Կաղանդ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՂԱՆԴ
       Կաղանդ…
       Աչքս գոց, կը նայիմ…
       Ո՞րն է այս երկիրը։ Երբեք եղած չեմ հոս, բայց անծանօթ չէ ան ինծի։ Տեսնելուս կը ճանչնամ զայն իսկոյն, սիրտս անոր կ’երթայ մէկէն. ընտանի, սերտ, ներքին բան մը կայ անոր ու իմ միջեւս։ Երկար երազանքներու մէջ, երեւակայութիւնը անոր տարփոտ ճարտարապետը եղած է, մտքին յարաժամ փայփայանքները կերպաւորած, սրտին խանդուն ըղձանքները զայն դաստակերտած ն ինծի համար, տարտամ ու որոշ միանգամայն։ Ես հոս մագլցած չեմ այդ լեռներն ի վեր, աղբիւրին մէջ չեմ լողցած, եկեղեցիին բակը իմ խաղերս չէ տեսած, դաշտերուն մէջ ծաղիկ չեմ քաղած, ու այդ տանիքները իմ խոնջ մարմինս չեն պատսպարած։ Բայց լերան բոլոր ծերպերը գաղտնիք չունին ինծի համար, աղբիւրին ջրին կարկաչը ականջներուս մէջ կը կլկլայ՝ ծանօթ յանկերգի հծծիւնով, եկեղեցիին զանգակատան բարեկամ բարեւ մը կուտամ, ծաղիկներու հոտ մը ուղեղիս կ’ազդէ ընդփոյթ, ու երդիքին տակ ծիծեռնակի հին բոյնը կը փնտռեմ։
       Իրա՛ւ երբեք եղած չե՞մ հոս։ Ուրիշներու մէջ, իմ արիւնս կրող մարդերու մէջ ապրած եմ այստեղ, ու անոնցմէ ինծի ա՛յնքան խորապէս անցած է իրենց կրած ուղղակի տպաւորութիւնը այս երկրէն որ, անկից հեռու թէեւ, հոն եղած եմ միշտ, երազական կրկին կեանքով մը։ Դարերու ուժով ժառանգականութիւն մը, յամառ ու կենսալից, Ցաւին մէջ դրած իր արմատները ու անոր կազդուրիչ հիւթովը սնած ու ուռճացած, արհամարհած է միջոցը եւ հեռաւորութիւնը, ու Հողին, ուսկից բղխած է, անմիջական հաղորդակցութիւնը հաստատած է անկից անջատուած էակներուն մէջ։
       Մասնաւոր անուն մը չունի տեղը որ աչքիս դիմացն է։ Քաղաք մը չէ ան, ո՛չ աւան մը կամ գիւղ մը։ Ընդարձակ ու բիւրակերպ տարածութիւն մըն է։ Գիծով մը ու սահմանով մը չորոշուիր։ Լեռներ ու դաշտեր, ու նորէն լեռներ ու տափարակներ՝ ջրի ընթացքներով ժապաւինուած, բլուրներ ու ծործորներ, քաղքի փողոցներ ու գիւղի ճամբաներ պարտէզներու մէջէ, քարէ տուներ ու յարդածածուկ խրճիթներ։ Անուններ դնել կ’աշխատիմ իւրաքանչիւր կէտին, զանազանել այս համախռնումը, Մշոյ դաշտ, Շատախ, Կարին, Հաւաւ, Բասեն, Սիփան, Կամրկապ, Հայոց Ձոր, Լուսոնք, Արածանի, Արտամէտ, Գրգուռ, Մօրենիկ, Վարդենիս, Բիւրակն, Տալւորիկ… բայց կը շփոթուին, իրար կը խառնուին, իրարու մէջ կ’ընդելուզուին, ու քիչ քիչ մեծ անուն մը միայն կը մնայ ամէնուն վրայ թեւատարած, - Հայաստան։
       Ձիւն կայ ամէն կողմ, յորդ, թաւ ու կակուղ, անաղարտ բաներու սրբութեամբ մը փալփլող։ Լեռ ու դաշտ ծածկած է ան հոգածու տարփանքով, քաղաք ու գիւղ թաղուած են անոր մէջ մսկոտ հաճութեամբ մը։ Բուխերիկներ միայն կը ծակծկեն զայն դէսուդէն, օդին մէջ ղրկելով մուխի զուարթ յորձանքներ պալան-պալան։ Ու ցուրտ չէ այս ձիւնը, տաքցնող բան մը կ’ելլէ անկէ, եւ մտերմութեան, գուրգուրանքի ու խրախճանութեան հրաւէր մը կը յածի անոր վրայ։
       Ցնծութիւն մը կը խաղայ այս ամբողջ տարածութեան վերեւ։
       Ու մարդիկը որ կը տեսնեմ դիմացս, կը խնդան, ու կիները կը ժպտին, ու պզտիկները, թեւերնին վեր, կը պարեն։ Լոյս, աղմուկ, ոգեւորութիւն ամէն կողմ։
       Կէս-գիշերուան զանգակները կը հնչեն աւետաւոր, Նոր Տարիի գալուստը իմացնելով. կը հնչեն հրճուալիր, իրարու ղրկելով, մօտէ մօտ, իրենց գանգիւնները. ու բերկրութեան երգի մը, գոհաբանութեան ալէլուայի մը պէս կը տարածուի, կը բարձրանայ, կը սաւառնի ասիկա։
       Ու սեղաններ կը տեսնեմ, սեղաններ ամէն կողմ, ու անոնց չորս կողմը շարուած են պառաւներ ու ծերունիներ իրենց զաւակներով, հարսներով ու թոռներով։ Ու առատութիւնը յղփանքով մը կը զեղու այդ սեղաններուն վրայ. ճոխ ու բարի բնութեան մը պարգեւած բոլոր բարիքները կուտակուած են հոս ժիր ու չարքաշ մարդերու ձեռքով։ Գինիի պոզիկը հոն է յաղթապանծ, ու հողէ կուռիկներու մէջ կը խնդայ ան իր ցոլացիկ կարմրութեամբը։ Սախերու մէջ ձագուց մեղրը իր ճերմակութիւնը կը փռէ։ Ու իրարու վրայ դիզուած, բուրգի պէս կը բարձրանան նուշը, ընկուզը, չամիչը, պնտուկը, ամպրաւը, թուզն ու պաստեղը, մալաղի տանձն ու մալաշիկը, նանիկը, ապասիկը, խնձորները որոնց քով շարուած են խաղողները, ձմեռնուկը, կաղըմպոտը, էծու պտուկը, անկուտ քիշմիշը, աբելին։
       Ահա ոտքի կ’ելլէ պառաւը որ սեղանին գլուխը բազմած է, գինիին կուռիկը ձեռքը կ’առնէ, անոր մէջ կը ձգէ իր ճակտին պսպղուն ոսկիներէն հատ մը, ճաւռաշ մը, ու դողդոջուն ձեռքով կը բարձրացնէ բաժակը. ձայնը ամուր է սակայն, ու օրհնաբեր խօսքերը իր շրթունքներէն կ’ելլեն յոյսերով լեցուն։
       - Ձեզ ողջութիւն, շնորհաւոր տարի ու բարի կաղանդ. ամէն տարի բարով հասնինք, ուրախ սրտով։ Դառնիկ դատինք, քաղցրիկ ուտինք։ Ատուծոյ օրհնենքը ամէնուս վրայ։ Ամէնքս հասնինք մեր մուրատին։
