ՕՐՀՆԵԱԼ
ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԸ
Քառորդ
դար
մը
առաջ
Կ.
Պոլսոյ
հայերէն
թերթերը
ազգային
լուրերու
բաժնին
մէջ
հրատարակեցին
հետեւեալը.
«Հանգուցեալ
Կարապետ
էֆէնտի
Գարակէօզեան
40.
000
ոսկի
կտակած
էր
Կ.
Պոլսոյ
Գարակէօզեան
առեւտրական
վարժարանի
մը
հաստատութեան
համար։
Հանգուցեալին
ընտանիքին
Ազգային
Պատրիարքարանին
միջեւ
սոյն
կտակին
վերաբերեալ
պաշտօնական
գործողութիւնները
կատարուած
վերջացած
ըլլալով,
Ազգային
Ժողովը
իր
երեկուան
նիստին
մէջ,
որուն
անձամբ
կը
նախագահէր
Ամեն.
Սրբազան
Պատրիարք
Հայրը,
յոտնկայս
օրհնեց
վաղամեռիկ
բարերարին
յիշատակը,
ու
երախտագիտութեան
քուէ
տուաւ
համայն
Գարակէօզեան
ազգասէր
տոհմին։
—Օրհնեա՜լ
գերդաստան»։
***
Քառորդ
դար
մը
վերջ,
1896—ին,
Կ.
Պոլսոյ
հայերէն
թերթերը
ազգային
լուրերու
բաժնին
մէջ
հրատարակեցին
հետեւեալը.
«Պաշտօնապէս
Ամեն.
Ս.
պատրիարք
Հօր
յանձնուած
ըլլալով
հանգուցեալ
Տիգրան
էֆէնտի
Գարակէօզեանի
կտակը,
որով
իր
հարստութեան
մէկ
երրորդը
ազգին
կը
թողու
Կ.
Պոլիս
Գարակէօզեան
առեւտրական
վարժարանի
մը
հաստատութեան
համար,
Ազգային
Վարչութեան
խառը
Ժողովը
երեկուան
նիստին
մէջ,
որուն
անձամբ
կը
նախագահէր
Ամեն.
Սրբազան
Պատրիարք
Հայրը,
յոտնկայս
օրհնեց
վաղամեռիկ
բարերարին
յիշատակը,
ու
երախտագիտութեան
քուէ
տուաւ
համայն
Գարակէօզեան
ազգասէր
ընտանիքին։
—Օրհնեա՜լ
գերդաստան»։
***
Քառորդ
դար
մը
վերջ,
1921—ին,
Կ.
Պոլսոյ
հայերէն
թերթերը
ազգային
լուրերու
բաժնին
մէջ
հրատարակեցին
հետեւեալը.
«Պաշտօնապէս
Ամեն.
Սրբազան
Պատրիարք
Հօր
յանձնուած
ըլլալով
հանգուցեալ
Գրիգոր
էֆէնտի
Գարակէօզեանի
կտակն,
որով
իր
հարստութեան
մէկ
երրորդն
ազգին
կը
թողու
Կ.
Պոլիս
Գարակէօզեան
առեւտրական
վարժարանի
մը
հաստատութեանը
համար,
Ազգային
Ժողովը
իր
երէկուան
նիստին
մէջ,
որուն
անձամբ
կը
նախագահէր
Ամեն.
Սրբազան
պատրիարք
Հայրը,
յոտնկայս
օրհնեց
ծերունազարդ
բարերարին
յիշատակը,
ու
երախտագիտութեան
քուէ
տուաւ
համայն
Գարակէօզեան
ազգասէր
տոհմին։
—Օրհնեա՜լ
գերդաստան»։
***
Հայաստանի
մայրաքաղաք
Հնչակապատի
2001—ի
թերթերուն
մէջ
կը
կարդանք
հետեւեալը.
«Հայկական
հանրապետութիւնը
իր
առաջին
տարեդարձը
կը
տօնէ
հոյակապ
նուիրատւութեամբ
մը։
Ամիս
մը
առաջ
վախճանեցաւ
ծերունի
վաճառական
պ.
Կարապետ
Գարակէօզեան
թոռան
թոռնորդին
հարիւր
քսանհինգ
տարի
առաջ
մեռած
Կարապետ
Գարակէօզեան
վաճառականին։—
Հանգուցեալը
իր
հարստութեան
մէկ
երրորդը՝
մէկ
միլիոն
ոսկի
սկուտ.
