Դամբանական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

<ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ>


       * հանդիսականք.
       Կ՚աղաչեմ, կեցիք քիչ մ՚ալ, դեռ մի զատուիք այն սգալի դագաղէն, որուն տժգոյն ճամփորդը հանդարտութեամբ լսեց իր բարեկամաց հառաչանքը: Լսեցէք եւ դուք ուրեմն իր կենաց վսեմ արձագանքը, զոր ինքը բարեկամի մը անկեղծ սիրտը փոխադրեց. լսեցէք իր մեծ յիշատակը հռչակող մտերմի մը տկար ձայնը, որ կը յանդգնի թնդացնել գերեզմանի մը ահարկու կամարը:
       Մեռաւ մեր սխրալի բարեկամը, Վարդան Լութֆեան. մեռաւ երկրի վրայ, գերեզմանաց անշունչ մարմարիոնէն աւելի, որ կը քրտնի, մեռաւ այն ծաղկէն աւելի, որ տարուէ տարի կը վերածնի. մեռաւ նա, ցամքեցաւ քսաներորդ գարնանը մէջ: Բայց հիմա՞ լանք: Մենք մեծ սխալ մը կը գործենք , զոր միշտ պիտի կրկնեմ. ծնող մարդուն վրայ լալու տեղ մեռնող մարդուն վրայ կու լանք , մինչդեռ նա վշտալի անդունդի մէջ կը ծնի եւ երանութեան կատարը կը մեռնի:
       Չըսենք թէ տիեզերք Աստուծոյ մը ծաղրն է. երբեք. տիեզերք հոգիներու բովն է :
       Վարդան Լութֆեան անոնցմէ էր, որոնք միշտ իրենց կենաց մէջ երկնից բուրումը կը զգան. այն երջանիկներէն էր, որոնք մաքուր եւ կարճ կեանք մը կը շնչեն:
       Այս զգածեալ բազմութեան մէջ շատ քիչեր կան , որ անոր սիրտը եւ հանճարը կը ճանչեն:
       Հոս միայն մէկ ողբալիք կէտ մ՚ունինք . Վարդան գաղափարի յեղափոխական մ՚ըլլալու տրամադրեալ էր, երբ լուսոյ շէնքը ձեռքն առաւ, երբ ձեռքը թարմ եւ հանճարեղ ճակտին տարաւ, մահը պաղ քրտամբք զայն ողողեց: Ահա այս է ցաւալին:
       Սակայն կ՚ուզէ՞ք որ այժմ իր հոգին չը խռովի. իր կրակն ու յիշատակը Ձեզ կը թողու, դուք որ իր բարեկամներն էք, յառաջ տարէք իր սկսած գործը եթէ զինքը կը սիրէք:
       * այս սգալի հանդիսին մէջ բան մը զիս կը զարմացնէ. ցաւելով կը տեսնեմ որ մեռելաթաղներ բրիչ ի ձեռին անհամբեր կը սպասեն որ սիրելւոյն սեւ փոսը վայրկեան մ՚առաջ գոցեն. անոնք կը կարծեն որ այն մարդոցմէն մէկը կը թաղեն, որոնց գերեզմանը անդունդ մ՚է, որոնք իրենց յիշատակին վրայ կը մեռնին: Ըսէք իրենց, դուք որ Վարդանը կը ճանչէք, ըսէք որ ասի այն մարդոցմէն չէ, ասի լուսոյ զինուոր մ՚է եւ չը թաղուիր որչափ որ ցուրտ հող թափեն իր դիակին վրայ. ասի տասնեւիններորդ դարու ազգի մը եւ լուսոյ ճառագայթներէն մին է:
       Միթէ կը թաղուի՞ ճառագայթը:
       Մանաւանդ ինչո՞ւ այս գերեզմանը, մինչդեռ իր բարեկամաց ջերմ սրտերը բաց են զինքը հիւրընկալելու.
       Գոցուէ, դու սեւ գերեզման,
       Վարդան մերն է յաւիտեան:
      
Պ . Դուրեան