ԾՈՎՈՒՆ
ՀԵՏ
Էքուաթէօր ,
23
սեպտեմբեր,
1897
Հինգշաբթի,
իրիկուան
ժամը
5։
Էքուաթէօր
ծանրադանդաղ
հանդարտութեամբ
կ՚անջատուի
Ժօլիէթի
քարափէն,
վերջին
բարեւ
մը
Մարսեյլի
բարեկամներուս,
որոնք
ա՛լ
կը
ստուերանան,
ու
միս
մինակ
կը
մնամ
ծովուն
հետ,
սրտի
մեծ
զօրաւիգը,
մտքի
մեծագոյն
ներշնչարանը։
Շոգենաւին
խելքը
կանգնած,
կը
դիտեմ
մարը
մտնող
արեւը։
Հմայքը,
որ
կբխի
կրակի,
կապոյտի,
անունէ
զուրկ
հրաշազան
գոյներու
խառնամառն
կիտուածէն,
կարծես
կամաց—կամաց
կը
պարպէ
ուղեղս,
կ՚ոչնչացնէ
միտքս։
Անէութեան
իրականութիւնն
է,
որ
կը
վայելեմ ,
սիրտս
ողողուած
անպատում
հրճուանքով
մը,
որուն
ի՛նչ
ըլլալը
չեմ
գիտեր,
չեմ
զգար։
Երջանկութիւնը
ա՞յս
է
արդեօք։
Թերեւս.
ու
անոր
համար
է,
որ
յափրութիւնը
քիչ
տեւեց։
Զզուանքի
զարթում
մը
մէկէն
ի
մէկ.
ֆէս
կրողներ
եկեր
կեցեր
են
քովս։
Կը
սթափիմ,
խելքս
վրաս
կը
բերեմ։
Ո՞ւր
ենք։
Օ՜հ,
Արեւելք,
կ՚երթանք,
զղջումը
կը
վրդովէ
հոգիս,
ո՜րչափ
ըղձացի
այդ
րոպէին
ետ
դառնալ.
բայց
Էքուաթէօր
անխռով
անտարբերութեամբ
կը
առաջանայ։
«Սովորութիւնը
երկրորդ
բնութիւն
է
»
ըսուած
է.
գուցէ
փորձառական
ճշմարտութիւն
է
աս,
բայց
ապահովաբար
արեւելքէն
արեւմուտք
փոխադրուած
ինծի
պէս
Հայերուն
համար
չէ։
Ֆէսով
անցընել
ամբողջ
կեանք
մը,
ֆէսակիրներու
հետ
ապրիլ
միշտ
եւ
ահա
մէկուկէս
տարուան
բաժանում
մը
ո՜րքան
անտանելի
կ՚ընծայէ
Արեւելքն
ալ,
իր
մարդերն
ալ,
իր
բարքերն
ալ։
Ա՞յս
է
սովորութեան
ուժը։
Գարշա՜նք,
գարշա՜նք։
Չորս
կողմս
բնութեան
վիժումները,
որոնք
ծովուն
մաքուր
գեղեցկութիւնը
կ՚արատաւորեն։
Արուգ,
ծուռումուռ
բուներ,
որոնց
վրայ
շուայտոտ
կեանքի
մը
խարակովը
նշանուած
դէմքեր,
ու
ասոնց
շիլումիլ
աչքերը
նողկանքի
հիւանդութիւնը
կը
բերեն
հետերնին։
Իշխաններ
են,
արեւելցի
բռէնսներ,
որ
Եգիպտոս
կը
վերադառանան։
Ու
կը
մտաբերեմ.
—
Անդին,
քիչ
մը
հեռուն,
հարէմներու
խորը
թաղուած՝
այս
արարածներն
են,
որ
ազգութիւններու,
ժողովուրդներու
կեանքին
բացարձակ ,
միահեծան
տէրերն
են…
Բայց
հեռո՜ւ
ընկերային
իմաստասիրութիւնը,
գոնէ
ծովուն
վրայ
մոռնանք
պահ
մը
իրականութիւնը։
Չափազա՞նց
եսասիրութիւն
է
րոպէական
մոռացում
մը։
Բայց
ուրիշ
ի՜նչ
հաճոյք
մոռացումէն
զատ։
24
սեպտեմբեր
Ուրբաթ
իրիկուն.
