Քրիստոնէական բողոքականութեան եւ գըզըլպաշներու աղանդին ծնունդը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4. Պաւղիկեանութիւն

Պաւղիկեանութիւնը Է. դարու կիսուն փայլ կը գտնէ ի Հայս, եւ թէպէտ Մանիքեցութենէ ծնունդ առած է, սակայն իր վարդապետութիւններէն շատերն աւելի Մարկիոնութենէ սերած կը թուին:

Այս վարդապետութեան հիմնադիրները կը համարուին Պօղոս եւ Յովհաննէս Սամոստացի [1] եղբարք . դար), զաւակ Կալինիկէ անուն Մանիքեցի կնոջ մը, որք հալածուելով գնացին հաստատուիլ Եպիսպարիսի մէջ, եւ իրենց աղանդը նախ Պաւղ-Յովհաննէսեան եւ ապա Պաւղիկեան անուանեցաւ: Այս աղանդաւորները Հայ կը կարծուին ընդհանրապէս:

Ըստ ոմանց Շիթի անուն աղանդաւոր Պարսիկ կին մը Հայաստան կու գայ . դար): Արարատայ մէջ Պօղոս հայազգին կ՚ամուսնանայ անոր հետ, կը յարի անոր դաւանութեան ու կ՚ըլլայ այդ աղանդին ի Հայս տարածիչն եւ իր անունով այս աղանդը Պաւղիկեանութիւն կոչուած է:

Հաւանականաբար այս երկու Պօղոսներն ալ գոյութիւն ունեցած են: Սամոստացի Պաւղոսի վարդապետութիւնը Paulinien կ՚անուանեն Եւրոպացիք, իսկ Արարատցի Պաւղոսինն աւելի Paulicien կ՚ըսուի: Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի կաթողիկոսի «Ուխտ միաբանութեան Հայոց Աշխարհին» անուն թուղթին մէջ [2] (գրուած 555ին) ակնարկուած Պաւղիկեանները Սամոստացի աղանդաւորներն են, Արարատեան Պաւղոսն աւելի վերջին ժամանակներն . դար) ապրած է։

Ոմանք կը կարծեն թէ այս աղանդը յանուն Պօղոս առաքելոյն այսպէս անուանուած է, եւ արդէն ասոնք Մարկիոնեաններու նման Պօղոս առաքեալի եւ անոր գործոց մեծ յարգ կուտային:

Այս վարդապետութեան կազմակերպիչն եղած է Մանանաղեաց գաւառէն Կոստանդինոս անուն Հայ մը, որ երեւցաւ 653ին: Կոստանդին՝ Ասորիքէն բերուած տարօրինակ Աւետարանի մը ընթերցմամբ յարեցաւ այս աղանդին, ու անոր քարոզիչն եղաւ: Նա մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իր ժողովրդեան վրայ՝ որ գրեթէ կը պաշտէր զայն:

Կոստանդին եւ իր հետեւողք ինքզինքնին Պօղոս առաքեալի աշակերտ կ՚անուանէին: Կոստանդին՝ Պօղոս առաքեալի նման թուղթերը կը գրէր իր հետեւողաց կեդրոններն:

Այս աղանդը մեծապէս տարածուեցաւ ի Հայս (նամանաւանդ Փոքր Հայք), ի Կապադովկիա եւ ի Պոնտոս: Յովհան Մայրագոմացիին եւ իր աշակերտին կամ եղբօր Սարգիսի [3] Երեւութական վարդապետութիւնք արդէն այս աղանդի տարածման հողը պատրաստած էին [4]:

Կոստանդին բաւական զտեց այս աղանդը Մանիքէական սկզբունքներէ, սակայն պահեց բարւոյ եւ չարի սկզբանց վարդապետութիւններն եւ Մծղնէական արարքներն՝ իբր խայծ ժողովուրդն իր աղանդին կապելու: Կոստանդին 27 տարիներ քարոզեց եւ ժողովրդեան վրայ իր ազդեցութիւնը երթալով աւելցաւ:

Աւասիկ Պաւղիկեան վարդապետութեան սկզբունքներն եւ դաւանանքը.

