Պալըխճի Գէորգ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՊԱԼԸԽՃԻ ԳԷՈՐԳ
       (ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ)
       Դատարանին մէջ տեսայ զինքը, Պալըխճի Գէորգը, Բերայի պատժադատ ատենին մէջ։ Ժողովրդական այդ դասուն հանրածանօթ ու անփոփոխ տիպարն է, այն ընդհանուր դասակարգէն որ սովորաբար ջրհանկիրներուն անունովը կը ճանչցուի, եւ որուն մէջ կը շփոթուին ձկնորսները, փողոցի մանրավաճառները, երգիոնակի նուագածուները՝ լանթէռնաճիները։ Երկարատեւ գինարբուքները՝ ծխոտ ու գարշահոտ կապելային անկիւնը, եւ գիշեր լուսցնող շուայտութիւնները՝ խռֆած բոզի մը թեւերուն մէջ, դեռ իր այտերէն չեն խլած այն կարմրութիւնը զոր հոն դրած է անհոգ անփոյթ մանկութիւնը՝ արձակ ծովին ու հովին դիմաց, ու աչերուն մէջ դեռ չէ մարած երիտասարդութեան առաջին տարիներուն կրակը, զոր նոր սկսող կրքերը բռնկցուցած են իրենց անյագ ցանկութիւններով։ Առոյգ ու բարեկազմ երիտասարդ մըն է, քսան եւ մէկ տարեկան։ Իր դասակարգի մարդոց խոշորութիւնը չունի, հապա այն տեսակ մը առնական շնորհը որ ուժի եւ ճապուկ կորովի վրայ հիմնուած է։ Թուխ դէմքին վրայ, ուր ածիլուած մօրուքը թեթեւ իմն կանաչորակ սպիտակութիւն մը թողած է, սեւ ու աղուոր աչուըները կը վառին։ Հագուստը կապուստը՝ աւանդական տարազն է, ոչ թէ սակայն ամէն օրուանը, սալթա եւ բոթուռ, հապա “կիրակնօրուան” հագուստը, մութ կապոյտ կարճ վերարկու եւ մոխրագոյն ապա բանթալոն՝ վերի կողմը լայն բոլորովին եւ հետզհետէ նեղնալով։ Գլուխը դրած է մութ կարմիր ֆէս, դէպի ձախ կողմ ծռած՝ գանկին ծայրը, գրեթէ ամբողջովին բացը թողլով սեւ մազերն որք համաչափ կը խռուանան աջ կողմէն դէպի վեր։ Ֆէսին ծոպը առջեւի կողմը կը գտնուի, տարածուած դէպի ձախ։ Մէջքը կապած է ճերմակ լայն գօտի, եւ հագած է գորշագոյն տրեխ՝ երեսը կիսովին բաց, ձիւնի պէս ճերմակ գուլպան ցոյց տալով։
       Գէորգի հետ միեւնոյն կարգին վրայ, անկից քիչ մը վեր, նստած է սեւ պասք եւ կարմիր կտաւէ շրջազգեստ հագած կին մը, աղքատիկ երեւոյթով։ Երեսունն անցուկ կ’երեւի, թէպէտ քսանեւութ տարեկան չկայ դեռ։ Գլուխը գլխարկ չունի, ու սեւ մազերը ետեւի կողմն ամփոփուած են պարզութեամբ, իսկ առջեւի կողմէն՝ անիգլիական երկու տափակ հիւսքերով դէպի վեր առնուած։ Բոլորովին գունատ դէմք մը ունի, բարակ քիթով, բարակ շրթունքներով։ Աղուոր չէ. նիհար ու կարճահասակ, տափակ կուրծքով։ Դիմագծերը տարիքէն առաջ թարշամած են, այլ ցուրտ ու սպառող կրքի մը ակներեւ արտայայտութեամբը կենդանացած։ Արծաթեայ լայն օղեր կախուած են ականջներէն, միակ զարդն այդ ընդհանուր անշքութեան մէջ։ Այդ կինը քովընտի նստած է, կռնակը Գէորգի դարձուցած, աչուըները գետին սեւեռած։