հայկական—
կտակած
է
Հնչակապատի
մէջ
առեւտրական
վարժարանի
մը
հաստատութեանը։
Սրբոյն
Մատթէի
Իզմիրլեանի
Մայր
եկեղեցիին
մէջ
երէկ
հանդիսաւոր
պաշտօն
եւ
պատարագ
մատուցուեցաւ
հանգուցեալին
հոգուն։
Պատարագիչ
սրբազան
հայրը
զգածեալ
շեշտերով
օրհնեց
յիշատակը
բարերարին
եւ
համայն
Գարակէօզեան
ազգասէր
տոհմին։
—Օրհնեա՜լ
գերդաստան»։
***
—
Անկողմնակալութիւնը
կը
պարտաւորէ
մեզի
արտատպել
նաեւ
ազատական
կուսակցութեան
գլխաւոր
բերանը
եղող
«Ազատ
Հայրենիքի
»
հետեւեալ
հատուածը.
«Կղերական
թերթերը
ծանուցին
Հայոց
եկեղեցիներուն
մէջ
«Օրհնեալ
գերդաստան»
հին
զաւեշտախաղի
մը
չենք
գիտեր
քանիերորդ
ներկայացումը։
Այդ
խաղը
երբ
մեր
անցեալ
ստրկութեան
օրերու
արձագանգը
կը
բերէ
մեզի,
իր
հարատեւ
կրկնութեամբը
կը
հաստատէ
նաեւ,
թէ
ժողովուրդ
մը
կրնայ
աւելի
դիւրաւ
ազատիլ
քաղաքական
գերութենէն
քան
բարոյական
ստրկութենէ։
Թուրքերը
հին
ատեն
իրենց
քիմքին
համար
խաղ
մը
ունէին
եղեր—մեր
ծերերը
աղօտ
իմն
կը
յիշեն—«Գարակէօզ
»
կոչուած
կեղտոտ
բարքերու
կատարելագործեալ
տիպարը.
մենք
Հայերս
ալ
ունեցած
ենք
մեր
Գարակէօզի
խաղը,
տարբերութեամբ
մը
սակայն.
Իսլամները
երբեք
չեն
մտաբերած
իրենց
մզկիթներուն
մէջ
ներկայացնել
այդ
զաւեշտը
Մահմէտի
հովանիին
տակ,
մոլլաներուն
աղօթքովը,
իսկ
Հայերը
իրենց
սրբութեան
նուիրուած
տաճարին
մէջ,
իրենց
Քրիստոսի
աչքին
առջեւը,
եպիսկոպոսական
օրհնութիւններով
կը
ներկայացնեն
ստութեան,
կեղծաւորութեան,
խարդախութեան
հրաշալի
գլուխ
գործոց
«Գարակէօզ
»
զաւեշտը։
Այս
կեղտոտ
զաւեշտին
նիւթը
ամփոփենք
երկու
բառով։
Ասկէ
հարիւր
քսանհինգ
տարի
առաջ
Ձարիկրատ
մեռած
ոմն
Կարապետ
Գարակէօզեան
գումար
մը
կը
կտակէ
առեւտրական
վարժարանի
մը
շինութեանը.
չտես
հայ
հասարակութիւնը
անմիջապէս
մաղթանքներով
ազգային
բարերար
կը
հռչակէ
Կարապետ
Գարակէօզեանը
եւ
ընտանիքը,
չյիշելով
գոնէ
ազգային
առածը՝
«կեր
ու
ապա
գոհացիր
»։
Տարիներ
կ՚անցնին,
առանց
սակայն
վարժարանին
նշոյլը
նշմարուելու.
բայց
ձրիաբար
անմահ
բարերար
եւ
իրենց
ընտանիքն
ալ
«օրհնեալ
գերդաստան
»
կոչել
տալու
համը
ամէն
Գարակէօզեանի
բերանը
մնացած
ըլլալով,
ամէն
Գարակէօզեան
իր
սնտուկին
մէջ
պատրաստ
կտակ
մը
ունի,
որ
իր
մեռած
օրը
երեւան
կուգայ.