քայլամոլոր
կ՚երթամ
շոգենաւին
ծայրը,
հոն,
ուր
բաց
օդին
մէջ
կը
գիշերէ
աղքատ
ճամփորդը,
առանց
գիտնալու,
թէ
օդը,
որ
կը
շնչէ
հոն՝
իր
բարերարն
է։
Ծալապատիկ
նստողներու
բոլորակ
մը
յօրինած
է,
գլուխներ
կ՚երերան,
մէկը
բարձրաձայն
կ՚երգէ,
ռնգային
հագագով
մը,
ու
միւսները
կը
կրկնեն
վերջին
տողերը։
Քանի
մը
վայրկեան
մտիկ
ընելէ
յետոյ,
ետ
կը
դառնամ
սրտաբեկ։
Իսլամական
աղօթքներ
են։
Խղճի
կատարեալ
անկախութեան
ջերմ
բարեկամ,
առանց
ո՛
եւ
է
թշնամութեան,
բայց
եւ
այնպէս
ի
լուր
այդ
«աղօթք»—ներուն
կը
զգամ,
թէ
սիրտս
խուլ
ատելութեամբ
մը
կը
սկսի
լեցուիլ
ընդդէմ
այդ
ողորմելիներուն,
որ
անկեղծ
հաւատացեալներ
ալ
են։
Օ՛հ,
այդ
գլխի
տատանումներն
էին,
այդ
ռնգանուագ
երգերն
էին,
որ
ընկերացան
մեր
ջարդերուն։
Ցեղային
զգացումն
է,
որ
կ՚ընկճէ
իմաստասիրական
մտածութիւնները։
Ներողամտութիւնը,
որ
ընկերային
իմաստասիրութեան
ծնունդն
է,
արդեօք
ազգային
ոճրագործութեան
հոմանիշ
չէ՞
մեզի
համար,
1894—էն
յետոյ։
26
սեպտեմբեր
Կիրակի
առտու։
Չեմ
յիշեր
ո՞վ
գրած
է,
թէ
անապատին
մէջ
երկար
ատեն
դեգերող
քրիստոնեան
երբ
կորսնցուցած
է
եղանակի,
ամսուան ,
օրուան
ճշգրիտ
ծանօթութիւնը,
բնազդով
սակայն
կը
զգայ
կիրակին.
յանկարծական
հանդարտութիւն
մը
կը
պատէ
զինքը.
հիւանդութենէ
առողջանալ
սկսողին
կազդուրումովը
կը
հեշտանայ։
Երէկուայ
պէս
նոյն
Էքուաթէօրն
է,
որ
կ՚ընթանայ.
նոյն
միապաղաղ
ծովը,
նոյն
ջինջ
երկինքը ,
նոյն
դէմքերը
շուրջս,
բայց
հոգիի
ի՜նչ
խաղաղութիւն
է,
որ
կը
զգամ։
Քրիստոնէութիւնը
կիրակիին
զատ
միութեան
ուրիշ
կապով
մը
իրարու
չպրկեց
իր
հետեւորդները։
Աստուածաբանական
ամէն
վէճէ,
ցեղական
ամէն
մրցումէ,
դաւանանքի
ամէն
բծախնդրութենէ
գերիվեր
կը
մնայ
կիրակին։
Ու
այդ
կիրակի
օրը
մեզի,
Հայերուս
համար
ալ
սրտակցութեան
գերազանց
յուշարարն
է։
Ծովուն
վրայ
ըլլաս,
թէ
ցամաքին,
ազատ
թէ
բանտը,
կիրակի
օրը
հոգուդ
թեւերովը
կ՚երթաս
կը
միանաս
հայրենի
երկրիդ,
տիեզերքի
չորս
կողմը
թափառայած
հայուն
կեանքին
հետ։
Նոյն
կոչնակն
է,
որ
նոյն
պահուն
կը
հրաւիրէ
ամէն
Հայ
հայրենի
տաճարը,
նոյն
մրմունջներն
են,
որ
սրտերը
կը
գալարեն,
նոյն
մելամաղձութիւնը,
որ
ամէնքն
ալ
կը
հովանաւորէ։
Եւ
յիշատակը
կը
տանի
քեզի
հեռուները,
շա՛տ
հեռուները։
Նոյն
կոչնակը
ութսուն
հազար
կիրակի
է՝
անփոփոխ
յարատեւութեամբ
կը
զարնէ,
նոյն
մրմունջները
ութսուն
հազար
կիրակի
է՝
կը
գրաւեն
ամէն
սրտերը.
