ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ
ԵՎ
ԲՆԱԳՐԱՅԻՆ
ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ
1.
ԳԻՇԵՐ
Խաղաղական
ժամ
պարապոյ
էր
անդոյր,
Եւ
տիեզերք
պատեալ
ի
քօղ
սեւաթոյր.
Բնութիւնն
համայն
անկեալ
ի
խոր
ի
թըմբիր,
Վաստակաբեկ
յանգչէր
ի
քուն
եւ
երկիր.
Համատարած
սեւադէմ
մութն
ահաւոր
Բազմէր
իշխան
յաղջամըղջին
յիւր
աթոռ,
Խեռայր
ընդ
լոյս
եւ
ընդ
արփին
լուսավառ,
Կամէր
զ'ի
սպառ
լիցի
երկիր
իւր
աւար։
Մակաղէին
խաշինք
յարօտն
ի
դալար,
Եւ
օդականք
առեալ
ի
յոստըս
դադար.
Լըքեալ
լերինք,
լըքեալ
եւ
դաշտք
ամայի,
Միայնութիւն
միայն
բնակէր
ի
յերկրի.
Փունջք
խուռներամ
ծաղկան
վարդից
կոտորակ,
Մարգարտաշար
լըցեալ
շաղով
կենսունակ,
Ի
սիւք
հեզիկ
ծածանէին
վէտ
ի
վէտ,
Բուրումն
անոյշ
ծաւալանայր
խնկաւէտ։
Գիշերախօս
անդուստ
եւ
այն
երգեցիկ
Եղանակէր
գեղգեղ
ի
յիւր
դայլայլիկ.
Նա
միայնակ
արարածոց
յանդիման
Ի
լըռութեան
ժամու
կացեալ
մեզ
թարգման,
0րհնաբանեալ
Հաստչին
ըզվեհ
սքանչելիս,
Յերկինս
նըմա
վերառաքէր
դըրուատիս.
Ո՜վ
նազելի
թըռչնիկ,
ճարտա՛ր
երաժիշտ,
Քոյդ
երգ
սիրոյ
դիւրիչ
ոգւոյ
բազմավիշտ.
Ո՜վ
ամոքիչ
սըրտից
զեփի՛ւռ
ըղձական,
Մինչդեռ
զերկիր
պատեալ
է
քօղ
տըխրական,
Եւ
բընութիւն
համայն
սքօղեալ
ի
մըթար,
Ո՜հ,
դուք
միայն,
դուք
աշխարհիս
մըխիթար։
Սակայն
երկին
շողայր
վըսեմ
վառ
ի
վառ,
Ջահազգեստեալ
եթերաճեմն
էր
կամար.
Արծաթափայլ
դըշխոյն
ի
գահ
բոցակէզ
Ճեմէր
դաշտին
լայնածաւալ
յասպարէզ.
Անդ
պաղպաջուն
հոյլք
գնդից
շուրջ
պարաւոր
Բոլորելով
ակումբ
ի
կարգ
գեղաւոր,
Ոսկեճաճանչ
ակնապարար
ի
զարդու
Պատուասիրեն
ըզնա
շըքեղ
ի
սպասու.
Ո՜հ,
երկնաճեմ
աստղո՛ւնք
ի
փայլ
լուսազգեաց,
Դուք
ճառագա՛յթք
աստուածային
վեհ
փառաց,
Մինչդեռ
ի
խոր
նընջեն
ի
քուն
տիեզերք,
Լուռ
են
երկինք
երկիր
եւ
ծով
եւ
այերք,
Դուք
ի
գովեստ
անցեալ
վեհին
ի
հանդէս,
Կապուտագեղ
ընդ
սըրարշաւն
ասպարէզ,
Մըշտամըրմունջ
երկնից
քընա՛րք
բազմաղեայ,
Երգաբանէք
զարքայն
յաւէժ
Ոլիմպեայ.
Ո՜հ,
ես
ի
թաւ
յայս
դարեւանդ
հովասուն,
Ուր
ի
ծործորս
խաղայ
վըտակ
կարկաջուն,
Ուր
ի
համբոյր
ըզծաղկանց
բոյլըս
քընքուշ,
Շուրջ
թեւածեալ
գըգուէ
զեփիւռ
փաղաքուշ,
Խորհըրդազգաց
առեալ
ըզնիստ
իմ
աստէն,
Տէր,
ամայի
կացեալ
երկրիս
համօրէն,
Ի
ձեզ,
աստղո՛ւնք,
ի
ձեզ
յառեալ
զաչս
ի
վեր,
Ի
հոգեզուարճ
թըմբիր
պըշնում
ընդ
եթեր.
Այլ
դուք
մարմի՞նք
արդեօք
իցէք
օդապարք,
Եթէ
զուարթնոց
լուսեղինաց
հուլից
պարք,
Աստղո՛ւնք,
աստղո՛ւնք,
մինչ
ի
գիշեր
զովագին
Նըշոյլք
ի
ձէնջ
կաթեն
ի
շաղ
ցօղագին,
Յարշաւասոյր
լուսաշաւիղ
ձեր
ի
ճեմ
Ի
ձեզ
զանմահ
ծընունդս
երկրի
նկատեմ.
Ո՜վ
իմ
Հայոց
չըքնաղ
երկիր
դրախտավայր,
Տես
զի՛
որդւոցըդ
դիւցազանց
վեհից
պար
Երկնապարիկ
յեթերս
աստեղք
բազմահոյլ,
Ոսկեծըղի
փայլեն
յաւէժ
ի
նըշոյլ։
2.
ՅԵՏԻՆ
ՀԱՌԱՋՆԵՐ
Ինչպէս
մէկն
օրհասական
ցաւերուն
իր
անկողինէն
Կը
թըռցնէ
վերջին
ողջոյնն
ու
կարօտներն
արեւոյն
լոյսին,
Ծովուն,
արօտներուն,
դաշտավայրին
եւ
հովերին,
Անդունդներու
ըստուերներուն
ու
վտակին
զովութեան
Զարթով,
գեղով,
դաշնակութեամբ
խայտուն
ամէն
բաներուն
Փայլող,
հնչող
ու
նըուագող
խնդացող
բաներուն
Նման
անոր
իմ
ալ
ողջոյն
ու
կարօտանին
հըրատոչոր
Կը
սլանան
դէպ
քեզ,
ով
կոյս,
թոյլ
տուր
ինձ
վերջին
անգամ
Նայիլ
քեզի
պչնուլ
դէմքիդ,
լողալ
լոյսին
մէջ
աչքերուդ,
Խոպոպներուդ
մէջ
ծածանիլ,
նման
անոնց
այտերդ
ի
վար,
Եւ
հեռանալ
վերջն,
սրտակըտուր
զատուիլ
քեզմէ
Ոտներուդ
տակ
լքելով
պսակն
ալ
իմ
երջանկութեան
Ընդունեցի
զոր
ես
քնքուշ
քո
ձեռքերէդ
ու
գորովեդ
Զոր
պահեցի
սրտիս
կրակով,
աչքիս
ցօղովն
ոռոգեցի
Եւ
որ
հիմա
թափո՜ւր
գեղէն,
լուսափթիթ
իր
թերթերէն
Առ
սա
քուկդ
էր
ընծան։
Տես
ինծի
տուածդ
է
անիկա։
Կը
հեռանամ
քեզմէ,
ու
դուն
զիս
տուր
նայուածքդ
յուղարկ,
Տեսնել
թէ
ուր
ան
կը
դիմէ,
որբ
ու
պանդուխտ
ու
դալկահար՝
Կ'երթամ
քենէ,
ու
դուն
գլուխդ
աղաւնակերպ
շարժելով
Չես
արձակեր
իմ
ետեւէս
վուվուտ
«թէ
ո՜ւր՝
ով
թշուառիկ
-
-
-
-
-
-
-
-
-
-
-
-
-
-
-
--
-
-
-
-
-
-
-
Լսի,
Հրանոյշ,
բարձր
ամպեր,
խաւար
թեւով
սեւ
ճիւաղներ
Պարսպեցին
շուրջը
լուսնին,
ու
լուռութիւնն
աներերուն
Տուաւ
տեղի
հոծ
խաւերին.
հողապատեան
կայանս
էր
ցուրտ
Ու
թօթուելով
հողը
շիրմիս,
եկայ
փնտռել
քեզ,
Հրանոյշ
Զի
ոչ
մահուան
երեսը
ժանտ,
ոչ
գերեզմանն
անդնդափոս
Քեզ
չկրցան
կորզել
երբեք,
տաքուկ
գրկէն
իմ
հոգիին
…
Յաւիտենեան
խորքերն
իսկ
ոչ
զիս
զատեցին
երբէք
քեզմէ։
Թռաւ
արեւն
իմ
օրերուս,
զարնուած
ինկայ
երիտասարդ։
Այլ
ունէի
պինդ
սիրտ,
հոն
հետս
էր
քու
սէրդ
երբ
իջուցին
Զիս
մութ
աշխարհն
ըստուերներու,
մոռացութեան
աղջամուղջի,
Լսէ
Հրանոյշ.
ինչո՞ւ
չէս
տար
նուազ
ձայնին
իմ
պատասխան,
Կենդանի
չեմ։
Ինչո՞ւ
փակել
աչքերդ
զիս
չտեսնելու.
Կենդանի
չեմ։
Ինչո՞ւ
խոժոռ
կը
դարձընես
դէմքդ
անդին
Չեմ
եկեր
գիշերազբոս
ձեր
գգուանքին
դնել
կրճիմ
Ոչ
ալ
համայն
զօրութեամբը
մեռելութեան
եւ
դամբանին
Ամբաւութեան
փոխած
սիրոյս՝
քենէ
քու
սէրը
պահանջել,
Ինչ
որ
ողջոյս
զլացար
ինձ,
շնորհե՞ս
պիտի
իմ
մեռելիս
Լսի՛
Հրանոյշ,
կուգամ
հարցնել,
«Այլ
գո՞հ
ես
դու
եւ
երջանիկ,
Բոցատերեւ
եռանդն
ու
խանդ
զիս
կը
ծաղրէ՞ն
տակն
ոտներուդ,
Խնծիղ,
զըուարդութիւն
փայլատակե՞ն
դեռ,
քո
դէմքին
Ինձ
դիպելէ
զերծ
քու
աչքեր
կը
շողշողա՞ն
աւելի
ջինջ.
Տերեւիկն
որը
չորաբեկ
յիշատակիս
քու
սրտիկէդ
Վանեցիր
դուն
որպէսզի
մուտք
տաս
անարգել
ու
ընդարձակ
Նոր
իղձերու
որոնք
քեզ
եկան
ճամբաներէն
գերեզմանիս
…
Անհամբեր
ցատկեցիր
դուն
անկէ
վազել
ծոցն
ուրիշին
Ու
կենդանի
մոռցար
դուն
զայն
որ
մահուան
մէջ
իսկ
կը
յիշէ
քեզ։
Այո՛,
Հրանոյշ,
քեզ
կը
յիշեմ,
հոգիս
սիրովդ
է
խարոյկուած,
Սէրդ
պատեց
զայն
թեւերուն
անմահութեան
իր
<ներքոյ>
…
Զի
ծանրորդեր
մշտատոչոր
բոցին
ահեղ
բռնութենէն.
Արագագոյն
աստղերն
քան
ու
սայլը
քան
հրաշէկ
գընդին,
Ան
կարշաւէ
անոլորտ
ասպարեզէն
տիեզերքին
Իր
սլացքին
մէջ
աւելի
բոց
այն
վառուած
կը
բորբոքի.
Այո՜
Հրանոյշ,
քեզ
կը
յիշեմ
ու
հետը
մօրս
ուրուականին
Կը
խօսիմ
միշտ
քու
վրայով,
կըսեմ
իրեն
ասոնք
ամէնն
«Ներէ
ինձ,
մայր,
որ
որբացած
քեզմէ
կըրցայ
ես
դեռ
ապրել
Բայց
գերեզման
ինկաւ
արեւս
երբ
մնացի
որբ
ես
իրմէ
…
Սքանչելի,
կոյսն
այն
էր,
մա՜յր,
«քան
զամէնայն
սքանչելիս»
…
Ինչ
որ
երկինք
ու
բնութիւն
ունին
զարդեր
ու
լոյս
ու
գեղ,
Ամփոփ
կային
բիբքն
դէմքին,
կը
ցոլային
անկէ
ինծի,
Մազն
ու
շրթներն
ունէին
մեղր
սրտի
բոլոր
խոց
ու
վերքերուն.
Կարծես
թէ
մայր,
հանդերձ
ինձմէ
հրաժեշտի
քու
վայրկենին
Դու
խնդրեցիր
երկինքէն
ղրկել
ինծի
Տարփելի
ու
գգուելի
ու
մանկագոյն
սա
զուարթունն
Որ
ըլլար
փոխան
քրոջ,
փոխան
մօրկանս
ու
սփոփանքի
…
Սիրոյ
հրեշտակ
ես
կարծեցի,
մա՜յր,
հրեշտակ
էր
ան
մահուն։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
***
ՄԿՐՏԻՉ
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆԻ
ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐԸ
ԱՐՇԱԿ
ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ
ՓԱՐԻԶ
1904
Գ(1904)
ՄԱՆԿԱՆ
ԿՈՂՄԷՆ
ԱՌ
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒՀԻՆ
Տէրը,
բարիքներու
յորդ
աղբիւր,
իր
անբաւ
գորովը,
իմ
դեռաբոյս
կեանքիս
հայրաբար
գութ
ունեցաւ։
Ո՜վ
առատ
պարգեւում.
մանկութիւնս
հովանաւորելու
համար,
ան
ինծի
շնորհեց
երկու
պահապան
հրեշտակ։
Տալով
ինծի
հրեշտականման
Իսկուհին
իբր
մայր։
Ինչպէս
զով
հեզիկ
ցօղը՝
փափկիկ
դալարիքին,
Այնպէս
ալ
էնոր
գութն
ու
խնամքը
ինծի
համար
կեանք
են
անուշիկ։
Դուն
ալ,
ո՜վ
անմահ
Ստեղծող,
Հոսեցո՛ւր
քու
շնորհներուդ
քաղցրաբուխ
ցողը
էնոր
վեհ
գլխուն
վրայ։
ՅԻՍՈՒՍԻ
ՄԱՀԸ
Անմեղ
Յիսուսը
բարձրացած
կը
կենար
իր
փրկական
խաչին
վրայ,
գեղեցիկ
մարմինը
բոսորատիպ
արիւնի
մէջ
թաթխուած.
բայց
այն
չարալլուկ
տագնապին
մէջ
արտասուաթոր
աչքերը
վեր
վերցուցած՝
տիրոջը
կ՚աղերսէր.
«Հայր,
ներէ՛
ատոնց»։
Ընդհուպ
տարրերն
անոր
մօտալուտ
դառն
մահը
գուժեցին.
երկիրը
թնդաց,
որոտընդոստ
ահագին
ձայն
արձակեց.
լեռներն
իրենց
հիմէն
դղրդեցան,
հրացայտ
շանթեր
տեղալով,
ու
սպառնալով
աշխարհաւեր
անդարման
կորուստ
բերել
երկրին։
Ինչո՞ւ,
ո՜վ
մահկանացուներ,
երկիւղով
սասանած,
մտքերնիդ
ալեկոծ,
պէսպէս
մռայլ
մտածմանց
մէջ
կը
ծփաք.
ո՞ւր
կը
փախչիք
տագնապագին՝
ձեզի
ապահով
հանգստարան
մը
փնտռելու.
ահա
Աստուած
մահուան
դեւին
չարաչար
յաղթել
կը
պատրաստուի.
բարձրեալ
Հօր
ձեռքերուն
մէջ
հազիւ
թէ
աւանդեց
իր
սուրբ
հոգին,
«Մահը
կորաւ,
Ադամ
փրկուեցաւ»
գոչեց
հրեշտակը
վերէն։
Գ(1904)
Վ.
Հ.
ԳԷՈՐԳ
ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
ՈՒԽՏԻՆ
ԱԲԲԱՀԱՅՐԸՆՏՐՈՒԵԼՈՒՆ
ԱՌԹԻՒ
ԵՐԳ
Ո՜վ
Հայրենիք,
ոսկի
քնարի
վրայ
ուրախութեան
երգ
հնչեցո՛ւր,
եւ
դուք,
պերճ
դիւցազներու
զաւակնե՛ր,
ելէ՛ք
աղւոր
պար
բռնեցէ՛ք.
անմահ
ոգի
մը
այսօր
երկրի
վրայ
աւետող
ձայն
մը
բարձրացուց
եւ
տրտմութեան
խաւարազգեստ
քօղը
փարատեց
մեր
դէմքերէն.
խաղաղաբեր
թեւաւոր
զեփիւռը
որ
քաղցրօրէն
կը
շնչէ
հոս,
եւ
գարնան
նորեկ
թռչուններուն
հեշտ
դայլայլները
ցանկալիին
շքեղ
փառքին
աւետիսը
կը
փողեն
մեզի.
օ՜ն,
ցնծութեան
նուագներ
հնչեցնելով
այս
հանդէսին
մէջ
պար
բռնեցէ՛ք,
ելի՛ր
դուն
ալ,
անմահ
Մուսա՛,
երգէ՜
թէ
ի՞նչպէս
Հայաստանի
Ոգին,
որ
սուգի
մէջ
նստած
դառն
արտասուք
կը
ցօղէր,
Գէորգի
փառքն
ու
պերճ
համբաւը
լսելով՝
աղեխորով
սուգը
մէկդի
նետեց
ու
զուարթ
ոտքի
կանգնեցաւ։
Արարատ
լերան
դիմացը
կայ
լայնաձիգ
դաշտավայր
մը,
գեղազըւարճ
դիրքի
մը
վրայ
նստած,
բոյսերով
ու
դալարիքով
ծաղկած.