մեռնողը
ապահով
է
թէ
իր
կտակը
պիտի
չգործադրուի,
ու
ինքն
ալ
«անմահ
բարերարի
»
տիտղոսը
պիտի
վայելէ։
Խաղը
կը
շարունակուի
հարիւր
քսանըհինգ
տարիէ
ի
վեր
եւ
պիտի
շարունակուի,
վասն
զի
Գարակէօզեան
ճետն
ալ
կը
շարունակուի։
Եւ
ահա
այսպէս
այդ
Գարակէօզեանները
առանց
լումայ
մը
ծախսելու,
ձրիաբար
«օրհնեալ
գերդաստան»,
«անմահ
բարերարի
»
տիտղոսներ
ժառանգական
ըրած
են
իրենց
համար,
առանց
ազգին
ժառանգութիւն
մը
ձգելու։
Բայց
կ՚անդրադառնանք
թէ
պիտի
կարծուի,
որ
սխալ
մը
ըրած
ըլլալու
ենք
«ձրիաբար
»
բացատրութիւնը
գործածելով։
«Հապա
թո՞ւղթը,
մելա՞նը,
գրի՞չը,
կտակները
գրելու
համար,
ատոնք
ստակով
չե՞ն»,
պիտի
հարցուի։
«Փութանք
որեւէ
սխալ
հասկացողութիւն
շտկել։
Կայ
աւանդութիւն
մը,
որ
հաստատուեցաւ
նաեւ
նորոգ
մեռնող
Կարապետ
Գարակէօզեանի
գործովն
ալ,
թէ
ամէն
կտակարար
Գարակէօզեան
իրենց
թաղին
եկեղեցին
երթալով
թերթ
մը
թուղթ,
գրիչ
եւ
մելան
կ՚ուզեն
եղեր
կտակը
անոնցմով
պատրաստելու—
ազգին
բարիք
պիտի
ընենք,
ծախքը
գոնէ
ազգը
հոգալու
է,
ըսելով։
Ու
միանգամայն
եկեղեցիին
աթոռներուն
վրայ
նստած՝
կը
գրեն
կտակնին,
իրենց
տան
աթոռները
նուազ
մաշեցնելու
հոգածութեամբ։
Պատճառ
մը
չունինք
տարակուսելու
այս
տեղեկութեան
ստուգութեանը։
Հանրային
կրթութեան
պաշտօնատունը,
որ
կտակին
օրինաւոր
տէրն
է,
եթէ
յաջողի
անկախ
Հայաստանի
մէջ
գործադրել
տալ
այս
վերջին
կտակը,
ա՛լ
անկէ
ետքը
իրենց
նշանակութիւնը
պէտք
է
կորսնցնեն
սերունդէ
սերունդ
ժողովրդին
բերանը
պտըտած
առածներ,
որոնք
երբ
գործողութեան
մը
անհնարինութիւնը
կը
պատկերացնեն,
օրինակի
համար
կ՚ըսեն՝
«Երբ
ձուկը
ծառը
ելլէ
»։
Գարակէօզեան
կտակը
եթէ
գործադրուի,
ձուկին
ծառը
ելլելը՝
թռչունին
ծառը
թառելուն
պէս
բնական
գործողութիւն
մը
պիտի
համարուի
անկէ
ետքը»։
***
Ահեղ
օրը.
տիեզերք
տակն
ու
վրայ.
վերջին
դատաստանը
կը
կատարուի
Հովսափաթու
Ձորին
մէջ,
ուր
Հայր
Աստուած
գահը
բազմած,
աջ
կողմը
Որդին,
ձախը՝
Հոգին,
կը
դատէ
մարդկեղէն
արարածները
«ի
սկզբանէ
աշխարհի
զկատարած
»։
Առաջին
քարտուղար
Ռափայէլ
կը
կարդայ
կենաց—դպրութեան
Մայր
Տոմարը,
որուն
առաջին
գլուխը
Հայոց
ազգինն
է,
Հայերը
ըլլալով
ուղղակի
շառաւիղ
նախաստեղծ
մարդուն.
Ադամէն—Նոյ,
Նոյէն—Հայկ,
անկէ
ալ
շիփ—շիտակ
մենք։
Կանչուած
անունը
յարութիւն
կ՚առնէ,
կը
ներկայանայ
ատեան,
կը
պատասխանէ
եղած
հարցումներուն,
կը
լսէ
վճիռը։
Երբ
կը
սկսի
մեր
այս
տեղեկագրութիւնը,
Ռափայէլ
հասած
է
Գ—ին
եւ
կը
կարդա.
—Գարակէօզեան
Կա…
Սակայն
անդրադառնալով,
որ
այդ
մականունը
քանի
մը
հազար
էջ
գրաւած
է
եւ
ամենուն
դիմացը
իբր
կենսագրական
ծանօթութիւն
«բարերար
ազգին
»
արձանագրուած,
լաւագոյն
կը
համարէ
բոլորը
մէկէն
կանչել
լմնցնել.
անանկ
ալ
ամէնքը
մէկտեղ
արքայութիւն
պիտի
երթան,
ասանկ
ալ.
ուստի
կը
գոչէ.
—Գարակէօզեա՛ն
ընտանիք։
Անշարժութիւն
մեռելաստան
աշխարհին
մէջ.
Ռափայէլ
ապշած
կը
կրկնէ.
—Գարակէօզեա՛ն
ընտանիք։
Անշարժութիւն։
Ռափայէլ
կը
բարկանայ
արձանագրիչ
հրեշտակներուն.
սխալ
մը
ըրած
ըլլալու
են։
Այս
միջոցին
Գաբրիէլ
կը
վերադառնար
կործանուած
աշխարհէն,
փողը
թեւին
տակ,
ձեռքն
ալ
թուղթ
մը
զոր
խնդալով
կը
կարդար։
Կործանումէն
յետոյ
մէյմը
պտոյտի
ելած
էր.