ութսուն
հազար
կիրակի
միօրինակութեամբ
անցած
է
այն
օրէն,
որ
քրիստոնէութիւնը
մեր
ազգային
կրօնքը
ըրինք.
ու
քանի՜
կիրակիներ
դեռ
արդեօք
անայլայլ
միօրինակութեամբ
պիտի
սահին
Հայուն
կեանքին
վրայէն։
Դարերու
վազքին
մէջ,
տիեզերքի
անհունութեան
մէջ,
կիրակին
ամէն
հայու
միջեւ
ճշմարիտ
հաղորդութիւնն
է։
Ժամը
առտուան
տաս.
շոգենաւին
կամուրջին
վրայ
անսովոր
երթեւեկ
մը.
ֆրանչիսկեան,
դոմինիկեան ,
ճիզուիթ
եկեղեցականները
կը
շրջագային
ամէն
կողմ.
վեր
ելլելու
հրաւէր
կը
կարդացուի.
կը
հետեւիմ
ուրիշներու
օրինակին։
Պատարագ
մը
կը
մատուցուի,
կիրակի
է։
Ծերունի
քահանայ
մը
արարողութիւնը
կը
կատարէ,
շարժուն
խորանի
մը
առջեւ,
զոր
Ֆրանսական
Հանրապետութեան
դրօշակները
կը
զարդարեն.
«ժողովուրդը
»
երկիւղած
լռութեամբ
կ՚ունկնդրէ։
Հանդիսականներուն
մէջ
կը
մտնեմ։
Հանդէսը
ինծի
համար
սովորական
չ՚երեւնար.
բազմաթիւ
ուղեւորութիւններուս
մէջ
առաջին
անգամն
է,
որ
քրիստոնէութեան
մարմնացում
խորհուրդը
ծովուն
խորհրդաւորութեան
վրայ
սաւառնած
կը
տեսնեմ։
Ու
միտքս
կը
խորասուզուի
պատանեկութեան
ընթերցումներու
յիշատակին
մէջ։
Կը
յիշեմ
Շաթոպրիանի
սրտայոյզ
նկարագրութիւնը
կիրակնօրեայ
պատարագի
մը՝
Ամերիկայ
ծովող
առագաստանաւին
վրայ։
Խորապէս
ազդած
էր
վրաս
այդ
դրուագը,
որուն
ներկայ
գտնուիլ
ըղձացած
էի.
ու
հիմայ
աչքերուս
առջեւ
կ՚իրականանար
այդ
բանաստեղծական
երեւոյթը
եւ
սակայն
իբր
հետաքրքրական
տեսարան
մը
միայն.
օ՜հ,
երեսուն
տարիները,
որ
անցած
են
այդ
ընթերցումներէն
ի
վեր,
բանը
մը
լօսլօս
ըրած
են
հոգիիս
մէջ
ու
մեր
սերունդին
սրտին
մէջ։
Ցաւի՞մ։
Բայց
ջախջախուածին
բացակայութիւնը
զգալի
չէ։
Հ.
Ալիշանի
ներշնչումն
էր ,
որ
Շաթոպրիան
մեզի
սիրելի
ըրաւ,
վստահ
եմ,
որ
նոյն
պահուն
եթէ
հոյակապ
ծերունին
ինքն
ալ
գտնուէր
Էքուաթէօրին
վրայ,
պիտի
երկրպագէր
սեղանին
դողդղահար
կրօնաւորութեամբ.