       Ու կաթիլ մը կը խմէ գինիէն, յետոյ ամէնուն կը խմցնէ պուտ պուտ, ու ամէնքը կարգաւ կը համբուրեն իր ձեռքը, մինչ ան կը շարունակէ իր օրհնութիւնները ու մաղթանքները, լաւագոյն օրերու վստահութեամբ մը որ իր նիհար կուրծքը կ’ուռեցնէ։ Կոճղն է ան տարիներէն զարնուած, բայց միշտ ամուր ու տեւական, հողին մէջ տարածած իր կենսալիր արմատները որոնք իր գործը պիտի վերսկսին. վերանորոգման, շարունակութեան աւիշը կը բարձրանայ իր կանաչ ճիւղերն ի վեր որոնք դէպի առաջ, դէպի վեր կը խոյանան յոյսի թռիչքներով։
       Սեղան մը, հեռուն, կը հեւայ իր բեռին տակ։ Ի՞նչպէս համրել անոր վրայ Գաւաշի քաղցրը, Մոկաց մեղրը, Կարկառի զարտէն, Սպայկերտի տըմսը, Շինիձորի մլտիկը, Խիզանի խնnձորը, Կարճկանի փոխինդը, Կիւզալտէրէի ռուփը, Բզնունիքի ղայութը, Մշոյ դաշտի բաղարջը, Մօտկանի միրգը, Բաղէշի զարկած քաղցրը, ու պտուղներուն կոյտը որ կը բարձրանայ խայտաբղէտ։
       Անդին, տաքուկ քիւրսիին շուրջը, որոնց տակ շարուած են կրակով լեցուն հողէ թաղարներ, շալէ բարձերու ու հաստ գորգերու վրայ նստած՝ ուրիշ խումբ մը Նոր Տարիի հացը կը բաժնէ, մինչդեռ, աւելի հեռուն, թոնիրին բոլորտիքը, պրկիշին առջեւ, բազմաթիւ ճիւղերու բաժնուած հսկայ մոմի մը լոյսով, ամբողջ ընտանիք մը լօլէին գալուստը կը տօնէ։
       Փողոցին մէջ երգ մը կը վազվռտէ հիմակ։ Խումբ մը տղաք, ճիտերնին մէկ մէկ տոպրակ անցուցած, ձիւներուն մէջէն կ’անցնին ցատքրտելով, դռներուն զարնելով ու երգելով ձայնով մը զոր կ’աշխատին ողորմուկ ընել.
       Այսօր կախ է,
       Վաղը կաղընտ է.
       Տանտիկին, տանտիկին,
       Ելիր գնա մարագն ի վար,
       Կարճ բռնէ, երկայն կըյրէ,
       Կամացուկ որ մատդ չկըյրես։
       Ու տանտիկինը դուռը կը բանայ, ու տոպրակները կը լեցուին թութով, պաստեղով, ընկոյզով, բլիթով, ու “շէ՛ն կեցի”ներ կը թռին մանկական բերաններէն։
       Կաղանդի կորկոտը ու եօթնազգի ապուրը անդին սեղանի մը շուրջը հաւքած են խօսող խնդացող բազմութիւն մը։ Բայց աչքս անոնցմէ կը բաժնուի ու կը յառի քիչ մը հեռուն, աղւոր հարսի մը վրայ որ տանը գոմին դրանը առջեւ կեցած, կը կաղընտէ արջառները, կուլկուլ նետելով անոնց բռնալիր. չէ՞ մի որ տունէն են անոնք ալ, ու տարին ի բուն աշխատեցան նոյն վաստակին համար, արութեան եւ առատութեան հացին համար դատեցան անոնք ալ իրենց տէղերուն հետ քով քովի։ Կինը մէկ ձեռքով կը շոյէ հիմակ գոմշուկի մը ճակատը, մինչ անասունը, իր բարի աղւոր աչքերը խնդութեամբ լեցուն, անոր միւս ձեռքին մէջ կ’ուտէ հատիկները։ Ու հարսը կ’երգէ.
       Եկէ՛ք, սիրուն բուշիկներ
       Սիրամ ու կարմիր գոյներով,
       Ձեզի ալ տամ հատիկ կեր
       Որ կաղընդչէք եմ բերեր.