սրընթաց
Երասխը
մանուածաւալ
պտոյտ
կուգայ
հոն,
ու
անոր
գեղապանծ
ափերը
բազմաբուրեան
ծաղիկներով
կը
պճնուին.
այն
դաշտին
մէջտեղը
անտառ
մը
կայ
լայնատարած,
ուր
թաւոստեան
տխուր
նոճիներ
երկայնաձիգ
շարքով
մը
կը
ցցուին.
ամբարձուղէշ
յաղթ
եղեւինը,
հողին
մէջ
խոր
հաստատուած,
զուարթարար
հեզիկ
սիւքով՝
ախորժ
հովանի
կը
ձգէ.
եւ
քաղցրաշունչ
զեփիւռը,
հոն
միշտ
հնչելով,
վարսագեղ
ծառերուն
տերեւները
մեղմ
մրմունջով
մը
կը
շարժէ.
համատարած
խոր
լռութիւն
մը
եւ
ահեղ
ու
նսեմ
մթութիւն
մը
կը
տիրեն
այն
վսեմ
տեղը՝
տխուր
միայնութեան
մը
մէջ.
եւ
հոյակապ
պերճ
մահարձանները,
մեծասքանչ
շիրիմներու
կոթողներ,
հոս
ու
հոն
ցիրուցան՝
կիսականգուն
կը
կենան
վեհապանծ
տեսքով
մը.
հոն,
մեր
դիւցազները
որ
ատենով
քաջութեան
հանդիսավայրին
մէջ՝
ահեղասաստ
կռիւով
գուպարայաղթ
ասպարէզ
կազմած,
գոռ
հերոսներ՝
թագաւորներու
հետ
ահեղ
պայքարի
մտած,
յաղթանակի
պսակը
գլուխնին
կը
բոլորէին
գերափառ,
եւ
մեծաշուք
փառքով
տիրելով
աշխարհակալ
աթոռներու,
զէնքերու
որոտընդոստ
խօշիւնովը
երկիրը
հիմէն
կը
սարսէին,
եւ
որոնք
երբեմն
իրենց
ձեռքին
մէջ
հզօր
մական
մ՚ունէին,
հիմա
հողին
տակ,
մահուան
սեւ
կայանին
մէջ
աճիւնացած
են.
հոն՝
կայծակները,
մարած,
այլ
եւս
չեն
ճայթիր
ռազմական
դաշտին
վրայ.
արքունական
թագերը
փոշիի
մէջ
ինկած
կը
պառկին,
ու
անոնց
պերճ
համբաւը,
աւա՜ղ,
մութ
գիշերի
մէջ
ծածկուած
է.
ոչ
ոք
կուգայ
այն
շիրիմներուն
տխուր
արցունք
մը
նուիրել.
եւ
Հայաստան,
անփառունակ,
իր
քաջազն
որդիներէն
զրկուած,
անկարեկիր
կը
մնայ
այդ
տեսարանին
եւ
անփոյթ։
Բայց
այդ
նոճիներուն
մէջ,
մինաւորիկ.
Հայաստանի
վեհ
Ոգին
թափառական
կը
շրջէր,
թաղծագին
սուգի
մէջ
ընկղմած.
մերթ
ալ,
նստած
հոն
ուր
Երասխը
իր
պղտոր
ալիքները
կը
թափէ,
ձեռքը
ծնօտին,
եղերական
արցունքներ
կը
հոսեցնէր,
ու
Թորգոմի
նախկին
փառքը
աչքին
առջեւ
բերելով՝
անոր
այժմեան
աշխարհաւեր
անդարման
կորուստը
կ՚ողբար.
մերթ,
անտառին
շիրիմներուն
դիմացը
կը
նստէր
տրտում
տխուր,
եւ
իր
աղիողորմ
ողբերուն
ձայնէն
այդ
ամբողջ
լուռ
տեղը
կը
հնչէր։
«Աւա՜ղ,
կը
գոչէր,
իմ
երկիրս
կորսնցուց
իր
կենդանարար
արեւը,
եւ
սեւամաղձ
մութ
խաւար
մը
զանի
պատեց
մշտապէս։
Ա՜հ,
դո՛ւն,
Արա՛մ,
ծանրակիր
շղթաներու
տակ
կը
հեծես
անմռունչ.
ո՞ր
անգութ
ձեռքը
քու
գլխէդ
շքեղ
զարդերուն
փունջը
կապտեց.
քու
աղւոր
մազերդ
ու
վայելուչ
երեսդ
այժմ
արիւնի
կայլակներու
մէջ
ինկած
թաթխուած
կը
տեսնեմ.
կ՚ողբամ
քեզ,
Հայոց
աշխա՛րհ,
քեզ
կ՚ողբամ
դառն
կոծով.
վա՜յ
ու
ափսո՜ս
քեզի,
ո՜վ
թշուառ,
աւա՜ղ
անցած
փառքերուդ.
ո՞ւր
են
գեղապաճոյճ
հանդէսներու
մէջ
երեւցող
քու
վեհափառ
թագաւորներդ,
եւ
քաջերու
վաշտերուն
փաղանգը
փառքի
ասպարէզին
մէջ
զինավառ.
այստեղ
գոռոզ
Նեբրովդ
Բէլը
Հայկայ
գրկալիր
լայնալիճ
աղեղէն
դիաթաւալ
գետինը
ինկաւ.
անդին,
քաջակորով
Արամը,
պատերազմի
մէջ
գոռ
դիւցազն,
ժանտաժուտ
Նիւքարը
օդին
մէջ
կը
կախէ՝
բովանդակ
աշխարհի
առջեւ
խայտառակելով
զայն.
ահա
դիւցանման
Տիգրա՛նը,
դժնդակ
մարտին
մէջ
կը
գոռայ,
արիւնի
վտակի
մը
մէջ
Աժդահակը
կը
լոգցնէ.
ասդին,
առաքինի
Վաղարշակը,
օրէնսդիր
գերիմաստ,
իր
ցանկալի
Հայաստանը
բարեբաստիկ
դարձընել
կը
փութար.
Մեծն
Արտաշէս
սպառազինութեամբ
բովանդակ
երկիրը
ծածկելով,
տիեզերքի
դէմ
ահեղ
ճակատամարտ
մը
կը
կազմէ.
ամբողջ
աշխարհը,
սարսափահար,
աչքը
ողորմուկ
անոր
յառած,
չի
համարձակիր
անոր
դէմ
պայքարի
ելլել։
Գոռոզ
Տիգրանն
իր
յաղթական
զէնքերովն
երկրի
վրայ
շանթեր
կ՚արձակէ,
ահեղախրոխտ
սէգ
թշնամիին
փառքը
մոխիր
կը
դարձընէ.
զգօն
Աբգարը,
իր
տիրոջը
խանդակաթ
սիրովը
վառած,
հաւատքի
գեղապարոյր
պսակն
իր
գլուխը
կապեց.
հոս,
Տրդատը
հսկայազօր,
երագաթեւ
ընթացքով,
ազգեր
կը
կոխոտէր,
ու
իր
քայլերուն
տակ
երկիրը
հիմերէն
կը
դողար,
յետոյ
Խաչին
զէնքովն
ամրացած՝
անդունդին
դէմ
կռուի
ելլելով,
չարադիւթ
դեւերու
խումբը
դժոխքի
վիհը
գլորեց.
դուն,
քա՛ջ
Վարդան,
պսակաւոր
առաքինի
նահատակ,
դիւամոլներուն
դէմ
քու
աշխարհդ
բանակի
վերածեցիր.
խաւարաբորբ
Սանդարամետը
իր
խորքերէն
հուր
ժայթքեց,
բայց
քու
բոսորաբուխ
արիւնովդ
այդ
կրակին
կիզիչ
բոցը
մարեցիր.
օ՜ն,
արթնցէք,
ո՜վ
Արամեան
պերճ
դիւցազներ
քաջայաղթ,
արթնցէ՛ք,
տեսե՛ք
աւաղելի
Թորգոմի
նկուն
բաղդը.
մարեցաւ
անոր
փառքին
աստղը
որ
լուսափայլ
կը
շողշողէր,
եւ
այժմ
ողորմուկ
սգաւոր
նստած
է՝
նսեմաստուեր
գիշերի
մէջ.
այն
որ
երբեմն
վայելչագեղ
իր
շքեղութեամբը
կը
պճնուէր
մերկ
եւ
թափուր՝
անդնդախոր
վիհի
մը
մէջ
գահավիժեցաւ.
այն
որ
երբեմն,
գոռոզ
իշխան,
մեծափարթամ
կը
սիգար,
իր
մեծաշուք
փառքէն
կապտուած՝
տնանկ
է
այժմ
ու
տկար.
ափսո՜ս
անոր,
որ
ցանկալի
հայրենի
երկիրը
լքած,
խուժդուժ
ազգերու
հետ
կ՚ապրի,
վայրենի
օտար
աշխարհներու
մէջ.
վա՜յ
թշուառին,
որ
հայրենական
կենսաձիր
արեւէն
զրկուած,
անծանօթ
տարադէմ
գաւառներու
մէջ
թափառական
կը
շրջի.
ելէ՛ք,
արթնցէ՛ք,
բայց,
ա՜խ,
անոնք
մահակիր
հողին
մէջ
պառկած
կը
մնան.
եւ
Հայաստան,
անյիշատակ,
անյարիր
քունով
մը
կը
քնանայ…»։
Այսպէս
Ոգին
լուռ
անտառին
մէջ
սովոր
էր
ամէն
օր
աշխարաւոր
ողորմ
ձայնով
եղերերգել
մենաւոր.
մերթ
այս
մերթ
այն
շիրմին
վրայ
աղի
արցունք
ձօնելով,
նազելի
գլուխը
կախած՝
անլոյս
վայրին
մէջ
կը
ճեմէր.
բայց
միշտ
հոս
հոն
կը
նայէր
տխուր
աչքերովը՝
բարիք
մը
յուսալով,
թէ
արդեօք
աճիւնացած
ոսկորներէն
կենսաձիր
լոյս
մը
կը
ծագի՞.
եւ
ահա
արեւանման
վեհ
Մխիթարը
երկրի
վրայ
ծագեցաւ
լուսագեղ.
ուրախացաւ
Ոգին,
եւ
բերկրաձայն
գեղգեղով
զայն
երգեց.
տեսաւ
անոր
որդիները,
պայծառափայլ
ճաճանչով
աստղեր,
Թորգոմայ
աշխարհին
վրայ
զուարթ
գեղապանծ
լոյսով
մը
ծագած.
բայց
հոս,
մինչդեռ
խաւարեցաւ
արեւուն
շողը,
տխրական
սեւագոյն
մութ
հանդերձով
մը
ծածկուեցաւ,
ողբաց
զայն,
ցաւով
ողբաց
հօրմէն
որբացած
անտերունչ
ազգը,
եւ
բովանդակ
անտառն
իր
լացին
մրմունջովն
ամէն
օր
կը
լեցնէր։
Բայց,
ո՜հ,
ուսկից
յանկարծ
քաղցրանուագ
քնարներ
կը
հնչեն
օրհնաբան.
ո՞ւր
կը
դիմէ
բերկրութեամբ
բազմամբոխ
պարը
ժողովուրդներուն.
ահա՛
աստուածաբնակ
տաճարը
գեղապանծ
զարդերով
պճնուած.
լուսալիր
աստղեր
հոն
կը
փայլին
պայծառագեղ
ցոլմունքներով.
քահանաներու
լուսերամ
դասը,
շուրջը
պար
բռնած
երգելով,
վեհին
մեծաշուք
հանդէսը
գեղեցիկ
կարգով
կը
կազմեն.
տեսէ՛ք,
եկաւ
իր
փառքին
մէջ
մտաւ
հանճարեղ
առաքինին,
հեզահամբոյր
կերպարանքով
ու
փառահեղ
տեսքով,
աստուածարեալ
ձեռքին
մէջ
շնորհազարդ
գաւազանը
բռնած,
վսեմ
ու
մեղմընթաց
քայլով
սրբազան
բեմին
մօտեցաւ
խոհական
գլխուն
վրայ
գեղապաճոյճ
վեհ
թագը
դնելով,
պսակաւոր
կանգնեցաւ՝
ինչպէս
յաղթող
դիւցազն
մը.
եւ
ահա
փողերը,
վինն
ու
տաւիղը
դաշնակաւոր
ամբաւ
երգով
մը
անոր
չքնաղ
անունը
կը
հնչեցնեն
ու
կը
համբաւեն։
«Ապրի՛ս»,
կը
գոչեն
միաբարբառ
բոլոր
ազգերը.
«յաւիտեան
ապրի՛ս,
եւ
ընդունէ՛
Հօրմէն
մեծաձիր
պարգեւներ.
տարաբախտ
Հայկին
մեծայոյս
ակնկալի՛քը
եւ
անոր
մատաղերամ
որդիներուն
խրախոյսը
պիտի
ըլլաս
դուն»։
Այս
բերկրանքի
նուագը
լսեց
Ոգին,
ու
իսկոյն
ոտքի
կանգնեցաւ,
առաքինւոյն
ակնկառոյց՝
ըսաւ
անոր.
«Բարով
եկար,
ինծի
զուարթարար
է
քու
գալուստդ,
ո՛վ
Թորգոմայ
փառքին
պսակ.
ո՛րքան
արդեօք
բերկրալիր
խինդ
պիտի
աւելցնես
դուն
անոր»։
Ինչպէս
երբ
գորովաղէտ
մայրը,
թախանձագին
կողկողելով,
մարդախանձ
գայլին
ժանիքներուն
մէջ
անշնչացած
իր
որդեակը
կ՚ողբայ,
եթէ
յանկարծ
անոր
ականջին
աւետիսի
ուրախ
ձայն
մը
հնչէ
եւ
իր
մատաղ
մանուկը
աչքին
դիմացը
տեսնէ,
հոգին
բերկրապատար
հրճուանքով
լեցուած՝
մահաբեր
կոծը
կը
վանէ
եւ
ցաւերն
ու
վշտըմբեր
տաղտուկը
կը
մոռնայ,
այսպէս
Ոգին,
տեսնելով
վեհը,
անմահ
ճակտին
շուքը
գեղեցկութեամբ
փայլեցաւ՝
ինչպէս
արեւը
որ
թուխ
ամպերէն
կը
մերկանայ.
իսկոյն
թաւ
անտառին
մէջ
փայլակնացայտ
լոյս
մը
ծագեցաւ,
եւ
բարեբաստ
Յոյսը
երկնքէն
աշխարհի
վրայ
իջաւ.
այն
ատեն
վեհն
ալ
ձայնեց.
«Հեռու
գացէ՛ք,
ո՜վ
վայրենի
ատելութիւն
ու
նախանձ.
իսկ
դուն
յաւիտեան
պիտի
ապրի՛ս,
ո՜վ
իմ
չքնաղ
հայրենիքս.
որքան
ատեն
կեանքի
քաղցրաշունչ
կենդանարար
օդը
շնչեմ,
դուն
երբէք
տարաբախտ
ու
անտէրունջ
լքուած
պիտի
չմնաս.
այս
անսուտ
երդումն
ինձմէ
նուէր
ընդունէ՛
ուրեմն»։
Ըսաւ,
ու
ազգին
սիրովը՝
աղիքը
սաստիկ
գորովեցաւ։
Վեհին
այս
խօսքերը,
ո՜վ
քաղցրաշունչ
զեփիւռներ,
տարէք
Ոգիին,
եւ
թող
անոր
կարեվէր
սրտին
վրայ
զովագին
ցօղ
մը
տեղայ,
բազմերանգ
թռչուններ,
այս
խօսքերը
գեղգեղելով
եղանակեցէ՛ք.
արձագանքը
թող
յաւիտեան
այս
աւետաւոր
բառերն
հնչեցնէ։
Ոտնաթինդ
գեղապարելով
Ոգին
ցնծագին
ձայն
արձակեց.
«Մահառիթ
թմրութենէդ
ի
լոյս
արթնցիր,
Հայաստա՛ն.
այսուհետեւ
քեզ
երանի՛
մեծաբարբառ
կը
փողեմ
հիմա.
գեղազարդ
շքեղութեամբ
պճնուած՝
ելի՛ր
վեհին
ընդ
առաջ.
անշուշտ
ան
մեզի
երկնքէն
իբր
չքնաղ
պարգեւ
մը
ղրկուեցաւ.
առաքինւոյն
անմահ
գլխուն
պերճ
պսակ
մը
բոլորենք.
ո՜վ
վեհազն,
սիրտս
բազմատենչ
կարօտով
քեզի
կը
սպասէր.
բիւրաւոր
օրհնութեանց
նուագներ
պիտի
բարձրանան
յաճախ
մենէ
դուն
կայլակահոս
ալիքներու
ապաժոյժ
աղբիւրը
չորցուցիր.
Արամի
որդւոց
մութ
սրտէն
մահագոյժ
ցաւերը
հեռացան.
Հայաստանի
երկնաբնա՛կ
հոգիներ,
եւ
դուք,
ո՜վ
լուսաճեմ
հովիւվներ,
ի
տես
այս
վեհազնին
երկնքի
անմահ
գահէն
վար
իջէք.
ասի
ձեր
սրբափայլ
բարքին
տիպարն
իր
անձին
վրայ
կը
կրէ»։
Անմահները
լսեցին,
ու
թեթեւ
գարշապարով
մը
երկրի
վրայ
իջան.
փայլակնաշող
լոյս
մը
սփռեցաւ,
վայրը
լեցուց
գեղապանծ,
եւ
ոսկեթոյր
ամպեր
ծալ
ի
ծալ
ծածանեցան
բարձունքներէն.
բարձրեալ
Հայրը
Ողիմպոսէն
որոտընդոստ
հուր
տեղաց.
հոն
չորս
հրեշտակներ
լուսապարփակ
աստղերու
նման
կը
փայլին.
Մեծն
Գրիգոր,
Ներսէս,
Սահակ,
ոսկի
մականը
ձեռքերնին,
Սեբաստիոյ
պերճ
ծնունդ՝
արի
Մխիթարը.
մեծայաղթ
աջին
մէջ
լուսավառ
ջահը
բռնած,
որով
մեր
մէջէն
տգիտութեան
ահեղ
խաւարը
վանեց.
զանոնք
պարփակող
բազմագոյն
ոսկեկամար
ծիածանը
օդին
մէջ
լուսացնցուղ
պարզուեցաւ
երկնահանգէտ
կայանին
մէջ.
ինչպէս
երբ
լուսասփիւռ
արեւուն
գեղանշոյլ
շողերը
խաղաղանիստ
ովկիանոսին
կապուտագեղ
ալիքներուն
մէջ
կը
շանթեն,
քաղցրիկ
զեփիւռ
մը
չորս
կողմը
կը
թեւածէ,
լուռ
է
օդն
ու
հանդարտ,
ու
հոն
վէտ
ի
վէտ
գեղապարելով
ոսկեթոյր
ալիքները
կը
շողան,
այնպէս
կը
շողար
օդին
մէջ
տարածուած՝
հոգեղէն
դէմքն
ալ
վեհերուն,
եւ
ճաճանչաւոր
ամպին
մէջէն
բոցեղէն
ցոլմունքներ
կը
ցայտէին.
անոնք
հանդարտ
կը
քալէին,
ու
լոյսն
անոնց
առջեւէն
կը
փայլակէր,
ինչպէս
թռչուններու
հոյլեր
որ
այերին
մէջ
թեթեւ
տարմաբար
կը
թռչին.
եւ
երբ
առաքինւոյն
մօտն
եկան
ու
երեսը
նայեցան,
վեհերուն
սիրտը
խայտաց
հոգեգորով
անպայման
ուրախութեամբ.
քաղցրահամբոյր
ժպիտ
մը
անոնց
դէմքին
վրայ
փայլեցաւ,
եւ
երեսնուն
կարմրութեան
գոյնը
վայելչագեղ
շողշողաց.
վեհերը
վեհին
հետ
կ՚ոգեխառնուին
խանդաղակաթ
գորովով,
անոնց
մաքուր
անձերը
անմահական
սերտ
սիրով
կը
զեղուն,
եւ
հոն՝
համակ
ցնծութեամբ
լեցուած,
հաւատքին
հայրը՝
Գրիգոր,
արժանագով
ներբող
մ՚արտասանելու
համար
երկնաւոր
շրթները
շարժեց.
«Ողջո՛յն,
վեհա՛զն
շնորհափայլ,
չքնաղ
պարգեւ
երկնաձիր,
որ
Հայաստանի
վրայ
կը
ծագեցնես
խաւարարգել
լուսալիր
արեւ
մը,
քեզմով
հոգիս
տարփագին
կը
ցնծայ,
ո՛վ
երանութեանց
աղբիւր,
համբաւդ
բովանդակ
տիեզերքին
ի
լուր՝
համասփիւռ
պիտի
տարածուի.
Հայկայ
զարմին
շքեղ
պարծանքն
ու
գեղապանծ
պսակը
պիտի
ըլլաս
դուն,
պարծանքն
ալ
աստուածաւանդ
կրօնքին՝
իմինիս
նախանձախնդիր.
հաւատքի
լոյսը
զոր
ես
վառեցի
աշխարհիս
բերկրութիւն
բերելու
համար,
քու
շնորհիւդ
ճաճանչաւէտ
նշոյլով
պիտի
բորբոքի
վառ
ի
վառ.
Տիրոջ
աջը
վերէն
քու
վրադ
պիտի
հովանանայ,
Տարտարոսին
անդունդը՝
դղրդուած՝
հիմունքէն
պիտի
սասանի»։
Լուսազգեաց
մեծ
հայրապետը
զայս
մաղթեց
բարեփառ
վեհին.
իսկ
Ներսէսն
ալ,
ժիր
կտրիճ,
հրճուանքի
սա
խօսքերն
ըսաւ.
«Ողջո՜յն
վեհիդ,
Հոգւոյն
շնորհներովը
վայելչազարդ
յօրինուած,
դուն
պայծառագեղ
փառքի
լոյս
մը
ճառագայթեցիր
Թորգոմայ
վրայ,
որ
վիրաւոր
հոգւով,
աղեկէզ
հեծեծելով,
քուրձ
հագած
փռուեր
էր
փոշիի
մէջ
հողաթաւալ.
քեզի
միայն
ակնկառոյց,
հիմա
գլուխը
վեր
կը
վերցնէ,
ու
աչքերէն
յորդ
վազող
արցունքները
կը
սրբէ.
նորափետուր
կը
վերածնի
անոր
մեռած
յոյսը.
կը
վերածնի
նաեւ
հայրենիքը՝
աւերակներուն
մէջէն.
ան
պիտի
տեսնէ
որ՝
ընդդիմազէն
ախոյեան
հանդիսացած՝
մէկ
նայուածքովդ
միայն
աղետաբար
չարիքները
պիտի
վանես,
անոր
վաստակաբեկ
հոգին
խաղաղութեամբ
յանկուցանելու
համար՝
հզօր
աջդ
լայնատարած
անոր
հովանի
ընելով.
ու
թաղծութիւնը
եւ
մոխիրն
ու
քուրձը
իր
անձէն
մէկդի
թօթափելով՝
ցնծութեան
բերկրապատար
ձայն
մը
պիտի
արձակէ
բոլոր
ազգերուն…
իսկ
ես
քեզի
պսակ
կը
հիւսեմ»։
Աստուածարեալ
պարթեւազուն
Սահակը
սապէս
խօսեցաւ.
«Քեզմով
Թորգոմայ
խրթնացած
վայելչութիւնը
պիտի
պայծառանայ,
մատաղ
մանուկներու
հոյլերը
գերակայ
լոյսը
պիտի
տեսնեն.
վասն
զի
դուն,
քանդելով
բանտը
ուր
մնացած
են
ահեղ
ու
նսեմ
մութի
մէջ,
իմաստութեան
ծաղկափթիթ
լուսաճեմ
ուղին
պիտի
տանիս
զանոնք,
եւ
անոր
բարձրադիր
լուսաճաճանչ
տաճարին
մէջ
արագօրէն
սաւառնելով
թեւապար՝
կատարին
վրայ
պիտի
թառին.
անկից՝
մտածմանց
ու
հանճարի
ճառագայթը
փայլատակելով,
Հայկայ
աննշոյլ
երկրին
մէջ
հրացայտ
բոց
մը
պիտի
վառի.
ամպրոպայոյզ
մրրիկներն
ու
դառնաշունչ
ձմեռները
պիտի
անհետանան,
անուշահոտ
ու
յարազուարճ
նոր
գարուններ
պիտի
փթթին,
իմաստութիւնը
նորաբողբոջ
ծաղիկներու
փունջեր
պիտի
վերընձիւղէ,
թռչունները
ոստերուն
մէջ
քու
անունդ
պիտի
հնչեցնեն
իրենց
երգերուն
մրմունջովը»։
«Ո՜հ,
ո՛րքան
հոգեզուարթ
ուրախաբեր
հրճուանքներ
կը
զեղուն
իմ
մէջս,
տեսնելով
քեզ՝
անձնուէր
որդիս,
գոչեց
արի
Մխիթարը,
նորատունկ
դրախտէն
բուսած
ո՜վ
մատաղ
տունկ
աճեցուն,
ի՞նչ
գեղեցիկ
յանկարծ
գլուխդ
կանգնեցիր՝
միրգերով
բեռնաւոր.
այն
օրը
որ
պսակազարդ
երեւան
եկար
փառաւորապէս
ու
ապշած
ազգերուն
առջեւ
վեհ
ճակատդ
պարզեցիր,
աստեղազարդ
խորանին
մօտ
հանդիսական
տօն
մը
խմբուեցաւ,
անմահ
նուագածուներուն
մատները
տասնաղեայ
քնարը
զարկին,
եւ
ինծի
խնդակից
եղաւ
լուսեղէններուն
երկնախումբ
պարը,
վասն
զի
դուն,
որդեա՛կս,
ծագեցար
տանս
շքեղ
փառք.
օ՜ն,
Հոգւոյն
բաժակն
ըմպելով՝
հրապարակ
նետուէ՛,
ո՜վ
կտրիճ.
երկնքէն
աչքս
վրադ
յառած,
ձեռքս
քեզի
օգնութեան
կ՚երկնցնեմ,
որպէս
զի
չարանախանձ
դժխեմ
բախտը
եւ
կամ
դժնդակ
աղէտքները
քու
դէմդ
արձանացած
ձեռքիդ
չհակառակին.
բայց
եթէ
գիտութեան
աղջամուղջն
ու
չարակնող
խեռ
նախանձը,
մութ
գիշերին
մէջ
դարանամուտ,
գիշախանձ
ժանիքը
սրած՝
յանկարծ
ահեղ
գալարմամբ
դուրս
արշաւելով՝
քու
աշխարհիդ
մէջ
մահահոտ
թոյն
մը
ամենասփիւռ
ճարակեն
եւ
եթէ
քեզի
դէմ
անիրաւօրէն
նախանձաբեկ
յուզուին,
ելի՛ր
դուն
ալ,
իմաստութեան
սաղաւարտը
գլուխդ
դի՛ր,
ձեռքդ
բռնէ
իմ
սա
աւանդս.
գիտութեան
ջահը
լուսավառ,
եւ
տգիտութեան
աշխարհակուլ
խաւարը
հեռու
վանէ՛.
սուր
հանճարիդ
հրաբորբոք
սուսերը
փայլակնացո՛ւր
դիմագրաւող
ոսոխները,
քեզի
դէմ
գոռ
խիզախողները
պիտի
իյնան,
եւ
Բարձրեալը
երկնքէն
քու
յաղթանակիդ
հանդիսատես,
աստեղազարդ
պսակ
մը
գլուխդ
պիտի
դնէ
իբր
մրցանակ,
աջը
քեզի
հովանի
եւ
անքուն
աչքը
պահապան
ու
հսկող
պիտի
ըլլան,
որպեսզի
Մենարանդ,
Դուն
ու
քուկիններդ
յաւիտեան
մնաք
անսասան»։
Այս
ըսին,
ու
սաւառնաթեւ
երկինք
վերացան
լուսաճեմ.
ու
բերկրութեամբ
լեցուած,
Ոգին
աշխարհին
մէկ
ծայրէն
միւսը
աւետիս
սփռեց։
Գ(1904)
ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՏԻՒ
Տ.
ԵԴՈՒԱՐԴ
Վ.
ՀԻՒՐՄԻՒԶԵԱՆԻՆ
ՀՌՈՄԱՅ
ՄԷՋ
ՇԻՐԱԿԱՅ
ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ՕԾՈՒԵԼՈՒՆ
ԱՌԹԻՒ
ՏԱՂ
ՏԱՂ
Ո՞ւր
կը
վազես
ո՜վ
երագաթեւ
Համբաւ,
եւ
ո՞ւր
կը
դիմէ
զուարթ
այդ
ամբաւ
խուժանը.
ի՞նչու
շողշողուն
աստղեր
ու
լուսավառ
ջահեր
ակնախտիղ
կը
փայլին
շքեղ
տաճարին
մէջ.
ինչո՞ւ
բազմազեայ
քնարները
քաղցրախօս
կը
հնչեն
ու
Տիբերիսի
ալիքները
վէտ
վէտ
կը
խայտան.
դուն
ես,
Հա՛յր,
որ
մեծ
աշուք
հանդէսով
գերահրաշ
կրօնքի
ասպարէզը
ելլելով՝
սրբազան
բեմին
կը
մօտենաս
պսակաւոր,
շնորհներու
թագն
ու
պերճ
գաւազանը
առնելու.
ահա
երկնքի
աստղազարդ
գահէն
փայլեցաւ
աստուածադրոշմ
բոցեղէն
կնիք
մը,
որ
քու
վսեմ
ճակտիդ
զարնուեցաւ,
անմահ
անունի
ճառագայթը
հոն
տպաւորելով.
կենդանարար
Հոգին
վե
րէն,
առատ
պարգեւներով
քեզ
ճոխաբար
օժտեց
ու
պսակուած՝
ինչպէս
յաղթող
մ՚աննման,
ազգերու
հիացմանը
ներկայացար.
փառքիդ
ի
լուր,
քու
Մենարանդ
այսօր
քնար
կը
զարնէ
ու
կը
պարէ
գեղապար
թնդիւնով,
մեր
ազգը
կը
ցնծայ
անվթար
խնդութեամբ,
երկնքին
մէջ
Մխիթար
կը
հրճուի
հոգեզուարճ.
բայց
մինչ
բովանդակ
աշխարհ
բերկրալիր
կը
խնդայ,
ա՜հ,
ի՞նչ
կ՚ընեն
հոս
քու
սիրելիներդ
զոր
օտար
երկրի
մէջ
անտէրունչ
ու
քենէ
զուրկ
որբ
ու
անոք
ձգեցիր,
որոնք
քիչ
ժամանակուան
ընթացքին
մէջ
երկու
չքնաղ
ակնկալութիւններէ
զրկուեցան,
որոնք
ամէն
սփոփանքի
անհաղորդ՝
այժմ
դառնութեան
վերջինբ
աժակն
ըմպեցին.
ի՜նչ
ընեն.
դառնագին
ողբով
աղեխորով
սուգի
մէջ
հիւծելով
պիտի
մաշին,
օտարներու
ուրախ
երգերուն
հիւսքին
իրենց
եղերական
աղի
արցունքը
խառնելով.
մոլեգին
բաղդը
այս
հոյակապ
տանը
միշտ
ոխերիմ
ըշնամին
հանդիսացաւ.
եւ
մահը,
ո՜վ
ցաւաբեր
յիշատակ,
միշտ
անոր
քովը
արիւնռուշտ
դահիճի
պէս
կեցած,
վեհերու
կեանքին
չքնաղ
թելերը
կտրեց
իր
սայրասուր
արիւնազանգ
մանգաղին
ծայրովը.
դուք
երկուքդ
զերծ
նմացիք
անոր
ահեղ
ժանիքէն.
թերեւս
պիտի
խրոխտար
դիւաբար
ձեր
վրայ
յարձակելու,
բայց
աստուածեան
լուսաշուք
պատմուճանէն
խրտչեցաւ
եւ
ոտքերուն
քայլը
ետ
դարձուց։
Միայնացեալ
այս
տան
նեցուկ
մնացէ՛ք.
ձեզի
համար
սրտանց
զգալով
տարփանք
ու
անձուկ,
մենք
կարօտակէզ
կ՚այրինք
տենչանքի
բոցով.
ո՜վ
դուք,
իմ
աչքերուս
լո՛յսը
զուարթաբար,
սրտէս
որքա՜ն
երանի
կը
կարդամ
անոր
որ
ձեր
անձկաւէտ
գորովական
տեսքը
վայելելով,
միշտ
ձեր
քովը՝
բարեբաստիկ
ու
անվիշտ
կեանք
մը
կը
վարէ։
Գ(1904)
ՀԱՅՈՑ
ԴԻՒՑԱԶՆԵՐԸ
Պարապոյ
ժամն
էր,
խաղաղական
եւ
յանկուցիչ.
երկիրը,
սեւաթոյրը
քօղով
մը
ծածկուած,
ոնւշ
լռութեան
փարած,
խոր
ու
թանձր
քունի
մը
մէջ
վաստակաբեկ
կը
հանգչէր.
ինչպէս
հսկայ
մը
թխագոյն
որ
անդնդափոս
քարայրէն
դուրս
կ՚ոստնու,
սեւադէմ
գիշերը
տիեզերքի
մէկ
ծայրէն
միւսը
ցատքեց.
Բնութիւնը
կը
լռէր,
աւելի
դիւրաւ
լսելու
համար
հովուին
սրինգին
սոյլը,
սիրոյ
շրթներուն
նուրբ
շշունչը,
քաղցրաճռինչ
օրրանին
վրայ
մօր
երգը,
կարեվէր
սրտերու
հարաչն
ու
ծերունւոյն
աղօթական
մրմունջը.
փարախենրուն
մէջ
օթագայած՝
կը
մակաղէին
հօտերն
ու
նախիրները,
եւ
օղակները՝
սաղարթախիտ
ոստերուն
վրայ
թառած.
վարդերու
փունջեր
խուռներամ,
մարգարտաշար
շաղով
լեցուած,
հեզիկ
սիւքէն
կը
ծածանէին,
եւ
անուշ
խունկ
մը
կը
ծաւալանար։
Եւ
ահա
կը
տենչէր՝
նեսմաստուեր
թաւ
մայրիներուն
ծոցէն՝
գիշերախօս
երգիչին
նուագաւոր
դայլայլիկը։
Լռութեան
ժամուն՝
միայնակ՝
մեր
թարգմանը
դարձած,
երկրի
օրհներգութեանց
մրմունջը
դէպ
ի
երկինք
կը
վերառաքէր։
ու
երկինքը
ջահազգեստուած,
կը
շողար
վսեմ
ու
վառ
ի
վառ.
լուսինը,
ամպեղէն
լուսասփիւռ
քօղ
մը
վրան
առած,
իր
շուրջն
ակմբուած
աստղերուն
պարին
մէջ
կը
նազէր։
Ո՜հ,
այս
բուրազուարթ
ու
հովասուն
դարեւանդին
վրայ,
ուսկի
վտակ
մը
սահուն
կարակչոտ
ալիքներով
դէպ
ի
ծործորը
կը
սուրայ,
ուր
զեփիւռն
իր
համբոյրովը
ծաղիկներու
բոյլերը
փաղաքշելով
կը
գգուէ,
խորհդազգած
նստած՝
այս
ամայի
երկրիս
տէրը
դարձած
կարծես,
միտքս
դէպ
ի
քեզ
կը
ճեմէ,
լուսնեա՛կ
երկնքի
հրաչազարդ
դաշտերուն
մէջ,
ու
դէպ
ի
ձեզ՝
փայլուն
աստղեր.
ձեզի
զմայլմամբ
ակընկառոյց,
կապուտափայլ
կամարին
յառած՝
հոգեզուարճ
կը
պշնում։
Դուք
մարմիննե՞ր
էք
արդեօք
թէ
հրեշտակներու
լուսեղէն
հոյլեր,
կամ
տիեզերքը
լուսաւորող
մշտաբորբոք
լապտերնե՞ր՝
Ատսուածութեան
օթարանին
դահլիճներուն
մէջ
առկախուած
թէ
բոցեղէն
հովանոցներ
որոնց
ամէն
մէկը
գահ
մըն
է
Անմահին։
մինչ
գովագին
գիշերին
մէջ,
աստղե՛ր,
աստղե՛ր
գեղերկաշար,
ձենէ
նշոյլներ,
ցօղատարափ
կաթիլներ
կը
թափին,
ես
ձեր
մէջը
երկրի
անմահ
ծնունդները
կը
տեսնեմ։
Ո՜վ
դուն
երկի՛ր
դրախտավայր,
երկի՛ր
Թորգոմական,
աչքերդ
վեր
սեւեռէ՛,
տե՛ս
քու
դիւցազն
որդիներուդ
հոյլերը.
անոնք
ալ
երկնապար
աստղեր
են
դարձած՝
եթերական
կամարին
վրայ։
Անոնք
ալ
շողշողուն
ոսկեթեւ
նշոյլով
կը
փային
յաւիտեան
ահա՛
Ներսէս,
Սահակ,
Մեսրոպ,
Տրդատ,
Վարդան,
Ղեւոնդ,
Սմբատ։
Բայց
ո՞ւր
հիմա,
ըսէ՜,
ո՜վ
իմ
հայրենի
երկիրս,
քու
բաղդդ
ու
քու
ամենապանծ
փառքդ
ո՞ւր
գացին
սրավար
եւ
ի
սպառ
մարեցան
անհետացան.
հիմա,
աւերակներու
մէջ
կը
բնակիս՝
մերկ
ու
ցրտասարսուռ,
եւ
ի
զուր
դողդոջ
ձեռքերդ
կը
տատանես
անցորդներուն,
ինչպէս
մարդ
մը
մեծափարթամ,
որ
մարդադաւ
ճամբու
մը
մէջ՝
աւազակներու
ձեռքն
իյնալով,
պերճ
զարդերէն
կողոպտուած,
մահացու
վէրքերով
խոցուած՝
փոխիին
մէջ
արիւնլուայ
կը
պառկի,
նուազ
ու
աղեխարշ
հեծիւն
մը
միայն
արձակելով։
Ա՞յս
է
դիւցազներու
ազգին
փառքին
յետին
արձագանքը,
Դո՛ւն,
Ոգի՛
հոլաթեւ,
որ
հինաւուրց
ժամանակները
կը
տեսնես,
մէկ
անգամ
մը՝
կ՚աղաչեմ՝
մութ
վարագոյրը
վեր
քաշէ՛.
սրտիս
մէջ
կարօտակէզ
իղձ
մ՚ինկաւ
հայրենիքս
տեսնելու.
կ՚ուզեմ
անոր
նախկին
վեհափառ
կերպարանքը
տեսնել։
Բացուեցաւ
վարագոյրը…
սրտիս
տենչն
ու
անձուկը
կատարուեցաւ։
Ո՜վ
անցեալին
մեծածաւալ
իշխանութեան
ահեղահրաշ
տեսարան.
անպարագիծ
ովկիան
մը՝
միշտ
ալետանջ
ու
անդնդախոր,
յորձեռանդն
պտուտքելով
արշաւագին
կը
սուրայ,
ահեղ
կարկաջմամբ
դէպի
ի
անյատակ
վիհ
մը
շառաչելով.
վաթսուն
դարեր
անոր
կոհակաւէտ
ուսին
վրայէն
կը
թաւալին
կ՚անցնին.
ամպրոպաձայն
փոթորիկ
մը
կայծակնացայտ
լայն
թեւերով՝
զանոնք
կը
մղէ
անդադար,
դէպ
ի
անդարձ
ուղի
մը
շտապեցնելով.
արդեօք
Բարձրեալին
անմահ
շո՞ւնչն
է
ան.
հոն,
վեհավայր
շէնքեր
ու
հզօր
քաղաքներ
ու
պերճ
թագաւորութիւններ՝
իրարու
վրայ
թաւալագլոր՝
կուռ
դղրդմամբ
իրարու
կը
զարնուին
ու
կը
փշրին.
եւ
անդնդային
վիհէն
ելած
կականաւոր
այդ
գոչիւնը՝
սոսկալի
մռնչիւնն
է
ընդ
քարշ
տարուած
ազգերուն։
Ահա՛
իմ
հայրենիքս
ալ
ու
իր
քաջայաղթ
դիւցազները.
ահա՛
գոռոզ
եւ
ահագին
Տիգրանակերտն
ու
Վաղարշապատը,
ահա՛
հսկայ
հայկազունները՝
Հայկ
եւ
Արամ,
Տիգրան,
Վահագն,
ահա՛
եւ
քաջ
Պարթեւազունները՝
Արշակ,
Խոսրով,
գոռ
Արտաշէսը,
արագաթռիչ
ալիքներուն
թեւերուն
վրայ
անոնք
ալ
խառնաշփոթ
քշուած,
շուտ
կը
սլանան
ու
կը
նուաղին
կ՚անհետանան
աչքէս։
Ո՞ւր
կը
փախչիք,
ո՜վ
դուք՝
Հայոց
յաւիտենական
փառքն
ու
պարծանքը,
ո՞ւր
կը
թողուք
ձեր
խեղճ
հայրենիքը
այսպէս
դժբաղդ։
Ամենակալ
Տէ՛ր,
աստուածային
ուրիշ
շունչ
մը
հանէ՛,
կ՚աղաչեմ,
որպէս
զի
այս
յափշտակիչ
ովկիանը
ետ
քաշուի,
գետինը
փռուած
իմ
դիւցազներս
ու
հոյակապ
դաստակերտներն
ու
հայրենի
բոլոր
փառքը
նորէն
մեզի
դառնան։
Ունա՛յն
աղաչանք.
յուզուած
միտքս
կը
բանդագուշէ՛։
Դէպ
ի
ձեզ,
աստղե՛ր,
Հայոց
աստղե՛ր,
աչքերս
դարձեալ
կը
վերամբառնամ,
սա
ողոքաւոր
կողկողագին
մաղթանքը
թափելով.
«Մշտավառ
ջահեր,
լուսաւորեցէ՛ք
ձեր
պանծալի
երկիրը.
ձեր
լոյսին
հետ
անոր
փառքն
ալ
անաղօտ
թող
փայլի.
բոցատիպ
նշոյլ
ու
շաղ
հոսեցէ՛ք
հոն
քաղցրածաւալ.
թող
անլոյս
գիշերի
մէջ
ծածկուած
չխարխափէ.
երկնքին
սիրաբորբոք
վառարանէն
կրակ
տեղացէ՛ք.
հին
դիւցազներու
տաք
մոխիրներէն
ժառանգաւորներ
թող
ելլեն,
մեր
ազգին
ու
հայրենիքին
նոր
կենդանութիւն
շնորհելու։
Գ(1904)
ԱՐՏԱՇԷՍ
ԱՌԱՋԻՆԻ
ԶԲՕՍԱՆՔԸ
«Դաշտ
ելէք,
իմ
բէգ
կորիւննե՛րս,
խաղերու
ասպարէզին
մէջ
խուժեցէ՛ք».
գոռ
հսկաներուն
այսպէս
հրաւէր
կը
կարդար
հսկայազօր
Արտաշէսը.
վաշտ
վաշտ
քաջեր
աշխարհաւեր
ձայնին
ետեւէին
վազեցին,
բոցափայլ
պղնձակուռ
ասպարներով
ու
զրահներով
զինավառ.
բայց
ինչո՞ւ
այդքան
խուռն
ամբոխ
մը
զայրոյթի
հուրով
բորբոքուած
մարդոց,
եւ
ինչո՞ւ
այդ
շռինդը
սաստկայոյզ՝
ամպրոպներու
ճայթմունքին
նման.
ինչո՞ւ
յոխորտ
երիվարներն
այդպէս
դաձրելով
գետինը
կը
թնդացնեն,
հողը
փորել
ու
անդունդին
հետ
մարտնչի՞լ
կ՚ուզեն.
ի՞նչ
վրէժ
է
որ
պիտի
լուծեն
այս
քաջերը,
կամ
ի՞նչ
վտանգներու
դիմագրաւելով՝
յաղթանակի
ճաճանչներուն
մէջ
պար
բռնած
պիտի
նազեն.
միթէ
երկիրը
պիտի
քակե՞ն
իր
յաւիտենական
հիմունքէն,
կամ
ծովուն
ցասումին
դէմ
ահեղախրոխտ
պայքա՞ր
մը
պիտի
մղեն։
Արտաշէսի
զբոսա՛նքն
է
աշխարհի
եւ
ազգերու
հետ։
Ինքը
կառքին
վրայ
բարձրացած,
վեց
ձիերու
սանձը
ձեռքը,
յառաջընթաց
կ՚արշաւէր
մեղմաժպիտ
ու
զուարթադէմ
մերթ
ձիերը
ճախրագին
կը
վազցնէր
ու
մերթ
հեզիկ
աշխոյժ
գնացքով.
ինչպէս
կայծակն
ամպերուն
մէջէն,
այնպէս
անիւները
կ՚որոտային.
ետին
դառնալով
իր
մարդոցը
կը
հրամայէր
քարերով
յանկարծ
կանգնել
լեռ
մը
կարկառակոյտ
կամ
նետերու
տարափով
արեւուն
վրայ
քօղ
ձգել
եւ
խաղալ
անով
ու
իր
բոցակէզ
ճառագայթներովը։
Ազգերը
տեսան
փոշին
մուխի
պէս
դէպ
ի
երկինք
դիզացած.
ատի
գուժաբեր
նշանն
էր
Արտաշէսի
պերճ
ճեմքին.
օրհասի
ժամին
մօտիլը
տեսնելով
դողդղալէն
անշնչացան։
Կ՚անցնէր
Արտաշէս,
ու
բարձր
պարիսպները
կը
տապալէին.
կ՚անցնէր
մրրիկի
պէս
ու
քաղաքները
դաշտ
կը
դառնային.
կ՚անցնէր
ու
իր
ետեւէն
կը
քաշկրտէր
թագաւորներ
ու
ժողովուրդներ.
ու
քեզի
հետ
իսկ,
վայրենի՛
ծով,
խաղաց
ու
զբօսնեցաւ.
շղթայակապ
գազանի
պէս՝
ի
զուր
կատղած
մռնչեցիր.
վեհ
դիքերու
կայաններն
իր
երկիրը
տեղափոխեց
իբրեւ
հսկայ
յաղթական
ոգի
մը
թեւատարած
դէպ
ի
վեր
ճախրեց,
աշխարհը
ձեռքին
մէջ
բռնեց
ինչպէս
մանուկ
մ՚իր
խաղի
գնտակը,
խաղաց
անով
եւ
զբօսնեցաւ,
այդ
իր
խաղն
էր
արքայական։
Ա՛լ
հերիք
է,
Արտաշէ՛ս.
դուն
ալ,
ո՜վ
հզօր,
պիտի
աստուածանաս.
մահկանացուները
զոր
ոտքերուդ
տակ
կոխկրտեցիր,
քեզ
պիտի
պաշտեն.
ա՛լ
դարձի՛ր
զբօսանքէդ…
բայց
ինչո՞ւ
սուրերը
կը
փայլատակեն.
ինչպէս
ովկիանն
ալետանջ,
ինքն
իր
անձին
հետ
կ՚ոգորի.
ինչո՞ւ
փոթորկած
կ՚եռայ
խուժանը,
եւ
ո՞ւր
կը
սուրայ
Արտաշէս.
ի՞նչ
է
այն
խառնագոչ
աղմուկը…
ո՛չ
մէկ
շշունչ…
մահու
լռութի՛ւն.
տեսէ՛ք,
դիակնացաւ
աշխարհակոյտ
բանակը
յաղթողական.
տեսէ՛ք՝
քաջերուն
կողերէն
արիւնի
աղբիւրներ
յորդ
կը
վազեն.
Հզօրին
փառքի
գործիքի
իր
արեւուն
վրայ
ստուեր
քաշեց։
Ո՜վ
Մեծ,
շրթներուդ
վերջին
վսեմ
խօսքը,
իբր
խրատ
աշխարհիս՝
որ
քու
աջէդ
սարսեցաւ,
շիրմիդ
վրայ
պիտի
քանդակեմ՝
«Աւաղ
փառացս
անցաւորի»։
Գ(1904)
ԱՌ
Հ.
ԱՐՍԷՆ
Կ.
ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Խանդերուդ
հալոցներէն,
կ՚աղաչեմ,
երգ
մըն
ալ
ինծի
տուր,
որպէս
զի
քու
բոցիդ
մէջ
այրիմ,
ու
քու
վսեմ
թռիչքովդ
թռչիմ։
Կամ
եթէ
կ՚ուզես,
գորովանքի
ու
սիրոյ
աղու
երգ
մը՝
թրթռուն
տաւղիդ
նուրբ
թելերը
շարժելով՝
հնչեցո՛ւր,
ինծի։
Ո՜հ,
ոչ
մայրենի
գութին
օրօրը
այնաքն
քաղցր
կուգայ
գիրգ
ծոցին
մէջ
անուշ
քնացող
մանուկին
փափուկ
ականջին,
Ոչ
քնքշիկ
մանր
մատներով
քնար
զարնող
կոյսին
երգը
այնքան
կը
զմայլեցնէ
զինքը
պաշտող
սրտատրոփ
պատանին,
Ոչ
սոխակին
դայլայլիկը
պուրակին
լուռ
ստուերին
մէջ՝
այնչափ
քաղցր
է
մելամաղձիկ
հոգիներուն
եւ
կամ
կարեվէր
սրտերուն։
Որչափ
ինծի
համար
քաղցր
են
քու
դաշնակցութեանցդ
ծորումները,
որ՝
ինչպէս
մշտախօս
արձագանք
մը՝
իմ
մէջս
յաւիտեան
պիտի
հնչեն։
Գ(1904)
ՎԻՐԳԻԼԻՈՍԸ
ՊԱՌՆԱՍԷՆ
ԱՌ
ՄԵԾ
ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆ
Ո՜վ
դուն
որ
երկրագործին
աշխատանքը
նուագող
իմ
նուրբ
փողիս
վրայ
հայկական
երգեր
յօրինելով՝
փառքիս
կէսը
կապտեցիր.
երգերուդ
անուշիկ
սիւքը
անմահական
Պառնասին
վրայ
հնչեց,
ու
աստուածանուէր
յաւերժական
մայրիներուն
վարսերը
գեղգեղագին
մրմնջեցին։
Հոն՝
փափկաւէտ
բազմոցներուն
վրայ
դարեւանդին՝
ուր
անմահներու
աչքերը
շուշաններու
գեղաթոյր
թերթերուն
ու
գոյներուն
տեսքովը
կը
պարարին,
ուր
Կաստալն
արծաթէ
պաղպաջափայլ
ալիքներով
կը
ճեմէ,
քեզի
մարմարէ
տաճար
մը
պիտի
կանգնենք՝
ծաղիկներով
համակ
պճնուած.
քնքուշ
մուսաներուն
մատները
բուրեան
փունջեր
պիտի
կապեն.
անոնց
շուրջը,
երաժիշտներուն
պարաւոր
հանդէսին
մէջ,
Ապոլոն,
Պինդարու,
Տիբուլ,
Կատուլ՝
նախանճընդդէմ՝
քեզ
գովելու
համար
նուագաւոր
դաշնակութիւններ
պիտի
հնչեցնեն։
Կայտռող
պարին
ե՛ս
առաջնորդ,
գլուխս
պսակ
մը
դափնեփունջ,
համասպրամ
ծաղիկներ
պիտի
ծաւալեմ
շուրջանակի,
եւ
բարձրադէտ
ճակատին
վրայ
ոսկի
տառով
պիտի
քանդակեմ.
«Պինդոսի
մէջ՝
Վիրգիլ
ոսկի
գահ
մ՚ընծայեց
Արսէնին»։
Գ(1904)
ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Մանուշակին
ոգեակը
կ՚ըսէր.
«Թերթերս
ինկան,
ծղօտս
կոտրեցաւ.
քո՛յր
իմ,
ես
կ՚երթամ,
ու
վաղը՝
ցօղագին
առաւօտը
զիս
պիտի
լայ։
Բայց
չեմ
տրտնջար
իմ
բաղժէս
որ
դալար
հասակիս
մէջ
զիս
կը
փշրէ,
երբ
ծաղկաճեմ
գարունը
գայ,
ես
նորէն
իմ
բողբոջիս
մէջ
պիտի
նազիմ»։
«Իսկ
ես,
կ՚ըսէր
այգուն
ցօղիկը,
տերեւներու
ծոցին
մէջ
կը
փայփայուիմ,
ծաղիկները
զիս
կը
պաշտեն,
անոնց
այետրն
հանգստոց
են
ինծի.
բայց,
ո՜հ,
արեւը
զիս
կ՚այրէ.
մի՛
տխրիր,
սիրելի՛
վարդ.
գիշերը
պիտի
հասնի,
եւ
կարմրորակ
ծոցդ
պիտի
գամ
դարձեալ»։
Անդիէն
սոխակը
պուրակին
մէջ
վերջին
անգամ
կը
յեղյ
եղէր.
«Մնա՛ք
բարով,
առուակին
ջուրեր,
մնա՛ք
բարով,
ստուերոտ
ծմակներ.
բայց
երբ
Ապրիլը
գայ
եւ
աղւոր
դալարիքները
նորէն
արթննան,
հովանիքներուս
մէջ
պիտի
գամ
նոր
էն
թառիլ,
չայլալիկներս
դարձեալ
պիտի
սլանան»։
Եւ
դուն,
վտա՚կ
տխրակարկաջ,
ինչո՞ւ
այդ
սրտցաւ
մրմունջդ.
«Դաշտե՛ր,
լսեցէք
իմ
հառաչս.
վճիտ
աղբիւրս
ցամքերացւ.
բայց
երբ
ձիւնաբերները
լեռներէն
իջնան
երկիրն
արբուցանելու,
փափուկ
ծղիքներուն
մէջէն
ես
դարձեալ
պիտի
գամ
հեզիկ
սահելու»։
Արեւուն
շողը,
իրիկուան
դէմ,
իր
օրհասին
մէջ,
ամպերուն
վրայ
աղօտափայլ
դողդոջ
լոյս
մը
կը
ձգէր
հեռաւոր
ոլորտներն
ի
վար։
«Սակայն,
կ՚ըսէր,
ծաւալուն
երկի՛ր,
ծիրանի
ծո՛վ,
ձեզ
նորէն
պիտի
այցելեմ,
վաղը
արշալոյսին՝
նորէն
աւելի
պայծառ
պիտի
փայլիմ»։
Այսպէս
ահա
ծաղիկն
ու
ցօղը,
անուշ
սոխակն
ու
անուշ
առուակը
եւ
արեւուն
կենսաբեր
շողը
կը
մեկնին,
բայց
շուտ
կը
դառնան.
եւ
դուն,
ո՜վ
կոյս,
դուն
որ
դեռ
նոր
մատաղ
հասակդ
հողուն
մէջ
ծածկած՝
գեղեցկութիւնդ,
բոյրդ
ու
շնորհդ
տարիր,
ա՜հ,
դո՞ւն
միայն
ա՛լ
չպիտի
դառնաս։
Գ(1904)
ԿՈՅՍԻՆ
ԱՐՑՈՒՆՔԸ
Լա՛ց,
ո՜վ
կուսիկ,
վասն
զի
արցունքը
կոյսին
աչքին
մէջ
մարգրիտ
է։
Լա՛ց,
ո՜վ
կուսիկ,
վասն
զի
վճիտ
աչքերը
տրտմութեան
մէջ
աւելի
չքնաղ
են։
Կը
սիրեմ
փափկամէջք
ծաղիկը
որ
դաշտին
մէջ
կը
կանգնի
պատկառուկ.
գիշերներու
ցօղը
զայն
կը
պճնէ.
արցունքն
անոր
գլուխը
կը
հակեցնէ։
Կը
սիրեմ
արեւին
շողերը
որ
ամպին
խոնաւ
ծոցէն
ծովուն
վրայ
ծաւալելով
փայլ
ի
փայլ
ոսկի
մազերու
պէս
կը
ցոլան։
Կը
սիրեմ
անմահ
փափուկ
հրեշտակը
որ
երեսը
թեւերուն
տակ
ծածկած,
մատները
տխրահունչ
քնարին
վարյ,
մարդոց
ու
երկրի
աւերը
կ՚ողբայ։
Լա՛ց,
ո՜վ
կուսիկ,
եւ
Գթութիւնը
պիտի
չսրբէ
այդ
անուշիկ
շիթերը,
այլ
զմայլած
պիտի
մնայ.
ա՛յնքան
գեղեցիկ
ես՝
երբոր
լաս։
Լա՛ց,
ո՜վ
կուսիկ,
մինչեւ
որ
երկնքէն
իջնէ
դալար
Երջանկութիւնը,
ան
պիտի
գգուէ
ամբիծ
այտերդ
եւ
այդ
սիրասուն
գլխիկդ.
Թուխ
աչքերուդ
համբոյր
պիտի
տայ,
արցունքն
անկից
ի
սպառ
սրբելու
համար.
եւ
ինչպէս
անուշաբոյր
բոցի
մը
մէջ,
լուսավառ
շիթերը
պիտի
հալին
ու
ցնդին։
Գ(1904)
ՎԵՐՋԻՆ
ՀԱՌԱՉՆԵՐ
Ինչպէս
մահամերձ
մը
իր
ցաւերուն
անկողինէն
վերջին
ողջոյնն
ու
կարօտը
կը
թռցնէ
արեւուն
լոյսին,
ծովուն,
մարգարօտներուն,
դաշտավայրին
ու
հովտին,
անտառակին
հովանիներուն
վտակներու
զովութիւններուն,
ամէն
բանի
որ
կը
խայտայ
զարդով,
գեղցկութեամբ,
դաշնակութեամբ,
ամէն
բանի
որ
կը
շնչէ,
կը
ցոլայ,
կը
ժպտի
եւ
կը
նուագէ,
նոյնպէս
ես
ալ
իմ
վերջին
ողջոյնս
իմ
վերջին
հրատոչոր
կարօտս,
դէպ
ի
քեզ,
ո՜վ
կոյս,
կը
սլացնեմ.
թոյլ
տուր
որ
այս
վերջին
անգամն
ալ
քեզի
նայիմ,
դէմքիդ
զմայլիմ,
եւ
աչքերուդ
լոյսին
մէջ
զողնամ,
խոպոպներդ
ի
վար
ծածանիմ,
ինչպէս
եւ
անոնք
այտերդ
ի
վար,
յետոյ
բանժուիմ
անոնցմէ,
սրտակտուր
բաժնուիմ
քեզմէ,
ոտքերուդ
տակ
դնելով
երջանկութեանս
պսակը,
զոր
քնքուշ
ձեռքէդ
ու
գթութենէդ
ընդունեցայ,
զոր
սրտիս
կրակովը
պահեցի,
աչքերուս
ցօղովը
ոռոգեցի
եւ
որ
հիմա
ինկած
է՝
իր
գեղեցկութենէն
ու
լուսափթիթ
թերթերէն
զրկուած,
ա՛ռ,
քու
ընծադ
էր
ան,
աւա՜ղ,
տե՜ս,
այնպէ՞ս
է
ինչպէս
ինծի
տուիր.
կը
բաժնուիմ
քենէ,
եւ
դուն
անճառ
նայուածքովդ
պիտի
չհետեւի՜ս
ինծի,
տեսնելու
թէ
ո՞ւր
կ՚երթայ
սա
դալկահար
ու
որբ
պանդուխտը.
կը
բանժուիմ
քենէ,
եւ
դուն՝
գլուխդ
աղաւնակերպ
շարժելով՝
ետեւէս
վուվուներ
պիտի
չարձակես,
թէ՝
«Ո՞ւր
կ՚երթա՞ս,
ա՜յ
խեղջ
մարդ»։
Մտիկ
ըրէ՛,
Հրանոյշ,
բարձրադէզ
ամպեր՝
ինչպէս
սեւ
ճիւաղ
մը
խաւար
թեւերով՝
լուսինը
պթատեցին,
եւ
աներեր
լռութիւնը
տեղի
տալով
մթութեան,
հողապատեան
կայանս
ցուրտ
էր.
ու
շիրմիս
հողը
թօթափելով՝
քեզ
փնտռել
եկայ,
Հրանո՛յշ.
վասնզի
ո՛չ
մահուան
ժանտ
երեսը,
ոչ
անդնդափոս
գերեզմանը
հոգւոյս
սերտ
գրկէն
չկրցան
քեզ
կորզել.
յաւիտենականութեան
խորութիւնները
զիս
քենէ
չանջատեցին.
կեանքիս
արեւը
թռաւ,
զարնուած
ինկայ՝
երիտասարդ,
բայց
քու
սէրդ
պինդ
բռնած
էի,
ան
իմ
հետս
էր՝
երբ
ստուերներու,
մոռացութեան
եւ
խաւարի
աշխարհին
մէջ
զիս
իջուցին։
Մտիկ
ըրէ՛,
Հրանո՛յշ.
բայց
ինչո՞ւ
նուաղ
ձայնիս
չես
պատասխաներ.
ա՛լ
ողջ
չեմ,
ինչո՞ւ
նորէն
աչքերդ
կը
գոցես՝
որ
զիս
չտեսնես.
ա՛լ
ողջ
չեմ,
ինչո՞ւ
չէմքդ
խոժոռ
անդին
կը
դարնձես.
չեմ
եկած
ձեր
գիշերազբօս
գգուանքներուն
արգելք
ըլլալու,
ոչ
ալ
բոլոր
զօրութեամբը
մեռելութեան
եւ
դամբանին՝
իմ
սիրոյս
ամբաւութեանը
փոխարէն
քու
սէրդ
պահանջել.
ինչ
որ
ողջ
եղած
ատենս
ինծի
զլացար
միթէ
մեռնելէս
յետո՞յ
պիտ
շնորհես։
Մտիկ
ըրէ՛,
Հրանո՛յշ.
կուգամ
հարցնել
թէ
երջանի՞կ
եւ
գոհ
ես,
բոցատերեւ
աշխոյժներ
եւ
խանդեր
նորէն
կը
փթթի՞ն
ոտքերուդ
տակ,
զուարթութիւն
եւ
խնծիղ
նորէն
կը
փայլակե՞ն
դէմքիդ
վրայ,
աչքերդ
ինծի
հանդիպելէ
ա՛լ
զերծ՝
աւելի
վճիտ
կը
շողա՞ն.
յիշատակիս
չորաբեկ
տերեւիկը
քու
սրտէդ
մէկդի՞
նետեցիր՝
որպէս
զի
անարգել
ու
ազատ՝
նոր
տենչանքներ
մտցնես
հոն.
ճամբուդ
վրայ
իմ
գերեզմանիս
հանդիպելով,
անոր
վրայէն
անժոյժ
ցատքեցի՞ր՝
ուրիշի
մը
ծոցը
սլանալու
համար.
դուն,
որ
դեռ
ողջ
ես,
մոռցա՞ր
զայն
որ
մահուան
մէջ
իսկ,
ո՜վ
Հրանոյշ,
կը
յիշէ
քեզ
միշտ
հոգիս
սիրովդ
խարակուած
է.
իր
անմահ
թեւերուն
տակ
սէրը
զայն
պատեց.
մշտատոչոր
ահեղ
բոցին
սաստկութիւնը
երբէք
չի
հանդարտիր.
աւելի
արագ
քան
աստղերն
եւ
քան
սայլը
հրաշէկ
գունդին
տիեզերքի
անոլորտ
ասպարէզին
մէջ
կ՚արշաւէ
ան,
եւ
իր
սլացքին
մէջ
այն
բոցը
ա՛լ
աւելի
կը
բորբոքի։
Այո՛,
Հրանո՛յշ,
կը
յիշեմ
քեզ,
եւ
մօրս
ոգիին
հետ
միշտ
քու
վրադ
կը
խօսիմ.
«Ներէ՛
ինծի,
մա՜յր,
կ՚ըսեմ
էնոր,
եթէ
քենէ
որբանալէս
յետոյ՝
ապրեցայ
նորէն,
եւ
անկից
որբ
մնալով՝
արեւս
գերեզման
իջաւ.
այն
կոյսն
սքանչելի
էր,
ո՜վ
մայր,
քան
ոեւէ
սքանչելիք
ինչ
որ
երկինքն
ու
բնութիւնը
զարդեր,
գեղեցկութիւն
ու
լոյս
ունին,
էնոր
դէմքին
եւ
բիբերուն
մէջ
էին
ամփոփուած,
անոնցմէ
իմ
մէջս
կը
ցոլանային.
շրթներն
ու
մազերը
մեղր
ունէին
սրտիս
բոլոր
վէրքերուն
համար։
Ո՜վ
մայր,
ինձմէ
անդարձ
բաժնուած
ատենդ,
ինծի
թուեցաւ
թէ
գթածօրէն
խնդրեցիր
երկնքէն
որ
իր
հրեշտակներուն
ամենէն
տարփելին
ու
գգուելին
ու
մանկագոյնը
գրկէ՝
ինծի
մօր
ու
քրոջ
տեղ
բռնելու,
ամէն
սփոփանք
ինծի
պարգեւելու
համար.
սիրոյ
հրեշտակ
կարծեցի
ես,
մահուան
հրեշտակ
էր
էն,
ո՜վ
մայր»։
Գ(1904)
ՔՆԱՐ
ԵՒ
ՇԻՐԻՄ
Ինչպէս
որ
սիրտս
փշրուեցաւ,
դուն
ալ,
ո՜վ
Քնար,
պէտք
է
կոտրտիս։
Հերիք
է
որ
քան
մէկտեղ
յոգնեցանք
ողբերու
եւ
տխրութեան
մէջ.
ուռենիի
ոստերու
պէս՝
թելերդ
արցունքի
ցօղով
լեցուեցան.
ցաւերու
եղերերգը
միայն
քեզի
յարմար
գտնելով,
սիրելիներուս
ողորմ
մահուանը
յուղարկաւոր
գացիր
յաճախ,
եւ
հովերուն
ցրտաշունչ
սայլովը՝
սոխակին
կոծակից
ըլլալով,
անոնց
շիրիմներուն
սնարը
դուն
լուսնին
հետ
միշտ
հսկեցիր։
Մօրս
անուշիկ
ձայնէն
յետոյ՝
իմ
մանկական
օրօրանիս
մօտ,
որ
անճառ
սիրոյն
ծոցին
մէջ
կը
գգուէր
իմ
մատաղ
հոգիս՝
ինչպէս
աղու
աղաւնեակ
մ՚իր
նորաբոյս
ձագերը
կը
շոյէ,
մայրենի
անհուն
գութին
հմայքովը՝
անփորձ
կեանքի
ծաղկաւէտ
գրգարանին
մէջ
թեւածելու
զիս
վարժեցնելով,
ա՜հ,
ինչո՞ւ
ուրիշ
քաղցր
ձայն
մը
ուրախութեան
հրաւիրակ
չեղաւ
ինծի.
ինչո՞ւ
դուն
ալ,
ո՜վ
իմ
Քնարս
վարդերու
ոլորքներով
չպսակուեցար.
գեղեցկահոյլ
պարախումբերուն
մէջ,
ուր
զուարթութիւնը
թնդագին
կը
խայտայ,
եւ
ծաղիկներու
հոյզը
փրփրադէզ
քաղցր
օշարակ
մը
կը
մատռուակէ.
դուն
չես
հաճիր
մասնակցիլ
այդ
անապակ
հրճուանքներուն,
ոչ
ալ
յորդոր
երգ
մը
կը
մնչես
օրիորդներու
պսակին,
որոնք
վարդի
թերթեր
փետտելով
սիրոյ
խորանին
կը
մօտենան.
արդեօք
կը
խորհիս
թէ
սիրոյ
հարսերն
ալ
ծաղիկներու
պէս
վաղանցո՞ւկ
են։
Մտերմական
խրախճանքներու
մէջ
իսկ՝
երբ
փափկիկ
ոտքերը
կը
կայտռեն,
ի՞նչպիսի
սեւ
ոգիի
մը
հետ
դուն
արդեօք
գողտուկ
կը
խօսակցիս.
վասնզի
յանկարծ
նոճիներու
նսեմաստուեր
անտառ
մը
փոխադրուած
կը
թուիս,
հեռու
ծաղկանոցներէն
ուր
կը
ճեմեն
կոյսրեն
ու
անբիծ
տատրակները,
հեռու
ամէն
բանէ
որ
երանութեան
սիւգը
կը
շնչէ,
եւ
մօտ
միային
այն
վայրերուն
ուր
լռութեան
մէջ
բուն
իր
մահաշշուկ
ողբը
կը
հեծէ։
Հայոց
սառնասոյզ
լեռներուն
եւ
ծաղկածիր
դաշտերուն
վրայ,
քանի՜ցս
անժոյժ
թեւով
թռչելով,
գորովաղէտ
դուն
գուսա՛ն
հայրենի
երգեր
փորձեցիր.
քեզի
պատասխան
տուին
աւերակները,
եւ
նոճեպարփակ
շիրիմները
տխրահունչ
վանկ
մը
կրկնեցին։
Միակ
անգամ
մը,
ո՜վ
Քնար,
քո
արցունքիդ
շիթերը
դադրեցան,
եւ
Յոյսը
կոյս
մատներով
ճակտիդ
տխուր
քօղը
պատռեց,
մինչ
Սէրն
իր
ոսկի
թեւերով
շուրջդ
յածելով,
լարերդ
կը
շարժէր
աղեբախ
ու
անոնցմէ
երգեր,
սրտահաճոյ
մրմունջներ
կը
հանէ՝ր
մեղուշ
Նազենիկին,
քնքուշ
աչագեղ
կոյսին
համար։
Այն
ատեն
ի՜նչպէս
քու
ծոցէդ,
իբրեւ
մշտահոս
աղբիւրէ
մը,
դաշնակութիւններր
ծաւալեցան
ցամաք
ու
ծարաւ
սրտիս
մէջ.
ի՜նչ
գեղեցիկ
էր
այն
կոյսն
ու
փարելի
իմ
հոգւոյս։
Բայց
աւա՜ղ,
եդեմական
բարձրադէտ
դարեւանդի
մը
վրայ
տնկուած
անմահ
վարդ
մըն
էր,
էն
կաթոգին
գութով
հրեշտակները
խնամածուներն
էին
էնոր
որ
աստղերու
լոյսովն
ու
ցօղովը
կը
սնանէր.
իմ
թեւերս
շատ
բարակ
էին.
ու
բիւր
տենչանք
ծոցիս
մէջ
վառած.
ուստի
սա
սիրատարփիկ
ուղերձը
կ՚ոգեմ
հիմա.
«Ի՜նչ
խանդակաթ
ես
օրիո՛րդ,
դուստր
սիրոյ
եւ
փափկութեան,
ի՜նչ
տարփալի
ըլլալու
են
երկինքն
եւ
աստղերը՝
եթէ
քեզի
պէս
կը
ծիծաղին,
եւ
արքայութեան
հրեշտակներ՝ը
եթէ
փափուկ
են
քեզի
պէս։
Ո՜հ,
եկո՛ւր
թռիր
ինծի
մօտ,
ո՜վ
Քոյրս,
ու
սրտիս
անապատին
մէջ
անուշաբոյր
պիտի
փթթիս,
եւ,
ինչպէս
պիւլպիւլ
դիւրագորով,
հոն
պիտի
մնչէ
քու
սիրտդ՝
երջանկութեան
ընծայաբեր
եւ
եթէ
ինծի
ուղղած
փափկալուր
բարեբաստիկ
ձայնէդ
արթննայ
հոգիս
նորոգուած
ու
առոյգ
հասակիս
թարմութիւնը,
երիտասարդ
կեանքիս
ծաղիկները
քեզի
պիտի
նուիրեմ.
քեզի
համար
իմ
քնարիս
տխուր
լարերը
պիտի
զուարթանան,
քու
ցանկալի
չքնաղ
անունդ
միայն
մրմնջելով.
եկո՛ւր,
սպիտակ
իմ
նազելիս.
յորմէհետէ
քեզ
տեսայ,
երանութիւնը
լուսածղի
թեւերով
ինծի
փարեցաւ,
անհուն
բնութիւնը
շատ
աւելի
լուսապայծառ
հանդերձ
մը
զգեցաւ,
տիեզերքի
դաշնակութիւններն
աւելի
քաղցր
հնչեցին,
եւ
ոսկեթոյր
մանկութեան
գեղածաղիկ
օրերը,
վարդերու
հետ
մէկտեղ
փնջուած
ու
յոյսէն
առաջնորդուած,
դիմացս
գալով՝
խեղճ
հոգիս
անուշութեամբ
լեցուցին.
եկո՛ւր,
ո՜վ
քոյր,
թէեւ
ընդհուպ
մահն
ինծի
խոժոռ
պիտի
նայի,
քու
մէկ
համբոյրովդ
ու
մէկ
նայուածքովդ՝
բիւարապատիկ
դարեր
պիտի
ապրիմ»։
Քնարս
ելաւ
գեղգեղելու,
բայց
ա՛լ
չկար
այն
նազելին.
մահկանացու
այն
հրեշտակը,
թէպէտ
անթեւ,
բայց
չուտ
փախաւ.
եւ
ո՞ւր
արդեօք
ծածկուցեար
դուն…
շատ
լեղի
է
վերջին
ողջոյնը,
որ
կերթայ
առանց
յետին
համբոյրի
մը
քաղցրութիւնը
ճաշակելու։
Տրտմազդեցիկ
Քնա՜րս,
եկո՛ւր
ինծի
հետ,
ալ
չպիտի
խաբուիս.
գիտե՜մ,
եղերերգները
քեզի
աւելի
հաճոյ
են
եւ
յարմար։
Վոսփորի
մէկ
խորշը՝
բլուր
մը
կայ
ապառաժուտ,
որ
իր
ոտքը
տարածուած
ծիծաղկոտ
ծովուն
մէջ
զինքը
կը
դիտէ.
անոր
վրայ
ո՛չ
ոսկեհունձ
արտեր
ու
մարգեր
կը
ծածանին,
ո՛չ
վարսագեղ
ծառերու
շարքեր,
ո՛չ
արծաթէ
ջուրերու
խոխոջանքը.
հովը
որ
հոն
կը
փչէ…
թեւերը
Ելլեսպոնտեայ
ալիքներուն
մէջ
թրջելով,
տխրագին
կը
թափառի,
վասնզի
ծաղիկ
չկայ
գգուելու.
ոչ
շքեղ
դաստակերտներ
կան
հոն,
ոչ
անդէորդներու
հանգրուաններ,
այլ
գագաթը՝
ծառ
մը,
եւ
ծառին
տակ
բնակիչ
մը
կայ,
բնակիչ
մը
հոն
ծառին
տակ,
եւ
ան
հողուն
մէջ
ծածկուած
է.
եւ
աւա՜ղ,
եղբայրս
է
ան,
որ
վաղամեռիկ
ինձմէ
խլուեցաւ։
Եղբա՜յր,
դուն
կ՚ախորժէիր
յաճախ
նստիլ
այդ
ծառին
տակ
որ
իր
հովանին
քեզի
կը
շնորհէր.
հիմա
իր
փտտած
տերեւները
կը
սփռէ
շիրմիդ
վրայ,
ուր
ես
կուգամ
նստիլ
տրտում
ու
մտախոհ.
նախանձեցայ
քու
հանգիստիդ
զիս
ալ
ընդունէ՛
քովդ.
ո՜հ,
պիտի
չձգեմ
որ
վարատական
տերեւներն
ըլլան
շիրմիդ
միակ
ընկերները։
Բայց
ո՞ւրկից
յանկարծ
կը
հնչեն
այդ
երգերը՝
խաղաղական
այս
ժամուն.
ջինջ
նշոյլովը
լուսնակին
որ
ջուրերուն
երեսը
կը
ծիծաղկի,
բազմահոյլ
ամբոխ
մը
կը
դիտեմ
ծովափին
երկայնքը
տարածուած.
կը
ճեմեն
եւ
զուարթառատ
զբօսանքներու
գիրըթ
կը
խայտան։
Աստղերու
լուսահոս
կաճառները
որ
երկնքի
կամարին
վրայ
կը
ցոլան,
իրենց
շողին
հետ
երկրիս
վրայ
խինդ
ու
բերկրանք
կը
թուին
տեղալ.
զեփիւռին
մեղիմկ
շունչովն
ու
երաժիշտներուն
գեղգեղովը,
երջանկութեան
ալիքներուն
վրայէն
մարդիկ
կը
սահին
կ՚երթան,
հոս
ուր
ես
կամ՝
մահու
շիրի՛մ,
եւ
հոն
հաճո՛յք
բերկրապատար,
ա՛յդչափ
մօտ
իրարու
սգաւոր
դառնութիւնն
ու
հեշտ
վայելքը։
Այլ
գիշերը
տխրամած
ահա
տակաւ
երկիրը
կը
պատէ,
ինչպէս
սեւադէմ
թշուառութիւնը՝
ոսկեղինիկ
օրերու
երեսը.
նուագները
լռեցին
եւ
ամէն
բան
մթութեան
խորն
ընկլուզուեցաւ։
Բայց
դուն
կեցիր,
ո՜վ
լուսին.
մի՜
զուրկ
թողուր
մտերիմդ,
ու
այս
վէմն
ալ
ցրտահար.
ո՜հ,
իմ
տղայ
հասակէս՝
ես
քու
լոյսդ
սիրեցի,
վասնզի
տժգոյն
ես
ինծի
պէս.
քու
ճակտիդ
ալ
վրայ,
ինչպէս
իմ,
մելամղձիկ
խորհուրդներ
կը
բնակին.
սիրեցի
քու
հեզիկ
փայլդ՝
նման
Նազենկան
այտերուն,
եւ
ճառագայթներդ՝
էնոր
ոսկեթել
խոպոպներուն
նման.
տե՛ս
Քնարս
կը
փշրեմ
հոս.
լուսի՛ն,
լսէ՛
վերջին
աղաչանքս,
զուրկ
մի՛
թողուր
քու
մտերմիդ
ցուրտ
դամբանը
մենաւոր։
Գ(1904)
ՔՆԱՐ
ԵՒ
ՇԻՐԻՄ
Ինչպէս
որ
սիրտս
փշրուեցաւ,
դուն
ալ,
ո՜վ
Քնար,
պէտք
է
կոտրտիս։
Հերիք
է
որ
քան
մէկտեղ
յոգնեցանք
ողբերու
եւ
տխրութեան
մէջ.
ուռենիի
ոստերու
պէս՝
թելերդ
արցունքի
ցօղով
լեցուեցան.
ցաւերու
եղերերգը
միայն
քեզի
յարմար
գտնելով,
սիրելիներուս
ողորմ
մահուանը
յուղարկաւոր
գացիր
յաճախ,
եւ
հովերուն
ցրտաշունչ
սայլովը՝
սոխակին
կոծակից
ըլլալով,
անոնց
շիրիմներուն
սնարը
դուն
լուսնին
հետ
միշտ
հսկեցիր։
Մօրս
անուշիկ
ձայնէն
յետոյ՝
իմ
մանկական
օրօրանիս
մօտ,
որ
անճառ
սիրոյն
ծոցին
մէջ
կը
գգուէր
իմ
մատաղ
հոգիս՝
ինչպէս
աղու
աղաւնեակ
մ՚իր
նորաբոյս
ձագերը
կը
շոյէ,
մայրենի
անհուն
գութին
հմայքովը՝
անփորձ
կեանքի
ծաղկաւէտ
գրգարանին
մէջ
թեւածելու
զիս
վարժեցնելով,
ա՜հ,
ինչո՞ւ
ուրիշ
քաղցր
ձայն
մը
ուրախութեան
հրաւիրակ
չեղաւ
ինծի.
ինչո՞ւ
դուն
ալ,
ո՜վ
իմ
Քնարս
վարդերու
ոլորքներով
չպսակուեցար.
գեղեցկահոյլ
պարախումբերուն
մէջ,
ուր
զուարթութիւնը
թնդագին
կը
խայտայ,
եւ
ծաղիկներու
հոյզը
փրփրադէզ
քաղցր
օշարակ
մը
կը
մատռուակէ.
դուն
չես
հաճիր
մասնակցիլ
այդ
անապակ
հրճուանքներուն,
ոչ
ալ
յորդոր
երգ
մը
կը
մնչես
օրիորդներու
պսակին,
որոնք
վարդի
թերթեր
փետտելով
սիրոյ
խորանին
կը
մօտենան.
արդեօք
կը
խորհիս
թէ
սիրոյ
հարսերն
ալ
ծաղիկներու
պէս
վաղանցո՞ւկ
են։
Մտերմական
խրախճանքներու
մէջ
իսկ՝
երբ
փափկիկ
ոտքերը
կը
կայտռեն,
ի՞նչպիսի
սեւ
ոգիի
մը
հետ
դուն
արդեօք
գողտուկ
կը
խօսակցիս.
վասնզի
յանկարծ
նոճիներու
նսեմաստուեր
անտառ
մը
փոխադրուած
կը
թուիս,
հեռու
ծաղկանոցներէն
ուր
կը
ճեմեն
կոյսրեն
ու
անբիծ
տատրակները,
հեռու
ամէն
բանէ
որ
երանութեան
սիւգը
կը
շնչէ,
եւ
մօտ
միային
այն
վայրերուն
ուր
լռութեան
մէջ
բուն
իր
մահաշշուկ
ողբը
կը
հեծէ։
Հայոց
սառնասոյզ
լեռներուն
եւ
ծաղկածիր
դաշտերուն
վրայ,
քանի՜ցս
անժոյժ
թեւով
թռչելով,
գորովաղէտ
դուն
գուսա՛ն
հայրենի
երգեր
փորձեցիր.
քեզի
պատասխան
տուին
աւերակները,
եւ
նոճեպարփակ
շիրիմները
տխրահունչ
վանկ
մը
կրկնեցին։
Միակ
անգամ
մը,
ո՜վ
Քնար,
քո
արցունքիդ
շիթերը
դադրեցան,
եւ
Յոյսը
կոյս
մատներով
ճակտիդ
տխուր
քօղը
պատռեց,
մինչ
Սէրն
իր
ոսկի
թեւերով
շուրջդ
յածելով,
լարերդ
կը
շարժէր
աղեբախ
ու
անոնցմէ
երգեր,
սրտահաճոյ
մրմունջներ
կը
հանէ՝ր
մեղուշ
Նազենիկին,
քնքուշ
աչագեղ
կոյսին
համար։
Այն
ատեն
ի՜նչպէս
քու
ծոցէդ,
իբրեւ
մշտահոս
աղբիւրէ
մը,
դաշնակութիւններր
ծաւալեցան
ցամաք
ու
ծարաւ
սրտիս
մէջ.
ի՜նչ
գեղեցիկ
էր
այն
կոյսն
ու
փարելի
իմ
հոգւոյս։
Բայց
աւա՜ղ,
եդեմական
բարձրադէտ
դարեւանդի
մը
վրայ
տնկուած
անմահ
վարդ
մըն
էր,
էն
կաթոգին
գութով
հրեշտակները
խնամածուներն
էին
էնոր
որ
աստղերու
լոյսովն
ու
ցօղովը
կը
սնանէր.
իմ
թեւերս
շատ
բարակ
էին.
ու
բիւր
տենչանք
ծոցիս
մէջ
վառած.
ուստի
սա
սիրատարփիկ
ուղերձը
կ՚ոգեմ
հիմա.
«Ի՜նչ
խանդակաթ
ես
օրիո՛րդ,
դուստր
սիրոյ
եւ
փափկութեան,
ի՜նչ
տարփալի
ըլլալու
են
երկինքն
եւ
աստղերը՝
եթէ
քեզի
պէս
կը
ծիծաղին,
եւ
արքայութեան
հրեշտակներ՝ը
եթէ
փափուկ
են
քեզի
պէս։
Ո՜հ,
եկո՛ւր
թռիր
ինծի
մօտ,
ո՜վ
Քոյրս,
ու
սրտիս
անապատին
մէջ
անուշաբոյր
պիտի
փթթիս,
եւ,
ինչպէս
պիւլպիւլ
դիւրագորով,
հոն
պիտի
մնչէ
քու
սիրտդ՝
երջանկութեան
ընծայաբեր
եւ
եթէ
ինծի
ուղղած
փափկալուր
բարեբաստիկ
ձայնէդ
արթննայ
հոգիս
նորոգուած
ու
առոյգ
հասակիս
թարմութիւնը,
երիտասարդ
կեանքիս
ծաղիկները
քեզի
պիտի
նուիրեմ.
քեզի
համար
իմ
քնարիս
տխուր
լարերը
պիտի
զուարթանան,
քու
ցանկալի
չքնաղ
անունդ
միայն
մրմնջելով.
եկո՛ւր,
սպիտակ
իմ
նազելիս.
յորմէհետէ
քեզ
տեսայ,
երանութիւնը
լուսածղի
թեւերով
ինծի
փարեցաւ,
անհուն
բնութիւնը
շատ
աւելի
լուսապայծառ
հանդերձ
մը
զգեցաւ,
տիեզերքի
դաշնակութիւններն
աւելի
քաղցր
հնչեցին,
եւ
ոսկեթոյր
մանկութեան
գեղածաղիկ
օրերը,
վարդերու
հետ
մէկտեղ
փնջուած
ու
յոյսէն
առաջնորդուած,
դիմացս
գալով՝
խեղճ
հոգիս
անուշութեամբ
լեցուցին.
եկո՛ւր,
ո՜վ
քոյր,
թէեւ
ընդհուպ
մահն
ինծի
խոժոռ
պիտի
նայի,
քու
մէկ
համբոյրովդ
ու
մէկ
նայուածքովդ՝
բիւարապատիկ
դարեր
պիտի
ապրիմ»։
Քնարս
ելաւ
գեղգեղելու,
բայց
ա՛լ
չկար
այն
նազելին.
մահկանացու
այն
հրեշտակը,
թէպէտ
անթեւ,
բայց
չուտ
փախաւ.
եւ
ո՞ւր
արդեօք
ծածկուցեար
դուն…
շատ
լեղի
է
վերջին
ողջոյնը,
որ
կերթայ
առանց
յետին
համբոյրի
մը
քաղցրութիւնը
ճաշակելու։
Տրտմազդեցիկ
Քնա՜րս,
եկո՛ւր
ինծի
հետ,
ալ
չպիտի
խաբուիս.
գիտե՜մ,
եղերերգները
քեզի
աւելի
հաճոյ
են
եւ
յարմար։
Վոսփորի
մէկ
խորշը՝
բլուր
մը
կայ
ապառաժուտ,
որ
իր
ոտքը
տարածուած
ծիծաղկոտ
ծովուն
մէջ
զինքը
կը
դիտէ.
անոր
վրայ
ո՛չ
ոսկեհունձ
արտեր
ու
մարգեր
կը
ծածանին,
ո՛չ
վարսագեղ
ծառերու
շարքեր,
ո՛չ
արծաթէ
ջուրերու
խոխոջանքը.
հովը
որ
հոն
կը
փչէ…
թեւերը
Ելլեսպոնտեայ
ալիքներուն
մէջ
թրջելով,
տխրագին
կը
թափառի,
վասնզի
ծաղիկ
չկայ
գգուելու.
ոչ
շքեղ
դաստակերտներ
կան
հոն,
ոչ
անդէորդներու
հանգրուաններ,
այլ
գագաթը՝
ծառ
մը,
եւ
ծառին
տակ
բնակիչ
մը
կայ,
բնակիչ
մը
հոն
ծառին
տակ,
եւ
ան
հողուն
մէջ
ծածկուած
է.
եւ
աւա՜ղ,
եղբայրս
է
ան,
որ
վաղամեռիկ
ինձմէ
խլուեցաւ։
Եղբա՜յր,
դուն
կ՚ախորժէիր
յաճախ
նստիլ
այդ
ծառին
տակ
որ
իր
հովանին
քեզի
կը
շնորհէր.
հիմա
իր
փտտած
տերեւները
կը
սփռէ
շիրմիդ
վրայ,
ուր
ես
կուգամ
նստիլ
տրտում
ու
մտախոհ.
նախանձեցայ
քու
հանգիստիդ
զիս
ալ
ընդունէ՛
քովդ.
