Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
8. ԱՂԵՂ ՈՒ ԿԱՊԱՐՃ
       Ենովք Արմէնի դէմ . - Մէ՛կ, երկո՛ւ , երե՛ք…
       Եւ հարուածը, արդար ու անհրաժեշտ հարուածը, դպա՜ւ իր թիրախին։
       Վրէժ մը չէ ասիկա ոչ մէկ դրդապատճառ ունիմ այդ բանին համար եւ որքա՜ն ծիծաղելի ասպետականութիւն մը պիտի ըլլար ատ՝ եթէ ունենայի իսկ, հապա՝ արդարութեան գործ մը։
       Ոչ ոք կ’անգիտանայ, թէ գրականութեան կապիկներու այսօրուան տիրող, խաժամուժ, այլանդակ, աղմկայարոյց բազմութեան մէջ Ենովք Արմէն աննշան դէմք մը չէ։ Ոչ ոք կ’անգիտանայ այլեւս իր ամէն մէկ շարժ ու ձեւին հոգեբանութիւնը, ոչ ոք այլեւս կը տարակուսի իր ապիկարութեանց, իր նենգութեանց, իր շահախնդրութեանց, իր գրական մեղքերուն վրայ, բացի տակաւին երկու գաւառացիներէ, պ. պ. Արտ. Յարութիւնեանէ եւ Յովհ . Գազանճեանէ։
       Իր գրական մեղքե՜րը ի՞նչ հարկ սակայն մանրամասնել՝ միայն կարելի է երկու մասի բաժնել զանոնք. նախ՝ իր գռեհիկ բամբասանքները, զորս պ. Գազանճեան (կը զարմանամ, արդարեւ, թէ ինչո՜ւ տակաւին պ. Գազանճեան կը յամառի կրել գրագէտի վերարկուն, որ այնքա՜ն չի վայելեր իրեն ) իր տարեկան տեսութեան մէջ «Կուռ քննադատականներ» անուանած էր, փոխանակ այս ածականը ինք իր վրայ կրկնելու՝ դատուած նիւթին ճշգրիտ որակումը ունենալու համար. յետոյ՝ իր գրական մաքսանենգութիւնները, որոնց վրայ ոչ ոք անդրադարձած է, եւ որոնց ամենէն վերջիններէն ու վաւերականներէն հատ մը մա՛նաւանդ մատնանշեց ինծի բարեկամ մը։ Բարեկամս, առանց որեւէ դիտողութեան մը, ինծի ներկայացուց «Le Journal» թերթէն կտրօն մը, , Illusionե վերնագրով եւ Maurice Level ստորագրութեամբ, որպէսզի կարդամ. յետոյ, առանց բան մը աւելցնելու դարձեալ, «Մասիս»ի Բ. շրջանի վեցերորդ թիւը , զոր ատենին տեսնելու պատեհութիւնը չէի ունեցած։ Կը խոստովանիմ, որ ես, ընթերցող մը, ե՜ս ամչցայ այն յօդուածէն («Երկու մուրիկ» ), զոր ստորագրելու չէր ամչցած պ. Ենովք Արմէն։ Աս ի՜նչ հացկատակութիւն * է, աս ի՜նչ կրկնակ աներեսութիւն. մարդ մը, որ առանց որեւէ զգացումի, կրնայ հանդուրժել իր գոյութեան պայմանը ուրիշին քսակին մէջ փնտռելու նուաստութեան, եւ որ կրնա՜յ հրապարակաւ անուանարկել իրական քրտինքներու վարձքը եղող արդար վաստակներ, բայց ասիկա տրուած է միայն Ենովք Արմէնի պէս նկարագրի մը, * որ անամօթաբար պաղատագին ու բաց ափը կ’երկարէ դէպի անկորով կարեկցութիւններ.
