Շատեր
այն
Ձօնին
ոգիին
ու
լեզուին
վրայ
հետաքրքրութիւն
ընելով
մեզ
կը
հարցնեն,
թէ
ո՞վ
է
այս
պ.
Պ.
Դուրեան.
ուստի
համառօտիւ
ճանչցնենք
ազգին:
Պ.
Պ.
Դուրեան
Սկիւտարցի
16֊18
տարեկան
երիտասարդ
մ՚է,
նախկին
աշակերտ
Սկիւտար
Ենի
մահալլէի
վարժարանին.
3֊4
տարի
առաջ
վարժարանէն
ելած,
առաջին
անգամ
միայն
սարաֆի
մը
քով
9
ամսոյ
չափ
գրագրութեան
պարապած,
իսկ
անկից
ի
վեր
իր
տունը
թատերական
ողբերգութիւններ
հեղինակելով
կը
զբաղի,
որոնցմէ
աւարտած
ունի
Վարդ
եւ
Շուշան,
Սեւ
հողեր,
Արտաշէս
Աշխարհակալ
եւ
Անկումն
Արշակունի
Հարստութեան
անուն
ողբերգութիւնները
եւ
մօտերս
ուրիշ
մ՚ալ
կը
հեղինակէ.
առաջինը
միայն
ներկայացուած
է
անցեալ
տարի
Կետիկ
Բաշայի
թատրոնը,
իսկ
միւսները
դեռ
իր
քովն
են:
Հայրը
օրական
հացը
ճարող ,
բայց
պատուաւոր
երկաթագործ
մ՚է:
Եղբայրը
երբեմն
Մանզումէի
եւ
հիմա
Մեճմուայի
խմբագիրներէն
Յարութիւն
էֆենտին
է:
Այս
պարագաները
կը
նշանակենք
անոր
համար,
որ
ո
գիտէ
քանի
քանի
անկիւն
զանազան
տաղանդներ
քաջալերութեան
պակսութենէն
անգործ
ու
վհատեալ
կը
կենան,
միանգամայն
իրենց
աղքատ
ծնողացը
բեռ
ըլլալու
զգացումով
կը
տանջուին:
Այս
կարգէն
է
նաեւ
պ.
Պ.
Դուրեան,
բայց
կը
յուսանք,
թէ
զանի
տնական
անկիւնէն
հանելով,
հրապարակի
ծառայութեան
մտցնելու
կարող
ազգայինք
իրենց
ձեռնարկութիւնը
եւ
քաջալերութիւնը
չեն
զլանար:
Եթէ
կը
հաւատանք,
թէ
ազգային
վերակենդանութիւնը
միտքերու
վերակենդանութեամբ
պիտի
գոյանայ,
ուրեմն
միտքեր
վերակենդանացնելու
մասին
չը
դանդաղինք: