Ա.
Եւրոպական
Բողոքականութիւնը
[1]
Տեսանք
թէ
ի՛նչ
պարագաներու
տակ
Հայազգի
Պաւղիկեանք
աղանդաւորք
տեղափոխուեցան
ի
Պուլկարիա
եւ
նամանաւանդ
ի
Փիլիպոպոլիս:
Ասոնց
աքսորման
ժամանակ
(970)
արդէն
աւելի
քան
մի
դարէ
ի
վեր
Թոնդրակեցւոց
աղանդը
յաջորդած
էր
Պաւղիկեանց
վարդապետութեան,
ուստի
եւ
ասոնք
աւելի
Թոնդրակեցիներ
էին.
սակայն
կ՚երեւայ
այ
թէ՝
Թոնդրակեցութիւն
անունը
դեռ
ընդհանրացած
չէր
եւ
աւելի
Պաւղիկեան
անուան
տակ
կը
ճանչցուէին:
Այս
աղանդաւորք
իրենց
աքսորավայրին
մէջ
եւս
սկսան
քարոզել
իրենց
վարդապետութիւնը.
թէպէտ
դժուարաւ,
սակայն
գտան
իրենց
հետեւող
սակաւաթիւ
Պուլկարներ,
յորս
Երեմիա
Բոգոմիլ
քահանան,
որոյ
անուամբ
Բոգոմիլեան
աղանդ
եւս
կոչուեցաւ
իրենց
վարդապետութիւնը:
Այս
հայկական
աղանդէն
ծնունդ
առած
է
հաւանաբար
եւ
Մակեդոնիոյ
Տրակովիցա
քաղաքն
երեւան
ելնող
Կաթթարինեան(
[2]
)
աղանդն,
որ
այնչափ
մեծ
նմանութիւն
ունէր
Պաւղիկեանց
վարդապետութեան:
Օրթոտոքս
Պուլկարք
անհաշտ
աչօք
կը
նայէին
հայազնեայ
Պաւղիկեանց
եւ
անոնց
հետեւող
սակաւաթիւ
Պուլկարաց:
Վէճ,
կռիւ
ու
ատելութիւն
անպակաս
էին
Աղանդաւորաց
եւ
Օրթոտոքսներու
միջեւ:
Փիլիպոպոլսոյ
Պաւղիկեանք
անդրդուելի
մնացին
իրենց
դաւանութեանց
մէջ,
հակառակ
Յունաց
եւ
Պուլկարաց
ցոյց
տուած
ատելութեան
ու
հալածանաց:
ԺԲ.
դարուն
վերջերը,
Գերմանիոյ
Ֆրէտէրիկ
Շիկամօրուս
կայսրն՝
Գ.
Խաչակրութեան
գլուխն
անցած
Պուլկարիայէն
անցած
ատեն,
Յունաց
կողմանէ
անուղղակի
կերպով
յարուցուած
դժուարութեանց
պատճառաւ՝
զինու
զօրութեամբ
սկսաւ
յառաջանալ,
մեծ
սոսկում
պատճառելով
ժողովրդեան:
Կայսրը
Փիլիպոպոլիս
հասնելէն
առաջ՝
երկրի
Օրթոտոքս
ժողովուրդն
անկէ
փախաւ,
Պաւղիկեանք
ոչ
միայն
անդ
մնացին՝
այլ
եւ
Կայսեր
ընդ
յառաջ
ելնելով՝
բարեկամութիւն
ցոյց
տուին,
ու
պատմեցին
Պուլկարաց
եւ
Յունաց
ձեռքէ
քաշածնին:
Կայսեր
ցոյց
տուած
համակրութիւնն
աղանդաւորները
Խաչակրաց
յարեցուց,
այնպէս
որ
Պաւղիկեանց
շատերն
ընդունեցին
անոնց
կրօնը՝
Հռովմէականութիւն՝
որպէս
են
եւ
ցարդ
իրենց
յաջորդներն
ի
Ֆիլիպէ։
Հաւանականաբար
այս
առթիւ
