Խաչախճին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԽԱՉԱԽՃԻՆ
       Մութ ու մռայլ գիշեր էր։ Դեկտեմբերի կծու հով մը կ’ոռնար այսահար, հոն, Սկիւտար, Գարաճա-Ահմէտի գերեզմանատան նոճիներուն մէջէն, որոնց գալարատանջ հեծեծիւնները օդը կը լեցնէին։ Գիշերապահը ժամը վեց վեց կը զարնէր Ս. Կարապետ եկեղեցիին մարմարեայ սեմին վրայ։ Գիշերուան այդ մենութեան մէջ, այդ մենակերպ հնչիւնը, որ մէկ քանի վայրկեանը անգամ մը կը կրկնուէր, մարդկութեան մէկ ողբը կը թուէր՝ բնութեան ընդհանուր կոծին խառնուած - ողբը հէգ գիշերապահին, որ այդ ցրտասարսուռ գիշերով կատաղի հովին դէմ կը պարզէր իր կուրծքը, ու կեանքն ալ գուցէ։
       Շրջակայ տներուն մէջ, որոնց ուրուագիծերն ա՛լ չէին որոշուեր միահեծան խաւարին մէջ, ա՛լ լոյս չէր մնացած։ Ս. Կարապետ եկեղեցիին բարձրադիտակ զանգակատունը միայն կը պարզէր իր ուրուատեսիլ կատարը, ու անոր ճիշդ դէմը, թափուր գետնին մէջ, ուր ժամանակաւ այրած տներու փլած պատերը միայն կան ցանուցիր, յաղթ նոճի մը իր ցցունազարդ գագաթը կը խոնարհեցնէր մռնչող հովին տակ։
       Գիշերապահին ողբը նորէն լսուեցաւ բնութեան անհուն աղաղակին խառնուած. մէ՛կ, երկո՛ւ, երե՛ք, չո՛րս, հի՛նգ, վե՛ց, եօ՛թը։ Այդ մարդը մինաւորիկ կը հսկէր բնութեան տագնապին։
       Այդ խաւարին ու մրրկին մէջ, ինքը մինակ չէր սակայն։ Ս. Կարապետ եկեղեցիին դիմացի տափարակին մէջ, յաղթապանծ նոճիին տակ, մարդ մը կանգուն կը սպասէր չորս ժամէ ի վեր։
       Քսաներեք քսանչորս տարեկան երիտասարդ մըն էր, եւ ժամը հինգէն ի վեր հոն կը սպասէր փախստեայ ծխախոտի, զոր նոյն գիշերն իսկ պիտի ստանար Էրէնքէօյէն։
       Բրդէ հաստ կօճուկի մը մէջ փաթթուած էր գլխէն մինչեւ ոտքը. ու նորէն, ցրտին դիմանալու համար, կէս ժամը անգամ մը բերնին կը տանէր ռոմի չօդրա մը, զոր իր վերարկուին լայն գրպաններուն խորքը կը սահեցնէր ապա։
       Համբարձում Քիրէճճեան կը կոչուէր, արհեստով գրաշար։ Ճեմարանին մէջ, - որ հիմա այրացաւեր փլատակներու կոյտ մըն է լոկ տխրատեսիլ, - իր նախնական ուսումը ստացած էր, ու տասնըվեց տարեկան գործի ելած էր, ընտանիքին օգնելու համար։ Գրաշար եղած էր։ Իր շահած շաբաթական դոյզն գումարը գրեթէ ամբողջութեամբը հօրը կուտար, որպէս զի կարենար պահել իր բազմանդամ ընտանիքը, - հայր, մայր եւ վեց զաւակ, որոնց չորսը աղջիկ։ Հայրը դարբին էր, քիչ շատ կը վաստկէր, եւ “վարդի պէս կ’ապրուէին”։
       Օր մը, հայրը մեռաւ։ Սեւ օրը այն օրը եղաւ իրենց տանը համար։ Ան ատեն, Համբարձում ութսուն ղրուշ կ’առնէր շաբաթը։ Այդ գումարէն պէտք էր տանը վարձքը վճարել եւ ապրեցնել, իրմէ զատ, դեռ վեց հոգի։ Մայրն ու երկու հասուկ աղջիկները սկսան դուրսի կար կարել. պզտիկ մանչը, Արշակը, հազիւ տասնըմէկ տարեկան, դպրոցէն հանեցին եւ ժամագործի մը քով տուին շաբաթական տասը ղրուշով, որուն հինգը շաբաթ իրիկունները՝ կը բերէր մօրը կը յանձնէր։ Եւ սակայն, երկու ամիս չանցած, հացագործը ա՛լ սկսաւ հաց չտալ, եւ մսավաճառն ու նպարավաճառը տանը դուռը ափ առին։
