Սրտի յաղթանակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍՐՏԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
       Շաբաթ օր մը 1867—ին, Օրթագեղի Աղքատախնամ Ընկերութեան տիկինները իրենց սովորական նիստը կ՚ընէին Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ։ Դուրսը սպասող խեղճերը հետզհետէ կու գային յայտնել ուզած պէտքերնին։ Իր կարգին կին մը ալ ներս մտաւ, ինը տասը տարու աղջկան մը ձեռքէն բռնած։ Ամէնքը կը ճանչնային զանիկա, լաթ լուացող Պարտիզակցի Հռիփսիմէն էր, քանի մը ամսէ ի վեր որբեւարի մնացած։ Եկած էր խնդրելու, որ աղջիկը ձրի ընդունուի Հռիփսիմեանց վարժարանը։
       —Ինչո՞ւ չես ղրկեր մէկալ դպրոցը , հարցուցին։
       «Մէկալ դպրոցը » Ճանիկ ամիրային հաստատածը , ուր կ՚երթային աղքատ աղջիկները, շատ հեռու էր։ Լուացարար կինը կը նստէր ասդիի կողմը, Ազնաւորին լեռը, խրճիթի մը մէջ. չէր կրնար ամէն օր պզտիկ աղջիկը մինակուկ ղրկել մէկ լեռնէն միւսը։ Եւ ասկէ զատ, հասկցուց, թէ կ՚ուզէր, որ աղջիկը «քիպարի » զաւակներու հետ նստի ելլէ, որպէսզի անոնցմէ բան սորվի, քիպար ըլլայ։
       Այս յայտարարութեան վրայ տիկինները քիչ մը խնդացին։ Իրենցմէ մէկը արդէն առաջուց շահուած էր լուացարարէն, ուստի շնորհեց իր պաշտպանութիւնը եւ Հայկանոյշ ընդունուեցաւ։
       Հռիփսիմէ շնորհակալութիւն յայտնելէ եւ աղօթքներ ընելէ յետոյ կը վարաներ դուրս ելլելու. կ՚երեւար, թէ ուրիշ առաջարկ մըն ալ ունէր. բայց կը քաշուէր. վերջապէս համարձակեցաւ բերանը բանալ։
       Քանի մը տարի առաջ աղջիկը ծանրապէս հիւանդացած էր, եւ ինքնին ուխտ ըրած էր, որ եթէ աղէկնայ, ամէն հինգշաբթի Ղալաթիա Ս. Փրկչին տանի։ Անկէ ի վեր ուխտը կը կատարէր. բաւական էր, որ անձրեւ ու ձիւն չ՚ըլլար. ոսկի մըն ալ տային, նորէն լաթի չէր երթար, բոլոր գեղը գիտէր աս։ Առաջ գրկովը, եւ հիմա որ ալ մեծցած էր, ձեռքէն բռնած կը տաներ աղջիկը։ Բերնին հացը կը կտրէր ու մոմ կը վառէր։ Իր խնդիրքն էր, որ հանըմները հրաման տան մինակ հինգշաբթի օրերը մինչեւ կէսօր տանի բերէ աղջիկը. դասերուն կը հասցնէ։
       Խեղճ Հռիփսիմէն կը կարծէր, թէ պիտի հանդիպի մեծ դժուարութիւններու, դպրոցին կանոնները պիտի խանգարին։ Բայց տիկինները ընդհակառակը ունեցան գոհութեան ժպիտ մը, որ քիչ մըն ալ հեգնութիւն էր լուացարարին միամտութեանը, որով կը կարծէր , թէ իր աղջկանը քանի մը ժամուան բացակայութիւնը կրնար վնասել դպրոցին բարեկարգութեանը։
       —Աֆերիմ, աֆերիմ, ապրիս, ատանկ աղէկ մեծցուր աղջիկդ , ըսին, ու հրամանը տուին։
       ***
       Օրթագիւղի Բարեսէր Ընկերութեան թատրոնին մէջ 1875—ի ամառը, երբ կը կատարուէր այդ տարուան շրջանաւարտներու մրցանակաբաշխութիւնը, Հայկանոյշ առաջին հանդիսացաւ։
       Երբ գնաց ընդունիլ նախագահ սրբազանին ձեռքէն իր փառաւոր մրցանակն ու հանդիսականներու որոտընդոստ ծափերը ողջունեցին զինքը, Հայկանոյշ պահ մը մոռցաւ իր ութ տարուան դառնութիւնները եւ յաղթական ակնարկով մը նայեցաւ ընկերուհիներուն, որք միշտ բարի եղած էին իրեն համար, եւ անով զինքը ցաւցուցած էին։
