Ա՛յս է եղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա՛ՅՍ Է ԵՂԵՐ
       Ա.
       Կղզիներէն Պոլիս վերադարձող վերջին շոգենաւը ծանրադանդաղ կը յառաջանար, Ֆանարաքիի բացէն, իր անիւներուն հաստաբեստ տախտակներովը ծեծելով ծովուն կապուտակ մակերեւոյթն, ուր մարը մտնելու մօտ արեւը կուգար նոյնհետայն խառնել իր բեկբեկ եւ շիկորակ ճառագայթները։ Շոգենաւն իր ետեւ կը թողուր լայն ակօս մը, որուն երկու եզերաց սպիտակ փրփուրները, տատանելով եւ օրօրուելով, արեգական սաստիկ պայծառութեանը տակ շլացուցիչ երանգներ կը փոխէին, մինչ անկէ անդին, աչքը կտրածին չափ, Մարմարան կը փռուէր հալած կապարի փողփողումներով, յորս, հեռուէն հեռու, շոգենաւի մը կամ առագաստանաւի մը ուրուագիծը կուգար սեւ արատ մը յօրինել։
       Օգոստոսի տաք եւ հեղձուցիչ իրիկուն մըն էր, կիրակի իրիկուն մը։ Մթնոլորտը, ելեքտրականութեամբ առլցեալ, միահեծան ճնշում մըն էր, անողոք, անդիմադրելի, զոր մարդ ի զուր պիտի փորձէր ի բաց թօթափել. նոյնիսկ հոդ, ծովուն մէջտեղ, ընդհանուր թմրութիւն մը կը տիրէր, ընդարմացում մը, բնութեան մէկ խուլ անհանգստութեանը պէս։
       Շոգենաւուն մէջ բազմութիւնը այնչափ լցուած էր որ շատեր ոտքի վրայ մնացած էին։ Չորս կողմ, ամառնային ծիծաղկոտ արդուզարդեր, պայծառ գոյներով։ Յոգնութիւն մը կար ամէն դէմքերու վրայ, - մեղկութիւնն այդ տաք մթնոլորտին եւ խոնջէնքն ամառնային երկար օրուան մը։
       Յետսակողմի մեծ դահլճին մէջ, ուր ամէն պատուհանները բաց էին, զուարթ բազմութիւն մը գրաւած էր բոլոր նստարաններն ու բազմոցները, ու դահլճին խորը, մեծադիր հայելիին մէջ, խառնիխուռն կ’անդրադառնային կանանց ծաղկազարդ գլխարկներն։
       Հայելիին ճիշդ քովը, անկեան մէջ, կիսովին ընկողմանած էր մանկամարդ կին մը, որու վրայ կը դառնային յաճախ ուղեւորաց նայուածքները։ Երեսուն տարեկանի մօտ կին մըն էր, գռէր տը շինէ կաթնագոյն շրջազգեստ մը հագած, որուն պարանոցին քառակուսի բացուածքէն՝ միսը կ’երեւար սպիտակ եւ վարդերանգ, ժանեակներու փրփուրի մը տակ միապաղաղ փայլիւնով։ Կիսաբաց բոսորածիր շրթունքը մշտատիպ ժպիտ մը ունէր, որ իր անփայլ եւ կենդանի այտերուն վրայ երկու փոսիկներ կը պատճառէր։ Աչուըները, սեւաթոյր լայն թարթիչներու տակ, նուաղկոտ ցոլք մը ունէին, որուն մէջ ճերմակը կը կորսուէր. այդ աչքը, մրագոյն ծիրով շրջանակեալ, ամբողջ ապականութիւն մըն էր, չես գիտեր ինչ հրաւէր մը հրամայական եւ խուսափուկ միանգամայն, իր նայուածքին մէջ ընկղմելով գոգցես ցոլացուցած բոլոր առարկաները։ Գլխուն վրայ, պռիկան գլխարկը կը բարձրանար յոխորտ, պատերազմիկ եւ անառակ կեցուածքով, գարնանային ծաղկանց, խոտերու եւ շիւղերու ներդաշնակ խառնուրդի մը տակ ծածկուած։ Ձախ ձեռքը, - միթէն ձեռնոցով մը կիսովին պատած մինչեւ յառաջաբազուկը, որուն լեցուն եւ սպիտակ մկանունքը եւս աւելի աչքի կը զարնէին ձեռնոցին շագանակագոյն թելերուն քով, - անընդհատ կը խաղցնէր սնդուսէ հովանոցի մը նրբակերտ գլուխը։ Այդ անկեանը մէջ ընկողմանած, գլուխը տախտակորմին կրթնած, իր ճապուկ եւ առուգաբարձ լանջքին բովանդակ գեղովը, հոն կը մնար ըղձալի եւ գրգռիչ, արանց աչքերուն մէջ կարդալով իր յառաջ բերած յոյզերուն շողը, իր յաղթանակին կատարեալ գիտակցութեամբը։
       Իր ճիշդ քովը նստած էր քառասունի մօտ մարդ մը, որ Արեւելքի առաջին երեսը կը կարդար, իր ընթերցումէն շատ գոհ անձի մը հետաքրքրութեամբ։ Մերթ ընդ մերթ կը դառնար իր ընկերուհւոյն, քանի մի խօսք կը մրմնջէր, յետոյ վերստին կը խորասուզուէր իր ընթերցմանը մէջ, ինքը միայն անտարբեր ու թերեւս ալ անտեղեակ այն ցանկութեան հոսանուտին զոր այդ կինը կ’արտաշնչէր իր մարմնէն։