       Համբարձումի համար տանջանքը սկսաւ, նիւթական ու բարոյական ահռելի տանջանք։ Ցերեկները պանիր-հաց կ’ուտէր, եւ օրը քսան փարա խնայելու համար Սկիւտարի առաջին ու վերջին շոգենաւերով կ’երթեւեկէր։ Բայց ամէնէն աւելի իր սիրտը ճմլող բանն էր տեսնել իր խեղճ մայրն ու մատաղատի քոյրերը որ ասեղին տակ կը ծակծկէին իրենց մատները՝ մինչեւ կէս գիշերն անցած։
       Չյուսահատեցաւ սակայն, եւ գլուխը ասդին անդին զարկաւ։ Ա՜խ, եթէ կարենար բացէն շահ մը ունենալ։
       Այդ միջոցին էր որ իր դպրոցական ընկերներէն մին, որ ետքէն իր սէթրի բանդալոնը ապա բոթուռի փոխած էր եւ որուն ինչպէս ապրիլը ոչ ոք գիտեր, իրեն առաջարկեց փախստեայ ծխախոտ վաճառել, զոր ինք կ’երթար կը բերէր Չինկեանէքէօյէն, Չէրքէսքէօյէն, Էրէնքէօյէն, եւ այլն։ Համբարձում վտանգը աչքը առաւ, եւ ամէն առտու կռնակին ու կուրծքին վրայ չորս-հինգ ծրար ծխախոտ կապած՝ կը տանէր Պոլիս իր բարեկամներուն ու ծանօթներուն ծախելու։
       Ամիս մը այսպէս շարունակեց։ Ամսագլխուն, երկու ոսկի շահ մնացած էր իրեն։ Տանը մէջ սկսան քիչ մը շունչ առնել։
       Ան ատեն, պատանին, մօրն ու քոյրերուն բեռը բոլորովին թեթեւցնելու համար, յանդուգն գաղափար մը ունեցաւ։ Փոխանակ միջնորդի դեր կատարելու, անձամբ ուզեց փախստեայ ծխախոտ բերել տալ։ Կիրակի օր մը Էրէնքէօյ գնաց, եւ հոն ամէն բան կարգադրեց Գամպուր Մէհմէտ անուն հողատէրի մը հետ։
       Իրական վտանգը ան ատեն սկսաւ։ Ծխախոտ փախցնելը, Րէժիի դէտերուն խիստ հսկողութեան տակ, դիւրին գործ չէ։ Թողէք տուգանքն ու բանտարկութիւնը, պէտք է նաեւ ամէն վայրկեան մաքառիլ դէտերուն դէմ եւ դաշոյնն ու ատրճանակը ձեռքէ չթողուլ։ Յանդգնութիւնը չէր պակսեր քսանամեայ պատանիին քով, եւ հակառակ մօրը աղերսագին պաղատանքներուն, տարիէ մը ի վեր Համբարձում իր հաշուին կը գործէր։ Իրարու վրայ շաբաթական ոսկի մը շահ կ’ունենար, եւ հանգուցեալ դարբինին տունը իր բարեկեցիկ վիճակը կը ստանար հետզհետէ։ Եւ երբ Համբարձում կը տեսնէր որ քոյրերը իրենց վաստակը իրենց արդու զարդին միայն կը նուիրէին այլեւս, ա՛լ կը մոռնար իր բոլոր յոգնութիւնները ու բոլոր սրտադողերը։
       * * *
       Գիշերապահին ճոկանը վերստին հնչեցուց իր տխուր ու մենակերպ նուագը, - մէ՛կ, երկո՛ւ, երե՛ք, չո՛րս, հի՛նգ, վե՛ց, եօ՛թը, ո՛ւթ, ի՛նը։ Այս անգամ սակայն ա՛լ առջի ուժգին ողբը չէր. հարուածները հետզհետէ կը տկարանային մարմարեայ սեմին վրայ, ու հիմա նուաղկոտ հեծեծիւնի մը պէս կը մարէին։ Գիշերապահն ալ, բնութեան պէս, յոգնած կը թուէր։ Հովը դադրած էր տակաւ։ Ցուրտը կը սաստկանար։
       - Դեռ չեկան, մրմռաց Համբարձում՝ ակռաներուն մէջէն ուժով հայհոյութիւն մը քրթմնջելով։ Արդեօք փորձանքի՞ մը հանդիպեցան։
       Միեւնոյն վայրկենին՝ ականջները սրեց։ Քայլափոխի մը թեթեւ ձայնը քիչ քիչ կը մօտենար։ Մութին մէջ զանգուած մը սկսաւ որոշուիլ, որ զգուշութեամբ կը յառաջանար։ Մարդկային ձայն մը մեղմիկ շշնչաց.
       - Հո՞դ ես, Համբիկ։
       - Հա՛։
       Նորեկը նոճիին տակ հասաւ։
       - Ո՞ւր է Քէլէկը, հարցուց Համբարձում։
       - Կուգայ կոր։
       - Շատ ուշացաք։ Վախցայ որ ճամբան փորձանքի մը հանդիպեցաք։
       - Չէ՛, փառք Աստուծոյ. ամա աս հավայի՜ն… Ճերմակ ջուր կա՞յ քովդ։
       - Չէ՛, ռոմ է։ Ա՛ռ, մէջը կտոր մը ձգէ։
       - Տո՛ւր, ցուրտը ճիյերս անցաւ։
       Ու երկար ումպ մը կուլ տուաւ անյագաբար։
       - Ծօ մէջը բան չես ձգեր, Կոկո՛ռդ։
       Նորեկը աս անունով կը ճանչցուէր իր բարեկամներու շրջանակին մէջ։ “Կոկոռդ”ը կրճատումն էր “կոկորդիլոս”ին, որուն արժանի դատած էին զինքն իր ընկերները՝ իր երկար չորուկ հասակին ու սրածայր գլխուն համար։ Ինք խաչախճիներու խլավուզն էր, գիւղերէն մինչեւ քաղաք ծխախոտ բերող բեռնակրին առջեւէն կ’երթար հարիւր քայլ հեռաւորութեամբ, որպէսզի եթէ դէտերու հանդիպի, սուլէ եւ բեռնակիրը ճամբան փոխէ։ Իր պաշտօնը ամէնէն վտանգաւորն է, որովհետեւ գործը միշտ դէտերուն հետ է։
       - Նա, Քէլէկը կուգայ կոր, ըսաւ Կոկոռդ՝ բռունցքներովը պեխերը սրբելով։
       Բեռնակիրը կը հասնէր։ Երեսնամեայ յաղթանդամ թուրք մըն էր որ, երկար շունչ մը առնելով, գետին նետեց իր բեռը, քառսուն օխա ծխախոտ, զոր շալակովը մինչեւ հոն բերած էր Էրէնքէօյէն։
       Համբարձում տուաւ անոր վարձքը, երկու մէճիտիէ, եւ մարդը ճակտին քրտինքը սրբելով նորէն ճամբայ ելաւ՝ քալելով Էրէնքէօյ դառնալու։
       - Աս թիւթիւնը հիմակ ո՞ւր պիտի տանիս, հարցուց Կոկոռդ:
       - Գուզկունճուք, Նէսիմին։ Առաջուընէ խօսած եմ։
       - Աստուած կարողութիւն տայ։ Բաղդէդ, հավան փէք պէրպատ է, վախու պան չի կայ։
       - Զաթը տէրէին ճամբով պիտի տանիմ. հոն խօլճի չի կենար։ Դուն հիմա ո՞ւր պիտի երթաս։
       - Սէլամսըզ, քրոջս։ Վաղն իրիկուն գամ տէ հաշիւը լմնցունենք։ Կեցիր սա թիւթիւնը կռնակդ տեղաւորցնեմ անանկ էրթամ։
       Ու ծխախոտի խոշոր պարկը չուանով մը հաստատեց Համբարձումի կռնակին վրայ։ Յետոյ, “գիշեր բարի” մը մրմռալով, անհետ եղաւ խաւարին մէջ։
       Հմբարձում ալ ճամբայ ելաւ՝ իր ծանր բեռան տակ կքած։ Անարգել անցաւ Վանքին Այգիին այրած փլատակներուն մէջէն, Բօսթա Եօլուն կտրելով՝ Խալֆային Պաղը մտաւ, յետոյ Իճատիէի բարձունքէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Գուզկունճուքի ձորը, Ֆրէնկին լերան ստորոտը։ Բայց հազիւ ձորին մէջ մտած էր, կանգ առաւ յանկարծ։
       Իրմէ քսան քայլ դէպի առաջ, չորս հինգ ձիաւոր դէտ կը սպասէին անշարժ։
       Համբարձում վախկոտ չէր. գիշերուան այդ ժամուն, Եէնի-Մահալլէէն մինչեւ Գուզկունճուք այդ տաժանելի ուղեւորութիւնը միայնակ կատարելը ամէն մարդու գործ չէ։ Եւ սակայն սիրտը սկսաւ ուժգին տրոփել։ Վեցհարուածեան րէվոլվէրը գրպանն էր, եւ դաշոյնն ալ քովէն կախուած. բայց ինք միայնակ կրնա՞ր դիմադրել այդ խմբակին։ Մէկ քանի անգամ այդ տեսակ կռիւներու մէջ գտնուած էր, բայց իր հետ միասին չորս հինգ ընկեր ալ կային ան ատեն։
       Կորսնցնելու ժամանակ չի կար սակայն։ Արդէն դէտերը տեսած էին զինքը, որովհետեւ իր վրայ կը յառաջանային՝ իրենց ձիերուն քառատրոփ ընթացքով։
       Համբարձումի համար երկվայրկեան մը անցաւ, ահռելի երկվայրկեան մը։ Այն յանկարծական սրութեամբ, զոր միտքը կ’ունենայ վտանգի նմանօրինակ վայրկեաններու մէջ, տեսաւ իր բռնուիլը, իր քառսուն օխս ծխախոտին համար ութսուն օր բանտ պառկիլը, - որովհետե ո՞ւսկից պիտի կրնար վճարել գրաւեալ փախստեայ ծխախոտի իւրաքանչիւր օխային համար երկու մէճիտի կանոնադրական տուգանքը, - եւ այդ ութսուն օրուան միջոցին՝ իր ընտանիքին չարչարանքը եւ գիշերները անօթի պառկիլը գուցէ։ Այդ մտածումը ի՛նչ քաջալեր տուաւ իրեն, իր երիտասարդական անձնավստահ խիզախութեանը մէջ ի՛նչ անսահման ոյժ գտաւ, - ինք միայն կրնայ զուրցել։ Սա իրաւ է որ երբ դէտերուն մեծը խրոխտ ձայնով պոռաց իրեն, թուրքերէն.
       - Կեցի՛ր,
       Երիտասարդը քաշեց րէվոլվէրը եւ պատասխանեց.
       - Ճամբայ բացէք որ անցնիմ։ Թէ չէ, մէկիկ-մէկիկ ձիէն վար կ’իջեցնեմ ձեզի։
       Դէտերէն երկուքը, կարեւորութիւն չ’տալով այս սպառնալիքին, ձիէն վար իջան և սկսան երիտասարդին մօտենալ։
       - Մի՛ մօտենաք, կը զարնեմ, գոչեց Համբարձում։
       Դէտերը ետ քաշուեցան երկու քայլ, եւ վարանած մնացին։ Բայց իրենց խմբապետին հրամանին վրայ, նորէն սկսան յառաջանալ, այս անգամ րէվոլվէր ի ձեռին։ Իրենք արտօնութիւն չունին կրակ ընելու խաչախճիներուն վրայ. այլ կարծեցին թէ երիտասարդը բնաւ համարձակութիւն չի պիտի ունենար իր սպառնալիքը ի գործ դնելու, եւ յանդգնութեամբ առաջ նետուեցան։
       Համբարձում գլխու պտոյտ մը ունեցաւ. աչքերը մթագնեցան, ու, խելայեղ, պարպեց իր հրազէնը։ Դէտերէն մին ցաւագին աղաղակ մը նետեց օդին մէջ, իր ձախ թեւը բռնեց՝ ուր մտած էր գնդակը, եւ յետոյ, մռնչիւն մը արձակելով, պարպեց իր րէվոլվէրը, հազիւ մէկ քայլ հեռուէն։
       Րէվոլվէրին պայթմանը ընկերացաւ ահռելի աղաղակ մը։ Երիտասարդը ձեռքը կուրծքին տարաւ, ուր մտած էր գնդակը եւ կռնակէն դուրս ելած, ու գետին գլո՞րեցաւ՝ իր ծխախոտի բեռան տակ ծածկուած։ Դէտերը անմիջապէս վեր վերուցին զինքը։
       Հինգ վայրկեան ետքը, իր հոգին կ’աւանդէր՝ անհասկընալի բառեր մրմնջելով, մինչ գիշերապահներ ու ոստիկաններ կը վազէին կուգային ճեպընթաց։
       * * *
       Հիմակ հովը դարձեալ կը փչէր ամեհի ու արշաւասոյր, հո՛ւ, հո՛ւ, հո՛ւ։ Բնութեան տանջանքն էր ատ, անհուն թառանչ մը, ուր առլցուած են կարծես ամէն ողբերն ու մորմոքները, բոլոր կոծերն ու հառաչանքները։ Իր ընթացքին մէջ կարծես իր հետ կը բերէր իր կտրած անցած վայրերուն բոլոր ցաւի աղաղակները ու հեծկտուքները, ու հիմակ ալ ընդքարշ կ’առնէր կը տանէր մեռնող երիտասարդին հուսկ յետին խռնչիւնը։
       ( “Մասիս”, 15 Յունուար 1890,
       “Մուրճ”, Յունուար 1902).