Խաչակրաց
բանակէն
եղան
Պաւղիկեան
վարդապետութեան
համակիրներ,
որք
իրենց
հայրենիքը
տարին
այս
աղանդի
սկզբունքներն,
որք
ընդունելութիւն
գտան
նամանաւանդ
Զուիցերիոյ
Վոտուաներու(
[3]
)
եւ
հարաւային
Ֆրանսայի
Ալբիգացիներու(
[4]
)
մէջ,
ու
տարածեալ
գաղափարները
ծնունդ
տուին
Եւրոպական
Բողոքականութեան
ի
ձեռն
Լուտերի(
[5]
)
(1520),
Կալվինի
եւ
այլոց:
Ուստի
եւ
Հայք
են
Բողոքականութեան
հիմնադիրք:
Փիլիպոպոլսոյ
Պուլկարաց
եւ
նամանաւանդ
Փաւլիքեանց
(Պաւղիկեանք)
տարազն,
ասեղնագործութիւնք,
պարերն
եւ
վարք
շատ
մեծ
նմանութիւն
ունին
հայկականին
եւ
հաւանաբար
ի
ձեռն
Պաւղիկեանց
նաեւ
տեղի
ունեցած
է
այս
քաղաքակրթական
յատկութեանց
փոխադրութիւնն,
եւ
այս
երկու
հեռաւոր
աշխարհաց
բնակչաց
մէջ
յառաջ
եկած
է
այնչափ
մեծ
նմանութիւն:
Փիլիպոպոլսոյ
Փաւլիկեանք
աւելի
գեղեցիկ
ու
ճարպիկ
են
քան
Սլաւ
Պուլկարներն,
Փաւլիկեան
կանայք
աւելի
լայն
մէջք
եւ
գեղեցիկ
աչքեր
ունին
նման
Հայ
կանանց:
Փիլիպուպոլիս
այցելող
մը
զարմանօք
կը
դիտէ
միեւնոյն
քաղաքի
մէջ
տիպով
իրարմէ
երկու
տարբեր
ցեղերու
գոյութիւնն,
որք
իրենց
յատկութիւններով
ալ
դեռ
իրարմէ
կը
զանազանին:
Այս
տարօրինակութիւնը
դրդած
է
զմեզ
քննելու
պատճառն
եւ
ուսումնասիրելու
այս
հարցը:
[1]
Այս
հատուածը
1897ին
Ծաղիկ
հանդէսի
24/4
Յունիսի
թիւին
մէջ`
Հայք
եւ
Բողոքականութեան
հիմնադիր
հեղինակք
խորագրով
մեր
յօդուածէն
առնուած
է
մասամբ:
[2]
Այս
բառը
Յունական
Կաթար
=
(
Մաքսար
)
բառէն
եկած
է,
եւ
կարելի
է
թարգմանել
մաքրակրօնեանք
կամ
մաքրակրօնք:
[3]
Զուիցերիոյ
Վօ
(Vaud)
գաւառակն
ասոնց
կեդրոն
եղած
է,
ուրկէ
այն
անցած
է
Ֆրանսայի
Բռովանս
նահանգն:
Ասոնց
դէմ
հալածանք
հանեց
Ֆրանսուա
Ա.
Գաղղիոյ
թագաւորը
ԺԶ.
դարու
սկիզբն
եւ
ջնջեց
զանոնք:
[4]
Ֆրանսայի
Թառն
(Tarn)
գաւառի
Ալբի
քաղաքն
այս
աղանդի
կեդրոն
ըլլալուն՝
այսպէս
անուանուած
է:
Իննոսան
Գ.
Պապը
1209ին
Ալբիգացիներու
դէմ
խաչակրական
հալածանք
մը
հանեց
որ
20
տարի
տեւեց:
[5]
«Գիրք
խոստովանութեան»
Անանիա
Նարեկացւոյ,
հրատարակութիւն
Միաբանի,
Յառաջաբան:
Արարատ
հանդէս
(1892)։