       Քանի մը տարի անոնց կերակուրին մասնակից եղած էր ցորեկները. մայրերը այնպէս պատուիրած էին. մեղք էր, աղքատի աղջիկ էր, ուտելիք չունէր, օգնելու էր։ Բայց երեք չորս տարիէ ի վեր, յորմեհետէ խելահաս էր, աւելի լաւ համարած էր բան չուտել, քան թէ ուրիշէն ողորմութիւն ընդունիլ։
       Մայրը երբեմն ուրախութեամբ կը բերէր ծրարներ. զգեստներ էին այս ինչ հանըմին տունէն տրուած։ Հայկանոյշի ընկերներուն հիներն էին. յաջորդ օրը կը հագնէր զանոնք , իրենները շատ հինցած ըլլալով , ու դպրոց կ՚երթար։ Ո՛չ ոք երես կու գար, բայց իր վրայ նետուած գաղտագողի նայուածքներէն կը հասկնար, որ ոչ մէկուն համար գաղտնիք մը չէր, թէ այդ զգեստները առջի օր ուրիշ մըն էր հագած դպրոցին մէջ։
       Չէր մոռցած այս ամէնը եւ դեռ ուրիշ բարերարութիւններ, որք խոցոտած էին իր մանկական սիրտը։ Եւ հիմա՛ այդ րոպէին պահ մը ինքն ալ խրոխտ ակնարկ մը կու տար ամէնուն։
       Անդին մայրն ալ հանդիսատես էր իր փառքին. «Սանկ » ընտանիք մը օթեակին մէջ իրեն ալ տեղ մը տուած էր, ու կը դիտեր աղջկանը փառքը։ Աչքերէն ուրախութեան արցունքներ կը վազէին, շատ բան քաշած էր խեղճը աղջկանը ծնելէն մինչեւ այն օր. այժմ այդ ամէն նեղութիւնները պիտի մոռնար։ Բոլոր մեծերուն, քիպարներուն աղջիկները ետ կը մնային իր Հայկանոյշէն։
       Մայրական փառասիրութիւնը չէր կրնար ասկէ աւելի գոհացում գտնել։
       Բայց գո՞հ էր մայրական սիրտը։ Ո՛չ։ Խորին ցաւ մը ունէր այդ լուացարարը. աղջիկը թերահաւատ էր. չէր համարձակեր դեռ անհաւատ ըսելու։ Երկու տարի էր, որ ալ հինգշաբթի օրերը Ղալաթիայ Ս. Փրկչին չէր գար հետը. ինք մինակ կ՚երթար։ Հայկանոյշ դասերը պատրուակ կը բռնէր. Հռիփսիմէ հրաման առած էր հանըմներէն, «նորէն կ՚երթամ, կ՚առնեմ » կ՚ըսէր , բայց աղջիկը սաստկապէս զայրացած սպառնալիք ըրած էր, թէ դպրոցը կը ձգէ , կ՚ելլէ։
       Այդ չէր բաւեր. ո՛չ կիրակի, ո՛չ տօն օրերը ժամ չէր երթար։ Մայրը խնդրակատարին առջեւ շատ իրիկուն կ՚երթար կու լար, որ աղջկանը շնորհք տայ։
       ***
       Հռիփսիմէ մեր տունն ալ կու գար. ես ալ դպրոցէն նոր եկած էի. քանի մը անգամ հանդիպեցայ. աղջկանը վրայ խօսեցայ ու օր մըն ալ մէկտեղ բերաւ, որ մէյմը դասերը նայիմ։ 1871—ին էր. քանի մը հարցումներ ըրի, խօսեցայ, շատ մտացի գտայ պզտիկը։ Այնուհետեւ շատ անգամ մայր ու աղջիկ կու գային, մանաւանդ կիրակի օրերը. կը խօսէի, հարցումներ կ՚ընէի։
       Ժամանակը կ՚անցնէր, Հայկանոյշ կը մեծնար. գեղեցիկ չէր, բայց կրնար մինչեւ աստիճան մը սիրուն ըսուիլ, խոշոր, վառվռուն, պարտիզակցիի աղուոր աչքեր ունէր։ Ընկերակցութիւնը ախորժելի կը դառնար ինծի։ Այդ միջոցին ես ալ սկսած էի ինծի գրատուն մը շտկել։ Շրջանը աւարտելու վերջին երկու տարիներն ինէ կարդալու գրքեր ուզեց. Ֆէօյեէ, Միւսէ, Լամարթին տուի իրեն։
       Մրցանակաբաշխութենէն քանի մը օր վերջ դարձեալ մեզի եկած էր. գրքերուս մէջ տեսաւ Ռընանի Յիսուսի Կեանքը. հետաքրքրութեամբ ուզեց եւ առաւ։ Ամիս մը վերջը ետ բերաւ եւ ծիծաղելով ըսաւ.