       Ինչո՞ւ եկած են հոն, ամբաստանելոց նստարանին վրայ, դատաւորներուն հետաքնին ու խորաթափանց նայուածքներուն տակ, ու խառնաղանճ բազմութեան մը ուշադիր հետաքրքրութեանը առջեւ։
       Դասականներուն ոճովը խօսելով, Երոս կամ Կուպիտոն - լաւ չեմ գիտեր - բերած է հոն զիրենք, եւ կամ, աւելի լաւ, Սէրը, որ այդ դասակարգներուն մէջ, - ու թերեւս հոն կերպով մը ամէնէն աւկելի, - իր տիրապետող ու անդիմադրելի պահանջումներն ունի, աւելի՛ բռնաւոր, աւելի՛ ճիշդ ու բնական, աւելի՛ հզօր ու կենդանի, քան թաւշեպատ առանձնոցներու եղկ ու իւղաթուրմ մթնոլորտին մէջ։
       * * *
       Կ’ուզէ՞ք որ պատմեմ ձեզ Գէորգին վէպը։
       Մօրը հետ կը բնակէր ի Չըխսալըն, իրենց սեփականութիւնն եղող տնակի մը մէջ։ Ապրուստը կը ճարէր փողոցներուն մէջ վաճառելով ձուկը զոր ինք կ’որսար ծովուն վրայ։ Անցեալ տարի իրենց տան մէկ սենեակը վարձու կուտան մօր մը եւ իր աղջկանը, ճիշդ նոյն ինքն որ դատարանին մէջ նստած էր Գէորգին կարգը։ Աղաւնի էր աղջկան անունը. աղուոր չէր, բայց սեւ աչուըներուն մէջ հրապոյր չէր պակսէր։ Ի՞նչ կը պատահի կրակոտ երիտասարդին ու այդ գունատ աղջկանը միջեւ, յայտնի չէ։ Բայց սա իրաւ է թէ Գէորգի մայրը կը նշմարէ որ զաւակը խենդի պէս սիրահարած է այն աղջկան, ու անոր ամուսնութիւնն Աղաւնիին հետ յարմար չդատելով՝ կը յաջողի աղջիկը տունէն վռնտել մօրն հետ։ Աղաւնի եւ մայրը կ’երթան սենեակ մը կը վարձեն երկաթագործ Տարսաւիչ Մանուկեանի տանը մէջ։ Ի՞նչ թաքուն հրապոյր կար այդ մռայլ աղջկանը վրայ, մեզ անտեսանելի, որ Տարսաւիչ եւս կը սիրահարի անոր։ Գէորգի տան մէջ սկսած հովուերգութիւնը՝ Աղաւնի կը վերջացնէ զայն Տարսաւիչի մօտ, եւ տարւոյս սկիզբը կ’ամուսնանայ երկաթագործին հետ, որ քսանեւ չորս տարեկան երիտասարդ մըն է։
       Գէորգի համար ծանր հարուած մը կ’ըլլայ այս ամուսնութիւնը։ Աղաւնիին բաժանման թողած վէրքը փոխանակ սպիանալու, հետզհետէ աւելի կսկծելի կը դառնայ իր սրտին։ Միջոցներ կը փնտռէ վերստին յարաբերութեան մտնելու Աղաւնիին հետ։ Աղաւնիին մօրաքրոջ աղջկան, Մաննիկի կը դիմէ, անոր կը յայտնէ իր բոլոր զգացումները, խնդրելով որ երթայ հաղորդէ զայնս երկաթագործին կնոջ, եւ Մաննիկ բարեսիրաբար կը կատարէ այդ պաշտօնը Աղաւնիին մօտ։ Աղաւնի մոռցած չէ իր առաջին սէրը. բայց կը պատասխանէ թէ ա՛լ գործն իրմէ անցած է, հիմակ ամուսնացած է, բան մը չկրնար ընել։ Գէորգ չ’յուսահատիր, դիւցազնական որոշում մը կուտայ ինքնիրեն։ Զատկէն շաբաթ մը առաջ, կ’երթայ լուսանկարն հանել կուտայ, օրինակ մը կը փաթթէ նպարավաճառի դեղին թղթով, որուն մէջ կը դնէ նաեւ նամակ մը ուղղեալ Աղաւնիին, բացատրելով իր սիրոյն սաստկութիւնն եւ մահու սպառնալիքներ ընելով Տարսաւիչին. յետոյ, տեսնելով որ Մաննիկ, ա՛լ իր ձեռնարկներէն յուսահատած, չ’ուզեր իր բանբերն ըլլալ, կը դիմէ Աղաւնիին դրացի հրեայ ձկնավաճառ Չէլէպոնի կնոջ Եսթերի, որ իր տունը կանչելով Աղաւնին, նամակն եւ լուսանկարը կը յանձնէ նմա։ Աղաւնի կը կարդայ նամակը. իր սրտին մէջ անցած դարձածն ինք միայն կրնայ զուրցել. բայց վերջապէս կը վախնայ այն բոլոր հետեւանքներուն համար զորս կրնայ ունենալ Գէորգի ընթացքը, եւ նամակը կը յանձնէ էրկանը։ Տարսաւիչ, որ գիտէր արդէն Գէորգի զգացումներն իր կնոջ համար եւ անոր նախկին սիրահարութիւնն իր կնոջ հետ, առիթէն օգուտ կը քաղէ, եւ դատական իշխանութեան դիմելով ու Գէորգի նամակն յանձնելով, պատիւ կը պահանջէ եւ սպառնալիքներուն դէմ ալ պաշտպանութիւն։
       Աւասիկ ամբողջ տռամն, իր բոլոր պարզութեանը մէջ։
       * * *
       Դատարանին մէջ, հետաքրքրական է դիտել Գէորգին եւ Աղաւնիին փոխադարձ դիրքն իրարու նկատմամբ։ Ձկնորսն ինքզինքը կ’ուտէ նստած տեղը. շրթունքը կը բացուին կը գոցուին յարաժամ. աչուըները անդուլ կը դառնան իրենց կոպիճներուն մէջ, մերթ դէպի վեր ուղղուած՝ բոլորովին սպիտակ գունտ մը պարզելով, եւ մերթ գետինը յառած անքըթիթ։ Յայտնապէս անհանգիստ ։ Ծանր է իրեն անշուշտ այդպէս հրապարակաւ պարզուած տեսնել իր սրտին վէրքն, ա՛լ բոլորովին կորսնցուցած իր սրբութիւնը, ամէնուն ձեռուըներուն մէջ աղտոտած, թարշամած, ապուշ հետաքրքրութեանց ճարակ դարձած։ Իր “կտրիճի” հպարտութեանն ալ “չ’կերցներ” այսպէս կնկան մը գերի եղած ըլլալն, եւ ամէն բան կ’ուրանայ դատարանին առջեւ, որ սակայն չ’համոզուիր։
       Իսկ Աղաւնի աչուըները գետնէն չ’բաժներ գրեթէ։ Ոտքի ելլէ թէ նստի, նախագահին հարցմանց պատասխանէ թէ լուռ մնայ, միշտ խնամով կ’զգուշանայ Գէորգի նայելէ, վախնալով անոր ակնարկին հանդիպելէ։ Տխուր դէմք մը ունի, շատ տխուր։ Կը չղջա՞յ արդեօք. կը յիշէ՞ թէ ատենօք սիրած է այն տղան զոր հիմակ այսպէս կը մատնէ դատաւորներուն անողոք վճռին։ Ու իր նայուածքը միշտ գետինն է, սոսկալով թերեւս այն դատապարտութենէն զոր պիտի կարդար ձկնորսին աչուըներուն մէջ։
       * * *