       Մանկամարդ կինը յանկարծ շտկուեցաւ, իր դիրքէն յոգնած թերեւս, հայելիին մէջ անձնավստահ ակնարկ մը նետեց, մատներովը շտկեց շագանակագոյն մազերու ապստամբ խոպոպ մը որ գլխարկէն դուրս սպրդած էր, նայուածքը չորս դին պտտցուց, եւ կանգ առաւ երկու աչուըներու վրայ որք, ճիշդ դիմացի անկիւնէն, իր վրայ յառած էին յամառութեամբ։ Քսանեւհինգ տարեկան երիտասարդ մը նստած էր հոն։ Ծաղկատի կնոջ աչքին զարկաւ անմիջապէս նորա վայելուչ արդուզարդը, - կապոյտ շըվիոդէ հագուստ մը, բաց բաճկոնակով, ուր փողկապն յաղթանակաւ կը պարզէր իր սպիտակ եւ կապոյտ ծաղիկներուն խառնուրդը, փայլուն կիսակօշիկներ՝ որք թոյլ կու տային տեսնել սեւ մետաքսէ գուլպան գունաւոր ծաղկներով, եւ քովը, պէժ վերարկուին սնդուսին քով, յարդագոյն ձեռնոցներ անհոգութեամբ նետուած։ Յետոյ նայեցաւ այդ աչուըներուն որք զինքը կը դիտէին միշտ նոյն մոլեգնութեամբ, այդ թուխ եւ խնամով ածիլուած դէմքին կանոնաւոր եւ առնական գեղեցկութեանը, ու աչուըները ասդին դարձուց։ Բայց իր վրայ զգաց միշտ այդ ցանկութեան նայուածքն որ ամէն կողմէ կը պատէր կը պաշարէր զինքը, իր տէքօլթէին մէջ կ’իջնէր, իր թեւերուն վրայ կը սեւեռէր, իր ուռուցիկ կուրծքին մեղմիկ ելեւէջներուն կը հետեւէր։ Դարձեալ նայեցաւ, բայց շեշտակի, իր թուլցած ջղերուն բոլոր տրփայոյզ կրակը դնելով իր աչուըներուն մէջ, ու այս անգամ՝ երիտասարդը եղաւ որ խոնարհեց իր աչքերը։
       Ու մինչեւ կամուրջ, սխրալի մեղքի մը պէս գաղտագողի ու լռին մենամարտ մը սկսաւ այդ կնոջն ու այդ երիտասարդին մէջտեղ, նայուածքներու մենամարտ մը, մանկամարդ կինը այն անտարբերութեամբ որ հետաքրքիր ուշադրութիւնը կը պարտկէ, երիտասարդը միշտ իր կրակոտ եւ հետզհետէ աւելի պահանջող աչուըներուն բովանդակ ըղձանքովը, որուն տաքութիւնը կ’զգար նէ իր մարմնոյն վրայ։
       Շոգենաւը կամուրջին մօտեցած էր, եւ բազմութիւնը կը փութար դուրս ելլել՝ աղմկալի խառնակութեան մը մէջ։ Երիտասարդը թեւին վրայ առաւ վերարկուն, եւ սպասեց մանկամարդ կնոջ ոտք ելլելուն, որուն ընկերն արդէն ծալլած իր Արեւելքը, գրպանը կը դնէր զայն խնամով։ Դահլճին մէջ շատ քիչ մարդ մնացած էր. մանկամարդ կինն ալ ոտք ելաւ, վերջին անտարբեր նայուածք մըն ալ նետեց հայելիին մէջ, եւ հետեւեցաւ իր ընկերոջ։ Երիտասարդն եւս ոտք ելաւ նոյնհետայն, եւ հազիւ քայլ մը առած, դիմացի անկիւնը թաշկինակ մը տեսաւ, փութանակի առաւ զայն, մուսլինէ աբլիքասիօն թաշկինակ մը, եւ արտորանքով մանկամարդ կնոջ մօտ երթալով,
       - Կը ներէք, տիկին, կարծեմ ձեր թաշկինակն է որ մոռցեր էք։
       - Ա՜հ, իմս է, շնորհակալ եմ։
       Եւ, չարամիտ խնդութեամբ լեցուն ակնարկ մը նետեց երիտասարդին որ հիմակ ճիշդ անոր ետեւէն կը քալէր, դուրս ելլող բազմութեան մէջ, դիտելով անոր ձիւնաթոյր ծոծրակը, մտածելով մանաւանդ այն մարմնոյն վրայ որուն մէկ մասն էր այդ պարանոցը, հրաշակերտ մը ինքնին, անյագութեամբ ծծելով զգլխիչ շունչն որ կը խուսափէր անոր երկու ուսերուն մէջտեղէն։
       Կամուրջին վրայ, հազիւ երկու քայլ առած, բարեկամի մը հանդիպեցաւ։
       - Բար’ իրիկուն, Գիրգորիկ, ըսաւ հապճեպով, կը ճանչնա՞ս սա կինը որ մեր առջեւէն կ’երթայ։
       - Ճերմակնե՞ր հագածը. Տիկին Սիմեանն է, քովինն ալ էրիկը, Սիմեան Պօղոս էֆէնտին։ Ինչո՞ւ հարցուցիր, Միքէ՛։
       - Շոգենաւին մէջ դէմս նստեր էր։
       - Մինչեւ հիմա տեսած չէի՞ր զինքը։ Ամօթ է։ Մե՛ղք որ Բերա կը նստիս։
       - Իրե՞նք ալ Բերա կը նստին։
       - Այո. բայց ամառները Մեծ Կղզի կ’երթան. ի՞նչպէս եղեր է որ վար իջեր են այս իրիկուն։ Տեսա՞ր, ի՜նչ հրապուրիչ կնիկ է։ Էրիկը ապուշին մէկն է։
       Եւ Միքէի ականջն ի վար ծռելով, քանի մը խօսք ըրաւ մեղմաձայն, մինչ երիտասարդին աչուըները կը վառէին յուսալից։ Յետոյ, աճապարանօք բաժնուելով իր բարեկամէն, վազելով գնաց դէպի Գարաքէօյի հրապարակն, այն վայրկենին ուր Տիկին Սիմեան իր ամուսնոյն հետ բաց կառք մը կը նստէր։ Կառքը, շրջան մը ընելով, իր առջեւէն անցաւ, ու երիտասարդը վերջին անգամ տեսաւ մանկամարդ կինը իր բովանդակ գեղեցկութեանը մէջ, դարձեալ կիսովին ընկողմանած, գլուխը դէպի ձախ հակած եւ աչուըները միշտ իրենց խորին եւ հետախոյզ նայուածքով։
       Բ.