       —Շա՜տ բարեպաշտական է։
       Արդէն զարմացեր էի Ռընանը ուզելուն , իսկ այդ արհամարհական ձեւը ինծի ապշութիւն պատճառեց։ Մինչեւ այն ատեն միայն գրական նիւթերու վրայ խօսած էի, հարկ տեսայ խօսակցութեանս առարկան փոխելու, եւ զարմացական քանի մը հարցումներ ըրի. Հայկանոյշ շատ յառաջացած էր. իր մօրը, իր խնամակալուհիներուն , վերջապէս հայ շրջանակներուն ունեցած հաւատքին մասնակից չէր։ Քարոզիչ մը ըլլալու հարմարութիւնը չունէի, եւ ոչ ալ այնքան բարեպաշտ էի, որ ուրիշները յորդորելու համարձակութիւնն ունենամ, բայց հետաքրքիր ըլլալը ներելի էր։
       Մեկ երկու տարիէ ի վեր կը տեսնէի, թէ աղջիկները մանչերէ նուազ հաւատացող են. եւ հո՛ն, ուր մենք կը մնանք գրեթէ անտարբեր, կային կիներ ու աղջիկներ, որ ի ցոյց կը դնէին իրենց չհաւատալը։ Առիթն ուրեմն չուզեցի ձեռքէ փախցնել եւ Հայկանոյշի հետ սկսայ կրօնական վիճաբանութիւն մը։ Չեմ կարծեր, որ շատ մեղադրելի համարուիմ, եթէ աղջկան մը միտքը ու սիրտը լաւ ճանչնալու համար բոլորովին ջերմեռանդ կրօնասէրի մը համոզումներն յայտնեցի։
       Թէ՛ այն օրը եւ թէ՛ այնուհետեւ ալ վիճաբանեցայ. տեսայ, թէ բնական գիտութիւնը, որուն սկզբունքները միայն սորված էր, խախտած էր իր միտքը. ֆրանսական գրքերու ընթերցումը բոլորովին տակն ու վրայ ըրած էր զինքը. մանկութեան ու պատանեկութեան վշտերը շատ դառնացուցած էին ու կարծրացուցած իր սիրտը։ Ինչ որ սորուած էր կրօնքէն, անբաւական եղած էր ամրապնդելու իր խախտուած միտքը. դասագրքի մը մէջէն քանի մը հարց ու պատասխաններով բերնուց սորված վարդապետութիւնները անզօր եղած էին մտքին քննութիւնները դադրեցնելու. իսկ սրտին հետ բան մը չէին խօսած։
       Այս իրողութիւնները թերեւս չյիշատակէի այստեղ, համարելով զայնս իբր բացառութիւններ, եթէ տասնհինգ տարուան մէջ տեսած չըլլայի Հայկանոյշի նման շատ աղջիկներ ալ։
       Այնուհետեւ ժամանակ անցաւ. լուացարար կինը մեռաւ. աղջիկը իր բնակութիւնը փոխադրեց ուրիշ տեղ. Օրթագիւղի վարժարանին Ֆրանսացի վարժուհին իրեն պաշտօն մը գտած էր օտար դպրոցի մը մէջ։ Օր մըն ալ դիպուածով իմացայ, թէ Հայկանոյշ կարգուէր էր եւրոպացիի մը հետ, որ հափշտակուեր էր անոր աչքերէն ու հաւնած էր ֆրանսերէնին եւ ունեցած ուսումին։
       ***
       Հայկանոյշի գոյութիւնն իսկ մոռցեր էի տասը տարիէ ի վեր, երբ ամիս մը առաջ հինգշաբթի գիշեր մը սեղանին վրայ մայրս ըսաւ.