       Իմ մասիս, հետաքրքիր չեմ գիտնալու թէ դատարանն ի՞նչ վճիռ պիտի արձակէ Գէորգին դէմ, քանի՞ ամսուան բանտարկութեան պիտի դատապարտէ զայն։ Մեր ժողովրդական բարքերուն ուսումնասիրող եւ հետամուտ, ինչ որ այս դատին մէջ ամէնէն աւելի ուշադրութիւնս կը գրաւէ, Գէորգի նամակն է ուղղեալ առ Աղաւնի։ Աղեքսանդր Տիւմա Որդի դեռ անցեալ շաբթու գրքի մը յառաջաբանին մէջ կ’ըսէր թէ բնութիւնը միշտ գեր ի վերոյ պիտի մնայ բնապաշտ վիպասաններէն։ Ո՛րչափ ալ իրականին ըմբռնումն ունենանք, երբեք չպիտի կրնանք գրել նամակ մը այդքան ազդեցիկ ու այդքան անկեղծ, երբեք չպիտի կրնանք այդ ձկնորսին զգացումներն յայտնել նոյնքան վայրագ բնականութեամբ, ու իր սէրը բացատրել իր հասկցած եղանակովը։ Ուստի, արուեստագէտին համար ի՜նչ անսահման հաճոյք մըն է երբ պատահմամբ ձեռքը կ’անցունէ այդպիսի տօքիւման մը, որ ընկերութեան մէկ ամբողջ դասակարգին ներքին աշխարհը կը պարզէ իրեն առջեւ այնքա՜ն ճշդութեամբ։
       Աւասիկ Գէորգի նամակը նոյնութեամբ։ Բնագրին դիւրաւ հասկացողութեան համար, տեղ տեղ հարկադրուած եմ միայն կէտադրութիւնները փոփոխել, եւ հարցական կամ ձայնարկութեան նշաններ դնել՝ որք կը պակսին բնագրին մէջ։ Նմանապէս ցաւօք կը զեղչեմ ինչ ինչ բիրտ խօսքեր որք կրնան շատերու դիւրազգածութիւնը վիրաւորել։
       “Յէյ վա՜խ.
       “Ա՜խ, Աղաւնի՜ս, ախ, տօւն ինցի խարէ՞ս օւնէիր, ի՞նչ օւնէիր քի ինցի ասանք ըրիր, խօւշըս. բէկ աղէք, սարար չօւնի, էլչիէ սավալ եօք, կօքտէ քի խելքս միտքըս վըրատ է, ամա աշ թաշարսա քէբճէյէ բայա օլմաս. նասը քի էղայ նէ էս արթըխ յօքիէս վաս էկա, չիւնքի տանակը ճիյէրի խօթեցիր, տանակին կէսը ճիյէրիս մէջը ցըքէցիր. ամա անիկա անանք չէն ընէր, էս ընէմ տէ տուն սէյիր ըրէ, պարէ էրքօւքնիս ալ խասէթաները կօւղվինք. յասկըցա՞ր, խօւշըս։ Ցըքէ քի տօւն ինցի կէնէ կը սիրէս էղէր, Մաննիկը յասկօւցօւց, “ամա էրիկէն կը վախնայ կօր սավալլըն։” Էկօւ նայէ քի էս սապրը չէմ կըրնար կօր ընէր կօր, յասկըցա՞ր, յօքիս։ Ան Տարսավիչը ըսըսնէ մէք էրկու յէղ ինցի պըռնել տօւվէր էկէր է ամա էս յօն չը կըտնվէցա. յօն կըտնըվէի նէ, անոր տավան լըմընցաց էր։ Վիրա սիրտըս առնէլ քօւքա, վիրա ինցի կըսէ քի Քէորք, օտքըդ պաքնէմ, սա Աղաւնին անանք ըրէ քի մէք տանակէ մը յանէ՛, ան ատէնը քէսի տավա ընէմ նէ քուրըս մէռէլըս… ինցի քաշէլ մի տար, սէրէ անօր ըրացը շատ կըլլայ կօր ինցի. (Նամակը պատռած է այստեղ)։
       “Ան քիշէրվան կըռիվին էս յօն էեի ամա, էս քանի մը լախըռտը պիտի ընէյի՝ ամէնօւն ալ տըպճէր պիտի, քօւկին խաթէրըթ յամար չը խօսէցա, հէմ դօւրսէն իմացօղները իրաւ Քէորքին ըրաց լախըռտըն շատ յաղլը է պիտի ըսէյին։ Քա Աղաւնիս, մէկ օր մը Մաննիկին տօւնը կանչէցիր ինցի քի, “Ցօ Քէորք, պաղճային մէջը յօրին կըլօխը ըրածնիս մօռցա՞ր” ըսիր։ Խօւշս, տօւն Քէորք ըլլաս նէ, ասօնք միտքըտ իյնա նէ ի՞նչ կ’ըլլաս։ Իլլէ կինօվ կ’ըլլամ կոր, անաք կ’ըլլամ կոր քի յէմէն տօւռնէդ նէրս մըտնամ, մասէդ պըռնէմ տօւրս յանէմ քէսի. յէմ անաք պիտի ընէմ։ Ան ատէնը էրկու էրէսլի Տարսավիչը ինցի պըռնէլ տա, էն շատ 3 տարի պառկիմ պիտի մաբօւս, անկէ էտքը Տարսավիչին յալը եաման է։ Աղաւնիս, կիտէմ քի տօւն ա ասիկա ըրիր տէ ամմէն օր տօղի մէջ էս, սէպէ քի մապօւսն էս։ Տարսավիչը ինցի ըսաւ քի Աղաւնին… անցօւց, քէնէ վաղցաւ տէ. թօ՜ւ, ասա՞նկ մարթ առիր, քա. յէլպէտ պաշխա տէղ ալ քօւ զօւրցէ էշէք խաֆալըն։ Աղաւնիս, Մաննիկին յետ աղէք կընա խօւշըս. աղէք կընիք է ան ֆուխարէն, յէմ ալ պէրանը շատ սըխը է”։
       Ստորագրութիւն չկայ։
       Ամբողջ գանձ մըն է այս նամակը, եւ ամէն բան կրնաս գտնել անոր մէջ, մեր ժողովրդական դասակարգին բոլոր զգացումներն ու բոլոր կրքերը։ Եւ որովհետեւ գիտեմ թէ ընթերցողաց մեծամասնութիւնն այս նամակը պիտի կարդայ հարեւանցի կերպով՝ առանց խորը թափանցելու, կը ջանամ վերլուծել զայն, քիչ մը աւելի ուսումնասիրած ըլլալով այդ բարքերը՝ թերեւս ապագայ ընդարձակ վէպի մը նիւթերն հաւաքելու մտադրութեամբ։
       Եւ նախ, ամէն բանէ առաջ, այդ ծովու մարդոց ընդածին բանաստեղծութիւնն է որ ի յայտ կուգայ, ո՛չ եթերաճեմ բանաստեղծութիւնն որ կապոյտին մէջ կը ծնի ու անով կը սնի, անուրջներով կ’օրօրի եւ պատրանքներով կը հեշտանայ, այլ վայրագ ու կերպով մը բիրտ բանաստեղծութիւնն որ ժողովրդեան սրտին մէջ ինքնաբուղխ՝ սիրոյ եւ մահուան պարագայից մէջ մանաւանդ կուգայ ի հանդէս։ Իր վիրաւոր սիրտը ցոյց տալու համար, ձկնորսը նախնական պատկեր մը կը գծէ, սիրտ մը դաշոյնով ծակուած, ու ա՛լ հասկցուցած է իր տառապանքին մեծութիւնը։ Բացատրելու համար թէ ի՛նչպէս Աղաւնին մոռցած է իր առաջին սէրը, ի՞նչ ազդեցիկ խօսք քան սա նախադասութիւնը. “Տանակը ճիյէրիս խօթեցիր, տանակին կէսը ճիյէրիս մէջը ցըքէցիր”։
       Յետոյ այն տեսակ մը ժողովրդական նրբամտութիւնը, էսբռին, որ աւելի յատուկ է սակայն Շուկային՝ ուր իր առանձին որոշիչ հանգամանքն ունի, եւ որ կը կայանայ զանագան ընկալեալ սրախօսութիւններու, առածներու, խօսքի դարձուածքներու, բառախաղերու, եւայլնի մէջ։ Իրարու ետեւէ երկու տաճկական առած կը յիշէ Գէորգ, թէեւ առանց մեծ նշանակութեան, իր խօսքին ուժն աւելցնելու համար։ Իր նրբամտութիւնն աւելի ի յայտ կուգայ սակայն երբոր կը ջանայ, սկզբնական միամիտ եղանակաւ մը, Աղաւնին պաղեցնել իր ամուսնէն, անոր բերանը դնելով թշնամական խօսքեր իր կնոջը նկատմամբ, զորս Տարսաւիչ չէ արտասանած անշուշտ։ Միւս կողմէ, դիտեցէք Աղաւնիին կանացի խորամանկութիւնը։ Նամակն յանձնած կամ յանձնել տուած է դատական իշխանութեան. բայց պատռած է այն մասերն որք կրնային մասնաւորապէս դպչիլ իրեն։