       «Ա՜հ, գնահատութի՜ւն մը ողորմեցէք թշուառիս…»։
       Դառնանք սակայն մեր խնդրին. ահաւասիկ՝ երկու բառով՝ «Երկու մուրիկ»ին պատմութիւնը. ծերունի մուրացկան մը, որ գէշ-աղէկ, աւելի գէշ՝ քան աղէկ, «աւուրչէք»ը հանած է, իր ճամբուն վրայ կը հանդիպի կոյր բախտակիցի մը, բոլորովին լքուած, որուն ողորմելու սրտառուչ բարութիւնը կ’ունենայ։ Տարբեր բան մը չէ պատմած նաեւ՝ * ընթացիկ արուեստով մը Մօռիս Լըվէլ, որ գրած մուրացկանին անհատականութիւնը աւելի կնճռոտ ու վերլուծելի դարձնելու համար, թերեւս, անձնասպանութեան աւելորդ պարագայ մըն ալ աւելցուցած է։ Այս պարզ ու յուզիչ պատկերը, որ այնքան տպաւորող պիտի ըլլար զգայուն ռամիկի մը բերնին մէջ, ամենէն անհամ քաշքշուկներու ենթարկուած է պ. Ենովք Արմէնի մօտ։ Անդուր, անգոյն, անկենդան նախադասութիւններ՝ տգիտութիւններով համեմուած (՜՜ ), որոնց վրայ աւելցուցէք նաեւ այն տեսակ մը անհաւատալի կերպով գոռոզ եւ ինքնահաւան պչրանքը ), այն եզական ) հանգրիճումը, զոր պիտի ներկայացնէր բազմագոյն, բազմազան գրգլեակներով պճնուած գլթիկ մը. ահաւասիկ «Երկու մուրիկ»ի արուեստը ) եւ ընդհանրապէս պ. Ենովք Արմէնի գրականութիւնը (՜՜՜ Թող չկարծուի, սակայն, թէ «եկամուտ»ի կամ «փոխառութեան» այս դրութիւնը կամ սովորութիւնը նոր է պ. Ե. Արմէնի մէջ. չէ՞ որ «Հաւատք» վերնագրով * իր մէկ արձակը Սիպիլի «Ծաղկազարդի յիշատակ»ն էր, ուր պարոնը իր չտեսած բաներուն վրայ կը խօսէր, ուր չէր կրնար ծածկել իր անվարտի տգիտութիւնը. չէ՞ որ, աւելի կամ նուազ հեռաւոր Թլկատինցիի եւ Արամ Անտոնեանի մէկ հետեւականութիւնն էր թատերախաղաձեւ իր ուրիշ մէկ էջը, որ հրատարակուած է «Մասիս»ի վերջին թիւերէն մէկուն մէջ։ Եւ տակաւին ըսե՜լ, թէ պ. Յարութիւնեան, որուն ճաշակներն ու դատաստաններն ընդհանրապէս վստահելի էին, այս տեսակ հեղինակի մը մօտ «իսկատիպ բաներ» տեսնելու պատրանքը, կամ աւելի ճիշդը՝ ճարպիկութիւնն ունէր։ Այս յորջորջումը, սակայն , ճշմարիտ քննադատութեան մը արժէքը ունենալէ աւելի իրականութիւն, զոր պ. Յարութիւնեան ինքն ալ չանգիտանար հարկաւ «պարտաւորուած» ու փոխադարձ մեծարանքի այն տկարութիւններէն է, որոնցմէ պ. Յարութիւնեան ա՜յնքան ունեցաւ վերջերս՝ զինքը գետնամած բարեւողներուն հանդէպ , որոնցմէ է Ենովք Արմէն։ Աւա՜ղ , արգահատեցէ՛ք, արգահատեցէ՛ք այս ինքնագոհ եւ անդարմանելի * միջակութիւնը, ու ծիծաղեցէ՛ք իր մէջ մեծամի՜տ ամբարտաւանը, պարզամի՜տ կեղծարարը, տգէտ ու տղայամիտ պոռոտախօսը, բայց մա՛նաւանդ հտպի՛տը, հտպի՛տը , հտպի՛տը…