       Միքէ Թումանեան, հօրմէ եւ մօրմէ որբ, իր ամուսնացած քրոջ հետ կ’ապրէր ի Բանկալթի։ Իր քեռայրը բաւական ունեւոր խանութպան մ’էր Մեծ Շուկան։ Ինքը ծանօթ հայ վաճառատան մը մէջ արկղակալի եւ գրագրի պաշտօնները կը վարէր, եւ ամիսը տասներկու ոսկի կ’ստանար։ Անկախ դիրքի տէր, ընտանեաց բեռ չունենալով իր վրայ զուարճութիւնը կը սիրէր եւ հետամուտ էր անոր։ Իր ունեցած վաղաժամ ազատութիւնը եւ ժամանակէն առաջ իր բոլոր բաղձանքներուն գոհացում տալու դիւրութիւնը՝ դրական մէկը ըրած էին զինքը։ Մարմնոյն յափրացումը սակայն՝ չէր խեղդած բնաւ սիրտը, եւ վարձկան վայելքներն ու դիւրին տարփանքները երբեք չէին յագեցուցած իր կրքոտ եւ անձնազոհութեան պատրաստ բնութիւնը։ Տարբեր միջավայրի մը մէջ ու տարբեր պայմաններու տակ, երազուն, խանդավառ, մելամաղձիկ մէկը պիտի ըլլար այս երիտասարդը, որ հիմակ կնոջ մը տէքօլթէին կը նայէր ամէնէն առաջ ու կը խնդար սիրոյ վրայ։
       Այն կիրակի իրիկունը սակայն, երբ տուն դարձաւ, ու ընթրիքէն յետոյ կանուխկեկ անկողին մտաւ, զգաց որ անօրինակ բան մը կը դառնար իր ներսիդին։ Իր աչուըները, մութին մէջ խոշոր բացուած, կը տեսնէին դեռ սիրուն գլուխ մը, շագանակագոյն խոպոպիքներով շրջանակեալ, թեթեւ իմն դէպի ձախ հակած, գոգցես միշտ ուսի մը մը կրթնելու բնազդական շարժումով. ու այդ յանկուցիչ դէմքին վրայ, երկու սեւաթոյր աչուըներ, որոց մէջ զգացումը կը շողար, եւ որք, իրենց նայուածքին ձգողական զօրութեամբ, զինքը կը հրաւիրէին վայելքի ամէնէն սաստիկ յոյզերուն։ Ա՜հ, իր երազն եղած էր միշտ այդպիսի կնոջ մը հանդիպիլ կեանքին մէջ. իրեն այնպէս կուգար թէ ճիշդ նոյն այդ կինն էր զոր ընդնշմարած էր իր պատանեկութեան ցնորքներուն մէջ, երբ արիւնը կ’սկսէր իր առաջին ուժգնութեամբը ման գալ իր երակներուն մէջ։ Յետոյ իր բարեկամին խօսքերն յիշեց. անմատչելի կուռք մը չէ՜ր ուրեմն այդ կինը։
       Հետեւեալ օրը, ու յաջորդ օրերն ալ, Տիկին Սիմեանի պատկերը չելաւ իր մտքէն, ու իր պարտիի ու պահանջէի լայն գծերուն մէջտեղ, յաճախ կը տեսնէր անոր գրգռիչ ու խռովիչ դէմքը, որ գրիչը ձեռքէն վար թողուլ կուտար։ Հիմակ գիտէր անոր պատմութիւնը, ասդին անդին ուղղած ճարտար հարցումներու շնորհիւ։
       Սիմեան Պօղոս էֆէնտին հանրային վարչութեան մը մէջ բարձր պաշտօն մը ունէր։ Կեանքին մէջ դժնդակ սկզբնաւորութիւն մը ունեցած էր, եւ հազար զրկանքներով ու անվհատ հաստատամտութեան հրաշքներով յաջողած էր ձեռք բերել իր արդի դիրքը։ Հինգ տարիէ ի վեր ամուսնացած էր, փեսայանալով ընտանիքի մը, որ նախկին հարստութեան մը բեկորներովը կը պահէր դեռ իր փայլն ու շուքը ընկերութեան մէջ։ Դուրսը յայտնապէս կը հաւաստէին թէ՝ Սիմեան էֆէնտին երջանիկ ամուսնութիւն մը չէր կնքած։ Տիկին Սիմեան “շատ խօսուած աղջիկ մըն էր” եղած, եւ, ամուսնութենէն երկու տարի վերջը, դարձեալ “կը խօսուէր”։ Ծերերը եւ կիները կը դատապարտէին զինքը. երիտասարդները կ’ըսէին. “Ան Պօղոս էֆէնտիին պէս մարդո՜ւն ալ…”։
       Ամուսինը, ինք, բան մը չէր զուրցեր։ Իր հանդարտ եւ դիւրահաղորդ լայն դէմքին վրայ, անձկութեան ո եւ է նշան մը, ներքին խուլ մտածման մը ո եւ է հետքը չկար։ Երբ սրահի մը մէջ իր կինը կը տեսնէր շրջապատեալ այրերէ, ընդհակառակն դէմքին վրայ գոհունակութիւնը կ’արտափայլէր, կարծես ինքն ալ ճառագայթումն ստանալով այն յաղթանակին զոր իր կինը կ’ունենար։ Մինչեւ ականջները տարածուող լայն ժպիտ մը ունէր միշտ, եւ առոյգ ու կոկորդալիր քահքահը առածի կարգ անցած էր սրահներու մէջ։ “Ապուշին մէկը”, կ’ըսէին ոմանք. “Փիլիսոփայ մարդ”, կ’ըսէին ուրիշները։
       Ալ այնուհետեւ, Միքէի հաստատուն գաղափարն եղաւ դարձեալ եւ միշտ տեսնել այդ կինը։ Իր գեղեցիկ եւ վայլչակազմ երիտասարդի ներքին յանձնապաստանութիւնը՝ կը թելադրէր իրեն թէ Տիկին Սիմեան շատ անտարբեր աչքով չէր նայած իրեն։ Եւ յետոյ, իր սրտին մէկ պէտքն էր այդ հիմակ. այդ կնոջ պատկերը, փոխանակ հետզհետէ նուաղելու, եւս աւելի պայծառ ու կենդանի գոյներով կը հաստատուէր իր մտքին մէջ, իր աչաց առջեւ, ու կը հասկնար վերջապէս թէ քմահաճոյք մը, վաղանցուկ ու ախորժելի բան մը չէր այդ իրեն համար, հապա անդիմադրելի եւ աննուաճելի բաղձանք մը, որ կամաց կամաց կը տիրապետէր իր բոլոր մտածմանց։ Մէկ քանի կիրակի մտադրեց Մեծ Կղզի երթալ, յետոյ խորհեցաւ թէ ա՛լ գիւղագնացութենէ դառնալու ժամանակը մօտեցած էր, Բերայի Մեծ-Փողոցին մէջ չկրցաւ բնաւ հանդիպիլ նմա, հակառակ իր երկարատեւ շրջագայութեանց, եւ իրիկուն մը, Նոր Թատրոնի պէնեուառի օթեակներէն միոյն մէջ տեսաւ զնա վերջապէս։
       Սեւ տանդէլէ շրջազգեստ հագած էր, պարանոցն եւ ուսերը մերկ, ու յարդագոյն մուսքըթէռ ձեռնոցներ կը ծածկէին թեւերը մինչեւ արմուկը։ Լամպարներուն սաստիկ լոյսը կը ցոլար այդ հոլանի մարմնոյն վրայ, տարօրէն իմն աւելցնելով անոր գծերուն կենդանութիւնը, սեւ կերպասին խաղաղ արտայայտութեանը քով։ Իր վէս գլուխը կը բարձրանար ձիւնաթոյր պարանոցին վրայ, միշտ դէպի ձախ հակած քիչ մը. նոյն լուսավառ աչուըներն էին միշտ, հիմակ աւելի ընկղմեալ նայուածքով. տժգոյն այտերը թեթեւ իմն բոսորած էին, հիմակ աւելի տաք մոյնքով. նուրբ ռնգունքը կը սարսռային հեշտութեամբ եւ նուաղկոտ ժպիտ մը ի վեր կը հանէր իր քիչ մը հաստ եւ կարմրորակ շրթունքը։ Իր գերազանցութիւնը կ’զգար եւ կը վայլէր զայն, օթեակին թաւշեայ տախտակէն դուրս ծռած, գոգցես ի յագուրդ զինքը դիտող աչքերուն եւ դիտակներուն։ Քովը, ամուսինը, նստած, խաղը կը դիտէր ուշադրութեամբ, ակներեւ հաճոյք զգալով ֆրանսական օբէրէթին ստահակ խօսքերէն եւ թերասքող ակնարկութիւններէն, ինք տալով գրեթէ միշտ ծափահարութեանց առաջին նշանն ու իր յաւիտենական քահքահովը լեցնելով բոլոր օթեակը։
       Միքէի համար, խաղը այլեւս գոյութիւն չունէր. գետնայարկը նստած էր, Սիմեաններուն օթեակէն երկու կարգ վար, եւ տեսարանն իրեն համար այդ օթեակին մէջ փոխադրուած, նայուածքը չէր զատեր անկից։ Արարուածը վերջացած էր արդէն, եւ երիտասարդը նախանձով կը դիտէր այն այրերն, որք, միջնարարէն օգուտ քաղելով, եկած էին անոր ականջին մօտ խօսքեր փսփսալ, զուարճալի խօսքեր անշուշտ, որովհետեւ Տիկինը զգուշաւորութեամբ կը խնդար, իր կուրծքին ընդոստ ելեւէջներուն մէջ լոյսին ցոլացումները փոփոխակի ստուերարկելով ու պայծառացնելով։ Երիտասարդը կ’սկսէր յուսահատիլ, իր կողմը չը՞պիտի նայէր անգամ մը, երբ երկրորդ արարուածին մէջտեղը, Տիկին Սիմեան, դիտակը թողած, սրահին վրայ ընդհանուր նայուածք մը պտտցուցած ատեն, զգաց քան թէ տեսաւ երկու հրուտ աչերն որք իր վրայ յառած էին։ Յօնքերը պռստեց, կարճատեսի պաշտելի ձեւ մը առնլով, տեսնելու համար թէ ո՛վ էր այդ ժպիրհ նայուածքին տէրը, եւ անշուշտ ճանչցաւ կղզիի շոգենաւին երիտասարդը, “թաշկինակին” տղան, որովհետեւ կծկուած դիմագծերը թուլցան եւ մտերմական սիրուն ժպիտ մը ունեցաւ շրթանցը վրայ։
       Ուրեմն մոռցուած չէր. այդ էր կարեւորը Միքէի համար։ Սիրտն ուրախութենէն խայտաց, եւ ա՛լ այնուհետեւ ամէնէն կանոնաւոր յաճախորդն եղաւ Նոր Թատրոնին։ Երբեմն առիթ կ’ունենար հանդիպելու Տիկին Սիմեանի, որ զնա տեսած ատեն, միշտ նոյն մտերմական ժպիտն ունէր իր շրթանց վրայ։ Այդ գիշերները, Միքէ, վերջին արարուածը լմննալուն պէս, կ’սպասէր թատրոնին սանդուղին գլուխը, բազմութեան մէջ ակնկառոյց դիտելով Տիկին Սիմեանի անցնիլը, անոր մօտէն քալելով մինչեւ թատրոնին դուռը, մինչեւ կառքն, որ կը հափափէր զայն իրմէ, զինքն հոն թողլով անշարժ, կառքին թաւալմանը ուշադիր։
       Եւ սկսաւ միջոցներ խորհիլ աւելի մօտէն տեսնելու համար այդ կինը, անոր ներկայանալու, անոր հետ խօսակցելու, անոր տունը ընդունուելու համար, երբ դիպուածը, որ ամէնէն գերագոյն նախախնամութիւնն է, օգնեց իրեն ամէնէն պարզ եղանակաւ։
       Գիշեր մը այցելութեան գացած էր իր հեռաւոր ազգականներէն միոյն տունը, - ուր տարին հազիւ մէկ երկու անգամ կ’երթար, նեղուելով այն յարգական դիրքէն զոր պարտաւոր էր պահել այդ հարուստ եւ բարձր դրից տէր ազգականներուն քով, ուր իրեն հասակակից մէկը չունէր, - հետզհետէ եկող հիւրերուն ետեւէ, յանկարծ երեւցաւ Տիկին Սիմեան իր ամուսնոյն հետ։ Միքէի սիրտը սկսաւ տրոփել, այնքան ուժգին, որ վախցաւ զի քովինները չ’լսեն։ Տիկինը յառաջացաւ, տանտիրուհւոյն ձեռքը սեղմեց սիրալիր կերպով, շուրջանակի թռչտուն բարեւ մը տուաւ գլխովը, մինչ Միքէ կիսովին կը խոնարհէր, ընդունելով այդ ողջոյնն որուն մէջ ինքն ալ իր բաժինն ունէր անշուշտ։
       Հինգ վայրկեան յետոյ, տանտիրուհին կը ներկայացնէր զինքը Տիկին Սիմեանի։
       - Միւսիւ Միքէ Թումանեան, գուզէնս, ըսաւ։
       Եւ դէպի երիտասարդը դառնալով,
       - Տիկին Մառի Սիմեան։
       Ու հեռացաւ, միւս այցելուներուն քով երթալով։
       Տիկինը գլխու թեթեւ շարժումով մը ընդունեց երիտասարդին խոնարհութիւնը, որ, արդէն անոր մօտեցած, քաղաքավարական մէկ քանի սովորական բանաձեւերէ յետոյ, կ’ըսէր.