       Հապա այդ մարդոց սարսա՜փը լրագիրներէն։ Ի՜նչ ցուրտ համակերպութեամբ կը գրէ, սպանդանոց տարուող ոչխարի մը համակերպութեամբ. “Պարէ էրքօւքնիս ալ խասէթաները կօւղվինք”։ Լրագրաց մէջ “կոխուիլը”, տպագրուիլը, այդ մարդոց աչքին առջեւ կը համապատասխանէ գոգցես կախաղան ելլելու։ Շատ անգամ ժողովրդական մարդոց բերնէն լսած եմ, գերագոյն պատժոյ մը պէս, այս ինչ անպատիւ կնոջ կամ այն ինչ անբարոյական մարդուն համար, թէ “փիւթին խազէթաները կրուեցան”։ Այս զգացման՝ ժողովրդական բարքերուն մէջ անցնելուն գլխաւոր պատճառներէն մին եղած է ատենօք հրատարակուող Մամուլը, եւ տարիներ առաջ կը յիշեմ յաճախ որ Այվազեան Գէորգ էֆէնտիին փողոցէ մը անցած ատեն, տեսած եմ կիներ որք աճապարանքով գլուխնին պատուհանէն ներս քաշած են, իրարու մրմնջելով. “Մամուլը կ’ասնի կոր”, որպէս թէ նոյն ինքն Նեռը տեսած ըլլային։ - Ու սոսկմամբ կը մտածեմ որ եթէ Գէորգ գիտնար որ դատարանին մէջ մասնաւոր ունկընդրաց յատուկ աթոռներուն վրայ ծանօթութիւններ խազխըզող անձը՝ ճշդիւ նպատակ ունէր զինքը “խազէթաներն անցընելու”, անշուշտ փորձանք մը կը բերէր անոր գլխուն դատարանէն դուրս։
       Եւ Գէորգ ի՞նչ լաւ գիտէ թէ Աղաւնին ալ նոյն այդ զգացումը կը տածէ՝ իր ներքին կենաց հրապարակուելուն նկատմամբ, եւ ի՛նչպէս կը յայտնէ իր արհամարհանքը, թո՜ւ, այն մարդուն համար որ իր կնոջ գաղտնիքը երեւան կը հանէ։ Յայտնի չէ թէ Տարսաւիչ իրօք Գէորգին այդ տեսակ խօսք մը ըրա՞ծ է։ Գուցէ սակայն երկաթագործը, գիտնալով երիտասարդին սէրն իր կնոջ համար, ուզած ըլլայ անոր նախանձոտ աչաց առջեւէն անհետ ընել իր սիրոյն ակներեւ նշանը։ Որովհետեւ, ինչպէս վերը ըսինք, Տարսաւիչ գիտէ եղեր ամէն բան։ Գէորգի պէս մարդիկ շատ չեն ծածկեր իրենց զգացումները։ Գինետան անկիւնը, երբ ալ օղին մտքերը կը գերագրգռէ եւ աչուըները կը մթագնէ, Գէորգ քանի քանի անգամ գոչած է, “Ա՜խ, Աղաւնի՜”, եւ իր լայն ձեռքը ջարդուփշուր ըրած է գաւաթներն ու սրուակները։ Գինետունն ամէն բան է այդ մարդոց համար, բարեկամութեան տեղ ու կռուոյ ալ տեղ. հոն կ’երթան ուրախութենէ մը ետքը, ու կþերթան սուգէ մըն ալ վերջը, հոն կը թափեն իրենց բոլոր կրքերը։ Երբոր Գէորգ իր իր լուսանկարն հանել տուած է, գիտէ՞ք թէ օրինակ մը Աղաւնիին ղրկելէ առաջ՝ որո՞ւ նուիրած է…- Մէխանէճի Օհաննէսին, որ զայն կախած է իր պատին վրայ։