նախնի
Եդէմէն,
ուր
դեռ
օր
մը
առաջ
Հայոց
վերջին
մայրաքաղաքը
կար,
փշրուած
տպարանի
մը
աւերակներուն
վրայ
տեսաւ
թռչող
թուղթի
կտոր
մը,
տիեզերքի
վերջին
օրուան
վերջին
հայերէն
օրաթերթին
վերջին
լուրերը։
Գաբրիէլ
զայն
վերցուց
առաւ.
«Աղէկ
կը
յիշեմ,
ըսաւ
ինքնիրեն,
որ
մարդուն
ստեղծուելէն
յետոյ
աս
անցած
տեղս
իսկ
իմացայ
աշխարհիս
առաջին
լուրը,
օձին
խաբեբայութիւնը,
տեսնենք
վերջին
լուրը
ի՞նչ
եղած
է»։
Ահա
ինչ
կը
կարդայ.
—Պաշտօնապէս
Ամեն.
Ս.
Պատրիարք
հօր
յանձնուած
ըլլալով
Կարապետ
Օրհնեալգերդաստանեանին
կտակը,
որով
հանգուցեալը
իր
հարստութեան
մէկ
երրորդ
մասը
ազգին
կը
թողու
առեւտրական
վարժարանի
մը
հաստատութեան
համար…»։
Աւելորդ
է
շարունակութիւնը
արտատպել.
ուզողը
կրնայ
զայն
գտնել
տասնիններորդ
դարու
վերջին
քառորդէն
աշխարհիս
մինչեւ
վերջի
օրուան
հայերէն
թերթերուն
մէջ։
Առաջ
կը
բերենք
միայն
հետեւեալ
ծանօթագրութիւնը.
«Յիշեալ
Կարապետ
եւ
իր
բոլոր
ազգականները
թէեւ
Օրհնեալգերդաստանեան
կը
կոչուին,
սակայն
վերջերս
հնագիտական
խուզարկութիւններ
հաստատեցին,
թէ
ժամանակաւ
այս
ընտանիքին
մականունը
Գարակէօզեան
եղած
է.
բայց
յայտնի
չէ,
թէ
դարերու
հոլովումին
մէջ
մականունի
փոփոխութիւնը
ի՛նչպէս
տեղի
ունեցեր
է»։
Երբ
Գաբրիէլ
պաշտօնակիցներուն
քով
հասաւ,
Ռափայէլ
հարցուց.
—Եղբայր
Գաբօ,
սըւոնց
հոգին
դուն
առած
ես,
յայտնի
է,
ամէնքն
ալ
բարերար
են .
բայց
արձանագրութեան
մէջ
սխալ
մը
եղած
ըլլալու
է.
երկու
անգամ
կանչեցի,
ելլող
չեղաւ։
—Սխալում
չկա ,
—
պատասխանեց
Գաբրիէլ ,
—
օրհնեալգերդաստանեան
ձայնէ
եւ
ամէնքն
ալ
կ՚ելլեն.
ինչ
ըլլալը
վերջը
կ՚ըսեմ։
—Օրհնեալգերդաստանեան
ընտանի՛ք ,
—
գոչեց
Ռափայէլ։
Եւ
ահա
քանի
մը
միլիոն
Գարակէօզեան
գլուխ,
թէեւ,
մարմնի
ամէն
մասեր
վեր
կանգնելով
իրարու
մօտ
եկան
եւ
յօրինեցին
իսկական
իրանները.
ամէնուն
ալ
սակայն
երկու
ձեռքերնուն
հնգական
մատները
ամուր
մը
գոցուած։
—Ասոնք
ամէնքն
ալ
Արքայութիւն,
անանկ
չէ՞,
—
հարցուց
որդին
ուրախութեամբ։
—Հրամմեր
էք,
Տէր ,
—
պատասխանեց
Գաբրիէլ ,
—
ամէնքն
ալ
ազգերնուն
բարերարները.
օրհնեա՜լ
գերդաստան։
Ու
ահա
յանկարծ
շարժում
չորս
կողմէն.
թապլտուքներ
գերեզմաններու
մէջ.
բողոքի
խեղդուկ
ձայներ։
—Ի՞նչ
է
աս ,
—
ըսաւ
հայրը ,
—
բան
մը
ծածո՞ւկ
կը
պահուի
ինէ.
վրդովեալնե՛ր,
ելէք
եկէք,
տեսնեմ
ի՞նչ
է։
Եւ
կմախքները
վեր
բարձրացան.
յուսահատ
դէմքեր։
Գթառատ
շեշտով
մը
Որդին
հարցուց.
—Դուք
անիրաւութեան
զոհեր
եղած
ըլլալու
էք.
ինչո՞ւ
սակայն
այսքան
անհամբեր։
Ըսէք,
ի՞նչ
կ՚ուզէք։
—Օ՜հ,
Տէր
արդարադատ ,
—
գոչեցին
ձայներ ,
—
քննութի՜ւն ,
քննութի՜ւն։
Պռստելով
յօնքերը,
հայրը
կանչեց
Գաբրիէլը.
—Գաբրիէ՛լ,
ի՞նչ
է
աս
բողոքը.
դո՞ւն
առիր
Գարակէօզեաններու
հոգին.
դո՞ւն
«բարերար
»
արձանագրել
տուիր
այդ
անունները։
—Տէր ,
—
պատասխանեց
Գաբրիէլ ,
—
ամէն
անգամ
որ
կը
շրջէի
հայ
ժողովրդին
մէջ
հոգի
ժողվելու
պաշտօնովս,
միշտ
ականջիս
կը
զարնէր,
«Գարակէօզեան,
բարերար,
օրհնեալ
գերդաստան
»
բացատրութիւնները
իրարու
ձուլուած։
Տաճարներուդ
մէջ
այդ
անունները
կը
փառաբանուէին
պատրիարքական
կոնդակներով.
արդար
մարդիկ
կարծելով
հոգինին
ե՛ս
առի։
***
—Հասկցայ ,
—
ըսաւ
Հայրը ,
—
քենէ
առաջ
պատասխանատուութիւնը
Պատրիարքներուն
վրայ
կը
ծանրանայ.
առանց
անոնց
հաւանութեանը
ո՛չ
եկեղեցիներս
կը
պղծուին
խաբեբայութեամբ,
ո՛չ
ժողովուրդը
ստութիւններու
զոհ
կ՚երթայ։
Որո՞նք
էին
Պատրիարքները։
Ռափայէլ,
տետրակներէն
ստուգելով,
—Առաջին
կտակարար
Կարապետ
Գարակէօզեան,
ժամանակին
Պատրիարքն
ալ
Ներսէս
Վարժապետեան։
—Ներսէսը
մեծատուններուն
քիչ
մը
շատ
երես
կու
տար ,
—
ըսաւ
հայրը,
—
ասոնց
ալ
աչք
գոցած
ըլլալու
է։
Բայց
ուրիշ
աղէկ
բաներ
ալ
ըրած
է,
անոնք
դէմը
կ՚առնեն։
Կանչելու
պէտք
չկայ։
Ետեւէն
եկո՞ղը։
—Յաջորդ
կտակարարը
Տիգրան ,
Պատրիարք
Մատթէոս։
—Կանչէ՛։
—Մատթէոս
Պատրիարք
Իզմիրլեան։
Հանդարտ
հանդարտ
գլուխը
գերեզմանէն
հանելով
Իզմիրլեան
կը
յառաջանայ
ծանրաքայլ.
հրեշտակները
պատկառանք
կը
զգան.
Հայրն
ալ
ինքզինքը
կը
ժողովուէ։
Պատրիարքը
յարգանքով
կը
բարեւէ
Հայրը,
Որդին,
Հոգին,
եւ
կը
կայնի։
—Մատթէոս,
—
կը
հարցնէ
Հայրը ,
—
Գարակէօզեանները
քու
պատրիարքութեանդ
օրովն
ալ
խաբեբայ
կտակ
մը
ըրած
են։
Ինչպէ՞ս
օրհնեցիր
զանոնք,
եւ
ազգին
բարերարները
հռչակեցիր։
—Խառն
ժողովին
որոշումն
ա՛յս
էր ,
—
կը
պատասխանէ
Իզմիրլեան
խստօրէն։
—Որդիիս
փոխանորդը
դո՞ւն
էիր,
թէ
Խառն
Ժողովը։
—Ե՛ս
Սահմանադրութիւնը
միայն
կը
ճանչնամ։
Հրեշտակները
տեսնելով
այս
դիմադարձութիւնը,
կը
փսփսան.
«Գնա՛ց,
գնա՛ց,
դժոխք
գնա՛ց»։
—Խղճիդ
համար
ինծի
պատասխանատու
ես։
—Ոչ.
ես
սահմանադրութեան
վրայ
երդում
ըրած
եմ.
պատրիարքական
պաշտօնիս
համար
միայն
Ազգային
Ժողովին
պատասխանատու
եմ,
իսկ
հաւատքի
խնդիրներուն
մէջ
ալ
Հոգւոյն
Սրբոյ.
իրաւասութեան
սահմանները
ճշտած
եմ։
—Ինծի
նայէ,
եղբայր ,
—
ըսաւ
Հոգին
Սուրբ ,
—
զիս
մէջ
մի
խառներ.
քու
պատրիարքական
ընտրութեանդ
ես
չեմ
խառնուած.
ես
աղաւնի
եմ,
անուշ
դէմքերը
կը
սիրեմ ,
քեզի
պէս
խստադէմ
մարդը
ինծի
դուր
չի
գար։
Ո՛չ
առաքեալներուն,
ո՛չ
կաթողիկոսներուն,
ոչ
պապերուն
մէջ
նմանդ
տեսայ։
Որդին
Հօրը
ծռելով
կ՚ըսէ.
—Հա՛յր,
եթէ
կը
հաճիս,
կարճ
կապէ
այս
մարդուն
հետ.
փորձանք
բան
է.
Համիտը
չկրցաւ
հետը
գլուխ
ելլել,
մե՞նք
պիտի
ելլենք։
—Ես
ասանկ
մարդը
կը
սիրեմ ,
—
ըսաւ
Հայր
Աստուած,
ժպտելով։
—Ասանկ
համարձակ
մարդիկը
շիտակ
կ՚ըլլան,
եթէ
բոլոր
կրօնաւորները
ասոր
նմանէին,
աշխարհը
այսպէս
շուտ
չէի
վերջացներ.
դժոխքի
ալ
պէտք
չէր
մնար։
—Ի՞նչ ,
—
կը
հարցնէ
Հոգին
գունաթափ ,
—
միտքդ
ասիկա
արքայութի՞ւն
ղրկել
է։
—Հապա
ի՞նչ
պիտի
ընէք։
—Գթութիւն,
Հայր,
ան
տեղի
խեղճերուն.
երանութիւննին
քթերնուն,
բերներնուն
պիտի
գայ.
սուրբեր
կան,
սրբուհիներ
կան,
քիչ
մը
անմեղ
սիրաբանութիւններ
պիտի
ընեն,
աս
թող
պիտի
չտայ։
—Ան
ատեն
դժո՞խք
ղրկեմ ,
—
կը
հարցնէ
Հայրը
կատակի
շեշտով։
—
Ատ
ալ
չ՚ըլլար ,
—
վրայ
կը
բերէ
Որդին.
—
ան
տեղի
թշուառները
իրենց
պատուհասը
արդէն
չափազանցօրէն
ունին.
աս
ալ
վրանին
մի՛
ղրկեր։
—Կ՚երեւի
թէ ,
—
ըսաւ
Հայրը
մելամաղձօրէն ,
—
շիտակ
մարդուն
եթէ
անդիի
աշխարհքը
տեղ
չի
կար,
ասդին
ալ
տեղ
պիտի
չգտնուի։
Ինչ
եւ
է,
ընելիքս
գիտեմ.
Սերովբէ
եւ
Քերովբէ՛,
առէք
Իզմիրլեան
ծառաս
եւ
շիտակ
արքայութիւն
տարէք,
առանձնոց
մը
դրէք,
Իսկիւտարի,
երկինքին
մօտ,
կարօտը
առնէ.
իրեն
ալ
ընկեր
տուէք
Արծրունի
Գրիգորը,
ան
ալ
Մատթէոս
պատրիարքի
աշխարհականն
էր.
թող
իրարու
հետ
նստին
ելլեն։
—Ու
իրարու
ալ
գլուխ
պատռեն ,
—
ըսաւ
Հոգին
ժպտուն ,
—
ամուսնալուծութեան
վրայ
վիճելով։
Սերովբէն
առջեւէն,
Քերովբէն
ետեւէն
Իզմիրլեան
կը
մեկնի,
գլուխը
խոնարհեցնելով
Հօր
եւ
Որդիին
առջեւ,
եւ
չտեսնելու
զարնելով
Հոգին,
որ
կը
ծիծաղի.
—Վա՛յ,
քինախնդիր ,
—
կ՚ըսէ։
Այս
միջոցին
նորէն
Ռափայէլ
շուարումի
մէջ
էր։
Հայոց
եկեղեցական
պատմութեան
մէջ
արձանագրուած
էր.
«Յաջորդ
Իզմիրլեանի՝
Տեղապահ
Բարթողիմէոս
արքեպիսկոպոս
»։
Եւ
սակայն
Կենաց
Դպրութեան
Հայոց
գլուխը
այդպիսի
անուն
չունէր
….
Բ—ը
կարդացուած
ատեն
Բարթողիմէոս
կանչուած
չէր.
արդեօք
աչքէ՞ն
վրիպած
էր։
Նորէն
անգամ
մը
նայեցաւ.
չէ,
չի
կար։
—Ա՜խ,
սա
հայոց
ձեռքէն
քաշածս ,
—
կը
հառաչէր
խեղճ
Ռափայէլ։
—Համիտը
անոնց
…,
ինչ
է
նէ,
քիչ
մնաց
մեղքը
պիտի
մտնէի։
—Ու
Գաբրիէլին
երթալով.
—Գաբօ,
Բարդողիմէոսին
անունը
ի՞նչպէս
արձանագրել
տուեր
ես։
—Բարդողիմէոսը
ո՞վ
է։
—Արքեպիսկոպոս ,
պատրիարքական
տեղապահ։
—Ռափիկ,
հոգիս,
քեզի
հազար
անգամ
չե՞մ
ըսած,
որ
եպիսկոպոսներուն
հոգին
առնելու
ես
չեմ
երթար։
Որդիին
մարմնանալէն
ի
վեր
հազիւ
տասը
եպիսկոպոսի
հոգի
առած
եմ,
անոնց
ալ
կէսը
սխալումով։
Միքայէլին
հարցուր։
—Միքէ,
աղբարս ,
Իզմիրլեանին
յաջորդող
Բարթողիմէոսին
անունը
ի՞նչ
արձանագրել
տուէր
ես։
Միքայէլ
ցուցամատը
շրթներուն
տանելով.
—Ռափի՛կ,
ատ
գործը
շատ
մի՛
խառներ,
մեծաւորը
չիմանայ,
սխալմամբ
Մահմէտականներուն
տետրակը
արձանագրել
տուի։
—Ի՞նչ,
Մահմէտականներուն
տետրակը
մի՞….
—Ի՞նչ
գիտնամ.
բան
մըն
էր,
եղաւ։
Հոգին
բերած
ատենս
ճամփան
շարունակ
«Եա՜
մէլէքիմ»
ըսելով
բաներ
մը
կը
պատմէր.
ես
ալ
շփոթեցայ,
մոլլայ
գիտցայ,
ան
օրն
ալ
շիտակը
չափազանց
յոգնած
էի,
առտուընէ
մինչեւ
իրիկուն
Համիտին
հոգին
քաշկռտեր
էի.
հազիւ
կրցած
էի
հանել .
երկուքը
մէկտեղ
կը
բերէի,
սատանաները
վազեցին
եկան
հափշտակեցին.
ես
ալ
երկուքը
մէկ
տետրակ
անցուցի.
—Հիմա՞։
—Աս
իրարանցումին
ո՞վ
բարակը
պիտի
փնտրէ.
«Չամիչ
Օղլու
»
արձանագրել
տուած
եմ։
«Օղլուն
»
կ՚ընես
«եան
»,
մահմէտականն
ալ
կ՚ըլլայ
հայ
քրիստոնեայ։
—Վա՛յ
չարաճճի։
Երբ
Իզմիրլեան
կը
մեկնի,
Ռափայէլ
կը
կանչէ
Բարթողիմէոսը,
որ
հեւալով
կը
առաջանայ
եւ
կուգայ
ամբողջ
իրանովը
երեսի
վրայ
կը
փռուի
Հօր
ոտքերուն
տակ
ու
երկու
ձեռքերը
միայն
վեր
բարձրացուցած
կ՚աղաղակէ.
—Շէւքէթլու,
գուտրէթլու,
մէրհամէթլու
փատիշահըմ։
Միքայէլ
կը
վազէ
կու
գայ,
կը
բռնէ
վեր
կը
հանէ
Բարթողիմէոսը։
—Մա՛րդ,
Համիտին
առջեւ
չես,
Աստուծու
առջեւն
ես.
անոր
համեմատ
խօսէ։
—Եա
Րապպիմ
Թէալամ…
Հայր
Աստուած
ցասկոտ
արհամարհանքով.
—Դու
հայերէն
չե՞ս
գիտեր։
—Գիտեմ ,
գիտեմ։
—Ըսէ
նայիմ,
ի՞նչ
ըրիր
Գարակէօզեան
կտակին
համար։
—Եա
փատ
…
ա՞յ
…
Եա՛րապ,
վագթը
զէմանտա
վար
ըտը
եօգ
ըտը…
Որդին
խնդալով.
—Հայր,
աս
ցնդածը
աղէկ
կը
ճանչնամ.
օրը
իրիկուն
պիտի
ընէ
առակ
պատմելով.
մէջէն
ալ
պիտի
չելլէ.
բան
մըն
ալ
պիտի
չհասկնանք.
նորէն
գերեզմանը
դարձուր։
Իր
կարգին
թող
գայ։
Բարթողիմէոս
ետ
կը
ղրկուի
գերեզման։
—Հո՞ս
ալ
մի
կէս
ճամբուն
կը
մնամ ,
—
կը
հառաչէ։
Ռափայել
կը
կանչէ.
—Մաղաքիա
կաթողիկոս
Օրմ…
Ու
դեռ
բառը
չամբողջացուցած,
Օրմանեան
Հռիփսիմեանց
վանքէն
կլորիկ,
գունտլիկ
կու
գայ
կը
գլտորի
Հօր
առջեւ
եւ
ձեռքը
երկնցնելով.
—Պոնժուռ ,
սէնեօռ։
—Աս
ի՞նչ
է,
աս
ալ
Ֆրանսիացի՞
է ,
—
կ՚ըսէ
Հայրը
խստութեամբ։
—Ռափայէլ,
աս
ի՞նչ
սխալ
է,
Հայ
չէ՞
աս։
Օրմանեան
անհամբեր.
—Սի,
սի,
հայ
եմ,
արմէնօ
եւ
կաթողիկոս։
—Օրմանեա՛ն։
—Սինեօռէ։
—Հայերէ՛ն
խօսէ
նախ։
—Պէ՛նէ,
պէնօ՛նէ,
ա՜խ,
լա՛ւ ,
լա՛ւ։
—Ի՞նչ
ըրիր
Գարակէօզեան
կտակին
համար։
—Հա՛,
հա՛,
հա՛,
—
ձեռքերը
շփելով,
շփշփելով,
—
քաղաքագիտութեամբ
վարուեցայ։
—Քաղաքագիտութիւնը
ի՞նչ
է
եկեղեցիին
մէջ։
—
Հա՛,
հա՛,
հա՛,
Բէռ
Տիօ,
եկեղեցական
փիլոնը
քաղաքական
վերարկու
է։
Ազգին
հաւատացուցի,
որ
կտակը
պիտի
գործադրուի,
սուլթանին
հաւատացուցի,
որ
պիտի
չգործադրուի,
եւ
կաթողիկոս
եղայ։
Ասոնք
իմ
գիտնալու
գործերս
են.
քօռբօ
տի
պաքքօ ,
հա՛,
հա՛,
հա՛։
—Ես
հիմա
դժոխքին
մէջ
կը
սորվեցնեմ,
թէ
քաղաքականութիւնը
ի՞նչ
է։
—Չէ՛,
Հայր,
չէ՛,
—
կը
միջամտէ
Որդին ,
—
հոն
ալ
սատանայապետին
տեղը
կ՚անցնի,
բոլոր
սատանաները
կը
ժողվէ,
մեղաւորները
կը
միացնէ,
մեզի
խաղ
մը
կը
խաղայ։
—Հայր,
կ՚աղաչեմ ,
ինծի
տուր
Օրմանեանը ,
—
ըսաւ
Հոգին.
—ինծի
կը
յարմարի,
խնդումերես
է։
Արքայութիւն
կը
տանիմ,
անտեղիններուն
ուրախ
զուարթ
ընկեր
մը
կ՚ըլլայ,
Ազարեանն
ալ
Իզմիրլեանին
հետ
հաշտեցնելու
կ՚ելլէ,
ժամանակ
է ,
կ՚անցնի։
—Քեզի
ըլլայ,
ուր
կը
տանիս ,
տար։
—Կրա՛ցիէ,
թա՛նթէ,
Բատրէ.
կրա՛ցիէ,
թա՛նթէ։
Ա՜խ,
շնորհակալութիւն,
Հայր ,
շնորհակալութիւն։
Հոգին
կու
գայ
թեւէն
կը
մտնէ
եւ
կը
տանի։
Օրմանեան
ճամբան
ինքնիրենը.
—Աս
ալ
շահեցանք.
ասկէ՞
ետքը։
Մեյմը
սա
Հոգին
բոլորովին
ինծի
կապեմ ,
անոր
միջոցով
Երրորդութիւնը
չորրորդութեան
վերածել
կու
տամ,
օր
մըն
ալ
մեծամասնութիւն
կը
շահիմ
եւ
կանցնիմ
Հօր
տեղը։
Ան
աշխարհքն
ալ
համբերելով
գործը
գիտցող
խելացիինն
է,
աս
աշխարհս
ալ։
***
Հայր
Աստուած
ա՛լ
հարկ
չի
տեսներ
միւս
Պատրիարքները
կանչել.
ամէնքն
ալ
աս
պիտի
ըսեն,
ան
պիտի
ըսեն,
մէջէն
պիտի
ելլեն։
Ինք
սակայն
գործին
աղէկ
մը
տեղեկացած
էր,
ու
վճիռը
կու
տայ.
—Դուք,
տարաբախտներ,
ինչ
որ
քաշեցիք
աշխարհի
մէջ,
կը
բաւէ
ձեզի.
դուք
պատասխանատու
չէք
ձեր
մեղքերուն
համար.
դուք
զոհերն
էք
ընչաքաղց
մեծատուններուն,
կը
ներեմ
ձեզի
ամէն
ինչ.
գացէք
արքայութիւն
եւ
հանգստացէք։
Կարապե՛տ
եւ
Բիւզա՛նդ
Գարակէօզեաններ,
զատուեցէք
միւսներէն,
քիչ
մը
աւելի
մեղմ
պիտի
վարուիմ
ձեզի
հետ։
Իսկ
դուք
մնացած
բոլոր
Գարակէօզեաններ,
զրկեցիք
աղքատը
եւ
բարերար
հռչակուեցաք,
խաբեցիք
ժողովուրդը
եւ
օրհնեալ
գերդաստան
կոչուեցաք,
կորէ՛ք
դժոխք,
անիծեա՜լ
գերդաստան։
«Նոր
կեանք
»,
Ա.
տարի ,
1898
թ.
2