       - Արդէն ասկից առաջ ձեզի ճանչնալու բաղդն ունեցած եմ, Տիկին… Մեծ Կղզիի շոգենաւին մէջ, երկու երեք ամիս առաջ…
       - Ա՜հ, այո՛, կը յիշեմ. ձեր դէմքն անծանօթ չէ ինձ։
       Իր շրթանցը վրայ խաղացող ժպիտն ի սուտ կը հանէր իր խօսքերը։ Երիտասարդը չ’պնդելու փափկանկատութիւնն ունեցաւ, եւ խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ, կցկտուր եւ ընդհատ, մինչեւ որ եկան Տիկինը հրաւիրեցին պէզիկի բառթիի մը։
       Ժամ մը յետոյ, ինքն ալ Տիկնոջ դէմը անցաւ եւ մեծ գումարով սկսաւ խաղալ։ Հետզհետէ կը կորսնցնէր, բայց այդ պարտութիւնն այնպիսի հաճոյք մը կուտար իրեն, որ մինչեւ առաւօտ պատրաստ էր խաղալ, մինչեւ իր վերջին լումայն, մինչեւ իր պատիւը, մինչեւ իր կեանքը։ Երկու ժամ խաղաց, եւ այդ երկու ժամերը շլացման պէս սահեցան։ Մէն մի վայրկենի, թուղթերը ժողուած ատեն, իր աչուըները կը յառէր Տիկին Սիմեանի դէմքին վրայ, այդ մագնիսացման մէջ մոռնալով իր տալիք կամ քաշելիք թուղթը։
       Այնուհետեւ Միքէ աւելի յաճախ եկաւ իր ազգականներուն տունը, միշտ յուսալով անդ գտնել գեղեցիկ երազի մը պէս տեսնուած ու անհետացած այդ տեսիլքը, մինչեւ որ իրիկուն մը, անոնց խնդրանքին վրայ, յանձն առաւ Սիմեաններուն երթալ ինքն ալ. չէ՞ որ արդէն ներկայացած ու տեսնուած էր անոնց հետ, քաշուելու բան մը չի կար։
       Սիմեաններուն տունը, Տիկինը շնորհակալ եղաւ իր գալստեանը համար, միասին թուղթ խաղացին նորէն, երիտասարդը դարձեալ կորսնցուց, եւ, մեկնած ատեն, ուրախութենէն սարսռաց երբ տանտիրուհին վերստին հրաւիրեց զինքն իր տունը, յայտնելով թէ ո՛րչափ գոհ մնացած էր իր այցելութենէն։
       Այդ օրուընէ սկսեալ, այդ խորհրդաւոր մոլորակին արբանեակն եղաւ, իր կամքէն գերագոյն զօրութեամբ մը ընդքարշ տարուելով անոր գծած լուսահետ պարոյթին մէջ։ Տիկին Սիմեանի ամէն երեկոյթներուն ներկայ էր, ամէն ներկայացման ուր կը գտնուէր նա, ամէն հանդէսի ուր կ’երեւնար։ Իրենց մտերմութիւնն հետզհետէ կ’աւելնար, երիտասարդն իր տենդաբորբոք ըղձանքներովը տակաւ առ տաւաւ աւելի յանդուգն, կինն իր քօղարկեալ զգուշաւորութեանը մէջ աւելի խրախուսող։ Հիմակ երբ առիթը գտնէր, Միքէ կը զրուցէր անոր ականջն ի վար իր անզուսպ տարփանքը, եւ նա մտիկ կ’ընէր, իր նայուածքովն արդէն իսկ անձնատուր։ Ինչ որ բերնովը չէր կրնար զուրցել, երիտասարդն իր ձեռաց սեղմումին մէջ կը դնէր, հրաժեշտի պահուն, իր ջղուտ մատներուն մէջ ամրապէս պարփակելով անոր մսուտ եւ կակուղ ձեռքը, որուն մեղկ տաքութիւնը կը քրքրէր իր ջիղերը։ Տիկին Սիմեան թոյլ կուտար, ու երիտասարդն, իր տարիքին անհամբերութեանը մէջ, կ’ընդնշմարէր արդէն իսկ իր իղձերուն պսակումը. արդէն նախանձն եւ յուսահատութիւնը կը պաշարէին զինքը։ Մանկամարդ կինը շա՜տ բարեկամներ ունէր, եւ երիտասարդը կատաղութեամբ կը դիտէր ակներեւ մտերմութիւնը զոր Տիկին Սիմեան կը տածէր մէկ քանի անձանց հետ։ Անառիկ բերդ մը չէր ապաքէն, այլ պաշարեալը շատ պաշտպանողներ ունէր։ Դուրսը, իրեն համար կը զուրցէին թէ այժմ Ք… էֆէնտիին “հետ էր”, քառսունի մօտ բարձրահասակ եւ վայելուչ պաշտօնատար մը, որ Տիկնոջ երեկոյթներուն ներկայ էր միշտ։
       Յուսոյ եւ նախանձու այս ելեւէջներուն մէջ, երիտասարդին գլխաւոր մտահոգութիւնն իր դրամկան վիճակն էր։ Գիտէր թէ արդուզարդն ի՜նչ մեծ նշանակութիւն ունի կանանց համար, եւ իր գրեթէ ամբողջ ամսականը կուտար Բերայի ամէնէն հռչակաւոր դերձակներուն, ձեռնոցի, փողկապի, կօշիկի, գլխարկի. թատրոն եւ նուագահանդէս կ’երթար միշտ, եւ իրիկունները, պռիչի կամ պէզիկի մէջ, միշտ կը կորսնցնէր առանց հաշուելու, դրամական ճղճիմ հաշիւներէ վեր ցոյց տալով զինքն այդ կնոջ, կերպիւ իւիք իր վաճառականի գրագրի մը դիրքը մոռցնել տալու մտադրութեամբ, հաճոյքի մը անձնատուր երեւիլ ուզելով քան զոհողութեան մը տակ ընկճուած, զգալով մանաւանդ թէ, իր վիճակին մէջ, Տիկնոջ խաղալու հրաւէրը մերժելը՝ չկամութիւն մը չպիտի ենթադրուէր այլ դրամի չգոյութիւն։ Իր գրպանը սակայն անշուշտ չէր հասկնար այդքան նուրբ հաշիւներէ, որոց դէմ լռին կը բողոքէր իր դատարկութեամբը։ Արդէն սկսած էր ասդին անդին պարտքեր ընել. պահ մը մտածեց իր քեռայրէն փոխ առնուլ, սակայն շուկայի խանութպանին անխուսափելի պատասխանը, “Ամսականներդ ի՞նչ կ’ընես կոր”, եւ անոր տալիք նահապետական խրատները, ետ կեցուցին զինքն այս ձեռնարկէն։
       Օր մը, գրասենեակը, այս մտատանջութիւններուն մէջ խորասուզուած, յանկարծական գաղափար մը ունեցաւ, եւ յանկարծական կերպիւ գործադրեց զայն, վախնալով որ իր դատողութիւնը չ’արգիլէ զինքն այդ գործէն։ Վաճառատան սնտուկէն հինգ ոսկի վերցուց, ինքզինքը խաբելով որ ամսոյն վերջը իր ամսականէն տեղը կը դնէ։ Եւ որովհետեւ շատ դժուար է կանգ առնուլ այդ զառիվայրին վրայ, որուն թալկացուցիչ պտոյտը կ’զգար արդէն իր գլխոյն մէջ, յաջորդ շաբթուն հինգ ոսկի եւս առաւ, յետոյ դարձեալ, միշտ այն մտածումով թէ ժամանակ ունէր տեղէ մը դրամ ճարելու եւ անոնց տեղը դնելու։
       Այդ ժամանակը չունեցաւ երբեք, եւ օր մը, յանկարծ, իր տէրը սնտուկին հաշիւը ուզեց։ Երիտասարդը կարմրեցաւ, թոթովեց, սնտուկէն երեսուն ոսկի պակաս էր, եւ իր տէրը նոյն իրիկունն իսկ ճամբու դրաւ զինքը։ Ժամանակէ մը ի վեր արդէն գոհ չէր իր գրագրէն. առտուները միշտ ուշ կուգար, քնատ եւ թոյլ, ու առջի ջանադրութիւնը չունէր իր գործին մէջ։
       Չորս ամսէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Միքէ սթափեցաւ, ու չորս ամսէ ի վեր իր վարած անգիտակից կեանքը մտքին առջեւ բերաւ։ Մեքենային ատամներուն տակ դրած էր արդէն իր մէկ թեւն, եւ զգաց թէ, քիչ քիչ, իր բոլոր մարմինը պիտի թաւալէր այդ ատամներուն տակ եւ ջախջախուէր։ Իր անկմանը մէջ, իր գահավիժած փոսին խորէն, հեռաւոր աստղի մը պէս տեսաւ պաշտելի դէմք մը որ հիմակ շատ հեռու էր իրմէ, ու իր հեշտախտութեանը մէջ, ուր զգայարանքները միտքն ընդարմացուցած էին, ապստամբութիւն մը չունեցաւ, բառ մը չարտասանեց այն կնոջ դէմ։ Հիմակ որոշած էր. Սիմեաններուն տունը չպիտի երթար. այդ կնոջ քով այնչափ փայլուն երեւալէ յետոյ չէր կրնար յանկարծ խղճուկ եւ համեստ դիրք մը ունենալ։ Պոլիսը պժգալի երեւցաւ իր աչքին։ Մտքէն չ’անցուց նոր պաշտօն մը գտնել, որուն համար իր անցեալը պիտի պրպտէին. մանաւանդ գիտէր հրապարակը, առջի անգամէն մէկ քանի հարիւր ղրուշ պիտի տային իրեն։ Ճիշդ այդ ատենները գաւառական քաղաքի մը մէջ առեւտրական շահաւոր պաշտօն մը կ’առաջարկէին իրեն Պոլսոյ տան մը կողմանէ. ընդունեց զայն ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ, առանց ետին նայելու, վախնալով իր թուլութենէն, քաջ զգալով թէ, եթէ անգամ մը տկարանար, անդառնալի բան մը պիտի ըլլար այդ, գուցէ ի գին իւր կենաց։
       Գ.
       Երկու տարի մնաց դուրսը, համբերութեամբ, հաճոյքով, չզգալով բնաւ իր տաժանելի բեռան ծանրութիւնն։ Իրեն համար, ճամբուն մէջտեղ կայք մը եղաւկ այդ երկարատեւ բացակայութիւնը, ու ոչ թէ վերջնական հեռացում մը իր նպատակակէտէն։ Երկու տարի, գիշեր ատեն մոլորած ուղեւորին պէս որ հեռուէն ընդնշմարած լոյսին ետեւէն կը վազէ յուսալից, ինքն ալ իր աչքին առաջ ունեցաւ յաւէտ ըղձալի կնոջ մը պատկերն, որ իրեն ոյժ կուտար անարգել ճամբան շարունակելու։ Իր պատանեկութեան բոլոր կրակոտ երազներն արթնցած էին հիմա, եւ իր երիտասարդի գրգռուած արիւնն աւելի կենդանութիւն ու աւելի տենդ կուտար այդ երազներուն։
       Գաւառական այդ քաղքին մէջ, իր բոլոր ըղձանքները կոյս կը մնային եւ աւելի եւս կ’արծարծէին հրավառ։ Միակ նպատակ մը ունէր, - դրամ շահիլ, եւ կը շահէր, իր պաշտօնէն զատ այլեւայլ գործեր կատարելով, մասնաւորապէս յանձնակատարութիւն ընելով իր քեռայրին հաշուոյն։ Երբոր գրպանը լենար, Պոլիս պիտի դառնար, եւ այս անգամ արդէն իր դժբաղդութեամբն իրաւունքի մը տիրացած, վերստին պիտի սկսէր իր յարաբերութիւնները Տիկին Սիմեանի հետ։ Վստա՜հ էր, ի՜րը պիտի ըլլար այդ կինը։ Այս մտածման մէջ, աչուըները կը փակէր բնազդական կերպով եւ սիրտը կը սեղմուէր իր կրքին սաստկութենէն։ “Մառի՜ս, կեա՜նքս”, պիտի ըսէր՝ իր կիզանուտ շրթունքներուն տակ փակելով անոր բերանը, իր աճառուտ բազուկներուն մէջ խեղդելու աստիճան սեղմելով զայն, իր կրքին գերագոյն աստիճանին հասած եւ արդէն պատրաստ նուաղելու։ Այդ վայելքին մէջ ամէն բան պիտի մոռնար, ու նոր կեանք մը պիտի սկսէր իրեն համար, համակ խինդ եւ երջանկութիւն։ Իր բաղձանքները, այս երազատես անյագութեան մէջ, անօրինակ սաստկութիւն մը կ’առնուին եւ իր արիւնը կը մտրակէին։
       Դ.
       - Ահ, դո՞ւք էք, Միքէ էֆէնտի, ո՜րչափ ատեն է երեւցած չէիք. կարծեմ դուրսն էիք։
       - Այո, Տիկին, գործերու պատճառաւ դուրս գացած էի։ Հազիւ Պոլիս վերադարձած, առաջին պարտաւորութիւնս կը նկատեմ ձե՛զ այցելութիւն տալ։
       - Շնորհակալ եմ։ Կը փափաքէի միայն որ մեկնած ժամանակնիդ ալ նոյն հոգածութիւնն ունենայիք որպէս հիմակ։ Կարելի՞ բան է յանկարծ ելլել երթալ, առանց գէթ լուր մը տալու։
       - Իրաւունք ունիք, Տիկին։ Սակայն մի՛ զարմանաք եթէ ըսեմ որ դիտմամբ ըրի։ Ձեր առջեւը յանցաւոր գտուելու պէս հաճելի բան կա՞յ, Տիկին։
       Սիմեաններու շքեղ սրահին մէջ տեղի կ’ունենար այս խօսակցութիւնը, տանտիրուհւոյն եւ Միքէի միջեւ։ Բաւական բազմութիւն կար, ոմանք խաղի սեղանին շուրջը հաւաքուած, այլք դաշնամուրին բոլորտիքը։
       Երիտասարդին պատասխանին վրայ, մանկամարդ կինը ժպտելով անոր երեսը նայեցաւ։ Դէմքը աւելի թխացած էր, այտերը ներս քաշուած, աւելի կը շեշտէին իր ամբողջ դիմագծութեան ազդու եւ առնական արտայայտութիւնը. խորն իջած աչուըներուն մէջ, սպառիչ կրակ մը կը վառէր, իր նայուածքին տալով նուաճման եւ տիրապետութեան արտակարգ զօրութիւն մը։
       Երիտասարդն ալ իր կողմէ ուշի ուշով քննեց մանկամարդ կինը։ Աչքի զարնող փոփոխութիւն մը չէր կրած, բայց իր շարժմանցը, խօսուածքին ու նայուծքին մէջ հիմակ աւելի նուաղկոտ բան մը կար, որ զինքը տաք շնչով կենդանացնելու զգայնութիւնը կուտար դիմացինին։ Առաձգական գանաբէի մը վրայ ընկողմանած, սկսան խօսակցիլ, իրենց շունչն իրարու խառնելով, այս անգամ կինն աւելի համարձակ ու անձնամատոյց, թերեւս այն մտածմամբ թէ ա՛լ պէտք չկար տանջելու երիտասարդը, կարծելով մանաւանդ թէ առջի անգամուն՝ Միքէ իր ցուրտ եւ զգուշաւոր վարմունքէ՛ն յուսահատելով հեռացած էր։
       Առջի կեանքը վերսկսաւ Միքէի համար, հետզհետէ աւելի բորբոքելով, ցորչափ կը տեսնէր իր նպատակին իրագործման մերձեցումը։ Տեսակ մը հիւանդ էր, տենդ ունէր յարաժամ, այլ իր գրգռուած ջիղերուն օգնութեամբ կը շարունակէր իր կենցաղը։
       Գիշեր մըն ալ, երբ Սիմեաններուն տունէն դուրս ելաւ, այնչափ յուզեալ էր որ փողոցին անկիւնը կանգ առաւ, սրտին հեւքը դադրեցնելու համար։ Երկու երեք ժամ նորէն խօսակցած էր մանկամարդ կնոջ հետ, բայց ի՞նչ խօսած էր, ի՞նչ խաղացած էր, ի՞նչքան գումար կորսնցուցած էր, ճշգրիտ գաղափար մը չէր կարող տալ։ Միայն թէ, խենդի պէս կ’ըսէր ինքնիրէն. “Վաղը ցերեկ տունը պիտի ըլլայ”։