       Դուք ալ ապրիք տարիներ
       Ձեր սիրական զաւակով,
       Համբուրե՛մ ձեր ճակատներ,
       Սիւսլիւ պուռմա կոտոշներ։
       Ու կը ծռի, խանդակաթ համբոյր մը կը դնէ անասունին ճակտին վրայ որ, գգուանքին տաքութենէն հաճ՝ գլուխը կ’երկնցնէ՝ շոյանքներ խնդրող պաղատանքով մը։
       Վայելքին ու մոռացման մեծ երանութիւնը կը տարածուի ամէն կողմ, անջրպետելով երէկուան ցաւերը ու վաղուան հոգերը։ Մեծ դադարն է ասիկա, անհետացնելով յոգնութիւնները ու զրկանքները, գալիք օրերուն համար նոր ոյժեր պատրաստելով, ամրապնդելով արի հաւատքը որ դարերէ ի վեր այդ հողին կը կապէ զիրենք՝ վհատիլ չգիտցող վստահութեամբ մը, տկարանալ չգիտցող կորովով մը։ Ու մարդիկը որ կը տեսնեմ դիմացս, կը խնդան, ու կիները կը ժպտին, ու պզտիկները, թեւերնին վեր, կը պարեն։
       Վերջին երեւոյթը որ աչքիս առջեւ կը պարզուի, կը հոլովի ձիւնոտ ճամբաներու մէջէ, ծառերով եզերուած՝ որք իրենց կնգումի մուշտակին տակ կը սիգան։ Նորատի կիներու տողանցութիւն մըն է ան որ գեղէն կ’երկարի, առտուան մթնշաղին, դէպի աղբիւրը։ Ամէնքն ալ կ’երթան, երկիւղած ու պատկառոտ, ձեռուընին հատիկներով լեցուն, ջուրը կաղընտելու, ջուրը սրբազան ու բարերար։ Մայրն է ան ուսկից բարիքները կը բղխին, որ կ’արգասաւորէ ջանքերը ու կը պտղաբերէ յոգնութիւնները։ Ու նորատի հարսերը, աղբիւրի գլուխը կեցած՝ որ իրենց առաջին շիկնոտ տարփանքները տեսաւ, ջրին մէջ կը նետեն հատիկները՝ բնութեան մեծ ամուսնութիւնը կատարող, բեղմնաւորման մեծ խորհուրդը տօնող քրմուհիներու պաշտամունքով մը։ Ու հատիկները առնող տանող ալիքներուն խոխոջը զուարթ խնդումի մը պէս կը ցնծայ։
       Քիչ քիչ այս ամէնը ստուերին մէջ կը թաղուի, շրջագիծները ու պատկերները կ’անհետանան ու ամէն բան աներեւոյթ կ’ըլլայ խաւարին մէջ որ աչքերս կը լեցնէ։
       Տեւողութիւն մը կ’անցնի զոր չեմ կրնար որոշել, երազանքի մէջ կորսուած։ Երբոր անկից կը սթափիմ ու աչքերս կը յառեմ դարձեալ մութին մէջ, նոյն տարածութիւնն է որ երեւան կուգայ, նոյն շրջանակն է որ կը գծագրուի, նոյն լեռները ու նոյն դաշտերը, նոյն փողոցները ու նոյն գեղի ճամբաները։ Բայց ինչո՞ւ անունը որ ամէնուն վրայ կը տարածուի սաւառնաթեւ, արիւն կը կաթկթէ։
       Ձիւնը նորէն պատած է ամէն կողմ. բայց ահռելի ցուրտ մը կ’ելլէ անկէ, չար ու անողոք։ Լեռները խոժոռ ու դաժան կը նային, ու սարսուռ մը կը վազէ անոնց վրայ։ Հովը կը փչէ կատաղաբար, երբեմն սուր՝ ագռաւներու կռինչի մը պէս, ու երբեմն բուերու, հազարաւոր բիւրաւոր բուերու հուլուլմանը պէս վայող։
