Սիրոյ գիշեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԻՐՈՅ ԳԻՇԵՐ
       (ԲԱՐԻԶԵԱՆ ԿԵԱՆՔ)
       Գիշերուան Բարիզը՝ իմ սիրած Բարիզս է. թերեւս անոր համար որ ցերեկէն աւելի խորհուրդ ունի իր մէջ։ Երբոր արեւը մարը կը մտնէ Պուա տը Պուլոնեըին ետեւէն, ու երբոր կազն ու ելեկտրական կանթեղները մութին մէջ կը ցցուին՝ հրաշէկ չուաններու պէս փռուած փողոցներուն երկայնքը, քաղաքը, ցերեկուան սպառիչ գործունէութենէն գրգռուած, աւելի աշխոյժ, աւելի տենդոտ կերպարանք մը կ’առնու, ամէն յոգնութենէ ետքը եկող տեսակ մը գինովութեամբ, որ հետզհետէ պիտի արծարծուի, պիտի հրահրուի ամէն բանով, ընթրիքով, ալքոլով, նայուածքով, հպումով, գերագոյն խոնջէնքի մը մէջ հատնելու, սպառելու համար։
       Տաք գիշեր մըն է, բայց տա՜ք, ա՛յնչափ ազդու, սաստիկ ա՛յնքան որ շօշափելի բանի մը, սրտիդ վրայ ճնշող նիւթական բանի մը զգայութիւնը կուտայ քեզ։ Ասֆալթը ծանր գոլորշիներով կ’արտաշնչէ օրն ի բուն մթերած տաքութիւնը։ Ամէն ոք դուրսն է, դռներուն առջեւ, մայթերուն վրայ, պարտէզներուն մէջ, սրճարաններուն առջեւ, ամէն ոք տունէն դուրս մղուած անդիմադրելի զգացումէ մը որ չպիտի ուզէ սահմանափակուիլ չորս պատերուն մէջ, աւելի օդի, աւելի լոյսի, աւելի շունչի, աւելի կենդանութեան ի խնդիր։ Ընթրիքի ժամն անցած է հիմակ, եւ բազմութիւնն հետզհետէ կը խտանայ, կը թանձրանայ փողոցին մէջ. ամէն կողմէ դուրս կ’ելլեն, անդադար, կողմնակի գռեհներէն, ճամբայներէն, դռներէն, նրբանցքներէն, խառնուելու համար մարդկային հոսանքին որ լայն պողոտայներուն երկու կողմերէն կը յառաջանայ, ծառերուն ստուերին մէջ նսեմանալով եւ կազերուն պայծառ լոյսին ներքեւ ի յայտ գալով հետզհետէ։
       Գետին եզերքը կ’իջնեմ, Սէն Միշէլի կամուրջին եզերքը, Բլաս Մօպէռի կողմնակի մութ ու նեղկիկ փողոցներէն, մնացորդ մը հին Բարիզին որ քիչ քիչ կը քայքայուի ու կը կերպարանափոխուի անդուլ բրիչին տակ, եւ ուր այս ժամուս աղմկալի կենդանութիւն մը կը տիրէ։ Շադօ-Ռուժի եւ Բէռ Լիւնէդի կապելայներուն բոլորտիքը, թիթեղեայ տրապիզին առջեւ, պարապ գործաւորներու, վռնտուած սպասաւորներու, անխոստովանելի աղբիւրներէ ապրող երիտասարդներու խառնակ ու կասկածելի խումբ մը։ Ու քիչ մը անդին կիներ որք պատերուն տակ կը սլքտան, ընտանիքի մայրեր որք իրենց ամուսինը կը լրտեսեն, գործաւորուհիներ որք մանրիկ ու փութկոտ քայլերով կ’անցնին, Բարիզի գործաւորուհիներ, սիրուն ճմրթկած դէմքով, խուզարկու նայուածքով, համեստ ու անձնավստահ, անփոփոխելի սեւ պարզ շրջազգեստով որ իրենց բարակ մէջքն ու կուրծքը կը սեղմէ։