       Գիշերը չ’քնացաւ գրեթէ, եւ մինչեւ հետեւեալ ցերեկ սիրտը տրոփեց շարունակ, իր խօլական եւ հապճէպ զարկովը կուրծքը պայթեցնելու աստիճան։ Սիմեաններուն տունէն ներս մտած միջոցին ծնգերը յայտնապէս կը դողդղային, եւ սանդուղներէն վեր ելած ատեն, բարամբունքը բռնելու պէտք ունեցաւ։ Յետոյ սրահը մտաւ, մինչ զինքն առաջնորդող սպասուհին, Տիկնոջ իմաց տալու երթալէ յետոյ, նորէն վար կ’իջնէր խոհեմութեամբ։ Ու առանց սրահն սպասելու, դիմացի սենեակէն անցնելով, քովի առանձնոցը մտաւ, հոն տեսաւ Տիկին Սիմեանը սիւռայէ երկար բէնեուառ մը հագած, ու, խօսք մը չարտասանած, թեւերը բացաւ ու գրկերուն մէջ առաւ զինքը։
       Դուրսը անձրեւը կը տեղար, գարնան յորդառատ անձրեւ մը, եւ շառաչմամբ կը զարնուէր պատուհաններուն, ուր բիւրաւոր անտեսանելի մատներ խօլական նուագ մը կը հնչեցնէին։ Լայն վարագոյրներ՝ կը մեղմէին առանձնոցին լոյսը, ուր փոքրիկ վառարան մը իր եղկ տաքութիւնը կը սփռէր։
       Իր համբոյրներովը կը ծածկէր մանկամարդ կնոջ կիսախուփ աչուըները, սարսռացող ռնգունքը, անոր շրթանցը վրայ ծծելով իր մարմնոյն բոլոր հաճոյքը. յետոյ իր թեւերուն մէջ վեր վերցուց զինքը եւ երկուքը միասին ինկան բազմոցին վրայ, երիտասարդը արբշիռ եւ մոլորուն, Մառի՝ իր մինչեւ ոսկորներուն ծուծն ապականեալ կնոջ բոլոր ցանկութեամբք։
       Երբոր ոտքի ելաւ, Միքէ ցնցում մը ունեցաւ. խառնաշփոթ բան մը կ’զգար իր ուղեղին մէջ, եւ ամէն բանէ առաջ այդ սենեակէն դուրս, այդ կնոջ քովէն հեռի երթալու անդիմադրելի պէտք մը։ Շեշտակի նայեցաւ այդ կնոջ, զոր հինգ վայրկեան առաջ իր թեւերուն մէջ հատցնել պիտի ըղձար, դառն ծալք մը արդէն շրթանցը վրայ, մօտեցաւ, անոր ճակտին վրայ ցուրտ համբոյր մը դրաւ, եւ առանց ետին դառնալու, սանդուղներէն վար վազեց։
       Դուրս ելած ատեն, զարթնում մը ունեցաւ, որ տարօրինակ կերպիւ կը նմանէր անկման։ Յոգնութիւն չէր զգացածը, այլ անկէ աւելի ճնշող բան մը, դառն, կսկծեցուցիչ, որ իր ուղեղը տակնուվրայ կ’ընէր։ Անձրեւը տեղատարափ կը տեղար, ջուրը իր ծոծրակէն ներս կը սահէր՝ սարսռացուցիչ պտոյտ մը ընելով իր մսին վրայ, եւ ինք հովանոցը չէր բանար։ Ի՞նչ եղած էր իրեն. ինքն ալ չէր կարող բացատրել։ Բայց չէ՛. այո՛, կ’ըմբռնէր, զինքն յուզող այլազան զգացմանց մէջ, ամէնուն տիրապետող զգացում մը կար, - պժգանքը. պժգանք իր իսկ անձէն։ Իր կեանքին վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետեց, եւ առաջին անգամն ըլլալով զղջման սուր ցաւը իր սիրտը ծակեց։ Այն հաճոյքն, որուն համար իր երիտասարդութիւնը քայքայած էր, իրեններէն բաժնուած, պատիւը կորուսած, առողջութիւնը խանգարած, հիմակ նողկանք կ’ազդէր իրեն։ Երեք տարիէ ի վեր, երեք տարի շարունակ, զինքը կապող շղթայն խորտակեց, անսահման վայելքով կոխելով իր բոլոր անձնասիրութիւնը, իր բոլոր փառասիրութիւնը։
       Բանկալթիի շիտակ ճամբէն կ’երթար գլխիկոր, ակռայներուն մէջէն մրմռալով մերթ ընդ մերթ. “Ա՞յս է եղեր”։ Ասո՞ր համար ուրեմն իր կեանքը փճացուցեր էր։ Ու բռունցքը կը գալարէր, իր իսկ անձէն վրէժ լուծելու մոլեգին խելայեղութեամբ։ “Ա՞յս է եղեր”։ Ու միտքը կը բերէր իր բոլոր տենդոտ երազները, իր երեւակայութեան բորբոքումները, իր հեշտօրօր ցնորքները։ “Ա՞յս է եղեր”։ Մէկ մ’ալ չպիտի դառնար այդ կնոջ քով, ո՜հ, չէ՛, բնա՛ւ, չպիտի՛ դառնար բնաւ. չէ թէ կը վախնար որ նորէն կ’իյնար անդունդին մէջ, այլ ինքզինքը կարող կ’զգար ահռելի բան մը ընելու այդ կնոջ, իր խորտակուած կեանքին համարը վայրագութեամբ պահանջելու անկից։ Այո՛, չպիտի երթար. իր բարոյական ոյժին վրայ վստահութիւն ունէր. կորովի բնաւորութիւն ունեցած էր միշտ, իր անկումն իսկ ապացոյց էր ատոր։
       Այս որոշումն հանդարտեցուց զինքը քիչ մը, ու հիմա, սիրտը անհուն խանդաղատանքով մը լցուած, ա՛լ ակռայներուն տակէն չէր մրմռար, հապա վշտալի մելամաղձութեամբ մը կը մրմնջէր. ”Ա՜յս է եղեր”։
       Ու հիւսիսային սաստկաշունչ քամին իր երեսին կը զարնէր տարափը, ու յայտնի չէր թէ իր այտերն ի վար գլորող ջուրը՝ անձրեւին կաթիլնե՞րն էին թէ ոչ իր արցունքը։
       ( “Մասիս”, 15 Մարտ 1890).