ո՜հ,
պիտի
չձգեմ
որ
վարատական
տերեւներն
ըլլան
շիրմիդ
միակ
ընկերները։
Բայց
ո՞ւրկից
յանկարծ
կը
հնչեն
այդ
երգերը՝
խաղաղական
այս
ժամուն.
ջինջ
նշոյլովը
լուսնակին
որ
ջուրերուն
երեսը
կը
ծիծաղկի,
բազմահոյլ
ամբոխ
մը
կը
դիտեմ
ծովափին
երկայնքը
տարածուած.
կը
ճեմեն
եւ
զուարթառատ
զբօսանքներու
գիրըթ
կը
խայտան։
Աստղերու
լուսահոս
կաճառները
որ
երկնքի
կամարին
վրայ
կը
ցոլան,
իրենց
շողին
հետ
երկրիս
վրայ
խինդ
ու
բերկրանք
կը
թուին
տեղալ.
զեփիւռին
մեղիմկ
շունչովն
ու
երաժիշտներուն
գեղգեղովը,
երջանկութեան
ալիքներուն
վրայէն
մարդիկ
կը
սահին
կ՚երթան,
հոս
ուր
ես
կամ՝
մահու
շիրի՛մ,
եւ
հոն
հաճո՛յք
բերկրապատար,
ա՛յդչափ
մօտ
իրարու
սգաւոր
դառնութիւնն
ու
հեշտ
վայելքը։
Այլ
գիշերը
տխրամած
ահա
տակաւ
երկիրը
կը
պատէ,
ինչպէս
սեւադէմ
թշուառութիւնը՝
ոսկեղինիկ
օրերու
երեսը.
նուագները
լռեցին
եւ
ամէն
բան
մթութեան
խորն
ընկլուզուեցաւ։
Բայց
դուն
կեցիր,
ո՜վ
լուսին.
մի՜
զուրկ
թողուր
մտերիմդ,
ու
այս
վէմն
ալ
ցրտահար.
ո՜հ,
իմ
տղայ
հասակէս՝
ես
քու
լոյսդ
սիրեցի,
վասնզի
տժգոյն
ես
ինծի
պէս.
քու
ճակտիդ
ալ
վրայ,
ինչպէս
իմ,
մելամղձիկ
խորհուրդներ
կը
բնակին.
սիրեցի
քու
հեզիկ
փայլդ՝
նման
Նազենկան
այտերուն,
եւ
ճառագայթներդ՝
էնոր
ոսկեթել
խոպոպներուն
նման.
տե՛ս
Քնարս
կը
փշրեմ
հոս.
լուսի՛ն,
լսէ՛
վերջին
աղաչանքս,
զուրկ
մի՛
թողուր
քու
մտերմիդ
ցուրտ
դամբանը
մենաւոր։
Գ(1904)
ՄԱՀՈՒԱՆ
ՄՕՏ
ԳՐՈՒԱԾ
Կարծեցի
թէ
պիտի
կրնամ
մոռնալ,
չգիտցայ
ճիշդ
չափել
խորայատակ
անդունդը
սրտիս
որ
երազներով
լեցուն
էր։
Օ՜հը,
յիշատակները,
որ
ահեղամռունչ
մրրկոտ
ալիքներու
պէս
անդադար
վրաս
կը
խուժեն։
Ցաւս
վեր
կը
վերցնեմ,
եւ
կը
կարծեմ
թեթեւնալ.
բայց
աւելի
խոր
վիհի
մը
մէջ
կը
թաւալի
ան։
Ի
զուր
եռանդնազայր
սրտիս
յախուռն
տրոփումները
կը
զսպեմ,
ի
զուր
գլուխս
մայրամած
հողի
ու
քարի
վրայ
կ՚իյնայ,
սրտիս
խոյանքը
չի
դադրիր
ճակտիս
հուրը
չի
զովանար.
այս
ինք
իր
դէմ
մղուած
կռիւը
կը
գրգռէ
ցաւը
որ
զիս
կը
լափէ։
Ա՜խ
ի՞նչ
պիտ
ընեմ,
ո՜վ
Տէր.
իմ
յոյսս
ու
իմ
կեանքիս
ջահը
միակ
նայուածքի
մը
մէջ
կը
փայլէր,
եւ
ան
ինձմէ
ծածկուեցաւ
հիմա։
Էնոր
թուխ
աչքերը
կեանքիս
հորիզոնը
ոսկի
կը
ներկէին։
Զէնի
ընտրեցի
երկնքի
գանձերուն
մէջէն՝
գեղեցկագոյնը.
շրթներուս
շունչն
էր
էն,
հոգիիս
հոգին
էր,
իմ
խորհուրդս
էր
անճառ,
յաւերժակայ
եւ
բարձրագահ։
Ոչ
մէկ
տեղէ
վախ
չունէի.
ա՛յնքան
չքնաղ
եւ
անուշ
էր
այդ
կապը.
մահուան
դէմքին
իսկ
կ՚ընծայէր
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
գեղեցկութիւն
մը.
ու
մահն
ինծի
կը
թուէր
խորհրդաւոր
կին
մը
սքօղեալ,
որ
օր
մը,
ժպտուն
շրթներով,
պիտի
գար
մարել
իմ
սէրս՝
իր
գերանշոյլ
փայլը
տալէ
յետոյ
անոր,
կամ
իր
պաղ
շունչը
պիտի
փչէր
ու
տժգունած
պիտի
իյնային
երկու
իրարու
կից
վարդենիներ՝
իրենց
քաղցրագոյն
բոյրն
արձակելով։
Աղւոր
ցնորքնե՛ր
իմ
սրտիս,
ա՜խ,
ո՛ւր
գացիք
անհետացաք.
հիմա
էն
ձգեց
լքեց
զիս,
կրակէ
արցունքն
է
իմ
բաժինս.
դառնահամբոյր
թշուառութեան
սեւ
ծալքերը
զիս
պատեցին։
Ի՛նչ
պէտք
է
ընես,
ո՜վ
Տէր,
եւ
ո՞վ
երբէք
կը
հաւատար
թէ
այն
հրեշտակը
որ
քիչ
առաջ
գերեզմանին
ափունքէն
զիս
նորէն
կեանքի
վերակոչեց,
ինքն
իսկ
հիմա
անգութ
ձեռքով
զիս
նորէն
հոն
պիտի
գահավիժէր։
***
Այսպէս
իմ
անձս
ընկճեցաւ
միմիակ
մտածման
մը
բեռին
տակ։
Կեանքիս
ոլորտը
ծիրանեփայլ՝
դալկահար
գոյն
մ՚առաւ
ահա։
Հերիք
է
որքան
տեսայ
ու
կրեցի.
յո՛յս,
գնա՛,
փախի՛ր,
քեզ
չե՛մ
ուզեր։
Իմ
հանգիստս
մի՛
խռովէք,
ո՜վ
ձայներ
սիրոյ
եւ
բերկրանքի.
մնա՛ք
բարով,
ոսկի
անուրջներ,
լուսատեսիլ
երեւոյթներ,
որ
այնքան
բոյր
ու
այնքան
զարդ
բերիք
իմ
գեղաշուք
օրերուս,
սիրուն
ինքնախաբութիւններ,
մե՛ղր
անուշ
եւ
մահածու,
արբեցութի՛ւն,
որմէ
զրկումը
աղետաբեր
է
սրտին,
դուք
ա՛լ
չկաք.
ա՜խ,
ա՛լ
չկաք.
փախան
երազները
քերթողական…
մնա՛ք
բարով,
ճամբուս
վրայ
սփռելով
բիւր
պատրանքներս
ու
բոլոր
յոյսերս,
յուշիկ
կը
դիմեմ
դէպ
ի
գերեզման,
այդ
հանգստոցը
զիս
չի
խաբեր.
վաղամեռիկ
սիրելիներուս
քով,
հոն՝
առանձնակ
մէկ
տեղ
մը
ես
ալ
պիտի
հանգչիմ,
գոհ
եւ
անտրտում,
վասն
զի
գէթ
հոն
անոք
պիտի
չըլլամ։
***
Այո՛,
վայրն
առանձին
է.
եւ
անվեհեր
կ՚իջնեմ
այնտեղ.
ու
մեռելներուն
հովը
երբ
գայ
աճիւնս
խլրտել,
սպիտակ
ճակատս՝
ձմեռուան
քամիներուն
մռունչովը՝
պատանքը
մէկդի
պիտի
նետէ.
ու
շիրմիս
վրայ
բազմելով՝
«Եկո՛ւր,
պիտի
գոչեմ,
եկո՛ւր,
ես
այն
չեմ
որմէ
կը
խորշէիր.
տե՞ս
ինչպէս
մահը
զիս
գեղեցկացուց,
տարփելի
ըրաւ
զիս։
Մի՞թէ
դարձեալ
պիտի
ատե՞ս
զիս՝
գերեզմանէն
ալ
անդին…»։
Ո՜վ
բանդագուշանք.
էն
չի
լսեր
ու
չի
յիշեր։
Նորէն
հողին
հանգստարանը
պիտի
մտնեմ
ընկողմանիմ.
ու
վտակին
խոխոջին
ի
լուր՝
պիտի
յիշեմ
խաղաղութիւնն
իմ
հեզաշարժ
օրօրոցիս
ու
մանկութեանս
արեգակը
որ
իմ
փոքրիկ
դաշտիս
վրայ
կը
ցոլար,
անուշ
խաղերս
ու
վազքերս՝
հովանւոյն
տակ
ծառաստանին
որ
իր
տերեւները
գլխուս
կը
թափէր,
եւ
ուր
սոխակը
պահուըտած
իր
գորովագին
երգը
կ՚երգէր
ինծի։
Օ՜հ,
մերթ
հոգիս,
զմայլած,
այն
վայրերն
այցելել
պիտի
գայ,
պիտի
գտնէ
մարգը,
պիտի
գտնէ
պուրակը
եւ
երգեցիկ
թռչնիկը,
եւ
քե՛զ,
քաղցրիկ
բարեկա՛մ,
որ
զիս
կը
յիշես
միայն
ու
կուլաս։
Գ(1904)
ԵՐԳ
ՄԵԾՆ
ԽՈՍՐՈՎԻ
ՄԱՀՈՒԱՆ
ՎՐԱՅ
Վա՜յ
քեզի,
Խոսրո՛վ,
դուն
Հայոց
բոլոր
դիւցազները
սուգի
մէջ
ձգեցիր.
քու
շիրմիդ
քով
սեւ
տխրութեանց
եղերամայր
Ոգիները
մահաշշուկ
սպառնալիքը
ողբագին
պիտի
գուժեն
Մասիսին։
Երկնասլացիկ
պերճ
Յաղթութիւնը
մեկնեցաւ
ու
անմխիթար
թողուց
իր
ցանկալի
օթեւանը,
երանաւէտ
Հայաստանը։
Լոյսի
անարժան
մարդ
մը
թուխ
ամպ
քաշեց
Հայոց
արեւուն
վրայ.
դրուժան
ձեռք
մը
բաղդին
արշաւասոյր
անիւը
վիհին
մէջ
գլորեց։
Խոսրո՛վ,
արիւններու
դաշտին
մէջ
փառաւոր
մահով
մը
չվիրաւորուեցար
դուն.
մինչ
հաշտութեան
ձեռք
կը
կարկառէիր
դիւաբախ
նենգաւորին,
ի
փոխարէն
խորախոց
սուր
մը
դէմդ
ելաւ՝
կեանքդ
մահացնելու։
Գ(1904)
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ
ՎՐԱՅ
ԵՐԳ
Դժոխքը
պատերազմի
կ՚արշաւէ
սեւագունդ
գոռ
բանակով.
դէմը
ելէ՛ք
քաջազէն,
վահանով
ու
տէգով
ամրացած,
ո՜վ
Թորգոմեան
դիւցազներ,
աննկուն
կտրիճնե՛ր։
Ահա
արի
Վարդանը
ելաւ,
փառքի
դաշտը
ցատքեց,
գուպարայաղթ
կռուող
քաջերուն
որոտընդոստ
ձայնով
գոռաց.
«Ասպարեզը
նետուեցէ՛ք,
բոցակէզ
կրակով
զգեստաւորուած,
ո՛վ
Թորգոմեան
դիւցազներ,
աննկուն
կտրիճներ»։
Աստուած
աթոռէն
ոտքի
ելաւ,
ճշմարտութեան
ախոյեան.
եւ
լուսաթռիչ
սուրբ
Հաւատքը
Վեհին
դիմացը
ճախրեց։
Ասպարէզ
նետուեցէ՛ք,
բոցակէզ
կրակով
զգեստաւորուած,
ո՛վ
Թորգոմեան
դիւցազներ,
աննկուն
կտրիճներ։
Ահա
Վարդան
սուրը
շարժեց,
ու
սեւ
անդունդները
սարսեցան.
ահա
արի
Վարդանն
ինկաւ,
երկինքը
ճախրեց
հրճուագին։
Ասպարէզ
նետուեցէ՛ք
բոցակէզ
կրակով
զգեստաւորուած,
ո՜վ
Թորգոմեան
դիւցազներ,
աննկուն
կտրիճներ։
Գ(1904)
ԵՐԳ
Գունագեղ
ու
փափկիկ
վարդ
մը,
անուշահոտ
թերթերով
փթթած,
անմաքուր
բոցին
տաքութենէն
գեղեցկութիւնը
կորսնցուց
ու
մարեցաւ։
Հիմա
որ
ինկած
է
իր
փառքէն,
ալ
ո՞վ
անոր
պատիւ
պիտի
ընէ,
կամ
ո՞վ
իր
գլուխը
պիտի
պճնէ
այդ
թառամած
ծաղիկով։
Վա՜յ
խանդակաթ
պատանիին
որ
իր
սիրոյն
մէջ
խաբուեցաւ.
ան
դառն
լեղի
ունէր
խմելու,
փոխանակ
գգուանք
վայելելու։
Հիմա
որ
ինկած
է
իր
փառքէն,
ալ
ո՞վ
անոր
պատիւ
պիտի
ընէ,
կամ
ո՞վ
իր
գլուխը
պիտի
պճնէ
այդ
թառամած
ծաղիկով։
Գ(1904)
ԿՈՅՍԻՆ
ՔՆԱՐԸ
Մութ
գիշերին
մէջ
բարձրադիր
բլրին
կատարը
նստեր
էի.
հիւսիսահողմը
ամպերուն
ուրուականները
հալածական
կը
վարէր.
հիւսիսահողմը
ամպերուն
ուրուականները
հալածական
կը
վարէր.
մերթ
ընդ
մերթ
դիմացէն
փայլատակմունքներ
կը
ցոլանային.
կարծես
թէ
ամպրոպներու
ոգին
իր
հրանշոյլ
սուրբ
կը
ճօճէր.
իսկ
իմ
ճակտիս
վրայ
մտածմունքներու
բազմահոյլ
ծփանքներ
կը
տատանէին.
իմ
հայրենի
աշխարհս
իր
արտասուելի
յիշատակներովը,
եւ
իր
բոլոր
մարած
փառքը՝
դէմս
կայնած
էին.
ու
միտքս՝
բարձրաթռիչ
արծիւ
դարձած՝
կը
խոյանար
եւ
թափառիկ
կը
շրջէր
ՀԱյաստանի
դաշտերուն
մէջ,
անոր
դիւցազներուն
գերեզմանաբլրին
մօտ
կը
դադարէր։
Հոն
խիտ
առ
խիտ
նոճիներու
շարքեր
նսեմաստուեր
կը
բարձրանային
եւ
արտասուաթոր
ուռենիներ՝
սգալից
ոստերնին
վայրահակ.
ո՛չ
մէկ
ձայն,
ո՛չ
մէկ
շշունչ,
մահն
ու
խաւարը
հոն
կը
բազմին.
հովերուն
խուլ
հնչիւնը
լոկ,
թաւուտ
ոստերուն
սօսափիւններուն
հետ,
եղերերգ
մը
կը
յօրինէին,
որ
մեռած
հոգիներուն
մրմունջն
էր
կարծես,
կամ
գերեզմանէ
գերեզման
ողբագին
ձայնակցութիւններ։
Եւ
ահա
շիրիմները
բացուեցան,
վէմերը
թաւալեցան,
մեռելատիպ
ուրուականներուն
հոյլերը
վեր
ցատքեցին,
գիշերուան
հսկաներու
պէս՝
իւրաքանչիւրն
իր
այրէն
ելլելով.
մեծ
մեծ
աչուընին
իրենց
չորս
դին
պտըտցնելով,
հեղձամղձուկ
սրտերնէն
աւաղալից
կերկեր
հառաչիեր
հնչեցուցին
ամայութիւններուն
մէջ՝
առիւծի
մռնչիւններու
նման։
Օ՜հ,
մի՛
տխրիք,
ո՛վ
հեղիկներ
ու
փառքեր
Հայոց
աշխարհին,
ապագային
մռայլ
վիհին
մէջ
հսկայաբար
խոնարհեցէ՛ք.
այն
ատեն
պիտի
տեսնեք
որ
ձեր
համատարած
համբաւը
ձեզի
կը
դառնայ՝
ժամանակին
սրարշաւ
թեւերուն
վրայ
ուղեւորուելով.
պիտի
տեսնէք
որ
ձեր
անունին
արձագանքը
դարէ
դար
կը
թռչի»։
Քերթողուհի
Կոյսն
էր
Հայոց
որ
քնարովը
այս
խօսքերը
կ՚երգէր,
Կոյսը
զոր
գեղեցկութիւնն
ու
փափկութիւնը
կը
փայփայէին
ու
կը
շոյէին,
որուն
շնորհեցին
աստղերն
իրենց
անբիծ
շողն
ու
փայլը,
եւ
ծաղիկներն
իրենց
բոլոր
բոյրը
պարգեւ
տուին,
եւ
գիշերախօս
սոխակը
իր
հոգեզուարթ
ձայնիկը,
վասն
զի
կոյսը
նաելի
եւ
գգուելի
էր
ամբողջ
անմահ
բնութեան
համար։
Դարձեալ
երգեց.
յանկարծ
երկնքին
մութ
դէմքը
պայծառացաւ,
լոյս
ծաւալեցաւ
անտառին
մէջ,
աստղերուն
շողումէն
նոճիները
փայլեցան.
Հայոց
հսկաները
զուարթացան,
ելան
պարի
բոլորուեցան,
դամբանական
վէմերուն
վրայ
ոտնատրոփ
կայթեցին։
Եւ
Կոյսը
կ՚երգէր.
եւ
հսկաներն
իրենց
քնարանը
մտան
նորէն.
եւ
փափուկ
Կոյսին
անուշ
քնարը
դեռ
անոնց
քունը
կ՚օրօրէ։
Գ(1904)
Հ.
ՂԵՒՈՆԴ
ԱԼԻՇԱՆԻՆ
Ո՜վ
գերաթռիչ
վեհ
արծիւ
օդապար.
որ
երկնասլաց
Մասիսին
կատարը
կը
բնակիս,
անկից
ամբաւ
ասպարէզը
կտրելով
բոցակէզ
արեւին
դէմը
կը
ճախրես,
երկնքի
եթերին
անմահ
սիւքը
ծծելով՝
ծոցէդ
կրակ
ու
կայծակ
կը
ժայթքես.
քու
բոցաշունչ
լեզուդ
պարզած,
Արտազու
արիւնոռոգ
դաշտը
կը
թռչիս,
հոն՝
դժոխըմբեր
արհաւիրքի
պաշտօնեաներուն
մէջը՝
տարրերուն
դէմ
կը
մռնչես.
մերթ
ալ,
հեզամընչիկ
աղաւնեակ,
եւ
կամ
կուսական
ողբերգակ
փողար,
վտակահոս
վարդագոյն
արիւններուն
մէջ՝
դառնաղի
մնչիւններ
ողորմ
ողորմ
կը
մնչես.
ու
մերթ,
սոխակ՝
քաղցրախօսիկ
մրմունջով,
բարեշունչ
օդեր
կուգաս
մեզի
աւետել,
եւ
կարմիր
վարդին
բուրեան
տերեւներովը։
Գ(1904)
ՏԱՊԱՆԱԳԻՐ
ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ
ՏՂԵԿԻ
ՄԸ
Քնքուշ
գորովին
գրկէն
թռար,
անմեղո՜ւկ
հրեշտակ,
փափուկ
տոտիկներդ
այս
երկրէն
անշաղախ
պահելով.
կեանքի
դառն
բաժակէն
մայրենի
անուշ
կաթին
ու
գգուանքներուն
ճաշակը
միայն
առիր։
Հանգչէ՛
հոտ՝
ինչպէս
օրրանիդ
մէջ.
երանի՛
քեզի,
ո՜վ
մանկիկ.
դուն
չճանչցար
արցունքը,
զոր
հիմա
թափել
կուտաս
մեզի։
Գ(1904)
ԹՈՅԼ
ՏՈՒՐ
Քանի
որ
բախտս
ինծի
հետ
հաշտուեցաւ
ու
ինծի
քաղցր
կը
նայի,
եւ
առաջին
դառն
հարուածները
քաւելու
եւ
մոռցնելու
համար՝
ձեռքէս
բռնած՝
լոյսին
ու
շողին
մէջ
ճամբայ
բանալով,
զիս
գթածաբար
բերաւ
քու
քովդ,
ո՜վ
նազելիներուն
նազելին,
եւ
քանի
որ
ո՜վ
կոյս,
այդքան
ծանօթացար
իմ
աչքերուս
ու
սրտիս,
ա՜խ,
թոյլ
տուր
այս
խեղճ
սրտին,
այս
ցրտահար
ճնճղուկին,
որ,
փոթորիկներէն
մազապուր
ու
փետրաթափ՝
քու
սրտիդ
մէջ
գտնէ
իր
ապահով
բունիկն
ու
տաքնայ,
ու
կուսական
գթութիւնդ
հոն
անոր
մայրաբար
պաշտպան
ըլլայ։
Թոյլ
տո՛ւր,
ո՜վ
կո՛յս,
որ
աչքերս
քու
աննման
աչքերուդ
բոցին
մէջ
իրենց
դառնաղի
շիթերը
հալեցնեն,
թոյլ
տուր
երկի՛նքը,
քե՛զ
դիտեմ
յստակ,
սիրեմ
գրկեմ
բնութիւնը,
վասն
զի
անոր
մէջ
դուն
ես
ամփոփուած։
Թոյլ
տուր,
ո՜վ
կոյս,
որ
մատներս
փափկաթել
մազերուդ
հոյլին
մէջ
գողտիկ
երթեւեկ
մ՚ընեն
ու
անոնց
հովանւոյն
տակ
ծածկուին.
թոյլ
տուր
շնչել
օդը
զոր
կը
շնչես,
վասն
զի
ան
միայն
կեանքի
սնունդը
կուտայ.
թոյլ
տուր
ձայնդ
լսեմ
վասն
զի
քու
խօսքդ
ու
ձայնդ
գգուանք
կը
թուին.
թոյլ
տուր
որ
պատկերիդ
հանդէպ
ուխտաւորի
պէս
կենամ
աղերսահայց։
Տիեզերքի
անմա՛հ
Արարիչ,
եթէ
ուրիշ
աշխարհ
մը
ստեղծես
եւ
անոր
մէջ
շատ
աւելի
պայծառ
արեւ
մը
շողացնես
անոր
կամարին
վրայ
աւելի
շքեղ
աստղեր
ցոալցնես
եւ
աւելի
բուրազուարճ
ընես
անոր
գարունը,
թոյլ
տուր
ինծի,
անմա՛հ
Արարիչ,
որ
այս
խոնարհ
երկնքին
տակ
ապրիմ
ու
շնչեմ,
հո՛ն
ուր
էն
կ՚ապրի
ու
կը
շնչէ…
թող
ես
հո՛ն
մեռնիմ։
Գ(1904)
ՆԵՐԷ՛
ԻՆԾԻ,
Ո՜Վ
ԿՈՅՍ
Ներէ՛
ինծի,
ո՜վ
կոյս.
մի՛
դարձըներ
ինձմէ
քու
տարփելի
երեսդ.
գիտե՞ս,
եթէ
ծածկես,
ինծի
գիշեր
կ՚ըլլայ,
ո՜վ
կոյս.
բիբերուդ
շողն
եթէ
ամփոփես,
աչքերս
այլեւս
լոյս
չեն
տեսներ,
եւ
խաւար
տեղերու
մէջ
կը
դանդաչեմ
ու
դողդոջ
բազուկներս
կը
կարկառեմ,
քեզ
կը
փնտռեմ,
երկինքը
կը
փնտռեմ,
արեւն
ու
աստղերը
կը
փնտռեմ…
Ա՜խ,
դուն
չկա՛ս,
եւ
բնութեան
մոլորեալ
պանդուխտ
որդին
եմ
ես
այլեւս.
ձայնիկ
մը
լսելի
ըրէ՛
ինծի՝
ինչպէս
դուն
միայն
ունիս,
եւ
նորէն
պիտի
գտնեմ
լոյսը,
աստղերը,
ամէն
բան։
Ներէ՛
ինծի,
ո՜վ
կոյս.
չէ՞
մի
որ
գթած
ես
ու
քնքուշ,
չէ՞
մի
որ
հրեշտակ
ես.
միթէ
հրեշտակները
կը
բարկանա՞,
միթէ
զեփիւռը
կը
սրտմտի՞,
միթէ
ծաղիկները
բուրմունքի
տեղ
կրակ
ու
բոց
կը
ծաւալե՞ն։
Ներէ՛
ինծի,
ո՜վ
կոյս,
ներէ՛,
ո՜վ
հրեշտա՛կ,
ո՜հ,
եթէ
հեղ
մը
գիտնայիր
թէ
թշուառ
սրտիս
ի՜նչպիսի
աւերակներուն
մէջ
սէրդ
զիս
գտաւ,
ի՜նչ
փշաբեր
ամայութենէ
զիս
դրախտը
վերադարձուց.
միթէ
նորէն
ե՞տ
պիտի
դառնամ
ու
շնորհներէդ
պիտի
աքսորուի՜մ,
եւ
իմ
արտասուաթոր
մեկնումս
անկարեկիր
աչքերո՞վ
պիտի
դիտես
դուն։
Ներէ՜
ինծի,
ո՜վ
կոյս
քու
երկնացեղ
ոգեակիդ
կ՛աղերսեմ.
ձգէ՛
գթութեանդ
բեհեզը,
որ
յնացնաքներս
ծածկէ»։Ներէ՛
ինծի,
ո՜վ
կոյս.
եթէ
քու
խօսքերդ
իմ
մէջ
ս
սաստիկ
վրդովք
մը
յարուցին։
սրտիս
ծովը
խոր
անդունդ
մըն
է,
անոր
համար
ուժգին
փոթորկեցաւ…
Ներէ՛
ինծի՛
ո՜վ
կոյս…
Գ(1904)
ԵՐԳ
Ո՞ւսկից
յանկարծ
կը
ծագի
այս
լոյսը
սրտիս
խաւար
ամայութեանը
մէջ,
ինչպէս
արեւուն
շողը
որ
գերեզմաններու
մութ
անտառին
խորը
կը
թափանցէ։
Յո՛յս
գեղանի,
ոսկեթեւ
զուարթաթռի՛չ
թիթեռնիկ,
քանի՛
քանի՛
անգամ
մելամաղձիկ
սրտիս
շուրջը
թեւածելով՝
իմ
անողոք
բախտիս
զարնուեցար,
եւ
փեթռտուած
ծիրանիներդ՝
ադամանդէ
զարդերուդ
հետ
աւա՜ղ
գետինը
թափեցան
ի
զուր
ձեռքովս
ճակատդ
պճնեցի,
դափնիի
ընձիւղ
մը
քեզի
պսակ
ոլորեցի,
եւ
սիրոյ
նշոյլով
մը
թեւերդ
զարդարեցի.
խե՜ղճ
թիթեռնիկ,
այժմ
անկենդան
ինկած
կը
մնաս
սրտիս
մէջ.
եւ
ամէն
բան
կորսնցուացծ՝
հոգւոյս
մռայլ
վիհին
մէջ
կը
ծածկուիմ.
աչքերս
կը
գոցեմ՝
չտեսնելու
համար
թէ
ի՛նչպէս
կը
պարեն
աստղերը,
ի՛նչպէս
ծաղիկները
փունջ
կը
կապեն
եւ
կամ
բնութիւնն
իր
գահուն
վրայ
կը
նազի.
ինչպէս
ճղիկ
մը
նոճիի,
կը
խոնարհիմ
դէպ
ի
գերեզմանն
իմ
յոյսերուս
ու
բաղդիս
եւ
լուսաթոյր
երջանկութեանս։
Սակայն
ո՞ւսկից
կը
ծագի
յանկարծ
լոյս
մը
սրտիս
խաւարին
մէջ,
Ո՜հ,
ի՜նչ
տեսիլ,
միթէ
հրեշտա՞կ
մըն
է,
կոյս
մը
կամ
մանուկ
մը
գեղաշնորհ,
որ
ինծի
կը
մօտի
եւ
լոյսի
վերնագաւառն
ինծի
մատնանիշ
կ՚ընէ.
տիեզերքը
որ
ատելի
եւ
անհանդուրժելի
էր
աչքերուս,
այժմ
բնութեան
գեղեցկութեամբը,
զարդերովն
ու
շքեղութեամբը
պճնուած
կ՚երեւայ
ինծի.
ո՞վ
ես
դուն
արդեօք.
հրեշտակնե՛ր,
դուք
անշուշտ
կը
ճանչնաք
զէնի.
վասն
զի
էն
քոյր
կը
թուի
հրեշտակներու,
դուք
կը
ճանչնաք
այդ
մաքրափայլ
ճակատը
ուր
կուգայ
կը
նստի
կը
ժպտի
կը
շիկնի
պարկեշտութիւնը,
եւ
իր
շրթներուն
այդ
ծիծաղը
որուն
անուն
չկայ
մարդկային
լեզուներու
մէջ,
եւ
մանկական
իր
այտերը
եւ
գեղահոյլ
խոպոպները,
եւ
երկինքը
որ
իր
շողշողուն
սեւ
աչքերուն
մէջ
կը
լուսապարէ։
էնոր
սիրտն
ու
հոգեակը
դուք
անշուշտ
կը
ճանչանք.
հրեշտակնե՜ր.
իր
չքնաղ
մարմնոյն
պատկերովը
ձեւուած
են
անոնք։
Եկո՛ւր,
ո՜վ
կոյս,
որ
կեանքիս
փշուտ
ուղիին
մէջ
երեւցար,
հրաշատեսի՛լ
երեւոյթ,
եւ
իմ
ճամբաս
լեցուցիր
մազերուդ
ու
երեսիդ
խունկովը,
բիբերուդ
ու
նայուածքներուդ
լոյսովը.
անցնիլ
երթալէդ
առաջ,
եկո՛ւր,
ո՜վ
կոյս,
շուշանափայլ
վիզէդ
իբր
մանեակ
կախեմ
այս
տաղը՝
արցունք
մը
անոր
ընդելուզելով.
յետոյ,
անցի՛ր,
գնա՛,
թռի՛ր,
ո՜վ
կոյս,
ես
թող
մնամ
ամայութեանս
մէջ,
վասն
զի
աննշան
միջատին
տրուած
չէ
երկնքի
աստղերուն
մէջ
թեւել։
Գ(1904)
ԵՐԳ
Յիշէ՛
զիս,
կո՛յս,
երբ
գլուխդ
հանգչի
փափկիկ
թեւերուդ
բարձին
վրայ
ու
թռչնեկին
քունը
քնանաս.
յիշէ՛
զիս՝
կո՛յս,
երբ
անուրջներ
աշխոյժ
եւ
հոյլ
երամով
սնարիդ
մօտ
գեղապարեն.
յիշէ՛
զիս՝
կո՛յս,
երբ
մեծ
ու
լուսալիր
աչքերդ
բանաս՝
արեւուն
շողերը
ողջունելու,
ելլելով
անկողնէդ՝
ա՛յնքան
գեղեցկութեան,
ա՛յնքան
պարկեշտասուն
շնորհի
այդ
բոյնէն.
յիշէ՛
զիս,
կո՛յս,
երբ
այգուն
ճեմես
ցողատարափ
մարգերուն
վրայ,
մտքիդ
ու
հոգւոյդ
երկնաթռիչ
խանդերուն
սնունդ
տալու
համար
առաւօտեան
զեփիւռովն
ու
արփենի
նշոյլներովը,
ծաղիկներուն
համասփիւռ
բուրումովն
ու
սոխակն
նուագներովը։
Եւ
ըսէ՛.
«Զիս
տեսնելէն
ի
վեր,
ինչո՞ւ
արդեօք
ա՛լ
ոչ
ծաղիկ
կը
սիրէ
ոչ
առտուան
զեփիւռը,
ա՛լ
իրեն
համար
ցօղատարափ
պարտէզներն
անուշութիւն
չունին,
ո՛չ
երկինքը
նշուլազարդ,
ո՛չ
աղաւնեակը,
ո՛չ
ալ
սոխակը»։
Յիշէ՛
զիս,
կո՛յս,
երբ
հայելւոյդ
մէջ
քեզ
դիտելով՝
գոչես՝
«Ի՜նչ
գեղեցիկ,
ի՞նչ
սիրուն,
ինչ
չարաճճի
է
այս
պատկերը»
եւ
սամոյր
վարսերուդ
ոլորներովը
բիւր
մանեակներ
յօրինես,
ու
մանկական
գողտրիկ
ձեւերով
պատկերիդ
հետ
ժպտիս
խաղաս։
Ո՜հ,
այն
ատեն
ըսէ՛
նաեւ.
«Քանի՜
անգամ
ան
ջանաց
զիս
համոզել
թէ
աննման
են
աչքերս,
թէ
մեղուներն
այտերս
ու
շրթներս
ծաղիկ
կը
կարծեն,
թէ
հրեշտակներու
նման
եմ
ես.
արդեօք
իրա՞ւ
է
ինչ
որ
ըսաւ»։
Յիշէ՛
զիս,
կո՛յս,
երբ
բերկրանքները,
ձեռք
ձեռքի,
քեզի
սիրահարուած,
գիրգ
մարմնոյդ
փարին
ու
երեսներդ
փայփայեն։
Յիշէ՛
զիս,
կո՛յս,
երբ
տրտմութիւնը
նազելի
գլխիկդ
հակէ
ցօղալիր
վարդի
կոկոնի
մը
պէս,
անոր
իմ
սէրս
նեցուկ
կը
դնեմ։
Յիշէ՛
զիս,
կո՛յս,
երբ
տեսնես
վայրենի
ծաղիկ
մը,
որ
մենաւոր
գերեզմանիս
վրայ
կը
հսկէ։
Համառօտագրութիւններ
Ա
(1870)
-
1870թ.
հրատ.
Բ
(1849)
7
-
1849թ.,
«Բազմավէպ»
N
7
Բ
(1849)
23
-
1849թ.,
«Բազմավէպ»
N
23
Բ
(1849)
ձ
-
1849թ.,
ձեռագիր
Բ
(1851)
3
-
«Բազմավէպ»
N
3
Գ
(1904)
-
1904թ.,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի
Քերթուածներն
ու
ճառերը,
Փարիզ,
«Անահիտ»
Դ
(1864)
10
-
1864թ.
հրատ.,
«Սէր»
N
10
Ե
(1874)
-
1874թ.
հրատ.,
«Գրական
փորձեր»