Այլասիրութիւն եւ Եսասիրութիւն. LʼAltruisme & LʼEgoisme

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Մարդուն, ինչպէս բոլոր կենդանիներուն, մէջ ընկերականութեան եւ այլասիրութեան պէտքը բնական (naturel) եւ հետեւաբար անոնց գոյութեան ալ օրինական (légitime) ըլլալուն այս բազմակողմանի ապացուցումին զուգահեռօրէն կարելի է հաստատել, շատ մանրամասնութեամբ նաեւ, բնականութիւնը եւ հետեւաբար օրինակութիւնը եսասիրութեան։ Ի հարկէ պահպանման (preservation) օրէնքին ա՛յս փուլին (phase) ուսումնասիրութիւնը աւելի հեշտ է. մարդիկ պարագաներու բերմամբ իսկ շատ աւելի մեծ դիւրութիւններ ունին անոր գոյութիւնը ըմբռնելու եւ, թէեւ, բաղդատաբար, նուազ անկեղծ են ատ մասին խոստովանութիւններ ընելու համար, բայց չեն կրցած եւ չեն կրնար ո՛չ մէկ պարագայի մէջ ուրանալ ինքնապահպանման այն գուրգուրանքոտ սէրը զոր մեզմէ իւրաքանչիւրը կը զգայ իր մէջ։

Յետոյ, եսասիրութիւնը իր այն չչափազանցուած եւ չաղաւաղուած եւ եսամոլութեան հետ չշփոթուած վիճակին մէջ, այնքան բնական է որ իր արտայայտութիւնները շատ աչքառու եւ ուշագրաւ են եւ աւելորդ պիտի ըլլար գիտական եւ կենդանաբանական աղբիւրներու դիմել փաստերու տարափ մը տեղացնելու համար այստեղ։ Եւ ճիշտ ա՛տ է պատճառը որուն համար եսասիրութեա՛ն ալ բնական եւ օրինական զգացում մը ըլլալը ապացուցանելու խնդրին վրայ չպիտի ծանրանամ այնքան որքան այդ բանը ընելու պէտքը զգացի այլասիրութեան համար։

Այլասիրութեան համար, տուած ամէն մէկ փաստս եւ ամէն մէը օրինակս կը հաստատեն նաեւ միաժամանակ եսասիրութեան ալ բնականութիւնը։ Մրջիւնները որոնք հարիւրներով, հազարներով միասին կ’ապրին, այդպէ´ս կ’ընեն որովհետեւ համոզուած են թէ եթէ անջատ անջատ զատւած կեանք վարեն շատ աւելի շուտ վերջ կը գտնէ իրենցմէ իւրաքանչիւրին կեանքը։

Եւ արդէն եսասիրութիւնը, ինքնապահպանումը (selfpreservation) քիչ մը մօտէն հետախուզելով մենք շուտով կը տեսնենք թէ ան, ինքնըստինքեան, կը կազմէ կարեւոր, շատ կենսական մէկ ազդակը այլասիրութեան եւ տեսակի պահպանման։

Ուրեմն, թէեւ նրբին է հարցը, բայց միեւնոյն ժամանակ բաւական մը դիւրահասկանալի երբ ըսեմ թէ շաատ սրատես քննադատի մը համար երկու զգացումները այլասիրութիւն եւ եսասիրութիւն կոչուած՝ իրար ամբողջացնելու, յաճախ մինչիւ անգամ կը նոյնանան։

Հապա´, ինչպէս կարելի պիտի ըլլար պահպանել ամբմղջ տեսակը եւ ինչպէս կարելի պիտի ըլլար սիրել ու պաշտպանել ուրիշին գոյութիւնը առանց անհատին, ինք իր անձին պահպանումը ու գոյութիւնը սիրելու եւ պաշտպանելու։ Ատանկ ենթադրութիւն մը absurde է եւ ահաւոր իմաստակութեան մը պիտի առաջնորդէր տրամաբանողը, որովհետեւ տեսակը անհատներէ բաղկացած ըլլալով, իւրաքանչիւր անհատ ստիպուած է որոշ չափով խորհիլ ինքզինքին եւ ըլլալ եսասէր ամբողջին պահպանումը ապահովելու համար։

Շատ, շա˜տ սխալ է Բիյօնի տուած մեկնութիւնը եսասիրութեան մասին, այսինքն. Chacun pour soi est la maxime de l’Egoisme, Եսասիրութեան օրէնքն է իւրաքանչիւր ոք ինքզինքին համար։ Բիյօնը, ահաւասիկ ինքն ալ շփոթեր է եսասիրութիւնը՝ եսամոլութեան հետ։ Եսասիրութիւնը, իր բնական վիճակին մէջ չի վնասեր այլասիրութեան եւ հետեւաբար եսասէր մը չըսեր երբեք. Ինչպէս կը կարծէ Բիյօն, «ես՝ միայն ինծի համար»։ Ատիկա եսամոլին օրէնքն է։

Ի հարկէ, ինչպէս շատ լաւ դիտել տուած է Լա Ռօշֆուքօ, եսասիրութեան այս զգացումը այնքան բնական եւ օրինական հակամիտութիւն մը ըլլալուն հետ միասին, վերջին աստիճան ալ «տիրապետող» (envahissant) է, իր բառով, եւ կը ձգտի ոմանց մէջ «բոլոր գործունէութեանց հիմքը կազմել»։ նոյն բանն է նաեւ այլասիրութիւնը, կ’աւելցնեմ ես։ Երկուքն ալ, այլասիրութիւն եւ եսասիրութիւն, իրենց իսկութեամբ, իրենց caractére―ով այնքան դիւրաշարժ զգացումներ են որ շատ շատ են մարդերը որոնք չկրնալով պահել իրենց հաւասարակշռութիւնը այդ երկուքին մէջ, կ’երթան մէկին կամ միւսին մինչեւ ծայրը։

Բարիզօ, տարբեր ասացուածքով մը ուզած է կրկնել եսասիրութեա´ն ալ բնական զգացում մը ըլլալու ճշմարտութիւնը։ «Եսասիրութիւնը ըսած է Բարիզօ, իրեն թշնամի ունի Տիեզերքի բոլոր Եսասիրութիւնները» «LʼEgoisme a pour eunemis tous les egoisms de lʼUnivers»։ Քննելով այս խօսքը պիտի տեսնուէր որ անոր իրական նշանակութիւնը շուտով դուրս պիտի ցայտէր այսինքն թէ Տիեզերքի մէջ ամէն ոք ունի իր եսասիրութիւնը, ուրեմն՝ կը հետեւցնեմ ես եսասիրութիւնը տիեզերական զգացում մը է, ուրեմն անիկա բնակա´ն ալ է եւ հետեւաբար նաեւ օրինական։

Անգամ մըն ալ ապացուցի, եւ ահա կ’անցնիմ ուսումնասիրութեանս վերջին եւ կարեւորագոյն մասին, քննելու համար այն դէրը զոր այլասիրութիւն եւ եսասիրութիւն խաղացած են կամ կոչուած են խաղալ մարդկութեան ընկերական կեանքին մէջ։