բայց
միթէ
աւելի՞
զուարթամիտ
խղճով։
27
սեպտեմբեր
Երկուշաբթի։
Պայծառ
արեւը
ծաթեր
է,
Խաչի
մեռելոցին
երկուշաբթին
է։
Այս
միեւնոյն
բարկ
արեւն
էր,
որ
ուրիշ
խաչի
մը
Մեռելոցին,
իր
լուսովը
ողողեց
Պոլսոյ
Հայութիւնը։
Ազգային
ջերմեռանդ
հաւատքի,
բոցավառ
եռանդի
երկրորդ
տարեդարձն
է,
հայաստանցի
պանդուխտը
խմբովին
այդ
օրը
Դուռը
կ՚երթար
Եւրոպայի
վերջնական
պատասխանը
առնելու.
պատանիները
տարէցներուն,
ծերերը
երիտասարդներուն
հետ,
կինն
ու
էրիկմարդը
միեւնոյն
ոգեւորութեամբ
ազգային
միութեան
դրօշը
կը
պանծացնէին։
Շատ
բան
փոխուեցաւ
այդ
օրէն
ի
վեր,
շատ
բան
ջնջուեցաւ.
«ամէն
բան
կորսուեցաւ
…
Հաւատքէ՛ն
զատ
».
ու
երբ
աւերակներու
մուխէն,
տաք
տաք
արիւնի
շոգիէն
ազգային
հաւատքը
իր
գլուխը
վեր
կը
վերցնէ,
բան
մը
չէ
կորսուած,
բաւական
է,
որ
միտքը
պաղարիւն
առաջնորդը
ըլլայ
հաւատքին։
Յիշելով
այս
տարեդարձը,
ժամանակագրական
սխա՞լ
մը
արդեօք
կ՚ընեմ։
Խաչին
մեռելոցին
օրն
է
այսօր,
բայց
սեպտեմբերի
ալ
15/27,
երեք
օրուան
տարբերութիւն
սեպտեմբեր
18/30—ին
հետ։
Բայց
երբ
Հայաստանցի
Հայուն
արիւնն
է,
որ
կը
հոսի,
ժամանակը
արեւով
ու
լուսինով
չէ,
որ
կը
չափուի.
անոնք
աշխարհաքաղաքացի
են.
ո՛չ
ազգ
կը
ճանչնան,
ո՛չ
ցեղ,
ո՛չ
երկիր։
Յուլի՞ս,
յունուա՞ր,
օգոստո՞ս,
դեկտեմբե՞ր,
ի՞նչ
կը
յիշեցնեն
Հայուն,
ատոնք
օտար
են.
իր
լեռներուն
մէջ
քաշուած՝
տարրերու
դէմ
կռուող
հայուն
սրտին
ի՞նչ
կը
խօսին
այդ
համամարդկային
թուականները։
Հայը
իր
ազգային
կեանքը
ունի,
իր
կրօնական
կեանքը
ունի.
իր
թուականները
անոնք
են,
անփոփոխը
անոնք
են,
մշտնջենականը
անոնք
են,
զի
անոնց
մէջ
դարերու
հոգին
պահուած
է.
ամէն
հայ
անոնց
հետ
թափած
է
իր
արցունքները,
որոնք
եղած
են
իր
ուրախութեան
վկաները։
«Խաչին
երկուշաբթին
էր,
որ
Սթամպոլ
զաւակս
մորթեցին»,
«Աստուածածնայ
պահքին
էր,
որ
տաճիկները
աղբարս
Սթամպոլ
մեռցուցին
»,
կ՚ըսէ
Հայը
Հայաստանի
մէջ
ու
պիտի
ըսէ
միշտ.
ասանկ
սորված
է
դարերէ
ի
վեր։
Ու
անհատական
կեանքն
ալ
իր
կրօնական
կեանքին
հետ
կապած
է.
ա՛ն
է
իր
տարեցոյցը,
Խաչին
կարգուէր
է,
Յիսնակին
զաւակ
ունեցեր
է,
Լուսաւորչին՝
մեռել։
Ու
պանդխտութեանը
մէջ
այդ
յիշատակներն
են,
որ
հայ
կնոջ
սիրտը
կը
գալարեն,
ամէն
օր
երկրին
հետ
կը
կապեն։
«Ասօր
Տէրնտաս
է,
տալս
սա
բանը
կ՚ընէ».
«Վաղը
Վարագայ
Խաչ
է,
ներըս
այս
ինչ
բանը
պիտի
ընէ
»։
Ամէն
տօն
օր
յիշատակ
մը
կը
պահէ
իրեն
համար.
