բարո՛վ խերով չըլլային։
       —Կիլիկիայէն չառնե՛մ , Հայաստանէն չառնե՛մ, Փոքր-Հայքէն չառնե՛մ, անդին ի՞նչ մնաց։
       —Հայուն խըթլըխի՞ն եկեր ես, որ պիտի երթաս տէրութեան ջիղերուն դպած տեղերէն առնես։ Մինչեւ Չինումաչուն հայ կայ, ա՛ռ ու առ։ Աս աս է. կարճ կապենք։ Ի՞նչ տեսակ որբեր են նայինք։
       —Որբին տեսակը կա՞յ, ամէնուն ալ հարը մարը ջար…
       Ժողովականները. Սըս, սըս , սը…
       —Միւսիւ, մտածելով խօսէ։ Ամէն բան իր պատշաճ լեզուն ունի. ատանկ բաներուն կ՚ըսեն՝ դէպքին հանդիպած են։
       —Ատ ալ աղէկ, ամէնուն ալ հարը, մարը դէպքին հանդիպած են, տղաքն ալ որբ մնացած են։
       —Շէնքով շնորհքով որբեր չկա՞ն, որ կ՚երթաք ատանկները կը փնտռէք։
       —(Զարմացած Շէնքով շնորհքով որբը ո՞րն է։
       —Մարդը կը հիւանդանայ, խոստովանանքը կ՚ըլլայ, հաղորդութիւնը կ՚առնէ, խելքը գլուխը անկողնին մէջ հոգին կ՚աւանդէ, եկեղեցական արարողութիւններով կը տանին կը թաղեն. ասանկ կանոնաւոր մեռնողին ո՞վ բան կ՚ըսէ։ Ասոնց ձգած տղաքն ալ շէնքով շնորհքով որբ են, մեղքցուելու ալ արժանաւոր։ Ասա՛նկ որբեր առնելու ես։ Մեյ մըն ալ, ի՞նչ ըսել է ատ տարիքը տղաք առնել, որ մտքերնին բաներ մը դրած ըլլան։
       —Ծիծի տղա՞քը առնեմ։
       —Ատ քու գիտնալու բանդ է։ Ատ տարիքը տղաքներ կ՚առնէք, որ մտքերնին բաներ մը դրած ըլլան. անոնց գլուխը շուտով կը լեցուի. երթան բան մըն ալ իրենք հանեն, վրէժ լուծենք ըսելով, ինչպէս բերնովդ խոստովանեցար։ Անոնք ալ պատիժնին շուտ կը գտնեն, բայց ի՞նչ օգուտ, անոնց տղաքն ալ նորէն ասանկ մեր վրայ կը մնան։ Ու մենք դատինք աշխատինք, մեր զաւակնե՛րն ալ դատին, աշխատին, մեր թոռներն ալ դատին, աշխատին, որ ասանկները պահենք մեծցնե՜նք։ Ամա՜ն, Աստուած, ամա՜ն, Աստուած, աս ի՞նչ է մեր քաշածը։
       (Ժողովականները կէս մը ոտքի ելած օձիքնին կը թօթուեն ու միաբերան ). Ամա՜ն, Աստուած, ամա՜ն, Աստուած, աս ի՞նչ է մեր քաշածը։
       —Ահա կը տեսնե՞ս, ժողովս ամբողջապէս կը բողոքէ, ա՛լ դուն մտմտա, թէ ի՞նչ ընելու ես, ընտոր տղաք առնելու ես, որ մեր վստահութիւնը գրաւես։ Գանք սա անուններուն։ Ասկէ ետքը ա՛լ ատանկ անուններ պիտի չըլլան։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ անուններու երեսէն են. բարո՛վ խերով չըլլային։ Առաջ ի՜նչ երջանիկ էինք, երբ շէնքով շնորհքով հայու անուններ կային։ Որբերուն ատ մեր հին անունները դնելու է։
       —Ատ դիւրին է, հին անունները կը դնենք. Սարգիս, Գէորգ, Մկրտիչ, Գրիգոր, Թադէոս , Բարթողիմէոս…
       —Կեցի՛ր, միւսիւ, կեցի՛ր, ո՞ւր կը վազես։ Ատ անուններն ալ չեն ըլլար։
       —Բայց մեր հօրենական պապենական անունները ասոնք չե՞ն։