       Սէնը, գիշեր ատեն, այդտեղ, անմատչելի շրջապատկեր մը կը ներկայացնէ։ Դիմացդ Նոդր-Տամը, իր յաղթ կազմուածքով, մութին մէջ կ’ուրուագծուի, լուռ, բայց մեռած բաներու ահաւոր ու սարսիչ լռութեամբ մը. երկու կողմի բարձրադիտակ աշտարակներուն մէջտեղ, եկեղեցիին սլաքը դէպի վեր կը ցայտէ, պչրող ու շնորհալի, դարերու հաւատքին ու կրօնական յափշտակութեանց այդ լքուած զանգուածին տիրապետելով։ Ստուերը կը շրջապատէ ամբողջ շէնքը, ծայրերը խեղդելով, ցցուածքները ողորկելով, սրութիւնները թաղելով, ցերեկուան պայծառութենէն հազարապատիկ աւելի ուժգին ազդելով քեզ գոթական այդ յիշատակարանին ամբողջ բանաստեղծութիւնն ու մելամաղձութիւնն որ կ’ընկճէ զքեզ։ Ոտքերուդ տակ, ջուրը կը վազէ մեղմ պղպջանքով մը, արագ, իր մութ երեսին վրայ ցոլացնելով անյայտացնելով գետափին ու կամուրջին լոյսերը. եւ երկու կողմդ, կամուրջներուն կարմիր ու սպիտակ լապտերները կ’երկարին, անվախճան, զուարթ ճառագայթումով։ Հեռուէն, Էյֆէլեան աշտարակին գագաթէն, ելեկտրական դարձդարձիկ կանթեղը, երփներանգ փոփոխումներով, քաղաքին վրայ կը մխէ իր լուսանիւթ սլաքները։
       Պուլվարներուն վրայ, հիմակ, մարդկային հեղեղը կը հոսի խիտ եւ կուռ։ Ելեկտրական լամպարները, օդին մէջ կախուած լուսեղէն կայլակներ, իրենց թեթեւ անբացատրելի կապոյտ լոյսով աչք կը խտղտացնեն, լուսնին պէս տժգոյն ու անոր պէս իրենց բոլորտիքն ունենալով բակ մը։ Ինծի այնպէս կուգայ որ բեւեռային արեւներն այդ ջինջ պայծառութիւնն ունենալու են։ Սրճարանները կը զեղուն բազմութեամբ, պուլվարին լայն մայթին վրայ պոռթկալով իրենց յաճախորդները, երեք կարգ սեղաններու առջեւ։ Ու ամբոխը կ’անցնի անընդհատ, անդադար, կողմնակի փողոցներէն թափելով պուլվարներուն վրայ, այլազան ու այլատարր բազմութիւն մը, որուն մէջ կիները ուշադրութիւն կը գրաւեն, վէս ու գրգռիչ, շուայտ ու անպատկառ նայուածքներով որք հրաւէրի մը պէս յանկուցիչ են, իրենց անցքին վրայ սփռելով մուշկի սաստիկ հոտ մը որ ջղերդ թունդ կը հանէ. կ’անցնին ու կ’անցնին, զոյգ զոյգ, միայնակ, լուսեղէն փոշիի մը մէջէն որով մթնոլորտը լցուած է եւ որ երկու կողմերու ճոխ խանութներուն ոսկեղէն նշանակները կը հրդեհէ։
       Երկու մայթերուն մէջտեղէն, անհամար կառքերը կը վազեն իրարու ետեւէ, իրար հալածելու պէս, իրենց կանաչ ու ճերմակ կանթեղները խոշոր աչքերու պէս բացուած, փայտէ յատակին վրայ սահելով գրեթէ անձայն, տարօրինակ կերպով աւելցնելով չորս կողմի ընդհանուր շարժումը։
       Աղմուկը կը բարձրանայ ամէն կողմէ, անորակելի ժխոր մը, խուլ, մօտ ու հեռու ժխոր մը, լայն ու վիթխարի շունչը, սրտի տրոփումը գոգցես այս քաղաքին, որուն վրայ գաղափար մը կարելի չէ կազմել, որ չես գիտեր ինչէ՛ կը բաղկանայ, որուն մէջէն կ’անցնիս կը դառնաս՝ անոր ըմբռնումն իսկ կորուսած, զոր ա՛լ չես լսեր՝ բայց եթէ քաղաքէն դուրս ելլելով, արձակ ու ամայի դաշտի մը մէջ։