       Ասոր քով դրէք իրենց ողորմածութիւնը, գորովական գութն աղքատներուն համար։ Ի՞նչ խանդաղատանքով ֆուխարէ կ’անուանէ Մաննիկը, ինք որ հարուստ մը չէ սակայն եւ շատ անգամ երկար չարչարանքներով հազիւ օրապահիկը կրնայ ճարել։
       Սիրոյ զգացմանց նրբութիւններն եւ ուժգնութիւնը դիտեցէք այդ երիտասարդին վրայ: Փոխն ի փոխ փաղաքշական խօսքեր, “խօւշըս”, “հօգիս”, “խելքըս միտքըս վրատ է” Աղաւնիին սիրտը շարժելու բացատրութիւններ՝ - “տուն ինցի կէնէ կը սիրէս էղէր”. յետոյ հին յիշատակներու խանդաղատանքը… - “պախճային մէջը յօրին կըլօխը ըրացնիս մօռցա՞ր”. տեղ մը, երկաթագործին կինն իր ամուսնէն պաղեցնելու ջանադրութիւն մը, յիշեցնելով անոր ոչինչ մէկը ըլլալը, “ասա՞նկ մարդ առիր, քա”. եւ ահա յանկարծ իր կիրքը կը պոռթկայ. այդ քաղցրութիւնն իր գործը չէ. ժառանգականութեամբ վաստկած բոլոր վայրագութիւնն երեւան կուգայ՝ տռփանքին բոլոր սաստկութեամբը, եւ կը գոչէ. ”Իլլէ կինօվ կըլլամ կոր, անաք կըլլամ կոր քի յէմէն տօւռնէդ նէրս մըտնամ, մասէդ պըռնէմ տօւրս յանէմ քէսի. յէմ անաք պիտի ընէմ”։ Կրքի սաստկութեան շատ բացատրութիւններ կարդացած եմ. բայց չեմ գիտեր ինչո՛ւ այսչափ կորովի չեն երեւցած ինծի։
       Եւ ամէնէն աւելի դիտեցէք ծովու կոհակներուն դէմ մաքառող այս տղուն գերազանց անվեհերութիւնը, նեղութեան համար ունեցած յօժարափոյթ պատրաստականութիւնը, վտանգին առջեւ իր գեղեցիկ անտարբերութիւնն, եւ մահուան դէմ գերագոյն արհամարհանքը։ Պա՜հ, “էրկու էրէսլի Տարսավիչը ինցի պըռնել տա, էն շատը 3 տարի պառկիմ պիտի մաբօւս, անկէ էտքը Տարսավիչին յալը եաման է”։- “Տարսավիչը մէք էրկօւ յեղ ինցի պըռնէլ տօւվէր էկէր է ամա էս յօն չը կըտնվէցա. յօն կըտնըվէյի նէ, անոր տավան լըմընցաց էր”։ Կը տեսնէ՞ք այդ քսանեւմէկ տարեկան կտրիճին սրտի աղաղակը. “Էս արթըխ յօքիէս վաս էկա”. մահուան վտանգն ա՛լ աչքն առած է այդ տղան, որ դեռ մանուկ՝ հօրը դաշոյնին հետ խաղացած է եւ ներկայ գտնուած անոր կռիւներուն, եւ յետոյ ինքն ալ անոր յաջո՞րդած է՝ ծովուն ու ցամաքին մէջ բաժնելով իր արկածալից կեանքը։ Հոգիէդ ինչո՞ւ վազ անցնիս, քա՛ջ տղայ, պէտքի ես դուն։
       Լրագիրներուն մէջ անցնելէ կը վախնայիր, կը կարծէիր որ շա՞տ գէշ պիտի մտածեն քու վրադ։ Չէ՛, խեղճ տղայ. քու վէպդ, քու կեանքդ կարդացողները քեզ նկատմամբ պիտի ունենան զայրոյթէ տարբեր ուրիշ զգացում մը, որ սակայն կարեկցութիւն ալ չէ։
       (“Մասիս”, 1 Օգոստոս 1890).