       —Ամէն բան իր ատենին։ Հիմա ատ անունները շա՛տ ջուր կը վերցնեն։ Մեյ մը սա Սարգիսը, Գէորգը, երբե՛ք չենք ընդունիր։ Ան ի՜նչ է ժամերը պատկերներուն վրան կան, ձեռքերնին սուր, ներքեւնին ձի, ոտքերնուն տակ գազան մը։ Տէրութեան կասկած տալու չէ, տղոցը միտքն ալ բան ձգելու չէ։ Մկրտիչը՝ արմատէն ջնջելու է. հիմա գացեր Էջմիածին հանգիստը կը նայի։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ մարդուն երեսէն են. բարո՛վ խերով չ՚ըլլար։ Ան Գրիգոր է, Թադէոս է, Բարթողիմէոս է, անոնք մտքէ անցընելն ալ մեղք է։ Մենք ալ քիչ մը ի գրոց ենք, գիտենք։ Գրիգոր, Թադէոս, Բարթողիմէոս ըսի՞ր մի , լէպ տէմէտէն լէպլէպիի աղնար, «Հայաստանեացս » ալ ինքնիրենը ետեւէն կու գայ։ Հայաստան մայաստան չկա՜յ. ատ բաները ա՛լ լմնցան։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ Հայաստան անունին երեսէն են. բարո՛վ խերով չ՚ըլլար։ (Հեգնական շեշտով մը Անուններուդ փունջին մէջ մեծ կարմիր վարդը կը պակսի։ Ներսէսնիդ ո՞ւր է, Ներսէսնի՜դ, ան ինչո՞ւ չես դրեր… Ինչ է նէ, նորէն կարգաւոր է, լեզուս բռնեմ։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ մարդուն երեսէն են. բարո՛վ խերով չ՚ըլլար։
       —(Ժպիտով մը Հասկցայ, հասկցայ, աւետարանիչներու, առաքեալներու անուններէն դուրս չեմ ելլեր։
       —Հա՛, սանկ կարգի եկուր, ի՞նչ անուններ պիտի դնես նայինք։
       —Աւետարանիչներէն կը սկսինք , Մատ…
       —(Ժողովականները ամէնքը մէկ զսպանակէ մը մղուածի պէս վեր կը ցատկեն գունաթափ, պոռալով Պապանձէ՛, պապանձէ՛, լեզու՛դ բռնուի։
       —Միւսիւ՛, միւսիւ՛, խելքդ գլուխդ կանչէ, բերնէդ ելածը ականջդ թո՛ղ լսէ։ Միտքդ ուր կ՚երթայ, մենք կը հասկնանք։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ մարդուն երեսէն են. բարո՛վ խերով չըլլար։
       —Բայց ի՞նչ անուն կ՚ուզէք, դուք ըսէք, ա՛լ բան չմնաց։
       —Ատ քու գիտնալու բանդ է, անանկ երկու միտքով անուններ չ՚ըլլար, ժողովիս որոշումը աս է։ Գանք սորվըցուցածներուդ։ Նայէ՛, քրիստոնէականին խօսք չունինք։ Աղէկ հոգ տար։ Ա՛ն խոնարհութեան, համբերութեան, հեզութեան, հնազանդութեան պատուիրանքները, իշխանութեան Աստուծմէ ըլլալուն ճշմարտութիւնը, թագաւորին հաւատարիմ չեղողները դժոխք կ՚երթանք «ծառայք հնազանդ լերուք տէրանց ձերոցը », հապա ան մէկ երեսիդ զարնողին միւսը դարձուր պատուակա՛ն խրատը, մարգրիտներ են, մարգրիտնե՜ր։ Ասոնք տղոցը մտքերուն, սրտերուն, հոգիներուն մէջը խորթէ, որ իրենք ալ փորձանքի չհանդիպին, ազգն ալ, ու օր մը մեզի օրհնեն։ Բայց Հայոց պատմութիւն ըսուածին անունը պիտի չլսուի. արմատէ՛ն, արմատէ՛ն (ձեռքովը մանգաղի պէս կը հնձէ Հայկ, Արամ, Տիգրան, Լեւոն, չ՚ըլլար։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ Հայոց պատմութեան երեսէն են. բարո՜վ, խերով չ՚ըլլար։ Օսմաներէնը ինչո՞ւ էն ետքը ըսիր։ Է՜ն առաջ։ Եւ անանկ թուրքերէն, տաճկերէն նախատական բառերը պիտի վերցուին. Օսմաներէն պիտի ըսուի։ Գանք էն կարեւորին. ազգային երգը ի՞նչ է նայինք։ Բամ փորոտա՞ն, Արիք Հայկազո՞ւնք, ատոնց մե՛կ գիրը անգամ պիտի չլսուի։ Ազգին բոլոր աղէտները ատ երգերուն երեսէն են, բարո՛վ, խերով չըլլային։
       —Շատ աղէկ, մինակ եկեղեցական երգեր սորվեցնենք։
       —Բայց անոնց մէջ ալ անանկ Հրաշափառ է, Վարդանանց է, Ղեւոնդեանց է, թագաւորաց, քրիստոնէից եւ զինուորեալ մանկանց նոցա է, ըլլալու չեն։ Զինուորեալ մանկանց եղեր, սըւոր նայէ. ան լակոտներն ալ ժամը ասանկ բաներ լսելով կը հաւատան, որ մանուկը զէնք կրնայ առնել, քրիստոնեայ թագաւորին հետ միանալ։ Ժըմլասթիքը ի՞նչ է , նայինք։