       Ի Բլաս տը լա Քոնքօռտ, տեսարանը դիւթութեան մը կը փոխուի։ Հրապարակէն մինչեւ Առք տը Դռիոնֆ, Շան զ’Էլիզէի ծառուղին կ’երկարի իբր երկու քիլոմէդր երկայնութեամբ, իբր սահման ունենալով Յաղթական Կամարն որ երկու սրունքներուն վրայ կեցած անհեթեթ հսկայի մը տպաւորութիւնը կը թողու։ Լոյսի զեղխութիւն մըն է որ կը տիրէ, լոյս՝ ծառուղիին երկու կողմը, լոյս՝ ծառերուն մէջտեղ, լոյս երգեցիկ սրճարաններուն չորս կողմը։ Երաժշտութեան ձայներ կը հասնին, պղնձի ճայթիւններ ու աղիքի թրթռումներ՝ որք կ’ընկերանան Բօլիւսին ու Իվէթ Կիլպէռին երգերուն։
       Ա՛լ օդը ծանրացած է այն գորովանքի, գգուանքի, սիրոյ զգացումով որ ամէնուն սիրտը կը լեցնէ։ Գինովութիւնն սկսած է աստիճանաբար ու տաքը արիւնը կը մտրակէ, արուին ու էգին երակներուն մէջ դնելով նոյն ըղձանքն որ իրարու կը մղէ զանոնք, ու կենսականութեան զեղումն աչքերը կը վառէ։ Կառքերուն մէջ կ’անցնին քովէ քով, էրիկմարդը կնոջը քով սեղմուած, գլուխը անոր ուսին վրայ հակած, որպէս արբշիռ այն բուրմունքէն զոր ծոծրակին բացուածքը կուտայ իրեն, մերձակայ գիրկընդխառնումին ցանկութեամբը տենդայոյզ։ Կառքին սրարշաւ ընթացքովը կ’երթան ի Պուա տը Պուլոնեը, պուրակներուն առանձնութիւնը կամ Շադօ-Մատրիտի ու Բավիյեոն Շինուայի մասնաւոր խուցերուն խորհրդապահ մենութիւնը փնտռելու։ Ու Շան զ’Էլիզէի ծառերուն տակ, կողմնակի թաւուտներուն մէջ, սիրահարներու զոյգերը կ’երթան թեւ թեւի, հետզհետէ աւելնալով, միեւնոյն մտածմամբ վրդոված։ Ու անկեղծ տարփանքներուն քով, վարձկան տարփանքները նոյն գինովութիւնը կ’աւելցնեն։
       Ու բոլոր այն ճամբուն վրայ որ տունս պիտի դարձնէ զիս, կեանքի նոյն փթթումն է որ կը տիրապետէ ամէն տեղ։ Սիրոյ գիշեր մը պիտի ունենայ հիմակ Բարիզ։ Առանձնոցին խորհրդայեղց ու բուրումնաւէտ հեշտութեանը մէջ, Ամրոցներուն նամէտ խոտին վրայ, ձեղնայարկին տակ, ամէն ուրեք, ամէն յարկի ներքեւ, այս գիշեր, բարձին ու քարին վրայ, ամէն ոք, ծերունին որպէս մանուկը, ամէն ոք պիտի մոռնայ պահ մը իր էութիւնը, յաւիտենական Սիրոյն անձնատուր։ Ամբողջ քաղաքը, ջղերու գրգռութեան մը մէջ, միեւնոյն ցնորքովը պիտի օրօրուի։ Բարոյախօսը թող պռստէ յօնքերը եւ կծու խօսքեր թող մրմռայ։ Օ՜հ, այս աշխարհի ամէն ցաւերուն, ամէն մտատանջութեանց, ամէն կսկիծներու մէջտեղ, վայրկեան մը մոռացում, ինչ գնով որ ալ ըլլայ, շա՞տ է։
       (“Հայրենիք”, 7 Սեպտեմբեր 1891).
       ԼԵՒՈՆ ԲԱՇԱԼԵԱՆ