       —Այսօր Ղալաթիոյ ժամը գացի։ Գիտե՞ս ո՛վ տեսայ։
       —Ո՞վ։
       —Հայկանոյշը։
       —Ո՞ր Հայկանոյշը։
       —Ուր է, Օրթագիւղ, միտքդ չի՞ գար, չամաշըրճի Հոռոփ մը կար, աղջիկ մըն ալ ունէր, հետդ շատ կը տեսնուէր, ետքն ալ ֆրէնկի մը հետ կարգուեցաւ։
       Միտքս եկաւ, անմիջապէս յիշեցի տասնըեօթը տարի առաջուան Ռընանի դէպքը եւ կրօնական խնդիրներու համար ունեցած վիճաբանութիւններս։ Զարմացայ, թէ ինչպէս այդ աղջիկը նորէն սկսած է հինգշաբթի օր Փրկչին երթալ, որուն չէր հաւատար մօրը ողջութեանը։ Միտքս եկաւ, թէ ինք պատմած էր ատենօք ինծի մօրը հետ ունեցած անհամաձայնութիւնը հինգշաբթի օրերը Ղալաթիայ Փրկչին չերթալուն համար։
       —Աղուորիկ ալ աղջիկ մը ունի , ըսաւ մայրս , հետը բերեր էր եւ տարաւ Փրկիչը համբուրել տուաւ։ Խօսեցանք , օր մը իրեն պիտի երթամ. ինքն ալ հոս պիտի գայ. քեզ հարցուց։
       Հոգեբանական ուսումնասիրութիւն մը կար ընելու. ձգենք, թէ հին բարեկամի մըն ալ տարիներէ յետոյ հանդիպելը միշտ հրճուալի բան մըն է։
       Մայրս այցելութիւնը տուաւ եւ ինծի ալ իմացուց, թէ ուրբաթ օր պիտի գայ մեզի։ Ստիպուեցայ երէկ մինչեւ ուշ ատեն տունը մնալ։
       Տիկին Հայկանոյշ տասնեւվեց տարուան մէջ շատ փոխուած էր, փառաւոր կին մըն էր եղած. երեսուն երկու տարուան էր եւ բոլոր թարմութիւնը պահած էր։
       Զիրար շուտ ճանչցանք, խօսեցանք անցեալին վրայ, Օրթագիւղի վրայ, հարցուց իր ընկերուհիները, որոնցմէ բնաւ տեղեկութիւն չունի։ Հին յիշատակները նորոգեցինք եւ քիչ մը ծաղկեցուցինք հիմակուան կեանքերնիս։
       Նախկին ընտանութիւննիս վերսկսուած էր. ուստի համարձակեցայ խնդալով մը հարցնել ֆրանսերէն.
       —Այս հինգշաբթի եկեղեցի՞ էք եղեր։
       Քիչ մը շփոթեցաւ եւ խնդալով մը ըսաւ.
       —Ի՞նչ ընեմ, սիրտս յաղթեց մտքիս։
       Եւ ըրաւ այդ յաղթանակին պատմութիւնը, զոր շատ համառօտ հոս կ՚ամփոփեմ.
       —Երկու ամիս առաջ , ըսաւ , իրիկուն մը մութին մէջ, աղջկանս, Ատէլին ձեռքէն բռնած Բերայ կը պտտէի. Պօն Մարշէ մտայ, եւ կերպասներու բաժնին մէջ սկսայ բան մը նայիլ. քիչ մը երկարեցայ. երբ գործս լմնցուցի ու քովս նայեցայ, Ատէլը չի կար. ետիս նայեցայ, չի կար . դող ելայ, բայց ըսի, թէ անշուշտ հոս է. մէկ ծայրէն միւս ծայրը փնտռեցի, չի կար. որին հարցուցի, չէին տեսած։ Ա՛լ լմնցայ։ Աշխարհիս վրայ ո՛րչափ փորձանք կայ, մտքիս առջեւ եկան։ Ա՜հ, մայր ըլլալու էք, որ գիտնաք։ Ո՞ր դռնէն դուրս ելլէի, ի՞նչ ընէի։ Սրտէս ձայն մը եկաւ։ Ա՜խ, Սուրբ Փրկիչ, ըսի, աղջիկս գտնեմ, ոտքդ գամ, մեծութեամբը մոմ մը վառեմ. ամէն հինգշաբթի ալ ոտքդ բերեմ։ Աս ըսի ու մէկ դուռնէն դուրս ելայ եւ սկսայ դէպ ի վար Ղալաթիոյ կողմն երթալ. շուարած չորս կողմս կը նայէի, Ատէլ չի կար. ետ պիտի դառնայի. թերահաւատութիւնս նորէն բռնեց, բայց ձայն մը սրտէս զիս առաջ կը մղեր. Պազար Ալմանի առջեւ հազիւ կրցի ուրախութեան ճիչ մը բռնել։ Ատէլ ապակիներուն առջեւ կայնած կը դիտեր։ Յափշտակեցի աղջիկս, որ խնդալով կ՚ըսէր. «Մամաս, ես ալ մեծ եմ, ինքնիրենս եկայ, ինքնիրենս տուն կը դառնամ»։