       —Առողջութեան համար է, տղաքը ուժ կ՚առնեն, կը զօրանան։
       —Պէտք չէ, մենք առողջ ենք նէ ժըմլասթի՞ք ըրած ենք։ Ատանկ բաները կռուի պատրաստութիւններ են։ Սորվըցուցած արհեստնե՞րդ ինչ են։
       —Արդեն ըսի, ի հարկին ապրուստ ճարելու գործ մը։ Երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն , կօշկակարութիւն։
       —Արհեստը աղեկ բան է, ոսկի պիլեզիկ է, կ՚ըսեն, նայէ՛, ատիկայ շատ խելացի մտմտացեր ես, բայց շնորհքով արհեստ սորվըցնելու ես, որ կառավարութիւնն ալ չկասկածի, ատ քու սորվըցուցածներդ օր մը շատ գէշութիւն առաջ կը բերեն։
       —Ի՞նչ արհեստ կուզէք, դուք ըսէք։
       —Ատ քու գիտնալու բանդ է, ժողովիս միտքը հասկցար։ Անանկ արհեստներ սորվեցնելու ես, որ մէջը դանակ մանակ, սուր մուր, ասեղ, թօփելու, պիզ միզ չմտնեն։ Ատանկ արհեստներ շա՜տ։ Ատ լմնցաւ. սա դաս տուողները ո՞վ են նայինք։
       —Դպրոցէ ելած, ուսեալ, շնորհքով մարդիկ են։
       —Անշուշտ դպրոցէ ելած են, հարցուցածնիս ատ չէ , անոնցմէ՞ են։
       —Որոնցմէ՞։
       —Չէ՞ք հասկնար կոր, հը, ի նոցանէ՞ են։ Արդեն մէկիկ մէկիկ պիտի քննենք եա։ Ազգին բոլոր աղէտները անոնց երեսէն են, բարո՛վ խերով չ՚ըլլային։
       Հիմա՛, միւսիւ, ժողովիս հոգին ըմբռնեցիր, որոշումները հասկցար, գնայ ատոնց վրայ աղեկ մը մտմտա, քեզի ժամանակ, եթէ մեր բոլոր պայմանները յանձն կ՚առնես, մենք ալ որբանոցիդ համար ընելիքնիս գիտենք, ատիկա մեզի ձգէ։
       —Բայց նախ կը փափագէի գիտնալ, թէ ձեր աջակցութիւնը մինչեւ ո՞ր աստիճան պիտի ըլլայ, որպէս զի ես ալ անոր համեմատ ընելիքս որոշեմ։
       —Է՛հ, ժամանակները յայտնի են. մենք ալ աս գործերուն երեսէն շատ վնաս ունեցանք, անոր համար սրտերնիս էրած կը խօսինք։ Մինակ մենք հոս եղողներս պիտի տանք. եթէ մեր բոլոր որոշումները ընդունիս, մենք ալ մէջերնիս հանգանակութիւն ընելով քեզի ամիսը օսմանեան ոսկի մը կու տանք։
       (Ժողովական մը) Ատենապետ էֆէնտի, ամենքը չլմնցաւ, ուրիշ պայման մըն ալ կայ. սա գիտես…
       —Աղէկ միտքս ձգեցիր, մենծ էշը ախոռը մոռցանք , միւսիւ…
       (Տնօրէնը, ոտքի ելլելով, աչքերը չորս դին ժուռ կ՚ածէ, աղեկ մը կը նայի, եւ յետոյ ատենապետին դառնալով ) Ի՞նչ, դեռ դո՞ւրս ալ մնացող կայ եղեր։ (Կը ձգէ կը մեկնի)։
       Քանի մը րոպէ շուարում։
       —Սրիկա՛ն, մեզի ամէնքս էշ ըրաւ , չլսեցի՞ք։
       (Ժողովականները սթափած, ամենքը ոտքի վրայ կը խօսին իրարու հետ Տեսա՞ր ապերախտ շունը, մենք իրեն այնքան աղէկութիւն ընենք, ինք մեզի էշ ընէ։ Հապա իր հասցուցած լակոտները ի՞նչ պիտի ըլլան։ —Եկուր սա ազգին բարիք ըրէ։ —Աս ի՜նչ է էֆէնտիմ քաշածնիս, աս ի՜նչ է, աշխարհքիս հոգը մեզի՞ են տուեր։ —Բարերար եղիր, որ էշ ըլլաս։ —Հայտէ երթանք մեյմէկ պիրա խմենք, քիչ մը պաղշկինք։ Էօ՜ֆ, սա ազգին ձեռքէն քաշածներնիս (օձիք թոթուելով կը մեկնին)։
       «Նոր կեանք», 1898, թ. 24