երկրին
ու
պանդխտութեան
աշխարհի
յուշարարը
կրօնական
տօնն
է,
եւ
ոչ
օրացոյցի
թուականը։
Ո՜րքան
հեռուները
կը
տանին
ինծի
այս
զգացումները.
ու
կը
սկսիմ
փնտռել
այն
գաղտնիքը,
թէ
ինչո՞ւ
աւանդութիւններու
քաղցրութիւնը
պէտք
է
այդքան
սիրենք,
երբ
մեր
մտածութիւնները
մեր
հայրերու
մտքէն
բոլորովին
տարբեր
ուղղութեան
մէջ
են։
Ու
այս
րոպէին
շուրջս
շշնջոց
մը
կը
սթափեցնէ
զիս։
«Պիտի
գայ,
պիտի
չգայ
»,
կը
լսուի
ամէն
լեզուով։
Իր
բունը
շոգենաւի
մէջ
դրած
պզտիկ
թռչուն
մըն
է,
ծիծեռնա՞կ,
թէ
ճնճղուկ,
չեմ
կրնար
որոշել,
որ
իր
սահմանը
նեղ
գտնելով
թռիչը
առած
է
դէպի
անհունութիւն։
Ցամաք
չի
նշմարուիր,
շոգենաւը
կը
յառաջանայ,
թռչնիկն
ալ
հակառակ
ուղղութեամբ
կ՚երթայ.
անջրպետը
հետզհետէ
կ՚ընդլայնի.
տարակոյս
չկայ,
թէ
իր
անքոյթ
ապաստարանէն
հեռու,
տկար
թռչնիկը
շուտով
պիտի
հոգնի
ու
ազատութեան
անսահմանութեանը
մէջ
պիտի
կորսուի։
Փորձառուները
սակայն
կը
պնդեն,
թէ
անոր
սիրտը
միշտ
«իր
բունին
»
հետ
է.
կը
դառնայ,
կը
դառնայ՝
նորէն
հոն
կու
գայ.
ու
իրաւ
ալ
քանի
մը
վայրկեանէն
եկաւ
նորէն
հանգչեցաւ
իր
բունիկը։—
Քիչ
մը
այս
թռչունին
չե՞նք
նմանիր
մենք
Հայերս
ալ։
Մտքերնիս
ո՜րքան
նեղ
կը
գտնէ
ազգային—կրօնական
աւանդութիւններու
նաւը.
ու
կ՚ուզէ
թռիչ
առնել,
անհունութեան
մէջ
սաւառնիլ։
Փորձերը
կ՚ընենք
եւ
սակայն
ետ
կը
դառնանք
նորէն
նաւը։
Թռչունը
բնազդով
իր
կեանքին
վտանգը
կը
զգայ
անհուն
ազատութեան
մէջ
ու
կը
փնտռէ
իր
անքոյթ
ապաստարանը.
ու
մենք
ալ
անհուն
ազատամտութեան
մէջ
ազգայնութեան
կեանքի
վտանգը
երբ
կը
զգանք,
նորէն
ետ
կը
դառնանք։
Հայ
ժողովուրդը
հիմա
ընդհանրապէս
անտարբեր
չէ
անոնց,
որ
մարմնով
տառապած
են
կամ
կը
տառապին
ազգին
սիրուն.
ո՞ր
Հայը
սակայն
օր
մը
յիշած
է
մտքի
մարտիրոսները,
որոնց
չարչարանքը
մարմնի
խոշտանգումներէն
շատ
աւելի
է։
Ազատ
Եւրոպայի
մէջ
ազատամիտ
Հայը
կը
զոհէ
իր
մտածութիւնները,
համոզումները,
վասն
զի
ժողովուրդը
նիւթապէս
շատ
քանդուած
է,
եւ
մտքի
նոր
կռիւներու
ժամանակը
չէ։
Նախ
փրկութիւն,
ապա
իմաստասիրութիւն։
Ու
ժողովուրդին
փրկութեանը
համար՝
պէտք
է
մինչեւ
անոր
սիրտը
խոնարհիլ
եւ
յուշիկ
յուշիկ
զայն
բարձրացնել։
«Շիրակ
»,
1909,
թիւ
9—10.
էջ
221