       Այդ րոպէին մեծ բան մը փոխուեցաւ իմ մէջս. կարծես թէ մարմնիս մորթը վէրքերով ծածկուած էր ու մէկէն ի մէկ ամբողջապէս վրայէս ինկաւ։ Այն գիշերը բոլորովին մօրս վրայ մտածեցի, ըմբռնեցի, թէ ի՜նչ մեծ մխիթարանք կը զգար խեղճը ձեռքէս բռնած զիս Փրկչին տանելով։ Ինչո՞ւ համար ցաւցուցի խեղճին սիրտը, չհաւտալով, իսկ պէտք չէ՞ր, որ ամէն հինգշաբթի հետը եկեղեցի երթայի այդ մխիթարանքն իրեն տալու համար։ Հիմա խիղճս զիս չարաչար կը տանջէր։
       Այն գիշերն ամբողջ հին կեանքս երազեցի։ Մեր դպրոցը, ծառը, որ ամառներն այնքան անուշ շուք մը կը տարածէր սրահին մէջ եւ իրիկուան դէմ զանգակի ձայնը, թռչուններուն ճռուողումը, այդ ամենն անուշ մեղեդիի մը պէս կը հնչէին սրտիս մէջ. կը զգայի, թէ հոն կար դատարկութիւն մը զոր մինչեւ այսօր բան մը չէ կրցած լեցնել, ու կը մտածէի, թէ ի՞նչ մխիթարութիւն պիտի ունենան զաւակներս աշխարհիս վրայ, եթէ զիրենք զրկեմ կրօնքէ։— Եթէ մայրերնին կրօնք չունենայ, ի՞նչ կ՚ըլլան զաւակները։ Մայրս խեղճ տգէտ կին մըն էր, եւ սակայն սրտիս մէջ այնպիսի տպաւորութիւն մը թողած է իր կրօնասիրութիւնը, որ երեսուն տարի յետոյ մէկէն ի մէկ կը հալածէ մտքիս մտածութիւնները , սկզբունքներս։
       Եւ յետոյ, շիտակն ըսելով, հրաշքի ալ հաւատացի։ Չէի՞ կրնար փոխանակ վարի դռնէն ելլելու՝ Թեփէ—Պաշիի դռնէն դուրս ելլել։ Չէի՞ կրնար փոխանակ Ղալաթիոյ կողմէ վազելու, հակառակ կողմը երթալ. ո՞վ էր, որ զիս մղեց դէպ ի այդ դուռը, դէպ ի այդ կողմը։
       Սիրտս շատ յուզուեցաւ. հինգշաբթի օր, երբ Ատէլիս հետ մտայ եկեղեցին, ուր ճիշտ տասնըինը տարի է չէի մտած, քիչ մը փոխուած էր դուրսը, բայց Փրկչին պատկերն անփոփոխ էր, հին—հին սիրելի մը կը գտնէի, ես ալ զայն համբուրեցի։ Ու շարականներն, աղօթքները զորս չէի լսած այսքան տարիներէ ի վեր , անբացատրելի բանաստեղծութեամբ կը սարսռացնէին զիս։ Աչքէս արցունքներ եկան։ Աղջիկս խեղճը չէր գիտեր ի՛նչ է։ Բայց հիմա ալ սորվեցաւ, միւսներն ալ վարժեցան. կը տեսնես, ի՞նչ լաւ քրիստոնեաներ պիտի ընեմ։
       —Ամուսիննի՞դ , հարցուցի։
       —Ահ, շատ լաւ մարդ է , կարծեմ ան ալ քիչ մը խիղճ կ՚ըներ, որ թերահաւատ եմ. հիմա կը տեսնեմ, որ գոհ է եւ կ՚ախորժի, որ զաւակները Հայոց եկեղեցիին մէջ կրթեմ։
       Կը տեսնես, բարեկամս, ըսաւ, ոտքի ելլելով, որ երթայ . մենք կիներս միշտ նոյնն ենք, սրտերնիս փափուկ ու դիւրազգած է. ուսումը կեղծ մաշկի պէս երբեմն կը պատէ զայն ու կը ջանայ խեղդել. բայց մեծ բժիշկ մը կայ, որ կը պատռէ այդ մաշկն ու սրտերնիս կը փրկէ, այդ բժիշկը դժբախտութիւնն է։
       «Հայրենիք» 1892, թ. 989