       Լռութիւն մը կը տիրէ, ա՛լ չխօսող բաներու ահաւոր լռութիւն մը։ Հովն է որ մինակ կը ձայնէ, ու անոր մէջ մորմոքներ կը հեծկլտան ու կսկիծներ կը հառաչեն։
       Մա՛րդ չի կայ դուրսը։ Ամայութիւնը իր սոսկումը կը սփռէ ամէն կողմ։ Ու ամէն բան թախծութիւն մը հագած է, ա՛լ չապրող բաներու խորին թախծութիւնը։
       Մոխիրի համ մը կայ օդին մէջ։
       Դաշտերը մերկ են, ու ծառերը կմախքներու պէս կանգուն, անձկագին գալարումներով կը դողդղան անոնց մէջ։
       Տուները իրարու վրայ սեղմուած, սմքած են, ու ցաւը ու անձկութիւնը կը պտըտին անոնց վերեւ։
       Սուգի երկիրն է ասիկա, հիւրամերժ ու անխնդում։
       Բայց ահա երդիքի մը տակ սեղան մը կը տեսնես։ Բազմութիւն մը նստած է անոր չորս բոլորտիքը, մեծ մայրը իր զաւկներով, հարսներով, թոռներով։ Կաղանդի սեղան մըն է ասիկա, բայց ո՛չ Նոր Տարիի հացը կայ վրան, ո՛չ պտուղներու կոյտը, ո՛չ մեղր ու ո՛չ գինի։ Թոնիրին մէջ կրակը մարած է շատոնց։ Կանթեղ մը կը պլպլայ միայն անկիւն մը, ու անոր տատանոտ լոյսն է միայն կենդանի այստեղ։
       Որովհետեւ այդ բոլոր մարդիկը չե՛ն խօսիր, չե՛ն երերար, չե՛ն նայիր։
       Աչքերս կը յառեմ։
       Ա՜հ, մեռա՛ծ են։
       Ու ի՛նչ մահով։
       Մեծ մօրը աչքերը փորուած են, ու անոնց խոռոչը կը բացուի, կը խորունկնայ ահաւոր։ Վզին վրայ լայն վէրքի մը շուրջը արիւնը փխտացած է, սեւ ու փայլուն։ Իր քովը, անդրանիկ զաւակը իրեն կրթնցուցած է իր գլուխը որ մարմնէն անջատուած է։ Իր պզտիկ հարսը դիմացը նստած է ծիծերը կտրուած, ծունգերուն վրայ սեղմած նորածինի մը դիակը։
       Ու ամէնքն ալ այսպէս ահռելի վէրքեր ունին, ու կեանքը խոյս տուած է ամէնէն։
       Բայց չէ՛. երեք պզտիկ ահա կը շարժին։ Ողջ են։ Հագուստ չունին գրեթէ, իրենց ոտքերը բոպիկ են, սեղանին վրայ բան մը չի կայ ուտելիք, բայց պողպատի ամրութեամբ կեցած են հոն ու կը հսկեն սգաւոր տանը վրայ։ Ու ժամերով, ժամերով, արթուն, պզտիկ պահապանները կը նային իրենց մեռելներուն, գիտակից աչուըներով որոնք կը վառին։
       Ու իրենց աչքերը անհամար բաներ կը զուրցեն իրենց անկենդան սիրելիներուն։ Անոնց դէմքերուն վրայ պայծառութիւն մը կը տիրէ հիմակ, ու մեծ մայրը, ոտքի կանգնած, անհուն վստահութեամբ մը ուռեցած, դողդոջուն ձեռքերը առաջ նետած, իր օրհնութիւնը ու հաւատաւոր մաղթանքներ կը ղրկէ պզտիկներուն, որոնք իրեն կը նային միշտ, գիտակից աչուըներով որոնք կը վառին։
       (“Նոր Կեանք”, 1 Յունուար 1898,
“Զարթօնք”, 2 Յունուար 1933).