1. Երկու Աստուած կայ, մին Չար՝ Հին Կտակարանինն որ նիւթական աշխարհը ստեղծած է, եւ միւսը Բարի՝ հոգեւոր աշխարհի արարիչ, Նոր Կտակարանի Աստուածը:

2. Մարդոց լաւ յատկութիւնները Բարի Աստուծոյ կողմանէ տրուած են, իսկ գէշ յատկութիւնները Չար Աստուծոյ:

2. Բարի Աստուածը ստեղծած է մարդոց հոգին, իսկ Չար Աստուածը (Դէմիուրգոսը) անոնց մարմինը:

4. Գնոստիկեանց նման Երրորդութիւնը մը կ՚ընդունէին։ Որդի եւ Հոգի ի Հօրէ ծնեալ կամ բղխեալ՝ անոր համազօր չէին:

5. Քրիստոս իր մարմինն Երկինքէն բերաւ, եւ միայն Մարիամի մէջէ անցաւ իբր խողովակէ մը, ուստի եւ Քրիստոսի բուն մայրն Երկինքն է եւ ոչ թէ Մարիամ: Մարիամ Յիսուսէն վերջ ուրիշ զաւակներ ունեցած է:

6. Հին Կտակարանը կը մերժէին, իսկ նորէն Պօղոսի թղթերն ու Աւետարանը կ՚ընդունէին, զի այս վերջինը Պօղոսի (իրենց պետի) աշակերտին գործն էր:

7. Մկրտութիւնը կը կատարէին ոչ թէ ջրով, այլ բանիւ եւ ձեւով միայն:

8. Հաղորդութեան Խորհուրդը կը կատարէին ոչ թէ նիւթով, այլ բանիւ եւ ձեւով:

9. Սրբոց բարեխօսութիւնը կը մերժէին, եւ անոնց պատկերաց յարգանքը կռապաշտութիւն կը համարէին:

10. Խաչը չէին յարգեր եւ կ՚ըսէին թէ նոյն իսկ խաչափայտը զուրկ է Աստուածային զօրութենէ:

11. Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը կը մերժէին:

12. Միւռոնը չէին յարգեր եւ անոր որեւէ յատկութիւն չէին վերագրեր:

13. Կը մերժէին ծիսական պաշտամունք եւ արարողութիւնք (խունկ, ճրագ, զոհ, երկրպագութիւն):

Յովհան Օձնեցի իւր ընդդէմ Պաւղիկեանց թղթոյն [5] մէջ՝ անոնց շատ մը տարօրինակ պաշտամունքներ եւ վարուց ու բարուց անհաւատալի աղտեղութիւններ կը վերագրէ, զորս կարելի է ըստ հետեւեալին համառօտել.

ա. Եգիպտացւոց նման մկնորսակաց (կատուաց) յարգանքը կը մատուցանեն:

բ. Ողիմպոսի լեռան կայծակնահան ու փրփրերախ դեւին կ՚երկրպագեն Յանէսի եւ Յամրէսի [6] նման:

գ. Կախարդութիւն կ՚ընէին:

դ. Արեգակն եւ Լուսինը կը պաշտէին:

ե. Տղայոց արիւնով ալիւր շաղուելով՝ նուիրական հաց մը կը պատրաստէին, եւ անով կը հաղորդուէին:

զ. Առաջնածին կնոջ մը մանուկը իրարու կը նետէին մինչեւ որ մեռնէր, եւ որու ձեռքն որ աւանդէր շունչը՝ զայն իբր իրենց երէցը կը յարգէին [7]:

Է. Մծղնէութիւնը յարգի էր, այսինքն՝ իրենց մօր ու քրոջ եւ մօր ու եղբօր հետ խառնակեցութեամբ կ՚ապրէին:

Մեզ այնպէս կը թուի թէ՝ այս տարօրինակութեանց գոնէ մի մասը զրպարտութիւններ էին, եւ ամէն աղանդաւորաց այդպիսի աղտոտութիւններ կը վերագրէին ուղղափառք, ինչպէս կ՚ընեն այսօրուան Գըզըլպաշներուն:

Ներսէս Շինող կաթողիկոս (641-661) Պաւղիկեանց դէմ խրատական ու յորդորական միջոցներ գործածելէ ետք ստիպուեցաւ քաղաքային իշխանութիւններու ձեռօք՝ անոնց ճակտին վրայ նշաններ դրոշմելով՝ երկրէն աքսորել տալ (655):

Ասոնք տասը տարիներ վերջ յաջողեցան Հագարացի ոստիկանաց թոյլատրութեամբ մտնել ի Հայս, ժամանակուան կրօնական բանավէճերուն խառնուիլ իբր Երեւութական, եւ վերջապէս 717ին Պաւղիկեանք եւ Սարգիսեանք վաստկեցան Վլիթ ոստիկանն, եւ անկէ ուժ առած Պատկերամարտական, Խաչամարտական խնդիրներ յուզեցին… եւ նոյն իսկ ըստ Օձնեցւոյ «Պաւղիկեանք իրենց սաներն իսկ փոխանակ Աւետարանի՝ Այլազգեաց առասպելապատում գրոց գիտութեամբ կը վարժեցնէին հեթանոսաբար» [8]:

Այս աղանդաւորաց մեծ կեդրոն էր Նփրկերտի (Մուֆարղին) մօտերը Ջրկայ անուանեալ լճին շուրջբոլորը: Ասոնք առերեւոյթս Իսլամութիւնն ընդունելով՝ անդ հասարակութիւն մը կազմեցին, ուր ապա ծնունդ առաւ կ՚ըսուի Եզիտաց աղանդը . Բ. Սարգիսեան) [9]: Մենք սակայն Պաւղիկեան աղանդէն բոլորովին տարբեր կը համարինք Եզիտաց կրօնը, որու մասին խօսիլը գրութեանս ծրագրէն դուրս է: Գուցէ Եզիտի ըսելով Գըզըլպաշները ակնարկել կ՚ուզէ:

Յովհան Օձնեցի հայրապետին (717-728) ի Դուին 719ին գումարած ժողովին գլխաւոր նպատակը Պաւղիկեաց մասին էր: Այս ժողովի որոշմամբ՝ ոչ միայն բանադրեց եւ եկեղեցւոյ հաղորդակցութենէ զրկեց զանոնք, այլ եւ յաջողեցաւ իրենց պաշտպան Վլիթ ոստիկանը վաստկիլ ու անոր միջոցաւ զանոնք հալածել: Հաւանաբար այս աղանդաւորները հալածելու հրամանը Դամասկոսի Օմար Բ. Ամիրապետէն ստացաւ, իր 720ին անոր այցելութեան առթիւ:

Յ. Օձնեցի Հայրապետը յաջողեցաւ Պաւղիկեանութիւնը բառնալ առանց արիւնահեղութեան. սակայն հաւանական կը թուի որ այդ աղանդաւորները պահուեցան Երեւութականաց անուան տակ:

Օմար Բ. Խալիֆան խեղդամահ սպաննուեցաւ 720ին. իսկ անոր յաջորդող Եզիտ Բ. (720-724) հակառակ էր Քրիստոնէութեան, եւ պաշտպան հանդիսացաւ Պաւղիկեանութեան, որով եւ այս աղանդը վերստին սկսաւ տարածուիլ, շնորհիւ Հագարացւոց: Բիւզանդիոնի կայսրերէն Նիկեփոր (802-811) պաշտպանեց զանոնք, սակայն անոր յաջորդը Միքայէլ Ա. (811-813) զանոնք հալածեց եւ Լեւոն Ե. Հայկազն կայսրն (813-820) անոնց դաւանութեան քննութիւնը հրամայեց, եւ այդ գործը Նէօ-Կեսարիոյ (Նիկիսարի) եպիսկոպոսին՝ Թովմասի, եւ Փոքր Հայոց կառավարչին՝ Պարախնդակէսի յանձնեց:

Այս ատենները Պաւղիկեանք երկու կուսակցութեան բաժնուած էին, որոց միոյն պետն էր Շնաբարոյ անուանեալ Վահանն, եւ միւսինը Սարգիսն: Ասոնք իրենց վերոյիշեալ հարցաքննիչները սպանելով Մելիտինէ (Մալաթիա) փախան, ու ապաստանեցան Հագարացի Ամիրապետին քով, որ անոնց Արգաս անուն աւան մը տուաւ, ու բնակող Պաւղիկեանք յարձակելով Բիւզանդական կայսրութեան սահմանները՝ յափշտակութիւններ ու գերեվարութիւններ ընելով ետ կը դառնային:

Թէոդորա թագուհին՝ իր զաւկին Միքայէլ Գ. ի (գինովին) (842-867) խնամակալութեան միջոցին մեծ հալածանք հանեց Պաւղիկեաններուն դէմ (853-856). Միայն Փոքր-Ասիոյ մէջ 100, 000ներ կոտորուեցան: Այս զոհերուն մէջ կը գտնուէր ծերունի մը՝ որոյ զաւակը՝ Կաբահաս կամ Կարպաս մեծապէս ազդուելով իր հօր կորուստէն, թողուց իր բանակի ծառայութիւնը, Արգաս գնաց, 5, 000 Պաւղիկեանց գլուխը անցաւ, Մալաթիոյ Էմիրին ու ապա Ամիրապետին դիմեց, անոնց հետ դաշնակցեցաւ, յարձակմամբ առաւ Ամարասայ եւ Տիվրիկի բերդերն ու այս վերջինն իր կեդրոնն ըրաւ: Աջակցութեամբ Մալաթիոյ Էօմէր եւ Թարսուսի Ալիմ Էմիրներուն յարձակումներ ու աւարառութիւններ գործեց Բիւզանդական կայսրութեանն սահմանները: Պաւղիկեաններու գունդերն Էօմէր Էմիրի բանակին հետ Սամոսատի եւ Ամասիոյ կողմերը յաղթեցին Յունաց (858), եւ ապա մինչեւ Բիւթանիա եւ Սինոպ հասան: Արաբները եւ Պաւղիկեանք մեծ ջարդ տուին Մալաթիան պաշարել եկող Յունաց: Էօմէր՝ Պաւղիկեանց հետ 861ին Կապադովկիան, Պոնտոսը եւ Կիլիկիան աւերեց, 60, 000 գերի տարաւ: Յաջորդ տարին Յոյները յաղթեցին Էօմէրի բանակին ու զայն սպաննեցին, սակայն Պաւղիկեանք չընկճուեցան:

Կարպասի զաւակը ու յաջորդը Կիւրշահ՝ Էօմէրի յաջորդ Մալաթիոյ Էմիրին հետ դաշնակցելով՝ կայսրութեան երկիրները կ՚ասպատակէին, եւ նոյնիսկ Եփեսոսի եւ Նիկիոյ կը սպառնային: Միքայէլ Գ. կայսրը հաշտութիւն խնդրեց, Պաւղիկեանք մերժեցին բանագնացները եւ կրօնական ու քաղաքական ազատութիւն պահանջեցին:

Վասիլ Ա. Մակեդոնացին (866-886) հաշտութիւն եւ գերիներու փոխանակութիւն հայցեց, Կիւրշահ Փոքր-Ասիոյ երկիրներէն Բիւզանդացւոց քաշուիլը պայման դրաւ: Այս անընդունելի առաջարկին վրայ Վասիլ մեծ բանակ մը հանեց անոնց դէմ (871) եւ դժուարութեամբ յաղթեց անոնց, սակայն անկարելի եղաւ առնել անոնց որջն՝ ամուրն Տիվրիկ: Պաւղիկեանք 873ին կրկին սկսան ասպատակութեան, որոց դէմ Բիւզանդիոն՝ Քրիստափոր զօրավարը ղրկեց մեծ բանակաւ, որ անոնց յաղթեց, առաւ Տիվրիկը ու քանդեց զայն, եւ Կիւրշահի գլուխը Բիւզանդիոն ղրկեց:

Պատմութիւնը լուռ կը մնայ անոնց մասին շուրջ դար մը, եւ ի մէջ կոյս Ժ. դարուն կրկին անոնք երեւան կու գան, եւ Անտիոքայ Թէոտոր պատրիարքին առաջարկով՝ Բիւզանդիոնի Յովհաննէս Չմշկիկ (Չմշկածակցի) հայկազն կայսրը՝ զանոնք կը տեղափոխէ ի Կ. Պոլիս եւ անկէ ի Փիլիպոպոլիս (Ֆիլիպէ) 970ին, ուր ի պատմագրաց ոմանց իբր Հայ աղանդաւորներ եւ յայլոց Պաւղիկեան անուան տակ յիշատակուած են: Ասոնք են որ ծնունդ տուած են Եւրոպական Բողոքականութեան, ինչպէս պիտի տեսնանք գործիս Բ. գլխուն մէջ: Այս հայկազն աղանդաւորաց մնացորդները դեռ կան Ֆիլիպէի մէջ ու շրջակայքը եւ Փաւլիքէն կ՚անուանուին:



[1]            Սամոսատ Բ. Հայոց մէջ է:

[2]            Գիրք թղթոց, էջ 73:

[3]            Սարգիս համարուած է Սարգիսականութիւն անուն աղանդի մը հիմնադիրն։

[4]            Թէոտորոս Քռթենաւորի ընդդէմ Մայրագոմացւոյն թուղթն: Վենետիկ 1833։

[5]            Յովհան Իմաստասէրի մատենագրութիւնք (ընդդէմ Պաւղիկեանց եւ Երեւութականաց ճառեր) Վենետիկ 1833:

[6]            Յանէս եւ Յամրէս աղանդաւորներ են, որոց կ’ընծայուի գիրք մը՝ որ ամէն կրօններու դէմ կը խօսէր, եւ անոնցմէ տարօրինակ խառնուրդ մը կը վարդապետէր, եւ լի էր դիւթական արուեստի յատուկ ծանօթութիւններով:

[7]            Սա Պեպուղացւոց աղանդէն առնուած է, եւ հաւանաբար Յովհան Օձնեցի սխալմամբ Պաւղիկեանց վերագրած է:

[8]            Աւասիկ Օձնեցւոյն բուն խօսքերն. «Այլ եւ խորամանկեալ գտին չարութեան իւրեանց զէն՝ խողխողիչք քրիստոսասիրաց անձանց, դաշնակից լինելով բռնակալաց… եւ ի հմտութիւնն ածեալ նոցուն ստուերագիր առասպելապատում մատենիցն զհամբակացն իւրեանց խմբաւորութիւն»։

[9]            «Ուսումնասիրութիւն Մանիքէա-Պաւղիկեան Թոնտրակեցիներու աղանդին», էջ 55: Վենետիկ 1893: